Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ԱՌԱՋ ՏԻՐԱՑՈՒ
      
       Վերջերս վիճաբանական ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Մարսէյլի մէջ, նախաձեռնութեամբ Համազգային Ընկերութեան։
       Նիւթը- «Հայ ժողովուրդին առաւելութիւնները եւ թերութիւնները»։
       Եթէ ներկայ ըլլայի, ես ալ ճառ մը պիտի խօսէի հետեւեալ բովանդակութեամբ. -
       Քերթեցէք Հայուն մորթը եւ ձեր առջեւ պիտի պարզուի մէկ ինքնուրոյն յատկանիշ - Տիրացուն։
       Առաջին քրիստոնեաները եղանք եւ տիրացուն խորապէս նսեմացուց մեր դրական յատկութիւնները։
       Եթէ տիրացուն կղերական կոչում ունէր, դարձաւ Տէր, յետոյ տէրտէր եւ վերջապէս Տ. Տ. (Տեառն Տեառն)։
       Եւ իշխեց տիրաբար, քաղաքականութեան թէ մատենագրութեան մէջ։ Նոյնիսկ այն պարագաներուն տակ երբ կացութիւնը կը պահանջէր ազգային գիտակցութիւն եւ մարտական յատկութիւններ։
       Դարերը թաւալեցան, երկիրը դարձաւ ասպարէզ բարբարոսական արշաւանքներու, մենք մնացինք տիրացու, ամէն բանէ առաջ ծառայելով Տիրոջը, ի փառս անոր մեծութեան։
       Եւ երկիրը ծածկուեցաւ մենաստաններու ցանցով մը, մինչեւ անմատչելի լեռներու կատարը։
       Արծիւներու թռիչքն անգամ չփարատեց թմրութեան մշուշը։
       Եւ եթէ պոռթկումներ տեղի ունեցան, տիրացուն միշտ ներկայ էր, իր հեղինակաւոր կարծիքը յայտնելու եւ բացասական դեր կատարելու համար։
       Արքաներ եւ զօրավարներ անգամ նախապատուութիւն տուին տիրացուին ճակատագրական պահերու մէջ։
       Այսօր իսկ երբ աշխարհը անճանաչելի դարձած է, դղրդագին յեղաշրջումներով, Տիրացուն է որ տիրաբար կ’իշխէ մեր հանրային գործունէութեան մէջ։
       Ինչպէս Քրիստոնէութեան շրջանին, Կարմիր յեղափոխութեան մեր «ավանգարդ»ներն ալ մնացին տիրացու. բառը բառին եւ տառը տառին։
       Կղերականը «ինտելիգենտ»ն ու առեւտրականը անցուդարձը կը դիտեն ու կը դատեն տիրացուի ակնոցով։
       - Եղբա՛յր, ըլլալի՞ք բան է։ Ազգ. Սահմանադրութիւն, ազգ. իշխանութիւն կը հաստատեն հակառակ Ն. Վեհափառութեան կամքին…
       Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետն անգամ այսքան երկիւղածութեամբ չարտասաներ «Ն. Վեհափառութիւնը» իր վեհապետին անունը արտասանած ատեն։
       Ահա վեց ամիս է որ Տիրացուն աւերներ կը գործէ Միջին Արեւելքի մէջ, յիշեցնելով պատմական Բիւզանդիոնի զրաբանութիւնները, երբ Սուլթան Մէհմէտ յառաջ կը խաղար…
       - Մեռա՜նք, կորա՜նք։ Եկեղեցին կը քանդեն։ Էջմիածինէն բաժնել կ’ուզեն…
       Ի զուր արիւն եւ ջուր կը պղտորեն, եղբա՛յր պատուական։
       Փոխանակ լայն բանալու թեւերդ եւ կուրծք ծեծելու, նախ աչքերդ ու միտքդ բաց, տեսնելու համար բուն վտանգը. - Տիրացուն իր սանձակոտոր խուժանավարութեամբ եւ միջնադարեան մոլեռանդութեամբ։
      
       24 Օգոստ. 1956