Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉԱՄՉՈՎ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

 

Նկարիչ բարեկամիս՝ Եղիա Գասպարեանին

 

Շատ հին օրերէն ի վեր մեր Թովմաս

Հեծելանիւով, միեւնոյն գծով առէջ էր ձգեր.

Խանութէն սենեակ, սենեակէն խանութ

Մաքոքի պէս աջ, մաքոքի պէս ձախ

Կ’երթար ու կուգար, պատանք կը հիւսէր։

 

Պատկեր’հան Թովմաս քիչ տարիք չունէր,

Յիսունը անց էր։

Կռնակին ունէր ռետինկոթ մը մետաքս վզնոցով.

Դէմքը երկար էր, մարմինը բարակ թուղթի էր նման.

Կը սիրէր չամչով եփուած կարկանդակ ու կը կարդար միշտ

Արթուր Քէնըն Տոյլ եւ կամ թէ Քիփլինկ։

Ամէն կէսօրին Մարթին փողոցէն էր, որ միշտ կ’անցնէր

Ու ռետինկոթի շուքը փողոցի եզերքին վրայ

Այնպէս կը ձգէր՝ կ’ըսես երկնքէն

Լայն-լայն թեւերով թռչուն էր կ’անցնէր։

***

Արուեստանոցը երկաթագործին խանութին դէմն էր։

Հիւսիսէն՝ Ֆորտի կըրաճը շինուած.

Հարաւի կողմը՝ ձկնավաճառին խանութը նեղկակ։

Հա, ճիշդ վերեւն ներկերը թափած,

Մաշած գրերով իր անունը կար՝

«Լուսանկարիչ Թովմաս Էնտրսըն»։

Արուեստանոցին պատուհանին մէջ

Եւ կամ թէ ներսը` պատերուն վրայ,

Կային շարք շարքի լուսանկարներ։

Այդ մէկը դրկից երկաթագործն է կնոջ հետ մէկտեղ։

Երկաթագործն այնպէս էր նստեր՝

Կ’ըսես աքլորի պէս թեւ պիտ’ զարնէր ու պիտի կանչէր։

Միւս ծերունին մեռած փասթըրն էր՝

Հնդկահաւի պէս փոթփոթած վզով։

Այն մէկն Էլսին էր, ամէնուն ծանօթ

Կաթնավաճառին նախկին կնիկը, լեփ լեցուն կուրծքով։

Լուսանկարներ նաւաստիներու, հաստփոր կիներու,

Նկարներ փեսի, քօղաւոր հարսի, նկարներ ծերի,

Նկարներ փոքրիկ երախաներու։

***

Թովմաս Էնտրսըն՝ պատկերահանի

Հին մեքենային առջեւ միշտ կեցած՝

Ակնոցը շտկած, միշտ ալ խնդրած էր

«Տիկնայք, պարոնայք, մի քիչ ժպտեցէք»։

Ահա թէ ի՞նչու շարք-շարք նկարներ,

Դեղին ու փոշոտ, ծեր, թէ երախայ

Կը ժպտէին լուռ։

Երբ յաճախորդ մը դռնէն ներս մտնէր,

Թովմաս Էնտրսըն շատ քաղաքավար ոտքի կը կենար,

Լոյսը կը վառէր, պատկերահանի մեքենան վեր վար

Կ’ընէր, կը շտկէր. խօսքեր, մեծարանք։

Յետոյ կը կենար մեքենային քով ու կը խնդրէր.

«Յարգելի պարոն, կամ ազնիւ տիկին,

Մի քիչ ժպտեցէք»։

***

Տարիներն այսպէս իրարու ետեւ

Անցեր էին լուռ, ինչպէս ինք կ’անցնէր

Մարթին փողոցէն։

Մի օր ներս մտաւ կաթնավաճառին

Նախկին կնիկը։

Արուեստանոցը անուշ շատ անուշ հոտով լեցուեցաւ։

Ծեքուն ծեքծեքուն աթոռ մը առաւ

Ու մեր Թովմասին դիմաց նստեցաւ։

«Ի՞նչ գիրք է Թովմաս, որ դուն կը կարդաս։

Սիրային վէ՞պ է։ Սիրային վէպեր ես շատ կը սիրեմ։

Սիրոյ ապրումներ շատ ունեցե՞ր ես։

Կը զարմանամ, որ դեռ մինչեւ հիմա չես ամուսնացեր»։

Այս կերպ հարցումներ կ’ընէր, կը խօսէր

Ու շատ կ’աշխատէր, որ իր աչքերը

Մեր խեղճ Թովմասին աչքին մէջ ձգէր։

Երկրորդ օրն Էլսին նորէն ներս մտաւ

Ու խօսեց ժպտուն.

«Կ’ուզեմ, որ այսօր իմ մերկ ուսերով

Նկարս հանես։ Այսպէս, կուրծքէս վեր»։

Ու վարագոյրն իր ձեռքերով գոցեց,

Սկսաւ վարսերն ուսն ի վար քակել.

Կուրծքը մերկացուց. ուսերը բացաւ,

Անուշ ժպիտով խօսեց, ժպտեցաւ։

Օ՛, օ՛, ի՜նչ փարթամ կուրծք, ի՜նչ ուսեր մարմար։

Մեր խեղճ Թովմասը ինտո՞ր դիմանար։

***

Ու ալ ամէն օր, չգիտես ինչո՞ւ,

Էլսին շարունակ արուեստանոցը

Կ’երթար ու կուգար։

Օր մըն ալ քովի ձկնավաճառը երկաթագործին մօտեցաւ կամաց.

«Գիտե՞ս, դրացի՛, Թովմասն ու Էլսին պիտի կարգուին»։

«Բա, ես ալ կ’ըսեմ այդ Էլսին ի՞նչու օրը չորս անգամ

Արուեստանոցը կը մտնէ կ’ելլէ»։

«Ես քեզ ճիշդն ըսե՞մ,   ձկնավաճառը խօսեցաւ հանդարտ,  

Էլսին ա՛լ հիմա ձուկի հոտ առնող

Կատու է դարձեր։

Ան շատ լաւ գիտէ, թէ Թովմասն իր հին

Գուլպաներուն մէջ դրամ կը պահէ»…

 

Շաբաթ մը չանցաւ, Թովմասն ու Էլսին

Գացին փասթըրին առջեւ կանգնեցան։

Նոր ռետինկոթ, ցիլնտր գլխարկ,

Նորէն ամէն օր հեծելանիւով

Տունէն դէպ խանութ ու խանութէն տուն

Կուգար ու կ’երթար։

 

«Էլսին լաւ կին է,   կը մտածէր միշտ,  

Ամէն օր առատ չամչով կարկանդակ,

Գաթա կը շինէ»։

Ու երջանիկ էր, ինչպէս փայփայուող,

Կակուղ բարձերուն վրայ քնացող

Ընտանի կատու։

Իրկուն որ կ’ըլլար, Թովմաս Էնտրսըն

Ուղիղ տուն կ’երթար.

Չամչով կարկանդակն ու գաթան կուռ կուշտ ուտելէ յետոյ

Գոհ սրտով հեղ մը բազմոցին վրայ կ’երկննար հանգիստ,

Ու ճրագին տակ կը սկսէր կարդալ

Արթուր Քէնըն Տոյլ եւ կամ թէ Քիփլինկ։

***

Իրիկուն մը Թովմաս սպասեց երկար։

Սանդուխներէն վեր, սանդուխներէն վար

Ելաւ ու իջաւ։

Վերջապէս Էլսին ներս մտաւ ժպտուն.

Գլխարկը հանեց ու կարօտով մը

Թովմասն համբուրեց։

Թովմասն Էլսիին ուշ գալը ներեց,

Չամչով կարկանդակն ու գաթան կերաւ,

Գոհունակ սրտով բազմոցին վրայ

Ոտքերն երկնցուց, սկսաւ կարդալ

Արթուր Քէնըն Տոյլ եւ կամ թէ Քիփլինկ։

Շաբաթ իրիկուն մ’ալ, ա՜խ, թէ ի՜նչ տեսնէ.

Էլսին ուշ ատեն գինով ներս ինկաւ,

Ներս ինկաւ հասաւ Թովմասի ճաղատ

Գլուխն համբուրեց։

Թովմաս քիչ մնաց «օգնութիւն» պոռար

Ու գինով կինը այնպէս մը հրեց,

Որ թոյլ լաթի պէս թըփ գետին ինկաւ։

Անցաւ մօտ կէս ժամ. կինն սթափեցաւ,

Տեսաւ Թովմասը սիւնի մը պէս լուռ,

Տժգոյն, ահաբեկ կեցած էր անշարժ.

Էլսին Թովմասի ոտքերն ինկաւ ու սկսաւ լալ։

«Ներէ՛ ինձ, Թովմաս. ես, ես փճացած կին մըն եմ,

Թովմաս,

Իմ բարի Թովմաս»։

Էլսիի խօսքերն Թովմասի բարի, հեշտ սրտին դպան։

Քիչ մնաց ինքն ալ Էլսիին հետ լար։

«Ոտքի ել, Էլսի, այ, այսպէս նստէ։

Դէ՜հ, ել բեր տեսնեմ

Չամչով կարկանդակ, գաթա կա՞յ այսօր»։

***

Ու այսպէս անցան մի քանի ամիս։

Թովմասն ամէն օր հեծելանիւով

Մարթին փողոցէն կ’երթար ու կուգար։

Ռետինկոթի ու ցիլնտրի ստուերը կարծես

Անգղ մ’էր դարձեր, իր հետ կը սահէր։

Օր մըն ալ նորէն կէսօրուայ պահուն՝

Շիտակ տուն գնաց.

Ներս մտաւ, կ’ըսես աշխարհը յանկարծ

Վրան փուլ եկաւ։

Էլսին այդ օրը նորէն գինովցեր,

Բազմոցին վրայ փռուեր էր անփոյթ։

Յատակին վրայ նաւաստիի մը կլոր ու տափակ

Գլխարկն էր ինկեր։

Այդ օր մեր Թովմաս չամչով կարկանդակ գաթա չի կերաւ.

Տժգոյն, ահաբեկ, հեծելանիւը հեծաւ եւ ուղիղ

Արուեստանոցը մէկ շունչով հասաւ։

Ա՜խ, թէ ի՜նչ ընէր։ Արուեստանոցը աճուրդի՞ հանէր,

Ու նաւը առնէր, Լօնտըն բնակող

Քրոջ քո՞վն երթար։

Չէ, չէ, չէր ըլլար։ Արուեստանոցը

Չէր կրնար ծախել։ Այդ մեծ զրկանք էր։

Պիտի նախընտրէր արուեստանոցին առաստաղէն վար

Կախուիլ պարանով, քան ծախու հանել։

Է՜հ, ի՜նչ լաւ օրեր, ամէն երեկոյ

Կանուխ տուն կ’երթար,

Չամչով կարկանդակն ու գաթան կ’ուտէր,

Յետոյ կ’երկննար բազմոցին վրայ,

Հանգիստ կը կարդար

Արթուր Քէնըն Տոյլ կամ թէ Քիփլինկ։

Թովմաս յուսահատ սրտին հետ հաշիւ կուտար ու կ’առնէր,

Երբ յաճախորդ մը դռնէն ներս կուգար։

Գլանի վրայ, ոտքերն հաշմուած, աղքատ Մաքլն էր.

Արուեստանոցի սանդխամատէն կ’ուզէր վեր ելել։

«Խնդրեմ օգնէ ինձ, Թովմաս Էնտրսըն,

Խօսեց աղքատը ու շարունակեց տխուր յուսահատ։—

Կ’ուզեմ հօրքուրիս նամակ մը գրել, նկարս ղրկել.

Թո՛ղ այս վիճակս ինքն ալ իմանայ

Ու աչքով տեսնայ։

Մօտ ամիս մըն է Տանիըլ Շօի

Ձիերուն գոմը միշտ կը լուսցնեմ։

Ձմեռը կուգայ, տուն սենեակ չունիմ,

Վերարկու չունիմ։

Հօրքուրիս ըսեմ` գէթ վերարկուի դրամ թո՛ղ ղրկէ»։

Թովմաս Էնտրսըն լուռ, գլուխը կախ,

Լոյսերը վառեց, գլանի վրայ իր տունը շինող

Հէք մուրացիկը լայն աթոռի մը վրայ նստեցուց

Ու պատկերահանի մեքենային քով

Կանգնեցաւ հանդարտ։

Բայց թէ բան մը կար, բան մը կար պակաս,

Լոյսերը բաց են։ Ա՜խ, ի՞նչն էր պակաս,

Թովմաս Էնտրսըն կեցաւ շուարուն…

Իր դէմքին վրայ հաճելի հով մը եկաւ

Ու կեցաւ, երբ յանկարծ յիշեց։

«Ազնիւ բարեկամ, սանկ քիչ մը ժպտէ»…

***

Իրիկուն ուշ եղաւ։

Ձկնավաճառը, երկաթագործը տուները գացին։

Թովմաս Էնտրսըն ինքզինք որբ զգաց,

Ինչպէս տան կատու տունէն դուրս ձգուած,

Անձրեւին ներքեւ.

Կարծես տարի մ’էր, որ տունէն ելեր,

Ա՛լ ետ չէր դարձեր։

 

Իրիկունն ի՜նչ լաւ էր ճրագին առջեւ,

Երբ գաթա կ’ուտէր ու կը թերթատէր

Արթուր Քէնըն Տոյլ եւ կամ թէ Քիփլինկ։

Ու մեր Թովմասը հեծելանիւը նորէն նստեցաւ

Ու նորէն շիտակ տան ճամբան բռնեց։

«Հէլօ, հէյ, Էլսի,

Ներսը ի՞նչ կ’ընես»,   խօսեց սանդուխէն։

Ձեռքը խմորոտ, Էլսին դէմն ելաւ,

Անուշ ժպիտով վիզը համբուրեց ու պատասախնեց.

«Չամչով կարկանդակ, գաթա կը շինեմ»…