Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԲՈՅՐԸ


Գոյներու պէտք չկայ եւ ոչ ալ պաստառ՝ Կարօ Մարսուպին դէմքը նկարելու համար։

Կ’առնենք բաւական խոշոր կաւի կտոր մը, կուտանք դդումի ձեւ` աշունի լայն երեսներով դդումներու նմանող. առաջին անգամ կը շինենք ականջները, թթենիի տերեւներու մեծութիւնով, վերին մասերը մի քիչ ծռած. կը շինենք աչքերը, «կովու աչք», խաղողի պտուղներու չափով, ուր պիտի տարածուին արտ, երկինք, արեւ, նաեւ եկեղեցիի աջ կողմի դասը դրուած ու խունկի ծուխերով սեւցած Ս. Յարութեան նկարը. կը շինենք արծուեքիթ մը, բաւական խոշոր, յետոյ փոքրիկ քարայրի նմանող բերան՝ կէս մասով թափթփուն պեխերուն տակ ծածկուած. մենք անոր երեսը չենք յղկեր։ Գլխուն ու ճակատին ձախ կողմին վրայ կը ձգենք 95-ի ջարդերէն մնացած վէրքի հետք մը ճեղքուած։ Այդ բոլորէն յետոյ մեր էն դժուար գործը ճակատին վրայ կնճիռներ շարելն ու դէմքին վրայ զանազան գծեր ձգելն է. որովհետեւ ճակատին վրայ չգիտես, թէ հերկուած արտի նման քանի՞ կնճիռներ պիտի շարուին, երեսի գծերը ի՞նչ չափով պիտի փոթփոթին, երբ ան տեսնէ, որ Էքնօ Մարկոսին կինը` Վարդիկը, եկեղեցիին մէջ խաչը համբուրելու կը մօտենայ։

Այդ օրն ալ Կարօ Մարսուպ եկեղեցիէն դուրս կ’ելլէր` աղօթքի կտոր մը բերնին մէջ եւ թաղիքէ գլխարկին շուրջ արախչին կապելով ու ականջներու կէս մասը արախչիին տակ ժիր ծածկելով։ Բահ, ի՜նչ տեսնէ, Էքնօ Մարկոսին կինը, պասմա յով շալվար ու կապերով կօշիկ հագած, թըգըր թըգըր եկեղեցիի ճամբէն տուն կ’երթար, այնպէս կը քալէր, կ’ըսես քարերուն վրայէն Ս. Սարգիսի նժոյգն էր կ’անցնէր։

Հա՛ էդ էր պակաս. պասմա յով շալվար, քաղքենի կօշիկ, ինչո՞ւ չէ, վաղն ալ շալվարին վրայ թո՛ղ չանչուլ շարէ։ Աստուած վկայ, որ էսպէս երթայ, էս գեղը կը փլի, կը փլի,   կը խօսէր Կարօ Մարսուպ ինքնիրեն։

Գիւղին մէջ ո՞վ էր տեսեր պասմայով շալվար, կապերով կօշիկ։ Գիւղացի կիներ իրենց գործած կտաւներով կը շինէին իրենց շալվարները ու կօշիկն ալ գեղին կօշկակարը կը կարէր, գիւղին ճամբաներէն ու հերկուած արտերուն մէջէն քալելու յարմար կօշիկներ։ Գիւղին մեծ ու պզտիկ աչքերնին բացեր այդպէս տեսեր էին։

Քա կնիկ, էսօր Էքնօենց Մարկոսին կնկան պիչիմ ը տեսնայիր,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ իր կնոջ։

Տեսեր եմ, արի՛մարդ, տե՛սեր,   խօսեցաւ Նունիկ` օճախին վրայի կերակուրի խշիկն անցնելով։—   Էսօր աղբիրին ճամբան տեսայ։ Տահա էդպէս որ երթայ, աչքերուն սիւրմէ ըլ պիտ քաշէ։ Ինչո՞ւ չընէ, Նաճար Գրիգորը թող սաղ կենայ։

Քա կնիկ, Նաճար Գրիգորին ի՜նչ։

Դուն ալ աշխըրքէն պէ խապար, ինչե՜ր կը խօսին, գեղի մը բերանն ծամոն է դարձեր։

Ինչո՞ւ, ի՜նչ կայ, կնիկ։

Ի՜նչ տըլլի. Նաճար Գրիգորը գիշեր-ցորեկ Մարկոսին տունէն դուրս չելլեր։ Վարդիկին գոնտռան, պասմա յով շալվարը Նաճար Գրիգորն է բերեր քաղքէն։ Ես ինչ գիտեմ, մեղքերնին վիզերնին։

Ալ ինչո՞ւ կրակ չտեղայ էս աշխրքին վրայ, կնիկ,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ` աչքերը խոշոր բանալով։—   Էս ի՜նչ օրերու մնացինք։ Գեղացին աղօթք թող ընէ գոմշու էն լէն ճակտին, չէնը էս գեղը Սոդոմ Գոմոր է, Սոդոմ Գոմոր։ Մարկոսը չըսե՞ր, թէ «քա կնիկ, էս շալվարը քեզի ուսկի՞ց»։

Էրիկն ինչ ըսէ. էրկան իւլար ը կնկան ձեռքն է, ուզած տեղը կը կապէ։ Էրիկն ալ Վարդիկը տէի խուր ու խուրպան կ’ըլլի։ Անցեալ օր խնամի Մարանը կը պատմէր, որ կալ ու կուտի ատեն, չեճերը չափելու ատեն, աղա, խաս աղա, շայնա ու գզիր թոփուեր էին Էքնօենց կալը կը չափէին։ Էդ կուտ ու կրակ ատեն էս Մարկոսը քաղաք կ’երթայ, որ կնկան փորթուգալ բերէ. գլոխը կը ցաւի տէի՝ կնիկը փորթուգալ է ուզեր։ Որ աղբրտօք բաժնուեցան, գեղ մի գեղով Մարկոսը մեղադրեցին։

Կնիկ, ես մարդ էնոր կ’ըսեմ, որ քթին տակ բուսած պեխերին արժէքը գիտնայ։ Մարկոսին պեխերէն մէյմէկ շանձագ կը կախուի։ Պեխերէ՞ն ըլ չամչնար։ Կնկան իւլար ը, որ իր գլխին փաթթես ու ինքնիր հալին ձգես, Աստուած մի արասցէ, աշխարհը մրեղ-մրեղ կ’ընէ։ Մինակ Էքնօենց տունը չէ, կնիկ. Թաթոենց տունը մրեղողն ըլ կնիկ էր, Բալուըցոնց տուն վերան ընողն ըլ էն պզտիկ հարսն էր. ալ ո՞ր մէկը ըսեմ։

Էդ կողմէն մեր Մարուշին բաղդը լաւ է,   խօսեցաւ Նունիկ։

Հէլպէդ լաւ է։ Ես Մուրատ Ակօի տղուն աղջիկ չէի նշաներ, եթէ հօր ու մօր զաւկի մէկ հատիկը չըլլար։ Մեր աղջիկը վաղը Մուրատենց տունը որ երթայ, նիրոջ ու տաքերոջ ցաւ չունի քաշելիք. ինչ է նը կեսուր մը ու կեսրար մը ունի։ Էտկից զատ ես կինէ ամէն հալով աղջիկ տուող չէի. Մուրատ Ակօն քառսուն մարդ խրկեց զիս համոզելու, որ տղան մեր Մարուշին նշանէ։ Դուն ըլ գիտես, որ տէրտէրն եկաւ, մերժեցի, խոճապաշին եկաւ, ըսի, որ «բարի եկար, հազար բարի, ֆախաթ էդ մասին մի խօսիր. աղջիկս տահա պզտիկ է»։ Ալ ո՞վ ըսեմ, մինչեւ որ գնաց Չոփուրենց Սարգիսը գտաւ։ Էդ բոլոր խօսքերը ականջս չէին թրջեր։ Օր մը Մարխոնին երթած ատենս տեսայ, որ էս Մուրատը վար կ’ընէր։ Իրիկունը եզներս ճամբու դրի ու գացի Մուրատին վարը տեսայ։ Աֆերիմ տղայ, խաթերը էնքան մանր ու խորունկ ձգեր, կ’ըսես մրճան է շարեր։ Հա, էն օրէն միտքս դրի, որ ալ չմերժեմ։ Նունիկ, Աստծու աչքը Մուրատի վրան ըլլայ, էնպէ՜ս վար մը կ’ընէ, տեսնելու բան է, տեսնելու։

Էրիկ կնիկ առանձին կը խօսէին։ Կինը մէկ կողմէն կերակուրի խոնջան կը շտկէր, Մարուշն ալ, կովը կթած, սթիլով լեցուն փրփուրոտ կաթը սանդուխներէն վեր կը հանէր, երբ դռնէն լսուեցաւ Մուրատ Ակօի ձայնը։

Խնամի։

Մարուշ կաթը պղնձէ խոշոր ամանի մը մէջ լեցուց, ու կաթին պէս առատ իր մէջ յորդեցաւ կարօտը նշանածին։ Մանաւանդ կարօտի աւելի յորդ ջերմութիւն մը կը զգար, երբ կը տեսնէր Մուրատի հայրը կամ մայրը, երբ կը տեսնէր Մուրատենց եզը, տանիքին հաւը, եւ կամ կ’անցնէր Մուրատենց պաղչին քովէն։ Այդ բոլորին մէջ Մուրատէն բան մը կը զգար։ Մուրատենց ծառին մէջ նշանածին հասակը կը տեսնէր ու զով տերեւներուն մէջ անոր ձայնը պահուած կ’ենթադրէր։

Այդ բոլորը խոշոր լռութեան մը մէջ կը կատարուէր, լռութիւն մը, որ հետզհետէ կը մեծնար ու կը դառնար երկնքի չափ լայն ու անպարագիծ։ Ու այդ լռութեան մէջ էր, որ Մարուշ օրէ օր հասակ կը ձգէր, կուրծքը կը լայննար, երեսը վարդի կարմրութիւն կ’առնէր, աչքերուն ու թարթիչներուն գոյնն աւելի կը սեւնար։ Մարուշը, Մուրատի հետ նշանուելէն ի վեր, շտկէ շիտակ նշանածին երեսը տեսած չէր. Մուրատ իրենց դռնէն անցած չէր։ Է՜հ ինչ պիտի ըսեն։ Գիւղին մէջ հազար լեզու կայ. պիտի խօսին, որ Մուրատ ու Մարուշ աչք ունք կ’ընեն իրարու։ Էհ, որ հայրն իմանա՞յ…

Մարուշ մէկ անգամ միայն աղբիւրի ճամբան հանդիպած էր Մուրատին. երեսի գոյնը վարդի բոցի պէս բռնկած էր յանկարծ. աչքերը վար առած ու բոլորովին շփոթած՝ քայլերն աւելի արագ առած էր։ Է՜հ, ի՜նչ բաղդաւորութիւն, որ ոտքը քարին չզարնուեցաւ եւ ուսէն չինկաւ ջուրին կուժը նոփ-նոր ու կարմիր։

Մարուշ ներս մտաւ, տան կօշիկները կարգի դրաւ, ճրագը լուսեց ու մօտեցաւ նշանածին հօր ձեռքը համբուրեց։

Հա, Մուրատին ըսի, որ վաղը երթայ Հողդարը ցանէ,   կը խօսէր Մուրատ Ակօն։

Երակներու պէս Մարուշի մէջ կը տարածուէր մանրամասն քարտէսը բովանդակ դաշտին. բացուեցաւ բլուրը, ուրկէ գիւղացիք սպիտակ հող կը բերէին. շոշի թէք ծառը քրջուոր. ճամբան, ուրկէ կ’անցնէր իր նշանածը իր երկու եզներով։

Անցեալ օր տեսայ՝ Մուրատ շէնք շնորհք սերմ կը նետէր։ Էնոր տարիքին սերմ ցանել ի՜նչ գիտէինք,   կը խօսէր Կարօ Մարսուպ։

Մարուշի մէջ աւելի կ’ընդարձակուէր դաշտը, արեւածաղիկները, երկինքն ու եզները։ Այդ բոլորին մէջ Մուրատ, գոգնոցը կապած, սերմ կը նետէր լայն ու արձակ թեւերով։ Ա՜խ, ինչքա՜ն գեղեցիկ էր անոր հասակը իր սերմի գոգնոցով. գորշ ճնճղուկներ արեւածաղիկներէն վար կ’իջնէին, աճապարանքով սերմի հատիկները կը վերցնէին ու նորէն կը թառէին։ Մարուշ որքան կը բաղձար եղնիկ եղող հեքեաթի որբին պէս ըլլար գորշ թռչուն մը, արեւածաղիկներէն վար իջնէր, Մուրատի նետած մէկ հունտը վերցնէր ու թառէր Մուրատի գլխուն վրայ, զայն բարկացնէր ու այդպէս շարունակ ելլէր ու իջնէր. յետոյ թեւերը վար առնէր ու դառնար Մարուշը։ Այն ատեն Մուրատ, մէկ ձեռքով սերմի գոգնոցը բռնած, միւսով Մարուշը պիտի գրկէր, ու պիտի համբուրուէին…

Մարուշ շատ կը սիրէր, որ իր սերմնացան նշանածին մասին խօսէին։ Վաղը, երբ կարգուէր, անոր սերմի գոգնոց պիտի կարէր, սերմի գոգնոցին վրայ սերմեր վերցնող ճնճղկայ նաշխ պիտի բանէր։ Է՜հ, ի՜նչ ճնճղուկ. կ’ըսես փայտէ շինուած ըլլար, կտուցը բռնած ցորենի քիստ մը, գլուխը անծեղի էր նման, ոտքերը փայտէ, թեւերն ալ կարծես մէյմէկ տախտակէ թիուկներ ըլլային փակցուած։

Մարուշ, աղջիկս, խնամի Ակոբին գինի մի բեր,   խօսեցաւ Նունիկ։

Նունիկ, ինծի ըսիր գինին թըմեր է,   վրայ տուաւ Կարօ Մարսուպ։

Էդ գինին խնամի Ակոբին համար իմ պահեր։

Քա կնիկ, ես կ’ըսէի՝ ծերութեանս ատեն, Նունիկ ինծի տահա հոգ պիտի տանէ։ Խնամի ունեցար չունեցար, զիս երեսէ ձգեցիր. է՜խ, է՜խ, էխ,   խնդաց Կարօ Մարսուպ` կատակ մը փորձելով։

Մայրը նկատեց, որ Մարուշը անմիջապէս չհասաւ գինիին։

Մարուշ իր երազանքներուն մէջ էր տակաւին. սերմի գոգնոցը դեռ չլրացուցած, գոգնոցին վրայի ցորենի քիստերը չնաշխած, ասեղ թելը վրան գոգնոցը Մուրատի հաստ մէջքին կը փորձէր` թեւերը լայն բացած։ Ինչպէս չլսեց, չէ՞ որ մայրը խնամուն համար գինի ուզեց։ Մօր խօսքերը յետոյ միայն պղտոր ջուրի նման իր մէջ պարզուեցան եւ ուշ մնացողի մը պէս ցատկեց իր տեղէն։

Ա՜խ, Աստուած իմ, ի՞նչ է պատահեր այս աղջկան։ Անցեալ օր ալ Մուրատի մայրը երբ եկած էր, ճրագը լուսած պահուն քիչ մնաց, որ ճրագը ճրագդիլէն վար ձգէր,   ինքնիր մէջ նկատեց մայրը։

Մարուշ բերաւ դդումով գինին ու նորէն զբաղուեցաւ ճրագին մօտ իր հօր ելկէկին կոճակները կարելով։

Կարօ Մարսուպ ոչինչ նկատեց. լեցուց թասին մէջ գինին ու, շրթներուն մօտ տանելով, ըսաւ.

Իշդէ էսպէս, խնամին պիտի գայ, որ խնամուն սէպապով մենք ըլ գինի խմենք. էս խնամին ինչ շուտ սիրուն եղաւ. էխ, էխ, էխ, դէ՜հ բարի եկար, Աստուած խելլին ընէ։

Կարօ Մարսուպ լեցուց երկրորդ թասը ու երկարեց խնամուն։

Ձեզ ողջութիւն, Աստուած Մուրատին ու Մարուշին շնորհն աւելցնէ։

Մուրատ Ակոն խմելէ յետոյ՝ գինիով թրջուած պեխերը ծծեց ու աւելցուց.

Դէ՜հ, ալ աշունը եկաւ, վաղը մէկալ օր այգեկութն ըլ կ’անցնի։ Ես կ’ըսեմ հիմակուց հարսնիքի պատրաստութիւն տեսնեմ։ Փառք Աստծոյ, էս տարի ձեռքս կէյինշ է. կ’երեւի Մարուշի բաղդն է։ Հըմ հըմը, 110 չէրէկ ցորեն վերցուցինք կալէն։ Հաշիւ ըրէ, խնամի,   շարունակեց` ձեռքին ետեւի մասով պեխերին թացութիւնը սրբելով։—   Հաշիւ ըրէ, մինակ Մարխոնիէն 40 չէրէկ ցորեն եկաւ. ես ինծիս գիտեմ է՛դ արտէն էդքան ցորեն հանած չէինք։ Հեղ մը տեսնայիր, խնամի, էդ արտը փրփրեր դուրս կը թափէր, հասկերն էնպէս ծանր, գլուխնին էնպէս ցած, կ’ըսես մեզնէ աղէկներ, հիւրի փէրիներ հարսնիք են բռներ։

Դաշտի ոգիներ հարսնիք կը բռնեն այն չքաղուած ցորենին վրայ, ուր կ’ուզեն առատութիւն ձգել։ Գիշերը, չգիտես ո՞ր ժամուն, դհոլ կը զարնեն, զուռնա կը փչեն, պար կը պարեն, ձիարշաւ կը խաղան։ Ահա թէ ինչու ցորենի հասկերը իրենց գլուխնին կը ծռեն ու մէկի տեղ հազար կը բերեն։

Մարուշ հեռուէն կը լսէր դհոլի ձայնը։ Մէկ թիզ հասակով, երկար մօրուսով ճիներ, փէրիներ հարսնիք են բռներ Մուրատի ցանած ցորենի վրայ։ Փեսան Մուրատն էր, ու հարսը` Մարուշ։ Չէր կրնար օգնել. նոր երազանքներու ջերմութիւնով կը բռնկէր Մարուշ ու պսակին մէջ իր ձեռքը Մուրատի ձեռքին կ’երկարէր, այն ձեռքին, որ արտին մէջ մաճն էր սեղմեր ու սերմ էր նետեր։ Մարուշ շատ ուշ նկատեց, որ ճրագին լոյսը կարմրեցաւ, ու փեթակներուն տակէն ստուերներ ելան` հարսնիք ընող փէրիներուն պէս։ Մայրը մի քանի անգամ աղջկան նայեցաւ. Մարուշ, գլուխը ծռած, ասեղ կը զարնէր ու ճրագին քիթը առնելու համար շատ ուշ հասաւ։

Ի՞նչ է պատահեր էս մեր աղջկան,   մայրը կը նեղուէր, կը խօսէր ինքնիրեն։

Արտօրնալու պէտք չունիս, խնամի. տահա ատեն շատ կայ հարսնիքի. այգեկութն ըլ ներս կ’առնենք, Աստուած ողորմած է։ Իսնակին, խնամի, Իսնակին,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ։

Հա, Իսնակին, էդ լաւ ըսիր, խնամի,   վրայ տուաւ Մուրատ Ակոն` սեղանէն գինու գաւաթը վերցնելով։—   Խելլին թող ըլլի, Իսնակին թող ըլլի։

Եւ, գաւաթը շրթներուն մօտեցնելով, աւելցուց.

Փառք Աստուծոյ, դուրսը մէկ փարա պարտք չունիմ։

Գաւաթը առանց խմելու նորէն սեղանին վրայ դնելով` շարունակեց.

Խնամի, ալ մենք մեզի ենք, մէջերնիս օտար մարդ չկայ. հալերնիս վախտերնիս հիմա շատ լաւ է. հարսնիք ընելէ վերջ ձեռքս տահա եզա մը փարա կը մնայ։ Հիմակուց հիմա եզա պէտք չունիմ. եզներս կէնճ են։

Գինու գաւաթը նորէն վերցնելով.

Ըսել է՝ Իսնակին, հա՞։

Հա, հա, Իսնակին, բամպակներն ըլ ներս կ’առնենք։

Էս տարի, որ տէրը ողջ պահեց, եօթը կարաս գինի պիտ լեցնեմ։ Էնպէս հարսնիք մը ընիմ, որ գեղ մի գեղով ափիբերան մնան։

Մուրատ Ակոն կը պատրաստուէր ելլել ու շտկուեցաւ` կօշիկները հագնելու։

Ըսել է, էդպէս, Իսնակին։

Կարօ Մարսուպ ալ պահ մը դուրս ելաւ ու շտկուեցաւ Ձէթ քարը, ուր ճաշէն յետոյ մօտի դրացիները կը հաւաքուէին, կը խօսէին գիւղի անցուդարձէն, հինէն ու նորէն։ Կը խօսէին, թէ վարի կամուրջը ո՞ր թուականին շինուեցաւ, թէ էն առաջ աղբիւրը եկեղեցիին մօտ կը վազէր, հա ճիշդ էն ծառին քով, որ հիմա մեծ քար մը կայ. թէ Մղտեսի Օվանին տունը օճախ է, ահա թէ ինչու էնոնց գոմէշները կը լուսնոտին ու կը դիւահարին. թէ տիրացու Մուսեխին ձայնը վարժապետին ձայնէն շատ բարձր կ’ելլէ։

Որ էսպէս երթայ, էս գեղը պիտ փլի։ Վախտին էզէ, իշխան, մեծն ու պզտիկ կար գեղին մէջ, խէր պէրէքէթ կար,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ։

Ի՞նչ կայ, Մարսուպ։

Տահա ի՞նչ ըլլի։ Էսօր էնպէս բաներ տեսայ, էնպէս բաներ լսեցի։ Ինչպէս ըսի, էռէնջ խէր պէրէքէթ կար։ Քանի մը չէրէկ ցորեն կը ցանէինք, կալին լեռայ չափ չէճ կը վերցնէինք։ Պարտքն ի՞նչ է, չկար։ Թագաւորին կուտայինք, աղային կուտայինք, եկեղեցիին կուտայինք, նորէն փեթակ ամպար ցորենով կը լենար։ Հաշիւ ըրէ Թորկանց տունը քառսուն հոգի սեղան կը նստէին։ Վախտին ար նամուս կար, ամէն մարդ իր նամուսին տէրն էր։

Ախր ի՞նչ է եղեր, Մարսուպ,   ձայն տուաւ Աբգար Թումասը։

Ըսել է, տահա չի հասկցա՞ք,   վրայ տուաւ Սրապ Ղուկաս` Կարօ Մարսուպի խօսքերը հասկնալ կարծելով։

Ալաֆրանկա, ալաֆրանկա,   շարունակեց Կարօ Մարսուպ,   չը ըլ ամչնար, իրիկուն առտու ժամ կուգայ, խաչհամբուրի կը մօտենայ։ Ճահիլ կնիկ ըսածդ մինչեւ քթին ծէրը կը ծածկէ լաչակով։ Էսորը մինչեւ ճակատին կէսը բաց է։ Կ’ըսես մէյտան է, մէյտան։ Ալ ի՜նչ ըսեմ՝ պասմայով շալվար, կապերով գոնտռայ…

Ես բան չհասկցայ,   ձայն տուաւ Արեւիկ Ղուկաս։

Ծօ ալ ի՜նչ ըսէ. լոս որ ըսէ՝ լուսնկայ հասկցիր։

  Էս օր ես ըլ տեսայ, Մարսուպ։ Էդ ի՜նչ կէտիշ է։ Էդ հարսին էրածը չմնաց. Էքնօենց շէն տունը տակն ու վրայ ըրաւ։ Ես ի՜նչ գիտեմ, ելաւ ձէնձնեց, թէ տեքրը իրեն ծուռ աչքով կը նայի,   վկայեց Չիչօ Գիրգորը։

Էդ կնկան երեսէն կ’ելլէ, Գիրգոր. երես մը ունի, կ’ըսես, մեռոն չէ տեսեր,   ձայն տուաւ ուրիշ մը։

Հիմա ըլ ուզածին պէս կ’երկննայ, կը կարճնայ,   մէջ ինկաւ Մլքոն։—   Էն օրը, որ Մարկոս ջրտուքի կ’երթայ, էն օրը, որ քաղաք բամպակ կը տանէ, մութն ու լուսուն մարդը քըսդ ներս կը մտնայ, ի՜նչ ըսեմ, աչքովս տեսայ։

Ի՜նչ, մա՞րդ կը սիրէ,   ձայն տուաւ ուրիշ մը։

Հա հա, էրիկն ըլ գիտէ, կ’ըսեն։ Կինէ, կնիկը տէի խենդ կ’ըլլի…

Չըլլի, որ… աղբիրին դիմացինը…

Հա, հա, գիտցածդ է…

Ես ձեզի բան մը ըսեմ։ Ես բան չի հասկցայ,   նորէն ձայն տուաւ Արեւիկ Ղուկաս։

Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը ցանէք. իշտէ Նաճար Գիրգորն է։ Գեղ մի գեղով գիտէ։

Հիմա Նաճար Գիրգորը Մարկոսին կնիկը կը սիրէ. էդպէ՞ս. ա՜, հա՛ս… կը՛ …ցա՛յ։

Իմ ատենս, էղա իշխան կը բռնէին էդ տեսակ կնիկը ու, սէլին վրայ նստեցուցած, գեղին չորս կողմը կը դարձնէին,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ։—   Մեռելին ետեւ խօսիլ լաւ բան չէ, ֆախաթ եղած բան է։ Էս Չիւիտ Գօգօին մօրը (հեռու ձեր օճախէն) լեչեկը գլխէն հանեցին, գլխիբաց սէլին վրայ նստեցուցին։

Ողորմած հոգի մէրս կը պատմէր, որ Բալուըցոնց տունը լաւ զուռնա փչող մշակ մի կուգայ, ամա ինչ մշակ, մէկ չէրէկնոց ճըւալը մէկ ձեռքով կը վերցնէ եղեր։ Չիւիտին մեծ մէրը էդ մշակին զուռնա փչելուն ու ուժին է վառեր,   վրայ տուաւ Սրապ Ղուկաս։

Էսոնք իմ օրով եղած բաներ են,   շարունակեց Կարօ Մարսուպ։—   Ես շատ բան չեմ յիշեր։ Մինակ կը յիշեմ, որ էդ կնիկը սէլին վրայ երեսի վրայ ինկեր, մազերովը երեսը ծածկեր կուլար. սէլը քաշողը Պօզօենց երկու գոմէշներն էին։ Հիմա ո՞ր ինչուն պէտք…

Աղբիւրին ճամբէն մէկը կուգար։ Քալուածքին ձեւէն ճանչցան։ Նաճար Գիրգորն էր։

Ըսել է՝ էսօր Մարխոնին կը վարէիր, Ղուկաս,   անմիջապէս մէջ ինկաւ Կըլկըլ Արութ ու փոխեց խօսակցութիւնը։

Անցեալ շաբթու անձրեւը բաւական ժրցուցեր էր գետինները։ Եզներուն վրայ ալ հալ չմնաց։

Բարեւ ձեզ։

Նաճար Գիրգորն էր։

Կարօ Մարսուպ բարեւը չառաւ. ճակատին կնճիռները աւելի փոթփոթեցան։

Նաճար, վաղը էդ արօրը բերեմ, շինէ։

Ի՛նչ է եղեր,   խօսեցաւ Նաճար Գիրգոր` անոնց շարքին նստելով։

Նաճար Գիրգոր նստաւ թէ չէ, Կարօ Մարսուպ ոտքի ելաւ ու տուն քալեց` առանց նոյնիսկ «գիշեր բարի» ըսելու։

Կարօ Մարսուպ եթէ չզսպէր ինքզինք, Նաճարին երեսն ի վեր պիտի պոռար.

Ծօ Նաճար, երես ըսածդ գոմշու կաշի չէ։ Չես ըլ ամչնար մարդու շարքին կը նստիս ու մարդ տէի խօսք կը խօսիս։

Բայց, քթին տակէն բաներ մը մրթմրթալով, տուն գնաց։

***

Կէսօր էր։ Մարուշ լաթեր կը փռէր իրենց տանիքին վրայ երկնցուած ձողերուն վրայ։ Լաթեր փռուած էին նաեւ Մուրատենց տանիքը։ Անոնց տանիքի ձողերուն վրայ չորցնելու համար թելերու վրայ շարք-շարք կախուած էին պատիճան, իսոդ կէս մասով կարմրած, նաեւ դդումներ, աշունի խոշոր ու ոսկեգոյն դդումներ, տանիքին վրայ կարգով շարուած։ Աքաղաղն ալ լայն կատարով, բուխերիկին վրայ կեցած, կարմիր թեւերը կը թափթափէր ու կը կանչէր զիլ ու արծաթէ ձայնով։ Աքաղաղները կը կանչէին զանազան կողմերէն, սակայն Մարուշին այնպէս թուեցաւ, թէ Մուրատենց աքաղաղին ձայնը ամբողջ գեղն էր բռներ։ Փռուած լաթերուն մէջէն Մարուշ Մուրատենց տանիքը կը նայէր։ Ու այդ բոլորին մէջ Մուրատէն մաս մը կը գտնէր։ Մարուշ տանիքին վրայ կը դանդաղէր ու արեւին ծռող արեւածաղիկի մը պէս երեսը Մուրատենց տանիքին կողմն էր միշտ. այնքա՜ն մեծ էր անոր կարօտն ու սէրը։ Իսկ եթէ Մուրատ յանկարծ տանիք ելլէր…

Աղջի Մարուշ,   պոռաց մայրը վարէն։

Մարուշ սանդուխներէն վար իջաւ՝ Մուրատենց տանիքին պատկերը ասեղնագործուած նկարի նման իր մէջ պահած, մանաւանդ աքաղաղը, որ կը թափթափէր ու զիլ ձանյը կը ձգէր։ Ի՜նչ անուշ կուգար անոր ձայնը։ Անտարակոյս, անոր մէջ Մուրատի ձայնէն խազ մը կար։ Մարուշ շատ ջերմ կերպով կը զգար այդ բոլորը. այնքա՜ն մեծ էր անոր կարօտն ու սէրը։

Աղջի, էսքան ատեն ի՜նչ կ’ընես տանիքը։ Երեք սըհադ է հօրդ հացը ծրարել, քեզի կը սպասեմ։ Հայտէ, լաչակդ շտկէ, հօրդ հաց տար։

Մարուշ իր հօրը հաց կը տանէր ու կը քալէր փշատներուն տակէն, շուք արեւով կէտկիտուած ճամբայէն, երբ փսփսուքի պէս լսեց իր անունը։

Մարուշ ետեւ նայեցաւ, քայլերն աւելի արագացուց։ Մարդ չկար։ Թերեւս Մուրատենց տանիքէն անցնող ու փշատներուն մէջ մտնող հովն էր, որ միշտ ետեւէն կուգար։

Միջօրէի անթափանց լռութիւն մը կար։ Հերկուած արտերէն կը լսուէր միջատներու չդչդոց։ Արագիլ մը, շատ բարձրերը ելած, միջօրէի բոլորակը կը դառնար ու լայն թեւերուն ստուերները Մարուշի եղէգնեայ հասակին շուրջ կը պտուտքէր։ Շատ հեռուն` կէս կապոյտ ու կէս լեռան պաստառին վրայ, հազիւ կ’երեւէր Կարօ Մարսուպը, որ կը մժղլտար իր երկու եզներով, կ’ըսես ամպի փոքրիկ կտոր մը շուարուն վար իջած էր։

Մարո՛ւշ, Մարուշ,   նորէն լսուեցաւ, այս անգամ աւելի մօտ. կարծես միջօրէի լռութեան մէջ դաշտերու ոգին էր, որ ձայն կը ձգէր թէ՛ մօտ եւ թէ՛ հեռու։

Որքա՜ն նման էր Մուրատի ձայնին։ Պատրա՞նք էր արդեօք։

Կեցի՛ր, Մարո՛ւշ։

Մարուշի սիրտը դփրտաց եկեղեցիին գմբէթին վրայ թառող աղաւնեակի մը պէս։ Իր նշանածին` Մուրատին ձայնն էր։ Յետոյ փշատներու խիտ ցանկապատէն անդին կը լսուէր ոտքի խշրտուկ։ Մարուշ աչքերը վեր առաւ։ Մուրատն էր, որ խիտ ցանկապատէն ճամբայ կը կտրէր` իր մօտ գալու համար։

Մարուշ շփոթեցաւ, ոտքը գետնէն կտրեցաւ, օդին մէջ ըլլալ կարծեց։

Երկուքն ալ լուռ կեցան պահ մը. չէին կրնար խօսիլ։ Սակայն երկուքին մէջ կը շարժկըլտար կեանքը այնպէս, ինչպէս միջօրէի բարկ լռութեան ներքեւ տարածուող արտը ցանուած, որուն սերմերը կ’արգասաւորին կը պայթին արեւով միշտ լուռ ու անհանգիստ։

Մարո՜ւշ,   խօսեցաւ Մուրատ։

Խօսած պահուն Մուրատ չճանչցաւ իր ձայնը, կարծես իր մէջ թագնուած տարբեր անձնաւորութիւն մը ըլլար եւ կամ յաղթ ծառ մը ըլլար, որ հովերու բերանով լեզու ելած էր։

Մարո՜ւշ, եզներս հողդար ձգեցի, ճամբադ պահեցի։

Մուրա՛տ, մարդ կը տեսնէ, ա՜խ, Աստուած իմ։

Մուրատ իր թեւերուն մէջ առած էր Մարուշն ու պինդ կը սեղմէր կրծքին։

Չէ, չէ, Մուրատ, ամօթ է, գնա, գնա, մարդ կը տեսնէ, ա՜խ Աստուած իմ, հայրս, Մուրատ, հայրս…

Մարուշի լաչակին ձեւն աւրուած էր. գլուխը ետ-ետ կը բռնէր, «չէ, չէ» կ’ըսէր ու միեւնոյն ատեն կը յանձնուէր Մուրատի ժիր թեւերուն…

Հը՜շշ. աղմուկ մը։ Ոչինչ, այծ մըն էր, որ ցանկապատին քով դդումի լայն տերեւները կը կրծէր փռչտալով. ոսկեգոյն դդումն ալ իր ճաղատ գլուխը կ’երեւցնէր գաղտուկ ու կարծես կը ծիծաղէր լայն-լայն։ Վերը արագիլը կը դառնար տակաւին, Աւետարանի երկու էջերու պէս թեւերը լայն բացած, եւ կ’օրհնէր առաջին երկար տեւող համբոյրը դեռ նոր նշանուած զոյգ սիրողներուն։ Անոնք իրարու մէջ լուծուող երկու ամպի կտորներ ըլլային կարծես. չէին զգար հողն իրենց ոտքերուն ներքեւ, կ’ըսես հողն իր մէջքը ճուկ տուած էր. այնքա՜ն ուժգին էր ու ծանր անոնց համբոյրն առաջին։

Կարօ Մարսուպ, եզներուն դադար տուած, եզներուն ականջները կը շփէր, վիզերուն տակ կը քերէր, հացի կը սպասէր։ Նկատեց, որ Թաթոենց պաղչին քովէն մէկը կուգար վար։ Մարուշ արեւածաղիկներուն մօտեցաւ բոլորակ ամպի կտոր մը իր գլխուն վերեւ, այնպէս, ինչպէս եկեղեցիի դասը դրուած Ս. Կոյսին նկարին վրայ կար։ Մարուշ երբ Կարուկենց արտին մօտեցաւ, Կարօ Մարսուպ ճանչցաւ։ Իր աղջիկն էր։

Աղջի, էդ մէրդ ինչո՞ւ չեկաւ ու քեզ ղրկեց։

Մայրս տունը գործ ունէր. ըսաւ՝ էսօր հացը դուն տար,   պատասխանեց Մարուշ վարանոտ։

Շրթները կը դողային ակամայ, երեսը աղճատուած ու հովէն քշուած վարդի մը երեւոյթն ունէր. հասակը կը նմանէր արեւածաղիկի մը, որ արեւմուտքէն յետոյ վար կ’առնէ իր գլուխը։ Մարուշ ինքզինք չմատնելու համար աչքերը վար առաւ ու իրիկնադէմի ստուերներուն պէս` իր կոպերուն տակ առաւ ձեւն արագիլին, որ դեռ բոլորակ կը դառնար ու կը ցածնար հետզհետէ։

Կարօ Մարսուպ ինքն իր մէջ բարկացաւ իր կնոջ, որ հասուն աղջիկ, նշանուած աղջիկ մինակ դաշտ ղրկած է։ Նշանուած աղջիկ մը առանձինն դաշտ ղրկել լաւ բան չէ։

Գնա, էդ մեր բամբկին վարի կորիին մէջի դդումը փրցուր, տուն տար. էսօր տեսայ, բաւական ժըրեր է։

Մարուշ կանգնած էր դեռ. հօրը խօսքերը իր ականջին մժեղի ձայնի մը պէս անորոշ կուգային։ Վարանոտ, կ’ըսես հաշիշ ծխած ըլլար։ Մուրատի քրտինքին հոտը իր մէջ այնքա՜ն բարկ էր դեռ։ Երազ չէր, համբուրուեցան անոնք։ Կարծես համբոյրին վրայէն ամբողջ դար մըն էր անցեր։ Ախ, ի՜նչ լաւ էր Մուրատի քրտինքին հոտը… Յետոյ բազուկները, ամբողջ դաշտ մը իր թեւերուն մէջ առնող լեռնաշղթայի մը պէս գրկեց այնքա՜ն պինդ ու տաքուկ։

Մարո՛ւշ, քեզի կ’ըսեմ, ի՞նչ է, հիւանդ ես, ի՛նչ պաղը թօթուած սարբինայի պէս կեցեր ես։

Դդումը ո՞ր կորիին մէջ է,   հարցուց Մարուշ։

Վարի կորիին, վարի կորիին,   պոռաց Կարօ Մարսուպ,   ըսել է՝ չլսեցի՞ր. Մարուքենց արտին կողմը։

Մարո՛ւշ,   ետեւէն պոռաց Կարօ Մարսուպ,   տուն որ երթաս՝ էդ թեւերուդ շավաները կը հանես։ Ի՞նչ է, հարսնիք է, թէ զատիկ։ Էդ տեսակ ճիլի պիլի բաները ամօթ բաներ են։ Էդ լաչակդ աղէկ շտկէ։

Մարուշ երբ դաշտէն տուն վերադարձաւ, հոգին խռով էր այնպէս, ինչպէս երբ խաղաղ լճակին վրայէն փոթորիկը կ’անցնի։ Մօր խօսքերուն շատ կարճ կը պատասխանէր. դէմքին, լաչակին ու մազերուն վրայ անփութութիւն մը կար։ Լաթերը վար առնելու պատրուակով մի քանի անգամ տանիք ելաւ ու շատ ուշ վար իջաւ։

Աղջի Մարո՛ւշ,   կը ձայնէր մայրը վարէն։

Ա՜խ Աստուած իմ, ինչո՞ւ իր մօր ձայնը եւ հօր երեւոյթը դժոխքի պէս կուգային իրեն։ Մի քանի անգամ Մարուշ իր գրպանի կլոր ու փոքրիկ հայելին նայեցաւ։ Դէմքին վրայ թեթեւ տժգունութիւն մը կար։ Ո՞ր աղջիկը առաջին անգամ համբուրուեր ու չէր տժգուներ։

Աղջի՛, եկո՛ւր հաւերուն կուտ ձգէ, օճախը շտկէ. հիմա հայրդ ուր է, ուր չէ կուգայ։ Ի՞նչ է, երեսդ ինչո՞ւ ծուռ է։ Հայրդ բարկացե՞ր է։ Հա՞։

Մարուշ չպատասխանեց։ Մտքէն իսկ չէր անցներ իր հօր բարկութիւնը. այդ ատեն միայն յիշեց, որ հայրը իր թեւի շաւաներուն համար դիտողութիւն ըրած էր։ Մարուշ հանեց շաւաները ու գնաց հաւերուն կուտ ձգելու։ Տեսաւ՝ հաւերուն մէկը պակաս էր, ու ճո՜ւ ճո՜ւ կանչելէն նորէն տանիք ելաւ։ Մարուշ որքա՜ն կը սիրէր տանիք ելլել. տունին առաստաղը, առարկաները կը ճնշէին վրան։ Երբ տանիք ելլէր, սրտին մէջ կը լայննար դաշտի հորիզոնը բովանդակ։ Մարուշ տանիքէն կը տեսնէր հողդարը, հա, ճիշդ այն ամպերուն տակ, ուր Մուրատ վար կ’ընէր այսօր։ Արագիլի այն բոյնին քով փշերու ճամբան էր. կարծես այդ տեսակ ճամբայ գոյութիւն չունենար, երբեք քալած չըլլար այդ ճամբէն։ Փշերու ճամբան երկնքի վրայ գծուած ճամբայի երեւոյթ ունէր։ Յետոյ Մուրատենց պաղչան, տանիքը, տանիքին դդումներն ու կտկտացող աքաղաղը…

Աղջի՛, Մարուշ։

Չտչտուն հաւը չկայ, մայր, չորս կողմ կը նայիմ. կ’երեւայ թեզմիշ է եղեր։

Զահար Ղարիպ Չիչօի հաւերուն մէջ է։ Մեր բաղդէն է, ինչ ընենք. կուտը հոս կ’ուտէ, կ’երթայ Չիչօի տունը կ’ածէ։

Բաղդը ի՜նչ ընէ. Կարօ Մարսուպին հաւը Ղարիպ Չիչօի աքաղաղին հետ էր միշտ։ Ի՜նչ լաւ, որ Կարօ Մարսուպ այդ բանը նկատած չէր, եթէ ոչ հաւին վիզը դանակի մէկ հարուածով կը կտրէր։

Ճո՜ւ ճո՜ւ ճո՜ւ,   Մարուշ ձայնն աւելի բարձր ձգեց եւ Ղարիպ Չիչօի տան կողմն անցաւ։

Իր ձայնը կարծես աւելի փոխուած ու հնչուն կուգար։ Կարծես իր ձայնին հետ դեռ նոր կը մտերմանար։ Դեռ նոր կը մտերմանար իր երեսին, աչքերուն, վարսին հետ. ահա թէ ինչու Մարուշ յաճախ փոքրիկ ու կլոր հայելին կը նայէր։ Քանի կը տարածուէր Մուրատի քրտինքի հոտը իր մարմնոյն մէջ, այնքա՜ն անհանգիստ կը զգար, այնքան կը հեռանար իր տունէն։ Մուրատի քրտինքին հոտը, բոլորակ հրդեհի մը պէս, Մարուշի ամբողջ մարմինն էր բռներ։

Աղջի Մարո՜ւշ,   նորէն պոռաց մայրը,   ախ Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ է եղեր էս աղջկան։

Եկայ, մայր, եկայ։

Ի՜նչ խաս են Մուրատենց տանիքին դդումներուն գոյները. ոսկեգոյն դդումներուն շարքին կար նաեւ կապտորակ դդում մը։ Մարուշին այնպէս թուեցաւ, թէ տարիներ առաջ տեսած էր այդ կապոյտին նմանող ուրիշ կապոյտ մը. կապոյտ մը` քրտինքի հոտին հետ խառնուած։

Աղջի Մարո՜ւշ, արեւը մարը մտնելու մէկ թիզ մնաց, Մարո՛ւշ։

Եկայ, մայր, եկայ։

Երեկոյեան Կարօ Մարսուպ երբ տուն վերադարձաւ, կինը խօսեցաւ անոր։

Արիմարդ, էդ աղջիկը որ տուն եկաւ, քէնկուր էր. կ’երեւայ՝ հերսոտեր ես։

Հէլպէթ կը հերսոտիմ. բանի գործի ատեն, շաւաները թեւէն պակաս չեն։ Ի՞նչ է, հարսնի՞ք է, թէ զատիկ։

Ի՞նչ կ’ըլլի, արիմարդ, նշանուած աղջկայ հաւաս է։

Հա, հա, նշանուած աղջիկ ըսելով, էսօր շաւաները թող թեւէն չհանէ, վաղն ըլ նշանածը դռան վրայէն կ’անցնի տէի՝ թո՛ղ փարչն առնէ աղբիւր վազէ։

Կինը այլեւս չխօսեցաւ։ Կարօ Մարսուպ վրան գլուխը թօթուեց, կնճռած ճակատով շտկուեցաւ եկեղեցի։

Մարուշ աղբիւրէն վերադարձաւ, ներսը դուրսը աւլեց եւ միեւնոյն ատեն քրտինքի հոտին հետ խառնուած կապոյտը փնտռեց։ Հա, գտաւ։ Այդ օր Մուրատ կապոյտ ելկէկ էր հագեր։ Փշերու ճամբուն վրայ Մուրատ հեքեաթի հերոսի մը պէս մօտեցաւ, Մարուշն ալ այնքան շուարեցաւ, որ չգիտցաւ, թէ ի՞նչն էր կապոյտ՝ երկի՞նքը, թէ Մուրատի ելկէկը…

Երեկոյ մը` եկեղեցիէն վերջ, ժամուորները տուն քալած էին։ Ժամկոչն ալ, եկեղեցիին խոշոր բանալին գօտիին մէջ, ուսին վրայ ծռած, տուն կը վերադառնար։ Եկեղեցիի ճամբուն վրայ երկու պառաւներ, քիթ քթի տուած, կը խօսէին տակաւին։

Ախր կը խօսին, Հռոփ, ես ինչ գիտեմ,   քթախոտին տուփը երկարելով։

Զահար, Կարօ Մարսուպն ըլ կ’ըսէ՝ ես աղջիկ ունիմ։

Մարուշէն ո՛վ ումիշ կ’ընէր, մէրս քորս. սուրբի պէս աղջիկ էր։

Մի ըսեր, Զարդա՛ր, խելօք կատուն է գողցեր ժամուն մոմը։ Հիմակու աղջիկները,   քթախոտը քթածակերէն վեր խռացնելով,   հիմակու աղջիկները պոյ մը գետնին վրայ են, պոյ մը գետնին տակ։

Տեսնող կայ եղեր, Հռո՛փ, էնպէս գրկուեր են, որ մէջերնին հով չանցնիր եղեր։

Թո՜ւ, սէր է եկեր սոխնոցերը։ Ես ինչ գիտեմ, մէրս քորս, տարի մը նշանուած մնացի՝ նշանածիս երեսը չտեսայ։ Հիմակուայ աղջիկները չեն ըլ պարտկուիր։ Աստուած օճախ պուճախէ հեռու ընէ, աղջկայ ու տղի տէր ենք։

Եկեղեցի ու բարտի հետզհետէ մութով կը ծրարուէին։ Երկու պառաւներ տակաւին կը խօսէին, յաճախ իրարու քթախոտ կը հրամցնէին ու իրարու բերնէ խօսքեր կը կտրէին։ Շատ ուշ ատեն բաժնուեցան, խօսքերնին դեռ լրացուցած չէին։

Զարդար պառաւը, երբ Սուգիկենց տան քովէն անցաւ, տեսաւ, որ դռան վրայ նստեր էր խաթուն մաման։

Ողորմի Աստուած։

Ողորմի հոգուդ, Զարդա՛ր, ինչո՞ւ էսօր ուշ մնացեր ես։

Մարկոսենց Հռոփին հետ խօսքի բռնուեցանք։ Միտքս ինկաւ, որ տահա կովը չեմ կթեր։ Խեղճ հայվանը հիմա աչքհայոց եղաւ։

Լսեցի՝ տղադ կը նշանես, Զարդա՛ր։

Է՜հ, ո՞ւր է ադամորդու աղջիկ մը, որ ըլլի… Հիմակու աղջիկները մինչեւ էրնանցը տունը երթալու չափ սապռ չունին։ Լսեցի՞ր Կարօ Մարսուպին աղջկան շնորհքը։

Ի՞նչ կայ, Զարդար։

Գեղին բերանն է ինկեր, դուն ըլ բանէ լուր չունիս։ Երէկ նշանուեցան, էսօր ճամբտուն վրայ շախշախ լէյլի կը խաղան. փշերու ճամբուն վրայ պաչպչուկի ձէնը եայլան է բռներ։

Երթամ, մէրս քորս, երթամ կովս կթեմ։

Ո՞վ է տեսեր, Զարդար…

***

Յաջորդ երեկոյ Կարօ Մարսուպ եկեղեցիի կօշկանոցէն դուրս կ’ելլէր՝ աղօթքի կտորտանքներ տակաւին շրթներուն վրայ։ Ժամուորներ կը դանդաղէին ճամբան, իրարու վիճակը կը հարցնէին, սերմի, վարի, ջրտուքի մասին զրոյցներ կը փոխանակէին։ Կարօ Մարսուպ արախչիի ծայրը ծալքին մէջ կը տեղաւորէր, երբ տեսաւ Էքնօենց հարսը` Վարդերը, որ շորօրուելէն կը քալէր։ Այս անգամ երկուքի հիւսած հաստ մազերուն ծայրը կախած էր պօյմաղ ։ Կարօ Մարսուպ ա՛լ չկրցաւ համբերել, մանաւանդ էնպէս կը շորօրուէր, որ ետեւ ձգած վարսերը մէկ աջ կը զարնուէին մէկ ձախ։

Շորօրա, խանը՛մ հարս։ Էդ քիչ է, քիչ տահա շորօրա,   վերջապէս խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ` ինքզինք չկարենալ զսպելով։

Հարս Վարդեր ետեւ նայեցաւ։ Խօսքի տակ մնացող չէր, ի՜նչ հոգ, թէ ժամուորներ լսէին զինք։

Քեզի ի՞նչ, խըռֆա՛ծ,   պոռաց Վարդեր զիլ ձայնով։

Անամօթին բանը նայէ, հապա որո՞ւ ի՜նչ։

Կարօ Մարսուպին ձեռքերը ոտքերը սկսան դողդղալ, աչքերն աւելի լայն բացուեցան։

Քեզի համար Աւետարանի մօտենալ հարամ է, հարամ։ Ես էդ տէրտէրին ի՜նչ ըսեմ, որ…

Ժամուորները հաւաքուեցան։

Դուն գնա, աղջկանդ փեշերուն տէր եղիր։ Քեզի ի՜նչ իմ շորօրալս։ Հեղ մը ականջդ ետեւ ըրէ, թէ աղջկանդ վրայ ի՞նչ կը խօսին։

Թըդ թըդ. հիմա որ հասնիմ, էդ լեզուդ քոքէն կը քաշեմ. անամօթին բանը նայէ։

Է՜հ, դուն ի՜նչ գիտես, խըռֆա՛ծ։ Աղջկանդ լաչակը ծառին գլոխն է ելեր։ Գեղ մի գեղով գիտեն։ Փշերուն ճամբուն վրայ նշանածին հետ պաչպչուկին ձէնը գեղն է բռներ։

Կարօ Մարսուպ բոլորովին գունատեցաւ. ինքնիրմէն ելած՝ խենդի պէս կ’ուզէր հասնէր Վարդերին ու լեզուն տեղէն հանէր, եթէ դրացի Մարգարը վրայ չհասնէր։

Դուն քեզի եկ, դրացի՛. կնկայ հետ չափուիլը լաւ բան չէ։ Եկ երթանք, կնկայ հետ կռիւ ընելը ամօթ բան է։

Մարգա՛ր, Կարօ Մարսուպը նամուսով ապրող մարդ է։ Էդպէս անամօթին բերանը իյնալը ինծի համար մեռնիլ է, մեռնի՜լ։

Ժամուորները ափ ի բերան մնացին։ Ո՞ր հարսն էր, որ լեզու պիտի թրջէր Կարօ Մարսուպին դէմ։

Կ’ըսես՝ երեսը եօթը ջրով են լուացեր. էդ լաչակը հի՞չ Աւետրնի հով չդիպաւ,   կը խօսէին կիներն ու Վարդերը կը մեղադրէին։

Ո՞վ գիտէ, Աստուած ո՞ր արդարին երեսը կը նայի, որ էս գեղի գլխին քարէ կարկուտ չի մաղեր։ Լսեցի՞ր ի՜նչ ըսաւ Կարօ Մարսուպի աղջկան մասին։ Իրեն հալը չի նայիր, որ էշիկը Նաճար Գիրգորն է մաշեցուցեր,   մէջ ինկաւ ուրիշ մը։

Ի՜նչ մեղքս պահեմ, լեզուս վրայ չերթար, որ ըսեմ։ Կարօ Մարսուպին աղջկան մասին ըսածը իրաւ է, իրաւ։ Տեսնողներ կան,   վրայ տուաւ ուրիշ մը։

Կարօ Մարսուպ դրացի Մարգարին հետ տուն կը քալէր` ծեծուած աքաղաղի մը պէս չոնչլոտ։ Անամօթ կնկան խօսքերը կ’ըսես իր արիւնը ցամքեցուցին յանկարծ ու կեանքը քառսուն տարիով կարճեցուցին։

Նունիկ պաճին, խոնջան շտկած, անհամբեր իր էրկան կը սպասէր։ Մարուշն ալ, կիսապատին քով կեցած, հեռուի մթնշաղ դաշտերը կը դիտէր։ Այդպէս, աչքերը յառած։ Ախ, ի՜նչ լաւ էր մթնշաղը լուռ։ Ինչքան կը բաղձար, որ մթութեան պէս անկողին մը ըլլար, խորունկ ու թաւշային, եւ թաղուէր, թաղուէր այդ թաւշային խորունկութեանը մէջ. այնքա՜ն յոգնած ու անհանգիստ կը զգար։ Համբոյրէն ասդին դողցւուկ մը կար վրան, մարմինն ամբողջ կը կերնճկտար ու աջ յօնքին վերջացած տեղը, վերջակէտներու նման, երկու փոքրիկ բշտիկներ դուրս եկած էին։

Կարօ Մարսուպ ներս մտաւ թէ չէ.

Պէ մարդ, չե՞ս ըսեր, թէ կերակուրի ատեն է, էսքան ատեն ի՜նչ կ’ընես դրսները։

Կարօ Մարսուպ լուռ նստաւ իր տեղը ու սկսաւ ծխամորճը քաշել։

Նունիկ զարմացած երեսը նայեցաւ։ Ի՞նչ է պատահեր այս մարդուն. երեսը տժգուներ, ժանիքը զարկեր, ուրկէ ճանճ մը իյնար, քառսուն կտոր կ’ըլլար։ Նունիկ ալ չհամարձակեցաւ խօսիլ։ Էրիկը բարկացեր էր, շատ էր բարկացեր։

Ախր ի՞նչ է պատահեր,   կը զարմանար Նունիկ։

Մարուշի սրտին մէջ, չգիտես ո՞ր տեղէն, արագ դփրտուկ մը ինկաւ։ Սիրտն իրեն կը կանչէր։ Արդեօ՞ք… Արդէն երեք օր էր, որ ինքզինք աւելի օտար ու յանցաւոր կը զգար, շտկէ շիտակ ծնողքին երեսը չէր կրնար նայիլ։ Մարուշի վրայ ինկաւ սրսփուկ մը։

Ինձ բան չպիտնար, հիւանդ եմ, մայր,   կամաց մը խօսեցաւ Մարուշ իր մօրը։

Ճրագին լոյսը հետզհետէ կը մարմրէր ու լուսող չկար։ Տունը կարծես խարխլած աւերակի մը երեւոյթն էր առեր։

Ի՞նչ ունիս, աղջի՛կս, ո՞ր տեղդ կը ցաւի,   խօսեցաւ մայրը՝ ձեռքը աղջկան ճակատին տանելով։

Չգիտեմ, սանկ գլոխս կը ցաւի, վրաս կոտրտուք մը կայ։

Մարուշ իր հօր նայիլ չհամարձակեցաւ ու շատ կանուխ անկողին գնաց։

Կարօ Մարսուպ կը ծխէր իրարու ետեւէ։ Վարդերի խօսքերը մուրճի հարուածներու պէս կը զարնուէին իր գլխին։ «Գնա, աղջկանդ փէշերուն տէր եղիր։ Փշերու ճամբուն վրայ, պաչպչուկի ձայն»։

Կերակուր լեցնե՞մ,   հարցուց կինը վարանոտ։

Էդ աղջիկն ո՞ւր գնաց, կնի՛կ,   վերջապէս խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ։

Էսօր ամբողջ օրը քիթը ծուռ էր, հիւանդ իմ, ըսաւ ու անկողին գնաց։

Թաթարխամին կպի ի՜նչ լաւ է։ Խորոզկնչուն դագաղը տան առջեւ կայնի։

Ի՜նչ է պատահեր, Աստուա՜ծ իմ։

Էրկան անէծքէն մօրը սիրտը կը խշխշար։ Ճահիլ աղջիկ, նշանուած աղջիկ, հօրը բերանն ինտոր վրայ կ’երթայ։

Թէզ, գնայ Մուրատ Ակօն հոս կանչէ, որ գայ,   Կարօ Մարսուպ, վճռական, խօսեց իր կնոջ։

Նունիկ պաճին ոչինչ, ոչինչ կը հասկնար. լաչակը շտկեց ու Մուրատ Ակօին ետեւ գնաց։

Բարեւ, խնամի՛ Մարսուպ,   ներս մտաւ Մուրատ Ակօն` իր սովորական ժպիտով ու նստեցաւ աթոռակի մը վրայ։

Էսօր հարսնիքի համար քաղքէն մեծ սէյնի մը առի։ Ամա ի՜նչ սէյնի,   շարունակեց Մուրատ Ակօն` տան լուռ երեւոյթէն ոչինչ հասկնալով։—   Երեք ոսկի տուի. ֆախաթ աչքիս հինգ ոսկի կ’արժէ։ Իշտէ բան մըն էր, րաստ եկաւ։ Հը, էսքան մեծ կայ։

Մուրատ Ակօն ելաւ տեղէն, ձեռքով լայն բոլորակ մը գծեց ու նստեցաւ։

Քաղքի բարեկամս` Մարտիրոս աղան, պղինձէ լաւ կը հասկնայ. էնոր միջոցաւ առի։ Ես ինչ գիտեմ, վրան ալ ի՜նչ թիւրլի պատկերներ՝ աղուընկայ, փէհլիվանի պատկեր, էժտահարի պատկեր։ Խնամի՛, մէջտեղն ըլ մենծ պատկեր մը կայ. տղան, ճէյրանի ձիուն վրայ հեծած, ետեւն ըլ աղջիկ մը, կը փախցնէ. էս տղան զէնկին տուեր ձին էժտահարին վրայ կը քշէ։ Իրաւ որ, տեսնելու բան է, խնամի։ Գալ շաբթուն ըլ երթամ, աման-չաման առնեմ, հարսնիքը կը մօտենայ. հը, վաղը մէկալ օր Իսնակ է։

Մուրատ Ակօն մէկէն նկատեց, որ միակ ինքն էր խօսողը։ Կարօ Մարսուպ, գլուխը կախ, նստեր էր. Նունիկն ալ ձայն չէր հաներ ու Մարուշ տան մէջ չէր երեւեր։

Ակո՛բ,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ` յօնքերը վար կախելէն։—   Խօսքը երկուք չեմ ուզեր ընել։ Էսօր քսուրդ առ ու գնա՛, ես աղջիկ չունիմ տալիք։

Շատ կարճ լռութիւն մը տիրեց` ճնշող ու հեղձուցիչ։ Նունիկի ու Մուրատ Ակոբի վրայ կ’ըսես սառ ջուր լեցուցին։

Ի՞նչ կը խօսիս, խնամի, կատա՞կ է, ի՞նչ է։

Չէ, Ակո՛բ,   Կարօ Մարսուպ կատակ չի ըներ. էս իրիկուն մատնին կ’առնես ու կ’երթաս, է՛ս իրիկուն, Ակո՛բ, էս իրիկուն։ Երկու խօսք չեմ ուզեր։

Խնամի՛, կ՚երեւայ խալխի խօսքին ականջ ես դրեր։ Հա, հա, խալխի աչքը չվերցներ, որ Մուրատ Ակոն արտ կ’առնէ, եզներ կ’աւելցնէ, տղան կը նշանէ։ Մուրատը նշանեցի թէ չէ, ըսին, խօսեցան, որ Մուրատենց մէջ մէկը ինքզինքը կախեր է։ Խնամի՛, եղածը էս է։ Իմ պապիս մեծ հօր քոյրը էծի ականջներ ունի եղեր։ Օր մըն ալ ախոռը կ’երթան, որ ինքզինքը կախեր է։ Էսքան բան։ Ալ ի՞նչ ըսես, որ չխօսեցան։ Հա, հա, խալխի խօսքին ականջ ես տուեր…

Ակո՛բ, էդ բաները իմ ականջը չեն թրջեր։ Ես նամուսի տէր մարդ եմ։ Էսօրս իմ պատիւը էլին անամօթին բերանն է ինկեր։ Ինծի համար մեռնիլ է, Ակո՛բ, մեռնի՜լ։

Ի՞նչ է եղեր, Մարսուպ, պատմէ՛, տեսնե՛նք, հէ՛։

Գնա, Ակո՛բ, գնա՛ տղուդ հարցուր։ Էդ մատնին ո՞ւր է, կնի՛կ,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ իր կնոջ։

Մատնին Մարուշին մատն է,   խօսեցաւ կինը տատամսոտ։

Ես շատ երկար խօսելու գլոխ չունիմ։ Գնա, էդ մատնին բեր, Ակոբին տուր, որ տանէ,   ու տեղէն ելլելով` վարը ախոռ շտկուեցաւ` եզներուն կեր ձգելու։

Խնամի՛,   պոռաց Մուրատ Ակոն ետեւէն։

Կարօ Մարսուպ ետեւ չնայեցաւ։ Վճռական էր, վճռական։

Մարուշ անկողին որ մտաւ, ջերմութիւնն աւելի սաստկացաւ։ Հիւանդ ու յոգնած, շատ կարճ քունի մէջ դեռ նոր էր խորունկցեր։ Խուրձ մազերը բարձին վրայ թափուած էին սեւ, ինչպէս գիշերը կ’իջնէ ձիւնին վրայ։ Ամփութօրէն մերկ թեւերն անկողնէն դուրս։ Պատուհանէն ներս լուսնի շող մը ինկած էր անկողնին վրայ ու կը խտղտար։ Լուսնի շողին քով, Մարուշի տժգոյն դէմքին վրայի գծագրուած յօնքերը աւելի գեղեցիկ ու խօսուն կ’երեւէին։ Մարուշ, ցանկապատէն անդին Մուրատի ոտքերու խշրտուքը կը լսէր, յետոյ իր անունը։

Մարուշ։

Ախ, Աստուած իմ, նորէ՞ն։ Չէ, չէ, Մուրատ։ Մարդ կը տեսնէ, հայրս, Մուրատ, հայրս։

Մուրատ կեցաւ ցանկապատէն անդին։ Նկարի մը պէս լուռ էր ու անշարժ ու միշտ իր անունը կը կրկնէր.

Մարուշ, Մարուշ։

Մուրատի անշարժութենէն Մարուշի սիրտը կը նեղուէր։

Եկուր, Մուրատ, մեզ մարդ չի տեսներ։

Մուրատ անշարժ էր ու միշտ կը կրկնէր.

Մարուշ, Մարուշ։

Մարուշ սրտի ճնշումէն արթնցաւ յանկարծ։ Անկողնին քով «Մարուշ» կանչողը իր մայրն էր, որ զինք կ’արթնցնէր։

Ինչպէ՞ս եղար, աղջիկս,   խօսեցաւ մայրը՝ ձեռքը աղջկան ճակատին տանելով։

Ի՞նչպէս ըսեր, թէ ներսը Մուրատ Ակոն մատնիին կը սպասէ։ Աղջիկն հիւանդ էր, հիւանդ, կրակներուն ու բոցերուն մէջ։ Ինչպէ՞ս ըսեր, թէ հայրն իր նշանը ետ կ’ընէ։

Մարուշ, աղջիկս, էդ Մուրատենց մատնին ինծի տուր։

Աղջիկը վարանեցաւ. խոշոր ու հիւանդ աչքերը մօր երեսին սեւեռեց։

Խնամի Ակոն ըսաց, որ վաղը քաղաք պիտի երթայ, կ’ուզէ մատնիին նոր ակ անցնէ։

Մարուշ հանեց մատանին ու մօրը երկարեց։ Մայրը սենեակէն դուրս ելաւ թէ չէ, Մարուշի սիրտը փղձկեցաւ, դէմքը մազերուն ու բարձին մէջ թաղեց ու լացաւ, լացաւ, բոլորովին լուռ ու անծանօթ նախազգացումով մը։

Լուրը գիւղին մէջ շատ շուտ տարածուեցաւ. Կարօ Մարսուպ նշանը ետ է ըրեր։

Կարօ Մարսուպ երկու օր եկեղեցի չգնաց, մարդու երես չնայեցաւ։ Երրորդ օրը եկեղեցիէն երբ դուրս ելաւ, ոչ ոքի հետ խօսեցաւ։ Կնճիռները ճակատին վրայ թնճուկած՝ ուղղակի տուն գնաց։ Տան մէջ ալ կարծես անկանոն թափթփածութիւն մը կար, ճիշդ Կարօ Մարսուպի սրտին պէս։ Հաւերը տանիքը կը փռտէին ու հողերը վար կը թափէին. սանդխամատերը մաշած կ’երեւէին. տան խոնջան անյարմար տեղ դրուած, ամաններն անկանոն տեղաւորուած. եզներն ալ միշտ անօթի կ’երեւէին. կինը` Նունիկ, հիւանդ աղջկան անկողնին քովէն չէր հեռանար։ Տան մէջ հիւանդ լռութիւն մը առեր կեցեր էր։

Նունի՛կ, գետինը մտնըս, Նունիկ, էս կովերը տահա չե՞ս կթեր,   կը պոռար Կարօ Մարսուպ։

Նունիկ վար կ’իջնէր, սթիլը ձեռքին, ախոռը կը մտնէր` կովերը կթելու, ուր Կարօ Մարսուպ եզներուն կռնակն ու ականջները կը շփէր։

Էդ աղջիկը բոցերուն մէջ կը վառի, արիմա՛րդ. էսօր ամբողջ օրը ինքն իր դէմ է խօսեր. երեք օր է բերանը բան դրած չէ,   խօսեցաւ Նունիկ վարանոտ։

Ես քեզի կ’ըսեմ` էդ աղջկան անունը մի տար, կնի՛կ, թո՛ղ երթայ սատկի։

Էսօր, քանի օր է հիւանդ է, տնաշէ՛ն. օր մըն ալ անկողնին մօտեցիր, տես, ի՞նչ հալի է։

Չէ, չէ, որ սատկի, գերեզմանը չեմ երթար. էդ իմ աղջիկը չէ, ինծի աղջիկ չկայ։

Մարուշի հիւանդութիւնը աւելի ծանրացաւ։ Նունիկ ի զուր աղաչեց, դրացիներն ի զուր խօսեցան, որ Կարօ Մարսուպ աղջկան անկողնին մօտենայ։ Կարօ Մարսուպ կա՛մ մարագին տանիքը շխեց, կա՛մ եզներն առաւ ու դաշտ գնաց։ Հիւանդ աղջկան անկողնին չմօտեցաւ։ Տէր չեղաւ աղջկան։

***

Աշունի վերջի ամիսն էր. ռէնճպէրները բամպակներուն հետ ներս առեր էին իրենց ոտքերն ու եզները։ Պարզկայ գիշերներուն դաշտին վրայ այլեւս մուժ կը նստէր։ Աշունի տերեւները աշունի հովերէն կը քշուէին դիւահարի պէս ու կամուրջներուն վրայ բոլորակ պար կը դառնային։ Դաշտին մէջ միակ որթատունկի ու ալուճի տերեւներն էին, որ բոցի գոյնով բռնկած` կը վառվռային միջօրէի արեւին ներքեւ։

Աշունի միջօրէ մըն էր, երբ Մարուշ ելաւ անկողնէն ու իրենց տան կիսապատին քով, արեւին տակ նստած, դաշտը դիտեց։ Կիսապատին վրայ հովերէն ձգուած էին մի քանի աշունի տերեւներ։ Մարուշ շատ էր նիհարցեր. դէմքն աւելի ճերմկցեր էր, յօնքերն ու աչքերը աւելի սեւցեր էին, կ’ըսես` չինական մելանով էին ներկուեր։ Որքա՜ն ատեն էր, որ դուրս ելած չէր Մարուշ։ Աշխարհն ինչքա՜ն փոխուած էր։ Մարուշ ծառերու մերկութեան մէջ շատ որոշ կը տեսնէր փշերու ճամբան։ Ի՞նչ եղաւ Մուրատը. արդեօք կը մտածէ՞ իր մասին։ Եթէ ուժ ունենար իր կողերուն վրայ, կ’ուզէր հեղ մը բարձր տանիք ելլել։ Արդեօք հո՞ն էին դդումները, աքաղաղը։ Մարուշ կը զգար, որ բան մը կորսնցուցեր էր, բան մը, որ ունէր չհիւանդանալէ առաջ։ Ա՜խ, այդ ի՞նչն էր։ Ինչպէ՞ս կորսնցուց, ի՞նչն էր այդ, Աստուած իմ։

Ալ ամէն օր արեւ կ’ելլէր Մարուշ ու արեւի ջերմութեան ներքեւ օրէ օր կը փոխուէր, ինչպէս հասակաւոր ծաղիկ մը՝ թափանցիկ ու զգայուն։ Արդէն այտերուն վրայ սկսած էր թեթեւ կարմրութիւն մը գալ, աշունի տերեւներուն մէջ մոռցուած բաց կարմիր կակաչի գոյնով։ Անոր մէջ սկսած էր Մուրատի պատկերն հետզհետէ պայծառանալ։ Սեւ ու խոշոր աչքերը, քիթը, բերանը, դեռ նոր բուսած պեխերը, մանաւանդ քանքուլը ճակատին վրայ թափուած։ Այդ բոլորէն յետոյ բան մը կար կորսուած, որուն հետզհետէ կը մօտենար ու կը հեռանար։ Կարծես իր զգայարանքներէն մէկը պակաս ըլլար։ Մարմինին վրայ յանկարծ լիութիւն ու առատութիւն իջաւ` դաշտին վրայ թափուող անձրեւին պէս։ Մարուշ գտած էր, գտած։ Դաշտի հոտը, Մուրատի քրտինքին հոտն էր այդ։

Երեկոյին` ուշ ատեն, Կարօ Մարսուպ ու Նունիկ, քով քովի կայնած, մի քանի ծունկ աղօթք ըրին ու գացին։ Մարուշն ալ մէկ կողմէն մազերը կը քակէր` անկողին երթալ ձեւացնելով։

Մարուշ մարեց ճրագը ու կամաց մը մութին մէջէն դուրս ելաւ։ Մութ էր նաեւ դուրսը։ Լուսնկան, հեղեղէ քշուած, պղինձէ ափսէի մը պէս, ամպերուն տակ կը մտնէր, դուրս կ’ելլէր ու նորէն կը ծածկուէր։ Ինչո՞ւ տանիք ելաւ, չէ՞ որ գիւղն ամբողջ քնացեր էր, քնացեր էր նաեւ Մուրատը։ Մարուշ կարօտն ունէր գէթ մութին մէջէն Մուրատենց տանիքը տեսնելու։ Թեթեւ հով մը ուսերուն վրայ քակուած մազերը թել-թել կ’ընէր։ Գիւղը խաղաղ էր ու լուռ, միայն աղբիւրին ձայնը կուգար շատ որոշ։

Մարուշ դիտեց մութ ձեւը Մուրատենց տանիքին։ Մութ գծերու պէս շատ որոշ կ’երեւէին երկնցուցած ձողերը տանիքին։ Նաեւ ձեւը ծխնելոյզին ու մարդու նմանող սիլուէդ մը ծխնելոյզին մօտ։ Մարուշ առաջին անգամ ճըվալով դրուած առարկայ մը կարծեց։ Թերեւս խըճեճ, ո՞վ գիտէ։ Սակայն սիլուէդը շարժեցաւ ու ոտքի ելաւ։ Մուրատի հասակն էր։

Արդեօք Մուրա՞տն է…

Արդեօք Մարո՞ւշն է…

Երկու սիլուէդներ կը շարժէին, ցուիքին մօտ կուգային ու կը հեռանային։

Արդեօք Մուրա՞տն է։

Արդեօք Մարո՞ւշն է։

Երկու սիլուէդներ, հեռուէ հեռու, երազի մէջ թափառող ստուերներու նման, զիրար դիտեցին երկար ու ստուերներուն նման վար իջան, երբ լսեցին վարի տանիքէն ոտնաձայն մը։ Ժամկոչն էր, որ ուշ ատեն նշխարք գործած տեղէն կը վերադառնար։

Յաջորդ գիշեր, երբ գիւղը լուսնկային խաղաղութեան ներքեւ կը քնանար, նորէն երկու սիլուէդները հոն էին։

Մուրատ ցուիքէն վար` Հայրապետենց տանիքը ցատկեց։ Յետոյ անցաւ Չիվիտին տանիքը, որ փողոցին վրայ նեղանցքով մը բաժնուած էր, ու մօտեցաւ Մարուշին։ Մարուշ բարձր տանիքին վրայ էր, իսկ Մուրատ` ցածկեկ։

Մարուշ։

Կամաց, Մուրատ, Պալիկ խաթունին դռան ձէնը առի,   խօսեցաւ Մարուշ փսփսուքով ու ցուիքին աւելի մօտեցաւ` ցուիքէն վար խուրձ մը մազերը կախ տալով։

Հայրդ քնացե՞ր է։

Քնացեր են, քնացեր, սո՜ւս…

Դրացի Նուխրիկն ասաց, որ Մարուշն ելեր է։ Ախր, ի՞նչ պիտի ըլլի, Մարուշ, օր արեւս հատաւ. երեք օր է նէ լուծքի կ’երթամ, նէ ըլ եզներուն տէր կ’ըլլիմ. օրը քառասուն հեղ տանիք կ’ելլեմ։ Տնաշէն, երբեմն տանիք ել՝ պոյդ տեսնեմ։

Կատու մը, երկննալով ու կարճնալով, մէկ ցուիքէն միւսը ցատկեց։ Մարուշ սոսկաց յանկարծ։

Քեզի ի՜նչ եղաւ, Մարուշ, խօսէ՛, ձէնդ լսեմ։

Ա՜խ, Մուրատ, ի՜նչ պիտի ըլլի, իմ քաշելիքը էս մարդուն ձեռքէն։ Ձէն մը առի, սիրտս թբռտաց, գլուխս սկսեց խբխբալ,   ու սկսաւ արտասուել լուռ ու լուռ հեկեկալ։—   Ազատէ՛ զիս, Մուրատ, ազատէ զիս այս տունէն, տար, ճէհէնէմը տար զիս…

Ինտո՞ր ընեմ, Մարուշ. էսօր հօրս շտկէ շիտակ ըսի, որ Մարուշէն զատ ուրիշ աղջիկ թող ինծի հարամ ըլլի. որ չըլլի՝ երեսս կ’առնիմ, կ’երթամ էս գեղէն։

Ես ըլ կուգամ, Մուրատ, տա՛ր զիս,   կը խօսէր արցունքներուն մէջ։

Աքաղաղները երկրորդ բերան կանչեցին։ Լսուեցաւ Կարուկենց ախոռին դռան ճզրտուկը։ Երկու սիրահարներ իրարմէ չէին կրնար բաժնուիլ։

Աքաղաղները երրորդ բերան կանչեցին։ Անոնք իրարմէ շատ դժար բաժնուեցան։ Մարուշ կը դիտէր ետեւէն, կը դիտէր Մուրատի հասակը, մինչեւ որ կորսուեցաւ մութին մէջ, ու ինքն ալ սանդուխներէն վար իջաւ։

Լուսնկան աւելի պայծառ էր. գէթ Մարուշին այդպէս կը թուէր։ Աւելի բաց կ’երեւէր լուսնի լոյսը, որ սաւանի նման կախուած էր կիսապատէն։

Մարուշ շատ զգուշութիւնով կը մօտենար դուռին ու յանկարծ կեցաւ։ Ա՜խ, Աստուած իմ, այդ ո՞վ է դուռին քով. նայեցաւ պիշ ու հօր նմանութիւնը տեսաւ։ Մարուշ քիչ մնաց նուաղէր։ Անտարակոյս իր հայրն էր` դրան սեմին նստած։ Զարմանալի էր՝ նստած տեղը կը քալէր ու դէպի իրեն կուգար ու չէր մօտենար։ Ի՞նչ պիտի ըսէր, ինչպէ՞ս պիտի արդարանար։ Մտադրեց այլեւս հօրը ոտքը իյնալ ու խոստովանիլ. թո՛ղ ծեծէ, թո՛ղ սպաննէ…

Մարուշ երբ աւելի մօտեցաւ, տեսաւ, որ դռան քով ճըվալով լեցուն ցորեն էր դրուած. այդ էր, որ կէս լոյս ու մութին մէջ յանկարծ իր հօր նմանութիւնը առած էր։

Անցան մի քանի օրեր։ Երազի մէջ շարժող ստուերներու նման` Մուրատ ու Մարուշ կը մօտենային իրարու ու կը հեռանային։ Գիշեր մըն ալ Կարօ Մարսուպ ու Նունիկ խոր քունի մէջ էին. այդ օր ջրաղացք աղուն էին տարեր ու շատ էին յոգներ։ Յոգնած ու խոր քունի մէջ էր նաեւ ամբողջ գիւղը։ Այդ գիշեր երկու սիրահարներն էին արթուն, մէկ մըն ալ` Մուրատի հայրն ու մայրը ու անհամբեր իրենց հարսին մուտքին կը սպասէին գիշերով։

Մարուշ։

Մուրատ, սո՛ւս…

Ծրարդ վար ձգէ։

Մարուշ փոքրիկ ծրարը տանիքէն ցածկեկ տանիքը ձգեց ու ինքն ալ վար իջաւ բարակ սանդուխէն, որ Մուրատ իր հետ տարած էր։ Մուրատ շալկեց ծրարն ու սանդուխը եւ, Մարուշի ձեռքէն բռնելով, Մարկոսենց տանիքէն փողոց իջան ու մտան իրենց տունը։ Մարուշի ոտքերը կը կթոտէին, սակայն Մուրատի բազուկը իր մէջքին շուրջ թեւեր տուաւ անոր։ Իր մարմնի ծանրութիւնը չէր զգար։ Երկու սիրահարները կ’ըսես տանիքէ տանիք կը թռէին` թեւ թեւի տուող երկու աղաւնեակներու պէս։

Հարսնցուն տունէն ներս մտաւ թէ չէ, Մուրատ Ակոն էշն հեծաւ ու գիշերով քաղաքին ճամբան ափ առաւ` Առաջնորդարանէն արտօնագիր բերելու համար։

Առաւօտ կանուխ Կարօ Մարսուպ ու Նունիկ սովորականին պէս արթնցան իրենց քունէն։ Կարօ Մարսուպը, «Տէր եթէ շրթունքը» բերանին, ախոռը տաւարներուն քով իջաւ։ Նունիկ անկողինը կը վերցնէր ու միեւնոյն ատեն Մարուշին կը ձայնէր.

Աղջի Մարո՛ւշ, էս ատենը քնանա՞լ կ’ըլլի։ Հիմա արեւը էրդոց վրայ կուգայ։ Մարուշ,   աւելի ժիր պոռաց` միեւնոյն ատեն գործին մժղլած։—   Հիմա հայրդ վեր կ’ելլէ. որ քնած տեսնէ՞… Էսօր լուացք պիտի ըլլի, ներս դուրս պիտի աւլուի, ելիր, ընկողնիդ երեսը քակէ, որ ջուրը ձգենք։

Մարուշ ձայն չէր տար։ Նունիկի ձայնը փեթակներուն մէջ արձագանգ կուտար կարծես։ Նունիկ աղջկան անկողնին մօտեցաւ։ Բա՜, ի՞նչ տեսնէ. Մարուշ չկար։ Անկողինը կը մնար այնպէս, ինչպէս ձգուած էր երէկ երեկոյ. ծալքերն իսկ աւրուած չէին։

Նունիկի գոյնը փոխուեցաւ յանկարծ։ Ան դուրս ելաւ եւ ժիր ձայնով աղջկան անունը պոռաց։ Վար իջաւ, թերեւս աւելի կանուխ կովերը կթելու իջած էր։ Աղբիւրի ճամբան նայեցաւ։ Մարուշ չկար։

Նունիկ,   պոռաց Կարօ Մարսուպ դորդայէն,   էդ սատկելուն տահա պառկած տեղէն չէ՞ ելեր։ Ըսէ, որ երթայ Չիվիտենց, ճըվալները բերէ. էսօր քաղաք բամպակ պիտի տարուի։

Արիմարդ,   ձայն տուաւ Նունիկ տժգոյն ու ջղային,   Մարուշը չկայ, արիմարդ։

Կարօ Մարսուպ առաջին անգամ չհասկցաւ կարծես, թէ Նունիկ ինչ ըսել կ’ուզէր։

Մարուշը գիշերով գացեր է, գացեր,   կրկնեց Նունիկ ու փղձկեցաւ եւ սանդուխներուն վրայ ծալլուած մնաց։—   Վա՜յ Մարուշ, հարամ ըլլայ իմ տուած կաթը։

Ի՜նչ կը զրուցես, Նունիկ, դուն քեզի եկուր,   մօտեցաւ Կարօ Մարսուպ՝ նորէն ոչինչ հասկնալով։

Մարուշը փախցուցեր են, արիմարդ, սիրտս կը վկայէ. Մուրատենց տունն է, Մուրատենց տունը։

Կարօ Մարսուպ շանթէն զարնուածի պէս ինքն իր վրայ ցնցուեցաւ, կ’ըսես տունն ամբողջ վրան փլաւ։

Վրայ հասաւ դրացի Սուրբիկը, որ պատմեց, թէ Մարուշը Մուրատենց տունն է։ Մուրատ Ակոն ու տիրացու Գէվոն գիշերով քաղաք են գացեր՝ Առաջնորդարանէն թուղթ բերելու համար։

Լուրը գիւղին մէջ շատ շուտ տարածուեցաւ։ Հետզհետէ հաւաքուեցան դրացիները ու սկսան մխիթարանքի խօսքեր ընել։ Կարօ Մարսուպ, ձեռքը գօտիին մէջ, ըսելիք այլեւս խօսք չէր կրնար գտնել։ Ի՞նչ կրնար ընել, քանի որ աղջիկն իր կամքովն է գացեր։

Ղուկա՛ս, տահա էսքան ատեն իմ կռնակս գետին եկած չէր։ Աղջիկս զիս չամուռին մէջ խոթեց, չամուռին,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ իր դրացիին ու լռեց` այլեւս չխօսելու համար։

Կէսօրի մօտ էր։ Մուրատ Ակոն երբ քաղքէն վերադարձաւ, իր առաջին գործն եղաւ քահանան գտնել ու խօսիլ պսակի մասին։ Քահանան` Տէր Բենիկ, սրտանց հակառակ էր պսակին։

Օրհնա՛ծ, էս պսակը Աստծոյ ու մարդոց դէմ է։ Առանց ծնողքի հաւանութեան աղջիկը ձեր տունն է եկեր. էս պսակը մեղք է, մեղք։ Մենծնաց էսպէս ենք տեսեր։

Քահանան վերջ ի վերջոյ տեղի տուաւ, երբ Առաջնորդարանէն բերուած արտօնագրին տակ կարդաց Առաջնորդի ստորագրութիւնը։ Առաջնորդը չէր կրնար առարկել, քանի որ աղջիկն իր կամքովն էր գացեր։

Յաջորդ օրը պսակի օրն էր։ Մուրատ Ակոն հրաւիրեց իր բարեկամները։ Ոմանք մերժեցին։ Կնքահօր ու իր բարեկամներէն ոմանք ալ գացին պսակի ու հարսնիքին ներկայ եղան։

Առտու էր։ Եկեղեցիէն յետոյ հետաքրքիր ժամուորներէն ոմանք եկեղեցիի բակը հարսին ու փեսին գալստեան սպասեցին։ Ահա կուգան։ Առաջին անգամ երեւցաւ Մուրատ Ակոն, յետոյ տիրացու Գեվոն։ Երեւցան հարս ու փեսայ, կնքահայր ու կնքամայր, նաեւ բարեկամներ։ Էն վերջը երեւցաւ Սարխօշ Գեվոն։

Սարխօշ Գեվոն անկոչ հարսնեւորն էր գիւղի բոլոր հարսնիքներուն, կ’երթար, կ’ուտէր, կը գինովնար, ինչո՞ւ չէ, շատ անգամ կռիւ կ’ընէր հարսնեւորներուն եւ մանաւանդ զուռնաճուն հետ, եթէ իր ուզած եղանակը չփչէր։ Ամէն անգամ գրեթէ կը լսուէր անոր ձայնը, ըլլար ճամբաներուն վրայ կամ ժամուն բակը. կը պոռար, կը պոռպռար, որ տաւարները գերեզմանոցին ցանկապատին փշերն են կրծեր։ Անոր գլխաւոր զբաղումն էր գինովնալ, կռիւ ընել ու արդարութիւնը պաշտպանել։ Գեվոն գեղին նախրը արածելու ամենախոշոր ցանկութիւնն ունէր, սակայն գիւղացիք իրենց կենդանիները անոր չէին վստահեր։ Գեվոն անկոչ հարսնեւորն էր նաեւ Մուրատի հարսնիքին։ Աճապարեց առաջ անցնիլ եւ հարս ու փեսին ճամբայ բանալ մինչեւ եկեղեցիին դուռը։ Հարս ու փեսան եւ հարսնեւորները եկեղեցիէն ներս ընելէ յետոյ, ինքն ալ յաղթանակէ դարձող հերոսի մը պէս եկեղեցիին դռան քով կանգնեցաւ՝ կարմիր թաշկինակով աւրուած աչքերուն ջրերը սրբելով։

Պաշ հարսնեւորը Գեվոն է,   խօսեցաւ ժամուն բակը կեցող հետաքրքիրներէն մէկը։

Հէլպէդ, Մուրատ Ակոն իմ սանահօր հարսին ազգականն է. ըսել է չէի՞ր գիտեր։

Սանահայրդ ո՞վ է, Գեվօ,   վրայ տուաւ ուրիշ մը` բարկացնելու միտումով։

Իշտէ որ կէնճ Մաքօն ինծի հետ կարգուեր, Թըլկանց Մինասը խօսք տուեր էր ինծի սանահայր ըլլալ, իշտէ Թըլկանց հարսը, ո՞ր աղջիկն է։ Իշտէ գնա, հիսապ ըրէ։

Ծօ, ինտո՞ր հարսնեւոր կ’ըլլիս Մուրատ Ակոյին։ Չէ՞ որ Կարօ Մարսուպին աղջիկն է փախցուցեր։

Արութ, որ քո հօր խաթրը չըլլէր, իշտէ ես գիտէի ըսելիքս։ Ծօ, հայվան, ի՛նչ կ’ըլլի եղեր. աղջիկը իր սիրածն է առեր, տաճիկ չէ առեր ա։

Գեվոն բարկացաւ, հայհոյեց Կարօ Մարսուպին եւ բոլոր անոնց, որ հակառակ են Մուրատ Ակոյի հարսնիքին։ Կռիւ մը ընելու լաւ տրամադրութիւն ունէր։

Իշտէ հոս կեցեր եմ, տեսնեմ, ո՞վ է, որ պսակը պի աւրէ։

Ներսը քահանան կարմիր ու ճերմակ նարօտը կը ձգէր եւ կը վերջացնէր Աւետարանը՝ իր խնկոտ ձայնը երկարելով. «Որ Աստուած զուգեաց, մարդ մի՛ մեկնեսցէ»։

Հարսնեւորները Մուրատ Ակոյին տունը վերադարձան, կերան, խմեցին, հարսին ու փեսին կենաց գաւաթներ պարպեցին։ Այդ բոլորի մէջ Սարխօշ Գեվոյի ձայնն էր բռներ.

Իշտէ էս գաւաթը կը կոնծեմ հարսին ու փեսին կենացը,   կը պոռար ժիր, սակայն զինք մտիկ ընող չկար։

Գեվոն գաւաթը պարպեց, ոտքի ելաւ ու սկսաւ անճոռնի ցատկռտուքներով պար դառնալ.

Հոփ, հոփ նա նա թիրնա նա…

Մուրատ Ակոն նկատեց, որ Սարխօշ Գեվոն սկսած էր կերակուրի ամանները կոխկռտել։ Կամաց մօտեցաւ եւ ուզեց հանդարտեցնել, սակայն Գեվոն անհանգիստ էր։

Զուռնան ո՞ւր է, Ակոբ, խօ՛ էս մեռելի տուն չէ՛։

Հոփ, հոփ նա նա թիրնա նա…

Ուրիշներ ալ միջամտեցին, որ հանդարտի՝ ըսելով, որ Մուրատը զուռնաճուն ետեւ է գացեր։ Նստեցուցին իր տեղը, մանաւանդ որ մի քանի ամաններ կոտրած էր արդէն։

Աչքդ լոս, Ակո՛բ, Տէր մէկ բարձին վրայ ծերացնէ,   կը պոռար հարսնեւոր մը։

Աչքդ լոս, աչքդ լոս,   նորէն Գեվոյի ձայնն է։—   Հէ՜յ Կարօ Մարսուպ, աղջիկդ չե՞ս տար, հը՛, իշտէ մենք ըլ էսպէս կ’ընենք. հէմ աղջիկը կը բերենք, հէմ հարսնիք կ’ընենք։ Էս զուռնան չեկաւ, Ակոբ,   աւելի բարձր պոռալով։

Սպասէ՛, Գեվո, հիմա կուգայ, եա դուռն է, եա երդիքն է,   վրայ տուաւ ճիշդ քովը նստող ժամկոչը՝ քթին տակով խնդալէն։

Հեղ մը որ նշանուեր էին, ալ ի՞նչ պէտք կար նշանը ետ ընել,   անդին կը շարունակուէր խօսակցութիւն մը։

Չեկաւ, Ակո՛բ, էս զուռնան չեկաւ,   նորէն պոռաց Գեվոն ու ոտքի ելաւ աչքը` քիթը, բերանը, օղիով ու գինիով ճմրթքուած եւ ուզեց պարել.

Հոփ, հոփ նա նա թիրնա նա…

Գեվոն չէր կրնար ոտքի վրայ շիփ շիտակ կենալ։ Ուզեցին նորէն հանդարտեցնել։ Գեվոն գինովի յամառութիւն ունէր, կը հայհոյէր զուռնաճուն, որ կ’ուշանար այսքան։

Կերակուրները կը լեցուէին, ամանները կը պարպուէին, դրացի կիներ, հաւաքուած, տան տիկնոջ կ’օգնէին։ Այդ բոլորին մէջ Խռիկ Գեվոյի ձայնն էր, որ կը լսուէր ժիր.

Էդ զուռնան չեկաւ…

Հոփ, հոփ նա նա թիրնա նա…

Զուռնան չպիտի գար։ Մուրատ Ակոն այնպէս կարգադրեր էր, որ հարսնիքը առանց դհոլի ու զուռնի ըլլայ։ Եթէ աղջիկը փախցնելու պարագան չըլլար, Մուրատ Ակոն արդէն պատրաստուած էր շատ խոշոր հարսնիք մը ընել։ Փափկանկատութիւն ուզած էր ընել իր խնամուն` Կարօ Մարսուպին։ Է՜հ, ի՞նչ պիտի զգայ, երբ հեռուէն զուռնի ձայնը լսէ։

Չէ, չէ, հարսնիքը առանց զուռնի թո՛ղ ըլլայ։

Եւ այդպէս ալ եղաւ։

Հարսնիքի օրը Կարօ Մարսուպ բարկացեր էր իր կնոջ, բարկացեր էր աշխարհի ու ինքն իր դէմ։ Երեսն առեր գեղէն դուրս էր գացեր՝ մարագին կտուրը շինելու։

***

Ալ ամէն օր Կարօ Մարսուպ, երբ եկեղեցիէն դուրս կու գար, ոչ ոքի հետ կը խօսէր, ոչ ոքի երես կը նայէր, ուղղակի տուն կ’երթար, իրեն միակ բարեկամներով՝ եզներով զբաղուելու։ Գիւղացիք զարմանքով կը նկատէին, որ Կարօ Մարսուպ փոխուեր էր, շատ էր փոխուեր։ Երեսը նիհարցեր էր, պեխերն աւելի առատացեր, ու ալ չէր խօսեր։

Եկեղեցիի ճամբուն վրայ յաճախ Նունիկն ու Մուրատ Ակոբի կինը կը հանդիպէին իրարու։

Քեզի ի՜նչ եղաւ, տնաշէն, օր մը չես շտկիր աղջիկդ տեսնել գալ,   խօսեցաւ Մուրատ Ակոբի կինը՝ քթախոտին տուփը երկարելով։

Չեմ կրնըր, ղուրպա՛ն Թուրիկ, էրիկս որ կայ…,    խօսեցաւ Նունիկ՝ կոպերուն տակ ծոցուորած արցունքները սրբելով։—   Էսօր լման ամիս մըն է, որ աղջկանս կարօտը կը քաշեմ։ Ինտո՞ր է Մուրատը։

Ի՞նչ մեղքս պահիմ, Մարուշը հօր անունը չտար, ֆախաթ մայրը տէի խենթ կ’ըլլի։

Մէկ օր չէ, երկու օր չէ, մայր էր, ինչպէ՜ս դիմանար։ Օր մըն ալ Մարուշի կեսրոջ հետ տուն գնաց` տեսնելու աղջիկը, նաեւ փեսան, որուն կարօտն ալ զարմանալի կերպով խառնուած էր իր աղջկան կարօտին հետ։

Մարուշ որքա՜ն փոխուած էր, կ’ըսես հասակն աւելի երկարեր, թեթեւ գիրութիւն մը առեր էր, աչքերն աւելի սեւցեր էին, ձայնը փոխուեր էր։ Լաչակէ քողքին ներքեւ Մարուշ աւելի էր գեղեցկացեր։

Ի՞նչպէս ես, աղջիկս, հանգի՞ստ ես,   առանձին հարցուց մայրը, արցունքէ եւ ուրախ գրկտուքէ յետոյ։

Շատ հանգիստ եմ, մայր,   խօսեցաւ Մարուշ` իր մօր լաչակին ձեւը շտկելով։—   Կեսուրս ու կեսրարս չեն ձգեր, որ վրաս փոշի իջնայ։

Երթամ, աղջիկս, հիմա զալըմ հայրդ ուր է, ուր չէ տուն կուգայ, էսօր քաղաք է գացեր։ Լսէ, որ հոս եկած եմ, ալ Աստուած հոն գործ չունի։

Քիչ մըլ սպասէ, հիմա Մուրատը կուգայ. շորախը մուկ հանել գացեր է։

Նունիկի ոտքը առաջ չէր երթար, կ’ուզէր տեսնել նաեւ Մուրատը, որուն կարօտի ու սիրոյ ծանրութիւնը Նունիկի մէջ Մարուշի դէմ դիմաց կշիռք էր բռներ։

Զոքանջդ վերն է,   խնդումերես լուր տուաւ Մուրատի մայրը, երբ Մուրատ, դորդան մտած, բահը ուսէն վար առաւ։

Մուրատ վրան գլուխը շտկեց, վեր ելաւ անհամբեր ու յարգանքով զոքանջ մօր ձեռքն համբուրեց։ Նունիկ ալ Մուրատի ճակատն համբուրեց, գուրգուրաց։

Շատ մուկ հանեցի՞ր,   խօսեցաւ Նունիկ` Մուրատի ուսին փոշիները թօթուելով։

Նունիկ կ’աճապարէր, արդէն շատ ուշ էր մնացեր, նոյնիսկ կերակուրը դեռ պատրաստած չէր։

Էսքան ատեն ո՞ւր էիր, կնի՛կ. էս ատեն նէ ժամ կը մնայ, նէ՛ աղօթք,   խօսեցաւ Կարօ Մարսուպ։

Նունիկն ինչ ըսէր։ Ըսէ՞ր, թէ Մարուշը փոխուած էր ու աւելի գեղեցկացեր, Մուրատն ալ ըսես ամբողջ շնորհք է։ Ըսէ՞ր, թէ երկուքն ալ երջանիկ են։ Աստուած արեւնին երկար ընէ։ Ինչպէ՞ս ըսէր։ Եթէ գիտնար…

Ժամուն ճամբան խաթուն մամային հետ խօսքի բռնուեցանք։

Ճէհէննմը։ Չես ըսեր, որ տունի տէր եմ։ Աղէկ կ’ընէք, Նունիկ. կ’երեւայ մէր ու աղջիկ Կարօ Մարսուպին ծերանալուն կը սպասէիք։ Չէ՛, չէ՛, տահա ծերացած չեմ…

Թըդ, թըդ…

Կնիկ, լեզուդ քեզի քաշէ, թէ չէ…

Նունիկ այլեւս շաբաթը մի քանի անգամ ասեղը շուք կ’ընէր եւ իր աղջիկն ու փեսան տեսնելու կ’երթար։ Կարօ Մարսուպ նկատեց այդ։

Կնիկ, հեղ մըն ալ չտեսնեմ, էս առաջին ու վերջին անգամ թո՛ղ ըլլի,   սպառնաց Կարօ Մարսուպ։—   Չես ըլ ամչնար, աղջիկ տէի անունը կուտաս։ Էդ աղջիկը քու կաթը չէ կերեր, շան կաթ է կերեր, շան կաթ։

Հակառակ Կարօ Մարսուպի սպառնալիքներուն՝ Նունիկ աչքկապ կ’ընէր ու կ’երթար։ Ախր մայր էր, ինչպէ՞ս դիմանար. ի՞նչ հոգ, թո՛ղ ծեծէ, թո՛ղ սպաննէ, միայն թէ թող չզատէ իր աղջիկէն։

Կարօ Մարսուպ այն օրը որ քաղաք երթար, Մարուշն ալ երբեմն պատեհութիւն կ’ունենար իր մօր այցելելու։ Կ’երթար ամանները կը լուար, մօր լուացքին կ’օգնէր, ներս դուրս կ’աւլէր ու հօր կերակուրը պատրաստելու համար օճախ կը շտկէր։

Գնա, աղջիկս, հայրդ ուր է, ուր չէ կուգայ,   կը զգուշացնէր մայրը։

Մարուշ կը վերադառնար էրնանցը։

Նունիկ կ’երթար ու կուգար իր աղջկան քով։ Կարօ Մարսուպ գիտէր այդ ու այլեւս չէր խօսեր, մանաւանդ որ քահանան մի քանի անգամ դիտողութիւն ըրած էր։

Մարսուպ, միսը եղունգէն զատել դժար է, ախր տարիք առած մայր է։

Այդ ձմեռ Մուրատ Ակոբը բարեկամներու միջոցով փորձեց Կարօ Մարսուպն իր տունը հրաւիրել։

Չէ, չէ, որ գերեզմանիս վրայ մէկ թիզ խոտ բուսնի, գիտցիր, որ էս բաները չեմ մոռցեր,   կը խօսէր Կարօ Մարսուպ, երբ քահանան Ծնունդի առիթով ուզեց երկու խնամիներն իրարու հետ հաշտեցնել։—   Ինծի աղջիկ չկայ, տէրտէր, ես աղջիկ չունիմ։

Անցան ձմեռն ու գարունը։ Կարօ Մարսուպ, իր գործին մժղլած, գիւղի գործին այլեւս չէր խառնուեր։ Եկեղեցիին մէջ կը տեսնէր, որ ժամկոչը կանթեղին մէկը վառած չէր։ Վարդերը խաչհամբոյրի կը մօտենար։ Այս անգամ ոչ միայն կապերով կօշիկ ու պասմայով շալվար հագեր, այլ կապած էր նաեւ սպիտակ լաչակ։ Կարօ Մարսուպ կը տեսնէր այս բոլորը ու լուռ կ’անցնէր շատ դժուարութիւնով։

Կալի ու կուտի ատեն էր։ Կալերուն մէջ փոշի, աղմուկ, պատ-պատ ոսկեգոյն ցորենի խուրձեր։ Այգիները՝ սարբինաներուն վրայ օրէ օր կը ծանրանային խաղողի կոյզերը լեցուն. ծառերուն վրայ պտուղները հետզհետէ կը ծանրանային ու ցանկապատերէն դուրս կը կախուէին։ Գեղով մեծ ու պզտիկ կալի աշխատանքին լծուած էին իրենց բարի եզներուն հետ։ Մուրատ կալի մէջ խուրձ կը ձգէր. Մուրատ Ակոն խուրձերուն գօտիները կը քակէր։ Կալին ճամբէն, ցանկապատէն վար կախուող պտուղներու շուքին ներքեւէն կալը հաց տանողը Մարուշն էր։

Մարուշի հասակն իր տեղը հանգչած էր այլեւս։ Կուրծքը հետզհետէ կը խոշորնար։ Արեւածաղիկի կլորութիւնով կուրծքին կպած ստինքները օրէ օր կը թուլնային ու պտուկներն աւելի կը թխանային։ Ուսերը աւելի տարածուած էին, կողերն աւելի կը լայննային։ Մարուշ ծոցուոր էր ու օրէ օր կը ծանրանար, ինչպէս սարբինաներէն վար կախուող ողկոյզը խաղողին։ Մարուշ կալի ու տունի աշխատանք չէր ըներ այլեւս, եւ Նունիկ աւելի յաճախ կ’այցելէր իր աղջկան։

Երեկոյ մը, երբ Մուրատ Ակոն կալէն տուն վերադարձաւ, լսեց երախայի մը ճիչը։ Մուրատ Ակոբին թոռնիկն էր, որ մի քանի ժամ առաջ աշխարհ էր եկած ու լալու ձայնը աշխարհ էր բռներ։

Աչքդ լոս, Ակո՛բ, տղայ է, տղայ,   խօսեցաւ դայեակը` փոքրիկ երախան ափին մէջ լաթի կտորի մը պէս ջուրին մէջ թաթխելով։

Մի քանի դրացի կիներ ալ եկած էին, աղբիւրէն ջուր կը կրէին, լաթեր կը փռէին պարանին վրայ։ Նունիկն ալ դայեակին կ’օգնէր։

Ինչո՞ւ կուլաս, հը՛, դէ՛հ, հայտէ լաթեր հագիր, որ մէկտեղ կալ երթանք,   ուրախութենէն կը խօսէր Մուրատ Ակոն ափ մը երախային հետ։

Տէտէն է ելեր, տէտէն. քիթը բերանը ճիշդ Կարօ Մարսուպին կը նմանի,   դայեակն աւելցուց` իր շատ կանուխ ըրած նմանութեան հեղինակութիւն տալով։

Երեկոյին, երբ Նունիկ տուն վերադարձաւ, ուրախութենէն ինքզինք չկրցաւ զսպել։

Աչքդ լոս, արիմարդ, Մարուշը տղայ մըն է բերեր։ Դայեակը կ’ըսէ, որ քիթն ու բերանը Կարօ Մարսուպին կը նմանի։

Կարօ Մարսուպ, ինքն իր մէջ հետաքրքրուած, լսեց իր կնոջ խօսքերը, սակայն ձայն չհանեց, որպէս թէ ոչինչ լսեց. եզներն ախոռ ըրաւ ու շտկուեցաւ եկեղեցի։

Մարուշ այլեւս մայր էր եղեր` երիտասարդ մօր մը բոլոր շնորհներով ու գեղեցկութիւններով։ Փոքրիկը փաք իստակ կը հագուեցնէր, որուն աչքերը, քիթը, բերանը սկսած էին հետզհետէ ձեւի գալ։

Կարօ Մարսուպն է ելեր, Կարօ Մարսուպը՝ կը խօսէին տեսնողները։

Կարօ Մարսուպ իր խստութենէն բան չէր պակսեցներ, սակայն ամէն անգամ որ տուն կ’երթար, տարօրինակ հետաքրքրութիւն կ’ունենար։ Կը սիրէր, որ Նունիկ իր թոռնիկին մասին խօսի։

Հեղ մը տեսնես, արիմարդ, լոսի կտոր է, էնպէս կը խնդայ։

Օր մըն ալ դաշտի մէջ աշխատած պահուն Կարօ Մարսուպ զգաց, որ իր մէջ անհասկնալի ու լաւ տրամադրութիւն մը կայ այնպէս, ինչպէս մարդ կ’ունենայ յաճախ ու պատճառը կը փնտռէ։ Պատճառը չի կրնար գտնել։ Լաւ տրամադրութիւնը կը սրբուի յետոյ, երբ կը գտնէ, որ ոչինչ կայ, միայն թէ գիշերը լաւ երազ մըն է տեսեր։ Կարօ Մարսուպ փնտռեց այդ անհասկնալի տրամադրութեան պատճառը։ Հա, գտաւ. երբ տուն երթար, Նունիկ թոռնիկի մասին բաներ պիտի պատմէր։ Երեկոյին երբ գնաց տուն, Նունիկ ոչինչ պատմեց։ Կարօ Մարսուպ անհանգստութիւն մը կը զգար։ Ինչպէ՜ս հարցնէր, չէր ուզեր հարցնել. չէ, չէ, իր խստութենէն վար չէր ուզեր գալ, երբ յանկարծ միտքը կ’իյնար իր աղջկան արարքը։

Նունիկ, էսօր ո՞ւր էիր գացեր։

Էսօր տունը լուացք ըրի։

Տեղ չէի՞ր գացեր։

Չէ։

Հի՛չ տեղ չէի՞ր գացեր։

Չէ, արիմարդ, ո՞ւր ունիմ, որ ուր երթամ։

Կարօ Մարսուպ կ’ենթադրէր, որ անպայման թոռնիկին քով գացեր էր Նունիկ, սակայն ինչո՞ւ չէր պատմեր։ Կարօ Մարսուպ անհանգիստ կը զգար, անհանգիստ։

Նունիկ։

Ի՞նչ է, արիմարդ։

Էսօր Կարուկենց հարսին երախան տեսայ։ Էնպէս աղուոր է։

Աղուոր է, արիմարդ։

Զարմանալի էր, Նունիկ չէր խօսեր թոռնիկին մասին, կարծես դիտմամբ կ’ընէր, որ Կարօ Մարսուպը բարկացնէ։ Նունիկն ալ բնաւ մտքէն չէր անցներ, թէ ինչ ըսել կ’ուզէր էրիկը։

Կարօ Մարսուպի համբերութիւնը հատաւ։

Նունիկ։

Ի՞նչ է, արիմարդ։

Նունիկ, թոռնիկդ տեսա՞ր էսօր։

Կարծես Նունիկի մէջ լոյս մը ծագեցաւ յանկարծ։ Էրիկն այդ հարցումը բնաւ ըրած չէր, բնաւ, բնաւ…

Տեսայ, արիմարդ, կ’ըսես Աստուած եօթն օր թոռնիկին վրայ է աշխատեր։ Մարուշն ըսաց, որ «ա՜խ» ըրէ։ Տեսնեմ ձեռքը վերցուց ու ինծի զարկաւ…

Ի՞նչն է, որ Կարօ Մարսուպ իր խստութենէն վար իջեցուց ու իր թոռնիկը հարցուց։ Չէր ուզեր իջնել, սակայն չէր կրնար դիմանալ։ Անհանգիստ էր, անհանգիստ։

Երեկոյ մըն ալ Կարօ Մարսուպ եկեղեցիէն կանուխ տուն վերադարձաւ` ցորենը ճըվալներուն մէջ լեցնելու, որ վաղը քաղաք տանէ։ Երբ տուն մտաւ, բա՜, ի՜նչ տեսնէ, Մարուշը տունն էր՝ փոքրիկը գրկին։

Կարօ Մարսուպի ճակատին կնճիռները թնկճուեցան յանկարծ։ Առաջին անգամն էր, որ շտկէ շիտակ իր աղջկան երեսը կը տեսնէր եւ աւելի թարմ յիշեց անոր արարքները։ Ու քիչ մնաց, որ պոռար աղջկան երեսին. «Անցիր տունէն, դուն իմ աղջիկս չես. ես քեզի պէս աղջիկ չեմ ուզեր»։ Սակայն զսպեց ինքզինք ու ներս մտաւ` ցորենը ճըվալներուն մէջ լեցնելու։

Նունիկ թելադրեց Մարուշին, որ մօտենայ հօրը։ Մարուշ համարձակութիւնը ունեցաւ փոքրիկը գրկին ներս մտնել։

Հայրի՛կ։

Կարօ Մարսուպ ձայն չէր տար։

Հայրիկ, վաղը քաղաք որ երթաս, Մարտիկին կօշիկներ բեր։

Կարօ Մարսուպ նորէն լռեց։

Հայրի՛կ։

Մարուշ արցունքոտ աչքերով ուզեց վերադառնալ։ Հայրը նայեցաւ ետեւէն, տեսաւ, որ թոռնիկը, ետեւ ծռած, իրեն կը նայէր ու թաթիկներով բաներ մը կ’ընէր։

Մարո՛ւշ,   ձայն տուաւ Կարօ Մարսուպ։

Մարուշ հօրը նայեցաւ. անոր ճակատին կնճիռները սրբուած էին։

Ի՞նչ տեսակ կօշիկներ, Մարուշ,   հարցուց Կարօ Մարսուպ` թոռնիկն իր գիրկը առնելով։—   Ինչքա՜ն մեծցեր է, Մարուշ։ Հա, պզտիկ կօշիկներ, կարմիր կօշիկներ,   թոռնիկին ոտքերը ափին մէջ առնելով։—   Տէտէն վաղը Մարտիկին պզտլիկ կօշիկներ պիտի բերէ, հա՞…