Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՄՕՆ ՈՒ ԿԻՐՕ


Էն լեռան բոլոր, շալ գօտիի պէս մէջքին

Փաթթուած ճամբան է ոլոր,

Ուրկէ կ’անցնէին ուղտի կար’ւաններ, նուռով

Ու կուժով բեռցած ջորիներ.

Կ’անցնէին կառքեր, զինուորներ փոշոտ, ծակ

Կօշիկներով։

Էդ ճամբայէն էր, որ կը քալէին Սիմօնն ու Կիրօն։

Կէս օրուայ շողն էր. կար’ւան չէր անցներ.

Ամբողջ միջոցին մէջ չէր երեւեր

Մարդ ու մարդասան։

Վերն երկու ամպ կար, իսկ վարը՝ Սիմօն,

Կիրօն ու էշը։

Կիրօ ջան, Կիրօ։

Ի՞նչ է, Սիմօ ջան։

Էդ էշն յոգնեցաւ, մեղք է, Կիրօ ջան,

Եկ հանգստանանք էս թթենու տակ։

Իրաւ որ, էշը՝ դունչը կախ ձգած,

Ականջին մէկը ետեւ ծալլուած, պարանին

Բեռը հազիւ կը տանէր։

Կէս օրուայ շողուն, վերն արագիլ մը

Ստուերն էր ձգեր գորշ ճամբուն վրայ։

Կէսօրուայ շողուն՝ էշն ալ իր կարգին

Յոգնած, քրտնած ձէնը կը ձգէր։

Դէ՜հ, քիչ մ’ալ քալենք, Կիրօ ջան, քիչ մ’ալ։

Ծառերուն մէջէն ինչ որ բուխերկի ծուխ կը նշմարեմ։

Կէս օրը անցաւ։ Ճամբու ճամբորդներ

Մէկ-մէկ դուրս եկան.

Դուրս եկան անցան, մի քանի անգամ

Ետեւ նայեցան. տեսան Կիրոյի ուսերուն

Վրայ թառած ջուխտ աքլոր։

Սիմօնն ալ հսկայ, կայծակէն վառուած

Կաղնու էր նման.

Ու ուսին դրած էր ձող մը բարակ, շիտակ ու երկար։

Էշին վրայ կար շատ հաստ ու ծանր պարան մը դրուած։

Պարանին երկու կողմերէն կախուած կային կօշիկներ.

Կախուած էր նաեւ ջուր խմելու թաս, սեւ կոթ դանակ մը

Քանի մօտեցան բոլորակ ծուխին, լսեցին

Ձայներ գեղէն ու դաշտէն։

Տեսան մշակ մը, որ կը շարժկլտար,

Վար կ’ընէր հեռուն։

Բարեւ քեզ, աղբեր,   ձէն ձգեց Սիմօն։

Ասծու բարին քեզ,   խօսեց մշակը։

Էդ գեղն ի՞նչ գեղ է։

Փէրչէնջն է, աղա։

Էդ գեղ մե՞ծ գեղ է։

Հէլպէդ մեծ գեղ է,   եզները կեցուց, խօսեց մշակը,

Մեր գեղը ունի հարիւր լծվար եզ,

Ժամ ու վարժատուն, երկու մեծ ձիթհանք,

Չորս հինգ հատ ջաղացք, երկու սրբանոց.

Մին Սուրբ Եղիան է, մէկն ալ Սուրբ Վառվառ։

Աղբեր ճան, ըսէ, էդ գեղն երթալու ո՞րն է

Կարճ ճամբան։

  Հը՛, էդպէս կ’երթաք,   ցոյց տուաւ մշակն

Իր ձեռքի երկայն բարակ մասայով։—

Էնտեղ Նոր ջուրն է. Նոր ջուրը կ’անցնիք,

Կ’երթաք, հա՛ կ’երթաք։

Հոն մեր սանահօր արտը որ հասնիք,

Կը տեսնէք երկու ճամբայ կը զատուի.

Սաղ կողմի ճամբան բռնեցէք իջէք,

Էնտեղ կը տեսնէք գեղի ջաղցներ։

Մեր ճամբորդները էշին հետ մէկտեղ սանահօր

Արտին քովէն զատուեցան, ջաղցներն իջան։

Ա՛լ կը լսուէին շուներու հաջոց, աքլորներու կանչ,

Ջրաղացներու չախչախի չխկոց։

Հեղ մըն ալ տեսնես, Կիրոյի ուսին թառող

Աքլորներն ալ թափ-թեւ զարկին ու գիւղի

Բոլոր աքաղաղներուն հետ ձէն ձգեցին.

Կու կու կու լի կու։

Ջաղցիպան Նաւօն ջաղցի դրան քով

Քար կը կռանէր։

Ջաղցիպան Ղուկօն դրան մէջ կեցած՝ վրայէն

Գլխէն ալիւր կը թօթուէր` չպուխը բերնին։

Ջաղցիպան Մակար ճաղատ գլուխը դռնէն

Դուրս հանեց, երբ մօտէն լսեց նոր աքլորի ձայն։

Խէ, խէ, խէ, Նաւօ, հրա՞շք է ի՛նչ է։

Երկու աքլորներ ուսերու վրայ ձէն կը ձգէին՝

Ձէն ձէնի տուած։

Խէ, խէ, խէ, խէ,   հաստ Մակար խնդաց`

Իր փորը բռնած։

Ջաղցիպան Նաւօն իր մուրճը ձեռքին

Զարմացած կեցաւ.

Բա, էդ ի՜նչ մարդ է, էդպէս լայն պեխեր,

Էդպէս խոշոր քիթ.

Ուսին էդ ձողը շիտակ ու երկար։

Հե՜յ Ղուկաս, Ղուկաս, Աստուած է վկայ,

Փէհլիվաններ են,   խօսեցաւ Նաւօն իր դրացիին։

Բարեւ քեզ աղբեր,   խօսեցաւ Սիմօն։

Ասծու բարին քեզ,   ձէն տուաւ Նաւօն։

Ղուկաս զարմանքով դիտեց Սիմոյի թելլիկը գլխին.

Ու կամաց դիտեց։

Կիրօն քէօսէ էր. երեսին վրայ մազ պեխեր չունէր։

Էնպէս կը նայէր, կ’ըսես՝ երկնքի սատանաներուն

Դարվար թափիլը աչքովն էր տեսեր։

Ղուկաս զարմանքով դիտեց Սիմոյի թելլիկը գլխին.

Բանուած էր կարմիր-կապոյտ թելերով զոյգ աքլոր ու լոր.

Ցոյց տուաւ Նաւօն հաստ մուրճը ձեռքին։

Բանուած աքլորներն դէմ դէմի էին` ճանկերով

Մէյմէկ կեռ-կոր թուր բռնած։

Ամօթ չըլինի հարցնել, աղբեր, ո՞րն է ռէսի

Տունը այս գեղին։

Հը՛, էդպէս կ’իջնես, կը դառնաս սաղիդ.

Ժամտունը հոն է,

Ցոյց տուաւ Նաւօն հաստ մուրճը ձեռքին։

Ժամտուն որ անցնիս, փողոցի վրայ ճաղերը

Փրթած սայլ մը կը տեսնես,   աւելցուց Ղուկաս։—

Հը, ճիշդ էնտեղ է ռէս Առաքելի

Մեծ տունը, աղբե՛ր։

Էնտեղ կը տեսնես Մղտես Ակոբենց ցուիքէն՝

Խորշոր շուն մը հաստ ձէնով դարվար կը հաջէ.

Էնտեղ է, էնտեղ՝ ռէս Առաքելի

Մեծ տունը աղբե՛ր,

խօսեցաւ Նաւօն։

Սիմօն ու Կիրօն յոգնած էշին հետ ուղիղ գիւղ մտան։

Փողոցի հաւեր թառվառ սկսան կռկռոց հանել։

Շուներ չորս կողմէն, որը հապճեպով,

Մսավաճառի խանութին քովէն,

Որը բակերէն, որը կտուրէն՝ ձէն ձէնի

Տուին աքլորներուն հետ։

Հէ՛յ գիտէ՞ք ի՛նչ կայ,   հեւիհեւ վազեց,

Կտուրէն ցատկեց, լուր տուաւ Կրպօն՝

Իր ընկերներուն։

Աստուած է վկայ, աչքովս տեսայ. որ սուտ եմ՝

Քոռնամ, խաթուն հօրքուրի ծռած պատն ըլլիմ,

Հովի պէս ըսես, բիբոսդ կանգնեցաւ կտուրին

վրայ պատանի Սրգօն.

Որ սուտ եմ, Աստուած թող առնէ հոգիս.

Երկու փէհլիվան…

Երկու փէհլիվան,   մէջ ինկաւ Կրպօն աճապարանքով,

Երկու փէհլիվան ռէս Առաքելի դռնէն ներս մտան։

Մէկին պօյն էնպէս, էնպէս երկար է,

Որ էստեղ կագնի, Աստուած է վկայ,

Գլուխը Թորկանց ցուիքին կը հասնի։

Հապա պեխե՛րը…,   բաց-բաց աչքերով

Խօսեցաւ Կրպօն։

Պեխերը հաստ-հաստ՝

Ականջին ետեւ ոլոր են կապեր։

Ծօ Կրպօ, ինչո՞ւ սուտեր կը ջարդես.

Ի՞նչ ոլոր, ի՛նչ բան։

Է՛հ, դուն ի՞նչ գիտես։

Ես շատ մօտն էի, ճիշդ ոտքերուն քով։

Ես ալ մօտն էի. հը, ճիշդ այս ձեռքով

Էն հաստ ու երկար կապը բռնեցի։

Դուն հի՛չ չես գիտեր։

Իշտէ պեխերը ոլոր էր կապեր։

Իշտէ չէր կապեր։

Հեղ մըն ալ տեսնես, երկու մանուկներ

Աքլորներուն պէս մօտ մօտի եկան։

Իշտէ կապեր էր…

Իշտէ չէ՛ր կապեր…

Մօտ մօտի եկան ու փաթթուեցան իրարու մէջքին։

Սրգօն փոքր էր, Կրպօն՝ մի քիչ մեծ։

Վար ինկաւ Սրգօն երեսը գետնին՝ քիթն

Արիւնեցաւ ու սկսաւ լալ։

Սրգօն արիւնոտ քիթը սրբելէն՝ Կրպոյէն

Հեռու փախեցաւ յանկարծ ու յամառեցաւ։

Իշտէ պեխերը ոլոր չէ՛ր կապեր…

***

Այդ երեկոյին Սիմօն ու Կիրօն

Ռէս Առաքելի առատ սեղանին մասնակից էին։

Անդին մշակներ ու բանուոր կիներ, սեղան բոլորած,

Մտիկ կուտային Սիմոյի խօսքին։

Ես ինտոր ըսեմ, ռէս Առաքել ճան.

Լարն էնպէս բարձր էր, որ ղուշի խանատ

Հազիւ կը հասնէր։

Ռէս ճան, էն տարին Սուրբ Կարապետի

Ուխտաւորները էնքան շատ էին,

Կ’ըսես, ամբողջ հողն ինսան էր կտրեր։

«Եա, Սուրբ Կարապետ…»,   ըսի ու ելայ

Պարանին վրայ։

Հազար-հազար աչք ինծի կը նայէ,

Երբ ես պարանէն դարվար նայեցայ,

Ուխտաւորները սեւ բզէզներու պէս կ՚երեւէին.

Կապն է՛նքան բարձր էր։

Ռէս Առաքել ճան, պարանին վրայ ոտքի

Որ ելայ, Սուրբ Կարապետը, կ’ըսես, կռնակիս

Զոյգ թեւեր անցուց։

Ալ ես ի՜նչ գիտեմ. ծտի պէս թեթեւ,

Հազար-հազար մէկ խաղեր ես խաղցայ էն պարնի վրայ։

Հէ՛յ ղուրպան ըլլիմ Սուրբ Կարապետի

Զօրաւոր զօրքին,

Ռէսի կինն էր, ձայն տուաւ կամաց։

Իմ մօր երազն է, Սուրբ Կարապետի

Տուած մուրազն է, հէյրան խաթուն ճան,

Խօսեցաւ Սիմօն` պեխը սոթթելով ու ռէսի

Կնոջ դէմքը նայելով։

Հը, էն օրուանէն՝ Պարսիկի Շահը

Լսեց անունս, զիս իր մօտ կանչեց։

Փէհլիվան Սիմօն ծխախոտի մեծ տուփը

Բաց ձգեց ու շարունակեց.

Զիս իր մօտ կանչեց…

***

Կիրօն ալ, անդին սուս ու փուս նստած,

Մերթ-մերթ կը դիտեր ռէս Առաքելին

Կնոջ լոյս դէմքը ու ձէն չէր հաներ։

Ունքուըները կեռ՝ ճակատին վրայ կամար էր կապեր։

Կինը ճահիլ էր, կարմրուկ թշերով, սեւուկ աչքերով.

Ռէս Առաքելի առաջի կինը դեռ նոր էր

Մեռեր. մէկ տարի չկար։

Ակնայ կողմերէն գացեր բերեր էր էս երկրորդ կինը։

Իւղաբեր խաթուն փափուկ ու իստակ

Տուն կը դարձնէր.

Լուծք գացողներուն, խոտ հնձողներուն,

Քախնքուորներուն կերակուր կ’եփէր։

Իրիկուն առտու ժամ աղօթք կ’ընէր,

Ժպիտն ալ դէմքէն բնաւ պակաս չէր։

Փէհլիվան Սիմօն շատ բաներ պատմեց։

Էճմու կողմերէն անցաւ Թրքիստան,

Չինու վրայէն խարիսխը մինչեւ Եգիպտոս նետեց։

Երեք ընկերով մենք հասանք Մսըր.

Մսրայ քաղքին մէջ ընկերներս ինձ դաւաճանեցին։

Գացին լուր տուին Մսրայ մեծին,

Թէ հոս եկած եմ,

Թէ քաղքի տակի մութ ճամբաները

Բերնուց կը սերտեմ, որ երթամ

Գտնեմ գերեզմաններն հին թագաւորներուն…

Ալ ես ի՜նչ ըսեմ.

Գացին պատմեցին Մսրայ իշխանին,

Թէ շատ խոր թաղուած

Ոսկէ կուռքի մը աչքերն եմ գողցեր…։

Աշխարհն էդպէս է, ռէս Առաքել ճան։

Աշխարհ պտըտայ, մեր Կիրոյի պէս

Ընկեր չգտայ։

Կիրօն ընկեր է, հոգիով ընկեր.

Վախ որ մեր Կիրօն էն հին օրերուն ինձ

Չհանդիպեցաւ։

Մէկ տարի առաջ «եալանճի եղբայր» ընկեր

Մ’ունէի Վանայ կողմերէն։

Երբ պարնին վրայ ես թեւ կ’առնէի, ինքն ալ

Պար’նին տակ հազար-հազար մէկ խաղեր կը փորձէր։

Մէկ տարի առաջ հալս էսպէս չէր։

Հալպու քաղքին մէջ Արաբստանի խըռ ձի մ’ունէի

Արծաթէ թամբով. քէմերով լեցուն ոսկի ունէի.

Ունէի արծաթ, թանկագին քարեր՝ հազար գոյներով.

Միայն թէ ճանտան ընկեր չունէի։

Մի օր ձիուս դէմ մարդ մը կագնեցաւ,

Խոնարհութիւնով գլուխը ծռեց, էսպէս խօսեցաւ.

«Ապրած կենաս դու փէհլիվան Սիմօ, ծառադ

Վանեցի՝ եալանճի գարտաշ, կրնայ հազար մէկ

Օյիններ խաղալ. դուն պարնի վրայ, իսկ

Ես` պարնին տակ»։

«Վերցուր, գլուխդ, եալանճի եղբայր»,   ձիէն վար

Իջայ, խօսեցայ անոր։

(Հեղ մը որ մէկին ես եղբայր ըսեմ, ալ էն մարդը

Իմ եղբօրմէս խաս է)։

Ես էդ Վանեցին տարի բարձր խան, նորոգել տուի

Գլուխն ու վրան.

Դրամով լեցուն քէմերս բացի, բոլոր ոսկիներս

Առջին թափեցի, ըսի. «Աղբեր ջան, ես եղբայր

Չունիմ, դուն ինձ եղբայր ես.

Ես ինչ որ ունիմ, կէս մասը քուկդ է»։

Մէկտեղ դուրս ելանք, պազարը գացինք,

Էն Քէօր Օղլիի խեմպէր ձիուն պէս ես ձի

Մը առի իմ նոր աղբերիս։

Անցաւ հինգ շաբաթ, դեռ Հալ’պու մէջ ենք։

Առտու մ’ալ յանկարծ արթնցայ թեթեւ,

Տեսայ իմ մէջքին քէմերը չկայ.

Քէմերիս մէջն էր Պարսիկի Շահին տուած մատնին ալ,

Ու թանկ-թանկ քարեր։

Գոյնս նետեցի Մսրայ կուռքին պէս.

Կամաց ձէն տուի իմ նոր աղբերիս.

Տեսայ ձէն չկայ. ըսի ձիերուն կեր տալ է գացեր.

Վար գացի, տեսայ ձիերն ալ չկան…։

Ռէսի կինը մեր փէհլիվանին խօսքերէն յուզուած՝

«Աչքդ քոռանայ, դու հարամ կաթի անառակ զաւակ»,

Անէծքը կարդաց։

Էդ շատ լաւ ըսիր, հէյրան Խաթուն ճան,

Խօսեցաւ Սիմօն, արագ ու ճարպիկ սիկրէթ մը փաթթեց,

Կնոջ աչքերուն մէջ շեշտ նայեցաւ ու շարունակեց.

Ես ալ էն գիշեր շա՛տ յոգնած էի։

Բա՛, ինտո՛ր եկաւ իմ բարձի տակէն քէմերս առաւ,

Խելքս չհասաւ։

Սիմոյի ձեռքէն երկնուց թռչունն էր միակ ազատեր։

Սակայն էս մարդը նամարդ կնկայ պէս զիս

Քնած թողուց ու ազատեցաւ։

Դրամ չունէի. էդ օր կէսօրին գացի սրճարան։

Էն սրճարանը, ուր հին օրերուն Աշուղ

Ղարիպը իր սազն է չալեր։

Տեսայ բոլորը ոտքի կանգնեցան, տեղ տուին ինծի.

Որը էնդիէն սուրճ մը հրամցուց, որը նարկիլէ։

Սազանտարներն ալ եկան ու կարգով շուրջս շարուեցան.

Սազանտարներուն վարպետը ելաւ, իր սազը

Լարեց ու էս տաղն ըսաւ.

Հէյ փէհլիվան, փէհլիվան,

Մուրազի տէր փէհլիվան,

Հա՛լպու քաղքի շէհրէդն ես,

Շան ու շէհրէդ փէհլիվան։

Ես ալ իմ կարգին ոտքի կանգնեցայ, էսպէս

Խօսեցայ.

«Աշուղ Ղարիպը օրհնեց Հալէպը,

Երբ սազը շալկեց, դուրս ելաւ քաղքէն։

Բայց ես կ’անիծեմ, ով բարեկամներ,

Հալպու քաղքին մէջ ես հանդիպեցայ նամարդ ընկերի.

Կորուսի իմ ձին, կորուսի քէմէրս արծաթով լեցուն։

Հա՛, էս օրուանէն կը թօթուեմ փոշին

Հալպու քաղքին»։

Ռէս Առաքել ճան, ինչպէս դանակը յանկարծ

Կը կտրէ վիզը աքլորին,

Էնպէս ալ շուրջիս մարդիկը բոլոր յանկարծ

Մնացին ապշած, կտրուած։

Շատ չերկնցնեմ, էնտեղէն շիտակ պազար գնացի,

Էճմու սուղ շալս ծախու հանեցի

Ու էշ մը առի։

Արծաթ քէմերով, խըռ ձիով մտայ Հալ’պու քաղաքը,

Հալպու քաղաքէն դուրս ելայ էշով։

Գնացի Պաղտատ, Պաղտատէն Մուսուլ

Ու Տիրարպէքիր։

Հը, ճիշդ էնտեղ էր, տեսայ քաղաքի պարսպին

Շատ մօտ, քաղաքէն ելլող ու քաղաք մտնող

Ճամբու ճամբորդներ հաւաքուած էին։

Ես ալ մօտեցայ, տեսայ ճամպազ մը հազար

Հազար մէկ խաղեր կը խաղար.

Երկու աքլորներ կը կռուեցնէր…

Շատ քէյֆիս եկաւ։ Էշէն վար իջայ, ըսի.

«Բարեկա՛մ, փէհլիվան Սիմօնն է, որ կը խօսի.

Ես պար’նի վրայ, դուն ալ պար’նի տակ եալանճի

Եղբայր, եկուր միասին ման գանք էս աշխարհ.

Ըլլանք բարեկամ, եղբայր ու ընկեր. ես ինչ որ

Ունիմ կէսը քեզ կուտամ»։

Հա, գիտէ՞ք, ո՛վ էր էդ մարդը, ռէս ճան.

Էս մեր Կիրօն էր։

Իմ անտէր գլխէն շատ բաներ անցան.

Ընկեր-բարեկամ ես շատ ունեցայ,

Սակայն Կիրոյի պէս ճանտան ընկեր ես հի՛չ չունեցայ։

Էս օրուայ էս օր ես ինչ որ ունիմ, Կիրօ

Եղբօրս է, նոյն իսկ իմ կեանքը»։

Ժամանակն ուշ էր. ռէս Առաքելը

Վաղը շատ կանուխ գործի պիտ՚ լծուէր,

Վար-ցան պիտ՚ ընէր։

Դէ՛հ, կնիկ, շտկէ անկողինները,

Խօսեցաւ ռէսը։

Էս օրուայ էս օր մեր խաս հիւրերն էք.

Տունը ձեր առջեւ ամէն օր բաց է մեր

Սրտերուն պէս.

Կերէք խմեցէ՛ք որքան որ կ’ուզէք։

Ապրած կենաս դուն, ռէս Առաքել ճան։

Ուտել խմելով՝ մարդ մարդու ընկեր չէ՛, որ պիտ՚ ըլլայ։

Աղ ու հաց ըլլայ, միայն թէ մարդու

Սիրտը բաց ըլլայ,   խօսեցաւ Սիմօն։

Կինը սկսաւ անկողին շտկել։

Հէնց որ կը քալէր, անկողնին բարձը

Վար ձգած պահուն հէնց որ կը ծռէր

Ու վեր կը շտկէր,

Սիմոյի սիրտը կրակի տակին՝ տապկի

Մէջ դրուած ձուկի պէս կ’եփէր։

Ա՛խ, ի՜նչ կնիկ էր։

***

Առաւօտ կանուխ ռէսն երբ արթնցաւ,

Խօսեցաւ կնոջ.

Նայէ որ, կնիկ, սանահօր նման թշնամիները չխնդան վրաս։

Երդիքը քակէ, օճախը շտկէ, դուռը

Կոտրտէ ու սեղան շինէ։

Փէհլիվան Սիմօն Պարսկի Շահի հետ,

Սուլթաններուն հետ նստող կայնող մարդ՝

Էս օրուայ էսօր պատիւ է ըրեր մեր տունն է իջեր։

Ինձ կը թուայ, թէ հեռուէ հեռու,

Ինչ որ եր’զի պէս, լսած եմ, կնիկ,

Էս փէհլիվանին անունն ու համբաւ։

Սանահայր Կարուկ հիմա կռնակէն պիտ՚

Փքի պայթի, երբ որ իմանայ, թէ անունի

Տէր Սիմօն փէհլիվան մեր տունն է իջեր։

Հէ՜յ Կարուկ, դուն ո՞վ, ռէս Առաքելին

Հետ չափուողը ո՜վ…

***

Յաջորդ առաւօտ բոլոր գիւղացիք

Բերանէ բերան բերնուց գիտէին։

Զրոց կ’ընէին արտերու ճամբան, ձէթ քարին քովիկ։

Զրոյցը անցաւ տղամարդերէն մինչեւ

Աղջիկներ ու պառաւներէն մինչեւ սուսուփուս հարսները ճահիլ։

Մի՛ ըսեր, աղբեր. աշխարքի վրայ նմանը չկայ։

Էն լարին վրայ ծտի պէս, կ’ըսես, թառվառ ման կուգայ։

Եօթ տարի առաջ Էճմու Շահին հետ մէկ փայթօնի մէջ

Կը նստի եղեր։

Փէհլիվան Սիմօ մի՛ ըսեր անցնիր.

Աշխրքի վրայ ջուխտ մարդ է եկեր՝ լաւ մուրազի տէր.

Մէկ Շահ Իսմայիլ, մէկն ալ փէհլիվան Սիմօնն է, Սիմօնն։

Վախտին Էրզրում թուրք հիւքումէդին երբ ցորէն տարի,

Է՛ն տեղ ես տեսայ փէհլիվան Սիմօն։

Տեսնելու բան էր.

Էնպէս բազմութիւն. հողին համրանք կար,

Մարդոցը չկար։

Փէհլիվան Սիմօն պարանին վրայ թէմամ հրաշք էր,

Կը խօսակցէին բանգէտ գիւղացիք։

Քա Ճուվար, տեսա՞ր,

Խօսեցաւ կին մը ցածկեկ տանիքէն։

Քա ի՞նչը, Թուրիկ։

Տեսա՞ր փէհլիվան Սիմօնի էշը։

Քա դուն ո՞ւր տեսար։

Աղբիւրը ջուրի գացած ատենս։

Բոլոր գիւղացիք աղբիւրը կեցած, Թուրիկ,

Կ’ըսէին, որ էշի նալերն արծաթ է արծաթ։

Կարճուկ էշ մըն էր, չոնչլոտ էշ մը՝ հինցած փալանով։

Սակայն կ’ըսէին, որ երբ փէհլիվան Սիմօնը հեծնայ,

Էշը հրեղէն ձիու պէս կ’ելլէ երկնուց կը թռի։

Գեղի փոքրիկներն այլեւս ռէսի տունին բոլորէն

Չէին հեռանար։

Խեղճ փոքրիկներուն այնպէս կը թուէր,

Թէ ռէսի տունը զուտ ապակիէ շինուած դղեակ մ’էր։

***

Ուղիղ վեց օր էր, Սիմօնն ու Կիրօն

Մեծ հիւրերն էին ռէս Առաքելին։

Ալ ի՜նչ պատիւներ կ ’ըսես, որ չըրին։

Իւղաբեր խաթուն մեր փէհլիվանին առջեւ

Կը դնէր մատակի սերը, մածունն ու կաթը,

Կարագն ու մեղրը.

Անուշ մեղրին հետ անուշ ժպիտներ, միամիտ, բարի։

Ախ ի՜նչ կնիկ էր։

Աշխարհ պտըտայ, Իւղաբեր խաթուն,

Սակայն քեզի պէս ես կին չտեսայ,

Կը խօսէր Սիմօն։

«Աստուած քեզի հետ եօթն օր է խաղցեր,

Իւղաբեր խաթուն, Իւղաբեր խաթուն»։

Սեղանին նստած՝ Կիրօն ալ ծուռ-ծուռ

Աչքը կը ծռէր, ետեւ կը նայէր։

Բա՜հ, էս ինչ բան է, Իւղաբեր խաթուն,

Մեղրն ու ժպիտը, մածուն ու կարագ

Միշտ ալ Սիմօնին առջեւ կը դնէր։

Կիրօն պէտք չունէր կաթին, մածունին

Եւ ոչ ալ մեղրին.

Միայն թէ ռէսի կնոջ ժպիտը թող իրեն ըլլար։

Էնպէս լիք կռնակ, էնպէս լաւ այտեր,

Էնպէս լաւ ժպիտ…

Ախ, ի՜նչ կնիկ էր։

***

Տասներորդ օրն էր. ռէսը իր կարգին խօսեցաւ նորէն.

Էս տունը ձերն է. կերէ՛ք, խմեցէք որքան որ կ’ուզէք.

Մի՛ աճապարէ՛ք։

Երկու շաբաթ վերջ Սրբոյն Եղիայի տօնն է էս գեղի։

Մօտի գեղերէն կիներ, աղջիկներ ու տղամարդիկ

Հոս ուխտի կուգան։

Հա, էն ատենը պարան կը կապենք։

Էդ շատ լաւ ըսիր, ռէս Առաքել ճան,

Մօտի գեղերէն թող հաւաքուին գան։

Էն ուխտի օրը, եօթը գեղերէ, եօթը

Դհոլի ու զուռնի ձէներ ես կը հաւաքեմ,

Աւելցուց ռէսը։—

Եօթը գեղերու եօթ ժամերուն մէջ

Ծանուցում կուտանք,

Թէ անունի տէր Սիմօն փէհլիվան

Խաղեր պիտ խաղայ, պարանին վրայ։

Ապրած կենաս դուն, ռէս Առաքել ճան,

Աստուած գիտէ, թէ Սիմօն փէհլիվան

Ա՛լ այս կողմերը պիտ գա՞յ, թէ չգայ,

Խօսեցաւ Սիմօն, խաթունին նայեց,

Բաժանումն յիշեց։

Խաթունը, իրաւ, բան չհասկցաւ։

Սիմօն փէհլիվան տուն գալէն ի վեր

Խաթունը կ’ուզէր հարցում մը ընել.

Սակայն ի՜նչ ըներ, չէր համարձակեր։

Սիմօն փէհլիվան,   ձայն առաւ խաթուն,

Ամչկոտ, շիկնոտ։

Ի՞նչ է, խաթուն ճան,   ձայն տուաւ

Սիմօն ու արագ հաշուեց, որ մարդ-մուրդ չկար։

Ռէսը լուծքն էր, Կիրօն ալ վարը։

Փէհլիվան Սիմօ, էհ, որ բան մ’ըսեմ չըլլի,

Որ նեղուիս,   խօսեց Իւղաբեր` այտերը իսկոյն նռայ գոյն առած։

Իւղաբեր խաթուն, հրաման ըրէ,

Աշխարհը կլոր նռա պէս բռնեմ ու քեզ նուիրեմ։

Աշխարն պտտայ, քեզի պէս

Խաթուն հիչ տեղ չտեսայ։

Պարսիկ Շահի կինն իմ բարեկամն էր,

Սակայն էն կինը քեզմէ աղուոր չէր։

Փէհլիվան Սիմօն այնպէս հաւատաց,

Որ Իւղաբերը իր մօտ պիտի գար ու ըսէր գաղտուկ,

«Թէ էս տունին մէջ չեմ ուզեր մնալ,

Քեզի հետ կ’ուզեմ աշխարհը ման գալ,

Սուրբ Սարգիսին պէս, քա՛ջ եղիր, փախցուր։

Էս քանի օր է հանգիստ քուն չունիմ։

Գիշերը ռէսը իմ կարմիր թուշը

Երբ կը համբուրէ, դէն, դէն կը տանիմ։

Մտքովս կ’ըսեմ, փէհլիվան Սիմօն էնտեղ

Չարտախը պառկած է մինակ։

Ա՜խ թէ էն ըլլար, գաղտուկ մօտենար, թուշս համբուրեր»։

Փէհլիվան Սիմօ,   նորէն խօսեցաւ խաթունը շիկնոտ։

Ըսէ, խաթուն ճան։

Դուն որ էդ պարնին վրայ կը խաղաս,

Սուրբ Կարապետը աչքիդ կ’երեւա՞յ,

Հարցուց Իւղաբեր, հարցումն իր բարի ու շատ միամիտ…

***

Իւղաբեր խաթուն, Իւղաբեր խաթուն,

Ցորեկ կէս օր մը ձէն տուաւ Սիմօն.

Մինչ Իւղաբերը օճախը վառած կերակուր կ’եփէր.

Ու յետոյ մարագ գնաց, որ հաւկիթ

Բերէր ու խաշէր։

Իւղաբեր խաթուն, Պարսիկ Շահի կին…,

Խօսեցաւ Սիմօն ու ռէսի կնոջ

Ետեւէն կամաց մարագը մտաւ։

Ռէսի կինը գոյն տուաւ առաւ,

Ամբողջ մարմինը քրտինք մը բռնեց ու չգիտցաւ, թէ

Ինչպէ՜ս հաւնոցէն հաւկիթներն առաւ

Ու շուտ դուրս ելաւ։

  Պարսիկ Շահի կինն ըսաւ` եկ փախչինք…,

Կը շարունակէր փէհլիվան Սիմօն։

Կիրօն չարտախէն տեսաւ, որ մարագէն

Սիմօնն ու ռէսի կինը՝ Իւղաբեր, զոյգ դուրս կ’ելլէին։

Ռէսի կինը էնպէս կարմրեր, քունքերուն

Վրայ քրտինք էր պտղեր ու շալվարէն վար

Ցախեր էր փակեր։

«Չէ, էսպէս չըլլար,   մտածեց Կիրօն,

Մեղրը Սիմօնին, կաթը Սիմօնին,

Ռէսի կնոջ թուշն ալ Սիմօնին»։

Էսօր տասն օր էր իրեն երեսին հիչ նայող չկար։

Կիրօն մտածեց, մտածեց երկար

Ու էս փորձն ըրաւ։

Կիրօն այդ առտու կանուխ արթնցաւ,

Ռէսը դաշտն էր մշակներուն հետ.

Սիմօնն ալ պառկեր խոր կը քնանար։

Իսկ ռէսի կինը ցանկապատին քով կծիկ կը կծկէր։

Կիրօն վար իջաւ, երկու աքլորներն

Ուսերուն վրայ, ուղիղ վեր ելաւ։

«Չէ, էսպէս չըլլար, մեղրն ու կարագը

Ձգեմ Սիմօնին, միայն թէ ռէսի

Կնոջ կարմրուկ թուշը ինձ ըլլար»։

Երկու աքլորներ Կիրոյի ուսէն

Թըռ վար ցատկեցին։

Իւղաբեր խաթուն, Իւղաբեր խաթուն,

Սկսաւ Կիրօն հտպիտի ճարպիկ, խօսքով շարժումով,

Աստուած է վկայ, աշխարն որ ինձ տան,

Էս աքլորներս նորէն ես չեմ տար։

Իմ աքլորներուս կարմիրն որ կանչէ,

Պարսիկի Շահը իր արաբ ծառան

Իր քով կը կանչէ ու էսպէս կ՚ըսէ.

«Հեռու, հեռու տեղ աքաղաղ մը կայ,

Ձայնը կը լսեմ, սակայն չգիտեմ,

Թէ ուր կը մնայ.

Ձի հեծիր արագ, լեռներէ անցիր,

Անցիր ծովերէ,

Շուտ գտիր, հոս բեր։

Որ դառնաս պարապ,

Աստուած է վկայ,

Գլուխդ կ’երթայ»։

Էդ արաբ ծառան սեւ ձի կը հեծնայ,

Ծովեր կը կտրէ, աշխարհ կը դառնայ.

Ու պարապ ձեռքով նորէն ետ կ’երթայ։

«Ապրած կենաս, շահ,

Անցայ Հնդկաստան, կեցայ Չինաստան,

Սեպ, Պելուճստան,

Հարց ու փորձեցի, սակայն չգտայ։

Ա՛ռ իմ գլուխը

Քեզ հալալ ըլլայ»։

Էսպէս շարունակ արաբ ծառաներ

Հերթով կ’երթան` պարապ ձեռքերով միշտ ետ դառնալով,

Անտէր գլուխնին ալ վրայ կուտան։

Էս ոսկի թեւով աքլորն որ կանչէ,

Թուրքի Սուլթանը իր գահին վրայ

Յանկարծ կը տխրի.

«Ախ թէ չգտայ էս ոսկի թեւով

Աքլորն անիրաւ։

Իմ գահը կուտամ,

Իմ թագը կուտամ, միայն թէ

Աքլորն ինձ բերող մ’ըլլար»։

Իւղաբեր խաթուն, ոսկի թեւերով

Աքլորներուս տակ

Հաւը որ ճուկ տայ,

Շատ չէ, տասն օրէն,

Հաւը ոսկիէ հաւկիթ պիտ ածէ…

Իւղաբեր խաթուն թելը վար դրաւ,

Անուշ աչքերով, աղուոր ժպիտով Կիրոյին նայեցաւ։

Ամբողջ տասն օր էր` մեր անտէր Կիրօն

Խաթունի ժպ’տին

Հէսրաթն էր քաշեր։

Ղուրպան Կիրօ ճան,   խօսեց Իւղաբեր,

Բարի միամիտ։—

Հեքեաթի մարդ էք, մեր տունը քիչ է

Ձեր ոտքի առաջ։

Հաւերս կանչեմ, քու աքլորներուդ

Տակը թող ճուկ տան։

Կանչէ, խաթուն ճան,

Կանչէ թող ճուկ տան.

Որ ոսկիներ շարք, քու էդ ճերմակուկ

Ծոցէդ վար կախես։

Միայն թէ մարդու մի՛ ըսեր, խաթուն,

Չըլլայ իմանան, Պարսիկ Շահը,

Թուրքի Սուլթանը։

Մի՛ ըսէր ռէսին, ոչ ալ դրացնիդ։

Իւղաբեր խաթուն «ճու ճու» ձայն ձգեց,

Եկան հաւաքուան հաւերը թիփ թառ,

Ու մէկէն տեսան օտար աքլորներ,

Նաշխուն թեւերով, ծիրանի հագած։

Կլօք հա, կլօք, ձէներ ձգեցին, չինական

Նաշխուն հողմահարի ձեւ թեւերնին բացին,

Կըտ, կըտ, մօտեցան շուար հաւերուն։

Կլօք հա, կլօք, հեղ մ’նալ տեսնես կապուտիկ հաւը

Աքլորի մէկին տակը ճուկ տուաւ։

Կիրօն ու կինը իրար նայեցան։

Կինը շիկնեցաւ,

Երեսի կարմիրը գետին զարկաւ։

Քովի սենեակին դուռը բացուեցաւ,

Սիմօն դուրս եկաւ։

Տեսաւ Խաթունի երեսը շիկնոտ, Կիրօն ալ քովը։

Ռէսի կնոջ երեսն էնպէս էր, էնպէս կարմրեր։

Կարծես Կիրօի հետ էր համբուրուեր։

Կիրօ, հէյ Կիրօ։

Ի՞նչ է, Սիմօ ճան։

Ռէսը էսօր մշակներուն հետ

Վար-ցան է գացեր։

Վար, ախոռ գնա, իշուն կեր ձգէ։

Ախըր վար գնա, տես ի՞նչ հալի է։

Սուրբ Եղիայի երկու օր մնաց.

Պարանը քակէ, բեր դորդան ձգէ։

Կիրօն վար գնաց, սանդուխի ծայրէն

Ետեւ նայեցաւ,

Տեսաւ Սիմօնը ռէսի կնոջ քովը մօտեցաւ

Էսպէս սկսաւ.

Իւղաբեր խաթուն, Պարսկի Շահի կինն…

***

Կէս գիշերին էր, Կիրօն չէր կրնար հանգիստ քնանալ։

Դռնէն դուրս ելաւ, գնաց կանգնեցաւ

Կիսապատին տակ, այն սենեակին մօտ,

Ուր կը քնանան ռէսն ու կինը։

Լուռ կէս գիշերին Կիրօն իր երկու ականջը լարեց,

Որ գէթ իմանար շունչը խաթունին։

Ռէսի կնոջ շունչը չէր լսուեր,

Միայն ռէսն էր, որ խոր քունին մէջ խոր կը խռլտար։

Կէս գիշերին էր. Սիմօն չէր կրնար հանգիստ քնանալ։

Դռնէն դուրս ելաւ, որ գէթ իմանար շունչը խաթունին։

Կիրօ, էդ դո՞ւն ես։

Ես եմ, Սիմօ ճան։

Ի՞նչ կ’ընէս դուրսը, էս կէս գիշերին։

Ի՜նչ ընեմ, Սիմօ, էս եօթ տարի է

Իմ հարազատ տան կարօտ կը քաշեմ։

Ամէն կէս գիշեր, երեք զաւակներս

Կուգան ու գաղտուկ քունս կը գողնան։

Ղարիպին համար, եղբայր Կիրօ ճան,

Էդ լուսնկան է տուն ու հայրենիք։

Ուր ալ որ երթաս, ուր որ ալ մնաս,

Միշտ լուսնկան կայ էդ գլխիդ վրայ։

Ես բերնուց գիտեմ, եղբայր Կիրօ ճան

Թէ մեր լուսնկան քանի ձեռ կ’առնէ,

Աստղերուն տեղը ես շատ լաւ գիտեմ.

Սակայն ես վաղուց, վաղուց մոռցեր եմ իմ տանը ձեւը։

Դե՜հ, երթանք Կիրօ, ղարիպի հալ է։

***

Առաւօտ կանուխ, Սիմօն քնած էր,

Իւղաբեր խաթուն օճախին առջեւ

Կերակուր կ’եփէր։

Իւղաբեր խաթուն, ձայն տուաւ Կիրօն,

Նայէ, ինձ նայէ, Իւղաբեր խաթուն։

Ըսաւ, սկսաւ ճիշդ օճախին քով հտպիտի

Ճարպիկ խաղեր փորձ ընել։

Գլուխը կախեց, ոտքերը վերցուց, ձեռքերուն վրայ

Սկսաւ քալել։ Կիրոյի համար այնքան

Դժուար էր այդ փորձերն ընել։

Վզի երակները տնկուեցան,

Աչքերը կ’ըսես, դուրս պիտի գային։

Յետոյ պառկեցաւ իր մէջքի վրայ,

Ճակատը գետնին դպցուց, վեր ցատկեց զսպանակի պէս։

Իւղաբեր խաթուն ապշած, զարմացած,

Հա, կ’ըսես հիմա Կիրօն պիտ’ գրկէր ու պիտ՚ համբուրէր։

Սիմօն դուրս ելաւ։

Կիրօ, հէյ Կիրօ։

Ի՞նչ է, Սիմօ ճան։

Վաղը, մէկալ օր մեր խաղի օրն է,

Վար գնա էդ մեծ պարանը քակէ։

Չէ, էդպէս չըլլար, ամէն անգամ, որ

Կիրօն ռէսի կնոջ հետ խօսէր,

Տեսնես Սիմօնը վրայ կը հասնէր։

Արդէն չորս օր էր Կիրոյի աչքին

Մեր Սիմօն աղբեր մեծ Սադայէլի կերպարանք ունէր։

Որ ուժ ունենար, Աստուած է վկայ,

Աքաղաղի պէս Կիրօն պիտ՚ անցնէր

Սիմոյի դիմաց ու պիտի ըսէր.

«Հայտէ ել մէյտան ինչով որ կ’ուզես,

Սուրով, թէ թուրով։

Մէյտան ել կռուինք. էդ ռէսի

Կինը կա՛մ ինծի կ’ըլլայ եւ կամ թէ քեզի…»

Կիրոյի մտքէն բնաւ չէր անցներ,

Թէ Իւղաբերին իսկական տէրը

Ռէս Առաքելն էր։

Այնքան էր տարուեր, որ վերէն անցնող արեւն էր մոռցեր։

Ա՛խ, ի՜նչ կնիկ էր։

 

Կիրօն վար իջաւ, պարանը քակեց

Ու յանկարծ, ծանր մուրճի պէս գլխին սեւ միտք մը խփեց։

Դէմքը տժգունաւ, ձեռքերը դողաց,

Պարանը ձգեց ու չարտախ ելաւ։

Ախ թէ ի՞նչ տեսնէ. խաթունը փափուկ մատներով կամաց,

Սիմոյի ուսէն շիւղ մը վար կ’առնէր։

Կիրոյի սիրտը կարծես փրթեցաւ,

Փորին մէջ ինկաւ։

Սեւ միտքը նորէն մուրճի պէս գլխին`

Պարնին մօտ գնաց, նորէն հեռացաւ ծանր պարանէն,

Որ կարծես աչքին՝ օձի ձեւ կ’առնէր։

Այդ օր մինչ իրիկուն,

Կիրօն անհանգիստ վար կ’իջնէր կ’ելլէր։

Սեւաւոր մտքի մուրճի հարուածին

Ցաւը սաստկացաւ։

Չէ, չէ, ոճիր է, Սիմօն լաւ ընկեր,

Լաւ բարեկամ է։

Այդ երեկոյին ռէսը դաշտէն արդէն տուն եկած,

Եզներն ու արօր, մշակներուն հետ

Ներս՝ դորդան կ’առնէր։

Սիմօն ու Կիրօն կիսապատին քով

Կեցած էին լուռ։

Աղբեր, Սիմօ ճան,   խօսեցաւ Կիրօ։

Ի՞նչ է, Կիրօ ճան։

Եկուր համբուրեմ։

Քեզի ի՜նչ եղաւ, ընկեր Կիրօ ճան։

Եկուր համբուրեմ, ա՜խ ի՜նչ ընկեր ես,

Ինչ լաւ բարեկամ։

Սիմոյի սիրտը շարժեցաւ յանկարծ։

Համբուրինք, ընկեր, աչքերս ուզէ, որ փորեմ հանեմ.

Հէնց սիրտս ուզէ,

Հանեմ ու ափիդ մէջ տեղաւորեմ։

Ռէս Առաքելը տան սանդուխներէն

Վեր կ’ելլէր յոգնած։

Օ՜, հազար բարով, ռէս Առաքել ճան,

Մէկ ձայն խօսեցան երկուքը մէկանց։

Էս օր մշակին մէկը հիւանդ էր. ես աշխատեցայ։

Էնպէս յոգնած եմ,   խօսեց ռէսը` բարձին կռթնած։—

Օդն ալ շատ շող էր.

Մտքէս անցուցի, թէ մեր հիւրերը

Տան մէջ պիտ’ նեղուին։

Որ իմ ձեռքէն գար,

Շահի պալատը հոս կը բերէի

Պաղուկ ջրերով ու պարտէզներով։

Աղջի՛ Իւղաբեր, գինի, սեր, կարագ, մեղր

Այստեղ բեր։

Իւղաբեր խաթուն սեղանը շտկեց.

Դդումով գինին, մեղր, սեր, կարագ

Դրաւ սեղանին, իր կարգին նաեւ ժպիտը աղուոր։

Ա՜խ, ի՜նչ կնիկ էր։

Մեր Կիրոյի մէջ սեւաւոր մտքի

Հարուածը գլխին նորէն սաստկացաւ.

Ռէսի կինն է, որ կարծես բարի

Ժպիտով, մուրճ մը բռնած էր ծանր,

Կը հարուածէր միշտ ու միշտ կը կրկնէր.

«Գնա, կտրէ դուն էդ հաստ պարանը։

Ասեղով թելով կտրած պարանը էնպէս մը կարէ,

Որ յայտնի չըլլայ…

***

Մեծ ուխտի օրն է։

Մօտի գեղերէն եկան հաւաքուան

Աղջիկներ աղուոր՝ նաշխուն լաթերով,

Ու տղամարդիկ՝ քոլոզ գլխարկով.

Գոյն-գոյն արախչի, փէշով էնթարի,

Ասեղնագործուած ելկէկ ու միլթան։

Կիներ` գլուխնուն արծաթ դրամով թէքէլթի շարած։

Վերն աղաւնիներ կը թռվռային, վարն ալ` աղջիկներ։

Եօթը գիւղերէն եօթ զուռնի ձէն կար

Ու եօթ դհոլի։

Սուրբ Եղիայի քարէն մինչեւ գեղ՝

Մարդոց երփներանգ շարան մ’էր բռներ։

Սուրբը` Եղիան, էդ գիւղին վրայ իջնելէ ի վեր,

Էդքան բազմութիւն բնաւ տեսած չէր։

Սուրբէն զօրաւոր մեր փէհլիվանին

Գեղէ գեղ՝ լսուող հզօր համբաւն էր,

Որ էդքան մարդիկ քաշած բերած էր։

Փէհլիվան Սիմօն իր մօրը

Ուխտն է, որ կը կատարէ,

Պատասխանեց մեր վիզը ծուռ Մլքոն,

Ռէսի սանահօր կասկածոտ հարցման։

«Մայրն ուխտ է ըրեր, որ գեղեր շրջի

Ու էդ դրամով ճամբաներուն քով աղբիւրներ շինէ,

Որ ճամբու ճամբորդն հոն հանգիստ առնէ,

Կուռ կուշտ ջուր խմէ

Ու իր մօր հոգուն ողորմիս հանէ։

Թէ չէ, Կարուկ ճան,

Էս մարդը էնքան, էնքան հարուստ է,

Որ եթէ ուզէ,

Շահին պալատը դրամով կ’առնէ»։

Սուրբ Եղիայի քարն ուխտի եկող

Հարսները ծոցուոր՝

Մոմ կը զարնէին ու կ’աղերսէին մտքով ակամայ,

Որ մեր Սիմօնին պէս մուրազի տէր

Զաւակ մ’ունենան։

Գեղէն քիչ հեռու` Մղտես Ունանենց բակին մէյտանը,

Փէհլիվանի հաստ կապին մէկ ծայրը ծառին կապեցին,

Իսկ միւս ծայրը խոշոր հաստ ցցին։

Դէմ դիմաց չորս հատ խաչաձեւ

Ձողեր վեր-վեր տնկեցին։

Նաճար Նիկողոս շատ կապ էր կապեր.

Գիտէր, թէ որքա՜ն ժիր պէտք է ըլլայ։

Կապը կարճ կուգար, այնպէս որ Ուստան

Չէր կրնար ձողերը վեր վերցնել ու բարձր տնկել։

Ուստա Նիկողոս, կապի բարձրութիւնն

Էսքա՞ն պիտ ըլլայ,

Շատ լուրջ հարց տուաւ Մղտեսի Զաքար։

Ես ինտո՛ր ընեմ, Մղտեսի Զաքար,

Երթամ մեր էծի մազերը կտրեմ,

Եւ նոր կա՞պ շինեմ։

Է՜հ միտս կուգայ, տաս տարի առաջ,

Քսան տարեկան փէհլիվանի մը կապը կապեցի.

Էս տեղէն երկու անգամ բարձր էր։

Ուխտաւորները կ’ակնկալէին

Տեսնել փէհլիվանին կապը շատ բարձր, երկնի հաւասար։

Թէեւ ցած գտան, սակայն կարծեցին հրաշքն էստեղ է։

Ու նոյնացուցին Սիմօն փէհլիվի

Չոնչլոտ ու կարճ էշի համբաւին։

Սիմօն փէհլիվան կապի պէտք չունի,

Միայն թէ գետնէն մի քիչ վեր ելլէ.

Ալ անկէ յետոյ անոր մարմինը բաց օդին մէջ է։

Դժուար թէ ոտքերն այդ կապին դպին,

Խօսեց ուրիշ մը։

Կապը պատրաստ էր։

Ուխտաւորներուն կէս մասը՝

Ռէսի տան շուրջ հաւաքուած,

Սիմօն փէհլիվին ելքին անհամբեր,

Դրացիներուն կտուրին վրայ

Շարուած էին խիտ։

Պատանիները ծառերու ծայրէն մինչեւ յատակը՝

Իրարու ետեւ համրիչի նման վար կախուած էին։

Հեղ մըն ալ տեսնես, Վանայ Մհերի քարէ դրան պէս,

Մեր ռէսի դուռը բացուեցաւ կամաց։

Առաջին անգամ դուրս ելաւ Կիրօն,

Հտպիտի ճերմակ, կարմիր ու կապոյտ՝

Քոլոզ տարազով։

Երկու աքլորներն ուսերուն վրայ թառ էին եկեր։

«Հո՜ս, քո՜ս»,

Ձէն հանեց Կիրօն ծեր այծի մը պէս,

Ու այծի մը պէս փռաց փռնգտաց։

Գլխին վրայ շինած էր եղջիւր,

Շինած էր դէմքին՝ բամպակէ մօրուս

Ու այծի մազով սեփ ու սեւ պեխեր։

Դէմքին կէս մասը ներկած էր կարմիր,

Իսկ միւս մասը ածուխի պէս սեւ։

Կռնակէն կախ էր այծի ճերմակ փոսդ,

Որուն վրայ կար նկարը երկու աքաղաղներու,

Որպէս թէ երկու աքլորներ դէմ-դէմ,

Ակիշի նման կեռ մագիլներով կռիւ կ’ընէին։

«Հոս քոս»,

Ձէն տուաւ նորէն, ծեր այծի մը պէս,

Էս տեղ ցատկռտեց էն տեղ կից տուաւ

Ու ճամբայ բացաւ Սիմօն փէհլիվին։

Բայց թէ ի՜նչ զարմանք,

Աքաղաղները ուսերուն վրայ ժիր կեցած էին։

Վերջապէս ելաւ Սիմօն փէհլիվան,

Երկար հասակով,

Փէհլիվանի նեղ ու սեղմ տարազով։

Հասակը ամբողջ սրունք էր կարծես.

Այնքան երկար էր։

Աջ ուսին վրայ ձողը կար երկար.

Ձեռքին կշիռն էր։

Աջ ու ձախ կուրծքին՝ շարք-շարք

Շարած էր յուռութքներ գոյն-գոյն։

Մէջքը կաշիէ գօտիով սեղմած՝

Կ’ըսես շատ հսկայ միջատ մ’է կ’անցնի։

Աջ կուրծքին կային պատուանշաններ,

Երեք կարգ շարած,

Պարսիկի Շահէն, Թուրքի Սուլթանէն, Մսրի իշխանէն…

Ձողն ուսին բռնած՝ Սիմօն փէհլիվան

Կը քալէր շիտակ։

Ձեռքերը ոսկրուտ, շատ խոշոր էին։

Գիւղը լեցուն էր եօթ զուռնի ձէնով ու եօթ դհոլի։

Ուխտաւորները փողոց թափուեցան հրմշտկուելով,

Որը կտուրէն, որն օրուայ Սուրբի

Մեծ քարին քովէն։

Այդ մեծ թափօրին հետ խառնուեցան

Հաւ-ճուտեր, բադեր, փողոցի շուներ։

Ճամբուն եզերքը, ծառերուն կապուած

Ցուլեր ու կովեր ետեւ նայեցան,

Ականջնին չթած՝ ձէներ ձգեցին,

Թէ ինչո՞ւ չէին կրնար մասնակցիլ այդ մեծ թափօրին։

Սիմօն փէհլէվին ճիշտ մօտէն քալողն

Ռէս Առաքելն էր։

Օդը թէեւ տաք,

Բայց էդ օր ռէսը իր գայլի մորթէ

Մուշտակն էր հագեր,

Փուշիէ սեփ-սեւ փայլուն ծոպերով արախչին կապեր,

Քիթը վեր տնկեր՝ ծանր կը քալէր։

«Թող երթայ գիտնայ սանահայր Կարուկ,

Թէ ռէս Առաքելին հետ չափուիլ չըլլար…»

Հանդիսականներն Ունանենց բակին շուրջն էին բոլոր։

Եօթը դհոլի, եօթը զուռնի ձէն կար։

Սիրուն աղջիկներ, հարսներ ու կիներ,

Գոյն-գոյն լաթերով ծիածան կապեր

Նստեր էին լուռ։

Բայց այդ բոլորին մէջ ջահի մը պէս

Վառուող, չհատնող,

Ռէս Առաքելի կինը` Իւղիկն էր։

Փէհլիվան Սիմօն ձողը վար առաւ. աչքը շուրջն ըրաւ,

Տեսաւ՝ Իւղաբեր նստած էր հեռուն։

Ա՜խ, ի՜նչ կնիկ էր։

Սիմօն փէհլիվին էնպէս թուեցաւ,

Թէ բազմութեան մէջ ուրիշ մարդ չկար։

Միակ խաթունին համար պիտ՚ խաղար։

Ձողը ձեռքն առաւ, երկու ձեռքերուն

Մէջ կշիռք բռնեց, մօտեցաւ պար’նին։

Սիմօ ճան, Սիմօ,   կամաց մօտեցաւ,

Ձէն տուաւ Կիրօն։

Ի՞նչ է, Կիրօ ճան։

Կիրոյի շրթները կը դողային։

Սիմօ… ճան… Սիմօ…

Ախր ի՞նչ ունիս, ըսէ, Կիրօ ճան։

Կիրօն ի՞նչ ըսեր, քիչ մնաց ըսեր,

Թէ մի ելլեր էդ պարանին վրայ։

Սակայն շարունակ մուրճի հարուածն էր

Որ միշտ կը զարնէր։

«Չէ, չէ, մի՛ ըսեր»։

Ներկն ու տարազը պարտկեր էին

Վիշտն ու սարսուռը, սէրն ու ոճիրը իր բաց աչքերուն։

Սիմօն փէհլիվան «Եա Սուրբ Կարապետ»

Ըսաւ ու ելաւ,

Ելաւ նստեցաւ խաչաձեւ դրուած ձողերուն վրայ։

Այդ ճիշտ այն պահն է, երբ գիւղացիներ

Դերձան կ’երկարեն, որ փէհլիվանը

Դերձանին վրայ հանգոյցներ շարէ,

Ափսոն փսփսայ գլխացաւերու,

Դեղնուկի, պէս-պէս ցաւերու համար։

Եօթ զուռնի ձէն կար ու եօթ դհոլի։

Սիմօն կանգնեցաւ կշիռքը ձեռքին,

Ուսերը թօթուեց, կուրծքը դողացուց.

Իր հետ դողացին յուռութքներ կուրծքէն

Վար շարք-շարք կախուած։

Կշիռքը ձեռքին, պար’նին մէկ ծայրէն միւս կողմն անցաւ։

Էս անգամ ուզեց ոստում մը փորձել։

Ցատկեց եօթը թիզ։

Հեղ մ’նալ ոտքերը պարնին վրայ դրաւ չդրաւ,

Քարով զարնուած թռչունի մը պէս

Թաւալուեց յանկարծ ու թըփ վար ինկաւ…

Ինչպէս որ մեղուի խիտ պարսին վրայ

Անձրեւի ուժգին տարափ մը կուգայ,

Էնպէս ալ մարդիկ իրար խառնուան։

Կիներ ճչացին. աղմուկ հրմշտուկ ու իրարանցում։

Պարանն էր կտրեր…

Կտրուած պար’նին երկու ծայրերը

Փէհլիվանին հետ գետին քսուեցան,

Ու միջոցին մէջ մնացին մինակ

Չորս երկար ձողեր՝ խաչաձեւ դրուած…

Շուտ հասաւ Կիրօն։

Սիմօն ճան, Սիմօն,   ձայն տուաւ Կիրօն։

Սիմօն ձայն չէր տար.

Կարծեցին՝ յանկարծ մեռել էր կտրեր։

Զով ջուր հասցուցին, թաշկինակներով հողմահարեցին։

Ա՜խ ես կը մեռնիմ, եղբայր Կիրօ ճան,

Ձայն հանեց Սիմօն։

Սիմօնի մարմինն ամբողջ կը ցաւէր,

Ինկած ատենը այնպէս մը շխկաց,

Կ’ըսես կմախք մ’էր չոփ-չոփ վար ինկաւ։

Ապշած կտրուած ուխտաւորներուն

Մէջ մինակ սան’հար Կարուկն էր, որ իր

Իր հաստ փորը բռնած՝

Քա՜հ-քա՜հ կը խնդար։

Չէ, չէ, բան չկայ, Էճմու Շահի կինն

Իր միտքը ինկաւ…

  Կարուկ, հէ՜յ Կարուկ, լեզուդ քեզ քաշէ,

Ռէս Առաքելը ձայն տուաւ յանկարծ։

Աղա Առաքել, էսօր Սիմօնն է, վաղն ըլ Սուլթանը։

Տան դուռդ լէնցուր,

Տեսնես մէկալ օր մեծ պէզիրկէնը,

Դաւիթ Ջիվանշիր քարուան կը քաշէ,

Տանդ առջեւ կ’իջնէ։

Ծօ Կարուկ, Կարուկ, ինծի Մարուքենց

Առաքել կ’ըսեն։

Արտը աղ ցանող, հօրդ զաւակն ես,

Ա՜յ դու, դու ո՞վ ես, որ դէմս կեցեր լեզու կը փարտես։

Ռէս Առաքելին աչքերը դարձան

Խենդ եզա նման.

Քիչ մնաց չոքեր սան’հօր կոկորդին,

Եթէ գեղացիք շուտ չհասնէին։

«Ամօթ է, ամօթ. էս տեղ եօթ գեղէ ուխտաւորներ կան.

Ախր ամօթ է մեր գեղի պատուին,

Ռէս Առաքել ճան»։

Ուխտաւորներէն մի քանի մարդիկ հասան օգնեցին։

Որը թեւերէն, որը ոտքերէն բռնեցին կամաց

Ու մեր փէհլիվին լխկած մարմինը

Կիրոյի ծռած շալակն հանեցին։

Աղա ճան, աղա, ոտքերը բռնէ, գետին չքսուի,

Խօսեց մեր Կիրօն ծանր բեռան տակ։

Ժամկոչ Թագուորը ոտքերէն բռնեց.

Տարին ու ռէսին դորդան վար դրին։

Սիմօն փէհլիվան դիակի մը պէս անշարժ էր ու լուռ.

Վերցուցին տարին ախոռի սէքուն։

Ռէս Առաքելը ներս մտաւ հերսոտ,

Քիչ վերջն ալ` կինը։

Բայց ինչ երեւոյթ, ծաղկած նշենին կարկուտն էր զարկեր։

Ան ալ իր կարգին, սանահօր կնոջ խօսքերն էր լսեր։

Ինծի մեռնիլ է, մեռնիլ է, կնիկ,

Խօսեցաւ ռէսը։—

Սանահայր Կարուկ լեզուն փարտելու ատենն էր գտեր.

Ա՜խ թէ ի՞նչ ըսեմ, իրաւունք ունէր։

 

Իրիկուայ դէմ էր.

Ուխտաւորները ա՛լ ցրուած էին։

Հանդարտ միջոցին մէջ միայն կային փրթած պարանը,

Նաեւ խաչաձեւ ձողերը ցցուած.

Իսկ ճամբուն վրայ պառաւ մամիկն էր, որ կը տնտնար,

Ձիւթը կը ծամէր կապոյտ լինտերով ու կը դրդրար.

Թո՜ւ հողիմ գլուխն ես էդ փէհլիվին.

Հաւի ճուտի պէս պուկը ոլորեց

Ու թը՛փ վար ինկաւ։

***

Այդ գիշեր ամբողջ ուռենիներու

Սիլուէդներուն հետ

Կարծես գորտերու մեծ կռկռուք կար։

Ռէս Առաքելին էնպէս կը թուէր,

Թէ եօթ գիւղերու ուխտաւորները

Գորտեր են կտրեր ու զինքը կ’ուզեն

Անհանգիստ ընել։

Այդ առաւօտուն ռէս Առաքելը

Սովորականէն աւելի կանուխ

Մշակներն առաւ ու դաշտը գնաց

Որ մարդու երես չտեսնէր բնաւ։

Սիմօն ու Կիրօն գոմի սէքուէն դուրս չեկան այդ օր։

Կիրօն նստած էր Սիմօնի կողքին,

Սակայն ականջը միշտ դրան կողմն էր։

Հը, սանդուխներէն խաթունը իջաւ,

Դռնէն դուրս ելաւ, կուժով ջուր բերաւ,

Հը, դորդան աւլեց։

Կիրօն անհանգիստ դուրս ելաւ գոմէն։

Իւղաբեր խաթուն,   ձայն տուաւ Կիրօն.

Սիրտը դոդոշի կոկորդի նման կը խփուէր արագ։

Սանդխամատերէն կիսով վեր ելաւ, նորէն վար իջաւ։

Կ’ուզէր մօտենալ Իւղիկ խաթունին։

Ախ թէ ի՜նչ ըսէր, ի՜նչպէս սկսէր։

Տունը մարդ չկար, մինակ խաթունն էր,

Մէկ մ’ալ հաւերը։

Տունն ի՜նչ նման էր Կիրոյի սրտին.

Մէկ կողմ իր ոճրին զոհը պառկեր էր,

Իսկ միւս կողմը թագուհւոյ մը պէս

Խաթունն էր նստեր։

Իւղաբեր խաթուն։

Քա ի՞նչ է, Կիրօ, եկ կերակուր տամ

Վար Սիմօնին տար։

Իւղաբեր խաթուն…

Խաթունն հասկցաւ, որ մեր Կիրոյի

Ձայնին մէջ ուրիշ օտար ձայն մը կար,

Շունչը բառերուն հետ շուտ կը հատնէր։

Հիւա՞նդ ես, Կիրօ։

Իւղաբեր խաթուն…

Խաթունն հասկցաւ, երեսը յանկարծ շառագունեցաւ…

Ո՜ւյ, տունդ աւրուի, քոռանաս Կիրօ,

Ձայն ձգեց խաթուն, ելաւ ձայն ձգեց

Կէս պատէն անդին։

Մանան, Թուրվանտա, Թուրիկ, հէ՜յ Թուրիկ…

Թուրիկ վեր ելաւ շերեփը ձեռքին.

Ի՞նչ է, Իւղաբեր։

Էս մարդը, Թուրիկ… Չեմ կրնար ըսել…

Ա՜յ դու քոռանաս, քոռ պապի զաւակ։

Կիրօն շուարած, արձանի մը պէս,

Չարտախին մէջտեղ կեցեր էր անշարժ։

Իւղիկ չըլլայ որ…,   խօսեցաւ Թուրիկ։

Թուրիկ, ի՜նչ ըսեմ, էս մարդը եկեր

Երեսը ժրեր ինծմէ պաչ կ’ուզէ։

Թուրիկն իր կարգին ձայն ձգեց էրկան։

Հաց եփոց տեղէն Վարդերն ալ լսեց։

Որը դռնէն ներս, որը տանիքէն

Եկան ձեռք առին մեր անտէր Կիրօն։

Թուրիկ շերեփը գլուխին նետեց,

Վարդերն ալ կօշիկը հանեց ու զարկաւ.

Մանանն աւելով։

Զարկին, թակեցին, Կիրոյի ձայնին ականջ չդրին։

Այնպէս ծեծեցին, որ մեր խեղճ Կիրօն

Շունչն հազիւ առաւ բաց սենեակէ մը ներս,

Դուռն ետեւէն նիգով մը գոցեց։

Կիները հերսոտ դուռը թակեցին,

Քիչ մնաց դուռը տեղէն հանէին,

Եթէ Թուրիկի էրիկը չգար։

Կար ամուն եկաւ, եղածն իմացաւ,

Ու անուշ լեզուով խօսեց Կիրոյին.

Կիրօ, հէ՜յ Կիրօ։

Ի՞նչ է, աղա ճան։

Կիրօ, դուռը բաց, բան ըսող չկայ։

Որ ինձ չծեծեն, կը բանամ, աղա։

Չէ, չէ, չեն զարներ, ել փռթիդ թոփէ՛ հեռացիր գեղէն,

Քանի դեռ ռէսը դաշտէն եկած չէ։

Սարսափը բռնեց Կիրոյի սիրտը,

Ռէսը որ տուն գայ…

Կիրօն դուրս ելաւ՝ ոտքին մէկը կախ,

Գլուխն արիւնոտ.

Երեսն ու աչքեր կապուտցեր էին։

Դրացի կիներ էգ վագրերու պէս կեցեր էին հոն.

Մէկն իր աւելով, միւսը փայտով,

Մէկալն ալ խոշոր ապ’րին շերեփով։

Հայտէ տեղերնիդ. ի՜նչ կ’ուզէք դուք աս ֆուխարա մարդէն,

Խօսեց Կար ամուն հերսոտ կիներուն։

Ֆուխարա մարդուն փորը կշտացեր

Պաչի՞կ ալ կ’ուզէ. թող տուր շերեփով տասը պաչիկ տամ,

Բարկացած խօսեց կիներէն մէկը։

Ղուրպան, աղա ճան, վրաս հալ չկայ.

Ընկերս Սիմօն ներսը պառկեր է.

Ինձ օգնէ, էշին կռնակին կապենք։

Թուրիկի էրիկը ախոռ մտաւ,

Դուրս հանեց էշը։

Գացին միասին Սիմօնը բերին,

Էշի կռնակին ժիր մը կապեցին։

Մեր փէհլիվանին հսկայ մարմինը

Թոյլ էր լաթի պէս։

Չէր կրնար խօսիլ, չէր կրնար շարժիլ.

Միայն գիտցաւ, որ էշի կռնակին

Կը կապէին զինք, բայց չգիտցաւ, թէ

Կիրոյի գլխէն ի՜նչ անցաւ դարձաւ։

Կիրօն ներս մտաւ, երկու աքլորներն

Բռնեց դուրս բերաւ,

Ոտքերէն կապեց՝ ուսէն վար ձգեց։

Կար ամուն էշի փալանին վրայ

Տեղ գտաւ թէ՛ սեւ մաշած տապակին,

Թէ՛ ջուրի թասին, թէ՛ երկայն ձողին

Եւ թէ անունի տէր փէհլիվանին։

Ու ճամբու դրաւ Սիմօն ու Կիրօն։

Գիւղը մարդ չկար, ամբողջ դաշտն էին.

Շուները միայն ցած տանիքներէն

Վար կը հաջէին։

***

Էն լեռան քովը, ճապուկ օձի պէս՝

Ճամբան է գեղին։

Հեռուէն կը լսուէր ձայնը հօտաղին,

Գեղի աքլորին ու արտը վարող ժիր մշակներուն։

Էն ճամբայէն էր, որ կը քալէին Կիրօն ու էշը։

Սիմօն ալ էշի կռնակին փակած՝

Բնաւ չգիտցաւ, թէ ինչ պատահեց,

Թէ ի՜նչ երեւոյթ ունէր մեր Կիրօն.

Միայն գիտցաւ, որ հեռացան գեղէն։

Հաւատացէ՛ք, որ էշն ալ չգիտցաւ՝

Ի՜նչ անցաւ դարձաւ տէրերու գլխէն։

Սիմօ ճան, Սիմօ.

Ախ, ինչպէս ըսէր. էս անգամ խիղճն էր,

Որ մուրճի խոշոր հարուածի մը պէս կը զարնէր գլխին։

Կիրօն կ’ուզէր լալ փոքրիկ տղու պէս

Ու կ’ուզէր ըսել.

«Սիմօ ճան, ներէ, ա՜խ, ես կտրեցի ու ես կարեցի

Էդ հաստ պարանը։ Էն Առաքելի կինն էր,

Սիմօ ճան, որ միշտ կը զարնէր իմ անտէր գլխին»։

Ա՜խ, ի՜նչ կնիկ էր…

 

Կէսօրուայ շողն էր. կար’ւան չէր անցներ.

Ամբողջ միջոցին մէջ չէր երեւեր

Մարդ ու մարդաստան։

Մինա՛կ Կիրօն էր, կը քալէր կաղլիկ`

Գլուխը փաթթած, մէկ մըն ալ էշը մեր փէհլիվանին`

Ծանր բեռան տակ յոգնած-քրտնած։

Վերն արագիլ մը ստուերն էր ձգեր

Գորշ ճամբուն վրայ։

Հեղ մըն ալ տեսնես՝ Սիմօն սրունքը

Կամաց մը շարժեց ու ցած ձայն տուաւ

Էշի կռնակէն։

Կիրօ, ճան Կիրօ։

Ի՞նչ է, Սիմօ ճան։

Իւղաբեր խաթուն քեզ բան խօսեցա՞ւ։

Վա՜յ ոսկորներս…

Չէ, Սիմօ ճան, չէ։

Ա՜խ, հ՞իչ բան չըսաւ…