Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԵՍԱՅ ՕՎԱՆ


Թլկանց Օվան էր այն օրերուն, երբ կը հագնէր հինցած, շատ հինցած շալվար մը։ Ոտքերուն կ’անցնէր կապերով փաթաթուած տրեխ. կը հագնէր տան գործուած կապոյտ շապիկ, գլխին ունէր թաղիքէ գտակ՝ արախչիին ծալքերուն մէջ կորսուած։ Անոր ակռաները սովորականէն աւելի խոշոր, շրթները շողինքոտ էին, երբ կը խօսէր։ Այդ բոլորէն աւելի ունէր աւրուած աչքեր։ Կ’ըսէին, որ աչքերուն մէջ թարթիչներ կը բուսնէին ու զինքն անհանգիստ կ’ընէին։

Գիւղացիները` մեծ, թէ պզտիկ, երբ կալ ու կուտի, վար ու ցանի աշխատանքի լծուած էին, Թլկանց Օվան միշտ գիւղն էր` աչքերուն վրայ թաշկինակի չափ փոքրիկ լաթի կտոր մը բռնած։ Ան միշտ հոն էր, միսմինակ, կռնակը Էքնոյենց պատին կռթնցուցած՝ նստած էր` ոտքերը օճախի պէս բաց։ Շուները յաճախ կուգային իր քով կը ծալլուէին եւ կամ անոր տրեխներուն ծայրը հոտուըտալով` կ’անցնէին կամաց։ Տանտիկին Գարան իրիկուայ օճախը վառելու համար դուրսը` արեւին կը նայէր։ Արեւը երբ Էքնոյենց պատին վրայէն սաւանի ճոթի պէս Օվանին թաղիքէ գլխարկին վրայ կախուէր, այլեւս էտինքուայ օճախը վառելու ատենն էր։ Ան հոն էր միշտ` Էքնոյենց պատին տակ, լաթի կտոր մը աչքերուն դէմ բռնած։ Տունն ինչո՞ւ երթար։ Կինը տունը չէր, զաւակն ալ ուրիշին մշակ տուած էր։ Օվան պիտի սպասէր մինչեւ երեկոյ ըլլայ. կինը պատառ մը հաց բերէր իր աշխատանքի տեղէն, որ ճաշէին միասին։ Մօտ հինգ տարի էր աչքերը կը նեղէին զինքը։ Ամբողջ հինգ տարի աշխատանք ըրած չէր։ Հինգ տարի, գարուն, ամառ, թէ աշուն Էքնոյենց պատին տակ նստած Օվանը։

Օվան անհամբեր կը սպասէր, որ երեկոյ ըլլար, գիւղացիները դաշտէն տուն լեցուէին ու իր շուրջ շէննար պահ մը։ Իրաւ ալ երեկոները գեղի ռէնճպէրները կերակուրէ յետոյ պահ մը դուրս կ’ելլէին Էքնոյենց պատին տակ, ուր միշտ կար Թլկանց Օվանը։

Բարե՛ւ Օվան։

Ասսու բարին։

Ի՞նչ կայ, չկայ։

Սաղութին։

Գիւղացիները կը խօսակցէին, կը կատակէին։ Այդ իրիկուայ խօսակցութեան գլխաւոր առարկան Շոտօ Մուսեխին` Թլանծիկէն բերած էժտահարի պէս գոմէշին մասին էր։ Էհ, եթէ օր մը խօճկանց գոմէշին հետ եղջիւր եղջիրի գային…

Այդ բոլոր խօսակցութեան ընթացքին Օվանը լուռ էր։ Այդ օր կը մտածէր այն ձիերու ոտնաձայներուն մասին, որ ցորեկին լսած էր հեռուէն։

Մարկոս, էս օր բան-ման չլսեցի՞ր։

Ի՞նչ բան, Օվան։

Հիչ։

Օվան չէր համարձակեր ըսել. մի գուցէ ինքը սխալած էր։ Ո՜վ գիտէ։

Օվան ոչինչ ըսաւ։

Սակայն օր մըն ալ սխալած չէր։ Չային կողմէն ձիաւորներ մտած էին։

Երեկոյին, երբ գիւղացիները իրարու մօտ եկան, բոլորին դէմքը կոճղի երեւոյթ էր առեր։ Անոնք այլեւս չէին կատակեր։

Հարկեր հաւաքողներ են եկեր, լսեցի՞ք։

Գզիրն էս օր ձիերը ջրել կը տանէր։

Էս նեղ ճար օրերուն տահա էքինները գետինը…

Այդ խօսքերուն մէջն էին, երբ գզիր Մանօն մութին մէջէն փոքրիկ առուէն անցաւ, կանգնեցաւ ձիթհանքի տան սիւնին պէս, ձեռքերն ականջներուն սկսաւ մունետիկ պոռալ։ Գիւղն յանկարծակի լուռ պապանծեցաւ, կարծես։

Ուշ ատեն գիւղացիք հետզհետէ իրենց տուները կը վերադառնային։ Բերւընին դանակով իսկ չէր բացուեր։

Տէր Դաւթկանց Մարկոսը այնտեղ էր տակաւին։ Օվան կ’ուզէր խօսիլ հետը, սակայն չէր համարձակեր։ Մանաւանդ որ ուրիշներ ալ կային, մի քանի անգամ բերան լեցուց` խօսելու համար։

Է՛հ, Թլկանց Օվանին ո՞վ դրամ կուտար։

Մա՛րկոս։

Ի՛նչ է Օվան։

Հիչ…

Չէ, չէ Թլկանց Օվանին մարդ դրամ չի տար, ակամայ մտածեց Օվան, կակազեցաւ ու չըսաւ, չըսաւ։

Ի՞նչպէս ընէր, վաղը իր դուռն ալ պիտի թակեն, այն ատե՛ն…

Մա՛րկոս։

Ըսէ՛, ի՞նչ ունի՞ս, Օվան։

Ախր գիտես հալս, Մա՛րկոս, երեսուն ղրուշ ունէի, միտքս դրեր էի վրաս շալվար մը ձգել։ Շալվարիս վրայ քառսուն պիչիմ կարկտան կայ։ Շունի հալ է, շունի հալ. վաղը հարկ պիտի հաւաքեն։ 50 ղրուշ կը պակսի երեսունին վրայ թեմամցնելու համար։ Ձեռքէ 50 ղրուշ տուր, Մա՛րկոս, Ասսուած ողորմած է։ Դրամդ վրաս չի կորսուիր։

Աղէկ կ’ըսես, Օվան, ամա քիչ էռէնջ Խնկոն որ զիս մէկդի կանչեց, էն էր խօսեցաւ։ Էքինները գետինը. վաղը մանկղուորներուն դրամ կը պակսի։ Տահա ցորենը չժրած քիչ մը քաղեր, հոսեր, աղցեր են, որ զաւկնուն հաց ժմնցնէ։ Երկու ոսկի էն ուզեց ձեռքէ` հարկ տալու համար։

Էհ լաւ, լաւ Մարկոս, Խնկոյին գործը տես. էն մաղ մը զաւկներ ունի։ Ինձ ալ, Աստուած ողորմած է, հէլպէթ դուռ մը կը բացուի վաղը,   վրայ տուաւ Օվան, երբ Խնկոյի թշուառ վիճակն իմացաւ։

Օվան այլեւս չխօսեցաւ։ Գրեթէ ինքնիրեն անիծեց։ Էն ուշ տուն երթողը Օվանն էր։ Գիշեր էր, ու փողոցները խաղաղ։ Վաղը, վաղը, ի՞նչ պիտի ընէր… Ի՞նչ լաւ էր, որ վաղն արեւ չըլլար, ըլլար միշտ մութ ու Օվան փոքրիկ կօշիկի մը մէջ մտած պահուըտէր, որ չգտնէին զինք։

Առաւօտուն գիւղը իրարանցումի մէջ էր։ Թլկանց Օվան, կռնակը Էքնոյենց պատին, նստած էր` լաթի կտորը աչքերուն դէմ բռնած։ Անոր այնպէս կը թուէր, թէ հոգէառները հետզհետէ իրենց տան կը մօտենային, ինչպէս ալքերը, որ սողնոցներէն կը մտնեն, կը մօտենան տղացկան կիներու, երկար ճանկերով անոնց սրտերը դուրս կը քաշեն ու կը հեռանան մութին մէջէն, հովերուն հետ…։

Օվան այդ աչքերուն սարսափը կ’ապրէր, եւ կարծես իր գլխուն վերեւ կեցած էին մութ, վրաններու չափ մութ թեւերով։

Իրաւ ալ, տեսնես գզիրը մօտեցաւ Օվանին, որ միս մինակ նստած էր` լաթի կտոր մը աչքերուն դէմ բռնած։

Ե՛լ տեսնենք, Օվան։

Հէ՜յ… կոռպակոռպ։

Թլկանց Օվան, գզիրին առջեւ ինկած, մտաւ իր փողոցը։

Թըդ, թըդ, Օվան ներս մտաւ, մթութեան մէջ պարապ փեթակի մէկ անկիւնը պահած դրամը վերցուց, դուրս ելաւ ու դողդղան ձեռքերով փոքրիկ ծրարը յանձնեց հարկահաւաք ժանտարմներուն։

Մէջը երեսուն ղրուշ կար, բոլորն ալ մանր դրամ։ Սակայն պակաս էր, պակաս։

Ալ, ա՛լ չկայ, աղա,   խօսեց Օվան կմկմալէն։

Այդ օր ժանտարմները մտրակեցին խեղճ Օվանին ուսերը։

Յաջորդ օր Օվան տան պղինձէ կաթսան տարաւ` գիւղին հրապարակին վրայ աճուրդի դնելու համար։

***

Էտինքի ատենն էր. տանտիկին Գարան դուրս նայեցաւ։ Արեւը Էքնոյենց պատին վրայ, Թլկանց Օվանին ուսին կը մօտենար. էտինքուայ ճաշ պատրաստելու ժամանակն էր։

Թլկանց Օվան այդ օր աւելի անշարժ էր։

Երեք օրերը սարսափի պէս անցած էին, ինչպէս մարախը կ’անցնի դեռ նոր ցանուած բամպակներուն վրայէն։ Երեք օր յետոյ գիւղացին իր բարի ու սովորական կեանքին լծուեցաւ։

Բարե՛ւ, Օվան։

Ասսու բարին։

Ի՞նչ կայ չկայ։

Սաղութին։

Իրարու մօտ կուգային կը խօսէին, կը կատակէին։

Ասսուած է վկայ, էս օր քիչ մնաց շորախները, Շոտօ Մուսեխին ու Խոճկանց գոմէշները եղջիւր եղջիւրի գային։

Ու ուշ ատեն կը վերադառնային տուն։ Այդ երեկոյ Օվանին կինը, ճրագին առջեւ նստած, իր զաւկին ելկէկը կը կարէր, երբ Օվան ներս մտաւ։

Է՜հ, կնիկ, տես, էս շալվարս հալի մի կրնա՞ս բերեր։ Հա, էստեղ, նորէն քակուեցաւ,   խօսեցաւ Օվան` մէկ կողմէն շալվարը հանելով։ Կինը ի՜նչ կրնար ընել։ Շալվարը իր ծունկերուն վրայ առաւ` կարկտնելու համար։ Մէկ կութ որ կը զարնէր, երեք կութ կը քակուէր։ Մաշած էր, մաշած ու ալ կութ չէր բռներ։

Ինտո՞ր ընեմ, կնիկ, ֆէլէկը որ թէրս երթայ, ա՛լ քառսուն մոմ օգուտ չըներ։ Էս շալվարով դուրս ելլել կ’ամչնամ։ Էս քոռնալիք աչքերս ալ չի գուրան…

Նեղ ճար պարտք ըրէ, շալվար մը ձգէ վրադ, արիմարդ,   կինն էր խօսողը։

Պա՞րտք. չէ, Մարթա, չէ, Թլկանց Օվանին ո՞վ դրամ կուտայ։ Կ’ըսեն` չաշխատիր, աչքերը քոռ է. կինն է, որ էրիկն ու զաւակը կ’ապրեցնէ։

Օվանն ի՜նչ ընէր, էդ շալվարով այլեւս դուրս չէր կրնար ելլել։ Գէթ կը կարծէր, որ ինքն ալ իր կարգին բարեկամի ու թշնամիի տէր էր։ Էրիկ կնիկ լուռ էին. կնիկն ի զուր ճրագին տակ շալվարը չորս կողմ կը դարձնէր` ձեւի մը բերելու համար։

Սնտուկէն լաթերդ բերեմ, հագիր վաղը,   խօսեց կինը յուսահատ։

Ի՞նչ լաթ, կնիկ,   վրայ տուաւ Օվան` աչքերը բաց խբելով։

Փեսութեան լաթերդ։

Էրիկ կնիկ լռեցին երկար։

Ամբողջ քսան տարի էր, որ Մարթա ու Օվան ամուսնացեր էին։ Ամբողջ քսան տարի Մարթա պահած էր Օվանին փեսութեան լաթերը` շատ խնամքով ծալլած։ Օվան քսան տարուայ ընթացքին իր փեսութեան լաթերը հազիւ քսան օր հագած էր։ Կը հագնէր բարեկենդանի օրերը եւ կամ երբ հարսանիքի կը հրաւիրուէր։ Է՜հ, ինչ լաւ օրեր էին։ Օվանին հայրը իր մէկ հատիկ տղան կը կարգէր։ Եկեղեցիին բակը հարիսա զարկաւ։ Իր մէկ հատիկ տղուն սուղնոց, մետաքսէ լաթեր ըրաւ։ Վարդաթիլէն հարս բերաւ իր մէկ հատիկ տղուն։

Ժամանակը շատ ուշ էր։ Մարթա վար իջաւ սենեակէն` լաթերը բերելու, որ վաղը Օվանը հագնէր։

Էրիկ կնիկ այլեւս չէին խօսեր։

Օվան զգածուած էր, կ’ուզէր լալ մանկան մը պէս։

Պառկելու ժամանակ ճրագը երբ պիտի մարէր, Օվան խօսեց վերջապէս.

Է՛հ, կնիկ, էս օրերո՞ւն պիտի հասնէինք։

***

Յաջորդ օրը տանտիկին Գարան պատուհանէն դուրս նայեցաւ` Արեւն ու Օվանը դիտելու. բա՜, ի՜նչ տեսնէ, Օվանը փեսայի պէս հագուեր նստեր էր` սրունքները օճախի պէս բաց։ Տանտիկին Գարան տան հարսներն իր շուրջն հաւաքեց։

Քա, խէր ըլլի, Օվանը փեսայ է եղեր։

Երեկոյին րէնճպէրները տեսան, զարմացան ու կատակեցին։

Օվան, ի՞նչ է, նոր փեսա՞յ ես եղեր։

Անտարակոյս Օվան այդ կատակները շատ չէր սիրեր։ Է՜հ, որո՞ւ հասկցնէր, թէ մարդ երբ նեղը մնայ, փեսութեան լաթերը կը հագնի։

Գիւղացիք Թլկանց Օվանին այլեւս Փեսայ Օվան կը կանչէին։

***

Անցան երկա՜ր, երկա՜ր տարիներ։ Ամերիկայի մէջ օր մը ինձ ծանօթացուցին բարձրահասակ, հաճելի դէմքով, խոշոր ձեռքերով երիտասարդ մը` Փարսեղ Օվանեան։

«Փէրչէնկցի եմ»,   ըսաւ ինձ` քիչ մը խոշորցած ակռաներու խնդուքով։

Ես ի զուր կը փորձէի յիշել։

Մեր տունը Սանդ քարին քովն էր,   վրայ տուաւ։

Հա՜, յիշեցի, յիշեցի, Փեսայ Օվանին տղան չըսե՞ս։