ՉՈՊԱՆ
ԼԵՌԱՆ
ՀԵՔԵԱԹԸ
Գարունին
առաջին
ծիծաղը
Հիրիկն
է,
որ
լեռներու
փէշերուն
վրայ
կը
բացուի։
Ու
մենք
այն
առաջին
ծիծաղները
ժողվելու
համար
դաշտ
ելանք։
Հունա,
փոշոտ
ճամբան
է,
ուրկէ
թաթառի
պէս
անցնող
նամակատար
ձիերը
կ’անցնին
ահա։
Ճիշդ
ճամբուն
մօտ`
հեռագրի
ձողի
մը
քովէն,
կը
սկսին
աղուէսի
մը
ոտքի
հետքերը։
Հետեւա՞ծ
էք
աղուէսի
մը
ոտքի
հետքերուն։
Չգիտես,
վերջալոյսի՞ն,
թէ
արշալոյսին
եւ
կամ
գիշերուան
որ
ժամուն
եկած
անցած
է
ան
այդ
ամայութեան
մէջէն։
Ու
մենք
պատանեկան
միամիտ
հետաքրքրութիւնով
հետեւեցանք
աղուէսի
ոտքերու
թարմ
հետքերուն։
Հոս`
կաղշնաներուն
քովէն
անցած
է.
դարձած
է
Ս.
Օհանի
քարին
ետեւէն
ու
իջած
դարաւանդէն
վար։
Ծռած
է
ան,
քալած
է
դէպի
այն
փոսը,
ուր
անձրեւի
ջուրն
է
կօլեր։
Յետոյ
բլուրէն
վեր
ելած
է։
Թերեւս
բլուրին
վրայ
միսմինակ
նստած,
մօտակայ
գիւղի
աքաղաղներու
ձայնին
ականջ
ծռած
եւ
կամ
աստղերը
հոտուըտած
է.
ո՜վ
գիտէ։
Դիմացը
Չոպան
Լեռն
է.
այլեւս
որոշ
կ’երեւան
ապառաժները`
գորշ
ու
մոխրագոյն։
Չոպան
Լեռը
մեր
տանիքէն
տեսած
էի
միշտ.
վեղարաւոր
հսկայի
մը
երեւոյթով,
երկինքը
թիկունքներուն
վրայ
բռնած
էր
ան,
ու
ամէն
երեկոյ
արեւը
իր
կռնակին
ետեւը
կը
պահէր։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
առաւօտ
եւ
երեկոյ
կ’ըլլար։
Չոպան
Լեռնէն
անդին
ա՛լ
աշխարհ
չի
կար…
Ինչպէ՜ս
պիտի
զգայիք,
երբ
բարձր
տանիքէ
մը,
աջ
ձեռքերնիդ
վեր
երկնցուցած,
հասունցած
թուզի
մը
պէս
աստղ
մը
վար
առնէիք.
ճի՜շդ
այնպէս
զգացինք,
երբ
առաջին
անգամ
Չոպան
Լեռան
հսկայ
ու
երկաթագոյն
ապառաժները
տեսանք։
Անոր
բարձունքը
աւելի
կախարդական
էր.
հոն,
ուր
լեռ
ու
երկինք
նարօտով
մը
իրարու
ճակատ
ճակատի
տուած
էին,
ինչպէս
հարս
ու
փեսայ։
Մենք
լուռ
սոսկում
մը
զգացինք
ու
այլեւս
չհետեւեցանք
աղուէսի
ոտքի
հետքերուն,
որ
զիկզակ
կը
շարունակուէին
դէպի
բարձունքը
վսեմ։
Կը
վախնայինք
խորհրդաւոր
ամայութենէն,
մեր
արձագանգներէն
իսկ
կը
վախնայինք։
—
Է՜ծը,
է՜ծը,
—
պոռաց
յանկարծ
մեզմէ
մէկը։
Ձայնը
արձագանգեց,
ու
մենք
իրարու
երես
նայեցանք
երկիւղած.
յետոյ,
նայեցանք
քիչ
մը
հեռու,
ժայռի
մը
վրայ
յանկարծակի
երեւցող
այծին։
Կարծես
ապառաժներէն
դուրս
եկած,
մեր
ձայնին
կենդանի
արձագանգն
ըլլար
եւ,
կամ,
արձագանգը
յօրինող
իսկական
ոգին։
Ո՞ր
տեղէն
այդ
զաւեշտական
երեւոյթով
այծը,
այս
ամայի
խորհրդաւորութեան
մէջ։
Այծը,
ապառաժի
մը
վրայ
կեցած,
հովիտն
ի
վար
կը
նայէր`
կարճուկ
պոչը
արագ-արագ
խաղցնելով.
մօրուսը
հովին
դէմ.
լեռներու
ոգին
ըլլալու
համար
կը
պակսէր
միայն
սրինգ
մը,
որ
նստէր
ապառաժի
մը
վրայ
ու
առջեւի
կճղակաւոր
երկու
ոտքերով
նուագէր
համերգը
հովին
ու
մժեղին։
Այծէն
յետոյ
երեւցաւ
պիսակաւոր
կովը։
Առաջին
անգամ
կոտոշները
տեսանք.
յետոյ`
գլուխը,
կռնակը։
Ահա
բլուրին
վրայ
է,
ինչպէս
խորանին
վրայ
կանգնող
կուռք
մը
ասորական։
Յետոյ՝
յովատակ
մը`
հովին
պէս
արձակ
ու
ոստոստուն.
լեռան
ոգիներու
յատուկ
մէկ
քանի
այլանդակ
ու
ոտնաթռիկ
ցատկումներ
ըրաւ.
աւելի
ճիշդ`
լեռնային
պար
մը
դարձաւ
ու,
կանգնելով
յանկարծ,
հովիտն
ի
վար
նայեցաւ,
ուրկէ
արշալոյսի
գոյնով
ու
արշալոյսի
պէս
ծանր
ու
դանդաղ
կ’ելլէր
իր
մայրը`
մատակ
ձին։
Ձին
բլուրին
վրայ
ելաւ,
գլուխը
երկարեց
ու,
ստեղնաշարի
չափ
խոշոր
ակռաները
բանալով,
յօրանջեց`
կապոյտ
պաստառին
վրայ
յօրինելով
նկար
մը`
գեղեցիկ
ու
նոր։
Հետզհետէ
շատցան
կենդանիները.
ցուլերը՝
հեթանոսական
գլուխներով,
էշերը`
մռայլ
ու
այծերը`
սատիրական։
Անտարակոյս
գիւղին
նախիրն
էր,
որ
բլուրէն
վար
կը
մաղուէր
ու
մեզի
կը
մօտենար։
Ահա,
վերջապէս,
նախրապանը`
փնթի
Մկօն։
Այդ
օրը
բոլորին
կողմէն
արհամարհուած
փնթի
Մկօն
մեզի
համար
դիցաբանական
հսկայ
մըն
էր,
կապարճը
ուսին,
Հայկ
Նահապետին
պէս
հսկայ
մը,
որ
յանդգնած
էր
նախիրը
մինչեւ
այս
կախարդական
լեռներուն
մէջ
պտտցնել։
Կովերն
իսկ
այնքան
շնորհալի
ու
դիցային
երեւցած
չէին
մեզի։
Այդ
մէկը
Մարութենց
գոմէշն
էր.
ահա
վերջապէս
մեր
կովը,
որուն
հանդէպ
յարգալից
զգացում
մը
ունեցայ։
Արդեօ՞ք
իրենց
ամենօրեայ
տեղերնին
է
այս
կախարդական
աշխարհը։
Մենք
անգիտակ
էինք,
բոլորովի՜ն
անգիտակ
անոնց
շնորհքին,
նոյնիսկ
անգիտակ
էինք
փնթի
Մկօի
այս
արկածախնդիր
ու
դիցային
կեանքին։
Նախիրը
բլուրն
ի
վար
կը
մաղուէր։
—
Հո՛,
պռոռ
է,
հո՛,
—
լսուեցաւ
նախրապանին
ձայնը։
Ան
ձեռքի
հաստ
փայտը
նետեց
երկու
ցուլերուն,
որ
կոտոշ
կոտոշի
բռնուած
էին։
—
Ի՞նչ
կ’ընէք
էս
տեղուանքը,
հը՞,
—
հարցուց
փնթի
Մկօն,
—
էդ
ծաղիկէն
էն
տեղուանքը
պոլ
պոլ
է,
—
աւելցուց`
ձեռքերնուս
Հիրիկները
տեսնելով։
Փնթի
Մկօն
ա՛յնքան
պատկառելի
երեւցաւ
մեզի,
որ
զարմացանք
պահ
մը,
մե՜նք,
որ
գիւղին
մէջ
իր
ետեւ
«փնթի»
կը
պոռայինք։
—
Բոլորն
էս
Խնկօն
էր,
Մկօ
աղբար,
—
խօսեցաւ
մեզմէ
մէկը`
յանցանքի
մէջ
բռնուած
աշակերտի
մը
պէս։
—
Հէտէ,
ի՞նչ։
—
Էս
Խնկօն
ըսաց`
աղուէսի
իզ
է,
—
վրայ
տուաւ`
աղուէսի
ոտքի
հետքը
ցուցնելով։
—
Էն
տեղուանքը
աղուէս
շատ
կայ,
—
խօսեցաւ
Մկօն`
Չոպան
Լեռան
ապառաժները
ցոյց
տալով։
—
Երէկ
հացիս
ծրարը
տարին։
Երկու
բրդոն
պանիր,
աղի
իսօթ,
երկու
հաց,
տարին
ու
տարին։
Էս
օր
բարովուկս
եկաւ,
ըսի՝
քնանամ։
Տեսնեմ`
ոտքս
խածին.
պոռքացի
մէկէն,
տեսայ
աղուէսի
ձագ
մը
թին
թինն
առեր,
էն
քարերը
կը
վազէր։
Էն
քարերուն
քով
աղուէսի
բոն
շատ
կայ,
—
խօսեցաւ
ու
փայտով
ցոյց
տուաւ
այն
տեղերը,
ուր
ապառաժներու
զանազան
ձեւեր
կային։
—
Չոպան
Լեռը
էն
է։
Վախտնօք
էստեղուանքը
չայիր
ու
չիման
եղած
է,
էն
տեղ
գոմէշի
մէջքի
չափ
հաստ
ջուր
կը
պոռքա
եղեր։
Դուք
գիտէ՞ք
Չոպան
Լեռան
հեքեաթը…
—
Հո՛,
պռռռ
է՜,
հո՛,
—
պոռաց
կենդանիներուն`
ձեռքի
հաստ
փայտը
գոմէշի
մը
կռնակին
նետելով։
Փնթի
Մկօն
գնաց
գոմէշի
կռնակին
նետած
փայտը
բերաւ,
նստեցաւ
քարի
մը
վրայ
ու
պատմեց
հեքեաթը
այն
Չոպան
Լեռան։
Ես
կը
յիշեմ
այն
հեքեաթը
այնպէս,
ինչպէս
իմ
պատանեկութիւնն
ու
ոտքերու
հետքն
աղուէսին։
Կը
յիշեմ
մանրամասն,
ինչպէս
փնթի
Մկօի
քթին
քովի
խալը։
Մկօն
այսպէս
սկսաւ
իր
հեքեաթը.
«Կըլլի
ու
չըլլիր,
վախտին,
ինծի
պէս
չոպան
մը
կըլլի։
Էդ
չոպանն
իրեն
տաւրներուն
հետ
լեռնէն
վար
չէր
գար։
Հէ,
տէ,
ինչո՜ւ
գար։
Էն
քարերուն
քով
էնպէս
պոռթքան
ջուր,
էս
տեղուանքն
ըսե՜ս,
չայիր
ու
չիման։
Անտէր
գեղն
ի՜նչ
կար»։
—
Հո՛,
հո՛,
—
պոռաց
յանկարծ։
Նախիրէն
ցուլ
մը
ընդմիջեց,
աւելի
ճիշդ`
վերջակիտեց
իր
հեքեաթը։
Ցուլը,
փնչածակերը
լա՜յն-լա՜յն
բացած,
դունչը
կովի
մը
կռնակին
վրայ
դրած,
կը
հոտուըտար
ու
օտարոտի
բառաչներ
կը
հանէր։
«Էն
սուրբ
Օհանէն
մինչեւ
էս
ճամբան
դրախտ
էր,
դրա՜խտ։
Ա՛լ
ի՜նչ
ղուշ
խանատ,
Հազար
մէկ
թէվուր
ա՛լ
ի՜նչ
ծաղիկներ։
Չոպանն
էս
տեղ
էր,
ամառ
թէ
ձմեռ։
Իր
սէրն
ու
սէվտան
տավրնուն
տուած,
էնոնց
հետ
կ’ապրէր,
ամառ
թէ
ձմեռ։
Ղավալ
որ
բռնէր,
Տաւրներուն
հետ՝
լեռսար
սուս
կեցած,
մտիկ
կ’ընէին։
Ղավալ
որ
բռնէր,
ոչխրներ,
էծեր
մօտիկ
կուգային,
կը
ժողվէին։
Որը
ժեռերէն,
որը
դէ՜
էնդի
դիմի
սարերէն։
Ես
ըսեմ
հազար,
Դուն
ըսէ
երկու,
մօտ-մօտ
կուգային
ջուրի
կ’երթային։
Աշխարհն
տեսած
չէր
էնոր
պէս
չոպան,
Էնոր
պէս
բանգէտ
չոպնի
խելքի
հետ՝
Հի՜չ
էր
Պէզիրկեան։
Աստուած
տուած
էր,
թամ
թեմամ
դրախտ։
Ֆախաթ,
էս
չոպան,
վրայէ
վրայ,
Երկու
ծունկ
զարկած,
աղօթք
ըրած
չէր։
Ժմուն
խորանը
թէ
ի՜նչ
թէվուր
էր,
Քանի
սոն
ունէր,
տէրտէրն
ինչ
կ’ըսէր,
Էս
թէվուր
բաներ
էնոր
ականջը
շատ
չէին
թրջեր։
Օր
մըն
ալ
Աստուած,
հերսոտ՝
ինքնիր
հետ,
էս
զրուցն
ըրաւ.
«Հէ
տէ,
էս
ո՞ւր
կայ.
Եաղմա
կայ,
ի՜նչ
կայ։
Ես
եմ
տուեր
էս
չայիր
ու
չիման։
Ես
եմ
տուեր
էս
լեռ
սար
ու
կապան,
Գուն
գուն
ծաղիկներ,
էս
ծառեր
ճըղեր,
Ես
եմ
տուեր
էս
ոչխրներ,
էծեր։
Էս
բոլորի
տեղ,
անիրաւ
չոպան
երկու
ծունկ
չոքած.
աղօթք
ըրած
չէ։
Նէ՛
խունկ
է
ծըխեր.
Նէ՛
ըլ,
տաճրին
մէջ,
մոմեր
է
լուսեր։
Աստուած
բարկացաւ.
չոպանն
անիրաւ
դարձի
բերելու
էս
փորձը
ըրաւ։
Կէսօրի
շողուն,
գէվալլ
ը
չոպան
էծեր
ոչխրներ
ջուրի
բերելու
ղավալը
բռնեց։
Չորս
կողմէն
էկան,
մօտ-մօտ
ժողվըւած՝
Ոչխրներ
ծանտր-ծանտր
դըմակով,
Էծերը
շէյթան,
շէյթան
մօրուքով
Եկան
ժողվըւան,
հէ
տէ,
ինչ
տեսնան.
Գոմէշի
մէջքին
նման
գուռ
պոռքող
աղբիւրն
է
ցամքեր.
շիւան
են
բռներ։
Ցամքեր
է
կէօլը.
կէօլին
կրկռան
գորտերը
բոլոր
Շիւանը
ինկաւ
տավրներուն
մէջ։
Հազար
ոչխրներ,
հազար
նաշխլտուն
Սեւ
սպիտակ
էծեր
աչքերնին
տնկած,
Լեզունին
ձգած,
եզա
ու
ջորու
ձէն
կը
հանէին։
Չոպանն
էս
հալին
ինտո՞ր
դիմանար։
Ա՜խ,
թէ
ի՜նչ
կըլլէր,
Տավրներուն
տեղ
թող
ի՛նք
պապակէր,
Լեզուն
թող
չորնար,
կուրնային
աչքեր,
որ
հիչ
չի
տեսնէր
Էս
թէվուր
շիւան։
Էս
բանին
վրայ,
չոպանն
իր
թեւեր
Աստըծուն
վերցուց
Էնպէս
աղօթեց»։
Նախիրին
մէջ
երկու
այծեր
իրարու
հետ
կը
ծեծկուէին,
յետոյ
ջորի
մը
իր
գլուխը
բռնած
կը
հեռանար
նախիրէն։
Նախրապան
Մկօն
ոտքի
ցատկեց,
ձայն
ձգեց
թէ
չէ,
երկու
այծերը
զատուեցան
իրարմէ,
ու
ջորին
դարձուց
իր
գլուխը
ու
ինքն
ալ
մեզի
դառնալով
շարունակեց.
«Թեւերը
վերցուց
Էսպէս
աղօթեց.
«Եա՛,
Աստուած,
Աստուած,
Կապուտիկ
Աստուած,
Էս
ի՜նչ
շիւան
է
բերիր
մեր
գլխին,
Մեղա՜յ
քեզ,
Աստուած։
Ի՜նչ
մեղք
ունէի։
Թէ
որ
ես
գիտեմ
չարիք
չեմ
ըրեր.
Միշտ
դուռս
եմ
բացեր,
ֆախիր
ֆուխարին,
Խոնջած
ճամբորդին։
Թէ
մեղք
ունէի,
զարնէիր
գլխուս,
Զիս
մրեղէիր,
փոշի
ընէիր.
Էս
հայւնկներն
ի՜նչ
մեղք
ունէին,
Կապուտիկ
Աստուած.
Մեղա՜յ
քեզ,
Աստուած,
քեզ
հազա՜ր
մեղայ։
Թող
ջուրդ
պոռթկայ
նորէն
հինին
պէս.
Նորէն
հինին
պէս
թող
կէօլը
լենայ,
Նորէն
հինին
պէս
թող
կուռ
կուշտ
խմեն
տավրներն
ամէն։
Ես
կը
խոստանամ
իմ
ոչխրներուս
Էն
խասը,
էստեղ
քեզ
մատաղ
ընել»։
Աստուած
վերերէն,
Չոպնի
աղօթքը
լսեց
վարերէն։
Հեղ
մըն
ալ
տեսնես
ջրով
լեցուեցան
Գուռ,
կէօլ
ու
առու։
Հինին
պէս
նորէն
ջուրը
դուրս
պոռքաց,
Ջուրը
դուրս
պոռքաց
Գոմէշի
մէջքով,
շէն
ու
խատուտիկ
Ձէնով
ձկներով։
Կուռ
կուշտ
խմեցին
տավրներն
ամէն։
Թրվռան
էծեր
քէյֆով
իրարու
կոտոշ
բռնեցին,
Ոչխրներն
ըսես,
պոռթկացին
թեթեւ,
Վեր
վեր
նետելով
ծանր
դըմակնին։
Չոպանին
քէյֆ
ին
ա՛լ
քէյֆ
չէր
հասներ։
Փա՛ռք
քեզ,
Աստուած,
փա՜ռք։
Ի՜նչ
լաւ
էր
նորէն
Ջուխտ
աչօք
տեսնել
Էծեր,
ոչխրներ
շէն
ու
խատուտիկ։
Էս
քէյֆ
ին
վրայ
ղաւալը
շտկեց,
Ղաւալի
ձէնով
էնպէս
տաղ
ըսեց,
Որ
լեռներ,
սարեր
ղաւալի
ձէնին
Հետ
ձէն
ձգեցին։
Խեղճ
չոպան,
մէկէն,
Ղաւալը
ձգեց,
երեսը
կախեց,
Երբ
իր
խոստացած
մատաղը
յիշեց։
Հէտէ,
ի՜նչ
ընէր.
Աստծու
մատաղ
էր,
ինտո՞ր
չի
յիշեր։
Աստուած
է.
նայի՜ս,
ծծումբ
կը
տեղայ.
Էծեր,
ոչխրներ,
չոպան
ու
ղաւալ
կրակի
կուտայ։
Աստուած
է.
ուզէ,
ջրհեղեղ
կ’ընէ.
Նայիս,
էն
սա՛թին,
չախմախ
կը
զարնէ,
Կայծակ
կը
հանէ,
Էծեր
ոչխրներ,
չոպան
ու
ղաւալ
ափուչիք
կ’ընէ։
Աստո՜ւծոյ
զուլում
է։
Չոպանը
տխուր,
ղաւալը
բռնեց
տավրներն
ամէն
Իր
քովը
կանչեց։
Էծեր
ոչխրներ
եկան
քով
քովի,
եկան
զարմացան.
Ղաւալի
ձէնէն,
էնպէս
շուտ
կանչէն
բան
չի
հասկցան։
Մեր
տէրն
ի՞նչ
կ’ուզէ,
մտածեցին
լուռ։
Տահա
արեւը
գետինը
չինկաւ,
Տահա
մեր
շուքը
շատ
չի
հեռացաւ,
Ի՛նչ
շուտ
կը
կանչէ,
մեր
տէրը
գթոտ,
Մեր
տէրը
բարի։
Էս
մեր
խեղճ
չոպան
իր
ոչխրներուն
էն
խասը
զատեց։
Կէօլին
քով
տարաւ,
Դանակը
սրեց,
Եա՛,
Աստուած,
ըսեց,
Ու
խեղճ
ոչխարը,
թըփ
գետին
ձգեց։
Հէտէ,
ի՜նչ
ընէր,
Աստըծու
կամքն
էր։
Սիրտը
կը
հատնէր.
Ի՞նչ
կրնար
ընէր,
Աստըծու
մատաղն
ինտո՜ր
չմորթէր։
Ոչխարը
լեզուն
դուրս
ձգած՝
մայեց,
Պոռաց
պոռպռաց,
Ոտքերը
փարտեց։
Ոչխըրի
ձէնէն,
ձէն
տուին՝
հազար
ոչխրներ,
էծեր.
Կ’ըսե՜ս,
ձէն
առին
էս
լեռներ
սարեր։
Չոպանը,
մէկէն,
Դանակը
քաշեց
Հըմը,
հըմը
պի՝
դանակը
ոչխրին
Կոկորդին
քըսէր,
Աչքերը
ոչխրի
աչքերուն
դիպան։
Ձեռքերը
դողաց,
Սիրտը
մրմռաց,
Դանակը
մէկէն,
գետինը
ձգեց
Ու
ոտքի
կանգնեց։
Մեր
խեղճ
չոպանին
էնպէ՜ս
թուեցաւ,
Թէ
շիտակ՝
մարդու
կոկորդին
չոքեր,
Դանակ
է
քաշեր։
Չոպանը,
նորէն,
դողդղան
թեւերն
Աստըծու
վերցուց
ու
էսպէս
խօսեց.
—
Մեղա՜յ,
տէր
Աստուած,
քեզ
հազա՜ր
մեղայ,
Անձրեւիդ
տեղը
թո՛ղ
ծծումբ
տեղայ.
Կայծակդ
շիտակ,
թող
գլխիս
զարնէ,
Թող
ես
չքանամ
բուռ
փոշի
ըլլամ։
Մեղա՛յ,
քեզ,
Աստուած,
կապուտիկ
Աստուած.
Մեղա՜յ,
որ
տեսայ
աչքերն
ոչխրին։
Ես
որ
դանակը
դրի
կոկորդին,
Ըսէ,
չտեսա՞ր
աչքերն
ոչխրին։
Մեղա՜յ
քեզ,
Աստուած,
կապուտիկ
Աստուած։
Աստուած
հերսոտաւ,
յօնքերը
կիտեց,
Մօրուքը
շըփեց,
Փոթորկի
ձէնով
Ամպերու
բերնով
Էս
խօսքերն
ըսեց.
—
Ա՜յ,
յիմար
չոպան,
Դէմս
կայներ
ես,
Լեզո՞ւ
կը
փարտես։
Դէ՜,
գնա՛,
չոպան,
Մինչեւ
յաւիտեան
Տաւրներուդ
հետ
Կեցիր
քար
կապան»։
Էն
հին
օրերէն
դեռ
մինչեւ
հիմա
չոպանը
էնտեղ
տաւրներուն
հետ
կանգնած
կը
մնայ»։
Նախրապան
Մկօն
լրացուց
հեքեաթը,
իսկ
մենք
ապշած
կը
դիտէինք
Չոպան
Լեռան
ապառաժները
հեքեաթունակ,
որոնք
կենդանիներու
զանազան
ձեւեր
կ’առնէին։
Այն
ապառաժները
ոչխարներ
են`
նստած
կամ
կայնած.
այդ
փոքրիկը
ուլ
մըն
է,
թերեւս,
իր
մօր
կռնակին
կպած.
հունա,
խումբ
մը
ոչխարներ,
դունչերնին
իրարու
մօտ
բերած
են,
կ’ըսես,
սարսափի,
փոթորիկի
մը
հոտն
առած
են։
Իսկ
այն
մէկը,
անտարակոյս,
երկնքի
ու
Աստծու
դէմ
հսկայի
մը
պէս
կանգնողը,
չոպանն
է։
Վերջալոյսի
մօտ
էր։
Փնթի
Մկօն
ոտքի
կանգնեցաւ։
Նախիրին
կովերը
իրենց
բառաչը
չորս
ձգած
էին,
հորթերու
կարօտով։
Վերջալոյսի
պաստառին
դէմ
ցուլ
մը
կովի
մը
կռնակին
նետուած
էր`
լեռան
մը
պէս
հուժկու
ու
շնորհալի։
—
Հո՛
պռ՜ռռ
է,
հո՛։
Նախրապանը
ձէն
ձգեց`
նախիրն
իր
մօտ
հաւաքելու
համար։