Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՓԱՌԱՇՐՋԻԿԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ

I

Այսօր սենեակէս դուրս եկայ։ Տեսայ, որ սանդուխներուն քով տան տիրուհին, հնդկահաւի պէս գիժուած, աւելը ձեռքին՝ կանգնեցաւ։

Է՛հ, այս շաբթու սենեակիդ վարձքը չվճարես, դուռը կը գոցեմ երեսիդ, գիտցած ըլլաս։

Թըդ, թըդ, քթիս տակով բաներ մը մրթացի։ Ըսել կ’ուզէի, որ սպասէ, քիչ մըն ալ սպասէ։ Պառաւը, կարծեմ, ոչինչ հասկցաւ իմ ըսածներէս, եւ ուսերս կծկած դուրս եկայ։

Երկու շաբաթ է սենեակիս վարձքը վճարած չէի։ Որ դրամ ունենայի, կը գնէի նոր կօշիկներ։ Սենեակիս մէջ շատ բան չունէի։ Ունէի պատէն կախուած մի քանի կօշիկի կապեր, փոքրիկ տուփով աժան դեղահատեր ստամոքսի համար, Տիքընսի Տաւիդ Քափըրֆիլտը, նաեւ Պելճիքայի Ալպերթ թագաւորի կնոջ՝ Էլիզապետ թագուհիին նկարը, որ «Նիւ Եօրք Թայմզ»ի մէկ էջէն փրցուցած եմ շատ գուրգուրանքով։

Տեսած եմ թագուհին, սիրելի՛ ընթերցող։ Այն օրը ինձ հետ քաղաքն ամբողջ ոտքի ելած էր` անոր անցքը դիտելու։ Քաղաքին մէջ թեթեւ հանդիսաւորութիւն մը կար. Նիւ Եօրքի փողոցները դրօշազարդած էին։ Երաժշտախումբը կը նուագէր եղանակ մը, ինչ որ ապառաժներուն մէջէն անհանդարտ սահող առուակ մը կը յիշեցնէր ու թագուհոյն աչքերուն գոյնն ունէր։ Մէկ ժամ վերջ այդ բոլորը չքացաւ՝ մանկան մը գեղեցիկ ու ճոխ երազին պէս հեքեաթունակ։ Այդ բոլորէն վերջ իմ մէջ մնաց ժպիտը թագուհոյն… Պիտի հաւատա՞ք, երբ ըսեմ, թէ անկից յետոյ նոյն ժպիտը փնտռեցի բոլոր կիներու երեսին վրայ ու չգտայ։ Միայն թեթեւ հետքը տեսայ Մեթրօփոլիթըն թանգարանի աննշան մէկ անկիւնը դրուած Ս. Կատարինէի արձանին դիմագծին վրայ։ Ահա թէ ինչո՞ւ կը գուրգուրամ արտագրուած այդ նկարին վրայ եւ իմ ձեռքով տաշած շինած եմ շրջանակ մը՝ կարմիրով ներկուած։

II

Այսօր տան տիկինիս չհանդիպելու պատճառով սովորականէն շատ կանուխ դուրս եկայ։ Փողոցները ոչ ոք կար տակաւին։ Լապտերի ձողին քով կար ոստիկան մը։ Հեռուն կաթնավաճառին կառքը կ’անցնէր` ետեւը կախուած կարմիր լապտերով։ Անցայ իմ սովորական ճամբայէն, հացագործին նեղկակ փողոցէն մտայ Սենդրըլ փարք ը ու լճի քով նստեցայ։ Սկիւռ մը ոստոստուն մօտեցաւ ինձ, կօշիկիս քիթը հոտուըտաց ու արագ ծառն ի վեր մագլցեցաւ։ Հեռուէն տեսայ թրամուէյի անցքը, զինկ, զինկ ։ Իտալացի մը փոքրիկ կառքն իր ձեռքով դէպի շուկայ կը քշէր։ Քաղաքը կը զարթնէր։

Քաղաքին մէջ միշտ խուլ աղմուկ մը կայ խորհրդաւոր, որ չգիտես ինչպէ՛ս կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ։

«Հա, ըսի, ամէն բան ըսի անոր։ Ես կրնամ նոյնիսկ նախագահին ներկայանալ։ Գիտեմ սպանօ-ամերիկեան պատերազմին թուականը։ Լինքըն, Հէմիլթըն, ճեներալ Լի, ա՜յ, ա՜յ, էս բոլորը, բոլորը։ Առաջարկեց ինձ հետ ամուսնանալ, չմերժեցի»։

Խելագար կին մըն էր, որ ամէն օր կանուխ պարտէզի տակառներուն մէջ բաներ կը փնտռէր` ինքն իր դէմ խօսելով։ Արդեօք քաղաքի այդ խորհրդաւոր աղմուկին մէկ մասը չե՞ն խենթ կնոջ այդ խօսքերը անկապ։

Արեւը Ուաշինկթընի կուշտ ու հաստափոր արձանին վրայ ինկաւ։ Փողոցներուն վրայ սկսած է ժխորը։ Փողոցը լեցուեցան հրեայ, իրլանտացի, գերմանացի, ձի, թրամուէյներու զանկ, օթօմօպիլներու արշաւ, յետոյ` շնիկ մը՝ իր գեղեցիկ տիրուհոյն քղանցքներն հոտուըտացող։

Այդ այն ժամանակ է, որ Մէթրօփոլիթըն թանգարանին մեծ դռները կը բացուին։ Քայլերս շտկեցի հոն` Ս. Կատարինէի արձանին…

III

Տանտիրուհիս երկու օր է գլխիս կարկուտ կը մաղէ։ Հա՛, կանուխ է, մտածեցի։ Կրնամ շատ կանուխ դագաղի գործարանին դրան վրայ կենալ` գործ ուզելու համար։ Կ’ենթադրեմ, որ օդը շատ տաք պիտի ըլլայ այսօր։ Ախ, ինչպէ՜ս աշխատիլ։ Տան տիրուհոյն կ’ըսեմ, թող քիչ մըն ալ սպասէ։

Ուշ մնացողի պէս գացի պարտէզ ու լճափին՝ սովորական ծառին տակ երկնցայ։ Օ՜օ, այդ ծառը. իմ մանուկ օրերու տան չափ մտերիմ է։ Մայր տեսած չեմ, սակայն կ’ենթադրեմ մօր մը խնամքը, որ այս ծառի հովանիին չափ գուրգուրոտ ըլլալու է։ Թեւերը արձակ, անկանոն ճիւղեր, երկաթի գոյն տերեւներ, նրբահասակ, բարձր ու անմատչելի, ինչպէս Էլիզապետ թագուհոյն հասակն ու շնորհքն է։

Դագաղի գործարանն երթալ արդէն շատ ուշ է։

IV

Քաղաքին մէջ այսօր արտակարգ բազմութիւն մը կայ կարծես։ Բոլորն ալ կ’անցնին իրարու քովէ. իրար կը նային, չեն ճանչնար իրար։ Ու կ’անցնի Մարգարիտը՝ իր կողքէն անցնող Ճիմը երկրորդ անգամ այլեւս չտեսնելու համար։ Ու այսպէս բոլորն ալ իրարու կողքի գերեզման կը քալեն։ Ահա մէկը, որ կ’անցնի։ Այլեւս ծերացած է. ոտքերը փարտ կը դնէ, կռնակը ծուռ ու ուսերը կամարի պէս կլորցած։ Ունի խորշոմած դիմագիծ մը, որ կը պատմէ լուռ, թէ. «Ծնայ, մեծցայ աշխատանքի յարմարուելու համար այնպէս, ինչպէս որմնադիրը պատին վրայ աղիւս մը կը յարմարցնէ։ Աշխատեցայ, մատներս մեքենայի տուի ու աշխատեցայ։ Առտուն վեր կեցայ, լաթերս հագայ, ձուլարան գացի ու աշխատեցայ։ Յետոյ աւելի աշխատեցայ, երբ կին մը առի ու հետը պառկեցայ»։

Ահա երկար պատմութիւնը իր կարճ ծերացած կեանքին։

Մտադրեցի դագաղի գործարանն երթալ։ Բայց չգիտեմ ինչո՞ւ՝ քայլերս Մէթրօփոլիթըն թանգարանին ճամբան շտկուեցան, Ս. Կատարինէի արձանին…

V

Այսօր կանուխ գացի Մէթրօփոլիթըն թանգարանը։ Գիշերուայ պահապանը դեռ նոր կը բանար երկաթեայ հաստ ու ծանր դռները թանգարանին։

Բարի լոյս։

Կը ճանչնայինք իրար։ Թանգարանին մէջ իրար շատ տեսած էինք, թէեւ իրարու հետ առաջին անգամն էր, որ կը խօսէինք։

Այս գիշեր կատու մը ինձ բաւական նեղութիւն պատճառեց,   շարունակեց պահապանը։—   Ես վերն էի, երբ եգիպտական մումիաներուն մէջ ձայն մը առի ու վար իջայ։ Տեսայ, որ երկու աչքեր ֆոսֆորէ դագաղէ մը վար ինկան ու կորսուեցան։

Կ’երեւի եկած էր Մեծն Ռամսեսներու քիթն ու ականջը կրծելու,   վրայ տուի կատակելով։

Պահապանը կատուն փնտռել գնաց, իսկ ես Ս. Կատարինէի արձանին առջեւ էի` մինակ ու երկիւղած։ Ներէ ինձ, սիրելի ընթերցող, երբ ըսեմ, թէ մինակութիւնէս ու արձաններու լռութիւնէն մղուած մատներովս արձանին հպելու սարսուռն ու ցանկութիւնը զգացի։ Շուրջս նայեցայ։ Մարդ չկար։ Ճիշդ մօտս ասորական աղիւսաձեւ ու շերտաւոր մօրուսով արձան մըն էր, որ շեշտ ինծի կը նայէր։ Չէ՞ որ արձաններ են բոլորն ալ։ Չեն զգար, չեն շնչեր, չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ մատներովս հպեցայ Ս. Կատարինէին։ Ինձ այնպէս կը թուէր, թէ այն բոլոր արձաններու ամբոխին մէջ Ս. Կատարինէի արձանն էր միայն կենդանի ու հեռաւոր։

Ա՜յ, ա՜յ, անիծուած կատու,   ձայն տուաւ պահապանը՝ եգիպտական մումիաներու սենեակէն դուրս ելլելով։

Գտա՞ր,   պոռացի մեքենապէս՝ դէմքիս շառագունումը սրբելու համար։

Գտայ, գտայ։ Անիծուած կատուն ա՜յնքան նեղութիւն տուաւ։ Մինչ կատուն օդին մէջ կախուած էր, որովհետեւ կոշտ պահապանը վզին ետեւի կողմէն ժիր բռնած էր մէկ ձեռքով։

Զգացի, որ դէմքիս վրայի շառագունումը սրբուած չէր։ Իսկ եթէ պահապանը փոխանակ կատուին, դէմքիս նայէր, այն ատեն պիտի հասկնար ամէն ինչ. որովհետեւ երբ ինք եգիպտական մումիաներու սենեակէն դուրս կ’ելլէր, իմ շրթները կ’այրէին, կը բռնկէին համբոյրի մը համար։ Շարունակ պահապանին դէմքին կը նայէի` կռահելու համար, թէ արդեօք տեսա՞ւ զիս, երբ Ս. Կատարինէի արձանին աւելի կը մօտենայի…

Ինչ սիրուն կատու է,   խօսեցայ,   թերեւս մօտակայ հարուստ դրացիներէն եկած է։

Թերեւս օթօմօպիլէ մը վար ցատկած ու կամաց մը ներս սողոսկած է` մումիաներու հոտն առնելով։

Թերեւս,   ըսի ու կամաց մը դուրս ինկայ։

VI

Կը մտադրեմ այս առաւօտ երթալ եւ դագաղի գործարանին դրան վրայ կանգնիլ` գործ ուզելու համար։ Այս անգամ անդրդուելի եմ։ Պէտք է ամէն գնով գործել։ Ճամբան քալած պահուս ինծի այնպէս կը թուէր, թէ դագաղին գամերը կը զարնեմ։ Մարդոց հասակի հաւասարութիւնով տախտակներ կը չափեմ։ Այս գլուխին կողմն է, այս՝ ոտքերուն։ Յետոյ` դագաղներ, դագաղներ, գործարանին մէջ, իրարու վրայ դիզուած դագաղներ։ Ամէն մէկ գամը, որ զարնեմ, ես պիտի յիշեմ մեռելներ պաղած, ոսկրուտ, կապուտցած մեռելներ։ Ի՜նչ անախորժ է ամէն օր, ամէն մէկ գամը զարնելու ատեն յիշել մեռելն ու մահը… Յիշել նաեւ, որ դուրսը մարդիկ խելագար արշաւանքի մէջ են։ Ծերունի Մարկոս, գրասեղանին վրայ ծռած, գիշեր-ցորեկ հաշիւներ կ’ընէ` Թէքսասի քարիւղի բոլոր բաժինները իր ձեռքը առնելու համար։ Յիշել, որ բանտարկեալ Տէնը անցեալ ամսու իր երիտասարդ կինը սղոցեց, որովհետեւ ինքը կապոյտ աչքերով շէկ աղջկայ մը հետ սիրահարուած էր։ Յիշել, որ փրօֆէսոր Պրաւուն իր աշխատանոցին մէջ քիթը հաստափոր գրքերէն չի վերցներ ու կը փորձէ Էնշթայնի ու Նեւտոնի թէորիներուն մէջ հակասութիւն գտնել։ Յիշել դուրսի կեանքը, պայքարը, եռուզեռը, համբոյրն ու արցունքը ու ներս մտնել` տախտակներուն գամ զարնելու, դագաղ շինելու, դուրսի, մահուան անգիտակ մարդոց հասակին չափով մեծ ու պզտիկ։ Դագաղներ շինելու երիտասարդներու, մանուկներու եւ ծերերու համար հաւասար թիւով։ Չգիտես` կեանքը ո՞րտեղէն կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ։

Իսկապէս, անախորժ է դագաղ շինել։ Ինչո՞ւ մտածել մահուան մասին, երբ իմ մէջ տակաւին կը խտղտայ ժպիտը Էլիզապեթ թագուհոյն…

VII

Ժամը Անցայ Մէթրօփոլիթըն թանգարանին քովէն ու մտայ հասարակաց պարտէզը։

Ժամը 12։ Մտայ Մէթրօփոլիթըն թանգարանն ու առանց երկար սպասելու դուրս ելայ։

Ժամը Ես զիս նորէն թանգարանին շուրջ գտայ։

Ժամը Թանգարանին ճամբուն վրայ գտայ գնդասեղ մը։ Ծունկը պատռած փանդալոնիս մասերը իրարու մօտ բերի։

Ժամը Թանգարանին ետեւի ճամբէն քալեցի, անցայ փոքրիկ կամուրջը ու սովորական ծառին տակ քնացայ ստամոքսիս վրայ։ Կէս քուն, կէս արթուն լսեցի, որ տղայ մը ու աղջիկ մը իրարու կը ձայնէին։

Պարահանդէսի կուգա՞ս այս գիշեր։

Անշուշտ։

Քունիս մէջ այս խօսակցութիւնը ա՜յնքան ընտանեկան թուեցաւ, որ այդ ատեն միայն ես ինքս մարդկային ջերմ ընտանիքի մէկ անդամը զգացի։ Աւելի քնած էի, քան արթուն։ Երբ արթնցայ, կըրաճի ժամացոյցը վեց կը զարնէր։ Մտադրեցի այդ գիշեր սենեակ չվերադառնալ։ Տան տիրուհոյն երեսը չտեսնել այլեւս։

VIII

Օրն անձրեւոտ է։ Անձրեւը կ’իջնէր քաղքին վրայ` տրտմութեան պէս միալար ու դանդաղ։ Թանգարանին առջեւ` փողոցին վրայ, հսկայ ագռաւի մը պէս սեւ թեւերը կոտրած ինկած էր հովանոց մը։ Ծռեցայ, վեր վերցուցի. կոտրտած ճաղերն իրարու մօտ բերի, ցեխերը մաքրեցի ու տեղաւորեցի անութիս տակ։

Անցան մի քանի օրեր։ Գլուխս բարձի դնելու համար այլեւս սենեակ չունէի։ Սենդրըլ պարտէզին մէջ, շան մը պէս ծուարած, կը քնանայի։ Ինչ որ ունէի, դեղին հաստակոտ հովանոցն էր անութիս տակ։ Մէկ մըն ալ խնամքով ծալլած, գրպանիս մէջ պահած նկարը Էլիզապեթ թագուհոյն…

IX

Շաբաթ երեկոյ է։ Շաբաթ երեկոները քաղաքին մէջ միշտ ալ տօնական հանդիսաւորութիւն մը կայ։ Լոյսերն աւելի առատ են։ Փողոցներուն վրայ մարդիկ խռնուած, ուս ուսի, կուշտ ու կռնակ կը քալեն։ Կիներու անուշահոտած մարմիններու բուրմունք, գինարբուք, երգ եւ ծիծաղ։ Մօտի վաճառատան ժամացոյցը եօթը կը զարնէ։

Անկիւնէ մը լսեցի թմբուկի ու երգի ձայն։ Փրկութեան Բանակն էր։ Կ’երգէին, կը թմբկահարէին, բարձր ձայնով քարոզ կը կարդային` Քրիստոսի խօսքերը լսել տալու ու դրամ հաւաքելու համար։

Հիմա մեզի պիտի երգէ քէբթըն Տուի,   խօսեցաւ անոնց առաջնորդը, որ շատախօսին մէկն էր ու Քրիստոսի խօսքերը համրիչի պէս կը գլէր։

Քէբթընը երգեց պաղ ու անախորժ ձայնով։ Երաժշտախումբը հետեւեցաւ անոր։ Երաժշտախումբին մէջ կային տժգոյն, նիհար ու մաշած մի քանի աղջիկներ։ Յետոյ աչքերս աւելի խոշոր բացուեցան, երբ տեսայ հասակաւոր կին մը, մօտ 35 տարեկան, Փրկութեան Բանակի գլխարկով ու ժապաւէնով, տափը ձեռքին, դրամ կը հաւաքէր շուրջի բազմութեան մէջ։ Անոր դիմագիծը նոյնպէս տժգոյն էր։ Աչքերը խոշոր ու կապտորակ։ Դէմքին վրայ կար միշտ ժպիտ։ Աւելի մօտեցայ ու պիշ-պիշ անոր հասակին, դիմագծին նայեցայ ու փնտռեցի` գտնելու համար… Արդեօք հասա՞կն էր։ Ժպիտը չէ՞ր։ Արդեօք աչքե՞րն էին։ Դիմագծին, շարժուձեւին վրայ կար թեթեւ շարժում մը, որ Էլիզապեթ թագուհին կը յիշեցնէր։ Ո՜րքան կը ցանկայի հետը խօսիլ։ Ի՞նչ փոյթ, թէ կարկտնած փանդալոն ունիմ. ի՞նչ փոյթ, թէ վերարկուս փրթգտած է ու անութիս տակ ունիմ հինումին հովանոց մը։ Անտարակոյս պիտի խօսէի, եթէ չվերադառնար իր տեղը։ Ա՜խ, ի՞նչ բանն էր, ո՞ր շնորհն էր, որ յիշել կուտար ինձ. ես այդ չգիտէի, չգիտէի…

Հիմա մեզի պիտի խօսի տիկին Կրթրուտ,   խօսեցաւ այն շատախօս մարդը՝ հաւաքուած դրամները համրելով։

Կրթրուտ էր կնոջ անունը։

Տիկին Կրթրուտ, տափը ձեռքին, մէջտեղ եկաւ ու սկսաւ խօսիլ` արծաթի նման հնչուն ձայնով.

Երբ Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ էր, անոր կողը նիզակներով կը պատռէին, անոր ջուրի տեղ քացախ կը խմցնէին։ Սակայն Յիսուս Քրիստոս աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. «Ներէ՛, Տէր, զի չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կ’ընեն»։ Անոնք իրենց ոճիրով հարբեցած էին։ Մենք ալ, սիրելի բարեկամներ, աչքերնիս վեր վերցնենք ու միեւնոյն խօսքը ընենք՝ ներէ՛, Տէ՛ր, զի չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կ’ընեն։ Ազգեր ազգերու դէմ ելած են, քաղաքներ կը հրդեհեն։ Անոնք իրենց ոճիրով հարբեցած են։ Յիսուս Քրիստոս պիտի ուզէր նորէն աշխարհ գալ, նորէն խաչուիլ մարդոց համար, եթէ միայն մարդիկ գիտնային, թէ ի՞նչ կ’ընեն։

Տիկին Կրթրուտ լրացուց իր խօսքերը։ Անոր խօսքերը սերմնացանին նետած ցորենի հատիկներու պէս ինկան իմ սրտի անդաստանին մէջ. այն հատիկներուն պէս, որ միշտ արեւ կը տեսնեն։ Այդ արեւը տիկին Կրթրուտի շնորհն էր։ Ախ, չգիտեմ` ո՞ր շնորհն էր, որ ինձ կը յիշեցնէր, արդեօք ձա՞յնը։ Սակայն Էլիզապեթ թագուհիին ձայնը բնաւ լսած չէի։

Վաղուց, շատ վաղուց էր, որ եկեղեցի մտած չէի։ Չգիտեմ, արդեօ՞ք Տիկ. Կրթրուտի բերնին մէջ Քրիստոսի խօսքերը աւելի գեղեցիկ եղան։ Ինձ այնպէս թուեցաւ, թէ ծարաւ պապակած՝ զով գինիին փարջը շրթներուս տարի։

Շատախօս քէբթըն կը պատրաստուէր փակման խօսքերը ըսել, երբ դարձի եկող անառակ որդիին պէս զատուեցայ ժողովուրդի մէջէն ու մէջտեղը` թմբուկին քով կեցած, սկսայ երգել. «Կլօրի, կլօրի, ալէլուիա»

Երգեցի բարձր, երգեցի անախորժ ու հորթու ձայնով։ Ենթադրեցի, որ զիս գինովի տեղ դրին եւ թոյլ տուին, որ երգեմ։ Ի հարկէ, անակնկալի եկան եւ ուրախ եղան, որ ցորենի սերմերը փուշերուն մէջ չէին իյնար։

Երգս լմնցուցի. լմնցուցած էին նաեւ իրենց յայտագիրը։ Բոլորը մէկ եկան շնորհաւորեցին զիս իմ լաւ երգելուս համար։ Հասկցան, որ գինով չէի։ Շնորհաւորեց զիս նաեւ Կրթրուտը։

Շատախօս քէբթըն թմբուկը շալկեց ու զիս Փրկութեան Բանակին Տունը հրաւիրեց։ Քէբթընը ճամբան Քրիստոսի խօսքերէն կը խօսէր ինծի։ Ճիշդ ըսելով` մտիկ չէի ըներ, թէ ինչ կ’ըսէր։ Կ՚ուզէի Կրթրուտին մօտենալ ու խօսիլ։ Ու վերջապէս.

Ինչքան լաւ խօսեցաք, տիկին Կրթրուտ,   խօսեցայ մանկան մը անհամարձակութիւնով։

Իսկ դուք ալ լաւ երգեցիք,   պատասխանեց շնորհալի ժպիտով։

Այդ օր Փրկութեան Բանակին անդամ արձանագրուեցայ…