ՄԱՆՈՒԿ
ՄԸ
ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ
ՄԷՋ
1
Խանթարճին,
որ
գրեթէ
միշտ
խարդախութեան
մարմնացումն
է,
կը
քալէ
առջեւէն,
կշիռը
ուսը
նետած:
Իրեն
կը
հետեւի
ածուխի
ծանրաբեռն
կառքը
որ
խոր
սուգի
մէջ
մտած
է,
եւ
զոր
երկու
գոմէշներ
կը
քաշեն
դժուարութեամբ:
Անոնց
շողիքները
երբեմն
մինչեւ
գետին
կը
հասնին,
անոնց
վիզին
մորթը
ծալք-ծալք
է,
եւ
այս
բոլորը
Սկիւտար
է:
Կառքին
քովէն
գացող
ածխավաճառը
միշտ
կը
նայի
կրճտող
մեծ
կողովներուն,
որոնցմէ
վեր
կը
ցցուին
Էլլէմէյի
պատկառելի
բազուկներ:
«Շնորհաւոր
Ծնունդ»ներ,
«Ամեն
տարի
բարով
հասնիք»ներ:
Ածխավաճառը
գրեթէ
ամէն
քայլափոխի
խորհուրդներ
եւ
հրամաններ
կու
տայ
իր
գոմէշներուն,
որպէսզի
ուշադրութեամբ
քաշեն
եւ
նուազ
ցնցեն
կառքը:
Անոր
սգաւոր
սիրտը
վեր
չհանեն:
Իր
լեռնցիի
խուլ
ձայնին
դէմ
կը
բռնեն
բոժոժներ
ու
զանգակներ,
որոնք
կախուած
են
գոմէշներուն
գլխին
վերեւ,
երեք
չուաններու
վրայ,
ձիու
սեւ
պոչերու
հետ:
Իրաւ
է,
թէ
անասունները
թրքերէն
կը
հասկնան
եւ
կը
հպատակին
իրենց
տիրոջ
հրամաններուն,
սակայն
կառքը
կը
ցնցուի
դարձեալ՝
քմահաճ
սալայատակին
վրայ:
Վար
կ՚իյնան
«հասնիք»ներ:
Եթէ
անոնք
առնուազն
«բարով
հասնիք»ներ
են,
չեն
կորսուիր
բնաւ,
որովհետեւ
ետեւէն
եկող
գնորդը
կը
ծռի
ու
կը
հաւաքէ:
Յետոյ
ածուխի
կտորները
կրկին
կը
նետէ
կողովի
մը
մէջ,
երբոր
ձեռքերը
լեցուին:
Յանկարծ
գոմէշները
կը
սկսին
պարպել
իրենց
աղիքը:
Թրիքը
կ՚իյնայ
երբեմն
զարնուելով
իրենց
սրունքներուն,
բայց
սրունքները
չեն
աղտոտիր
բնաւ,
որովհետեւ
աղտոտ
են
արդէն:
Թրիքը
կ՚իյնայ
հաւկիթի
մը
պէս,
ու
կը
կոտրի,
կը
տափակնայ,
կ՚ընդարձակուի:
Ետեւէն
եկող
գնորդը,
որ
այս
արտածումէն
տեղեակ
չէ,
յանկարծ
կը
ծռի
եւ…
մէկ
կողմ
կը
քաշուի:
Կառքը
դեռ
չէ
անհետացած,
երբոր
դուռ
մը
բացուեցաւ,
ու
փողոց
ելաւ
կին
մը:
Աջ
ձեռքին
մէջ
ունի
աղտոտ
աւել
մը,
իսկ
ձախին
մէջ
ծուռումուռ
աղբակալ
մը
(ֆարաշ):
Ուղղակի
գնաց
տաք
եւ
տակաւին
շոգեպատ
քակորին
վրայ,
զայն
հաւաքեց
ու
տուն
դարձաւ
գոհունակ:
Այդ
գոհունակութիւնը
բնաւ
չ՚արտացոլար
սակայն
իր
դէմքին
վրայ:
Յիսուննոց
այս
այրի
կինը
Ալէմտաղցի
լեռնցի
մըն
է,
չոր
ու
երկար:
Իր
առնական
ֆիզիքին`
ինչպէս
նաեւ
կոշտ
ու
կոպիտ
խառնուածքին
պատճառաւ
զինքը
անուանած
են
Ճանտառմա:
Անոր
աջ
յօնքին
մէջէն
խոշոր
կոծիծ
մը
դուրս
ցցուած
է,
եւ
փոքր
աչքերը
կարմիր
են
ու
հիւանդոտ:
Հակառակ
որ
տասներկու
տարիէ
ի
վեր
հաստատուած
է
Սկիւտար,
ոչինչ
փոխած
է
գիւղացիի
իր
կենցաղէն:
Եւ
տունը
կը
հոտի
խմոր,
երշիկ,
պուլղուր,
թառխանա:
Եթէ
ասոնք
չհաշուենք,
կրնանք
ըսել,
թէ
առանձին
կ՚ապրի
Ճանտառման:
Բայց
այդ
հինգ
սենեականոց
տան
մէջ
միս-մինակ`
չի
ձանձրանար
բնաւ,
որովհետեւ
կայ
պարտէզը:
Հոս
է
ան`
Պարտէզը:
Հաւատարիմ
ընկերը,
անբաժան
կողակիցը,
ես
ըսեմ`
սիրելին,
դուք
հասկցէք`
սիրելին:
Սկիւտարի
հրաշափառ
արշալոյսին
մէջ
կը
տարածուի
ան,
իր
հաւատարիմ
ամպերը
ունի
ան,
ինչպէս
նաեւ
իր
սեփական
անձրեւը:
Թութի,
սերկեւիլի
եւ
կեռասի
հինգ
ծառեր:
Անոնց
կատարները
իրենց
բարձունքէն
կը
տեսնեն
ամբողջ
Բախլա
Թառլասին
եւ
Գատը-գիւղը,
իսկ
պայծառ
օրերուն`
Մարմարայի
պորտին
վրայ
ծփացող
երկու
կամ
չորս
կղզիները:
Պայծառութիւնը
գիտէ:
Անշահ
կիներ
կան,
որոնք
ոչ
մէկ
աչքառու
ձիրք
ունին:
Ոչ
գեղեցիկ
են,
ոչ
լեզուանի,
ոչ
լաւ
խոհարար
կամ
գուշակ,
ոչ
հաւատացեալ
կամ
անհաւատ:
Բայց
կը
պատահի,
որ
այդ
անշահ
կիներէն
մէկը
լաւ
գործ
մը
տեսնէ
իր
կեանքին
մէջ:
Կրծելիք,
պագնելիք
մանչուկ
մը
աշխարհ
բերէ:
Այսպէս
է
Ճանտառման,
որուն
մանչուկը
պարտէզն
է:
Հո՛ն
պէք
է
զինքը
փնտռել
ամէն
օր:
Կը
փորէ,
կը
տնկէ,
կը
ջրէ,
կը
ցանէ
իր
երկու
թաթերով:
Իր
ահարկու
թաթերով`
որոնց
մէկ
ձեռնոց
միայն
կարելի
է
յարմարցնել`
ցեխը:
Եւ
բնականաբար
պէտք
ունի
աղբի:
Լո՛ւրջ
աղբի:
Բայց
քանի
որ
մեղք
կը
համարի
այդքան
հասարակ
բանի
մը
համար
քանի
մը
ղրուշ
ծախսելը,
փողոցէն
կը
հաւաքէ
չորքոտանիներուն
ձգած
աղտեղութիւնը:
Կնոջ
այս
սովորութեան
ծանօթ
են
բոլոր
դրացիները,
որոնք
զինքը
կը
ծաղրեն
անվերջ,
մինչ
փոքրերը
կը
զուարճանան:
Երբոր
լաճերը
տեսնեն,
թէ
ինքնակոչ
աղբահաւաքը
փողոց
ելած
է,
իրենց
գլուխը
կը
քերեն
ըսելով
—
«Սաւոր
գլխուն
ի՞նչ
խաղ
խաղանք»:
Եւ
մի՛շտ
ալ
նոր
բան
մը
կը
գտնեն:
Մէկ
օր
մը
միայն
խաղդ
նշանաւոր
եղաւ:
Առիր
սա
մեծութեամբ
թիթեղի
կտոր
մը,
բացիր
ծակ
մը
անոր
մէկ
անկիւնը,
ու
կապեցիր
այդ
ծակէն
թռուցիկիդ
երկար
չուանը:
Յետոյ
թիթեղը
ամբողջութեամբ
ծածկեցիր
աղբակոյտով
մը
ու
զետեղեցիր
փողոցին
մէջտեղ:
Յետոյ
գացիր
ընկերներուդ
հետ
պահուըտիլ
Նիկողոսենց
դրան
մէջ:
Յետոյ
սպասեցիք`
չուանին
ծայրէն
բռնած:
Դանդաղօրէն
կը
յառաջանար
Ճանտառման,
աւելը
երերցնելով:
Նախ
բնաւ
չանդրադարձաւ
թէ
աղբակոյտը
կը
շարժի:
Բնա՛ւ:
Իր
հիւանդոտ
աչքերը
անկարող
էին
չուանը
տեսնելու:
Բայց
քանի
մօտեցաւ,
թրիքը
հեռացաւ:
Լաճ,
շա՛տ
խնդացիր
այդ
օրը:
Ճանտառման
քեզ
անիծեց,
բայց
շա՛տ
խնդացիր
այդ
օրը:
Եւ
սակայն
կնոջ
ամենէն
աւելի
յամառ
հակառակորդը
շրջուն
վաճառորդ
մըն
էր
եւ
կը
կոչուէր
Միրիկ:
Ան
ոչ
երէց
էր
եւ
ոչ
ալ
կրտսեր:
Գեղեցիկ
ջրհանկիր-վաճառորդ
մըն
էր
եւ
ունէր
էշ
մը`
իրեն
պէս
յամառ:
Միրիկ
կը
խաղար
Ճանտառմային
հետ,
եւ
այս
բանը
հասկնալի
է
այն
պատճառաւ
որ՝
ինչպէս
առհասարակ
բոլոր
աղքատի
տղաքը,
որոնք
կանուխէն
շուկայ
իջնելով
կը
զրկուէին
խաղէ,
Միրիկն
ալ
«կաթէ
կտրուած»
էր
եւ
այս
տարիքին
մէջն
ալ
խաղ
կը
փնտռէր
ու
կը
պահանջէր:
Ճիշդ
ինչպէս
որ
առանց
մօր
գուրգուրանքի
մեծցած
այրերը
երբոր
ամուսնանան,
իրենց
կողակիցին
մէջ
մայրութի՛ւն
ալ
կը
փնտռեն:
Այն
կորուսեալ
բաժինն
ալ
կը
պահանջեն:
Միրիկ,
երբոր
իր
էշովը
Ճանտառմային
տան
առջեւէն
անցնի
եւ
կինը
պատուհանը
տեսնէ,
անասունը
կը
կեցնէ
անխուսափելիօրէն,
եւ
իբրեւ
թէ
ուժգնութեամբ
էշուն
պոչը
քաշելով
կ՚ըսէ.
—
Էյ
չընե՞ս.
զաւալլը
կնիկը
ձեռքերը
բացեր`
քեզի
կը
պէքլէյէ
կոր…
նա՛,
ըրէ՛
իշտէ:
Աստծոյ
սիրուն
համար,
սաւոր
սիրտը
թեթեւցո՛ւր…
ըրէ…
ըրէ՛…
ըրէ…
Այս
վերջին
անպատկառ
բացականչութիւնները
որեւէ
կերպով
չեն
ազդեր
Ալէմտաղցիին
վրայ:
Ան
լուռ
եւ
անայլայլ`
կը
խուզարկէ
Պաղլար
Պաշիի
ընդարձակ
պողոտան,
կայմի
մը
գագաթը
թառած
նաւազի
մը
պէս:
Եւ
անմիջապէս
որ
նշմարէ
խումբ
մը
հաւեր,
բուռ
մը
ճնճղուկներ`
հաւաքուած
գոմէշի,
ձիու
կամ
նոյնիսկ
էշու
աղտեղութեան
շուրջ
կը
նետուի
փողոց:
Միշդ
գէշ
հագուած,
ոտքերուն
մուճակի
նման
շորեր,
գլխուն
գնչուի
եազմա`
շատ
անգամ
մինչեւ
Խառամանցի
յոյն
նպարավաճառին
առջեւ
կ՚երթայ
աւելն
ու
աղբակալը
բարտելով,
եւ
թրիքը
հաւաքելէ
վերջ
կը
վերադառնայ
հպարտ:
Այդ
հպարտութեան
պատճառը
կայ:
Ճիշդ
քովի
տունը
կը
բնակին
Շաշի
Սրապիոնենք,
որոնք
նմանապէս
ունին
մշակուած
պարտէզ
մը`
եւ
բնականաբար
նաեւ
պէտքը`
աղբի:
Սրապիոն
աղա,
որ
գործէ
քաշուած
պզտիկ
մարդուկ
մըն
է,
նոյնպէս
դարձած
է
աղբահաւաք:
Եւ
կը
պատահի
անխուսափելին:
Աղմուկով
կը
բացուին
երկու
դռներ:
Սրապիոն
աղա
եւ
Ճանտառմա
միաժամանակ
կը
սլանան
դէպի
թարմ
նպատակակէտը,
աղբակալներն
ու
աւելները
կարկառած`
կամ
գրեթէ.
մուճակները
քարշ
տալով`
կամ
գրեթէ:
Ո՞վ
պիտի
հասնի
ամէնէն
առաջ:
Ալէմտաղցին
երբոր
չհասնի,
կը
վերադառնայ
հայհոյելով
կամ
գրեթէ:
Բայց
մարդուկ
Սրապիոնին
համար
մեծխօսիկութիւնն
ու
հպարտացումը
անհրաժեշտ
պահանջներ
են:
Հոս
գրեթէ
չկայ:
Կ՚ուզէ
անպայման
քաղել
յոգնութեան
պտուղը
եւ
յաջողութիւնը
փողահարել:
Ու
համրաքայլ,
օրօրուելով
եւ
տատանուելով
ծերուկը
կը
մօտենայ
կնոջ
պատուհանին,
եւ
որովհետեւ
աղբը
ընդհանրապէս
Ալէմտաղիի
ճամփէն
եկած
է,
կ՚ըսէ
բարձրաձայն`
ծանրաբեռն
աղբակալը
կարկառելով.
—
Նայէ՛,
ասոր
ապրա՛նք
կ՚ըսեն,
ապրա՛նք…
Ասանկ
պատուական
բաները
ամէնքն
ալ
Ալէմտաղիէն
կուգան…
Մնտռութեան
առաջնակարգը
քեզի
պէս
Ալէմտաղցի
է…
Հոգի՛ն
սիրեմ
այն
Ալէմտաղիին…
2
Սկիւտարը
կէս
մը
գիւղ
է
եւ
կէս
մըն
ալ
քաղաք:
Թերեւս
այդ
է
պատճառը,
որ
կէս
սոխակ
մը
միայն
կայ
լեռնցիին
պարտէզին
մէջ,
եւ
կէս
մըն
ալ`
Շաշիին
պարտէզին
մէջ:
Այժմ
երկու
կէսերը
պիտի
գեղգեղեն,
քանի
որ
արեւը
դուրս
ելաւ
Չամլըճայի
ետեւէն:
Ըսէ՛,
սիրական,
արեւը
ինչպէ՞ս
դուրս
պիտի
ելլէր
եթէ
Չամլըճան
չըլլար:
Ո՜վ
Սկիւտարի
հրաշագեղ
առաւօտ,
երփներանգ
ու
գեղածիծաղ
արշալոյս՝
որ
բարձունքներէն
կը
տեղաս
լոյսով,
թրթռացումով,
աւիշով
եւ
դեռ
չաւարտեցի՜…
Աքլորներուն
կանչը
կ՚երկարի
անվերջ,
ու
ճախարակի
աղմուկով
դոյլերը
կ՚իջնեն
հորերուն
մէջ,
հորերը
կ՚ելլեն
դոյլերուն
մէջ:
Ո՛չ,
Սրապիոն
աղային
կերած
հացը
վար
չերթար,
եթէ
ձեռնածալ
նստի:
Հիմա,
որ
այլեւս
ինք
քաշուած
է
գործէ,
կամ
գործը
քաշուած
է
իրմէ,
եւ
իր
աղջիկն
ու
փեսան
է,
որ
զինքը
կը
նային,
մեծ
մեղք
կը
համարի
օգտակարութիւն
չունենալ
տան
մէջ:
Անհրաժեշտօրէն
պէտք
է,
որ
հասցնէ
լոլիկ,
դդում,
սմբուկ,
մըմբուկ,
լուբիա,
մուբիա,
եւ
այդ
պատճառաւ
իր
արդար
իրաւունքը
կը
նկատէ
փողոցին
բերքը:
Իրեն
բնաւ
անվայել
չի
թուիր
իր
աղբահաւաքութունը,
բայց
երբեք
չի
ներեր,
որ
Ճանտառման
ալ
նոյն
բանը
ընէ:
Նախ
որ
կնոջ
մը
չի
վայլեր:
Ամօ՛թ
ըսուած
բան
մը
կայ:
Երկրորդ`
ամէն
ոք
հաւատացած
է,
թէ
Ալէմտաղցին
դրամ
ունի,
քէմէր
ունի:
Եւ
երրորդ`
որովհետեւ
Սրապիոն
աղա
կը
կարծէ,
թէ
կինը
այդպէս
կը
շարժի
հակառակութեան
համար
միայն:
Ի
հեճուկս:
Իր
պատառը
ձեռքէն
կը
խլէ
հակառակութեան
համար,
որովհետեւ
արդէն
վէճ
ունին
ուրիշ
խնդիրներու
մէջ
ալ:
Նախ
ջուրը:
Իրենց
հորերը,
որոնք
երկու
պարտէզները
բաժնող
տախտակորմին
երկու
կողմերը
կը
գտնուին,
իրերահաղորդ
են:
Կը
բաւէ,
որ
երկու
թշնամի
դրացիներէն
մէկը
քիչ
մը
շատ
գործածէ,
որպէսզի
միւս
հորին
ջուրը
նուազի:
Եւ
անմիջապէս
տախտակորմին
մէկ
կողմէն
միւսը
կ՚արձակուին
լուտանքներ:
Սրապիոն
աղա
պատկերալից
հայհոյութիւններ
գիտէ
եւ
միշտ
նորեր
կը
ստեղծէ:
Քանի
որ
իր
երիտասարդ
տարիքին
մէջ
եղած
է
ոսկերիչ,
եղած
է
կարճահասակ:
Իսկ
Ճանտառման
անխուսափելիօրէն
կը
կրկնէ
նոյն
պատասխանը
—«Խապախի
չափ
ալ
չկաս
քի,
ջուրը
խմես
տէ,
պօյ
նետես»:
Աս
մէ՛կ:
Վէճի
ուրիշ
շարժառիթ
մը
ստեղծուած
է
նաեւ
դրկից
տուներուն
կոյուղիներուն
պատճառաւ,
որոնք
իրարու
կը
միանան
գլխաւոր
անցքին
մէջ
թափելէ
առաջ:
Շաշի
Սրապիոնենք
կ՚ամբաստանեն
Ճանտառման`
ըսելով,
թէ
գծուծ
կինը
Հիւրրիէթէն
ի
վեր
մաքրել
չէ
տուած
իր
զզուելի
ճամփան,
եւ
ա՛յս
ըրաւ
երկու:
Դեռ
կայ
նաեւ
կատուին
խնդիրը:
Ամէն
անգամ,
որ
գիւղացիին
ազատքեղի
փափուկ
մարմանդը
կոխոտուի,
յանցաւորը
անպայման
Սրապիոնին
փիսիկը
կ՚ըլլայ:
Եւ
«թավլու»-ն
(կատուին
անունն
է)
կնոջ
կողմէ
անվերջ
կը
հալածուի,
կը
քարկոծուի,
կռուի
դաշտ
քաշելով
նաեւ
Սրապիոնին
աղջիկը,
որ
կու
լայ:
Անտարակո՜յս,
«թավլու»ն
շա՜տ
գեղեցիկ
անուն
է,
բայց
ա՛ս
ըրաւ
երեք:
Ահաւասիկ
բոլոր
այս
փոքր
հակառակութիւններուն
կազմած
մեծ
բարկութիւնն
է,
որ
կու
գայ
կը
պոռթկայ
թրիքին
առջեւ:
Հոն
է,
որ
բախումները
կ՚ըլլան
տաք
ու
վտանգաւոր:
Իրաւ
է,
թէ
երկու
ինքնակոչ
աղբահաւաքները
գրեթէ
միշտ
պարտէզն
են,
բայց
անտեղեակ
չեն
դուրսի
անցուդարձին:
Ճանտառմային
պարտէզը
միայն
տունին
ետեւ
չէ
որ
կ՚երկարի,
այլ
քո՛վն
ալ,
փողոցին
եզերքն
ալ:
Այնպէս
որ
կինը
այն
կողմի
տախտակորմին
ծակերէն
կը
նայի
դուրս,
ամէն
անգամ,
որ
միտքը
իյնայ
գոմէշ
մը,
էշ
մը,
կամ
Սրապիոնը:
Իսկ
մարդուկը
լուր
կ՚առնէ
իր
աղջկանը
միջոցաւ:
Դժբախտաբար
տեղեկատւութեան
այս
թանկագին
ազդակը
կորսնցուց
Սրապիոն
աղա,
որովհետեւ
ամառուան
տաքերուն
պատճառաւ
իր
աղջիկն
ու
փեսան
Գարթալ
գացին,
ազգականներու
մօտ
մնալու
համար
քանի
մը
շաբաթ:
Եւ
որովհետեւ
Ճանտառմային
փանսիոնէռն
ալ,
որ
բժշկական
ուսանող
մըն
էր,
մեկնած
էր
արձակուրդի,
երկու
կէս
սոխակները
բոլորովին
մինակ
մնացին
կողք
կողքի:
Այդ
օրերուն
է,
որ
պատահեցաւ
դէպք
մը:
Սրապիոն
աղա
գետնէն
թղթապանակ
մը
գտաւ:
Այո՛,
փողոցէն
գտաւ:
Աւելն
ու
աղբակալը
դրաւ
վար,
ոտքերուն
առջեւ,
թղթապանակը
բացաւ
եւ
սկսաւ
նայիլ,
թէ
ինչ
կայ
մէջը:
Կիզիչ
կէսօրէ
վերջ
մըն
էր:
Ճիւղի
մը
վրայ
թռչուն
մը
պատարագ
մը
կ՚ընէր:
Ճանտառման
ալ
իր
դուռը
բացաւ
եւ
անոր
մէջ
կեցաւ`
ապշութեամբ:
Նայեցաւ
փողոցին
մէջտեղ
բարձրացող
թրիքի
կոյտին,
նայեցաւ
քիչ
մը
անդին
կանգ
առած
մարդուկին
եւ
չհասկցաւ,
թէ
ինչու
Սրապիոն
չի
վազեր
դէպի
նպատակը:
Ի՞նչ
կը
նշանակէ
քու
այս
օրինազանցութիւնդ:
Ի՞նչ
կը
ծածկէ
քու
այս
անպարկեշտ
խաղդ:
Բայց
առանց
խորունկը
փնտռելու,
կինը
յանկարծական
որոշումով
մը
կ՚ուզէ
օգտուիլ
մարդուն
զբաղումէն
եւ
կը
սլանայ
աղտեղութեան
վրայ`
«փաչալը»
հաւեր
սարսափեցնելով:
Գլուխն
ու
թրիքը
վեր
առած
պահուն
միայն
տեսաւ
թղթապանակը:
Շառագունեցաւ
կինը
բարկութեամբ
ու
մօտեցաւ
իր
դրացիին:
Այս
վերջինը,
որ
աշնան
տերեւի
նմանող
ակնոց
մը
դրած
էր
քիթին
վարի
ծայրը,
կը
ջանար
թուղթի
մը
պարունակութիւնը
ըմբռնել:
Բայց
կնոջ
ներկայութեանը
անդրադառնալով
ըսաւ
ակնոցներուն
վրայէն:
—
Աչքդ
մէջը
չմնա՛յ:
Նայէ՛.
կայ
չկայ`
հինգ
ղրուշնոց
մը
կայ…
Դրամ
ըլլալով`
այդքան
միայն
կար:
Իսկ
ատկէ
զատ
Կարմիր
Խաչի
պարահանդէսի
տոմսակ
մը,
Շիրքէթը
Խայրիէյի
ժամանակացոյցը,
դրոշմաթուղթեր
պարունակող
փոքրիկ
պահարան
մը,
Պրուքլինի
կամուրջը
ներկայացնող
կոյս
բացիկ
մը
եւ
յետոյ
այն
թուղթը`
զոր
Սրապիոն
աղա
կը
ջանայ
կարդալ:
Ըսաւ.
—
Տղու
մը
գրպանէն
ինկած
ըլլալու
է:
Մեծ
մարդու
ճզտան
չէ
աս:
Երբե՛ք,
երբե՛ք
այնքան
միամիտ
չէր
գիւղացի
կինը,
որ
այսքան
վրան
բաց
սուտի
մը
հաւատար:
Խորհրդածեց
եւ
հասկցաւ,
որ
մարդուկը
դիտմամբ
թղթապանակին
արժէքը
կ՚ուզէ
նուազեցնել,
որպէսզի
իր
«աչքը
մէջը
չմնայ»:
Եւ
յետոյ,
ո՞ւր
տեսնուած
է,
որ
մանուկ
մը
թղթապասակ
ունենայ:
Քիթի՞ս
կը
խնդաս,
Շաշի:
Ո՛չ,
բան
մը
չըսաւ
Ճանտառման,
բայց
փոխանակ
հեռանալու,
աւելի
մօտեցաւ
դիմացինին,
իր
ծանրաբեռն
աղբակալը
մարդուն
քիթին
դէմ
բռնելով:
Գարշելի
ճանճեր
աղմուկով
կ՚ելլէին
ու
կ՚իջնէին
երկու
դրացիներուն
միջեւ:
Մարդուկը
կարդաց
դժուարութեամբ.
«Չարադիւթանքի
(պիւեօւ)
գլխաւոր
եղանակները
տասն
են:
Անոնցմէ
առաջինը`
եւ
ամենէն
գլխաւորը
կը
կոչուի
Տաժիտ:
Տաժիտը
կրնայ
ըլլալ
ժէլադինի
թերթ
մը,
հաւու
հաւկիթ
մը,
որ
աքաղաղի
մը
կողմէ
սաղմնաւորուած
չէ,
բայց
աւելի
յաճախադէպօրէն
կ՚ըլլայ
պուպրիկ
մը,
զօր
պիւյիւճին
մեղրամոմով
կը
ձեւաւորէ,
անոր
կարելի
եղածին
չափ
տալով
զոհին
դիմագիծը,
զոհին
ֆիզիքը:
Պուպրիկի
ձեւաւորման
ժամանակ
պէտք
է
որ
պիւյիւճին
վրան
կարդայ
անէծքներ,
դիւթական
բացականչութիւններ
եւ
թելադրութիւններ:
Պէտք
է
որ
այդ
պուպրիկին
մէջ
դնէ
զոհին
մէկ
պատկերը,
կամ
մէկ
թէ
բազմաթիւ
առարկաներ`
զորս
կը
թուենք
ստորեւ,
եւ
որոնք
զոհին
մարմինէն
կու
գան
կամ
անոր
հետ
մտերիմ
շփման
մէջ
գտնուած
են:
Այսպէս
օրինակ
—
մազ,
կտրուած
եղունգ,
արիւն,
շապիկի
կտոր,
թաշկինակ,
գուլպայ»:
Սրապիոն
աղա
կ՚այրէր
արեւէն:
Ետ
քաշուեցաւ
եւ
ծառի
մը
շուքին
ներքեւ
շարունակեց
ընթերցանութիւնը,
աղբամանը
ունենալով
միշտ
քիթին
տակ:
«Այս
Տաժիտը
զոր
շատ
անգամ
—
շնորհիւ
քահանայի
մը
մեղսակցութեան
—
կը
քննեն
գաղտնաբար,
կը
ծառայէ
սիրոյ
եւ
ատելութեան
դիւթանքի:
Առաջին
պարագային,
դիւթողը
զայն
կը
համբուրէ,
կը
գգուէ,
կը
շոյէ:
Իսկ
երկրորդ
պարագային`
զայն
կը
սմթէ,
կը
ճզմէ,
բոցի
մը
վրայ
կը
հալեցնէ
քիչ
մը,
բայց
մանաւանդ
կը
սկսի
ասեղներով
անոր
ամբողջ
մարմինը,
կամ
մարմնին
մէկ
մասը
մասնաւորաբար
ծակծկել:
Զոհը
այդ
մասին
վրայ
ցաւ
պիտի
զգայ
անպայման
նոյն
օրն
իսկ
կամ
յաջորդ
օրերը:
Պէտք
է
շարա…
շատա…
չատա…»:
—
Ինչո՞ւ
կեցար,
չկարդա՞ս:
Սրապիոն
աղա,
որ
ինկած
էր
դժուար
ընթեռնելի
բառի
մը
վրայ,
գլուխը
վեր
առաւ`
այս
սաստում
են
ցնցուած:
Եւ
շփոթեցաւ`
կնոջ
արտայայտութիւնը
տեսնելով:
Ճանտառման
մտիկ
կ՚ընէր
իր
ամբողջ
ուշադրութեամբ
եւ
կարծէք
թէ
իր
աջ
յօնքին
մէջի
կոծիկը
կրկնապէս
աւելի
դուրս
ցցուած
էր:
«Աս
ի՞նչ
խենթ
բան
է»,
ըսաւ
մարդուկը
եւ,
էջը
դարձնելով
ուրիշ
նոր
տողէ
մը,
կարդաց.
«Չարադիւթանքի
երրորդ
ձեւը
կը
կոչուի
կուտակում:
Այս
ձեւը
կը
գործածուի
մանաւանդ
գաւառի
վհուկներու,
հովիւներու
եւ
բեկաբոյժներու
կողմէ,
եւ
միայն
վնաս
հասցնող
դիւթանք
մըն
է:
Թշնամի
ագարակապանի
մը
անասունները
հիւանդացնելու
կամ
սպանելու
համար
կ՚առնեն
հորթի
սիրտ
մը,
չղջիկ
մը,
կամ…»:
Սրապիոն
աղա
նորէն
քանի
մը
տող
ցատկեց
նեղսրտած`
եւ
հասաւ
սա
մասին.
«Հինգերորդ
ձեւը
իրաւ
է
թէ
Եւրոպայի
մէջ
ալ
կը
գործադրուի,
բայց
ան
մանաւանդ
հանրածանօթ
է
Մատակասկար,
Հնդկաչին
եւ
Քոնկօ:
Վհուկը
երբոր
ուզէ
մարդու
մը
կամ
անասունի
մը
ոտքերը
հիւանդացնել,
ցաւցնել,
բաւական
է,
որ
հողին
մէջ
անոնց
ձգած
հետքերուն
վրայ
կատարէ
Բեւեռամխրճումը:
Այսինքն
գամ
մը
մխրճէ
հետքին
մէջ,
կէս
գիշերին,
երբոր
լուսինը
իր
մռայլութեամբ…»:
Շեշտակի
իրարու
աչքի
մէջ
նայեցան
երկու
դրացիները,
եւ
Սրապիոն
աղա
ջղայնոտութեամբ
թուղթը
ճմռտկեց
եւ
գրպանը
գրաւ
թղթապանակին
հետ`
ըսելով,
թէ
եթէ
յարգի
բան
մը
ըլլար,
իր
դէմը
չէր
ելլէր:
Յետոյ
քիթին
առջեւ
բռնուած
ծանրաբեռն
աղբակալը
տեսնելով`
կատղեցաւ:
Գոչեց
նողկանքով,
քիթը-բերանը
թթուեցուցած.
—
Սա
անդի՜ն
տար
պէ…
Ուրտեղէ՜ն
ալ
կը
գտնես
աս
փիս–ճէնապէթ
բաները…
Դուն
քիթ
ըսուած
բանը
չունի՞ս.
հիչ
չունի՞ս:
Եւ
տան
մտաւ
պարապ
աղբակալը
բարտելով,
մռլտալով,
թքնելով:
3
Կռիւը
սարսափելի
էր:
Սուր
ճիչ
մը
արձակեց
Սրապիոն
աղա
եւ
ձեռքը
գլխուն
տարաւ:
Ճաղատ
գանկը
կ՚արիւնէր:
Նայեցաւ
իր
շուրջը
եւ
թի
մը
տեսնելով
յափշտակեց
զայն
կատաղութեամբ
ու
խոյացաւ
Ճանտառմային
վրայ:
Կ՚ուզեր
ոչ
միայն
հակահարուած
մը
տալ,
այլեւ
մանաւանդ
կինը
դուրս
վռնտել
իր
պարտէզէն:
Բայց
շուտով
ըմբռնեց,
թէ
իր
կրկնապատիկ
ֆիզիքական
ուժը
ունեցող
այդ
գիւղացիին
հետ
գլուխ
պիտի
չկարենայ
ելլել:
Այն
ատեն
լքեց
ամէն
բան
եւ
փախաւ
տուն,
դուռը
ամուր
մը
ետեւէն
գոցելով:
Ինքնիրմէ
ելած
Ալէմտաղցին
նետուեցաւ
խոհանոցի
այդ
գոց
դրան
վրայ
եւ
սկսաւ
զայն
հարուածել
կիցերով,
եւ
ձեռքին
տակը
ինկած
առաջին
առարկայով,
այսինքն
բռունցքներով:
Ջրհանկիր
մը
ամչցնելու
աստիճան
կը
հայհոյէր,
կը
պոռար
եւ
կ՚անիծէր
փրփրերախ:
Դռան
քովի
պատուհանէն
նայելով
կը
տեսնէր
«քէշկէք»-ի
խոշոր
սան
մը,
եւ
ակնարկը
անոր
յառած
կը
պահանջէր,
որ
մարդուկը
դուռը
բանայ:
Անմիջապէս,
շուտո՛վ
բանայ
եւ
իր
դէմը
գայ:
Սանէն
կը
պահանջէր,
որ
իր
դէմը
գայ,
որպէսզի
պատժուի,
կողերը
ջարդուփշուր
ըլլան
եւ
սատկի
ծեծին
տակ:
Բայց
չի
կրնար
դուռը
կոտրել:
Այն
ատեն
Ճանտառման
քանի
մը
մեթր
կը
հեռանայ
եւ,
գետնէն
խճաքարեր
հաւաքելով,
կը
սկսի
վար
առնել
տունին
պատուհանները:
Պարտէզին
վրայ
նայող
պատուհաններուն
ապակիները
բոլորն
ալ
ջարդուփշուր
կ՚ընէ,
մեծ
աղմուկով:
Արեւի
սրանկիւն
էջեր
կ՚իյնան
պարտէզ
ու
կը
նուաղին:
Այն
ատեն
Սրապիոն
աղա
փողոցին
վրայի
մէկ
պատուհանը
ելլելով
սկսաւ
աղաղակել
դողդողաձայն.
—
Հասէ՜ք,
փոլիս
կ՚ուզեմ…
փոլի՜ս…
հասե՜ք…
Բացուեցան
դռներ
ու
պատուհաններ,
հաւաքուեցան
լաճեր,
իսկ
«թավլու»ն
փախաւ
լեղապատառ:
Դրացիները
վազեցին
բացականչելով,
մուճակնին
քաշքշելով,
իրենց
թեւերը
վեր
առնելով,
իրենց
կերակուրները
վար
առնելով:
Կրցածին
չափ
ուժով
կը
պոռար
Սրապիոն
աղա,
դողալով
արդարութիւն
կը
պահանջէր,
օրէնքէն
պաշտպանութիւն
կը
պահանջէր
եւ
կ՚ուզեր,
որ
ներկաները
իրենք
դատեն
զինքը
եւ
եթէ
անարդար
է`
ըսեն
բացէիբաց:
Իրենց
մեռելներուն
հոգուն
համար:
Տո՛ւր
նայիմ
սա
կօշիկները,
անմիջապէս
ոստիկանատուն
պիտի
երթայ.
դատարան
պիտի
դիմէ
վա՛ղն
իսկ.
այս
անասունին
ձեռքէն
քաշածը
միայն
ի՛նք
գիտէ.
այլեւս
մինչեւ
կոկորդը
հասած
է:
Բայց
ինչո՞ւ
ձեռքէն
կը
բռնէք.
թողէ՛ք
զայն.
պիտի
երթայ
վար
պիտի
առնէ
լեռնցիին
ապակիները:
Իր
անունը
Սրապիոն
է:
Նազիկ
հանըմ
մարդուկին
արիւնոտ
գլուխը
վիրապատեց
«հէ՜յ
օղորմած
Աստուած»
ըսելով
եւ
ուրիշներ
ակռաֆ
տալով
նոյնպէս
գայթակղեցան:
Սրապիոն
աղա
երդում
պատառ
կ՚ըլլար,
թէ
ինք
երբեւիցէ
պիւյիւ
չէ
ըրած,
թէ
մտքին
պոչէն
իսկ
չէ
անցուցած
այդ
տեսակ
պառաւական
սուտ
ու
փուտ
բաներով
վնաս
հասցնել
Ճանտառմային:
Թէ
փողոցէն
գտնուած
թուղթը,
այդ
ապուշ
թուղթը
նոյն
օրն
իսկ
պատռած
նետած
է:
Եթէ
սուտ
կ՚ըսէ`
ասկէ
հոն
չերթայ:
Աղջկանը
խէրը
չտեսնէ:
Անպայման
դրամը
պիտի
առնէ
կոտրած
ապակիներուն:
Հոս
կայ
օրէնք
եւ
արդարութիւն:
Խեր
մը
ըրած
պիտի
ըլլաս
Նազիկ
հանըմ`
պուտ
մը
ջուր
տուր:
Պիւյիւին
ինչ
ըլլալէն
անգամ
լուր
չունի
ինք
եւ
անով
զբաղողներէ՛ն
ալ
չախորժիր:
Բայց
որո՞ւ
կ՚ըսես:
Պա՛տ,
պա՛տ,
դուն
խօսք
կը
հասկնա՞ս
պա՛տ:
Ապրի՜ս
Նազիկ
հանըմըս…
Էյ
աղջիկս
չիմանա՜յ,
չիմանա՜յ
Մեղրիկը…
Անկիւնի
Խառնամանցի
յոյն
նպարավաճառը
գնաց
Ճանտառմային
դուռը
զարկաւ,
զոյգ
մը
խօսք
ընելու
համար,
բայց
գիւղացի
կինը
չուզեց
դուռը
բանալ
եւ
պատուհանէն
վանեց
մարդը
կոպտօրէն:
Այն
ատեն
թրքախօս
Յոյնն
ալ
իր
կարգին
սկսաւ
լեզուին
տալ
եւ
սպառնալ
կնոջ:
Ըսաւ,
թէ
այլեւս
վերջ
մը
պէտք
է
դնել
եօթն
օրէ
ի
վեր
շարունակուող
կռիւներուն,
թէ
ամօթ
ըսուած
բան
մը
կայ,
թէ
Ճանտառման
թաղին
մէջ
ճշմարիտ
փորձանք
մը
եղած
է,
եւ
թէ`
եթէ
խանութին
դուռը
բաց
ձգած
չըլլայի,
իմ
ով
ըլլալս
կը
հասկցնէի:
Չէի
թոյլատրէր
որ
այդպէս
կոպտօրէն…
Մինչեւ
գիշեր
Սրապիոն
աղա
պոռպռաց,
շրջագայեցաւ
եւ
գլխուն
քացախ
զարկաւ,
որովհետեւ
վզին
ու
քունքերուն
երակները
ուռած
էին
եւ
անդամները
կը
դողդղային:
Վճռեց
յաջորդ
առաւօտուն
կանուխ
ոստիկանատուն
երթալ:
Պաշտպանութիւն
խնդրելէ
զատ`
պիտի
պահանջէր
նաեւ
կոտրած
ապակիներուն
փոխարժէքը:
Երկարօրէն
գումարեց
ու
բազմապատկեց
պատուհանները,
ապակեգործները,
օրուան
սակը
եւ
իր
տասը
մատները:
Բայց
յաջորդ
առաւօտուն
հիւանդ
էր:
Սրտին
բաբախումները
սաստկացած
էին,
մէջքը
կը
ցաւէր,
գլուխը
կը
դառնար,
ծունկերը
կը
կոտրտէին:
Դրացի
Նազիկ
հանըմը
եկաւ
զինքը
խնամեց,
անվերջ
խօսելով
եւ
սուրճ
խմելով:
—
Ապրի՛ս
Նազիկս,
—
ըսաւ
մարդուկը
եւ
յաջորդ
օրուան
հետաձգեց
իր
դիմումը:
Օր
մը
վերջ
Սրապիոնին
վիճակը
որեւէ
փոփոխութիւն
չէր
կրած,
միայն
բարձրացած
էր
կոտրած
ապակիներուն
արժէքը:
Պարտէզները
ամայացան:
Անմոռանալի
այդ
կռիւէն
վերջ
երկու
տարէց
դրացիները
դուրս
չելան
իրենց
տուներէն:
Սրապիոն
աղա,
որ
սաստիկ
կը
վախնար
հիւանդութենէ,
Նազիկ
հանըմին
խորհուրդին
հետեւելով
չէր
շարժէր
բազմոցին
անկիւնէն:
Այս
կինը
իր
ամբողջ
կարելին
ըրաւ,
հանդարտեցներու
համար
խռոված
ծերուկը:
Ըսաւ,
թէ
Մեղրիկին
բացակայութիւնը
զգացնել
պիտի
չտայ,
թէ
ինք
տան
անդամը
կը
նկատուի
եւ
իր
պարտականութիւնը
պիտի
կատարէ
յօժարութեամբ:
Եղա՜ծը
ինչ
է,
որ…
կը
բաւէ,
որ
քեզի
տաք
ապուր
մը
խմցնեմ,
կը
բաւէ,
որ
քեզի
լաւ
մը
քրտնցնեմ
ու
լմնցաւ
գնաց:
Բայց
օր
մը
վերջ
արդէն
Նազիկ
հանըմ
այլափոխուած
էր:
Յաջորդ
առաւօտուն
շատ
կանուխ
եկաւ
մարդուկին
քով
ու
տեսնելով,
որ
բաբախումները
չեն
մեղմանար,
զարմացաւ
մեծապէս:
Նախ
քանի
մը
անորոշ
բառեր
կմկմաց,
զգացուց,
որ
մտահոգ
է,
լեզուին
տակը
բան
մը
կայ,
եւ
յետոյ
մէկէն`
այլեւս
անկարող
էր
յուզումը
զսպելու`
պոռթկաց.
«Ասոր
տակը
բան
մը
կայ»
ըսաւ
ան:
Ինք
տասնչորս
տարիէ
ի
վեր
Սրապիոն
աղան
հիւանդ
չէր
տեսած:
Թո՛ղ
ըլլայ
տասներեք:
Չէ՛ր
կրցած
իսկ
զայն
հիւանդ
երեւակայել:
Ամբողջ
գերդաստաննին
այդպէս
քաջառողջ
ճանչցած
էր:
Ուրե՞մն:
Ինչէ՞ն
գիտնամ,
որ
ան
ջատուկը
պիւյիւ
չէ
ըրած:
Ինչէ՞ն
գիտնամ,
որ
իր
մեղքը
ծածկելու
դիտումով
քեզ
չէ
ամբաստանած:
Օ՜,
ան
հրէշէն
ամէն
բան
պէտք
էր
սպասել:
Չափազանց
խռովեցաւ
մարդուկը:
Նախ
բնաւ
չուզեց
հաւատալ,
իր
տկարութիւնը
վերագրելով
եօթն
օր
տեւող
յուզումնալից
կռիւներուն,
բայց
վերջը
ստիպուեցաւ
ճանչնալ
իր
գերդաստանին
քաջառողջ
կազմը:
Յիշողութիւնը
պրպտելով
աւելի
տագնապեցաւ:
Անդրադարձաւ.
որ
իրաւամբ
թղթիկը
գտնուելէն
օր
մը
յետոյ
արդէն
ասղնտուք
մը
սկսած
էր
մէջքին
մէջ:
Այո՛,
այո՛,
կը
յիշէր:
Բարակ
եւ
թեթեւ
բան
մը,
զոր
լուրջի
չէր
առած:
Որո՞ւն
մտքէն
կ՚անցնի:
Գլուխն
ալ
սկսած
էր
դառնալ
ջուր
քաշած
ատեն,
բայց
որո՞ւն
մտքէն
կ՚անցնի:
Եւ
յանկարծ
կը
փրփրի
ծերուկը:
Կ՚ուզէ
դուրս
նետուիլ,
երթալ
ոտքին
տակը
առնել
Ալէմտաղցին,
անոր
գլուխը
ջախջախել:
Իր
այս
կատաղութեան
դէմ
ծիծաղեցաւ
Նազիկ
հանըմ:
Տղա՜յ
ես.
իրաւ
որ
պէպէք
ես.
եթէ
անոր
դիւթանքը
քեզ
կապած
է,
սպանութիւնն
իսկ
քեզ
դարման
չի
կրնար
ըլլալ:
Մա՛հն
իսկ
պիւյիւն
չի
կրնար
քակել:
Ուրի՜շ,
ուրի՜շ
բան
պէտք
է
խորհիլ:
Եւ
քանի
խորհեցան,
այնքան
սաստկացան
բաբախումները:
Մարդուկը
վստահ
էր,
թէ
այլեւս
ոչ
դեղն
ու
բժիշկը
օգուտ
ունին,
ոչ
ալ
քրտինքը,
որ
ահաւասիկ
կ՚իջնէ
իր
ծոծրակէն:
Միայն
հակադիւթանքն
է,
որ
զինքը
կրնայ
փրկել:
Բայց
ո՞վ
եւ
ինչպէ՞ս
պիտի
հակադիւթէ:
Կրկին
բարձրացաւ
ապակիներուն
արժէքը:
Այլեւս
տարակոյսի
առարկայ
չէ
գաւառացի
կնոջ
չարադիւթած
ըլլալը:
Սրապիոն
աղա
կ՚ըսէ,
թէ
երբեք
ոխերիմ
թշնամի
չէ
նկատած
այդ
կինը:
Այո,
անհաճոյ
դրացի
մը,
բայց
այդքան
միայն:
Հետեւաբար
պատճառ
չունէր
անոր
դէմ
այդքան
ահաւոր
վրիժառութեան
դիմելու
եւ
տունը
քանդելու:
Մինչդեռ
Ճանտառման
իր
կողմէն
խոր
ատելութիւն
մը
կը
սնուցաներ
Սրապիոն
աղային
եւ
իրեններուն
դէմ:
Ոտքէն
մինչեւ
գլուխը
մաղձ
էր,
եւ
շատ
ըմբռնելի
է,
որ
դիմէ
վրիժառութեան
այդ
վատ
ձեւին:
Այս
մասին
կատարելապէս
համակարծիք
եղան
Նազիկ
հանըմ
եւ
Սրապիոն,
բայց
հակառակ
երկարատեւ
պրպտումներու,
չկրցան
հակադիւթանքի
ազդու
միջոց
մը
գտնել:
Մարդուկը
խորհեցաւ
պախըճի
Սոֆիկին
դիմել,
«Ցեխ
մըն
է
պատին
զարնել»,
բայց
յետոյ
սկսաւ
աւաղել
գլուխը
հարուածելով,
երբոր
Նազիկ
ըսաւ.
—
Ինչո՞ւ
գտած
թուղթդ
իր
առջեւը
կարդացիր:
Կը
յիշէր
իր
աներեւակայելի
թեթեւամտութիւնը
եւ
կ՚աւաղէր:
Ինչպէ՜ս,
ինչպէ՜ս
ապուշութիւնը
գործեց
կնոջ
առջեւ
կարդալու:
Եւ
ամբողջութեամբ
կարդացի:
Մէկ
ծայրէն
միւսը
կարդացի:
Բոլոր
մանրամասնութիւններով
կարդացի:
Եւ
ան
ջատուկը
միտքը
պահեց
ամէն
բան,
մինչ
Սրապիոն
տեղնուտեղը
մոռցաւ
եւ
թուղթն
ալ
պատռեց:
Բայց
Նազիկ
հանըմին
գայթակղութիւնը
իր
գագաթնակէտին
հասաւ,
երբ
կէսօրէ
վերջ
տեսաւ,
թէ
Տէր
Աբրահամը
Ճանտառմային
դուռը
կը
զարնէ:
Դուռը
անմիջապէս
բացուեցաւ,
ներս
առնելով
կրօնաւորը:
Նազիկ
հանըմ
կարծէք,
թէ
կրակներու
վրայ
կը
քալէր`
բազմոցին
անկիւնը
նստած:
Գերագոյն
սրբապղծութիւնը
նկատեց
վհուկի
մեքենայութիւններ
ընելէ
վերջ
եկեղեցիին
Սուրբ
Հովանիին
տակ
մտնել,
անոր
պաշտպանութիւնն
ու
օժանդակութիւնը
հայցել:
Ուզեց
փէշերը
ժողվելով
երթալ
աչքերը
բանալ
անտեղեակ
կրօնաւորին,
կամ
գոնէ
էրեցկինը
տեսնել
եւ
իրողութիւնը
պատմել
«Տեղն
ի
տեղօք»:
Այնքան
խոր
էր
իր
գայթակղութիւնը,
որ
ջղայնոտութեամբ
կը
բանար
ու
կը
գոցէր
փոքրիկ
պատուհանը,
միշտ
նայելով
Ալէմտաղցիի
տան:
Եւ
յանկարծ
պոռաց
սեւ
գոգնոցով
աղջկան
մը.
—
Յասմիկ,
քա
Յասմիկ,
տէր
Աբրահամը
քովի
տունէն
դուրս
ելլելուն
պէս
հոս
կանչէ:
Հասկցա՞ր,
ըսէ,
քի
հոս
գայ…
հասկցա՞ր,
քեզի՛
եմ…
Խոշոր
աչքերով,
բայց
առանց
արտայայտութեան,
մտիկ
ըրիր
կնոջ
յանձնարարութիւնը:
Խոշոր
աչքերով
նայեցար
կնոջ,
ակնարկդ
չխոնարհեցուցիր,
բառ
մը
չարտասանեցիր,
ստիպելով
կինը
որ
իր
խօսքերը
կրկնէ:
Գոգնոցիդ
եզրը
ոլորեցիր,
յամառօրէն
նայեցար
Նազիկ
հանըմին
եւ
յետոյ
յանկարծ
վազելով
փախար:
Բաց
պատուհանէն
անէծքներ
թափեցան:
Արդէն
բարկացած
Նազիկը
աւելի
եւս
կատղեցաւ
ու
աղջկան
հասցէին
արձակեց
այն
գարշելի
խօսքերը
(երկու
աչքերդ
կուրնան,
սատկիս,
ճղակտոր
ելլես),
որոնք
այնքան
շուտ
կու
գան
այս
տեսակ
կիներու
բերանը:
Նազիկ
հանըմ
ըսաւ
թէ
աշխարհի
վրայ
բարիք
ընել
չի
վայլեր,
ոչ
իսկ
որբերուն:
Ի՞նչ
էր
որ
Յասմիկը.
ո՛րբ
մըն
էր:
Այո՛,
իր
յիմար
եղբօր
աղջիկը,
բայց
որբ
մը:
Եւ
Նազիկ
հանըմ
միթէ
իր
զաւկին
պէս
չէ՞ր
խնամած
զայն:
Միթէ
քի՞չ
գուրգուրանք
տուած
էր
անոր:
Բայց
բարիք
ընել
չի
վայլեր
այն
արարածին՝
որուն
ծնունդը
գէշ
է:
Յասմիկ
իր
պոռնիկ
մօրը
կը
նմանի
ճիշդ
ու
ճիշդ,
Նազիկին
բոլոր
ըսածներուն
հակառակը
կ՚ընէ…
փորձա՜նք
է,
անէ՜ծք
է…
Մինչ
այս
սակայն՝
ուրիշ
փոթորիկ
մը
կը
փրթէր
դրկից
տան
մէջ:
Տէր
Աբրահամը
որ
կէսօրուան
իր
թրքավարի
ճաշէն
անմիջապէս
յետոյ
անխոհեմաբար
առանց
արեւարգելի
եկած
էր
մինչեւ
Ալէմտաղցիին
տունը,
սենեակ
մտաւ
թէ
չէ`
գլխու
պտոյտ
ունեցաւ:
Կիզիչ
արեւը
եւ
մշտափակ
սենեակին
ծանր
մթնոլորտը
զարկած
էին:
Բայց
Ճանտառման
փոխանակ
Տէր
հօր
խնդրած
գաւաթ
մը
ջուրը
բերելու,
սկսաւ
աղաղակել,
ձեռքերը
գալարել,
ըսելով,
թէ
տունը
անէծքով
եւ
պիւյիւով
լեցուած
է,
թէ
ոգիներ
կան,
«մեզմէ
աղէկներ»
կան,
թէ
քահանային
նուաղիլն
իսկ
ապացոյց
է,
որ…
…Երկարօրէն
կը
պատմես
ու
կը
բացատրես
ամէն
բան:
Կ՚ըսես
թէ
պատճառ
չունէիր
Սրապիոն
աղային
գլուխը
պատռելու,
ապակիները
փշրելու,
եթէ
քեզ
չարադիւթած
չըլլային:
Դուն
չար
կին
չէիր,
բայց
Սրապիոն
աղա
անսահման
ատելութիւն
մը
կը
սնուցաներ
քեզի
դէմ:
Կա՜րճ
էր,
կա՜րճ:
Այսինքն
ոտքէն
մինչեւ
գլուխը
մաղձ
էր:
Բազմաթիւ
եւ
անարդա՛ր
էին
իր
ատելութիւնները,
բայց
քանի
որ
անկարող
էր
ֆիզիքական
ուժով
քեզ
զգետնելու,
շատ
բնական
է,
որ…:
Թուղթը
գտնուելէն
օր
մը
յետոյ
արդէն
մէջքիդ
մէջ
ասղնտուք
մը
զգացած
էիր:
Նախապէս
դուն
այդ
բանին
շատ
կարեւորութիւն
չէիր
տուած,
որովհետեւ
բարակ
եւ
թեթեւ
բան
մըն
էր:
Որո՞ւն
մտքէն
կ՚անցնի:
Գլուխդ
ալ
սկսած
էր
դառնալ
«մալթա»-ները
շփած
ատենդ:
Իրաւ
է,
թէ
առաջ
ալ
ամէն
օր
այդ
տեսակ
ցաւեր
ու
անհանգստութիւններ
կը
զգայիր`
այն
պատճառաւ,
որ
հողին
վրայ
երկար
ատեն
հակած
կը
մնայիր,
բայց
նոյնը
չէ՜,
բնա՜ւ
նոյն
բանը
չէ:
Միթէ
դուն
քու
անձդ
չե՞ս
ճանչնար:
Տէր
հա՜յր,
մենք
Ալէմտաղցի՛
ենք,
Ալէմտաղցի՜…
հիւանդութիւն
ինչ
ըսել
է,
չե՛նք
գիտէր:
Յաջորդ
օրերու
ընթացքին
սկսած
էին
շատնալ
չարադիւթանքի
ազդանշանները:
Շատ
սովորական
առարկաներ
սկսան
կորսուիլ.
հացին
դանակը,
միս
ծեծելու
տախտակը,
ասեղին
բարձը:
Հորին
ջուրը
քաշուեցաւ
ամբողջութեամբ:
Իրաւ
է,
թէ
ամառուան
այս
տաքերուն
ամէն
տարի
ալ
ջուրը
կը
նուազի,
բայց
երբե՜ք,
երբե՜ք
այսպէս
մէկ
գիշերուան
ընթացքին
չի
քաշուիր:
Կեռասի
մէկ
ծառը
վերջնապէս
չորցաւ,
բայց
ամէնէն
վրդովիչը`
տունին
մէջ
ձայներ
սկսան
լսուիլ
գիշեր
ատեն:
Կարծէք,
թէ
պզտիկ
դպիրներ
սանդուխներէն
կը
բարձրանան
եւ
կ՚իջնեն:
Իրաւ
է,
թէ
տունը
հին
եւ
փայտաշէն
ըլլալուն
պատճառաւ
առաջ
ալ
կճրտուքներ
կը
լսուէին,
բայց
նոյնը
չէ՜,
բնա՜ւ
նոյնը
չէ:
Միթէ
ինք
իր
տունը
չի՞
ճանչնար:
Հապա՜
գանկին
դէպքը:
Արձակուրդի
մեկնած
բժշկական
ուսանողին
սենեակին
մէջ
մարդու
գանկ
մը
կար,
որ
իրիկուն
մը
շարժեցաւ
իր
տեղէն:
Երբոր
Ճանտառման
աչքերը
վրան
յառած
կը
նայէր,
գանկը
շար…
շար…
ժեցաւ…:
Այս
վերջին
դէպքն
է,
որ
ամենէն
աւելի
ազդեց
գիւղացի
կնոջ
վրայ,
որ
այլեւս
չբաւականացաւ
պարզ
սաստերով
եւ
մարդուկին
գլուխը
պատռելէ
վերջ
ապակիներն
ալ
ջարդուփշուր
ըրաւ:
Ահաւասիկ
հինգ
օրեր
անցած
են
այդ
կռիւէն
ի
վեր,
եւ
քանի
որ
Ճանտառմային
ցաւերէն
ոչ
մէկը
մեղմացած
է,
տան
աղմուկներէն
ոչ
մէկը
լռած
է,
կինը
երկար
խոկումներէ
յետոյ
Տէր
հայրը
գտած
է
իբրեւ
փրկութեան
վերջին
յոյս:
—
Հայր
սուրբ,
դուն
ինծի
ազատէ,
—
կ՚ըսէ
Ալէմտաղցին,
կրօնաւորին
սքեմին
կառչելով,
աղերսանքով,
պաղատանքով:
Ու
կ՚աւաղէ
անվերջ:
Կ՚աւաղէ`
թուղթը
Սրապիոնին
ձեռքէն
խլած
չըլլալուն
համար:
Կ՚ըսէ,
թէ
երբ
հրէշանման
ծերուկը
անդրադարձաւ
թէ
գրութիւնը
իրեն
հարկաւոր
տեղեկութիւններ
կը
պարունակէ,
ծալելուն
պէս
գրպանը
դրաւ
ու
տուն
փախաւ:
Լպրտելով
կարդացած
քանի
մը
կիսկատար
տողերէն
ինք
ոչինչ
հասկցաւ,
մինչդեռ
Սրապիոն
այժմ
աղէտալի
դեղագիրը
առջեւը
առնելով
ամէն
ինչ
կը
գործադրէ
կէտ
առ
կէտ:
Օ՜,
պէտք
էր
խլել,
պէտք
էր
խլել
ձեռքէն…
…Գիւղացի
կինը
ընկերացաւ
Տէր
հօր:
Երբոր
բաց
դրան
մէջ
կեցած
տակաւին
նոյն
խօսքերը
կը
կրկնէին,
Միրիկ
իր
էշը
կեցուց:
Իր
էշը
կեցուց
փողոցին
մէջտեղ
եւ
անոր
պոչէն
բռնեց
կրկին
քաշելու
համար:
Սակայն
անասունը
ինքնաբերաբար
սկսաւ
արտաքսել:
Այն
ատեն
սիրիկ
պոչը
թող
տուաւ
եւ
թեւերը
բանալով
ճչաց.
—
Սա՜նկ
ըսէ…
Անդր
համա՜ր
տէրտէրը
կանչեր
է…
Տէր
Աբրահամին
ոտքը
խըսմէթլի
է,
վե՛սսէլամ…
Մտած
տունը
հարսնիք
կ՚ըլլայ…
Անոր
համա՜ր
կանչեր
է…
4
Քահանային
այս
այցելութենէն
վերջ
շաբաթը
հազիւ
թէ
լրացած
էր,
երբոր
անսպասելի
ուղղութիւն
մը
ստացաւ
երկու
դրացիներուն
վէճը,
Տէր
Աբրահամին
պատճառաւ:
Ան
կրօնագիտութիւն
կը
դասախօսէր
Ճեմարան
վարժարանին
մէջ,
եւ
երբ
սկսող
տարուան
իր
առաջին
դասը
աւարտեցաւ,
եւ
ինք
դարձաւ
ուսուցչանոց,
անմիջապէս
շրջապատեցաւ
իր
երկու
պաշտօնակիցներով,
որոնցմէ
մէկը
կ՚ուզեր
աւելի
տեղեկութիւններ
ստանալ
ծանօթ
կռիւին
շուրջ,
իսկ
միւսը
կ՚ուզեր
աւելի
զուարճանալ:
Հոդ
է,
որ
քահանային
խօսքերը,
ուրիշ
պատճառներու
միանալով,
գրիչը
եղան
ուսուցչուհիի
մը
արարքին:
Նոր,
գեղեցիկ
եւ
չափազանց
լուսաւոր
ուսուցչանոց
մըն
է
աս,
որ
ատենը
անգամ
մը
կը
փոխէ
թէ՛
իր
գոյնը
եւ
թէ
իր
լոյսը:
Երբեմն
առաստաղէն,
եւ
երբեմն
ալ
պատերէն
ու
անկիւններէն
կ՚արձակուին
լոյսեր,
շուքեր,
բայց
ամենէն
աւելի
կարմիր
լոյսն
է,
որ
դանակ
մը
ձեռքին`
կը
զուարճանայ
սենեակին
մթնոլորտին
հետ:
Այս
բոլորը
շատ
մեծ
պատուհաններուն
դուրսի
կողմը
կախուած
դրօշակին
պատճառաւ,
որ
վեր
կ՚ելլէր,
կ՚ուռեր
պալոնի
մը
պէս,
եւ
յետոյ
կը
պայթէր:
Դպրոցին
պարտէզներուն
աջ
կողմինը
(մանչեր)
կը
ճչար,
իսկ
ձախ
կողմինը
(աղջիկներ)
կը
կըտկըտար:
Թէեւ
այս
աղմուկը
մեղմանալով
է,
որ
կը
հասնէր
ուսուցչանոց,
բայց
ան
սաստկացաւ
յանկարծ,
որովհետեւ
հետեւի
յունական
վարժարանն
ալ
իջաւ
խաղի:
Պարոն
Գավուքճեան
ըսաւ,
թէ
ամբողջ
դասի
տեւողութեան
մեծ
ճիգ
թափած
էր
իր
խնդուքը
զսպելու
համար:
Ամէն
անգամ,
որ
վերյիշած
էր
կրօնաւորին
պատմութիւնը,
ուզած
էր
պոռալով
խնդալ:
Թէ՛
իր
լսած
պատահարները
անհաւատալի
կը
գտնէր,
եւ
թէ
սաստիկ
զուարճալի:
Բայց
սաստի՜կ:
Օրիորդ
Լիւսին
դաժան
ակնարկ
մը
նետեց
իր
պաշտօնակիցին
վրայ
եւ
ըսաւ
թէ
ինք,
օրիորդ
Լիւսի,
ճիշդ
հակառակ
զգացումն
ունեցած
էր:
Ամբողջ
դասի
տեւողութեան
մեծ
ճիգ
թափած
էր
զսպելու
համար
իր
զայրոյթը:
Որովհետեւ
ինք,
օրիորդ
Լիւսին,
այս
տեսակ
դէպքերու
առթիւ
չէր
խնդար,
ինչպէս
որ
դուք
կը
խնդաք,
որովհետեւ
այր
էք
որով
նաեւ
անփոյթ,
այլ
ինք,
օրիորդ
Լիւսին,
կ՚ընդվզէր,
կը
բողոքէր:
Ուսուցչուհին
այս
խօսքերը
կ՚ըսէր
իր
դէմքը
պարոն
Գավուքճեանի
դէմքին
ճիշդ
առջեւը
բռնելով,
գրեթէ
քիթ
քիթի:
Եւ
իր
ակնարկը
երիտասարդին
աչքերուն
մէջ
մխրճած
կը
կրկներ
—
«քեզի՛
եմ,
Տէր
հայր,
քեզի՛:
Մե՛ծ
ճիգ
թափեցի
գայթակղութիւնս
զսպելու
համար»:
Այսքանով
չբաւականացաւ
Օրիորդը
եւ,
ձեռքը
բարձրացնելով,
ուզեց
մտերմական
ապտակ
մը
տալ
ուսուցչին,
բայց
այս
վերջնոյն
սառնութեանը
պատճառաւ
ստիպուեցաւ
անոր
ուսին
վրայի
կաւիճի
փոշին
միայն
թոթուել:
Քահանան
գոհ
էր
եւ
կ՚ըսէր
թէ
դուն
քո
խնդուքդ
զսպելով,
ան
ալ
իր
զայրոյթը
զսպելով,
նոյն
աշխատութիւնը
կատարած
կ՚ըլլայիք:
Այսինքն`
երկուքդ
ալ
կ՚երթայիք
դէպի
քրիստոնէութիւն:
Այնպէս
չէ՞
միթէ.
քրիստոնէութիւնը
զսպում
է,
ինքնազսպում:
Երկու
ուսուցիչները
լռեցնելէ
վերջ
ժպտեցաւ
Տէր
հայրը
իր
դիւրին
յաջողութեանը
վրայ
եւ
յետոյ
հին
նիւթին
վերադառնալով
խօսեցաւ
խաղաղ
ձայնով
մը:
Երբ
այլեւս
ըսելիք
չմնաց
երկու
թշնամի
դրացիներու
մասին,
օրիորդը
հարցուց`
կրօնաւորին
սիկարէթի
ծուխը
վանելով.
—
Ինչպէ՞ս
միջամտեցիր,
Տէր
հայր,
դուն
մեզի
ա՛ն
պատմէ:
Մնացեալը
գրեթէ
ես
արդէն
լսած
էի:
—
Աղջիկս,
ի՜նչ
կ՚ուզես
որ
ընեմ,
—
ըսաւ
Տէր
Աբրահամ:
Պէտք
եղածը
կրկնեցի
երկուքին
ալ:
Բացատրեցի,
թէ
մէջտեղը
պիւյիւ
ընող
չկայ
բնաւ:
Ոչ
Սրապիոն
աղա
այդ
տեսակ
բան
ըրած
է,
ոչ
ալ
իր
դրացին:
Իրենց
զգացած
ցաւերն
ու
աղմուկները
կամ
ենթադրութիւն
են
կամ
զուգադիպութիւն:
Բայց
խօսքիս
ականջ
կախող
չկայ:
Երկու
խեղճերն
ալ
իրենը
մեջքը
ցոյց
կու
տան:
Մէկը`
տունս
դպիր
կայ,
կ՚ըսէ,
միւսը`
սիրտս
իմինս
չէ,
կ՚ըսէ,
բայց
ասոր
մօտիկ
բան
մը:
Խե՜լք
ծներ
են…
Աստուած
ի՜նքը
ողորմի…
—
Աստուած
ի՜նքը
ողորմի…
Et
c՚est
tout
ce
que
vous
trouvez
à
dire!
Ախ
ի՜նչպէս,
ի՜նչպէս
դուք
չէք
ընդվզիր…
ես
ամբողջ
էութեամբ
կը
ցնցուիմ,
կը
պրկուիմ…
երբեք
միտքս
չի
կրնար
հանդուրժել,
որ
մեր
ա՛յս
դարուն…
Բացորոշ
է,
թէ
օրիորդը
շատ
պիտի
երկարէր
իր
այս
ճառը,
եթէ
քահանան
զանգահարութիւն
մը
չսկսէր
վճռականօրէն:
—
Դող
մի՛
ելլեր,
աղջիկս,
դող
մի՛
ելլեր…
ես
ալ
գիտեմ,
որ
քսաներորդ
դարուն
կ՚ապրինք
եւ
ըսի
իրենց:
Ես
ալ
գիտեմ,
որ
պիւիւ
ըսուածը
սուտ
բան
է
բոլորովին
եւ
ըսի
իրենց:
Թէ
աւելորդապաշտութիւն
է,
ըսի
իրենց…
Կ՚աղաչեմ`
վայրկեան
մը:
Պարոն
Գավուքճեան
համակարծիք
չէ:
Սապէս
ընդմիջեց
ան.
—
Սխա՜լ
խօսք:
Վհուկութեան
զօրութիւնը
հաստատուած
է
գիտականօրէն:
Օրիորդ
Լիւսին
դարձեալ
ծաղրական
շեշտով
եւ
հեգնական
ժպիտով
ըսաւ`
ակնոցներուն
ետեւ
աչքերը
կիսախուփ.
—
Իսկապէ՞ս
պարոն
Գավուքճեան…
ըսել
է
դո՜ւք
ալ
մեծ
մայրիկիս
պէս
կը
հաւատաք…
Եւ
օրիորդը
սկսաւ
ծաղրանկար-ներբող
մը,
մեծ
մայրիկներու
իմացականութեան,
մշակոյթին,
դարավերջիկ
ըմբռնումներուն
եւ
իմաստասիրութեան
վրայ:
Ուսուցիչը
շարունակեց
խնդալ՝
օրիորդին
դէմ
միշտ
անտարբերութիւն
պահելով,
մինչեւ
որ
քահանան
կրկին
զանգակին
չուանը
քաշեց.
—
Երկուքին
ալ
վիճակը
խղճալի
է:
Եթէ
այսպէս
շարունակուի,
անկասկած
անկողին
պիտի
իյնան,
կամ
մէկզմէկ
պիտի
բզքտեն…
—
Բայց
անշո՛ւշտ,
—
գոչեց
օրիորդը,
—
անշուշտ,
թէ
քու
այդ
միջամտութիւնդ
որեւէ
կերպով
չի
կրնար
խաղաղութիւնը
վերահաստատել:
Կաշկանդուած
մտքերու,
խաւարամած
մտայնութիւններու
յաղթահարելու
համար
չի
բաւէր
միայն
անոնց
դէմ
ծառանալ,
այլ
պէտք
է
ինչ-ինչ
պարագաներու
գործածել
որոշ
ruse,
mon
Dieu!
պէտք
է
քիչ
մը
խորամանկ
ըլլալ,
աղուէս
ըլլալ…
Կը
սլանար
հերարձակ:
Ուսուցիչը
ըսաւ
առաստաղին
նայելով
եւ
միշտ
քաղցրաշուրթն.
—
Ա՜,
եթէ
մեր
կիները
քահանայ
ըլլային…
եթէ
մօրո՜ւք
ունենային…
Անտարակո՛յս
խնդրին
կու
տային
աւելի
շուտափոյթ
եւ
աւելի
վճռական
լուծում:
Գոնէ
այդ
էր
օրիորդ
Լիւսիին
հաւատքը:
Անոնք
չէին
կրնար
հանդուրժել,
որ
երբ
մենք
այսքան
քրտինք
կը
թափենք
ձեր
ազգը
լուսաւորելու
եւ
քաղաքակրթելու
համար,
տակաւին
ապրին
բորբոսած
հաւատալիքներ
եւ
գահազուրկ
չաստուածներ:
Այսպէս
օրինակի
համար,
ձեր
չհաւնած
կիները
ծերուկներուն
վրայ
կը
ղրկէին
մեղսակից
մը`
որ
կ՚ըսէր
թէ
կորսուած
թղթապանակը
իրեն
կը
պատկանի,
(անուն
չկար
մէջը
n՚est-ce
pas?)
թէ
գտնուած
այդ
թղթիկը,
գիտական
ուսումնասիրութեան
մը
համար
առնուած
նոթեր
կը
պարունակէ
պարզապէս…
—
Ճանըմ,
ես
ո՞վ
պիտի
ղրկեմ,
—
ըսաւ
Տէր
հայրը:
—
Օրիորդ
Լիւսի՜ն…
—
Հրամմե՛ր
էք,
պարոն
Գաւուք,
նոյնինքն
օրիորդ
Լիւսին:
Եւ
ինչո՞ւ
չէ:
Մի՛
մոռնաք,
որ
երկու
տարի
առաջ
ես
վեց
ամիս
փանսիոնէռ
եղած
եմ
տիկնոջ
բնակարանը,
երբ
տակաւին
բժշկական
ուսանողը
չկար:
Շատ
լաւ
կը
ճանչնամ
սեռակիցս,
բան
մը`
առաքելութիւնս
կը
դիւրացնէ:
Գիտեմ
թէ
au
fond
բարի
կին
մըն
է
ան,
թէեւ
քիչ
մը
յամառ:
Կը
մնայ
երթալ
իրեն
բացատրել
թէ
դիւթանքը
սուտ,
կեղծ
եւ
բոլորովին
անզօր
բան
մըն
է:
Բացատրել
թէ`
այդ
թուղթով
ուսումնասիրութիւն
մը
կը
պատրաստէի
յետամնաց
ժողովուրդներու
բարքերուն
եւ
սովորութիւններուն
վրայ,
քանի
որ
դիւթանքը
կը
նկատուի
նախապաշարումի
ամենահասարակ
sujetներէն
մին:
Օրիորդը
իր
ուսումնասիրութեամբ
կ՚ուզէ
եղեր
ցոյց
տալ,
թէ
ի՞նչպէս
վհուկներ
երկար
դարեր
շահագործած
են
անուս
ամբոխները,
թէ
ինչպէս
իրենց
ահարկու
թաթին
տակ
պահած
են
աղքատ
եւ
հլու
անհատականութիւններ:
Մինչդեռ
բաւական
է
եղեր
իրողութեան
նայիլ
կորովաբիբ`
գիտական
ճշմարտութեան
ակնոցներով
նայիլ
կորովաբիբ՝
քօղազերծ
ընելու
համար
սուտն
ու
կեղծիքը:
Եւ
օրիորդը
ապահով
է
եղեր,
թէ
երկու
ծերուկները
պիտի
ըմբռնեն
ամէն
բան
ու
պիտի
հաշտուին
շուտով,
երբոր
իրենք
բացատրուի,
թէ
«պանը
ինչումն
է»:
Գավուքճեան
ըսաւ.
—
Ճի՛շդ
է:
Այսքան
միայն.
«ճի՛շդ
է»:
Եւ
մինչ
դուրս
կ՚ելլէր
ուսուցչանոցէն,
օրիորդը
շառագունելով
սուլեց
ակռաները
սեղմած.
—
Լկտի՜…
insolent…
Զարմացած
էր
Տէր
Աբրահամը:
Ան
ստիպուեցաւ
խորհիլ`
ինչ
որ
քահանաներուն
պաշտօնը
չէ:
Երկար
պահ
մը
մտմտաց,
մօրուքը
բերանը
խոթեց,
դուրս
հանեց
եւ
վերջապէս
ուզեց
ըսել,
թէ
ամուսնութիւնը
միայն…
դրօշակը
գոցեց
իր
բերանը:
5
Վարժուհին
իզուր
Ճանտառմային
դուռը
բախեց:
Կրկնակ
հարուածներ
մնացին
անպատասխանի:
Այն
ատեն
խորհելով,
որ
գուցէ
կինը
ետեւի
կողմը
կ՚ըլլայ,
պարտէզին
շրջանը
ըրաւ
եւ
տախտակորմը
ծեծէք
կռուփով:
Իրաւամբ
Ալէմտաղցին
պարտէզին
միւս
ծայրն
էր
եւ
խարխլած
դուռը
բանալով
ներս
առաւ
օրիորդ
Լիւսին:
Նախ`
սովորական
խօսքեր:
Օդը,
որպիսութիւնը,
ինչո՞ւ
զիրար
չէինք
տեսած
երկար
ատենէ
ի
վեր:
Օրիորդ
Լիւսին
խօսելով
հանդերձ
փոքրիկ
պտոյտ
մը
կ՚ընէր
ածուներուն
միջեւ
ու
ջերմապէս
կը
շնորհաւորէր
կինը
իր
հասցուցած
բարքերուն
համար:
Ին՜չ
երկար
եգիպտացորեններ,
ի՜նչ
կոկիկ
սալատներ,
ի՜նչ
կաշեկազմ
սմբուկներ,
հապա՜
պրասները…
—
Մենք
ատոր
սո՛խ
կ՚ըսենք,
—
ըսաւ
Ալէմտաղցին:
Այն
ատեն
օրիորդը
թուքը
կլլեց
եւ
լաւագոյն
համարեցաւ
անմիջապէս
հասնիլ
իր
առաքելութեան
բո՛ւն
շարժառիթին:
Փողոցէն
գտնուած
թղթապանակը
ի՛մս
էր:
Իրաւ
կ՚ըսեմ
տիկին
Շուշան:
Այս
առաւօտ
միայն
լսեցի
անոր
պատճառած
անախորժ
դէպքերը,
որոնք…
—
Հէ՞,
քո՞ւկդ
է
մի…
Այս
աղաղակը,
որ
զիրենք
անակնկալի
բերաւ,
բարձրացած
էր
տախտակորմին
միւս
կողմէն:
Որոշ
է,
թէ
Սրապիոն
աղա
մէկուն
այցելութիւնը
լսելով,
ականջը
փակցուցած
էր
տախտակորմի
մէկ
ծակին՝
եւ
լսած
խօսակցութիւնը:
«Կեցիր
նա՛յիմ,
կեցիր
նայի՜մ»
ըսաւ
մարդուկը,
եւ,
առանք
այլեւայլի
իր
պարտէզին
դուռը
բանալով,
եկաւ
միացաւ
երկու
կիներուն:
Թաւիշէ
գդակը
ետեւ
նետած
էր,
կնճիռներ
կային
իր
նեղ
ճակտին
վրայ
եւ
խոշոր
դդում
մը`
ձեռքին
մէջ:
Օրիորդ
Լիւսին
խիստ
գոհ
էր:
Կ՚ըսէր,
թէ
այսպէս
աւելի
լաւ
եղաւ:
Ինք
ալ
կը
փափաքի
եղեր
ձեր
երկուքին
միաժամանակ
խօսիլ,
բայց
չի
գիտեր
եղեր
ինչպես
պատրաստել
այս
կարգի
ժամադրութիւն
մը:
Շատ
լաւ
եղաւ:
Սրապիոն
էֆէնտի,
քիչ
մը
առաջ
տիկին
Շուշանին
կ՚ըսէր,
թէ
փողոցէն
քու
գտած
թղթապանակդ
ի՛րն
էր:
Անշուշտ
ձեզ
չէր
մեղադրէր
իրեն
վերադարձուցած
չըլլալնուդ
համար:
Օ՜հ,
բնա՜ւ,
ի՜նչպէս
կրնայիք
այդ
բանը
ընել
երբոր
մէջը
անուն
չկայ:
Արդէն
այդ
խնդիրը
երկրորդական
կարեւորութիւն
ունէր
այժմ,
քանի
որ
գլխաւոր
հարցը
այն
թուղթն
է,
որուն
վրայ
գրուած
էր
դիւթանքի,
այսինքն
պիւյիւի
շուրջ
տեղեկութիւններ:
Լսած
էր,
թէ
ձեր
երկուքին
միջեւ…:
Արդ`
հաւատացէ՛ք
իր
խօսքին,
ատոնք
բոլորովին
անզօր
եւ
անարժէք
բաներ
են:
Մենք
պիւյիւին
կը
մօտենանք
իբրեւ
պարզ
բանասիրական
նիւթ,
իբրեւ
պարզ
պատմական
տուեալ,
այսինքն
մեռեալ
տառ:
Ես
այդ
նօթերով
գիտական
ուսումնասիրութի՛ւն
մը…
վհուկներ
երկար
դարեր…
աղքատ
եւ
կամակոր
անհատականութիւններ…
քօղազերծ…
կորովաբիբ:
Հանդա՜րտ,
շա՜տ
հանդարտ
ուղիէ
մը
կ՚երթար
բամպակ
ամպ
մը,
պոչին
ունենալով
ձագուկներ,
բոլորն
ալ
այսօր
ծնած:
Անոնցմէ
վերջինը
կը
հալէր,
կը
հրաժարէր,
նշանտուքի
մատանին
ետ
կու
տար:
Երկու
թռուցիկներէն
մէկը
յաջողեցաւ
միւսը
«ածիլել»
եւ
պոչէն
անջատուած
թերթիկներու
երամը
ինքն
իր
գլխուն
ճամբայ
ելաւ
միջոցին
մէջ:
Նախ
խմբուած`
եւ
յետոյ
աւելի
տարտղնուելով:
Խոշոր
Ճանտառման
մտիկ
ըրած
էր
օրիորդին
ճառը`
քիթը
բերանը
թթուեցուցած,
կոծիծը
դուրս
ցցած
եւ
առանց
բառ
մը
ըսելու:
Բայց
ներքնապէս
խաղաղած
էր
ստացած
տեղեկութիւններէն,
քանի
որ
աղջկան
տուած
բացատրութիւնները
իրեն
համոզիչ
եւ
տրամաբանական
կը
թուէին:
Եւ
արդէն
ուրիշ
կերպ
չէր
կրնար
ըլլալ,
որովհետեւ
գիւղացին
միշտ
ակնածանք
ունեցած
էր
գրող-կարղացողներու
հանդէպ
եւ
երբեք
չէր
կրցած
մաքուր
աշխարհաբարին
դէմ
խօսիլ:
Միայն
թէ
Սրապիոն
աղա
բերանը
բացաւ.
—
Ուսումնասիրելիք
բան
չմնաց
տէ,
ասանկ
պախըճիի
բաներո՞վ
ատեն
կ՚անցընես
կոր:
Նիհար
եւ
տգեղ
օրիորդը
իր
ունելիաւոր
ակնոցները
շտկեց
եւ
ըսաւ,
թէ
նիւթերը
գիտութեան
առջեւ
միշտ
հաւասար
են,
եւ
թէ
եթէ
նախապատուութիւն
տալ
պէտք
ըլլայ,
պէտք
է
երթալ
մանաւանդ
ընկերութեան
վնաս
հասցնող
նիւթերու:
Ատ
ամէնը
աղէկ,
—
ըսաւ
մարդուկը:
Գէշ
աղէկ
կրեցինք:
Բայց
դուն
չե՞ս
գիտէր
կոր,
քի
պիւյիւին
հետ
շախայ
չըլլուիր:
Հի՛չ
շախայ
չ՚ըլլուիր…
—
Բայց
ներողութիւն,
Սրապիոն
էֆէնտի,
ես
կատակ
ըրած
չունիմ,
ընդհակառակն
ուսումնասիրութիւնս
շատ
լուրջ
ձեռնարկ
է…
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես
կոր,
քա,
—
ճչաց
միւս
ձայնը
գռեհկօրէն
բարձրացնելով:
ես
քեզ
նո՞ր
պիտի
ճանչնամ.
ճեմարանի
փիւթիւն
ուսուցիչներուն
հետ
սիրաբանութիւն
կ՚ընես
կոր…
—
Սրապիոն
աղա՜…
—
…Եւ
մէկը
քիթդ
չի
փսխէր
կոր
տէյի
պիւյիւ
կ՚ընես
կոր,
անանկ
չէ՞:
Խըռսըդ
ատո՛վ
կ՚առնես
կոր
մանչէքէն:
Թի՜ւհ
չամչցած,
հէմ
երես
ալ
ունիս
տէ
ատոր
ուսումնասիրութիւն
կ՚ըսես…
Նախկին
տիրացուն
վարժուհիին
ամենափափուկ
թելին
էր
դպած:
Սաստիկ
առնուեցաւ
օրիորդը,
բայց
ջանաց
ինքզինքը
զսպել`
ձեռքը
սրտին
վրայ
սեղմելով,
որպէսզի
խօսակցութիւնը
բոլորովին
կռիւի
չփոխուի:
Բերանը
մնաց
Օ-ի
պէս:
Կը
սխալէր
սակայն
կարծելով,
որ
Շաշին
այս
նիւթին
վրայէն
պիտի
անցնի:
Ընդհակառակն
ան
ծանրացաւ
ըսելով
թէ
ամէնուն
բերանն
էր
օրիորդին
«խառնած
ապուրները»
Գավուքճեանին
հետ:
Թէ
իրենք
տեղեա՛կ
էին,
թէ
փողոցի
քարե՛րն
իսկ
տեղեակ
էին:
Տաքցան:
Օրիորդը
սկսաւ
իր
փաշերը
թօթուել:
Երբեք,
երբե՛ք
չէր
թոյլատրեր,
որ
իրեն
պէս
ճակտին
քրտինքով
հացը
շահող
աղջկան
մը…
մաքուր
աղջկան
մը…
չէր
թոյլատրէր,
որ…
Սրապիոնը`
—
Մենք
աղ
չենք
թոյլատրէ՛ր,
որ
արիւն
քալեցնես
մեր
երկու
տուներուն
մէջ:
Մենք
ասչափ
տարուան
դրացիներ
ենք,
տահա
օր
մը
օրանց
իրարու
խառնախսի
ըսած
չունէինք:
Քու
անիծուած
թուղթդ
մէջտեղ
ելաւ,
երկուքս
ալ
աս
վիճակին
հասանք:
Ա՛ս
կ՚ուզէիր
հա՞.
ըսէ
նայիմ,
դուն
մենէ
ի՞նչ
առնելիք
ունէիր…
—
Բայց
ձեր
ըրածը
պարզ
ենթադրութի՜ւն
է:
Որեւէ
գէշութիւն
չի
կրնար
պատահիլ…
—
Ենթադրութիւ՞ն
մի:
Պիւյիւի
թուղթդ
ձեռքերնիս
անցնելէ
ի
վեր
անէծքը,
ցաւը,
ձախորդութիւնը
մեզ
պատած
է:
Ենթադրութի՞ւն
է
սա
զաւալլը
կնկան
մեջքին
ցաւերը,
ենթադրութի՞ւն
է
իմ
սրտիս
չառփընթըն:
Քեզի
ի՞նչ
գէշութիւն
ըրած
էինք,
քի
մեզի
պէս
հօրդ-մօրդ
տեղ
մարդոցը
գլխուն
ասանկ
փորձանք
բերիր…
—
Բայց
անկարելի՜
բան
է,
նախ
թոյլ
տուր
որ
խօսիմ,
անկարելի՜
բան
է…
զուգադիպութի՜ւն
կ՚ըսեն
ատոր…
—
Զուգադիպութիւ՛նդ
քեզ
չառփմիշ
ընէ,
Էտէպսիզ:
Տարիքէ՞դ
ալ
չես
ամչնար
կոր:
Հիչ
պիւյիւին
հետ
շախա
կ՚ըլլուի՞:
Հապա՞
սա
զաւալլը
կնիկը
մեռնէր
նէ,
հապա՞
քալող
գանկին
առջեւ
լեղին
պատռէր
նէ:
Ըսէ
նայիմ,
խալթախ,
սա
խեղճ
կնիկէն
ի՞նչ
առնելիք
ունէիր…
Ահաբեկած
Ճանտառման
կը
նայէր
ինքնիրմէ
ելած
մարդուկին,
անոր
լորձնքոտ
բերնին,
եւ
կը
լափէր
անոր
ամէն
մէկ
խօսքը:
Նոյնիսկ
սկսած
էր
դողալ
վախէն:
Յանկարծ
ցնցուեցաւ,
կարծէք
թմրութենէ
մը
սթափելով,
եւ
ուսուցչուհիին
շառաչուն
ապտակ
մը
իջեցուց`
պոռալով—
«ինէ
ի՞նչ
առնելիք
ունէիր»:
Օրիորդ
Լիւսին
ճիչ
մը
արձակեց,
իյնալու
պէս
եղաւ
եւ
ակնոցները
փշրուեցան
ոտքերուն
առջեւ:
Գիւղացի
կինը
կարճ
վարանումէ
մը
յետոյ
(որուն
ընթացքին
աւելցաւ
իր
սարսափը)
նետուեցաւ
աղջկան
վրայ
եւ
անոր
մազերէն
բռնելով
սկսաւ
ծեծել:
Սրապիոն
աղա,
որ
այդ
մասին
չէր
խորհած,
նախ
շուարեցաւ,
բայց
յետոյ
թի
մը
գտնելով
հետեւեցաւ
Ալէմտաղցիի
օրինակին
եւ
աղջիկը
ծեծեցին
կատաղօրէն,
անգթօրէն,
անասնօրէն:
Ածուներ
կը
կոխոտուին,
տունկեր
կը
ճզմուին,
երկու
շունէր
կը
հաչեն:
Քանի
ուսուցչուհին
կը
պոռայ,
երկու
դրացիները
աւելի
ուժով
եւ
աւելի
արագօրէն
կը
տեղացնեն
հարուածները:
Օրիորդը
կը
տապալեն,
իրենց
ոտքերուն
տակ
կ՚առնեն,
իրարու
ձայն
տալով—«Զա՛րկ
Ճանտառմա.
զա՛րկ
Շաշի»:
Նիհար
ուսուցչուհին
բնականաբար
անկարող
էր
երկու
կատաղի
դրացիներուն
դէմ
դնելու:
Քիթը
սկսաւ
արիւնիլ,
եւ
քիչ
վերջ
նուաղեցաւ
օրիորդ
Լիւսի,
կնոջմէն
ստացած
մէկ
ահաւոր
կիցէն:
Հեւասպառ
Ալէմտաղցին
նստաւ
շրջուած
դոյլի
մը
վրայ,
մինչ
Սրապիոն
աղա
ազատքեղի
թաց
մարմանդին
վրայ
փռուած
աղջկան
շուրջ
կը
դառնար
գազանի
մը
պէս:
Թին
ձեռքին
մէջ
սպառնալիքով
կը
շարժէր
միշտ
ու
կը
կրկներ—«Հիչ
պիւյիւին
հետ
շախա
կ՚ըլլուի՞…»:
Ալէմտաղցին
ըսաւ,
–
գանկը
քալած
ատեն
հապա՞
եթէ
լեղիս
պատռէր…
Սրապիոն
աղա
ըսաւ,
–
հապա՞
եթէ
լեղիդ
պատռէր:
Մէկ
քանի
«հապայ
եթէ»-ներ
կրկնեցին
փոխն
ի
փոխ,
եւ
յետոյ
լռեցին,
որովհետեւ
արիւնին
հետ
«սատանան
դուրս
ելած
էր
աղջկան
փօրէն»:
Սրապիոն
գետնէն
իր
գդակը
հաւաքեց
եւ
սկսաւ
մտատանջուիլ։
Պէտք
էր
վերջապէս
սթափեցնել
օրիորդը:
Անզգայ
Ճանտառման
տեղէն
չէր
շարժէր
բնաւ,
բայց
Սրապիոն
դէպի
դուռը
ուղղուեցաւ,
իր
տունէն
քիչ
մը
ջուր
բերելու
համար:
Սպառնալով,
հայհոյելով,
աներեւակայելի
պոռնկութիւններ
աղջկան
վերագրելով,
գնաց
իր
տունը:
6
Երեք
բեռնաւոր
լաճեր,
որոնցմէ
ամէնէն
տարեցը
ոսկեգոյն
մետաղէ
մեծ
խաչ
մը
նետած
էր
իր
ուսը,
կանգ
առին
ճամբուն
եզրը։
Յոյնի
դպիրները
որ
յուղարկաւորութենէ
կը
դառնային
եւ
տեսած
էին
հայ
վարժուհին՝
կանգ
առին
ճամբուն
եզրը։
Եկեղեցական
շապիկներու
ծրարը
դրին
գետին,
խաչը
դրին
անոր
վրայ
եւ
օգնեցին
վիրաւոր
աղջկան։
Անշուշտ
չէին
գիտեր
ինչ
ընել
այս
պզտիկները,
որոնցմէ
մէկը
մանաւանդ
խունկի
ամանի
մը
պէս
կը
հոտէր։
Բարեբախտաբար
վրայ
հասաւ
հայ
կին
մը,
մեծ
բացագանչութիւններով։
Նազիկ
հանըմ
պատռտուելով,
կոտրտուելով
թեւը
մտաւ
օրիորդ
Լիւսիին
եւ
տարաւ
իր
բակը՝
չափազանցեալ
զգուշութեամբ։
Հոն
է
որ
օրիորդ
Լիւսի
փղձկեցաւ։
Երբոր
դուրս
ելած
էր
Ալէմաղցիի
պարտէզէն
գունդը
սկսած
էր
հետզհետէ
մեծնալ
կոկորդին
մէջ։
Աղտոտած
եւ
արիւնոտ,
օրիորդը
յառաջացած
էր
աւելի
քան
անհաստատ
քայլերով։
Ո՛չ
միայն
ակնոցները
չկային,
այլ
մանաւանդ
կային
մշուշապատ
ու
խոնաւ
աչքեր։
Նազիկ
հանըմ
խենթ
էր
կտրած։
Ջուր
կը
բերէր՝
կը
բացագանչէր։
Անձեռոց
կու
տար՝
կ՚անիծէր։
Խոզանակ
կը
փնտռէր
եւ
ձեռքերը
գլխին
կը
զարնէր։
«Քա
ա՛շկս
ելլայ…
վախ,
վա՜խ
եմ
ըսեր…
քա
զավա՜լլը
օրիորդ
Լիւսիս,
երկու
աշկս
ելլայ…»
կանչեց
Չարխաբան
Աստուածածինը,
Գաբրիէլ
հրեշտակապետը,
Սուրբ
Նշանը
եւ
ուրիշ
զօրութիւններ։
Խոր
ցնցումներով
ու
աղմուկով
լացաւ
օրիորդ
Լիւսի։
Կրկին
նուաղելու
աստիճան
տառապեցաւ։
«Չեմ
կրնար
լալ»
կ՚ըսէր
եւ
կու
լար
շատ
գէշ
կերպով,
ճիչերով,
դժուարին
պատռուածքներով։
Երեսունը
արդէն
իսկ
քիչ
մը
անցած
աղջիկ
մըն
էր,
գիրքերէ
դուրս
ելած
ջղուտ
օրիորդ
մըն
էր,
աշխարհի
վրայ
մինակ
մնացած
վարժուհի
մըն
էր,
իսկական
անունով
Մարիամ։
«Առաջին
անգամն
է
որ…»
բայց
չկրցաւ
շարունակել։
Իրականին
մէջ
ըսել
կ՚ուզէր
–
«առաջին
անգամն
է
որ
բիրտ
ուժին
առջեւ
իմ
բոլոր
դիմադրական
միջոցներուս
անզօրութիւնը
կը
զգամ»։
Այո՛,
այո՛,
այս
ըսել
կ՚ուզէր,
լալով
հանդերձ։
Բայց
զինքը
հանգիստ
չթողուցին։
Նազիկ
հանըմ
իր
վրայ
հակած՝
անդադար
կը
կրկնէր
նոյն
հարցումները։
Կ՚ուզէր
որ
խօսի,
պատմէ,
մանրամասնութիւններ
տայ։
Օրիորդին
ուսերէն
բռնած՝
կ՚ուզէր
անպայման
գիտնալ
թէ
երկու
դրացիներէն
ո՞րն
էր
զինքը
այդ
վիճակին
մէջ
ձգող։
Թէ
որո՞ւն
տունը
պատահած
էր
դէպքը,
թէ
ի՞նչպէս
էր…
Իրենց
քով
կեցած
էր
Յասմիկը,
անձեռոց
մը
ձեռքին։
Նազիկ
հանըմին
գղբօր
այս
որբը
իր
խոշոր
աչքերըբցած
կը
նայէր
մէկ
իր
հօրաքրոջ,
մէկ
մըն
ալ
իր
նախկին
ուսուցչուհիին։
Այլայլած
էր
պզտիկն
ալ։
Ան
իր
օրիորդին
մազերուն
մէջ
կը
տեսնէր
ազատքեղի
շիւղեր,
բայց
չէր
համարձակեր
վերցնել
զանոնք։
Խոհանոցին
բաց
դռնէն
կ՚երեւային
պարտէզը
փռուած
սաւաններ
եւ
օճառի
բարկ
հոտ
մը
բռնած
էր
տունը։
Պարծենկոտ
հաւնոցը
որ
քիչ
մը
առաջ
անտանելի
կռկռոց
մը
թող
տուած
էր
ծանուցանելով
գալուստը
հաւկիթի
մը,
այժմ
կը
վերսկսէր՝
տարբեր
նոթի
վրայ՝
կը
ծանուցանէր
գալուստ
մը
եւս՝
անձրեւինը։
Օրիորդ
Լիւսի
պատմեց,
կտրատումներով,
հեկեկանքներով։
Նազիկ
հանըմ
աղջկան
վրայ
ծռած
կը
լափէր
անոր
ամէն
մէկ
բառը,
գլուխը
երերցնելով։
Գլխի
այդ
շարժումները
ըսել
կ՚ուզէին
–«այդ
հասկցայ.
վերջինը
ըսէ.
շո՛ւտ
ըսէ.
յետո՞յ»։
Ջատուկ
կնկան
այս
անչափ
հետաքրքրութիւնը
վանող
բան
մը
ունէր,
մանաւանդ
որ
Նազիկ
հանըմին
ծամածուռ
դէմքին
մէջ
ժպիտ
մը
կար
կարծես։
Թէեւ
օրիորդը
կանգ
չառաւ
ատոր
վրայ,
բայց
բնազդով
գլուխը
դարձուց
եւ
իր
պատմութիւնը
շարունակեց
Յասմիկին։
Հոն
է
որ
ամէն
ինչ
տակնուվրայ
եղաւ։
Որովհետեւ
Յասմիկ
չկրցաւ
դէմ
առ
դէմ
նայիլ
իր
նախկին
օրիորդին,
զոր
այս
վիճակին
մէջ
կը
տեսնէր։
Յասմիկ
մտիկ
ըրաւ
բայց
աչքերը
քթթեց։
Կրկին
քթթեց։
Շփոթեցաւ
Յասմիկ։
Ուրիշ
բաներ
ալ
եղաւ,
ապացոյց
որ
հին
անձեռոցը
պատռեցաւ
իր
ձեռքերուն
մէջ։
Յասմիկ
կից
մը
զարկաւ
զոյգ
մը
թաց
նալըններու,
եւ
դառնալով
իր
հօրաքրոջ
ըսաւ.
–
Աս
ամենուն
պատճառը
դո՛ւն
ես…
յանցաւորը
դո՛ւն
ես…
միա՛յն
դուն
ես…
Եւ
առանց
սպառնալիքէն
վախնալու,
թուքը
կուլ
տուաւ
եւ
շարունակեց
խրոխտաբար.
–
Ինչո՞ւ
երկուքին
ալ
միտքը
գէշ
բան
դրիր…
ինչո՞ւ
երկուքին
ալ
ըսիր
որ
պիւյիւ
եղած
են…
ըսի՛ր,
ես
քովդ
էի…
ականջներո՛վս
իմացայ…
Օրիորդ
Լիւսին
վախցաւ։
Սարսափելի
էր
Յասմիկին
կերած
ապտակը։
Սաստիկ
վախցաւ
նաեւ
տեսնելով
որ
Նազիկ
հանըմին
մէջէն
դուրս
ելած
էր
մօրու
մը։
Այդ
խորթ
մայրը
որբը
պիտի
բզքտէր,
պիտի
յօշոտէր։
Բայց
Յասմիկ
կրցաւ
ինքզինքը
ազատել,
ճզմմուեցաւ
թաց
ճերմակեղէններու
կոյտի
մը
վրայ,
ոտքի
ելաւ,
սեղանին
մէկ
առողջ
ոտքը
կոտրեց,
իր
մազերէն
խուրձ
մը
թողուց
կնոջ
ճանկերուն
մէջ
ու
փախաւ։
Վազեց
եօթը
ոտ
սանդուխներէն
վեր,
սենեակ
մտաւ
ու
դուռը
կղպեց։
Գրեթէ
անմիջապէս
յետոյ
աղջնակին
գլուխը
երեւցաւ
այն
փոքր
պատուհանին
մէջ,
որ
բակին
վրայ
կը
նայի,
եւ
ուրկէ
կը
քաշեն
չուանը՝
փողոցին
դուռը
բանալուն
համար։
–
Դուն
կնիկ
չես,
դուն
հրէ՛շ
ես,
ըսաւ
Յասմիկ
իր
ապահով
բարձունքէն։
Պիտի
պոռամ,
հէլպէ՛թտէ
պիտի
պոռամ…
ես
քեզմէ
արթըխ
չեմ
վախնար։
Հրէ՛շ
ես…
ես
ականջներովս
իմացայ…
երբոր
չարշըյին
ճամբուն
վրայ
Ճանտառման
դիմացնիս
ելաւ,
օձիքէն
բռնեցիր
կեցուցիր…
ինչո՞ւ
անոր
ըսիր
–
պիւյիւ
եղած
ես…
ան
մարդը
խըռս
ունի
կ՚ըսեն…
ցաւ
կ՚իմանա՞ս…
տունդ
բան
կը
կորսուի՞–
աղմուկ
կը
լսե՞ս…
ինչո՞ւ
թուղթը
ձեռքէն
չառիր…
Ասոնք
ըսողը
դուն
չէի՞ր…
վերջն
ալ
նոյն
բանը
չըսի՞ր
Շաշիին…
ես
չոճո՞խ
եմ…
Շաշիին
տունը
ե՛ս
ալ
եկայ,
քո՛վդ
էի…
ինչո՞ւ
անոր
ըսիր
–
ցաւ
կ՚իմանա՞ս…
թուղթը
ինչո՞ւ
կարդացիր…
ինչո՞ւ
չիյտէմինչ
ըրիր…
հէլպէ՛թտէ
անոնք
ապուշ
արարածներ
են…
կով
են…
ինչո՞ւ
կրակին
վրայ
իւղ
թափեցիր…
պզտիկ
խնդիր
մըն
էր՝
պիտի
անցնէր…
անցնէր…
ինչո՞ւ
իւղ
թափեցիր։
Դառն
կեանքին
մէջ
իր
աչքերը
կանուխ
բացած՝
խրոխտ
եւ
վրիժառու
աղջնակը
կը
շարունակէր.
–
Մարդ
իրար
ձգես՝
ուրիշ
բան
չես
ուզեր…
դուն
հրէ՜շ
գբ,
հրէ՜շ…
փսորճիկ
մը
հոգի
ունենայիր,
մենք
ասանկ
չէինք
ըլլար…
մայրիկս
դո՛ւն
մեռցուցիր…
ամէն
օր
մեր
տունը
արիւն
քալեցուցիր…
խօսք
խառնեցիր,
սուտ
խօսեցար,
դուռներուն
ետեւէն
մտիկ
ըրիր
եւ
վերջն
ալ
սուտ
լաց
եղար…
մարդ
իրար
ձգես՝
ուրիշ
բան
չես
ուզեր…
բոզը
մայրիկս
չէ՝
դո՛ւն
ես,
ոճրագործ
ես…
Եւ
մանուկը
սկսաւ
երկար
պատմութիւն
մը
ուր
կը
խօսուէր
ծանր
ամբաստանութիւններու
մասին,
ուր
Նազիկ
հանըմ
ի
յայտ
կու
գար
նողկալի
լոյսի
մը
տակ,
ուր
կը
կրկնուէր
Միհրանի
մը
անունը,
ոսկի
ապարանջանի
մը
անհետացումը,
յուղարկաւորութեան
վաղորդայն
մը։
Օրրիորդ
Լիւսին
լսեց
այս
բոլոր
խօսքերը։
Լսեց՝
հակառակ
ծեր
կնոջ
ահաւոր
պոռպռոցին,
անոր
գնչուի
կատաղութեան։
Լսեց
այս
բոլոր
խօսքերը՝
մինչ
Նազիկ
կը
սպառնար,
կ՚անիծէր
ու
կը
հայհոյէր,
կարծես
միայն
աղջնակին
ձայնը
խափանելու
միտումով։
Ձեռքը
ինչ
որ
ինկաւ
նետեց
դէպի
պատուհանը,
երակները
ուռեցուց,
փրփուր
ժայթքեցուց
եւ
աւելի
մը
երկար
կոթովը
փորձեց
աղջկան
գլուխը
հարուածել։
Յասմիկ
կրկնեց
որ
այլեւս
չի
վախնար,
որովհետեւ
պիտի
փախչի
այս
տունէն
եւ
պիտի
երթայ
աշխարհի
միւս
ծայրը,
ամենահեռաւոր
ծայրը,
այսինքն
Առապիստան։
Իր
աթոռէն
վեր
ելլելու
ուժն
իսկ
չունէր
օրիորդը։
Նստած
տեղը
կը
մնար
գամուած,
կռնակէն
սառած,
որովհետեւ
առաջին
անգամ
է
որ
այսքան
մօտէն
կը
տեսնէր
հրէշային
բան
մը։
«Չար
խառնակիչն
է»
կը
խորհէր
ան։
Օրիորդ
Լիւսին
լսեց
այս
բոլոր
խօսքերը
եւ
միաժամանակ
մտածեց
այն
րոպէն
երբոր
պիտի
հեռանայ
այս
բակէն,
դէմի
երկու
աղբածածկ
պարտէզներէն,
կուրծքին
վրայ
սեղմած
այն
միա՛կ
սիրելի
բանը
որուն
հանդիպեցաւ
այսօր՝
Յասմիկը։