ՊՃԵՂ
ՄԸ
ԱՆՈՅՇ
ՍԻՐՏ
Խոշոր
ծրար
մը
թեւին
տակ
բարձրացաւ
89
թիւ
հանրակառքը,
որ
Օթել
տը
Վիլէն
մեկնելով
կ՚երթայ
մինչեւ
Գլամառ:
Սովորականէն
քիչ
մը
աւելի
տատանեցաւ
կանգ
առած
վակոնը
իր
զսպանակներուն
վրայ:
Վակոնի
մը
համար
բնաւ
արհամարհելի
չէր
ներս
մտնող
կնոջ
ծանրութիւնը:
Հաստամարմին
մայրիկը
ծիծաղելիօրէն
պզտիկ
ու
սեւ
գլխարկ
մը
ունի,
խղճուկ
սեւ
վերարկու
մը
ունի,
ինչպէս
նաեւ
սեւ
յօնքեր,
սեւ
վերին
շրթունք
եւ
երկու
սեւ
ակռայ:
Հատ
մըն
ալ
Հայու
սեւ
ճակատագիր:
Եպրաքսէ
հանըմ
«փարտոն»
ըսելով
անցաւ
անկիւն
մը
ու
իր
ծրարը
դրաւ
ոտքերուն
մէջտեղ:
Տեղաւորուեցաւ,
օ՜ֆ
մը
քաշեց,
տոմսակը
մատանիին
մէջ
անցուց
եւ
քննական
ակնարկ
մը
պտըտցուց
շուրջը:
Իր
ճիշդ
դէմը
նստած
էր
քիչ
մը
դժգոյն
երիտասարդը,
թուխ
եւ
կոկիկ
հագուած:
Եթէ
ոչ
տխուր՝
գոնէ
մելամաղձոտ
էր
ան,
եւ
ինքն
իր
վրայ
կրած:
Եպրաքսէ
հանըմ
նշմարեց,
որ
անոր
գիրկը
գտնուող
փոքրիկ
ծրարը
հայերէն
թերթի
մը
մէջ
պլլուած
է:
Առանց
այլեւայլի
ըսաւ.
—
Գիտես
քի
ես
քեզ
պիտի
ճանչնամ:
Դուն
Փառանձեմին
տղան
չե՞ս:
Ո՚չ,
Փառանձեմին
տղան
չէր,
բայց
Հայ
էր:
Անակնկալէն
այնպէս
մը
ցնցուեցաւ,
որ
անմիջապէս
տուաւ
իր
անունը:
Կարապետեան…
Նորայր
Կարապետեա՞ն:
Քա,
ես
փէ՜ք
շատ
Կարապետեան
կը
ճանչնամ:
Դուն
Մարզուանի՞
Կարապետեաններէն
ես…
Խասքէօյի՞…
Չօք
շէ՜յ,
թա՛մ
Փառանձեմին
տղուն
կը
նմանիս…
հա՛րկաւ`
Հայ
ըլլալդ
քիթէդ-բերնէդ
կը
վազէ
կոր,
հէմէն
ըսի
քի
մեր
արիւնէն
ես…
Գործդ
ի՞նչ
է…
ան
ատեն
մութլախա
պիտի
ճանչնաս
իմ
տղաքս…
Պզտիկս
եկեղեցին
ձայնաւորութիւն
կ՚ընէ…
դուն
եռաձայն
չե՞ս…
Ինչո՞ւ
մայրիկդ
քովդ
բերել
չես
տար…
Քոյրիկդ
քեզմէ
մե՞ծ
է…
կարգուա՞ծ
է…
Քա
ես
խե՞նթ
եմ…
Աչքս
ելլայ,
ասանկ
տղաքներ
հասցուր
տէ,
վերջն
ալ
մի՛
վայելեր…
մայր
չէք
քի
ինչ
ըլլալը
հասկնաք:
Ես
իմ
տղոցս
կ՚ըսեմ.
«Դուք
իմին
ճիյէրս
էք,
տալախս
էք,
պունպարս
եք»:
Իմին
ճիլվէս
ալ
ա՛ս
է:
Աս
ըսելուս
պէս
տղաքս
կը
խնդան
վրաս:
Լուր
չունին,
որ
դիտմամբ
կ՚ըսեմ,
միտքս
իրենց
խնդալն
իմանալն
է:
Քա
ինձի
համար
ուրիշ
ի՞նչ
կայ.
—
վերը
Աստուած`
վարը
մանչերս:
Հարկա՛ւ
անանկ
կ՚ըսեմ:
Ինտո՜ր
կ՚ըլլայ
որ
չես
ճանչնար
կոր
պզտիկս:
Եպրաքսէ
հանըմ
յանկարծ
ականջները
գոցեց,
որովհետեւ
հանրակառքին
անիւները
գէշ
կերպով
կը
սկրթուէին,
անկիւնադարձի
մը
պատճառով:
Յետոյ
շունչ
առաւ
եւ
հարցուց.
—
Ան
չէ
ամա,
դուն
Սերովբէն
կը
ճանչնա՞ս…
Սէն
Միշէլի
հայ
նպարավաճառը…
Հա՛
ճանըմ,
շան
զաւակ
Սերովբէն…
էյ,
ի՞նչ
տեսակ
Հայ
ես
դուն.
ժամ
չե՜ս
երթար,
մեր
նպարավաճառը
չե՜ս
ճանչնար,
հետս
չե՜ս
խօսիր…
Տղան
կը
ժպտէր
թեթեւ
մը
եւ
մտիկ
կ՚ընէր
գլուխը
կախ:
—
Չե՜ս
հարցնէր,
—
ըսաւ
քիչ
մը
վերջ
հայ
մայրը,
—
չե՜ս
հարցնէր,
քի
ի՞նչ
է
ծրարիդ
մէջինը:
Ըսեմ
նէ`
վրա՛ս
պիտի
խնդաս:
Բայց
է՛ն
առաջ
դուն
ինձի
սա՛
ըսէ
—
տեղ
մը
յարմար,
աժանկեկ,
ափարթման
մը
կը
ճանչնա՞ս:
Երկու
սենեակ`
խոհանոց
մը
ըլլայ…
Աս
ի՜նչ
դժուար
բան
է:
Քաշածս
միայն
Տէ՛րը
գիտէ:
Նայէ՛,
ծրարիս
մէջինը
խալի
է,
գիտնաս
ինչե՜ր
քաշեցի
ասոր
ձեռքէն:
Եւ
սկսաւ
պատմել
թէ
ինչեր
քաշած
է
իր
այս
թրքական
գորգին
ձեռքէն:
Ամէն
բանէ
առաջ
ուզեց
նկարագրել
իր
տունը:
Ըսաւ
թէ
իր
երկու
մանչերուն
հետ
կը
բնակի
հին
եւ
աշտարակի
պէս
նեղ
տան
մը
ո՛չ
թէ
գագաթը,
այլ
գագաթին
գագաթին
գագաթը:
Թէ
անկարող
է
մէկ
շունչով
վեր
բարձրանալու:
Երեք
անգամ
կը
նստի
սանդուխներուն
վրայ
եւ
կ՚ըսէ.
«Մեղա՜յ
ամենասուրբ
Երրորդութեանն`
Հօր
եւ
Որդոյ
եւ
Հոգւոյն
սրբոյ»:
Խօսք
է
ըրածդ.
սիրտը
վե՜ր
կ՚ելլէ:
Իսկ
յարկաբաժինը`
Աստուած
թշնամիիս
չցուցնէ…
Առաստաղը
ցած
է
հոն
եւ
ծուռ:
Հո՛ս
ծուռ,
հո՛ն
ծուռ։
Ճշմարիտը
ուղտի
կռնակ:
Այնքան
որ`
մարդ
կը
կարծէ,
թէ
կոխած
տեղն
ալ
ծուռ
է:
Ամառը
շատ
տաք
կ՚ընէ,
տանիքին
ճիշդ
տակը
գտնուելուն
համար,
եւ
Եպրաքսէ
հանըմին
աչքերէն
շոգի
կ՚ելլէ:
Սենեակներն
ալ
գրպանի
չափ
են:
Պոլիս
եղած
ատեն
Եպրաքսէ
հանըմ
ասոնցմէ
մեծ
որմնադարան
ունէր:
Չորս
հատ
որմնադարան՝
որոնց
յարգը
չէր
գիտէր
եւ
անոնց
մէջ
սո՜խ
կը
կախէր,
սերկեւի՜լ
կը
կախէր:
Եւ
յետոյ
պատուհանները
փոքր
ու
նեղ
ըլլալնուն
համար,
հայ
մայրը
ոչի՛նչ
կրնայ
թօթուել:
Իր
օձիքն
անգամ
չկրնար
թօթուել:
Եւ
Աստուած
գիտէ,
թէ
ո՜րքան
բան
ունի
մաքրելիք,
քանի
որ
ծխնելոյզներուն
մուրը
ուղղակի
ներս
կու
գայ:
Հիմա
գանք
սա
թրքական
գորգին:
Դուն
ըսէ,
ի՞նչպէս
զայն
թօթուէ
եւ
ո՞ւր
թօթուէ:
Սկիզբները
կ՚իջնար
երկու
յարկ
վար,
եւ
սանդուղին
վրայի
մէկ
պատուհանէն
կը
թօթուէր:
Բայց
իր
դէմը
ելան
նոյն
յարկի
երկու
ջատուկները,
ինչպէս
նաեւ
դռնապանուհին:
Իբրեւ
թէ
Եպրաքսէ
հանըմ
ծայրայեղութեան
տարած
է
եղեր
մաքրասիրութիւնը:
Ճշմարիտ
խենթ
մըն
է
եղեր:
Իբրեւ
թէ
ամէն
օր
եւ
օրն
ի
բուն
ջուր
կը
վազցնէ,
տախտակ
կը
շփէ
եւ
բան
կը
թօթուէ
եղեր:
Թէ
Փարիզի
մէջ
կայ
եղեր
օրէնք
մը՝
որ
կ՚արգիլէ
առաւօտեան
ժամը
ութէն
վերջը
որեւէ
բան
թօթուել
պատուհանէ
մը՝
երբ
այդ
պատուհանը
փողոցի
վրայ
կը
նայի:
Իսկ
եթէ
կը
նայի
տակի
բակին
վրայ,
առ
առաւելն
մինչեւ
առաւօտեան
տասը
կարելի
է
եղեր
թօթուել:
Սո՛ւտ,
ամբողջը
սուտ:
Միթէ
Եպրաքսէն
օրէնքները
չի՞
ճանչնար:
Ո՞ր
խենթը
աս
օրէնքը
դրեր
է:
Կարճ
խօսք`
դռնապանուհին
անբացատրելի
եւ
բուռն
հակառակութիւն
մը
ունի
իրենց
դէմ:
Իր
մեծագոյն
փափաքն
է
ժամ
առաջ
հայ
ընտանիքին
մեկնումը
տեսնել:
Այդ
պատճառաւ
մատը
պլորած
է
բան
թօթուելու
այս
խնդիրը,
եւ
ոչ
միայն
ամէն
առթիւ
հայ
կնոջ
երեսին
յանդիմանութիւններ
կը
նետէ,
այլ
նաեւ
վէճին
մասնակից
կ՚ընէ
Եպրաքսէ
հանըմին
ձագուկները,
որոնք
պարզ
բանուորներ
են
կաշմբուռն։
Եպրաքսէ
հանըմ
այս
բանը
չի
սիրեր:
Էրիկմարդ
ըսածդ
խառնուելու
չէ
տան
գործերուն:
Ան
շուկան`
կինն
ալ
տունը:
Բայց
եւ
այնպէս
խառնուեցան,
եւ
պոռալով-կանչելով
արգիլեցին
իրենց
մօր`
որեւէ
դժգոհութեան
տեղի
տալ:
«Փարիզի
մէջ
concierge
ըսածդ
Աստուած
է»
ըսին:
Արտաքսումի
սպառնալիքը
ահաբեկած
էր
զանոնք
երկուքն
ալ:
Եւ
այս
բոլորը
«Աստծոյ»
պատճառաւ,
որ
անտանելի
հրէշ
մըն
է,
խստահամբոյր,
դառնաբարոյ,
դաժան:
Բերնէն
ելածը
չի
գիտէր,
հասակը
կարճ
է
եւ
տակառանման:
Եպրաքսէ
հանըմ
աւելցուց`
ըսելով.
—
Ներտէ
վար
պիր
պօտուռ,
Ալլահըն
պէլասը
օ
տըր:
Երիտասարդը
համակարծիք
գտնուեցաւ,
«Օ
տըր»
ըսաւ
եւ
կինը
շարունակեց.
—
Ծօ,
ասչափ
տարուան
իմ
կստօս
նո՞ր
պիտի
փոխեմ:
Ո՛չ,
իր
ասչափ
տարուան
ապրելակերպը,
նիստուկացը
նոր
պիտի
չփոխէ
Եպրաքսէ
հանըմ:
Ինք
այսպէս
չէ
վարժուած:
Այս
Ֆրանսացիները
աղտո՜տ
են,
աղտո՜տ:
Արտաքուստ
զարդագեղ
են
եւ
պճնազարդ
(ճիճիլի-պիճիլի),
բայց
եթէ
իրենց
փէշը
վեր
առնես`
քիթիդ
դուռը
վար
կ՚իյնայ:
Առաջ
Եպրաքսէին
տունը
գայիր
եւ
տեսնէիր…
ձիւնի
պէս…
լզէ՜,
ուր
որ
կ՚ուզես
լզէ՜:
Ծօ՛,
մենք
ասա՛նկ
վարժուած
ենք:
Հիմակ
ալ
իր
տղաքը
սկսէր
են
արգելք
ըլլալ
մաքրութեան:
«Մ՚ըներ,
մայրիկ»
կ՚ըսեն։
«Ֆրանսացիները
մի՛
նեղացներ»
կ՚ըսեն:
Ծօ,
խելքի՜ս
պիտի
գայ.
ինչո՞ւ
կը
նեղանան:
Բայց
պիտի
ըսես,
որ
առտուն
կանուխ
վար
իջիր
եւ
դրան
առջեւ
թօթուէ՛
Է՛յ,
չէ
իշտէ.
չըլլար
կոր:
Ամէն
բան
իր
սըրան
ունի,
ինծի
շաշըրթմիշ
մ՚ընէք:
Անտարակոյս՝
պէտք
չէ
մայրիկը
շփոթեցնել:
Առաւօտեան
այդ
ժամուն`
ուրիշ
բաներ
կ՚ընէ
ան:
Պզտիկ
մանչը
ուշ
գործի
կը
մեկնի,
եւ
Եպրաքսէ
հանըմ
անոր
շուրջը
կը
դառնայ:
Ամէն
մէկ
բանին
կը
նայի:
Իր
գլխուն
եթէ
ձգես`
վերարկու
չհագած
դուրս
կ՚ելլէ
«անառակ
շուն»ը:
Եւ
ահա
բազմաթիւ
օրերէ
ի
վեր
մայրիկը
կը
նայի
իր
գորգին
վրայ
ու
սիրտը
կը
հատնի:
Հիմակ
դուրս
ելած
ատենը
նորէն
միտքը
ինկաւ
եւ
արիւնը
գլուխը
խուժեց:
Իրեն
այնպէս
թուեցաւ,
որ
սիրտը
աքծաններու
մէջ
առին:
Եպրաքսէ
ըլլալով`
ասանկ
բան
չէր
եղած:
Տեղն
ու
տեղը
եթէ
չմաքրէր`
վրան
գէշութիւն
պիտի
գար:
Ճանըմ,
ինչո՞ւ
չկարենամ,
դո՛ւն
ըսէ,
ինչո՞ւ.
ունիմ
չունիմ
մէ՛կ
խալի
մը
ունիմ:
Ամէն
տեսակէտով
թեւերնիս-ոտքերնիս
կապեցին
շան
զաւակները.
էյ,
աս
խալի՜ն
ալ
թօթուել
պիտի
չձգեն,
եկածն
ալ
ակում
օրեր
են.
Ես
ալ
ի՞նչ
ըրի.
ծրարելուս
պէս
հետս
առի:
Հիմա
Սմբատեաններուն
կ՚երթամ
կոր
Գլամառ…
Չե՞ս
ճանչնար
Սմբատեանները.
ամուսինը
թռիքոյի
գործ
կ՚ընէ.
«Թռիքօ-Մասիս»
է…
շա՜տ
շնորհքով
մարդ
է…
Քանի
որ
հոն
պիտի
երթամ,
հետս
կը
տանիմ,
իրենք
պարտէզը
կը
թօթուիմ,
լաւ
մը
կը
մաքրեմ
ըսի…
Տանողը
ես
չե՛մ
եա,
թրամվէյն
է.
ճիշդ
առջեւը
կ՚իջնէ:
Ինչո՞ւ
պիտի
չընեմ
եղեր…
Իմին
անունս
Եպրաքսէ
է…
Անչափ
հեռուներէն
հոս
բերելէս
վերջը.
Բայց
որովհետեւ
տղան
բան
մը
չէր
ըսէր,
լռեց,
ծուռ
մը
նայեցաւ
եւ
քիչ
յետոյ
հարցուց.
—
Ան
չէ
ամա.
ասանկ
օրով
դուն
ինչո՞ւ
չես
աշխատիր:
—
Քիչ
մը
տկար
եմ,
—
պատասխանեg
երիտասարդը:
—
Տկա՞ր
ես
մի:
Ի՞նչ
ունիս.
Ո՞ւրտեղդ.
քա
հա՛,
երեսդ
կարմիր
չէ
մնացեր.
ի՞նչպէս
մէկ
անգամէն
չտեսայ.
պաղ
առած
ըլլալու
ես:
Սա
լեզուդ
դուրս
հանէ,
նայիմ…
հանէ՛…
Ծօ՛,
հանէ՛
կ՚ըսեմ
կոր
քեզի.
քովիններուն
գլո՛ւխը
փսխեմ…
էյ
չէ՜,
գլուխդ
ալ
շատ
տաք
չէ…
Տակէդ
աղէկ
հագա՞ծ
ես…
քակէ
նայիմ
սա
կոճակներդ,
ես
աչքովս
պիտի
տեսնեմ…
Ծօ՛,
շան
զաւակ,
մայրդ
ըսել
եմ,
քակէ՛…
նայէ՛,
չըսի՞,
ասանկ
բարակուկ
բաներ
կը
հագնիք,
ա՜խ
ճայիլութիւն…
բուրդէ՜,
բուրդէ՜
ֆանելա
կ՚ուզես…
Մօրուքդ
ալ
մատ
մը
եկեր
է,
ինչո՞ւ
թրաշ
չես
ըլլար
կոր…
փարա՞
չունիս…
սուտ
ե՛ս…
ցուցուր
նայիմ
սա
փարադ.
պարապ
խօսք
չ՚ուզէր,
շուտով
տուն
պիտի
երթաս,
պիտի
պառկիս
ու
քրտնիս:
…
Ա՜խ,
ինչ
ըսեմ
ձեզի,
որ
երկայն
վարտիք
հագնիլը
մե՛ղք
կը
սեպէք…
Լռեցին:
Հանրակառքը
ճռնչեց,
կանգ
առաւ,
կրկին
ճամփայ
ելաւ
սովորական
սոյլէն
յետոյ
եւ
Հայուհին
աւաղեց…
—
Ախ,
ասանկ
զայիֆ
զիւյիւֆ
տղաքը
փողոցներն
են
մնացեր…
վրանին
մայր
չկա՜յ,
քի…
Ծօ՛
տղայ,
մօտս
ալ
չես
որ
գամ
վեց
հատ
շիշէ
քաշեմ
եւ
փիր
ու
փաք
ըլլաս:
Քանի
տարեկան
ես…
աչքս
ելլայ…
Երիտասարդը
պնդեց,
թէ
եղածը
մեծ
բան
մը
չէ,
թէ
չարժէր
այդքան
մտահոգուիլ:
Եպրաքսէ
հանըմը
բարկացաւ,
բայց
լռեց
շուտով:
Տղան
կրկին
մնաց
գլուխը
կախ,
մտածկոտ,
վերաչու:
Հայ
մայրը
«ա՜խ,
աշխարհ»
ըսաւ
քիթին
մէջէն
եւ
արցունք
մը
սրբեց:
Յետոյ
յանկարծ
պայթեցաւ:
—
Գետնին
տակը
անցնին
սա
աղջիկները:
Ծօ՛,
ի՞նչ
ունին,
որ
ամէնքդ
ալ
անոնց
փէշերէն
չէք
զատուիր…
Մեծ
տղաս
խելօք
է,
բայց
պզտիկս…
փորձանք
է,
փորձանք:
Ա՜խ,
սա
աղջիկները…
անիծուին
ամենքն
ալ…
ամէ՜նքն
ալ…
Փողոցները
անցան
իրարու
ետեւէ,
ճամփորդները
իջան
ու
ելան,
եւ
տոմսավաճառը
կայարաններուն
անունները
պոռաց
նոյն
ձանձրալի
ձայնով:
Երկու
հայերը
լուռ
մնացին
բաւական
ատեն,
մինչեւ
որ
կրկին
լեզու
ելաւ
կինը՝
կեղծ
նեղսրտութեամբ
մը
ըսելով.
—
Ծօ
տղայ,
ո՞ւրտեղէն
դէմս
ելար…
ինծի
տէրտ
պիտի
ըլլաս:
Տղա՜քս
ալ
չես
ճանչնար,
քի
լուր
մը
առնեմ
վերջը…
Ձեռքէս
ալ
բան
մը
չի
գար,
որ…
Է՜յ,
դէմս
չելա՜ծ
ըլլայիր…
Տխուր
տղան
շնորհակալ
եղաւ,
«աշխարհի
վրայ
դեռ
մարդ
կայ
եղեր»
ըսաւ
ու
լռեց:
Ճռնչեց,
քերթեց,
կրճտաց
կառքը:
Ցուցափեղկ
մը
իր
պարունակութեան
վրայ
հարիւրին
յիսուն
զեղչ
ըրաւ,
նորոգութեան
պատճառաւ
սինեմա
մը
իր
դռները
գոցեց,
գաւառէն
թարմ
հաւկիթներ
եկան
ուղիղ
գծով,
byrrh-ը
խմիչքներուն
լաւագոյնը
հանդիսացաւ,
երկու
սենեակներ
վարձու
ելան
garageով
մը
միասին,
սեփ-սեւ
խանութ
մը
«սուգ»
պատրաստեց
քսանըչորս
ժամուան
մէջ:
Երբոր
ամէն
ինչ
սեւցաւ
քսանըչորս
ժամուան
մէջ,
Նորայր
ըսաւ
դէմի
կնոջ,
գլուխը
քիչ
մը
մօտեցնելով.
—
Ինձի
նայէ,
մայրիկ,
քանի
որ
ատանկ
բուխ
սիրտ
ունիս,
քեզմէ
ծառայութիւն
մը
կրնա՞մ
խնդրել:
Չէ՛,
մեծ
բան
մը
չէ,
բայց
մի՛
մերժեր:
Քիչ
մը
անդին
միասին
վար
իջնանք:
Քիչ
մը
անդին
է,
պիտի
տեսնես:
Հոն
քեզի
թուղթ
մը
կու
տամ
եւ
կը
ցուցունեմ
պանդոկ
մը,
իմին
պանդոկս:
Բնաւ
հեռու
չէ.
թռամվայի
կայարանէն
քանի
մը
մեթրօ
անդին:
Այդ
թուղթը
իմ
պանդոկս
ձգէ,
այդքան:
Ուրիշ
բան
չեմ
ուզէր:
Ես
քու
թռամվայի
փարադ
կը
վճարեմ,
աւելին
ալ
կու
տամ…
չէ՛
մ՚ըսեր,
պիտի
առնես
տուածս:
Միայն
թուղթը
պանդոկապետին
ձգէ`
այդքան:
Եպրաքսէ
հանըմ
յօնքերը
լրջօրէն
պռստած
մտիկ
ըրաւ
այս
առաջարկութիւնը,
բայց
շուտով
չհաւնեցաւ,
որովհետեւ
չէր
ըմբռներ,
թէ
ինչո՞ւ
տղան
իր
պանդոկը
երթալ
չ՚ուզէր
եւ
զինքը
կը
ղրկէ:
Չէր
ըմբռներ,
թէ
ի՞նչ
կապ
կայ
տղուն
տկարութեան
եւ
այդ
առաքելութեան
միջեւ:
—
Նէ
դուն
հարցուր,
նէ
ալ
ես
քեզի
բացատրեմ,
ըսաւ
տղան:
Ես
չեմ
կրնար
երթալ.
ես
պէտք
չէ
որ
երթամ:
Բայց
սա
գիտցած
եղիր,
որ
ինձի
մե՜ծ,
շատ
մեծ
ծառայութիւն
մը
պիտի
մատուցանես:
Հաւատա՛
խօսքիս`
քանի
մը
քայլ
տեղ
է…
մայրութիւն
ըրած
պիտի
ըլլաս:
Կինը
աւելի
բացատրութիւն
ուզեց,
բայց
Նորայր
յամառօրէն
կրկնեց
նոյն
բանը:
Միայն
թուղթը:
Որոշեալ
տեղը
երբոր
վար
կ՚իջնային,
տոմսավաճառը
ըսաւ.
—
Ո՛չ,
տիկին,
Գլամառը
հոս
չէ:
Անշուշտ
թէ
հոն
չէր,
քանի
որ
Փարիզէն
դուրս
չէին
ելած
դեռ:
Բայց
Porteին
հոտը
կու
գար:
Երբ
որ
հայ
մայրը
եւ
երիտասարդ
տղան
վար
իջան
հանրակառքէն,
կեցան
մայթին
վրայ:
Նորայր,
որ
կնոջ
բեռը
առած
էր,
դրաւ
նստարանի
մը
վրայ,
ինքն
ալ
նստաւ
քովը,
ըսելով`
թէ
վայրկեանէ
մը
կը
գրէ
թուղթը
եւ
կու
տայ:
Կինը
ոտքի`
կը
սպասէր:
Նորայր
թղթապանակեն
էջ
մը
սպիտակ
թուղթ
հանեց,
ինքնահոս
գրիչը
բացաւ
եւ
գրեց
վճռականօրէն.
«Տիկին
եւ
Պարոն
Տիւվէռ,
Ես
այլեւս
պանդոկ
պիտի
չգամ:
Զիս
այլեւս
բնաւ
պիտի
չտեսնէք:
Վաղը
պիտի
իմանաք
վախճանս`
թերթերէն:
Անձնասպան
պիտի
ըլլամ:
Պատճառները
բոլորովին
անձնական
են:
Որոշումս
անդրդուելի
է:
Անդրդուելի:
Չեմ
ուզէր
ապրիլ:
Չեմ
կրնար:
Գիտցէք,
որ
Փարիզի
մէջ…
Եպրաքսէ
հանըմ
տղուն
արագասահ
գրիչին
նայելով
ըսաւ.
—
Էօ-էօ՜ֆ,
քալէմինդէն
քա՛ն
աքար…
Գրիչը
ծակեց
թուղթը:
Տղան
քֆրեց
(իբրեւ
թէ
ծայրին)
եւ
շարունակեց.
«…ոչ
ոք
ունիմ:
Մա՛րդ
չունիմ:
Ոչ
ոքի
սու
մը
պարտք
ունիմ:
Այս
երկտողս
ձեզ
կը
գրէմ,
ընելու
համար
պահանջք
մը:
Այն
կինը,
հայրենակից
կինը,
որ
ձեզի
կը
բերէ
այս
երկտողս,
ահա
այդ
կինը
պէտք
է
տիրանայ
այն
բոլոր
բաներուն,
զորս
ունիմ
սենեակիս
մէջ:
Ամէն
ինչ
այդ
խեղճ
կնոջ
տուէք:
Անոր
կը
նուիրեմ:
Չեմ
ուզէր,
որ
ոստիկանութիւնը
գրաւէ:
Կը
խնդրեմ,
որ
յարգուի
այս
վերջին
փափաքս:
«Շնորհակալութեամբ
եւ
վերջին
ողջոյնով
Կը
ստորագրեմ`
ՌՈՊԷՌ
(Նորայր
Կարապետեան)»:
—
Ատ
ի՜նչ
շուտ
լմնցուցիր,
ըսաւ
Եպրաքսէ
հանըմ:
Նորայր
պահարան
կը
փնտրէր
թղթապանակի
մէջ,
ապարդիւն
կերպով:
Խիստ
դժգոհ
էր
չգտնելուն
համար:
Յանկարծ
խելք
ըրաւ
եւ
հարցուց
կնոջ,
թէ
ֆրանսերէն
կարդալ
գիտէ՞:
«Էյ,
միայն
այդ
էր
պակաս»
ըսաւ
կինը:
Այն
ատեն
տղան
ուղղակի
ծալլուած
թուղթը
ձեռքը
դրաւ
մայրիկին:
Ոչ,
ուրիշ
ըսելիք
ունէր:
Հանեց
իր
ինքնութեան
թուղթը,
ան
ալ
միասին
տուաւ,
դրած
երկտողին
տակ
աւելցնելով.
«Նամակիս
կը
միացնեմ
ինքնութեան
թուղթս,
որպէսզի
ապահով
ըլլաք,
թէ
գրութիւնը
ուղղակի
ինձմէ
կու
գայ»:
Նորայր
եւ
կինը
քովընտի
փողոց
մը
մտան
ու
յառաջացան:
Բաւական
մը
քայլեցին:
Մսավաճառի
մը
առջեւ
կանգ
առաւ
տղան,
եւ
դէմի
եզերքը
քիչ
մը
անդին
ցոյց
տուաւ
պանդոկ
մը
մարմար
դուռով,
ոսկեզօծ
տառերով:
Հոն
պէտք
է
տանէր
իր
տուած
թուղթը
եւ
յանձնէր
պանդոկապետին:
Նորայր
կնոջ
վերադարձուց
գորգի
ծրարը
եւ
միաժամանակ
տուաւ
դրամատոմս
մը՝
զոր
Եպրաքսէ
հանըմ
մերժեց
խստօրէն:
………………………………………………………………
Ճշմարիտ
փոթորիկ
մը
փրցուց
հայ
մայրիկը:
Պիտի
խենթենար,
խելքի՜ն
պիտի
գար:
Անպայման
սխալմունք
մը
պատահած
էր,
որովհետեւ
խելքին
պիտի
գար:
Բայց
լաւ
կը
կարդայի՞ն,
ուշադրութեամբ
կը
կարդայի՞ն,
վստա՞հ
էին
իրենց
ըսածին:
Բայց,
Աստուա՜ծ
իմ,
Հայ
մը
չկա՞յ
սա
մօտերս,
որ
գայ
ու
պէտք
եղածին
պէս
թարգմանէ:
Ո՞ր
սենեակին
ունեցածը,
ինք
ի՞նչ
գործ
ունի
ոստիկանութեան
գրաւածներուն
մէջ:
Ռոպէ՞ռ
մի:
Փոքրակազմ
եւ
սիրուն
պանդոկապետուհին
է,
որ
նախապէս
թուղթը
առած
էր
եւ
կարդալով
գոյնը
նետած:
Դուրս
նետուեցաւ
գրասենեակէն
եւ
սանդուխներն
ի
վեր
ճչաց
—
Տէզիռէ՜,
Տէզիռէ՜:
Եւ
որովհետեւ
իր
ուզածին
չափ
շուտով
չէր
հասնէր
ամուսինը,
սկսաւ
գրասենեակին
էլեկտրական
կոճակները
բոլոր
յարկերուն
վրայ
հնչեցնել:
Վերջապէս
պանդոկապետը
վար
եկաւ
ըսելով
—
«Բերի՞ն
ապահովագրութեան
պատասխանը»:
Բայց
գրեթէ
միաժամանակ
իր
կնոջ
տժգունութիւնը
տեսնելով
դէմքը
կախեց
ու
բարկացաւ:
«Խենթ
ես
դուն,
կ՚ըսէր,
նորէն
անկողին
պիտի
իյնաս.
դեռ
երկու
օր
է
ոտքի
ելեր
ես…
Ի՞նչ
կ՚ըլլանք
կոր»:
Երբոր
ինքն
ալ
կարդաց
Նորայրին
թղթիկը.
այս
անգամ
կնոջը
հետ
սկսաւ
հարցումներու
տարափ
մը
տեղացնել
Եպրաքսէ
հանըմին
վրայ:
Բնականաբար
չէին
համարձակեր
շուտով
այս
վերջնոյն
ըսել,
թէ
ի՞նչ
կ՚անցնի
կը
դառնայ,
քանի
որ
չէին
գիտեր,
թէ
ինչ
կապեր
Հայուհիին
կը
միացնեն
տղուն:
Երբոր
վերջապէս,
մեծ
դժուարութեամբ
հասկցան,
թէ
պարզ
հայրենակից
մըն
է,
տուին
երկտողին
իմաստը:
Ո՛չ,
չէր
կրնար
հաւատալ,
աչքերը
կը
մթագնէին,
արիւնը
գլուխը
ելած
էր,
ըլլալի՜ք
բան
չէր:
Կը
պահանջէր,
որ
Հայ
մը
գտնեն,
որպէսզի
ան
պէտք
եղածին
պէս,
շէնքով
շնորհքով
թարգմանէ:
Աստուա՜ծ
իմ,
շատ
համբերութեան
պէտք
եղաւ
Հայուհիին
հասկցնելու
համար,
թէ
սուտ
ու
սխալ
չէին
ըսեր:
—
Բայց
այս
ատեն
ի՞նչ
կեցեր
էք,
վազեցէք,
ետեւէ՛ն
վազեցէք,
—
կը
պոռար
Եպրաքսէ
հանըմ:
—
Մայրիկ
ունի,
քո՜յրիկ
ունի:
Եւ
չէր
կրնար
ըմբռնել,
թէ
ինչո՛ւ
անմիջապէս
ետեւէն
չեն
վազեր
տղու
մը՝
որ
հեռու
տեղ
մայրիկ
մը
ունի:
Պանդոկապետին
թեւէն
քաշելով
տարաւ
մինչեւ
փողոցին
դուռը,
ըսաւ,
թէ
մինչեւ
ո՛ւր
իրեն
ընկերացած
էր
Նորայր,
եւ
թէ
մարդը
եթէ
քիչ
մը
վազէր,
անպայման
ետեւէն
կը
հասնէր:
Պէտք
էր
կառք
մը
առնել
եւ
վազել,
պէտք
էր
ջուրին
եզերքը
երթալ,
այո՛,
Սէնին
եզերքը
երթալ.
պէտք
էր
լուր
տալ
մեր
եկեղեցին,
որուն
մեթռօն
«Շան
զ՚Էլիզէ»-ն
էր:
Բայց
ինք
չի՜
կրնար
վազել,
որ…
Կրկին
վերադարձան
գրասենեակ:
Եպրաքսէ
հանըմ
կու
լար:
Այդպէս
չպիտի
լար
անշուշտ,
եթէ
քիչ
մը
գոնէ
կարենար
ինքզինքը
պարպել:
Բայց
լեզուի
դժուարութիւնը
կրկնապէս
կը
նեղէին
զինքը:
Հայերէն
եւ
թուրքերէն
բառերը
կը
խառնուէին
իր
չափազանց
խեղճ,
ծիծաղելի
ֆրանսերէնին
հետ,
եւ
իր
ըսածները
պանդոկապետը
կը
գուշակէր,
քան
թէ
կը
հասկնար:
Փոթորիկը
քիչ
մը
խաղաղեցնելու
համար
մարդը
խստութեամբ
ըսաւ.
—
Բայց
քիչ
մը
զսպեցէ՛ք
ինքզինքնիդ,
տիկին,
մանուկ
չէ՜ք:
Մենք
զինքը
ձեզմէ
աւելի
կը
ճանչնանք
եւ
սակայն…
Չչափազանցե՜նք,
վերջապէս
օտար
մը
ըսել
էք…
Ի՞նչ,
օտա՞ր.
երբե՛ք.
երբեք
օտարներ
չէին:
Ինքը
շատո՜նց
է,
որ
կը
ճանչնար
Նորայրը:
Քանի
Կիրակիներ
եկեղեցին
հանդիպած
էր:
Եւ
յետոյ
ան
իրեն
համար
ապառթըման
պիտի
փնտռէր…
սկսած
էր
փնտռել…
Եւ
յետոյ,
նոյն
գիշերն
իսկ
ինք
հոս
պիտի
գար
եւ
Նորայրին
կռնակը
վեց
հատ
շիշէ
պիտի
քաշէր…
Օտա՞ր
մի…
տակէն
հագած
ֆանելաներուն
թիւը
անգամ
գիտէր…
Օտա՞ր
մի…
Պանդոկապետուհին
ըսաւ…
—
Ես
արդէն
կը
զգայի,
որ
այս
տղան
բան
մը
ունի:
Երկու
օր
է
պանդոկ
չէ
եկած:
Այնպէս
չէ՞,
Տէզիռէ՛,
երկու
գիշեր
է
որ
չէ
եկած:
—
Դուն
լռէ,
ըսաւ
մարդը
խստութեամբ:
Դուն
արդէն
միշտ
այսպէս
ես.
ամէն
բան
կը
վերածես
ողբերգութեան
եւ
ճեփ-ճերմակ
կ՚ըլլաս:
Արդէն
հազիւ
երկու
օր
կայ,
որ
անկողնէն
ելեր
ես…
Անձնասպան
պիտի
ըլլամ
ըսելուն
համար
դուք
ալ
հաւատացի՞ք:
Սպասեցէք
տեսնենք…
խոսքին
եւ
արարքին
մէջ
հեռաւորութիւնը
շա՜տ
մեծ
է:
Ո՞ր
երիտասարդը
այդ
տեսակ
ցանկութիւն
չէ
ունեցեր:
Ես
անգամ
քեզ
չգրեցի՞
Լիլ
եղած
ատեննիս,
թէ…
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես
կոր,
միւսիւ,
պոռաց
Եպրաքսէ
հանըմ.
դուն
եւ
ան
մէ՞կ
էք:
Անոր
աչքերուն
մէջը
նայո՛ղը
միայն
կը
հասկնայ,
թէ
որքան
յամառ
է:
Իր
գիտցածէն
շեղող
տղայ
չէ՜:
Միտքը
դրեր
է,
պիտի
ընէ:
Ես
մարդու
մը
երեսը
եթէ
նայիմ,
ինչ
ըլլալը
քեզի
կ՚ըսեմ:
Հայ
կինը
այս
խօսքերը
կ՚ըսէր
(կամ
ըսել
կը
կարծէր)
միշտ
նոյն
բարձրաղաղակ
ձայնովը,
յուզուած
ձայնովը
եւ
առատ
շարժուձեւերով:
Պանդոկապետը
կրկին
փորձեց
զինքը
հանդարտեցնել,
բայց
տեսնելով,
որ
դէմինը
իր
բոլոր
ըսածները
չի
հասկնար,
աւելցուց
—
la
barbe!:
—
Հապա՜,
—
ըսաւ
Եպրաքսէ
հանըմ,
մօրուքն
ալ
մատ
մը
եկած
էր:
Ինքզինքը
ձգա՜ծ
էր,
ձգա՜ծ…
Ֆրանսացիները
այս
անգամ
ա՛լ
չխնդացին,
կարելի
չէր։
Այն
ատեն
պանդոկապետուհին
իր
ամուսինին
ըսաւ,
թէ
պէտք
է
շուտով
ոստիկանատուն
երթալ
եւ
եղելութիւնը
պատմել,
տեղեակ
պահել
իշխանութիւնը:
Գուցէ
անոնք
միջոցաւ
մը
կրնային
տղան
գտնել,
կրնային
զայն
ետ
կեցնել:
«Արդեն
ուրիշ
միջոց
չկայ
որ»
ըսաւ
մարդը
եւ
պատրաստուեցաւ
ոստիկանատուն
երթալ:
Բայց
որովհետեւ
հայ
կնոջ
աղմկալից
ներկայութիւնը
անհաճոյ
էր
գրասենեակին
մէջ,
բայց
որովհետեւ
չէր
ուզեր
զայն
առանձին
թողուլ
իր
կնոջը
հետ
«որ
նորէն
անկողին
պիտի
իյնայ»,
Եպրաքսէ
հանըմը
դուրս
հանեց:
Միասին
քանի
մը
յարկ
բարձրացան
եւ
պանդոկապետը
դուռ
մը
բանալով
ըսաւ,
թէ
այդ
էր
Կարապետեանին
սենեակը:
Յետոյ
հայելիին
վրայէն
տղուն
մէկ
լուսանկարը
առնելով
աւելցուց
—
«Ես
մարդոցը
կ՚ըսեմ
ինչ
որ
պէտք
է:
Անոնք
այս
պատկերովը
թերեւս
կրնան
գտնել:
Մինչեւ
որ
չգամ,
հոսկէ
մի՛
շարժիք:
Շուտով
կուգամ»:
Ու
մեկնեցաւ
առանձին
ձգելով
կինը:
………………………………………………………………
Եւ
յետոյ
բացաւ
հանդերձակալը:
Հոն
կախուած
նոր
հագուստը,
վերարկուն
եւ
այլ
գոյքեր
տեսնելով
բացականչեց—
«Չեմ
ուզէր,
ծօ,
չե՜մ
ուզեր»:
Հայելիին
վրայ
տեսաւ
տարեց
կնոջ
մը
լուսանկարը
որ
ապահովաբար
Նորայրին
մայրն
էր:
Մասամբ
ճերմկած
մազերով
այդ
կինը
կը
ժպտէր
քաղցրօրէն:
«Ակնոցս
ալ
քովս
չէ,
բայց
խաթուն
կնիկ
մը
կ՚երեւաս
կոր»
ըսաւ
Եպրաքսէ
Հանըմ
եւ
հեռացաւ
հայելիէն`
սաստիկ
յուզուած:
Որքան
որ
շուտով
հեռացած
էր,
նոյնքան
շուտով
մօտեցաւ
դարձեալ
պատկերին:
«Մուխդ
մարեցա՛ւ,
կնիկ…
Ա՜չկս
ելլայ…
թա՛մ
ալ
զաւկիդ
կը
նմանիս
կոր.
քիթէդ
ինկեր
է…
գիտես
քի
ես
քեզի
տեղ
մը
տեսած
եմ…»:
Եւ
յանկարծ
սաստիկ
բարկացաւ
Նորայրին
դէմ:
Սաստիկ
զայրացաւ:
Ո՛չ,
այս
բանը
ընելու
չէր
քանի
որ
մայր
ունի.
իր
ծնողքին
խնայելու
էր
այս
վիշտը:
Ի՞նչ
ես
եղեր,
ա՜յ
տղայ,
ձեռքդ
ոտքդ
կը
բռնէ,
փա՛ռք
Աստծոյ.
չէի՞ր
կրնար
քիչ
մը
ակռադ
սեղմել:
Եւ
յետոյ,
«Ինձմէ՞
ինչ
կ՚ուզէիր,
ես
քեզի
ի՞նչ
գէշութիւն
ըրի,
որ
սիրտս
վեր
հանեցիր.
չէի՞ն
օգտեր
իմ
քաշածներս.
չէի՞ն
օգտեր
իմ
տեսածներս:
Ի՞նչ
կ՚ուզէիր
ինձմէ,
որ
հոս
ղրկեցիր.
ես
մեղքը
չե՞մ…
Ախ,
ճայիլութիւն.
տէլի
գանլը
ըսէր
են
նէ
հա՜խ
ունին,
արիւննիդ
խենթ
է…
քա
ո՞ւր
տեսնուած
է,
որ
թռամվային
մէջ
առաջին
անգամ
հանդիպած
կնկանդ…»
Եպրաքսէ
հանըմ
նայեցաւ
պատին
վրայ
հաստատուած
Illustration
գունաւոր
նկարներուն,
առանց
զանոնք
տեսնելու:
Վերմակը
վեր
առնելով`
սաւաններուն
սպիտակութիւնը
քննութենէ
մը
անցուց
եւ
գլուխը
երերցուց
ըսելով
«տէլի՜
գանլը»:
Յետոյ
գնաց
անգամ
մը
եւս
բացաւ
հանդերձակալը,
նայեցաւ
ճերմակեղէններուն
եւ
մատներով
շօշափեց
ու
քննեց
նոր
զգեստին
կերպասը:
Երդում
ըրաւ,
որ
զանոնք
աղքատի
մը
պիտի
տայ
եւ
հեռացաւ
իսկապէս
յուզուած:
Իսկապէս
յուզուած
էր,
որովհետեւ
աչքին
առջեւ
եկաւ
իր
պզտիկ
տղան,
որ
գրեթէ
նոյն
տարիքը
ունի:
Իր
«անառակ
շուն»ը
մտածումին
ներկայացաւ
տխուր,
ինքն
իր
վրայ
կքած,
մօրուքը
մատ
մը
եկած:
Այդ
սիրելի
դէմքը
կը
տժգունէր
հետզհետէ
աւելի,
հետզհետէ
աւելի:
Եպրաքսէ
հանըմ
աթոռի
մը
վրայ
ինկաւ
յոգնաբեկ:
Տղուն
պատկերը
չէր
հեռանար
սակայն:
Ան
յուսահատ
էր
եւ
լքուած:
Տակէն
շատ
թեթեւ
ու
հին
ֆանելաներ
հագած
էր,
շիշէ
քաշող
չունէր
եւ
իր
սենեակին
առարկաները
կը
կտակէր
որեւէ
մէկուն:
Յանկարծ
«անառակ
շուն»ին
դէմքը
ծածկուեցաւ
արիւնով:
Արիւնը
կը
վազէր
բերնէն,
ռունգերէն,
քունքէն:
Յանկարծ
գլուխը
ջախջախուեցաւ
հանրակառքի
մը
տակ
եւ
մարդիկ
սկսան
պոռալ,
աղաղակել,
օգնութիւն
խնդրել:
Յանկարծ
տղուն
կոկորդը
կտրուեցաւ
ածելիի
ահաւոր
հարուածով
մը:
Յանկարծ…—
Եպրաքսէ
հանըմ
կու
լար:
Իր
ուռած
տղան
դուրս
կը
քաշէին
Սէն
գետէն.
կանաչ
էր
եղած
ան.
խխում
հագուստներով
կը
բերէին
տուն.
Հաստ
ու
դաժան
conciergeը
թեւերը
վեր
կ՚առնէր
սարսափով
եւ
«ես
քեզ
մեղա՜յ»
կ՚ըսէր
Եպրաքսէ
հանըմին:
Իսկ
ան
իր
տղուն
պաղ
դիակին
վրայ
ինկած`
մազերը
կը
փետտէր…—
ոտքի
ելաւ
Եպրաքսէ
հանըմ:
Անտանելի
էր
իր
վիճակը:
Պիտի
խեղդուէր:
Անհամբերութեամբ
սենեակին
դուռը
բացաւ
ու
նայեցաւ
սանդուխներէն
վար:
Պանդոկապետը
միշտ
կ՚ուշանար:
Կրկին
ներս
անցնելով
սկսաւ
երթուդարձել
եւ
խոշոր
ճիգ
մը
ընել
այս
մահաբոյր
մտածումները
հեռացնելու
համար:
Վայրկեաններն
իրեն
անսահման
կը
թուէին,
եւ
ինք
կ՚ուզեր
ժամ
առաջ
դուրս
փախչիլ
այս
անտանելի
մեռելատունէն:
Գլխուն
քիչ
մը
պաղ
ջուր
զարկաւ,
հառաչեց
ու
մնաց
յուսակտուր,
մնաց
ջախջախուած՝
ակնարկը
պարապին:
Այդպէս,
ակնարկը
պարապին,
սկսաւ
կրկին
մտածել
շրթունքները
անշարժ,
բայց
գլուխը
ճօճելով.
—
«Տղայ
մը
պակա՜ս
է
եղեր…
որո՞ւն
հոգն
է…
հաշիւ
բռնողն
ո՞վ
է…
ո՞վ
պիտի
գայ
հոս
մարդ
պիտի
փնտրէ…
չմեռնի՜ս,
եօխսամ…
Ասչափ
մարդ
ջարդեցին,
ասչափ
մարդ
զարկին,
ասչափ
անմեղի
արիւն
մտան…
Ո՞վ
որի…
կէնէ
ամէն
մարդ
իր
օրուան
հացին
ետեւէն
կը
վազէ,
ամէն
մարդ
իր
վաղուանը
կը
մտածէ…
չմեռնի՜ս,
եօխսամ…
պարէ
հրաշք
մը
ըլլար
եւ
սա
տղան
գտնէին,
հրաշք
մը
ըլլար՝
սա
տղան
փրկէին…
Մտածումներու
առթած
թմրութենէն
յանկարծ
սթափուեցաւ
Եպրաքսէ
հանըմ:
Գաղափար
մը
ինկած
էր
իր
մէջ,
երկինքէն
քար
իյնալու
պէս:
Մէկը
այն
գաղափարներէն,
որոնք
մարդս
կը
մղեն
յանկարծական
գործունէութեան,
առանց
անդրադարձումի
րոպէ
մ՚իսկ
շնորհելու:
Բայց
անշուշտ,
ինչո՞ւ
պիտի
չընէր:
Ո՞վ
կրնար
տեսնել
զինքը:
Ո՞վ
որի:
Եւ
անմիջապէս
պատուհանը
ամբողջութեամբ
բանալէ
յետոյ,
գնաց
իր
հրայրը
քակեց
եւ
դուրս
հանեց
գորգը:
Պիտի
թօթուէր:
………………………………………………………………
Սկսաւ
թօթուել
ուժով,
գոհունակութեամբ,
առոյգութեամբ:
«Էյ,
աս
փէ՜ք
աղէկ
յարմարեցաւ»—
մտածեց,
եւ
թեւերը
պիրկ՝
մարմինը
պատուհանէն
դուրս`
սկսաւ
զարնել
ու
զարնել:
Բա՛թ,
քի՛ւթ,
բա՛թ,
քի՛ւթ…
Ո՞վ
պիտի
գար
զինքը
արգիլել։
Ո՞վ
որի:
Բա՛թ,
քի՛ւթ…
բայց
սահեցաւ:
Շատ
մաշած,
նոր
փայլեցուած,
եւ
փայլը
դեռ
բնաւ
չաղարտուած
տախտակամածին
վրայ
սահեցաւ
Եպրաքսէ
հանըմ,
իր
մաշած
կրունկներուն
եւ
իր
աճապարանքին
պատճառաւ:
Գնաց
երեսի
վրայ:
Ակնթարթ
մը:
Խուլ
ճիչ
մը`
կնոջ
փորոտիքին
մէջ:
Ճարտարապետական
գիծեր,
պատուհաններու
մէջ
կախուած
ճերմակեղէններ
եւ
վարի
courը
աչքերուն
մէջ
դարձած,
շրջեցան,
ընկլուզեցան,
բայց
կինը
կառչեցաւ:
Կրցաւ
կառչել
պատուհանի
շրջանակին,
գոնէ
մէկ
ձեռքով:
Դժուարութեամբ
ու
շնչահեղձ`
ներս
անցաւ:
Ներս
անցաւ՝
առանց
գորգի:
Ան
վար
հասած
էր
արդէն
ու
կը
հանգչէր
երկու
աղբամաններու
միջեւ:
Լեղին
պատռած
էր:
Եպրաքսէ
հանըմին
սարսափը
աննախընթաց
էր:
Երկու
ձեռքերը
գլխուն
զարկաւ
իր
բոլոր
ուժով
եւ
կանչեց
սրտին
խորունկէն—
«Ամա՜ն,
ամա՜ն,
սուրբ
Աստուածամար»:
Կարծես
վտանգէն
հեռու
փախչելու
համար,
կարծես
աւելի
ապահովութիւն
գտնելու
համար,
գնաց
սենեակին
խորը,
սկսաւ
դառնալ
ու
դառնալ
նոյն
անկիւնին
մէջ
եւ
դողացող
ձեռքերը
կրկին
գլխուն
զարնելով
ըսաւ.
«լա
կ՚երթայի՜
կոր…
քա
մանչե՜րս…
ամա՜ն,
սուրբ
Աստուածամար…»:
Ո՛չ,
չէր
գացած:
Կասկած
չկայ,
թէ
վար
չէր
ինկած:
Հոս
էր,
սենեակին
մէջն
էր,
վտանգը
անցած
էր:
Տեսաւ
ինքզինքը
հայելիին
մէջ:
Շառագունած
էր
եւ
այլայլուած:
Խաչ
հանեց
եւ
վճռեց
Կիրակի
օրը
«մոմ
երթալ
եւ
եկեղեցի
մը
վառել»:
Երբ
ինքզինքը
կը
դիտէր
հայելիին
մէջ,
հոն
տեսաւ
նաեւ
անծանօթ
մօր
պատկերը:
Ան
միշտ
կը
ժպտէր
քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
Ան
միշտ
կը
ժպտէր
քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
—
Քա
էդէպսիզ.
գետնին
տա՛կը
անցնելիք
Եպրաքսէ…
Կատաղօրէն
սկսաւ
յանդիմանել
ինքզինքը
եւ
ըսաւ,
թէ
Ֆրանսացինիրը
իրաւո՛ւնք
ունին,
թէ
ինք
ճշմարիտ
խենթ
մըն
է,
թէ
ծայրայեղութեան
տարած
է
մաքրասիրութիւնը:
Ամէն
օր
եւ
օրն
ի
բուն
ջուր
կը
վազցնէ,
տախտակ
կը
շփէ
եւ
բան
կը
թօթուէ:
Եւ
այժմ
վերջապէս
կ՚ուզէր
գիտնալ,
կ՚ուզէր
անպայման
գիտնալ,
թէ
ե՞րբ
պիտի
փոխէ
իր
յոռի
բնաւորութիւնը:
Հարց
կու
տար
եւ
կը
փափագէր
հասկնալ,
թէ
ե՞րբ
պիտի
հրաժարի
իր
անիմաստ
սովորութիւններէն:
«Հէ՞,
ըսէ
նայիմ»
կը
կրկներ
ամէն
նախադասութեան
սկիզբն
ու
վերջը,
եւ
քանի
որ
յանցապարտ
Եպրաքսէ
կը
մնար
լուռ,
ինքն
աւելի
ուժ
կ՚առնէր
եւ
կը
պնդէր,
թէ
արժանի
կը
պատիժի։
«Հա՛խ»
է,
ինչ
որ
պատահեցաւ
«Հախ»
է:
Այո՛,
արդարութիւն
է:
Իրեն
պէս
ջատուկ
մը,
որ
իր
երկու
աննման
մանչերն
իսկ
մեղքնալ
չի
գիտեր
այս
տեսակ
վախճան
մը
պէտք
է
ունենայ:
Պէտք
է
ճղակտոր
ըլլայ:
«Ամա՜ն,
սուրբ
Աստուածամար»:
Սկսաւ
լալ
Եպրաքսէ
հանըմ:
………………………………………………………………
Երբե՜ք,
երբեք
պիտի
չհամարձակի
վար
իջնել
եւ
պանդոկապետուհիէն
խնդրել,
որ
իրեն
վերադարձնեն
գորգը:
Երբե՜ք,
երբեք
պիտի
չհամարձակի
խոստովանիլ,
թէ
գորգ
թօթուելու
ելած
էր
մեռնող
տղու
մը
սենեակին
մէջ
որ
հեռու
տեղ
մայրիկ
մը
ունի:
Հայելիին
վրայ
էր
միշտ
իր
մեղքը:
Բայց
ուրեմն
ի՞նչ
պիտի
ընէ:
Լսուեցաւ
պանդոկապետին
ձայնը,
որ
ոստիկաններու
հետ
շփուած
ըլլալուն
համար
աւելի
գոռ
եղած
էր:
Մարդը
վերադարձեր
է:
Եպրաքսէ
հանըմ
անմիջապէս
գոցեց
պատուհանը:
Բնականաբար
ոտնաձայները
կը
մօտենային,
եւ
սանդուխը
կը
ճռնչէր
հետզհետէ
աւելի
յստակօրէն:
Հայ
մայրը
յանկարծ
նշմարեց
իր
սեւ
լաթը:
Այն՝
որուն
մէջ
պլորած
էր
իր
գորգը:
Պարա՜պ
պարա՜պ,
պարա՜պ
սեւ
լաթը:
Այնքան
արագ,
որքան
արագ
բացած
էր
պատուհանը
գորգը
թօթովելու
համար,
Եպրաքսէ
հանըմ
շուրջը
նայեցաւ
եւ
անմիջապէս
վերմակին
տակէն
խլեց
մեծ
բարձը:
Զայն
պլլեց
սեւ
լաթին
մէջ:
Հօփ-լա՜:
Կրկին
գոցեց
վերմակը:
………………………………………………………………
Յաղթանդամ
բեռնակիրներ
կառքէ
մը
վար
կ՚առնեն
պոչաւոր
դաշնակ
մը,
մինչ
կառքին
ձիերը
կը
խածնեն
մէկզմէկու
վիզ:
Չանձրեւեց
այսօր
բացառաբար
եւ
ապրիլեան
հետմիջօրէն
յառաջացած
է
պատերու
տակէ,
գլխիկոր:
Մօտակայ
բարձր
ծխնելոյզին
մուխը
կ՚իյնար
վար,
պատճառ
ըլլալով
որ
աւելածուն
գլուխը
ցցէ,
նայի
եւ
քրթմնջէ:
Իր
ատելի
խանութին
առջեւ
նստած
է
անցեալը
մութ
մսագործ
մը,
խոշոր
շան
մը
հետ:
Հաստափոր
մսագործը
բերնին
անկիւնէն
կը
նետէ
սիգարէթի
գարշելի
կոտորակ
մը
եւ
վերջապէս
կը
զարմանայ:
Զարմացումով
կը
նայի
սեւեր
հագած
խեղճուկ
կնոջ
մը,
որուն
շարժումները
առնուազն
արտառոց
են:
Լայնածաւալ
կինը
սեւ
ծրար
մը
ունի
թեւին
տակ:
Ջղագրգիռ
գնացքով
կ՚երթայ
ան
փողոցին
ծայրը
եւ
հոն
կը
կենայ:
Հոն
կը
կենայ
ու
յետոյ
կը
վերադառնայ:
Այս
երրորդ
անգամն
է,
որ
կինը
կ՚երթուդարձէ:
Կը
մօտենայ
մարմար
դուռով
եւ
ոսկեզօծ
տառերով
պանդոկին,
կարծես
ներսը
մտնելու
հաստա՛տ,
անխախտելի՛
որոշումով,
բայց
կը
վարանի,
քիչ
յետոյ
հեռանալու
համար
աճապարանօք:
Ծրարը
կը
բանայ,
կը
նայի
սպիտակ
բանի
մը
եւ
անհասկնալի
բաներ
կը
բացականչէ:
Բայց
մանաւանդ
ձեռքը
կը
զարնէ
գլխին,
արագ
եւ
բազմաթիւ
հարուածներով:
Շուրջն
ալ
կը
նայի
կարծես
օգնութիւն
հայցելու
պէս,
բայց
ոչ
ոք
օգնութեան
չի
հասնիր
անոր՝
որ
խեղճուկ
մը
կեցեր
է
պանդոկին
դրան
առջեւ,
անոր՝
զոր
ես
կոչեցի
Եպրաքսէ
հանըմ,
բայց
դուն
գիտես,
ընթերցող,
որ
պճեղ
մը
անուշ
սիրտ
է: