Յարալեզներուն դաւաճանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱԹՈՍԹԷ

***

Մէկուն հարցուցեր են, թէ ի՞նչ կը հասկնայ «պատուաւուր կին» ըսելով, եւ այդ մէկը տուէր է հետեւեալ բացատրութիւնը. «Պատուաւոր է այն կինը, որ կը պառկի միմիայն իր ամուսնին եւ յետոյ ինծի յետ»: Եսասէր ու շնական boulevardierի նոյնկերպ մտածումը ունեցայ, երբ սիրականս եկաւ իմ ծոցս մտաւ, նախ քովի սենեակը, այսինքն իր ամուսնին այցելելէ վերջ: Երկու առաւօտ է, որ չէր եկած իմ սիրականս, արեւը, լալկան երկնքին պատճառաւ, բայց ահա որ այս առաւօտ կրկին կը շողայ մեր վերեւ, կրկին բաժակաճառ կ՚արտասանէ: Պատուաւոր արեւ ես ասոր կ՚ըսեմ: Կ՚ըսեմ՝ ու սրունքներս կը պրկեմ անկողնին մէջ եւ յետոյ վերմակին վարի ծայրէն դուրս ելած մատներուս հետ կը խօսիմ ռուսահայերէնով: Մի՛ շարժիք կ՚ըսեմ անոնց, եւ մատներս կը շարժին. շարժեցէ՛ք կը հրամայեմ, եւ անոնք կ՚անշարժանան քիթիս խնդալով: Ասկէ առաջ, իմ բազմազբաղ շրջաններուս, յաճախ կը խորհէի, որ եթէ բացարձակ հանգստի պահեր ունենամ, եթէ օրերս ամբողջութեամբ ինձի պատկանին, պիտի ամփոփուիմ իմ մէջս եւ պիտի խորհրդածեմ լիութեամբ: Պիտի ունենամ լաւ մտածումներ, ներքին որոնումներ, բայց այսօր կը խոստովանիմ, որ կատարելապէս սխալեր եմ: Արգե՛լքը միայն զիս մղեր է որոնումի, մինչ այժմ, բացարձակ հանգիստիս մէջ դատա՜րկ, դատարկ մէկն եմ դարձած: Մէկը՝ որ ոչ թէ կը խօսի իմաստասէրներուն եւ հին թէ նոր տեսութեաններուն հետ, այլ ռուսահայերէնով զրոյց կ՚ընէ իր ոտքին մատներուն հետ: Ամօ՛թ բան է սա, բայց ես չեմ ամչնար, քանի որ հարուստ եմ: Ըսել կ՚ուզեմ` երջանիկ եմ: Երջանիկ եմ շատ մը պատճառներով, եւ նաեւ իմ պաշտելի արեւիս համար, որ ականջս շոյեց երկարօրէն, յետոյ անոր ետեւն անցաւ ոսկէ գրիչի մը պէս եւ այժմ ինկեր է գետին ու կը պղպջայ: Իր լուսեղէն սիւնը գացեր է կարասիիս վարի դարակին բռնիչին պլլուէր է եւ կարծէք կ՚ուզէ քաշել դարակը: Բայց արեւ, անոր մէջ կան միայն լաթէ իմ հին ոտնամաններս: Հագնի՞լ կ՚ուզես զանոնք, եւ ճամբորդել այս առաւօտին մէ՞ջ: Արե՜ւ, արե՜ւ… մտիկ մի՛ ըներ, ըսելիք չունիմ: Կ՚ուզեմ աչքերս գոցել, ժպտիլ եւ ննջել միայն: Բայց ահա որ քովէն, այսինքն արեւի ամուսնին սենեակէն իմ անունս կը պոռան եւ պատը կը ծեծեն: Կէտ մը. Հայը շատ խաբուած է Եւրոպացիներէն եւ ես չեմ ուզէր այլեւս խաբուիլ։ Գիտեմ, թէ երբ որ պատուհան ելլեմ, Ֆաննին գաւաթ մը ջուր պիտի նետէ քթիս բերնիս, ինչպէս որ ըրաւ ասկէ առաջ, երկու անգամ:

Դուրս նետուեցայ անկողնէս` «կու գամ կոր» պոռալով եւ գացի դէպի պատուհան շատ հնչեղ եւ կանոնաւոր քայլերով՝ որպէսզի Ֆաննի անոնց վրայ չափէ իմ պատուհան ժամանումս: Բայց անմիջապէս, որ հասայ անոր առջեւ, նետուեցայ թիկնաթոռիս գիրկը եւ բաց պատուհանէն դուրս ցցեցի իմ երկու մերկ ոտքերս: Բարեկամուհիս իր աճապարանքին մէջ զանոնք իմ գլուխս կարծեց, եւ խեղճերը ջուրի ապտակը ստանալով սարսռացին: Գրեթէ միաժամանակ ոտքի ելայ եւ յաղթականօրէն սկսայ հեգնել Ֆաննին, որ թէեւ դժգոհի ծամածռութիւն մը ունէր, բայց որ կը ժպտէր իր բոլոր ակռաներով եւ պարապին մէջ կը թոթուէր գագաթը: Ըսի իրեն.

Համեստափայլ օրիորդ Ֆաննի Ֆուռնիէ, տակաւին րոպէ մը առաջ կը պնդէի, թէ դուք իմ արեւիս ամուսինն էք, լուսաճաճանչ էակ մըն էք, բայց այժմ, կ՚աղաչեմ, թոյլ տուէք որ փոխեմ տեսակէտս: Ստորին արարած, կ՚ուզէիր զիս նորէն խաղի՞ բերել… ո՛չ, պզտիկս, ո՛չ. ահաւասիկ, որ ես ինքս կը խաբեմ քեզ ու կը պարտադրեմ, որ դուն ըլլաս իմ աղախինը… ոտքերս լուացող աղախինը…

Խօսքս դեռ չէի աւարտած, երբոր երկրորդ գաւաթ մը ջուրը, զոր Ֆաննի իր ետեւը կը պահէր, ստացայ քթիս բերնիս: Մանաւանդ յաջորդող անպատկառ խնդուքէն խարազանուած` պատուհանէն դուրս նետուեցայ ակնթարթի մը մէջ եւ, բեռկոլայի գերաններուն վրայէն ցատկոտելով, մտայ Ֆաննիի սենեակը: Կը ճչայինք երկուքս ալ, եւ երբոր զայն նետեցի անկողնին վրայ, Ֆաննին բիժամայիս ծայրովը երեսս սրբեց ըսելով… չեմ յիշէր, թէ ի՛նչ ըսիր, բայց անուշ էիր Ֆաննի, առաւօտին պէս քաղցր էիր իմ Ֆաննի:

………………………………………………………………

Երկարօրէն նայեցայ այդ երիտասարդ միսին, մերկ բազուկին եւ տրտմեցայ: Կ՚ուզէի Ֆաննի էն ըսել, թէ չեմ վախնար մահէն, ընդհակառակն` կը փափագիմ զայն, բայց գաղափարը, թէ մեռնելով պիտի բաժնուիմ Ֆաննիէս, զիս կը յուսահատեցնէ: Բաժնուի՜լ, վերջնապէս բաժնուի՜լ… կ՚ուզէի ըսել շատ բաներ մեկնումի երեկոներուն վրայ բայց չէի համարձակէր խօսիլ, որովհետեւ Ֆաննի գուշակած էր իմ ներքին վայրէջքս եւ քթէս քաշելով կ՚ըսէր— «վերադարձի՛ր, սիրական, վերադարձի՛ր մութ աշխարհէդ, սիրական»: Գիտէր, թէ յոռետես եմ ես, մանաւա՛նդ շուտով յուսալքուող՝ եւ ամէն անգամ որ նշմարէր իմ անկումս, կը ջանար զիս բարձրացնել դէպի իր ամուսինը, դէպի արեւը: Մութ աշխարհս ինք երբեմն կ՚անուանէր «տխուր լաբոռաթուառ» եւ ես այդ ճշգրիտ անուանակոչում ով կը տեսնայի, թէ ան շատ լաւ ծանօթ է նաեւ ուրիշին, թէ այլեւս ինծի համար մտերիմ ու ծածուկ վայր մը չէ: Այս իրողութիւնը եւս պատճառ կ՚ըլլար, որ լքեմ իմ անպատսպար անկիւնս եւ վերադառնամ դէպի Ֆաննին: Ատենուան մը համար:

Չեմ գիտէր, թէ որքա՛ն ժամանակ դեռ պիտի յամենայինք անկողնին վրայ, եթէ չբարձրանար օրիորդ Գրիստինի ձայնը: Ան զիս կը փնտռէր սենեակիս մէջ, եւ մենք ստիպուեցանք աճապարանօք յարդարուիլ եւ զինքը կանչել ասդին: Օրիորդ Գրիստին աղուորցեր է այս առաւօտ հիւանդապահուհիի իր սպիտակ շապիկին մէջ, եւ ինքն ալ գոհ է արեւէն: Երբ պատրաստութիւններ կը տեսնէր զիս ասղնտելու համար, մտերմիկ յանդիմանութեամբ մը ըսաւ ինձ.

Գէ՛շ տղայ, ամէն առաւօտ կու գամ ես ձեզի ուժ բերել, որպէսզի ժամ առաջ առողջանաք, եւ դուք իմ տուած ուժս կը վատնէք հոդ…

«Հոդ» ըսելով ցոյց կու տար անկողնին վրայ երկարած Ֆաննին, որուն հետ ունեցած յարաբերութիւններս շատ ծանօթ էին իրեն: Ես անմիջապէս բացականչեցի.

Կորսուած ենք, Ֆաննի, կորսուած ենք… Հիմա որ հիւանդապահուհիս հասկցաւ մեր յարաբերութիւններուն բնոյթը, կորսուած ենք: Որպէսզի մեր սիրաբանութեան լուրը չտարածուի, պէտք չէ թողունք, որ օրիորդ Գրիստինը ասկէ ողջ դուրս ելլէ: Տո՛ւր դանակդ, որ սպանեմ զինքը:

Եւ հիւանդապահուհիին ծոծրակէն բռնելով` պատրաստուեցայ սպաննել զայն: Ֆաննին ըսաւ, թէ կարելի չէ սպաննել, քանի որ այսօր մազայարդարին պիտի երթայ Գրիստինն, այլ կաշառել՝ որպէսզի չխօսի: Եւ բերաւ իր շաքարի տուփը: Ասեղին մուտքը բնաւ չզգացի յետոյքիս մէջ, այնքան որ անփոյթ էի եւ գոհ այդ առաւօտ: Դեռ կը յամառիմ առաւօտ կոչել առաւօտեան տասը, բայց այդ այն ժամն է, երբ նոր ոտքի ելած են հիւանդները, մերինին նման պանդոկ-սանաթոռիոմներուն մէջ:

………………………………………………………………

Թէ որովհետեւ հիւծախտը սեռային ախորժակը կը գրգռէ, թէ որովհետեւ հիւանդները բոլորն ալ երիտասարդներ են, որոնք ամբողջ օրը ընելիք չունին եւ կը ձանձրանան, մերինին նման ապաստարաններուն մէջ սանձարձակ կը քալեն սեռային յարաբերութիւնները: Այդ իսկ պատճառով անպակաս են բախում, խզում, տագնապ: Բայց ես շատ քիչ անգամ հանդիպեցայ փոթորիկի, որովհետեւ բաժակը կը լեցուէր հետզհետէ, բախումն անխուսափելի կը թուէր, մենք կը պատրաստուէինք պայթումին, բայց ահա յանկարծ կ՚անցնէր սեւ ամպ մը: Այսինքն մէկը կը մեկնէր, կամ արիւն կը փսխէր, կամ ջերմ կ՚ունենար: Յանկարծական եւ բացարձակ հաշտութիւն: Պանդոկը կը լռէր անմիջապէս, եւ կիրքերը կը խաղաղէին մութին պատճառաւ որ կը պտղի:

Հիմա ալ, երբ ես կը սկսիմ գրել այդ անցեալ կեանքի վրայ, եւ զանազան ապրումներ գլուխ ցցելով կ՚աղմկեն, յանկարծ իմ մէջս ալ սեւ ամպ մը կ՚անցնի, արիւն կ՚երթայ կարծէք, եւ ես կ՚ուզեմ լռել անմիջապէս: Չգրել, բայց չվերյիշել մանաւանդ: Կարճ, շատ կարճ կերպով միայն կ՚ուզէի խօսիլ տիկին Պէաթրիսի վրայ, բայց ահա ո՛ր մէկ առաւօտեան մէջ մխրճումս վտանգաւոր դարձուց յիշողութեան ճամբաները: Բայց եթէ երբեք խօսեցայ այդ առաւօտեան վրայ, պատճառն այն է, որ տիկին Պէաթրիս ժամանեց Զաթոսթէ սոյն օրը, ճիշդ կէսօրին:

Երբ որ պարոն Աթունը դեռ ողջ էր, երբեմն կ՚երթայի իրեն ու կ՚երկարէի իր մօտ, պատշգամին վրայ: Այդ պատշգամը պարապին մէջ կախուած ըլլալու երեւոյթն ունէր շնորհիւ իր դիրքին, քանի որ իր առջեւ կը տարածուէր մեր գետին կազմած կրկէսը: Մէկ քանի անգամներ պատահած է որ երբ այդպէս երկարած ակնարկս մխրճած եմ ընթերցանութեան մը մէջ` յանկարծ ցնցուիմ մէկու մը անաղմուկ ժամանումի պատճառաւ: Իրաւ ալ վարենք գետնին եզերքը ապաստանած կայարանէն կը բարձրանար կանգ առած վայրաշարժի մը ծուխը, եւ ակնարկս հակառակ իր զբաղումին, կը նշմարէ այդ մութ սիւնը, որ կը ցցուի առանց լուր տալու: Ճիշդ այդպէս է, որ ցնցուեցայ, երբ դէմ առ դէմ եկայ տիկին Պէաթրիսի հետ, պարտէզի դրան մէջ: Իր մութ հագուստներով, իր նիհար կազմով եւ բարձր հասակով մուխը կը յիշեցնէր ու կը պատճառէր դժգոհութեան զգացում մը: Անոր պէս պիտի ցնդէր կարծէք այնքան որ թեթեւ էր քալուածը, գրեթէ բոլորովին անլսելի: Երբ ճաշարան կը մտնէինք կէս ժամ վերջ, Ֆաննի, մեր պանդոկին ամենահին բնակիչը, մեծ ուրախութեամբ ընդունեցաւ նորեկ տիկինը, եւ ես դիւրութեամբ կռահեցի, թէ տիկին Պէաթրիս անցեալ տարուան յաճախորդներէն մէկն է: Ֆաննիի ուրախութիւնը զիս ալ ուրախացուց, բայց կէսօրէ վերջ քիթս կախեցի, որովհետեւ երկու բարեկամուհիները իրար մօտ մնալով` ես զրկուեցայ Ֆաննիէս:

Մարսողական թղթախաղէն յետոյ, երբ ամէն ոք գնաց անշարժանալ իր մահիճին վրայ գիւռը ընելու համար, իմ խելքիս պիտի դար: Ջղագրգռուեցայ արտակարգօրէն, դարձայ ու դարձայ սենեակիս մէջ եւ ապահովաբար նորէն ինքնիրմէս ելլելով աւանակութիւն մը ընէի, երբ նշմարեցի Ժէժէնը: Պարտէզի պատին տակ անոր գաղտագողի յառաջացումը շատ խօսուն էր ինծի համար: Գացի միացայ իրեն եւ անմիջապէս իր պիւկաթթին նետուելով փախանք գիւռէն ու մեր աճապարանքի մէջ ճզմեցինք պարտիզպանի մէկ դոյլը։ Նախ մէկ մէկ բէռնոյով եւ յետոյ արագութեամբ ոգեւորուեցանք: Սարէ սար նետուող ճամբաները կախօրրաններու պէս մեզ զուարճացուցին, աչքերնիս կիսախուփ` գիւղեր կառուցանեցինք ակնթարթի մը մէջ եւ վերջապէս հասանք սպանիական սահմանագլուխը: Ժէժէնը Պրըթոն է եւ խենթ է։ Մեծ դժուարութիւն քաշեցի զինքը զսպելու համար, որովհետեւ ոչ միայն կ՚ուզէր Սպանուհի մը ճաշակել, այլ նաեւ ապսէնթ խմել: Բայց աւելի՜ն կայ: Կը համարձակէր արեւին տակ մնալ` առանց հովանոցի եւ առանց գլխարկի: Անմոռանալի է ինձի համար այդ արեւոտ օրուան մեր արշաւը եւ եթէ երբեք Փիրէնեան կիրճերու վեհութիւնն այնքան լիութեամբ դրոշմուած է մէջս, կը պարտիմ Ժէժէնի:

Գիշերը, սակայն, հրճուանքս եւ խանդավառութիւնս կորսուեցան ամբողջութեամբ, պարզ այն պատճառով որ տիկին Պէաթրիս սկսաւ քալել գլխիս վրայ: Ան գրաւած էր 21 թիւ սենեակը, այսինքն ճիշդ իմ սենեակիս վրայինը եւ այժմ անքուն՝ կը դառնար ու կը դառնար: Անկողնիս վրայ զգետնուած (բառին իսկական առումով), թեւերս տարածած վերմակին վրայ եւ ակնարկս միշտ բաց պատուհանէն դուրս` կը յուսահատիմ, կը յուսահատիմ անվերջ: Կը ջանամ միտքս զբաղեցնել ուրիշ տեղ, այսինքն կը ջանամ ճշդել թէ ատենը անգամ մը լսուող հազը որի՞ն կը պատկանի, բայց առաստաղին հնհնուքը զիս կը գրաւէ ամբողջութեամբ: Աստուա՜ծ իմ, շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ ըսել է սանաթոռիոմի մէջ առաջին գիշերը անցընել, բայց վերջապէս, նորեկ մը չէ այս կինը: Ես աւելի գէշը ըրի երբ Ժամանեցի հոս: Փորձեցի անձնասպանութիւն: Բայց պատուհանէս ներխուժեցին պարտէզի ծառերը, որոնք ծառի չէին նմանէր այլեւս, օրուան մէջ տեսած հիւանդներս որոնք մարդու չէին նմանէր այլեւս, եւ չորս կողմէն բարձրացող այն հազը որ ոչ մէկ աղերս ունի սովորական հազին հետ: Վերապրեցայ, անասելի յստակութեամբ, ջարդը, աքսորը, ծնողքիս մահը, ըսի, թէ յիմարութիւն է ջանալ բժշկուիլ, երբ թոքախտէն մա՛րդ չազատիր, թէ անմարդկային բան է չարչարել եղբայրս, որն այնքան պիտի նեղուէր Փարիզէն ինձ դրամ հասցնելու համար: Ոչի՜նչ, ոչինչ այս խորհրդածութիւնները որոնք նոր չէին ինձի համար, բայց կար ուրիշ բան: Բան մը, որ զիս ստիպեց փլիլ տեղ մը, գետինը, ըստ բախտի անկիւն մը: Բայց անմիջապէս ոտքի նետուեցայ, որովհետեւ ամէն կողմ մանրէներ կը զգայի եւ չէի համարձակեր որեւէ բան բռնել: Եւ ահա կախուած վերարկուս սկսաւ շարժիլ: Ուրուական եղած էր: Յաջողեցայ զայն խլել իր կեռէն, պլորեցի եւ ուզեցի պահել տեղ մը: Բայց ո՞ւր: Դարձայ ու դարձայ ինչպէս տիկին Պէաթրիս կը դառնայ, եւ մտածեցի զայն դնել պահարանը: Չկրցայ դուռը բանալ, որովհետեւ ո՛չ բռնիչ ունէր եւ ոչ ալ բանալի: Անոր հայելիին մթութեանը մէջ տարտամօրէն տեսայ ինքզինքս քրտինքով փայլուն եւ անճանաչելի, ու այնքան սարսափեցայ, որ պատրաստ էի դուռը խորտակելու: Երբ զայն ներս հրէի, քիչ մը կ՚երթար, բայց դուրս չէր գար:

Այդքանն արդէն ապացոյց էր, որ կղպուած չէր, այլ սեղմուած: Շնորհիւ մկրատիս եւ դանակիս (պայուսակս տակնուվրայ ըրի զանոնք գտնելու համար) կրցի բանալ վերջապէս եւ աւելի վախցայ: Պահարանը լեցուն էր բերնէ բերան: Այն ատեն միայն միտքս եկաւ, որ պանդոկապետն ըսած էր, թէ առժամանակեայ կերպով միայն այդ սենեակն ինձ կը տրամադրէ, որովհետեւ անոր բնակիչը քանի մը օր պիտի բացակայի: Զգեստներ, շիշէր, գիրքեր, շատ բան: Նամակ մը` «Սիրական պզտիկ Ժէժէնս»: Մա՜յր, մա՜յր մըն էր գրողը: Հոդ է, որ ատրճանակը գտայ եւ, անկողնիս վրայ նետուելով` կրակեցի բերնիս մէջ:

Երիտասարդ սպասուհին` Իւռսիւլը, երբ դուռս բացեր է յաջորդ առաւօտեան նախաճաշս տալու համար, զիս գտեր է մահճակալին վրայ երկարած, կիսամերկ, ատրճանակ մը ձեռքիս մէջ եւ ամէն տեսակ առարկաներ` գետինը: Սուր ճիչ մը, եւ ձեռքի ափսէն գետին իյնալով կը փշրուի մինչ ես կ՚արթըննամ ընդոստ: Հակառակ երկարատեւ փորձերուս` չէի կըրած ատրճանակը աշխատցնել, եւ առաւօտեան դէմ քունս տարած էր վերջապէս:

Ամբողջ պանդոկը խնդաց եղելութիւնն իմանալով, եւ անոր բնակիչները վրաս վազեցին անճարակութիւնս շնորհաւորելու համար: Այդպէս է, որ անմիջապէս բարեկամացայ գիշերուան բոլոր հազերուն հետ: Եւ ներկայացուցի ինքզինքս:

Միշէլ, հայ սափրիչ:

…Վերադառնալով տիկին Պէաթրիսի ան ապահովաբար աւելի երկար ատեն քալեց իմ քնանալէս վերջ եւ երբ յաջորդ օրը Ֆաննի երկուքս իրարու ներկայացուց, ճչացի: Տիկինը հայ էր: Անունը կը մատնէր ոչ միայն իր ազգութիւնը, այլ նաեւ կրօնքը։ Կաթոլիկ:

Անմիջապէս ըսեմ թէ՝ այնքան ատեն, որ ապրեցայ տիկին Պէաթրիսի մօտ բնաւ տպաւորութիւն չունեցայ քովս ազգակից մը ունենալու: Օտարացած մըն էր ան: Իր գիտցած երկուք ու կէս հայերէն բառերն այնպէս մը կը գործածէր, որ ես կը նախընտրէի բնաւ չխօսիլ մեր լեզուով: Եւ յետոյ բնաւ լուր չունէր հայկական կեանքէ. ու հայ համայնավարները— որով նաեւ զիս, կը նկատէր գազաններ: Սա չափը միայն գիտեմ, թէ այժմ Եգիպտոս հաստատուած էր իր ընտանիքը, իսկ անկէ առաջ` Վիեննա:

Տիկին Պէաթրիսի ժամանումով մէջս սկսաւ մտապաշարում մը: Ճգնեցայ կնոջ տառապանքին պատճառը գիտնալ: Շատ տարօրինակ պիտի հնչէ այս խօսքս, քանի որ հիւծախտաւորի մը տառապանքին պատճառը բացորոշ կը թուի: Բնա՜ւ երբեք: Հիւանդները առաջին օրերու տագնապէն վերջ կը վարժուին (տիկին Պէաթրիս կը դարմանուէր չորս տարիէ ի վեր) եւ գրեթէ բնաւ անոնց դէմքին վրայ չերեւար այն գալարումը, որ կար Հայուհիին վրայ: Հիւծախտաւորները բոլորն ալ մեղմ արարածներ կը թուէին ինձի, թեթեւ շարժուձեւերով, թեթեւ խօսուածքով եւ յաւիտենական թեթեւ ժպիտով մը, որ այնքան յուզիչ է: Միայն այս կինն է, որ ունէր գալարուն դիմագիծ մը:

Քեօռ կապ եղած դիմագիծ մը:

Ջղային, վախկոտ, դիւրազգած, մարդէ փախչող: Կա՛մ իր ասեղնագործութիւնը, կա՛մ Ֆաննին: Ուրիշ ոչ ոքի ձեռք կ՚երկարէր: Անշուշտ ես ալ ուրիշներու պէս կրնայի խուսափիլ այս անհամ էակէն, բայց գանկիս մէջ կար միշտ իր ոտնաձայնը, որ թէեւ դիտողութեանս վրայ լռեց քանի մը օր, բայց վերսկսաւ կրկին:

Մառթէնը եւ ես ունէինք նախասիրած անկիւն մը, նեղ արահետին մէջ, կասկենիներուն տակ: Կը նստէինք հոդ եւ նախանձով կը դիտէինք առողջ բազուկներուն աշխատութիւնը կահագործարանին մէջ: Կը սիրէինք տաշեղին փրփուրը, քերիչին այն սահանքը, որ անբացատրելի հեւք մը կու տայ սրտին: Կալ ասիէ աւելի դագաղ է, որ կը շինէին հոն, քանի որ, կ՚ըսեն, օրական 18-էն 20 մահ կայ Զաթոսթէի մէջ: Երբ առանձին ըլլայի հոն, եւ աշխատաւորներն ալ հետս խօսքի չբռնուէին, կը խորհէի այնպէս՝ ինչպէս բադը կը լողար: Երեսէն: Ամբողջ շաբաթներ վերագրումներ ըրի տիկին Պէաթրիսի տառապանքին վրայ, անշուշտ ապարդիւն կերպով: Նեղսրտեցայ` տակը իջնալով: Ներկայ ցաւերը կը թուէի մէկ առ մէկ, բայց կը տեսնէի թէ անոնցմհ ոչ մէկը կը պատշաճի տիկնոջ: Ունէինք սիրուն մադամ Լըմուանը, որ կը խենթանար իր երկու մանչուկներուն վրայ եւ պատեհութիւնը չէր փախցնէր իր պայուսակը բանալով անոնց լուսանկարները ինձ ցոյց տալու: Մէկուն անունը Ռընէ էր, միւսինը` Ֆինէթ: Մէկը սանկ էր, միւսը նանկ: Մէկը նամակ կը գրէր իր մամային, միւսը տակաւին միայն խաչ կը քաշէր այդ նամակին տակ: Եւ մադամ Լըմուանի ժպիտը կը դողար արցունքի մը պէս, եւ կը դողային իր մատները, նուրբ, թափանցիկ, շատ թափանցիկ:

Ունէինք մէսիէօ Աթթիմոն մը, որ կը տառապէր դրամի պակասէն: Ինձ կ՚ըսէր, թէ ահագին զոհողութիւններէ վերջ մեծ բարելաւում ձեռք ձգած է, բայց այժմ պիտի ստիպուի մեկնիլ աշխատութեան, մինչ քիչ մը եւս դրամ` զինքը փրկած պիտի ըլլայ վերջնականապէս։ Մանաւանդ կային անոնք, որոնք սիրուհի մը կամ ամուսին մը ձգած էին Փարիզ եւ կը զգային, թէ այս երկարատեւ բացակայութեան մէջ անոնք պիտի չմնան հաւատարիմ: Այս պարագաներէն ո՞րը կը պատշաճէր հայ կնոջ տառապանքին:

Այս խորհրդածութիւններս կը կրկնէի Ֆաննիի, որ զիս կը լսէր ժպիտով, գլխի ճօճումով, կու տար անօգուտ պատասխաններ, բայց գոնէ անվնաս էր իր հակազդեցութիւնը: Նոյնը չըրաւ ուրիշ մը, որուն իմ մտածումներս կրկնելու սխալը գործեցի: Այս ուրիշը լուսանկարիչ Շառլն էր, Հայ մը (այս անգամ իրական), Փարիզի իմ մէկ բարեկամս (ես իր սափրիչն էի), որ այժմ մօտս գտնուելով աւելի սիրելի եղած էր ինձ: Ան կը բնակէր Գամպօ, այսինքն Պիառիցի եւ Պայեօնի միջեւ, ժամանցի այո, երկու քաղաքներուն մէջ ալ աշխատելու համար: Շառլ երբեմն կու գար Զաթոսթէ իր վարպետին կառքով, որուն վրայ մեծ տառերով գրուած էր իրենց հաստատութեան անունը: Շատախօս, աղմկարար եւ ճշմարիտ Սկիւտարցիի մը պէս սուտի սիրահար այս մարդը (երեսուն մը կար) սովորութիւն ունէր հանդիպածին մակդիր մը փակցնելու եւ տիկին Պէաթրիսը կը գոչէր Օրիորդ Յոբ Երանելի: Օր մը բացէիբաց ըսաւ անոր.

Օրիորդ… ներեցէք, տիկին, այս բարեկամիս տէրտ եղած է եւ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ ունիք: Որովհետեւ դուք բան մը ունիք:

Վայրկենաբար շառագունեցաւ կինը եւ վախնալով, որ ծանր խօսք մը կ՚ըսէ, ես զինքը կանխեցի անմիջապէս եւ սկսայ «կանաչօրէն» յանդիմանել Շառլը: Ինձի անախորժ թուած էր նաեւ իր կարծեցեալ շփոթութիւնը օրիորդին եւ տիկինին միջեւ: Իրաւ է, թէ Հայուհին օրիորդի մը նմանելու չափ նուրբ էր, բայց տարակուսէ վեր է, թէ շփոթութիւնը ըսել կ՚ուզէր ինձ ուրիշ բան:

Այսօր, երկու տարի վերջ, այլեւս չեմ համարձակիր մեղադրել լուսանկարիչ բարեկամս, որովհետեւ կը խորհիմ, որ տիկին Պէաթրիսի պէս մէկը գթալու եւ սիրելու համար անհրաժեշտ է քիչ մը երկար ատեն մնալ անոր մօտ: Որպէսզի հաւատանք անոր տառապանքին իրականութեան: Այսպիսիներն իրենց թթուած դիմագիծերով, «անյաջողութիւն» բերող արտայայտութեամբ՝ անմիջապէս լաւագոյն զգացումներ չեն կրնար ներշնչել: Կ՚երթանք նոյնիսկ խորհելու, թէ եթէ այդ անձերը կը տառապին, պատճառն իրենց յոռի խառնուածքն է, որ փորձութիւններ միայն կրնայ իր վրայ քաշել: Միթէ ես նոյն անգութ վարմունքը չունեցա՞յ սկզբի օրերը եւ կատարելապէս իրաւունք չտուի՞ ֆրանսացի բարեկամներուս, որոնք աննպաստ կերպով կ՚արտայայտուէին տիկնոջ վրայ: Գալով դրուած մակդիրին, ատոր համար իսկ մեղադրելի չէ լուսանկարիչը, քանի որ ինք Հայուհի չէր ճանչնար եւ իմ տուած աննպաստ տեղեկութիւններուս վրայ հիմնուելով է, որ այդպիսի որակում մը տուաւ:

Կարծեմ այս պատահարէն երկու օր վերջն է, որ ստացայ հետեւեալ նամակը: Կ՚ընդօրինակեմ, քանի որ պահած եմ.

«Իմ Միշէլ սիրական,

«Ճանչնալով գիրին զօրութիւնը խօսքին վերայ, փափագս հոս կ՚արձանագրեմ` քանի մը անգամներ զայն քեզ կրկնելէ յետոյ: Կը փափագիմ քեզ տեսնել տիկին Պէաթրիսի աւելի մօտ, աւելի պաշտպան, աւելի՛ ներողամիտ: Գիտեմ, թէ ան քեզ կրկին նեղացուց երէկ, շունին պատճառաւ, ինչպէս որ վարինները նեղացուց անտեղիօրէն, Ֆօնոյին պատճառաւ: Բայց դուն եղիր ներող: Կրնայ ըլլալ, որ ես մեկնիմ օր մը, եւ գիտցիր դուն է, որ տիկին Պէաթրիսի մօտ պիտի կատարես այն դերը, զոր ես այսօր կը կատարէ: Ան պէտք ունի նեցուկի մը` մեզմէ աւելի: Եղիր այդ նեցուկը՝ իմ սիրական»:

Հակառակ որ մեր սենեակները առընթեր էին, կը սիրէինք թղթակցիլ Ֆաննին ու ես: Շատ անգամ առաւօտուն կանուխ Իւռսիւլը կը բերէր Ֆաննիին նամակը նախաճաշիս հետ եւ իր յաւիտենական զուարթութեամբ կ՚ըսէր ինձ ասոր նման խօսք մը.

Այս անգամ վերջին անգամն է: Եթէ յամառիք նորէն դրոշմաթուղթ չփակցնել ձեր նամակներուն վրայ, տուգանք կ՚առնեմ: Ո՛չ, չինական դրոշմաթուղթ չըլլար:

Գալով Ֆաննիի ակնարկած շան պատահարին, իրաւ ալ նախորդ օրը սաստիկ նեղացուց զիս տիկին Պէաթրիս: Մեղքդ քաշեմ` ես շատ կ՚ախորժիմ շունէ: Եւ չափազանց համակրելի է մեր պանդոկապետին մեծ «Լուքս»ը: Զայն դրած էի կախօրրանին մէջ, «ճօր-ճօր, պար-պար» ըսելով` կ՚օրօրէի, եւ սաստիկ կը զուարճանայի դիտելով շան վիճակը: Հաչե՜ր է եղեր…։ Հարկա՛ւ պիտի հաչէ, քեզի ի՞նչ կ՚ըլլայ կոր, օրիորդ Յոբ Երանելի:

Գաղտնիքը պարզուեցաւ: Աթթիմոնը ինձ տուած էր Մէռէդիթի «Եսասէր» վէպը, եւ եւ այնքան գոհ մնացի երկհատոր այդ երկէն, որ զայն փոխանցեցի անմիջապէս Ֆաննիին: Կը յիշեմ: Կէսօրէ վերջի գիւռը կ՚ընէինք Ֆաննի եւ ես` քով քովի իր անկողնին վրայ երկարած: Իմ ընթերցանութիւնս շատ շուտով ստիպուեցայ ձեռքէս թողուլ, որովհետեւ Ֆաննի մեծ յուզումով գիրկս նետեց «Եսասէր»ը, ըսելով, թէ չուզէր աւելի հեռուն երթալ: Ի՞նչ կը պարունակէին սկզբի այդ քանի մը էջերը, որոնք զինքը ըմբոստացուցած կին: Անգլիացի վիպասանն իր հերոսը ներկայացացած միջոցին կ՚ըսէր, թէ ան շատ կանուխ տարիքէն ձեռք ձգած էր դանակ գործածելու արուեստը: Այսինքն թէ ան, եսասէրը, գիտցած է միշտ կտրել իր շուրջի այն ճիւղերը, որ արգելք պիտի ըլլան իր կատարեալ փթթումին, զօրացումին: Մէկ խօսքով` կրցած է իրմէ հեռացնել իր ընտանիքին եւ գերդաստանին այն անդամները, որոնք իրեն օգտակար չեն կրնար ըլլալ բարոյապէս կամ նիւթապէս: Ընդհակառակն: «Դանա՛կ, դանա՛կ» կ՚ըսէ միշտ եսասէրը, վանելով եւ ուրանալով «աղքատ» արենակիցնէր:

Տիկին Պէաթրիս հիւանդ չէր: Իրաւ է, թէ չորս տարի առաջ ունեցած էր հիւծախտի սկզբնաւորութիւն մը, բայց անմիջապէս Եւրոպա գալով հետեւած էր կանոնաւոր դարմանումի եւ բժշկուած էր կատարելապէս, Միայն թէ, հոս է որ կը սկսի ողբերգութիւնը, զինքը այլեւս տուն չէին ընդունած: Կը նախընտրէին միշտ բաց պահել ծախսի այդ մեծ դուռը, բայց տան մէջ չունենալ հիւծախտաւոր մը:

Ծիծաղելի ըլլալու չափ պարզ կերպով դրեցի այս տողերը, բայց կատարեալ փոթորիկ մը փրցուցի այն օրը, երբ Ֆաննի զանոնք ինձ արտասանեց: Ես այս տեսակ բան ըմբռնելու անկարող էի: «Քսանչորս տարեկան ես, բայց դեռ մանուկ ես»— կ՚ըսէր ինձ Ֆաննի եւ կը պատմէր:

Բժշկուելէ վերջ տիկին Պէաթրիս դարձեր է Եգիպտոս եւ իրեն համար սկսէր է գողգոթայ մը: Նախ գիշերօթիկ վարժարան ղրկելու պատրուակին տակ տունէն հեռացուցեր են իր մանչը, որովհետեւ «այլեւս տունը սանաթոռիոմ է» եւ յետոյ ձեռք առէր են նախազգուշական միջոցներ՝ չվարակուելու համար: Լա՛ւ բան. բայց ուշադրութիւն մը այդ բոլորին մէջ` բացայայտ, ծայրայեղ, վիրաւորիչ: Իր ամուսինն ու անոր քոյրը իրար հետ մրցումի ելեր են տիկին Պէաթրիսի հասկցնելու համար, որ դեռ չէ բուժուած, թէ բժիշկները յիմարներ են, թէ «կոյր մը անգամ կրնայ տեսնել վիճակդ, պէ՛տք է որ դեռ մնայիր»: Եթէ բարեկամ մը կամ դրացի մը իր այցելութիւնը ուշացուց՝ «նայէ՛, անոնք ալ մեր տունը ոտք չեն կոխեր այլեւս: Հա՛րկաւ: Թոքախտաւորին տունը ո՞վ կ՚երթայ, ես ալ ըլլամ` չեմ երթար»: Այսպէս կը խօսի եղեր այդ տալը, անխուսափելիօրէն աւելցնելով, որ Պէաթրիս իր գերդաստանով արդէն հիւանդ է: Ամենափոքրիկ տկարութիւն մը անխուսափելիօրէն վերագրեր են մեծ ախտին եւ հալածանքը տարեր են մինչեւ հոն, ուր այլեւս կինը նախամեծար նկատեր է վերադառնալ Ֆրանսա: Շրջէր է ապաստանէ ապաստան, այսինքն Կռաս, Պօլիէօ, Փօ, եւ այժմ եկեր է նորէն մեր մօտ: Կը հուսայ, միշտ կը յուսայ, որ իրենները այլեւս պիտի համոզուին, պիտի ըմբռնեն, թէ բժշկուած է եւ զինքը տուն առնեն:

(Մինչ Ֆաննի կը խօսէր, կը խորհէի, որ Մէրէտիթ միակ դրդապատճառը չի կրնար ըլլալ այս խոստովանութեան: Ապահովաբար բարեկամուհիս արդէն առիթի կը սպասէր, որպէսզի խօսի, եւ այդպէսով միակ միջոցը զիս կապէ հայուհիին):

Ֆաննի կը պատմէր այն միակ այցելութիւնը, զոր տիկին Պէաթրիսի ամուսինը տուեր է իրենց անցեալ տարի, ամառը, եւ ես այնքան սուր ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէի, որ յստակօրէն կը տեսնէի մարդու մը շարժուձեւերը մեր այդ միջավայրին մէջ: Հիւանդագին վախ մը, խորամանկութիւններ ձեռք չերկարելու, վարանումներ սեղան նստած ատեն կնոջմէն թիզ մը հեռու մնալու եւ Զաթոսթէէն փախուստը` աճապարանօք: Օր մը նոյնիսկ մեծ վտանգ մը անցուցեր է ան սանդուխէն իյնալով, որովհետեւ չի համարձակիր եղեր բազրիքը բռնելու: «Այնքան ատեն է հոս եմ, տակաւին այդ մարդուն չափ ծիծաղելի վախկոտ չեմ տեսած» կ՚ըսէր Ֆաննի եւ կ՚աւելցնէր. «Հա՛, հա՛, հա՛»:

Բայց Աստուած իմ, ինչո՞ւ…

Անմիջապէս կը զգամ, թէ բացականչութիւնս որքա՜ն աւելորդ է, եւ աչքիս առջեւ կու գան Զաթոսթէի վսեմ ծառուղիները, ուրկէ անցնելու իսկ կը սարսափին շատեր, նո՛յնիսկ կառքով: «Տե՛ս, խորը նստող կինը քիթը գոցեր է, որպէսզի չվարակուի»: Աչքիս առջեւ կու գան նաեւ այն դիմագիծերը, որոնց հանդիպած ենք, երբ շրջակայ գիւղերը արշաւներ կ՚ընենք խմբովին, եւ այդ դիմագիծերը մասնաւոր ուշադրութեամբ մը կը նային մեզ, երբ կը գուշակեն մեր հիւանդ ըլլալը: Միշտ նոյն վախը կայ ամէն կողմ որ ատելի կը դառնայ երիտասարդներուն եւ պարզամիտներուն մօտ մասնաւորապէս, որ չծածկուած ուշադրութեամբ մը կը նային մեզ` մահապարտներուս:

Պահեր կան, կ՚ըսէ Ֆաննի, երբ տիկին Պէաթրիս կ՚արդարացնէ իրենները եւ կ՚ըսէ թէ անհրաժեշտ է, որ իր հեռացումով ապահովցնէ զանոնք: Բայց շուտով գլուխ կցցէ իր սէրը զաւկին հանդէպ, իր ամուսնին եւ օջախին հանդէպ եւ կը սկսի մեղադրել ամէն ոք` սկսելով տալէն:

Մտածումիս ուղղութիւնը փոխելով` կը խորհիմ, որ թերեւս շատ ալ մեղադրելի չեն այդ Եգիպտահայերը, եւ թէ տիկին Պէաթրիս է, որ կը սխալի` ինքզինքը բժշկուած կարծելով: Պէտք է նկատի ունենալ սա պարագան, թէ հիւծախտաւորներուն մեծ մասը յուզիչ սովորութիւնն ունի ամէն առթիւ ըսելու. «բայց պարոն, ես այլեւս բուժուած եմ, ունեցածս արդէն ոչինչ բան մըն էր, հազիւ թէ սկզբնաւորութիւն մը»:

Երբե՛ք, կը ճչայ Ֆաննի, իր կարծիքը չէ, այլ բժիշկներո՛ւն կարծիքը: Տոքթ. Գամինոն զինքը վռնդած է պարզապէս, ըսելով, թէ այլեւս չ՚ուզէր իրմով զբաղիլ, թէ տիկին Պէաթրիս այժմ հոգեկան խաղաղեցումի պէտք ունի միայն եւ ոչ ուրիշ բանի: Հոգեկան կատարեալ խաղաղութեան մը՝ որ միակ դարմանը կրնայ ըլլալ իր ջղայնոտութեան դէմ, որ կը մեծնայ: Տե՜ս իր սպառումը:

Մեր պանդոկին մեծ դռնէն ելլելէ վերջ կը բաւէ քանի մը քայլով կտրել անցնիլ փողոցը եւ մտնել մեր պարտէզ-պատշգամը, որ անդունդին վրայ կախուած է: Աշնան երեկոները հոն կ՚ապրիմ անմոռանալի պատեր, գոյներու համայնանուագի մը մէջ, դիտելով բլուրները, որոնք գիշերին մէջ մխրճուելու համար կը հագէին շղարշներ` հետզհետէ աւելի անթափանց: Արդար ներբողի մը պէս, անկեղծ շնորհակալութեան մը պէս բլուրները կը բարձրանան, եւ կու գայ զանոնք լսել վերջին ճառագայթը: Գետի barrageին ձայնը այլեւս լսելի կը դառնայ, եւ ես նոյն ներդաշնակութեամբ կը շոյեմ քովս իր յետոյքին վրայ նստած «Լիւքս»ին գլուխը: Չեմ կրնար չնայիլ քիչ մը անդին նստած տիկին Պէաթրիսի, որ կիսաստուերին պատճառաւ աւելի նիհարցած է ծոծրակն ի վար, որ իր ասեղնագործութիւնը լքած է այլեւս ծունկերուն վրայ ու կը շարժէ իր սրունքը ջղայնոտութեամբ: Ան ալ կը նայի բլուրներուն, ապահովաբար չի տեսնէր զանոնք ու ապահովաբար կը ճամփորդէ առանձին: Շարժող սրունքը կը ճամփորդէ առանձին, եւ երբեմն կը նայի կախ՝ յոգնաբեկ, քանի որ շատ տեղ ունի երթալիք, քանի որ ճամփան երկար է այնչափ՝ որչափ մեծ է լքումը մարդուն:

Այլեւս տարբեր կ՚երեւայ այդ էակը ինծի, եւ այդ իսկ պատճառաւ կը նայիմ իրեն պէտք եղածէն աւելի: Կը նայիմ իրեն երեւակայութեամբ ալ, բայց այս անգամ որովհետեւ ըրած վերագրումներուս ճշգրտութեան մասին տարակոյս չունիմ, կը տագնապիմ: Ի՞նչ ընել, որպէսզի անոնք ըմբռնեն ճշմարտութիւնը: Ամօթխած մայր մըն է, վարանող, վախկոտ ու բոլորովի՜ն անճարակ: Գիտեմ, թէ ան պիտի չկրնայ նոյնիսկ ապրիլ հիւանդներէ չբնակուած վայր մը, քանի որ այլեւս սովորութիւն եղեր է, քանի որ հոս ու հոն մէյ մէկ մտերիմ Ֆաննի ունի, որոնց հանդէպ քիչ մը գորով, քիչ մը մայրութիւն տալով հաճոյք կը զգայ:

Հակառակ որ Զաթոսթէի բոլոր հիւանդներս ամբողջ օրը ընելիք չունինք, կը կարծենք զբաղած ըլլալ: Որովհետեւ մեր այս զարհուրելիօրէն բացարձակ հանգիստը պարտադիր է, որովհետեւ զայն իրագործելու համար շատ անգամ իսկապէս գերմարդկային ճիգերու պէտք կայ, կը կարծենք աշխատիլ։ Այդ պատճառաւ է, որ գրեթէ միշտ կ՚ըսենք ժպտադէմ. «Ատեն չունիմ, mon cher»: Այդ պատճառաւ է, որ կիրակի օրերը գոնէ կ՚ուզենք չաշխատիլ՝ այսինքն` աշխատիլ: Դժնդակ Կիրակիներ, երբ կէսօրին ճաշարան կ՚անցնինք բոլորս ալ հագուած-սքուած, հանդէսի մը կամ մեծ զուարճութիւններու երթալու երեւոյթը կ՚առնենք, բայց ահա որ երկուքին կրկին կը բարձրանանք սանդուխները, դանդաղօրէն, շատ դանդաղօրէն: Կ՚անձրեւէ: Միշտ կ՚անձրեւէ այս երկիրը: Քիչ մը ատեն լսեցինք սալոնէն եկող դաշնակին ձայնը, բայց ան ալ լռեց շուտով: Կը յիշեմ: Երբեք այդքան լրջախոհ չէի տեսած Ֆաննին ու կը նայէի իրեն գրեթէ վախով, երբ ան երկարած էր անկողնին վրայ, իսկ ես նստած` ոտքին կողմը:

Ապահովաբար դիտած ես, ըսաւ Ֆաննի, թէ անոնք, որ դեռ նոր սորուած են պիսիքլէթ նստիլ, կը փափագին թող տալ կիտոնները: Պահ մը աւելի լաւ հաւասարակշռուելէ վերջ կը բանան իրենց կռուփը վարանումով ու կ՚ըսեն. «նայէ՛, նայէ՛, ալ չեմ բռնած»: Կը ցցեն իրենց գլուխը, բայց դուն գիտես, թէ անմիջապէս վերջ իրենց ձեռքերը կրկին պիտի իյնան ուղղիչ երկաթին վրայ: Մենք երկուքս նոյն բանը ըրինք` դէմ դէմի: Քանի անգամներ ցցեցի գլուխս, երբ երկարօրէն կը ճառէիր համայնավարութեան վրայ, Հայաստանի վերելքին, մէկ խօսքով քու նախընտրած վարդապետութեանդ վրայ։ Քանի անգամներ ցցեցի գլուխս, դէպի քեզ նայեցայ, որովհետեւ անկեղծօրէն կը ցանկայի հետդ ըլլալ նոյնիսկ մտածումներուս մէջ, բայց կրկին կ՚իյնայի իմ կիտոնիս: Դուն ալ ըրիր նոյն բանը: Գիտեմ թէ քու ըրած ճիգդ այնքան մեծ չէր, որքան իմս քանի որ դուն ինձի հանդէպ սիրային բարեկամութիւն ունիս միայն, մինչ ես քեզի հանդէպ սէր բայց դուն ալ գլուխդ ցցեցիր: Մէկ օր մը գոնէ լրջութեամբ մտիկ չըրիր խօսքերուս, երբ կ՚ըսէի, թէ ինձի պէս քիչ մը միստիք մէկը չկրնար լիովին գոհանալ ընկերային բարեկարգութիւններով, այլ կը փնտրէ նաեւ ուրիշ բան ան:

Կզակի շարժումով մը Ֆաննի կ՚ուզեր ցոյց տալ մահճակալի գլխուն վրայ կախուած խաչը: Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ.

Դիւրին բան է մեզի պէսներու համար իր դէմինը ճանչնալ, ըմբռնել, երբ այդ դէմինը մեզ կը սիրէ: Խոր մղումը պատճառ կ՚ըլլայ, որ չծածկուի ան, չուզէ ծածկուիլ: Բայց ինչ որ դժուար է, ան ալ դիմացինը ըմբռնելէ վերջ անոր պէս ըլլալն է: Չենք կրնար իւրացնել անոր ըմբռնումները, հակազդեցութիւնները, ձգտումները, քանի որ մեր կարողութենէն վեր է ծնիլ երկրորդ անգամ: Այդ բոլորը մենք չենք կրնար ընտրել ըստ մեր կամքին: Այդ բոլորը ընտրած ենք արդէն աշխարհ գալով: Չեմ կրնար ըսել, թէ իմ կրօնքս ամէն բան է ըստ ինքեան, բայց ապահով է, որ ինծի համար ամէն ինչ է, քանի որ իմ էութեանս պատշաճելով զիս կը տանի իմ կատարեալ փթթումիս: Նոյնը եւ դուն` քու համայնավարութեանդ հետ: Քու կազմախօսութիւնդ զայն ընտրած է` քեզմէ առաջ: Եւ դեռ ուրիշ բաներ:

Տերեւներուն միօրինակ աղմուկը ընկղմած էր մեզ թերեւս մեղմութեամբ, թերեւս անմոռանալիօրէն, թերեւս թափանցիկութեան մը մէջ: Ջուրին ձայնը կը խմբուէր երբեմն ջերմաչափին վրայ, երբեմն Ric et Racի արձանիկներուն վրայ, հոն ուր ակնարկս կը տանէի: Կիրակի օր մըն էր ներկան, եւ ես անկարող էի այդ Կիրակին պատասխաններ գտնելու խօսքերուն, անձրեւին, ինքզինքիս: Միայն կ՚ուզէի, որ նուազ տրտմութեամբ խօսի Ֆաննին, բայց չէի համարձակէր մտածումս յայտնել, որովհետեւ անոր ձայնը չէ, որ փոխուած էր, այլ ինքը:

Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ.

Տեսայ մարդը: Eh bien! բնաւ չար մարդ մը չէ, ոչ ալ ապուշ մը: Անշո՜ւշտ թէ իր մէջ սիրոյ պակաս կայ, բայց ոչ բացարձակ չգոյութիւն: Այո՛, ես նոյնիսկ վստահ եմ, թէ քիչ մը սէր ունի իր կնոջ հանդէպ, բայց չի կրնար տիկին Պէաթրիսը տուն կանչել: Չըմբռնէ՞ր ճշմարտութիւնը: Եթէ զինքը նեղը դնես հարցումներովդ, պիտի ըմբըռնէ: Բայց նաեւ պիտի վախնայ: Ճշմարտութիւն մը, որ մեզ սարսափ կ՚առթէ՝ կուրանանք գրեթէ միշտ: Կ՚անտեսենք: Ամէն անգամ որ գտնուած եմ շոգենաւի մը կամրջակին վրայ, որմերուն կողմը նայելով ուզած եմ ինքզինքիս հաւատացնել, թէ միւս կողմը ծով չկայ, բնա՜ւ վտանգ չկայ: Եւ մարդիկ իրենց ապահովութիւնը կ՚ուզեն: Եւ մարդիկ իրենց անհրաժեշտ եղող ապահովութեան մէջ կ՚երթան կը նստին:

…Նոյեմբերի սկիզբները մեծ փոփոխութիւն մը կրեց տիկին Պէաթրիս, եւ ամբողջ պանդոկը անմիջապէս լսեց այդ փոփոխութեան պատճառը: Իր տալը Ֆրանսայ պիտի գար եւ պիտի այցելէր նաեւ Զաթոսթէ: Սպասումը երկար տեւեց, մինչեւ որ իմացանք Հայուհիին Մարսիլիայ եւ յետոյ Փարիզ ժամանումը, ու ահա որ…— այո՛, պէտք է ըսել բուն բառը. բոզի նմանեցաւ տիկին Պէաթրիս: Ես որ գիտէի իր գաղտնիքը, կը տեսնէի, թէ իր ամբողջ ճիգը կը կայանար ընտրելի, ներկայանալի ըլլալուն մէջ: Նոր ձեւեր առաւ, աշխուժութիւն ցոյց տուաւ, նոյնիսկ շպարուեցաւ թեթեւօրէն եւ կարեց զգեստ մը՝ որ զինքը աւելի լեցուն, աւելի գիրուկ պիտի ցոյց տար: Վերջին ծայր սրտաշարժ էր: «Քանի մը օրէն հոս կ՚ըլլայ» կ՚ըսէր, բայց ես գիտեմ, թէ մտովի կ՚աւելցնէր ինք— «արդեօք զիս պիտի տանի՞»:

Այս բոլորը աւարտեցաւ գէշ կերպով: Անհամբեր սպասումը ջախջախուեցաւ նամակի մը վրայ եւ տիկին Պէաթրիս ունեցաւ ջղային բուռն տագնապ մը որ զինքը երկու օրուան համար անկողին նետեց: Մեր սպասուհիները գացին զինքը մարձել, եւ ես ալ իմ գոլոնեի շիշս տարի, քանի որ Ֆաննի անկարող էր երթալու։ Այլեւս բնաւ խօսքը չեղաւ այդ տալոջ որ Ֆրանսայէն մեկնած էր առանց Զաթոսթէ գալու, յոգնութիւն, տկարութիւն եւ ձմեռ առարկելով: Մեր պանդոկէն ալ անհետացաւ բոզը եւ մնաց Յոբ Երանելին: Բնականոն կեանքերնիս ըրաւ անկիւնադարձ մը, եւ մենք հեռուն նշմարեցինք Նոր տարին: Այդ կաղանդին է, որ խոստացած էի մասնաւորաբար քաղաք երթալով Ֆաննիին շատ մը բաներ բերել, մանաւանդ կարմիր վարդեր, իր է՛ն սիրածը: Մտքէս չէր անցներ, որ այդ ճամփորդութիւնը կաղանդէն երեք շաբաթ վերջ միայն պիտի կարենամ ընել, ան ալ բերելու համար միմիայն վարդերը: Ամբողջ ճամփու տեւողութեան գիրկս դրած էի փունջը օթոքառին մէջ եւ խօսելով հանդերձ հատ մը անջատելով տուի— կը յիշեմ— տոմսավաճառ թուխ աղջկան: Երբոր պանդոկ հասայ, մութը իջած էր, եւ նախ գացի Մառթէնին սենեակը, ուր շատեր հաւաքուած էին արդէն: Որովհետեւ ամբողջ գիշերը անքուն էի անցուցած` գլուխս ինկաւ բարձին վրայ եւ ես կարծեցի որ պիտի մրափեմ, բայց այդպիսի բան չպատահեցաւ: Բաւական վերջ մեզ թոյլատրեցին ելլել վեր ու շարքով մտնալ Ֆաննիի սենեակը: Սեւ կառնիթիւռներով կարմիր հագուստը հագցուցած էին անոր եւ իր կուրծքին վրայ դրած էին պատի խաչը: Իր փափագին համաձայն Իւռսիւլը կարմիր քսած էր այտերուն, որովհետեւ Ֆաննի չէր ուզէր դժգոյն երեւալ։ Ամենէն աւելի քիթն է, որ հալած էր, բայց… չեմ յիշեր, առատ ծաղիկներէն զատ բան չեմ յիշէր:

Պարապ մը կայ հոս: Յիշողութեան պարապ մը: Գիտեմ միայն, թէ գիշերը մեզմէ մէկուն սենեակն էինք նստած, երբ սկսաւ գործիքին աղմուկը: Կապարէ դագաղը կը գոցէին բացարձակ գործիքով մը: Շատ երկար տեւեց այս կըռկըռը: Ոչ ոք կրնար խօսիլ եւ ոչ ալ իր սենեակը քաշուելով դիմադրել առանձնութեան: Մէկը ըսաւ.

Կը ձիւնէ:

Պատուհան գացինք, նայեցանք: Այո, կը ձիւնէր: Վերէն վար կը ձիւնէր: Վերջը— անշուշտ տասնըմէկի ատենները— կրկին պատուհան գացին բոլորը, տեսնելու համար Ֆաննիի մեկնումը: Պարտէզի խճաքարերը խշրտացին մեռելակառքի անիւներուն տակը: Մէկը կը պոռար գիշերին մէջ. «Լի՜ւքս, Լի՜ւքս»:

Եթէ ծառերը տերեւաթափ եղած չըլլային, պիտի չկրնայի ծառուղիին այդ անկիւնէն տեսնել անդունդին խորը նետուած կայարանը: Տեսայ զայն ու դիտեցի երկարօրէն: Ցուրտ, բայց խաղաղ առաւօտ մըն էր հոն` մեծ ու կապտորակ ագռաւներու հետ: «Դեռ հոն է» ըսաւ ականջիս ետին ձայն մը, որ զիս վախցուց, որովհետեւ վադկայուած քայլերուն պատճառաւ չէի լսած տիկին Պէաթրիսի ժամանումը: Դարձեալ նայեցանք կայարանին ձախ կողմը կանգնած այն միակ վագոնին, ուրուն մէջ կը հանգչէր Ֆաննի նախորդ գիշերուընէ ի վեր: Անշուշտ թէ խոր էր տիկին Պէաթրիսի ունեցած զգացումը Ֆաննիի հանդէպ, քանի որ առանց ամենադոյզն դիտողութիւն մը ընելու յանձն առաւ հետս կայարան գալ: Հայուհին կը սարսափէր այդ բանէն, որովհետեւ իսկապէս դժնդակ է անկէ վերադարձը, ցից ու անվերջանալի սանդուխներուն պատճառաւ, մանաւանդ որ մեր սրունքները բռնուած են երկարատեւ անշարժութենէն: Մեր շունչերը շոգի կ՚ըլլային քիթերնուս տակ եւ ատենը անգամ մը կ՚երեւէր անկիւններու մէջ պահուըտած ձիւնը: Ահա փոքրիկ դրամատունը, յետոյ քաղաքապետարանն ու նամակատունը, եւ վերջապէս սանդուխները, որ գետ կ՚իջնեն: Տիկին Պէաթրիս կամուրջէն անցաւ օձիքները կրցածին չափ վեր առնելով, եւ հով ելաւ քիչ մը կծու:

Երկար պահ մը մնացինք հոն, շոգեկառքի ցանկապատին դուրսի կողմը, վերջն ալ ներսի կողմը, որովհետեւ չէինք ուզէր հաւատալ: Երկար պահ մը նայեցանք գետնի խճաքարերուն, անհետացած վագոնի տեղին, նայեցանք երկաթէ գիծերուն, որոնք կը փայլէին եւ կը հնչէին ալ կարծէք: Մինչեւ մեր ժամանումը` մեկնած էր Ֆաննի, եւ երկու լքուածներս կը նայէինք: Շրա՛խ: Սեւ ու ճերմակ ներկուած մեծ ազդանշան մը ինքն իր վրայ դարձաւ ճիշդ մեր դէմը, օդին մէջ: Եւ մեծ աղմուկով եւ ինքն իր գլխուն: Երկու Հայերս մեկնեցանք կռնակ կռնակի:

Փարիզի իմ առաջին տարիներուս` կազմատան մը մէջ ճանչցած եմ չեխոսլովաք երիտասարդ մը, որ բնութեան տարօրինակ կողմ մը ունէր: Մեծ հաճոյակատարութեամբ փոխ դրամ կու տար բանուոր ընկերներու, տուածը գրպանի տետրակի մը մէջ կ՚արձանագրէր յատուկ սիւնակի մը վրայ, եթէ գումարը վերադարձնել ուզէիր չէր առնէր, կը փափագէր, որ մէկ մասը միայն վերադարձնես, իսկ մնացեալը տաս ուրիշ առթիւ: Ինքն ալ փոխ կ՚առնէր շատ փոքրիկ գումարներ (երբ գիտէի, թէ պէտք չունի անոր, ապացոյց, որ կ՚ըսէ «քովինս յիսուննոց է` չաւրեմ»), յանկարծ նոյն օրն իսկ իր վախկոտ ժպիտով կը վերադարձնէր զայն ամբողջութեամբ կամ մասամբ, եւ այսպէս շարունակաբար: Անվերջ հաշիւներ եւ արձանագրութիւններ: Ճարպո՛տ, կլորիկ ու վերջին ծայր առանձնակեաց այս երիտասարդն իր երկչոտի մենութիւնը լեցուցած էր այդ աղմուկներով: Թիւերու փոքրիկ աշխարհ մը ստեղծած էր իր շուրջը, ճշմարիտ փեթակ մը: Անոր է որ կը նմանեցնեմ ինքզինքս, երբ գլուխս առած կ՚երթամ ամայի ճամփաներէն, եւ անձրեւի կաթիլները կը թպրտան հովանոցիս վրայ: Թռըփ, թռըփ: Տալիքներ եւ առնելիքներ: Միշտ կայ մէջս նոյն պարապը, զոր կը խուսափիմ լեցնելէ եւ ականջ կու տամ կաթիլներուն, ամէնամօտիկ կաթիլներուն, արհամարհելի անմիջականին: Գիտեմ, թէ այլեւս պիտի մեկնիմ Զաթոսթէէն, բայց կը ճգնիմ հորիզոնները թողուլ հորիզոնին վրայ, անծանօթին հետ թղթակցութիւնը ուրանալ, հաղորդակցութեան ճամփաները մոռնալ: Եւ կը կծկուիմ իմ մարմնիս վրայ, արհամարհելի անմիջականին վրայ, այդ փոքրիկ, բայց գէ՛շ պարտքին վրայ:

Մարդիկ չափազանց կը յուզուին, երբ սիրելիի մը մահէն վերջ բոլորովին պատահմամբ կը գտնեն այդ սիրելիին պատկանող մտերիմ առարկայ մը: Երբեմն մարդիկ կը գտնեն բալի գոյն բրդէ ասեղնագործութիւն մը դարակի մը խորէն եւ կը խոստովանին, որ բնա՜ւ չէին յիշէր հոդ պահած ըլլալը՝ այն օրը, որ այդ ասեղնագործութիւնը խլեցին սիրելիէն` որպէսզի այլեւս չաշխատի ան: Մարդիկ կ՚ուզեն շարունակել այդ կիսաւարտ աշխատութիւնը, նստելով պատուհանի մը մէջ, որուն առջեւ կայ փեռկոլա մը: Շատ երկար եւ գունաւոր ասեղները չեն կրնար գործածել անոնք, կ՚անճրկին կը մնան, իրենց թեւերը քովն ի վար կախ: Մարդիկ կ՚ուզեն առաջուան պէս խաղալ բուրդէ կծիկին հետ, երբ սիրելին կ՚աշխատէր անոր միւս ծայրը եւ մանաւանդ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ Ֆաննի ի՞նչ շինելու մտադրութիւն ունէր: «Ի՞նչ կ՚ուզես որ շինեմ, Ֆաննի» կ՚ըսեն անոնք նայելով այդ փոքրիկ քառանկիւն հիւսուածքին եւ յետոյ կը լռեն: Կրկին կը հարցնեն ֆրանսերէն լեզուով: Կրկին կը լռեն:

Ապահով եմ, թէ ոչ մէկ դէպք պիտի պատահէր, եւ ես Զաթոսթէէն մեկնած պիտի ըլլայի անաղմուկ՝ եթէ զիս պտոյտի չհանէր Ժէժէն: Երբոր Պիւկաթթիով մեկնեցանք, անշուշտ լաւ էին բարեկամիս մտադրութիւնները, քանի որ կ՚ուզեր զիս քիչ մը սթափեցնել իմ թմրութենէս, ոգեւորութիւն տալ ինձ, պէսպիսել ժամերս: Բայց այս այսպէս է լաւ է վշտոտ մէկը իր հալին ձգել: Արշաւը աննման եղաւ իր տեսակին մէջ: Գացինք սահմանագլուխ, դարձանք ովկիանոս, ճաշեցինք լքուած պարտէզի մը առջեւ մեծ ուրախութեամբ, յետոյ մխրճուեցանք Landesերուն մէջ, որպէս առասպելի մը: Փորձեցինք եղեւնիներու այդ անսահման անտառը բաղդատել ովկիանոսին հետ, բայց նմանութեան կէտերը եղան վրդովիչ: Այն քաղաքը, ուր հասանք Թառթաս կրկին խմեցինք եւ սրճարանի ֆոնոյին հետ ելանք պարի: Բարձրաձայն կ՚երգէինք, թէեւ վերջի բառը ուտելով.


Partit de vie
Grelin Grelot
Au grand galop
De la phtisie.

Անշուշտ անբնական եւ հիւանդագին էր զուարթութիւնս, արագութեան պատճառած գինովութիւնը վտանգաւոր էր եւ թէեւ չէի խոստովաներ, բայց կը զգայի, որ մեր հերարձակ վազքը հորիզոնէ հորիզոն սաստիկ պիտի դժուարացնէ վերադարձս դէպի բնականոն վիճակ, թէ սուղի պիտի նստի ինձ: Նստաւ՝ գիշերը:

Ինչպէս որ անգամ մը պատահած էր եւ ես անձնասպանութիւն փորձած էի, կրկին կորսնցուցի կեանքիս առանցքը այդ գիշերին մէջ: Հակառակ յոգնութեանս չէի կրնար քնանալ եւ կը չարչարուէի անկողնիս վրայ, գիշերուան հովին եւ աղմուկին հետ, որոնք անվստահելի դարձած էին եւ կը մտնէին կեանքին թէ՛ այս եւ թէ այն կողմը: Մտածումներս ու իրերը կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը, եւ դաւադիր ներխուժումներ կային սահմանագլուխէ սահմանագլուխ, իմ ձեռքերէս դէպի հովը, մահէն դէպի Սկզբնական Մեղքը: Հեւք մը, տուայտանք մը որ անբնականօրէն մեծ էր, հիւանդագին էր եւ որ իր շուքը կ՚երկարէր թէ՛ իր առջին, եւ թէ իր ետին: Եւ դեռ ուրիշ բաներ: Շրջագայեցայ սենեակիս մէջ ճիշդ խելագարի մը նման, ուզեցի ոճիր գործել, երբ պահ մը վառեցաւ Յոբ Երանելիի լոյսը եւ գրեթէ միշտ գացի իյնալ անկողնիս վրայ, որովհետեւ կը դողայի: Ցուրտ ալ էր: Ինծի անծանօթ ատեն մը անցաւ եւ յետոյ մրափեցի պահ մը: Ահա երազս: Կը գտնուէի ահագին իրարանցումի մը եւ մեծ բազմութեան մը մէջ, որ բազմաթիւ կողմերով կը յիշեցնէր Փարիզի Տօնավաճառը: Վտանգաւոր բան մը պատահած էր ետիս (չեմ գիտեր թէ ի՛նչ), եւ ես ամբողջ ուժովս ամբոխը արմկահարելով ճամբայ կը բանայի: Ամուռէթի կրպակին առջեւ է որ նշմարեցի, թէ քովս ի վեր կու գայ սեւ կառնիթիւրներով կարմիր հագուստ մը հագած աղջիկ մը: Ֆաննին էր: «Կեցի՛ր, կեցի՛ր, կ՚ըսէր ան. ինչո՞ւ զիս կը չարչարես, չե՞ս գիտէր, թէ կ՚ուզեմ միշտ քու քովդ ըլլալ: Միթէ քեզ չըսի՞, որ մահէս վերջն ալ պիտի գամ քովդ, պիտի հետեւիմ քեզի»: Ես իրեն նայելով հանդերձ միշտ կը փախչէի, մինչ Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ. «Ամբողջ օրը չարչարուեցայ ետեւեդ վազելով: Ամբողջ օրը փախար լեռնէ լեռ, հորիզոնէ հորիզոն: Այլեւս կեցի՛ր, կեցի՛ր այլեւս սիրական. տես, թէ ո՜րքան յոգնէր եմ, ո՜րքան անուժ եմ»: Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ— «ինչո՞ւ չես հաւատար, թէ հոգիս քու մօտդ ըլլալ կ՚ուզէ. ինչո՞ւ չես հաւատար թէ ես հոգի մը ունիմ, որ դեռ կապրի»: Գրկեցի զայն ամբողջ ուժովս եւ…

Նստայ անկողնիս մէջ: Առաջին խօսքս ուրացումը եղաւ. բացարձակ ուրացումը: «Չեմ հաւատար» ըսի, եւ ատով ոչ միայն ըսել կ՚ուզէի, թէ չեմ հաւատար հոգիներու երկրորդ կեանքին, ստացած պատգամիս անդրաշխարհէն եկած ըլլալուն, այլ նաեւ ըսել կ՚ուզէի, թէ չեմ հաւատար, որ տեսածս երազ էր: Կէս քուն եւ կէս արթուն վիճակի մը մէջ էի պարզապէս: Վառեցի լոյսը: Կրկին մարեցի զայն: «Չեմ հաւատար» ճչացի նորէն, բայց կը զգայի, որ այդ անչափ յուզումս չի վերաբերիր հոգիներու հանդէպ հաւատք ունենալուս կամ չունենալուս, այլ գլխաւոր պատճառը սա էր, թէ չափազանց որոշ կերպով տեսած էի Ֆաննին, իմ կարօտցած Ֆաննիս, գիտնալով, որ պիտի չկարենամ զսպել յուզումս, ուզած էի թեթեւնալ ճչալով: Ոտնաձայներ գլխիս վրայէն յառաջացան դէպի պատուհան, եւ տիկին Պէաթրիս հարցուց վերէն.

Ի՞նչ պատահեցաւ, Միշել… Անհանգի՞ստ էք…

Անմիջապէս պատուհան ելայ ե՛ս ալ եւ պոռացի գլխուս վեր.

Երա՛խդ. քեզի ա՛լ չեմ հաւատար: Քու առողջացած ըլլալուդ ալ չեմ հաւատար: Et voilà tout!

Բայց անմիջապէս յետոյ աւելցուցի.

Եթէ առողջ ըլլայիր, դո՛ւն, գաղթահայութիւն, մենք քեզ տուն կը կանչէինք, Հայաստանի դռները կը բանայինք քու առջեւ: Բայց դուն հիւա՛նդ ես: Դաշնակցութեան թոյնով վարակուա՛ծ ես, դո՛ւն, գաղթահայութիւն: Եւ մենք կը թողունք, որ մնաս օտարութեան մէջ, մինչեւ այն օրը…

Քաշուեցայ պատուհանէն ներս, կծկուեցայ վարագոյրին ետեւ եւ սաստիկ զղջացի, եւ սաստիկ ցաւեցայ: Ականջ տուի ոտնաձայներով, լսեցի դրան մը բացուիլը, եւ յետոյ մուճակներու թեթեւ աղմուկ սանդուխին վրայ: Քիչ վերջ մադամ Լըմուանի հազը բռնեց, եւ գրեթէ միաժամանակ բացուեցաւ սենեակիս դուռը:

Կը խոստովանիմ, որ տկարացայ այդ գիշեր, այսինքն լացի: Անկողնիս վրայ նստած, տիկին Պէաթրիս մօր մը պէս օրօրեց զիս` գլուխս շոյելով, եւ ըսաւ, թէ գիշերային մղձաւանջը շուտով կը մոռացուի, թէ միւս կողմանէ` երազը գրեթէ միշտ օգտակար բան է, քան թէ վնասակար: Յետոյ ըսաւ. «անշո՛ւշտ թէ Ֆաննին հոս է»:

Յաջորդող առաւօտուն ինքզինքս միշտ մեծապէս ամօթապարտ կը զգայի տիկնոջ հանդէպ, եւ անտարակոյս կարելիս պիտի ընէի օր մը գոնէ խուսափելու համար իր ակնարկէն: Սակայն պէտք չմնաց այդ բանին, եւ ես ուրախութեամբ լսեցի որ տիկին Պէաթրիս քաղաք իջած է: Մտածումս չարչարուեցաւ նոյն անծանօթին առջեւ, այսինքն` ուզեցի գիտնալ, թէ արդեօք տիկինը հասկցա՞ւ այն ինչ որ պոռացի նախորդ գիշեր պատուհանն ի վեր: Մեր մէջ կայ բան մը, որ կը տրամաբանէ աւելի արագ, քան թէ մենք: Եւ այդ բանը անմիջապէս անդրադառնալով որ ընելիքս սրիկայութիւն մըն է, փորձած էր մասամբ գոնէ մեղմել զայն` զիս մղելով, որ հայերէն խօսիմ: Եւ այժմ կը ջանամ մխիթարուիլ, խորհելով, որ գուցէ կինը չհասկցաւ արագօրէն թաւալող հայերէն բառերը: Գուցէ: Բայց ինչո՞ւ անոր ձեռքերը կը դողային, երբ գլուխս կը շոյէր: Կը դողայի՞ն: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ շատ առաջ, այսինքն Ֆաննիի ողջութեան ատեն, մէկ քանի անգամներ տիկին Պէաթրիսը նմանցուցած էի գաղթահայութեան: Կնոջ կեանքը սէնպոլ մը թուած էր ինձ (սէնպոլիզմէ շատ չեմ ախորժիր ես): Ուզած էի ըսել Երեւանի (տիկին Պէաթրիսի ամուսինին), թէ գաղթահայութիւնը այլեւս հիւանդ չէ, թէ ան բուժուած է Դաշնակցութեան մանրէէն, թէ այլեւս տուն պէտք է կանչել զայն: Որովհետեւ, որքան ալ որ համայնավարութեան մօտ ըլլամ, չեմ կրնար կէս մը գոնէ օտար չնկատել Ռուսահայն ու Վանեցին: Իմ փափագս է հոն երթալ իմիններուս հետ, խմբովին: Ըսի արդէն` մէջս կայ բան մը, որ կը տրամաբանէ աւելի արագ, քան թէ ես: Ապշեցուցիչ ճարտարութեամբ մը ան անմիջապէս օգնութեան կանչած էր այս մոռցուած եւ սնոտի սէնպոլը ու զիս մղած էր խորամանկօրէն մթագնելու խօսքերս, կամովին աւելի տագնապեցնելու մղձաւանջս: Այդպէսով յաջողա՞ծ էի մեղմել իմ առաջին նախադասութեանս անգթութիւնը: Կը տարակուսիմ: Ապացոյց, որ տիկին Պէաթրիս առաւօտուն կանուխ քաղաք իջաւ ու չվերադարձաւ անկէ:

Գիշերը ճաշարանի մէջ պարապ մնաց տիկին Պէաթրիսի սեղանը, եւ երբ վերջին շոգեկառքին ատենն ալ անցաւ, հարցափորձեցի նախ պ. Էչըկոյէն, պանդոկապետը, յետոյ ծառան եւ հիւանդները: Ոչ ոք բան մը գիտէր: Նոյն բացակայութիւնը` յաջորդ օրը, կէսօրին: Այս անգամ հեռաձայնեցի քաղաք, Hôtel d՚Espagne, ուր տիկինը սովորութիւն ունէր իջնելու: Դարձեալ ոչինչ: «Բայց ի՞նչ պիտի ըսեմ, երբոր զինքը տեսնեմ» կը խորհէի առանց հարցումիս պատասխան մը գտնելու, բայց, հակառակ ատոր, կ՚ուզէի գտնել Հայուհին: Ելայ իր պարապ սենեակը եւ զայն դիտեցի զանազան անկիւններէ: Մասնաւոր հոտ մը կար՝ ոչ անախորժ. կար նաեւ իմ խղճմտանքս:

Ինքզինքս այլեւս շփոթուած կը զգայի կնոջ ամուսինին հետ, քանի որ նոյն վատութիւնը գործած էի: Ինչպէս ան, որ «նստած էր իր ապահովութեանը մէջ», որ «չուզեր հաւատալ կնոջ մը առողջացած ըլլալուն», ես ալ նստած էի իմ ապահովութեանս մէջ եւ վռնդած էի Ֆաննին, անոր Ձայնը: Գործիս չէր գար հաւատալ:

Մեկնումիս առթիւ անհրաժեշտ գնումներ ընելու պատրուակին տակ նետուեցայ օթոքառ եւ գացի քաղաք: Անօգուտ արշաւ մը՝ այս ալ: «Կը յիշեմ, կ՚ըսէր ինքնաշարժին վարիչը, որուն քով նստած էի. Չորեքշաբթի առաւօտ ես է որ զինքը տարի, բայց այլեւս երեսը չտեսայ»:

…Հրաժեշտ առնելու գացի Տալուէն, որ բաւական ատենէ ի վեր մեր պանդոկէն հեռացած է եւ իր բարեկամուհիին հետ կը բնակի Զաթոսթէի միւս ծայրը, պանսիոն մը: Իմ առաջարկիս վրայ Տալու գոցեց պատուհանը եւ մութին մէջ անգամ մը եւս ցուցադրեց այն ֆիլմը, զոր դարձուցած էր լաւ օրերուն եւ որուն մէջ դեր ունէինք բոլորս ալ։ Փաթէ-պէյպին կ՚աշխատէր փեթակի աղմուկով, եւ ես կը նայէի Ֆաննիին, որ հարս եղած դուրս կ՚ելլէր եկեղեցիէն` թեւին ունենալով Աթթիմոնը, որուն միակնոցը վար կ՚իյնար, եւ հաւեր կային, եւ արեւ կար: Ժէժէնը եւ ես garçon d՚honneur եղած էինք, իսկ «Լիւքս»ը անդադար կը հաչէր երեսս ի վեր, որովհետեւ… կեցուցի գործիքը:

…Բայց ո՞ւր է տիկին Պէաթրիս: Անցայ մեր եկեղեցիին առջեւէն, որուն մուտքի դուռը քիչ առաջ տեսած էի պաստառին վրայ, եւ որ այժմ կը նուաղէր մութին մէջ: Ո՛չ հարս, ո՛չ արեւ, այլ միայն— կարծէք— շունէր, որոնք երեսս ի վեր պիտի հաչեն: Երբ պանդոկ հասայ` անմիջապէս գացի լուր առնելու: Վերադարձած էր տիկինը: Պարզապէս:

Մի՛ մտահոգուիք, jeune homme, կ՚ըսէր պանդոկապետը, մենք զինքը կը ճանչնանք: Ան նախորդ անգամուն ալ այսպէս երեք-չորս օր անհետացաւ, եւ յետոյ եկաւ կրկին:

Պրն. Էչըկոյէն աւելցուց.

Ջղայիններու համար այս փախուստն ալ օգտակար է… պայմանաւ, որ շատ չյոգնին:

Եւ յետոյ— ուշ` ճաշէն վերջ բոլորս հաւաքուեցանք իմ սենեակս, երկու շիշ պարպեցինք, գաւաթները իրարու զարնելով մնաք բարով ըսինք եւ մէկզմէկու մաղթեցինք օ՜ առատօրէն առողջութիւն: Համակրելի էր տիկին Պէաթրիս: Ան նոյնիսկ ամբողջ գաւաթ մը գինի խմեց, եւ ես իրեն նայեցայ` հետզհետէ նուազ վարանումով: Նոյնիսկ առաջին անգամ ըլլալով չնեղացայ իրեն, երբ մադամ Լըմուանի կ՚ըսէր, թէ վաղը պիտի երթայ կշռուելու: Գիտէի, թէ ինք պէտք չունի ոչ ջերմաչափի եւ ոչ ալ կշռի, եւ ինձ անախորժ էին իր այդ աւելորդ ձեւակերպութիւնները: Բայg բնաւ չնեղացայ ալ, միայն մտածեցի, մտածեցի…— Կ՚երեւայ գլուխս կախեր եմ քիչ մը երկար ատեն, եւ Ժէժէն վիճակս նշմարեր է, քանի որ ըսաւ ականջս ի վար— «Պէտք է հանգիստ թողուլ մեռելները»: Ոչ, Ֆաննիի մասին չէ, որ կը մտածէի, այլ աչքիս առջեւ կու գար կնոջ մը փախուստը հորիզոնէ հորիզոն, այդ անօգուտ փորձին ջախջախումը առանձնութեան մերկ պատին վրայ, եւ յետոյ հարցումներ, որոնք գիշերին դէմ կ՚ուղղուին, եւ յետոյ համակերպութիւն: Աչքիս առջեւ կու գար Զաթոսթէի ճամփուն վրայ վերադարձը երկու ձեռքերու, որոնք խելօք մը հանգչած են իրարու վրայ, եւ որոնք կապուած ըլլալու երեւոյթն ունին: Տես` հիմա ալ:

…Առաւօտուն եօթն էր, եւ ոչ մէկ ձայն կար պանդոկին մէջ: Անոր դրան առջեւ պայուսակներուս հետ կը սպասէի կառքին, որ զիս կայարան պիտի տանէր: Իւռսիւլ դադրեցաւ աւլելէ եւ նրբանցքին խորէն ըսաւ բաներ մը զոր լաւ չհասկցայ: Եւ յանկարծ մեծապէս զարմացայ` տեսնելով տիկին Պէաթրիսը: Ուզած էր վերջին մնաք բարով մը ըսել ինձ եւ կը ժպտէր: Քով քովի նստանք ողորահիւս երկար նստարանին վրայ, բլուրներուն դէմ, եւ ես վախցայ, որ կինը դառն խօսք մը պիտի ընէ ինձ, այն՝ զոր չկրցաւ ըսել նախորդ երեկոյ ներկաներուն պատճառաւ: Ըսաւ որ (եւ ես աւելի վախցայ) իր կողմէ բարեւեմ լուսանկարիչ բարեկամս, Շառլը, երբոր տեսնեմ զայն Փարիզ: Լռեցինք:

Տիկին Պէաթրիս ըսաւ.

Մեծ բան կորսնցուցինք երկուքս ալ: Բայց մանաւանդ ես: Դուք դեռ երիտասարդ էք, այլեւս առողջ էք, կրկին պիտի գտնէք բարեկամուհի մը: Բայց ես անոր պէս հոգի մը պիտի չգտնեմ դիւրաւ:

Տիկին Պէաթրիս ըսաւ.

Կը պնդէր, թէ գալ ամառ աղէկցած պիտի ըլլայ, եւ կ՚ուզեր անպայման զիս իր տունը տանիլ… կ՚ուզեր զիս իր քովն ունենալ, եւ ես ալ կը փափաքէի մեծապէս… Թուլուզի մօտ գեղեցիկ արուարձան մը…

Բայց, տիկի՛ն, ըսի, վերջապէս, դուք անոր հետ պիտի չապրէիք… դուք ձեր տունը ունիք եւ հոն պիտի դառնաք անմիջապէս, որ առողջանաք…

Անշո՜ւշտ, ըսաւ խօսքս կտրելով. Բայց անշո՛ւշտ… տունինները անհամբեր ինձ կը սպասեն… զաւակ ունիմ, ամուսին ունիմ… անշուշտ թէ հոն պիտի երթամ, բայց վե՜րջապէս…

Բաւական մը վարանեցաւ հոս, թեթեւ մը հազաց եւ յետոյ աւելցուց.

Բայց վե՜րջապէս… խոստովանեցէք, որ Ֆաւննիի ըրածը մեծ բան էր: Ֆրանսացիները մեզի պէս չեն, հիւրասէր չեն բնաւ: Ֆաննիի ըրածը մեծ մարդկութիւն էր…

Քիչ մը մշուշ կար բլուրներու կողին վրայ, իսկ գետը աւելի կը գուշակուէր, քան թէ կը տեսնուէր: Տիկին Պէաթրիս իր վերարկուին օձիքներուն մէջ սեղմուած` կրկին առած էր գէշ դիմագիծը, քէօռ կապ եղած դիմագիծը:

Երբոր կառքին մէջէն ձեռք երկարելով իրենը կը սեղմէի, անբացատրելի ժպիտով մը ըսաւ. եւ հայերէն ըսաւ.

Մեյ մը տահա քեզի հոստեղ չտեսնեմ…

Ակնարկ մը կը նետեմ հեռացող պանդոկին վրայ, վարէն վեր: Ամբողջ հոգիովս կը մաղթեմ, որ բժշկուի ան, ամբողջութեամբ եւ շուտով: Իսկ սա կինը, որ երկու ձեռքերով իր օձիքները սեղմեր է կոկորդին վրայ եւ որ ճամփուն մէջտեղը կեցած ետ-ետ կ՚երթայ, կը մաղթեմ որ հիւծախտէ վարակուի ան:

Շուտով, շատ շուտով: