Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ

Նախակրթարանին մէջ առայժմ գոյութիւն չունի նաեւ այն դասը որ կը կոչուի Քաղաքացիական կրթութիւն։ Այս ուսումը պիտի ճանչցընէր տղուն՝ քաղաքական աշխարհը իր հաստատութիւններով, իր պաշտօնատուններով, իր օրէնքներով, քաղաքացի պիտի ընէր տղան, եւ լրագիր կարդալու կարող. այս ուսման շնորհիւ ժամանակին քաղաքական անձնաւորութեանց, տեղական թէ օտար, պիտի ծանօթանար տղան. հրապարակի վիճակներու քիչ շատ գիտակ, եւ այլ եւս ո՛չ իբր համբակ մը պիտի մտնէր շուկայի, հրապարակի կեանքին մէջ։ Այս ուսումը պիտի կազմէր դպրոցին այն դուռը՝ որմէ վստահապէս շուկայ եւ հրապարակ կ՚երըուի։ Եւ այս ուսումը անգոյ է մեր նախակրթարաններուն մէջ՝ որոնց նպատակն է կարծես քաղաքացիական կեանքին կարելի եղածին չափ օտարական համբակներ պատրաստել յատկապէս։ Ի՞նչ արժէք ունին պատմութեան ա՛յն դասերը զոր կ՚աւանդենք՝ Instruction civiqueին քով, որ եւրոպական դաստիարակութեան մէջ ունի այն արժէքը զոր հրապարակին եւ բարոյականին միջեւ իր գրաւած դիրքը կու տայ իրեն արդարապէս։ Մեր մտածած քաղաքացիական ուսումը Օրէնսգիտութեան Տարերքէն եւ Տնտեսագիտութենէն տարբեր բան մըն է, թէեւ կը պարունակէ զանոնք։ Տղուն դպրոցական վերջին տարւոյն մեծ այժմէութիւնները, իրենց մօտաւոր նախընթացներով, հետեւաբար լրագրի ընթերցումը, կառավարական պաշտօնատանց նշանակութիւնն ու գործը եւ պարագաները, որոնց մէջ քաղաքացիք ելումուտ կ՚ընեն անոնց իւրաքանչիւրին մէջ, զանազան ծանօթ հաստատութեանց (եկեղեցի, դպրոց, լրագիր, վաճառատուն եւլն. ) հիմնարկութեան եւ գոյութեան օրինական պայմանները, եւ այլն. նաւահանգիստը, շուկան, փոխադրութեան ու թղթատարական ձեւերն ու իրենց օրէնքները, դրամատանց ու պորսայի շնդիրներ եւլն. ինչ որ վերջապէս հրապարակին գաղափարէն կը բղխի եւ անոր հետ սերտ առընչութեան մէջ է, պէտք էր յատուկ հոգածութեամբ մը աւանդուէին Տնտեսագիտութեան եւ Օրէնսգիտութեան Տարերց հետ, կազմելով դպրոցին օգտակարագոյն, ու ամէնէն ուշագրաւ դասերէն մէկը, եւ թերեւս այն միակ դասը, որ նախակրթարանի ընթացաւարտին կերպարանէն որոշապէս վերցուցած պիտի ըլլար հրապարակի իրերու համար անոր ունենալիք բոլոր հէք շինականութիւնը։

Ամենակարեւոր բանի մը պակասն է նախակրթարանին մէջ՝ աշակերտներուն իրենց ուսուցչին հետ խօսակցութեանց պակասը։ Մեր ժամակարգին քառակուսիներուն մէջ սահմանագծուող, քառակուսացնող գիտելիքներէն ո՛չ մէկը կրնայ այսպիսի խօսակցութեանց կարողութիւնն ունենալ։ Կարելի է ըսել թէ ժամը որ պիտի յատկացուէր այս նպատակին՝ բոլոր միւս ժամերը իրմէն պիտի բէխեցնէր։ Արդարեւ ընդհանուր խօսակցութիւններու մասնաւոր ընդարձակումներն ըլլալու են կարծես բոլոր միւս դասերը։ Խօսակցութեանց ժամը միւս դասերուն կը պատրաստէ եւ զանոնք առաջ կը բերէ. հակառակ այն համեմատաբար «անկարգապահ» երեւոյթին զոր կ՚ունենայ՝  հիմնական բան մըն է. եւ ե՛յնքան կը բղխեցնէ միւս ուսումները՝ որքան կը հաստատէ զանոնք՝ renvoiներով, եւ արագ քաղուածներով՝ որոնց տեղի կուտայ։ Եւ յետոյ ամէնէն բնականն է բոլոր դասերուն։ Եթէ բոլոր միւս դասերը կարելի եղածին չափ խօսակցութիւն դառնայի՜ն։ Ով որ այդպիսի ժամեր անցուցած է իր աշակերտներուն հետ, գիտէ թէ ոչ մէկ դաս հաճելի է այնքան, եւ ա՛յնքան յայտնապէս օգտակար՝ որքան խօսակցութիւնը, եւ յստակ կերպով կը խորհի թէ իր անճիգ ու նոյնհետայն պատշաճեցմամբը տղուն ընդհանուր բնաւորութեան՝ բնականագոյնն է ոիւս դասերուն։ Ինչ ինչ բաներ հետաքրքրած են աշակերտները. մասնաւորապէս մէկը, կամ միւսը. եւ ահա կը հարցնեն ուսուցչին իրենց ինչո՛ւները։ Օ՜հ, որքան կը սիրեմ անոնց տարափը. եւ ի՛նչ հաճոյքով կարգի կը դնեմ զանոնք, եւ ի՛նչ թանկագին «անկարգապահութեամբ» կը մոռնամ, կը լքեմ Քերականութեան դասը, օրինակի համար, անոնց հարցումներուն պատասխանելու համար, եւ պատասխաններուս մէջ հնարաւոր առընչութիւնները գտնելէ յետոյ՝ գլխաւոր գաղափարներու յանգելու համար, եզրակացնելու համար, ժամուն ցրուածութիւնն ու բազմապատիկ երեւոյթը որոշ ու անմոռանալի գաղափարի մը մէջ ամփոփելով, միաւորելու, պարզելու համար։ Ի՛նչ անակնկալներ, այս ժամուն մէջ, ի՛նչ երեւակայութիւն, ի՛նչ աշխոյժ. դասատուն որքա՛ն սիրելի է այս ժամուն. եւ աշակերտները որքա՛ն խելացի են։ Այս ժամը չկա՜յ դպրոցին մէջ։ Տղաքը, առանց գիտնալու, հոգեբանութիւն կ՚ընեն, կ՚իմաստասիրեն, կ՚աստուածաբանեն այս ժամերուն, իրենց ծրագրապէս ու ժամակարգօրէն սահմանուած նիւթերէն՝ կատարեալ ու բացարձակ իրաւամբ, անքննադատելի բնականութեամբ կը շեղին, կը զարտուղին։ Բոլորովին իմացական էակներ են անոնք. ի զո՛ւր զանգակը կը զարնէ. եւ եթէ ան ատեն ոտքի կ՚ելլեն՝ պատճառը այն է որ դուրսը դասընդմէջի աղմուկը կը սկսի, եւ ՚ուզեն ուսուցչին շուրջը ժողվըուիլ ու դեռ լսել անոր ըսածները։ Աւելորդ է երկարլ այնքան բացորոշապէս կարեւոր ժամերու պէտքին վրայ։ Դիւրաւ կրնան մակաբերուիլ անոնց օգուտները՝ վերի թելադրութիւններէն, երբ նաեւ անոնց ներքնակից հաճոյքը արդէն պայծառօրէն կ՚երեւայ։

Մեր նախակրթութեան մէջ չգործադրուող կրթական միջոցներէն մէկն են դպրոցական պտոյտները։ Անշուշտ այս բառով չենք հասկնար մայիսի բացօթեայ զբօսանքները զոր ընելու կը տարուին աշակերտները, եւ որոնք ո՛ եւ է տարբերութիւն չեն ունենար դպրոցի զբօսանքներէն, վասն զի զբաղիլ չի տրուիր անոնց հոն, դաշտին մէջ, իրենց գնդակներէն տարբեր բաներով, որոնք լեցուն են իրենց շուրջը, մօտերը, հեռուները։ Ա՛հ, երբեմն ճաշով կ՚երթան, եւ ծառերուն տակը կը նստին ուտելու իրենց ծրարներուն մէջի բաները։ Ուրիշ բան կ՚ըլլա՞յ դաշտին մէջ։ Խաղ, երգ, ճաշ, հրապուրիչ կերպով վայրկենական բան մը, որ զարգացման չի վերաբերիր, այլ յետադիմութեան, ցորչափ այդ տարրերէն կը բաղկանայ միայն։ Այդ պտոյտներէն զատ, որոնք միշտ մայտօն ըլլալէ չէին դադրիր, եթէ բաւական ուսում պարունակէին, ո՛չ իրագիտական, ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ պատմագիտական, ո՛չ գեղարուեստական, եւ ոչ քաղաքացիական կրթութեան վերաբերեալ պտոյտներ կը կատարուին։ Ո՜ Թէօբֆէռ. որքա՜ն հեռու ենք իր գործադրած եղանակներէն։ Մեծանուն Զուիցերը Լեմանին շրջանը չէր ըներ միայն իր աշակերտներուն հետ. մեծագոյն տրամագիծ մը որոնք իրաւ է որ այսպիսի անուններ աշխարհագրական, իրագիտական, եւ այլն չէին կրեր, բայց հաւանօրէն ամէնքը միանգամայն ըլլալ կը ձգտէին։ Այն միջոցին որ, ասկէ 50 տարի առաջ, այդ մարդը գաղափարը կը յղանար դպրոցական շրջագայութեանց՝ մենք մեր միջնադարեան ուսումներուն մէջ կը փակէինք մեր պատանութիւնը. եւ հիմա որ, երկար ատենէ ի վեր, Թէօբֆէռի սկսածը այնքան քրջօրէն կը շարունակուի քաղաքակիրթ ազգերու մէջ ու կը ճոխանայ, կը տեսակաւորի, մենք դեռ «Մասունք բան»ին մէջ արմատ կը կապենք, աղբի արժէք ալ չունեցող բաներու մէջ կը շարունակենք կայաճիլ (végéter) եւ կը շնորհաւորենք զիրար գանակոծումը վերցուցած ըլլալու չափ առաջ գացած ըլլալնուս համար։ Ի՛նչ հոյակապ զարգացում. ա՛լ տղաքը չենք գանկոծեր մենք։ Օ՛հ, չենք պահանջեր որ մեր տղաքը մեծամեծ շրջագայութիւններ ընեն. խնդտրը չափին վրայ չէ, այլ տեսակին։ Ուսմանց զանազան ճիւղերուն վերաբերեալ պտոյտներ կը պահանջենք քաղքին մէջ ու շրջանները։ Քաղաքի մը, մանաւանդ մայրաքաղաքի մը մէջն ու շուրջն այնքան շահագրգիռ բաներ կան տեսնելու, դիտել տրուելու. քաղաքացիական կրթութեան յատուկ իրերու անհուն զանզանութիւն մը. արհեստագիտութեան վերաբերեալ իրերու, աշխարհագրական կէտերու, պատմական վայրերու, բնապատմական նիւթերու անսպառ ճոխութիւն մը, ուսումնական գանձ մը, վարժարանէն դուրս ամենուրեք սփռուած։ Բայց մեր երազած պտոյտները դպրոցականին՝ կեանքին ամէնէն գեղեցիկ օրերն են. տղաքը մէյ մըն ալ ե՞րբ արդեօք պիտի ապրին այնքա՛ն որքան այդ շրջագայութեանց մէջ, որոնք ուսումը բացարձակապէս կեանքի՛ կը վերածեն։ Պտոյտին այնքա՛ն հրապոյրներուն ընդելուզուող անզգալապէս  ստացուած, հաճոյքներուն հետ պարզապէս վայելուած գիտելիքները մի՜թէ կարելի՛ է որ մոռցուին երբեք. ո՞ր ուղեւորը կը մոռնայ իր ճամբորդութեան մէջ սովրած բաները. եւ կարելի՞ է երեւակայել թեւաւո՜ր տղաքներուն համար մեծագոյն հաճոյք մը քան տեսարանէ տեսարան ճամբորդութիւն մը՝ խելացի ու նախախնամական ուսուցչին հեսռատեսութիւններովը, ճարտարրութիւններովն ու բացատրութիւններով վարուած, մանր մունր արկածներու, հանդիպումներու, գիւտերու անակնկալներովը ոգեւորուած, զուարթացած, յանկարծ խռովելէ յետոյ յաջող ելքերով ուրախացած, դէպքերով, նորութիւններով, երեւոյթներով, լի ու կենդանի, խոնջէնքով առողջ, շարժումով ու լիաթոք շնչողութեամբ առոյգ, գիտութեամբ լեցուն ու ընկերական զգացումներով, մարդասիրութեամբ այլայարգութեամբ քաղաքակիրթ, ու բարոյականո՜վ ալ լի։ Վասն զի չըսե՛նք թէ բնապատմական կամ արհեստագիտական եւ այլն պտոյտներուն հետ կը հաւատանք նաեւ բարոյական ու կրօնական պտոյտներու ու միշտ ընդունելով որ միեւնոյն շրջագայութիւնը վերաբերի զանազան ուսմանց միանգամայն։ Ռուսօ իր աշակերտը մեծվայելուչ տեսարանի մը առջեւ դնելով անոր հիացման մէջէն պիտի բղխեցնէր Աստուծոյ գաղափարը։ Ո՞վ չի ճանչնար Բրինքիբոյի Այ-Եորկին, Սկիւտարի Չամլըճան, Վոսփորի շոճեպսակ Իճատիէն. Եուշան, եւ ա՛յլն։ Երեւակայեցէ՛ք քաղցրանշոյլ առաւօտի մը կամ խաղաղ իրիկուան մը մէջ՝ աստուածպաշտութեան, անեզրապաշտութեան դա՜ս մը Չամլըճային գագաթը…։

 

«Արեւելք», 1902, 18/1 Յուլիս, թիւ 4975