Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է

Իսկ երգը՝ օ՛հ, դեռ որքան վայրենի է այդ դասը։ Միշտ, կամ գրեթէ միշտ, միաբերան կ՚երգեն նոյն ձայնով։ Զուգաձայն երգեցողութիւն հազուագիւտ կերպով կ՚ուսուցուի. եռաձայն՝ ոչ. քառաձայն՝ երբեք։ Իսկ իւրաքանչիւր տղայ երգել չի գիտեր։ Այլ եղանակ մը գոց ըսել գիտէ. այլ աղուոր ձայն ունի մերթ առ առաւելն։ Աղուոր ձայնը երգել գիտնալուն տեղը բռնած է դեռ, տղաքը չեն սովրիր զգացումներ արտայայտել երգով, ճիշդ ինչպէս երբ բան մը արտասանելի բանը գոց ըսել, չէ՛ թէ անոր պարունակած գաղափարներուն, պակերներուն, զգացումներուն ու կիրքերուն համեմատ ձայն, շեշտ ու շարժուածք փոփոխել։ Արտասանութիւնը՝ իւրացմամբ անկեղծացած միմք մըն է. նոյնպէս է երգը, բայց բոլոր միմքը ձայնին աստիճաններուն, թրթռումներուն, ոճին մէջն է հոն։ Կոպիտ բան մըն է այս փափուկ ու քաղցր արուեստը, մեր դպրոցներուն մէջ։ Տղաքը նաեւ զուրկ են մեներգելու այն գեղեցիկ համարձակութենէն զոր պիտի ունենային երբ արուեստ մը ըլլար իրենց երգը, ո՛չ թէ աղաղակ մը։ Կ՚ամչնան առջեւդ թերեւս, որովհետեւ պիտի պօռան։ Ձայնագրել կ՚ուսուցուի՞ իրենց, լրջօրէն. կրնա՞ն լսուած երգ մը խազի առնել, կամ ձայնագրութիւն մը կարդալ։ Կը սովրի՞ն միմիայն երգի մը խաղերուն զոյգերը (accord maj. ) գտնել, եւ կրնա՞ն օրինակի համար միաձայն երգի մը երկրորդ ձայնը շարադրել։ Տրուած ոլորակի մը (ton) կամ thèmeի մը վրայ պարզ շարադրութիւններ կ՚առաջարկուին իրենց, ճաշակնին կրթելու համար։ Յայտնի է որ այսպիսի բաներ մարդու միտքէ անցած, կամ գէթ գործադրուած բաներ չեն մեր վարժարաններուն մէջ։ Գոնէ խմբերգութեանց կազմակերպութիւններ չի կան, իբր փափուկ վարժութիւններ, ու իբրեւ երանաւէտ վայրկեաններ։

Մոռացմամբ մը չէր որ կարեւորագոյն դասը չյիշեցինք ամէնէն առաջ։ Ամէնէն վերջը ուզեցինք զայն դնել դասերու շարքին մէջ, զի անոնց պսակումը պէտք էր եղած ըլլար ան, բարոյականի ու կրօնքի դասը, մինչդեռ անոնց մէկ աւելորդ մասը, անոնց մէկ ցաւագար ու մոռցուած, անտեսուած ընկերն է, անոնց մէկ comparsը, յետին planին վրայ կորսուած։ Այսպէ՜ս պիտի ըլլայ եղեր։ Բարոյականն ու կրօնքը, իբր հին օրերէ մնացած ծթռած սովորութեանց պարտադրումներ, դասեր՝ այսպէ՜ս պիտի սրբուին եղեր դպրոցէն, դպրոցին կեդրոնէն, վերեւէն երթալու սահմանագծուելու համար խեղճ տղեկներու դասարաններու մէջ, ի տղայ տիոց զանոնք բարոյացնելու, քրիստոնեայ ընելու պատրուակին՝ խաբեբայ ու անզգամ պատրուակին տակ։ Չէ՛ սակայն, ապահովապէս, այս վտարման պատճառը սա՛ է որ դպրոցին վարիչները նախ իրենք տգէտներ են բարոյականի ու կրօնքի մէջ։ Իրե՛նք նախ կ՚արհամարհեն այդ դասը՝ ինչպէս խոզը մարգարիտը կ՚արհամարհէ։ Կամ վասն զի իրենք, արծաթապաշտ, կեղծաւոր, խաբեբայ մարդիկ են. եւ բարոյականը՝ իրենց քննադատութիւնն է։ Ի՞նչ, տղաքը զիրենք քննադատե՞լ սովրելու են միթէ իրենց այդ ձախորդ դասերուն մէջ։ Աւելի աղէկ չէ տանիլ աւանդել զայն պզտիկ միամիտ տղեկներուն, որոնք իրենց ուսուցիչները եւ այլները սուրբեր արեստներ կը կարծեն։ Կամ այս հաշիւով, կամ բարոյականին ու կրօնքին կարեւորութեանը չհաւտալով, դպրոցի վարիչները աւլած, քշած են այդ դասը դպրոցին միամիտ տեղուանքը, ինչպէս  կոտրած նստարաններ, ջերմոցի ժանգոտ ու ծակծկած խողովակներ, մաշած գունատած վարագոյրներ, փոշոտ, աղտոտ, կործանած իրեր կը տանին կը լեցնեն, կը լքեն հաւանական փայտանոցի մը, անգործածելի դասարանի անկիւնը, զի ա՛լ անպէտ են։ Այդ դէզին մէջն է թերեւս նաեւ կրօնքն ու բարոյականը, իրապէս, թէեւ պաշտօնապէս՝ պզտիկներուն դասարանին մէջ երեւայ, գայթակղելի մտքերուն ի հանդարտութիւն։

Նոյն իսկ ենթադրենք սակայն թէ այդ դասը դրուա՛ծ է բարձրագոյն կարգերուն ծրագրին մէջ։ Կը բաւէ՞ որ այլ եւս իր խիղճը հանդարտ զգայ վարիչ դպրոցական մարմինը։ Եղա՛ւ, լմնցա՞ւ ուրեմն. թաղին քարոզիչ վարդապետին, կամ քահանաներէն մէկուն, կամ մասնաւոր ուսուցչի մը կրօնաբարոյականի դասախօս կարգումովը լմնցա՞ծ եղաւ գործը։ Այո՜, ենթադրենք թէ դասը կայ, մինչեւ բարձրագոյն կարգերուն ալ մէջ, ինչպէս միւս դասերը կան։ Բայց եթէ միւս դասերը գործնականալի չեն անպատճառ, ու հարկ ալ չէ միշտ որ ըլլան այնպէս, այս դառն ալ անոնց տետսակէն է։ Ո՞չ ապաքէն այս դասը պէտք է բղխի բոլոր դասերէն, այնքան որքան առանձին կատարեալ ընթացք մը պէտք է կազմէ, եւ մանաւանդ չէ՞ մի որ ասիկա այն դասն է որ պէտք է անմիջական, նոյն ատեն գործնականացման մը նպատակով գոյութիւն ունենայ միայն։ Ո՞չ ապաքէն անոր աւանդումը, ու յետին իւրացումը, կենսացումը, գործնականացումը անհարժեշտ են։ Միթէ դաստիարակութիւնը ա՛լ արժէք մը կրնա՞յ ունենալ, երբ այս դասը չի՛ պատրաստեր, բաւական հզօր չէ՛ պատրաստելու համար գետինը՝ ուր ուսման սերմերը պիտի դրուին։ Ի՜նչ ժայռերու եւ մացառներու մէջ էր որ պիտի նետուէին անոնք, երբ բարոյականն ու կրօնքը (ինչպէս կը հասկնայ զայն մարդասէր ու իմաստասէր մտածումը), չմաքրէին, չյարդարէին, չպարարտացնէին ու բարի սերմերուն վստահապէս սնուցիչ ու բազմապատկիչ չդարձնէին գետինը, տղուն հոգին։ Ի՞նչպէս կարելի է քաղաքակրթել, ազնուացնել, եւ հետզհետէ ա՛լ աւելի ազնուանալի դարձնել մանաւանդ՝ առանց բարոյականի ու կրօնքի դասերուն մէջ գերագոյն համապարփակ դրութեանը ենթարկելու տղան, դրութիւն՝ որուն համեմատ ուսման բոլոր ճիւղերը բարոյացում ու Աստուած նպատակէին, որուն համեմատ ո՛չ մէկ տաղանդ ինքնարժէք ըլլար, այլ դէպ ի առաքինութիւն ձգտումով մը միայն արժէր, որուն համեմատ աշակերտները ոչինչ ապրէին իրենց կիրքերէն, այլ աւանդուած բարոյական ուսո՛ւմը ջանային գործադրել իրենց կեանքով, իբրեւ հոգեւոր առողջապահութիւն մը որ կանոնը ըլլար դպրոցին, մարմնաւորին պէս, ինչպէս մարմնապէս պակասաւոր կամ աւերեալ մարդոց լաւացնող պատսպարաններուն բացարձակ կանոնն է ֆիզիքական առողջապահութիւնը։ Դրութիւն՝ որուն համեմատ՝ կարծես ուրիշ նպատակ չունենար վարժարանը, բայց միայն անապականելի կերպով արդար ու բարի պատանիներ տալ աշխարհին, բարոյականի կարօտ  մեր տոհմին։ Ի՜նչ աներեւակայելի թերագոյութիւն, չգոյութիւն է բարոյական ու կրօնական դաստիարակութեան խայտառակ գոյութիւնը մեր ծաղրելի, ծաղրով կործանելի նախակրթարաններուն մէջ։ Բացատրելու, ապացուցանելու ձանձրոյթն ու նողկանքը յանձն չե՜մ առներ. կ՚ըսեմ, կ՚եզրակացնեմ միայն թէ բարոյական դաստիարակութիւն ըսուածը անամօթ ստութիւն մըն է, մեր ուսուցչական մարմիններուն կողմէ միաձայնօրէն, համաճարակներու խորին միաբանութեամբը միաձայնօրէն կազմակերպուած։

Մասնաւոր ուսուցիչ մը, պաղ զաւակ, անտանելի, անսիրտ ու տխմար խրատներ, ա՛լ աւելի անսիրտ ու տխմար յանդիմանութիւններ, ու թիւեր, ծայրաստիճան ապուշ թիւեր, ահաւասիկ ձեր քաղաքակրթիչ ու անապականելի կերպով ազնուացուցիչ միջոցները։ Այս աստիճան հիքութիւն կարելի՜ է եղեր։— Բայց տգիտութեան չափ անողորմ ի՛նչ կրնայ ըլլալ։ Անբարոյականութեան յետին չժբաղդութիւնը առաջ բերող տգիտութենէն աւելի ի՛նչ թշուառութիւն կայ։ Ո՞ր ծառայութեանց ի վարձ է այլ եւս Ուսուցչաց Օգնութան Սնտուկը։ Այդ Սնտուկը ո՞ր վարժապետանոցին բնական հետեւութիւնն է։ Բայց թողունք թէ բարոյականով չեն տոգորուիր աշակերտները այս դասին աւանդման յոռութենէ՛ն, ո՛չ իսկ իբր գիտութիւն կ՚ուսանին զայն։ Այս դասը առած ատենս ես այնքան փոքր էի որ Աստուծոչ մեծութիւն կը համեմատէին սրահին ձեղունին հետ, եւ ինքնիրենս կ՚ըսէին. «Ահա ա՛յսչափ մեծ է Աստուած»։ Ո՛չ տղաքը կը սովրին հիանալ Աստուծոյ վրայ, եթէ ո՛չ դեռ պաշտել զայն, ո՛չ Յիսուսի մեծութեանը կը գիտակցին, ո՛չ Եկեղեցիին գեղեցկութեանն ու կարեւորութեանը կը համոզուին, ո՛չ աղօթքին ի՛նչ ըլլալը կը գիտնան, ո՛չ արարողութեանց իմաստը, ո՛չ տօներուն՝ արձակուրդէ տարբեր նշանակութիւնը, եւ ո՛չ ալ գլխաւոր ու տոհմային սուրբերը կը ճանչնան՝ իբրեւ մտաւորական պատմութեան դէմքեր։ Որքա՜ն անհրադեշտ է որ ինչպէս շատ դասեր՝ նոյնպէս ա՛յս դասը աւանդողը ո՛չ անպատճառ սուրբ մը, այլ բանաստե՛ղծ ըլլայ փոքր ինչ։ Օ՜հ, բոլորովին ընդհակառակը. կրօնքի ու բարոյականի ուսուցիչներուն մէջ հազուադէպ են այդ տեսակ հոգիները։ Եթէ Պէրպէրեան մը աւանդէ բարոյականն ու կրօնքը, կ՚ըմբռնեմ։ Եթէ Դուրեան մը ուսուցանէ զանոնք, լա՛ւ։ Որո՞նք են կրօնքի ու բարոյականի ուսուցիչները։ Իրօք, կրօնքի ուսուցիչ եղած ըլլալու համար պէտք է որ մէկը խանդավառող ըլլայ կրօնական ու բարոյական իրերով. բայց ժողովուրդը այսպէս է արդէն. ո՞չ ապաքէն այդ խանդավառութիւնը պէտք է սաստկագոյն ըլլայ ուսուցչին մէջ, եւ մանաւանդ հզօրապէս արտայայտուի, փոխանցուի տղաքներուն։ Եւ սակայն չկայ դաս մը՝ ուր ա՛յնքան քիչ ոգեւորութիւն տիրէ, ուր ա՛յնքան շատ ձանձրութիւն ծաւալի որքա՛ն կրօնաբարոյականի դասին մէջ։ Ո՜չ մէկ դաս ուրեմն խանդավառ թող ըլլայ, ո՛չ մէկ դաս արդիւնաւոր, եթէ կրօնաբարոյականի պահը խանդավառութեան ու արդիւնաւորութեան ժամ մը չպիտի ըլլայ երբեք։

 

«Արեւելք», 1902, 7/20 Յունիս, թիւ 4966