Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը

Ընդհանուր գիծերով համառօտակի ցուցուցինք դասերուն վիճակը՝ դասաւանդութեանց ապիկարութեամբ։ Թերեւս մանրամասնութիւններ, որոնք դպրոցավարութենէն չհասկցողներու համար անծանօթ են, հետաքրքրական դեռ բազմաթիւ թերութիւններ երեւան հանէին։ Կը յուսանք թէ անոնք որ կը սիրեն խորհիլ մեր նիւթերուն վրայ՝ ուղղութիւններ կը նկատեն զանոնք եւ անոնց համեմատ՝ ինչ որ կը նշանակէ խիստ բնական ու արդար ընթացքով մը՝ կը տարածեն իրենց խորհրդածութիւնները այն իրերուն վրայ, որոնց մասին ակնարկութիւններ միայն ըրինք կամ չխօսեցանք իսկ, այլ որոնք դիւրաւ պիտի ըմբռնուէին մեր ցուցուցած իրերէն անդին։ Մենք բաւական կը համարինք մեզի, ի՛նչ տաղտուկ որ տուինք ինքզինքուս՝ դասերուն եւ անոնց աւանդման զանազան թերութեանց հարեւանցի պարզումով մը իսկ։ Բայց մեր վերջին յօդուածին իբր անհրաժեշտ հետեւութիւն՝ պէտք է քանի մը տողով ըսենք նաեւ թէ ընդհանուր կատարելութենէն զատ, ու անոր բացակայութիւնը տրամադրող դեռ ի՛նչեր չկան վարժարանին մէջ որ իրենց տեղը տուած կ՚երեւան հոն տիրող բոլոր անիմաստութեանց։ Կ՚ուզենք, գլխաւորաբար ցուցնել աւելի կամ նուազ բացարձակ պակասութիւնը՝ կրթիչ, ու տրուած կրթութիւնը հաստատող ու յիշեցնող միջոցներու. պակասութիւնը ճարտարուեստի ձգտուի մը, որ բարերար կերպով փոխակայէր դէպի երկար ատենէ ի վեր սահմանափակ ձգտումներո՛ւն, դէպի հասարակ առուտուրը կամ դէպի այն ասպարէզները որոնք, բոլորովին անաշխարհիկ՝ ապրեցնելու յատկութիւն չունին, պակասութիւնը քաղաքացիական կրթութեան, պակասութիւնը ուսուցչին հետ խօսակցութեանց առատ ժամերու, եւ, վերջապէս, դպրոցական կրթիչ պտոյտներու պակասութիւնը։

Այսպէս, նախակրթարանին մէջ բացակայ է բոլորովին այնպիսի կարգադրութիւն մը, որուն շնորհիւ, կարելի ըլլար վարել եւ ուղղել տղոց դպրոցէն դուրս ապրած կեանքը, օրինակի համար տնականը։ Դպրոցին մէջ ստացուած սկզբունքներու, տրուած սրբագրումներու, ուղղումներու քոնդրոլը կը պակսի. եւ ոչ ոք գիտէ դպրոցին մէջ թէ ի՛նչ կեանք կ՚անցընեն տղաք, վարժարանէն երբ արձակուին։ Օ՛հ, երբեմն ինչ ինչ աղմկայարոյց դէպքեր կ՚իմացուին իրենց կեանքէն, եւ ըստ այնմ կը վարուի տղոց հետ։ Ո՞վ պիտի դիտէ անոնց դպրոցէն զերծ կեանքը։ Վարժարանի մը շէնքին գոյութիւնը կը կասկածի՞ք արդեօք թէ ի՛նչ անպատեհութիւն ունի։ Մեծ անպատեհութիւն մը, որուն դէմ բաւական հակազդում պիտի ըլլար այդ բարոյական քոնդրոլը։ Քանի որ վարժարանը տեղ մըն է ուր բարոյականը կը պարտադրուի, եւ ո՛ւր ամենէն առաջ կը պահանջուի անոր գործնացումը, բնականօրէն անկէ դուրս գտնուող ո՛ եւ է տեղ, (անշուշտ եկեղեցիէն զատ) կարելի է այդ պարտադրումներէն զերծ նկատել ինքզինքը, կը խորհուի տղուն մտքին մէջ։ Հո՛ն, վարժարանին մէ՛ջ է որ կը գիտնայ տղան բարոյականի մը գոյութիւնը, հարկը. եւ ատիկա իրեն հարկադրողներուն առջեւ է որ մանաւանդ կը ջանայ համապատասխանել այդ հարկին։ Խնդիրը, միշտ, բացառիկ տղոց վրայ չէ՛, աւելորդ է ըսել, եւ մտածումէ զատ կը վերագրեմ տղոց՝ անշուշտ ի ծնէ բարոյական տղոց մտքին մէջ գոյութիւն չունի։ Ճիշդ, անցողաբար ըսենք, ճիշդ նոյն անպատեհութիւնն ալ ունի եկեղեցին, որ նոյնպէս շէնք մը վայր մըն է։ Հոն լսուած բարոյական խրատները, ներկայացուած իտէալները, ամէն ինչ հո՛ն կը թողուի եւ հո՛ն կը վերագտնուի, երբ մարդ եկեղեցի երթայ յաջորդ կիրակին, ինչպէս դպիր տղաքը հոն կը ձգեն իրենց շապիկները զոր միւս կիրակին կ՚երթան հագնին դարձեալ [1] ։— Կ՚ըսէինք թէ տղոց ոչ-դպրոցական վարքին քոնդրոլ մը պիտի հակազդէր վերոյիշեալ անպատեհութեան. եւ դպրոցին տեսողութեան ու կրթութեան հորիզոնը պիտի ընդարձակէր այնպէս ինչպէս անհարժեշտ է որ ըլլար։ Եթէ դպրոցը պատասխանատու չէ՛ աշակերտներուն ոչ-դպրոցական կեանքին, որ սակայն տեւողութեամբ աւելի մեծ է քան դպրոցի ժամերու կեանքը, կարծեմ թէ հարկ պիտի ըլլայ որ տղան երբեք չելլէ վարժարանէն, եկ հո՛ն ծերանայ։

Նոյնպէս, ինչ որ չկայ վարժարաններուն մէջ, ճարտարագործութեան ճաշակին զարգացումն է։ Եթէ ատոր տեղ առեւտրական ճաշակին ազնուացումը գոյութիւն ունեցած ըլլար հոն, ստիպողական չըլլա՛ր թերեւս այն ատեն միւսին զարգացումը։ Բայց ա՛ն ալ չկայ։ Եթէ տղաք առեւտրական ասպարէզը կ՚ընդգկրեն՝ պատճառը այն է որ ցեղային ասպարէզ մըն է ան, եւ, ո՛չ միայն դիւրին է այն ձեւին մէջ՝ որով կը գործադրեն առուտուրը, այլ նաեւ պեշտին՝ անով որ տղաք, թերակիրթ, իրենց ստախօսութեան, չարաճճիութեան, ու նմանօրինակ խաբեբայութեանց ասպարէզ մը տեսած են զայն գուցէ։ Բայց, արդի գերազանցապէս, միայնապէս ճարտարագործ քաղաքակրթութեան մէջ ոչինչ աւելի բարերար պիտի ըլլար բարոյականէն յետոյ՝ քան ճարտարուեստի ճաշակին կորովի զարգացումը, դէպի այն հակումը տրամադրութեանց։— Բայց ո՛չ. հոն ուր քերականութիւննրը կը տիրապետեն, հոն մուտք չեն կրնար ունենալ ճարտարուեստները։ Այսպէս, ձեռական աշխատութիւնները՝ տղայական իրերու շինութեան կը ծառայեն դեռ, եթէ կան նախակրթարանին մէջ։ Եւ քիմիագիտութիւնը որ բոլոր բնական գիտութիւններէն աւելի՛ մշակուելու էր թերեւս վարժարաններուն մէջ՝ երկրագործական բուսաբանութեան եւ անասնաբուծական կենդանաբանութեան հետ՝ անտեսուած, չգնահատուած աննշանութեամբ մը միայն կ՚ընդնշմարուի իրագիտութեան դասին մէջ։ Իսկ մեր բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ քիմիագիտութիւնը չեմ կարծեր որ ճարտարագործական եղած ըլլայ (Chimie industrielle). երբեք. մինչդեռ այս գիտութիւնըանմիջական կիրարկութիւն մը եւ գրեթէ գոյութեան պայման մը ունի՝ ճարտարուեստին մէջ։

Նոյնպէս, մինչդեռ իրագիտական ու ձեռարուեստի դասերուն մէջ առաջնակարգ կարեւորութիւն պիտի ունեցած ըլլար երկրագործութիւնը, խաղաղութեան եւ առողջութեան արուեստը, ամենեւին լրջօրէն աւանդուած չէ, եւ երբե՛ք գործնական կերպով։ Ո՞ր վարժարանը ունի ածուներ, ծառամշակութեան, ծաղկեմշակութեան, բանջարամշակութեան ածուներ, գործիներ, ու դասեր, գործնակա՛ն տարւոյն եղանակներուն համեմատ։ Մեզի համար տակաւին սկսած իսկ չէ, ինչ որ Եւրոպայի համար Բեսդալոցիի օրով գործադրուած պատմական իրողութիւն մըն է։ Ա՛հ, որքան պէտք է համբերեմ, չընդարձակելու համար այս տեսութիւնները. զի երեւակայութիւնս լի է այս ուսմանց ահագին ու մեծապէս գեղեցիկ օգտակարութեան ի պաշտպանութիւն յորդող խորհրդածութիւններով։ Բայց յօդուածս ա՜յնքան երկարեցաւ արդէն։ Այս տողերուն հեղինակը գաւառական վարժարանի մը մէջ բոլորովին ինքնաբերաբար սկսաւ երկրագործական դասախօսութիւն մը, որ սակայն, եթէ ուսուցչին մեկնումովը կիսկատար մնաց, հազիւ սկսած, բաւական եղաւ թերեւս աշակերտներուն ներշնդելու անկեղծ սքանչացում մը այդ արուեստին համար, որ բարոյականի, շահու, եւ առողջութեան երրեակ տեսակէտներով ամբողջ, եռանդագին յանձնարարելի ու եռանդագին գործադրելի ուսում մը պէտք է ըլլայ ամէն նախակրթարանի կամ վարժարանի մէջ։ Մայրաքաղաքիս ու գաւառներուն մէջ խտիր չենք դներ. եթէ գաւառներուն մէջ բնական է զայն ուսուցանել, ինչպէս Եւրոպայի ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ՝ ուր հարկադրուած ուսում մըն է երկրագործութիւնը, պէտք է որ ուսուցուի ան նաեւ մայրաքաղաքին մէջ, ուր առողջ ապրելու, եւ շահելու աւելի մեծ պէտք մը կայ։

 

«Արեւելք», 1902, 13/26 Յունիս, թիւ 4971

 



[1]            Հարկ չկայ կրկնելու թէ անցողակի կ՚ընենք այս դիտողութիւնները. ինչ որ կ՚ըսենք՝ արժանաւորութիւն ու կարելիութիւն ունի մասնաւոր իմաստասիրութեան առնուելու։