Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Որքա՛ն պէտք ունին մարդիկ ամէն ինչ սովորութեան վերածելու, որպէս զի մեծագոյն դիւրութեամբ կատարեն, նոյնքան դժուարաւ կը բարեփոխեն ո՛ եւ է բան, Գործի մը դիւրութիւնը կարծես անոր առաջին օգուտն է։ Ամէն մարդ գիտէ թէ սովորութիւնը նուիրագործում մըն է, հետեւաբար ամբարիշտ կը նկատուի այն ինչ որ դուրս է սովորականէն, ինչ որ նորութիւն մըն է, եթէ բարեփոխում իսկ ըլլայ ան ընդունուած ու արմատացած սովորութեան մը մէջ, ինչպէս է դաստիարակութեան եղանակը զոր ի գործ կը դնենք։

Որովհետեւ մեր մանուկներուն նախկին ծաղկոցը մանկապարտէզի վերածուելով նուազ անհամաձայն եղաւ մանկութեան իրաւունքներուն, հարկ է մանաւանդ նախակրթարանը մեր մտածումներուն նիւթ ընել, ինչ որ թերեւս առաջնորդէ մտքերը պէտք եղածը խորհելու բարձր[ագոյն] ուսումնարաններուն ալ մասին։ Իսկ մեր մէջ անլուր համարձակութիւն մը կրնայ նկատուիլ մեր քննադատութիւնը. ուղղել նաեւ եւրոպական նախակրթութեան ալ մէկ մեծ մասին, այսինքն ընդդիմախօսել սովորութեանցը այն ժողովուրդներուն՝ որոնց հաւատարիմ կարկողներն ենք ամէն բանի մէջ. հարկաւորաբար, միայն կ՚ուզենք դիտողութեանց առարկայ ընել մեր նախակրթարանները։ Միւս կողմէն անծանօթ ըլլալու չէ ոմանց թէ Եւրոպայի մէջ եղած են մեծանուն մարդիկ, բժիշկ, ուսուցիչ, իմաստասէր՝ որոնք իրենց նախակրթարաններն ու նոյն իսկ բարձր[ագոյն] կրթարանները քննադատած են հեղիինակօրէն, առողջական, մտաւորական, բարոյական տեսակէտներով, ու անոնց հիմնական բարեփոխումը պահանջած։

Հետեւաբար, երկիւղ չենք կրնար ունենալ թէ յարակարծիքներ կը նկատուին (թէեւ մասամբ անիրանալի ենթադրենք առ այժմ) մեր ըսելիքները՝ անոնց կողմէ որոնք ստիպուած են ո եւ է առաջարկ ընդունելէ առաջ քննել թէ աւելի խելացի ժողովուրդներու մէջ իր նախընթաց օրինակները ունեցա՞ծ է այդ առաջարկը, որպէս զի կարելի ըլլայ գուշակել թէ խելացի՞ բան մըն է թէ ոչ։ Միտքս գրաւող այս խնդիրը Եւրոպայի մէջ ալ նկատառուած, ուսումնասիրուած տեսայ վերջերս ընթեցման մը մէջ, ինչ որ կը մղէ զիս, առանց վարանելու պարզել անձնական, բայց եւրոպականներուն հետ նոյնամիտ խորհրդածութիւններ մեր տուած դաստիարակութեան մասին։

Տոգորուած այն գաղափարով թէ դաստիարակութիւնը լուրջ բան մըն է, անհեռատես հարկաւորութեամբ մը զատած ենք զբօսանքը՝ դաստիարակութենէն, խորհելով թէ կեանքը խառնուրդն է այս երկուքին։ Հետեւաբար անբնականացուած ու դժուարացուցած ենք տղոց կեանքը, երբ դաստիարակութիւնը հարկադրած ենք իրենց զբօսանքէն անջատ։ Երբ ամէն ոք համոզուած է թէ անհնար է ո՛ եւ է բան սորվիլ, եթէ ուսումը հաճոյալի, զբօսալի չըլլայ, ու օգտակարութեան հաւասար հաճոյականութիւն չընծայէ. նո՛յն իսկ ուսման օգուտը ճանչցնող մարդոց համար ճիշդ է այս պայմանը։ Հազի՛ւ մարդ կը հաւանի այն ճիչին՝ որուն անհրաժեշտութեանը համոզուած է սրտագին, եւ ատո՛վ միայն հարկ չզգար որ այդ ճիգը ո եւ է հաճոյականութիւն ունենայ։

Ամէն ոք գիտէ թէ տղաք որքա՛ն անտարբեր են ապագային մասին, զոր ըստ իրենց տենչերո՛ւն յղանալու ու հաւտալու երջանկութիւնը ունին (եթէ խորհին անոր վրայ) եւ ո՛չ թէ պարագաներուն եւ իրականութեա՛ն համեմատ անոր վրայ յոյս դնելու։

Տղաք համոզուած չեն իրենց սովրած բաներուն օգտին, եւ եթէ կը ջանան սովրիլ, որովհետեւ պարտաւոր ըրած ենք զիրենք, պատժի, ծաղրի, յանդիմանութեանց սպառնալիքներու ուժով, այնպէս որ կ՚ուզեն բարձրագոյն թի՛ւը շահիլ միայն, զի ա՛ն է իրենց աշխատութեան անմիջական շահը, բան մը՝ ուրկէ սակայն յաճախ կը հրաժարին յօժարակամ, երբ ուսանելի դասը շատ բանաւոր կերպով կը ճնշէ իրենց անկաշկանդութեան վրայ։ Երբ ամէն ոք կատարելապէս համոզուած է այս մասին, աւելի բնական ոչինչ կայ քան մտածել թէ անհրաժեշտ է որ դաստիարակութեան եղանակն ու առաջին եւ ստոյգ օգուտը ըլլայ հաճոյքը, ո՛չ ուսման կարեւորութեանը գիտակ մարդոց երեւակայածը, այլ տղոց տեսակէտով դիտուած հաճոյքը, ինչ որ անշուշտ էապէս նոյն է այն հաճոյքին հետ զոր մենք կը քաղենք ուսումէն, ու կերպով միայն տարբեր անկէ։ Դաստիարակութիւնը պէտք է մատուցուի զբօսանքով, եւ այս երկուքը, հնար եղածին չափ միատարր պէտք է տալ տղուն՝ իբրեւ կեանքն իսկ. դպրոցին նպատակը պէտք է ըլլայ ապրեցնել տղան յառաջդիմութեան մէջ՝ իր կեանքովը։

Կ՚ընդնշմարուի՞ արդեօք այս խօսքերուն մէջ, սա հիմնական ու ընդհանուր գաղափարը՝ թէ դաստիարակութիւնը կեանքին համար չէ՛, ինչպէս կը յամառինք կարծել ու սովրեցնել, այլ թէ կեանքը դաստիարակութեան համար է. ո՛չ թէ կը դաստիարակուինք, որպէս զի կարենանք ապրիլ, այլ պէտք է ապրինք դաստիարակուելո՛ւ համար. դաստիարակութիւնը բնաւ միջոց մը չէ՛ կեանքին, այլ անոր ձեւը։ Անգամ մը որ ասիկա համոզում ըլլայ, այն ատեն պիտի տեսնուի թէ յիմար ոսկեզօծում մըն է տրուած դաստիարակութիւնը, որ կապարը ոսկիի փոխող, նիւթը ոգիի դարձնող զօրութիւնը պարտէր ըլլալ. թէ դաստիարակութիւնը ո՛չ թէ իբրեւ տհաճոյ տարակուսական դեղ մը, այլ իբր քաղցր արդիւնաւոր սնունդ պարտէր ընծայուիլ, իբրեւ կեանք, ո՛չ թէ թխմել անոնց մտքին մէջ, դժնդակ ու ամուլ պարտականութեանց ձեւով, որոնց համոզուած չէ բնաւ իրենց հոգին, եւ որոնց տուած արդիւնքները իբր անիրանալի բաներ հետզհետէ պիտի վտարուին անոնց մտքին ապիւրացման (désassimilation) կարողութեամբը, որ անմարսելի գիտելիքներու ու հարկադրութեանց արդար մոռացումն է։ Դաստիարակութիւնը նոյն իսկ իրենց մանկութիւնն ըլլալու էր՝ ապագայով սերմնաւորեալ, հասուն, կատարեալ մարդկութեամբ մը յղի, ո՛չ երբեք չարաչար կանխուած ու կապկուած մարդկութիւն մը։

Պիտի տեսնուի այն ատեն թէ դպրոցը պարտաւոր պիտի ըլլայ գործածելու տղուն ա՛յն խորրին ու արդար տրամադրութիւնը, որով ամէն լուրջ բանի կու տայ ինքզինքը ցորչափ հաջոյալի է ան եւ ո՛չ թէ ցորչափ լուրջ է. կ՚ընդգրկէ զայն, ցորչափ անօտար է իր ներյատուկ պահանջմանց, այսինքն ցորչափ ներդաշնակ է իր տգիտութեանց , իր երեւակայոտութեան, իր շարժունութեան հետ։

 

«Արեւելք», 1902, 1/14 Մայիս, թիւ 4934