Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Մարտի 9-21

Ա

ԱՀԱՒԱՍԻԿ Մարտ ամիս, որուն սպասեցինք չորս ցուրտ եւ երկայն ամիսներ. բոլոր բնութիւն կու հառաչէր կու կանչէր զմարտ. ոչ իբրեւ տարւոյ գեղեցկագոյն ամիսը, այլ պատճառ մերձաւոր գեղեցկութեանց. ոչ իբրեւ զապրիլ դալար, կամ գունաւոր իբրեւ զմայիս, ծաղկազարդ եւ պտղացոյց, այլ այդ ամենայն շնորհաց նշան տուող. եւ ծնող մանկագոյն եւ զուարթագոյն եղանակի տարւոյն, - գարնան: Գարունն դեռ եկած տիրած չէ, այլ ահա կու գայ եւ յառաջէ, եւ ձմեռն երթայ եւ հեռանայ: Մեր կրակարանին ժամերն կու կարճընան. առաւօտն կու կանխէ, իրիկունն կ՚ուշանայ: Ցորեկն աճելով` իր թագաւորին (արեգական) ճառագայթներովը կու զարդարի. օդն կու զգայ եւ կու պահէ զտաքութիւնն. կու զգան ջուր եւ հող. ցամաքած, սեւացած, պնդացած երկիրն` ձմեռուան ձիւնը եւ եղեամը կու հալեցընէ եւ կակղանայ. եւ ահա հինգ վեց ամիս իր ծոցը թողեալ թաղեալ սերմանք, թմրեալ թոռմեալ տունկք` ծայր արձըկեն, կանչն կ՚ընծայուի, կարմիր կու գայ, ծաղիկ կ՚երեւի:

Իրաւ դեռ մեր բարձրադիր աշխարհին ամեն տափերն այլ իրենց կերպարանքը չեն փոխեր, եւ այս շնորհքներն չերեւիր վրանին. դեռ ձիւն եւ սառն յամառեալ կու բռնեն զսար ու ձոր, բայց ամենեւին անզգայ այլ չեն. ալեւոր ժայռերն սկսին սեւ խայծ առնուլ. հողն թէ եւ ոչ դալար` գոնէ կու յայտնէ զինքն եւ կու ջանայ թօթուել վրայի ճերմակ թանձրութիւնը: Մեր հիւսիսային խորահովիտներն, եւս առաւել արեւելեան եւ հարաւոյ եզերքն` կ՚առնուն բարեխառն կլիմայից հաւասար գարնան գոյն եւ շնորհք. որք արդէն մեր դրացեաց եւ մեր դէպ ի հարաւ գաղթական եղբարց երկիրներուն վրայ համարձակ կու փայլին, եւ զուարթացեալ բնակիչքը ի գործ եւ ի զբօսանս հանեն: Ահա Թադոս տիրոջ երգաձայնն այլ Երուսաղեմէն կու գայ.

Հա՜ մըտաք յամիս մարտին.

Ծառերն ամենայն ծաղկին

Հոտըն գայր գարնանային

Լոյսն ելնէ Հայոց զատկին:

Մենք` թէ ծաղիկը եւ թէ լոյսն ամենուն հաւասար մաղթելով` լսենք ուրիշ ճարտարագոյն երգչի եւ բազմարուեստ անձի մ՚այլ որ Տիգրանակերտի կողմերէն կ՚երգէ, նոյնպէս մարտի ծաղկանց հետ խառնելով Զատկին յիշատակը:

Մարտըն կու գայր ծաղկըներով,

Երկնից հաւերըն կարդալով,

Հրեշտակապետք փառըս տալով.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Բարկ արեգակըն ծագեցաւ.

Սաստիկ ձըներըն հալեցաւ.

Գառն ու մաքին ընծայեցաւ.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Ամպ ու երկինքըն խիստ գոռաց,

Ողորմութեան ցօղըն ցօղաց,

Ծով ու գետերըն խիստ ծըփաց.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Աղբերակունքըն յորդորին

Ծառ ու ճըղերըն զարդարին.

Խոտ անասունքըն կերակրին.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Մարդապէս է դատեր մեղուն,

Ժողվեր ծաղիկն ի լեռներուն.

Ոչ վախենայ ի մեռելուն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Պիւլպիւլ ղումրին` առաւօտուն

Երկիր դարձեր վարդին հոտուն,

Գանկատ կ՚առնէր նա ի հողմոյն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Կաքաւըն գայր սարէ ի սար

Կարկաչելով ի ձորն ի վայր,

ԶԱստուած օրհնէր ինքն անդադար,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Հաւ ու ձագերն հաւսարական

Սաղմոս ասեն նոքա լըման,

Աղաղակեն առ տէր միայն

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Դաշտ ու սարերըն նորոգին

Եւ զերդ նոր հարսըն զարդարին,

Ի յԱստուծոյ փառաւորին,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Քար արտասուս բղխէ ըզջուր,

Որպէս ըղծով եղեւ աղբիւր.

Վարդ ու ծաղիկն է համասփիւռ.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Երուսաղէմ քաղաքն այսօր,

Աշխարհս ի հոն երթան յուսով.

Սուրբ Յարութիւն լըցվի լուսով,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Հայ ու Հոռոմըն խաչապաշտ

Ամեն բոպիկ ու գլխիբաց

Ուրախանան լուսոյն դիմաց.

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Տէրըն տացէ խաղաղութիւն

Եւ աշխարհի ուրախութիւն.

Հոտըն կու գայ անմահութիւն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Իմաստասէրք ուրախանան

Եւ աստընվորըս լիանան,

Ամեն մեղաց ձեռք լըւանան,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր:

Եւրոպիոյ մէջ այլ կան աշխարհք` ուր գարնան գալը հանդիսիւ կատարեն զատկի օրերը, բնութեան եւ շնորհաց հաճոյագոյն երկու յիշատակները յիրար զուգելով, զգարուն եւ զզատիկ. ինչպէս մեր երգիչն այլ, որ է ըստ ոմանց արքեպիսկոպոսն Ամդայ, Մկրտիչ Նաղաշ, թերեւս մեր ամենէն նշանաւոր եւ ճարտար անձն ԺԵ դարուն մէջ: Ինքն հայկական Միջագետաց ծնունդ եւ հոգեւոր տէր բազմաթիւ վիճակաց այն կողմերուն` Հայաստանի շատ գաւառներէն առաջ կու տեսնէր գարնան բերքը. եւ մեզի հետ կ՚ողջունէր այս օրերս, եւ մեզմէ առաջ այլ` բաբելական կամ լալական ուռենեաց երկայն խարտեաշ խոպոպները, լելակին տերեւները, լորւոյն (tilleul) կարմիր բողբոջները. հոն արդէն պարկեշտ մանուշակն կապոյտ աչուըները բացեր է իր անխնամ մենարանէն, անուշիկ հոտ մը խառնելով անուշիկ հովի մը. եւ եթէ ասպատակող գնդի մը վերջամնաց զօրաց նման` յանկարծ բարբարոս հոմ մը չփչէ, օրէ օր բուսաբերութիւնն կու յառաջէ, եւ գրեթէ դիտող աչք մը չիկրնար հասնիլ անոր շուտ շուտ զարգանալուն:

Արդ անտարակոյս բնութիւնն կու նորոգուի, ծերացեալ տարին կու վերջանայ, կամ նորէն մանկանայ. եղանակաց եւ ժամանակաց սկիզբն դարձեր է: Արժան էր որ այս բնութեան նորոգութեան եղանակին` սկսէին ժողովուրդք իրենց քաղաքական տարին, եւ գարնան գիշերահաւասարին կարգել իրենց կաղանդը կամ խնդարար նուիրամսակը: Յայսմ մասին շատ խելոք եւ իրաւամբք գործէին հին ժողովուրդք, որոց առջեւ մեք ծաղկեալ նոր ժողովուրդքս` անտեղութեամբ անյարմար միջոցէ մը կու սկսիմք մեր տարին, (ձմեռնային արեւադարձէն 10 կամ 20 օր վերջը, 1 յունուարի): Այն հին ազգերէն մինակ քիչ շատ անփոփոխ մնացած Հրեայն` մինչեւ ցայսօր իր սրբազան տարին կու սկսի գարնան հետ. միայն թէ տարին արեւու հետ համեմատելու ատեն` ամիսներն այլ լուսնի հետ կ՚ուզէ յարմարցընել, որով ոչ ճիշդ եւ ոչ միշտ գարնան հետ կու սկսի տարին: Բարեբաղդաբար, յայսմ իր հետ եւ իրմէ հին ազգ մ՚այլ կայ` որ նոյնպէս իր հին սրբազան տարեմուտը հաւատարմութեամբ կու նշանակէ իր տօմարին մէջ, եւ մինչեւ ցարդ միշտ արժանապէս կու սկսի այդ տարին` երբ արեւն անոր եւ իր սիրական Խոյ աստեղատունը մտնէ, որ է ըսել սոյն որս գարնանամտի, (9 մարտի կամ 21 ըստ նոր տոմ. ): Այս ազգս` որ յայսմ մասին աւելի քան զՀոռոմս եւ զՀելլէնս` իմաստասէր մանաւանդ թէ ճշմարտասէր գտնուեր է, եւ այս գիւտը պահեր է` թերեւս յանգէտս օտարաց, Հայ ազգն է. որոյ համար իրաւամբ պարծելով իր հին հեղինակաց մէկն, անոր աստուածատուր ձրից մէկը սեպելով իր տօմարն այլ, կ՚ըսէ համարձակապէս, թէ Աստուծմէ առին «զտումարն, անդ Մովսէս, աստ ՀԱՅԿՆ յառաջ քան զնա»: Հայոց քաղաքական սովորական տարին ալ, ըստ ամենայն հին ազգաց (որոց ռամիկն ոչ երբէք աստղաբաշխ կ՚ըլլայ) շարժական եւ փոփոխական էր, նահանջ չընելով. այլ սրբազան տարին` հաստատուն է. որոյ սկիզբն ոչ ըստ քաղաքական տարւոյ, Նաւասարդ ամիսն է, լատինաց օգոստոսի 11-23ին հաստատեալ անշարժապէս, այլ բուն արեւու ամիսն, ԱՐԵԳ: Բաց օրացոյցդ եւ նայէ, կու տեսնես որ Արեգ ամիսն Խոյի տանուտէրութեան հետ կու կսկի, որ է կէտն գարնանային գիշերահաւասարի. եւ ուրախութեամբ պարծէ նախնեացդ վրայ, որ այս գեղեցիկ բնական ճշմարտութիւնը անփոփոխ պահելով յաւուրց ջրհեղեղին` հասուցեր են մինչեւ ի մեզ, եւ մեզմով օտարաց, առեալ իրենց գերադիւցազն նախահօրմէն, ի Հայկէն, որ ոչ միայն ճարտար շարժիչ էր աղեղան, այլ եւ թուոց եւ չափուց: Միանգամայն եւ ցաւէ որ չեմք կրնար դեռ ի գործ դնել եւ զուգել այս հին տօմարը նորոյն հետ եւ վարել: Քաղաքական տարւոյ սկզբան հանդիսից, այսինքն Նաւասարդին, փոքր ի շատէ տեղեկութիւն ունիմք. այլ կրօնական տարւոյն եւ Արեգին սկզբան հանդէսներն` Հայկազանց խորհրդապահ քրմարանաց հետ ծածկուած են մեզմէ: Շատ է գիտելն եւ տեսնելն` որ իմաստութեամբ գարնան սկզբան հետ Արեգին սկիզբն այլ զուգած է նշանակած է Հայադիրն:

Բ

Նոյն Հայադիրն յափշտակելով զմեզ ի հնութիւն ժամանակաց, ներելի կ՚ընէ թողուլ այսօր նորագոյն յիշատակները, եւ հնութենէ հնութիւն ելնել ի վեր քան զարեգն եւ զսկիզբն հայկական ամսոց, եւ կու նշանակէ այսօր յիշատակ մ՚այլ, որ ոչ մեր հիմկու աշխարհիս դարուց մէջն է, եւ ոչ այլ անկէ առջինին, ալ երկու աշխարհաց միջոցն կրնայ ըսուիլ, նախաջրհեղեան եւ յետջրհեղեան աշխարհքները միացընող կամրջոյն վրայ. որ է ծեր նաւողին` Նոյի` տապանն: Սուրբ գրոց հետ հաշուելով անոր ի տապանը մտնելուն օրը, ըստ սրբազան ամսոց Եբրայեցւոց (եւ ոչ ըստ քաղաքականին` որպէս ոմանք կ՚ընեն) ջրհեղեղին գալը եւ դադրիլը, տապանին նստիլը ի լերինս Արարատայ, պատուհանին բացուիլը, եւ այլն, այս օրուանս կու հանդիպի տապանին ձեղուան բացուիլն, այսինքն վրայի ծածքին: Տապանին ի լերինս Հայոց նստելէն ինչուան լերանց գլուխներուն ջրէն դուրս երեւնալը` երկու ամիս անցաւ, յորմէ գուշակուի տապանին մեծութիւնն եւ բարձրութիւնն. յետ 40 աւուրց բացուեցաւ անոր պատուհանն, վասն զի ջուրն անկէ այլ վայր իջեր էր. եւ իբր յետ ամսոյ մը, այս եղանակաց նորոգութեան օրը` բացին արգելականքն տապանին վերնածածքը, եւ իբրեւ տան դարպասներու կամ դիտանոցի վրայ ելնելով` տեսան «զի նուազեալ էր ջուրն յերեսաց երկրի». նուազեալ էր այլ ոչ ցամաքեալ բոլորովին. վասն զի ասոր համար դեռ երկու ամիս այլ պէտք եղաւ: Ի՞նչ հիանալի եւ սրտառուչ տեսարան: Այն լերանց կողն` որոց տափի մը վրայ նստեր էր տապանն, կ՚արգիլէր համարձակ տեսութիւնը` ի պատուհանէն. անոր համար Նոյ կու ստիպուէր թռչուններ արձըկելով անոնց դառնալ գալէն կամ չդառնալէն իմանալ ջրոց ցածութիւնը եւ երկրին ցամքելուն չափը: Իսկ հիմա իր 30 կանգնեայ նաւատան դիտանոցին վրայ ելած` իր համբերող ընտանեօքը, կու տեսնէ այն ամրակերտ ընդարձակ նաւը ծովային բերդի մը պէս ամենաբարձր լեռնատափից միջոց նստած, որոց ետեւէն` դէպ յարեւելս, յարեւմուտս եւ ի հիւսիս դառնալով` Հայաստանի աւելի կամ պակաս բարձր լեռներն կ՚երեւին. ոմանք ամենեւին լերկ ու մերկ նոր ջրէ դուրս ելածի նման. ոմանք քանի մը ամսական արեւու տաքութեամբ սկսած իբր աղուամազով մը ծածկուիլ բարակ կանաչութեամբ, որոց վրայ ծիրանափայլ ծիծաղի արեգակն ի խոյի աստեղատունէն. անոնց մէջ այլ կ՚երեւին խորաձորիք եւ հովիտք, եւ քանի մի դաշտք` իբր աշնան վերջին արօրած պատրաստած սերմնացան եւ անբոյս սեւ արտեր: Իսկ հարաւային կողմէն կ՚երեւին ծովածաւալ դաշտք եւ անապատք Միջագետաց եւ Ասորեստանի, որ յիրաւի դեռ, թէ ոչ ծովու` գոնէ ճահճի պէս կու ծածանին, եւ տեղ տեղ ցամաքած, տեղ տեղ ջրածածուկ, արեւուն զարնուածքներէն իբրեւ փշած հայլիներ կու ցոլանան: Երկու ամիս Նոյեանք տապանին երդիքէն կու դիտեն այս տեսարանը, մանաւանդ թէ միշտ փոփոխեալ տեսարան մը, ջրոյն օր ըստ օրէ քաշուելովն, եւ արեւուն օր ըստ օրէ տաքանալով` եւ այն դաշտաց վրայ տեղ տեղ երեւցած տխրալի դէմքերը, աւերեալ աշխարհի եւ խղդուած հասակաց եւ գեղեցկութեանց մնացորդները բոլորովին քայքայելով, ծածկելով, եւ թողլով միայն (տխրագո՜յն մնացորդ) չոր ու ճերմակ ոսկորներ, այն հեշտամոլ փափուկներուն, եւ այն յանդուգն հսկաներուն` որք կարծեցին թէ միայն երկրիս վրայ է մարդուս վիճակն. եւ անիծեալք յերկնից` երկրէս այլ դուրս ի ծոց անդնդացեալ ծովուն ծածկեցան, կերակուր կիտից եւ վիշապաց. հազիւ թողլով սակաւ ինչ նշխարքնին ծովէն փոխած` իրենց հին բնակարանաց քով. որոց հիմունքն անգամ տակնուվրայ եղած հողուն հետ խառնուած կորած են: Եւ երկիր երկրորդ անգամ կ՚երեւի «աներեւոյթ եւ անպատրաստ» անապատ մը ամայի, անմարդաձայն, անկենդանի. յորոյ վրայ հազիւ իբրեւ պզտի շարժուն գծեր կամ բծեր` տապանին պատուհանէն արձըկուած թռչուններն թափառելով կ՚անցնին` դադար կամ բոյն մը փնտռելու:

Գ

Ո՜րչափ տարբեր էր այս երեւոյթս երկրի` այն առաջին սկզբնական անպատրաստ վիճակէն ելած եւ նորակերտ զարդարածէն. երբ ձայնն եւ մատն արարչապետին` հինգ աստուածային օրուան մէջ` գործելով եւ ներգործելով, փոխեց զտարերս երկրի եւ բոյսս եւ ի կենդանիս, պատրաստելով ի վայելս գերագոյն արարածոյ մը` զոր անոնցմէ ետեւ պիտի ստեղծեր. եւ որոց այսօր իսկ յիշատակ է ըստ Հայադիր կարգի` գարնանամտի եւ բացման տապանին հետ. այսինքն Արարչագործութեան, որոյ սկիզբն յ՚17 ամսոյս նշանակի եւ վերջն ի 22, ստեղծմամբ մարդոյն:

Ստեղծումն մարդոյս. - ի՜նչ մեծ եւ արժանաւոր յիշատակ. ոչ այնքան հնութեամբ, որքան հիացմամբ մտաց եւ քննութեամբ: Ո՞վ կրնայ անտարբեր կենալ երբ իրեն ծագմանը, եւ առաջին ծագման խնդիր մը ընկնայ ի միտքը:

Շատ հեղ լեռնադաշտակի մը վրայ վայրի կաղնին տեսնալով ինչուան հարիւր ոտք բարձրութեամբ, որուն տերեւազարդ թեւերուն բոլորտիքն 5-600 եւ աւելի ոտք կու շրջապատեն, եւ չքին տակ հովիւ մը բոլոր իր հոտիւն կ՚ապաստանի, եւ որոյ կռթընած բունն` պապուն պապուն այլ յենարան եւ հովանի եղած է. հիանալով այդ հին ու նոր հսկայ հասակին վրայ, որ ինչուան եօթ ութ հարիւր նոր գարնան ծիծաղեր եւ նոր ձմերանց դիմացեր է, զարմացմամբ հարցեր եմք, Ուսկի՞ց եւ ի՞նչպէս առաջ եկած է. - եւ աւելի զարմացմամբ լսեր եմք` թէ պզտի խոզակէ մը, բթաչափ կաղինէ մը առաջ եկած է այդ ահեղ հսկահասակ բուսական նահապետն: Հապա այդ կաղի՞նն. - այն այլ ասոր նման եւ ասկէ առաջ հսկայ ծառէ մը. - այն հին կորած վերցուած ծառն այլ ուրիշ խոզակէ մը. եւ այսպէս մէկմէկէ: Վերջապէս, մանաւանդ թէ սկզբնապէս, ամենէն առաջ ո՞րն էր, կաղնի՞ն թէ կաղինն, ծա՞ռն թէ կուտն. կամ որ նոյն է` ըստ բիւրբայ փիլիսոփայից, հա՞ւն թէ հաւկիթն: Իրենց խնդիրքն եւ քննութիւնք դեռ այս մեծ հարցման պատասխանը չեն կրցած տալ. եւ դեռ հաւերը թռցնելով` հաւկիթները գլորցընելով առաջ կ՚երթան: - Մենք հաւանեալ եւ հաւատացեալ եմք մովսիսական աստուածաշունչ գրոց պատմութեան, որ ամենէն առաջ մեզի ցուցընէ զտիեզերս` իբրեւ ամենածրար ձու մը ստեղծուած յանժամանակէն Աստուծոյ. որոյ Հոգին` իբրեւ հոլաթեւ համասփիւռ հաւ մը` գրգայր ի վերայ անդնդապտոյտ տարուբերած տարերացն, իր կամքով եւ հրամանաւ կոչելով եւ կոկելով ի զանազան ձեւ ու բնութիւն. որով միանգամայն կերպացաւ կաղնին առանց կաղինի եւ հաւն առանց հաւկըթի:

Մեր սկիզբն այլ այս կանոնով եղաւ, բայց ազնուագոյն կերպով, մեր ազնիւ բնութեան համեմատ: Ո՞վ ի հաւատացելոց` իր կրօնական եւ պատմական ուսմանց սկիզբը չէ լսած չէ սովրած. բաց անգամ մ՚այլ հրաշալի նախամարգարէին գրոց գլուխը, եւ կարդա քու սկզբանդ սկզբնաւորութիւնը, մարդոյն ստեղծագործութիւնը.

Եթէ ուզես, մտացդ վրայ հեծած` թռի'ր մինչեւ քու հայրենիքդ, եդամական սահմանները. եւ դեռ դրախտին մէջ չիմտած` անկէ դուրս եւ քիչ մի հեռու (բայց մի' մինչեւ ի Դամասկոս), ընտրէ' դարատափ կամ ձորավայր մը. դիցուք թէ ըլլայ մեր հին Սրմանց, (թերեւս եւ Սերմանց) լեռներուն մէջ, որ հիմա Պինկէօլ կ՚ըսուին. եւ անկէ վերանալով պատմական ժամանակաց սկիզբը, տե'ս նկատէ հոն իջած` յառաջ քան ի Սինա, եւ յառաջ քան ի Քորեբ` մէկ մեծ թեթեւ ու շարժուն բրգան պէս բան մը, իբրեւ ամպով, ծխով, լուսով, բիւրեղով շաղուած, որոյ միջէն կարծես տեսնել մարդկային կերպարանաց ուրուական մը, որ ծիրանի գօտւոյ նման ընդարձակ գիրկ ու թեւեր շարժելով, եւ իր ստորոտը եղած կաւային հողի կոշտ մը քրքրելով` յիրաւի քեզի մեզի նման նիւթական կերպարանք մը վեր կու կանգնէ: Առջի ստեղծուածներէն տարբեր եւ ազնուագոյն կենդանւոյ մը կաղապար կ՚երեւի ատիկայ. հազիւ երկու թաթով գետինը կոխած, ուղղաձիգ կու վերանայ երկնադիտակ բոլորակ գլխով. երկու կողմէն թեւեր արձըկած, ոչ թռչելու յարմար, այլ իբրեւ փարելու իրեն նմանւոյ մը հետ, կամ թէ նոյն իսկ իրեն ստեղծողին` երբ ճանչնայ զայն: Տեսածնիս դեռ անկատար կաղապար մ՚է. անշարժ, անյարդ, անզարդ պատկեր մը, բայց Աստուծոյ պատկեր ըլլալ գուշակուի. կաւակերտ կարմրակերտ արձան մը, որ կարծես թէ ներսէն կենդանանալու աշխատելով` մանր քրտան կայլակներ կու թորէ բոլոր զանգուածէն դուրս, զոր երեկոյեան զովագին հողմիկն կամաց կամաց ցամքեցընելով կու ճերմըկցընէ, կ՚ամփոփէ. եւ իբրեւ հեռուէն մօտեցընելով աչքիդ` հետզհետէ յայտնագոյն կու ցուցընէ մարդկային կերպարանք. նախ եգիպտական արձան մը կարծես զայն, վերջը կովկասեան կերտուած մը, յետոյ մոմէ մարդ մը. հիմա բուն մարդ ըսել չըսել չես գիտեր, վասն զի բան մ՚է, բայց ոչ կենդանի եւ ոչ մեռեալ, ոչ ի քուն եւ ոչ արթուն. այլ այսպիսի` որ ոչ անուն ունի եւ ոչ ճիշդ պատկեր մը` մեր հիմակուան գաղափարաց մէջ: Իսկ հրաշագործ ճարտարապետն` իբր թէ պահ մը կիսկատար թողլով իր ամենէն զարմանալի շէնքը` կու դիտէ անոր չափակցութիւնը, եւ ծանրութեամբ ու մտածմամբ կ՚ուզէ այդ կաւեղէն պատկերին ազդել ողորկութիւն, գոյն, շարժումն, շունչ, կեանք, զգացումն, բան եւ հոգի. եւ այս ամեն ըսածներս` իր դիտելուն եւ հաճելուն ատեն` կ՚ազդին, կ՚երեւին իր ձեռակերտին վրայ: Տես, ի՞նչ շուտ շուտ այդոր արտաքին երեւոյթն կակղած կոկած սկսաւ փայլիլ, հետզհետէ մոմագոյն, մոխրագոյն, շուշանագոյն, ծիրանագոյն, վերջապէս մարմնագոյն. եւ այնքան բարակ ու փափուկ, որպէս թէ թափանցիկ մաշկ մը միայն ծածկէր ներքին զարմանալի մեքենայն, եւ իբրեւ ապակւոյ մը տակէ ցուցընէր կապուտաթել ջղեր եւ երակներ: Ահա յանկարծ բոլորակ գլխէն ինչուան ուսերը ընձուեցան արձըկեցան գունդ գունդ խոպ խոպ փունջեր, բայց իբրեւ պղնձի անդրիի մը վրայ` անշարժ են. աղօտ աղօտ արշալուսէ մը ծագած առաւօտու պէս յանկարծ կ՚երեւին բարակ թարթափք եւ յունից կամարք, որոց ներքեւը երկու մարգարտափայլ գոգք կան, մէջտեղուանքն սեւ ադամանդ. - անշուշտ ճանչցար աչքերը. բայց անոնք զքեզ չեն ճանչեր, քեզի չեն նայիր, չեն շարժիր. սառնամած լճակներ են, ծածկուած ակունք են, որ կ՚ուզեն լոյս առնուլ եւ լոյս տալ: Եղիցի՜ ուրեմն լոյսն, անհամբերութեամբ կանչես. եղիցի՜ լոյս ի վերայ այդ սքանչելի դաստակերտիդ. եղիցի' դա կենդանի պատկեր Աստուծոյ: Եւ ահա եղեւ լոյսն կենդանի: - Կու տեսնե՞ս, անդրին մարդ կ՚ըլլայ. կ՚ըլլայ ըսելու չմնար, կաւէ կաղապարն` Ադամ եղաւ: Ի՞նչպէս եղաւ, ուսկի՞ց եկաւ այն ճառագայթն, այն գոյներն, այն շարժումն… Դեռ վայրկեան մը, րոպիկ մը, պիկ մ՚առաջ պատկեր էր, հիմա անձն է: Վասն զի հրաշագործն` աստուածային երագութեամբը դպաւ այդոր ճակտին, եւ մէկէն արձանին մեքենաներն սկսան շարժիլ: Դիտէ' դա գանգուր գիսակներն` ի՞նչպէս բարդ բարդ կու ծփան. նայէ դա չիկորակ շրթանց շարժմունքը, դա զմրուխտէ աչաց հրեղէն թաւալմունքը, երկխորշեայ ռնգանց բարակ շնչառութիւնը, դա գեղեցիկ գլխոյն հեզիկ պտոյտքը, դա ջաջուռ թեւոց թափ տալը. դա դռոյթ տուող ոտից դոփիւնը, որ ոչ միայն անդրին ի պատուանդանէն կտրեցին, այլ բոլոր անձին ներքին ազդուածքէն ուժ առած` այնպէս սաստկութեամբ մը գետնին թունդ կու տան, որ օդապարիկ գունտէն աւելի շոյտ եւ բարձր պիտի ցատքէր յերկնից միջոց, թէ որ դեռ ճակտին վրայ գրուած չըլլար մատն աստուածային, որ իբրեւ ամեհի երիվար մը` սանձով, կամ ծխով հողմով զինուած պատրաստ նաւ մը` խարսխով, դեռ բռներ է զայն. բայց այնպէս մը կ՚երեւի` թէ հազիւ եւ ոչ ընդ երկար կրնայ համբերել բռնուածն:

Իսկ աստուածապետականն յետին հաճութեան ժպիտ մ՚այլ տալով, իր անքննելի ծոցէն կու փչէ նորաշէն պատկերին վրայ շունչ մ՚այլ. շունչ բանական, աննիւթ եւ անապական, որով բոլորովին կ՚ըլլայ կու կատարուի մարդն. եւ հաղորդ աստուածային զօրութեան, աստուածային երագութեամբ մը ճանչնալով ինք զինքը, ի'նչպէս եւ ուստի' ըլլալն, միանգամայն աչքով եւ շրթամբք, թեւօք եւ ծնգօք, սրտիւ եւ բանիւ եւ հոգւով կու կանչէ` ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ: