ՓՉԵՑ
իջաւ
պարցին
ձիւնապսակ
սարերէն.
արջառ
ոչխար
թողլով
դալար
արօտները
դռնափակ
գոմերու
մէջ
խռկուած
մայեն,
հինգամսեայ
ձմերան
ձանձրոյթը
սկսելով:
Զբօսասէրք
եւ
բնասէրք
այլ
փութան
ի
չէն
ի
քաղաք.
վասն
զի
նոյեմբեր
իր
խոնաւ
ոտքերովն
կոխեց
զծառ
ու
զծաղիկ
տերեւներն
իսպառ
թէթափեցան,
պտղատու
պարտէզն
չոր
ձողերով
ցցուած
պատնէշ
մը
դարձաւ,
կամ
մրրկէ
փախած
մերկ
անառագաստ
նաւախումբ.
պտղուկ
պախրցի
մ՚այլ,
պաղուկ
հով
մ՚այլ,
ու
ահա
կու
մեռնի
կ՚անցնի
դալարութիւն
մեր
կլիմայից.
ահա
ճերմակ
պատանքն
այլ
կու
սկսին
տեղ
տեղ
փռուիլ,
ձիւնն
լեռներուն
գագաթէն
վար
կ՚իջնէ,
կու
սկսի
յերեւան
գալ
դաշտաց.
քիչ
ատենէն
զամենքը
կու
ծածկէ
եւ
միայն
ինքն
կ՚երեւի…
Լմնցաւ
այս
տարուան
բնական
կամ
բուսաբանական
հանդէսն
եւ
կեանքն
այլ,
գոցենք
գետնահայեաց
պատուհանիս,
բանանք
վերնադիտակ
պատուհանները,
ըզբօսնուլ
զմայլիլ
երկնից
հովտին
լուսածղի
ծաղկներովը,
զոր
տարւոյն
բուսարձակ
յեղանակաց
կայտառութիւնն
շատ
հեղ
արհարմարհել
կամ
անտես
ընել
կու
տար
մեզի:
Նայէ,
Հայկակ,
գլխէդ
ի
վեր,
պարզ
է
գիշերս,
տես
աստղալից
երկինքը,
եկ
դառնանք
հոն,
հոն
է
մեր
ձմեռային
տեսարանն:
Ծառ,
ծաղիկ,
պտուղ,
խաղող,
ամենքն
այլ
կարծես
մարդուս
մանկութիւն,
աշխոյժ,
թեթեւ
մտածութիւն,
զուարթ
երկրաւոր
կեանքն
մը
կ՚ազդեն,
իսկ
երկնից
աստղազարդ
երեւոյթն`
ախորժ
ծերութիւն,
ծանրութիւն
մը,
խոր
մտածութիւն
եւ
անմահութիւն
մը:
Ո՜հ,
ո՞րքան
պիտի
ընդարձակէր
եւ
բարձրանար
մտքերնիս,
եթէ
կարենայինք`
ինչպէս
անկարանք
բոյսերը`
այսպէս
այլ
այդ
երկնահովտին
ամեն
մէկ
լուսասերմ
ծնունդները
ճանչնալ,
իւրաքանչիւրին
կազմուածքը
եւ
իրարմէ
տարբերութիւնը,
իրենց
ճամբան
եւ
նպատակը,
եւ
«զամենեսին
զնոսա
յանուանէ
կոչել»:
…
Թերեւս
որ
մը
գտուին
եւ
յայսմ
մասին
մեզմէ
աւելի
բաղդաւորք,
եւ
երկինք`
պատմէ
անոնց
մեզմէ
պահած
Աստւծոյ
գործքերը,
եւ
Հաստատութեան
ներդաշնակաւոր
ձայնն`
լուսոյ
հետ
դարէ
դար
վար
իջնելով`
աւելի
մօտ
հասնի
մեր
որդւոց
եւ
թոռանց:
Իսկ
մեք
քանի
որ
մեր
խոնարհ
վիճակին
եւ
գիտութեան
չափով`
իբրեւ
անապատակեաց
թափառիկք
կիսագլոր
սայլերով
կու
դեգերինք,
գռեհկօրէն
մեր
շարժուն
բնակութեան
անուամբ`
երկնից
ամէնէն
նշանաւոր
համաստեղութիւնն
այլ
կ՚անուանեմք
Սայլ.
զոր
աստեղաբաշխք
այլ`
ոչ
աւելի
ազնիւ
կոչմամբ
անուանեն
Արջ.
եւ
ինչպէս
որ
քեզ
ծանօթ
է`
ոչ
մէկ,
այլ
երկու
Սայլ
եւ
երկու
Արջ
համաստեղութիւն
նշմարեն,
Մեծ
եւ
Փոքր:
Ահաւադիկ
առաջինն`
բեւեռէն
բաժնուած
երեսն
այնդին
դարձուցեր
է,
երկրորդին
ծայրն
նոյն
իսկ
բեւեռին
մէջն
է
խրեր.
այսինքն
իր
եօթն
աստեղաց
առաջինն`
որ
է
քեզւոյն
ծայրն`
ինքնին
բեւեռային
աստղն
է:
Մեր
նախնիք
այլ
ըստ
հնագոյն
եւ
նոր
ազգաց`
զասոնք
Սայլ
կամ
Սայլաթափք
կ՚անուանեն,
բայց
ինչպէս
որ
նոյն
հին
ազգեր
ուրիշ
անուններ
այլ
կու
տային
այդ
համաստեղութեան,
նախնի
Հայք
այլ
կոչէին
Բազմոյթ,
Ալաւունք,
Վերկի
(թերեւս
վեցն
որոշագոյն
տեսնելով`
եօթներորդ
նուազագոյն),
Բազմաստեղք,
Գուպարք,
եւ
այլն:
Եւ
ինչպէս
ամեն
ազգ
մէկմէկ
ազգային
աւանդութեամբք
կամ
կարծեօք,
այսպէս
մերն
այլ
այդպիսեօք
անուաներ
է
զայդ
եւ
ուրիշ
աստեղաց
բոյլք,
որպէս
Հայկն,
Վահագն,
Յարդգող
կամ
Ծիրածան
կամ
Հեծանոց:
Եթէ
ազգային
հին
դպրութիւնն
եւ
վիպասանութիւնք
յայտնուէին`
այս
երկնից
աստղային
դպրութիւնն
այլ`
հայ
գրելով
եւ
անուններով
պիտի
կարդայինք,
կամ
թէ
սուրբ
ազգային
ոգին
կանգնէր
արիաբար
եւ
գիտնաբար
եւ
հրամմէր,
անշուշտ
դօքա
հայկական
դիւցային
կամ
սրբազան
անուամբք
պիտի
ճանաչուէին,
հին
հայկական
պայազատութիւնն`
իր
քաջազունքը,
դպրութիւնն`
իր
իմաստասէրքը,
եւ
եկեղեցին`
իր
սուրբերը
պիտի
յիշէր
եւ
անուանէր`
զանոնք
տեսնելով:
…
Մենք
հիմա
շատանանք
այդ
երկնագնաց
գուպարեալ
Սայլին
եօթնաստեղեան
կազմուածքին
նայելով
զուգել
անոր
այսօրուան
Հայագիր
յիշատակն,
որ
է
Որդւոց
եւ
Թոռանց
Լուսաւորչին.
եւ
առանց
հեղինակութիւն
բանեցընելու,
կամ
օրէնք
հրամմելու`
դիտենք
այսօր
եօթն
աստեղաց
մէջ
կամ
հետ`
զԳրիգոր
ի
ծայր
քեղւոյն,
եւ
վարը
իւր
որդիքն
Առիստակէս
եւ
Վրթանէս,
եւ
չորս
անիւները`
Գրիգորիս,
աղօտագոյնը,
իբրեւ
հեռու
աշխարհի
(Աղուանից)
հիւր
ղրկուած,
եւ
Յուսիկ
իր
եղբայրն,
Ներսէս`
թոռն
Յուսկան,
եւ
վերջին
անիւ
հիւսիսային
բեւեռին
ուղղաձիգ
նայոց`
Սահակ
որդի
Ներսիսի:
Եւ
թէ
դու
սրատես
ըլլալով,
Հայկակ,
սիրես
Փոքր
Սայլին
վերածել
այս
ցանկալի
անուններս`
որ
մեր
ստոյգ
երկնագնաց
եկեղեցւոյն
հոգէկիր
կառն
են
անոր
ծայրի
աստղն`
որ
է
հիւսիսային
բեւեռն
երկնից`
կ՚ըլլայ
մեծն
Գրիգոր,
մէկայլքն
այլ
մի
ըստ
միոջէ:
Մեր
սրբազան
Հայադիրն`
Գրիգորի,
Ներսիսի,
եւ
Սահակայ
մասնաւոր
տօնական
յիշատակաց
օրեր
նուիրելով`
այսօր
մնացեալ
չորից
յիշատակը
կարգէ.
անոնցմէ
այլ
վերջնոյն,
(Գրիգորիսի)
սուրբ
նշխարաց
գիւտին
պատճառաւ
զատ
օր
մը
նուիրէ.
որով
օրս
սեփական
կու
մնայ
երիցն,
Առիստակիսի,
Վրթանիսի
եւ
Յուսկան,
եւ
ասոր
մահուն
ընկերակցի
մը,
Դանիելի
ծերոյ.
որք
ի
հարկէ
այլ
եւ
այլ
որ
կատարեցին
իրենց
երկնաւոր
կենաց
յաղթական
շրջանը,
այլ
ո'ր
եւ
է
մոռացութեամբ
կամ
խորհրդով`
բոլորն
միատեղ
մէկ
օրուան
հասաւ
մեզի:
Ասոնց
համար
երգէ
քաջ
գանձասացն
Մովսէս.
«Մշտապայծառ
լուսոյն
աշտանակք
գովելիք
եւ
բարձրաստեղունք,
քահանայապետք
գահաւորեալք,
շառաւեղեալք
ի
հօրէն
լուսոյ,
ճշմարտութեան
ճշմաիտ
քարոզ,
եւ
պարծանք
պարծանաց
մերոյս
գրոհի.
սիւնք
տաճարի
տեառն
բարձրաբերձ
գոլով
եւ
հաստահեղոյս.
սուրբ
Առիստակէս,
վեհդ
Վրթանէս,
քաջափառ
Յուսիկ
եւ
համբակ
Գրիգորիս.
հանդերձ
սրբազնեալդ
Դանիելիւ
այլասեռիւ
եւ
համափառիւ,
անմարմնաբար
ի
մարմնի
կառուցեալք`
որպէս
հրանիւթք
եւ
իմանալիք:
Այսօր
ժողովեալ
մանկունք
Սիոնի
տօնէն
ցնծութեամբ
զոր
յիշատակի
ձերոյ
հանդիսի:
Ահա
բուրեսցի
այս
երգ
առաջի
քո,
ամենասուրբ
Երրորդութիւն»:
Այս
սքանչելի
եօթնաստեղեան
հայրապետաց
գուպարքն`
մեր
եկեղեցւյ
ամենէն
նշանական
երեւութից
մէկն
է,
քաղաքական
պատմութեան
մէջ
այլ
ոչ
աննշան,
որովհետեւ
ազգին
հին
հեթանոսական
օրինօք`
քահանայապետքն
թագաւորի
պէս
մեծափառ
գլուխ
մ՚էին,
թագաւորաց
յաջորդութեան
մէջ
եղած
պարապ
ժամանակին
այլ
թագաւորահօր
կամ
խնամակալի
տեղ
մը
կու
բռնէին:
Ասոնց
լուսափայլութիւնն
մեր
եկեղեցւոյն
հորիզոնին
եւ
գահուն
վրայ
իբրեւ
դար
ու
կէս
քշած
է.
այն
վսեմ,
բեղմնաւոր
եւ
բազմայեղանակ
դարուկէսն
(Դ.
ն
եւ
Ե.
ին
կէսն)
որ
քրիստոնէութեան
փառաւորագոյն
յեղանակն
է,
իր
գերագոյն
վարդապետաց
եւ
հզօրագոյն
եւ
ընտիր
թագաւորաց
փայլմամբ.
թագաւորաց
նկատմամբ`
այս
յեղանակիս
մեր
պատմութիւնն
շատ
անփառունակ
է,
բայց
մէկ
Տրդատ
թագաւոր
մը
կ՚ընծայէ`
որ
կրնայ
Յունաց
Կոստանդիանոսի
եւ
Թէոդոսի
հետ
նախադասութեամբ
մրցիլ
(եթէ
օրինաւոր
է
այսպիսի
մրցումն).
իսկ
հայրապետաց
նկատմամբ`
մեր
հայկական
եօթներեակն
չի
նուազիր
Յոյն
եւ
Լատին
ժամանակակից
պանծալի
հարց
քով,
թէ
ոչ
գրականութեամբ,
այլ
հովուական
եւ
ազգախնամ
երկամբք
որ
առաջին
պարտք
է
հայրապետին:
Մեր
եկեղեցաշարժ
Սայլին
առաջին
եւ
վերջին
աստեղքն
միայն,
Գրիգոր
եւ
Սահակ`
ծանօթք
են
գրաւոր
վաստակովք
այլ.
միւսոց
սակաւ
ինչ
յիշատակ
կայ,
այլ
քրտամբք
եւ
արեամբ
մի
քան
զմի
գերագոյնք,
եւ
առաքինական
գործովք
զանազանեալք:
Բ
Երեք
հայրապետաց
(որոց
մասնաւոր
յիշատակն
տրուած
է
այսօր),
զառաջինն
միայն
հետազօտենք
այս
գիշեր,
որ
եւ
ի
կարգի
հոգէփայլ
Սայլին
անմիջապէս
յետ
Լուսաւորչին
գայ,
այսինքն
է
ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ
կամ
ՌՍՏԱԿԷՍ.
երկրորդ
որդի
Գրիգորի`
տարւոօք,
բայց
աստիճանաւ
յառաջացեալ
քան
զանդրանիկն
Վրթանէս,
որովհետեւ
սա
ամուսնացեալ
էր,
ինքն
կուսակրօն,
եւ
վասն
այնորիկ
ընտրեցաւ
ի
հօրէն
յաջորդ
իւր:
Եօթանց
մէջ
սա
եւ
Գրիգորիս
միայն
կուսակենցաղ
եղան,
հրեշտակային
միայնութիւն
սիրելով,
քան
Լուսաւորչի
ցեղը
աճեցընել,
որոյ
համար
այլք
յանձն
առին
ի
սկզբան
ագամային
լծակցութիւնը:
Մինչդեռ
Վրթանէս
հօրը
նման
պատանութեան
ատեն
աշխարհ
մտաւ
ի
Կեսարիա,
Առիստակէս
գրեթէ
ծննդեան
ատենէն
յաշխարհէ
զատուելով`
անապատասէր
տատրակի
նման
միշտ
միայնութիւն
եւ
առանձնութիւն
սիրեց:
Երկու
որդւոց
ըստ
աշխարհի
հայր
ըլլալն
բաւական
սեպելով
մեծն
Գրիգոր,
ընդհանուր
Հայ
ազգին
հայրութեան
նուիրեց
զինքը,
երկայն
եւ
վերջին
բարեւ
մը
տալով
իր
պարկեշտ
լծակցին`
Մարիամայ,
որ
իր
սիրոյ
վերջին
խայրիքը
դեռ
ծոցին
վրայ
կրելով`
էրկանը
հետ
բոլոր
աշխարհիս
այլ
մնար
բարով
ըսաւ,
քաշուեցաւ
հաւատաւոր
կանանց
վանք
մը,
եւ
հոն
սնուց
իր
երեխայն,
ինչուան
որ
հասաւ
տարիքն`
մարց
եւ
կուսանաց
գրկէն
ելնելու
եւ
ճգնազգեաց
հարանց
որդեգրելու:
Հօրմէն
զատուած
ատեն,
անզգայ
անծանօթ
անձիկ
մ՚էր
Առիստակէս.
իսկ
մօրմէն
բաժնուելու
ատեն`
այնքան
լաւ
եւ
խոր
գիտէր
մայրական
սէրը,
որքան
որ
ուրիշ
սէր
մը
չէր
գիտեր,
բայց
դարձեալ
ի
նոյն
առաքինի
եւ
մեծասիրտ
մօրմէն
սովրելով
հանդերձեալ
կենաց
գերագոյն
սէրը
եւ
վարձքը,
եւ
անոր
օրինակաւ
եւ
խրատովն
յորդորուած`
պզտիկ
հասակաւն
եւ
ուժովն,
ըրաւ
այն
մեծ
անցքը`
իբրեւ
նոր
Սամուէլ
մը
Աննայի
ձեռօք.
եւ
յանձնեցաւ
Նիկոմաքոս
անուամբ
զգօն
Յոյն
կրօնաւորի
մը,
որ
շատ
տարի
քովը
պահելով`
եղաւ
անոր
հոգւոյ
հայր.
եւ
երբ
քրիստոսանուէր
կենաց
ամենայն
հնարքը
սովրեցուց
եւ
բաւական
տեսաւ
իր
հոգէսուն
աշակերտը`
ցուցուց
անոր
խորագոյն
միայնութեան
եւ
անապատին
մուտքը:
Առիստակէս
երրորդ
անգամ
մ՚այլ
բաժնուելով
եւ
մէկ
հատիկ
ծանօթ
եւ
հոգեկից
անձէն,
եւ
թեթեւս
առաջինէն
զօրաւոր`
եթէ
ոչ
նոյնպէս
կակուղ
ցաւով
մը,
թողուց
զինքն
իրեն,
եւ
թաղեցաւ
առանձնութեան
մէջ,
միայնակեաց
աստուածախոհ
ճգնաւոր
մ՚ըլլալով.
այսինքն
մինակ
ապրող
աղօթիւք
եւ
ընթերցմամբ
եւ
քիչ
մը
ձեռաւոր
աշխատանօք.
բոլոր
կեանքը
մշտավառ
կանթեղի
մը
պէս
Աստուծոյ
դիմաց
կախելով,
գիշեր
ու
ցորեկ:
Թերեւս
աւելի
քան
քսան
երկայն
տարիներ
անցան
այն
լռութեան
եւ
միայնութեան
մէջ`
մէկ
օրուան
մէկ
գիշերուան
պէս,
երբ
առաւօտ
մը
իր
մոռացեալ
խրճըթին
դուռն
ուժով
զարնուեցաւ.
եւ
երեւցան
բազմութիւն
անծանօթ
եւ
օտարադէմ
մարդկան,
ոսկէփայլ
արծաթազրահ
զինուորք,
ցցունազարդ
սաղաւարտաւորք,
գետնադղորդ
հեծեալք,
որք
չէ
միայն
քսան,
այլ
քառասուն
յիսուն
տարուան
բաներու
երազներ
պատմեցին.
գոնէ
իրեն
երազ
երեւցան
այն
տարիներուն
մէջ
հանդիպածներն
դուրսը,
իր
հօրը,
Հայոց
ազգին
եւ
անոնց
թագաւորին.
որք
հիմա
իրեն
հրաւիրակ
խաւրելով
ազգին
ազնուագոյն
իշխանները`
կու
հրաւիրէին,
կու
ստիպէին,
կու
քաշէին
որ
ելնէ
գայ
ի
Հայաստան
ի
Վաղարշապատ,
յարքունիս
հսկայ
թագաւորին
եւ
ի
գահ
քահանայապետութեան
Հայոց:
-
Որչափ
այլ
նորատեսիլ
էր
այս
երազս
եւ
դժուարին
անկէ
արթըննալ,
աւելի
դժուարին
եղաւ
Առիստակիսի,
մանաւանդ
թէ
անկարելի`
իր
միայնութեան
տեսիլները
շարունակել.
աշխարհախառն
խժլտուք
մը
ալիքներու
պէս
խուժելով`
զարկաւ
քշեց
իր
պարկեշտ
շեմիկը,
եւ
հեղեղեց
իր
ամօթխած
խցիկը.
շփոթեցաւ
անզբաղութիւնն,
փախաւ
բազմամեայ
խլացեալ
լռութիւնն.
Առիստակէս
իբրեւ
չորս
դին
ջուր
առած`
հազիւ
քարի
մը
վրայ
ոտնկռիւ
եղած
շուար
մնաց:
…
Աւելի
քան
զլսած
բաներն,
եւ
աւելի
քան
անտես
հօր
մը
(թէ
եւ
այնպիսի
արժանաւոր
աննման
հօր
մը`)
անփորձ
սէրն,
քաղցր
եւ
ցանկալի
էր
իրեն
իր
միայնութիւնն,
որ
էր
իր
բոլոր
ստացուածքն,
իր
տէրութիւնն,
իր
սէրն.
եւ
եթէ
Աստուծոյ
եւ
հօր
մը
կամաց
հնազանդութեան
պարտքը
չճանչնար,
ու
Կեսարիոյ
եկեղեցւոյ
գլխաւորներէն
չյորդորուէր,
չէր
կրնար
թողուլ
իր
խշտեակը
եւ
երթալ
Հայոց
նորահաստատ
քահանայութեան
գահագլուխ
ըլլալ:
Սրբազան
հարկին
գլուխ
ծռեց
Առիստակէս,
ոչ
առանց
կծու
արտսուքներով
բաժնուելու
այն
տեղէն`
որ
միայն
զինքը
կու
ճանչնար,
եւ
զոր
միայն
կու
ճանչնար
ինքն.
եւ
այն
քանի
մը
սրտակից
հոգեկից
անձինքներէ`
զոր
իր
սրբութիւնն
ժողովեր
եւ
աշակերտեր
էր
իր
ճգնարանին
մօտ:
…
Շուտով
աներեւոյթ
եղաւ
իրեն
ծանօթ
սիրելի
սահմանն.
շատ
չափաւոր
համառօտ
էր
իր
հորիզոնիկն.
կարճ
ժամ
մը
չանցած`
նոր
հորիզոն
եւ
նոր
աշխարհ
մը
բացուեցաւ
դիմացը,
որ
անծայր
անվերջանալի
կու
թուէր`
որչափ
որ
յառաջ
երթար:
Բայց
իրեն
առաջին
տեսիլք
եւ
ցուցանք
եղան
զինքը
տանող
բազմութիւնն,
Հայոց
արքունի
գնդին
հսկայակերպ
կտրիճներն`
անճոռնի
ճօճմունքներով,
ահագին
զրահներով,
երկայն
տէգերով
եւ
լայնալիճ
աղեղներովն,
որոց
մէջ`
որսորդներէ
բռնուած
վայրի
եղնորթի
մը
պէս
վախնալով
կ՚երթար.
առանց
խօսելու
կու
նայէր
կու
նկատէր
անոնց
շատ
արեւէ
շատ
արիւնէ
անցած
խանգրած
երեսները,
հին
ու
նոր
սպեաց
նշաններ,
առիւծաձեւ
ցցուած
եւ
տարածուած
մազեր.
-
կու
տեսնէր
անոնց
մէջ
ամենէն
պատուելի
եւ
նախիշխան
եղած
ծերունի
մը,
որուն
գմբեթաձեւ
գլուխն
թէ
եւ
բոլորովին
ալեւորած
էր,
թէ
եւ
երկայն
տարաձեւ
յոնքերն
խառնուէին
խորացած
աչաց
թարթիչներուն
հետ,
թէ
եւ
կտրիճ
թոռներու
պապ
կ՚երեւցընէր
զնա
հասակն,
բայց
դեռ
զէնքով
ու
զրահով
ծածկած,
իր
ամենէն
կայտառ
զինակրին
հաւասար
շուտ
կու
շարժէր,
կ՚ելնէր
կ՚իջնէր
ձիէն,
ու
ձայնը
փողի
պէս
գնդին
մէջ
կու
տարածէր$
եւ
էր
Արտաւազդ
մանդակունի
սպարապետն
Հայոց,
եւ
դաստիարակ
թագաւորին
Տրդատայ,
զոր`
յառաջ
քան
զյիսուն
տարի`
փախուցեր
ազատեր
էր
Առիստակիսի
պապուն
ընկերաց
ձեռքէն.
եւ
այսօր
անոր
թոռը`
զինքն
Առիստակէս`
կու
տանէր
իր
վեհափայլ
սանուն
(Տրդատայ)
մտերիմ
ընելու:
Երկրորդ
պատուելի
անձն
կ՚երեւէր
գնդին
մէջ
բաւական
տարւօք
կտրիճ
մը,
Տաճատ`
Աշոց
գաւառին
տէրն,
որ
եւ
փեսայ
էր
Արտաւազդայ
եւ
երբեմն
ճանչցող
եւ
մատնող
Գրիգորի`
իբրեւ
որդւոյ
Անակայ`
սպանչի
հօր
թագաւորին,
եւ
յետոյ
նոյնպէս
իմաց
տուող
Տրդատայ
որ
Գրիգոր
երկու
որդիք
ունի,
արժանաւորք
պատուելոյ.
անոր
համար
այլ
ղրկուեցաւ
զանոնք
գտնելու
տանելու,
եւ
այսպէս
փոխարինելու
իր
մատնութեանը,
որով
Լուսաւորիչ
տասն
եւ
երեք
տարի
յօձուտ
վիրապին
Արտաշատայ
մթնեցաւ:
Բոլոր
գնդին
յառաջադէմ
եւ
վարիչ
կ՚ընթանայր
եռանդուն
երիտասարդ
մը
իրեն
յարմար
կրակոտ
երիվարի
մը
վրայ
թռչելով,
Դատ`
կարապետն
Տրդատայ.
որ
ամենեւին
Առիստակիսի
կամկարութեանը
եւ
սրտով
եւ
աչօք
յետ
դառնալուն
չնայելով`
փողէր
քշէր
երթար,
եւ
արքունի
գունդը
յանապատէն
փոխադրէր
ի
Կեսարիա
մայրաքաղաք
Փ.
Հայոց,
ուր
առաջուց
գտեր
եւ
պատրաստեր
էին
զՎրթանէս
երէց
եղբայր
Առիստակիսի.
որք
եւ
զարմանօք
եւ
երկինք
նայելով`
եղածները
մէկմէկու
զրուցելով
եւ
իրարու
գիրկ
տալով,
անկէ
ետեւ
կամայ
ակամայ
ճամբայ
ընկան
փութալ
դէպ
ի
Մեծ
Հայք:
…
Գ
Հասնինք
մենք
այլ
հոն
մեր
պատմութեան
ճամբան
կարճեցընելով:
Ահա
համբաւը
լսելով`
թագաւորն
ինքնին
ընդ
առաջ
կու
գայ
իբրեւ
իրեն
եղբօրորդւոց
եւ
որդւոց
Լուսաւորչի,
կ՚ուզէ
անձամբ
տանիլ
զանոնք
իրենց
հօրը:
Իսկ
հայրն
նոցա
եւ
մեր`
որ
կամակից
էր
թագաւորին
իր
որդիքը
կանչելու
ի
Հայս,
ոչ
աշխարհական
փառաց
եւ
մարմնաւոր
մխիթարութեան
համար
էր,
այլ
իր
հոգեւոր
բեռը
վերցընելու
օգնական
եւ
փոխանորդ
ունենալու
համար,
զոր
չէր
կրնար
այնպէս
համարձակութեամբ
յանձնելու
ուրիշի`
ինչպէս
իր
որդւոց.
միանգամայն
եւ
երկայն
չարակրութեամբ
եւ
յօգնութեամբ
մաշած`
կարծէր
թէ
շուտով
իրեն
կենաց
վախճանն
պիտի
հասնի,
եւ
փափագէր
վերջի
տարիները
միայն
իր
հոգին
մտածելով
պատրաստուիլ
ի
հանդերձեալ
կեանս.
դարձեալ`
անդադար
զովութիւն
եւ
օրհնութիւն
եւ
պատիւ
լսելն`
ուր
որ
երթար,
իբրեւ
գերմարդկային
անձ
մը
երեւելով,
իրեն
ծանր
կու
գար
եւ
կ՚ուզէր
փախչիլ
ի
մարդկանէ
եւ
թաքչիլ
յԱստուած:
Այս
մտածութեամբս
էր
որ
հիմա
այլ
որդւոց
գալուն
ատեն`
ինքն
չէր
երեւեր,
այլ
յԵկեղեաց
գաւառն
էր,
ուր
այնչափ
չարչարանք
կրեր
էր,
եւ
իբրեւ
թափած
արեանը
գին`
Տրդատ
անոր
տուեր
էր
այն
գաւառին
մեծ
մասը,
լեռներով
դաշտերով
եւ
շէնքերով,
մինչեւ
Լուսաւորչի
գաւառ
ըսուեցաւ
երկիրն:
Այս
գաւառին
եւ
Դարանաղեաց
սահմանամէջ
է
Սեպուհ
սրակատար
լեռն,
լայնատարած
կողերով,
այրերով,
քիչ
տեղ
դուր
շատ
տեղ
դժար,
անտառոտ
մացառոտ
տափերով.
այս
դժուարակոխ
եւ
ահարկու
տեղուանքը`
ուր
հազիւ
հովիւներն
կրնային
ելնել
իրենց
հօտից
ետեւէն
մէկ
զարմանալի
աղջիկ
մը
կրցեր
էր
արիաբար
ելնել,
եւ
երկայն
տարիներ
պզտիկ
քարայրի
մը
մէջ
մինակ
ապրիլ
վայրենի
որոջի
մը
պէս.
իրմէ
զարմանալի
եւ
գեղեցիկ
աղջկան
մը
(Հռիփսիմեայ)
ընկեր
էր
սա,
մենասէրն
Մանի.
զոր
յետ
շատ
տարիներու
գտաւ
այն
խորշերուն
մէջ
Լուսաւորիչ
աչքն.
եւ
երբ
ժամանակին
լցուաւ,
ամփոփեց
անոր
պարկեշտ
մարմինը
իր
հովուական
վերարկուաւն,
եւ
թաղելով
անոր
ներքսագոյն
մենարանին
մէջ,
անկէ
ետեւ
ուզեց
ինքն
ժառանգել
զայն
տեղը,
եւ
իրեն
մենարան
եւ
աղօթարան
ընտրել:
Ահա
այս
կողմերս
էր
երբ
լսեց
Տըրդատայ
ձայնը,
որոյ
ձայնին
միայն
պատասխան
կու
տար
եւ
կ՚ելնէր
իր
ճգնարանէն,
եւ
առիւծն
եւ
գառն
համաիտ
եւ
համասէր
մէկտեղ
կենակցէին:
Այս
անգամ
թագաւորին
հետ
տեսաւ
իր
առաջին
կենաց
ժառանգքը
եւ
կենդանի
յիշատակքը,
իր
արիւնը,
իր
որդիքը,
որոնց
երիցուն
վրայ
թերեւս
քիչ
մը
ճանչնար
հին
նմանութիւն,
իսկ
կրսերոյն`
Առիստակիսի
վրայ`
գուցէ
ուրիշ
նմանութիւն
չէր
գտնէր,
բայց
եթէ
թեթեւ
ամպոյ
մը
պէս
հեռացեալ
սահեցեալ
անձի
մը`
որ
երբեմն
իրեն
կենաց
կցորդ,
եւ
անոնց
մայր
եղած
էր.
(եթէ
դեռ
այսպիսի
մտածութիւն
կրնար
այն
աստուածախոհ
անձին
միտքն
այլ
զարնել
հեռուանց):
Սակայն
եթէ
արտաքին
նմանութիւն
եւ
ծանօթութիւն
դժուար
եւ
աննշմար
էին
Գրիգորի
եւ
Առիստակիսի
մէջ,
հոգեխառն
նմանութիւնք
զարմանալի
կերպով
կ՚երեւէին.
-
երկուքն
այլ
անմարմնոց
նման,
մէկն
ճգնաւորի
հայր,
միւսն
ճգնաւորի
որդի,
երկուքն
այլ
ճգնողք:
Քառասուն
տարեկանի
մոտ
էր
Առիստակէս`
երբ
առաջի
անգամ
ճանչցաւ
իր
հայրը
զՍ.
Լուսաւորիչ
Հայոց,
ի՞նչ
զգացմունք
մաքուր
սրտին
առաջին
անգամ
համանման
մաքուր
եւ
վեհ
սրտի
մը
եւ
գրկաց
վրայ
բաբախած
ատեն…
Տեսե՞ր
ես,
Հայկակ,
ճամբան
փոխել
տուած
գետ
մը,
իր
յատակին
պէս
ձեռագործ
յատակ
մը
կու
փորեն
երկայն
տարիներ
աշխատելով,
որուն
ծայրն
հողաթըմբով
կամ
կապանքով
մը
միայն
զատուած
է
ի
գետոյն.
երբոր
վերջապէս
կու
փորուի
կու
լմըննայ
նոր
ճամբան,
այն
կապանքը
կու
քակեն
կամ
այն
հողաթումբը
կու
փլցընեն,
եւ
ահա
յանկարծ
գետն
իր
հին
ծոցը
թողլով`
այս
նոր
բացուածին
մէջ`
ապակիէ
լեռներու
պէս
թաւալելով
կու
թափուի,
եւ
երկայն
տարիներով
փորած
ցամաք
ծոցը`
վայրկեաններու
միջոց
կու
լեցուի
կու
ծածկուի
անծանօթ
հոսանքերով:
Այսպէս
յորդեց
ի
սրտէ
Գրիգորի
հոգէխառն
սէրն
ի
սիրտ
եւ
ի
հոգի
Առիստակիսի,
ոչ
այնքան
բնական,
որքան
գերաբնիկ
ներգործութեամբ
մը:
Անշւշտ
հոգին
սրտին
զարկեր
եւ
բան
մը
ազգեր
էր
Գրիգորի,
զոր
թերեւս
լաւ
չէր
իմացած
այն
ատեն,
երբ
մօրը
գիրկը
ձգելով
զԱռիստակէս
երախայ`
հեռացաւ
անոնցմէ
եւ
այսօր
երկրորդ
զարնուածք
սրտին
իմացուց
յայտնապէս,
եթէ
սա
է
իր
հոգւոյ
պայազատն,
իր
յաջորդ
հայրապետն
Հայոց:
Արդէն
իրեն
տեղակալ
եւ
ընդհանուր
հոգաբարձու
եկեղեցեաց
եւ
վանօրէից
գրեր
էր
Դանիէլ
անուամբ
եպիսկոպոս
մը,
(որ
եւ
երկարակեաց
ըլլալով`
նոյն
պաշտօնը
վարեց
Առիստակիսի,
Վրթանիսի
եւ
Յուսկան
օրերն
այլ,
եւ
ետքինիս
մահուընէն
ետեւ`
անոր
պէս
ինքն
այլ
նահատակեցաւ,
վասն
այնորիկ
եւ
այսօր
Լուսաւորչի
որդւոց
եւ
թոռանց
հետ
հաւասարապատիւ
կու
տօնուի),
անկէ
զատ
ձեռնադրած
հարիւրաւոր
եպիսկոպոսաց
գլուխ
եւ
նախադաս
կարգեր
էր
յԱլբիանոս
Հարքայ
եպիսկոպոսն,
որ
քրմապետի
մը
որդի
էր,
իսկ
հիմա
զԱռիստակէս
ի
խնդրոյ
թագաւորին
Տրդատայ
եւ
մեծամեծաց
եւ
եպիսկոպոսաց`
անուանեց
իրեն
երեսփոխան
եւ
յաջորդ,
եպիսկոպոսական
աստիճան
տալով
անոր,
ինքն
այլ
անոր
վիճակը
իրեն
առաւ,
այսինքն
առանձնութիւնն,
առաջինէն
աւելի
հեռանալով
յաշխարհէ
եւ
լեռնակեցիկ
ճգնելով,
միայն
ատեն
ատեն
իջնելով
եւ
որդւոյն
հետ
միաբան
ձգելով
հոգեւոր
արօրը
Հայաստանի
ընդարձակ
եկեղեցական
ագարակին
մէջ:
Դ
Յետ
քանի
մը
տարի
այսպէս
քաղաքավարելու`
Տրդատ
ուզեց
տեսութեան
երթալ
Կոստանդիանոս
կայսեր
իր
մեծամեծ
նախարարներովն,
երբ
նա
ի
Քրիստոս
հաւատալով`
ազատութիւն
հրատարակեց
եկեղեցւոյ,
Գրիգոր
այլ
իջաւ
իր
ճգնարանէն`
մէկտեղ
երթալու
շնորհաւորելու
եկեղեցւոյ
գլխոյն`
եղած
«առողջութիւնը,
եւ
հետն
առաւ
իր
եկեղեցւոյ
գլխաւորները
զԱռիստակէս
եւ
զԱլբիանոս`
հանդերձ
այլովք:
Եւ
երբ
յետ
իբր
տասն
տարւոյ
Կոստանդիանոս
հրաւէր
խաւրեց
առ
Տրդատ
նորէն
զԳրիգոր
առնուլ
եւ
գալ
ի
Նիկիա
քաղաք,
ուր
եկեղեցւոյ
գլխաւոր
եպիսկոպոսներէն
300
էն
աւելի
պիտի
ժողովէին
ի
քննութիւն
եւ
ի
դատապարտութիւն
Արիոսի
վարդապետութեան,
Տրդատ
աշխարհին
քաղաքական
վիճակին
համար,
Գրիգոր
այլ
խոնարհութեամբ
պատուէ
փախչելով,
յանձն
չառին
երթալ,
այլ
իրեց
կողմանէ
խաւրեցին
զԱռիստակէս,
ընկերութեամբ
ուրիշ
քանի
մի
եպիսկոպոսաց
Մեծ
եւ
Փոքր
Հայոց,
որոց
անուանքն
նշանակին
ի
կանոնական
գիրս
ժողովոց
եկեղեցւոյ:
Առիստակէս
երթալու
ատեն
հանդիպեցաւ
ի
Կեսարիա`
ընկերակցելու
Ս.
Ղեւոնդայ
հայրապետին`
որ
իր
հայրը
ձեռնադրեր
էր,
եւ
նոյն
օրը
եկեղեցւոյ
մէջ
կու
մկրտէր
իր
հօրն
անուանակիցը
զՍ.
Գրիգոր`
հայր
Գրիգոր
Աստուածաբանի,
(իրեն
նման
մենասէր
հայրապետի,
որ
եւ
նոյնպէս
իր
հօրը
օգնական
եւ
յաջորդ
եղաւ
Նազիանզու
եկեղեցւոյն
մէջ),
այս
հանդիսին
ներկայ
եւ
ճամբուն
ուղեկից
եղան
Ս.
Յակոբ
Մծբնայ
հայրապետն,
եւ
Յովհան
Պարսից
հայրապետ,
եւ
այլք:
Անցնելով
ընդ
Կապադովկիա,
Գաղատիա,
եւ
Բիւթանիա`
հասաւ
այս
մեծ
եւ
փառաւոր
եպիսկոպոսաց
կարաւանս`
յառաջին
ժողովարանն
եպիսկոպոսաց,
ի
հաստատութիւն
հաւատոյ,
ի
Նիկիա
քաղաք,
որ
եւ
առաջուց
հոն
ժողոված
պատուական
առաջորդներովն
եւ
ժողովրդօք
ընդ
առաջ
ելան
արեւելից
վեհագոյն
հայրապետաց,
որոց
նմանք
չերեւեցան
երբէք
ժողովոց
մէջ:
Այս
հայրապետաց
մէջ,
առանց
կողմնասիրութեան
եւ
վիճման,
Հայոց
հայրապետն
էր
ամենէն
հետաքննելին
եւ
փափաքելին,
քսան
եւ
չորս
տարիէ
վեր
յարեւելք
եւ
յարեւմուիք
հռչակուած
էր
Գրիգորի
Լուսաւորչի
անունն,
խոստովանողական
նահատակութիւնն,
բազմամեայ
վիրապ
–
ընկեցութիւնն,
Հայոց
հսկայ
թագաւորը
եւ
բոլոր
ժողովուրդը
ի
Քրիստոս
հաւատացնելն,
եւ
հարիւրաւոր
եպիսկոպոսաց
գահագլուխ
ըլլալն.
եւ
դեռ
շատերն
չգիտնալով
անոր
խոնարհաբար
հրաժարելն`
կարծէին
թէ
պիտի
տեսնեն
զնա
Կեսարիոյ
հայրապետին
աջակից,
այլ
խաբուեցան.
ազնուախոհքն`
մխիթարուեցան
անոր
տեղ
հայրանման
արժանաւոր
որդին
տեսնելով,
իսկ
այլախոհք
(եթէ
ստոյգ
է
աւանդութիւնն)
տհաճելով
եւ
արհամարհելով:
Վասն
զի
կ՚ըսէ
աւանդութիւնն,
թէ
Ս.
Գրիգոր
մեծահասակ
եւ
վայելակերպ
էր,
իսկ
Առիստակէս`
փոքրահասակ
եւ
վատուժ,
աղայութենէ
վեր
անդադար
ճգնութեամբն,
«Մենաւորութեան
լեառնակեցութեան,
քաղցի,
ծարաւոյ
եւ
բանջարաճաշակ
կենաց,
եւ
արգելանաց
անլուսից,
խարազնազգեստ
եւ
գետնատարած
անկողնոց
եւ
բազում
անգամ
զհեշտական
հանգիստն
գիշերաց
զհարկ
քնոյ`
յոտանաւոր
տքնութեան
ի
թարթափ
ական
վճարելով»:
եւ
իր
անմոռաց
մենասէր
ճգնազգեցութեան
ախորժովն`
անզարդ
անպաճոյճ
հագած,
որչափ
որ
կրնար
եպիսկոպոսաց
գլխաւոր
մը:
Զոր
տեսնելով,
կ՚ըսեն,
պճնասէր
եւ
ամբարհաւաճ
Հոռոմոց
մանկունքն,
որք
Նիկիոյ
լճին
(Ասկանիոս,
Իզնիկ
կէօլիւ)
եզերքն
կու
սպասէին,
քթերնուն
տարին,
եւ
դա
ոչ
եպիսկոպոսապետի`
այլ
եզնավար
մշակի
մը
կերպարանք
ունի,
կ՚ըսէին.
եւ
չարաճճիկք
ոմանք`
հոն
գետին
հերկող
եզներն
այլ
կու
ցուցընէին,
կամ
զինքը
փորձել
կ՚ուզէին
հրէաբար
նշանախնդրութեամբ:
Այն
ատեն,
կ՚ըսեն
մեր
այլ
յաղթասէր
եւ
յունախայթ
աւանդարանք:
Առիստակէս
մաճը
բռնելով
քշեց
եզանց
զոյգը,
ոչ
կարծր
հողը
կակղելու,
այլ
կակուղ
ջուրը
կարծրացընելու,
եւ
Նիկիոյ
լճին
մէջ
արտավար
մը
տեղ`
իբրեւ
ցամաքի
վրայ
գնալով
եւ
քայլեցնելով
եզները`
ալիքները
ակօսեց,
ճերմակ
փրփուրով
գիծերը
դիզելով,
եւ
դարձաւ
ցամաք.
եւ
իր
ոտից
հետքն
ինչուան
հիմա
հիմա
կ՚երեւայ
լուսափայլութեան
նշանով:
Դու,
Հայկակ,
մի'
փնտռեր
այդ
նշանները,
ինչուան
որ
հրաշիցն
արժանաւոր
եւ
ստոյգ
պատճառը
չի
գտնես,
սակայն
իբրեւ
հին
աւանդութիւն
կարդա'
գովասանին
գրածը.
«Ի
վերայ
կապուտակ
ալեացն
լայնատարած
լճին
լիութեան
վեհաւէտ
եւ
քստմնածածան
կորովակի
սիգաշարժ
թանձրութեամբ
ջուրցն
օվկիանոյն`
սիգաքայլ
ոտիւք
սրընթացութեամբ
սխրացեալ.
անվեհեր
դիտմամբ
յիսուսաբար
ի
նկատեալ
տեղին
հասանէր,
ոչ
պետրոսօրէն
երկմտէր,
այլ
փրկչաբար
խիզախէր:
Եւ
ժողովելոց
հարցն
բազմութեան`
սխրալի
հիացումն
առնէր.
եւ
զանդրադարձութիւնն
եկաւորութեամբ`
ոչ
տարակուսանօք
ինչ
հայթհայթէր,
կամ
յառաջարկեալ
հանդիսէն
կասէր.
այլ
նոյնաձեւ
օրինակաւ
համարձակապէս
ի
հաստատուն
երկիր
ելանէր,
որ
եւ
հետք
հետագնացութեանն
մինչեւ
ցայսօր
ժամանակի
լուսաշաւիղ
երեւմամբ
ի
վերայ
երեսաց
ջուրցն
տեսանի
առ
ի
յիշատակ
սրբոյն
սքանչելեաց.
եւ
ճշմարտապէս
ամենայն
ուրեք
ի
տեսողացն
ստուգիւ
պատմի
առաց
երկբայութեան
որպէս
եւ
է
ճշմարիտ,
նա
եւ
թշնամեաց
վկայութեամբ
հաստատի
հաւաստեաւ,
որ
զօրաւոր
է
յամենայնի,
այլ
եւ
տուն
Աստուծոյ
եւ
տաճար
ի
տեղւոջն
հաստատեալ,
առ
ի
վկայութիւն
հրաշիցն
եւ
ի
հաւատ
տեսողաց»:
Եկեղեցւոյ
եւ
տիեզերական
սուրբ
ժողովոյն
պատմութիւնն
ամենուն
ծանօթ
է,
յետ
վճարման
գործոցն`
Առիստակէս
այլ
դարձաւ
իր
աշխարհը,
եւ
ժողովոյն
մէջ
եկեղեցական
բարեկարգութեան
համար
սահմանեալ
կանոնաց
օրինակը
եւ
հաւատոց
դաւանութիւնը
կամ
հանգանակը
բերաւ
ներկայացուց
իր
հօրը
եւ
Տրդատայ,
որք
պատկառանօք
ընդունելով`
նոյնպէս
այլ
ընդունելի
ըրին
բոլոր
Հայոց.
Ս.
Գրիգոր
իր
կողմանէ
այլ
քանի
մը
կանոն
եւ
վարդապետութիւն
աւելցուց
անոնց
հետ
եւ
անոնցմէ
զատ
այլ
շատ
կանոններ
եւ
վարդապետական
ճառեր
եւ
աղօթքներ
գրելով
եւ
աւանդելով
իր
արենակիր
եւ
հոգէկիր
յաջորդին,
քանի
մը
տարիէն
ետեւ
բոլորովին
հրաժարեցաւ
յաշխարհէ
եւ
ի
տեսութենէ
մարդկան,
եւ
այլ
չէր
իջներ
իր
սեպհական
լեռնէն`
յայց
ելնելու
իր
հոգէծին
որդւոցը,
հազիւ
երբեմն
կ՚ընդունէր
ի
տեսութիւն
զՏրդատ
եւ
զՌստակէս`
երբ
եկեղեցւոյ
հարկաւոր
խնդիրներ
կամ
տարակոյս
ունենային:
Ե
Այսպէս
Առիստակէս
յետ
տասնուհինգ
կամ
աւելի
տարի
առանձին
եպիսկոպոսութեան
եւ
երեսփոխանութեան,
յամին
331
միայնակ
եւ
բուն
քահանայապետ
ճանչուեցաւ
Հայոց,
եւ
եօթն
տարի
կեցաւ
սրբազան
պաշտաման
մէջ,
ոչ
պակաս
այլ
եւ
առաւել
եւս
քան
զհայրն
վերագոյն
երեւեցուցանէր
սա
զիւր
վարդապետութիւնն
առ
հարքն,
եւ
յետ
նորա»,
որպէս
վկայէ
ականատեսն
եւ
ականջալուրն
Ագաթանգեղոս,
եւ
միւս
պատմիչն
ասէ.
«
Արդարեւ
էր
սուսեր
հոգեւոր
ըստ
ասացելումն,
վասն
որոյ
թշնամի
ամենայն
անիրաւաց
եւ
զազրագործացերեւէր»:
Իր
եօթնամեայ
միայնակ
քահանայապետութեան
միջոց
Առիստակէս
ջանաց
իր
լուսաւորիչ
հօրը
լոյսը
աւելի
ծաւալել,
կարգերը
հաստատել,
պակասները
աւելցընել,
մասնաւորապէս
վանքերը
շատցուց,
եկեղեցեաց
մէջ
ալ
յիշուի
Ծոփաց
գաւառին
մէջ
շինած
մեծ
եւ
հոյակապ
եկեղեցին:
Իսկ
գրաւոր
յիշատակ
հասած
չէ
մեզի
իրմէ,
միայն
կու
յիշուի
որ
հօրն
հետ
կանոններ
գրաւ
եւ
վարդապետութիւն
եկեղեցւոյ:
Ի
ներբող
իմանալի
եւ
զգալի
եկեղեցւոյ
վայելչաբան
շարական
մ՚ունիմք,
«Զորս
ըստ
պատկերի
քում»,
են.
ասոր
հեղինակ
կարծուող
զանազան
անձանց
մէջ
երիցագոյնն
է
Առիստակէս,
թէ
եւ
ոչ
հաւանագոյն,
եւ
ասի
թէ
յետ
դարձին
ի
ժողովոյն
Նիկիոյ
երգած
ըլլայ.
«Կեցս
զորդի
ծառայի
քո
զոր
ի
Հռովմայ
գահիցն
վերապատուեցեր,
ու
եդին
զվէմն
հաւատոյ
հիման
սուրբ
եկեղեցւոյ»:
Իսկ
իր
վերագոյն
եւ
սուսեր
հոգեւոր
աներկիւղ
վարդապետութեան
պայծառագոյն
վկայութիւն
այլ
է
իր
վարդապետութեան
եւ
կենաց
կատարածն:
Հայոց
հաւատալէն
վեր
մօտ
քառասուն
տարի
անցեր
էր,
որչափ
որ
քրիստոնէութիւն
համարձակ
ծաւալեալ
պաշտուէր,
բարուց
թուլութիւնն
այլ
կու
սկսէր
երես
ելնել.
մանաւանդ
որ
մեծն
Տրդատ
այլ
ծերացեր,
եւ
ինքն
այլ
իր
հոգեւոր
հօր
Գրիգորի
նման
ճգնասիրութեան
եւ
առանձնութեան
փափագէր,
ասով
թուլամիտք
եւ
թուլահաւատք
սկսան
համարձակութիւն
առնուլ,
մանաւանդ
ուր
որ
թագաւորէն
շատ
հեռու
էին:
Անոնցմէ
է
եւ
Արքեզայոս
Ծոփաց
նահանգին
նախարարն,
սահմանակից
Փոքր
Հայոց
եւ
Յունաց
բաժնին,
եւ
ըստ
ոմանց`
ազգաւ
այլ
յունախառն,
ասոր
երկրին
մէջ
էր
Առիստակիսի
շինած
մեծ
եկեղեցին,
ուր
թերեւս
սովորական
աթոռն
այլ
գրած
էր,
եւ
շատ
անգամ
գալով
եւ
տեսնելով
նախարարին
անքրիստոնեայ
վարքը`
հայրապետաբար
կու
խրատէր
եւ
յանդիմանէր,
բայց
ամպարիշտն
ոչ
միայն
ոչ
զգաստացաւ,
այլ
սխալով
եւ
մախալով`
Հերովդիսի
եւ
Հերովդիադայ
խորհուրդը
մտաբերեց,
մեր
ճշմարտաքարոզ
կարապետին
գլուխն
առնուլ,
մենասէր
տատրակին
մրմունջը
լռեցընել,
եւ
երբ
որ
մը
սուրբ
հայրապետն
քանի
մը
աշակերտօք
առանձնաբար
կու
գար`
շատ
չբանած
ճամբէ
մը,
յանկարծ
ծածկուած
դարանէն
աւազակի
պէս
դուրս
ցատքեց
Արքեղայոս
իր
սպասաւորներովն,
եւ
որով
թռուց
սրբոյն
աստուածախոհ
եւ
քաղցրաձայն
գլուխը…
Անապատէ
յանապատ
փչեց
շունչը,
ի
միայնութենէ
մարմնոյն
յաստուածային
միայնութիւն
միացաւ
մաքուր
հոգին,
որ
աւելի
քան
զ60
տարի
իբրեւ
բռնի
արգելեալ
էր
ի
պարկեշտ
հոգեղէն
բնակարանին:
Առաջինն
ի
յաջորդաց
Լուսաւորչի
այսպիսի
վկայական
մահուամբ
կնքեց
իր
մեծ
եւ
ծանր
պաշտօնը.
աւելի
յայտնի
արեան
նահատակութեամբ`
քան
իր
ամեն
յաջորդքը:
Իսկ
իր
հոգէփայլ
բազմակցաց
մէջ,
իրեն
նմանագոյնն
կուսութեամբ
Ս.
Գրիգորիս.
մահուամբն
այլ
կերպով
մը
նմանակից
է,
չարաչար
արեան
հեզութեան
սպանմամբ,
անոր
եղբայրն
Յուսիկ`
ծեծով
անարիւն
զոհ
եղաւ.
Ներսէս
նոյնպէս
վկայ
եւ
գոհ,
այլ
աւելի
ծածուկ,
թունով
մահացեալ,
Վրթանէս
եւ
Սահակ
միայն
բնական
մահուամբ
եւ
ծերութեամբ
մեռան
յանկողնի,
ի
միջի
սիրելեաց.
իսկ
պարագլուխ
գուպարիցն`
Ս.
Լուսաւորիչն,
մովսիսանման`
առանձինն`
հրեշտակաց
առջեւ
եւ
Աստուծոյ:
Աշակերտք
Ս.
Առիստակիսի
տարին
անոր
միշտ
մահացեալ
մարմինը
եւ
թաղեցին
ի
Թիլն
աւանի`
գաւառին
Լուսաւորչի,
որուն
սեփական
ստացուած
տուած
էր
այն
տեղն
թագաւորն
Տրդատ,
որ
ի
հարկէ
լսելով
այս
մեծ
գոյժը,
եկա՞ւ
սպանելոյն
եղբօր`
Վրթանիսի
հետ`
յետին
պաշտօնը
կատարելու,
տրտմութեամբ
եւ
սրտմտութեամբ,
յորմէ
զարհուրած
աջակերպն
Արքեղայոս
մէկէն
փախեր
եւ
Կիւլիկիոյ
մէջ
Տօրոսի
դժուարակոխ
լեռներու
մէջ
ընկեր
էր:
Աւանդութիւնն
յիշէ
թէ
եւ
ինքն
սուրբ
հայրն
Գրիգոր
ազդմամբ
հոգւոյն
իմանալով`
եկաւ
լալու
իր
խոստովանութեան
պակասորդը
լեցնող
վկայամահ
որդին,
որ
եւ
հօրը
քարոզութեան
պակասորդը
կու
լեցնէր.
եւ
թերեւս
հոգեւոր
նախանձով
մը
դարձաւ
իր
ճգնարանը,
անկէ
ետեւ
լուսաւոր
տեսութեանց
մէջ
նոր
երեւոյթ
մ՚այլ
ունենալով,
զԱռիստակէս
արիւնլուայ:
Աշխարաշրջիկ
վարդապետ
մը
մեզմէ
երեք
դար
առաջ,
կ՚ըսէ,
թէ
սուրբ
Առիստակէսի
կարապետանման
գլուխն
ի
Քորֆու
կղզին
տեսեր
եւ
պատուեր
է.
բայց
մեզ
անծանօթ
ըլլալով
ե՞րբ
եւ
ի՞նչպէս
եւ
հիմա
ո՞ւր
ըլլալն,
փափագիմք
գիւտին.
եւ
մխիթարիմք
աստեղազարդ
երկնից
բեւեռին
նայած
ատեննիս`
դիտել
եւ
նկատել
Սայլին
երկրորդ
բարձրակամար
այստեղ
հետ
զԱՌԻՍՏԱԿԷՍ:
Եթէ
ըստ
մենասէր
ախորժանացն`
գործովք
եւ
հռչակաւ
այլ
անծանօթագոյն
մնաց
այս
սուրբս
քան
զընկերակիցսն,
սակայն
արդեամբք
հաւասար
եւ
առաւելեալ.
վասն
զի
գրեթէ
քան
զամենայն
յաջորդսն
(բաց
ի
Սահակայ)
երկարագոյն
միջոց
(իբրեւ
քառորդ
մի
դարու)
եպիսկոպոսական
եւ
հայրապետական
հոգաբարձութիւն
ըրաւ,
եւ
Լուսաւորչի
քահանայապետութեան
կէս
միջոցը
եւ
կէս
հոգը
մէկ
տեղ
կրեց,
անոր
սրբազան
լուսոյն
հետ
մօտագոյն
խառնելով
իր
կուսափայլ
հոգւոյն
ճերմակ
ճառագայթները,
զոր
եւ
յետոյ
ի
ծիրանեգոյն
ծարրելով`
իր
ջերմիկ
արեամբն`
սլացաւ
յառաջ
քան
զհայրն
եւ
զայլս
ամենեսին,
Հայ
հայրապետաց
գուպարից
նախագահ
ըլլալու
ի
դպրութեան
յաւիտենից: