Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  9 Նոյեմբ. 553

ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ` շնորհաւոր անունն ` պանծալի եւ սիրելի է աստուածապաշտ ազ գ աց, աւելի եւս քրիստոնէից ` ճշմարիտ աստուածապաշտից, եւ այլ աւելի յարեւելս, ուր թուրք եւ պարսիկ լեզուաւ ալ յաճախ լսուին Ալլահվերդի եւ Խիւտատադ անուանքն. որ Աստուածատուր նշանակեն: Հայոց մէջ այլ այս անունս որչափ գ ործածուած ըլլալն ` յայտնի է մերայոց, նաեւ խան գ արեալ եւ կտրատեալ այլափոխութեամբ Ասուատուր Աստուր, Ծատուր, Տատուր, եւ այլն: Կրօնք ` հարկաւ կերպով մկ կ ՚ ազդէին մարդկան իրենց կենաց տուրքը ` ոչ միայն ճանչնալ յԱստուծոյ ` այլ եւ խոստովանիլ, անոր համար բնական էր ր իրենց զաւակներն այլ ըանչէին Աստուծոյ տուրք կամ պար գ եւ: Այսպիսի բնական ազդման անտարակոյս օրինակը տուին բոլոր մարդկութեան ` անոր նախածնողքն, երբ առաջին ծնեալ մարդուն ( Կայենի ) կամար գ ոչեցին, Ստացայ մարդ Սոտուծով: Նոյն զ գ ացմամբ շատ հեղ այլ Աստուծոյ մէկ մասնաւոր զօրութեանը կամ շնորհացը նուիրեցին մարդիկ իրենց ծնունդք. ինչպէս որ Եբրայական աստուածապաշտ կրօնից մէջ ել ( Աստուած ) վերջացեալ անուանքն կու յայտնեն, Գաբրիել, Միքայել, Դանիել, Ուրիել, Ռափայել, եւ այլն: Ըստ այսմ եւ հեթանոսք ` որ Աստուծոյ վայլած եւ չվայլած զօրութիւններ եւ կրքեր անձնաւորելով ` բազմաստուած եղան, այն առանձին աստուածոց պար գ եւ կամ նուէր սեպէին իրենց որդիքը, ինչպէս ( թողլով զօտարս եւ ) գ ալով մեր եւ մեր դրացի ազ գ աց ` կու գ տնեմք զանուանս Տրդատ, Միհրդատ, Զրուանդատ, Որմզդատ, եւ այլն, որք նշանակեն տուրք Տրի, Միհրայ, Զրուանայ, Որմզդի: Այսպէս գ եղեցիկ կերպով մ ՚ այլ սեփականեալ են նոր կրօնիցս սրբազան անուանակոչութիւնը, ինչպէս Քրիստոսատուր, Տիրատուր, Խաչատուր, որք մեր քրիստոնութեան բաւական հին դարուց մէջ այլ կու լսոին, ինչպէս նաեւ Աստուածատուր անուամբ եպիսկոպոս մը յառաջին կէս Զ դարու: Բայց այս դարուս կիսէն կու սկսի թէ մերազ գ եաց եւ թէ մերձաւոր եւ հեռաւր արեւելեաց քրիստոնէից մէջ ` այն վսեմական անուան աճախութիւնն, եւ շատ տեղ ` սկզբնաւորութիւնն. պատճառաւ նահատակութեան մէկ անծանօթ եւ անկարծելի մարդու մը, որ զայս անունս ինքնին ընտրեր առեր էր վրան, թէ եւ ուրիշ լեզուա եւ կոչմամբ եւ որոյ յիշատակն հիմայ փառօք կատարուի մեր եկեղեցւոյ մէջ:

Մեր հին պատմչաց հարեւանցի յիշատակօք եւ Յայսմաւուրաց համառօտելովն ` անշուշտ անծանօթ չէր քեզի այլ, Ս. Աստուածատուր, բայց այն համառօտ յիշատակաց աղբիւր ` սրբոյն վկայաբանութին ` որ դեռ չէր յերեւան ելած մեր ազ գ ային պատմութիւնը եւ Սրբոց վարքերը երկարօրէն գ րողաց ժամանակն, այսօր կու գ տուի իմ ձեռքս, սրբոյն ժամանակակից եւ չարչարակից անձի մը ձեռօք նախ գ րուած, եւ ուրիշ ճարտար գ րչով կոկած, ուսկից կ ՚ իմանամք ` որ անոր նահատակութեան օրն եէած է ստու գ իւ այսօր, այսինքն 9 նոյեմբերի 553 տարւոյն, ( եւ ոչ 552 ինչպէս կարծուէր ինչուան հիմայ ), միան գ ամայն եւ քանի մը ազ գ ային պատմութեան եւ սովորութեանց կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ գ րուածս: Ասոր հաստատութիւն ոնիմք եւ ժամանակակից մեծանուն յոյն հեղինակի մը գ րուածոց մնացորդը, նոյնպէս նոր գ տուած, որ մեր պատմութեան եւ կերպով մը սրբոյս այլ պարծանք մը կրնայ սեպուիլ, եւ է նա Մենանդր ` ժամանակին ամենէն ճարտար գ րիչն, յորում դեռ յոյն ընտիր դասա գ րաց շնորհքն փայլի, եւ որ ծանօթ եւ նշանաւոր էր ի դրան կայսերած Կ. Պօլսոյ: Այս ատեն ( ի կէս Զ դարու ) դեռ երիտասարդ էր Մենանդր, եւ լսելով Աստուածատրոյ նահատակութիւնն ի Հայս ` այնպէս սքանչացաւ եւ վառուեցաւ, որ ողբեր գ ութիւն մը դրեց այն դիպուածին վրայ, ինչպէս ինքն կու յիշէ, եւ մեզի ցաւեցնել կու տայ անոր կորստեանը վրայ. քիչ մ ՚ այլ կու մխիթարէ անկորուստ հասցընելով մեզի իր ուրիշ կարճ գ րուած մը ` ի նոյն վկայն, զոր յետոյ յիշեմ քեզի, Հայկակ:

Բայց ինչու արդեօք Աստուածատրոյ վկայութիւնն այնպէս մեծ զարմանք բերաւ եւ հռչակ ձ գ եց այն ատեն, որով հիմայ արժանապէս հռչակելի է: - Ասոր պատճառն, բայց ի սրբոյն արիական եւ գ եղեցիկ սեպեմ, Պարսիկ ըլլան, ազ գ դժուարահաւատ ի քրիստոնութիւն, մէկ մ ՚ այլ այնպիսի ատեն եւ այնպիսի տեղ նահատակուիլն:

Տեղն է Դուին, բոլոր Հայոց ոստանն կամ մայրաքաղաքն, ժամանակն այլ ` եկեղեցւոյ հանդարտութեան եւ մարտիրոսութեանց զար գ ացման ատեն մը:

Վասն զի, հոս ( եկեղեցական եւ քաղաքական պատմութիւն մէկտեղ խառնելով ) պէտք է յիշել, որ գ րեթէ դար մը կամ գ ոնէ 70 տարի էր, որ դադրեր էին ի Հայս հալածանք Պարսից, ( որք տիրէն մեր աշխարհին մեծա գ ոյն մասին ), արդեամբ քաջին եւ առաքինւոյ Մեծին Վահանայ Մամիկոնոյ, որ յետ երկար եւ դիւցազնական պատերազմաց եւ յաղթութեանց ` ստիպեց զարքայից արքայն Պարսից, ոչ միայն ազատ թողլու զՀայս իրենց կրօնից մէջ, այլ եւ յանձն առնլու անոնց վրայ փոխարքայ կամ մարդպան դնել իրենց ազ գ այիններէն, ինչպէս որ եղաւ նախ ինքն Վահան 25 կաո 30 տարւոյ չափ, յետոյ իր եղբայրն Վարդ 3 կամ 4 տարի, ուսկից ետեւ թէպէտ քանի մը տարի Սուրէն անուամբ Պարսիկ մարզպան մը կեցաւ, բայց նորէն իրեն յաջորդեց Հայ իշխան մը, Մժէժ Գնունին, որ 30 տարի (518-547) քաջութեամբ եւ խոհեմութեամբ վարեց իշխանութիւնը եւ Յունաց ու Պարսից երկար հակառակութեանց եւ պատերազմաց մէջ ` իր սահմանները ( զարեւելեան Հայս ) պահեց ի խաղաղութեան, մինչեւ նոյն ինքն մեծանուն ` բայց եւ խելայեղ եւ գ ոռոզ շահնշահն Խոսրով Անուշռէվան, - զոր Պարսիկք գ երա գ ոյն եւ սիրելա գ ոյն կու սեպեն քան զամենայն թա գ աւորս իրեանց, նաեւ քան զԿիւրոս իսկ. - Խոսրով ինքն ` որ ամեն բան եւ կար գ վեր կու շարժէր, չկարցաւ Հայոց մարզպանը մեղադրել: Թէպէտ պէտք է հոս զայս ալ խոստովանեմ, որ այս յիշեալ 70 տարուան միջոցս, այսինքն մեծին Վահանայ մարզպանութենէն մինչեւ ի նահատակութիւն Աստուծատրոյ ` (485-553) մեր պատմութեան մթա գ ոյն ժամանակներէն մէկն է. այս միջոցս եւ գ րեթէ բոլոր Զ դարւս մէջ ազ գ ային պատմիչ մը չունինք կամ չեմք գ հած, որ մեր աշխարհին մէջ հանդիպածները մանրամասն իմացընէ մեզի:

Արդ յետ մահուան Մժեժայ, որ հանդիպեցաւ Յունաց եւ Պարսից կռուոց եւ վիճից ատեն, երկու մեծանուն տիրապետաց օրով. ( Յոստինիանու կայսեր եւ Խոսրովու ) որովհտեեւ արդէն քանի մը Հայ իշխանք ( Արշակունիքն Յովհաննէս եւ իր որդին Արտաւան եւ կամսարականքն Ներսեհ, Հրահատ եւ Սահակ եղբարք, եւ այլք ` անցեր էին կողմն Յունաց, եւ զԱփրիկէ ու զԻտալիա նուաճէին ի ծառայութիւն կայսերաց, զօրավարելով առանձին կամ ընդ ձեռամբ Բելիսարու եւ Ներսիսի պատրկի Հայկայնոյ ), Խոսրով ` որ արդէն սկսեր էր ծուռ աչքով նայիլ քրիստոնէից վրայ, եւ կու նեղէր իր ձեռաց տակ եղողները, ( ինչպէս որ մեր սրբոյս վկայաբանութիւնն այլ զայս վկայելով կու սկսի. « Ընդ ժամանակս թա գ աւորութեանն Խոսրովու որդւոյ Կաւատայ արքային Պարսից ` առաւել զայրացեալ լինէր խոստովանութիւնն որ առ Քրիստոս, եւ ոչ սակաւք նահատակեցան յաշխարհին Պարսից եւ ի դրան արքունի ». ) հարկաւ չէր կրնար բոլորովին վստահիլ Հայոց եւ ծերունի Գնունւոյն ( Մժէժի ) պէս հաւատարիմ համազ գ ի յաջորդի մը յուսալ: Ուստի զրկեց պարսիկ մարդպան մը, զոր պատմիչք մեր Դենշապուհ կ ՚ անուանեն, բայց մեր վկայաբանութիւնն ցուցընէ զՆիխորական, որ գ ուցէ պատուանշան կամ ցեղական կոչում մ ՚ է իսկ առաջինն ` բնիկ անուն, բայց յոյն պատմիչք այլ Նախօրական անուամբ յիշեն զսա քանի մը տարի ետեւ: Սա սկսաւ Պարսից առաջին մարզպանաց պէս դառնութեամբ նայիլ քրիստոնէից վրայ. եւ թէպէտ դեռ չէր համարձակեր Հայոց վրայ ձեռք ձ գ ել, բայց ուրիշ ազ գ աց ` որ հոն ի Հայս գ տուէին ` չէր խնայէր:

Այն ատենները Դուին մայրաքաղաքն Հայոց ` ոչ միայն անոնց քաղաքական վարչութեան կենդրոնն էր, այլ նաեւ մեծ շահաստան մը վաճառաց, հնդկական, յունական եւ կովկասեան ճանապարհաց եւ կարաւանաց միջոց, եւ երկար խաղաղութեամբ այլ խիստ հասրտացեալ եւ պայծառացեալ: Ամէն արեւելեաց ազ գ է մարդ գ տուէր հոն, որոց մէջ բազմաթիւ էին եւ Ռաժիկ ըսուած ազ գ ի մը վաճառականք, ( որք հաւանօրէն էին հին Ռա գ աւի սահմաններէն, այսինքն է Ռէյ, Դէհրանի մօտ, վասն զի Պարսիկք Ռազի կոչեն զՌա գ աւցիս, որ են Պարսից եւ Ասորեստանի միջոց ): Ասոնցմէ աւելի էին Խուժիկք, որ կրօնիւք քրիստոնեայ, բայց շատն նեստորական ըլլալով ` Հայոց շփոթութիւն եւ ատելութիւն պատճառէին. անոր համար Ներսէս կաթուղիկոս եւ յաջորդքն ժողովքով ջանային զ գ ուշացընել զՀայս, չկարենալով իշխանաբար վռընտել զԽուժիկս, որք երթալով շատնային եւ լրբանային, մանաւանդ երբ Մանաճիհը անուամբ Ռաժիկ մը հաւատալով ի Քրիստոս եւ մկրտուելով ու Գրի գ որ անուանելով ` նահատակեցաւ Նիխորականի հրամանաւ կամ բռնութեամբ ( յամի 547-8): Կ ՚ երեւի թէ Խուժիկքն կամ պատճառ եղած էին ասոր քրիստոնէոթեան, կամ իբրեւ իրենց ազ գ ին մերձաւոր սեպելով ` մեծ ձայն եւ հռչակ հանեցին, եկեղեցական եւ աշխարհական հանդէս եւ աղաղակ իրարու խառնելով. եւ անոր մարմնոյն վրայ մատուռ մը շինելով: Դունայ մէջ սկսան թէ հերձուածով եւ թէ անկար գ ութեամբ պաշտօն կատարել: Այս բանս ոչ այնքան գ այթակղութիւն ` որքան գ արշութիւն եւ նախատինք կ ՚ ըլլար Հայոց. մանաւանդ որ հոն մօտ էր իրենց կաթուղիկոսն եւ կաթուղիկոսարանն եւ գ լուխք հայկական ազնուապետութեան, որք եւ ամենայն ուժով միաբանեցան հարկեցուցին զմարզպանն այլ, եւ այն Խուժկաց ժողովարանը հիմն ի վեր աւրեցին: - Այս վկայիս ` ( Գրի գ որի Ռաժկի ) որ յետ երկայն տարիներու նոր վկայ եւ առաջին օտար վկայ եղաւ ի Հայս, պատմութիւնն կամ վկայաբանութիւնն մեզի դեռ հասած չէ, որով կարեւոր դիպուած մը մթութեան մէջ կու մնայ. այսինքն այն Ռաժկին եւ Խուժկաց մէջն եղած կապակցութիւնն. սակայն իր առած Գրի գ որ անունն եւ մեր տօնացուցին մէջ անցնիլն ` վկայ են իր ուղղահաւատութեանը. մէկ մ ՚ այլ յայտնի կ ՚ երեւի ` որ հրապարակաւ եւ նշանաւոր կերպով մ ՚ եղած է նահատակութիւնն. այլ այլ պատճառ եղած է ուրիշ աւելի հռչակաւոր նահատակութեան մը:

ժկին վկայութեան տեղն որոշ չի յիշուիր, այլ այնպէս կ ՚ երեւի թէ Նիխորականի բանակին մէջ էր եւ ճամբու վրայ ` ի Հայս ատեն, եւ յայտնի այլ է որ մարզպանի մը բանակն բազմաթիւ եւ դաս դաս մարդկանց ժողովք մ ՚ էր. անոր համար շատ հանդիսատեսք կային անոր վկայական մահուան, ինչպէս նաեւ անոր քննութեան եւ պատասխանատւութեանցը: Հանդիսատեսաց ամենէն աւելի զուարճացող դասն, եւ ըստ մեզ ամենէն զզուելին ` էր Պարսից կրակապաշտ մո գ աց դասն, որք մարզպանին հետ կու գ ային ` դարձեալ իրենց մոխրովը մեր այրարատեան սրբազան դաշտերը տխրեցնելու, եւ թեեւս իրենք գ ր գ ռեր էին զմարզպանն ` այնպիսի տարաժամ զոհով մը իր մուտքն ի Հայս նշանաւոր եւ ատելի ընելու: Բայց իրենց մէջ կար երիտասարդ մ ՚ այլ ` մո գ եւ մո գ ի որդի, իբր 25 տարուան, որ իրենց դենին ամեն վարդապետութիւնը լաւ գ իտէր, եւ յաջող ու խելացի ճանաչուէր, եւ հոս ոչ այնքան հաճութեամբ որչափ զարմացմամբ կեցեր, բարձրակամար յօնքերը իջուցեր, սրաձեւ թուխ մօրուքը ձեռքն առած լռած կու դիտէր եւ կ ՚ ափշէր. մանաւանդ երբ կու լսէր Ռաժիկ վկային անվախ եւ զուարթ խօսքերը ` չարաչար տանջանացը մէջ: Եւ երբ անոր զոհը կատարուեցաւ, գ րեթէ իրենն այլ սկսաւ. մո գ ոթեան խաբէութիւնը եւ քրիստոնէութեան ճըշմարտութիւնը եւ մեծութիւնը ճանչցաւ. այն օրէն ետեւ այլ երեսին գ ոյնն եւ յոնքերուն հպարտութիւնն գ նաց. մանաւանդ երբ օր մը տարակուսի եւ տա գ նապի մէջ քնանալով ` տեսաւ յերազի զինքը քրիստոնէից եկեղեցւոյ մէջ ` ուր սպիտակազ գ եստ անձ մը զինքը կու խշնորհաւորէր հոն գ տուելու համար, եւ կու յորդորէր հետեւելու քրիստոնէից: Արթընցաւ եւ զուրաթացաւ երիտասարդ մո գ ն, որոյ անունն էր Մախուշ կամ Մախոժ, եւ հայրենեօք էր ի Բեշապուհ գ աւառէ Պարսից, ծննդեան գ եղն այլ կոչուէր Քունարաստան. որոց որ կողմն ըլլալն հիմայ շատ ծանօթ չէ, եւ ոչ այլ շատ հետաքննելի, այլ աւելի իր կատարածին տեղը գ իտել ախորժելի է:

Մախոժ զատուելով մարզպանին բանակէն ` որ յԱյրարատ կ ՚ երթա, ճամբան փոխեց դէպ ի նահան գ ն Սիւնեաց. եւ առանց որոշ ամենուն յայտնելու ով եւ ինչ մտաց վրայ ըլլալը, սկսաւ գ աղտուկ քննել եւ տեղեկանալ քրիստոնէութեան, որ այն ( Սիւնեաց ) կողմերը թէ աւելի համարձակ կը պաշտուէր եւ թէ աւելի գ իտուն վարդապետներ ունէր, յաշակերտաց մեր երանելի քերթողահօրն Մովսիսի եւ Պետրոսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի: Քանի մ ՚ ամսէն դարձաւ Մախոժ ի Սիւնեաց ` իբրեւ կէս քրիստոնեայ, եւ եկաւ ի մայրաքաղաքն Դուին, ուր իր մո գ ըլլալը յայտնի ըլլալով ` պէտք էր որ մո գ աց քով այլ գ տուի. ուստի մտաւ խառնուեցաւ ի դաս մո գ ուց Հայոց համակարին. ( այսպէս կ ՚ անուանէր Պարսից թա գ աւորին կողմէն գ րուած հարկաժողով պաշտօնեայն ): Թէ եւ մո գ ուց հետ կու կենար եւ անոնց պախտամանց ներկայ կ ՚ ըլլար Մախոժ, բայց սրտով ուրիշ տեղ էր. մարմնով այլ անոնցմէ հեռանալու եւ սրտին հետ միանալու համար յեկեղեցւոջ ` առիթ մը միայն պէտք էր. առիթն այլ շատ չուշացաւ հանդիպելու:

Զրադեշտի հետեւողք կամ մո գ ք ` որչափ այլ ի սկզբան պարզ կրօնք մ ՚ ունէին, այնչափ այլ անոր յիշատակները կամ տօները շատցուցին. տարւոյն ամեն օրերն այլ մէկմէկ իզէդի կամ ո գ ւոյ նուիրած էր. իսկ ամսոյն առաջին օրն կամ ամսա գ լուխն ` աւելի սրբա գ ոյն սեպուէր եւ հանդիսիւ կու տօնուէր ատրուշանի ( կրակարանին դիմաց: Այսպէս երբ եկաւ իրենց մեհեկանի ամսա գ լուխն ` ձմեռ ատեն ( որ թուի թէ Միհր ամիսն էր, եւ իբր ի սկիզբն 549 տարւոյն ), համակարն իր ապրանից մէջ տարուշանին դիմաց օրինական տօնը եւ կրակին նուէրը կատարել տուաւ: Այս նուէրը կենդանեաց զոհ չէր, ուրիշ հեթանոսաց ըրածին նման, այլ եղոտ նիւթերը որ կրակին վրայ կու թափէին. զոր մեր պատմիչն աղտեղ կոչէ. « ըստ սովորութեանն իւրեանց զոհս աղտէղ մատուցանէին հրոյն »: Մո գ երն այլ ասանկ ատեն կրակին դիմաց կենային ` մասնաւոր շինուած երիզով մը կապած, որպէս զի շնչով այլ չպղծեն սուրբ կրակը. ձեռուընին այլ կունա գ լուխ գ աւազան մը կամ սառն կ ՚ ըլլար ի նշան հրամայելու: Այս ձեւով եւ կերպով կեցեր էր Մախոժ այլ միւս մո գ աց հետ կրակին դիմաց. եւ անշուշտ բերանակապին տակ առանց տեսնելու կու ծիծաղէր իրենց խայտառակ կրօնքին վրայ, մանաւանդ երբոր սաստիկ պաշտօնատարութեամբ չափէն աւելի առատապէս մատուցին աղտոտ աղտէղը. անյա գ կրակն այլ իբրեւ լափելէն վերջապէս կշտանալով ` սկսաւ ուռիլ. բոցերը բարձրացնել ինչուան սենեկին ձեղունը:

Մախոժի ծիծաղն ուրիշներուն ` ի լաց դարճաւ. կրակն կատղեցաւ. բոցն աճեցաւ, բռնկեցաւ ձեղունն, եւ յ անկարծ հրդեհի ծուխն ծաւալեցաւ: Շփոթեալ մո գ երն ` կապերնին քակեցին, զոհի նիւթերը եւ գ ործիքը մէկդի քաշեցին, իրենց պաշտած կամ պատոած կրակին չափազանց գ ործունէութիւնն այլ սանձել կ ՚ ուզէին, կ ՚ աշխատէին, բայց հնարք չեղաւ. անճըկած ` ատրուշանէն դուրս ընկած, եւ քիչ մ ՚ առաջ կապած բերաննին հիմայ կրցածնուն չափ մեծ բանալով ` սկսան օ գ նութեան կանչել իրենց բոցածաւալ չաստուածը զսպելու: Շշնկոց շփոթութիւնն ձայնձնեցաւ բոլոր քաղաքը. հազարապետն Հայոց, այսինքն ազ գ ային կամ քաղաքին ներքին կառավարութեան իշխանն ` փոխանակ նիւթական հնարքի դիմելու, այսինքն ջրոյ, որով կրակը մարելը ` մեծ մեղք եւ յանդ գ նութիւն կու սեպուէր Պարսից, եւ հետեւաբար իրեն կամ ազ գ ին մեծ վնաս կրնար բերել, գ րեթէ կու հարկաւորէր գ երա գ ոյն հնարքի կամ հրաշքի մը դիմելու, ուստի փութացաւ վազեց յեկեղեցին, որ կրօնից սրբութեան պաշտօնեայքն այլ իրենց տօնը կու կատարէին, եւ կ ՚ աղաչէր կու ստիպէր որ սուրբ խաչն առնուն երթան յաղթեն մարեն կրակը: Փութացան քաջահաւատ պաշտօնեայքն այլ, առին իրենց եւ ամենայն աշխարհի փրկութեան գ ործին ` սուրբ Խաչը. հասան կան գ նեցին կնքեցին կատղած կրակին վրայ. եւ մէկէն « բոցն տարածեալ ` չիջանէր առհասարակ »: Բոլոր մեծ մայրաքաղաքն Դուին տեսաւ այս հրաշքը, քրիստոնեայ եւ հեթանոս հաւասար. ոչ ոք կրնար ուրանալ կամ զարմանքը ծածկել. ուստի եւ առանց վախի նոյն իսկ համակարին խաթունն ` որ իր տանը եւ ընչից մոխիր դառնալը աչին առջեւ կու տեսնէր, այս անակնկալ ազատութեան վրայ լի գ ոհութեամբ շնորհակալութիւն ( եւ ընծայ ) գ րկեց պաշտօնէից սուրբ եկեղեցւոյն եւ խաչին:

Սակայն եղածին վրայ ամենէն աւելի զարմացողն կամ զարմանքէն օ գ ուտ առնողն եղաւ մեր Մախոժը, այսպիսի յայտնի հրաշք, եւ քրիստոնէից պարծանաց խաչին զօրութիւնը տեսնելով ` այլ չդիմացաւ կամկար կարկած կենալու. խլեց բերանակապը ` ձ գ եց կոխեց. ձեռքի մո գ ական ուռը զարկաւ ի գ ետին կոտրտեց եւ վազելով եկեղեցւոյն պաշտօնէից մէջ ` յափշտակեց սարկաւա գ ին ձեռքէն բուրվառը, եւ քան զաղտէղն լիուլի լեցընելով խունկը ` ամենայն ուժով շարժէր կու ճոճէր, անուշահոտ եւ պղծահալած ծուխը ` հրդեհին բոցէն ու մուխէն ալ վեր բարձրացնել ջանալով: - Եւ անշուշտ հասաւ այլ, թէ ոչ տեսանելին ` այլ իմանալի ծուխն, աւելի ի սրտէն Մախոժի քան ի բուրվառէն ` ի վեր քան զբարձրայարկս տպարանից համակարին, նա եւ քան զկաթուղիկէ գ մբէթս Դոնայ մինչեւ յերկինս ` յորս հան գ չի Աստուած: - Ապա նոյն տաքութեամբ եւ վառեալ հաւատով բուրվառը դարձնելով պաշտօնէից ` ճամբայ գ րաւ որ երթան իրենց եկեղեցին եւ իրեն համար այլ աղօթեն. « Խնդրէք յԱստուծոյ վասն իմ, զի եւ ես քրիստոնեայ եմ »:

Մէկ ժամոան մէջ ի՜նչ այլ եւ այլ տեսարանք. քանի՜ զարմանք յերկրի եւ յերկինս. ի՜նչ ուրախութիւն եւ պարծանք քրիստոնէից, եւ փառք քեզի, ո՜վ սքանչելի գ ոմրծիք ` սուրբ Խաչ. որ երբեմն քան զամենայն գ ործիս դժպհի եւ չարաչար էիր, հիմայ քան զամենայն ` ցանկալի եւ փրկարար, երբեմն անուսից ան գ ամ դառնա գ ոյն ի դառնութիւնս, հիմայ ամենէն վերջին եւ զօրաւոր յոյս սրտի. սրտի ` որ աշխարհիս եւ կենաց ունայնութեանց եւ աղտեղութեանց մէջ թաւալելով, երբ կու հասնի անոնց վերջը, եւ երբ ոչ օ գ նութիւն եւ ոչ դիւրութիւն մը կրնայ գ տնել անոնցմէ կամ ուրիշ մէկէ մը, այլ եւ սոսկալի վախով կու պաղի ` յաւիտենական դատաւորի եւ դատապարտութեան մերձաւոր յիշատակաւ - յանկարծ նուազեալ աչաց վերջին լոյսը քու վրադ կ ՚ ընկնի. եւ հաւատոց վերջին ճ գ ով տեսնելով ի քեզ կատարուած աստուածային գ երա գ ոյն հանդէսը եւ զոհը, վերջին քայլը հասած յոյսը պնդապինդ կու բռնէ. սիրոյ կայծակ մը կու ծա գ է հո գ ւոյն վրայ, եւ զքեզ, ո՜վ աննման ան գ ին գ ործիք, զքեզ, որ շնչին փայտի կտոր մը կ ՚ երեւիս, աւելի քան զհամատարած ջրհեղեղին վրայ լողացող մարդակեցոյց լաստափայտը ` մեծաբաց եւ ամուր կամուրջ մը ձ գ ելով երկու յաւիտենականութեանց խորանդունդ վհին վրայ, կ ՚ անցնի ի կողմն փրկութեան եւ անվախճան կենաց: Ո՜հ, ինչո՞ւ ` այս նիւթական կրակը մարելէն մեծ հրաշքդ ` որ Մախոժի հո գ ւոյն աչքերը բոլորովին լուսաւորեց, ինչո՞ւ չբացաւ անոր ընկերաց մո գ ուց աչքն այլ, որք փոխանակ անոր պէս պայծառանալու, կարծես անոր լուսովն աւելի սեւերես երեւեցան. կրակին վախէն աւելի ` Մախոժի քրիստոնէութենէն տա գ նապելով ` իրենց չաստուածոյն աւելցուցած մոխրին գ ոյնն առին. եւ պահլաւերէն պապաջելով ` մանաւանդ թէ սատանայօրէն բարբանջելով ` մոռցան, կո՜յրքն եւ ապերախտք, դեռ նոր տեսածնին. եւ այն գ իշեր խառնակ ու խելառ խորհուրդներով կոծուելով, երկրորդ օրը հազիւ լուսացած ` գ նացին մարզպանին մատնելու իրենց դասէն ելած եւ Քրիստոսի փարախը մտած Մախոժը:

Նիշորական, որ ( ինչպէս իր վերջը ուրիշ աշխարհի մը մէջ ըրած գ ործովն այլ կ ՚ երեւի ), մեծախօս բայց վատասիրտ մարդ մ ՚ էր, մէկէն Մանաճհրի պէս զՄախոժ այլ յատեան կանչեց, եւ սկսաւ յանդիմանել. « Ա՜յ թշուառական, ընդէ՞ր զհայրենի մո գ ութիւնսն թողուս, եւ յիմար եւ ուխտակորոյս լինիս: - Պատասխանի ետ երանելին եւ ասէ. Ճշմարտիւ ասեմ, ո ' վ դատաւոր վասն իմ, զի 25 ամ ունիմ ` որով ընդ վայր աղանդաւորեցայ. իսկ այժմ ծանուցեալ զճշմարիտն Աստուած ` ի հայրենի բազմաստուածութենէն հրաժարեցի. վասն որոյ ոչ այսուհետեւ կենցաղոյս պատրանք յայլոց հաւատոց անջատեսցեն զիս. քանզի հանդերձեալ եմ տանել հասելոց տանջանաց »: Այս համարձակ եւ կտրուկ խօսքին փոխարէն ` հրամայեց մարզպանն ` որ ծեծ զարնեն Մախոժի երկու ան գ ամ տասներկու. ( որ կ ՚ երեւի թէ Պարսից պատժողական օրինաց մէջ նշանակութիւն մ ՚ ունի ): Անկէ զատ ` անոր վայելուչ հասակին եւ մո գ ութեանը զարդ մօրուքը եւ մազերը ` կտրել տուաւ. ձեռք ու ոտքն այլ կապել տալով ` հրամեց որ ձ գ են ի բանտ. ուր որ բաւական ատենէն վեր բանտուած էր իրեն պէս զրադեշտի աղանդէն հրաժարող եւ քրիստոնեայ եղած Ռաժիկ մը Ներսէս անուամբ, որ եւ յետոյ Մախոժի վարքը եւ նահատակութիւնը գ րեց. ( ըստ Յայսմաւուրաց վկայութեան. ) իսկ հիմայ կու սովրեցընէր անոր « զսուրբ հաւատս, եւ զսաղմոսս քսան. եւ այսպէս անդադար պաշտէր զԱստուած եւ աղօթէր »:

Նիխորական ` թերեւս Մախոժի նշանաւոր եւ մո գ ըլլալուն համար ` չէր համարձակեր աւելի խիստ եւ յետին դատաստանաւ դատելու, կամ յարմարա գ ոյն ժամանակի կու սպասէր: Բայց չյաջողեցաւ իրեն այս ժամանակը. վասն զի յետոյ կանչուեցաւ ի Խոսրովայ արքայէն Պարսից. եւ զՄախոժ թողլով ի բանտին ` գ նաց առ թա գ աւորն, ու քիչ ատենէն սպարապետ դրուելով Յունաց դէմ Լազիստանի պատերազմաց միջոց, հոն ղրկուեցաւ 60000 զօրօք. որոց մէկ երկու ան գ ամ իր հպատակութեամբ եւ անհանճարութեամբն յաղթուելու պատճառ եղաւ, եւ գ րեթէ բանակին քառորդը ջարդել տալով ` առանց թշնամեաց վնաս մը հասցնելու ` քաշուեցաւ ի Վրաստան. ուսկից կանչուեցաւ ի Պարսս, եւ իրեն խայտառակ զօրավարութեանը վարձք, չարաչար եւ պժ գ ալի պատիժ մը առաւ. սրտմտեալ թա գ աւորն ` ողջ ողջ անոր կաշին հանել տուաւ, եւ տիկ ձեւացընելով Տիզբոն մայրաքաղաքի ամենէն բանուկ հրապարակին մէջ կախել տուաւ:

Նիխորականի յաջորդ մարզպան եղաւ Նախապետ, իրեք տարի. որ եւ ի սկզբան իր նախորդին պէս յատեան քաշեց զՄախոժ, եւ քննելով ու նոյնպէս հաստատուն գ տնելով զնա ի հաւատս Քրիստոսի ` աւելի չարաչար ծեծել տուաւ, եւ երկաթի շղթաներով կապել ու թողուլ ի բանտին: Այս եռամեայ բանտար գ ելութեան միջոց Մախոժ անդադար աղաչանօք մկրտեցաւ իր բանտակիցէն ` ( Ներսիսէ ) որ եւ քահանայ էր, եւ Յայսմաւուրքն աբեղայ կոչեն, եւ ինքը խնդրեց, որ իրեն անուն դնէ Յիզիտբուզիտ, կամ ըստ Պարսիկ հնչման Եզտիբուզիտ, որոյ բուն իմաստն է Աստուծոյ շնորհահատոյց կամ Աստուած - ապրեցոյց, ինչպէս կ ՚ ըսէ Յովհան կաթուղիկոս. կամ ինչպէս մեր վկայաբանն կ ՚ ըսէ, յԱստուծոյ - փրկեալ, եւ կ ՚ աւելցընէ թէ եւ թար գ մանի Աստուածատուր. վասն զի այս անունս աւելի ծանօթ եւ իմաստին մօտ ըլլալով ` այսպէս անուանեցին Հայք եւ այսպէս կար գ եցին ի տօնացոյցս. նոյնպէս կ ՚ ընեն եւ օտարք ` երբ ուզեն թար գ մանաբար կոչել այս Պարսիկ անունը: - Կնքոյն եւ անուանն հետ երանելի մո գ ն փոխեց իր ձեւն այլ. ինչուան այն ատեն իր սովորական հա գ ուստներովն էր, հանեց զանոնք, բաժնեց աղքատաց, եւ անոնց տեղ հա գ աւ մազեղէն, եւ բոպիկ ոտիցն այլ հողաթափ: « Եւ այսպէս պահովք եւ աղօթիւք հսկէր, սաղմոսելով անդադար, գ եղեցիկ կրօնաւորութեան »:

Յետ երեք տարւոյ ` Նախապետին տեղ եկաւ Քնարիկ ըսուած մարզպան մը, որ հակառակ գ եղեցիկ կոչմանն ` խառնակ եւ դաժան ձայներ լսեցուց. առաջիններէն աւելի խստանալ սկսաւ քրիստոնէից վրայ իրեն համամիտ պաշտօնէիւքը, որոցմէ չարա գ ոյնն էր ատենադպիրն: Սա լսելով Աստուածատրոյ դիպուածը ` գ նաց ի բանտ, եւ կէս յանդիմանութեամբ եւ կէս խաբէութեամբ սկսաւ ըսել. Միայն դո՞ւ այդչափ խելացի գ տուեցար ` որ բոլոր Արեաց ( Պարսից ) աշխարհը բաւական չսեպեցիր, եւ ելար գ նացիր ուրիշի ծառայ ու գ երի եղար: - Աստուածատուր պատասխանեց, թէ ծառայել ամօթ չէ, այլ եւ բնական ամենուն. դու որու որ կարօտիս ` անոր ծառայ ես, կենդանիք մարդկան կու ծառայեն, մարդն այլ ` Աստուծոյ. ես երբեմն տ գ իտաբար ընդունայնութեան ծառայեցի, « Իսկ յորժամ գ թացաւ յիս Աստուած ` կալեալ զմտածութենէ իմէ ` կապեաց ի սէր պատուիրանաց իւրոց, ներկեալ յուսով շնորհի իւրոյ. զոր ոչ կարասցեն կենցաղոյս փորձութիւնքս փփոխել ». Դպիրն փոխանակ իր լեզուի ճարտարութիւնը թափելու, որով ` իմացաւ թէ պիտի չյաջողի, բիրը վերցընելով ` ան գ թաբար ծեծեց զվկայն. եւ յետոյ ուրիշ տանջանք եւ նեղութիւններ այլ տալ տուաւ. բայց ոչ բրով եւ ոչ բռնութեամբ կրցաւ յաղթել: Միայն թէ իր եւ նմանեաց ըրածներն ձանձրացուցին զՀայս, որք եւ ազ գ ովին բողոք խաւրեցին առ թա գ աւորն Խոսորվ, յիշեցընելով իր պապուն խոստմունքը ` չնեղելու զՀայս վասն հաւատոց:

Խոսրով առանց դժուարութեան լսեց Հայոց պատ գ ամաւորաց. վասն զի կու վախէր որ չըլլայ թէ նեղանալով իրմէ գ լուխ քաշեն եւ Յունաց կողմն անցնին, որոնց հետ արդէն թշնամութեամբ եւ կռուով էր: Խոստացաւ շուտով քննութիւն եւ արդարութիւն ընել. եւ յիրաւի, առանց ուշացնելու խաւրեց ի Հայս երեք մեծ եւ խոհեմ իշխաններ, որք էին Նատոյ, ըստ պատւոյ աստիճանին կոչուած դրովանդական. Խոյապ ` թա գ աւորին հաւատարիմ սպասաւորաց մէկն, եւ Պերոզ ` Ռէոյ գ աւառին մարզպան. որ եւ իրենց տիրոջ հրամանին համեմատ ` անաչառ քննութեամբ դատելով ` դատապարտեցին անիրաւ զրկահարները, եւ առաջուան պէս դիւրութիւն ըրին Հայոց, որ միամտութեամբ ծառայեն Պարսից թա գ աւորին:

Սակայն այս դիւրութեան մասնակից չեղան Հայ չեղողք, մանաւանդ զրադեշտական կրօնքէն ի քրիստոնէականը դարձողք, ինչպէս էին Յիզիտբուզիտ, Ներսէս, եւ անոնց բանտակից Ատրպատիկ մը Սահակ անուամբ: Այս երեքն այլ յատեան կանչեցին եռապետքն քննիչք, քանի մը անզ գ ամաց մատնութեամբ գ ր գ ռուած: Պերոզ ` իբրեւ պաշտօնեայ կրօնից ` սկսաւ մէկ մէկ քննել. « Դու ինչո՞ւ քրիստոնեայ եղար », հարցուց նախ Ներսեսի: Նա այլ ըսաւ. Մայրս բուն քրիստոնեայ էր, զիս այլ քրիստոնեայ մեծցուց: - Հապա դո՞ւ, հարցուց Սահակայ: - Ես տղայութեան ատենէս քրիստոնեայ եղած եմ, ըսաւ: - Կար գ ն եկաւ Աստուածատրոյ, որ ընկերացը քննութեան ատեն ` ետեւնին կեցեր ցած ձայնով ` « Տէր, մի ' սրտմտութեամբ քով յանդիմաներ զիս » սաղմոսը կ ՚ ըսէր. իր ով ըլլալը լաւ գ իտէին դատաւորքն, եւ իրենցմէ առաջ քննութիւններն այլ լսելով ` վախցան որ նորէն իրենց կրօնքին նախատինք չհասնի անոր խօսքերէն ամենուն դիմաց. ուստի զինքն առանձին կանչելով եւ յանդիմանելով ` ըսաւ մո գ պետն. « Ա՜յ թշուառական, ընդէ՞ր զլուսաւոր դենն թողեր, եւ նսեմաւոր քրիստոնէութեան հաւատացեր »: Սուրբն պատասխանեց թողած կրօնքին խայտառակութիւնը ցուցընելով, եւ ընդունածին սրբութիւնը. եւ թէ « Քրիստոնէութեան միայն է կարողութիւն փրկել յահա գ ին ի մահուանէն »:

Յայտնի է որ այսպիսի գ եղեցիկ պատասխանեաց փոխարէն ծեծ ու փետ պիտի ըլլար, եւ այլ աւելին. վասն զի հրամեց լիրբ մո գ պետն որ սրբոյն պարկեշտ պարե գ օտը պատռեն, կնկուղը գ ետին զարնեն, գ լուխը կռփեն, եւ մօրուքը փետտեն: Ասանկ խղճալի կերպարանքով դարձուցին զԱստուածատուր ի բանտ ` իր երկու ընկերներովը. եւ երեք օրէն ետեւ նորէն յատեան բերին, քննեցին ու նոյնպէս հաստատուն գ տան: Ապա չարահնար մո գ պետն պատուիրեց որ իրենք այլ զատ տեղ սենեկի մը մէջ փակեն, ցորեկն անօթի թողուն, իսկ բոլոր գ իշերը ծխով մխով հեղձամաղձուկ ընեն զանոնք: Թէ եւ չմեռան, բայց շատ չարչարուեցան նահատակքն. սակայն խեղդուած ձայնով այլ չդադրեցան սաղմոսելէն մինչեւ ցառաւօտ: Տասն օր այսպէս չարչարանօք մնացին ի բանտին, վերջի առաւօտն որ էր նոյեմբերի 9 եւ կիրակի օր, Աստուածատուր պատմեց ընկերացն ` թէ այն գ իշեր յերազին տեսաւ որ մէկն վարոցով ուժով մը զարկաւ գ լխուն, ուսկից արիւն կը վազէր երկու աչաց միջոցէն. բայց մէկէն երեք լուսաւոր անձինք վրայ հասան, վռնտեցին վարոցաւոր մարդը, եւ իր գ լուխը մար գ արտակապ պսակ մը դրին: - Անշուշտ, ըսին ընկերքն, քու մարտիրոսութեան եւ պսակուելու ժամանակդ մօտեցեր է:

Ոչ միայն մօտեցեր, այլ եւ հասեր էր օրն եւ ժամն. արդէն գ ահճապետն բանտին դուռը կու փնտռէր. եւ ներս մտնելով ` նշան տուաւ Յիզիտբուզիտի որ գ այ ետեւէն: Չ գ իտեմ իր ընկերաց տրտմութի՞ւն աւելի մեծ եղաւ իրմէ զատուելնուն եւ մնալնուն համար, թէ իր ուրախութիւնն ` ի հանդէս նահատակութեան կանչուելուն համար. անշուշտ երկու կողմէն այլ ոչ առանց արցունքի տուին այն ողջոյնը եւ համբոյրը ` որ երկրի եւ երկնից միջոց կախուած կապ մ ՚ էր. ամենքն այլ փափա գ էին այն կապը բռնած վերանալ յերկինս, բայց, միայն մէկուն հրաման եկած էր վերէն: Փութացաւ Յիզիտբուզիտ բաժնելու իր քրիստոնէութեան վարդապետին գ րկէն, ( ի Ներսիսէ ) որ չուշանայ երկնաւոր վարդապետին Քրիստոսի գ իրկը հասնելու. եւ երթալուն ատեն ` « Ի կարդալ իմում լուար ինձ ` Աստուած », սաղմոսն ըսելով ` շուտով հասաւ յատեան դատաւորացն, որոց հետ նստեր էր չորրորդ մ ՚ այլ, կամ դահճապետն կամ նոր մարզպան մը: Չորս դին պարսպաձեւ բոլորած կենային մեծին Դունայ քրիստոնէից անհամար բազմութիւնն, որք իրենց կրօնից ազատութիւն ունենալով ` անվախ եկեր էին տեսնելու օտարազ գ ւոյն նահատակութիւնը, մէկէն հո գ ւոյ խնամութեամբ իրենց եկեղեցւոյն պայազատելու զնա:

Հրապարակաձեւ ատենին, կամ այն զարմանալի թատրոնին մէջ երեք փայտ կան գ նած էր, երեք յենարան բռնի օրհասականաց: Գեղեցիկ ծառն եւ ամենապէտ փայտն ` ասկէ աւելի պժ գ ալի պաշտօն չեն կատարեր. բայց յետ որոյ այն գ երա գ ոյն Մէկն ասանկ փայտի մը վրայ կախուած անմահական կենաց պտուղ երեւցաւ այդպիսի փայտն այլ շատ հեղ շատոց ցանկալի եղաւ, ինչպէս հիմայ այլ Աստուածատրոյ. որ եւ ուրախութեամբ իր յետին յենարանը ողջունելով, գ ուցէ պահ մը կարծեց, թէ ուրեմն իր երկու բանտակիցքն այլ վերջապէս իրեն ընկերակից պիտի ըլլան յաւիտենական ճամբուն մէջ: Իրաւ ունեցաւ երկու ընկերներ, բայց ոչ զՍահակ. այլ զնմանիս անոնց ` որ իրեն նմանութեան նախաօրինակին երկու կողմը կան գ նեցան ի Գող գ ոթա. - երկու յանցաւոր, երկու չարա գ ործ, երկու մահապարտ: Այս Յիսուսի նմանակցութեան պատիւն այլ ունեցաւ Աստուածատուր. - Կու տեսնե՞ս այդ փայտը, կանչեց մո գ պետն, ադոր վրայ պիտի մեռնիս չարաչար, եթէ յամառեալ մնաս մտացդ վկայ: - Ես հաստատուած եմ, ըսաւ սուրբն, ի հաւատս Քիստոսի, եւ ամենեւին դառնալիք չունիմ. դու ընելիքդ կատարել տուր: - Հրամեց մո գ պետն որ տանին զնա ի փայտն. Աստուածատուր ուրախութեամբ վազեց դահիճներէն առաջ, որք մերկացընելով զնա ` կապեցին եւ կան գ նեցին:

Շնորհակալ եղաւ Սուրբն ` որ նաեւ այսպէս զ գ եստներէն կողոպտելով այլ ` զինքը կու նմանցնէին իր տիրոջն ի խաչին: - Մո գ պետն ` կամ յիրաւի խնայելով, կամ սատանայութեամբ յաղթել ուզելով նահատակին, վերջին ան գ ամ մ ՚ այլ խաւրեց անոր ` ըսելու, որ դեռ ժամանակ կար, բայց վերջին եւ կարճ ու անդարձ ժամանակիկ մը ` զինքն ապրեցընելու, եթէ հրաժարելով ի քրիստոնէութենէ ` դառնայ ի հին մո գ ութիւնն: - Սուրբն եւ ոչ պատասխանւոյ արժանի սեպեց այսպիսի դեսպանութիւնը: Իր լռութիւնն լուծեց բռնաւորին արիւնալից հրամանը. եւ ահա սկսան դահիճքն սուր սլաքներով խոցոտել կողերը, եւ արեան անձրեւ մ ՚ իջուցընել:

Նոյն ատեն երկու յանցաւորներն այլ հանեցին ի փայտն. աջակողմեանն ` նման Քրիստոսի խաչակցին, որոյ հաւատացեալ էր, եւ ազ գ աւ Խուժիկ, հաւատքով ` սրբոյն ոտքերը պա գ աւ, եւ անոր արիւնով թրջած հողը իր ծոցը կու լեցնէր. իսկ անզ գ ամ դահճապետն անոր գ լուխը կռփելով շուտով հանել կան գ նել տուաւ ի փայտն, եւ նետով զարնել. որ եւ շուտով աւանդեց հո գ ին: Ձախակողմեանն այլ նոյնպէս նմանող եղաւ իր հին կողմնակցին. անիրաւութեանցը վրայ մեծա գ ոյն մ ՚ այլ աւելցուց. Հրեայ էր ազ գ աւ. սկսաւ աղաղակել վայրախօս ստութեամբ. Զիս « մի ' կորուանէք. զմո գ ութիւն յանձն առնում »: Դատաւորք մտիկ չըրին անխիղճ եւ անզեղջ ձայնին. կապեցաւ կախուեցաւ եւ կորաւ. ինքն իր դատապարտութեանը վկայելով:

Իսկ « Երանելին ի մէջ երկուց մահապարտացն ` ի բարձր տեղւոջ ողջակիզեալ յանդիման արե գ ականն եւ ամենայն ժողովրդոցն. որ ունէր խորհուրդ զարմանալի որ յիշատակեալ ի նա տերունւոյն բան ` ըստ ճշմարիտ խոստմանն, թէ որ հաւատայ յիս ` զ գ ործսն զոր ես գ ործեմ եւ նա գ ործեսցէ, եւ մեծամեծ եւս քանզնոյնս. եւ Առաքեալն ասէ. Զորս յառաջն ճանաչէր ` յառաջա գ ոյն հրաւիրեաց կերպարանակից լինել պատկերի Որդւոյ իւրոյ: - Եւ այսպէս քաջութեամբ վկայեաց սուրբն Յիզիտբուզիտ, ի ԻԳ ամին Խոսրովու թա գ աւորին, որ օր երկու ( էր ) քաղոց ամսոյ, յաւուր կիւրակէի, յերրորդ ժամու »:

Ամօթապարտ դատաւորքն իբրեւ վերջին վրէժ ` չթողուցին որ մէկէն վերցընեն Աստուածատրոյ մարմինը. բայց ոչ այլ շատ կրցան ուշացընել. հաւատացելոց խնդիրն եւ ձայնն բարձրացաւ. յաղթանակաւ իջուցին քրիստոնէացեալ մո գ ին մարմինը, եւ մեծ հանդիսիւ ու փառօք փոխեցին ի հան գ իստ վկայից, իրեն արժանաւոր տեղ մը ի սուրբ տաճարին. որ եւ երկնափայլ լուսով պայծառացեալ ` աւելի զուարճացուց զհաւատացեալս եւ ամաչեցուց զզմոխրապաշտ մո գ երը:

Այսպիսի պանծալի եւ շատ ատենէ վեր չլսուած նահատակութեան մը համբաւ, ( որով եւ Յիզիտբուզիտ անունը ) շուտով տարածեցաւ բոլոր արեւելեան քրիստոնէից մէջ, եւ Յունաց կայսրութեան ընդարձակ գ աւառները. ուրախացան մեր սուրբ կրօնից նոր եւ յայտնի յաղթանակին վրայ. բայց ամենէն բաղդաւոր սեպուեցան Հայք, անոր հանդիսարան ընծայելով իրենց մայրաքաղաքը, մայր եկեղեցին, եւ ինչուան հիմայ ` տարեկան տօնախմբութիւն մը:

Նախայիշեալ Մենանդր պատմիչն ` իր կորուսեալ եւ կտրատեալ պատմութեան մէկ պատառին մէջ ` սրբոյն մէկ վերջի խօսքը կու յիշէ, երբ խաչին վրայ պրկուած էր, եւ երբ կու յորդորէին թողլու զքրիստոնէութիւնը ` որ իրեն մահուան պատճառ պիտի ըլլար. Ես ոչ եթէ կը ցաւիմ, ըսաւ, այսպիսի կրօնք մը գ տնելու, հապա ուշ գ տնելուս համար: - Իսկ նոյն հեղինակին առ սուրբ նուիրեալ վերտառութիւնն, զոր եւ ի սկզբանն յիշեցի, այս է.

Մո գ ես երբեմն ի Պարս էի Յիզիտբուզիտ,

Ի հեդեդանս սնոտիս ըզյոյս իմ կառուցեալ.

Հուր ճարակէր զոստանն իմ. յօ գ ըն ճեպեցի.

Ճեպէր ի նոյն ու ամենազօր Քրիստեայ ծառայն.

Նա զբըռնութիւն նուաճէր բոցոյն. իսկ ես պարտեալ `

Զաստուածայինըն յաղթութեան ընկալայ պսակ:

Այսպէս օտար մը, Յոյն մը, բայց հաւատարիմ եւ ընտիր հեղինակ մը, Մենանդր, կարճ տողերով գ եղեցիկ եւ թանկ վկայութիւն մը կու տայ ` թէ Աստուածատրոյ յաղթական հաւատոցը, եւ թէ յաղթառիթ հաւատոց ամենազօր Քրիստոսի ծառային. որ թէ ոչ կաթուղիկոսն Հայոց ` այլ Դունայ մէկ եկեղեցւոյն աւա գ երէցն էր. որ « զբռնութիւն նուաճեաց բոցոյն » ի ճարակելն ի տան համակարին, եւ զաստուածայինն յաղթութեան պսակ իջուց ի գ լուխ քրիստոսահրաւէր մո գ ին Մախոժի, փոխելով զնա ի Յիզիտբուզիտ, այն է Աստուածատուր: