Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

Ա

ԵՐԲՈՐ մարդիկ սփռեցան երկրիս վրայ` ամեն դի անտառներ, մացառներ, լճեր, առուներ, գ ետեր, բլուրներ եւ անոնցմէ ալ դժուարին` գ ազաններ եւ սողուններ, գ րեթէ իրենցմէ առաջ երկրիս տիրած` ար գ ելք կ ՚ ըլլային իրենց քաղաքավարութեանը. պէտք էր որ մարդ յաղթէ անոնց, խլէ, հալածէ, ջնջէ անհարկաւոր եւ վտան գ աւոր երեւցածները: Բայց այս բանս ընելու համար ո՜րչափ աշխատութիւն, որչափ ջանք, որչափ կարճութիւն պէտք էր: Ոմանք աս դժուարութիւնները տեսնելով` թուլութեամբ եւ վատութեամբ ետ քաշուեցան, անասնոց պէս բնութեան բացած խորշերու մէջ բնակելով, խիստ քիչ բան քովերնէն յարմարցընելով, եւ անանկ անքաղաքավար ապրեցան շատ դարեր: Ոմանք ալ ասոնց ներհակ` ամենայն դժուարութիւն յանձն առած` բնութիւնը քաղաքական կենաց հնազանդեցուցին, երկիրս` մարդկան դիւրին եւ վայելուչ բնակարան ընել ջանացին: Բայց այս աշխատանքէն վեր` դժուարին եւ ցաւալի աշխատանք մ ՚ ալ բացուեցաւ իրենց. չէ թէ միայն անշունչ բնութեան կամ անասնոց հետ կռուելու ստիպուեցան, հապա նաեւ իրենց նմանեացը հետ, որ անասնի նման կամ անհո գ ութեամբ կամ կատաղութեամբ` ընտանի մարդկան կը վնասէին. երբեմն իրենք զիրենք պաշտպանելու հո գ ն, երբեմն փառասիրութիւն կամ տիրասիրութիւնն հնարեց զէնքեր եւ պատերազմներ. անոնք որ քաջութեամբ յաղթեցին բնութեան, գ ազանաց, եւ իրենց թշնամի ըսած նմանեացը, ըսուեցան քաջ, արի, այր, հսկայ, դեւ, դիւցազն եւ աստուածք, որոնցմէ սովորական եղածն է մեր մէջ` Դիւցազն ըսելը: Այս դիւցազունքս նախ իրենք սկսան` ինչպէս որ հպարտութիւն կամ անձնասիրութիւնն կ ՚ ազդէր` իրենք զիրենք գ ովել, եւ ըրած մեծա գ ործութիւննին մեծաբանութեամբ զրուցել. վերջը իրենց զարմացողները սկսան զիրենք գ ովել. այս գ ովեստներէն աղէկ զրուցածները եղան ազ գ ային եր գ եր, որ վերջը մէկմէկու կպցընելով` թէ որ նոյն քաջին եւ նմանեացը վրայ եր գ ած էին, կամ բնաստեղծութեան արուեստը զար գ անալով` երկայն եր գ եր շինելով` ձեւացան Վիպասանութիւնք, ինչպէս է Հոմերոսինը, Վիր գ իլիոսին, եւ այլն: Այս եր գ երուն արեւմտեայք յունական բառով կ ՚ ըսեն Էբոբի'ա, եւ մեր մէջ Դիւցազներ գ ութիւն ըսուեր է, դիւցազանց վրայ եր գ ելուն համար, անոր համար Դիւցազնական եր գ կամ Տաղ ալ կ ՚ ըսուի, կ ՚ ըսուի նաեւ Վիպասանութիւն` աւելի հարազատ թար գ մանութիւն յունական ձայնին, եւ գ րեթէ հոմանուն, որով մեր հին հարքն ար իրենց եր գ չաց` Վիպասան կ ՚ ըսեն եղեր:

Ամեն ազ գ ալ որ հին քաջ մը կամ Դիւցազն ունեցեր է, իր Վիպասանն ալ պիտի ունեցած ըլլայ. ետեւի եկող քաջերուն ալ եւ անոնց ազ գ ակցացն ալ սիրտ տուողը Վիպասանից եր գ երն էին, եւ են միշտ: Պատմութիւնն ամեն ազ գ աց վրայ տեղեկութիւն չի տար մեզի. բայց կը յիշէ որ Յոյնք վիպասաններ ունէին Րափսոտ ըսուած, որոնք իրենց անմահ Հոմերոսին ալ հայրն են. - արեւելքի հին թա գ աւորներն իրենց արքունեաց մէջ ունէին իրենց Գուսանները, կամ հանդիսի ատեն բերել կու տային, որ նախ քաջութեան եր գ իչք էին, վերջը մեղկացան, եւ արանց տեղ կանայք ալ մտան: - Եւրոպայի հիւսիսական ազ գ երն ունէին իրենց Սքալտ ըսուած վիպասանները, որ իրենց քաջերուն եր գ ովը ցուրտ եւ մառախլապատ Սկանտինաւեան աշխարհքները կը մխիթարէին: - արեւմտակողմանք ալ, հին Բրիտանիացիք եւ Գաղղիացիք, ունէին իրենց մեծահամբաւ Բարդ կամ Պարտ վիպասանները, որ պատերազմի բանակներու մէջ ալ կը մտնէին, եւ քաջերուն եր գ երովը նոր քաջեր կը պատրաստէին, ասոնք այնչափ անուանի եղան, որ շատ հեղ Եւրոպացիք բանաստեղծ ըսելու տեղ Բարդ կ ՚ ըսեն, ինչպէս որ մենք ալ իրենց պէս յունական բառէն առած Պուետ կ ՚ ըսեմք: - Ինչուան Ամերիկայի Բերու ծաղկած աշխարհքն ալ ունէր իր Ամուտաս եր գ իչները:

Հապա հինն Հայաստան չունէ՞ր իր Վիպասանները, իր Բարդերը: - Թէ որ առ աշխարհքն է ամենայն աշխարհի մայր եւ դայեակ, թէպէտ չեմք կրնար ըսել, թէ ամեն բանի ալ ինքն է օրինակ տուողը, բայց չեմք սխալիր ըսելու` որ առաջին եր գ երը Հայոց լեռներուն արձա գ անքներովը ձեւացան: Թէպէտ եւ վիպասանութիւն մը մեզի հասած չէ ի նախնեաց, ոչ ամբողջ եւ ոչ մասամբ, սակայն Խորենացւոյն պատմութենէն եւ քանի մը ուրիշներէ կ ՚ իմացուի որ Հայոց մէջ ալ շատ հնուց մտած էին եւ շատ վիպասանութիւններ կային, եւ եթէ Հայք շատ սիրող էին այս վիպասանութիւնները լսելու եւ եր գ ելու. թէպէտ եւ նոյն Խորենացին տեղ մը կը մեղադրէ մեր հին թա գ աւորները` թէ բանաւոր եր գ արանաց անհո գ էին, թերեւս գ րով չթողլուն համար կ ՚ ըսէ. վասն զի նաեւ իր պատմութիւններէն կ ՚ երեւի որ վիպասանական բանից սկիզբն Հայաստանի մէջ Հայկայ օրերուն պէս եւ աւելի հին է. վասն զի ինչպէս կը յիշէ, Աթէնքի իմաստնոց ժողովքին մէջ Ոլոմպիոդոր փիլիսոփայն կը պատմէր ընկերացը, թէ հին գ իրք մը կայ եղեր առջի ատենները Նոյի եւ իր որդւոցը պատմութեան, եւ այս պատմութիւններունդիպուածները, կ ՚ ըսէ. հին Արամազնեայք ալ, այսինքն Հայերն, իրենց բամբիռն ըսուած նուա գ արանով եւ պարով կ ՚ եր գ էին: Յայտնի է որ այն բաներն եր գ ի վրայ առնուած էին հնուց, որ ռամիկ ժողովուրդն ալ աւանդութեամբ սովրած կ ՚ եր գ էր առանց գ իր ճանչնալու. եւ յիշատակեալ եր գ ոց մէջ ամենէն հին աս է ջրհեղեղէն ետեւ:

Բ

Թէ որ այնպէս կանուխ լսեր էին Հայաստանի բլուրներն վիպասանութեանց ձայն, անկարելի էր որ Հայկակ արիական գ ործքերը տեսնելով լուռ կենային. առաջին ազ գ ային վիպասանութիւն մը իրեն վրայ եր գ ուած է այն ատենուան անպաճոյճ պարզութեամբ. եւ այս բանիս ալ կը վկայէ Խորենացին, թէ Մարիբասայ պատմութեան նման` Հայաստանի ան գ իր զրոյցներուն մէջ ալ կ ՚ ըսուէր Հայկայ Բաբելոնէն դառնալը, առաջին շինութիւնները, եւ այլն:

Այս օրինակէս չեմք խաբուիր թէ որ ըսենք թէ ամեն քաջ կամ դիւցազն` նոր վիպասանութեան մը պատճառ կ ՚ ըլլար, կարճ կամ երկայն: Այսպէս Հայկէն ետեւ Արամն է Հայոց մեծ դիւցազն. ասոր մեծամեծ գ ործքերը կարժէր որ հին գ րքերու մէջ գ տնուէր, կ ՚ ըսէ Խորենացին. բայց թէպէտ եւ այն հին ատենները գ րող չեղաւ, սակայն վիպասաններ գ տնուեցան, որոնց եր գ ածէն` կ ՚ ըսէ Մարիբաս` վերջը ամենայն ազ գ աց պատմութիւն գ րողներն ժողովեցին. անկէց առին Քաղդէացիք կամ Բաբելոնացիք ալ, եւ գ րեցին թա գ աւորական դիւաններուն մէջ, Աղեքսանդր յունարէն թար գ մանել տուաւ, Մարիբաս ալ ասորերէն. անկէ ալ Խորենացին իր պատմութիւնը հիւսեց: Այսպէս Հայ վիպասանից եր գ ածը հին գ վեց տեսակ գ աղափարէ եւ լեզուէ անցնելով, դարձաւ իր բնիկ լեզուին եւ աշխարհին մէջ, եւ միայն հոն մնաց: Ո՞րչափ երախտա գ էտ պէտք է ըլլանք այն վիպասանից, որ աւանդեցին աշխարհիս` անանկ երեւելի մարդու մը յիշատակ:

Արամէն ետեւ իր գ եղեցիկ որդին կու գ այ Արայ, որուն դիպուածը թէ որ իր հօրը պէս փառաւոր ալ չէ, սակայն աւելի սրտաշարժ է եւ եզական. Հայոց վիպասաններն անանկ սիրելի, առաքինի եւ ողբալի նահապետի մը յիշատակը չէին կրնար թողուլ. եւ յիրաւի կը յիշէ Խորենացին որ Արամայ դիպուածներուն պէս` նման Մարիբասայ պատմութեան` ասոր հանդիպած բաներն ալ Հայոց զրոյցներուն մէջ կար. թէպէտ Շամիրամայ գ ործոցը համար է զրուցածն, բայց յայտնի է որ եւս առաւել Արային համար եր գ եր ալ կային. այն գ եղեցիկ Արային` որուն սիրոյն համար` մեռնելէն վերջը բոլոր աշխարհքն ոտք ելաւ, եւ Շամիրամ հազիւ կրցաւ հանդարտեցնել հաւատացընելով թէ աստուածները ողջացուցին եւ իրենց քովը առին զԱրա: Թովմա Արծրունին ալ Խորենացիէն դուրս ուրիշ առասպելներ ալ կը յիշէ Շամիրամայ եւ Արայի վրայ. թերեւս հին եր գ ոց աւանդութիւնն ըլլայ:

Հայկայ եւ Արամայ ընկեր է հայկազնեանն Տի գ րան. ասոր ըրած մեծ դիւցազնական գ ործքն էր Մարաց տէրութիւնը վերցընելն, որ այն ատեն Ասիոյ ամենէն մեծ եւ ամենիշխան տէրութիւնն էր. ասոր վրայ շատ բաներ գ րուեցան եւ եր գ ուեցան. ինչպէս իրեն բնաւորութեանն համար ալ այն հին բամբռահար վիպասաններէն վկայութիւնն կը բերէ Խորենացին, որոնց եր գ ածը ամբողջ հազար տարիէն վերջը, այնչափ դժուարին դարերէ ալ անցնելով` դեռ Խորենացւոյն ատենն ալ Գողթնեաց աշխարհին կողմերը կը լսուէր: Այն հին վիպասանութեանց մնացորդներէն առած կ ՚ երեւայ Խորենացին Տի գ րանայ ընծայած գ ողտրիկ անունները: Նոյն մնացորդները վիպասանութեան մը պատճառ եղան շատ դարեր ետեւ, որ վերջը պիտի յիշեմք:

Տի գ րանայ յաջորդաց մէջ շատ անուանի եղաւ Վահա գ ն, որ Յունաց Հերակլէսին նման գ ործքեր ըրած է կ ՚ ըսէին, անոր համար ալ աստուածներու կար գ անցուցին մերոնք, եւ Հերակլի տեղ Վահա գ ն կ ՚ ըսէին, ինչպէս մեր սուրբ Թար գ մանիչք ալ այս սովորութիւնս պահեցին: Ասոր վրայ եր գ ածներէն ոմանք ինչուան Խորենացւոյն ականջին ալ հասան Գողթնեաց երկիրը, ինչպէս կը պատմէ ինքն, որ հին եր գ ոց հետ հին բամբռանց ձայներ ալ լսեց, եւ պատառիկ մ ՚ ալ մեզի հասուց այն եր գ երէն. որ որչափ ալ փոխուած կարծուի երկայն ժամանակին միջոցով` այնչափ չէ, վասն զի եր գ ով ինջած է, որ շարունակութեամբ կը պահուի եւ շատ չի փոխուիր. աւելի փոփոխութիւն ձեռա գ րաց պատճառաւը պիտի ըլլայ. բայց անոնց մէջ ալ քիչ տարբերութիւն գ տնելով, կրնանք հաւատալ թէ ասկէ իբրեւ 2300 տարի առաջ Հայոց վիպասան մը եր գ եր է այս կամ ասոր շատ նման.

«Երկնէր երկին եւ երկիր. երկնէր եւ ծիրանի ծով.

«Երկն ի ծովուն ունէր զկարմրիկ եղե գ նիկն.

«Ընդ եղե գ ան փող ծուխ ելանէր,

«Ընդ եղե գ ան փող բոց ելանէր.

«Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.

«Նա հուր հեր ունէր,

«Նա բոց ունէր մուրուս,

«Եւ աշկունքն էին արե գ ակունք»:

Ասիկայ մեր գ րականութեան ամենէն հին յիշատակարանն կրնայ սեպուիլ:

Վահա գ նէն ետեւ մինչեւ Արշակունեաց ատեն չեմք կարծեր որ վիպասանութիւն մը շինուած ըլլայ. վասն զի Հայաստան Պարսից իշխանութեան տակ ընկաւ, վերջն ալ Մակեդոնացւոց եւ Սելեւկիացւոց, թէպէտ երբեմն ազատութիւն ալ գ տաւ եւ առանձին թա գ աւորներ ալ ունէր. բայց առջի փառքն ու շնորհքն չ գ տաւ ինչուան Վաղարշակայ օրը: Ասոր հետ նորէն զօրացան Հայոց բամբիռներն, ինչուան Բ Արտաշիսի օրը, Խորենացին զանազն պատմական դիպուածներու վկայութիւն կը բերէ Հայոց եր գ երէ եւ զրոյցներէ. բայց կ ՚ երեւի թէ շատն առանձին կարճ եր գ եր եւ առասպել զրոյցներ էին. ասանկ է Հադամակերտ քաղքին մէջ պատմուած առասպել բան մը Արծրունեաց վրայ. Տորքայ սոսկալի ուժին վրայ. Սանատրկոյ սննդեանը վրայ. Երուանդայ ծննդեանը եւ աչքին ահեղ նայուածքին վրայ, եւ այլն:

Իսկ Արտաշիսի օրերը, որ երկայն խաղաղութեամբ ամենայն բարեկար գ ութիւն ծաղկեցուց, գ իտութիւններն ու բանասիրական դպրութիւնն ալ ծաղկեցան, եւս առաւել բանաստեղծութիւն, իրեն ատեն շինուեցաւ մեծ եւ արուեստաւոր երկայն վիպասանութիւն մը, զօր Խորենացին ալ յատուկ վիպասանութիւն կ ՚ անուանէ, եւ շինողներն ալ Վիպասան, որոնց մէկն էր անշուշտ նոյն իսկ թա գ աւորին որդին Վրոյր, «իմաստուն եւ բանաստեղծ», որ հօրը արքունեացը վերակացու էր, թերեւս Համամ Արծրունեաց իշխանն ալ ձեռք ունէր, վասն զի բանասէր մարդ էր եւ արքունեաց դիւանապետն էր: Այս վիպասանութեանս մէջ կ ՚ եր գ էին բոլոր Արտաշիսի գ ործքերը, Երուանդայ հետ ըրած պատերազմը, հօրը աթոռը նստիլը, Ալանաց հետ ըրած խնամութիւնը եւ Սաթեն օրիորդը կին առնուլը, ասոր հարսնախօսութեանը համար կ ՚ ըսէ Խորենացին.

«Զայս տեղի առասպելաբանելով վիպասանքն` յեր գ ելն իւրեանց ասեն.

Հեծաւ արի արքայն Ատաշէս ի Սեաւըն գ եղեցիկ.

Եւ հանեալ զոսկիօղ չիկափոկ պարանն.

Եւ անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ ընդ գ ետն,

Եւ ձ գ եալ զոսկիօղ չիկափոկ պարանն`

Ընկէց ի մէջք օրիորդին Ալանաց,

Եւ շատ ցաւեցոյց զմէջք փափուկ օրիորդին,

Արա գ հասուցանելով ի բանակն իւր»:

Այսպէս ասոնց հարսանեկան եր գ երէն ալ այս տողս կը բերէ.

«Տեղ ոսկի տեղայր ի փեսայութեանն Արտաշիսի,

Տեղայր մար գ արիտ ի հարսնութեանն Սաթինկան»:

Նոյն վիպասանութիւնն կը պատմէր Արտաշիսի որդւոյն գ ործքերն ալ. Արտաւազդայ նախանձը` Ար գ ամայ Մարաց նախարարին վրայ, ուր Մարաց ցեղին սկիզբն ալ կը պատմուէր. եւ Առաջին Տի գ րանայ յաղթութիւնն Աժդահակայ վրայ, եւ ուրիշ դիպուածներ` այլաբանութեամբ. Ար գ ամայ ըրած կոչունքը Արտաշիսի եւ բոլոր թա գ աւորական տանը. ուր կ ՚ ըսէր վիպասանութիւնն.

«Տենչայ Սաթինիկ տիկին տենչանս` զարտախոյր` խաւարտ եւ զտից հաւարծի ի բարձիցն Ար գ աւանայ».

Հոն Ար գ ամայ սպանութիւնն, եւ տանը այրիլն, եւ այլն, եւ այլն: Բայց աւելի կու պատմէր Սմբատայ Բիւրատեան քաջութիւնները: Այրաքաջ անուանելով զնա. Դոմեստիանոս կայսեր հետ Հայոց պատերազմը եւ Սմբատայ ձեռքով յաղթելն: Արտաշիսի հիւանդութեան եւ մահուան դիպուածներն ալ կ ՚ եր գ էր վիպասանութիւնն, եւ կ ՚ երեւի թէ այն վիպասանութենէն առնուած է Մա գ իստրոսի յիշածն, թէ Արտաշէս Պարթեւ մեռած ատեն` յիշելով կենաց եւ տարւոյն գ արունը, երբ առաւօտուն լոյսը ցօղին հետ խառնած բարակ մի գ ի պէս գ եղերու եւ քաղքըներու վրայ կը տարածէր, ըսած ըլլայ.

«Ո՞ տայր ինձ զծուխ ծխանի եւ զառաւօտն նաւասարդի,

Զվազելն եզանց եւ զվազելն եղջերուաց.

Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք»:

Մահուանն ատեն ալ զԱրտաւազդ անիծանելն ալ նոյն վիպասանութենէն կ ՚ երեւի. իբր թէ երբ Արտաւազդ տեսնելով որ շատերն Արտաշիսի սիրոյն իրենք զիրենք կը սպաննեն գ երեզմանին վրայ, բողոքած ըլլայ.

«Մինչ դու գ նացեր եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար.

Ես աւերակացս ո՞րպէս թա գ աւորեմ»:

Արտաշէս ալ պատասխանած ըլլայ.

«Դու յորս հեծցիս յազատ ի վեր ի Մասիս,

Զքեզ կալցին քաջք, տարցին յազատ ի վեր ի Մասիս.

Անդ կացցես եւ զլոյս մի' տեսցես»:

Արտաշիսէն վերջը` Արտաւազդայ վրայ պատմած առասպելներն ալ այս վիպասանութեանս մասն եղան. որուն համար կ ՚ ըսուէր հոն, թէ ծննդեանը ատեն

«Վիշապազունք գ ողացան զմանուկն Արտաւազդ, եւ դեւ փոխանակ եդին»:

Այս վիպասանութենէս կարծուի Վարդ գ էսի վրայ եր գ ուածն ալ, որ Ա Տի գ րանայ քեռայրն էր, Արտիմէդ քաղաքին շինուածքին համար.

«Հատուած գ նացեալ Վարդ գ էս մանուկ ի Տուհաց գ աւառէն

«ԸզՔասաղ գ ետով,

«Եկեալ նստեալ զՇրէշ բլրով, զԱրտիմէդ քաղաքաւ,

«ԸզՔասաղ գ ետով,

«Կռել կոփել զդուռն Երուանդայ արքայի»:

Արդ ինչպէս կ ՚ երեւնայ այս հատուածներէն: Արտաշիսի ատեն շինուած վիպասանութիւնն` իրեն որդւոց ատեն ալ շարունակելով` Ֆիրտուսի Պարսից բանաստեղծին շինածին պէս թա գ աւորական գ ործոց վիպասանութիւն մ ՚ եղաւ. բայց յունական արուեստով` մէջը հիւսուած էին հին դիպուածներ ալ: Այս բանիս ապացոյց մ ՚ ալ կու տան մեզի հին եւ կորուսեալ ընդարձակ Հայոց պատմութեան մը մնացորդ կցկտուրքն, զոր Ստեփանոս Ռոշքեան իր բառա գ րոց մէջ ցրուած է. ուր ամենէն աւելի Սմբատայ վրայ վկայութիւններ կան, պատմութեան դիպուածոց մանր պարա գ այիւք, եւ յայտնի կ ՚ ընեն, ինչպէս Խորենացւոյն պատմածներէն ալ կ ՚ երեւի, որ Սմբատն էր դիւցազնա գ ոյն Հայոց վիպասանութեանը մէջ. եւ այն վիպասանութենէն հաներ էր պատմութեան հաւաքողն, եւ մեր պատմութեան ամեն մասերէն երկայն Բ Արտաշիսի եւ իրեն որդւոյն Տիրանայ ժամանակները ստորա գ րեր էր. վասն զի այս Տիրանայ վրայ ալ շատ յիշատակութիւն կայ, եւ վայելուչ ալ էր. վասն զի Արտաշիսէ վերջը` Արտաւազդ եւ ոչ երկու տարի թա գ աւորեց, վերջը Տիրան նստաւ. որուն ատեն քաջն Սմբատ Բիւրատեան` թէպէտ եւ ծեր, բայց Հայ սպարապետի մը պէս ծեր` դեռ կարող էր պատերազմ մտնել եւ ելնել: Ուրիշ կորուսեալ պատմիչ մ ՚ ալ կը յիշէ Սմբատայ պատերազմները Հռոմայեցւոց եւ ուրիշ ազ գ աց հետ. կը յիշուին իր մեծահանդէս հարսանիքն, մեծավայել ճոխութիւնն, երեքակնեայ մատանին, մականակիր երթալն, սաստիկ կառք քշելն, դեսպանութիւնն, նախարարաց պար գ եւներ տալն, եւ այլն: Վրաց պատմութեան մէջ ալ կը յիշուին Սմբատայ գ ործքերն` այն աշխարհին մէջ: Ասով շատ անհաւանելի չէ` թէ Բուզանդայ յիշած Հայոց «Եր գ ն առասպելեաց վիպասանութեանն» ալ` այս վիպասանութիւնս ըլլայ:

Գ

Թողլով յիշելու մանր մունր եւ ռամկական չէր եւ առինչ ըսուած եր գ երը, միայն քանի մ ՚ ուրիշ վիպասանական քիչ ճանչցուած եր գ երն յիշենք, որոնցմէ մէկը Արտաշիսի, մէկն ալ Դարեհի մահուան վրայ եղերեր գ ական եր գ եր են եղեր, ինչպէս կը յիշեն հին քերականի մեկնիչք, առանց իմացընելու թէ ո՞ր Արտաշիսի եւ ո՞ր Դարեհին վրայ գ րուած էին, միայն այս յայտնի կ ՚ երեւի որ Ժ եւ ԺԱ դարերու մէջ ալ դեռ Հայաստան կը գ տնուէին այս եր գ երս, եւ թերեւս դեռ գ տուին, գ ուցէ վերոյիշեալ Մա գ իստրոսէն բերածնիս ալ Արտաշիսի դամբանականէն ըլլայ:

Ասոնցմէ դուրս կը յիշեն նոյն քերականք մէկ վիպասանութիւն մ ՚ ալ. «Պատերազմն Հայոց եւ Մարաց» ըսուած, զոր Դաւիթ անունով մէկը շինած է, ոմանք Դաւիթ Անյաղթը կ ՚ ըսեն, Ա Տի գ րանայ վրայ. կ ՚ երեւի թէ անոր վրայ շինած հին Հայկազանց վիպասանութեան կտորները գ տեր, եւ անկէ շարժեալ` նոր տաղաչափութեամբ գ րեր է իր վիպասանութիւը. ինքը գ տեր է, ինչպէս յայտնի կ ՚ իմացնեն, Տի գ րանուհւոյ մահուանը վրայ հին ատեն եր գ ուած դամբանական եր գ ը, եւ այն եր գ ն ալ իրեն ոճովը խառներ է վիպասանութեանը մէջ. ուր կը յիշէ թէ Փողարն, այս ինքն հին դամբանական եր գ իչն անանկ վարպետութեամբ կ ՚ եր գ էր ողբը, որ Տի գ րանայ սրտէն անցածը` դուրս կը բացատրէր. յիշուած հատուածն այս է.

«Եւ արդ ներ գ ործող ի միտս երեւիւր առ խորհուրդս Փողարին,

«Մեծո գ ւոյ Տի գ րանայ գ եղանին Տի գ րանուհի,

«Իւր ներ գ ործեալ զԿողաբաղն, նա եւ ողջամիտ աշխարհածուհի»:

Դաւթի վիպասանութենէն կարծուի հետեւեալ տողս ալ.

«Փոխատեղեցին ի Պարս` զՄարային թա գ աւորութիւնն»:

Թէ որ ոչ յատուկ վիպասանութիւն, գ ոնէ բարոյական վիպասանական քերթուած պիտի ըլլան Համամ վարդապետին յիշածներն ալ. «Որպէս Կայէնին եւ Սեթայն կամ Ղամեքայն, եւ Երիտասարդին հարելոյ ընդ արդարն եւ ընդ սուտն»:

Հին Յունական Վիպասանութեան յիշատակութիւն մ ՚ ալ կը գ տնեմք յետին դարու գ րուածոց մէջ, «Առասպելք Արամազդայ եւ Հերմեայ» ըսուած. որ կ ՚ երեւի թէ յունարէն թար գ մանաց հին քերդուած է, գ ուցէ թէ եւ Հոմերոսին մէկ մասն ըլլայ. բայց յայտնի է որ երկայն գ րուած էր. զի յիշողն` Պղնձէ քաղաքին հաւասար կը յիշէ: - Իսկ այս Պղնձէ քաղաքս բարոյական վիպասանութիւն մ ՚ է պարսկերենէ թար գ մանած: - Նոյնն Պղնձէ քաղքին հետ կը յիշէ եւ Շիրինշահ վիպասանութիւնը. որ նոյնպէս կ ՚ երեւի պարսկերենէ թար գ մանած. զաս չեմ տեսած, բայց Պղնձէ քաղաքին օրինակը շատ տեղ կը գ տուի. սակայն երկուքն ալ դիւցազնական վիպասանութիւններէ դուրս եւ վերջին ատենի բաներ են:

Ասոնցմէ աւելի ռամկական վիպասանութեան մը պէս բան մը պիտի ըլլայ Մխիթար Ապարանցւոյն ըսածն ալ Հայոց համար, թէ «Հետեւին զանազան շարականաց եւ բարբանջաց, այսինքն որ կոչի Կուզ եւ Կատու»:

Դ

Վերը յիշած Հայկական վիպասանութեանց պէս պէտք է որ ուրիշ շատ վիպասանութիւններ ալ եր գ ուած ըլլան հին Հայաստանի մէջ. բայց ո'ւր են հիմայ այնչափ եր գ երն. ի՞նչ պատճառով բոլորն ալ կորան: - Մէկ պատճառն է որ գ րով չէին գ րուած շատն, կամ քիչ օրինակ կար. հապա եր գ ով ազ գ է ազ գ կ ՚ անցընէին. անոր համար եր գ ն խափանուած ատեն` բոլորն ալ խափանեցաւ: Իսկ երկրորդ պատճառ թուի աս եր գ երուն ալ, մնացած հեթանոսական գ րուածներուն ալ խափանիլն` Լուսաւորչի եւ Տրդատայ հրամանաւ, ազ գ ին ի քրիստոնէութիւն դարձած ատեն. որ չըլլայ թէ նորէն հին կրօնքի եւ հին թոյլ սովորութեանց դառնան. գ իտնալով որ կրօնքի եւ սովորութեանց մէջ Հայք շատ կամապաշտ են, եր գ ալ շատ կու սիրեն: Իրաւ այս ար գ ելքս մեր գ րականութեան մեծ վնաս բերաւ, բայց առանց անոր` յամառ եւ անկիրթ ժողովրդեան կանոն դնել չէր ըլլար. ինչպէս յայտնի կ ՚ երեւի անկէ ալ, որ երբ թուլնային հաւատքէ` մէկէն իրենց հին աւանդութիւնները կու փնտռէին. ինչպէս որ ըրին մեծին Ներսեսէ առաջ Տիրանայ ատեն. «Դե գ երեալ մաշէին ի հնութիւն հեթանոսութեան սովորութեանց եւ զիւրեանց եր գ ս առասպելաց զվիպասանութեանն սիրեցեալք` ի փոյթ կրթութեանցն, եւ նմին հաւատացեալք եւ ի նոյն հանապազորդեալք»:

Ասանկ ալ յաջորդ դարուն մէջ երբոր Վասակ կը ջանար քրիստոնէութիւնը վերցընել Հայաստանէն` դարձեալ մնացած հին եր գ երը դուրս հանել սկսաւ. «Քաղցրացուցանէր ոմանց զկար գ ս երաժշտութեան եւ զԵր գ ս հեթանոսականս»: Թերեւս այսպիսի հակառակասէր հո գ ւոյ ջանքն աւելի պատճառ եղաւ որ այն մնացորդներէն ալ գ տածնին ջնջեն Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք: Իսկ Հայաստան` Պարսից վտան գ էն անցնելէն ետեւ, ալ կրօնքին մէջ հաստատուեցաւ, վախ չկար վիպասանութիւններէն. բայց կու կարծեմ որ ամբողջ գ րած վիպասանութիւն մ ՚ ալ չկար. վասն զի Պարսիկներն ալ ջանացին Հայաստանի մէջ գ տած գ րքերնին ջնջել. սակայն որովհետեւ դեռ տեղ տեղ կը լսուէին անոնցմէ եր գ եր, մանաւանդ Գողթնեաց կողմը, ինչպէս Խորենացիէն բերած վկայութիւննիս կու վկայեն, կրնար Թար գ մանչաց մէկն ժողովել հնուցմէ մնացածը եւ իրմէ վերջիններուն ալ աւանդել: Այս բանս ըրա՞ծ են թէ չէ` չեմք գ իտեր. բայց այս յայտնի է որ կամ առանձին հաւաքմունքով, կամ պատմութեանց մէջ բերելով` վերը յիշած վիպասանութեններէն ոմանք, կամ մէկ մասն` ինչուան Մա գ իստրոսին ատեն կամ գ ոնէ Համամայ ատեն կային:

Անոնցմէ վերջը ի՞նչ եղան. - քանի գ նաց անանկ գ րուածներն աւելի ծածկուեցան. վասն զի առաջ ալ առասպել բաներու կար գ գ րուած թողուած էին. Շիրակացւոյն պէս, Համամայ պէս, Թոմայ Արծրունւոյ պէս, Մա գ իստրոսի պէս մարդիկ պէտք էին` որ ամեն խորշ եւ անկիւն փնտռեն, եւ հին յիշատակներ դուրս հանեն. դժբաղդաբար քանի գ նաց` կարդալ գ րելն միայն եկեղեցականաց համար կարծուեցաւ. աւելի դժբաղդութեամբ` ասոնցմէ շատն ալ սաղմոս եւ աւետարան, մաշտոց ու շարական միայն կը ճանչնային. իսկ աւելի ուսումնասէրք սուրբ Հարց գ ործքերը կ ՚ օրինակէին, քիչ ան գ ամ պատմական բաներ. մէկալ կողմէն ալ Հոռոմոց հետ վիճաբանելէն եւ գ րելէն ատեն չէր աւելնար ազ գ ային աւանդութիւններ եւ վիպասանութիւններ փնտռելու: Թերեւս բաղդով մը ինչուան այսօրուան օրս ալ անանկ գ րուածքներէ կտոր մը` հին վանքի մը անկիւն, կամ գ երեզմանի մը մէջ կեցեր է. բայց ո՞վ պիտի գ տնէ զանոնք:

Ե

Ազ գ երնուս յառաջադիմութիւնը ծաղկեցընելու մեծ հնարքներէն մէկն ալ է ազ գ ային վիպասանութիւն մը հանել եւ ազ գ ին սիրտը կան գ նել, քաջալերել ազնուական մտածմանց եւ գ ործոց. ամեն ազ գ ի սկիզբն ալ, ինչպէս նախ յիշեցինք, ասանկ եր գ ելով քաղաքականութեան եկեր է. ո'վ որ ազ գ ային վիպասանութիւն մ ՚ ունի` անիկայ ազ գ ային պարծանք մ ՚ ալ, ազ գ ային մխիթարանք մ ՚ ալ ունի. ով որ չունի, կրնամք ըսել` թէ սրտի կողմանէ պակասութիւն մ ՚ ունի:

Այս հնարքս իրեք կերպ վիպասանութեամբք կ ՚ ըլլայ. մէկ մը Հոմերոսի եւ Վիր գ իլի պէս մէկ ազ գ ային երեւելի դիւցազն անձ մը եւ մէկ դիպուած մը վիպասանելով. զոր օրինակ Հայկ, եւ Հայոց սկզբնաւորութիւնը Բելայ յաղթելով. կամ Արամ եւ Հայոց տէրութիւնը նորէն զօրացընելը. կամ Տի գ րան եւ Մարաց ու Բբելացւոց վրայ յաղթութիւնը. կամ Վաղարշակի եւ Արշակունեաց թա գ աւորութեան կան գ նումը. կամ Ա Արտաշիսի եւ Բ Տի գ րանայ աշխարհակալութիւնները, Տրդատայ Սասանեանց ձեռքէն զՀայաստան ազատելը. այսպէս ալ Ադուարդ, Վարդան, Վահան, Աշոտ, Լեւոն, եւ այլն: Բայց այս կերպս շատ վսեմական պիտի ըլլայ եւ արժանի դիւցազնական անուան, որ ամեն բանաստեղծութենէ ալ վեր է, մեր ժողովրդեան համար հիմայ շատ բարձր է. ինչպէս արդեամբք ալ կու տեսնենք մեր նոր քերդողահօր Բա գ րատունւոյն Հայկն մեծ վիպասանութեամբ, որ ազ գ երնուս մէկ մեծ կարօտութիւնը լըցուց պանծալի կերպով:

Երկրորդ կերպն աւելի պարզ կ ՚ ըլլայ. որ է պատմական կար գ ով վիպասանութիւն, իբրեւ վարդապետական քերդուած. որուն մէջ կար գ աւ կը պատմուի Հայոց պատմութեան գ լխաւոր մաս մը, կամ երեւելի թա գ աւորաց վարքն. ինչպէս ըրած է Ֆիրտուսի Պարսից համար Թա գ աւորաց գ րքովը. վիպասանն ճարտարութեամբ ասոր մէջ ալ զարդեր եւ զանազան ատենի դիպուածներ կրնայ հիւսել: Այս կերպս աւելի օ գ տակար կ ՚ երեւի ինծի: Մեր նախնեացմէ ալ ոմանք թէ սրբազան եւ թէ ազ գ ային պատմութիւն աս կերպով գ րեցին, թէպէտեւ քիչ բանաստեղծական ազատութիւներով. այսպէս է նախ Մա գ իստրոսի Մեծ են գ ործք Աստուծոյ սկսած հազար տուն ոտանաւոր վիպասանութիւնն սուրբ Գրոց պատմութեան. Շնորհալւոյն վիպասանութիւնն Հայոց պատմութեան եւ Յիսուս Որդի անուանեալ հո գ եւոր եղերեր գ ութիւնն, Ողբքն Եդեսիոյ առման վրայ, ինչպէս եւ Գրի գ որի Տղայոյ Ողբք Երուսաղէմի առման վրայ: Վահրամ վարդապետին Կիւլիկեցւոց պատմութիւնն, Առաքել վարդապետին Ադամ գ իրքն, եւ մեր հայրապետաց պատմութիւններն, Յովասափայ վարքն, Սիմէոն Ապարանեցւոյն վիպասանութիւնն Մամիկոնէից եւ Պահլաւունեաց ցեղերուն վրայ` Շնորհալւոյն ոճովը: Այս ետքի հեղինակս կ ՚ իմացընէ որ իր վիպասանութիւնն առած է Ղազարայ Փարպեցւոյն շինածէն նոյն բանին վրայ, եւ անոր շինածն ալ վիպասանութիւն կ ՚ անուանէ. բայց գ ուցէ արձակ գ րուածք ըլլայ իր մէկալ ծանօթ պատմութեանը պէս:

Երրորդ կերպն է կարճ ազ գ ային եր գ եր երեւելի մարդկանց եւ դիպուածոց վրայ, շատ տեսակ եւ եղանակի վրայ առած: Հին Հայք այս կերպս ալ շատ կու սիրէին, եւ թերեւս Խորենացւոյն յիշածներէն ոմանք այս ցեղէս են: Այսպէս ալ Տրդատայ վրայ կարճ ըսուածն.

«Իբրեւ զսէ գ ն Տրդատ, որ սի գ ալովն աւերեաց զթումբս գ ետոց,

«Եւ ցամաքեցոյց իսկ ի սի գ ալ իւրում զյորձանս ծովուց»:

Այսպիսի եր գ եր զոր հին Հայք եղանակով եւ նուա գ արաններով կ ՚ եր գ էին, մեր հիմակուան ռամկաց Խաղ ըսուածներուն կը նմանէին, զոր իրենք Ցուցք կամ Շէր կ ՚ անուանէին, եւ թէ' քաջութեան, թէ ողբական, թէ արհամարհելու դիպուած հանդիպէր, վրան եր գ մը յարմարցուցած կ ՚ եր գ էին. ինչպէս ամեն ազ գ աց մէջ ալ կը գ տուի ինչուան հիմայ: Մա գ իստրոս իր ատենին համար ալ կ ՚ ըսէ թէ հիմայ Հայոց մէջ աւելի կայ քան ուրիշ մօտիկ ազ գ երու, որ ոտանաւորի վրայ ալ առած կ ՚ եր գ են «արուեստաւորեալ ի գ ովս եւ ի պարսաւս». թէպէտեւ այս եր գ երէն շատը ռամկական կերպով զրուցուած էր, եւ երթալով ալ աւելի ռամկացաւ: Յետին դարերու քերականի մեկնիչ մը այս բանս յիշելով` եւ բացատրելով թէ ի՞նչ է հին հա գ ներ գ ութիւնը` զոր Մա գ իստրոս յիշեց, բացատրելու ատեն ինքն ալ ռամկական բանաստեղծութեամբ վառուած` կարծես ըսածին օրինակն ալ մէկտեղ կու տայ. զոր զուարճութեան համար յիշեցինք. «Զոր եւ այժմ ղահուախանի մանչերն առնուն ի ձեռս իւրեանց երկու փայտ, զոր չարփալայ ասեն, եւ բախելով ընդ միմեանս իբր

«Ծափս հարկանելով

Եւ կաքաւեն յոլով,

Եւ մանս առնեն պար գ ալով,

Եւ ճօճեն ճեմելով,

Եւ տաֆս հարկանեն ծընծայքով,

Եւ խաղս խաղան թատերով,

Զանդամսն շարժեն խնճելով,

Աւաչս յօրինեն ճոխ եր գ ով»:

Այս երրորդ կերպով բայց ծանր ոճով նոր ատենս ալ գ րուածքներ շատ կան, նաեւ երկրորդ կերպին մօտ կարճ վիպասանութիւններ. բայց անոր երկայն եւ ծանր կերպովն ալ մեր օրերը առաջին ան գ ամ վիպասանութիւններ ընծայեց Վանեցի կամ Վանանդեցի Տէր Յովհաննէսն Միրզայեան, Ոսկի դար եւ Արփիական կոչած վիպասանութեամբք. որոց ետքինը կրնար առաջին կար գ ն ալ անցնիլ, թէ որ հեղինակն ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի` Ա գ աթան գ եղոսին պատմական ոճը բռնած եւ գ րեթէ զնոյնը ոտանաւորի դարձուցած չըլլար, տեղ տեղ համառօտելով եւ տեղ տեղ բանաստեղծութեամբք զարդարելով: Առաջինն` որ հին քերդողաց մէջ առակ եղած` ոսկեղէն դարուն Հայաստանին մէջ ըլլալը կը ցուցընէ Հայկէն ինչուան Արամ, նոյնպէս երկրորդ կերպի վիպասանութիւն է:

Զ

Այս ցեղ գ րուածոց եւ քերդուածոց մէջ կրնամք սեպել կերպով մը մեր մատենա գ րաց քնարեր գ ականքն ազ գ ային յիշատակաց կամ անձանց վրայ, որոց մեծ մասն եկեղեցւոյ նահատակաց վրայ են, եւ կ ՚ ըսուին Շարականք, եւ Գանձք եւ Տաղք. ամենն այլ գ րոց ծանր լեզուով եւ ոճով. իսկ բուն քաղաքական տեսութեամբ եւ ո գ ւով գ րուած եր գ ք ազ գ այինք խիստ ցանցառ են մեր մատենա գ րութեան մէջ. այլ անոր տեղ ռամկական լեզուով գ րուածք աւելի եւ բաւական շատ կու գ տուին, սկսեալ գ րեթէ յ ՚ ԺԲ դարէ մինչեւ հիմայ: Ասոնց լեզուին շարադրութիւնն ըստ դարուց եւ տեղեաց մեծապէս կու զանազանի իրարմէ, որով եւ այլեւայլ գ աւառական լեզուօք գ րուած կըրնան ըսուիլ. բայց այս զանազանութիւնս աւելի ԺԶ դարէն վերջը կ ՚ երեւի. ինչուան այն ատեն գ րուածքն դեռ Հայ լեզուին միութեան կերպ մ ՚ ունին, միայն պարսիկ կամ թուրք բառերով խառնուած են. իսկ անկէ ետեւ ` ոչ միայն այլ աւելի խառնուրդ կ ՚ առնուն բառից, այլ եւ դարձուածոց կամ ոճոյ բանից, եւ քերականական կազմուածքնին շատ կու տարբերի: Կըրնամք ընդհանուր երկուքի վերածել այս ռամկական կամ գ աւառական բարբառները, արեւելեան եւ արեւմտեան Հայերէնի. առաջինը կու բանեցընեն Վրահայք եւ Պարսկահայք, այսինքն Վրաց սահմանները, յԵրեւան, ի Ջուղայ ` եւ անկէց ի Պարսս եւ ի Հնդիկս անցնող Հայք. իսկ երկրորդը ` բուն Մեծ Հայաստանէն դուրս եղող Հայք, որ ի Փոքր Հայս, ի Կիւլիկիայ եւ ի գ աղթականս Փոքր Ասիոյ եւ Ռումէլիի. կըրնամք այլ միջին ըսել Վանայ եւ Մշոյ կողմերուն լեզուին, որ ըստ քերականին աւելի արեւմտեայց մօտ են, բայց աւելի այլ մաքուր եւ յստակ. ասոնց եւ արեւմտեայց այլ միջադաս կրնան ըսուիլ բուն Մեծ Հայոց արեւմտեան աշխարհաց բնիկքն, ինչպէս են Կարնեցիք, Երզնկացիք եւ Խարբերդցիք:

Արեւելեան ըսած Հայ ռամկական եր գ իչք կամ վիպասանք ` նոր ատեններս աւելի յայտնուեցան կամ հռչակուեցան, եւ ոմանց եր գ երն այլ հաւաքուելով տպա գ րեցան ի բանասիրաց Ռուսահայոց. այս վիպասանք անցեալ կամ ներկայ դարուս մէջ ծաղկած են, եւ աւելի համբաւաւորքն են Սայադ ( կամ Սայաթնով ) եւ Աղբար Ադամ (1844). գ ովութեամբ կու յիշուին եւ Ալլահվէրտի, Քէշիշ օղլի ` որք կոյր էին աչօք. բուն Ջուղայեցոց մէջ կու յիշուին Է գ ազ, Արղունի, Բաղէր օղլի, Ղուլ Սար գ իս Շրիշկանցի, Ամիր օղլի, Վանվան, Խուլ Յովհաննէս, Պետրոս Ջուղէցի, եւ այլն:

Իսկ Արեւմտեան կոչածներս աւելի բազմաթիւ են, եւ ասոնց գ րուածքն ձեռա գ իր եր գ արանաց մէջ կու գ տուին. որոց մէջ կան շատ եր գ եր այլ առանց անուան հեղինակի: Հոս ` առանց տեղւոյ շատ խտրութեան ` յիշեմ ժամանակի կար գ աւ այս ռամկական լեզուով եր գ գ րողներէն ինծի ծանօթները, ոչ միայն եր գ ը եւ եր գ ոյն նիւթը դիտելով ` այլ եւ ռամիկ կամ գ աւառական լեզուն. եւ այս տեսութեամբ ամենէն հին եւ առաջին կրնամք սեպել ԺԲ դարուն մէջ մեր անմահ Շնորհալի կաթուղիկոսը, որ զանազան ոճով գ րուածոց մէջ թողուց նաեւ ռամկական կամ այն ատենի աշխարհաբար ոճով Հանելուկներ. ասոնցմէ հին այնպիսի բարբառով գ րուած ոտանաւոր չեմ ճանչնար: Այս լեզուին եւ գ րուածքին հետեւած Հանելուկներ գ րած է եւ Տիրատուր վարդապետ մը ԺԴ դարու մէջ. որուն դարակից ռամկօրէն եր գ ա գ իրք են անուանի Կեչառեցին Խաչատուր, Կոստանդին Երզնկացին, եւ անոնց մօտ Մինաս Դերջանցի. իսկ քիչ մ ՚ այլ հին ԺԳ դարուն վերջերը եւ ԺԴին սկիզբը մեր վերջին ընտիր մատենա գ իրն, Յովհաննէս Երզնկացի, որ ունի գ րեթէ աշխարհիկ բարբառով գ րած խրատական եր գ եր ալ: Բայց մեր ռամկախօս կամ ռամկախառն վիպասանից եւ գ ուսանաց ամենէն ծաղկած ատենն ԺԵ եւ ԺԶ դարուց միջոց կ ՚ երեւի. առաջինին մէջ եւ սկիզբները ծաղկեցան երկու Առաքէլք, Սիւնեաց արքեպիսկոպոսն ` քուերորդին Գրի գ որի Տաթեւացոյ, եւ Բաղիշեցին կամ Պոռեցին, որոց գ րուածքն երբեմն իրարու հետ կու շփոթին, ասոնց գ րուածքն աւելի հո գ եւոր եւ խրատական են. Մկրտիչ Նաղաշ ` Ամդայ արքեպիսկոպոսն ` որ աւելի հանճարեղ եւ զ գ այուն է. այլ ամենէն աւելի բանաստեղծ եւ տաքսիրտ Յովհաննէս Թլկուրանցի, որ ատեն մը սիրոյ եւ գ ովասանաց եր գ եր եր գ ած է, ատեն մ ՚ այլ Սսոյ Կաթուղիկոս է եղած. - բարակ զ գ ացման եւ ուղիղ մտաց տէր, նաեւ ճարտար տաղաչափ պէսպէս վանկերով ` նորանուն քերդող մը կայ ` Ֆրիկ, որդի Թա գ վոշի եղբօրորդի Դոդոնոյի, որուն ժամանակն որոշակի յայտ չէ, բայց այս ( ԺԵ ) դարէս ետք այլ չէ. գ րուածքն բարոյական խրատք են, սակայն սրտով սփռած: Ասոնց ժամանակակից կ ՚ երեւին Ամիր մուսէ Նաղաշ, Արթուն ( Գրի գ որ ) եւ Յովասափ Սեբաստացի: Քիչ մ ՚ ետեւ ԺԶ դարուն սկիզբները Գրի գ որ Աղթամարցի, որ Թլկուրանեցւոյն զոյ գ ը կըրնայ ըսուիլ. թէ անոր պէս կաթուղիկոս ըլլալովն, եւ թէ նման վառվռուն երեւակայութեամբն: Այս ԺԶ դարուս մէջ ծաղկած են եւ եր գ իչք կամ տաղասացք ` Մկրտիչ Տարօնեցի, Թադէոս Սեբաստացի, Մինաս Եւդոկիացի, Մարտիրոս Ղարաճասարցի ( Գարահիսարցի ), Եօնուզ, Յակոբ Վարդապետ, Ներսէս Բեղլու, Քուչաք Հառկուանցի, հաւանօրէն եւ Սպանդիար, Ասապով, Ազարիա, Սարկաւա գ Բերդակցի, Զաքարիա Ա գ ուլեցի, Խաչիկ Կաֆացի, Ղազար կոյր, Մել գ ոն, Մուրատ Խիկար ` որուն կ ՚ ընծայուի « Մարտըն կու գ այր ծաղկըներով » եր գ ն, Յովնաթան Նաղաշ, Ներսէս, Շամո, Քերովբէ, Քօթան կամ Քօթնայ Խլաթեցի: Յետա գ այ ( ԺԷ ) դարուն մէջ ` Ասար Սեբաստացի, Արիստակես ( Խարբերդցի ?), Խաչատուր Բաղիշեցի կամ Ջուղայեցի, Սուքիաս, Ստեփանոս Թօխաթցի, Երեմիա Չելէպի Քէօմիւրճեան, Ստեփանոս Շատախցի, Սար գ իս երէց, եւ այլն: Այս դարուս մէջ ծաղկած կ ՚ երեւին երկու Էրզիռումցիք այլ, Տատուր գ իներ գ ուն, եւ Դաւիթ Սալաձորեցի ծաղկեր գ ու: ԺԸ դարուն մէջ գ րոց լեզուն աւելի մշակուելով ` ռամկաբան եր գ իչք այլ նուազեցան. կըրնան դեռ յիշուիլ Գալուստ Կայծակն կաթուղիկոս, որ թէ զուտ թէ խառն գ րած է, նաեւ թուրքերէնով, Օհան օղլու, Աւետիք ` անուանի պատրիարքն Կ. Պօլսի, եւ այլն. որոց հետ թերեւս քանի մ ՚ այլ կըրնայի շարել, բայց անշուշտ աւելի շատ են անոնք ` զոր չեմ յիշած եւ չեմ ճանչցած. եւ անշուշտ առանց անուննին գ իտնալու անոնց եր գ երը կարդացեր եմ տաղարանաց մէջ. գ ուցէ շատոնք այլ կամաւ ծածկած են անուննին սիրոյ եւ գ ովասանութեան եր գ երու մէջ, որ շատ հեղ ըստ տաքութեան եւ սաստկութեան նիւթոյն ` տուած է անոնց ճարտարա գ ոյն բացատրութիւն եւ բանահիւսութիւն այլ: - Սէ՜ր եւ սու գ. սրտից ամենէն զօրաւոր ազդեցութիւնք, ամենէն շարժող մա գ նիսն եւ ելեկտրութիւնն են, միան գ ամայն եւ ամենէն ճարտար ձեւ եւ ձայն տուողք անոր. ահաւասիկ սրտաթափ ձայնիկ մը մեր գ ուսանաց մէկուն, որով լռենք այս երեկոյեան զրոյցս ազ գ ային վիպասանից վրայօք.

Ժամ ժամ զիմ ղարիպութիւնս

Ես յիշեմ ու նստիմ ու լամ.

Ճապղել եմ ջըրիտ նըման,

Ես օտար երկիր կու գ ընամ.

Աստուած գ իտէ ան ճամբան

Ուր երթամ կամ ուր տի մընամ:

Ո՜վ կապէ խաչն իմ սրտիս,

Կամ հողվարք ` որ ես դուրանամ:

Ցորեկն եմ նետիտ նըման,

Ուր նետեն ` ես ի հոն կենամ.

Գիշերն ` աղեղան նըման,

Ես լարթափ ի վար կու գ ընամ: