Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  3 Դեկտեմբերի.

Ա

«Ընկալ, ով աստուածասէր եւ գ թասէր հո գ ի, մեծդ ըստ մարմնոյ եւ բար գ աւաճ ըստ ո գ ւոյ, ծիրանածինդ ՖԻՄԻ, զբաղձալին քո, երկամբք մեղապարտիս Յովհաննու եպիսկոպոսի կրսերս եղբօր հօր քո. որով յԱստուած եւ յաստուածայինսն խոկասցիս միշտ. եւ տրտմեալ սրտի քո սփոփանս սովաւ արասցես. գ իտելով` զի սեփական է մարդկան նըժդեհութիւն եւ պանդխտութիւն եւ փորձանք: Որոց անդորր տացէ մեզ` որ ամենահնար է»:

ԱՅՍ վայլուչ եւ սրտառուչ յիշատակարանս` զոր հոս իր սկզբնա գ րէն օրինակեալ տեսնես եւ կարդաս, Հայկակ, հանուած է Յովբայ եւ Սողոմոնի գ րոց օրինակէ մը, մեզմէ 600 տարի առաջ գ րուած. զոր ես երբ առաջին ան գ ամ կարդացի, երկար կան գ առի: Այն գ րոց երկու մեծամեծ աննման եւ աստուածաշունչ հեղինակներն` (Յոր եւ Սողոմոն) յիրաւի մտացս մեծ մասը կու գ րաւէին, բայց անոր առաջին ստացողն` զսիրտս կու գ րաւէր: Վասն զի ըստ անսուտ վկայութեան իր սրբազան եւ մերձաւոր անձին` այն ստացողն, այն գ րեթէ դեռ մեզի անծանօթ Ֆիմին` մեր անցեալ թա գ աւորաց մէկուն դուստր է եղեր, եւ իր կենաց ամէնէն զ գ ալի երեւոյթն այլ` տրտմեալ սիրտն. եւ ոչ այսչափ միայն, այլ եւ աստուածասէր եւ գ թասէր հո գ ի մը` կու վառէ եղեր այն սիրտը: Այսպիսի սրտի մը հանդիպիլ եւ զանց ընել` սիրտ չունենալ է: Չոր ու քար արձանի կտոր մը, դաստակ մը, մատ մը` իր փորուածքին ճարտարութեամբ կու յափշտակէ կրթուած աչք ու միտքը` առ ճարտարապետն եւ առ բուն գ աղափար պատկերին. իսկ նշանակք այսպիսի սրտի մը` ո՞րքան աւելի սխրալի եւ սրբազան պիտի ըլլան զ գ աստ հայրենասիրաց մանաւանդ եթէ գ ուշակեն որ այն սրտին տրտմութիւնն` կենօք չափ քշեր է, թէ եւ երկնաւոր յուսով կու քաջալերուի եղեր:

Ես չվախեցայ եւ չեմ վախեր նաեւ Յոբայ մը քով կարեկցութեամբ եւ զարմանօք տեսնել այդպիսի Ֆիմիկ մը. վասն զի եթէ այն համբերողաց նախատիպն ամեն տեսակ ցաւ ու զրկանք կրեց եօթը տարի, վերջը 170 տարի այլ վայելեց զբարիս երկրի` ի մէջ բազմութեան զաւակաց, թոռանց եւ թոռնորդւոց, զի զի «Տէր աճեցոյց զՅոբ… եւ ետ Տէր կրկին քան որչափ ինչ էրն յառաջա գ ոյն Յոբայ ի յաճախութիւնն օրհնեաց զվերջինն Յոբայ քան զառաջինն. եւ էին խաշինք նորա ոչխարք 14000, ուղտք 6000, լուծք եզանց 1000, եւ այլն. եւ վախճանեցաւ ծերացեալ եւ լցեալ աւուրբք»: Եւ եթէ իմաստունն Սողոմոն (առանց Յոբայ պէս վշտակրելու) լաւ ճանչցաւ եւ վկայեց թէ ամենայն ինչ ունայնութիւն ունայնութեանց է, սակայն, չծածկեց այլ` թէ «զամենայն զոր ինչ խնդրեցին աչք իմ` ոչ զրկեցի ի նոցանէ, եւ ոչ ար գ ելի զսիրտ իմ յամենայն ուրախութենէ». որոց մէջ թաթաւեալ թողեցաւ ինքն այլ:

Իսկ Ֆիմի՞… Այս', եւ սա անոնց նման ծիրանածին էր, եւ մեծ ըստ մարմնոյ, այլ եւ բար գ աւաճ ըստ ո գ ւոյ. թա գ աւորական օիորդ, միծատուն եւ իմաստուն. թերեւս ինքն այլ վայելեց 20 տարի մը` երկրաւոր մեծութիւն եւ բարիք, բայց այլ աւելի կրեց ցաւ ու չարիք, եւ որ մեծն է` ոչ յետոյ Յոբայ պէս կրկին աճեցաւ, եւ ոչ անոր եւ Սողոմոնի պէս ի գ ահոյսն վախճանեցաւ. այլ անշուք եւ անշփոթ մենարանի մը մէջ, միակ եւ յետին սփոփանս տրտմեալ սրտին` գ տնելով այս իմաստուն եւ մեծատուն թա գ աւորաց գ րքոյկը. զոր իր հօրեղբայրն Յովհաննէս եպիսկոպոս` գ րեց իր ձեռին երկամբք, եւ զարդարեց պատկերօք եւ երան գ օք եւ ընծայեց իր թոռնէին: Անշուշտ շատ հեղ կաթկըթած են հեզիկ եւ պայծառ մար գ արիտք արտասուաց ս գ աւոր բամբչին` այն կրկնակի խնկելի է էջերուն վրայ, որոց մէկին վրայ գ րուած էր ահաւադիկ հոս կարդացածդ:

Թէպէտ եւ ոչ մեր պատմիչք եւ ոչ այս իր յիշատակա գ իր հօրեղբայրն` կու ծանուցանեն թէ ի'նչ կեանք է ի'նչ կիրքեր ունեցաւ Ֆիմի, եւ ո'ր էր գ լխաւոր պատճառ տրտմութեան սրտին. սակայն մնացեալ քանի մը հարեւանցի եւ համարօտ գ րուածներէ` թէ մերոց եւ թէ մանաւանդ օտարաց, փափա գ եցայ պրպտել անոր գ աղտնիքը. եւ այն կոտրտած յիշատակներէն` եթէ կարելի է` նորո գ ել կա գ նել ընկած տրտմած ազնիւ սիրտ մը, որոյ հան գ ստեան յիշատակը` այս օրուանս (դեկտեմբերի 3ին) կու նշանակէ մեր Ռուբինեան թա գ աւորաց Յայսմաւուրքն` մէկ տողով մը:

Բ

Արդ Ֆիմի դուստր էր Զապելի եւ Հեթմոյ, այն մեծատոհմ եւ մաքրակենցաղ ամուսնաց` որք կրնան ընծայուիլ յօրինակ թա գ աւորաց. եւ որոց զաւակ ըլլալն իսկ մեծ փառք եւ բաղդ էր. բայց անոնց հո գ ւոյն եւ սրտին` քան թէ արեան նմանութեամբը` աւելի մեծ եղաւ Ֆիմի, եւ ըստ այսմ` գ երազանց իր հարազատաց մէջ այլ. որոց երիցա գ ոյններէն մէկն էր, եւ հին գ քերց մէջ` ինքն երկրորդ, թէ եւ հարսնութեան վիճակաւ` դարձեալ ամենէն առաջ անցաւ: Վասն զի իր անդրանիկ քոյրն Զապլուն` իրմէ վերջը (1254) տրուեցաւ ի կնութիւն Պեմունդի Զի`Բրնձին (իշխանին) Անտիոքայ, որ նախապատիւ էր ի մէջ փռանկ իշխանազանց յերկրին Ասորւոց. իսկ Ֆիմի` երկու տարի այլ առաջ խնդրեցաւ եւ ընծայեցաւ ի հարսնութիւն Յուլիանու Իպլինեան, եւ ի տիկնութիւն Սիդոնի: Այս երկուքին (տիրոջ եւ տեղւոյն) վրայօք` կ ՚ արժէ նախ տեղեկանալ. մանաւանդ որ Ֆիմիի կենաց եւ կրից ծանօթ դէպքերը` գ րեթէ միայն ասոնցմով կրնամք ժողվել:

Երբ առաջին ան գ ամ Խաչակիրք սուրբ Երկրին տիրեցին (յամին 1099), մեծ պատերազմով մ ՚ այլ զարկին այլազ գ իները` հին այլազ գ եաց պարծանք եւ հսկայ Գողիադու հայրենեաց (Գէթ քաղքին) մօտերը, զոր ոմանք նոյն սեպէին Յունաց եւ Հռովմայեցւոց Յամնիա կոչած քաղաքաւանին հետ, որ եւ մինչեւ հիմայ Ճէնէ կոչուի, եւ մօտիկ է ի Ռամլեա (հինն Արիմաթեմ): Այս յետին քաղաքիս մօտ ալ երեք տարի վերջը պատերազմ մ ՚ եղաւ, յորում ընկաւ եւ Գաղղիացի կոմսն Շադրի` Ստեփանոս. որոյ երկու որդիքն զրկուելով իրենց հայրենի կոմսութենէն, ի Պաղեստին կու զինուորէին ընդ Խաչակրաց. մինչեւ Փուլկ կամ Ֆուլդ թա գ աւորն Երուսաղեմի` անոնցմէ կրսերին` որ Պալիան (Պալտուին) կոչուէր` տուաւ ի ժառան գ ութիւն նախայիշեալ Յամնիա քաղաքաւանը, որ այն ատեն բաւական բար գ աւաճ էր. եւ անունը փոփոխուելով կոչուեցաւ Իպլին կամ Իպլիմ, Իպըլէն, Էպալիմ, եւ այլն: Պալիան` քաղաքին անունը սեփականեց իրեն եւ իր տոհմին. որ շատ զօրացաւ եւ աճեցաւ, տարածեցաւ բոլոր Փիւնիկիոյ եզերքը, եւ Կիպրոսի թա գ աւորութեան մէջ. անանկ որ գ րեթէ ԺԳ - ԺԵ դարուց մէջ` հոն Լատինաց կամ Փռանկաց ամենէն հռչակաւոր տոհմն էր (յետ Լուսինեանց Կիպրոսի): Պալիանու որդւոց եւ թոռանց մէկն շինեցին կամ կար գ աւորեցին Les Assises de Jerusalem ըսուած անուանի օրինա գ իրքը, որով կառավարէին թա գ աւորք Երուսաղեմի եւ Կիպրոսի, իշխանք Լատինաց յարեւելս. եւ նաեւ ըստ մասին` մերազ գ ի Կիւլիկիոյ թա գ աւորք: Պալիանայ պայազատքն իբրեւ հպատակք Երուսաղեմի թա գ աւորաց` անոնցմէ ժառան գ ութիւն առին գ րեթէ բոլոր Փիւնիկիոյ կամ Ասորւոց ծովեզերեայ քաղաքները եւ մանր իշխանութիւնները. որոնք երբեմն Դամասկոսի, Հալէպու եւ Ե գ իպտոսի սուլտանաց ձեռքը կ ՚ ընկնէին, երբեմն Փռանկաց, այսինքն թա գ աւորին Երուսաղեմի, եւ յետոյ Կիպրոսի:

Այս թա գ աւորութիւնս` բաց իրեն սեփական վիճակներէն` չորս գ աւառ կամ Պարոնութիւն ունէր, զոր պայազատութեամբ կու տար որու որ կ ՚ ուզէր: Այս չորս` պարոնութեանց մէկն էր Սիդոն քաղաքն ծովեզերեայ, իր բաւական ընդարձակ վիճակովը. յորում էին Կեսարիա, Բեթսան եւ Պէլֆորդ (Գեղեցիկ-բերդ) նշանաւոր ամրոցն: Այս մեր պատմութեան Հեթմոյ թա գ աւորութեան) ատեն` Սիդոնի տէրութիւնն այլ անցեր էր Իպլինեան տոհմին, եւ տիրէր զօրաւոր իշխան մը, Պալիան կամ Դ) որդի Յովհաննու` տիրոջ Պերութի, (զոր կ ՚ անուանէին le vieux sire de Berouth). որ եւ Կիպրոսի թա գ աւորութեան պայլ էր. Պալիան ալ անոր պայլ անուանեցաւ (1246ին, բայց տարիէ մը մեռաւ, 1247): Իր այրին Մար գ արիտա որ Յովհ. Պրինայ (Երուսաղեմի թա գ աւորին) եղբօր դուստրն էր, կու հո գ ար թէ' տէրութիւնը եւ թէ իր մատղաշ պայազատ որդին Յուլիան կոչուած: Պալիանայ մէկ հօր եղբօրորդին կոմսն Յովհան Իպլինեան Յոպպէի տէր էր, եւ շատոնց առած էր ի կնութիւն` Հեթմոյ քոյրը Մարիամ. զոր մեր յիշատակա գ րաց մէկն փռանկաբար կոչէ Կալա-Մառի գ ունդես Ճաֆուն (Marie countesse de Jaffe). Իսկ Պալիանայ պայազատն եւ տէրն Սիդոնի Յուլիան` առաւ զՖիմի. ինչպէս յետ քիչ ժամանակի` Տիւրոսի տէրն այլ (Սրոյ տէրն` ըստ մեր պատմըչաց) Ամաւրի Լիւսինեան` առաւ ի կնութիւն զԶապլուն` դուստր Գ Լեւոնի, որդւոյ Հեթմոյ եւ եղբօր Ֆիմեայ: Գրեթէ ԺԳ դարուն կէսը բոլոր Ասորւոց նշանաւոր քաղաքաց եւ տէրութեան տիկնայքն` Հայոց նոր թա գ աւորութեան օրիորդներն էին. ոչ միայն ի Փիւնիկէ, այլ եւ բարձրա գ ոյն գ ահուց վրայ, յԱնտիոք, ի Կիպրոս, եւ մինչեւ ի Բիւզանդիոն:

Ասոնցմէ էր եւ Ֆիմի, իբրեւ 14 տարեկան, երբ (1251) պատանին Յուլիան պայազատն Սիդոնի եւ իր խնամակալ մայրն Մար գ արիտ` խնդրեցին զնա իրենց հարս. որ եւ շատ հաւանօրէն` առաջին հարսն ելաւ իր հօր արքունի դարպասէն, երբ մեծ շինութեան եւ փառաց մէջ էր այն արքունիքն. երբ չորս կտրիճ եւ մեծ իշխան եղբարք թա գ աւորին Հեթմոյ` թեւ թիկունք էին անոր, եւ երկուք այլ աղօթիւք օ գ նէին, (Բարսեղ արքեպիսկոպոսն Դրազարկու, եւ կրսերն Յովհաննէս Րաբուն), եւ ամենուն վրայ հսկէր` հինաւուրց եղեւնոյ պէս հովանանալով` ծեր եւ առոյ գ արքայահայրն Կոստանդին: Յուլիանու եւ Ֆիմիի պսակին պայմաններն, այսինքն օժտին վերաբերած խնդիրքն եւ դաշինքն` բաղդովի պահուած գ տուեցաւ Մալդայի ասպետաց դիւանաց մէջ եւ հասաւ միայն ատենուան Փռանկաց լեզուով գ րուած, միայն ստորա գ րութիւնն հայերէն կարմրա գ իր գ րած մեր թա գ աւորին իսկական ձեռօքն, ՀԵԹՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ, եւ իր արքունի կախեալ կնքովը վաւերացած, ինչպէս որ կ ՚ ըսէ այլ թղթին վերջը. E por so qui cestes lettres soient fermes e estables, ci avons escrit l ՚ escrit de nostre main vermoil e sayele de notre cean pendant. Դաշնա գ իրքն էին մէկ կողմէն ինքն Հեթում թա գ աւոր, մէկայլ կողմէն տիկինն Սիդոնի եւ իր տիրորդին (la gentille dame de Sayette dsme Margarite e le gentil seignor de Sayette Sire julian) իսկ խոստակատարք կամ վկայքն էին Հիւրընկալ կամ Երուսաղէմի ասպետաց Կար գ ապետն` Գուլիելմ. Շա գ -նէօֆ (frere Guilliam de Castelnov) եւ Հեթմոյ քեռայրն Յոհան Իպիլնեան (gentil cunte de Jafe sire Johan d lbilin): Իսկ պայմանքն էին, որ Հեթում տայ իր դուստրը (notre filie damoiselle Femie) առ Յուլիան, եւ օժտի համար 25000 սառակինեան-բիզանդ ոսկի` Աքքեայի կշռով (XXV m besans sarrazinas au pois dAcre), որոց մէկն կ ՚ արժէր չորս խաչակնիք բիզանդ Հայոց (quatre besans de nos staurat por un desant sarrazinas): Այս հայկական ստակը (սդաւրադ-խաչակնիք) թուի թէ մանրիկ ոսկի մ ՚ էր, իսկ սառակինեան բիզանդն 10-12 ֆրան գ մը կ ՚ արժէր ըստ ոմանց դրամա գ իտաց, որով Ֆիմեայ օժիտն 300000 ֆրան գ ի մօտ կ ՚ ըլլայ, որուն երրորդ մասն` որ է 8000 բիզանդ (96000 ֆր. ) գ ոհարեղէն, մար գ արիտ, եւ ոսկւոյ ու արծաթի զարդեր պիտի տար հայրն, իր օրիորդը խաւրած պիտի վճարէր, պսակը կատարելէն ետեւ: Հարսնածուք այլ պիտի պարտաւորէին այն կանխիկ տրուած օժիտը` յօ գ ուտ հարսին պահել կամ դարձընել ի կալուածս, եւ ամենեւին ազատ թողուլ զբամբիչը ուզած տեղը կենալու կամ երթալու, հետը ուրիշ մարդ չդնելով` բայց երեք ձիաւոր: Եւ ի հաստատութիւն բանիս` Յուլիան եւ Մար գ արիտ, իրենց ազ գ ականքն եւ պատուաւոր մարդիկ` պիտի ստորա գ րէն, եւ իրենք կատարէ կնքովը կնքէին պայմանա գ իրը: Այս ընելէն ետեւ պիտի կատարուէր հարսանիքն` ի տօնի Խաչվերացին, ի սեպտեմբերի, կամ անկէ ետեւ:

Թերեւս դիտեցիր, Հայկակ, որ փեսային մայրն կու յիշուի, իսկ հարսին` ոչ: Մինչդեռ իր նազելի դստերաց առաջին հարսնութեան խօսք կ ՚ ըլլար, մայրն` Զապել դշխոյն` փոխադրեցաւ յերկնային առա գ աստն, վախճանելով ի սկիզբն 1252 տարւոյ, որուն վերջերը կատարեցան հարսանիքն Ֆիմեայ: Արդեօք ասիկայ առաջին հարուած մը չէ՞ր օրիորդին, եւ պատճառ մը տրտմութեան սրտին, ո գ ոյ եւ հարսնութեան պատմուճանները յիրար շփոթելով: Սակայն թողունք որ հայրն եւ հարազատքն սրբեն աչուըները, եւ «քաջալերեաց քոյր մեր» ըսելով` յուղարկեն փառօք իր տիկնութեան տեղը. մենք այլ մօտենանք այս տեղւոյս ծանօթանալու:

Գ

Հիմակուան Ասորւոց երկրին մեծ եւ բանուկ նաւահան գ ստէն (Պէյրութ) իբրեւ 45 մղոն մը վար դէպ ի հարաւ` ծովեզերքը պզտի հրուանդանի պէս երկընցած երկրին վրայ` շինուած եւ ծանօթ է Սայտէ քաղաքն, որ վերոյիշեալ պայմանա գ րին մէջ Սայէդ կոչուի: Հին Ասորիք եւ Եբրայեցիք Ծայդան կոչէին, ինչպէս մեր Ս. Գրոց մէջ այլ գ րուած կայ, Ծուր եւ Ծայդան, որք ըստ Յունաց եւ Լատինաց Տիւրոս եւ Սիդոն կ ՚ ըսուին, եւ ստէպ յիշուին ի հին եւ ի նոր կտակարանս, եւ ճանաչուին իբրեւ երկու հարազատ քորք եւ տիկնայք բովանդակ Միջերկրականի արեւելեան ծովափանց: Տիւրոս` թէպէտ եւ աւելի նշանաւոր եւ մեծ էր եւ թա գ ուհի ծովուց կոչուէր ի հին ժամանակս, սակայն դուստր էր Սիդոնի, որ շատ դարեր մինակ ծաղկելէ վերջը ծնաւ զՏիւրոս, եւ ինքն մայրն ծովային քաղաքաց Փիւնիկիոյ` աշխարհիս հնա գ ոյն վաւերական քաղաքաց մէկն էր. վասն զի Նոյ նահապետին թոռան` Քանանու` անդրանիկն Սիդոն` շինեց զայն եւ իր անունը դրաւ, որ նշանակէ ձուկն կամ ձկնորս: Եթէ ի սկզբան` Վենետկոյ պէս ձկնորսաց ապաստանարան մ ՚ էր, քիչ ատենէն վաճառականութեան մայրաքաղաք եղաւ. եւ երբ իր դուստրն` Տիւրոս` գ երազանցեց այլ յայսմ մասին, դեռ ինքն մայրն Սիդոն ծաղկէր: Ոչ միայն վաճառականութեամբ` այլ եւ ճարտարապետական արուեստով աննման էր, մօտն ունենալով Լիբանանու հին եւ անսպառ մայրիները. որոնցմէ կտրածը եւ կտրող ու կռկող կու խաւրէր ինչուան առ Սողոմոն, Աստուծոյ տաճար, եւ իրեն պալատ շինելու համար: Նաեւ Տիւրոսի մէջ տիրէր հարստութեամբ: «Եւ իշխանք քո (Տիւրոսի) բնակիչք Սիդովնացւոց»: Սիդոն կրնար ինքզինքը պաշտպանել այլ. ոչ միայն ի ծովէ ամուր բերդով եւ գ ո գ ովը, այլ եւ ի ցամաքէ, եւ ինչուան Աստուծոյ ժողովրդեան` Իսրայելացւոց` ձեռքէն այլ ճողոպրեց զինքը. «Եւ Ասեր ոչ եբարձ զբնակիչսն Սիդոնի». վասն զի Յեսու Նաւեայ այս (Ասերայ) ցեղին վիճակեր էր զՍիդոն, զոր Մեծ անուանէին այն ատենն այլ. եւ իրմէ շատ առաջ` Յակոբ նահապետն իր Զաբուղոն որդւոյն սահմանները ինչուան, հոն կ ՚ ընդարձակեր. «Զաբուղոն յեզերս ծովու բնակեսցէ եւ ձ գ եսցի մինչեւ ի Սիդոն»: Հրեայք միշտ պատկառանքով եւ նախանձով կու նայէին անոր գ ոռոզութեանը ու զօրութեանը վրայ եւ կու սպառնային մար գ արէից բերնով (Եզեկիէ, եւ Եսայի). եւ ինչուան գ ծովն` որուն առաջին իշխողն եղաւ` իրեն դէմ կ ՚ ուզէին գ ր գ ռել. «Յամօթ լեր, Սիդոն, ասէ ծով»: Այսպէս ծովն քաղաքին, քաղաքն ծովուն սաստելով եւ իշխելով. Սիդոն կրցաւ հազարով տարիներ պերճաբար կան գ նիլ իր բարձրաւանդակին վրայ, լցուիլ ծովու եւ ցամաքի վաճառօք, եւ անոնց ար գ ասեօքը յղփանալ եւ շփանալ, նման ուրիշ մեծահարուստ շահաստան քաղաքաց, որոց նման այլ զեղծման եւ անիծից տեղ մը դարձաւ: Մինչեւ ինքնին Տէրն ծովու եւ ցամաքի եւ Աստուածն մեր, իր մարդկօրէն անօրէնութեան ատեն` ոտքով կոխելով անոր սահմանները, եւ վարդապետութեանը մէջ ուրիշ գ ոռոզ քաղաքներ խրատելով կ ՚ ըսէր. «Եթէ ի Տիւրոս եւ ի Սիդոն էին զօրութիւնքն` որ ի ձեզ եղեն` վաղու եւս արդեօք խոր գ ով եւ մոխրով ապաշխարեալ էր»: Բայց թերեւս նոյն երկրպա գ ելի ոտքերն էին` որ ազատեցին զՍիդոն հիմնայատակ կործանմանէ կամ ծովուն ալեաց մէջ ծածկուելէն:

Արդարեւ նախախնամեալ քաղաքաց եւ տեղերուն մէկն կ ՚ երեւի ինծի Սիդոն, եւ (ոչ միայն Ֆիմեայ, այլ) ասոր համար է որ չեմ կրնար շուտով հեռանալ անկէ. զոր ոչ թոռունք Յակոբայ, ոչ Յեսու եւ ոչ թա գ աւորք Հրէից կրցան նուաճել. Նաբուքոդոնոսոր 13 տարի աշխատելով երբ չկրցաւ տիրել Տիւրոսի, անոր հետ թողուց Սիդոնն այլ, մեծն Աղեքսանդր` բռնա գ ոյն քան զԲաբելացւոց բռնաւորն` առաւ քան դեց ամայացուց զԾուր, բայց դչպաւ Ծայդանի. գ ոռոզ դուստրը` աւա գ ի եւ ալեաց մէջ խղդեց, զմայրը շոյեց շինեց, դարձընելով անոր իր հրաժարած եւ մշակ դարձած թա գ աւորը (Աբդողոնիմ): Իրմէ ետքը Յունաց, Հռովմայեցւոց, Արաբացւոց եւ Թուրքաց ձեռքէն անցնելով` Խաչակրաց ատեն այլ դեռ չէն քաղաք մ ՚ էր, եղեւնափայտէ պալատներով, եւ երբ ասոնց ձեռքն ընկաւ` (յամին 1111) Եւստաքիոս Կառինէ անուամբ Փռանկ ասպետի մը տրուեցաւ, ուսկից անցաւ Իպլինեան տոհմին, ինչպէս առաջ ըսի. եւ թէ ասոնց ատեն եւ թէ վերջը, թէ եւ շատ փոփոխութիւն կրեց, բայց միշտ բաւական բանուկ մնաց, ինչպէս ինչուան հիմայ այլ` Դամասկոսի հետ վաճառակցութեամբ բաւական չէն ու բազմամարդ է:

Դ

Ահա այս քաղաքիս եւ անոր երկրին տիկին եկաւ Ֆիմի, որոյ գ ալուստն թէ եւ ի սկզբան շնորհաւոր եղաւ, բայց քիչ ատենէն Սիդոն իր տիկնոջ այլ բազմաց ալ ս գ աւոր եղաւ: Շատ տարի չէր (1250) որ այլազ գ իք կոխեր եւ աւրեր էին զանիկա, երբ Ֆիմեայ գ ալուն սկսաւ նոր ս գ ի առնուլ եւ ծաղկիլ վասն զի մէկ կողմէն ասոր հայրն` թա գ աւորն Հայոց Հեթում անոր պաշտպան կենար եւ գ անձերովը կու ճոխացընէր. ուրիշ կողմէ` անակնկալ բարեբաղդութեամբ` աւելի մեծ ազ գ ի մեծ թա գ աւոր մը եկաւ օ գ նական Սիդոնի, եւ ազնուապէս պատուա գ իր անոր տիկնոջը, գ երա գ ոյնն եւ սիրելա գ ոյնն թա գ աւորաց Փռանկաց Սուրբն Լուդվիկ, որ նախ ի Կիպրոս եղած ատենն (1248-9), ծանօթացեր էր ընդ Հեթմոյ: -

Այն ատենուան թա գ ակրաց մէջ չկայ մէկն քան զՀեթում` նմանա գ ոյն Լուդվիկի` զ գ ոնութեամբ, քաջութեամբ եւ առաքինութեամբ վարուց: Լուդվիկ յետ արշաւանացն յԵ գ իպտոս եւ պատերազմին եւ գ երութեանն եւ ազատելուն, դառնալով Ասորւոց կողմերը` Ֆիմիի հոն եկած տարին (1225), եւ յաջորդ տարին այլ ան գ ործ չկենալով, սկսաւ այն երկրին բոլոր ծովեզերեայ քաղքըները նորո գ ել եւ ամրացնել. այսպէս կ ՚ ընէր եւ Սիդոնի այլ. որոյ տէրն` Յուլիան իր ուրիշ իշխանակցաց նման` պատիւ կու սեպէր անանկ մեծ թա գ աւորէ մը օ գ նութիւն եւ պաշտպանութիւն գ տնելը: Հոս անտարակոյս իր նորահարսն տիկինն այլ` Ֆիմի` պատուեց զՍուրբ թա գ աւորն Փռանկաց եւ անոր դշխոյն` որ իր սկեսրին անուամբ Մար գ արիտ կոչուէր: Երկու տարի անոր այցելութեամբը` գ տաւ իրեն նոր հայր մը. կրցաւ քննել ու զննել այն սքանչելի անձին վրայ` ինչ որ իր հօրը եւ մօր Զապելի վրայ կամ շատ տեսեր էր ի տղայութեանն, եւ ինքն դեռ դալար եւ կակուղ հասակաւ եւ սրտով` կու տպաւորէր ի հո գ ին` անոր ընտիր առաքինութեանց կերպարանքը, եւ անշուշտ անոր իմաստութենէն աւելի կու զարմանար բարեպաշտութեանը վրայ, որ ուր այլ ըլլար` անխափան իր աղօթքները եւ կանոնական ժամերը կատարէր: Թերեւս տեսաւ այլ Սուրբ թագաւորին ձեռքը սաղմոսիկ մը, որ յԵ գ իպտոսի բանտին մէջ` բոլոր ստացուածքներէն եւ գ րքերէն մէկհատիկ ստացուածք մնացեր էր. եւ անով իր գ երութիւնը կու մխիթարէր. թերեւս անկէ շարժեալ եւ ինքն դիւրազ գ ած տիկինն Ֆիմին` երբ տրտմութեան հարուածներն առաւ` նոյնպիսի մխիթարանք մը խնդրեց, եւ ընկաւ իր բաղձալին` երկամբք ձեռին իր հօրեղբօրը: Ո՞վ գ իտէ, քանի՞ քանի՞ ան գ ամ Սիդոնի տպարանից եկեղեցւոյն կամ մատրան մէջ` սուրբ ծիրանաւոր արքային հետ ծիրանածին տիկինն` Ֆիմի ի ծունկ իջած` Աստուծոյ երկրիս վրայ կատարած ամենէն ահեղահրաշ խորհրդեան (պատարա գ ի) առջեւ, հրաթեւեալ սրտերնին կու բարձրացնէին յերկնից յերկինս:

Փափա գ ելի էր մեզի այլ հիմայ հեռուանց այսպիսի հանդիսից մէջ գ տուիլ յերկար, բայց սուրբ եւ բարի թա գ աւորն` յերկար չէր կենար մէկ տեղ մը. անդադար մէկ մը հոս, մէկ մ ՚ ի Տիւրոս կու փութար, անկէ յԱքքեա եւ ի Յոպպէ: Այս ետքի քաղաքս եղած ատենը` յամին 1253, գ ոյժ հասաւ իրեն, թէ թշնամիք կու սպառնան Սիդոնի. Սիդոն պաշարուեր է, Սիդոն առնուեր է. արիւն եւ կրակ կու լափեն զՍիդոն: Արդեօք ի՞նչ եղաւ մատղաշ բամբիշն. ո՞ւր փախաւ, ո՞ւր ամրացաւ Ֆիմի. եւ եթէ սուր եւ հուր չհասան այլ իրեն, հապա վախն ու գ ութն ինչե՞ր չեն հասցներ: - Փութա', վազէ, սուրբ թա գ աւոր, գ ուցէ հասնիս ու հալածես այն անօրէնները` որ քու իսկ դեռ նոր դրած շինութեան քարերդ կու քանդեն… Թո'ղ հիմայ անոր հօրաքրոջը ապարանքը (Յոպպէի կոմսուհւոյն), եւ փութա զինքն ազատելու. անոր թշնամիքն` քու այլ թշնամիքդ են. եւ թերեւս աւելի քուկդ` քան թէ անոր, կարծեմ թէ քու վրէժդ կ ՚ ուզեն անկէ առնուլ. եւ փոխանակ քաջ հաւուդ` տկար վառեկի մը հետ կու զարնուին:

Յիրաւի թշնամեաց այս արշաւանքը կերպով մը Ս. Լուդվիկի համար էր. եւ կերպով մը Լուդվիկ պարտական էր պաշտպանութեան Սիդոնի եւ անոր տիրոջ ու տիկնոջը (Ֆիմեայ): Վասն զի պէտք է գ իտնաս Հայկակ, որ երբ Ս. Թա գ աւորն գ երութենէն դարձաւ` հաշտութեան դաշինք դնելով զինքը գ երող Ե գ իպտոսի սուլտանին հետ, (որ արեւելեան քրիստոնէից ամենէն մեծ եւ ահաւոր թշնամին էր), ուրիշ այլազ գ ի իշխանք եւ սուլտանն Հալէպի եւ Դամասկոսի` նախ սմքեցան. վերջը այս ետքինս` սկսաւ գ աղտուկ դրդել զԼուդվիկ` որ միաբանի իրեն եւ քրիստոնեայ իշխանաց հետ, ու Ե գ իպտոսի սուլտանին դէմ ելլեն: Սուրբ եւ հաւատարիմ թա գ աւորն մերժեց անոր վատ եւ խարդախ խորհուրդը, եւ քանի որ Մսրայ սուլտանն իր դրած դաշինքը կը պահէ, ես այլ պարտական եմ, կ ՚ ըսէր, պահելու իմ խոստմունքս: Տեսաւ Հալպայ սուլտանն Մէլէք-էլ-Նասր Եուսուֆ) որ մէկ կողմէն Ե գ իպտոսի սուլտանն դաշանցը համար յետ պիտի կենայ քրիստոնէից վնասելէն, մէկայլ կողմէն Փռանկաց թա գ աւորն` թէ եւ չիպատերազմիր` բայց քրիստոնէից երկիրները կ ՚ ամրացնէ. իսկ ուրիշ եւ իրեն աւելի մօտիկ կողմէն` թա գ աւորն Հայոց` Թաթարաց հետ բանա գ նաց կ ՚ ըլլայ. արդէն անոր եղբայրն Սմբատ գ ունդստապլ դարձեր էր մեծ ղանին քովէն, եւ հիմայ ինքն Հեթում կու պատրաստուէր երթալու, եւ իրեն ու քրիստոնէից օ գ նական բերելու Թաթարաց անդիմանալի զօրութիւնը, որոյ առաջին հարուածը` այն քրիստոնէից մօտ տեղուանքը` ինքն Հալէպի սուլտանն պիտի առնուր:

Արդ երբ յուսահատեցաւ նա Սուրբ թա գ աւորը հրապուրելէն` ոխացաւ անոր, եւ ինչպէս ամեն վատ կ ՚ ընէ` դարձաւ իր հրապուրածին դէմ, ու դարձնել ջանաց զԵ գ իպտոս սուլտանն այլ, որոյ դէմ կ ՚ ուզէր ինքն երթալ: Երկու անիրաւքն այլ գ տան զիրար. բայց Մէլէք-Էլ-Աշրաֆ-Մուսա (Մսրայ սուլտանն) աւելի խոստապահ կամ աւելի խորամանկ էր, տեղէն չշարժեցաւ, սակայն գ աղտուկ հաւանութիւն տուաւ ընկերին. այն ատեն Նասր ձայն տուաւ իր սահմանաց մէջ եւ մօտերը բնակող Թիւրքմենից, ու իբր իր երկու թշնամի բարեպաշտ թա գ աւորաց վրէժը մէկէն առնուլ ուզելով` յանկարծակի վազեց Սիդոնի վրայ, որ Դամասկոսէ (Շամ) հազիւ մէկ երկու աւուր ճամբայ հեռու է, իսկ ի Յոպպէէ (Եաֆա) յԱնտիոքայ եւ ի Սսոյ, ուր զօրաւոր իշխանքն քրիստոնէից` Լուդվիկ, Հեթում եւ Պեմունդ գ տուէին` շատ աւելի հեռու:

Անակնկալ եւ ահաւոր եղաւ ասպատակն ու աւերակն. Սիդոն դեռ բաւական ամրութիւն չունէր. կոխան եղաւ թշնամեաց, որք անոր ցամաքային բերդն այլ առին աւրեցին, վազեցին նաեւ ծովային բերդին վրայ, ուր անշուշտ ապաւիներ էր եւ տիկինն Ֆիմի, բայց հոս` ծովն` ամըչցաւ եւ չամըչցուց զՍիդոն, հապա մանաւանդ յիշեց եւ կատարեց իր հին խօսքը. «Ո՞չ երկնեցի եւ ո՞չ ծնայ եւ ո՞չ սնուեցի երիտասարդս, եւ ո՞չ բարձրացուցի կուսանս», որոց մէջ հիմայ բարձրա գ ոյն բազմած դեռ կուսա գ եղ տիկինն Սիդոնի, ծովուն ալիքներէն աւելի` աղօթիւքը կու պաշտպանէր բերդին: Յետ քաշուեցան արիւնարբու եւ աւերածու թշնամիքն, բայց չարաչար նշաններ թողլով իրենց գ ազանութեանը. 800 հո գ ի սրակոտոր եղած սփռած էին Սիդոնի մէջ եւ ճամբուն վրայ, 400 հո գ ի այլ երկաթի զարնուած եւ գ երի վարած, շատ շէնքեր այլ աւերած:

Ասոնց մէջ` չեմ տարակուսիր որ Ֆիմի իրեն պալատէն աւելի կու սիրէր մատուռ մը` քաղքին արեւելեան դրան քովերը` որ Շամայ ճամբուն վրայ կու նայի. մատոռ մը` զոր նախնի քրիստոնէից բարեպաշտութիւնն կան գ ներ եւ դարուց դար աւանդութեամբ պահէր ու պատուէր, մատուռ մը` որ եւ հիմայ այլ կեցած պատուի, թէ եւ փոփոխեալ ի մզկիթ, Նեպպի-Սիդուն կոչուած: Այս շէնքս այն տեղն է շինուած` ուր 1200 տարի յառաջ քան զՖիմի` իրեն համասեռ Փիւնիկեցի մը, մայր մը, մեծ տրտմեալ սիրտ մը` կեցեր կու լար ու կանչէր, կ ՚ ուզէր բժշկել իր սրտին սիրուն կտորը, չարաչար տանջուած ու լլկուած աղջիկը, - շատերն լսեցին ձայնն ու լացը, եւ ոչ ոք կրցաւ օ գ նել, եւ միայն կրցողն այլ չուզեց: Արարիչն ամենեցուն` այն ատեն հոն մարդկորէն քալելով կ ՚ անցնէր, լսեց ու չլսելու զակաւ… Բայց ո՜վ զօրութիւն հաւատոց, ո՜վ մեծութիւն սիրոյ, դու գ րեթէ աստուածային հնարից այլ յաղթեցիր: Ասորի կինն ճանչցաւ զՔրիստոս, եւ պահանջեց ինչ որ իր ցաւոց եւ անոր ողորմութեանը կու վայլէր. «Ողորմեաց ինձ, որդի Դաւթի, դուստր իմ չարաչար այսահարի». Քրիստոս լռութեամբ կ ՚ երթար, կինն ետեւէն առջեւէն աղաղակելով կ ՚ ար գ ելուր. Քրիստոսի աշակերտներն կ ՚ աղաչէին, կինն առաջ անցնելով գ ետին կ ՚ ընկկնար, «երկիր պա գ անէր նմա եւ ասէր. Տէր, օ գ նեա ինձ»: - Քրիստոս կ ՚ ըսէր թէ ինքն Հրէից բժշկութեան համար զրկուած է, որք Աստուածոյ ընտրած որդիք սեպուած էին, եւ թէ որդւոց պատրաստուած հացը` չէր վայլեր շուներու տալ: - «Այո' Տէր'», խոստովանեցաւ մեծահամբեր եւ մեծիմաստ կինն, այո Տէր, բայց «եւ չունք ի փշրանաց սեղանոյ մանկանցն կերակրին»: - Ո՜հ, ներէ մեզի այլ ըսելու, ո'վ Տէր մեր, որ կարծեմ հոս քու գ թութեանդ աւելի դժար եկաւ համբերելն, քանի թէ այն տառապեալ կնկան` իր ցաւոցը. եւ այլ չէիր կրնար ուշանալ կանդելու, «Ո'վ կին դու, մեծ են հաւատք քո. եղիցի քեզ որպէս եւ կամիս: Եւ բժշկեցաւ դուստր նորա ի նմին ժամու»: - Ահա այս գ երասքանչ գ որովալի տեսարանին տեղն էր, ուր իսկապէս եւ մարմնապէս կեցաւ Աստուածն մեր Քրիստոս, եւ ուր կինն Փիւնիկ Ասորի` ընկաւ իր ոտքը. այս տեղս էր կան գ նած այն մատուռն եւ հիմկու մզկիթն, ըստ բարեպաշտ եւ հաւանելի աւանդութեան. եւ ուր հաւատացելոց հետ ստէպ այցելութեան եւ աղօթից կու գ ար` Փիւնիկին հաւատոց եւ ցաւոց ժառան գ ն Ֆիմի. եւ հիմայ այլ անշուշտ իր քաղքին եւ ժողովրդեան կոտորածոց վրայ կոտրտուելով` մայրօրէն ցաւակցութեամբ սրտանց կ ՚ աղաղակէր առ Փրկիչն, «Տէր, օ գ նեա' ինձ»:

Ե

Հոս մարդասէր Տէրն մեր յօ գ նութիւն կամ ի մխիթարութիւն հասուց զԼուդվիկ, որ գ ոնէ աւելի մեծ վտան գ է ազատեց զՍիդոն. անշուշտ իր գ ալստեան կասկածելով` փութացեր փախեր էին թշնամիքն ի Պանէաս (կամ ի Կեսարիա Փիլիպպեայ, ըստ աւետարանին). ուր գ ունդ մը քաջաց խաւրեցհալածեց զանոնք եւ քաղաքը առաւ: Իսկ ինքն կու շտապէր գ ալ ի Սիդոն. որոյ հարուածէն ետեւ քանի մ ՚ օր անցեր էր, եւ դեռ անթաղ մնացեր էին սպանեալքն. եւ արդէն սկսեր էին գ երեզմանի մէջ առնելու կերպարանքին փոխուիլ: Չկրցաւ սուրբ թա գ աւորն արտսունք բռնել. եւ նախ իր հետն եղող Ս. Պապին նուիրակին` գ երեզմանի երկիր մը օրհնել տուաւ, վերջը դարձաւ իրեններուն` հրամեց որ թաղեն: Ասոնք` որ աւելի թշնամի ջարդել փափա գ էին քան թէ ընտանի թաղել, եւ իրենց առաջնորդին սիրտը չունէին, պժ գ ացին զզուեցան, երեսնին յետ դարձուցին. վատք քան զՄարթա` ըսելով, թէ «Հոտեալ իցէ, քանզի չորեքօրեայ է»: Այն ատեն Լուդվիկ իր սիրոյ եւ սրբութեան սքանչելի գ ործոց մէկն հոս ցուցուց. ձիէն վար ցատքեց եւ առջի հանդիպած դիակը վերուց շալկեց թա գ աւորական թիկանցը վրայ, եւ իբրեւ խուրձ մը դեղնած ցորենոյ պարկի մէջ դնելով` տարաւ ինչուան գ երեզմանոցը, իջուց փոսին մէջ, թաղեց, ծածկեց, կնքեց կաթիլ մ ՚ արտասուօք: Հին գ օր այսպէս աշխատեցաւ մեռելակրութեան. ոչ միայն առանց գ անելու, այլ նահատակաց մարմին սեպելով` կրելու ատեն ծոմ կու պահէր եւ յար գ ութեամբ կ ՚ իջեցնէր զանոնք իրենց քնարանը: Այս օրինակէս զարնուած զօրքն եւ վարձկանք` հետեւեցան իրենց տիրոջը: Ծովածին Սիդոնի բարձրացեալ երիտասարդքն եւ կուսանքն` վերջապէս հան գ չեցան ի հայրենի հող մահուան:

Ուրիշ գ եղեցիկ եւ համանման գ ործ մ ՚ այլ ըրաւ այն մեծ եղբայրասէր թա գ աւորն ի Սիդոն. տեսնելով որ իր նորո գ ութիւններն նորէն աւրուեր են, քաջալերեցաւ աւելի ամուր շինելու. եւ հոս այլ իրեններուն օրինակ տալով ժրութեան` հասարակ մշակի պէս սկսաւ իր ու ծեփ շաղուել եւ քարերը կրել, պատերը հիւսել:

Այն ձմեռուան (1253-4) գ րեթէ մեծ մասն հոս ի Սիդոն անցուց Լուդվիկ. եւ դեռ կ ՚ ուզէր կենալ եւ շէնքերը պսակել, երբ իրեն այլ յանկարծ Յոբայ երեք բարեկամացը պէս եկան իրեն` իր խոստովանահայրն, Պապին նուիրակն եւ Տիւրոսի արքեպիսկոպոսն. իմացուցին զմահ իր մօրը, Պլանշ դշխոյի, զոր եւ թա գ աւորութեանը տեղակալ դրեր էր, սովորականէ աւելի կու սիրէր եւ յար գ էր: Խիստ սաստիկ ցաւ զ գ աց, բայց սրբութեամբը ծածկեց. եւ մէկէն ընկաւ իր մատրանը մէջ` ուրր լսեց այս գ ոյժը, գ ոհացաւ զԱստուծոյ` որ այնքան ատեն իրեն պար գ եւեր էր այնպիսի մայր մը. եւ հան գ ստեան պաշտօն ընել տալէն ետեւ` փութացաւ ժողովեց մարդիկը, եւ ուրիշ ատենի թողլով սուրբ Երկրին ազատութեան հո գ ը, տուաւ վերջին ողջոյնը իր ասպնջական տիրոջ եւ տիկնոջ, եւ ամենայն քրիստոնեայ իշխանաց եւ բազմութեան հաւատացելոց. որք ետեւէն գ ացին մինչեւ յԱքքեա, եւ մեծ տրտմութեամբ յուղարկեցին նաւով ի Կիպրոս, ուսկից նաւեց դարձաւ ի Գաղղիա:

Այս դիպուածս համառօտիւ յիշէ մեր ժամանակա գ իրն (Մաղաքիա) ՉԲ. (1253-4) «Ռէ տէ Ֆրանցն (Լոյզ կամ Լուիզ) վերստին շինեաց զՍայտայ եւ գ նաց յաշխարհ իւր». ինչպէս յառաջ այլ Յոպպէի համար յիշէ. «ՉԱ (1252-3). Ռէ տէ Ֆրանցն շինեաց զՃաֆն»: - Հիմակուան Սայտայի բարձրա գ ոյն մասին վրայ կիսաւեր մեծ աշտարակ մը կայ. մնացորդ շինուածոց կամ նորո գ ութեանց Ս. Լուդվիկի:

Պէտք չէ տարակուսիլ` որ Լուդվիկի երթալուն վրայ ամենէն աւելի ցաւողաց մէկն եղաւ Ֆիմի, որոյ գ թասէր սրտին այս այլ կակուղ հարուած մ ՚ էր. եւ այնչափ աւելի էր հո գ ն ու վախն` որչափ որ նոյն տարին իր հայրն Հեթում թա գ աւոր այլ ելաւ գ նաց երկար ճամբով ի Թաթարստան. ուսկից ինչուան որ իր տեղը դարձաւ դադարելու` տարիներ անցան: Բայց քանի մը տարիները, (եւ մինչեւ ի 1260 տարին) անվտան գ կ ՚ երեւին. վասն զի ի Հայս կառավար եւ պահապան կեցեր էր Ֆիմիի պապն, մեծախելք թա գ աւորահայրն Կոստանդին, իր մէկայլ կտրիճ որդւոօքն. ուրիշ կողմանէ այլ Թաթարաց գ ալուն վախն կու զսպէր զայլազ գ իս` որ քրիստոնէից աւելի վնաս չհասցընեն, որպէս զի իրենք այլ աւելի վնաս չկրեն:

Զ

Այս տարիներուս մէջ ծլեցաւ ծաղկեցաւ Ֆիմի իր զաւակօքը, որ երեք միայն յիշուին, երկու մանչ, զորս Յուլիան իր հօր հօերղբոր անուամբ կոչեց, եւ մէկ աղջիկ` զոր իր մօրն անուամբը: Ասնց անուանքն այլ իրենց մօրը հետ վայելչաբար եւ փաղաքշաբար նշանակուած կու գ տնեմ արքայեղբօր Յովհաննու ձեռօք, իր ընծայած նախայիշեալ գ րքին մէջ, ահաւասիկ. Մարկրուն հեզանազ դստրիկն Ֆիմեայ` հարս գ աց Կուիտոնի կամ Կիայ` Ժիպլէի տիրոջ, որ է հինն Գէբազ Ս. գ րոց կամ Բիւբլու Յունաց, հիմայ Ճէպիլէ կամ Ճեպայիլ կոչուած, որ այն ատեն Իպլինայ պէս փռանկ տէրութիւն մ ՚ էր. յն տերանց մէկուն դուսըր կին առաւ Պալիան` անդրանիկն Ֆիմիի, եւ երկու աղջիկ ունեցաւ, որոց մէկն անուանեց իր սիրելի մօրն անուամբ Ֆիմի, որ յետոյ եղաւ կին Հեթմոյ մարաջախտի. (սա էր թոռն Հեթմոյ` եղբօր Ս. Ներսիսի Լամբրոնացւոյ):

Աւելորդ է ինծի խօսքով խորհրդածելն` որ Ֆիմի իրեն մեծ հո գ ըրեր էր իր զաւակաց (թերեւս եւ թոռանց) կրթութիւնը, եւ կու ջանար զանոնք, այլ իրեն պէս զարդարել ամենայն բարեձեւութեամբ, իրեն պէս ընել` սիրողս Աստուծոյ եւ ծառայից նորա: Այս բաներս թէ եւ հօրեղբոր մը բերնով եւ ձեռքով գ րուած են իրեն համար, սակայն գ րողին սուրբ եւ բարձր աստիճանն եւ վարքն վկայ` որ ճշմարտութեամբ պատշաճած են անոր, եւ կու յայտնեն` որ այն ատենուան բամաթիւ մանր տէրութեանց տիկնայց մէջ առաջիններէն մէկէն էր (եւ մեզի ծանօթից մէջ առաջինն) Ֆիմի իմաստութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ արդարեւ լցեալ եւ զարդարեալ: Եւ ասոնք էին մեծ զէնք եւ դեղք հարուածոց եւ տրտմութեան դիւրազ գ ած եւ գ թասէր սրտին, իր ծնողաց եւ Ս. Լուդվիկի օրինակներն` իրեն կենդանի հայելի մ ՚ էին նմանութեան, եւ թերեւս անոնց այլ` ամեն բանէ աւելի` հանդիպած փորձանքներն եւ վիշտերն եղան մեծ առիթք բարեպաշտութեան եւ սրբութեան: Ամենուն, բայց աւելի իշխանազանց եւ մեծատանց համար հարկաւոր կու ճանչնայ մեր սուրբ կրօնքն` այսպիսի հարուածներ որ զիրենք ցնցելով` քակեն աշխարհիս ունայնութեանց եւ պաճուճանաց կպչուն փափկութիւններէն, եւ լաւա գ ոյն կենաց եւ աշխարհի ստոյ գ եւ անանց բարեացը փափա գ եցընեն: Գուցէ նուազ կ ՚ ըլլար ի Զապել, ի Հեթում ի Լուդվի գ եւ ի մերս Ֆիմի` այս սուրբ փափա գ ու եթէ վշտերնին այլ պակաս ըլլային: Ուրեմն անվախ բնտռենք քննել թէ ուրիշ Ի՞նչ փորձանք ու ցաւեր եկան ասոր, մանաւանդ թէ թողունք որ գ ան, եւ այլ աւելի փորեն խորցընեն, բարակցընեն եւ զարդարեն այն ազնիւ սիրտը:

ԷՖիմիի քանի մը տարի հան գ ստեան միջոցը` մեծամեծ քաղաքականդիպուածք եղան յարեւելս, հայրն` Հեթում` դարձաւ ի Թաթարաց, մեծ (Ման գ ու) խաքանին եղբայրը` ահաւոր Հուլաղու զանը` բիւրաւոր զօրօք ետեւէն բերելով, որ քանի մը տարուան մէջ` քրիստոնէից նեղութիւն տուող բռնաւորները եւ տէրութիւնները ջնջեց, նախ Հաշիշի կամ Աւազակաց ըսուած բռնաւորը, յետոյ Պաղտատու հին եւ մեծ ամիրապետութիւնը (1258) վերջը (1259-60) Սիդոնը աւեր եւ արիւն դարձընող Հալպայ եւ Շամայ սուլտանը (Մէլէք-էլ-Նասըր), բռնեց եւ գ երի զրկեց ի Պարսկաստան ու անկէ նուաճած երկիրները դարձուց տուաւ Հեթմոյ եւ անոր փեսային` Անտիոքայ իշխանին: նաց միայն Ե գ իպտոսի զօրաւոր սուլտանն, ասոր վրայ այլ կու պատրաստէր յարձկելու` Հայոց եւ Լատինաց օ գ նականութեամբ, երբ հասաւ իր եղբօր (Ման գ ու ղանի) մահուան լուրն, ու փութացաւ Հուլաղու դառնալ յարեւելս մեծ ղանին ընտրութեան համար. - արեւմտեան կողմերուն (յԱսորւոց երկիրը) պահապան թողլով զօրօք Քիթբուղա կամ Քէթուպօղա-նոյին զօրավարը: Ասոր համար մեր Հեթում Պատմիչն կ ՚ ըսէ թէ, Քրիստոսի երկրպա գ ութեան եկող մօ գ ուց ցեղէն էր, եւ բարի ու քրիստոնէասէր ըլլալով` սկսաւ խաղաղութեամբ կառավարեալ իրեն յանձնուած կողմերը: Դժբաղդաբար քրիստոնէից կողմէն եղած անխոհեմութիւն մը` մեծ շփոթութեան եւ վնասու պատճառ եղաւ, եւ նոր ցաւոց` մեր Սիդոնի տիկնոջ: Վասն զի այս տէրութեան երկրին մէկ մասն` որ ինչպէս առաջ յիշեցի, Պէլֆորդ կ ՚ ըսուէր Շամայ երկրին սահմանակից էր, եւ բնակչաց մէկ մասն այլ Թուրք էին, որք հիմայ զսպուած ի Թաթարաց` ասոնց տուրք կու տային, եւ անշուշտ ութ տարի առաջ Սիդոնի վրայ ասպատակողաց ընկեր էին: Հիմայ Սիդոնացի եւ Պէլֆորդեցի տաք գ լուխ մարդկանցմէ ոմանք` կամ հին վրէժն առնըլու համար, կամ նոր առիթ մը գ տնելով` այս Թուրքաց գ եղերն ու արտերը կոխեցին, աւրեցին, ոչ առանց սպանութեան տեղացեաց, որոց մէկ մասն այլ իրենց ստացուածով եւ անասնովը գ երի քաշեցին. Մօտերը ձիաւոր Թաթարաց պզտի գ ունդ մը կար Քիթբուղայի քեռորդւոյն կամ եղբօրորդւոյն հրամանին տակ, մէկէն վազեց այս կտրիճ Սիդոնացոց ետեւէն, պատուիրելով որ գ երին եւ աւարը թողուն, անոնք իրենց անշահ յաղթութեան եւ աւարներուն վայլմամբ տաքցած եւ գ ինովցած, աւելի մեծ յանդ գ նութեամբ եւ կուրոթեամբ Թաթարաց այլ դէմ դարձան, եւ քանի մը հո գ ի սպաննեցին, անոնց հետ մէկտեղ կտրիճ առաջնորդնին այլ:

եռ Թաթարաց բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան փորձն առած չէին քրիստոնէայք: Քիթբուղա` հոս ոչ անարդար իրաւամբք քալեց կոխեց աւրեց Սիդոնացւոց սահմանները, եւ նոյն իսկ քաղաքն այլ առաւ. նորաշէն պարսպաց մեծ մասը քակեց, ցամաքին բերդը փլուց, դէպ ի ծովային բերդը դիմողներէն մէկ քանին այլ սպաննեց, բայց այս բերդս ծովով շրջապատած ' պաշտպանած ըլլալով` չկրցաւ առնուիլ: Հոն դարձեալ ապաստանած տիկինն Ֆիմի` որսորդէ փախած եւ ծառին բարձրա գ ոյն ճղերուն մէջ պահուըտած թռչնոյ պէս կու սարսէր սարսափէր, եւ թերեւս ազատելու հնարք չէր տեսներ, թէ որ անակընկալ դիպուած մը չհեռացնէր անկէց զԹաթարս:

Հուլաղուի հեռանալը եւ թողած Թաթարաց քիշուորութիւնը լսելով Ե գ իպտոսի սուլտանն Քուդդուղ` յարձակեցաւ ի Պաղեստին. Քիթբուղա` ցրուած զօրքերը ժողվելով` դէմն ելաւ. հասան իրարու` Նապլուսայ (Սամարիոյ) մոտ Այն- Ճալութ (Աղբիւր Գողիա գ այ) ըսուած տեղը սաստիկ եղաւ պատերազմն. Քիթբուղա մեծ քաջութեամբ կռուեցաւ եւ աւելի մեծ կարճութեամբ մեռաւ: Թաթարներն` որ առաջիան գ ամ էր որ կու յաղթուէին, հալածեցան Ասորւոց երկրէն դուրս, որուն տիրեցին Ե գ իպտացիք, բաց ի քանի մը ծովեզերեայ քաղաքներէ, որոց մէկն այլ էր կիսաւեր դժբաղդ Սիդոնն:

Ասոր տէրն Յուլիան` որ տասն տարի չտիրած` երկու երեք ան գ ամ տեղւոյն աւերիլը տեսաւ, հիմայ այլ երկու կողմէն մեծ վտան գ ի մէջ գ տուելով` թէ յԵ գ իպտացւոց եւ թէ ի Թաթարաց, եւ նորէն ոչ Ս. Լուդվիկի մօտաւոր գ ալստեան յոյս ունենալով, եւ ոչ աներոջը (Հեթմոյ) առանց ասոր խորհուրդ հարցընելու` յուսահատական հնարք մը մտածեց, որոշեց, կատարեց: Սիդոնն այլ Պէլֆորդն այլ իրենց սահմաններովը ծախեց Տաճարական ասպետաց. «Ճուլիան Սայտայու, տէրն` ծախեաց Դամփլուն զՍայիտէն եւ զՊիաֆորդն», կ ՚ ըսէ մեր ժամանակա գ իրն: Այս բանիս վրայ շատ դժարեցաւ թա գ աւորն Հեթում` թէ Յուլիանու եւ թէ անոր երկիրը գ նող ասպետաց, որք կերպով մը իր դստեր իրաւանց այլ կ ՚ անիրաւէին: Անշուշտ Հեթում իրաւունք ունէր, բայց Յուլիան այլ իր գ լխին ճարը հո գ ալու կու ստիպուէր, մանաւանդ որ ուրիշ իրեն նմաներէն այլ կային նոյնպէս մտածողք: Իրմէ քիչ մը վերջը (1261) իր ազ գ ակիցն Պալիտն` տէրն Արսուֆայ (որ նոյն Փիւնիկիոյ եզերքը Եաֆայի մօտ ուրիշ ամուր քաղաք մ ՚ է) իր երկիրը ծախեց Հիւրընկալ (Հոսպիտալի) ասպետաց: Քանի մը տարի ետեւ (1268) Պիպարս Փնտուխտար սուլտանն Ե գ իպտոսի առաւ զՊէլֆորդ բերդաքաղաքը. նոյն տարին առաւ եւ զԱնտիոք այլ, որոյ տիկինն էր քոյրն Ֆիմեայ:

Այս ամեն դիպուածքն մէկմէկ հարուածք եւ առիթք էին տրտմութեան իր սրտին, եւ մանաւանդ երկու տարի ռաջ (1266) հանդիպած կսկծալին, իր եղբօր` Թորոսի` սպանուլն յԵ գ իպտացւոց` պատերազմի մէջ, եւ միւս եղբօր Լեւոնի (Գ) գ երութիւնը, ու հօրը մեծ տառապանքը` ինչուան որ ազատեց զնա: Այս ցաւալի տարիներուն մէջ` Ֆիմի անշուշտ ապաստանած էր իր հօր թա գ աւորութեան երկրին մէջ, եւ անոր ս գ ակից կ ՚ ըլլար, հետզհետէ կրելով եւ իմանալով ինչ որ «սեփական է մարդկան, նժդեհութիւն եւ պանդըխտութիւն եւ փորձանք»: Թէպէտ քիչ մը վերջը բոլոր Կիլիկիոյ եւ իր արքունի ընտանեաց հետ ուրախացաւ` ազատութեամբ Լեւոնի (1268) բայց եղբայրը գ տնելով` գ րեթէ հայրը կորուս. վասն զի Հեթում զորդին թա գ աւորեցընելով` ինքն հրաժարելով` քիչ ատենէ մեռաւ, (28 հոկտեմբ. 1270): Նոյն օրերը հասաւ եւ Ս. Լուդվիկի մահուան լուրն, որ երկու ամսով յառաջ վախճաներ էր (25 օ գ ոստ): Այսպէս գ րեթէ երկու հօր սու գ ու ցաւ մէկտեղ կրեց Ֆիմի: Անոնցմէ առաջ վախճաներ էին իր հօրեղբարց մէկ քանին, եւ աւելի առաջ (1262) անոնց նահապետական հայրն` Կոստանդին:

Բայց իր սրտին մերձա գ ոյն եւ մասնակից անձն, իր ամուսնինն` Սիդոնը ծախելէն 15 տարի ետեւ «Մեռաւ Ճուլիան, Սայտայոյ տէրն», (1275) ըստ ժամանակա գ րին, այն տարին` որ Կիւլիկիոյ մէջ սաստիկ սով եւ մարդամահ այլ եղաւ: Յուլիան իր տեսած եւ կրած փորձանքներէն եւ գ ուցէ իր կնոջ եւ աներոջ բարեպաշտութենէն յորդորուելով` կամաւ թողեր էր իր աշխարհային փառքը, նախ Տաճարական ասպետաց կար գ ը մտնելով, յետոյ Երրորդութեան ըսուած կրօնական կար գ ը, յորում եւ մեռաւ Աքքեա քաղքին մէջ, իր այրւոյն սրտին մեծա գ ոյն վէրք եւ տրտմութեան առիթ թողլով:

Ը

Այլ միթէ նուա՞զ կսկիծ եղած էր անոր մայրենի սրտին` կորուստ իր կրսեր եւ կայտառ որդեկին, ի՞նչ լայն եւ խոր պատառուածք բացաւ այն ազնիւ սրտին մէջ` տարաժամ եւ տարադէպ լուր մը, թէ քու ջաջուռ ու ճօճուն Ճուանդ չկայ… մարեցաւ անոր լուսաւոր արեւակն: Արդարեւ ջուրք մարեցին, ընկղմեցին, խեղդեցին զՃուան. - անոնց մէջ լուացուելուն կամ լողալո՞ւն ատեն, թէ անոնց վրայէն անցնելուն: - Գիտցածնիս այս է, որ օր մը Ֆիմեայ առջեւ բերուեցաւ փռուեցաւ Ճուան երկայն հասակաւը, գ ետէն հանած շուշաաց շալակի մը պէս. - ջրերն` որ իր այնքան շնորհքը քաղեր կելլեր էին, անշուշտ մէկ կակուղ եւ խոնաւ շնորհք մ ՚ այլ դեռ թողեր կամ տուեր էին կերպարանացը. զոր փոխանակ կէս ծածկելու` բոլորովին բաց թողուին գ ա գ աթէն վար կախուած քամուած ու մէկ փունջ եղած խարտեաշ գ իսակներն… դեռ ամեն բան լման եւ նոյն կու տեսնէր Ֆիմի` իր Ճուանին վրայ. միայն չշարժելէն եւ իր վիզը չպլլուելէն հաւատաց մայրն` որ որդին անշնչացեր… մեռեր է. «Եւ եդեալ զաղիս նորա»:

Թողունք այս պժ գ ալի տեսարանը, որ եթէ սրտակտուր է ամեն հանդիպողի, ի՞նչ պիտի ըլլայ մօր մը սրտին եւ Ֆիմիի պէս մօր մը: Հոս ձեռուընիս կու կապուի, շրթունքնիս կու փակուին. հոս` արդարեւ միայն մխիթարանք ու անդորր կրնայ տալ այն` Որ ամենահնարն է: Իջի'ր արդ հիմայ, ո'վ բարի հօրեղբայր, իջիր քու Բարձրբերդի սուրբ դիտանոցէդ, եւ բեր քու թոռնէիդ այդ Ամենահնարին ներշնչեալ սուրբ պատ գ ամները, բեր քու ձեռա գ իծ գ րքոյկդ, եւ փորձով Ժողովողվին ու փորձանօքն Յոբայ` սփոփէ այդ իրաւացի տրտմեալ սիրտը: Ահաւադիկ մէկ յիշատակարան մ ՚ այլ արքայեղբօրն Յովհաննու առ Ֆիմի, նոյն գ րոց մէջ, ոտանաւոր չափով.

Յաստուածային սէրն հարեալ

Սա` որ հըրով նորին վառեալ,

Որ եւ ըզտառս այս ըստացեալ

Բամբիչըն մեծ` Ֆիմի կոչեալ,

Հեթմոյ քաջի նա դուստըր լեալ,

Որ էր արքայ Հայոց օծեալ.

Անցաւոր զայս ծանուցեալ,

Անանց թրա գ ին այն բաղձացեալ,

Նորափետուր սովաւ պրճնեալ

Լի լապտերօք ընդառաջեալ.

Նոր փեսային է հարսնացեալ,

Մըտից դրախտին արժանանալ:

Եղկելիս սովաւ թախծեալ

Երկամբքն մատանցս ըզսա ստանալ,

Սակս որոյ ի մի գ ործ սկըսեալ

Փոքր ինչ յայլոց օժանդակեալ.

Ստացողք վերջոյ եւ որք օ գ տեալ`

Հայցեմք բարի մասըն մեզ տալ եւ այլն:

Այն տարին որ Ֆիմի այրիացաւ` իր աւելի բարձրիշխան քոյրն այլ` Զապլուն` այրի մնաց մահուամբ բրնձին Անտիոքու` Զ Պեմունդի (1275 մայիս 11), որոյ աղահասակ որդւոյն Պեմունդի) խնամակալ եղաւ ինքն մայրն. եւ հաւանօրէն 14 տարի ետքը տեսաւ իր եւ անոր տէրութեան բոլորովին վերջանալը, երբ Քէլաուն կամ Քալիլ Աշրաֆ սուլտանն` Ե գ իպտոսի` առաւ զԱնտիոք ու վերուց անկէ քրիստոնէից 200 տարուան պայազատութիւնը: - Իրեք տարի վերջը (1291) մէկայլ Զապլունն այլ (իրենց եղբօր` Գ Լեւոնին դուստրն) տիկինն Տիւրոսի` զրկեցաւ իր տիկնութենէն, վասն զի երբ Ե գ իպտացիք առին զԱքքեա` քրիստոնէից ամենէն ամուր ապաստանարանը, անոր պաշտպան ասպետքն փախան ապաւինեցան մեր Ֆիմեայ հին ապաւէնը, ի ծովային բերդն Սիդոնի բայց երբ թշնամիք նաւերով մօտեցան անոր, անկէց այլ փախան գ նացին ն Կիպրոս: Այս բաներուս ականատես Պատմիչն Հեթում` կ ՚ ըսէ. «Աշրաֆ էառ զԱքքա ի քրիստոնէից եւ թողին քրիստոնէքն առանց պատերազմի զՍուր (Տիւրոս), զՍայտէ (Սիդոն), զՊէյրութ. եւ յայսմ ամի ջնջեցաւ քրիստոնէութիւնն ի Սէհլէն»: Ուրեմն Յուլիանու եւ Ֆիմեայ թողլէն 31 տարի ետեւ այլ` դեռ ասպետաց ձեռքն էր Սիդոնի ծովապատ ամրոցն. եւ այս տարի յետ ուրիշ քաղաքաց եւ բերդից` մատնեցաւ այլազ գ եաց ձեռքը. թէպէտ եւ անոր պայազատքն իրենց օտարութեան մէջ այլ պահէին իրենց կորուսած տէրութեան անունը. եւ ինչուան գ րեթէ հարիւր տարի վերջ այլ` (1368) կու յիշուի Փիլիպ Իպլինեան տէր Սիդոնի, որ ի Կիպրոս բնակէր, եւ հաւանօրէն Յուլիանու եւ Ֆիմեայ տոհմէն էր:

Թշնամիք` որ շատ ան գ ամ յարձակէր եւ վռնտուեր էին ի Սայտայէ, հիմայ պարապ եւ անպահապան գ տնելով` քարերէն եւ աշտարակներէն առի վրէժնին, փլցնելով եւ թափելով` երբեմն զանոնք ծիծաղող եւ երբեմն ծեծող ծովուն ծոցը, որ եւ մահաձայն մռնչմամբ մաս մը ծածկեց, մաս մը ալիքներէն դուրս թողուց մինչեւ այսօր, ի տեսիլ նաւողաց յափունս Փիւնիկիոյ: - Այսպէս եղաւ վախճան տէրութեան առաջին եւ հնա գ ոյն ծովամայր քաղաքին, որոյ վերջին գ ահանիստ տիկինն եղեր էր Ֆիմի:

Թ

Արդեօք հասա՞ւ իր ակընջին այն սրտաթափ պարսպաց փլչելուն դղրդմունքն, եւ ալէկոծեալ ծովուն խոխոջալն այն աւերակաց մէջ. արդեօք իր խորացեալ սրտէն հնչե՞ց արձա գ ան գ մը ի պատասխանի ծիւրեալ եւ ծորեալ Ծայդանին ծփանոցը` այն անծերանալի ծովուն կոհակացը մէջ: - Եթէ ոչ մռնչումն եւ կոծումն ծովուն եւ Ծայդանայ` սակայն անշուշտ եղածին համբաւն հասաւ հնչեց ու ընկաւ Ֆիմիի ընտրած նոր եւ յետին ապաստարանի մը ամրա գ ոյն պարսպաց տակ:

Այս ապաստարանս էր զոր շատ թա գ աւորք եւ անթա գ ք ընտրեցին իբրեւ մէկ հատիկ ամրոց սրտի եւ հո գ ւոյ` ընդդէմ ամենայն մրրկաց, խռովութեանց եւ աշխատութեանց աշխարհի. ուր ոչ շատ տարի առաջ` նոյն ինքն իր հայրն Հեթում այլ, յետ են տարւոյ երկար եւ բազմադիպուած թա գ աւորութեանն` եկեր էր իր մեծ եւ յօ գ նած սրտին յետին մխիթարութիւնը եւ հան գ իստը գ տնելու: - Այս ապաստարանս էր հաւատաւորաց վանք մը` զոր բնտռեց, գ տաւ եւ մտաւ Ֆիմի այլ, յետ իր այնքան նժդեհութեանն, պանդխտութեանն եւ փորձանացն. եւ ոչ այնքան տրտմութեամբ տուաւ իր ծովակոծ Ծայդանի ապարանից` որչափ ուրախութեամբ տուաւ բոլոր աշխարհիս ծովածուփ կենաց` մնաք բարովը, ըսելով «Ամենայն զբօսանք ձեր եւ ալիք ձեր անցին ի վերայ իմ». եւ քաշուեցաւ ի խորշն խաղաղութեան, լռիկ սրբիկ սպասել, ամենէն վերջի եւ ամեն բան վերջացընող դիպուածին. մինչեւ որ ճ գ նողական վարուքն հան գ եաւ ի Քրիստոս տիկինն Ֆիմի, կրօնաւորն, քոյրն Լեւոն թա գ աւորի». ինչպէս կ ՚ ըսեն արքունական Յայսմաւուրք. ի մէջ բազմաթիւ տիկնայց Ֆիմեաց` սեփականելով ասոր` կրօնաւոր կոչումը:

Հան գ եա՜ւ, Ո՜հ, ո՜րքան խոր է այս հնչումս, եւ ո՜րքան քաղցր իր ազդեցութիւնն այնպիսի սրտի մը, որ յերկար ալէկոծուած ի ծովու կենցաղոյս` եկեր նստեր է մէկ կրօնական առանձնութեան մը մէջ` իր մնացեալ օրերուն հան գ իստը բնտռելու, եւ աւելի մեծ եւ անվերջ հան գ ստեան մը փոխադրուելու: …Հան գ եա՜ւ ուրեմն այն քու նրբազ գ ած սրտիկդ, ով տիկին Սիդոնի, որոյ փափկութեանը` շատ խիստ եւ փշոտ էր աշխարհքս եւ անոր վայելքն. արդարեւ մեծո գ ի ես եղեր դու, իմաստութեամբ լցեալ. սիրող Աստուծոյ եւ սպասաւոր նորա. երանի՜ քեզ: - Ո՜հ ինչու՞ դու այլ չհետեւեցար այս քու հօրքրոջդ` ո'վ տիկին Տիւրոսի` գ ոռոզդ Զապլուն, եւ յետ իրեն պէս գ ահդ կորսընցընելու` ուրիշ գ ահից եւ բարձից ետեւէ ընկնալով, ոչ թէ միայն այսպիսի խաղաղ եւ երջանիկ հան գ իստ մը չ գ տար, այլ եւ անանկ կատարած մ ՚ ունեցար` զոր յիշելն իսկ պժ գ ալի է:

Բայց ե՞րբ, եւ ո՞ւր հան գ եաւ, եւ ո՞ւր արդ հան գ չի մեր Ֆիմի: Պատմութիւնն ձայն չի տար: Բայց ինձ հաւանական կ ՚ երեւի` թէ իր պարկեշտ նշխարքն այլ` իր բարեպաշտ ծնողացը քով (Զապելի եւ Հեթմոյ`) խաղաղեցան ի դամբանս Դրազարկ վանաց. ուր` ինչպէս իրմէ առաջ` դեռ վերջն այլ եկան ընկան հան գ չեցան թա գ ով ու սաղաւարտով յօ գ նած գ լուխք: Ափսո՜ս, որ ժամանակն եւ թշնամութիւնն կամ ջնջեց կամ ծածկեց զանոնք. Քէօլէմէնք եւ Գարամանք ոտնակոխ ըրին եւ զտապանատունն թա գ աւորաց եւ վարդապետաց Հայոց` զԴրազարկ:

Ո՜հ. արդեօք դեռ հիմայ այլ այն մեր յետին հայրենի երկրին վրայ` այնչափ պսակով նազող գ լխոց հետ, քարեղէն բարձի մը վրայ` 600 տարուան քունով` կու հան գ չի` քու թանկա գ ին գ լուխդ այլ, Ֆիմի: - Արդեօք կռնճմըտած կողերով Կուկլկայ կաղնին, կամ մշտնջենաւոր եղերամօր պէս երկրամածեալ հողմատանջ եղեւինն Տաւրոսի` այնքան աւերակաց մէջ միայն անաւեր աճելով. դեռ կու պաշտպանե՞ն քու նշխարքդ ծածկող տապանաքարը. - այն քարին վրայ` արդեօք սրատես լուսինն իր դողդոջուն ճառա գ այթներովը կրնա՞յ դեռ կարդալ մամռապատ արձանա գ իր մը, օրինակ իմն.

Ի Կափարում խաչապահակ փոքուս վիմի

Կայ մեծո գ ի եւ հեզ տիկին Սայտայ` Ֆիմի:

- Եւ արդեօք այն լուռ քնարնին վրայ տարուէ տարի թափած տերեւներուն նման, դեռ ցամքած թաղանթ մը մնացե՞ր է` այն կակուղ եւ կարմրուկ սրտին, զոր այնչափ անմեղ տրտմութիւնք բարակ ճամբաներով փորեցին ու խորեցին ու լցուցին. - այն սրտին, զոր եթէ փորձանք երկրի` իջուցին ի գ ահէ եւ ի փառաց, երկինք` բարձրացուցին մօտ իր սրբակեաց ծնողացը եւ Ս. Լուդվիկի. - այն սրտին, որ իր արենակցաց եւ անուանակցաց մէջ` ամենէն մաքուր եւ սիրուն յիշատակ մը թողլով, պարտական կ ՚ ընէ զհայ հայրենիս` իր դպրութեանց մէջ անմոռաց պահելու եւ զյետին տիկինն Սիդոնի` Զապելածինն ՖԻՄԻ: