ՀԱՅՈՑ
սրբազան
տարեգլխին`
բնութիւնն
ծաղկափթիթ
ծիծաղով
կու
կենդանացընէ
զմարդիկ.
իսկ
քաղաքական
տարեգլխին,
որ
է
Նաւասարդն
(օգոստոս),
կէս
խամրած
բնութիւնն
ինքնին
կենդանանայ
մարդկան
հաստատած
տօներով
եւ
հանդէսներով:
Տարւոյն
տաքագոյն
ամիսն`
Հայոց
բարեկենդանն
էր,
կաղանդ
էր,
կրօնական,
զինուորական
եւ
աշխարհախումբ
հանդէսներով`
բարձրատափք,
լեռնահովիտք
եւ
հովոցք
Հայոց`
գարնանման
գեղեցկանային:
Բազմաթիւք
ի
դասս
ժողովրդեան`
հողագործք`
մեծ
աշխատութիւն
մը
չունենալով
այս
եղանակիս,
կրնան
ցորեկուան
տաքը
անցընել`
իրենց
եւ
բնութեան
խնամած
հովանեաց
ներքեւ,
ուր
կու
դիմեն
ի
քաղաքաց
այլ
արուեստաւորք,
զօրականք
եւ
ազատազունք:
Եթէ
դու
այլ,
Հայկակ,
բաղդ
ունիս
ատոնց
մասնակից
ըլլալու,
բարով
գոհով
վայելես.
ապա
թէ
ինծի
պէս
զրկուած
ես
բնութեան
դալար
առագաստներէն,
հովերէն
զովերէն,
հովտէն
եւ
սարէն,
դիտէ
զանոնք
քու
մենարանէդ:
Նայէ,
ի՜նչ
գոհ
եւ
հանդարտ
ոմանք
նստած
պզտի
ձեռագործի
մը
կու
պարապին,
քան
թէ
կ՚աշխատին,
ոմանք
կու
խաղան,
կու
խօսին.
մէկն
խոտերու
վրայ
երկընցեր`
քուն
կ՚ըլլայ,
մէկ
այլն
ջրերուն
եզերքը
կու
զովանայ.
ուրիշ
մը`
քիչ
մը
փիլիսոփայ
կամ
մելամաղձիկ`
առանձին
շքի
մը
տակ
կամ
առուի
մը
գլուխը
նստած`
կու
կարդայ
կու
մտածէ.
հոս
տղայք
կու
ցատքըտեն,
կու
գլորին,
կու
պառկին.
հոն
ամբողջ
ընտանիք
մը
առանց
սփռոցի
սեղանի
մը
վրայ
ճաշէ.
այս
կողմը
երկու
բարեկամք`
երբեմն
ծանր
երբեմն
թեթեւ
խօսին.
այն
կողմը`
երկու
սիրելիք
իրենց
կարծած
ամենակարեւոր
բանին
վրայ
կու
խօսին,
եւ
ի
հարկէ
անանկ
ձայնով
մը`
որ
մենք
չի
լսենք:
Հոն
բանակած
է
այրարատեան
աստուածահրաւէր
գունդն
այլ,
ազգային
աշխարհապահ
զինուորքն,
120,
000ի
չափ
ժողոված
ըստ
աշխարհաց
եւ
նախարարութեանց
Հայոց,
իրենց
իշխանաց
եւ
Հայոց
թագաւորին
հետ,
կատարելու
Նաւասարդի
տօները.
տօնք
աստուծոց
պահապանաց,
յիշատակք
քաջաց
նախնեաց,
մրցանք
կարճաց,
խաղք
եւ
վայելք
հասարակաց.
զոր
3000
տարւոյ
չափ
կատարեցին`
մեր
ըստ
աշխարհի
երջանիկ
նախնիքն,
թնդացին
դոփեցին
Բագրեւանդայ
տափերու
եւ
բլուրներու
վրայ,
մինչեւ
ծածկեցան
անոնց
տակ:
Իսկ
երբ
Հայկայ
եւ
Վահագնի
օրերուն
խորհրդակատ
քրմապետաց
տեղ`
փոխանակեցին
խաչապսակ
քահանայապետք,
մեհենաց
վրայ
եկեղեցիներ
կանգնեցին.
բայց
անոնց
չորս
դին
եւ
դուրսը
նոյնպէս
մնաց.
բնութիւնն
իր
կերպարանքը
չփոխեց,
ազգն
իր
հանդէսները
չփոխեց.
այլ
տօները
սրբեց,
եւ
փոխանակ
դից`
նուիրեց
ճշմարտին
Աստուծոյ
եւ
նահատակաց
նորա:
Գրեթէ
անկարելի
էր`
որ
Ս.
Գրիգոր
զՀայս
ի
հեթանոսութենէն
դարձընելով
ի
քրիստոնէութիւն,
այն
հին
մեծահանդէս
աշխարհաժողով
զբօսանաց
օրերը`
անհանդէս
անյիշատակ
թողու.
ուրեմն
թէ
ինքն
եւ
թէ
իր
հետեւողքն`
անոնց
իւրաքանչիւրին
տեղ`
կերպով
մը
նման
եւ
յարմարագոյն
սուրբ
տօներ
եւ
եկեղեցւոյ
յիշատակներ
կանգնեցին:
Ինչուան
որ
քրիստոնէութիւնն
աղէկ
մը
ամրնալով,
եւ
ժամանակի
երկարութեամբ
հին
սովորութիւնքն
խափանելով,
կրցան
յետագայ
առաջնորդ`
այն
եկեղեցական
տօնից
օրերն
այլ
պատշաճապէս
փոփոխել,
շատն
այլ
դարձեալ
նոյն
առաջին
հեթանոսութեան
տօնից
օրաթուին
թողուլ:
Բ
Նաւասարդի
նախընթաց`
տարւոյն
վերջի
հինգ
օրերուն
սկիզբը`
(որք
աւելեաց
կ՚ըսուին)
նուիրեալ
էր
Վարդածղի
Վարդամատն
ԱՍՏՂԻԿ
դիցուհւոյն,
որոյ
փոխան
առաջին
հայրապետն
Հայոց
կարգեց
զՎԱՐԴԱՎԱՌ.
որ
է
տօն
Պայծառակերպութեան
Քրիստոսի,
զոր
քան
զամենայն
ազգ`
պայծառապէս
տօնեն
Հայք
մինչեւ
ցայսօր:
Իսկ
նաւասարդին
առաջին
օրն
(11
օգոստոս.
)
որ
է
քաղաքական
տարեգլուխն
Հայոց,
ազգին
ամենէն
մեծ,
պանծալի,
սրբազան
օրն
էր,
եւ
հանդէսքն
շատ
օրեր
կու
տեւէին,
պէսպէս
յիշատակներով,
որք
միով
անուամբ
Ամանորեայ
կ՚ըսուէին,
իբրեւ
սրբազանեալք
յատուկ
Աստուծոյ
մը.
քաղաքօրէն
այլ
համաշխարհական
կամ
աշխարհաժողով
կ՚անուանէին.
վասն
զի
ուրիշ
տօներէ
աւելի
կատարուէին
բազմութեամբ
մարդկան,
որք
յամեն
գաւառաց
կու
գային
ժողովէին
Բագրեւանդայ
բարձրաւանդակաց
վրայ.
թագաւորն
իր
այրարատեան
չորս
բիւր
գընդովն,
նախարարք
ութ
բիւր
գումարտակօք,
600
գաւառատեարք
եւ
400
գահակալ
իշխանք,
բազմութիւն
կրօնական
աւագ
պաշտօնէից,
ամենքն
իրենց
սեպուհներով,
պաշտօնէիւք,
ճորտերով.
որով
միայն
քաղաքական,
զինուորական
եւ
կրօնական
ազգային
հանդիսացեալք
իրենց
մարդիկներով,
քանի
մը
բիւր
կ՚ըլլային
զատ
ի
հասարակ
զօրականէն:
Իսկ
բազմութիւն
ազնուաց
եւ
ռամկաց`
միլիոնաւոր
պիտի
ըլլային:
Ի՞նչ
էր
այ
Հայոց
համաշխարհական
տօնից
պատճառն.
-
քեզի
անծանօթ
չէ
Հայկակ,
որ
նախ`
հին
նաւասարդն
կամ
հարեմուտն
էր.
որոյ
սկիզբն
եւ
անունն
անգամ
մթութեան
ամպոց
մէջ
ծածկուած
է,
որք
ինչուան
Նոյի
տապանակիր
գագաթը
եւ
դարը
կու
բարձրանան:
Նաւասարդն
որ
հին
հնդիկ
եւ
զանդիկ
լեզուաւ
նաւա-սարտու
ստուգաբանի,
այսինքն
Նոր-տարի,
նոյն
հին
ազգին
աւանդութեամբ,
յիշեցընէ
ջրհեղեղի
յիշատակն
այլ.
Սարատա
որ
եւ
Սարասջադի`
մեծի
Պրահմայ
աստուածոյն
դուստր
եւ
կին
կու
ճանաչի,
եւ
ջրոց
դիցուհի,
ոստիկան
աղբերականց
եւ
գետոց:
Երկրորդ,
Նաւասարդի
օրերը`
կ՚ըլլային
պէսպէս
ջրախաղք,
իբրեւ
տոնք
ջրոց
կամ
յիշատակ
ջրհեղեղին
եւ
փրկութեան
մարդկան
տապանաւն
ի
լերինս
Արարատայ:
Իսկ
մերազնեայք
հիմա
վարդավառին
օրը
կու
կատարեն
ջրոյ
հանդէսն
այլ,
որպէս
յայտնի
է
ամենուն:
-
Երրորդ,
տօր
էր
յիշեալ
Ամանորայ
ամենաբեր
դից,
զոր
բերոց
եւ
առատութեան
խնամակալ
չաստուած
մը
կարծեմք,
եւ
կամ
չաստուածահայրն
Արամազդ
եւ
Անահիտ
տիկինն.
վասն
զի
ասոնց
տօնն
այլ
(մասնաւորապէս
առաջնոյն)
այսօր
կատարուէր:
Այս
չաստուածներէն
զատ
ուրիշ
դից
մեհեանք
այլ
կային
Բագրեւանդայ
մայրաքաղաքին
կամ
գլխաւոր
բնակութեան
տեղ,
որ
կ՚ըսուէր
Բագաւան,
այսինքն
չաստուածոց
քաղաք
կամ
չէնք,
իւրաքանչիւր
դից
սեղանք
կամ
մատրունքն
այլ
բագին
կ՚ըսուէին.
եւ
այս
բագնեաց
բազմութենէն
ոչ
միայն
աւանն,
այլ
թուի
թէ
եւ
գաւառն
ողջոյն
իր
անունն
առած`
Բագրեւանդ
է,
իբրեւ
բագարանաց
բագարան,
այսինքն
բուն
աստուածաբան:
Դից
հետ
դիւցազունք
եւ
դիցանուէր
կամ
սրբազան
անձինք
այլ
հոն
իրենց
արժանեաց
համեմատ
բագին
ունէին,
ինչպէս
որ
կու
վայելէր
այլ`
նաւասարդի
տօները
ամենախումբ
համաշխարհական
ընելու
համար:
Այս
դիցանուէր
եւ
պաշտելի
անձանց
մէկն
էր
Մաժան
մեծ
քրմապետն,
բարեբաստ
թագաւորին
Բ.
Արտաշէսի
բազմաթիւ
որդւոց
մէկն,
զոր
ոմանք
յեղբարցն
սպանին,
ոմանք
այլ
մեծարեցին,
ասոնցմէ
էր
Տիգրան
Գ.
որ
երբ
թագաւորութեան
հասաւ
(յետ
իր
Արտաւազդ
եւ
Տիրան
եղբարցն),
Մաժանայ
գերեզմանին
վրայ
դիցավայել
բագին
մը
շինեց,
քովն
այլ
հիւրանոց
կամ
իջեվան,
ուր
ձրի
բնակին
անցորդ
ուխտաւորք,
եւ
վայելեն
Մաժանայ
նուիրած
զոհերէն:
Տիգրանայ
որդին
Վաղարշ`
ա'յլ
աւելի
պատուեց
քրմապետ
հօրեղբօր
յիշատակը,
եւ
նաւասարդի
ամանորայ
տօները
այլ
աւելի
աշխարհախումբ
հանդիսիւ
կատարել
կու
տար.
որով
հին
տօնից
վրայ
չորրորդ
մ՚այլ
աւելցաւ:
…
Բայց
մինչդեռ
ՏԻգրան
եւ
Վաղարշ
այսպէս
եղբայրասպան
Մաժանայ
վրէժը
խնդրէին,
սպանողն
(եւ
ինքն
իսկ
սպանեալ)
Արտաւազդ`
յետ
մահուն
անգամ
կու
մրմռար
կու
սպառնար
նորէն
վրէժ
խնդրելու
եւ
աշխարհախումբ
տօնը
համաշխարհական
սուգ
դարձընելու,
եւ
տարւոյն
հետ
բոլոր
աշխարհս
այլ
վերջացընել
տակն
ու
վրայ
ընել:
Արտաւազդ`
անդրանիկն
Արտաշիսի
եւ
Սաթինկան`
տղայութենէն
ի
վեր
բոլոր
կեանքը
խենթուկ
մենթուկ
անցուց
մոլութեամբ
եւ
յանդգնութեամբ,
մինչեւ
ժողովուրդն
իրեն
Շիդար
կանչէր.
անանկ
որ
հայրն
գրեթէ
սրտացաւէ
մեռաւ,
եւ
մեռնելու
ատեն,
(առասպելք
մեռնելէն
ետեւ
կ՚ըսեն)
անիծեց
զնա,
որ
երբ
որսի
ելնէ
«յազատն
ի
վեր
ի
Մասիս»,
Քաջերն
(գէշ
ոգիներ)
բռնեն
զինքն
եւ
տանին
լեռան
վերին
կողմը
մութ
վհի
մը
մէջ
պահեն.
եւ
այնպէս
այլ
եղաւ
կ՚ըսեն.
վասն
զի
թագաւորելէն
քիչ
վերջը
որսի
ելնելով
Մասեաց
վրայ`
Գինոյ
գետակին
աղբերց
քով`
ձիով
հանդերձ
ընկաւ
Մասեաց
վհին
մէջ,
եւ
Քաջերն
երկաթի
շղթայիւք
կապեցին
զնա.
բայց
իր
երկու
որսի
շներն
քովէն
չզատուելով`
անդադար
երկաթները
կու
կրծեն
կու
մաշեցընեն.
անանկ
որ
տարւոյն
վերջի
օրը
մազի
բարակութեան
եւ
կոտրելու
կու
հասնի.
բայց
նաւասարդին
օրը
դարբինք
իրենց
սալը
եւ
ամենայն
արուեստաւորք
իրենց
գործիքը
կու
զարնեն.
այն
ձայնէն
երկաթները
նորէն
կու
հաստընան,
Արտաւազդ
իր
շղթայից
մէջ
գերի
կու
մնայ,
աշխարհս
այլ
անոր
աւերմունքներէն
ազատ:
Ահա
այս
այլ
հինգերորդ
յիշատակ
մ՚է
նաւասարդի.
զոր
յիշելով
եւ
յետ
300
տարւոյ`
սնակարծիք
ոմանք
ի
քրիստոնէից,
ոչ
միայն
նաւասարդին
օրը,
այլ
եւ
ամեն
կիւրակի
օրեր`
սալերնին
գործիքնին
կու
զարնէին,
որ
զօրանան
շղթայք
շփացած
Շիդարին,
եւ
չելնէ
զաշխարհք
Գ
Այս
ամեն
յիշատակներէ
վերագոյն
եւ
հնագոյն
եւ
տօնելի
յիշատակ
այս
օրուանս
էր,
վեցերորդ,
մեր
շատ
հեղ
յիշեալ
ՀԱՅԿՆ,
մեր
ազգին
նախահայրն,
եւ
իրմով
ազգերնուս
ձեւանալն,
մեծ
յաղթութեամբն
ազատելով
ի
Բելայ
բռնութենէն:
Թերեւս
յիշես,
Հայկակ,
որ
թէ
ազգային
աւանդութիւն,
թէ
Քաղդէացւոց
հին
պատմութիւն,
թէ
մեր
տօմարական
տարեհաշիւք
եւ
թէ
աստղաբաշխականք
անգամ
միաբան
ցուցընեն,
այս
մեծ
եւ
ամենապանծ
տօնիս
սկզբնաւորութիւնը
ի
11
օգոստոսի.
2491
տարի
առաջ
քան
զթուականն
Քրիստոսի:
Չկայ
ազգ
մը
որ
այսչափ
ստոյգ
հին
եւ
այսչափ
պանծալի
յիշատակ
մ՚ունենայ.
վասն
որոյ
կրնամք
անուանել
զսա
բուն
Օր
հայկական
եւ
Տօն
ազգային.
որ
այնքան
երկար
ժամանակէ
վար
իջնելով`
բարձր
լերան
գլխէն
իջած
ձեան
հիւսին
նման,
եւ
վերոյիշեալ
յետին
յիշատակները
վրան
առնելով`
այլ
աւելի
մեծցեր
է:
Հայկայ
մեծ
քաջութեան
եւ
անուան
համար
էր`
որ
իր
յաջորդքն`
նաւասարդի
օրերուն
իրենց
ազգին
ոյժը
ներկայացընող
կտրիճ
զօրաց
աշխարհագումար
հանդէսներ
կ՚ընէին.
եւ
այն
մեծ
անձին
անունը
մեր
սուրբ
Հարք
եւ
թարգմանիչք
իրենց
հեթանոս
հարց
պատուագրութեանց
հետեւելով`
աւելի
սրբացուցին
եւ
անմոռանալի
ըրին,
երկնից
համաստեղութեանց
եւ
աստուածաշունչ
գրոց
մէջ
դրոշմելով,
ուր
որ
ուրիշ
ազգք
Որիոն
դիւցազնը
եւ
աստղը
կու
յիշեն:
Քանի
որ
ազգային
ինքնագլխութիւն
կար`
այս
եւ
ասոր
հետ
միացեալ
յիշատակք
կրկնուէին
եւ
հնչէին
քրիստոնէութեան
դար
ու
կէս
տիրած
ատենն,
ո'րչափ
որ
քրիստոնէութիւնը
կրնար
յիշել.
եւ
որպէս
զի
բուն
սրբազան
կամ
եկեղեցական
տօն
մը
դառնայ
այն
օրը,
հայրն
մեր
Լուսաւորիչ
գրեթէ
ամեն
տօներէ
առաջ
այս
օրս
նուիրեց
Ս.
Կարապետին
Յովհաննու
եւ
Աթենոգինեայ
եպիսկոպոս
վկային,
որոց
նշխարքը
բերաւ
ի
Կեսարիոյ
եւ
Սեբաստիոյ.
եւ
նախ
ի
Տարօն
գաւառ
գալով
ու
անոր
կռատունները
ջնջելով,
Աստուծոյ
յայտնութեամբ`
անոնց
տեղ
շինեց
բերած
սրբոց
մատուռներ,
եւկեղեցիներ
եւ
վանքեր,
որոց
մէջ
ամենէն
նշանաւորն
է
Մշու
սուլտան
ըսուած
Ս.
Կարապետն:
Տարօնոյ
երկիրն`
սահմանակից
Բագրեւանդայ`
ուսկից
կ՚ընդունի
զԱրածանի
գետն,
անոր
պէս
այլ
մեհենազարդ
կրօնական
երկիր
մ՚էր,
եւ
տեղի
հանդիսից.
ինքն
այլ
ունէր
իր
Բագաւանն`
Յաշտիշատ
կամ
Յաշտից
տեղիք
անուանեալ,
որ
է
ըսել
զոհերու
տեղ,
իր
շատ
մեհենաց
եւ
բագնաց
համար:
Լուսաւորիչ
այնքան
սուտ
եւ
վնասակար
հանդէսներ
խափանելու
համար`
պատուիրեց
թագաւորական
հրամանաւ,
որ
այնուհետեւ
նաւասարդի
հեթանոսական
յիշատակաց
տեղ`
նոյն
տարեմըտին
օրը`
կատարուի
այս
երկու
սրբոց
յիշատակն
քաղաքական
հանդիսից
մէջ`
առաջինին
պէս:
Անոր
համար
դարձեալ
Բագրեւանդայ
ծայրը`
մօտ
Ծաղկէոյ
եւ
Նպատ
լերանց,
մօտ
եւ
Արածանւոյ
աղբիւրներուն`
ուր
մկրտեց
զՏրդատ
եւ
զբիւրաւորս
Հայոց,
Լուսաւորիչ`
մեծ
տաճար
մ՚այլ
շինեց
յանուն
Ս.
Յովհաննու,
որ
եւ
կոչի
Բագրեւանդայ
Ս.
Յովհաննէս.
որ
եւ
յետ
300
եւ
աւելի
տարիներու
նորէն
շինելով
գործակցութեամբ
Հերակլ
կայսեր,
մինչեւ
ցայսօր
կ՚ամբառնայ
մեծագոյն
նշանակ
հին
եւ
նոր
Նաւասարդաց:
Երբ
Հայոց
ինքնիշխանութիւնն
այլ
վերցուեցաւ,
քաղաքական
ազգային
հանդէսօք
այլ
դադրեցան,
որով
այս
սրբոց
տօնքն
այլ
ուրիշ
շարժական
տօնից
կարգը
մտան:
Բայց
Նաւասարդն,
այսինքն
Հայոց
քաղաքական
տարեմուտն,
44
դարէ
վեր
միշտ
դառնալով`
Հայկայ
աստեղ
բարձրանալուն
օրերը`
անխափան
կու
յիշեցընէ
մեր
ազգային
եւ
հայկական
օրը,
զոր
եւ
արժան
է
մեզի`
որ
վիճեկի
այլ
ըլլանք`
անոր
յարմար
յիշել,
տօնել
եւ
հանդիսանցընել
անմոռաց,
որչափ
որ
ազգի
եւ
Հայ
անուն
եւ
լեզու
պահեմք:
Դ
Տարեգլխէն
երկու
շաբաթ
ետեւ,
նաւասարդի
15-ին,
հին
Հայագիրն
մեծ
աշխարհախումբ,
տօն
մ՚այլ
կու
նշանակէ,
Հայաստանի
ամենէն
սիրելի
եւ
ամենէն
մեծ
խնամակալ
պահապանին,
որ
էր
դիցուհին
ԱՆԱՀԻՏ,
մեծապէս
պատուեալ
եւ
պաշտեալ
ի
Հայոց
քան
յայլ
ազգաց,
մինչեւ
ոսկիէ
արձաններ
կանգներ
էին
անոր
յԵրիզա
աւան`
ընդ
մէջ
Մեծ
եւ
Փոքր
Հայոց,
ուր
շրջակայ
ժողովուրդք
այլ
յուխտ
գային,
ուր
եւ
մեծազօրն
Տրդատ
ազատելով
զհայրենիսն
ի
Սասանեանց
բռնութենէն`
համաշխարհական
տոն
եւ
շնորհակալութիւն
մատոյց,
եւ
իր
հրովարտակաց
եւ
խօսից
մէջ
կ՚ըսէր.
«Մեծի
Անահտայ
տիկնոջ,
որ
է
փառք
ագիս
մերոյ
եւ
կեցուցիչ,
զոր
եւ
թագաւորք
ամենայն
պատուեն,
մանաւանդ
թագաւորն
Յունաց,
որ
է
մայր
ամենայն
զգաստութեանց,
բարերար
ամենայն
մարդկան
բնութեան,
եւ
ծնունդ
եւ
մեծին
արին
Արամազդայ…
Մեծն
Անահիտ
որով
կեայ
եւ
կենդանութիւն
կրէ
երկրիս
Հայոց…
Խնամակալութիւն
յԱնահիտ
տիկնոջէ»
(հասցէ
ձեզ
Հայոց):
Այս
տեղս
էր
մեծ
եւ
բուն
մեհենեացն
Հայոց
թագաւորացն,
ուր
կու
պատուէր
Հայաստանի
Տիկինն,
նաեւ
յօտար
ազգաց,
կարծուելով
ի
Լատինաց
Տիանա,
(որ
եւ
աջ
կողմէն
կարդալուվ
Անաիտ
կարդացուի).
ի
Յունաց`
Արտեմիս,
եւ
Պարսից
եւ
մերձաւոր
ազգաց
մէջ
այլ
նոյն
Անահիտ
անուամբ
ճանաչուէր,
բայց
ամենէն
աւելի
Յունաց
պարծանք
Աթենաս
դիցուհւոյ
նման
ճանաչուէր.
ինչպէս
Տրդատայ
գովութիւնն
յայտնէ,
եւ
Պղատոն
փիլիսոփայն
այլ
յայս
կարծիս
էր.
սակայն
անոնց
Արտեմեայ,
Բարբելացւոց
Միւլիտտեայ,
Փիւնիկեցւոց
Աստարտայ,
Լուսնի,
Աստղկան,
Հերայի
եւ
այլոց
դից
այլ
զուգական
կու
սեպուէր.
միով
բանիւ
ամենայն
աստուածական
հաճոյ
յատկութիւն
ճանաչէին
Հայք
յԱնահիտ
տիկինն,
եւ
անոր
համար
ծապաշտօն
պատուէին:
Յայն
պաշտօն
կու
հրաւիրէր
Տրդատ
եւ
զԳրիգոր,
որ
քիչ
ատենէն
զինքը
պիտի
հրաւիրէր
ի
մեծագոյն
եւ
ի
սրբազան
պաշտօն,
ինչպէս
որ
յետոյ
անոր
հաւանութեամբն`
իջուցանելով
զԱնահիտ
ի
տիկնութենէ
Հայոց`
տեղը
բարձրացուց
զմիայն
արժանին
ի
պաշտօն
յետ
Աստուծոյ,
զՍ.
Կոյսն
Աստուածածին,
արդարեւ
երկնից
եւ
երկրի
տիկին,
եւ
մեծահանդէս
տոն
մը
կարգեց
ի
նոյն
15
նաւասարդի
(25
օգոստոս),
զոր
հին
տօմարք
Աւետման
տօն
կու
գրեն,
եւ
այլք`
առանց
որոշ
յիշատակի`
միայն
եկեղեցւոյ
եւ
Աստուածածնի
տօն,
որ
յետ
ժամանակաց
փոփոխելով
կամ
խափանելով,
մոռացութեամբ
քաղաքական
եւ
անահտական
հանդիսից,
նոյն
Աստուածամօր
վերափոխման
տօնին
հետ
խառնուեցաւ,
զոր
Հայք
տօնեն
(ի
կիւրակէին
ի
կէս
օգոստոսի,
իսկ
այլք
ի
15
օգոստոսի,
որ
է
5
նաւասարդի):
Այս
տօնիս
նախընթաց
օրը,
որպէս
յայտ
է
ամենուն,
հիմա
Շողակաթ
տօնը
տօնեմք,
որ
է
Էջմիածնայ
մայր
եկեղեցւոյն
նաւակատիքը,
եւ
Եկեղեցւոյ
եւ
Աստուածածնի
յիշատակ
մը,
զոր
նոյնպէս
սահմանեց
Ս.
Լուսաւորիչն,
եւ
հաստատեց
ի
4
նաւասարդի
(14
օգոստ)
որ
կամ
իր
տեսլեան
օրն
էր.
եւ
կամ
հաւանօրէն`
ուրիշ
հին
հեթանոսական
տօնի
մը
օր,
որոյ
խափանիչ
գրուեցաւ
Շողակաթն,
ինչպէս
Վարդավառն
այլ
Աստղկան
տօնին,
եւ
անոր
պէս
այլ
գեղեցկութեան,
վայելչութեան
եւ
պաճուճանաց
յիշատակ
մը,
կամ
դիցուհւոյ
տօն
մը
գուշակել
կու
տայ
անունն:
Թուի
թէ
ուրիշ
տօն
մ՚այլ
կամ
թափորի
պէս
հանդէս
մը
կար
անկէ
քանի
մը
օր
ետեւ,
նաւասարդի
եօթին
(17
օգոստ),
ընդ
մէջ
Ամանորայ
եւ
Անահտի
տօնից,
որուն
պատճառն
անծանօթ
է
մեզի,
բայց
տեղը
հաստատուած
է
ՏՕՆ
ՊԱՏԿԵՐԻ
ՏԻՐԱՄՕՐՆ:
Ի՜նչ
զարմանալի
փոփոխութիւն
եւ
աննման
յարմարութիւն,
Աստղկան
եւ
Անահտայ
ոսկէծղի
ոսկէձոյլ
ոսկիամայր
անդրեաց
տեղ,
փայտեայ
խոշոր
անշուք
պատկեր
մը,
բայց
կերպարանածը
անոնցմէ
շատ
եւ
շատ
մեծ,
աստուածային
իսկուհւոյ
մը,
ոչ
քեռ
եւ
դստերկամ
կնոջ
դից,
այլ
Մօր
Աստուծոյ,
եւ
անամուսին
մօր,
որ
է
ըսել
կին
եւ
կոյս,
միով
բառիւ
Կուսամայր,
հրաշալի
բան,
բոլոր
հեթանոսաց
իմաստութենէ
վեր.
որք
Աստղկայ
եւ
Անահտայ
նման
մենասէր
կոյսերը`
դրին
դարձուցին
ի
կարգ
անպարկեշտ
կանանց,
քրիստոնեայն`
կուսի
մը
գերագոյն
շնորհք
իր
յաւէրժ
կուսութիւնը
ճանչնալով`
հաւատաց
զնա
մայր
Աստուծոյ,
եւ
միոյ
միայնոյ
Աստուծոյ,
որով
եւ
միայն
Տիրուհի
երկնից
եւ
երկրի:
Այս
տօնս
հնագոյն
է
քան
զԳրիգոր
Լուսաւորիչ,
եւ
ըստ
բարեպաշտ
եւ
ընդունելի
աւանդութեան`
հաստատեալ
ի
Բարդուղիմեայ:
Այս
Առաքեալս
որ
զրկեցաւ
ի
տեսութենէ
Տիրամօրն
անոր
ննջմանը
ատեն,
բաղդաւոր
եղաւ
անոր
սկզբնակերտ
պատկերը
ժառանգելու,
եւ
բաղդաւոր
ըրաւ
զՀայս
անոնց
ժառանգեցընելով:
Այս
պատկերը
քանդակեր
եւ
նկարեր
էր
Յովհաննէս
աւետարանիչ,
եւ
Տիրամայրն
դնելով
ի
վերայ
երեսացն
օրհներ
եւ
թողեր
էր
յիշատակ
առաքելոցն
եւ
աշակերտաց
եւ
ամենայն
հաւատացելոց,
առալեալք`
վասն
մխիթարելոյ
զԲարդուղիմէոս`
անոր
պարգեւեցին,
եւ
նա
իբրեւ
տէրունական
նշան
մը
հետը
կու
տանէր`
ուր
որ
քարոզութեան
կ՚երթար
յարեւելս,
ի
Հնդկաց
մինչեւ
ի
Հայս,
եւ
անով
սուտ
աստուածները
կու
վերցընէր,
ճշմարտութիւնը
կու
հաստատէր,
անով
արեւու
նուիրական
աշխարհին
մէջ
(Խորասան)
զարեւ
խաւարեցընելով`
անոր
բագնին
սպասաւոր
մոգերը`
աշակերտաց
ի
պաշտօն
Արեգականն
արդարութեան,
եւ
հետը
բերաւ
ի
Հայս,
կարգեց
առաջնորդ
նորընծայ
հաւատացելոց:
Մեր
աշխարհին
հարաւային
արեւելեան
կողմերը
պտըտելով,
եկաւ
այն
բարձր
եւ
անծանօթ
Տօրոսի
կողմերը,
որք
Աղթամարայ
ծովուն
պարատափը,
կ՚անջրպետեն
ի
բարձր
հովտէն
հովտէն
Տիգրիսի,
որոց
վրայ
ձմեռան
դիզած
բարդ
բարդ
ձիւներն
ի
գարնան
բազմավտակ
հեղեղաջուր
դառնալով,
սաստիկ
դնդնչմամբ
կու
թափին
թատերաձեւ
լեռնապատ
խորաձորի
մը
մէջ,
եւ
կ՚երթան
խառնուելու
արեւելեան
Տիգրիսի
ծոցը,
որ
այն
կողմէն
կու
բղխէ:
Վախն
ի
բռնութիւնն
աւելի
ահեղ
տեսարան
մը
կ՚ընծայէին
այդ
դժուարակոխ
ահաւորատես
կոհակացեալ
լերանց,
քարաշէն
ամպագիտակ
բերդերով,
որոց
մէջ
անուանի
էին
երկուքն,
Կանգուար
կամ
Ագռաւաքար
եւ
Դարբնաց-քար:
Բնութեան
եւ
բռնութեան
ահեղութեան
վրայ`
աւելցուց
կռապաշտութիւնն
իր
պատկառանքը
եւ
արհաւիրքը,
յիշեալ
գագաթանց
մէկուն
վրայ
կանգնած
էր
տիկինն
Հայոց`
Անահիտ,
բայց
ոչ
ինչպէս
յԵրզնկայ
ծաղկանց
եւ
մարմանդից
մէջ
խաղով
ծիծաղով
նազելով,
այլ
իբրեւ
տեղւոյն
դժուարութենէն,
ամառուան
կայծակներէն,
ձմեռուան
սառամանիքներէն,
եւ
ապառաժից
ժանտութենէն`
խոժոռած
դժնէհայեաց
դշխոյ
մը
կ՚երեւար,
որոյ
շանթերը
կայծակները
կու
ցատքեցընէին
խաբեալ
քուրմք,
քարայրի
մը
մէջ
քաշուած ,
ստէպ
ստէպ
մեծամեծ
կռաններով
սալեր
սարեր
արնելով
թնդացընելով
եւ
կայծ
հանելով:
Որչափ
որ
ահաւոր
եւ
դժոխելանելի
էր
այս
տեղս`
այնքան
այլյաճախելի
ուխտատեղի
մը
եղած
ժողովրդեան.
որք
աւելի
սոսկմամբ
քան
սիրով
կու
քշուէին
կու
գային
հոս,
իրեից
ցաւերուն
կամ
իղձերուն
համար
ճար
ու
ճարակ
գտնելու,
խաբեբայ
քուրմք
այլ
կու
տային
անոնց
աղտեղի
դեղեր
եւ
ծրարներ,
այլանդակ
կռոց
արձաններու
ձեռքէ:
Ահա
այս
տեղս
եկաւ
Ս.
առաքեալն
Բարդուղիմէոս
Խորասանէն
դարձած
ատեն.
եւ
իր
բերած
Տիրամօր
պատկերն
բաւական
եղաւ
ամեն
բան
դադրեցընելու,
դարբնաձայն
թընդմունքն
լռեցին,
կայծերն
մարեցան,
կուռքն
կործանեցան,
Անահիտ
անյայտ
եղաւ.
իսկ
անոնց
պաշտօնեայքն
սրամտած`
կ՚ուզէին
քարկոծել
զառաքեալն
եւ
իրեն
հետ
եկող
հաւատացեալքը,
իսկ
նա
պզտիկ
խաչով
մը
ամենուն
յաղթեց,
առաւ
ու
տնկեց
զայն
Անահտայ
տեղ,
եւ
ամենքը
փախան,
չիք
եղան
եւ
անկէ
ետեւ
խաչին
կ՚երկրպագէին,
մինչեւ
յետ
250
տարւոյ
եկաւ
Ս.
Լուսաւորիչն,
յարգութեամբ
առաւ
այն
խաչը
իբրեւ
յիշատակ
առաքելական,
եւ
հետը
կու
տանէր,
ինչուան
որ
առանձնացաւ
ի
Սեպուհ,
յետոյ
դարձեալ
այս
կողմերս
բերին
զայն
եւ
կանգնեցին
ի
վերայ
գերեզմանի
ահեղազօր
թագաւորին
Տըրդատայ,
մարմինը
հոս
փոխադրելով
ի
Թորդանայ:
Այն
ափափայ
լեռներուն
վրայ
ելնել
յաղօթս
եւ
յուխտ`
չարաչար
աշխատանք
եւ
պաշտօն
է,
անոր
համար
Ս.
առաքեալն
իր
հրաշագործ
Տիրամոր
պատկերը
պահեց
այն
լերանց
ձեւացուցած
խորաձորին
մէջ,
ապահով
ու
ծածուկ
խորշ
մը,
որոյ
մօտէն
կ՚անցնի
լերանց
հոսանքէն
ձեւացած
Տիգրիս
գետն,
այն
քարէ
դարերուն
մէջ
իր
ձեռօք
փոքրիկ
եկեղեցեակ
մը
շինեց,
ու
հոն
դրաւ
հրաշալի
Պատկերը,
քովն
այլ
քանի
մը
խրճիթ
շինել
տուաւ,
եւ
բոլորը
մէկէն
անուանեց
ՀՈԳԵԱՑ
ՎԱՆՔ.
ուր
բնակեցուց
նորընծայ
կուսանք,
զորս
ի
Գողթն
գաւառէ
բերած
էր
հետը,
եւ
անոնց
յանձնեց
Տիրամօր
պատկերը
եւ
մատուռը.
նորահաւատ
քրիստոնէից
այլ
հովիւ
քահանաներ
ձեռնադրեց,
որք
աւելի
գաղտուկ
կ՚երեւէին
քան
թէ
կուսանքն:
Ասոնց
առաջնորդ
էր
Մարիամ
քոյրն
Յուսկան
կամ
Յուսհատայ,
զոր
առաջին
մայրապետ
կրնամք
անուանել ,
որ
եւ
յետ
շատ
տարիներու
ուզելով
բոլորովին
առանձնացեալ
ապրիլ,
թողուց
Հոգեաց
վանքը,
եւ
գետոյն
դիմացի
կողմն
անցնելով,
քարայրի
մը
մէջ
խցիկ
մը
շինեց,
հոն
ճգնեցաւ,
հոն
մեռաւ
եւ
թաղեցաւ:
Իսկ
իրեն
տեղ
մայրապետ
գրաւ
զԱննա,
Որմզդատայ
կամ
Մազդատայ
եւ
Մաքովտրի
քոյրը,
որ
նոյնպէս
քանի
մը
տարի
հոգալով
կուսաստանը
եւ
վանքը,
յետոյ
առանձնեցաւ
ուրիշ
կողմ
մը,
Դարբնաքարի
ձորոյն
այն
գին,
եւ
ինքն
այլ
հոն
իր
խըրճիթին
մէջ
վախճանեցաւ,
իրեն
յաջորդ
թողլով
իր
քոյրը
Մարթա,
որուն
ուրիշներն
այլ
յաջորդեցին,
եւ
միշտ
հաւատացեալք,
թէ
եւ
սակաւաթիւ,
մնացին
հոն,
ինչուան
Հայոց
անշխարհօրէն
հաւատալն
ի
Քրիստոս:
Ուսկից
քանի
մը
տարի
առաջ`
Հռիփսիմեան
կուսանք
այլ
եկան
հոս
ուխտի,
եւ
մխիթարուեցան
իրենց
պէս
գաղտուկ
կեցող
հաւատարիմներէն:
Այսպէս
անկոխ
անտես
քարերու
սորերու
մէջ
ճշմարտութիւնը
կու
պահէին
փափուկ
կուսանք,
մինչդեռ
կայսերք
եւ
հսկայ
թագաւորք
կու
հալածէին
իրենց
տիրած
տեղերէն:
Վախնալով
որ
հոս
այլ
չհասնի
հալածանքն`
Հռիփսիմեանք
ստիպեցան
թողուլ
զգուշաւոր
խաղաղութեան
մէջ
իրենցմէ
առաջ
եկած
Տիրամօր
պաշտօնեաները,
եւ
գնացին
դէպ
ի
կողմն
Վանայ:
Իսկ
երբ
Լուսաւորիչն
սկսաւ
քրիստոնէութիւնը
համարձակ
տարածել,
Հոգեաց
վանքն
այլ
հռչակեցաւ,
լուսաւորեցաւ,
հրաշքներով
պայծառացաւ.
որոնց
անձամբ
ականատես
վկայ
ըլլալով
սուրբ
Հայրն
մեր,
ընդարձակեց
վանքը
եւ
շինեց
Ս.
Սիոն
եկեղեցին,
բայց
առաքելոյն
ձեռակերտ
Տիրամօր
տաճարիկը
անարատ
թողուց,
նոյն
ձեւով
եւ
մեծութեամբ,
եւ
նոյնպէս
այլ
մնաց
գրեթէ
ինչուան
վերջը,
բայց
տեղն
ի
Լուսաւորչէ
նորոգեալ`
երթալով
անուանի
եղաւ,
ուր
յետ
կուսանաց
արք
կրօնաւորեցան,
եւ
Հայոց
անուանի
վանորէից
եւ
ուխտատեղեաց
եւ
եպիսկոպոսարանաց
մէկն
եղաւ.
վանաց
երէցն
ու
եպիսկոպոսն
կոչուեցաւ
Աստուածածնի
Պատկերին
առաջնորդ,
որ
նոյն
է
ընդ
Հոգեաց
վանաց.
եւ
երբեմն
նոյն
իսկ
Անձեւացեաց
եպիսկոպոսական
աթոռն,
որոյ
առաջին
ի
պատմութեան
յիշատակեալ
եպիսկոպոսն
է
Աբիսողոմ
ի
Դ.
դարու,
մեծին
Ներսիսի
օրերը:
Այս
սուրբ
Ներսէս
հայրապետս
այլ
եկաւ
հոս
ուխտի
եւ
հետը
բորոտներ
բերելով`
բժշկեց
Տիրամոր
շնորհքովը,
եւ
հիւանդանոց
մ՚այլ
շինեց
ուրիշներու
համար.
որով
երրորդ
անգամ
մեծ
հաստատութիւն
առաւ
սուրբ
Պատկերին
տօնն.
զոր
եւ
յետագայ
Հարք
եւ
եպիսկոպոսք
հանդիսիւ
կատարէին
այսօրս
(7
նաւասարդ,
27
օգոստ)
իբրեւ
ի
յիշատակի
վերափոխման
կուսին,
որպէս
թուի
ի
նոյն
ինքն
յառաքելոյն
Բարթուղիմեայ
գրուած,
եւ
հաստատուած
ի
Ս.
Լուսաւորչէն:
Ինչուան
ի
վերջին
դարս
յուխտ
եւ
ի
պատուի
մնաց
հոգեաց
վանքն,
եւ
Պատկեր
Տիրամօրն,
որք
հիմա
նոր
հետազոտութեան
եւ
լուսափայլութեան
կարօտ
են,
քրիստոնէութեան
հնագոյն
եւ
առաջին
ուխտատեղեաց,
կուսաստանաց
եւ
վանաց
մէկն
ըլլալով:
Այս
տեղերս
այսպէս
ստորագրէ
ականատես
քերդող
ոմն`
Ներսէս
Մոկացի,
մեզմէ
երկու
եւ
կէս
դար
առաջ:
Նըշխար
փայտին
որ
շնորհեցաւ
Բարդուղիմեայ
վիճակեցաւ:
……………………………………………………
Եկեալ
յերկիրն
Անձեւացեաց`
Առ
ի
համբաւ
քարի
միոջ,
Յոր
էր
աղուէսն
ամրացեալ
յորջ,
Ընդ
Անահտայ
բնակէր
տիկնոջ
Մարդախոշոշ
կըռանգոչ.
Քանզի
փայլակն
ի
վայր
անկեալ`
Ի
դարբընաց
քըրայս
արկեալ
Ի
դարբընաց
քըրայս
արկեալ
Զգեղն
որ
կազմէր
ախտիւ
խառնեալ
Յուռութուլունս
մակարդացեալ.
Որպէս
ի
ճառըն
պատմական
Ուսուցանէ
մեզ
միաբան,
Եւ
զվիշապին
հին
մեքենայն
Կիպրիանոս
այր
սրբազան,
Զի
հին
վիշապն
անդըր
բունէր
Եւ
կըռանին
համաձայնէր,
Բախմամբ
թնդման
ահ
արկանէր,
Զնոսա
յուշոյ
միշտ
խափանէր:
Իսկ
արք
տեղւոյն
զերդ
խելագար
Անդ
խռնէին
դեգերաբար,
Թարախածոր
առեալ
ծըրար
Եւ
կոչէին
Դարբընաքար,
Յոր
վայր
հասեալ
առաքելոյն
Փութով
խափան
առնէր
գործոյն,
Դարբընաքար
բախման
թնդոյն,
Որ
գործոնեայքն
էին
նիւթոյն,
Եւ
զդիցամայրըն
խորտակեաց
Ըզբռնութիւն
քակեալ
դիւաց,
Քարանձաւէն
յայն
հալածեաց
Եւ
սրբութեան
տեղիք
գործեաց,
Իսկ
չնր
զինուորք
գունդ
առնէին
Ընդ
հիւսիսի
բարձու
լերինն,
Վիրգս
ի
վիմաց
յայն
հոսէին
Ընդ
այն
եւ
ճիշտ
արձակէին,
Բարդուղիմոս
զայն
տեսանէ
Բարձրաւանդակ
լեառն
ելանէ
Խաչ
մի
փոքրիկ
անդ
օծանէ
Քարիւ
մի
զքաջքն
արտահանէ,
Զոր
եւ
յետոյ
սուրբըն
Գրիգոր
Զարձանն
առեալ`
պահէր
ընդ
իւր,
Մինչ
Տրդատայ
մահուանն
աւուր
Երեսին
եդ
պըսակաւոր:
Կանգնէ
եւ
անդ
կրկին
նըշան,
Յըստորոտով
լերինըն
յայն,
Կարկառակոյտ
մի
սուզական
Ձեռնադըրեալ
ի
մեծ
արձան,
Եւ
է
տեղին
յոյժ
լեռնափակ
Պատեալ
վիմօք
երկնադիտակ,
Իսկ
մէջ
ծոցոյն
հարթայատակ
Հոսանահերձ
վըհաքատակ.
Զի
Տիգրիսին
մեծի
կայլակ`
Որ
յԱգենայ
քառորդ
վըտակ,
Ցասմամբ
խաղայ
միշտ
համարձակ,
Ընդ
գոգ
հովտին
արագարագ.
Մերձ
կանգնաւոր
մեծ
ամրոցին
Որ
ագռաւուց
քար
կոչէին,
Ուստի
լերանցըն
ջուրք
հոսին
Եւ
գետանան
՚ստ
գարնան
մասին,
Գայ
զառիվայր
առապարին
Անցեալ
ընդ
հիմըն
տաճարին,
Ընդ
արքային
շիրմով
պարին,
Ապա
ի
մի
խառնեալ
յարին:
Հիմն
արկանէ
անդ
հաւատոյ`
Ընդ
խորանին
կառուցելոյ.
Շինեալ
յանուն
Կուսին
հոգւոյ
Եւ
պատկերին
որ
անդ
սրբոյ:
Անդ
առաքեալ
Բարդուղիմին
Կառուցանէ
իւրով
ձեռին
Փոքըր
ձեւով
զեկեղեցին
Եւ
անուանէ
Աստուածածին.
Զտեղին
Հոգւոց-վանք
անուանէ,
Եւ
ի
քըւեր
կայանս
յանձնէ.
Խրճիթ
փոքրիկ
նոցա
շինէ
Եւ
ի
դերբուկսըն
բաժանէ.
Կացուցանէ
զքոյրն
Յուսհատայ
Մայրպետ
կրօնից
գըլուխ
նոցա,
Զքոյրն
Աւրմըզդայ
եւ
Մաքովտրայ
Եւ
զայլ
կանայսըն
յետ
նոցա:
…
……………………………………………………….
Բագրեւանդայ
բլուրներէն
բարձրաձայն
հնչած
նաւասարդի
երգերն`
հոս
այս
Անձեւացեաց
քարայրից
մէջ
ցածնալով
կու
ծածկուին:
Ու՜ր
էր
թէ
դարձեալ
այս
անձաւներէն
արթննալով
ելնէին
հնչէին
ի
բարձրաւանդակ
Բագրեւանդ,
յիշատակօք
Հայկայ
եւ
Տրդատայ,
Բարդուղիմեայ
եւ
Գրիգորի,
ամենայն
անվնաս
յիշատակօքն
Նաւասարդայ: