Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  3 Յունիս, 713.

ՍՈՎՈՐԱԲԱՐ քնացողքն կարծուին երազատես. բայց բարոյապէս խօսելով ` աւելի շատ են արթնութեան ատեն երազ տեսողք, երբ չըլլալու կամ շատ անստոյ գ ու դիպուածական կամ չափազանցբաներ կու մտածեն, կու յուսան, կ ՚ ուզեն կամ կատեն: Այսպիսի քուն կամ երազն այլ ` գ րեթէ բնական քնոյ եւ երազի պէս հասարակ է մարդկան, թէ եւ ոմանք քիչ ոմանք շատ տեսնեն, իսկ իր ազդեցութիւնն աւելի զօրաւոր է, իր բերած երբեմն ուրախութեամբն եւ շատ հեզ տխրութեամբը: Բան մ ՚ երազել փափա գ ով եւ յուսով ` եւ գ տնել զայն, մեծ բաղդ մեծ ւրախութիւն է, երազել եւ չ գ տնել ` տխրութիւն է առանց երազելու ` գ տածը կորուսանել ` աւելի մեծ եւ ստոյ գ տխրութիւն է. իսկ երազել եւ գ տնել, յետոյ դարձեալ այն փափա գ ած եւ գ տածը երազի պէս կորուսանել ` տխրութենէ ալ վեր է. ցաւալի ափշութիւն է: Այսպիսի է մեր պատմելու երազն ալ. որուն նման սաստիկ ` իրաւ քիչք երազած են, բայց շատեր կան որ ասոր կու նմանին, գ ոնէ երազին մէկ մասովը: Երկրաւոր փառաց եւ բանղի յեղափոխութեանց մեծա գ ոյն օրինակ մը ցուցընելով ` կրնայ ամենուն խրատ ըլլալ Վարդան կայսեր երազն: Այս Վարդանս ինքնին երազել ` այսինքն մըտացածին կամ առասպելեալ անձ մը չէ. այլ ստոյ գ եւ պատմական, թէ ինքն եւ թէ իր գ լխաւոր երազն. քեզի ազ գ ակից է, Հայկակ, եւ Յունաց Կոստանդնուպօլսի կայսերաց թա գ ակից, Ը դարուն սկիզբը: Երբոր մեծին Կոստանդիանոսի ցեղին պայազատութիւնն հատաւ մահուամբ Փոքր Թէոդոսի եւ անոր քեռառն Մարկիանոս կայսեր, կայսերութիւնն զօրաւոր կամ բռնաւոր իշխանաց ձեռք ընկաւ, ( աւելի Թրակացի իշխանաց ) որք դար ու կէս տիրեցին. ասոնց վերջընթերն Մօրիկ կայսր ` ըստ մեր պատմըչաց ` Հայ էր, յՕշական գ եղէ Արա գ ածոտն գ աւառի. անոր յաջորդն Փոկասը սպաննելով անուանին Հերակլ կայսր ` յիշատակեց զթա գ ը եւ ժառան գ եցուց իր ցեղին ամբողջ դար մը: Բայց որովհետեւ թէ ինքն թէ իր նախորդաց շատերն յափշտակող եղեր էին, եւ իր յաջորդքն այլ անարժան եւ ժողովրդեան անսիրելի էին, թա գ ախնդրութիւնն կամ կայսերութեան փափա գ ն եւ կռիւն ` սովորական բան մ ՚ եղաւ զօրաւոր եւ ճարպիկ իշխանաց:

Ասոնց մէջ ` եթէ ոչ շատութեամբ թուոյ ` բայց շատութեամբ արդեանց եւ ուժոյ, նշանաւոր էին գ րեթէ բոլոր Ե - ԺԱ դարուց միջոց ` մեր համազ գ ի Հայ իշխանաւորքն եւ զօրավարքն ` Կ. Պօլսի ինքնակալաց ծառայութեան մէջ, ինչպէս յայտնի է ամենայն պատմա գ իտաց. ապա զարմանք չէր եթէ իրենք այլ ` բնիկ Յոյն իշխանաց հետ ` կայսերական թա գ ին փափա գ ող ըլլային, մանաւանդ որ շատ հեղ իրենցմէ առաջ ` թէ ' ազ գ ային թէ Յոյն զօրքն եւ իշխանքն ` իրենց կ ՚ ընծայէին թա գ ը: Արդէն Հերակլի վերջին պայազատաց ատեն մէկ երկու այսպիսի անձինք փորձ փորձեցին, թէ եւ ոչ յաջողեցան. ինչպէս Շապուհ մը ամատունի կամ պարսիկ, որ երբեմն արեւմտեան Հայոց զօրավար կամ իշխան էր, եւ յամին 667 Բ Կոստանդ ( թոռն Հերակլի ) կայսերէն գ լուխ քաշեց, բայց դիպուածով մը շուտով մեռաւ ( ձիէն ընկնալով ): Հետեւեալ տարին Կոստանդը սպանողք իրենց կայսր ընտրեցին զՄժէժ. որ հաւանօրէն թոռն էր մեր Մժէժ Գնունի զօրավարին, որ Հերակլի ատեն քաջութեամբ եւ խոհեմութեամբ շատ անուանի էր. իսկ կայսր ընտրուած Մժէժն աւելի երեւելի էր իր հասակին մեծութեամբ եւ գ եղեցկութեամբն, որոյ համար ընտրեցին զսա սպանելոյն հակառակորդքն, եւ խոստացան պաշտպանել. վասն զի ինքն Մժէժ կու հրաժարէր եւ յանձն չէր առնուր. եւ անոնց տիրատեցութեան ալ զոհ եղաւ. եւ ոչ տարի մը ակամայ կայսրութեան անունը կրելով ` թա գ ին հետ իր թա գ ա գ ան գ ուր գ լուխն ալ կորոյս (669), զոր Սիրակուսաէն ( Սիկիլիոյ քաղաքէ ) խաւրեցին ի Կ. Պօլիս առ որդին Կոստանդայ ` Կոստանդին Դ: Այս Կոստանդին թէ ' ծննդեամբ եւ թէ արդեամբք արժանի ժառան գ էր աթոռոյն, բայց անարժան հօր նման ` անարժան որդի մը յաջորդ ունեցաւ, այն է Յուստինիանոս Բ:

Ասոր անկար գ ութեանց, ան գ թութեանց, եւ անկրօնութեան չդիմանալով իր ժողովուրդն ` գ ահընկէց ըրին (695). եւ տեղը նստուցին Ղեւոնդ պատրիկ քաջ զօրավարը, որ հայրենեօք էր յԻսաւրիոյ Կիւլիկիոյ. եւ հաւանօրէն Հայ, ինչպէս էր անտարակոյս իրմէ ոչ շատ տարի վերջը ընտրուող եւ 25 տարի (717-741) կայսր եղող Լեւոն Իսաւրացին. ( թէպէտ վարքովն եւ գ ործքերովն իր նախորդէն ` Յուստինիանոսէն ` պակաս զզուելի չեղաւ ): Ղեւոնդ թէ եւ սիրելի եւ արժանաւոր անձն, բայց իրեք տարիէն ետեւ (698) իրմէ բռնա գ ունի մը ձեռք ընկաւ. Ապսիմար անունուվ Կոռիկոսցի մը տիրեց Կ. Պօլսոյ, եւ Ղեւոնդի քիթը կտրելով, ( ինչպէս Ղեւոնդ ալ Յուստինիանոսին կտրեր էր ) փակեց վանքի մը մէջ, եւ ինք զինքն անուանեց Տիբեր Բ:

Այսպէս կայսերութեան կամ թա գ ին խաղալիկ եղած ատեն ` մեր Վարդանն այլ իր կայսերական երազը տեսաւ: Իր ի ' նչ տոհմէ կամ տունէ ըլլալն յայտնի չէ, թէ եւ յոմանց Մամիկոնեան կարծուի. անշուշտ այն Հայերէն էր որ շատոնց Յունաց ծառայութեան մէջ մտեր եւ յառաջացեր էին. իր հայրն այլ յունական անուամբ Նիկեփոր պատրիկ կոչուէր. ինքն այլ զինուորութեան մէջ յառաջադէմ եւ ճարպիկ. լեզուանի եւ զուարթ մարդ մ ՚ ըլլալով սիրելի եղած էր ճանչուորներուն. եւ աւելի այս ձիրքերուն ուժովը ` քան թէ քնով կամ գ ինւով հարբած ըլլալով, երազ մը տեսաւ, ( յամին 701) որ իր կենաց մեծ եւ իրական երազին պատճառն եղաւ: Տեսածն էր, ինչպէս ինքն պատմէր, արծիւ մը որ գ լխուն վրայ կու թռչըտէր. Անշուշտ ասիկայ նշան է, ըսաւ, որ օր մը ես կայսր պիտի ըլլամ: Եւ ինչպէս որ կ ՚ երեւի միայն զինուորական եւ աշխարհային բաներու հմուտ, հարկաւոր բաներու անհմուտ էր. գ նաց անուանի եղած ճ գ նաւորի մը պատմելու եւ խորհուրդ հարցընելու. ճ գ նաւորն, որ խաբուած կամ խաբեբայ մ ՚ էր, միան գ ամայն եւ մոլորամիտ միակամադաւան եւ երազա գ էտ մը, Վարդանայ փառահեղ կերպարանքէն յոյս առնելով որ իրաւ կրնայ օր մը կայսր ըլլալ, ինչպէս վերոյիշեալներն. Անտարակոյս է, ըսաւ, կայսր ըլլալդ. բայց ` ( հայհոյանք մ ՚ ալ աւելցուց ) այս պայմանաւ Աստուած քեզի կու տայ կայսերութիւնը ` որ եկեղեցւոյ Զ ըսուած տիեզերական ժողովը ջնջես, այսինքն անոր հաստատած դաւանանքը: Վարդան առանց առաջ ետեւ մտածելու, խօսք տուաւ, որ եթէ կայսր ըլլայ ` այնպէս ընէ: Եւ երազէն աւելն այն սուտ մար գ արէին հաւատալով եւ վստահանալով ` պատմեց իր մէկ բարեկամին ` եղածը եւ ըլլալիքը. բարեկամն ` որ ճ գ նաւորին պէս ցած մ ՚ էր, ապա գ այ անստոյ գ կայսերէն աւելի ` ներկայ ստոյ գ կայսերէն վարձք առնուլը իրեն շահաւոր գ տնելով ` գ նաց ասոր պատմեց լսածը: Ապսիմար մէկէն բռնել տուաւ զՎարդան, եւ խեւի պէս ծեծելէն ետեւ ` գ լուխն ալ ածիլելով ` շղթայի զարկած աքսորեց մինչեւ ի Կեփալոնիա կղզի, Յունաստանի արեւմտակողմը:

Վախենալու մահուանէ մը ազատելով ` Վարդան ` տասը տարի ատեն ունեցաւ իր երազին վրայ նոր նոր երազներ տեսնելու եւ դեռ յուսով սպասելու. երբ իր աքսորուելէն քանի մը տարի վերջ Յուստիանոսն Ռինոտմէտ, այսինքն Պնչատն ( քիթը կտրած ), կատղած գ ազանի պէս փախչելով իր ար գ ելանէն ` որ էր Քերսոն քաղաքն Ղրիմու, նախ Խազրաց ապաւինելով, ապա Բուլղարաց, եւ ասոնցմէ զօրք առնըլով եկաւ պաշարեց առաւ իր հին թա գ աւորանիստ քաղաքը եւ թա գ ը (705), բռնեց զԱպսիմար որ փախեր էր, եւ անոր նախորդ Ղեւոնդ կայսեր հետ մէկտեղ բերելով, եւ ամեն խայտառակութիւն տալով ` կրկիսին մէջ գ ետնի վրայ ձ գ եց կոխկըռտեց, մինչդեռ յիմարած ժողովուրդն սաղմոսին խօսքը իրեն յարմարցընելով կու պոռչըտար. « Ի վերայ իմի եւ քարբի գ նասցես դու, զառիւծն ( Լեւոն ) եւ զվիշապն ( ապսիմար ) առ ոտն կոխեսցես ». յետոյ ուրիշ գ ազանաց ամփիթէատրոն մը տանելու գ լխատել տուաւ զանոնք: Իսկ ինքն իր տ գ եղ կերպարանաց ծածկոց մը հնարեց, ոսկեղէն քիթ մը զոր ` ամեն ան գ ամ հանած ատեն, կ ՚ ըսեն, սոսկալի գ ազանական կատաղութիւն մը կ ՚ իմանար. եւ գ ազանէ աւելի ան գ ութ եւ անկարծելի կոտորածներ ըրաւ ` իր երկրորդ ան գ ամ վեց տարի թա գ աւորութեանն ատեն: Սատանայական լրբութեամբ մը Աստուծոյ դէմ երդուած էր իր ամեն հակառակորդներէն վրէժ առնուլ. եւ ոչ միայն անոնց, հապա անմեղաց ալ չարաչար տանջանք եւ մահ հասուց. արիւնոտ աչացն առջեւ կրօնք սրբազան բան չէր երեւեր: Ոչ միայն կայսրութեան, այլ եւ մարդկութեան զզուանք եւ ցուցանք մ ՚ եղաւ, ուսկից ամենքն կու գ անէին եւ կու դողային:

Յետ ջարդելու Կ. Պօլսի եւ անոր մօտ տեղերու մէջ իրեն թշնամի սեպածները, բոլոր ոխը դարձուց իր աքսորանաց տեղւոյն ( Քերսոնի ) բնակչացը վրայ. որովհետեւ հոն անոնց մէջ եղած ատեն միշտ կու սպառնար թէ երբ ազատութիւն գ տնեմ ` զձեզ պիտի չարչարեմ, անոնք ալ ուզեցին զինքը հալածել, եւ հազիւ թէ կրցեր էր փախչիլ անկէ: Հիմայ բոլոր նաւերը ժողվեր, եւ զամենքը ստիպեց որ գ ան օ գ նութեան. ինչուան, կ ՚ ըսեն. 100, 000 մարդ լեցուց նաւերուն մէջ եւ ղրկեց ի Քերսոն, գ լուխ դնելով Ստեփանոս անուամբ գ ազանամիտ մարդ մը ` զոր անողորմութեանն համար ամենքն ( ասմիքդոս ) կոշտ կամ կատղած կոչէին, պատուիրեց ասոր ` Քերսոնի բնակչաց մէկն այլ ողջ չթողուլ, եւ անոնց տեղը աքսորածներով լեցընել: Այս աքսորելոց մէկն այլ ըրաւ երազատես Վարդանը, Կեփալոնիա կղզիէն հանելով եւ հոս քշելով:

Թողունք հոս յիշել Քերսոնի մէջ եղած ահեղ կոտորածը, եւ անկէ ապրած ու նաւով դէպ ի Կ. Պօլիս ղրկուած տղայոց եւ մարդկանց կորսուիլը նաւակոծութեամբ Սեւ ծովուն մէջ. որոց թիւը կ ՚ ըսեն ( գ ուցէ չափազանցօրէն ) 63, 000 էր, թէ եւ մէկտեղ սեպուին նաւաստիք եւ զօրականք, դիակնին հարիւրաւոր մղոններով հեռու ծովեզերքներ ծփալով զարնուեցան երկայն ատեն: Կատաղին Ստեփանոս ` որ քան զՊնչատն նուազ կատղած էր, աչք գ ոցեր էր որ մաս մը ի բնակչաց Քերսոնի փախչի եւ իրեն տեղ վերակացու թողեր էր զԵղիա կայսեր զինակակիցը:

Եիր այս փախչողներն լսեցին որ Ստեփանոս նաւակոծեալ խեղդեցաւ, սկսան դառնալ իրենց ամայի հայրենիքը, բայց գ ազանացեալ կայսրն այլ լսելով անոնց ապրիլը ` նորէն զօրք խաւրեց վրանին. անոք յետին յուսահատութեամբ զինուած, եւ Խազրաց օ գ նութեամբ ջարդեցին կայսեր զօրքը, եւ միաբերան անէծք ու նզովք կարդալով այնպիսի հրէշի մը վրայ, ուզեցին զԵղիա ( որ իրենց կողմը դարձեր էր ) կայսր անուանել, սա վախնալով հրաժարեցաւ. Ահա այն ատեն միաբանեցան եւ կայսր կանչեցին ու դրին զՎարդան, անունն այլ փոխեցին ի Փիլիպպիկոս, զոր սխալ ըսելով եւ գ րելով ոմանք ` Փիլեպիկ անուանեն, ոմանք Փիլիպպոս, եւ ոմանք ի մեր պատմչաց այլք Փիլիկ: Այս բանս եղաւ 711 տարւոյն վերջերը: Վարդանայ երազն ստու գ ուեցաւ, բայց ոչ բոլորովին եւ ոչ կարծածին չափ երկայն եւ յաջող:

Այս վայրկենէն եւ Յոստինիանոս կայսեր անդադրելի կատաղութինն եւ տա գ նապը նկարա գ րել ` գ րեթէ անկարելի է. առջի գ ործքն եղաւ մէկէն վազել երթալ Եղիայի տունը, անոր երկու անմեղ երեխայ տղայքը իրենց մօր գ րկին մէջ ինքն իր ձերքով սպաննեց, մայրենին այլ մահուանէ աւելի մեծ նախատանաց մատնեց, յետոյ շուտով նոր նաւախումբ մը կազմեց ` ամենայն պատերազմական գ ործիքներով լըցուց, Մօրոս անուամբ մէկու մը յանձնեց սաստիկ սպառնալեօք ` որ երթայ հիմնայատակ ընէ զՔերսոն, եւ ոչ մանր տղայոց խնայելով, անանկ որ ոչ կենդանի մնայ, ոչ շէնքի նշան մը, այլ վարուցանի տեղ դառնայ: Մօրոս տիրոջը բաղձանաց համեմատ շուտով հասաւ ի Քերսոն, եւ սկսաւ պարիսպը ծեծել ու փլցընել, բայց յանկարծ Խազրաց գ ունդ մը վրան հասաւ, դադրեցուց: Մօրոս տեսնելով որ կամ ասոնցմէ պիտի ջարդուի, կամ յետ դառնալով կայսեր բարկութեան զոհ պիտի ըլլայ, ինքն ալ Քերսոնացւոց կողմը դարձաւ, միացաւ անոնց հետ, նոյն միջոցին Վարդան այլ Խազրաց կողմէն գ ալով նոր զօրա գ նդով մը ` նորէն կայսերական պատուով ընդունուեցաւ: Յուստինիանոս կու զարմանար տր նաւերէն լուր մը չառնըլուն, եւ կասկածելով ` անհամբերութեամբ մնացեալ զօրքը ժողվեց, գ ունդ մ ՚ ալ ի Բուլղարաց օ գ նութիւն առաւ, եւ գ նաց ցամաքէն մինչեւ ի Սինոպ:

Հոնկէ տեսաւ որ նաւատորմիղն առա գ աստարաց կու գ այ դէպ ի մայրաքաղաքն. նաւ մը խաւրեց ընդ առաջ լուր բերելու. լուրն աս եղաւ ` որ աքսորեալն Վարդան կայսր եղեր է եւ կու գ այ Կ. Պօլսի վրայ:

Հոս վերջին ան գ ամ Յուստինիանու ոսկի քիթն ընկաւ. եւ բոլորովին գ ազանացաւ. անհան գ իստ եւ անդադար վազեց դէպ ի մայրաքաղաքն, բայց տեսաւ որ Վարդան իրմէ առաջ հասեր տիրեր է. նոյն երա գ ութեամբ դարձաւ ի Դամատրիս ` որ Քաղկեդոնի ( Գատըքէոյ ) եւ Նիկոմիդիոյ ( Իզնիմիտ ) մէջտեղն է. բայց հոն ալ Վարդանայ վախն եւ սուրն հասէր էր, մասն զի հոս խաւրեր էր զԵղիա, որ երբեմն իրեն տէրը պաշտպանող զէնքերը անոր դէմ ` դարձընէ: Եղիա տեսաւ որ այն իր կատղած հին տէրն պատրաստուեր է պատերազմի, մօտեցաւ անոր Յոյն եւ Բուլղար զօրացը, իմացուց որ ինքն պատերազմի համա համար եկած չէ, այլ զիրենք ազատելու անանկ այլանդակ հրէշի մը ձեռքէ, եւ խոստացաւ նոր կայսեր շնորհքները. մէկէն իր կողմը դարձան դիմացի գ ունդերն այլ: Քթակոտոր կայսեր ուրիշ բան չմնաց ` բայց յուսահատ փախուստ, սակայն շուտով վրայ հասաւ իր քաջ բայց տիրանեն գ զինակիրն ( Եղիա ). մազերէն բռնեց քաշեց, եւ իր դաւաճան սրովն կտրեց այն գ ոռոզ գ լուխը ` որ 26 տարիէ վեր ահով դողով անբաւ արեամբ լցուցեր էր գ ծով եւ զցամաք արեւելեան ընդարձակ կայսերութեան, եւ խաւրեց առ Վարդան: Նոյնպէս սպանուեցաւ Յուստինիանոսի առաջին պաշտօնեալն եւ գ լխաւոր պատրիկն Վարազբակուր, որոյ անունն յայտնէ որ ազ գ աւ Հայ կամ Վրացի էր:

Մօրոսի եւ Յովհան Ճնճղուկ ըսուած մէկու մը յանձնուեցաւ ` աւելի ան գ ութ եւ սրտակտուր գ ործ մը, սպաննել զՏիրեր ` զորդին Յուստինիանո: Իրաւ հրէշի մը ձա գ էր սա ` բայց դեռ անվնաս անմեղ ձա գ ուկ մը, վեց տարեկան, զոր մամն ( Անաստասիա ) փախուցեր էր Ս. Աստուածածնի եկեղեցի մը, եւ վրան գ լուխը սրբոց նշխարքներով լցուցեր էր, մէկ թաթիկովը խորանը բռնել տուեր էր, մէկալովը Քրիստոսի աշխարհակեցոյց խաչին կտոր մը, ինքն մասիկն ալ խորանին դռան առջեւ պահապան կեցած ` վայրկենէ վայրկեան կու սպասէր սրտաթափ սեւ վայրկենին, եւ ահա անողորմ դահիճքն ներս թափեցան: Անաստասիա ` վազեց ընկաւ պլլըւեցաւ Մօրոսի ոտքերուն, լալով ճչալով ողորմութիւն կու կանչէր. բոլոր տաճարն, կրնամք ըսել թէ բոլոր բնութիւնն իսկ ողորմութիւն կու մուրար անմեղ գ առնուկի մը համար. բայց այն օրերը ` միայն մարդկանց սրտէն վերցուեր էր ողորմութիւնն: Մինչդեռ մամն Մօրոսի կու պաղատէր, ան գ ին անուանեալ Ճնճղուկն ` գ իշատիչ ան գ ղ դարձած ` տղուն վրայէն սրբազան մասունքները վերցընելով, եւ կէս մ ՚ ինքն իր վիզն անցընելով ` քաշեց երեխայն ինչուան եկեղեցւոյն դուռը, աստիճաններուն վրայ ձ գ եց, մերկացուց, մորթեց. տարաւ թաղեց ուրիշ եկեղեցւոյ մը մէջ: Անով մարեցաւ Հեռակլեան ցեղն, ամբողջ դար մը ինքնակալելով վեց թա գ ակիրներով, որոց վերջնոյն ( Յուստինիանու ) տ գ եղ գ լուխն ` յետ խայտառակուելու ի Կ. Պօլիս ` զկուեցաւ մինչեւ ի Հռովմ եւ հոն ալ ժողովրդեան ուրախութեան պատճառ եղաւ:

Այս ուրախութիւնը երկարատեւ չըրաւ Վարդան, ինչպէս կու յուսացուէր, վասն զի իր խոստմանը վրայ չարաչար հաւատարիմ կենալով ` անհաւատարիմ եղաւ իր պատւոյն եւ կրօնից, սուտ ճ գ նաւորին ըսածին համեմատ ջանաց միակամեայց մոլորութիւնը ծաւալել յարեւելք բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսները հալածելով եւ մոլորեալները դնելով տեղերնին, ժողովակ մ ՚ այլ ընել եւ դատապարտել տուաւ Զ սուրբ ժողովը. եւ իր խելօք գ իր մ ՚ ալ գ րեց ի Հռոմ առ սրբազան հայրապետն. զոր ամենքն արհամարհելով մերժեցին եւ ինչուան զէնք առնըլով իր խաւրած զորքը ջարդել կ ՚ ուզէին, եթէ Ս. Պապն չար գ ելուր: Միայն մէկ բարի հովուի մը խնայեց Վարդան ասիկայ էր Ռաւեննայի արքեպիսկոպոսն Փելիքս, զոր Յուստինիանոս կուրացուցեր եւ աքսորեր էր ի Քերսոն Վարդանայ հետ, որ պանդխտութեան եւ թշուառութեան ընկեր ունենալով զնա ` սէր կապեր էր հետը. եւ երբ կայսր եղաւ ` դարձուց իր աթոռը շատ ընծաներով, ( որոց մէջ կար պզտիկ ոսկեղէն թա գ մը ` ան գ ին գ ոհարներով զարդարուած որուն համար Հրեայ մը ըսաւ յետոյ Մեծին Կարլոսի ` թէ բոլոր Ռաւեննայի չքնաղակերտ մայր եկեղեցիէն աւելի կ ՚ արժէ:

Իր երազին եւ երազահանին միայն հաւատացող եւ ինչուան կրօնքն ալ արհամարհողն ` ի հարկէ ուրիշ ազնիւ զ գ ացմունքներ չէր կրնար ունենալ, պէտք չէ փնտռել, թէ արդեօք յիշե՞ց Վարդան իր ծա գ ումը, ո՞ր ցեղէ, ո՞ր ազ գ է ըլլալն եւ ըրա՞ւ բարիք մը իր նախնական հայրենեացը: Ընդհակառակն կ ՚ իմացընեն պատմիչք, որ նեղեց զՀայս, եւ շատ գ աղթական հանել տալով ի Մեծ Հայոց, քշեց Գ եւ Դ Հայոց կողմերը, որ են Մալադիա եւ Խարբերդ, որոց տիրելով Արաբացիք, ընդունեցան եւ տեղ տուին Հայոց, ասոնք այլ յօժարութեամբ միաբանեցան զիրենք ընդունողաց հետ: Թերեւս ասով աւելի քաջալերուեցան Արաբացիք Փոքր Ասիոյ զանազան կողմերը կոխելու, ինչպէս Բուլղարք ալ ինչուան Կ. Պօլսոյ մօտ սահմանները աւրելու եւ այրելու: Վարդան ` ոչ իր անուան, ոչ իր պատւոյն եւ ոչ իր առջի տուած յուսոյն համեմատ ` քաջութիւն ցըցուց ասոնց դէմ, այլ կարծես թէ իր երազածը եւ չերազացը ստու գ ել ուզելով ` ինք զինքը թողուց բաղդին գ իրկը եւ միայն անոր ցուցած փափկութեանցը մէջ թաղուեցաւ:

Իր նախորդն ( Յուստինիանոս ) անչափ բռնաբարութեամբ եւ կոտորածներովը ` անբաւ ստացուածք եւ հարստութիւն ժողովեր էր, որովք շատ քաղաքներ կրնային շինուիլ եւ շատ բանակներ զինուիլ: Վարդան իր կայսերութեան մէկ ու կէս տարուանը մէջ ` գ րեթէ բոլորն ալ մսխեց, անչափ եւ անկար գ զեղխութեամբ որովք շատ խայտառակութիւն, վնաս եւ մեղք հասուց շատոնց. եւ եթէ դեռ արտաքին սիրուն կերպարանքը եւ ճարտար ու բանիբուն խօսուածք պահած չըլլար, անշուշտ եւ ոչ այն 18 ամիսը կու թա գ աւորէր: Բայց ինքը մեծ յոյս ունէր ` իր խաբեբայ մար գ արէին վստահացած ` որ երկայն տարիներ պիտի վայելէ կայսերութիւնը: Սակայն եթէ այն կարծեցեալ տարիներն այլ այդպէս վատութեամբ պիտի անցընէր, պէտք է մեր ազ գ ութեան եւ մարդկութեան պատւոյն համար գ հ ըլլանք ` որ յոյսն պարապ ելաւ, եւ շուտով հասաւ իր երազին վերջը, կամ նոր եւ անակնկալ երազ մը, որ պատմութեան ամենէն հիացուցիչ եւ ահացուցիչ երեւոյթներէն մէկն է, կենաց նշանաւորա գ ոյն յեղափոխութեանց մէկն, բարոյականի զարմանալի դաս մը, յորում կրնամք բովանդակ մարդուս բնութիւնը կամ փափա գ ները նկատել ի Վարդան եւ խրատ առնուլ:

Աշխարհիս մէջ անշուշտ շատերն փափա գ էր եւ երազեր են, բայց խիստ քիչ եղած են Վարդանի նման այսպէս յանկարծօրէն եւ այսչափ մեծ փառքի, իշխանութեան եւ բարեաց հասնողք, երկու ան գ ամ աքսորուած եւ շատ հեղ հազիւ մահուանէ ազատած, մանաւանդ անանկ բռնաւորի մը ( Յուստինիանոսի ) ձեռքէ, որուն զոհ եղան աւելի ապահովա գ ոյն կեանքեր, եւ երկրիս ամենէն բարձր եւ փառաւոր գ ահոյիցը վրայ նստած, որ այն ատեն դիպուածով մ ՚ այլ ( զոր վերն յիշեցի ) անբաւ գ անձով եւ հարստութեամբ լեցուած էր: Զասոնք ` անկարծ բաղդ գ տնողի մը պսէս անկուշտ կերպով վայելելը բաւական չսեպելով, ուզեց Վարդան ( մէկ քանի շատ անուանի եղած փափկակեաց եւ զեղխ մարդկանց նման ) մէկ օրուան մը մէջ փորձել զ գ ալ այն ամենայն բարիքը ` որուն կրնայ բաղձալ մարդուս սիրտն եւ բնութինն, միայն ներկայ կեանքը մտածելով, մէկ օրուան մը մէջ բովանդակել իր աշխարհակալ կայսերութեան կարելի փառքը եւ վայելքը: Այս եղաւ իր մեծա գ ոն երազն, որ ուզածին պէս սկսաւ, չուզածին պէս լմընցաւ:

Այն օրն էր Քրիստոսի թուականին 713 տարւոյն յունիս ամսոյն երեքը, Հո գ ե գ ալստեան տօնին նախընթաց օրն ( շաբաթ ) որ ոմանք Կ. Պօլիս քաղքին հիմնարկութեան օրն էր կ ՚ ըսեն, եւ այն ժամանակի սովորութեան համեմատ Քաղքին ծննդոց օրն. բայց ըստ այլոց նոյն ինքն Վարդանայ ծննդոց տարեդարձ օրն էր: Այս օրս ուզեց իր աւուրց մէջ նշանաւոր ընել, եւ եղաւ ուզածէն շատ ան գ ին. նըշանաւոր բոլոր կայսերաց, դարուց, ազ գ աց եւ մարդկութեան աւուրց մէջ: Առտուն ` քաղքին մեծ կրկէսը ` ( Աթ մէյտանը ) զարդարել տուած ըլլալով ` մեծահանդէս եւ փառազարդ կառարշաւ մ ՚ ընել տուաւ ի զուարճութիւն աշխարհախումբ ժողովրդեան, յետոյ նոյնպէս մեծահանդէս եւ սխրալի հեծելութիւն մը, յորում անշուշտ ինքն ալ իր անուան համեմատ ահիպարանոց եւ սի գ աշարժ եւ ոսկեզարդ երիվարի մը վրայ նստած, աւելի իր նախնեաց սեփական ճարպիկ նստուածքով եւ վազուածքովը կու զմայլեցընէր տեսնողները, քան իր եւ իր ձիուն եւ իրեն անմիջապէս քովէն գ ացողներուն վրայի ակնախտիզ եւ մեծահարուստ զարդուց եւ սպառազինութեանց փայլմամբ. որովք ` երկրիս երեսէն սահող արեւու մը պէս կ ՚ անցնէր քաղքին մէկ ծայրէն մինչ ի մէկայլ ծայրը. եւ շատ աշխարհակալներու չըրաց մեծութիւնը ցուցընելով ` ինքն որ հազիւ աշխարհա գ իւտ կրնար ըսուիլ, հազար հատ յաղթութեան եւ փառաց նշան դրոշներ օդուն մէջ բարձրացուցած տանել կու տար. հազար երաժիշտ, մեծամեծ եւ բարձրաձայն փողերով եւ փանդռամբք ` այնպէս կու թնդացնէին չորս դին, որ կարծես թէ ոչ քաղքին հիմնարկութիւնը հռչակել ` այլ անոր հիմերը դուրս հանել կ ՚ ուզեն. - փողերն եւ փանդիռներէն աւելի կը տիրէր ուրախական եւ հանդիսական ձայն ժողովրդեան, որ զիրար հրելով ` իբր թէ առանց ոտքի հեղեղաբար հեծելոց քովէն եւ ետեւէն կ ՚ երթային: Այն օր Կ. Պօլիս նեղ եկաւ իր ժողովրդեան, կայսրութիւնն ` Վարդանայ սրտին:

Օրուան մէկ մասն փառաց փայլման եւ վայելից նուիրելով, մէկայլ մասն այլ փափկութեան վայելից պահուած էր: Վարդան նախ գ նաց մտաւ Քեւքսիպպեան ջերմուկը ըսուած բաղանիքը, որ կայսերական պալատան եւ Ս. Սոփիոյ եկեղեցւոյ միջոցն էր: Յետոյ կար գ ն եկաւ կերուխումի, ուր երկայն ժամեր անցուց իր պալատին մեծամեծաց հետ. եւ ինչ որ այնպիսի օրուան մը համար կրնայ մտածուիլ եւ պատրաստուիլ ` կար սեղանոյն վրայ, ի հարկէ չափէն շատ եւ շատ աւելի. ուր նստած ատենն ` Վարդան դեռ Վարդան կայսրն էր. սիրտն առջինէն աւելի ուռցած մեծցած, թերեւս քան զՆաբու գ ոդոնոսոր եւ զԲաղտասար մեծափառք եւ մեծավայելք կարծելով զինքը. իսկ անկէ ելած ատեն, աւա՜ղ, ոչ թէ արեւելքի կայսեր, ոչ թէ Մշոյ գ եղի մը յետին Վարդանին շնորհքն այլ չկար վրան, այլ կ ՚ ամաչեմ ըսելու ` թէ նուաստացեր էր քան զանբան. խռկած խան գ րած տիկ մ ՚ էր դարձեր, աւելի գ ինւով քացխած քան կերակրով փքած: Այսպէս լմնցաւ ցորեկուան հանդէսն, երկըննալով ի մէջ ջահերու գ իշերուան, որոյ մէկ հատիկ հարկաւոր վայելլք պիտի ըլլար խոր եւ երկար քուն մը, որու մէջ յիրաւի ընկաւ թաղուեցաւ Վարդան շատ խոր, թէ եւ ոչ շատ երկար:

Բայց ո՜վ մարդկային բնութիւն, այդպէս մեծապէս պատուեալ քու հաստողէդ յԱստուծոյ, քու բարակ եւ հրեշտակամօտ ազնուութիւնդ ` ի՞նչպէս կրնայ այսչափ խոզի ու վարազի երեւոյթ մ ՚ առնուլ. մանաւանդ թէ անոնց բարքն եւ ախորժակը ` քան թէ կոշտ կերպարանքը:

- Ա՞յս էր քու երկայն ատեն երկնած երազդ, ո ' վ յանկարծաբաղդ կայսր Վարդան, ա՞յս էր քու անդրածայրա գ ոյն փառքդ եւ վայլքդ: - Տառապեալ մարդիկ իրենց տառապանաց եւ օրական աշխատանաց ու տրտմութեանց ` անոյշ դեղ մը, մխիթարութիւն մը կու գ տնեն գ իշերուան քունը, քեզի ` այդ մէկ ցորեկուան վայելքդ ու մսխած գ անձերդ ` որ կրնար հազարաւոր ընտանիք երջանիկ ընել, քանի՜ ծանր ու տխուր պիտի ըլլայ, - անոնք գ ոնէ այն ատեն տեսած սուտ երազներով պահ մը կու սփոփին, քու ստոյ գ երազդ ` քեզի ո՜րչափ անտանելի պիտի ըլլայ, երբ աղէկ մ ՚ արթըննաս: Արթընցի՜ր, ով վատաբաղդ Վարդան, ով կարճօրեայ կայսր, վասն զի ահա քու վերջին խնջոյից տաճարիդ պատէն այլ բաղտասարեան ձեռք մը դուրս ելած ` կու գ րէ կայսրութեանց, փափկութեանդ եւ ամենայն բարեացդ վերջ ու վախճան: Կամ գ ոնէ, եթէ կրնաս, դարձեալ երազէ ' գ լուխդ նոր գ ալիքը: Մտիկ դիր պահ մը խղճիդ լսէ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդեան մէջ ծածուկ փսփսուք մը տհաճութիւն մը, գ ան գ ատ մը, սպառնալիք մը քեզի դէմ, զդա ' մեծամեծ իշխանաց դառնութիւնը եւ ոխը իրենց եւ իրենց կանանց հասուցած անար գ ութեանդ համար. սարսէ այն պարկեշտ հաւատաւորաց սրտա գ ոչ աղօթքէն ` որ իրենց աստուածանուէր կուսութեան եւ առանձնութեան վնասներուդ վրէժը կը պահանջեն յերկնից: Թնդա ' մէկ մըայն որոտմունքէն ` որ թրակիոյ վրայէն գ ոռալով ` քեզի կու մօտենայ, հոն է Գէոր գ Բորափ ( գ ուցէ քեզի պէս արեւելցի մը ): Վարազբակուրի տեղ Օպսիկիոնի կուսակալ եղողն, որ վրայ կու խաւրէ քու դահիճդ: Եւ ահա այդ քու կենացդ ու շատերու կենաց ամենէն մեծ ու փափուկ օրուան հանդիսից մէջ ` գ ողի կամ ցեցի պէս ծածուկ կու մօտենայ քու երջանկութեան թելդ կրծելու կտրելու արդէն պալատիդ չորս դին դին քննելով ` համարձակ մուտք գ տաւ. վասն զի քու պահապաններդ այլ քեզի պէս դինով խելա գ արած ` զքեզ թողեր ) զիրենք քնոյ կամ հեշտութեան տուեր են ահա հասաւ ինչուան քու ներքին սենեակներդ, քու ննջարանիդ, քու անկողնոյդ Ո՜հ, հիմայ արթընցի՞ր ըսենք արդեօք, թէ քնացիր առանց բնաւ արթըննալու :

Դեռ կու խռկար թանձր քնոյ եւ յօ գ նութեան մէջ աւաղելի կայսրն Վարդան, դեռ ինքն ներսէն ուրիշ երազ կու տեսնէր, դրսէն իր վրայ ուրիշ երազ կու տեսնուէր, եւ դեռ շատ ուշ սաստիկ ցնցումէ մը թոթուելով ` բացաւ աչուըները Ո ' վ ահաւոր վայրկեան, թէ եւ կարճ, այն մէկ ակնթարթի մէջ ո՞րչափ բաներ տեսաւ եւ իմացաւ ի՞նչ նորանշան եւ կսկծալի երազ, մանաւանդ թէ 13 տարուան տաքուկ երազոց վերջ ` ի՞նչ ցրտասարսուռ արթնութիւն: Անկարելի անբացատրելի ափշութիւն, զարմանք, կիրք, վախ եւ այլափոխութիւն. - մէկ վայրկենին մէջ մէկ մը անցուցած օրը եւ քնոյն անկողինը յիշեց, մէկ մ ՚ ալ տեսաւ որ անկողնոյ տեղ ` մեծ վերարկուի մը միջէն դուրս կ ՚ ելնէ, ( որով զինքը պլլեր բերեր էր հոն Ռուփոս ` Բորփոսի պաշտօնեայն ). - փոխանակ իր պալատան ջահերուն ` այլանդակ լոյսեր կը շարժէին չորս դին. - փոխանակ ննջարանին ` ընդարձակ ձիարձակարանը, ուր ինքն սկսեր էր այն օրուան մեծ հանդէսը. - փոխանակ իր սպասաւորաց ` ձառադէմ դահիճք, փոխանակ իր փափկութեան սպասուց ` սոսկալի սուրեր: Ի՞նչ, ո՞վ, ու՞ր ըսել չմնաց, իրա՞ւ թէ սուտ, երա՞զ թէ արթնութիւն, ի՞նչ նոր աշխարհ կ ՚ երեւի աչքերուս: Եւ ահա նոյն իսկ վայրկենին սեւ եւ անբացուելի վարա գ ոյր մը ` զամեն բան ծածկեց աչքերէն, եթէ դեռ կրնային աչք ըսուիլ անոնք ` որ պահիկ մ ՚ առաջ թանձրամած քնով գ ոցուած էին, հիմայ արեամբ եւ յաւիտենական մթութեամբ կղպեցան : Երկու սայրասուր երկաթ ` ջուխտակ կայծակներու պէս իջան զարկին, դուրս ցատքեցուցին բիբերը Քանի մը կաթիլ չորցած արեան եւ երկու պժ գ ալի վէրք լցին այն խարկած ու խաւրած փոսերը, որոնց երէկ առտուն բոլոր աշխարհիս մեծութիւնը եւ գ եղեցկութիւնը քիչ կու գ ար, հիմայ անոնց ամեն զբօսանքէն եւ հեշտութիւններէն ` հազիւ քանի մը դժուարածին արցունքի կաթիլ մնաց մխիթարանք:

Այսպիսի ահեղ փոփոխութեան վրայ ` կարծես թէ ինքնին դէպքն կամ պատմութիւնն այլ հիացած, լռեց, ծածկեց, եւ ինչուան հիմայ չէ յայտնած այն վայրկենէն ետեւ մեր կուրացեալ կայսեր ինչ եղած ըլլալը, իրեն ` ուրիշ կերպով խրատ եւ զարմանք թողլով այս նորանշան պատահարը: Փիլիկ Վարդանայ ստոյ գ կարծած երազը, երազ կարծած ստու գ ութիւնը