Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ
ԲԵՐԴ

ՏԵՍԻԼ Ա
ԱՐՏԱՒԱԶԴ, ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Հոս քիչ մը ոգի առնունք, ո՛ Արտաւազդ, պատերազմաց յոգնութենէն:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ինծի համար ա՛լ հանգիստ չկայ. անծանօթ է խաղաղութիւնը յուսաբէկ սրտիս, մատնիչ հայրենեացս, ապստամբ իմ տիրոջս դէմ` ձեռքս եղբայրասպան սուր մը կրելով, դահիճ արիւնարբու` հայրենեացս աւերակներուն վրայ մահ գոռալով: Այս ամէն ոճիրները կու յուսայի փառաց շողշողուն քօղին տակ ծածկել, եւ սակայն ոխերիմ բախտը զայն ալ նախանձեցաւ ինձմէ. Վահէ կապտեց, յափշտակեց Արտաւազդին ձեռքէն այդ փառքը, ու Արուսեակը հոս չէ, որ սփոփիչ ըլլայ այնչափ աղէտից:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Սակայն Աղեքսանդրը պիտի չուշանայ մեր պարտութեան վրէժը առնելու:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ին՞չ պիտի պատասխանեմ Աղեքսանդրին, երբ խնդրէ ինձմէ իւր քաջագունդ բանակը, զորն որ խոստացայ յաղթական դափնիներով իրեն դարձնելու. Վահէին սուրը հնձեց զամէնն ալ: Աղեքսանդր, գիտեմ, որ իւր զօրաց կորստեանը վրէժը պիտի առնէ, բայց յաղթութիւնը իրը պիտի ըլլայ եւ ո՛չ Արտաւազդին. իմ գլխուս վրայ եղբարցս ատելութեանը պիտի աւելնայ ստորին անարգութիւնն ալ:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Յաղթութիւնը քուկդ էր, եթէ յանկարծ չհեռանայիր դուն պատերազմի դաշտէն. մեր զօրքերը անգլուխ մնալով` շփոթեցան ու չկրցան դէմ դնել հայոց:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Օրհասաբեր մառախուղ մը պատեր էր միտքս պատերազմին ահեղ խառնուրդին մէջ. խառնաձայն աղաղակք, նիզակներու եւ սուսերաց շառաչմունք երկինք կը բարձրանային` գլխուս վրայ փլչելու ու զիս բիւր անէծքներով ու մահերով անհետ ընելու երկրիս երեսէն. դող առին ոսկորներս, քստմնեցան մազերս, դողդոջ քայլերով հեռացայ բանակէն: Անողոք ճակատագրին երկաթէ ձեռքը կը հալածէր զիս. բազմութիւն մը ծերոց եւ տղայոց, կանանց եւ օրիորդաց ողբական ձայներով շուրջ պատեցին զիս. «Տե՛ս, քու ծննդեանդ տեղերն են ասոնք, - կ՚ըսէին ինծի, - զօր թշնամիին ոտքերը կը կոխեն հիմա: Մեր երիտասարդ որդիքը եւ նորապսակ ամուսինք ինկան գունդագունդ հայրենեաց պաշտպանութեան համար. փութա՛, վազէ՛, խառնուէ՛ դուն ալ նահատակաց խմբին մէջ»: Ին՞չ, ես անոնց խմբին մէջ խառնուիմ, ե՛ս, որ իրենց արեամբը թաթխուած եմ: Այն ատենը իմ ամէն ոճիրներս դժնէտեսիլ իմ դիմացս կանգնեցան: «Արուսեա՛կ, - գոչեցի, - քեզի համար այս սեւ անդնդոց մէջ գլտորեցայ. ա՛հ, դուն ինծի գթած ձեռք մը կարկառէ՛ր», ու ցնորեալ կատաղութեամբ վազեցի Սոսեաց անտառը, տեսայ Արուսեակը գետնի վրայ տարածուած, ու չորս կողմը պատեր էին քրմերը: Ո՜հ, իւր կուսական ճակտին վրայ մահուան ձեռքը դպեր էր, անմռունչ էին կապուտակ շրթունքները, ու իւր ամբիծ հոգին օրհասական ժամուն հետ կը մաքառէր: Նուաղեալ աչուըները ինծի դարցուց, տեսաւ զիս, սարսուռ մը պատեց զինքը, ու աչուըները գոցուեցան յաւիտեան: Ա՜հ, չեմ գիտեր, թէ զիս տեսնալուն ուրախութիւ՞նն, թէ՞ սրտմտութեան անհուն զգացումն էր, որ օգնեց իւր կենացը առկայծեալ լոյսը շիջուցանել բոլորովին. չեմ գիտեր, թէ այս յետին նայուածքը սիրո՞յ, թէ՞ դառն կշտամբանաց նայուածք մըն էր, խոյս տուի ահաբեկ մահուան դիմացէն, եւ յուսահատութեանս մռնչիւնները հնչեցին խոր անտառին մէջ:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Փարատէ՛, ո՛, Արտաւազդ, մտքիդ շփոթութիւնը. իրաւունք ունէիր սուրդ Հայաստանին վրայ վերցնելու, որ այնչափ նախատեց զքեզ, եւ ամենայն չարեաց պարտական Վահէն է, չէ թէ դու։

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Երանի՜ թէ ինչուան վերջը հաշտ մնայի Հայաստանի ու Վահէի հետ: Երբ անտառէն դուրս ելայ, մտայ հայոց գերեզմանաց դաշտը, ծանրաբեկ գլուխս հանգչեցուցի մէկ գերեզմանական քարի մը վրայ. ո՜վ աղէտիցս. ճանչցայ իմ ծնողաց շիրիմը, կարծեցի, որ հողուն տակէն անէծքներ կ՚արձակէին ինծի դէմ. եւ ահա՛ իւրաքանչիւր դամբարաններուն վրայ հսկայաբար կանգնեցան դալկահար ուրուականք դիւցազանց Հայոց, որ իրենց սեւ պատանքները օդոյն մէջ ծածանելով` մահ կը սփռէին գլխուս վրայ: Ուրիշ բիւրաւոր, արիւնոտ ստուերներ հետամուտ կ՚ըլլային ինձի ողբաձայն աղաղակներով, մայրերը իրենց դեռածին որդեկաց դիակները գգուելով` կը ջանային զանոնք արթնցնել ի լոյս կենաց. իմ սուրս հնձեց բոլոր ազգի մը այդ գեղեցիկ բողբոջները, ու դեռ կենդանի՞ եմ… ա՜հ, անգէտ էի իմ ոճիրներուս, խաւարային ոգի մը պատեր էր միտքս. ո՜վ հայրենի բնագաւառք, նուիրական օթեւանք իմ հարցս ազգայնոցս, զձեզ ծունր դնելով կը պաշտեմ ես (Ծունկ կը չոքի):

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Ին՞չ կ՚ընես, կը մոռնա՞ս յունաց հետ ըլլալդ:

ԶՕՐԱԿԱՆ. Մատնիչ մըն է, թո՛ղ մեռնի:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Քու հաւատարիմ զինուորներդ տե՛ս, ինչպէ՞ս գրգռեցիր քեզի դէմ. ձեզի կ՚ըսեմ` յարգութիւն առ զօրավարն մեր, վշտաց դառնութունն է իւր շրթանցը թելադիր:

ԶՕՐԱԿԱՆ. Ալ ինքը Աղեքսանդրի զօրավարը չի կրնար ըլլալ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Անէծք իրեն, ձեզի, իմ անձիս, ատելութեանս ու քինախնդիր ոխութեանս. պատառեցէ՛ք զիս հոս, դաւաճանը դաւաճաններու ձեռքով թող սատկի. զարկէ՛ք:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Ո՛չ ոք մերձենայ իրեն. եթէ յանցաւոր է` Աղեքսանդրին կ՚իյնայ զինքը պատժելը. տանինք զինքը մեզի հետ. պատերազմաց աղմկին մէջ կը յուսամ, որ վերստին կը յիշէ իւր քաջութեան ու հաւաաւարմութեան պարտքերը:

ԱՐՏԱՎԱԶԴ. Ին՞չ, զիս յափշտակե՞լ կ՚ուզէք այս տեղերէն, որ Արուսեկին հայրենիքն է եւ ուր որ ինքը իւր վերջին շունչը արձակեց. մի՛ մօտենաք ինծի, անօրէնք. ահա ոտքիս տակը կ՚առնեմ Աղեքսանդրին ձեռքէն ընդունած զօրավարութեան ծիրանին, որ մատնութեան ծալքերուն մէջ պատեց զիս։ Աղեքսանդր իւր ազգին տէրութիւնը տիեզերաց վրայ տարածեց, ես իմ ձեռքովս ուզեցի քանդել իմ ազգիս տէրութիւնը:

ԶՕՐԱԿԱՆ. Մեռի՛ր։

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Ո՛չ, երդում ըրած ենք իրեն հնազանդելու:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Կը լուծեմ զձեզ ամէնքնիդ ալ այդ երդումէն. Փառասիրութեանս անյագ ցանկութեանը անսպառ նիւթ մատուցանող սիրոյս բոցերն աճիւնացան. հոս կորսնցուցի Արուսեակը, հոս դադրեցան իմ ամէն յոյսերս, զօրութիւնս եւ փառաց ու արեան ծարաւը. ճակատագիրս կատարուեցաւ, պէտք է որ մեռնիմ (Կ՚ուզէ զարնիլ ինքզինքը, Լիւսիմաքոս կ՚առնէ սուրը ձեռքէն), անգութ բարեկամ, կ՚ուզե՞ս որ հոս, անփառունակ մահուամբ վերջ տամ իմ կենացս, եւ հրկիզեալ քաղաքին լուռ պարսպացը վրայ հողաթաւալ տարածուի դիակս, եւ գուցէ օդը ցնդին իմ մոխիրներս։

ՏԵՍԻԼ Բ
ՅՈՅՆ ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Աղեքսանդր ինքնակալն մեր, մեծ բանակով հասաւ հանկարծակի եւ յարձակեցաւ հայոց վրայ, պատերազմը սկսած է. թագաւորը կը հրամայէ ձեզի իրեն հետ գալու միանալու:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Երթանք, ուր որ մեր ինքնակալին ձայնը զմեզ կը կոչէ. հոն է յաղթութիւնը:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Հոն պիտի գտնամ ես մահը (Կ՚երթան):

ՏԵՍԻԼ Գ
ԶԱՐՄԱՅՐ

Պատերազմը սկսաւ, գուցէ վերջինը, որ պիտի որոշէ իմ հօրս ու Հայաստանի բախտը, ու հայրս թոյլ չի տար ինծի, որ այդ ահեղ վայրկենին իր քովը գտնուիմ, թշնամուոյն դիմացը, Արամեան որդուոց մարտակից, որ իրենց արիական լանջացը վրայ կ՚ընդունին գոռ աշխարհակալի մը կայծակնացայտ հարուածները, ու կ՚ուզէ, որ Արմաւիրը պաշտպանեմ սակաւաթիւ զօրաց գնդով: Պիտի կատարեմ իմ պարտքս, անոր պարսպացը տակ պիտի սպասեմ թշնամուոյն` թէպէտեւ բուռն զօրութեամբ եւ յաղթական ըլլայ: Ո՜վ անմահ դիք, եթերական կամարէն հովանացէք Հայաստանին վրայ, եւ դուք, Թորգոմեան նախնի դիւցազունք, թող մի՛ տաք որ ձեր համբաւով, ու փառքովը լեցուած երկիրը կործանի, եւ ժանտ ոսոխին ոտուըները կոխեն ձեր փառաւորեալ փոշին: Թշուառ հայր, որ արեանց վտակներու մէջ ողողեալ, իւր կենացը, գահուն եւ հայրենեացը համար թերեւս հիմա օրհասական ճիգը կը թափէ ու չի գիտէր իւր բոլոր թշուառութիւնը: Արուսեակն ալ չիկայ, մեր վերջին յաղթութիւնը կատարելէն վերջը վազեցի արիւնաներկ Սոսեաց անտառը` աւետելու իրեն այդ բերկրաւէտ լուրը, բայց իւր վերջին շունչը քաղելու համար հասայ ես. «Երանի՜ թէ իմ մահս երջանկութեան զոհ մը ըլլար Հայաստանին, հօրս ու Արտաւազդին համար», - ըսաւ, ու եղբօրը գիրկը թռաւ իւր մաքուր հոգին… ո՜հ, անձկալի եւ թշուառ քոյր… բայց պատերազմին շշուկը կը սաստկանայ, զինուց շառաչմունքները կը մօտենան, վազեմ, մտնամ Արմաւիր (Կ՚երթայ):

ՏԵՍԻԼ Դ
ԱՐԴՈՒԱՐԴ, ՎԱՐԱԺ

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Յաղթանակեց դարձեալ Աղեքսանդր. ինկաւ Հայաստան, ու տապալեցաւ տիեզերաց բախտը: Աշխարհի երասանակները մէկ անձի մը բռնակալ ձեռքերուն անցաւ, ու մենք յետին ախոյեաններն եղանք ազգաց նուիրական իրաւանց: Մեր` Արտաւազդայ դէմ կանգնած յաղթանակը վերջին փայլն էր, որ զուարթացուց հայոց բլուրներն ու դաշտերը. հոս ընկան մեր քաջերը, ու Վահէ արդեօք անոնց դիականցը մէ՞ջ խառնուեցաւ. յաղթանակներու սովորած դիւցազնի մը ատելի է կենաց լոյսը պարտութենէ ետեւ: Երթանք Արմաւիր, Զարմայրին քով, իւր վրայ միայն մնաց Հայաստանի յոյսը:

ՎԱՐԱԺ. Այո՛, երթանք Արմաւիր. քանի որ դեռ օդը կը շնչենք ու սուր մը կը կրենք ձեռքերնիս, հարկ է մինչեւ ցմահ չդադրիլ պատերազմելէ հայրենեաց համար:

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Թշնամուոյն գումարտակները հոս` Արմաւրայ պարսպացը տակ պիտի խուժեն անշուշտ. մօտալուտ կործանումն հասած Է հայկազանց հոյակապ մայր քաղաքին վրայ, մեր տեղը հոն Է. վազենք ուրեմն:

ՎԱՐԱԺ. Վազենք հոն, դեռ արիւն ունինք թափելու (Կ՚երթան):

ՏԵՍԻԼ Ե
ՎԱՀԷ` ՎԻՐԱՒՈՐԵԱԼ

Իմ քաջ զօրքերուս բազմակոյտ դիականցը վրայէն դողդոջաքայլ կը թափառիմ ու լսեցի իրենց մահուան վերջին հռնչիւնները: Գետնի վրայ տարածուեր էին ամէնն ալ, սուրս ձեռքս չէր, որ նշան տար իրենց` ելլային ու յարձակէին պատերազմի դաշտը. սուրս փշրեցաւ, բայց թշնամուոյն արեանը մէջ… սակայն իմ արիւնս ալ կը վազէ… պիտի չի կրնամ հասնիլ Արմաւիր, բոցերը պիտի լափեն անոր պալատներն ու պարիսպները. ու Վահէն հոն չէ, որ կռուի, թէեւ մինակ ու անզէն, սուրերու, նիզակաց եւ բոցերուն հետ… Զարմայր, դուն հոն ես, դուն Վահէին որդին ես. մեռի՛ր անոր պարսպացը վրայ ու քաղաքին աւերակներուն տակ թաղէ թշնամիներն ալ. սակայն աչուըներս մթագնեցան… կը կոչեն զիս դիաթաւալ քաջազունքս… (Կ՚իյնայ նուաղեալ):

ՏԵՍԻԼ Զ
ԶԱՐՄԱՅՐ ԱՌԱՆՑ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՎԱՀԷՆ

ԶԱՐՄԱՅՐ. Արմաւրայ մէջ են թշնամիք, կը լսեմ իրենց աղաղակները քաղաքացուոց մահուան հեծութիւններուն հետ: Բոցերու մատնուած է արքայապանծ քաղաքը. փուճ տեղը իմ զօրքերս ու ես մեր արեամբը ներկեցինք իւր փողոցներն ու պատերը. բայց ու՞ր ես, Վահէ, հայր իմ, անշուշտ, պատերազմին սուրը հնձեց անողորմ քու փառաւորեալ կեանքդ: Երանի՜ քեզի, որ քաղաքիդ անկումը չի տեսար… ի՞նչ, իմ հայրս, մեռա՞ծ, ա՜հ, դառն է այս մտածմունքը. ո՛չ, ապրէ՛, դուն, հայր իմ, ապրէ՛ Հայաստանին ու քու որդուոյդ` Զարմայրին համար. քեզի հետ մէկտեղ կը վազենք Հայաստանին ամէն կողմը` նոր գնդեր յարուցանելու թշնամուոյն դէմ, նոր բանակներ կազմելու հայրենիքը կանգնելու համար. ապրէ՛ դուն, հայր իմ:

ՎԱՀԷ. Ին՞չ ձայն է, որ կը լսեմ։

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ո՞վ Է այն, չըլլա՞յ թէ… ո՜վ իմ հայրենիքս լափող բորբոքեալ բոցեր, արդեօք զո՞վ պիտի տեսնամ հոն ձեր նշոյլներովը (Կը մօտենայ), կը դողան ծնկուըներս… ո՜վ տեսիլ, իմ հայրս… դեռ շունչը վրան է, արիւնաթաթաւ, գետնի վրայ տարածուած. բայց գուցէ մահաբեր չէ՞ վէրքը. սիրտս կը բաբախէ, ո՜վ ուրախութիւն, ձեռքս կը սխմէ, այո՛ կենդանի Է:

ՎԱՀԷ. Ո՞վ ես դուն:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Քու որդիդ, քու սիրեցեալ որդիդ:

ՎԱՀԷ. Աղօտաձայն հառաչանք մը… ականջս զարկաւ… իմ որդուոյս անունը տուիր դուն. ո՜հ, ու՞ր էր, թէ իւր գրկացը մէջ կարենայի փչել իմ հոգիս:

ԶԱՐՄԱՅՐ. (Իւր թեւերուն կռթնելով` ծնկացը վրայ կ՚ելլայ Վահէ) Աւա՜ղ, դեռ չի ճանչցար զիս. այդպէս ուրեմն` զոհ ինկար դուն Հայաստանին համար:

ՎԱՀԷ. Ես՞… այո՛, ինկայ… զոհ Հայաստանին համար… որպէսզի, ամէն հայոց օրինակ ըլլամ (Կամաց-կամաց ուժ կ՚առնէ), բայց ինչու՞ դադրեցաւ պատերազմը, արեանց հեղեղներ վազցուցի ես թշնամեաց գնդերուն մէջ, երբ յանկարծ վէրք մը արիւնազանգ դիականց մէջ թռցուց զիս. բայց զօրութիւնս կ՚արծարծի… ու՞ր Է, ու՞ր է իմ սուրս. Վահէն եմ ես, կ՚ուզեմ պատերազմի մէջ մեռնիլ (Զարմայր իր սուրը կու տայ, որուն վրայ կռթնելով` Վահէ ոտքի վրայ կ՚ելլայ դողդոջուն), բայց զինուց շառաչմունքները ալ չեմ լսեր. փախա՞ն, ուրեմն, թշնամիք, ազա՞տ Է, ուրեմն, իմ դիւցազուն նախահարցս հայրենիքը… ո՜վ ցնծութիւն, թշնամուոյն ձեռքը չէ մօտեցեր իմ գահուս. թո՛ղ տուէք, որ երթամ, բազմիմ անոր վրան, Հայկազանց տէրութեան պանծալի գահն է անիկա. ա՜հ, գոնէ… սակայն կը նուաղիմ դարձեալ…

ԶԱՐՄԱՅՐ. (Կը նստեցնէ զինքը քարի մը վրայ) Հոս նստէ, հայր իմ, ու հանգչեցու՛ր ցաւոցդ տագնապը: Բայց ինքզինքը կորսնցուց դարձեալ… հայր իմ, անձկալի հայր, ի՞նչ կ՚ընեմ, աւելի լաւ չէ՞, որ ինչուան վերջը չգիտնայ իւր թշուառութիւնը, կը կարծէ, որ իւր գահը ու թագաւորութիւնը դեռ իր ձեռքն են, դեռ չի գիտեր Արուսեկին մահն ալ:

ՎԱՀԷ. Հո՞ս է իմ արքունիքս:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Արքունիք մահուան:

ՎԱՀԷ. Զարմայր… որդեակ իմ, Զարմայր… դու՞ն ես:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հայր իմ, գրկէ՛ քու որդիդ:

ՎԱՀԷ. Ու՞ր են իմ զօրքերս:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հո՛ն, դաշտին մէջ:

ՎԱՀԷ. Անշուշտ, Արմաւրայ մէջն ենք:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Արմաւիր մեր դիմացն է, հա՛յր:

ՎԱՀԷ. Ա՜հ, փարատեցան մտացս ցնորքները, ի՞նչ բոցեղէն լոյս է, որ աչուըներուս կը զարնէ. ինկան զօրքերս, կործանեցաւ գահս, Արմաւրայ մուխերը երկինք կը բարձրանան… ո՜վ Հայաստան, Հայաստանդ իմ: (Գետինը կ՚իյնայ):

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ո՜վ հայր իմ, ապրէ՛ իւր վրէժը առնելու համար:

ՎԱՀԷ. Ես պիտի մեռնիմ, ու դուն յաջորդէ՛ ինծի` իմ ու ազգիդ վրէժը առնելու. եթէ չի յաջողիս` մեռի՛ր դուն ալ քու հօրդ պէս: Անմահ է առաքինի քաջութիւնը, ու անիծեալ են Արտաւազդի պէս հայրենեաց դաւաճանները… որդեա՛կ, երկնից անէծքը անոր գլխուն վրայ կը պտտի կայծակի պէս, ու Արուսեկին…

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ա՜հ, հայր իմ, մի՛ անիծեր Արուսեկը, այլ լա՛ց անոր վրայ:

ՎԱՀԷ. Ես լա՞մ Արուսեկին վրայ:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Այո՛, մեռաւ ու սիրոյ եւ առաքինութեան մաքուր զոհ` թռաւ երանութեանց գրգարանը, կրկին անգամ իւր սիրտը քու յիշատակիդ վրան բաբախեց եւ Հայաստանին (Լայ):

ՎԱՀԷ. Ներէ՛, դուստր իմ… քիչ մը ետքը քեզի կու գամ ես. թէ որ Արտաւազդին շունչը բիծ մը թողուցած է քու կուսական ճակտիդ վրայ, իմ ուրուականիս ցուրտ համբոյրներովը պիտի մաքրեմ զայն… ո՜հ, դուն հիմա, անշուշտ, մեր հսկայազարմ դիւցազանց գիրկը նստած` անոնց գգուանքներուն մէջ կը մխիթարուիս Հայաստանին թշուառութեանցը վրա… բայց ես, ես անմխիթար պիտի ըլլամ երանաւէտ օթարանաց մէջն ալ իմ հայրենեացս վրայ… ինչուան որ… բայց զինուց ձայն է… չըլլայ, թէ թշնամիք… որդեակ Զարմայր… եկու՛, թեւերուդ կռթնիմ… որպէսզի համարձակ կարենամ շարժիլ… սուրս:

ՏԵՍԻԼ է
ԱՐԴՈՒԱՐԴ, ՎԱՐԱԺ, ԶՕՐԱՎԱՐՔ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Վերջապէս գտանք զքեզ, տէր, բայց ի՞նչ վիճակի մէջ:

ՎԱՀԷ. Ո՜վ երջանկութիւն, իմ քաջերս են… հայոց գիրկը պիտի արձկեմ վերջին շունչս… հեռու՞ են ինձմէ թշնամիք եւ Արտաւազդ…

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Ինկաւ դաւաճանը իւր արեան մէջ. մեր հոս գալու ատենը տեսանք զինքը միայնակ դաշտին մէջ, յուսահատ եւ խոժոռադէմ, նիզակներ եւ նետեր տեղացինք ոյր վրան, ու մահացու զինուց տակ թաղուեցաւ. մօտեցանք իւր դիակին քով ու տեսանք, որ անզէն էր:

ՎԱՀԷ. Անմահ է աստուածոց արդարութիւնը… Արդվա՜րդ, օրհասաբեր վայրկեանը կը մօտենայ. քեզի կը յանձնեմ իմ որդիս… ու Հայաստանը… մօտեցէ՛ք ինծի… քաջ զօրականքդ իմ… ձեր արեան մինչեւ վերջին կաթիլը… թափեցէ՛ք հայրենեաց համար… որպէսզի ամէնքը իմանան… թէ դուք ատենօք Վահէին դրօշակին… տակ զինուորներ էիք… մոտեցէ՛ք ինծի… հայ զէնքերու փայլմունքը… վերջին անգամ… զարնեն աչուըներս… ու անկէ ետքը… յաւիտենական մութի… մէջ… ծածկուին… (Կը մեռնի):

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հա՛յր իմ, հա՜յր իմ (Կու լայ):

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Իւր վերջին խօսքերը սուրբ պատգամներ են մեզի համար. երթանք, քաշուինք մեր բարձրաբերձ լեռներուն մէջ, հոն աչուընիս Հայաստանին վրայ ըլլայ:

Վերջ