ԱՐԱՐՈՒԱԾ
Ա
Տեսարանն
է
բերդ
Գիշեր
ՏԵՍԻԼ
Ա
ԿՈՌՆԱԿ
(ԵՐԿԻՆՔԸ
ԴԻՏԵԼՈՎ)
Տխուր
է
գիշերուան
երեսը,
փայլակներ
կը
ցոլան
սեւ
ամպերուն
վրայ,
փոթորիկը
կը
գոռայ,
կարծես
թէ
երկինք
թշնամուոյս
դաշնակից
Բզնունեաց
վրայ
ժողվեր
են
իրենց
բարկութիւնը,
բայց
իմ
ներսիդիս
աւելի
կատաղի
փոթորիկ
մը
կը
գոռայ:
Բախտը
իր
երկաթի
ձեռքովը
ինչուան
հոս
մղեց
զիս,
ու
քայլ
մի
անդին
վիհ
մը
կայ
գահավէժ:
Աս
խարխուլ
բերդս
ինձի
պալատ,
գահ
ու
վերջին
ապաւէն
թողուց,
ու
թագաւորավայել
տեսարան`
արեանց
հեղեղներ,
պատերազմաց
խառնակութիւն,
հսկայաձեւ
բաբաններուն
հարուածները,
որ
բերդիս
հիմունքը
կը
խախտեն,
գերանդազէն
կառաց
անիւներուն
որոտալը:
Աս
գիշեր
տեսայ,
ո՛վ
ահռելի
տեսիլ,
տեսայ
դարձեալ
ատ
արիւնաթաթաւ
ստուերը,
իր
սարսափելի
ողջոյնը
մնջեց
դարձեալ
ականջս
ու
արթնցուց
զիս։
Այսչափ,
ուրեմն,
մեծ
զօրութիւն
ունի
ոճիրը,
որ
երկնից
մարդկանց
ու
գերեզմանական
ոգիներուն
բոլոր
կատաղութիւնը
իրեն
դէմ
կը
շարժէ,
(Կ՚երթայ
կը
նայի
բերդին
լուսամուտէն),
ահա
անհուն
դաշտին
երեսը
ու
բլուրներուն
վրայ
ասդին
անդին
վառուած
կրակները
ու
խարոյկները
գիշերուան
թանձր
մթութիւնը
փարատելով,
կ՚իմացնեն
ինձի,
որ
իր
հանգստեան
քնոյն
մէջն
ալ
թշնամուոյն
կատաղութիւնը
միշտ
արթուն
է։
Բայց
Զաւէնը
դեռ
չի
դարձաւ,
ո՜վ
իմ
քաջ
առիւծս
Զաւէն,
փուճ
տեղը
խարխուլ
նախարարութեանս
սիւները
կ՚ուզես
բռնել:
Բզնունեանց
ու
Կոռնակայ
ետքի
ժամը
հասած
է.
գուցէ
վերջին
անգամուն
արեւը
Բզնունեաց
վրայ
կը
ծագի
եւ
կամ
ասկէ
ետքը
անոր
տխուր
աւերակները
պիտի
լուսաւորէ,
բայց
ահա
իմ
Զաւէնս:
ՏԵՍԻԼ
Բ
ԶԱՒԷՆ,
ԿՈՌՆԱԿ
ԶԱՒԷՆ.
Տէ՛ր
ուրախացի՛ր,
աս
գիշերս
մեր
դիւցազնական
քաջութեան
հրաշալիքներովը
փայլեցաւ:
Վատ
թշնամիք,
որ
չէին
գիտեր,
թէ
մեր
ձեռքը
Հայկայ
սուրը
կը
ցոլայ,
արեւուն
ճառագայթիցը
կը
սպասէին
իրենց
կատաղութեան
ու
զէնքերուն
ձայնը
մեր
ականջը
թնդացնելու
ու
յաղթութեան
դրօշները
մեր
բերդին
վրայ
տնկելու
համար,
բայց
գիշերը
կանխեց
ատ
գեղեցիկ
յոյսերնին,
կլլեց
ու
մահուան
գիրկը
արթնցան:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ըսէ՛
ինծի,
Զաւէն,
ուսկի՞ց
կու
գայ
քեզի
ատ
հանկարծական
մտաց
յափշտակութիւնը,
ըսէ՛
ինծի,
նայիմ,
ինչու՞
երեւակայութիւնդ
այդչափ
բորբոքեր
է,
եւ
կամ
ի՞նչ,
բարեգուշակ
լուրեր
կը
բերէ
ինձի:
ԶԱՒԷՆ.
Մտիկ
ըրէ,
տէր
իմ,
ու
դատէ՛.
մտաց
յափշտակութիւն
է,
չէ
նէ
փառաւոր
ճշմարտութիւն
մը:
Գիտե՞ս,
տէր
իմ,
քանի,
քանի
անգամ
գանգատեր
եմ
քեզի,
թէ
ինչուան
ե՞րբ,
ե՞րբ
փակուած
պիտի
մնանք
աս
բերդիս
մէջ`
չորս
կողմէն
պաշարուած,
ինչուան
ե՞րբ
թշնամուոյն
նախատանացը
համբերենք:
Թող
տուր
մէյ
մը
ազատ
դաշտին
մէջ
ցցնենք
ճակատնիս
անոնց.
բայց,
դուն
քու
վատ
խոհեմութեանդ
ձայնին
մտիկ
ըրիր,
անով
մեր
փառքը
մթնցաւ,
անով
թշնամին
յանդգնեցաւ
ու
գոռոզացաւ:
Այս
գիշեր,
երբ
իմ
սովորական
պահպանութիւնս
ընելու
գացեր
էի
պարիսպին
ան
կողմը,
որ
բաբաններուն
հարուածներէն
քայքայեր
ու
լայն
խրամատ
մը
բացուեր
էր,
միտքս
հակառակ
խորհուրդներու
մէջ
կը
ծփար:
Հայրենեացս
ներկայ
ու
ապագայ
թշուառութիւնները
աղիքներս
կը
կեղեքէին,
ու
պահ
մը
լեղի
արցունքներ
վազեցին
աչուըներէս:
Լուռ
ու
մութ
էր
ամէն
բան,
միայն
հեռուէն
Եփրատայ
կարկաջանքը,
որ
կարծես
թէ
իր
ափանցը
վրայ
կը
հառաջէր,
իմ
ականջս
կը
զարնէր:
Մէյ
մըն
ալ
յանկարծ
հսկայ
դիւցազն
մը
կարծեցի
տեսնել,
չեմ
գիտեր
Հա՞յկն
էր`
չէ
նէ
Տրդատ,
երեսին
վրայ
սգոյ
նշաններ
կային,
դէպի
ինձի
մօտենալով
ահաւոր
ձայնով
մը
որոտաց.
«Զաւէ՛ն,
Հայաստան
իր
կործանման
վհին,
մօտեցեր
է,
-
ու
մատովը
անդունդ
մը
ցցուց
ինձի,
—
գուցէ
դու
միայն
կարենաս
փրկել
զինքը»,
-
ու
նոյն
ատենը
Մասիսին
ձիւնապատ
վսեմ
գագաթը,
որուն
վրայ
աստղները
կը
փալփլէին
աչքիս
դպաւ:
Աս
տեսքը
սրտիս
մէջ
յուսոյ
քաջալերութեան
ու
վրիժուց
կրակները
վառեց:
Ձայն
տալով
իմ
քաջերուս`.
«զօրականք,
-
ըսի,
-
նայեցէք
սա
ընդարձակ
դաշտը`
մեր
թշնամեաց
բազմութեամբը
լեցուած,
երթանք
ու
անոնց
դիակներով
ծածկենք
զանիկա,
իրենց
արեանը
մէջ
թող
խեղղուին,
երթանք
ու
մեր
փառաց
ու
քաջութեան
քարոզ
եւ
վկայ
Մասիսը
թողունք,
որ
ահա
իր
վեհ
գլուխը
վեր
վերցուցած
ամպերուն
մէջէն
զմեզ
կը
դիտէ»:
Ուրախութեան
աղաղակներով
ընդունեցան
անոնք
աս
իմ
հրաւէրս,
ամէնուս
ձեռքը
մէյ
մէկ
ջահ
վառուած`
բացինք
բերդին
դռները
ու
յարձակեցանք
սաստկութեամբ
թշնամեաց
վրայ,
որ
խորունկ
քունի
մէջ
թաղուած
կը
խորդային,
ու
սկսանք
զարնել,
կործանել,
երել:
Լափող
բոցը,
արեանց
հեղեղները
ու
թանձր
ծուխը
մէկզմէկու
խառնուեցան.
ալ
ո՞վ
կրնայ
ատ
գիշերուան
ահռելի
տեսարանները
նկարագրել,
շփոթութիւնը,
խառնագոչ
աղաղակները,
վիրաւորաց
ողբն
ու
վայնասունը:
Շատ
դարեր
պիտի
ողբան
Մանաւազեանք
աս
գիշերուան
մէջ
ըրած
կորուստնին,
բայց
դուն,
տէր
իմ,
ինչու՞
լուռ
ու
տրտում,
գլուխդ
կախեր
ես:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ա՜հ,
Զաւէն,
նայէ,
արշալոյսը
ինչպէս
աղօտ
փայլեցաւ,
արեւուն
երեսը
արիւնագոյն
ներկուած
է,
մահաբեր
օր
մը
ծագեցաւ
մեզի:
Ա՜հ,
աս
օրս
կ՚ուզէի,
որ
ժամանակին
մութ
ծոցին
մէջ
յաւիտեան
ծածկուած
մնար:
ԶԱՒԷՆ.
Ո՞վ
գիտէ,
գուցէ
քու
աթոռդ
աւելի
հաստատելու
ու
պայծառացնելու
համար
ծնաւ
մեզի
աս
օրս:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ին՞չ
կը
կարծես,
Զաւէն,
որ
ազգիս
բնաբարձ
ջնջուիլը
ու
գահիս
կործանումը
բանի
մը
տեղ
կը
սեպե՞մ
ես.
Է՛հ,
դուն
չես
գիտեր
թէ,
իշխանական
թագին
զարդերը`
խայթոցներ,
փուշեր,
նեղութիւն,
յոգն
ու
տագնապն
Է,
ու
իշխան
ըսածդ
ընծաներով
զարդարած
զոհ
մըն
Է:
Չ՛է,
չէ՛ ,
ատ
մտածութիւնները
չեն,
որ
իմ
սրտիս
վրայ
երկաթի
պէս
կը
նստին.
չի՞
տեսար,
Զաւէն,
քանի,
քանի
անգամ
ձեռքս
ճակտիս
վրայ
տարեր
եմ
ու
հոն
մէկ
ահռելի
յիշատակ
մը,
նշան
մը
բռնի
ուզեր
եմ
աւրել:
Այսչափ
տարուընէ
ի
վեր
չես
գիտեր,
Զաւէն,
որ
ամէնուն
աչքէն
ու
ինքզինքէս
ալ
կ՚ուզեմ
պահուըտիլ,
ամէն
բանի
վրայ
տրտմութիւն,
մահ
ու
սարսափ
կը
տեսնամ,
աս
արեւուն
լոյսն
ալ
կ՚ատեմ
ես,
որ
բոլոր
բնութեան
երեսը
կենդանութիւն
ու
զուարթութիւն
կը
փայլեցնէ:
ԶԱՒԷՆ.
Սիրտ
ա՛ռ,
քաջալերուէ՛,
մի
այդչափ
ինքզինքդ
նուաստացներ,
ուր
են
Կոռնակայ
անընկճելի
արիութիւնը,
անյաղթելի
սիրտը
ու
քաջութիւնը:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ամէն
բան
կորուսի
ես`
քաջութիւն,
սիրտ
ու
փառք,
զօրութիւնս
ու
բաղդս.
հիմա
երկնից
ատելի
ու
մահկանացուաց
յետին
անարգ
արարածն
եմ:
ԶԱՒԷՆ.
Կը
տեսնամ,
տէր
իմ,
որ
մէկ
սեւ
մտածմունք
մը
կամ
գաղտնիք
մը
կը
պահես
ինձմէ:
ԿՈՌՆԱԿ.
Այո՛,
Զաւէն,
մէկ
սեւ
մտածմունք
մը,
ու
չես
գիտեր,
թէ
ո՛րչափ
դառն
ու
սոսկալի
է.
աչուըներդ
սրտիս
մէջ
չեն
անցնիր,
ու
չես
տեսնար,
որ
մէկ
ահագին
փոթորիկ
մը,
մրրիկ
մը
վեր
ի
վայր
կ՚ընէ
աս
սիրտս:
Ա՜հ,
չես
գիտեր,
թէ
որչափ
դժբախտ
եմ
ես,
չես
գիտեր
որ
ես
մէկ
անօրէն,
անիծեալ
ու
երկնից
բարկութեան
ձեռքը
մատնուած
անձ
մըն
եմ:
ԶԱՒԷՆ.
Տէ՛ր,
չըլլայ,
որ
երեւակայութիւնդ
մութ
ու
տխուր
երեւոյթներ
ստեղծելով
քու
միտքդ
այլայլած
ու
շփոթած
ըլլայ:
Ո՛հ,
մարդկային
տկարութիւնը
միշտ
պատրաստ
է
ինքզինքը
փուճ
պատճառներով
թշուառացնելու,
շատ
անգամ
արեւուն
ճառագայթները
իր
գըլխուն
վրայ
կախուած
մէյմէկ
սուրեր
կը
կարծէ,
ամէն
ծաղկանց
մէջ
թունաւոր
օձեր
կը
տեսնայ,
ամէն
մէկ
քայլ
առնելուն
կը
կարծէ,
թէ
վհերու
մէջ
պիտի
իյնայ,
ամէն
գեղեցիկ
գոյն
ու
լոյս
սեւ
ու
դալկահար
կ՚երեւայ
իր
աչքին:
ԿՈՌՆԱԿ.
Երանի՜
թէ
ատանկ
ըլլար.
բայց
կը
ճանչնա՞ս
դուն,
թէ
ո՞վ
եմ
ես,
գիտե՞ս,
թէ
աս
ձեռքս
որչափ
արեանց
մէջ
լողացեր
է:
Տեսե՞ր
ես
դուն
գերեզմաններուն
բացուիլը
ու
մեռելոց
ոգիներուն
դուրս
ցատկելը,
զիս
գահէս
վար
գլտորելու
ու
գլխուս
վրայէն
թագս
յափշտակելու
համար.
կը
լսե՞ս
դուն
ամէն
օր
մէկ
ձայնի
մը
կայծակի
պէս
որոտալը`
մեռի՛ր
արիւնարբուդ:
Այո՛,
պիտի
մեռնի՛մ,
պատրաստ
եմ,
ահա
քեզի
իմ
կուրծքս,
զարկ,
թափէ
արիւնս,
որ
մէյ
մըն
ալ
չի
տեսնամ
զքեզ,
ո՜վ
անգութ
ուրուական,
ու
նախարարութեանս
թագը
գետինը
զարկէ՛ք,
կտոր-կտոր
ըրէ՛ք.
երեցէ՛ք,
մոխիր
դարձուցէ՛ք
ու
փոշին
աշխարհքիս
չորս
կողմը
ցրուեցէ՛ք
ու
քարոզեցէք
որ
անիրաւութիւնն
ու
ոճիրը…
բայց
ի՞նչ
կը
խօսիմ
ես:
ԶԱՒԷՆ.
Քու
խօսքերդ
սարսափով
կը
լեցնեն
զիս,
տէ՛ր.
կը
տեսնամ,
որ
խղճմտանքիդ
խայթոցը
զքեզ
սաստիկ
կը
տանջէ,
բայց
որն
է
ատ
ոճիրը
ու
անիրաւութիւնը,
որ
երկնից
բարկութիւնը
քեզի
դէմ
գըրգռեր
են,
տէ՛ր:
Բաց
քու
սիրտդ
հաւատարիմ
Զաւէնիդ,
որ
միայն
քեզի
ու
Հայաստանին
համար
աս
օդս
կը
շնչէ,
որ
քու
վրադ
իր
կեանքը
դնելով`
այնչափ
արիւնալից
յաղթութիւններ
վաստկեցաւ
ու
քու
եւ
Հայաստանի
փառացը
համար
այսչափ
թշնամիներ
զոհեց:
Մի՛
ծածկեր
ինձմէ
քու
թշուառութեանցդ
պատճառը,
գիտես,
որ
աղեկէզ
վշտաց
թոյնը
զանոնք
ուրիշի
հաղորդելով`
մինակ
դուրս
կը
թափուի:
ԿՈՌՆԱԿ.
Իմ
վիշտերս
ուրիշի
յայտնելով`
աւելի
պիտի
ծանրանան
սրտիս
վրայ,
ա՜հ,
մի
ստիպեր
զիս
սոսկալի
գաղտնիք
ու
ճշմարտութիւն
մը
դուրս
հանելու,
անանկ
մէկ
գաղտնիք
մը,
որ
գիշատիչ
հրէշի
մը
պէս
ներսիդիս
կ՚ուտէ
ու
կը
փճացնէ,
ու
աս
ատելի
կեանքս
հատցընելով`
կը
սնանի,
անանկ
մէկ
գաղտնիք
մը,
որ,
եթէ
դուրս
հանեմ,
զարհուրի
պիտի
բնութիւնը,
ու
քու
արիւնդ
երակներուդ
մէջ
պիտի
պաղի։
Մի՛
բռնադատեր,
թո՛ղ
զիս,
Զաւէն,
կ՚աղաչեմ:
ԶԱՒԷՆ.
Ինձի
ամէնէն
սոսկալի
բանը
քու
եւ
իմ
Հայրենեացս
թշուառութիւնն
է,
ուրիշ
բանէ
չի
վախնար,
Զաւէն:
Յայտնէ
ինձի
քու
գաղտնիքդ,
տէր,
ու
անկէ
ետքը
թո՛ղ
զիս
իմ
առիւծներուս
հետ
թշնամուոյն
դէմ:
Բայց
ահա
քու
ոտուըներդ
իյնալով`
կ՚աղաչեմ
քեզի,
տէր,
կտրէ
ատ
մահաբեր
լռութիւնդ,
չէ
նէ
հիմա,
հաւատայ,
սուրս
իմ
կեանքս
կը
վերցնէ:
ԿՈՌՆԱԿ.
Կ՚ուզե՞ս,
կը
խնդրե՞ս,
Զաւէն,
ելիր
ոտք
(կը
հանէ
սուրը):
ԶԱՒԷՆ.
Ո՜հ,
ի՞նչ
սուր
է
անիկա:
ԿՈՌՆԱԿ.
Սուր
մահուան,
ու
գիտես,
թէ
որո՞նց
արիւնովը
կը
մխայ:
ԶԱՒԷՆ.
Որո՞նց
արիւնովը,
տէ՛ր։
ԿՈՌՆԱԿ.
Լսէ՛
ու
սոսկացիր:
Աս
սուրս
է,
որ
փոխանակ
օտար
թշնամեաց
սիրտը
խոթուելու,
իմ
հպատակներուս
արեանը
մէջ
շողաց.
աս
սուրս
Է,
որ
Կամսարականաց
ցեղը
արմատէն
կտրեց
ձգեց,
ասիկա
է,
որ
եղբօրորդուոյս`
Վասակին
կեանքը
վերցուց
աս
սուրս
է,
որ
Հայաստանին
վրայ
գազան
թշնամիները,
թշուառութիւնները,
սովն
ու
գերութիւնը
հրաւիրելով
աւերակներուն
տակը
թաղեց
զանիկա
աս
սուրս
է,
որ
իմ
իշխանութեանս
պատմութիւնը
արիւնագիծ
տառերով
գրեց
Հայաստանին
պարիսպներուն,
դաշտերուն
ու
քաղաքաց
վրայ:
Եթէ
մէյ
մը
շարժելու
ըլլամ,
կը
տեսնա՞ս,
որչափ
կաթիլներ
կը
սրսկէ.
վերջապէս`
սուրս
է,
որ
երկնից
անէծքը
յափշտակելով`
ճակտիս
վրայ
անջնջելի
դրոշմեց:
Լսեցի՞ր,
իմացա՞ր,
Զաւէն.
լուռ
կը
կենաս,
չես
խօսիր:
ԶԱՒԷՆ.
Լսեցի,
իմացայ,
բայց
կ՚աղաչեմ,
տու՛ր
ինձի
ատ
սուրը:
ԿՈՌՆԱԿ.
Քեզի՞
մի
տամ,
թո՛ղ
տուր
ատ
գազանը
իմ
քովս,
դեռ
կշտացած
չէ:
ԶԱՒԷՆ.
Ալ
ի՞նչ
բանի
կրնայ
ծառայել
քեզի,
տէ՛ր:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ին՞չ
բանի
կրնայ
ծառայել
ինծի.
երբոր
յաւիտենականութեան
մէջ
մահուան
հրեշտակը
դժոխքին
կատաղիներուն
աւետիս
տալով`
կենացս
վերջի
ժամը
զարնէ,
աս
սուրս
դահիճ
պիտի
ղրկեմ
աղիքներուս:
ԶԱՒԷՆ.
Ո՜հ,
ահով
ու
սարսափով
կը
լեցուիմ
ես:
ԿՈՌՆԱԿ.
Դեռ
բան
մը
չի
լսեցիր,
Զաւէն,
ու
կը
սարսափի՞ս,
վասնզի
լսածներդ
թեթեւ
ու
գրեթէ
ոչինչ
բաներ
էին,
բայց
որովհետեւ
ստիպեցիր
զիս,
մտիկ
ըրէ
ինչուան
վերջը
ու
տես,
թէ
իմ
իշխանութեանս
Էն
փառաւոր
գործը
ո՞րն
եղած
Է:
Երբոր
ես
բոլոր
աստուածային
ու
մարդկային
իրաւունք
ոտքի
տակ
առնելով`
ամէն
տեսակ
չարիք
ու
անգթութիւն
ինձի
զբօսանք
ու
հաճոյք
ըրեր
էի,
հօրս`
Աշոտէն
թուղթ
մը
ընդունեցայ:
Գիտես,
որ
գահասիրութեան
փափագով
վառուած`
մերժեր
էի
հայրս
աթոռէն,
որ
սրտին
ցաւէն
աչուըները
կուրցած`
Ներսէսին
քով
ապաւիներ
էր.
ես
խնդրեցի
Ներսէսէն,
որ
չընդունի
զինքը,
անիկա,
գիտես,
որ
մտիկ
չըրաւ,
ու
անկէ
բռնկեցան
մեր
թշնամութիւնները,
ու
մէկ
հատիկ
սիրական
զաւակս
պատերազմի
սուրը
հնձեց
ծաղիկ
հասակին
մէջ:
ԶԱՒԷՆ.
Այո՛,
գիտեմ
ասոնք.
բայց
ըսէ
ինծի,
թղթին
մէջ
ի՞նչ
գրուած
էր:
ԿՈՌՆԱԿ.
Թղթին
մէջ
մոլորական
գրերով
այսպէս
գրուած
էր.
«Կը
լսեմ,
որդեակ,
որ
դուն
ալ
անօրէնութեան
ճամփուն
վրայ
կը
քալես,
ա՜հ,
կը
դողամ,
կը
վախնամ,
որ
ինծմէ
աւելի
չար
չըլլաս,
ու
աւելի
չարեաց
մէջ
չը
թաղես
Հայաստանը:
Լսէ՛,
որդեակ,
քու
հօրդ
ձայնին,
որուն
աչուըները
յաւիտենական
մութի
մէջ`
դողղողած
մատուըներով
աս
խօսքերս
քեզի
կը
գրէ,
ու
խիստ
ուշ
զղջալով
իր
ըրածներուն
վրայ,
կ՚աղաչէ
քեզի,
որ
հասուցած
վնասները
անդարմանելի
չընես:
Ե՛տ
դարձիր
ատ
ճամփէն,
անոր
ծայրը
վիհ
կայ,
որուն
մէջ
բոլոր
ազգդ
քեզի
հետ
քաշկռտելով`
կրնաս
իյնալ
դուն»:
Գիտե՞ս,
ինչ
ազդեցութիւն
ըրին
սրտիս
վրան
աս
խօսքերը,
ու
աս
թղթին
ինչպէ՞ս
պատասխանեցի:
ԶԱՒԷՆ.
Ին՞չ,
տէր:
ԿՈՌՆԱԿ.
Ծանր
եկաւ
ինծի
հօրս`
զիս
իրաւամբ
կշտամբելը,
ու
հայրական
սիրոյ
խրատները
փոխանակ
զգաստացնելու
զիս,
թոյն
ու
լեղի
խմցուցին
ինծի,
անլուր
ու
դժոխային
կատաղութեամբ
ցնորած
հօրս
պահպանին
կաշառք
կերցուցի
ու
անոր
ձեռքովը
խղդել
տուի
հայրս:
ԶԱՒԷՆ.
Ին՞չ
կը
լսեմ
ես.
ուրեմն
հայրասպան,
մարդկութեան
նախատինք
հրէշ
մըն
ես,
ու
ես
քեզի
համար
այնչափ
արիւն,
քրտինք
թափեցի:
ԿՈՌՆԱԿ.
Տե՛ս,
թէ
իմ
թշուառութիւններս
ինչպիսի
դառն
աղբիւրներէ
կը
բխին:
Տե՛ս,
թէ
աստուածային
զարհուրելի
վրէժխնդրութիւնը
աս
բերդիս
մէջ
իւր
բոցեղէն
թեւերովը
զիս
պաշարեր
է,
չէ
թէ
վատ
Մանաւազեանք:
Անկեց
ի
վեր
է,
որ
գիշեր-ցերեկ,
ուր
որ
երթամ,
ինծի
հետ
մէկտեղ
կը
տանիմ
անմեռ
թունաւոր
որդ
մը,
որ
սրտիս
պլլուած
ուրախութիւնը
երակներէն
կը
կծէ,
ծայրը
երեսէս
կը
կտրէ,
ու
ամէն
զուարճութիւն
լեղի
ու
մաղձ
կը
դարձնէ
ինծի
համար:
Անկեց
ի
վեր
է,
հօրս
ուրուականը
ամէն
օր,
ամէն
ժամ,
ամէն
վայրկեան
աչքիս
առջեւը
կը
տեսնամ,
որ
ինծի
անէծք,
մահ
կը
պոռայ
գիշերուան
անհանդարտ,
խռովայոյզ
քունիս
մէջն
ալ,
վասնզի
կա՞յ
մի
անօրէնին
հանդարտ,
հանգիստ
քուն:
Կը
տեսնամ
զինքը,
որ
գերեզմանէն
դուրս
ելլելով`
ճերմակ
պատանքներովը
կամաց-կամաց
ինձ
կը
մօտենայ
ու
նորանշան
գետնաբնակ
հրէշի
մը
պէս
անկողնիս
վրայ
կը
տարածի,
պաղած
ու
ոսկոր
դարձած
թեւերը
վիզս
փաթթելով
կուզէ
խեղդել
զիս:
Ո՜հ,
անիկա
մահուանս
ցուրտ
դամբարանին
վրայ
ալ
նստելով`
պիտի
սպասէ
ինծի
ինչուան
վերջի
ահաւոր
օրը,
ու
երբ
յաւիտենից
քունէն
արթննամ
ես,
մազերէս
բռնած
պիտի
քաշքռտէ
զիս
արդարութեան
գահին
դիմացը
ու
«վրէ՛ժ,
վրէ՛ժ»
պիտի
պոռայ:
ԶԱՒԷՆ.
Տէ՛ր,
քու
խօսքերդ
անանկ
սարսափով
ու
ապշութեամբ
լեցուցին
զիս,
որ
ինչուան
հիմա
լսածներս
անհաւատալի
կ՚երեւնար
ինծի:
Անգութ
բաղդը
աչուըներդ
կուրցուցեր
ու
ձեռքիդ
առաջնորդեր
է.
բայց
աւելի
լաւ
չէ՞,
որ
աս
սոսկալի
գաղտնիքները
մութ
քօղի
մը
տակ
ծածկենք:
Իրաւ,
մեծ
եղեր
են
քու
յանցանքներըդ,
սակայն,
անշուշտ,
անկեղծ
զղջումդ
ու
խղճմտանքիդ
տանջանքները
երկնից
արդարութեան
գութը
շարժեցին
քու
վրադ:
Թո՛ղ
տուր
մեռելները
հանգիստ
իրենց
գերեզմաններուն
մէջ.
աւելի
հարկաւոր
նիւթերու
վրայ
դարձնենք
մտածութիւննիս:
Պատերազմի
կրակը
մեր
չորս
կողմը
կը
վառի,
անշուշտ,
թշնամին
գայ
պիտի
իւր`
աս
գիշերուան
մէջ
կրած
վնասներուն
հատուցում
պահանջելու,
բայց
կը
յուսամ
…
ԿՈՌՆԱԿ.
Ին՞չ
յուսալ.
է՛հ,
մէկդի,
մէկդի
դրէք
ատ
խաբեբայ
հույսերը,
ամէնքնիդ
ալ
լացէ՛ք,
գլուխնիդ
հողի
ու
մոխիրներու
մէջ
թաթխեցէք,
վասնզի
Հայաստանի
վերջի
օրհասական
հոգեւարքի
ժամը
հասաւ,
մութ
ամպ
մը
բերդիս
վրայ
իջաւ,
թանձրացաւ.
Կը
լսէ՞ք
կայծակներուն
որոտալը,
որ
իւր
սեւ
ծոցէն
մեր
վրայ
կը
թափէ,
լսեց,
արթնացաւ
մահուան
ոգին,
ձայն
տուաւ
իւր
պաշտօնէից
ու
վազեցին
մէկտեղ
արեանց
ու
դիակներու
կոչունքին:
Ահա՛
բերդիս
չորս
կողմը
ձեռք-ձեռքի
առած,
մռնչելով`
ուրախութեան
պար
կը
բռնեն,
փայտակոյտները
դիզուեցան,
բոցը
բերդիս
հիմունքը
կը
լզէ,
բարձրացաւ,
վիշապի
պէս
վեր
ցատկեց,
թո՛ղ
տուէք,
որ
ես
ալ
մէջը
մոխիր
դառնամ
…
ԶԱՒԷՆ.
(Բռնելով
զինքը)
Կոռնակ,
ինքզինքիդ
եկուր.
տե՛ս
քու
հաւատարիմ
Զաւէնդ
քու
քովդ
պատրաստ,
ինչուան
վերջի
կաթիլը
արեան
պաշտպանելու
զքեզ:
Ես
ալ
քեզմէ
աւելի
կը
փափագիմ
մահուան,
տէ՛ր
իմ,
բայց
ինչպիսի՞
մահուան.
երթանք
հոն,
պատերազմի
դաշտը
ու
Զաւէնը
սորվեցնէ
քեզի,
թէ
ինչպէ՞ս
պէտք
Է
մեռնիլ:
ԿՈՌՆԱԿ.
Աս
ի՞նչ
ձայն
է,
որ
զիս
կը
կանչէ,
ու՞ր
եմ
ես,
Զաւէն,
ու՞ր
փախան
ատ
սեւ
ամպերը
ու
մահուան
եւ
պատերազմի
տեսարանները:
Երեւակայութեանս
ցնորքները
ու՞ր
զիս
տարեր,
յափշտակեր
են.
ո՛հ,
իմ
Զաւէնս,
եկուր,
գրկեմ
զքեզ.
երբոր
երկինք
ու
երկիր
զիս
անիծեր
ու
երեսէ
թողուցեր
են,
դուն
ինձմէ
չես
գարշիր,
դուն
մինակ
ինծի
ձեռնըտու
ու
պաշտպան
կը
կենաս,
բայց,
ըսէ՛
ինծի,
Զաւէն,
շատ
թշուառ
չե՞մ
մի
ես:
ԶԱՒԷՆ.
Այո՛,
տէր
իմ,
թշուառ
ու
շատ
թշուառ
ես,
բայց,
կ՚աղաչեմ,
մէկդի
թողունք
ատ
սեւ
մտածութիւնները,
երթանք
մեր
քաջ
զօրականներուն
քով,
գուցէ
հիմա
փողերուն
ձայները
պատերազմի
նշանը
տան,
բայց
չըլլայ
թէ
տխուր
դէմքովդ
անոնց
սիրտը
կոտրես:
Այս
քանի
օր
Է,
որ
մեզի
համար
այնչափ
վտանգներէ
անցան,
ու
դուն
դեռ
մէկ
ժպիտով
մը,
մէկ
քաջալերական
խօսքով
մը
իրենց
քաջութիւնը
չի
վարձատրեցիր:
ԿՈՌՆԱԿ.
Երթա՛նք.
բայց
թշնամուոյն
բանակը
մարդ
ղրկեցի`
հաշտութեան
ճար
մը
գտնելու
յուսով,
պատասխան
մը
չեկաւ,
հոգ
չէ:
Երթանք
պարսպին
վրայ,
այսօր
կը
յուսամ,
որ
իշխանի
արժանի
մահ
ունենամ,
ատեն
մը
կեանք
ու
մահ
միանգամայն
դառն
ու
անտանելի
կ՚երեւնային
ինծի,
բայց,
չեմ
գիտեր,
ուսկից
ծնաւ
հիմա
սրտիս
մէջ
աս
փափագը:
ԶԱՒԷՆ.
Երթա՛նք,
տէր,
բայց
երբ
թշնամիին
մեզի
ըրած
անարգանացը
հատուցանենք
ու
վատութեան
կեղտը
արեամբ
սրբենք,
ան
ատենը
գերեզման
իջնանք,
ան
ատեն
գեղեցիկ
ու
փառաւոր
է
մահը:
Մեռնինք
վրէժխնդրութեան
ժպիտը
մեր
շրթունքներուն
վրայ,
մեռնինք
մահուան
վատ
երկիւղը
թշնամուոյն
սիրտը
ձգելով:
Բայց
ահա՛
ես
քեզմէ
առաջ
երեւնամ
զօրաց`
պատրաստելու
համար
զանոնք:
ՏԵՍԻԼ
Գ
ԿՈՌՆԱԿ
Եւ
ԶՕՐԱԿԱՆ
ՄԸ
ԶՕՐԱԿԱՆ.
Տէ՛ր,
Ներսէսի
կողմանէ
դեսպանութեամբ
պատգամավոր
մը
եկեր,
ձեր
առջեւը
ներկայանալ
կը
խնդրէ:
ԿՈՌՆԱԿ.
Թո՛ղ
գայ
(Զօրականը
կ՚երթայ):
ՏԵՍԻԼ
Դ
ԿՈՌՆԱԿ
ԵՒ
ՆԵՐՍԷՍ
(ԾՊՏԵԱԼ)
ԿՈՌՆԱԿ.
Մօտեցի՛ր,
նայինք
ի՞նչ
լուր
կը
բերես
մեզի.
սուր
անողո՞րմ,
չէ
նէ
խաղաղութեան
ձիթենի,
թէպէտ
եւ
Ներսէսի
կողմանէ
ուրիշ
բան
չսպասուիր,
բայց
միայն`
դառնութիւն
ու
պատերազմ:
ՆԵՐՍԷՍ.
Կը
խաբուիս.
Ներսէս
խաղաղութիւն
կը
ցանկայ,
ու
իմ
ձեռքովս
կը
մատուցանէ
քեզի
հաշտութեան
ձիթենին,
կը
փափագի,
ու
աս
արիւնահեղ
թշնամութիւնները
դադրին
վերջապէս,
որոնց
դառն
պտուղը
կորուստ
եւ
ապականութիւն
է
հայրենեաց,
ու
ծանր
կու
գան
իր
ճակտին
վրայ
համազգի
եղբարց
արիւնովը
գնուած
դափնիները:
ԿՈՌՆԱԿ.
Այսպէս
չէր
մտածեր
ատեն
մը
Ներսէս,
կ՚երեւայ
թէ
աս
գիշերուան
դէպքը
կերպարանափոխ
ըրեր
է
զինքը,
եւ
խրատուեր
է
փորձէն
աւելի
հեզ
ու
մարդասէր
ըլլալու:
ՆԵՐՍԷՍ.
Ո՛չ
երբեք,
աւազակաց
գիշերախառն
յարձակում
մըն
էր
այն,
չէ
թէ
քաջերու
օրինաւոր
պատերազմ:
Երբ
արեւուն
լոյսը
ծագեց,
վայրի
գազաններու
նման
հալածուեցան
դարձեալ
իրենց
որջը,
ու
պիտի
չկրնան
երկայն
ատեն
դիմանալ,
բայց
մէկդի
թողունք
անօգուտ
խօսքերը,
ու
փութամ
իմ
պաշտօնս
կատարել:
Որովհետեւ
այսչափ
նեղը
ինկած
էք
ու
չորս
կողմէն
սաստիկ
պաշարուած,
ալ
յիմարութիւն
է
դէմ
դնելը
ու
անձնատուր
ըլլալը
իմաստութիւն,
աս
է
ահա՛
հաշտութեան
պայմանը
Ներսէսին,
որ
չուզէր
ձեր
կորուստը:
ԿՈՌՆԱԿ.
Թէ
որ
Ներսէս
կարեկից
ըլլայ
մեզի,
իմացուր,
որ
ինքն
է
մեր
թշուառութեանց
պատճառը,
թէ
որ
հաշտութիւն
կը
փափագի,
թո՛ղ
ետ
քաշէ
իր
բանակը
ու
վերցնէ
պաշարումը:
ՆԵՐՍԷՍ.
Յաղթողը,
ուրեմն,
յաղթուողի՞ն
խոնարհի,
նորաձեւ
կարգ,
մոռցա՞ր
արդեօք,
որ
դուն
եղար
առաջինը
հաշտութիւն
ուզելու:
Ներսէս
թէ
որ
սուրը
ձեռքը
առաւ,
հայրենիքը
պաշտպանելու
եւ
բռնութիւնը
վանելու
համար
էր,
չէ
թէ
աշխարհակալութեան
փափագով,
եւ
ինչպէ՞ս
կարենայ
վստահիլ
ուխտադրուժ
թշնամուոյ
մը,
որ
զինքը
ազատ
թողու:
ԿՈՌՆԱԿ.
Սանձէ՛
լեզուիդ
խրոխտալը,
նայէ՛
չորս
կողմդ,
դեռ
աս
բերդիս
տէրն
եմ
ես,
որուն
պատերը
ձեր
արեամբը
ներկուեցան:
Ես
անձնատու՞ր
ըլլամ
Ներսէսին,
չըլլայ
թէ
աս
անմիտ
յոյսը
խափէ
զինքը:
Դեռ
աս
բերդս
կանգուն
կը
կենայ
ու
իր
փլատակներուն
տակը
պիտի
թաղէ
զիս,
գուցէ
զինքն
ու
իր
բոլոր
բանակն
ալ:
Բայց
ոչ,
որովհետեւ
Ներսէս
ուզած
հաշտութեանս
շուտով
խոնարհեցաւ,
ուրեմն`
ճանչցաւ
իր
տկարութիւնը,
ուրեմն`
վատին
մէկն
է,
ուրեմն`
դուն
ալ
անպիտան
ծառայ
մըն
ես
վատազգի
տիրոջ
մը
ու
անարժան`
իմ
դիմացս
երեւնալու.
ելի՛ր
դուրս,
ըսէ՛
քու
տիրոջդ,
որ
Կոռնակին
սուրը
իջնայ
պիտի
իր
գլուխը
ու
լափէ
զինքը
ու
իր
ամէն
զօրքերը:
ՆԵՐՍԷՍ.
Բայց,
նախ
եւ
առաջ`
բոց
ու
մոխիր
պիտի
դարձնէ
զքեզ
քու
բերդիդ
հետ,
կատաղի
գազան,
որ
կը
խածնես
քեզի
բարերար
ձեռքը
ու
պիղծ
բերնովդ
նախատինք
կը
պոռթկաս
խաղաղութեան
պատգամավորի
մը
դէմ:
Ո՜հ,
վրէժխնդիրն
Աստուած,
մեր
ձեռքովը
պիտի
մաքրէ
երկիրս
քեզի
պէս
մարդակերպ
հրէշէ
մը,
որուն
ձեռքը
արիւն
կը
թափէ,
ոտուըները
արեան
մէջ
կը
թաթխին,
արիւն
կը
շնչէ,
արեան
հոտէն
կախորժի
ու
արեան
մէջ
պիտի
խղդուի
վերջապէս:
ԿՈՌՆԱԿ.
Եւ
ո՞վ
ես
դուն,
որ
իմ
դիմացս
այսչափ
կը
յանդգնիս:
է՛հ,
չեմ
խաբուիր,
դուն
ես
Ներսէս,
ուրիշ
մը
չէր
կրնար
այս
աստիճան
լրբութեամբ
խօսիլ:
Այո՛,
իմ
ոխութիւնս
ու
կատաղութիւնս
կ՚իմացնեն
ինձի,
որ
դուն
ես
Ներսէս,
իմ
անհաշտ
թշնամիս,
եկեր
ես,
ուրեմն,
մատնութեամբ
բերդիս
տիրելու.
վա՜յ
ու
հազար
վա՜յ
քեզի:
ՆԵՐՍԷՍ.
Այո՛,
ես
եմ
Ներսէս,
ինչու՞
պիտի
վախնամ
ըսելու
(Վրայէն
կը
նետէ
վերարկուն),
դուն
ահագին
բանակի
մը
գլուխ
եղած
ատենդ
ու
արձակ
դաշտի
մէջ
քանի,
քանի
անգամ
դողացիր
իմ
անունէս
ու
փախար,
ու
հիմա
պիտի
դողամ
ես
քու
առջեւդ.
չէ՛,
մի
յուսար,
պզտիկ
վնաս
մըն
ալ
չես
կրնար
հասցնել
ինձի
առանց
քու
խոստմունքդ
ու
ազգաց
իրաւունքը
ոտքի
տակ
առնելու:
ԿՈՌՆԱԿ.
Խօսք
չտուի
ես
մատնիչ
դաւաճանի
մը:
Ես
քեզ
ազա՞տ
թողում,
է՛հ,
մի՛
կարծէր.
առջի
անգամ,
երբ
քեզ
տեսայ,
թէպէտ
անծանօթ
երեւցար
ինծի,
բայց
բոլոր
ոխս,
վրէժխնդրութիւնս
ու
կատաղութիւնս
արթնցան
ու
մռնչեցին
սրտիս
մէջ,
ու
սիրտս
ճանչցաւ
զքեզ,
զքեզ,
իւր
ատելի
մահացու
թշնամին:
Ալ
իմին
ձեռքս
ես
դուն,
դու
ինքնիրենդ
որոգայթ
ինկար,
ո՛չ
երկինք
եւ
ո՛չ
դժոխք
կրնան
ազատել
զքեզ
իմ
ձեռքէս։
Զօրակա՛նք,
տարէք
զինքը
բերդիս
բանտին
մէջ:
ՆԵՐՍԷՍ.
Անիրաւ՛,
հարուածդ
քեզի
դէմ
պիտի
դառնայ
ու
զարնէ
գլուխդ,
մի՛
տարակուսիր,
կորուստդ
մօտ
է
(Կ՚երթայ
զինուորներով):
ՏԵՍԻԼ
Ե
ԿՈՌՆԱԿ
(ՄԻՆԱԿ)
Անկարծելի
բախտ.
ես
որ
ինքզինքս
թշուառութեանց
անյատակ
վիհը
կը
կարծէի,
եւ
յուսահատ
խորհուրդներ
միտքս
պաշարեր
էին,
խաբուած
է
եղեր:
Ներսէսը
իմ
ձեռքս
ինկաւ
ուրեմն,
բախտս
ինծի
կը
խնդայ
դեռ.
ալ
մոռնամ
հայրս
ու
քիչ
մըն
ալ
որդիս
մտածեմ,
որուն
արիւնը
վրէժ
կը
բողոքէ
(Կ՚երթայ):
Ձգի
վարագոյրն