Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

  ՏԵՍԻԼ Ա
ՇԱՊՈՒՀ, ՄՈՒՇԿԱՆ, ԱՐՇԱԿ

Արքունի վրան

ՄՈՒՇԿԱՆ. (Արշակին) Տե՛ս, մեծազօր արքայից արքայն Շապուհը, որուն բարկութեան ձեռքն ես դուն:

ՇԱՊՈՒՀ. Վե՛ր վերցուր գոռոզ ճակատդ, ո՜վ Արշակ, տես թէ ո՞վ է այն, որ այնչափ յանդգնութեամբ ժպրհեցար նախատել: Մի՛ նայիր ինծի իբրեւ աշխարհքիս յաղթականը, այլ ապստամբ թագաւորի մը դատաւորը, թագաւորի մը, որ սոսկալի ապերախտութեամբ աղտոտեց իմ բարերարութեան պարգեւները: Կը ճանչնա՞ս զիս, ես եմ այն, որ արքունի թագ մը ու գահ մը ընծայ ըրաւ քեզ, ու ես եմ այն, որուն դէմ զինեցար դուն, իմ բարիքներս թշնամութեան գործիք մը դարձնելով, եւ երդումն ու հաւատարմութիւնը ոտքի տակ առնելով: Կը ճանչնամ ես զքեզ, կը ճանչնամ քու վատ եւ ուխտազանց ժողովուրդդ, բայց կը յուսայի, որ, եթէ բոլոր աշխարհքս, որ զինուցս ձայնէն կը դողայ, ու քու նախորդացդ տխուր օրինակը չի կարենան խրատ ըլլալ քեզի, գոնէ մեծապարգեւ երախտիքներս պիտի յաղթեն ապերախտ սրտիդ, բայց դուն ամէն յոյսերս պարապ հանեցիր, քեզի ընծայ ըրած թագս յունաց ծախեցիր, գահիդ չորս կողմը ժողվեցիր բիւր ոճիրներ եւ անթիւ չարիք, ու վերջապէս` ինծի դէմ, քու մեծ բարերարիդ` Շապուհին դէմ համարձակեցար զէնք վերցնել ու իմ բարերարութեանս մեծութեանը հաւասարել քու անօրէն ապերախտութիւնդ: Հիմա դադրեցան բարիք եւ գթութիւն. վրէժխնդրութեան ատենն է ալ, դուն եւ Հայաստան իմ ձեռքս էք. յոյսը փախաւ քեզմէ, ու Շապուհին բարկութիւնը քու դիմացդ է: Մուշեղ եւ Սմբատ իշխանները աներեւոյթ եղան, երբ ես երեւցայ, բայց չի կրցան զքեզ հետերնին տանել մինակ մնացիր դուն արեւուն դիմացը, որ ամէնէն մեծ աստուածն է, եւ նախատեցիր դուն` երդումդ ոտքի տակ առնելով: Մինակ ես Շապուհին դիմացն ալ, որ ամէնէն մեծ թագաւորն է, որուն բարիքները լի տեսնալու համար աչուըներդ
գոցեցիր: Հիմա երկուքն ալ վրէժ կը պահանջէն քեզմէ, երկինք եւ Շապուհ, ու երկուքին ալ արժանի պիտի ըլլայ ահագին պատուհասը: Խոսէ՛, թէ որ կրնաս ինքզինքդ արդարացնել:

ԱՐՇԱԿ. Ինչու՞ կը ստիպես զիս խօսելու, ո՜վ անգութ, երբ բախտը քու կողմդ է: Աստուած մինակ կրնայ համար պահանջել թագաւորէ մը եւ ո՛չ ուրիշը եւ դուն ո՞վ ես, ինծի պէս թագաւոր մը, կշտացի՛ր իմ արիւնովս, դու՛ն, որ հայ արիւնով թաթխած ես, չեմ հակառակիր քեզի: Բախտէս ու կատաղութենէդ մեծ է իմ արիութիւնս. անարգ շղթաներով կապած են ձեռքերս, բայց մոռցած չեմ, որ արքունի գաւազան կը կրէին ատենով: Մի՛ կարծէր, որ իբր յանցաւոր մը գթութիւն ու ներումն խնդրելու համար քու դիմացդ կու գայ հայու թագաւոր մը. կը համարձակի՞ս իմ թագաւորական վիճակս իբր յանցանք երեսս զարնել ինծի, որ իմ պաշտպանութիւնս է: Ո՞րն Է ատ թագաւորութիւնը, որուն ինքնիշխան տէր կը կարծես ինքզինքդ. թէ որ հայու թագաւորութիւնն է, իմ ժառանգութիւնս է անիկա, ու դուն չես կրնար երակներուս մէջէն Արշակունի արիւնը պարպել. թէ որ ատ հզօր իրաւունքս այդպէս շուտով մոռցուցին քեզի իմ շղթաներս, թո՛ղ յիշեցնեն քեզի Արտաշէս, Խոսրով եւ Տրդատ, որոնց անունն ու սուրը դողացուցին պարսից գահը: Ու դուն վա՞տ կը կոչես իմ ազգս, վա՞տ կը կոչես այն ազգը, որ իւր տէրութեան գահը ամէնէն աւելի պարսից դէմ ըրած յաղթանակներով զարդարեց: Ուխտազա՞նց կը կոչես զիս, դուն որ միշտ նենգութեամբ ու խաբեբայ հնարքներով աւերեցիր Հայաստանը, դուն որ խարդախութեամբ բռնելով իմ հայրս` Տիրանը, զինքը իւր աթոռէն, ազատութենէն ու աչքին լոյսէն զրկեցիր միանգամայն: Թէ որ ես հանցաւոր եմ քու սուտ աստուծոյդ` արեւուն, ու մոխրաշունչ պարսկի մը դիմացը, դուն որու՞ն դէմ յանցաւոր ես, ճշմարիտ ու ամենակալ աստուծոյ որուն անունը կը հայհոյես, որուն տաճարները կը կործանես, ու իւր ժողովուրդին կարգակոտոր դահիճն ես: Թէ որ արդարութիւն եւ իրաւունք այդչափ սրբազան եւ մեծարոյ են քեզի համար, դարձու՛ր ուրեմն ինծի իմ գահս, կանգնէ՛ նորէն հիմնայատակ եկեղեցիները, քակէ իմ ժողովուրդիս գերութեան կապերը, կշտացիր քու տէրութեանդ միահեծան իշխանութեամբը ու աչք մի՛ տնկէր օտարին ազատութեանը: Անմեղ չեմ ես, բայց չէ թէ քեզի, իմ աստուծոյս դէմ յանցաւոր եմ ես, ու իմ ազգիս, որ պարսկական ամբերելի լուծին տակը կը տանջուի իմ պատճառովս: Ո՛հ, ինչու՞ իւր թագաւորին հետ միաբան չէր ատ ազգը, որ գուցէ ուրիշ վիճակի մէջ կը տեսնայիր հիմա Արշակը քու դիմացդ:

ՇԱՊՈՒՀ. Բաւական է այդչափ սնոտի անբարտաւանութիւնդ իմ համբերութեանս դէմ: Յաղթութիւնը, տէրութիւնը ու գահը կորսնցնող գերի թագաւորի մը ի՞նչ կը մնայ շղթաներու հետ. ընդունայն գոռոզութիւն ու նախատական մեծաբանութիւններ: Լեզուո՞վ կ՚ուզես յաղթել անոր, որուն դէմ փճացան բանակներդ, կը յուսա՞ս խրոխտապանծ յանդգնութեամբդ քերել ու աւրել խիստ ճակատագիրդ, որ Շապուհին ձեռքերը դրոշմեցին գլխուդ վրայ: Մահացաւ խայթոցդ, ոտքիս տակը ճզմուեցաւ, ու գալարի՞լ կ՚ուզես դուն ոտքիս տակ: Ինչու՞ կը յիշեցնես ինծի Խոսրովին ու Տրդատին յաղթանակները պարսից դէմ, դու որ քու նախնեացդ ամօթն ու նախատինքն ես: Եթէ իրաւ է, որ անոնք սրով ու կրակով պարսից գահը դողացուցին ատենով, ուրեմն` աւելի վրէժ մը ունի պահանջել Շապուհ իրենց յաջորդէն ու ազգէն: Սրով պիտի բանամ ատ սրտերը, որ ատելութիւնը ինծի դէմ գոցեց. տկար եղէգի մը պէս խորտակեցաւ արքունի գաւազանդ, այսուհետեւ շղթաները կը վայլեն ձեռքիդ: Զօրակա՛նք, տարէք զինքը ու պահեցէք բանտին մէջ:

ԱՐՇԱԿ. Շղթաներու մէջ գուցէ աւելի մեծ պիտի երեւնայ Արշակ, քան թէ Շապուհ` իւր մեծապանծ գահին վրայ:

ՏԵՍԻԼ Բ
ՇԱՊՈՒՀ, ՄՈՒՇԿԱՆ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ՇԱՊՈՒՀ. Գոհութիւն լուսաճաճանչ արեւուն, որ այդպէս պայծառ փայլեցուց գլխուս վրայ յաղթութիւնն ու փառքը: Վրէժխնդրութիւնը միայն դեռ կատարեալ չեղաւ, ու Արշակին կենացը բախտը ձեռքիս մէջը դեռ կը դողդողայ, բայց նախ եւ առաջ բոլոր Հայաստան ոտուըներուս առջեւ խոնարհի, ինչպէս որ Արշակ խոնարհեցաւ, ընդունի ձեռքէս գերութեան շղթաները, ինչպէս որ Արշակ ընդունեցաւ, ու անկէ ետքը ապստամբ ու ապերախտ թագաւորի մը կենաց վճիռը Շապուհին ակնարկութենէն կախում ունենայ: Կ՚երթամ ես հանգչիլ իմ վրանիս մէջ դուն, Մուշկան, ժողուէ բոլոր բանակը, քիչ ատենէն պիտի քալենք Հայաստանին ամէն կողմը, տեսնենք, ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ մեզի այդ անգլուխ մնացած ազգը։

ՄՈՒՇԿԱՆ. Քու բարձր հրամանիդ ծառայ է Մուշկան:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՄՈՒՇԿԱՆ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ճշմարիտ է. յաղթութեան պարծանքը ուրախութեամբ կը լեցնէ բոլոր պարսիկներուն սիրտը, բայց կարծես թէ մինակ Որմիզդն է, որ անզգայ է ընդհանուր խնդութեան. անհաւատալի բան, Հայաստանին նուաճութիւնն իրեն աւելի ցաւ, քան թէ ուրախութիւն կը պատճառէ:

ՏԵՍԻԼ Դ
ՄՈՒՇԿԱՆ, ՍԻՍԱԿ

ՍԻՍԱԿ. Զօրավարդ Մուշկան, կը խնդրեմ, որ արքայորդուոյն դիմացը հանես զիս:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ո՞վ ես դուն, ո՜հ, ճանչցայ զքեզ, պարսից արիւնովը թաթխուած` կը յանդգնիս մեր բանակը՞ գալ: Շապուհ արքային դիմացը պիտի տանիմ ես զքեզ, չէ թէ արքայորդուոյն:

ՍԻՍԱԿ. Չե՛ս տեսնա՞ր, որ ես յօժար կամօքս եկեր եմ հոս, ի՞նչ հարկ բռնել զիս, հեռու՛ ինձմէ, անպաշտպան չեմ ես. այս սուրը, որ պարսիկք աղէկ կը ճանչնան, անպատիժ պիտի չի թողու ինծի դէմ բռնութիւն գործածողը. տե՛ս ու ճանչցի՛ր դուն ալ:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Արքայորդուոյն սուրն է. դու՞ն ես, ուրեմն, անոր կենաց ազատարարը. ինչպէ՜ս պիտի ուրախանայ, երբ զքեզ տեսնայ հոս. կ՚երթամ իրեն աւետել քու գալուստդ:

ՏԵՍԻԼ Ե
ՍԻՍԱԿ

ՍԻՍԱԿ. Ո՜վ հայր իմ Արշակ, վերջապէս անողոքելի թշնամիներուն ձեռքը ինկար դուն, ու ես փուճ տեղը ուզեցի իմ կեանքս ողջակէզ ընել քու փրկութեանդ համար: Այն թեւերր, որ զիս այնչափ անգամ գրկելով կը մոռցնէին քեզի բախտիդ դառնութիւնը, հիմա երկաթներով կապած են: Ո՜հ, ինչպէ՞ս պիտի կրնաս գրկել զիս ուրեմն, թէեւ տեսնաս զիս դարձեալ: Ո՞վ է հիմա զքեզ մխիթարողը Սիսակին տեղը, ո՞ր ձայնն է հիմա սրտիդ փոթորիկները հանդարտեցնողը: Ահա՜, բանտիդ տխրամած բնակութեանը մէջ, անշուշտ, դուն հիմա Սիսակը կը մտածես, ու դառն աղէտիցդ ալիքներուն մէջ ընկղմած` ձեռուըներդ քու որդուոյդ կ՚երկնցնես, ու քու որդիդ հոս է, եկաւ ինքը քեզի հետ մեռնելու, վասնզի չի կրցաւ ազատիլ քեզի հետ։

ՏԵՍԻԼ Զ
ՍԻՍԱԿ, ՈՐՄԻԶԴ

ՈՐՄԻԶԴ. Դուն հո՞ս ես, բարեկամ, ո՛հ, ինչ բարեբախտութիւն, որ ազատիչս տեսնալով` կը զմայլին իմ աչուըներս: Որչափ կարօտով կը փափագէի տեսութեանդ, քու յիշատակովդ եւ անձիդ թշուառութեանը վրայ սիրտըս կոտրած` դառն կ՚երեւնար ինծի իմ կեանքս, որ դուն շնորհեցիր: Բայց ինչու՞ այդպէս տխուր ես, միթէ կը տհաճի՞ս, որ զիս վերստին տեսար. մի՛ կասկածիր, ազնիւ բարեկամ, մոռցած չեմ ինծի ըրած բարիքըդ, փարատէ՛ այդ տխրութիւնդ, ու երջանիկ պիտի ըլլաս:

ՍԻՍԱԿ. Երջանի՜կ, շատոնցուընէ ի վեր անծանօթ Է ինծի երջանկութիւնը:

ՈՐՄԻԶԴ. Եւ ո՞վ Է արգելք:

ՍԻՍԱԿ. Բախտը ու քու հայրդ` երկուքն էլ հաւասարապէս անգութ իմ ազգիս դէմ:

ՈՐՄԻԶԴ. Կը տեսնամ, որ շատ կը սիրես դուն քու ազգդ:

ՍԻՍԱԿ. Կը սիրեմ իմ ազգս, վասնզի ինքը ծնաւ ու մեծցուց զիս. կը սիրեմ իմ հայրենիքս, վասնզի քաջութեան եւ փառաց գեղեցիկ հայրենիք էր ատենօք, ու թէ որ հիմա ամէն փառաց յիշատակները անցելոց մէջ ծածկուեցան, գացին, թէ որ իւր անմոռանալի դիւցազունքը շիրիմներու մէջ փակուեցան, սակայն անոնց ոսկորները բարձրաբարբառ կը խօսին Հայկայ ճշմարիտ եւ հարազատ որդուոց սրտին մէջ ու կը յորդորէն զանոնք` սիրել Հայաստանը, ինչպէս որ իրենք սիրեցին, սրբազան հող սեպել այն հողը, որ իրենք կոխեցին եւ իրենց արիւնովը թրջած Է: Կը գրկեմ ու կը սիրեմ իմ ազգս, վասնզի ինծի պէս թշուառ, աքսորեալ ու թափառական է։

ՈՐՄԻԶԴ. Միթէ կը թողու՞մ, որ դուն թշուառ եւ թափառական ըլլաս. քեզի համար բաց են անլոյծ բարեկամութեան փափուկ թեւերը. անոնց մէջ պիտի գտնաս գեղեցիկ հայրենիք մը եւ մոռացութիւն վշտագին աքսորանաց: Իմ երկրիս մէջ ու պարսկական մեծափառ գահուն շուքին տակը բարեբաստիկ կեանք մը պիտի պատրաստեմ քեզի, թէ որ հայրենիքդ, բախտդ ու երջանկութիւնդ կորուսիր, վստահ եղիր, մտերիմդ իմ, որ բարեկամիդ սիրտը անկորուստ պիտի մնայ քեզի:

ՍԻՍԱԿ. Սիրելի ու մեծարոյ են ինծի ազնուագութ սրտիդ մտերմական զգացմունքները, բայց դուն չես գիտեր որչա՞փ անուշութիւն ունի հայրենի երկիրը, եւ որչա՞փ փափագներ կը սնուցանէ աքսորը: Հայաստանը, եթէ ստիպուիմ ալ թողուլ, սակայն ո՛չ երբեք կրնամ մոռնալ: Փառաւոր երկիր է քու հայրենիքդ, բայց չունի յիշատակ մը, որ սրտիս հետ խօսի, ու թէեւ պանդխտիմ հոն, ինծի համար ամէնէն սիրելի երկիրը այն պիտի ըլլայ, ուր որ կը դառնան միշտ մտածմունքներս: Հոն քալեցին ու կը ննջեն իմ նախնիքներս. կրնա՞յ Պարսկաստանը անոնց սուրբ մոխիրները տխուր սափորի մը մէջ ժողովելով` իմ համբոյրներուս ու արտասուացս յանձնել զայն: Միթէ քու երկրիդ հողն ու ջուրը, օդը, լեռներն ու ծառերը նոյն անուշութիւնը կրնա՞ն ունենալ ինծի համար: Շապուհի գահին շուքէն շատ քաղցր է իմ սրտիս հայրենեացս ծառերուն շուքը, Պարսկաստանի վարդերէն աւելի սիրելի են ինծի Հայաստանին փուշերը: Ա՜հ, օտարութեան մէջ լեղի ճաշակ մը ունին ամէն հաճութեանց վայելքները, ու արցունքները միայն անուշ են:

ՈՐՄԻԶԴ. Զիս ալ կը ստիպես լալու, ո՜վ բարեկամ, աւա՜ղ ինծի, այնչափ կարօտով սպասելէն վերջը կը տեսնամ զքեզ, թեւերս կը բանամ զքեզ ընդունելու, ու դուն կը մերժես իմ բարեկամութիւնս փոխանակ սիրալիր խօսքերու, հառաչանքներ կը լսեմ բերնէդ: Փուճ տեղը, ուրեմն, ես այս վայրկեանին կը փափագէի, երջանկութեան վայրկեան մը կարծելով զայն։ Թէ որ այնչափ կ՚արհամարհես զիս, ինչու՞ ազատեցիր իմ կեանքս:

ՍԻՍԱԿ. Դուն ապրէ՛, ոգիդ վեհազուն, կը վայլէ քեզի կեանքը. ինծի պէս քու յոյսերդ կտոր-կտոր եղած չեն, կենաց արշալոյսը քեզի համար առանց մթաբեր ամպերու կը փայլի, փափկութեանց ու վայելից մէջ կը սահին ծաղիկներով հիւսուած օրերդ բայց ի՞նչ ալիքներու վրայ կը սահի իմ կենացս ծովածուփ բախտը… հանգստութիւն եւ փառք, եւ իշխանական պերճութիւնք չորս կողմդ պատեր են, քու հօրդ ձեռքը կը շողայ արքունի հզօր գաւազան, իսկ իմ հայրս…

ՈՐՄԻԶԴ. Ին՞չ խօսքեր են ասոնք. մինակ ազգիդ թշուառութիւնը չէ՞ ուրեմն, որ կը խոցոտէ քու սիրտդ: Հայր մը ունիս դուն, որ ցաւոցդ եւ արցունքներուդ գլխաւոր պատճառն է:

ՍԻՍԱԿ. Այո՛։

ՈՐՄԻԶԴ. Ու՞ր Է անիկա։

ՍԻՍԱԿ. Կորսուած է:

ՈՐՄԻԶԴ. Միթէ անդա՞րձ է իւր կորուստը:

ՍԻՍԱԿ. Ա՛հ, ինչեր չըրի զինքը ազատելու համար:

ՈՐՄԻԶԴ. Ին՞չ ընեմ ես ալ քու վիշտերդ մոռցնելու համար, թէ որ զքեզ միայն սիրելը բաւական չէ, պիտի սիրեմ քու ազգդ, պիտի սիրեմ Հայաստանը, որ մայր է քեզի պէս դիւցազանց, պիտի սիրեմ քու երկրիդ ջուրը, օդը, լեռները, ու ծառերը, միայն թէ անոնց շուքին տակ մէկտեղ բազմինք, պատերազմի փառաց ու վտանգացը մէջ ալ մէկտեղ սլանանք, ու մահն անգամ չի կարենայ զմեզ իրարմէ բաժնել:

ՍԻՍԱԿ. Ին՞չ կը յիշեցնես ինծի, պատերա՜զմ: Ատեն մը, երբ պատերազմաց փողը որոտաձայն հնչելով` փառաց ասպարէզը կը հրաւիրէր քաջաց խումբերը, զուարթութեամբ կը վազէի արիւնոռոգ դաշտը: Պարապ տեղը փոշուոյ մրրկի մէջ բիւր, ահարկու ձեւերով կ՚երեւութանար ինծի խոժոռադէմ մահը, հօրս աչքերը իմ վրաս տնկուած` լոյս եւ առաջնորդ էին ինծի այն շփոթութեան եւ կոտորածոց մէջ. ու դիակներուն վրայէն անմոլար ճամփայ մը բանալով` կը վազէի սրտաթունդ հօրս եւ հայրենեաց ոտքը բերելու յաղթութեանս մրցանակները: Աւա՜ղ, ու՞ր են ատ փառաւոր օրերը, ու՞ր են իմ հայրս ու հայրենիքս:

ՈՐՄԻԶԴ. Երբեք անփոփոխ չէ աշխարհքիս բախտը, բայց երանի՜ քեզի, որ ճշմարիտ բարեկամի մը եռանդուն սիրտը վահան մը կը գտնաս քեզի բախտին հարուածոցը դէմ: Գեղեցիկ են պատերազմի փառաց մրցանակները, գեղեցիկ է հայրենի ազատութեանը վրայ թափուած արիւնը, բայց աւելի գեղեցիկ է մէկզմէկ սիրելը: Ո՜հ, հաւատա ինծի, սիրտս երբեք չի խաբուիր, երբ սիրելի գլխուդ վրայ երջանկութեան եւ յուսոյ օրեր կը մաղթէ երկնքէն, բայց ահա՛ իմ հայրս կու գայ, ու ինքը կատարէ քու վրադ իմ ամէն բաղձանքներս:

ՏԵՍԻԼ է
ՍԻՍԱԿ, ՈՐՄԻԶԴ, ՇԱՊՈՒՀ

ՇԱՊՈՒՀ Լսեցի Մուշկանէն, որ հոս է քու կենացդ ազատիչը. ուրախ եմ, ո՛վ անծանօթդ հայ, զքեզ տեսնելուս: Բաւական եղան ինծի պատերազմի եւ փառաց ծանր հոգերը. ձեռքս յոգնեցաւ յաղթական կառքս կառավարելէն, որուն սրարշաւ անիւները ազգաց ու աշխարհաց վրայէն կոխկռտելով անցան։ Վարժեցաւ Հայաստան դողալու ինձմէ, ալ քիչ մըն ալ գթութեան համար բացուին ձեռքերս ու արքայական մեծապարգեւ շնորհներ թափին անոնց վրայ, որ արժանի են գթութեանս: Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կը խնդրես ինձմէ:

ՍԻՍԱԿ. Ոչի՛նչ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ո՞վ ես դուն։

ՍԻՍԱԿ. Հայկայ, Արամայ ու Տիգրանայ որդիքներէն եմ ես:

ՇԱՊՈՒՀ. Սակայն որդուոյս սուրը կապուած է մէջքդ, կը ճանչնամ զայն:

ՍԻՍԱԿ. Իմ սուրէ աւելի ծանօթ էր պարսից:

ՇԱՊՈՒՀ. Կը մեծարեմ քու արիական համարձակութիւնդ, ըսէ՛ ինծի, որո՞նք են սրտիդ բաղձանքները:

ՍԻՍԱԿ. Ազատութիւն հայրենեաց եւ կամ մահ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ազատ ըլլաս դուն, բայց ո՛չ հայրենիքդ:

ՍԻՍԱԿ. Քեզի ըլլայ ուրեմն գթութիւնդ, ո՜վ թագաւոր:

ՇԱՊՈՒՀ. Ինչ, կը մերժե՞ս դու զայն:

ՍԻՍԱԿ. Պէտք չեն ինծի կեանք, թէ որ հայրենիքս կորսուած է:

ՇԱՊՈՒՀ. Այդչափ ապերա՞խտ կ՚ուզես ըլլալ արքունի բարերարութեանս:

ՍԻՍԱԿ. Բարիք չընդունեցայ երախտագէտ ըլլալու համար, չեկայ եւ հոս գթութիւն մուրալու. բախտը մատնեց զիս, բայց չի կրցաւ յաղթել ինծի: Չեմ կրնար համբուրել ատ ձեռքը, որ շղթաներով կապեցին իմ հայրենիքս. վարժած չեմ, իբր վատազգի ծառայ մը, հպարտ տիրոջ մը ծնկուըներուն պլլուիլ ու աղաչանաց խօսքերու բանալ շրթունքներս: Գիտե՞ս, ո՜վ արքայ, ի՞նչ ճամփաներու մէջէն քալեցի, հոս գալու համար. պարսիկներու դիականց վրայէն անցնելով եկայ դիմացդ:

ՈՐՄԻԶԴ. Ներէ՛ հայր, թշուառ պատանուոյ մը յանդգնական խօսքերուն. մոռցաւ ըսելու, որ եկած է ցուցնելու համար, թէ ինքն է Շապուհի որդուոյն ազատիչը։

ՇԱՊՈՒՀ. Ու պիտի ընդունի արժանաւոր վարձքը, թշնամուոյս զէնքերը լռեցնելէն ետքը, թող կու տամ, որ բերանը խօսի: Ո՜վ դու, պատանիդ Հայկազուն, անվախ համարձակութիւնդ, արի կերպարանքդ ու ամէնէն աւելի որդուոյս ազատիչ ըսուելու իրաւունքդ արժանի են իմ մեծարանացս ու վեհանձնութեանս պարգեւներուն: Միեւնոյն չափով, սրով կը պատուհասեմ ապստամբ ու գոռոզ գլուխները, պիտի վարձատրեմ արդիւնքն ու քաջութիւնը: Դու՜ն ազատ ես, ու արքունի պալատիս մէջ ինծի սիրելի պաշտօնեայ` որդուոյս ընկերութեամբը: Արիւնդ թափեցիր, կըռուեցար իբրեւ քաջազն հայրենիքդ պաշտպանելու համար, բայց հայրենիքդ ալ չկայ, ոչինչ եղաւ, վայելէ, ուրեմն, ասկէ ետքը բախտին բազմաշնորհ ընծաները: Բերենք հոս Արշակը, թո՛ղ տեսնայ, թէ ինչպէս կը վարուիմ բարեկամի հետ ու ատ տեսքը իրեն ամէնէն մեծ պատիժը սեպուի, գուշակէ թող ասկեց, թէ ինչպէս պիտի վարուիմ ուրեմն թշնամիներուս հետ:

ՏԵՍԻԼ Ը
ՇԱՊՈՒՀ, ՈՐՄԻԶԴ, ՍԻՍԱԿ, ԱՐՇԱԿ

ՍԻՍԱԿ. Ա՛հ, հայր իմ,

ԱՐՇԱԿ. Սիրուն որդեակ (Իրարու կը պլլուին):

ՇԱՊՈՒՀ. Ին՛չ կը լսեմ,

ՈՐՄԻԶ՛Դ. Ո՛վ զարմանք:

ԱՐՇԱԿ. Դուն ուրեմն դեռ կենդանի՞ ես ու կու լաս գրկիս մէջ:

ՍԻՍԱԿ. Կենդանի եմ քեզի համար, կու լամ, այո՛, բայց ուրախութենէս։

ՇԱՊՈՒՀ. Ասա՞նկ, ուրեմն կը խաբէք ու ծաղր կ՚ընէք զիս ու չէք վախնար բարկութենէս` դուն, գերի թագաւոր, ու դուն, փախստական, ապերախտ հայ:

ՈՐՄԻԶԴ. Հա՛յր, մտիկ ըրէ՛ որդուոյդ, յիշէ՛ խոստմունքդ:

ԱՐՇԱԿ. Ին՞չ բանէ կ՚ուզես, որ վախնամ, ինծի հետ է որդիս: Յաղթեցի քեզի, Շապուհ, տե՛ս ու ամչցիր, ըրած կորուստներէս շատ աւելի մեծ Է այս վայրկենական ցանկալի գիւտը: Յաղթեցի քեզի, Շապուհ. զորավարք, զօրականք ու արքունի շքեղ զարդեր պատեր են զքեզ, տե՛ս իմ որդուոյս սիրական թեւերը պատեր են վիզս: Ո՜հ, այս վայրկեանը աւելի փառաւոր ու երջանիկ է ինծի, քան թէ բիւր յաղթութեանցս յիշատակը պարսից դէմ:

ՍԻՍԱԿ. Մեռցուր զմե՛զ, աւելի ուրախութեամբ պիտի մեռնինք իրարու հետ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ալ կատաղութեանս չափը լեցուեցաւ. աշխարհք պիտի լսէ դողալով վրէժխնդրութեանս համբաւը: Զօրակա՛նք, բաժնեցէք զիրենք մէկզմէկէ:

ՍԻՍԱԿ. Կը հեռանամ քեզմէ, հայր, ո՜վ վաղանցուկ երջանկութիւն:

ԱՐՇԱԿ. Արիացի՛ր, որդեակ, տեսնայ Շապուհ ու աւելի կատղի:

ՈՐՄԻԶԴ. Անզօր ու ոչինչ են ուրեմն քու դիմացդ, հայր, որդուոյդ յորդորները ու աղաչանքները:

ՇԱՊՈՒՀ. Լռե՛ն թող ամէնքը, իմ բարկութիւնս է, որ կը խօսի: Տարէ՛ք Արշակը Անյուշ բերդը ու իւր որդին, խոր բանտի մը մէջ։ Քիչ մը ատեն ալ դեռ ապրին, ինչուան որ մտածեմ, թէ ո՞րն է ամէնէն չարատանջ մահը արժանի այդպիսի եղեռնաւորաց:

ՍԻՍԱԿ. Մնաս բարով, հայր:

ԱՐՇԱԿ. Ընդունէ՛ վերջին ողջոյնս, որդեակ (Կ՚երթան զինուորներով)։

ՏԵՍԻԼ Թ
ՇԱՊՈՒՀ, ՈՐՄԻԶԴ

ՈՐՄԻԶԴ. Հա՛յր, թէ որ մէկը Արշակայ որդուոյն մազին դպչի, ալ որդի չունիս դուն։

ՇԱՊՈՒՀ. Ապստամբ որդի. ասա՞նկ կը մեծարես դուն քու հայրդ, ասա՞նկ պաշտպան կը կենաս իմ փառացս ու պատուոյս:

ՈՐՄԻԶԴ. Իմ պատիւս, իմ կեանքս ազատողին փրկութիւնը կը պահանջէ. ինչպէս քեզի, նոյնպէս ալ իրեն պարտական եմ իմ կեանքս:

ՇԱՊՈՒՀ. Անիկա իմ թշնամիս է:

ՈՐՄԻԶԴ. Անիկա իմ ազատիչս է:

ՇԱՊՈՒՀ. Բաւական է ալ, զսպէ յանդգնութիւնդ, ապա թէ ոչ` գիտեմ ես սանձել զքեզ:

ՈՐՄԻԶԴ Մեռցու՛ր զիս ալ անոր հետ, թէ որ այդչափ աննշան մէկն եմ ես քու դիմացդ: Ահա՛ գետինը կը զարնեմ սուրս, որ չի կրցաւ բարեկամիս պաշտպանութեանը համար գործածուիլ: Ինքզինքէս դուրս ելած եմ, հայր, կրնայ ըլլալ, որ զղջաս ետքէն, բայց անօգուտ տեղը (Կ՚երթայ)։

ՏԵՍԻԼ Ժ

ՇԱՊՈՒՀ. Ես չեմ զղջար, ու զղջալ կու տամ ուրիշները:

Ձգի վարագոյրն