Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՍՈՒՐԷՆ

Բոլոր բանակը քունի մէջ թաղուած է. իմ աչուըներս մինակ չեն կրնար գոցուիլ։ Ի՛նչպէս հանդարտ ու գեղեցիկ են երկինք, ի՛նչպէս անուշ կը փայլին աստեղք, ինչու՞ իրենց ճակտին վրայ ցոլացող երջանկաբեր խաղաղութիւնը սրտիս մէջ չի ծագեր. ի՞նչ, խաղաղութիւ՛ն, երջանկութու՛ն. ա՜հ, ինչ որ Ասթինէին աչուըներն ու սիրտը չեն կրնար շնորհել ինծի, պարապ տեղը երկնից աստեղներէն կը խնդրեմ ես: Սէր, աղբիւր դառնութեանց, երանի՜ թէ միշտ, ինչուան վերջը անծանօթ մնայիր ինծի. վաղը դարձեալ ասպարէզ պիտի իջնայ Հայաստան, նոր դիւցազուններ իրենց արիւնովը պիտի պսակեն յաղթութիւնն ու փառքը, ու իմ ձեռուըներս մինակ կապած պիտի մնան. ձեռուըներս կապած են, վասնզի սիրտս գերի է: Թշուառութեան հետ աս ըրած կռուիս վերջը թո՛ղ մահը ըլլայ, մահը լափէ թո՛ղ կենացս ծաղիկը ու ծածկէ հողոյն տակը իմ տարաբախտ սէրս ու յանցանքներս։ Բայց ո՞վ կը տեսնամ, ո՛վ բախտաւոր տեսութիւն, դուն ես, Զարեհ, ինչպե՞ս անցար այդչափ մահաբեր ճամփաներէ. այո՛, դուն ես, թո՛ղ տուր, որ քու գիրկդ նետուելով…

ՏԵՍԻԼ Բ
ԶԱՐԵՀ, ՍՈՒՐԷՆ

ԶԱՐԵՀ. Այդչափ մի փութար. գիտցիր, որ մաքուր են ձեռուըներս մատնութեան պղծութենէն, ու ինչպէ՜ս երկնցնեմ զքեզ գրկելու համար. քու քովդ եկայ ես, բայց հեռու ենք սրտով, մէկ խօսք մը միայն բաւական է այդ տխուր հեռաւորութեան միջոցը մեր մէջէն վերցնելու: Ըսէ՛ ինծի, հայու՞ մը դիմացն եմ ես, չէ նէ թշնամուոյ մը. միթէ վա՞տ ստրուկ մըն ես դուն արիւնռուշտ բռնաւորաց, ու անարգ լուծի մը տակ գլխուդ ծռելով` մոռցա՞ր արդեօք բոլորովին, որ դուն ազատ ծնած ես, հայրենիք մը ունիս ու եղբայրներ:

ՍՈՒՐԷՆ. Անգութ Զարեհ, ինչու՞ յանդիմանութեանդ նետերովը անբոյժ վէրքեր կ՚աւելցնես սրտիս մէջ. փախստական հայրենիքէս ու օտարութեան դառնաճաշակ հացը ուտելով, որ միշտ արցունքներով թրջած է, անյոյս եւ դատապարտ, երբ յուսահատութեան անդունդին քովերը կը պտտիմ, տե՛ս իմ վիճակս, եղբայր իմ, ու գթա ինծի։

ԶԱՐԵՀ. Տե՛ս դուն Հայաստանը, որ արեանց ու արցունքներու մէջ կը լողայ. մտիկ ըրէ՛ աւելի մեծ թշուառութեանց եւ յուսահատութեան ձայները, որ կը բարձրանան իւր ծոցէն, տե՛ս իւր վիճակը, ո՜, Սուրէն եւ գթա մեզի:

ՍՈՒՐԷՆ. Ա՜հ, ինչու՞ աչուըներդ չեն կրնար թափանցել սրտիս մէջ. կ՚իմանայիր ան ատենը, թէ ո՛րչափ կարեկցութեան արժանի եմ ես. երբ անթիւ թշուառութիւնք կը պաշարեն զիս ամէն կողմէն, երբ հայրենիք եւ բոլոր աշխարհք ինծի դէմ կը բողոքեն, դու միայն, դու միայն մի մերժեր զիս։

ԶԱՐԵՀ. Ո՜վ յիրաւի վատաբախտիկ Սուրէն. կրնա՞ս մտքէդ անցնել, որ անկարեկիր աչքով կը նայիմ քու վրադ. քեզի համար թշնամուոյն բանակին մէջէն գաղտուկ անցայ, եկայ հոս, քեզի համար աչքս առի մահուան սոսկալի վտանգները. եկու՛ ինծի հետ, երկինք կ՚ախորժին ու կը պսակեն վսեմ քաջութիւն մը, երկուքնիս ալ հեռանանք ասկեց եւ կամ երկուքնիս ալ մէկտեղ մեռնինք. ամէն ճամփաները կը ճանչնամ ես. մեր յառաջապահները շատ հեռու չեն մեզմէ: Ընտրէ՛, հոն պիտի գտնաս փառքը, հոս` ամօթն ու վատութիւնը. հոն պիտի գտնաս փրկութիւնը, հոս` անդունդի մը քովերը կը պտտիս, հայրենիք իմ ձայնովս կը կոչեն զքեզ, ու մէկ մօր մը որդիքը կը սպասեն իրենց եղբօրը:

ՍՈՒՐԷՆ. Անհակառակելի զօրութիւն մը կապած Է զիս հոս, տխուր ճակատագիր մը կը մղէ զիս սիրավառ փափկութեանց ծոցը, որոնց տակը վիհ մը ծածկուած է, գիտեմ, բայց հարկ է դիմել յուսահատ. ատեցին զիս հայրենիք, ատեցին զիս երկինք. ա՜հ, թո՛ղ տուր, թո՛ղ տուր, որ գոնէ չատէ զիս Ասթինէն, թո՛ղ տուր զիս ու դուն փախի՛ր, Զարեհ, փախի՛ր, քու վտանգդ աւելի կը զայրացնեն վիշտերս:

ԶԱՐԵՀ. Ին՞չ ըսեմ, ուրեմն, մեր հօրը, որ արցունքներով պատուիրեց ինծի` առանց քեզի չի դառնալ բանակը. մթութեան մէջ թափառելով` հիմա անհամբեր իւր որդուոյն կը սպասէ ու չգիտէր, ա՜հ, չգիտէր, որ դուն մոռնալ կ՚ուզես զինքը յաւիտեան:

ՍՈՒՐԷՆ. Թէ որ քիչ մը առաջ հայրական արցունքները բաւական չեղան համոզելու զիս իրմէ չի բաժնուելու, ինչպէս չի մտածեց, որ դուն պարապ տեղը մահաբեր վտանգի մէջ կ՚իյնայիր ինծի համար, դարձի՛ր իրեն, ո՛, Զարեհ, հոս աննշան մահ մը կը սպառնայ քեզի, եթէ կ՚ուզես մեռնիլ հոն, իրեն քովը կռուելով քեզի արժանի փառաւոր մահուամբ մը վե՛րջ տուր կենացդ. իմ կեանքս, մե՛ղք, որ անդրժելի երդմամբ ուրիշի նուիրած եմ:

ԶԱՐԵՀ. Անգու՛թ Սուրէն. մինակ կը թողուս զիս յաղթութեան պարծանաց եւ կամ մահուան վտանգներուն մէջ. չի՛ կրնամ պիտի ուրեմն քեզի հետ արիւնոտ դափնիներ ժողվել պատերազմի դաշտէն, ու երբ թշնամեաց կատաղութենէն ու զէնքերէն պաշարուիմ, պիտի չի կրնամ օգնութեան կոչել քու յաղթական վահանդ. դուն պիտի չարգիլես սրտիս դէմ վազող հարուածները. փոշուոյ մէջ պիտի թաւալի Զարեհ եղբայրդ, ու դուն հոն պիտի չըլլաս, որ կիսամեռ գլուխը ծնկուըներուդ վրայ վրայ հանգչեցնես ու սրբես արիւնը. Զարեհ չի կրնայ պիտի, աւա՜ղ, քու սիրալիր ծոցոյդ մէջ աւանդել քեզի իւր ետքի ողջոյնը ու ետքի շունչը:

ՍՈՒՐԷՆ. Մի՛ խռովեր աւելի, եղբայր իմ. մրրկեալ սիրտս քու մէյ մէկ մահուան սլաքներ են ինծի համար, ա՜հ, ի՞նչ ընեմ` քեզի հետ գամ□ փախչիմ… ի՞նչ, թողու՞մ ես զինքը, երկի՛նք, ի՞նչ թալկահար երեւոյթ է, որ կը տեսնամ. տե՛ս, միայնութեան ցաւոց ու հառաչանաց մէջ նազելի կեանքը մաշեցնելով, նուաղեալ աչքերն ու թեւերը երկիք վերցնելով` կ՚անիծէ այդ ժամն ու տեղին, ուր որ տեսաւ ու սիրեց զիս. կ՚իյնայ, կը տարածուի անկենդան, ու ես իւր քովը չեմ` իւր ետքի ողջոյնը ու շունչը ընդունելու համար. ա՜հ, չէ՛, չէ՛, չիկայ զօրութիւն մը, որ զիս բաժնէ քեզմէ. դուն ալ հառաչէ՛ ու լաց ինծի հետ, եղբայր իմ. երբ սիրելուոյդ համար ալ չես կրնար ապրիլ, մի միայն մխիթարութիւն անոր համար մեռնիլն է: Դուն մինակ, դուն մինակ ապրէ՛ իմ հօրս համար. փութա՛, Զարեհ, փութա՛, թանկագին են վայրկեանները…

ԶԱՐԵՀ. Ուրեմն` անդարձ կորսունցնէ՞ զքեզ իմ հայրս:

ՍՈՒՐԷՆ. Ու զքեզ ալ մէկտեղ, թէ որ աւելի ուշանաս հոս. գէշ կը կատարես որդիութեանդ պարտքը, քանի որ դուն հոս ես, հօրս միտքը տարակուսանաց մէջ կը ծփայ. ձեռուըները կապած են, ու կը փախցնէ գուցէ Հայաստանի ազատութեան ցանկալի առիթը. գնա՛, դարձի՛ր իր քովը, ըսէ՛ իրեն, որ ալ յոյսը կտրէ ինձմէ ու աւելի բարկութեամբ, կայծակնաբար` դիմէ պարսից վրայ. դուն իմ տեղս իրեն կրկին որդի եղիր, անդարձ չէ իմ կորուստս. ո՜հ, պիտի գտնաք հոս Սուրէնը… ցուրտ դիակ մը դարձած…

ԶԱՐԵՀ. Բօթաբեր գուժկան կը խաւրես զիս իմ հօրս. ալ չեն կրնար շրթունքներս խօսք մը արտաբերել, արցունքներս թո՛ղ խօսին… գրկեմ զքեզ, եղբայր իմ, երկի՜նք, ետքինը չըլլայ այս…

ՍՈՒՐԷՆ. Ին՞չ աղաղակ է, ժամանակ մի՛ կորսունցներ, ո՜վ Զարեհ, ո՜հ, կու գան, կը հասնին, փախի՛ր…

ԶԱՐԵՀ. Սուրս ինծի ճամփայ կը բանայ անոնց մէջ:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՍՈՒՐԷՆ

Երկի՜նք, ազատէ՛ իմ եղբայրս ու իմ վրաս թափէ բոլոր բարկութիւնդ:

ՏԵՍԻԼ Դ
ԳԱՐՋՈՅԼ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ, ՍՈՒՐԷՆ

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ահա՛ մատնիչը, բռնեցէ՛ք զինքը:

ՍՈՒՐԷՆ. Առաջ մի՛ գաք, յանդուգն մարդասպաններ, սուրիս ծայրը կեցած է մահը ու պիտի հնձէ զձեզ, եթէ յանդգնիք ձեռք վերցնել ինծի դէմ. ի՞նչ կ՚ուզէք ինձմէ, ո՞վ զձեզ ղրկեց հոս. եթէ արեան ծարաւի էք, ինչու՞ այդչափ բազմութեամբ մինակ մէկ հոգիի դէմ կատաղաբար կը յարձակիք. թշնամիք ազատ դաշտի մէջ բանակնին կանգնած են. հո՛ն ցուցուցէ՛ք ձեր արիութիւնը. հեռացէ՛ք, անմիտ զօրականք, որ ամօթոյ ու վատութեան մէջ կը պղծէք ձեր զէնքերը, հեռացէ՛ք, չըլլայ թէ ծանր գնէք ձեր յանդգնութիւնը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ատրվշնասպ մարզպանն է զմեզ հոս ղրկողը. սուր աչուըներէս չի փախաւ քու նենգութիւնդ. եղբօրդ հետ ի՞նչ դաւաճանութիւն կը լարէիր հոս, գիշերային խաւարը ձեզի պաշտպան կարծեցիք, չէի՞ք գիտեր, որ Գարջոյլին աչուըները փայլակի պէս մթութեան մէջ կը ցոլային ձեր վրայ:

ՍՈՒՐԷՆ Որ՞ն է մեր յանցանքը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Վահանայ որդի ըլլալնիդ. զօրականք, կատարեցէք մարզպանին հրամանը:

ՍՈՒՐԷՆ. Ուրեմն` սատկեցուցէք զիս հոս, վատ զօրականք, աւելի վատ առաջնորդի մը. զարկէ՛ք ձեր զինուորակիցը, որ այնչափ անգամ հարուստ աւարներով ու բարեօք լեցուց զձեզ, որուն կեանքերնին պարտական են ձեր մէջէն շատերը. ձեզմէ ամէնէն քաջասիրտը թո՛ղ առաջ գայ, ահա՛ իմ սիրտս, ձեզի ըլլայ իմ արիւնս. ինչու՞ լուռ կեցեր էք, ու՞ր է ձեր կատաղութիւնը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ահա՛ Ատրվշնասպ ինքը:

ՏԵՍԻԼ Ե
ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ԳԱՐՋՈՅԼ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. (Զօրքերուն) Ին՞չ է այս. անշարժ եւ լուռ կեցեր էք. ասա՞նկ կը կատարէք ձեր իշխանին հրամանը:

ԳԱՐՋՈՅԼ, Յանդիմանէ՛ իրենց վատութիւնը, ո՛ իշխանդ. ես կ՚երթամ, կը հասնիմ նենգաւորին դաւաճան եղբօրը։ (Կ՚երթայ):

ՍՈՒՐԷՆ. Ո՜ Ատրվշնասպ, ո՞ր ատենէ ի վեր է այդ սովորութիւնդ` զօրաց գունդ մը ղրկել միայնակ անձի մը դէմ. պատերազմի վտանգներուն ու փառացը մէջ վարժեցայ ես միշտ զանոնք տեսնելու, ո՞վ սորվեցուց իրենց վատութեան ու անարգանաց նուիրել սուրերնին:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Անիկա, որ փոխանորդն է հոս արքայից արքային եւ իրաւունք ունի տիրաբար հրամայել բոլոր Հայաստանի անիկա, որուն աչուըները սեւ մատնութեան մը գաղտնիքներուն մէջ կը թափանցէ ու առաքինութեան քօղին տակ կը տեսնայ ոճիրը. անիկա է զանոնք ղրկողը. ատենն է ալ անաչառ խստութիւնը ձեռք առնելու. բաւական եղաւ այսչափ ատեն նենգամիտ խորհրդոց վրայ աչք գոցելու. դողա՛, անհաւատարիմ Սուրէն, յանդգնութեանդ չափը լեցուցիր:

ՍՈՒՐԷՆ. Այո՛, յանցաւոր եմ ես. յանցաւոր եմ, որ փոխանակ ազգիս համար զոհուելու` իւր ոխերիմ թշնամիներուն մատուցի իմ ծառայութիւնս. յանցաւոր եմ, որ ապերախտներու համար պատերազմաց մէջ արիւնս թափեցի, բայց արդարադատ են երկինք ու կը հատուցանեն հիմա ինծի արժանի պատիժը. իմ բարիքներս վայելող երախտամոռաց պարսիկք հիմա իմ երեսս կը զարնեն անհաւատարմութիւնս, ալ ի՞նչ կ՚ուշանաս. սպառնալիքդ կատարէ՛, ամէնէն սոսկալի մահը իբր մեծապարգեւ շնորհք մը պիտի ընդունիմ քու ձեռքէդ:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Չես կրնար յանդուգն ամբարտաւանութեամբդ յանցանքներդ ծածկել, մատնեցիր հայրենիքդ ու հիմա կ՚ուզես մատնել պարսիկներն ալ ամօթալի փախստեա՞մբ. բայց ի՞նչ աղաղակ է:

ՏԵՍԻԼ Զ
ԳԱՐՋՈՅԼ, ԶԱՐԵՀ` ԿԱՊԵԱԼ, ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ՍՈՒՐԷՆ, ԶՕՐՔ

ԳԱՐՋՈՅԼ. Տէ՛ր, աղէկ ատենին հասայ ես. այս անօրէն կապեալը, որ կը տեսնաս հոս, զօրաց բազմութենէ պաշարուած, իւր փախստեան ատենը սուրը ձեռքը անոնցմէ շատերը գետինը գլտորելով` արիւնոտ ճամփայ մը կը բանար իրեն ու մօտ էր ազատելու, երբ ես ուրիշ զօրաց գնդով մը վրայ հասայ, ճամփան կտրեցի, ու բռնուեցաւ. ահա՛ ինքը. թո՛ղ քու բերնէդ լսէ իւր դատապարտութեան վճիռը:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Դու՞ն ես, որ նենգութեամբ այս գիշեր յանդգնեցար պարսից բանակը մտնալու, քու բերնովդ պատմէ՛ ինծի քու ոճիրներդ:

ԶԱՐԵՀ. Արեանց գետերը, որ վազցուցի պարսից բանակին մէջ, թո՛ղ իմ տեղս պատասխանեն քեզի:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Անգութ պատուհաս ու սարսափելի մահ մը կախուած է գլխուդ վրայ, եթէ ծածկես խորհուրդներդ:

ԶԱՐԵՀ. Ուրախութեամբ կը մեռնիմ, վասնզի մահէն աւելի սեւ ու ատելի են ինծի բռնաւորաց ու մատնիչներու դէմքերը:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Անամօթ ու լիրբ խօսքեր մեզի դէմ ժայթքելո՞ւ համար եկար դուն հոս:

ԶԱՐԵՀ. Վսեմ դիտաւորութիւն մը դրդեց զիս հոս գալու:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Որ՞ն է:

ԶԱՐԵՀ. Դարձու՛ր ինձի իմ սուրս, ու կը զրուցեմ քեզի:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Չի կրնալով յաղթել` մարդասպանութեամբ կ՚ուզէք ուրեմն փառաւորուիլ դուք, ա՞յս է հայ զօրականի մը քաջութիւնը:

ԶԱՐԵՀ. Համարձակէ՛ նախ` միայն պարսկական զէնքով կռուիլ մեզի հետ, բայց դուք հայը հայու դէմ կը զինէք, եղբայրը` եղբօր, ու մատնութիւնը առաքինութիւն մը ըրեր էք. նայէ, ո՛վ կեցեր է քու քովդ, ա՜հ, ազատեցէ՛ք զիս ձեր ներկայութենէն. բաւական եղաւ ինծի դժոխադէմ դաւաճանի մը երեսը տեսնելու պատիժը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Համբերէ՛ քիչ մըն ալ ու տեսնաս, թէ անկէ շատ սոսկալի պատիժներ կրնան ըլլալ. ինչո՛ւ կ՚ուշացնես, իշխանդ քաջդ, կատարելու իւր փափագը:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Նախ` խաւարային բանտի մը մէջ ձեռքերն ու ոտքերը շղթաներով թո՛ղ կապուին ու վաղը զարհուրելի տանջանքներուն մէջ հրապարակաւ գլուխը կտրուի:

ԶԱՐԵՀ. Չի՛ խոնարհիր ճակատս քու բարկութեանդ դիմացը. սոսկալի տանջանքներուն մէջ ազատ եմ ես. թո՛ղ Գարջոյլ մը իւր սեւ ճակատը քսէ կոխկռտած փոշիիդ, ես ու ինծի պէս դեռ հարիւրաւոր հայկազունք զուարթ դէմքով կը դիմենք մահուան դէմ:

ՍՈՒՐԷՆ. Տէ՛ր, այսչափ խիստ պատիժ մը…

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Շատ թեթեւ է իրեն համար:

ԶԱՐԵՀ. Ինծի համար միջնորդութեան կը խոնարհիս, ո՜ Սուրէն. ու՞ր է քու արիութիւնդ. մոռցա՞ր, ուրեմն, որ Վահանայ որդիք ենք մենք. մի՛ դառնացնէր իմ ետքի վայրկեաններս քու վատութեամբդ. մեռնի՛նք, մեր արեանց ծուխին մէջէն աւելի ահեղ փայլատակէ վրէժխնդրութիւնը ասոնց գլխուն վրայ. իմ ետքի ողջոյնս կը ղրկեմ քեզի, ո՛ Հայաստան. Զարեհ քեզի համար իւր առոյգ կենացը արեւը մարեց հոս. քեզի համար իւր արիւնը կը թափէ. վազէ՛, եկուր հոս իւր վրէժը առնելու:

ՍՈՒՐԷՆ. Անարժան եղբայր չեմ ես քեզի, Զարեհ, ահա՛ Սուրէն, քու քովդ. թո՛ղ գայ հիմա մահը ու իրարու գիրկը գտնայ զմեզ, ու մեր ատելիներն վախի ու ապշութեան մէջ վարանեալ:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Ինչուան գերեզմանին դուռը հայհոյանքներ կը պոռթկաք մեզի դէմ, զօրակա՛նք, կատարեցէք շուտով իմ հրամանս. տարէք երկուքն ալ. իրենց գլուխները ձեր նիզակներուն ծայրը կախեցէ՛ք. տեսնան, սարսափին հայերը ու իմանան, որ այսպէս պիտի ըլլան տիրադրուժ ապստամբները:

ՏԵՍԻԼ Է
ՊԱՐՍԻԿ ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Իշխանդ մեծ, Վահան յանկարծ կոխեց մեր բանակը. պատերազմը արդէն սկսած է, փութա՛, տէր:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Այդ աստիճան հասաւ իրենց յանդգնութիւնը. փութա՛նք, վազե՛նք, զօրականք, մէկ վայրկենէն կը ջնջուին ապստամբք, ու կը դառնամ ձեզի:

ՏԵՍԻԼ Ը
ՍՈՒՐԷՆ, ԶԱՐԵՀ

ՍՈՒՐԷՆ. Ահա փափագելի ժամը, եղբայր իմ, երկինք պսակեցին քու առաքինի քաջութիւնդ, իյնան շղթաներդ (Կը քակէ)

ԶԱՐԵՀ. (Գետինը զարնելով շղթաները): Ասանկ պիտի կոտրին Հաաստանին շղթաները։

ՍՈՒՐԷՆ. Պատերազմը կը սաստկանայ. փութա՛, խառնուէ՛ քաջաց վրէժխնդիր բանակին մէջ։

ԶԱՐԵՀ. Ա՜հ, անզէն եմ, ու սուր մը չունիմ մէջքս, բայց հոգ չէ, կ՚երթամ, կը բարձրացնեմ Հայաստանին դրօշը. տեսնան զայն հայք ու բոց տեղան թշնամեաց վրայ, տեսնան զայն պարսիկք ու սարսափին:

ՍՈՒՐԷՆ. Ո՛չ, ա՛ռ քեզի իմ սուրս, քեզմէ աւելի քաջազունի մը չեմ կրնար յանձնել զայն, քու ձեռքդ իւր առջի փառքը ստանայ ու պարսից արիւնին մէջ մաքրուի մատնութեան ժանգէն:

ԶԱՐԵՀ. Եկու՛, եղբայր իմ, եկու՛ ինծի հետ, եթէ զէնք ալ պակսին մեզի, պարսիկներէն յափշտակենք:

ՍՈՒՐԷՆ. Զէնք պէտք չեն ինծի, կու գամ քեզի հետ, պատերազմի կրակին մէջ կը նետեմ ինքզինքս. հարուած մը ընդունիմ հայոցմէ ըլլայ կամ պարսիկներէն, հոգ չեմ ըներ, միայն թէ մահացու հարուած մը ըլլայ. ո՜վ թշուառ Ասթինէ, ասկէ ետքը իմ շիրիմս գրկէ (Կ՚երթայ):

ՏԵՍԻԼ Թ
ԳԱՐՋՈՅԼ

      Ո՜վ անհաւատալի դիպուած, ամօթալի պարտութիւն. իրեք հազար պարսիկք ցիր ու ցան ըլլան ու ջնջուին չորս հարիւր հայոց դիմա՞ցը: Ու՞ր էք իմ կատաղութիւնս ու բոցավառ վրէժխնդրութեանս կտոր կտոր եղած յոյսերը: Շաւարշանի դաշտը լափեց զամէնն ալ, ու Գարջոյլը մինակ մնաց, մինակ մնաց Գարջոյլ հալածական ու դատապարտ:

      (Ներսէն) Կեցցէ՛ Վահան, սատկեցան պարսիկք:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Կը մօտենայ Վահան, ո՜հ, թէ որ ազատութեան ամէն դռները գոց են ինծի համար, բացուեցէ՛ք ինծի, դժոխք (Փախչելու ատեն):

ՏԵՍԻԼ Ժ
ՎԱՀԱՆ ԶՕՐԱԿԱՆՆԵՐՈՎ, ԳԱՐՋՈՅԼ

ՎԱՀԱՆ. Զօրակա՛նք, բռնեցէ՛ք դաւաճանը. ու՞ր պիտի փախչէիր մեր վրէժխնդրութեան ձեռքէն. պարսկական բռնութեան գահին կռթնած` անոր հետ մէկտեղ կործանէ՛ դուն ալ. քու վրադ գոցուի կորստեան խորխորատը, որ հայրենի հիմանցը տակ կ՚ուզէիր փորել. դուն պիտի սատկիս, Գարշոյլ, քեզի կը սպասեն գետնի վրայ տարածուած պարսից դրակները:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ա՜հ, անիծեալ ըլլան այս ձեռքերը, որ քեզմէ առաջ չի կրցան վերջ տալ ատելի կենացս. անիծեալ ըլլան աչուըներս, որ չի կրցան տեսնալ քու կորուստդ. կ՚երթամ ես մեռնելու, արիւնածարաւ սուր մը պիտի պատռէ սիրտս. բայց լսեցէ՛ք, դժոխք, ետքի խնդիրքս. Վահանայ սրտին վրայ ալ իջնայ հարուած մը, հարուած մը շատ աւելի խորունկ ու կատաղի սրոյ հարուածներէն, որ Գարջոյլին ոսկորները խնդան հողոյն տակը Վահանին յուսահատ հառաչաննաց ձայները լսելով:

ՎԱՀԱՆ. Զօրականք, տարէ՛ք անօրէնը` իջնայ տապարը իւր գլխուն վրայ ու լռեցնէ հայհոյիչ լեզուն. այս է ձեր բաժինը, ազգաւեր մատնիչք ու հայրենատեաց ժանտ գլուխներ (Կը տանին Գարջոյլը): Այդպէս բնաջինջ եղան վատերը. Հայաստան, ուր իրենց բռնութեան գահը կանգներ էին, անոնց գերեզմանը եղաւ. մէկ օրուան մէջ հարիւր տարուան վրէժը լուծեցինք. բայց ու՞ր է Զարեհ, շատ կը վախնամ, որ ուշ հասայ ես. ի՞նչ կ՚ըսեմ, ժամանակին հասայ Հայաստանին բարեբախտութեանը համար:

ՏԵՍԻԼ ԺԱ
ՍՈՒՐԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐ ՈՒ ԶԱՐԵՀԻՆ ԿՌԹՆԱԾ

ՎԱՀԱՆ. Ին՜չ ողբալի տեսարան է այս:

ԶԱՐԵՀ. Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս Սուրէնը արեանը մէջ թաթխուած` զարնուեցաւ, ու կը մեռնի իմ կեանքս ազատելով:

ՎԱՀԱՆ. Ին՞չ ըել կ՚ուզես:

ԶԱՐԵՀ. Ազատեց զիս կրկին անգամ. նախ` Ատրվշնասպին շղթաներէն, ու հիմա ալ այս փառաւոր պատերազմին մէջ, ինծի դէմ շտկուած հարուածի մը իւր կուրծքը վահան ընելով. ա՜հ, եղբայր իմ, ասա՞նկ պիտի դառնայիր դուն մեզի. ո՜վ դառն հարուած…:

ՍՈՒՐԷՆ. Երջանիկ հարուած, ո՛, Զարեհ, որ քու սիրելի կենացդ փրկութեան պատճառ եղաւ. ո՜հ, որովհետեւ երկինք արժանի ըրին զիս այս ցանկալի բախտին, ուրեմն` հաշտուած են ինծի հետ. դուն, հայր իմ, դուն դեռ սրդողա՞ծ ես որդուոյդ. աչուըներդ դարձու՛ր ինծի, ու ետքի անգամ լսեմ ձայնդ. ձայն մը… գթութեան ու սիրոյ…

ՎԱՀԱՆ, Ա՜հ, ու՞ր դարձնեմ աչուըներս. արիւնլուայ որդուո՞յս վրայ. յաղթեցի պարսից, բայց կը յաղթուիմ քու ցաւէդ, որդեակ իմ. հայրական ներումս ու գութը ինչպէս կրնամ ժխտել որդուոյ մը, զոր վերստին գտայ. բայց ի՞նչ վիճակի մէջ. աւա՜ղ, երկինք չուզեցին պարգեւել ինծի անտըրտում յաղթութիւն մը։

ՍՈՒՐԷՆ. Կուլա՞ս իմ վրաս, հայր իմ, ո՜հ, այդ արցունքները թո՛ղ ցօղին ճակտիս վրայ ու թեթեւցնեն զայն… անիծից ծանրութենէն. բայց ո՛չ, մի՛ ողբայք այդ մահը, որ ձեր գիրկը ու հայրենեացս ծոցը դարձուց զիս… հայր, ընդունեցայ քու ներումդ. ու թէ որ գթութեանդ ալ արժանի եմ, մեռնելէս վերջը դարձու՛ր այդ գթութիւնը անմեղ օրիորդին վրայ… իմ մահս հաշտեցնէ զքեզ իրեն հետ ալ. իսկ դու, Զարեհ, եղբայր իմ, պատուիրեցի քեզի կրկին որդի ըլլալ իմ հօրս. անջինջ պահես մտքիդ մէջ իմ խօսքերս… մոռցու՜ր իրեն բոլոր կենացս վարքը…բայց միշտ յիշեցուր իրեն… ո՜հ, յիշեցուր իմ մահս… (Կը մեռնի):

ԶԱՐԵՀ. Արիւնդ վազեց ինծի համար, ու ես, ա՜հ, չեմ կրնար… բայց եթէ արցունքներ նուիրել քեզի եղբայր իմ:

ՎԱՀԱՆ. Գրկեմ քու դիակդ, ո՜ Սուրէն, վասնզի իբրեւ դիւցազն ու առաքինի հայ մեռար:

ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ. (Գալով) Տէ՛ր, պարսիկները հալածեցինք բոլորովին, սատկեցուցինք Գարջոյլն ալ. քեզի կը սպասեն մեր քաջերը:

ՎԱՀԱՆ. Զարեհ որդեակ, մխիթարուինք ուրեմն, տե՛ս, մեր արեանց ու արցունքներուն մէջէն ծագեցաւ փառքն ու երջանկութիւնը Հայաստանին վրայ:

ՎԵՐՋ