Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՄՈՒՇԿԱՆ, ՈՐՄԻԶԴ

Բանակատեղի պարսից

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ու՞ր էիր ինչուան հիմա, որդիդ մեծի արքային. պատերազմին ատենը զքեզ աչքէս կորսնցուցի, ու մեր սիրտը վախով լեցուեցաւ:

ՈՐՄԻԶԴ. Ո՜վ Մուշկան, մահաբեր վտանգէ մը ազատեցայ ես, ու չեմ գիտեր, որու՞ ձեռքով:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Միթէ փախստական հայոց ձե՞ռքը ինկար անտառին մեջ:

ՈՐՄԻԶԴ. Այո՛, ու անոնցմէ մէկուն վեհանձնութեանը պարտական եմ իմ կեանքս:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ի՞նչպէս:

ՈՐՄԻԶԴ. Պատերազմի մէջ անուն հանելու փառասէր եռանդը մղեց զիս ալ անտառին մէջ, ուր գիտէի, որ հայոց թագաւորը պահուըտած էր իւր հաւատարիմ որդուովն ու զօրականներովը:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ինչպէ՞ս, դու՞ն մինակ:

ՈՐՄԻԶԴ. Ո՛չ, այլ ձայն տուի մէկ քանի քաջ զօրականներու, որ ինծի հետ գան: Դեռ արշալոյսը չէր սկսել ծագիլ, մտանք անտառին մէջ` փառաւոր որս մը ընելու յոյսով, ու յանկարծ կոխեցինք ապստամբ թագաւորին յետին ապաստանը: Հայերը սարսափած` զէնքի վազեցին, ու թէպէտ քիչ թուով, բայց յանդգնեցան սաստկութեամբ պատերազմիլ մեզի դէմ: Խառն գիշերուան մթութեան հետ երկարեցաւ կռիւը, ու ես իմ օրինակովս քաջալերելով իմիններս, վերջապէս կատարեալ յաղթութիւն մը պիտի վաստկէի, ու հայերը սկսեր էին արդէն փախչելու, երբ յանկարծ պատանի զինուոր մը դէպի իրենց վազելով` «Ու՞ր կը փախչիք, ինծի հետ եկէք», - ըսաւ ու այնպիսի կատաղի զօրութեամբ յարձակեցաւ մեր վրայ, որ մերինները չի կրնալով դիմանալ` ցիր ու ցան եղան անտառին մեջ: Ամօթով ու բարկութեամբ լեցուած` պարապ տեղը ջանացի սիրտ տալ անոնց: Մինակ մնացի քաջերու բազմութեան դէմ, մինակ մնացի, բայց չի փախայ, արքայից արքայի որդուոյ մը չէր վայլեր այդպիսի վատութիւն մը. սուրը ձեռքս միտքս դրի յուսահատ քաջութեամբ սուղ ծախել իմ կեանքս, ու անշուշտ էր իմ կորուստս, թէ որ նոյն երիտասարդ զինուորը պատերազմողներու մէջ նետուելով` չարգիլէր այն մահացու հարուածները, որ սրտիս վրայ շտկուած Էին: «Մի՛ զարնէք, ո՛վ զօրականք, - ըսաւ իրեններուն, - հայերը գիտեն քիչով բազմութեան յաղթել, բայց կը շնորհեն անօգնական մնացող քաջի մը կեանքը», - ըսաւ ու հեռացուց ինձմէ իւր զինուորները: Իրեն պարգեւն` կենացս շունչը, բայց ափսոս, որ ինքը հոս, իմ քովս, ինծի ընկեր ու բարեկամ չէ:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ինչու՞ չստիպեցիր զինքը թողուլ իւր վատաբախտ թագաւորն ու ազգը ու քեզի հետ լաւագոյն վիճակի մը արժանի ըլլալ:

ՈՐՄԻԶԴ. Ամէն հնարքներս փուճը ելան: Երբ մինակ մնացինք, ու տեսայ իւր ազնիւ ու կտրիճ կերպարանքը, զարմացմամբ ու երախտագիտութեամբ լեցուած` սիրտս կապուեցաւ անոր հետ, հարցուցի իրեն ո՛վ ըլլալը, ինքն ալ ինծի նոյնպէս, բայց երբ իմացաւ, որ Շապուհի որդին եմ, գոյնը նետեց, ու դէմքին վրայ նկարուեցաւ բարկութիւն գթութեան հետ խառնուած. «Գնա՛, - ըսաւ ինծի, - ազատեցի ես քու կեանքդ, որ պէտք էր կորսնցնել, մի՛ հարցնէր իմ անունս, գուցէ աւելի յարմար ատեն պիտի ճանչնաս զիս. տու՛ր ինծի մէկ յիշատակ մը, որ նշան ըլլայ մեր ծանօթութեանը»: Մէկզմէկու հետ փոխեցինք մեր սուրերը. պարապ տեղը ջանացի համոզել զինքը հետս գալու, քիչ ատենէն աներեւոյթ եղաւ անտառին մէջ:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Անշուշտ եմ, որ այդ անծանօթը երախտագէտ ու վեհանձն սրտիդ շնորհքները պիտի վայելէ շուտով:

ՈՐՄԻԶԴԴ. Ու՞ր էր, թէ այս բաղձանքս կատարուէր, բայց դուն հրաման տուր պահապաններուն. եթէ տեսնեն մէկը, որ իմ ոսկեզարդ սուրը կը կրէ, չըլլայ թէ թշնամանեն զինքը, այլ թոյլ տան համարձակ իմ վրանս մտնալու:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Այնպէս ըլլայ. երթամ քու հրամանդ կատարելու, եւ իմ տիրոջս` արքայից արքային, ամէն բան պատմելու:

ՏԵՍԻԼ Բ
ՈՐՄԻԶԴ

Զարմանալի դիպուած. սիրտս բարեկամութեան քաղցր սիրովը այնպիսի մէկու մը հետ կապուի, որ թշնամի է իմ ազգիս ու հօրս։ Դեռ աչքիս առջեւն է իւր սիրելի ու վեհանձն կերպարանքը. երբեք այդպիսի զօրաւոր ու անծանօթ զգացում մը տիրած չէր սրտիս մեջ: Մանկութենէս ի վեր սիրեցի պատերազմին ահեղ տեսարանները, զէնքը գործածել ամէնէն հաճելի զբօսանքս էր, բայց հիմա կը զգամ, որ աւելի քաղցր հաճութիւն մը կայ եղեր մարդուս համար, բարեկամութիւնն եւ սէրը: Ո՜հ, ինչու՞ ուրեմն մարդիկ կատաղութեամբ իրար կ՚ատեն ու կը պատռեն, թէ որ այնչափ անուշ է մէկզմէկ սիրելը, ո՜վ օտարականդ բարեկամ, թէ որ դուն հիմա իմ քովս ըլլայիր, արդեօք ինչպիսի կարօտով պիտի գրկէի զքեզ, ու այս ձեռուըներովս, որ քու հայրենիքիդ դէմ զէնք վերցուցին, քու ձեռուըներդ սխմելով` քեզի հետ անլոյծ բարեկամութեան դաշինք կը դնէի քու սիրոյդ համար կը սիրէի նաեւ քու ազգդ, որուն քաջութեան յիշատակը երբեք պիտի չի մոռնամ: Ինչու՞ այդչափ թշուառ է այս ազգը, որ այնչափ կտրիճ է. բայց ահա՛ հայրս հոս կու գայ:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՇԱՊՈՒՀ, ՈՐՄԻԶԴ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ՇԱՊՈՒՀ. Զուարթ եւ գոհ սրտով կ՚ողջունեմ իմ յաղթական վրաններս, որ ոսկեզօծ զարդերէն աւելի հայոց եւ յունաց աւարներովը կը փայլին: Այս քանի՜ անգամ է, որ կը կոխկռտեմ Հայաստանը, ու դեռ ատ ժողովուրդը չի կրցայ փոշի դարձնել ոտքիս տակը: Սուրս իւր կողը մխեցի, ու դեռ կենդանութեան նշան կու տայ ու կը տապլտկի աշխարհակալ ձեռներուս մէջ: Դեռ Արշակը շղթայակապ` իմ դիմացս չեն քաշկռտեր, ու փախստական հայ զօրքերու ողորմելի մնացորդ մը կը յանդգնի իմ որդուոյս կեանքը վտանգի մէջ դնել. կ՚երդնում մեր սքանչելի աստուծոյ` բարձր արեւուն վրայ, որ իւր ճառագայթները պիտի յայտնեն ինծի Արշակը ուր որ ըլլայ, ու ձեռքս պիտի հասնի անոր ետեւէն անդնդոց մէջ ալ։ Բայց դուն ինչու՞ անտառներուն մէջ անխոհեմութեամբ անոնց ձեռքն ինկար։

ՈՐՄԻԶԴ. Երիտասարդութեան կրակոտ եռանդը, որ վախ չի գիտեր ամէնեւին, դրեց զիս, հայր, պատերազմի փառաց մէջ քեզի արժանի որդի ըլլալու, բայց ո՞վ կը կարծէր` թշնամիներէն պարգեւ ընդունիմ ես կեանքս, որ անոնց կենացը դէմ սուր վերցուցեր էի:

ՇԱՊՈՒՀ. Ատելի է ինձ թշնամիի պարգեւը, թէեւ կենաց լոյսը ըլլայ: Վրէժխնդրութեանս կայծակները մարելու բաւական չէ այն, քանի որ Արշակը կենդանի է, թերի է յաղթութիւնս, ու ջնջուած չէ Շապուհին նախատինքը:

ՈՐՄԻԶԴ. Քու վեհ խորհուրդներդ պիտի կատարուին բովանդակ, ո՜վ հայր դիւցազուն. թո՛ղ քու անձիդ թշնամիները զգան ահեղ զօրութեանդ չափը, բայց տեսնայ նաեւ աշխարհք, որ քոյ արդար վրէժխնդրութիւնդ վառող արքայական ցասմանդ կը հաւասարի նաեւ մեծասիրտ ու մարդասէր գթութիւնդ: Չարերն ու բարեգործք տեսնան, որ մեծազօր ձեռուըներդ միեւնոյն չափով գիտեն պատուհասել ու վարձատրել: Իսկ Արշակին շուտով ձեռք իյնալուն վրայ բնաւ մի՛ տարակուսիր. մեր զօրքերը տիրած են Հայաստանի ամէն կողմին, ու անտառը պաշարուած` ուր փախեր է Արշակ իրեններովը. իւր ազգը իրեն չարագոյն թշնամին է, ու պարսիկներէ առաջ գուցէ հայերը մատնեն զինքը քու ձեռքդ:

ՇԱՊՈՒՀ. Իյնայ մէյ մը իմ ձեռքս ու իմանայ, թէ Շապուհին սուրը պարապ տեղը չի փայլատակեր ուխտազանց թագաւորի մը դէմ, իմանայ, որ պարապ Է կռթնիլ յունաց կայսերաց երերուն ու տկար գահին, որ կրնայ իրեն հետ մէկտեղ փլչիլ։ Հայաստան պէտք Է ջնջուի՛, հոն պէտք է ահագին հարուածով մը սասանեցնել Կոստանդիանոսի քաղաքն ու բոլոր աշխարհք, ու իմ աշխարհակալ զինուցս հռչակը անմահ արփուոյն ճառագայթներուն հետ տարածել տիեզերաց ամէն կողմը:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՄՈՒՇԿԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ՄՈՒՇԿԱՆ. Կեցցէ՛ տէր իմ արքայից արքայ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ին՞չ լուր կը բերես ինձի:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Արշակը մեր ձեռքն ինկաւ։

ՇԱՊՈՒՀ. Արշա՜կ։

ՄՈՒՇԿԱՆ. Այո՛, նոյն ինքն:

ՇԱՊՈՒՀ. Ու՞ր բռնուեցաւ։

ՄՈՒՇԿԱՆ. Անտառին մէջ, ուր հայերը ամէն մէկ ծառը մէյմէկ պատնեշ դարձնելով` ահագին դիմակալութիւն մը ըրին մեզի, ու հարկ եղաւ մեծ մասը մեր բանակին ճակատ հանել զիրենք նուաճելու համար:

ՇԱՊՈՒՀ. Բռնուեցա՞ն ամէնն ալ:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Երկայն դիմադրութենէ վերջը ոմանք ձեռք ինկան, ու մեծ մասը ցրուեցան անտառին մէջ. անոնց մէջն էր երիտասարդ զօրապետ մը, որ գլուխ էր այն պզտիկ խումբին` պարսից արիւնովը կշտացուց իւր սուրը. այնչափ կատաղութեամբ կը պատերազմէր մեզի դէմ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ու չի կրցա՞ք բռնել զինքը:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Կռուին ժամանակը հազիւ թէ արշալոյսը սկսեր Էր ծագիլ, մթութեան օգնութեամբ փախաւ ինքը, սակայն մեր ձիաւորները կը հալածեն զինքը, ու անշուշտ, եմ արքայ, որ քիչ ատենէն Արշակայ շղթաներուն ծանրութիւնը պիտի զգան իւր ձեռուըներն ալ:

ՇԱՊՈՒՀ. Թէ որ ինքը ազատի մեր ձեռքէն, կորսուած է աւարին գեղեցկագոյն մասը. անշուշտ, անիկա է ապստամբ Արշակին անօրէն որդին` իւր հօր գոռոզութեան պատուարն ու նեցուկը: Զօրավարդ Մուշկան, թո՛ղ հայոց թագաւորը, բանակը գալուն պէս, շղթաներով կապած` իմ դիմացս բերուի իբրեւ վատ գերի մը:

ՄՈՒՇԿԱՆ. Կատարեսցի հրաման տեառն իմոյ արքայի, բայց ուրիշ գերի մըն ալ, եթէ կը հաճիս, տէր արքայ, բերեմ հիմա քու դիմացդ:

ՇԱՊՈՒՀ. Ո՞վ է եւ ուսկի՞ց ձեռք ինկաւ։

ՄՈՒՇԿԱՆ. Անտառին կռնակը, բլրոյ մը վրայ, քրիստոնէից եկեղեցի մը տեսանք, վազեցինք հոն, կոտրեցինք դռները ու տեսանք խաչապաշտներու քահանաներ, որ անխռով, ծունկի վրայ եկած` բարձրաձայն երգերով կ՚աղօթէին. թրէ անցուցինք զամէնն ալ, բայց իրենց գլխաւորին ահաւոր եւ ակնածալից կերպարանքէն ակնածելով` կենդանի պահեցինք զինքը քու դիմացդ բերելու համար:

ՇԱՊՈՒՀ. Կ՚ուզեմ տեսնալ զինքը. շուտով թո՛ղ գայ հոս, դուն ալ, Որմիզդ, գնա բանակը` Արշակը դիմաւորելու:

ՏԵՍԻԼ Ե
ՇԱՊՈՒՀ

Այսպէս մէկիկ-մէկիկ պիտի կատարուին փառաց եւ վրէժխնդրութեան խորհուրդներս, ու իմ անխախտելի գահիս լոյս ու ջերմութիւն տուող աստուածային կրակը մոխիր պիտի դարձնէ նազովրեցուոյն կրօնքն ու ժողովուրդը:

ՏԵՍԻԼ Զ
ՇԱՊՈՒՀ, ՄՈՒՇԿԱՆ, ՆԵՐՍԷՍ

ՄՈՒՇԿԱՆ. Ահա՛, տէր արքայ, ձերբակալ քահանայն:

ՇԱՊՈՒՀ. Կարծեմ, դու՞ն ես Ներսէսը, կը ճանչնամ զքեզ, քու մեծ համբաւդ չի կրցաւ ազատել զքեզ գերութենէ, ի՞նչ կ՚ընէիր եւ ու՞ր էիր դուն, երբ Շապուհին ոտքին տակը ողորմելի դիակի մը պէս տարածուեր է Հայաստանը:

ՆԵՐՍԷՍ. Թէ որ Հայաստան իմ ձայնիս մտիկ ընէր, ոխերիմ թշնամիք չէին կրնար կոխելու տեղ մը գտնալ իւր հողոյն վրայ, եւ ոչ հպարտանալ անոր կործանմամբ: Կը հարցնե՞ս ինծի, թէ ի՞նչ կ՚ընէի, եւ ու՞ր էի: Յաւիտենական աստուծոյ տաճարին մէջ կը խնդրէի իրմէն իւր բարկութիւնը դարձնել վերջապէս իր անուանը թշնամիներուն դէմ, ու չի մատնել Հայաստանը բռնութեան եւ թշուառութեան ձեռքը: Ո՜հ, գազանասիրտ զօրաց մռնչիւններուն ու մահուան հառաչանաց մէջ խղդուեցան մեր աղօթից ձայները:

ՇԱՊՈՒՀ. Վասնզի ինծի դէմ էին:

ՆԵՐՍԷՍ. Եւ որու՞ դէմ կրնային ըլլալ. դուն չըսի՞ր հիմա գոռոզութեամբ, որ ողորմելի դիակի մը պէս տարածուեր է Հայաստան ոտքիդ տակը, ո՞վ է այն, որ կենդանութեան չի փափագիր, եւ մարդասպանին դէմ չի բողոքէր երկնից վրէժխնդրութեան: Ո՞վ է այն, որ արդարադատ աստուծոյ գթութիւնը չի հրաւիրէր այն խոց, վիրաւոր ու ողորմելի դիակ մը կարծուող ազգին վրայ, որ կենդանանայ, կանգնի, զօրանայ ու վրէժխնդիր հսկայ մը դառնայ, զինքը ոտքի տակ առնողին դէմ: Այսպիսի բաղձանքով վառուած են ամէն ճշմարիտ հայերը, եւ ամէնէն աւելի Ներսէս:

ՇԱՊՈՒՀ. Պարապ տեղը կը խրոխտաս ինծի դէմ. իմացար փորձով, որ անզօր էին քու աղօթքներդ եւ կամ անզօր էր քու աստուածդ զանոնք կատարելու: Շապուհ ինչուան հիմա սպառնալիքներ գոռաց ուրիշի դէմ, եւ ոչ երբեք ուրիշի սպառնալիքներէն դողաց: Մտայ Հայաստան իբրեւ թշնամի, վասնզի չուզեց ճանչնար զիս իբրեւ տէր, մտայ հոն սրոյս կռթնած, եւ ո՞վ պիտի յափշտակէ զայն ձեռքէս:

ՆԵՐՍԷՍ. Աստուած, որուն մատուըներուն գործն է այն արեւը, զօր կը պաշտես դուն։

ՇԱՊՈՒՀ. Ուշացաւ քու աստուածդ օգնութեան հասնելու քեզի, Շապուհին հրամանովն` ինկան, կործանեցան իւր տաճարները, ու պիտի դադրին այսուհետեւ իւր անունը յիշելու Հայաստանին մէջ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜վ թագաւոր, սրոյդ վրա՞յ կռթներ ես դուն, չէ՞ նէ անգթութեան: Ո՜հ, իրաւ ես, սարսափելի ճշմարտութիւն մը ելաւ բերնէդ. Հայաստանին մէջ չի մնաց քար մը, բոյս մը ու ծաղիկ, որ հայ արիւնով կարմրած չըլլայ, բայց թէեւ բոլոր ժողովուրդ մը իր արեանը մէջ խղդուի, թէեւ աստուծոյ անուան արձագանքները լռեն կործանեալ եկեղեցիներու մէջ, միթէ կը լռէ՞ անմեղ արիւնը: Մտիկ ըրէ, ո՜վ թագաւոր, արեան բողոքանաց ձայնը արդարութեան թեւերուն վրայ բարձրանալով` ահագին կը զարնէ երկնից դուռը, ու չի կրնար աստուած խուլ ըլլալ ատ ձայնին:

ՇԱՊՈՒՀ. Եմ յաղթական սրոյս պէս զօրաւոր է նաեւ բախտս: Ո՜վ քահանայ, դուն վարժած ես խորաններու դիմաց աննշան ծառայի մը պէս խոնարհ աղօթքներ մրմնջել քու աստուծոյդ, որուն պարապ տեղը կը յուսաս. կ՚ուզես, որ Շապու՞հն ալ քեզի պէս մտածէ, ասա՞նկ կը ճանչնաս դուն Շապուհը:

ՆԵՐՍԷՍ. Աստուծոյ բարկութեան հարուածը կը ճանչնամ ես զքեզ Հայաստանի վրայ, բայց մի՛ պարծիր յաղթանակներովդ, մի՛ պարծիր բախտիդ եւ սրոյդ վրայ. բախտին անիւը շատ անգամ փոսերու մէջ կը սահի, ու սուրդ կրնայ փշրիլ քու ձեռքիդ մէջ: Թագաւոր էր նաեւ Արշակ, տե՛ս, թէ ի՞նչ է հիմա, տե՛ս, թէ որչա՞փ մօտ են իրարու արքունական գաւազանն ու գերութեան շղթաները:

ՇԱՊՈՒՀ. Դուն համարձակ կը խօսիս, ո՜վ Ներսէս, բայց մի՛ կարծեր անով գրգռել զիս քեզի դէմ. քահանայ մը ես դուն ու սուր չես կրեր, ուստի ապահով ես արքայիդ արքային բարկութենէն. ազա՛տ ես դուն, գնա՛, ուզածիդ չափ երկնից վրէժխնդրութիւնը գրգռէ իմ գլխուս վրայ, բաւական է ինծի իմ սուրս, Արշակն ու Հայաստանը: Զօրակա՛նք, թողուցէք զինքը, որ երթայ. զօրութիւնս ճանչցաւ ինքը, ճանչնայ նաեւ գթութիւնս:

ՆԵՐՍԷՍ. Ազգիս վրայ ցըցուր ատ գթութիւնը, որ Ներսէսի մը երախտագիտութեանն ալ արժանի ըլլաս, ի՞նչ օգուտ ինծի անձիս ազատութիւնը, թէ որ ազգս թշուառ ու գերի է:

ՏԵՍԻԼ է
ՇԱՊՈՒՀ, ՄՈՒՇԿԱՆ

ՄՈՒՇԿԱՆ. Կը հիանամ, ո՜վ տէր, քու մարդասէր վեհանձնութեանդ վրայ:

ՇԱՊՈՒՀ. Կը զարմանամ ես ալ ատ մարդուն աներկիւղ համարձակութեանը վրայ. իւր խօսքերը աւելի ազդեցին սրտիս, քան թէ բոլոր յունաց եւ հայոց բանակները:

ՏԵՍԻԼ Ը
ՇԱՊՈՒՀ, ՄՈՒՇԿԱՆ, ՈՐՄԻԶԴ

ՈՐՄԻԶԴ. Հայր իմ վեհազուն, լրտեսները լուր բերին մեզի, որ Հայաստան դեռ բոլորովին նուաճեալ չէ: Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Սմբատ Բագրատունի իշխանները բազմաթիւ գնդերով կը պտտին Հայաստանին մէջ ու յանկարծակի յարձակումներով կը զարնեն մեր յառաջապահ զօրքերը. ինչուան հոս, քու բանակիդ մէջ ալ յարձակելու դիտաւորութուններ կան, Արշակը ազատելու համար:

ՇԱՊՈՒՀ. Թո՛ղ գան ամէնքը, որ ամէնքը մէկտեղ կորսուին: Երթանք ու պէտք եղածը կարգի դնենք, ու դեռ Արշակը չէ տեսած, Արշակին ազատիչները դիմաւորենք:

ՈՐՄԻԶԴ. Որչափ բարեբախտ պիտի ըլլամ ես ալ, թէ որ իմ ազատիչս կարենամ դիմաւորել:

Ձգի վարագոյրն