Թատրերգութիւններ (Կոռնակ, Արշակ, Վահան, Վահէ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

Սրահ սիւնազարդ եւ գահ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՎԱՀԷ, ԶԱՐՄԱՅՐ

ՎԱՀԷ. Ին՞չ լուր, որդեակ իմ Զարմայր, ինձ կը բերես Արուսեկէն:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Սոսեաց դիցանուէր անտառին խորհրդաւոր շուքերը ծավալեցան իւր կուսագեղ ճակտին վրայ. հոն փափագեցաւ ծածկելու իւր արտասուքը, հառաչանքներն ու թշուառ սէրը. իւր ցաւոցը սփոփանք մը գտնելու համար` մէնաւոր անտառին ամայութեանցը դիմեց, որովհետեւ մարդոցմէ կտրեց իւր յոյսը, ու ոչ ոք կրցաւ բուժել հայկեան օրիորդին կարեւէր սիրտը:

ՎԱՀԷ. Վահէին նիզակը գիտցաւ ինչուան հիմա Հայաստանին լեռանց ու դաշտացը վրայ ախոյեան կանգնիլ թշնամուոյն խրոխտ արձակմանցը դէմ. ինչուան հիմա հաշտ ակամբ նայեցան ինձ դիք երկնից կամարէն ու յաղթանակօք պսակեցին իմ ասպարս, որ միշտ թորգոմական բախտին վրայ տարածեցին աննկուն բազկաւ. ինչու՞ անոր հովանուոյն տակ չուզեց ապաստանիլ իմ օրիորդս, արքայադուստրն Արուսեակ. ինչու՞ անտառներու մթութեանցը մէջ խուսափելով` պարապ կը թողու հօր մը, այս սիրալիր հօր մը թեւերը, որ այնչափ ատեն սովորեր էին զինքը գգուելու. իւր մէկ գրկածութեանը մէջ կը մոռնայի ես միահեծան թագին տագնապը ու փառատենչ սրտի մը վրդովը. իւր մէկ ժպիտը, մէկ նայուածքը, մէկ համբոյրը քրտնահար ճակտիս վրայ, կարծես թէ պատերազմաց շռինդը կը լռեցնէր ու այնպիսի երջանկութիւն մը կ՚ազդէր սրտիս, որն որ փառքը ու շողշողուն գահը չեն կրնար ընծայել. բայց Արուսեակ կը մոռնայ հիմա իւր հայրը… ա՜հ, ապերախտ աղջիկ:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հա՛յր, Արուսեկին փափուկ սիրտը միշտ կը խանդաղատի դիւցազուն հօր մը վրայ ու երբեք անզգայ չէ Թորգոմեան աշխարհին բախտին ու պարծանացը: Ո՞վ իրմէ աւելի վառվռուն հոգուով կը հռչակէր ու կ՚երգէր քու յաղթանակներդ, զինուցդ համբաւը ու մեր արիագունդ բանակին քաջութիւնները. ո՞վ իրմէ աւելի սրտագին աչք մը կը նետէր առ աստեղափայլ կամարն` մաղթելով երկնաբնակ աստուածներէն յաւերժ բարեբաստութեան ու մշտայաղթ փառաց պսակներ Հայաստանին. բայց, վերջապէս, իւր քնարին թելերուն մէջ խառնուեցաւ սրտատոչոր ձայն մըն ալ, բոցավառ զգացում մը` սէրը, որ իւր ծաղիկ կենացը աղէտաբեր եղաւ. հայրենիք ու սէր իրարու հետ մէնամարտեցան մահացու հարուածներով սրտին մէջ ու արիւնլուայ ըրին զայն. զոհեց ինքը սէրը եւ անոր հետ մէկտեղ իւր կենաց երջանկութիւնը հայրենեաց սեղանին վրայ ու նետահար թոչնոյ մը պէս ինկաւ Սոսեաց անտառին սրբազան ստուերացը մէջ` երկու սիրելի անուններ միշտ բերնին մէջ մրմնջելով. Վահէ եւ Արտաւազդ:

ՎԱՀԷ. Վահէ եւ Արտաւա՜զդ. երկու անուններ, որ ատելութիւնը եւ անողոք վրէժխնդրութեան բորբոքը իրարմէ բաժներ ու անհուն խորխորատով հեռացուցեր են, կը միանան իմ աղջկանս շրթունքներուն վրայ. Արտաւազդ, որ արիւնաթոր նախատինք մը քանդակեց Վահէի ճակտին վրայ ու բոլոր իւր արեամբը պիտի չկրնայ սրբել, Արտաւազդ, որ Մամիկոնական գոռոզութեան ամբարտակին կռթնած, կը խրոխտայ Հայկեան վահանին փառքը խրամատել, որուն սրտին մէջ մատնութեան ճիւաղները որջացեր, Հայաստանին վրայ թոյն, աղէտք, աւերած ու կործանում կը փչեն, այդ անունը, ա՜հ, ի՞նչպէս անոյշ աղջկան մը սիրտը իր ճիրաններուն մէջ որսաց. ի՞նչպէս իւր հրապուրանաց սեւորակ բաժակը արբոյց ու կախարդեց զինքը. բայց մոռցաւ անմիտը, որ այդ աղջկան հայրը Վահէ մըն է` արեամբ չափ վրէժխնդիր իւր զարմին ու աշխարհին փառացը ու պատուոյն. այո՛, ահեղ պատերազմի մը խառնամբոխ դղորդմունքը կը լսեմ հեռուէն: Յունաստան մօտ Է Հայաստանին վրայ շառաչելով գլտորելու` ընկճելու համար զինքը դաւադրուժ մատնիչի մը օգնութեամբ. բայց ո՛չ Արտաւազդ, ո՛չ Մակեդոնիա, ո՛չ, անուանելին Աղեքսանդր կրնան սարսափ մը ազդել ինծի ու ստիպել զիս անիրաւել Արամեան գահուն փառքին դէմ:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Սակայն կ՚աղաչեմ, հայր, քու վրիժացդ եւ փառաց արիական խորհուրդներուդ մէջ, գթած աչք մը նետէ՛ այդ օրիորդին վրայ, որ սգոյ ու միայնութեան մէջ իւր գեղածաղիկ կեանքը պիտի մաշեցնէ:

ՎԱՀԷ. Որովհետեւ իւր հօրը կամացը դէմ ընտրեց այդ մէնաւոր կեանքը, նուիրական անտառին պահապան աստուածոց պաշտպանութեանը կը յանձնեմ զինքը:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ու երկրիս վրայ ե՞ս ուրեմն մինակ մնացի անձկալի քրոջ մը օգնական ու մտերիմ. այո՛, քոյր իմ, թող պիտի չի տամ, որ մութ անտառի մը սարսափները եւ հողմակոծ տերեւոց սօսափիւնքը քու մինակ ընկերներդ ըլլան: Իրեն հետ մէկտեղ երիտասարդ կենաց ամբիծ հաճոյքները վայելեցի, իրեն հետ մէկտեղ շնչեցի մեր հայրենի լեռանց, հովտաց ու պարտէզաց օդն ու անուշահոտութիւնը. իրեն հետ վարժեցայ մեր մանկութեան օրերը Հայկազանց նախնի քաջերու փառաւոր յիշատակաց մէջ անցնելու, իրեն հետ մէկտեղ միեւնոյն վեհազն հօր մը վրայ կը պարծիմ, ու հիմա, իրեն հետ, կարեկից պիտի ըլլամ նոյն հօրը սիրոյն կորստեանը վրայ, եւ ուրիշ սիրոյ մը թշուառութեանը վրայ. ներէ՛, հայր իմ, Վահէ եւ Արտաւազդ իւր սիրոյն ու թշուառութեան առիթներն են. Վահէին եւ Արտաւազդին տեղը հիմա եղբայր մը միայն մնաց իրեն:

ՎԱՀԷ. Դուն Արտաւազդի՞ն տեղը. բայց գիտե՞ս, որ Արտաւազդին տեղ ըլլալը պէտք է Վահէին թշնամի ըլլայ, եւ մահաբեր թշնամին:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ա՜հ, հայր իմ:

ՎԱՀԷ. Գիտե՞ս, որ Արտաւազդ Վահէին բարերարութեան պարգեւներովը անշուք վիճակէ իշխանական պերճութեան բարձրանալով` յանդգնեցաւ իւր փառամոլ բաղձանքները ինչուան թագաւորական գահուս ոտքը հասցնել, յանդգնեցաւ իւր գոռոզ աչքերը մինչեւ Թորգոմեան օրիորդին վրայ վերցնել:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Սակայն Արտաւազդ…

ՎԱՀԷ. Գիտե՞ս, որ Արտաւազդին տեղը հայոց թշնամեաց կարգին մէջ է, դաւաճանութեան եւ տիրադրուժ մատնութեան դրօշակին տակ եւ անոր տեղը բռնել ուզողը իրեն պէս ապստամբ, տիրագրաւ եւ մատնիչ կ՚ըլլայ (Կը նստի գահին վրայ):

ԶԱՐՄԱՅՐ. (Ոտքը իյնալով) Բաւական է, հայր. մի՛ զարնէր զիս քու բարկութեանդ շանթերովը, որոնց արժանի չեմ ես. երբ պատերազմը բորբոքի, իւր ահեղ վտանգներուն մէջ պիտի տեսնաս քու որդիդ, որ քեզի համար արիւնը տալով` պիտի բողոքէ իւր վրայ եղած անիրաւ կասկածներուն դէմ:

ՎԱՀԷ. Լաւ է, Զարմայր, ելի՛ր ոտք, բայց չըլլայ, որ Արտաւազդին անունը տաս, եթէ չես ուզեր հօրդ բարկութիւնը գրգռել քեզի դէմ։ Թագաւորի մը կամքն ու խորհուրդները անսասան եւ զօրաւոր պէտք է ըլլան, ինչպէս իւր սուրը, եւ ոչ թէ դիւրաբեկ, ինչպէս սովորական մահկանացուաց խորհուրդները. թո՛ղ տուր, ուրեմն, Վահէն, որ անվկանդ հաստատութեամբ յառաջ քալէ բախտին իւր դիմացը բացած ասպարէզին մէջ, ի պայծառութիւն իւր գահուն… հիմա հոս պիտի գումարին իմ իշխաններս մեծամեծ` իրաց վրայ խորհելու համար. դուն գունդ մը պահապան զօրքով գնա՛ եւ զգուշացիր Սոսեաց անտառին եւ Արուսեկին վրայ. ահա՛ կուգան։

ԶԱՐՄԱՅՐ. Ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ այդ պաշտօնը քու ձեռքէդ, հայր, բայց երբ պատերազմին փողը հնչէ, գիտցի՛ր, հա՛յր, որ աոաջինը պիտի ըլլամ քու քովդ վազելու:

ՏԵՍԻԼ Բ
ՎԱՀԷ, ԱՐԲԱԿ, ՎԱՐԱԺ, ՏԻՐԱՆ ԵՒ ԶՕՐԱՎԱՐՔ

ՎԱՀԷ. Իշխա՛նք եւ զօրավա՛րք Հայոց. գիտէք, որ բոցածաւալ պատերազմի մը հրդեհը բոլոր Ասիա ճարակեր, ահով ու սարսափով պաշարեր Է ամէն ազգերն ու թագաւորութիւնները. բազմադարեան ինքնակալութիւնք կը դղրդին, կ՚իյնան, փառաւոր գահեր ահագին կործանմամբ իրարու վրայ կը թաւալին, թագաւորք աւերակներու վրայ կը պտտին, եւ ժողովուրդք գերութեան շղթաներու մէջ կը հեծեն: Գոռոզացեալ աշխարհակալ մը` մէկ ձեռքը սուր, միւս ձեռքը շղթաներ, իւր խրոխտընթաց երիվարաց սմբակներովը կը կոխէ արքայից եւ ազգաց հողամած գլուխը. ջախջախեալ գահերու եւ թագերու վրայէն` իւր թագին արեւը կը փայլատակէ: Հայաստան դեռ ազատ մնաց համակործան աւերածէն, եւ բացուստ ի բաց լսեց միայն անոր, արշաւասոյր կառաց որոտմունքը: Վերահաս տագնապին բռնութիւնը խորտակելու համար քառասուն հազար հետեւակ եւ հինգ հազար հեծելագունդ պարսից Դարեհ թագաւորին օգնութեան փութացուցի քաջին Արդուարդայ` Սիւնեաց իշխանին զօրավարութեամբը. ուրախութեամբ դիմեցին այդ դիմագրաւ արշաւանաց վտանգացը մէջ, որպէսզի հայրենի ազատութիւնը աներկիւղ ճախրէ մեր սառնասոյզ լեռանցը վրայ` եւ թերեւս հիմա անոնք դիւցազնաբար շահատակելով Սոնք բռնակալին դէմ, անոր գոռոզութեան կոթողը կը տապալեն եւ բոլոր Ասիոյ նախատանաց վրէժը կը լուծեն իրենց արեանը հեղեղներուն մէջ. բայց, երբ անոնք հեռաւոր աշխարհքներ պատերազմին աղէտից եւ վտանգներուն հետ կը մաքառին, մենք հոս անփո՞յթ պիտի կենանք, ու ան ատենը մինա՞կ պիտի շարժինք, երբ թշնամուոյն երիւարացը մարտորոտ խրխիջները յանկարծ մեր ականջը զարնեն. ո՛չ, ես հաստատ որոշած եմ Հայկական բանակին միահամուռ զօրութեամբը դիմել Պարսկաստան, Աղեքսանդրի Մակեդոնացուոյն դէմ, մասնակից ըլլալ մեր քաջազուն օժանդակ գնդին փառացը կամ անոնց արեան վրէժը պահանջելու. թո՛ղ թշնամին մեր դիականցը վրայէն անցնելով` կոխէ Հայաստանին բլուրներն ու դաշտերը: Խօսեցէ՛ք դուք ալ եւ համարձակ յայտնեցէ՛ք ձեր կարծիքները։

ՎԱՐԱԺ. (Յոտս ելանելով) Արքա՛ քաջ, քու քաջութեանդ եւ իմաստութեանդ արժանի խորհուրդներ յայտնեցիր մեզի. այո՛, Հայաստան աշխարհին ազատութիւնը պատերազմի մէջէն ծնաւ. պատերազմներու մէջ մեծցաւ եւ թեւատարած հովանացաւ Այրարատեան գաւառներու վրայ եւ մեր հսկայազօր նախահօրը` Հայկին լայնալիճ աղեղան մէջէն խոյանալով` գետինը փռեց ամբարտաւան հսկան: Արամ, Տիգրան, Պարոյր, Վահագն` պատերազմով վանեցին խուժադուժ ազգաց արշաւանքները, փառաւորեցին իրենց հայրենիքը եւ իրենց յաղթական վահաններուն տակ պաշտպանեցին նոյն ազատութիւնը, եւ դու՛, արքայ, եւ դու՛, գահակալութեանդ սկիզբէն ի վեր, միթէ պատերազմով չէ՞, որ ընկճեցիր բազմաթիւ ազգեր եւ զինուցդ սարսափը տարածեցիր անդր քան զԿովկաս եւ զհիւսիս, եւ միթէ հիմա հայու երակներուն մէջ սառա՞ծ է իւր նախնեաց արիւնը, միթէ մոռցա՞ւ ազգութեան եւ ազատութեան հետ դրած դաշինքը եւ ձեռուըները ինքիրեն պիտի երկնցնէ՞ գերութեան շղթաները ընդունելու համար. ո՛չ, քաւ լիցի, հեռու՛ մեզմէ այդպիսի վատութեան խորհուրդներ. անփոյթ, անգործ եւ պաղարիւն ժողովրդոց կը վայելեն գերութիւնն ու թշուառութիւնը: Հայը ջանքով եւ գործունէութեամբ իւր քաղաքական կեանքը ճարեց, վա՛յ իրեն, թէ որ ձեռուըները կապած նստի: Աղեքսանդր Մակեդոնացին կ՚ուզէ բոլոր ազգերն իւր կառքին ետեւը կապած քաշկռտել. թո՛ղ Հայաստան թումբ մի կանգնի ու խորտակին այն կառքին անիւները, ուստի իմ խորհուրդս պատերազմ է, եւ յայտնի պատերազմ (Նստի):

ԱՐԲԱԿ. Խաղաղութիւն է իմ խորհուրդս, արքայ քաջ, միթէ չե՞նք տեսնար, եւ դու ալ, վեհազն տէր, միթէ քիչ մը առաջ չի նկարագրեցի՞ր մեզ պատերազմաց աղէտքը, թագաւորաց անկումը, ժողովրդոց թշուառութիւնքը: Միթէ իմաստութիւն չէ՞ ահագին փոթորիկի մը դիմացը քիչ մը ատեն ծռիլ, ինչուան որ անցնի գլխուդ վրայէն. բնաւ չեմ տարակուսիր հայոց գնդին հայրենասէր արիութեանը վրայ, եւ կը զարմանամ ու կը պարծիմ Հայկայ, Արամայ, Տիգրանայ ու Վահագնի վրայ: Չեմ տարակուսիր, որ Հայաստան զօրաւոր թումբ մը կրնայ կանգնել մոլեգին թշնամեաց դէմ, բայց որ անկործան թումբ ու պարիսպ կայ բախտին դիմաց, եւ եթէ մէյ մը անոնք կործանելու ըլլան, ի՞նչ աղէտից եւ թշուառութեանց մէջ կը թաղենք մեր երկիրը։ Եւ դու, տէ՛ր, քու զինուցդ սարսափը տարածեցիր անդր քան զԿովկաս, եւ յաղթական դափնիներ կը շողան ճակտիդ վրայ, ուրեմն` պատերազմը ալ կարող չէ նոր փառք աւելացնել այն պսակներուն. խաղաղութիւնը միայն, այո՛, խաղաղութիւնը միայն նոր եւ աւելի շքեղ փառք պատրաստեր է այսուհետեւ քեզի եւ Հայաստանին (Նստի):

ՏԻՐԱՆ. (Յոտս ելանելով) Իմ խորհուրդս ո՛չ յայտնի պատերազմ է եւ ո՛չ բոլորովին խաղաղութիւն. երբ բոլոր Ասիոյ ազգերը եւ, մանաւանդ թեւ աշխարհս վեր ի վայր կը վրդովի, եւ հրդեհ մը բորբոքեր, կը լափէ թագաւորներն ու թագաւորութիւնները, իմաստութիւն է հեռու մնալը սպառնացող վտանգէն, բայց ոչ թէ թուլաբազուկ խաղաղութեան եւ անգործութեան վրաններուն տակ, այլ գործունեայ խոհեմութեան, արթնութեան եւ զգուշութեան: Յանձնապաստան եւ գահավէժ ընթացք մը կրնայ մեծամեծ գործքերն ու խորհուրդները ժայռերու դէմ փշրել, նոյնպէս թուլութիւն մը, անհոգութիւն մը կրնայ խուլ ընել ազգի մը ականջները ժամանակին ազդարար ձայներուն, որ մի անգամ մինակ այնպիսեաց համար իւր բարերար պաշտօնը կատարելով` անդարձ կը կորսուի դարերու հոսանքին մէջ: Ժամանակը իւր արագաթռիչ թեւերուն վրայէն բազմաբեղուն հունտեր կը ցանէ ամէն ազգաց վրայ, անոնց կ՚իյնայ քրտամբք երեսաց ոռոգել, արգասաւորել եւ բարգաւաճել իրենց բաժին ինկած սերմունքը ու յարմար ատենին անհուն հունձք մը քաղել: Ժողուենք, ուրեմն, մեր ամէն զորութիւնը, զէնքը ձեռուընիս սպասենք մեր հայրենի սահմանացը վրայ, միշտ ապագային վրայ աչուընիս տնկած, ու պատրաստ կենալով ամէն հեղակարծ դէպքերու դիմաց (Նստի):

ՎԱՀԷ. Պատերազմէ հրաժարիլ ո՛չ Վահէին յօժարութիւնը եւ ո՛չ ժամանակիս դիպաց հարկը թոյլ կու տայ, պատերազմը արդէն սկսած է Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ. քառասուն եւ հինգ հազար զօրաց բանակ մը հիմա Ասիոյ լայնածաւալ դաշտերուն մէջ, պարսից հետ Աղեքսանդրի ասպարէզ կը կարդան: Յոնք, Աղուանք, Վիրք, Կորդուացիք եւ Տմորեայ աշխարհը իմ սուրհանդակներս ընդունած են հիմա ու իրենց գնդերը կը պատրաստեն իմ բանակիս մէջ խառնուելու յորդաջուր գետերու նման. առանց Արդուարդին լուրերուն սպասելու եւ վստահ յոգնականութիւն` Ողիւմպեան աստուածոց պիտի դիմեմ, իրեն ձեռք երկնցնելու, որ… (Յոտս ելանեն ամէնեքին):

ՏԵՍԻԼ Գ
ԱՐԴՈՒԱՐԴ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Կեցցէ՛ տէր իմ արքայ:

ՎԱՀԷ. Ին՞չ կը տեսնամ, դուն, Արդուարդ, հո՞ս։

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, եւ մինակ եմ։

ՎԱՀԷ. Ու իմ քաջե՞րս:

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Ինկան ամէնն ալ:

ՎԱՀԷ. (Յոտս ելեալ) Ի՞նչ կը լսեմ, ինկան իմ քաջեր, ու ես դեռ չեմ փութար անոնց վրէժը առնելու։

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Ինկան ու իրենց մահուանը վրէժը առին` կոտորածն ու մահուան սարսափը թշնամուոյն բազմամբոխ բանակին մէջ սփռելով։ Զուարթութեամբ թողուցին հայրենի դաշտերը Աղեքսանդրի դէմ սլանալու համար, ու զուարթութեամբ մեռան պատերազմի դաշտին վրայ` հայ անվան հռչակովը Ասիոյ արձագանքները լեցնելով:

ՎԱՀԷ. (Նստի) Լսեմ քու բերնէդ իրենց դիւցազնական շահատակութեան պատմութիւնը, ու այն բաւական մխիթարութիւն ըլլայ ինծի իրենց կորստեանը:

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Յետին ողջոյնը տալով մեր քաղցր հայրենեացը, կանանցը եւ որդուոցը` խօսք չտուինք իրենց կենդանի դառնալու, բայց խոստացանք հայ անուան պատիւը մինչեւ գերեզման անարատ պահելու, եւ այդ խոստումը ամբողջ կատարուեցաւ: Մտանք Պարսկաստան եւ Աղեքսանդրի անուանէն սարսափած ժողովրդոց մէջէն անընդոստ եւ բարձրագլուխ անցնելով` յառաջացանք դէպի երկրին խորերը, գետերը, ձորերը, գահավէժ լեռները դիւրասահ ճամփայ մը յարդեցին մեզի, եւ բնաջինջ ընելով յունաց յառաջապահ գնդերէն մէկը, որ կ՚ուզէր արգելք ըլլալ մեր արշաւանացը, հասանք եւ միացանք վերջապէս Դարեհին աշխարհախումբ բանակին եւ Իսոս գետին քով ճակատեցանք Աղեքսանդրի դէմ: Սոսկալի եղաւ խառնուրդը, եւ հզօր դիմակալութենէ վերջը խորտակեցին պարսիկք եւ ցիր ու ցան եղած` սկսան փախչիլ. այդ ահեղ ճակատամարտը անհնարին հարուածներով սասանեցոյց պարսկական գահը, սակայն մեր զօրքերը ժայռի պէս անսասան մնացին թշնամուոյն բուռն յարձակման դէմ: Յիշեցին Հայաստանը, աչք մը դարձուցին դէպի հոս ու, իբր թէ նոր ոյժ եւ նոր կրակ մը ժողվելով անկէ իրենց սրտին մէջ, ինկան առիւծաբար մակեդոնական խուժանին վրայ եւ սկսան բիւրաւոր մահեր ցանել անոնց բազմութեան մէջ: Մռնչեց բարկութենէն Աղեքսանդր ու կարծեց, որ այն առաջին անգամ յաղթութիւնը իրմէ երես կը դարձնէ, որոտագոչ ձայնով մը խրախուսեց իւր բանակը, իւր չորս կողմը պատեցան անուանի զորավարներ` Սելեւկոս, Պարմենիոն, Եւմենէս, Կղիտոս, եւ ինքը անոնց մէջ, իբրեւ պատերազմի սպառազէն աստուածը, Արամեան գնդին վրայ փայլատակեց։ Սակայն մեզմէ ո՛չ ոք դողաց, ո՛չ ոք սասանեցաւ. բախտէն եւ Աղեքսանդրէն պաշարուած` իրենց յաղթանակին մէջ թաղուեցան ամէնն ալ։ Դոյզն մնացորդք զօրաց, աւա՜ղ, միայն կենդանի մնացինք եւ հայկական դրօշակը թշնամի եւ բարեկամ ազգաց գլխուն վրայէն փառաւորապէս անցնելով` ահա՛ հոս ենք, մեր հայրենեացը ու քու դիմացդ, արքայ քաջ:

ՎԱՀԷ. Չե՛մ ցաւիր բանակիս կորստեանը վրայ. այդ հարուածը նոր խրախոյս մը կ՚ազդէ ինծի վրէժխնդրութեան եւ փառաց: Հայոց ոսկորներովը լեցուեցան Ասիոյ դաշտերը. ո՛չ, արցունք չեմ թափեր, կը վազեմ ես ալ հոն, սուրը ձեռքս` կարճ ընելու մեր թշնամեաց ուրախութիւնը. վրիժաբեր յաղթանակ մը թող շքեղ մահարձան մը սեպուի Հայաստանի որդուոցը դիականցը վրայ, ապա թէ ոչ` լաւ է իրենց հետ մէկտեղ իջնալ հողին տակը:

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Ժամանակը ստիպողական է արդէն, եւ իրաց հարկը` տագնապող. գիտցի՛ր արքայ, որ Աղեքսանդր մեծ բանակ մը Հայաստանին վրայ յարուցած է, որ մեր ետեւէն կը հասնէր, եւ հայ մըն է այս բանակին զօրավարը` Արտաւազդ մատնիչը:

ՎԱՀԷ. Ա՜հ, անօրէնը ինքը անձամբ, ուրեմն, կը նետուի իմ կատաղութեանս ճիրաններուն մէջ. գոհութիւն ձեզ, անմահ դիք. Հայաստանին եւ Վահէին վրէժխնդրութեան վայրկեանը հասաւ:

ՏԵՍԻԼ Դ
ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Տէ՛ր արքայ, մակեդոնացի դեսպաններ եկեր, ներս մտնել կ՚ուզեն:

ՎԱՀԷ. Թո՛ղ ներս մտնան (Զօրականը կ՚երթայ):

ՏԵՍԻԼ Է
ԱՐՏԱՒԱԶԴ, ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Աղեքսանդր քաջազօր ինքնակալն մակեդոնացուոց իւր Արտաւազդ զօրավարն ու դեսպանը Վահէին կը ղրկէ. իրմէ պիտի լսէք իւր պատգամները:

ՎԱՀԷ. Թոյլ կու տամ իրեն, որ խօսի. միայն թէ կարճառօտ ըլլան Աղեքսանդրի զօրավարին խօսքերը:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Աստուածափառ ինքնակալն եւ յաղթող աշխարհի Աղեքսանդր զիս կը ղրկէ քեզի` համար պահանջելու Պարսից հետ ըրած դաշնակցութեանդ համար:

ՎԱՀԷ. Աղեքսանդր նախ զիս իրեն ծառայ ընէ եւ ետքը ինծի ծառայ մը ղրկէ` համար պահանջելու իմ գործոյս:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Աղեքսանդր իր տիեզերասաստ զօրութեամբը կարող է պատուհասել իրեն դէմ եղած յանդուգն թշնամանքը. փշրել ձեռքիդ գաւազանը եւ իւր ծառայները քու վրադ տէր ընել:

ՎԱՀԷ. Թոյլ կու տամ, ըսի, խօսելու, եթէ կարճառօտ ըլլան խօսքերդ. փութա՛ ուրեմն ու մի՛ զեղծանիր իմ երկայնմտութեամբս:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Այո՛, կարճ են Աղեքսանդրին պատգամները եւ շանթահար` զանոնք մտիկ չընողին, եւ ասոնք են. դուն յանդգնեցար իրեն դէմ զէնք վերցնել, պարսից հետ նիզակակից ըլլալով. փոխարէն այդ ձեռներէց, յանձնապաստան խրոխտումիդ` Աղեքսանդր կը պահանջէ քեզմէ անթերի հնազանդութիւն եւ հարկատուութիւն առ մակեդոնական գահն: Մի միայն հակառակ խօսք այս իւր անդարձ պատգամին դէմ աւելի ծանր, նախատինք մը կը համարի իրեն, եւ կրնայ գահավիժել զքեզ այդ գահին վրայէն, որ հիմա մեծանձն ներողամտութեամբ կը հաճի շնորհել քեզի:

ՎԱՀԷ. Իմ նախնեացս գահն է ասիկա, որ ամէն օտար եւ անիրաւ հարձակմունքները վանելով` ստացեր են իրենք. թշնամի ձեռքեր ասոր չի հասած` կոտրեր, ինկեր են ինչուան հիմա, եւ իւր վրայ նստողները երդում ըրած են թող չի տալ որեւիցէ մէկու մը անպատուհաս մերձենալ իրեն: Կարօտ չեմ Աղեքսանդրի շնորհքներուն, եւ մէկը չի յուսայ, որ իմ ձեռքովս ծառայական լուծը անցնեմ այդ ազգին պարանոցը, որ մինչեւ ցարդ արեամբ պաշտպաներ եմ ոխերիմ թշնամիներուն դէմ: Ազատութիւնը նախ եւ առաջ մեր անմատոյց լեռներուն մէջ ապաստան մը գտաւ, եւ հայերը անոր անդրանիկ ծնունդներն են: Վահէ չի կրնար մատնիչ ըլլալ իւր ազգին բախտին ու փառացը. ազատութեան կործանմանը տակ կը ճմլի, բայց ճակատը չի խոնարհեցներ հարստահար բռնութեան դիմացը:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ասպատմբի մը խօսքեր են ասոնք:

ՎԱՀԷ. (Սրտմտեալ եւ յոտս ելանելով) Ապստա՜մբ. ես դեռ իմ տիրոջս ու ազգիս դէմ նիզակս չեմ վերցուցեր, սուրը ձեռքս հայրենիքս չեմ արշաւեր թշնամի բանակներու գլուխ անցած, աշխարհաւեր թագաւորի մը գերի եղած` իւր բռնակալ բազուկը չեմ ողոքեր, որ բնիկ թագաւորիս գլխուն վրայ ծանրանայ. դեռ մատնութեան եւ դաւաճանութեան սեւ նշաններ աղտոտած չեն իմ վահանս, ու լեզուագար լրբութեամբ չեմ յոխորտար իմ տիրոջս դիմաց:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Կը մոռնա՞ս, որ մեծին Աղեքսանդրի դեսպանին հետ կը խօսիս։

ՎԱՀԷ. Իմ ապստամբ ծառայիս հետ կը խօսիմ. դուն յիշեցուցիր ինծի` Աղեքսանդր ինձմէ հնազանդութիւն կը պահանջէ, ես ի՞նչ պահանջեմ իրմէ այս անբաւ նախատանաց փոխարէն, անօրէն մատնիչ մը ինծի դեսպան ղրկե՜լ, գնա՛, պահուըտէ մակեդոնացուոյն թեւերուն տակ, դողա՛, չըլլայ թէ ինչուան վերջը իբրեւ քու տէրդ խօսիմ ու վարուիմ հետդ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Հին նախատանաց վրայ աւելի դառն նախատինքներ կը յաւելուս. մէկ անիրաւութեան վրէժը առնելու եկայ ես հոս, ու դուն բիւրաւոր վրէժխնդրութեան ճարակներ կը մատուցանես իմ կատաղութեանս։ Աղեքսանդրի թեւերուն տակ չեմ ծածկուիր ես, անոր բանակներուն առջեւէն քալելով` Հայաստան մտայ ու պիտի չելլամ անկէ, ինչուան որ Իսոսի ճակատամարտին մնացորդները բնաջինջ չըլլան Հայաստանի մէջէն:

ՎԱՀԷ. Իսոսի ճակատամարտին մէջ հայոց բանակին մէկ պզտիկ մասն Էր միայն, որ այնչափ սուղ գնել տուաւ Աղեքսանդրի յաղթութիւնը: Հոս, բոլոր Հայաստան զրահաւորեալ` ձեր դիմացը պիտի կանգնի, ու այդ մնացորդները պիտի սորվեցնեն իրեն, թէ ինչպէս կը սպանուին մակեդոնացիք։

ՏԵՍԻԼ Զ
ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Տէ՛ր արքայ, յոնաց եւ աղուանից զօրքերը հասան բազմութեամբ, ըստ քում հրամանիդ:

ՎԱՀԷ. Իմ ձեռքիս տակը ժողովեցաւ, ուրեմն, հայկական համախումբ զօրութիւնը եւ պատերազմի կը հրաւիրէ զիս (Սուրը հանելով, նոյնը կ՚ընեն ամէնն ալ). պատերա՛զմ, ո՛, Արտաւազդ, անիրաւ թշնամուոյն դէմ եւ պատուհաս դաւաճանաց գլխուն վրայ կը մաղթեմ ամենայն բախտից տէր անսասանելի ճակատագրէն. Մասեաց ապառաժներուն կռթնած` կ՚արհամարհենք բռնութիւնն ու ազգադաւ մատնութիւնը:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Աղեքսանդրի բարկացայտ շանթերը պիտի չուշանան Մասեաց խրոխտ կառափունքը զարնելու իմ ձեռքովս (Կ՚երթայ Լիւսիմաքոսին հետ):

ՎԱՀԷ ԵՒ ԱՅԼՔ. Պատերա՛զմ, պատերա՛զմ:

Ձգի վարագոյրն