Թատրերգութիւններ (Կոռնակ, Արշակ, Վահան, Վահէ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա
ԿՈՌՆԱԿ (ՄՏԱՅՈՅԶ)

Այո՛, որոշեցի, անդառնալի է վճիռը: Փուճ տեղը, Զաւէն, կ՚ուզես համոզել զիս մեռնի պիտի, արիւնը պիտի զովացնէ ծարաւի սիրտս. ամէն բան կ՚անցնի, կը մոռացուի, բայց վրէժխնդրութիւնը միշտ արթուն Է, սուրը ձեռքը, որ ինչուան արեան մէջ չի թաթխուի, չիյնար գետին: Տեսայ դարձեալ այս գիշեր որդուոյս ստուերը, իր կողին վրայ բացուած վէրքերէն արեան կայլակներ ցատկեցին վրաս, սարսափելի ձայնով որոտաց ականջէս վար. «Կատարեցի՞ր վրէժը»: Ո՛հ, այս ձայնը անողոքելի է, ուր որ երթամ, ուր որ նստիմ, քունի եւ արթնութեան մէջ, միշտ մահ, վրէժ կը պատուիրէ ինծի: Երբեմն, երբեմն սիրտս հանդարտ պարզութեան մէջ կը գտնուի, ատելութեան տեղ գութ ու սէր կը փոխանակէ, ու ես իմ անձիս այսպիսի փոփոխութեանը վրայ կ՚ապշիմ, կը զարմանամ. բայց ահա՛ հանկարծ ատ գուժաբեր ձայնը կը հնչէ, խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն մէկէն աներեւոյթ կ՚ըլլան: Այսպէս, մէկ կողմանէ խղճիս խայթոցները, մէկալ կողմանէ վրէժխնդրութեան բոցը սոսկալի տեսարաններու ասպարեզ ըրեր են սիրտս, ճար չկայ, պէտք է ազատի աս տագնապէն. ջանամ մէյ մը ատ դահիճ, անգութ խղճմտանքին ձայնը խղդել, թափուի արիւնը.

ՏԵՍԻԼ Բ
ԶԱՒԷՆ, ԿՈՌՆԱԿ

ԶԱՒԷՆ. Ընտրեցի՞ր, տէր:

ԿՈՌՆԱԿ. Այո՛, ընտրեցի:

ԶԱՒԷՆ. Ին՞չ, տէր:

ԿՈՌՆԱԿ. Մահ,

ԶԱՒԷՆ. Երկնից անէծքը ընտրեր ես գլխուդ վրայ:

ԿՈՌՆԱԿ. Ա՛լ վերջանան Զաւէն, հոգերն  ու մտածութիւնները, հնացեալ ոխն ու վրէժխնդրութիւնը թո՛ղ կշտանան, թո՛ղ հանգչի միտքս իր ալեկոծ խռովութենէն, թո՛ղ հանգչի սուրս իր պատեանին մէջ: Բաւական եղաւ Ներսէսին` իմ ոխերիմ թշնամուոյս, մութ ու անդնդային բանտին մէջ երկարատեւ բնակութիւնը, ազատենք զինքը։

ԶԱՒԷՆ. Չեմ կրնար անտարբեր աչքով նայիլ այդ քու հիմակուան ցաւալի վիճակիդ վրայ: Տէ՛ր իմ, ձեռքս` սուրը ու լեզուս ճշմարտութիւնը գործածեր Է միշտ, այո՛, ճշմարտութիւնը միշտ յաղթող է ամէն բանի, ու կատաղի խաւարային կիրքերը չեն կրնար անոր լուսաւոր ճառագայթները ծածկել, անով հիմա պիտի խօսիմ քեզի հետ, եւ որուն ձայնը արդէն վարժած ես լսելու: Կը տեսնամ քու վրադ տխուր ու դառն հանգստութիւն մը առաքինի անձի մը թշուառութեանը վրայ, զորն որ դուն քու ոխերիմ թշնամիդ կը կոչես, բայց, ըսէ՛ ինծի, կ՚աղաչեմ, մէկ վրէժխնդիր ձայն մը չի՞ հնչեր սրտիդ խորունկը, ինչպէս ատեն մը, թէ` վա՜յ անիրաւաց, ըսէ ինծի, կ՚աղաչեմ, խղճմտանքիդ սուր խայթոցը…:

ԿՈՌՆԱԿ. Է՞հ, դեռ չես ճանչցեր ուրեմն, թէ ո՞վ է Կոռնակ: Գիտես, մանկութեանս խաղալիքները եւ զբօսանքները որո՞նք եղեր են. պատերազմ, արիւն եւ խառնաշփոթ խռովութեանց աղաղակ: Սրոյս փայլակը հազարաւոր թշնամիներուն աչքը շլացուցեր է, բոլոր կեանքս փոթորիկ մը եղած Է, ուստի կրնաս իմանալ թէ ոչ, այդպիսի ձայն մը ականջս կը զարնէ եւ ոչ խայթոցներ…։

ԶԱՒԷՆ. Մի՛, տէր իմ, մի՛ խօսիր այդպէս, այդ խայթոցը ատեն մը կատաղի գազան մը դարձած, քու սիրտդ իրեն որջ ընելով` երբ անիրաւութիւններդ ու սոսկալի ոճիրներդ կը գրգռէին զինքը, կը սկսէր կրծել ու խածատել զքեզ: Այդ ձայնն ալ, որուն վրայ կը ծիծաղիս, ատեն մը, գիշեր ցորեկ անդադար կը գոռար ու կը սարսէր զքեզ, այդ ձայնը աստուածային արդարութեան ձայնն Է, որ հիմա ալ պիտի հարցնէ քեզի, թէ ի՞նչ ըրաւ այդ թշուառ Ներսէսը, որ զինքը այդպէս կ՚ատես ու կը տանջես:

ԿՈՌՆԱԿ. Պէտք չէ ինծի քննել իւր յանցանքը, բաւական է, որ իր ցեղը միշտ իմինիս թշնամի եղած է, բաւական է, որ իմ որդիս մահուան անկողինին մէջ ինծի ան ցեղին դէմ յաւիտենական ատելութիւն ու ոխ ժառանգութիւն թողուց, ու աս սուրս, որ պատին վրայ կախուած էր, դողդոջուն մատներովը ինծի ցուցնելով ասով. «Ջնջես, հայր իմ, - ըսաւ, - Մանաւազեանց ցեղին գարշելի կորիւնները», - ու ես ալ երդում ըրի անոր: Գիտես, որ իմ որդիս` Ընձակ, պատերազմի մէջ, Ներսէսէն առած վէրքէն մեռաւ, դեռաբոյս հասակին մէջ: Այո՛, որդեակ իմ, հաւատարիմ եմ ու պիտի ըլլամ երդմանս վրայ, ուրախանայ ու գոհ ըլլայ ուրուականդ գերեզմանին մէջ, վասնզի քու ետքի պատուերդ կատարեցի:

ԶԱՒԷՆ. Բայց, սակայն, գիտցիր, որ երկնից բարկութեան կայծակը չուշանար անիրաւին գլուխը գոռալու. թէեւ ան չըլլայ` երկրիս վրայ մարդ էակին արդարութիւնը դատաւոր կ՚ելլայ անօրինութեան դէմ:

ԿՈՌՆԱԿ. է՛հ, ու՞ր է արդարութիւնը: Մեռաւ Հայաստանին առիւծը` Տրդատ, ուսկից միայն կը վախնայի ու կը դողայի ես, ու անոր հետ մէկտեղ Հայկեան փառաց արեւը ծածկեցաւ ու աներեւոյթ եղաւ: Անիշխանութիւնը կը տիրէ հիմա, ամէն մարդուն իր կամքն ու հաճոյքը իր իշխաններն են, մէկը մէկալին գործոցը համար չի պահանջէր: Կարելի՞ բան է, որ այդպիսի խռովայոյզ միջոց մը յարմար առիթ մը չի սեպեմ վրէժս հանելու, երբ անդին Սանատրուկ ինքնագլուխ Արշակունեաց թագը իր գլուխը կը դնէ, երբ Բակուր` Աղձնեաց բդեշխը, իր գաւառին ազատութիւն կը պարգեւէ:

ԶԱՒԷՆ. Գոնէ քաջութեամբ ու պատերազմական իրաւամբ կշտացնէիր քու անյագ ոխակալութեանդ ցանկութիւնը, եւ ոչ թէ վատութեամբ թշնամուոյդ կեանքին դարանակալ ըլլալով` զքեզ ու բոլոր ցեղիդ պատիւը աղտեղէիր:

ԿՈՌՆԱԿ. Ին՞չ, վատութիւն, միթէ՞ աչքիդ առջեւը չեն միայն սոսկալի ու անհաշտ կռիւները: Երկուքնիս ալ, ես ու Ներսէս, սուր ու հրդեհ ձեռքերնիս առած էինք, աւերն ու ապականութիւնը մեր ոտքին նշաններն էին, աս սուրս Մանաւազեանց ցեղին ընտիր-ընտիր քաջերը հնձեց անողորմ. գնա՛, հարցուր մօրերնուն, ու երբ անոնց գոռում-գոչումն, ողբն ու վայերը քեզի պատասխանեն` ալ մի՛ տարակուսիր, որ Կոռնակին ճակատը վատութեան նշան մը չկայ: Իրաւ է, որ այդչափ պատերազմաց ու արիւնհեղութեանց վերջ տալու համար ճարտար խորամանկութիւն քաջութեան հետ խառնեցի ու Ներսէսը դիւրութեամբ ժանիքներուս մէջ բռնուեցաւ: Թո՛ղ այդ խաբէութեանս վրայ շնորհակալ ըլլան Մանաւազեանք, եթէ այդ չըլլար, կատաղութեանս ու բարկութեանս բոցը այրէր, մրկէր պիտի բոլոր իրենց գաւառը:

ԶԱՒԷՆ. Ուրեմն` ի՞նչ է հիմա քու միտքդ:

ԿՈՌՆԱԿ. Իմ միտքս Ներսէսը թշուառութեան վհին յատակը գլորելն է:

ԶԱՒԷՆ. Ետքը՞…։

ԿՈՌՆԱԿ. Ետքը՞, ետքը անոր թշուառութեամբը զուարճանալն է, եւ կամ, եթէ հաճոյքս այնպէս պահանջէ, անոր արիւնը խմելն է:

ԶԱՒԷՆ. Ո՜վ արժանի ըմպելիք բռնաւորաց:

ԿՈՌՆԱԿ. Դուն չես գիտեր, Զաւէն, թէ ինչպէ՛ս վրէժխնդրութեան ոգին իւր բոցն ու թոյնը կը շնչէ մարդուս սրտին մէջ. պարիսպներ, պատնէշներ կանգնէ՛ անոր դէմ, վհեր, անդունդներ բաց ոտքին տակը, փու՜ճ հնարք, պէտք է ամէն բան տապլտկէ, ամէն բանին վրայէն ցատկոտէ թռչի, անցնի: Սուր, հուր, թոյն ու մահ իր գործիքներն են, բայց երբ միանգամ իր փափագին հասաւ, կը հանգչի, կը զովանայ, գոհ կ՚ըլլայ ու այնպիսի ճաշակ ու համ կը զգայ, որ շատ անգամ արիւնահոտ սուրին բերանը կը հոտվշտայ ու կը լզէ, որ այն քաղցրութիւնը նորոգուի իր լեզվին վրայ:

ՏԵՍԻԼ Գ
ԿՈՌՆԱԿ, ԶԱՒԷՆ, ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Տէ՛ր, ժողովուրդը ապստամբեցաւ, ամէնքը զինուած` Ներսէսին բանակը կը վազեն զինքը ազատելու համար, մօտ են դռները խորտակելու, պահապանները չի կրնան պիտի երկար ատեն դիմանալ սաստիկ յարձակման դէմ, փութա՛, վազէ՛ տէր. «Մեռցի՛ բռնաւորն» աղաղակը չորս կողմէն կը հնչէ:

ԿՈՌՆԱԿ. Մեռցի՛, մանաւանդ, ամբոխն անմիտ, բայց Կոռնակին միայն նայուածքը բաւական է զանոնք ամէնն ալ գետինը զարնելու, կը վազեմ ես (Կ՚երթայ զօրականով մէկտեղ):

ՏԵՍԻԼ Դ
ԶԱՒԷՆ.

Ահա՛ անիրաւ իշխանութեան դառն պտուղները: Կոռնակ, կորուստդ մօտ է, կարծես թէ աւելի փառաւոր է գահը, որ արեանց մէջ կը լողայ. չէ՛, ճշմարտութիւնը վերջապէս իւր իրաւունքը կը պահանջէ ու վրէժխնդիր կ՚ելլէ անոր դէմ, որ իւր փառաց շողիւնը ոտքի տակ առած` ժողովրդեան թշուառ ճակտին վրայ կարծէ տեսնել: Բայց աղաղակն ու շփոթութիւնը երթալով կ՚աւելնան, ո՞վ գիտէ, որչափ հիմա անմեղ արիւններ գետինը կը խմէ, ո՜վ Տրդատ դիւցազն թագաւոր, քեզի հետ մէկտեղ խաղաղութիւն ու փառք աներեւոյթ եղան մեր աշխարհքէն: Թշնամիք, որ քու առջեւդ խաղալիք էին, հսկայ կ՚երեւնան մեր աչքին, Հայաստան, որ քու ատենդ գազանակերպ թշնամեաց գերեզման եղաւ, հիմա իւր որդուոց դիակները ծածկելու չունի բաւական տեղ: Մեղք ինծի, որ ասանկ բռնաւոր հայրասպանի մը նուիրեր եմ իմ կեանքս ու արիւնս:

ՏԵՍԻԼ Է
ԿՈՌՆԱԿ ՍՈՒՍԵՐԱՄԵՐԿ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ, ԶԱՒԷՆ

ԿՈՌՆԱԿ. Սուղ գնեցին անմիտները իրենց լիրբ յանդգնութիւնը:

ԶԱՒԷՆ. Բայց ե՞րբ պիտի հանգչի սուրդ, տէ՛ր:

ԿՈՌՆԱԿ. Քաջաց սուրը չի կրնար ամէնեւին անգործ կենալ:

ԶԱՒԷՆ. Այո՛, պատերազմի դաշտին մէջ, եւ ոչ անմեղ արիւն խմելով:

ԿՈՌՆԱԿ. Ներսէսը ազատե՜լ, ուր որ Կոռնակ մը առիւծի աչուըներով անոր վրայ կը հսկէ, Ներսէսը ազատե՞լ, այո՛, պիտի ազատի:

ԶԱՒԷՆ. Քու բարուոյդ ցանկալով ու քու սիրոյդ համար կ՚ըսեմ, տէր իմ, մէկդի թող ատ ատելութեանդ կիրքը, որ զքեզ մարդկային բնութենէ հանելով` գազանային վիճակի մէջ դրեր է: Թո՛ղ ազատ ատ թշուառ Ներսէսը:

ԿՈՌՆԱԿ. Բաւական է, Զաւէն, կը ճանչնամ քու խիստ բնաւորութիւնդ ու վարքդ, համարձակախօսութիւնդ հաճոյ է ինծի, գիտեմ, որ անկեղծ սէրն ու հաւատարմութիւնն է, որ կը շարժեն զքեզ կարծեցեալ ճշմարտութիւն մը քարոզելու, բայց ես ալ ունիմ իմ պատճառներս: Հրաման քեզի, ողբա՛, լա՛ց, ցաւակից եղիր Ներսէսին վրան, բայց կեցիր հոն ու ալ անդին չանցնիս, ապա թէ ոչ` կը ճանչնաս Կոռնակը (Կ՚երթայ)։

ՏԵՍԻԼ Զ
ԶԱՒԷՆ

Ին՞չ կը կարծե՞ս որ քու սպառնալիքներէդ կը դողամ ես. է՛հ, ո՛չ: Երանի թէ ինչուան հիմա պատերազմի դաշտին մէջ ինկած ըլլայի քան թէ այսչափ չարեաց վկայ ըլլային աչուըներս, բայց երթամ տեսնելու խեղճ Ներսէսը։ Գոնէ աս մխիթարութիւնը ունիմ որ բռնաւորը ինծի յանձնեց անոր բանտին պահպանութիւնը, ու երբեմն երբեմն կրնամ թեթեւցնել իր ցաւերը, բայց ո՞վ է սա ծերունին որ հոս կը մօտենայ:

ՏԵՍԻԼ է
ՎԱՂԱՐՇ, ԶԱՒԷՆ

ՎԱՂԱՐՇ. (Առանց տեսնելու Զաւէնը) Ո՜վ ամենակալ աստուած, դուն ինծի առաջնորդեցիր մինչեւ աս տխուր տեղս հասնելու, մի՛ վերցներ, կ՚աղաչեմ, վրայէս ամենազօր պաշտպանութեանդ հովանին: Հոս կը բնակի անգութ իշխան մը ու իմ թշուառ տէրս` Ներսէսը. կամ ո՞վ գիտէ, գուցէ ինչուան հիմա զոհ եղած է բռնաւորին կատաղութեանը. ա՜հ… (Կը տեսնայ Զաւէնը) ըսէ ինծի, ո՞վ ես դուն:

ԶԱՒԷՆ. Առաքինեաց ու թշուառացելոց բարեկամ:

ՎԱՂԱՐՇ. Եկուր, ուրեմն, գիրկս առաքինիդ Զաւէն:

ԶԱՒԷՆ. Բայց դուն ալ ո՞վ ես, որ անվախ ու միայնակ հոս կը մօտենաս:

ՎԱՂԱՐՇ. Չե՞ս ճանչնար ծերունին Վաղարշը` Ներսէսին մտերիմը ու անոր տանը վերակացուն:

ԶԱՒԷՆ, Ո՜վ իմաստուն Վաղարշ, հիմա կը ճանչնամ զքեզ, դեռ աս ընտանի կռիւները չսկսած` քեզի հետ սիրալիր բարեկամութեան կապով կապուած էի, բայց ասանկ ատեն մը, ուր որ հայրը որդուոյն, որդին հօր, եղբայր եղբօր ատելին ու թշնամի է, ի՞նչ զարմանք որ բարեկամներն ալ մէկզմէկ չի ճանչնան, մանաւանդ դուն, որ այսչափ փոխուեր ես հիմա, ծերութիւնդ վրադ ծանրացեր է, ու ժամանակէն առաջ մօրուքներդ ճերմըկցեր են:

ՎԱՂԱՐՇ. Թշուառութիւնք ու վիշտք զիս աս վիճակիս մէջ դրին:

ԶԱՒԷՆ. Ին՞չ է քուկին հոս գալուդ պատճառը:

ՎԱՂԱՐՇ. Եկայ իմ տէրս ազատելու եւ կամ անոր հետ մեռնելու:

ԶԱՒԷՆ. Չե՞ս գիտեր, ուրեմն, թէ ով է Կոռնակ, չե՞ս գիտեր, ուրեմն, որ ատ բռնաւորը թշնամի է առաքինի մարդիկներու, մանաւանդ, երբ լսէ, որ Ներսէսի ցեղէն մարդ մը… ա՜հ, կը դողամ քեզի համար, փախի՛ր հոսկեց, կ՚աղաչեմ, փախի՛ր ատ մահաբեր տեղէն, չըլլայ թէ բռնաւորը կասկածի երթայ:

ՎԱՂԱՐՇ. Ըսի քեզի, որ մահէն ամէնեւին չեմ վախնար, թէ որ դուն ալ ողբ ու վայ լսէիր, ու մատաղ, անօգնական մանկանց խղճալի լացերը ականջդ զարնէին, որ իրենց հայրը կը փնտրեն, դուն ալ ան ատենը մահը կը փափագէիր, բայց, ըսէ ինծի, կ՚աղաչեմ, կենդանի՞ է դեռ Ներսէս, չէ նէ…

ԶԱՒԷՆ. Կենդանի է Ներսէս, բայց իր կեանքը մահէն աւելի դառն է:

ՎԱՂԱՐՇ, Կրնա՞մ, ուրեմն, տեսնել զինքը:

ԶԱՒԷՆ. Ինչու՞ չէ, ինծի յանձնուած է անոր բանտին պահպանութիւնը:

ՎԱՂԱՐՇ. Ո՜վ առաքինիդ Զաւէն, ըրէ՛ ինծի աս շնորհքս:

ԶԱՒԷՆ. Եկու՛ր ինծի հետ, ու երանի՜ թէ մէկը չիմանար (Կ՚երթան):

Ձգի վարագոյրն