Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔՈՒՆԸ

Ա…ին եւ Բ…ին

Պատուհանին դէմ, բուրդի պէս դիզուած գորշ մըշուշին,

Լըռութեան դէմ անսահման,

Կատուս նստած կը նայի ու կը հանէ ձայնը հին

Ջահրի մը ծոյլ թաւալման։

 

Ան կը մանէ։ Կը սահի աշխարհն ամբողջ իր մէջէն,

Կ’անցնի թելի պէս նրբին։

Ու կը շրջին անուրջներն իր մարմնոյն մէջ։ Կը շրջեն

Մանոցներն իր խոկումին։

 

Մերթ տրտմութիւնն ու ձանձրոյթն ու տատանումն ունի ան

Իր կեանքէն կուշտ պառաւին։

Գըլուխը կախ՝ կ’երազէ։ Աչքերն իր խաժ կը լողան

Խէժի մը մէջ, կը փակուին։

 

Մերթ ըսփինքսի մը յոխորտ սեւեռումով կը նայի

Անմեկնելի, անիմաց

Խորհուրդներուն՝ որ կարծէք կուտան փողոցն ամայի,

Մըխացող պատն իր դիմաց։

 

Կը քայքայուի, կը գգուի աշխարհն ամբողջ մըշուշին

Հետ կը ձուլուի։ Մոռացման

Մէջ այդ խոնարհ, ընկղմած՝ ծառերն հազիւ կը շարժին,

Երազի պէս կը ծըփան։

 

Քաղաքն ամբողջ հեշտօրօր լռութեան մէջ մեղկօրէն

Կը ծաւալի, կը հալի։

Կ’անցնին շուքեր՝ յուշերու պէս, որ հազիւ կը փորեն

Մըշուշն անհուն անցեալի։

 

Բայց սին պատրանք մը ըլլար կարծէք հեշտանքն անգամ այդ

Անփութութեան, մոռացման։

Կատուս նստած՝ կը մանէ, կը խառնէ շունչն իր՝ անյայտ

Թելին կեանքի մը անբան։

 

Ու կը մանէ ան քիչ-քիչ մըշուշ մը թոյլ։ Կը պարպէ

Ինքզինք։ Երազ ու խորհուրդ

Ըսպառելով, տըղու պէս, կը մըրափէ անտարբեր՝

Պատուհանին առջեւ ցուրտ։