Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԻՒԹԱՆՔ

Գարունն ահա, ահա այն՝ ինչ որ կռուէն վերջ մընաց,

Ինչ որ դիերը իրենց ետին ձըգած հեռացան։

Արեւն ահա վերըստին, յաւերժական սերմնացան։

Ու թռչունները կրկին պարտէզներուն մէջ ծաղկած։

 

Կանաչութի՜ւն, թարմացում հոգիներու խոնջ, դժկամ…

Գարունն ահա կը ժպտի մեռած, գացած զոհերուն

Եւ զոհերուն նոր, որոնք կը գտնեն միշտ զինք սիրուն,

Գարունն անուշ, գըրաւիչ՝ այդ հեգնանքին մէջ անգամ։

 

Դիւթանքն ահա վերըստին։ Փախչի՞լ անկէ, գրկե՞լ զայն,

Կինն այդ կանաչ աչքերով՝ որ բացաւ վիհը հոգւոյս,

Ուր ամլութիւնը կ’իշխէ, թոյնն արուեստի մը ունայն։

 

Փախչի՞լ անկէ, գրկե՞լ զայն՝ կարենալու համար խոյս,

Տալ մորմոքէն, զղջումէն եւ ծիծաղէն, որ միշտ շէն

Ու կենսառատ ու հըպարտ ու շըրթներու նըման կոյս՝

 

Թաց տերեւներն անդադար՝ փեղկերս ի վար կը յուշեն…