Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԷ՞ՏՔ Է ՈՐ…

Պէ՞տք է որ մենք ըլլանք հեզ՝ որ ունենանք մահ մը հեզ,

Եւ բարեհաճ նայուածքով կրնանք մեր աչքը փակել,

Կուշտ, գոհ՝ մենէ, փառքերէն, վայելքներէն, թէ մենք մեզ

Ատենք, զգանք խեղճ՝ դժբախտ եւ կամ կեանքին անընտել,

Կամ ըլլանք խենթ, մենք իյնանք կըռուէն գինով քաջին պէս։

 

Պէ՞տք է որ մենք հաւատանք Տիրոջ, խաբենք մենք մեզ դեռ

Մահուան առջեւ (մեծ վախով ես կը նայիմ միշտ անոր),

Տանք մեզի, մեր վատութեան՝ սին զըրահներ ու զարդեր -

Յաւերժութիւն, բարութիւն, երանութիւն, կեանք մը նոր…

 

Բայց մենք, ահա, Անոր հետ մեր միացման մէջ, ներքին

Ուրացումէն վերջ նոյնիսկ, զոհաբերման, սրբացման

Մէջ իսկ կ’ըլլանք միշտ գերին մերթ մեր անձին, մերթ կեանքին,

Երբ ամէն օր կը թաղենք քիչ-քիչ՝ մեր մէջ ամէն բան…

Եւ ռամզիկին քաջութիւնն է խեղճ պատրանք մը տարբեր,

 

Կեղծի՜ք, կեղծի՜ք… Օ՜, խաղաղ, կարենալու համար մեր

Բուն, պարզ մահովը մեռնիլ, հասուն միրգի մը նըման,

Չվերյիշենք Տէրն ու մեզ՝ այդ վայրկեանին մահաբեր,

Չարթննանք մեր քունէն, կամ յանկարծ իյնանք մենք ճամբան,

 

Իյնանք հիւանդ եւ ցաւէն ըզգայազիրկ՝ եւ անբան…