ՕՏԱՐ
ՀՈԳԻՆ
Հանդիպէի
այդ
օտար
Հոգւոյն.
կեանքէս
անտեղեակ՝
Ինծի
սրտանց
հաւատար։
Չճանչնայի
զինք.
արդար
Ըլլար,
տաճար
ու
դղեակ՝
Խանդ
ու
հաւատք
ինծի
տար։
Ես
գրկէի
այդ
օտար
Հոգին՝
ինձ
պէս
գըլխահակ.
Ստեղծէինք
մենք
իրար։
Չգիտնայինք
վատ
ու
չար
Ինչ
որ
ունինք,
եւ
համակ
Խորհուրդ
մեր
սէրը
ըլլար։
Ըլլար
կոյս
հող
մը։
Փափաք,
Երազ
եւ
կեանք
եւ
աշխարհ
Դառնային
նոր,
անապակ։