Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕԴԱՅԻՆ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Սիրենները [1] կը ճըչան ճիւաղներու պէս գուժկան,

Կը հեռանան թեւաբախ՝ կոխկոտելով թաղէ թաղ

Խաւար մը պաղ, ուր լոյսեր կը բաբախեն կիսաթաղ։

Վախ, ըսպասում ու դարեր տեւող պահեր վճռական։

 

Որոտումներ հեռաւոր մակընթացման…։ Կը ծըփան

Յաղթ ալիքներ անձկութեան։ Կը մօտենան թաւ, դանդաղ

Կափկափումներ երախի եւ աղմուկներ՝ քար, մետաղ,

Աստղեր կրծող կատաղի սըղոցներու թաւալման։

 

Կը սուրայ անգղ մը վայրագ։ Երկինքն արագ կ’իյնայ վար,

Կը ճարճատի, կը պայթի։ Զարկեր պայտի։ Կը պոռայ

Պահակ մը՝ «լո՜յս»։ Կը վազեն անձկոտ քայլեր մայթին վրայ։

 

Կ’իջնեն ջահերն ահա՝ յամր, երկինքն ի վար՝ հողմավար

Մահուան աչքեր։ Կը վառի քաղաքն անոնց տակ քիչ-քիչ։

Օ՜ մեր տըռամն՝ անյայտ այդ լոյսին մէջ լուռ, սահմռկիչ։

 

Կըռիւն ահա՛։ Կը խուժեն յանկարծ ժայռեր։ Կը պայթին

Ռումբ ու կըրակ, կ’որոտան, կը յօշոտեն տուն ու մարդ։

Ըստուերներ լուռ՝ կը դողան մառաններու մէջ մըթին

- Հանդիսական այսահար՝ այս անիմաց խորհուրդին, -

Մինչ կը ցցուի կեանքն հըզօր՝ որպէս ըմբոստ թիապարտ։



[1] Սիրեն. - Դիցաբանական էակ, կէս-կին, կէս-ձուկ: Ֆրանսերէն` ահազանգ: