ԱՇՈՒՆ
Հր.
Բալուեանին
[1]
Աշուն
մ’եղաւ
կեանքս
ամբողջ,
թէեւ
աշխարհ
ես
եկայ
Ծաղկած
առտու
մը
զատկի։
Մանկութենէս
ի
վեր
ես
Հրաժեշտ
կուտամ
միշտ
լոյսին
եւ
միշտ
մահուան
ըստուերէս
Վախցած՝
լոյսին
կը
կառչիմ։
Միշտ՝
յարութեան
սէրն
հսկայ։
Աշուն
մ’եղաւ։
Կը
սիրեմ
մերկացած
ծառն,
որ
հովին
Կը
պատմէ
վիշտն
իր՝
ունայն
տուրքն
իր
տըւած
միրգերուն,
Ու
կը
ժողվէ
յոյս
մը
նոր՝
իր
ճիւղերով
սարսըռուն։
Կասկածէն
վերջ
խանդ
մը
միշտ
զիս
կ’ողողէ
մարմնովին։
Ծաղիկներէն
աւելի
կը
սիրեմ
ծառն
երկնամուխ,
Հըպարտութիւնն
իր
բերքին
եւ
իր
հոգին
քաղցրածոր,
Որ
մըշուշին
մէջ
ցրտին՝
կը
տարածուի
ձորէ
ձոր։
Ծառը՝
մանոց
մը
քակուող,
ծառը՝
հալող
որպէս
ծուխ։
Հասունութիւն,
տրտմութիւն՝
մանկութենէս
ի
վեր
միշտ,
Ու
գոհութիւն
նոյն
ատեն։
Երազները
կը
թափին
Միշտ
ցրտահար…
Սիրեցի
զիս
թօթափող
պաղ
քամին,
Մահուն
տըխուր
երաժիշտ,
գալիք
գարնան
մը
նաժիշտ։
Հարըստութի՛ւն։
Հողմավար
տերեւներու
ոսկի
ծով։
Թռչունները
կը
մեկնին։
Մկրատներու
պէս
կ’անցնին։
Կը
թանձրանայ
համն
արդէն
անձրեւին
դառն
ու
ձիւնին։
Կը
ստուերանան
սէրեր
հին
մահացու
սեւ
կսկիծով։
Աշուն
մ’եղաւ։
Ծանր
ու
գորշ
գեղեցկութիւն
մը
խըռով։
[1]
Ձօնը`
Հրանտ
Բալուեանին,
փարիզահայ
հրապարակագիր,
խմբագիր
«
Զուարթնոց
»ի: