Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Համաձայն Փիրանտելլոյի

Զաւեշտ մըն էր ու խաղ մը դառն, անօրինակ։

 

Կը տրտնջար յամառ զոքանչ մ՜իր փեսին դէմ,

Որ կ’արգիլէր իրեն տեսնել աղջիկն իր միակ։

Կը բողոքէր փեսան նոյնպէս՝ խոժոռադէմ.

Զոքանչն էր խենթ, ճշմարտութեան անընդունակ։

 

Աղջիկն անոր վաղուց մեռած, նոր կինն օտար՝

Իր մայրն ունէր, որ կ’այցելէր ատեն-ատեն։

Բայց զոքանչն այս սին խօսքերուն չէր հաւատար.

Փեսան էր խենթ, ան կը սըտէր սուտն արմատէն։

 

Գացին, եկան բեմ, խօսեցան ու տուին տենդ

Ներկաներուն՝ որ փոխն ի փոխ հաւատացին,

Զանոնք գտան իմաստալից, ճշմարիտ, խենթ,

Ջըղայնացան, հարսն ուզեցին, լոյսն այդ հարցին։

 

Ու կինն եկաւ բեմ, կանգնեցաւ, եւ եղաւ նոր

Դժգոհութիւն, իրարանցում, վէճ մը սաստիկ։

Կը ծածկէր սեւ, պերճ քող մ’իրանն, երեսն անոր՝

Ճշմարտութեան՝ որ կ’ուզէին տեսնել մարդիկ։

 

Դառըն յուզում՝ երբ որոտաց ձայն մ’իրազեկ.

-Ահա Տիկնա՜յք եւ Պարոննե՜ր, կը հասկընա՞ք…

Ճըշմարտութիւնն այս է, այն է՝ որ կ’երազէք»:

Վարագոյրն էր ցըլամարտի կարմիր դրօշակ։

 

Եւ հրաշքն ահա, կը հասկընար ամէն ոք, գոհ՝

Շունչ մը կ’առնէր, կը հաւատար իր ճշմարտութեան՝

Որ այս էր, այն՝ մի եւ բազում… Ամէն դժգոհ

Կ’ընտրէր զոհն իր՝ որ զոքանչն էր, հարսն էր, փեսան։

 

Զաւեշտ մըն էր ու խաղ մը դառն, անօրինակ։

Մենք հակեցանք մերթ աջ, մերթ ձախ, եւ ազգովին՝

Հաւատք, փրկիչ, գոյն փոխեցինք մենք շարունակ,

Մենք խաբուած զոհ պատրանքներու կարմիր ծովին։

 

Եւ հրաշքն ահա - Մայր Հայաստան։ Ան կուգայ մեր

Դէմ, կը ճանչնանք զայն քողին տակ… Ան այս է, այն,

Նըման անցեալ մեր երազին, նըման, տարբեր,

Բայց իր առջեւ մենք կը գտնենք մեզ համաձայն։

 

Եւ կը յուզուինք, կը խայտանք, զայն կ’ողջունենք, ան՝

«Մեր Հայրենիք»… Զաւեշտ մը դառն, ողբերգական։