ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
  
 
   
    /է/ 
   
    Մովսէս 
   
    կաթողիկոսի 
   
    մահուան 
   
    300ամեայ 
   
    տարեդարձը 
   
    1933ին 
   
    առիթ 
   
    ընծայած 
   
    էր 
   
    ինձ 
   
    ձեռնարկելու 
   
    աշխատութեանս:
  
 
   
    Աշխատած 
   
    եմ 
   
    երեւան 
   
    բերել 
   
    հատորիս 
   
    մէջ 
   
    Մեծ 
   
    կաթողիկոսին 
   
    անձն 
   
    եւ 
   
    գործուէութիւնն 
   
    այնպէս, 
   
    ինչպէս 
   
    տեսած, 
   
    ըմբռնած 
   
    եւ 
   
    ներկայացուցած 
   
    են 
   
    զանիկա 
   
    ժամանակակիցները։ 
   
    Անոնք 
   
    առիթն 
   
    չեն 
   
    փախցուցած 
   
    փառաբանելու 
   
    դարուն 
   
    մարդը 
   
    հիացախառն 
   
    խօսքերով 
   
    եւ 
   
    երախտագիտական 
   
    ցոյցերով 
   
    է 
   
    այդ 
   
    արտայայտութիւնները 
   
    ժամանակին 
   
    թելադրութիւններն 
   
    են, 
   
    անոնք 
   
    անկեղծութիւն 
   
    կը 
   
    բուրեն. 
   
    եւ 
   
    մենք 
   
    կրնան 
   
    է 
   
    վստահաբար 
   
    հաւատք 
   
    ընծայել 
   
    անոնց: 
   
    Այս 
   
    պատճառաւ 
   
    ալ 
   
    ընդարձակ 
   
    տեղ 
   
    տուած 
   
    եմ 
   
    աշխատութեանս 
   
    մէջ 
   
    ժամանակիցներու 
   
    վկայութեանց՝ 
   
    յիշատակարաններու 
   
    եւ 
   
    վաւերագիրներու 
   
    մէջ։ 
   
    է 
   
    կարեւոր 
   
    համարեցայ 
   
    նաեւ, 
   
    կաթողիկոսին 
   
    արդիւնքն 
   
    առաւել 
   
    կշռով 
   
    գնահատելու 
   
    համար, 
   
    նկարագրել 
   
    միջավայրն 
   
    եւ 
   
    ժամամակն 
   
    աւելի 
   
    եկեղեցական–պատմական 
   
    քան 
   
    քաղաքական–տնտեսական 
   
    տեսակէտէ։
  
 
   
    Երբ 
   
    լոյս 
   
    կը 
   
    տեսնէր 
   
    աշխատութիւնս 
   
    /ը/ 
   
    «Հանդէս 
   
    Ամսօրեայ»ի 
   
    մէջ 
   
    մաս 
   
    առ 
   
    մաս
    
     [1], 
   
    չէի 
   
    յուսար 
   
    թէ 
   
    այս 
   
    ընդարձակ 
   
    ծաւալն 
   
    պիտի 
   
    առնէ։ 
   
    Ծրագրիս 
   
    ընդլայնումը 
   
    կէս 
   
    ճանապարհի 
   
    վրայ՝ 
   
    հարկ 
   
    դրաւ 
   
    վրաս 
   
    Ա 
   
    - 
   
    Մասն 
   
    արտատպութեանս 
   
    մէջ 
   
    նոր 
   
    խմբագրութեան 
   
    ենթարկել։ 
   
    Նոր 
   
    են 
   
    հոս 
   
    9
    
     [2], 
   
    10 
   
    եւ 
   
    15 
   
    գլուխները. 
   
    ուրիշ 
   
    գլուխներ 
   
    կրած 
   
    են 
   
    մեծ 
   
    եւ 
   
    փոքր 
   
    փոփոխութիւններ: 
   
    Լոյս 
   
    կը 
   
    տեսնէ 
   
    հոս 
   
    Մովէսիսի 
   
    Ողբն 
   
    ի 
   
    մահն 
   
    Սրապիոն 
   
    Ուրհայեցւոյ 
   
    ամբողջութեամբ. 
   
    այս 
   
    առթիւ 
   
    իմ 
   
    սրտագին 
   
    շնորհակալութիւնս 
   
    Արհիապ. 
   
    Նշանեան 
   
    Մեսրոպ 
   
    Սրբազանին, 
   
    որ 
   
    հաճեցաւ 
   
    համեմատել 
   
    զայն 
   
    Երուսաղէմեան 
   
    ձեռագրին 
   
    հետ։
  
 
   
    Ուրախ 
   
    եմ, 
   
    որ 
   
    աշխատութիւնս 
   
    գտած 
   
    է 
   
    ընթերցողներուս 
   
    բարեացակամ 
   
    հաճութիւնը։ 
   
    Թանկագին 
   
    են 
   
    ինձ 
   
    մասնաւորապէս 
   
    երկու 
   
    բարձրաստիճան 
   
    եւ 
   
    պատմական–մատենագրական 
   
    ուսումնասիրութիւններով 
   
    քաջազուն 
   
    Եկեղեցականներու 
   
    վկայութիւնները. 
   
    Տ. 
   
    Գարեգին 
   
    արքեպիսկոպոս 
   
    Յովսէփեան 
   
    կը 
   
    գրէր 
   
    ինձ 
   
    1933, 
   
    Նոյեմբեր 
   
    4ին 
   
    Էջմիածնէն. 
   
    «կարդացել 
   
    եմ 
   
    Ձեր 
   
    գրած 
   
    յօդուածի 
   
    մի 
   
    հատուածը 
   
    Մովսէսի 
   
    մասին 
   
    եւ 
   
    շատ 
   
    հաւանել 
   
    առարկայական 
   
    եւ 
   
    ժամանակակից 
   
    աղբիւրների 
   
    հիման 
   
    վրայ 
   
    իրական 
   
    պատկեր»։ 
   
    Եւ 
   
    Տ. 
   
    Մեսրոպ 
   
    եպիսկոպոս 
   
    Նշանեան 
   
    կը 
   
    գրէր 
   
    Երուսաղէմէն 
   
    (31 
   
    Յունուար 
   
    1935). 
   
    «Հանդէսի 
   
    մէջ 
   
    շահա/
    
     թ
   
    /գրգռությամբ 
   
    կարդացի 
   
    Մովսէս 
   
    կաթողիկոսի 
   
    մասին 
   
    Ձեր 
   
    ուսումնասիրութիւնը։ 
   
    Շնորհավորելի 
   
    եւ 
   
    յոյժ 
   
    գնահատելի 
   
    աշխատութիւն 
   
    արդարեւ»։
  
 
   
    Աշխատութիւնը, 
   
    որ 
   
    կը 
   
    դիտէ 
   
    տալ 
   
    պատիւս 
   
    արժանաւորաց, 
   
    նկատի 
   
    ունի 
   
    արժանաւոր 
   
    դէմք 
   
    մը, 
   
    որուն 
   
    իրաւամբ 
   
    կրնանք 
   
    յայտնել 
   
    մեր 
   
    սէրը, 
   
    յարգանքն 
   
    ու 
   
    հիացմունքը, 
   
    նաեւ 
   
    երեք 
   
    դար 
   
    ետքը:
  
 
   
    Վիեննա, 
   
    12 
   
    Մայիս 
   
    1936։
  
 
   
    ՀԵՂԻՆԱԿԸ
  
 
  
  
   
  
    
   
      
       [1]     
     
      Հանդէս 
     
      Ամսօրեա 
     
      յ, 
     
      1933, 
     
      էջ 
     
      161–209, 
     
      285 
     
      414, 
     
      513—533, 
     
      1934, 
     
      էջ 
     
      1—27, 
     
      235–259, 
     
      481–533։
    
   
   
  
    
   
      
       [2]     
     
      Նախ 
     
      լոյս 
     
      տեսած 
     
      Հանդ. 
     
      Ամս., 
     
      1935, 
     
      էջ 
     
      24–33։