Մովսէս Գ. Տաթեւացի Հայոց կաթողիկոսն եւ իր ժամանակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆ Ա. ԿԵԱՆՔՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

3. ԾՆՈՒՆԴՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՄԻՆՉԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆ

/7/ Սիւնեաց աշխարհի մէջ, Տաթեւի Հարաւակողմը, բարձրանիստ դիրքի վրայ կը յիշուի, սկսեալ Ժ. դարէն, Խոտանան գիւղը, որ կը վերաբերէր Աճանան (Բաղք) գաւառին [1] ։ Փոքրիկ եկեղեցի մը, նուիրուած Ս. Աստուածածնի, կը կազմէր անոր գլխաւոր զարդը։ Անուանի հանդիսացաւ գիւղս սկսեալ ԺԶ. դարու վերջին քառորդէն, իբրեւ ծննդավայրը Մովսէս Գ. Կաթողիկոսի։

Ծնաւ Մովսէս 1577/78ին [2] իբրեւ զաւակ «մեծազգի» ծնողաց։ Իր ծնունդն երգած է Մկրտիչ Ջուղայեցի 1628ին այսպէս (Էջմ. 1171).

/8/ Ոմն մեծազգի,

տեղեա գովելի եւ անւանելի,

սուրբ ուխտին Ստաթեի

եւ մենարանի

սրբոյն Գրիգորի :

ի վերջս ժամանակի

սորին վիճակի`

տունկ բուսեալ լինի

յարմատոց տեղի

սրբոյն Ստաթիէի

ծառ զարմանալի

ոստ բազում ունի

միշտ պտղաբերի։

Ծնողաց անունները չէ հասցուցած մեզի ժամանակը. կը յիշատակուի միայն քոյր մը, որուն միակ ծանօթ զաւակը՝ Մովսէսի «քեռորդին»՝ եղաւ Գրիգորիս «կրօնաւոր բանասէրը», համանմանն իւր մօրեղբօր՝ «առաքինի եւ ճգնազգեաց եւ խստակրօն վարքովը» [3] ։ Մովսէսի «ազգական եւ մօտընտի» եղած է նաեւ Տաթեւի Յովհաննէս արքեպիսկոպոսը. 1635ին Սարգիս գրիչ [4] կը խնդրէ. «յիշեսջիք զստացօղ գրոցս Յովաննէս արհիեպիսկոպոսն ի յաթոռն Ստաթէի, որ էր սա ազգական եւ մօտընտի Մովսէս կաթողիկոսին, որ եւ ձեռնադրեաց եւ կացոյց զսայ ի սուրբ Աթոռu»։

/9/ Խոտանան գիւղի մէջ զարգացաւ Մովսէսի մանկութիւնը. մերձակայ մենաստանը, հռչականունն Տաթեւ ձգեց իրեն նորահաս պատանին, որ սիրեց այնուհետեւ այն միանձնարանը, ուր Յովհաննէս Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ Առաքել Սիւնեցի պայծառացած էին երբեմն։ Հաւանօրէն հոս ընդունեցաւ անիկա, հնգետասանամեայ հասակի մէջ, քահանայական ձեռնադրութիւնը իբրեւ կուսակրօն աբեղայ (Դար՝ 284)։

Իբրեւ Տաթեւի վանքին միաբան կոչուեցաւ Մովսէս այսուհետեւ Տաթեւացի, թէեւ հայրենեօք Խոտանանցի էր։

4. ՄՈՎՍԷՍ ԱՌ ՈՏՍ ՍՐԱՊԻՈՆ ՈՒՐՀԱՅԵՑՒՈՅ

Հաճելի էր անշուշտ նորընծայ աբեղային ճնազգեաց կեանքը այն լեռնապատ մենարանին մէջ, բայց զգաց ան իր մէջ պահանջքը, հոգեւոր առաջադիմութեան հետ ունենալ եւ մտքի լուսաւորութիւնը, զոր չէր կրնար տալ իրեն Տաթեւը ժամանակակից հանգամանքներու մէջ։ Այս լոյսի ի խնդիր տուաւ փոքրիկ աբեղան հրաժեշտ Սիսական աշխարհին իջա Արարատեան դաշտ [5], շարունակեց ճա/10/նապարհը մինչեւ Տիգրանակերտ (Ամիդ)։ Հոս համբաւուած էր նոյն շրջանին Սրապիոն Ուրֆայեցւոյ դպրոցը։ Գտաւ առ ոտս Սրապիոն վարդապետի Գրիգոր Կեսարացին եւ Յովհաննէս Ուրֆայեցին, եւ խառնուեցաւ ինքն ալ անոնց թուին մէջ։

Սրապիոնի երիցագոյն աշակերտներէն էր Գրիգոր: 1595ին կը ստանայ վարդապետական գաւազանն եւ կը հեռանայ Վարդապետէն [6] ։ Մովսէս Յովհաննու հետ շարունակեց մնալ ուսուցչին ոտքը մինչեւ 1603, երբ Սրապիոն հրավիրուեցաւ Էջմիածին բազմելու Կաթողիկոսական գահը։ Հաւանօրէն չհետեւեցաւ Մովսէս իւր ուսուցչին քայլերուն [7] ։ 1604 Դեկտեմբերին տեղահանուեցաւ եւ Սպահան տեղափոխուեցաւ Արարատեան դաշտի ժողովուրդը, խաչի ճանապարէ մը ընթացաւ Սրապիոն. եւ 1605ին հրաժարելով աթոռին վերադարձաւ Ամիդ։ Հոս առ ոտս իւր սի/11/րեցեալ Ուսուցչին կը գտնենք փոքրիկ աբեղան միւսանգամ։ Ղուկաս Գառնեցի կը գրէ Մովսէս «ի մանկութեան իւրում սնեալ եւ վարժեալ ի յուսումն աստուածաշունչ գրոց ի հրահանգս բարերջանիկ եւ նակեդ մեծ վարպդապետին Սրապիոնի, եւ առեալ ի նմանէ հրաման վարդապետական»։ Անիկա Տիգրանակերտ էր 1606 Ապրիլ 26ին, տակաւին «տհաս ուսմամբ եւ հասակաւ» [8], երբ կը վախճանէր Սրապիոն. եւ լացաւ իւր մեծ Ուսուցչին մահը դառնաղի։

5. ՄՈՎՍԷՍ ԱՌ ՈՏՍ ԳՐԻԳՈՐ ԿԵՍԱՐԱՑՒՈՅ

Սրապիոն նկատած էր յանձին իւր աշակերտին խոստմնալից ապագայ մը։ եւ խորհած էր նախահոգութեամբ յանձնել զանիկա Գրիգոր Կեսարացւոյ խնամքին, պատուիրելով, որ հոգ տանի «ընդ փոյթ» [9] տալ անոր «զիշխանական պատիւ վարդապետութեան»։ Այս իմաստով կը գրէ Առաքել. «Բայց Սրապիոն վարդապետն մտօք նկատեալ իմանայր յոգի իւր, զի շնորհք աստուածային երեւի առ տէր Մովսէսն, ընդ որոյ ցաւակցաբար հոգաց զնա. վասն զի կոչեաց առ ինքն   /12/ զաւագ աշակերտն իւր զԿեսարացի Գրիգոր վարդապետն եւ յանձն արար նմա զտէր Մով| սէսն ասելով։ Յանձն առնեմ՝ զսա քեզ, զի փոխանակ իմ հովուեալ պահեսցես զսա եւ հասուցեալ յարբունս հասակի եւ վարդապետական ուսման. եւ տացես զգաւազան եւ զպատիւ վարդապետական, եւ եղիցի օրհնութիւն իմ ի վերայ քո եւ դորա» (էջ 284-285)։

Սրապիոնի յանձնարարութիւնը կատարուած է հաւանօրէն թղթով. վասն զի Կեսարացին ներկայ չէր գտնուած Վարդապետին յուղարկաւորութեան։ Իսկ Մովսէս իւր Ուսուցչին մահէն ետքը մեկնեցաւ Ուրհայ, ուր 1607ին, մարտ ամսոյն յօրինեց իւր Ողբն ի մահն Սրապիոնի։ Ուրֆայէն անցաւ ապա Կ. Պոլիս, ուր հասած էր Գրիգոր Կեսարացի 1608 Դեկտեմբերին, խաղաղեցնելու համար ազգայնոց մէջ ծագած վեճ մը եւ ընտրուած այս երկրորդ անդամ պատրիարք։ Այս մասին ուշագրաւ է ինչ որ կը գրէ Կեսարացին իբրեւ պատասխան Ամթեցիներուն, որոնք հրաւիրած էին զինքը մխիթարելու մահուամբ Վարդապետին սգաւոր սրտերը [10]. «... Եւ ընդ օրէնութեանս ծանուցումն լիցի սիրելեացդ մերոց, զի յորժամ լուաք զբաւթալից համբաւն որ վասն խաւարման Արեգականն մերոյ, յայնժամ՝ կամէաք առ ձեզ գալ, յողջագուրել զշիրիմ սուրբ նշխարաց նորա, եւ ի մխիթարել զորբացեալ որդիսդ /13/ նորա, բայց ոչ կարացաք գալ վասն դժուարութեան ճանապարհին, որ յաղագս ասպատակաց եւ աւազակաց։ Այլ ողբերգական եւ մխիթարական թուղթս գրեցաք՝ երիս նամակս եւ առաքեցաք առ ձեզ թէպէտ ոչ կատարելագոյն, այլ դուզնաքեայ զի կամիմք մեք ինքնին գալ եւ մխիթարկել զձեզ, թէպէտ անմխիթար է սուքն մեր։ Բայց այժմ բազում պատգամաւորս եւ միջնորդս արկանելով, թէպէտ մեք ոչ կամեցաք զառաջինն, այլ սոքայ ժտելով ոչ միանգամ կամ երկիցս, այլ բազում անգամ առաքելով առ մեզ արս հաւատարիմս հանդերձ ձեռագրովք կնքելովք յամենայն ժողովրդենէ նոցա, եւ մենք տեսաք զջերմեռանդ սէրն եւ զկատարեալ զղջուն սոցա եւ ոչ կարացաք ընդդիմանալ սոցա։ Զի ես պատրաստեալ էի որ ձմեռս գայի յԱմիթ զՅայտնութիւնն ի մէջ ձեզ առնէի. բայց այժմ ի Կոստանդնուպաւլսէ եկին առ մեզ վերստին հրաւիրակք յուժգնայգոյն քան զառաջինսն ստիպեն զմեզ գնալ առ նոսայ։ Վասն որոյ կամ եղեւ մեզ գնալ [11]. բայց ոչ վասն պատրիարքութեան, որպէս նոքայ կամին, այլ վասն հաշտութեան, որպէս (ես) կա/14/միմ ըստ Տեառն թէ Թող զպատարագն քո ի վերայ սեղանոյն եւ երթ նախ հաշտեաց ընդ եղբաւրն եւ յետ այնորիկ գալ ի յԱմիթ։ Մեր կամ քն այս է որ զԱստուածածինն կամ զսուրբ Խաչն ի յԱմիթ առնեմք [12], եթէ Տէր կամեսցի եւ առաջնորդեսցէ։ Ողջ լերուք ի Տէր»։

Այստեղ ի Կ. Պոլիս պատահեցաւ Մովսիսի (1609ի սկիզբները) Գրիգոր Դարանաղցի, որ կը գրէ (էջ 130). «Յայնմ ժամանակին Մովսէս կաթողիկոսն ընդ նմա (Գր: Կեսարացւոյ) էր, տակաւին աշակերտ գոլով, որ խալիֆայք էին միմեանց։ Մէկ մսըրցի շալ տուի նմա ի պատիւ նորա. զի այն եղեւ սկիզբն քուրձզգեցութեան նորա»։

Նոյն տարւոյն Սեպտեմբերին կը հասնի Կ. Պոլիս Սիմէոն Լեհացի եւ ապաստանարան կը գտնէ պատրիարքարանին մէջ, ուր եւ կէս տարի մը կը բնակի. այս առթիւ կը ծանօթանայ նաեւ Մովսէս Տաթեւացւոյ հետ, զոր սխալմամբ Ջուղայեցի կ'անուանէ։ Հիացախառն տողերով կարձանագրէ Սիմէոն իւր ուղեգրութեան մէջ Մովսէսի գովութիւնը [13]. «Եւ ունէր սա (Գր. Կեսարացի) աշակերտ մի բանասէր՝ անունն Մովսէս, յոյժ խոնարհ եւ հեզ, առաքինի եւ սուրբ, կոյս եւ ընտիր՝ որ օր մի առանց ութ կանոն Սաղմոսի ոչ ան/15/ ցուցանէր, եւ ժամ մի դատարկ ոչ լինէր. զցայգ եւ զցերեկ հսկէր եւ տքնէր յաղօթս անձանձիր ոտնակացութեամբ, եւ պարապէր միշտ ընթերցմամբ սուրբ Գրոց»։

Ունէր Մովսէս իրեն ընկերակից Ազարիա Սասնեցին, որ յարած էր 1609ին Գրիգոր Կեսարացւոյն՝ աշակերտելու անոր [14]:

Ամթեցւոց տուած խոստումը` 1609ին ամառը այցելել Սրապիոնի գերեզմանին՝ չէր կրցած ի գլուխ հանել Գրիգոր Կեսարացի, որովհետեւ հակառակ իր կամքին ընտրուած էր պատրիարք։ Բայց 1610ին, գարնան ստիպուեցաւ թողուլ աթոռը Յովհաննէս Խուլին [15] եւ հեռանալ Կ. Պոլսէն։

Համարելով այժմ ժամանակը յարմար, խորհեցաւ Կեսարացին դառնալ իւր վաղեմի ծրագրին եւ այցելել Ամիդ։ Կար հրապարակի վրայ նաեւ Երուսաղէմի պարտքի խնդիրը, որուն ինքը պիտի տանէր դարման։ Այս պատճառաւ ալ, ինչպէս կը պատմէ Յակոբ Կեսարացի [16], «ի ՌԾԸ (1609) թուին [17] նաւեալ ի Բիւզանդիոյ յԵգիպտոս, ելեալ ի լեառն Սինա, ընդ իւր ունելով զՄովսէս վարդապետն, տուեալ նմա գաւազան [18], որ /16/ եւ յետոյ եղեւ կաթողիկոս ի սուրբ Էջմիածին։ Եւ կատարեալ զուխտս իւրեանց յաստուածախօս լեռնէն՝ դարձան անտի Համիթ. եւ արարեալ ժողով բազում եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց եւ բազում տօվաթաւորաց վաճառականաց եւ ռամկաց, նաեւ Ենկի Խօճան Ամթայ, գրեցին առ առաջնորդսն եւ առ տոլվաթաւորսն Վանայ, եւ ժողովեալ բազում առաջնորդաց եւ տոլվաթաւորաց՝ եկեալ յԵրուսաղէմ ՌՆԹ թուին (1610)։ Եւ էր պարտք Երուսաղէմայ ԿՌ ղուրուշ, որ աոաջնորդ էր Արդար Դաւիթն. եւ սատարութեամբ հզօրին Աստուծոյ վճարեալ զպարտքն եւ ազատեալ զզգեստն եւ եդեալ զԳրիգոր Պարոն տէրն առաջնորդ սուրբ Երուսաղէմայ, ի սոյն թուին»։

Այս ճանապարհորդութիւնը կ՚ակնարկէ Առաքել Դաւրիժեցի (էջ 285), երբ կը գրէ թէ Մովսէս այցելեց Եգիպտոսի անապատները. Առաքելի խօսքերն են. «որ եւ եկեալ տէր Մովսէս՝ գնացեալ եհաս յԵրուսաղէմ. եւ կատարեաց զուխտ ամենայն տնօրինականաց Տեառն։ Ապա անտի գնաց յաշխարհն Եգիպտոսի եւ շրջեալ յամենայն վանորայս եւ յանապատս ազգին Ղփթոց, վասն զի վանօրայք եւ անապատք բազումք գոն, յորում՝ բնակեալ են բազմահոյլ միաբանք՝ կարգօք եւ սահմանօք կրօնաւորականօք. որք ունին զկարգաւորութիւն ամենայն իրաց, ժամատեղեաց եւ սեղանատեղաց եւ զգեստուց եւ /17/ խցակցութեան եւ կրօնաւորական ժուժկալութեան եւ այլ ամենայն գործոց։ Եւ ի մէջ նոցա շրջելով եւ հարցանելով եւ տեսանելով տեղեկանայր ամենայնի եւ սմին այսմիկ ինքն տէր Մովսէս՝ թէպէտ անհոգ եւ անփոյթ էր, այլ տնօրինիչ սուրբ Հոգին՝ յածեալ շրջեցուցանէր ի մէջ այսպիսի կրօնաւորական կարգաց առ ի ուսուցանել զնա, վասն ապագայից ժամանակաց՝ որպէս եւ պիտոյացաւ ի ժամանակս կարգադրութեան Մեծ Անապատին»։

Գրիգոր Կեսարացի կը վերադառնայ. Պոլիս, ուր 1611ին երրորդ անգամ ձեռք կը բերէ պատրիարքական աթոռը, իսկ Մովսէս կը մնայ Երուսաղէմ, ուր կը կարգուի «լուսարար սուրբ Յարութեանն» (Առ. 286)։ Այս առթիւ սորվեցաւ Մովսէս մոմ սպիտակացնելու արուեստը, որ այնքան նպաստեց ապա պայծառացնելու իր բախտը։ Կը գրէ Դաւրիժեցի, թէ Մովսէս հրաման կ՚ընդունի այս միջոցին Գրիգոր Պարոնտէրէն, «որ էր առաջնորդ Ս. Յակոբայ» երթալու «ի նուիրակութիւն վասն Երուսաղէմի եւ զբազում արդիւնս ժողովեալ ի քրիստոնէից՝ եբեր յԵրուսաղէմ առաջի Գրիգոր եպիսկոպոսի» [19] ։

Երբ Երուսաղէմ էր` Մովսէս, հոն կը գտնուէին տակաւին Սարգիս Սաղմոսավանքի հրաժարեալ եպիսկոպոսն եւ տէր Կիրակոս /18/ Տրապիզոնցի, որոնք իբր հինգ տարի առաջ [20] հասած էին հոն եւ կը փնտռէին անդորր անկիւն մը նուիրուելու ճգնաւորական կեանքի։ Ծանօթանալով անոնց դիտաւորութեան Մովսէս, խորհուրդ կու տայ որ փոխանակ այս տեղ, օտարութեան մէջ իրենց ճգնարան փնտռելու, երթան Սիւնեաց աշխարհը, ուր պիտի գտնեն այս նպատակի համար շատ յարմար միջավայր մը. «զայդպիսի տեղի, զոր խնդրէք յարեւելեան յաշխարհին բազումք գոն, եւ մանաւանդ յերկրին Սիւնեաց, որոց ես ականատես իսկ եմ, եւ յաշխարհին յայնմիկ կարի առաւել պատշաճ է լինել զանապատ, զի բուն Հայաստան է, վանօրայք եւ դեղորայք եւ ժողովուրդք քրիստոնէից բազումք գոն, ուստի ամենայն պիտույք անապատին լցեալ լինին։ Այլ եւ ինքն տէր Մովսէս յանձն էառ, զի յորժամ նոքա ժամանեալ յերկիրն յայն եւ ուրեք անդորրացեալ զետեղիցին, ուր եւ իցէ ինքն տէր Մովսէս՝ թողեալ զամենայն՝ անդր առ նոսա ժամանեսցէ եւ ընդ նոսին բնակեսցի միաբանութեամբ։ Արդ այսպիսի յորդորական բանիւ զնոսա առաքեաց ի վերին աշխարհն արեւելից, ինքն մնաց յԵրուսաղէմ» (Դաւր. 286)։

/19/ Ճգնաւորները հետեւեցան սիրով Մովսիսի խորհրդին եւ մեկնեցան Հայաստան։ Իսկ Մովսէս թողուց Երուսաղէմը 1611ին եւ դարձա «առ վարդապետն իւր Գրիգոր Կեսարացի, որ էր ի Կ. Պոլիս, քանզի թագաւորական հրամանաւ նստեալ էր առաջնորդ քաղաքին՝ պատրիարք անուամբ։ Եւ կացեալ աշակերտութիւն Գրիգոր վարդապետին յամս ինչ պարկեշտ եւ սրբակրօն վարուք՝ ոչ պաճոյճ եւ փափուկ հանդերձիւ որպէս եւ այլքն էին ի ժամանակին, այլ խոշորազգեստ եւ պահեցող, որ ի շաբաթ օր եւ ի կիւրակէ օը լուծանէր ի կերակուրս նաւակատեաց, զատեալ ի մսոյ եւ ի գինւոյ, եւ հանապազ սաղմոսերգ եւ պատարագամատոյց» [21] ։

Այս տեղ, պատրիարքարանի մէջ երկրորդ անգամ կը պատահի իրեն, 1612ին, Գրիգոր Դարանաղցի, որ իմանալով թէ մտադրութիւն ունի Մովսէս միւսանգամ Երուսաղէմ երթալու, խորհուրդ կ'ընեն, որ ի միասին կատարեն ճանապարհորդութիւնը։ Դարանաղցւոյն տողերն են. «Եւ տէր Մօսէսն, որ յայնժամն ի հնազանդութիւն կայր մօտ առ նա (Գր: Կես. ), ոչ ուսանելոյ սակս, այլ գաւազան առնելոյ աղագաւ, որ աշակերտակից էր սորա առ ոտս Սրապիոն կաթողիկոսի Եդեսացոյն նա առանձին խցի կայր ի լռու/20/թեան եւ յընթերցման գրոց պարապեալ եւ ես յարուցեալ գնացի մօտ առ նա զրուցատրելոյ աղագաւ վասն Երուսաղէմ գնալոյ պատրաստութեան մեր եւ նորա. որ նորա այլ կամք էր գնալոյ եւ փոյթ էր ի գնալն։ Խօսեցաք երկու երեք ժամս» (էջ 170)։

6. ՄՈՎՍԷՍ՝ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Մովսէսի մտադրութիւնն էր գաւազան ստանալէն ետքը անգամ մըն ալ այցելել Երուսաղէմ եւ ապա վերադառնալ Հայրենիք։ Բայց թէ ինչո՞ւ այնչափ կը ձգձգէր Կեսարացին շնորհելու Մովսէսի գաւազանի իշխանութիւնը, դժուար է ըսել։ Մովսէս այժմ կը գտնուէր իւր 34րորդ հասակին մէջ. աւելի քան 8 տարի մնացած էր վարդապետին քով։ Ծանօթ է այլուստ Կեսարացւոյն խստապահանջ բնաւորութիւնը, եւ այս տեղ պետք է փնտռել յապաղման պատճառը։ Ընդհակառակը մեղմ էր Մովսէս, հեզաբարոյ՝ չէր իշխեր անձամբ ներկայացնել արձակման արդար պահանջքը։ Իր զգածմանց թարգմանն եղաւ ժողովուրդը, որ հանդիսատես էր անոր առաքինի վարքին եւ ուսումնասէր ջանքերուն. «առ որ հաճեալ եւ հաւանեալ ամենայն ժողովուրդքն Կ. Պոլսի եկեղեցականք եւ աշխարհականք, եւ երեւելի արք, որպէս Շահին չալապին, որ էր այր նշանաւոր ի դրան թագաւորին, եւ այլք եւս յոլովք։ Նաեւ վաճառականք արեւելեան աշխարհին, /21/ որ պատահեցան ի Կ. Պոլիս, եւ մանաւանդ Ջուղայեցիք եւ Գողթնացիք, զի գիտէին թէ Մովսէսն յարեւելեան աշխարհէն է, ամենեքեան մատուցեալ առ Գրիգոր վարդապետն խնդրէին տալ տէր Մովսէսի վարդապետութիւն»։ Զիջելով եղած խնդրանքին եւ «տեսանելով զքաղցր եւ զսրբասէր բարս եւ զպարկեշտ վարս տէր Մովսէսի, նաեւ զվկայութիւն ժողովրդեանն» յանձն առաւ Գրիգոր Կեսարացի տալ անոր վարդապետական գաւազանը «մեծ հանդիսիւ» (Դար։ 286-287)։

Գաւազանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ առանց տարակուսի 1612ին։ Յաջորդ տարին գահընկէց եղաւ Կեսարացին պատրիարքական աթոռէն եւ քաշուեցաւ Կեսարիա։ Իսկ Մովսէս՝ անմիջապէս ճանապարհ ինկաւ դէպի Երուսաղէմ։

Այս ժամանակագրութեան կը հակասեն Առ. Դաւրիժեցւոյ տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն «այնուհետեւ տէր Մովսէս վարդապետն անխափան քարոզէր յամենայն եկեղեցիս զաւետարանն Քրիստոսի վճիտ եւ պայծառ՝ քարոզութեամբ։ Եւ յետ ամաց ինչ՝ հրամանաւ Գրիգոր վարդապետին առաքեալ եղեւ Մովսէս վարդապետ գնալ եւ ինքնագլուխ կարողութեամբ շրջագայիլ. եւ ելեալ ի Կ. Պոլսէ եկեալ հասեալ ի քաղաքն Տիգրանակերտ, ուր էր տապանն Սրապիոն վարդապետին, համբուրեալ զնա սրբով տապանաւն, եւ առեալ ի նմանէ զօրհնութիւն՝ ելեալ անտի /22/ անցեալ զՎասպուրական քաղաքաւն եկն ի Թարէզ՝ եւ անտի ի հայրենի աշխարհ իւր, ի գաւառն Սիւնեաց ի վանքն Տաթեւու» (Դաւր. 287)։ ՝

1612ին պատահած էր Մովսէսի, որ տակաւին աբեղայ էր, Գրիգոր Դարանաղցի ի Կ. Պոլիս, իսկ 1613ին Ապրիլին Երուսաղէմէն դարձին հանդիպած էր Մովսէս Աւետիս կաթողիկոսին. նոյն տարւոյն վերջերը կը գտնենք զինքը Տաթեւ, ուստի չկայ միջոց (ամս ինչ» ինքնագլուխ քարոզութեամբ շրջելու։

Առաքել հոս հաւանօրէն իրեն աղբիւր ունեցած է Ղուկաս Գառնեցւոյ Յիշատակարանը, ուր կ'ըսուի. «Յետ փոխելոյ նորա (Սրապիոնի) գաւազան իշխանութեան Համշիրաքն իւր Գրիգոր վարդապետն Կեսարեան, զոր ի սոյն ժամանակս սայ է հռչակեալ եւ անուանի գիտնական եւ բասդոն արտաքին իմաստասիրական հանճարոյ, այլ եւ աստուածաշունչ գրոց։ Սայ րոտեալ եւ հաւանեալ խնամոցն Աստուծոյ, ետ սմայ գաւազան վարդապետական ի տիեզերական քաղաքն ի Կոստանդնուպօլիս։ Եւ իբրեւ էառ սուրբ հայրս մեր զեկլէսիաստական իշխանութիւնն, սկսաւ քարոզել զբանն Աստուծոյ ընդ ամենայն տեղիս, եւ հասեալ շրջագայութեամբ յարեւելս ի բնիկ գաւառն իւր Սիսական»։ Այս տողերը կերեւայ թէ ընդլայնած է Դաւրիժեցի։

Աւետիս կաթողիկոս 1613ին հրաւիրուած /23/ էր Երուսաղէմ ձեռնադրելու զԳրիգոր Գանձակեցի Ս. Յակոբեանց վանքի եպիսկոպոս։ Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է նոյն տարւոյն Ապրիլ 5ին։ Աւետիս իր կոնդակին մէջ, զոր տուած է նորընծայ եպիսկոպոսին, ի շարս անոր արժանաւորութեան վկայողներու կը յիշէ նաեւ զՄովսէս այսպէս [22], «… Երուսաղէմայ Արդար Դաւթի եպիսկոպոսի վկայութեամբն, Մովսէս վարդապետին Տաթեւացւոյն եւ այլ ամենայն ուխտականաց եւ բնակաց (Երուսաղէմալ) հինգ Հարիւր ժողովելոց» (վկայութեամբ)։ Տողերս այնպէս իմանալ կը թելադրեն, թէ Աւետիս հանդիպած է Մովսէս վարդապետին Երուսաղէմի մէջ։ Իսկ Մովսէս ինքնին կը գրէ իւր առ Գրիգոր Կեսարացի թղթին մէջ թէ «Աւետիսն կայ ի Էջմիածինն եւ ասվիս զգեցեալ, եւ մեզ սիրելութեան թուղթ է առաքեալ, որ մեր յԵրուսաղէմայ գալն փոքր ի շատէ աստուածվախութիւն տեսաք ի նմա» (տե՛ս էջ 32)։`

Մովսէսի պանդխտութեան օրերու կը հային 1650ին գրուած յիշատակարանի մը խօսքերը, զոր Հաւանօրէն աչքի առաջ ունեցած է Առաքել [23]. «գոլով սա (Մովսէսի ի գաւառէն Սիւնեաց՝ լեալ աշակերտ Սրապիոն կաթողիկոսին եւ շրջեալ ժամանակս ինչ ի /24/ տունն Յունաց (Կ. Պոլիս) առաքելաշնորհ քարոզութեամբ. եւ անտի եկեալ յարեւելս ի գաւառ իւր արար սկիզբն քարոզութեան եւ նորաձեւ վարդապետութեան» [24] ։

7. ՄՈՎՍԷՍԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆ Ի ՍԻՒՆԻՔ

Մովսէս վերադարձաւ Սիսական աշխարհը 1613ին։ Հոն Տաթեւի շրջակայքը՝ Եղինգեան գիւղի մէջ գտաւ իր Երուսաղէմէն ծանօթ ճգնաւորները՝ Սարգիս եւ Կիրակոս, շրջապատուած ուրիշ միակրօն միախորհուրդ միաբանների, որոնց թիւը աւելի աճեցաւ, երբ տարածուեցաւ վարդապետին գալստեան համբաւը։ Մինաս երէց 1613ին անոնց թիւը կը նշանակէ «յիսուն կամ այլ աւելի» (տե'ս վարը)։

Մովսէս վարդապետի վերադարձը ի Տաթեւ «անպատում ուրախութեան» առիթ եղաւ ամէնուն թէ «եկեղեցականներու եւ թէ աչխարհականներու», ինչպէս կը գրէ Դաւրիժեցի (էջ 287 ), վասն զի «ընդ այն ժամանակս բարձեալ էր վարդապետ անուն յարեւելեան աշխարհէ» [25] ։

Տաթեւի միաբանները՝ եպիսկոպոսներն ու աբեղաները ի սկզբան սիրով ընդունեցան զինքը, բայց յետոյ լսելով անոր խիստ վարդապետութիւնն եւ տեսնելով անոր խստամբեր կեանքը, «յետս չոգան ի նմանէ, /25/ քանզի ոչ ընկալան զքարոզութիւն նորա» [26] եւ «զնորաձեւ վարդապետութիւն» [27] ։

Այս պատճառաւ ալ շուտով կը թողու Մովսէս Տաթեւը եւ կ՚երթայ Եղինգեան (Եղեգիս) գիւղը, ուր հաստատուած էր նոր Անապատը, «առ Սարգիս եպիսկոպոսն եւ առ տէր Կիրակոսն, ըստ նախկին ուխտադրութեանն իւրեանց, զոր պայմանեալք էին յԵրուսաղէմ. եւ անդէն, Անապատին կալաւ իւր դադար բնակութեան»։ Անկէ դուրս կու գար ժամանակ առ ժամանակ, կը շրջէր քարոզութեամբ գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ կրկին կը դառնար Անապատ (Առ. Դար: 288)։

Այս տեղ կը յիշէ զինքը Մինաս երէց արդէն 1613ին, որ նոյն թուին կ՚օրինակէ Հարանց վարք մը [28] «ի յաշխարհին Էճանանու եւ ի գեղջէս Եղինկեան, որ եմ՝ ծնեալ եւ սնեալ ի սմայ, ի սուրբ եւ հրաշափառ ուխտսիս Ստաթէի սուրբ առաքելոյն... ի առաջնորդութիւն տէր Մեսրոպ եպիսկոպոսէ, նորընծայ եւ ի կրկին լուսատու հոգւոց մերոց զրաբունապետն զտէր Մովսէս վարդապետ ի բազմապատիկ լուսաւորիչ աշխարհէս Հայոց՝ զսուրբ յանապատն Ստաթէի որ եւ պատճառ եղեւ իմաստուն Հայրն Կիրակոս՝ ի յԱրեւմտից դիմեալ յԱրեւելս ողոր/26/մութեամբն Աստուծոյ վասն փրկութեան Հոգւոց մերոց. եւ ի համախոհ ընկերք սորին զտէր Սարգիս եպիսկոպոսն, զտէր Թումայ եպիսկոպոս հայր վանից եւ զայլ միաբանսն միախորհուրդ՝ թվով յիսուն կամ այլ աւելի»։ Նոյն Մինաս երէց երկրորդ Հարանց վարք մ՚ալ կ՚օրինակէ [29] 1615ին «ի տեղիս որ գրեցան՝ երկրիս Էճանանու եւ ի գեղջէս Եղինգեան... առաջնորդութեան սուրբ ուխտիս Մեսրոպ եպիսկոպոսէ եւ երջանիկ րաբունապետին մերոյ Մովսէս վարդապետին եւ համախոյ այլ եղբարցն»։ Անշուշտ աչք գոցելու է գրչէն քերականական անհմտութեանց. բայց շատ թանկագին են անոր հաղորդած այս մանրամասնութիւնները Անապատին կացութեան եւ յատկապէս Մովսէս վարդապետի հանած հռչակի մասին։

Դժուարութիւնները, զորոնք կը հանէին նորընծայ վարդապետին եւ եռանդուն քարոզչին առաջ տեղական եպիսկոպոսներն ու աբեղաները, կը գտնէին ժամանակակից կաթողիկոսներու հաւանութիւնը. անոնք ոչ միայն լսող չէին վարդապետին ձայնին, այլ եւ կը հրամայէին, նոյն իսկ բանադրանքի սպառնալիքով՝ լռել։ յատկապէս Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի վրայ կը ծանրանար պատասխանատուութիւնը։

Բնականաբար այս հալածանքներու արձագանգը պիտի լսուէր նաեւ Արեւմուտք. /27/ ուր տժգոհ էին արդէն ազգայինք կաթողիկոսներու թուլամորթ եւ անկարգ ընթացքէն։

Ընդհանուր տժգոհութեան պոռտքումն է Գրիգոր Կեսարացւոյ թուղթն առ Մելքիսեդեկ կաթողիկոս։ Կեսարացին, որ մեծ եւ անմրցելի հեղինակութիւն կը վայելէր Արեւմտեայց քով, կանգնեցաւ պաշտպան իւր սանին՝ Մովսէս վարդապետին. եւ աներկիւղ, ազատադէմ բողոքեց այն ամէն անկարգութիւններու դէմ, որոնք կը գործուէին Արեւելք եւ գայթակղութեան առիթ էին Արեւմուտք։ Ի մէջ այլոց կը գրէր Կեսարացի առ Մելքիսեդեկ։

«Երրորդ անկարգութիւն քո այս է, զի զոր ինչ վարդապետ, որ զճշմարիտն խօսի կամ վասն աստուածային օրինացն վրէժխնդրութեան զձեր օրինացն հակառակութիւն յանդիմանէ, ի վերայ նորա անփակ բերանով, անիրաւ լեզուաւ, յանդուգն դիմօք, լրբենի երեսօք եւ անկիրթ մտօք բանադրանաց գիր կու գրէք։ Այս է ասելն ձեր, թէ զճշմարիտն մի խօսիք, որ մեր ստութիւնն ոչ յայտնեսցի. զօրէնս աստուածային մի ուսուցանէք, որ անօրէնութիւն մեր ոչ յանդիմանեսցի. զպատուիրանս աստուածային մի ծանուցանէք, որ մեր պատուիրանազանցութիւնն ոչ երեւի... » (Թորոս Աղբար. Բ., էջ 283—284)։

Այս թուղթը, որ կարեւոր վաւերագիր /28/ մըն է ժամանակակից բարքերը ճանչնալու համար, թուական չի կրեր, բայց ցոյց կու տան պատմական ակնարկութիւնները թէ գրուած ըլլալու է 1615ի սկիզբները։ Թղթատարն եղած է Ասլան դպիր, որ ունեցած է իւր թղթապանակին մէջ նաեւ թուղթ մը առ Մովսէս վարդապետ։

Անապատի մէջ կը գտնուէր Մովսէս, երբ կը հասնի հոն 1615 Օգոստոս 27ին Ասլան իւր թղթերով։ Գրիգոր Կեսարացւոյ թուղթն առ Մելքիսեդեկ եւ առ այլս կը կարդացուին աշխարհաժողով բազմութեան առջեւ։ Այս առթիւ գրեց Մովսես հետեւեալ պատասխանը Կեսարացւոյն, որուն օրինակը առ Մելքիսեդեկ գրուած թղթին կից պահուած է Հռոմք ի Տարածման Հաւատոյ Դիւանին մէջ այսպիսի ծանօթագրութեամբ։ Resposta della presente lettera mandata da un Vartabed detto Moise, già discepolo di Gregorio Vartabed con un potentato detto Aigas Armeno con li pi, che stanno al deserto.

 

ԹՈՒՂԹ ՄՈՎՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՌ ԳՐԻԳՈՐ

 

«Աստուածային միացեալ անորոշ եւ լուսափայլ ճառագայթիւք տեսողականդ միշտ յարազուարճ բարերջանիկդ գործէ ականատես ախտից ի բաց տրտմականէն կրիցն, խոկման մահու զախորժական կրթեալդ սիրով եւ ոչ ընդհատդ ի Վիրապէն ի մէջ աւձիցն. եւ քոյդ բազում սպրդողաց եւ սուտ /29/ եղբարց, Տէր երջանիկ հռետորիդ հոգւոյս ծնող վերերջանկացն Գրիգորի Կեսարացոյ՝ ընկալ ողջոյն հոգեւոր որդւոյ քո նուաստ Մովսէսէ բանի սպասաւոր։

Եւ զզիարդն քո ի սուրը յաղօթս քո ապաստան եւ զիս առցես արժանի մասին, իչման։

Ծանուցումն լիցի սրբութեանդ կարճ ի կարճոյ, հայր իմ հոգեւոր, որ զքո հրամանուցդ գրեալ նամակներն վասն Աստուծոյ օրինացն եւ սուրբ հարցն կանոնաց Ասլանն [30] եբեր առ մեզ ի յԱնապատն աւգոստոսի ԻԷ։ Ընթերցաք առաջի գլխաւոր կրաւնաւորացն, ոչ եթէ սակաւ եղեւ ողբումն, այլ իբրեւ զառուն հեղուին արտաւսր։ Եւ ապա սուրբ Խաչին տօնին [31] նաւակատիս եղեւ նորակերտ եկեղեցւոյ, զոր շինեալ է բարեպաշտ եւ աստուածասէր յիշխանն Հայկազ [32] ի իւր սեփական գիւղն. յերկրայժողով եղեւ. ամենեքան ժողովեցանք՝ Պօղոս վարդապետ [33] եւ /30/ Թումաս եպիսկոպոս [34] Անապատէն, եւ այլ երկու եպիսկոպոսք Տաթեւու [35], զոր ոչ ար/31/ժանի համարիմ՝ անվան նոցա գրել ի թղթի աստ։ Ո՞վ է պատճառս սոցա, եւ ոչ հերձուածողքն, զոր գանգատն քո գրեալ կա. թողցուք զայս, զոր սրբութեան քում յայտնի է։

Վերուասացեալ վարդապետք եւ եպիսկոպոսք եւ քահանայք բազումք, մելիք եւ տանուտերք եւ ժողովուրդը, որ եկեալ էին ի նաւակատիս եկեղեցւոյն. յորժամ կատարեցաք զօրհնութիւնն աղօթիւք սրբութեանդ անուշահոտ խնդանք, լուցեալ կանթեղօք պայծառացեալ մոմեղինօք, զարդարեալ կերպասիւք, իրքն յիշխանական էր. ոչ եթէ սակաւ լինէր արտաւսր եւ մխիթարութիւն, զի եթէ նշուլ ճրագի մի այսպէս է, ապա առաջին բոլոր արեգականց ժամանակն որպէս էր։ Վա՜յ մեզ որ այնպիսի փառացն զրկեալ կամք։

Դարձեալ երկրորդում աւուրն զմեզ ի ճաշ կոչեաց ամենեքումբ. դեռ եւս խօճայ Ասլանն առ մեզ կայր նամակներով։ Յետ ճաշոյն նամակներն ի մէջ բերինք: Ազտապատու գիւղաքաղաքի աւագերեցն տէր Մովսէսն եկեալ էր ի նաւակատիս եկեղեցւոյն. հրամանք տուինք ընթեռնուլ առաջի յիշխանին, որ պատուիրեալ էիր։ Յորժամ ընթեր/32/նուր դպիրն նամակը՝ յիշխանն խորոց սրտի հառաչէր եւ արտաւսր հեղոյր եւ ինչք ու ապրանք եւ զգլուխն իւր ի մահ հրաւիրէր ասելով, թէ Արիւն իմ ընդ ձեզ եւ ընդ անապատաւորացդ խառնեսցի վասն հաւատոց եւ կրաւնից սուրբ հարցն։

Դարձեալ ասաց յիշխանն Հայկազ, թէ Խօջայ Նազարն տուաւ ունել զՄելքիսեթն ի Շահոյն, զոր սպանել տայր [36], ես աղաչեցի Խօճայ Նազարն որ եթող. զձեր խրատն չէի լսեալ։ Այժմի(կ) Դաւիթն այլ գնացեալ է ի Սպահան։ Եւ Աւատիսն կայ ի Էջմիածինն եւ ասվիս զգեցեալ, եւ մեզ սիրելութեան թուղթ է առաքեալ՝ որ մեր յԵրուսաղէմայ գալն փոքր ի շատէ աստուածավախութիւն տեսաք ի նմա։ Բայց Ասլանինանէ լսեցաք թէ ի հրամանուց կողմանէ թուղթ է եղեր առաքեր ի Կոստանդինուպոլիս, ես ոչ եմ իմացեր. անմեղադիր լեր մեզ ի յայն կողմանէ։

Բայց այժմի խորհուրդ մեր այս է հետ Պօղոս վարդապետին եւ անապատաւորացն եւ բարեպաշտ յիշխանին Հայկազոյ, որ գնամք ի Սպահան, քարոզեմք Ջուղայեցոյցն զաստուածային բանն ի սուրբ հարցն կանոնաց՝ այն սուտ կաթողիկոսքն կամ սիրով հրաժարել, անապատս մտանել, ապա թէ բուռն իշխանութեամբ ընդդիմանայ՝ մահացուցա/33/նել [37] կամք լիցի՝ թէ Ջուղայեցիքն միաբանին ընդ մեզ։ Եւ այլ խորհուրդ բազում վասն Աստուծոյ օրինացն. եթէ հաճոյ է Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ, եղիցի աղօթիւք, ապա թէ ոչ՝ կամք Տեառն։

Դարձեալ Սողոմոն ոչ մոռացա զկտակն Հօրն իւրոյ Դաւթի վասն Սիմէի. զիա՞րդ ես մոռացայց զաւետարանն Քրիստոսի կամ՝ զաքսորանք որ վասն օրինացն Աստուծոյ եղեւ։ Ոչ է պարտ մեզ շատ խօսել, այլ զոր ինչ կամք Աստուծոյ իցէ, զնոյն առաջնորդեսցէ մեզ աղօթիւք սրբութեանդ։ Ողջ լեր ի Տէր սրբութեամբ, Հայր իմ հոգեւոր։

Գրեցաւ ի թուին Հայոց ՌԿԴ. սեպտեմբեր ամսոյ ԺԹ. օրն երեքշաբթի։

Մօհօր յիշխանին

Տ. Կ.

Մօհօր Մովսէսին

Տ. Կ.

Մովսէս վարդապետի այս թղթէն կը տեսնուի յայտնապէս թէ ի՛նչ ծրագիրներ կը զբաղցնէին զինքը։ Առանց վախնալու աքսորէ կամ հալածանքէ նուիրուած էր քարոզչութեան, վերականգնելու Հայոց եկեղեցին ի գլուխն եւ յանդամս։

8. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ 1586—1626

/34/ Լեոնարդոս Սիդոնի եպիսկոպոսը, որ 1583 եւ 1584 տարիներուն բանակցութիւններ վարած է Էջմիածնի կաթողիկոսին հետ, իւր առ Սեքստոս Ա. Քահանայապետ 1587, Ապրիլ 15ին Ներկայացուցած Տեղեկագրին մէջ այսպէս կը գրէ. «Մեծ Հայաստանի գլխաւոր կաթողիկոսն (il patriarca principale) է ներկայիս Գրիգոր, 85 տարեկան է, որուն կաթողիկոսական գահակիցն (suo coadjutore nel suo patriarcato) է Առաքել եւ հարկերու վարձակալն (appaltatore delle esigenze) Դաւիթ» [38] ։ Կամենիցի տարեգիրը 1586ի համար կ՚արձանագրէ. «Թվ. ՌԼԵ. տէր Դաւիթ կաթողիկոսն նստաւ. եւ զտէր Գրիգոր վարդապետն, որ էր Անկուրիոյ քաղաքին աթոռակալ, այս Ֆռանգաց աշխարհս նուիրակ ուղարկեց» [39] ։ Ուստի Դաւիթ աթոռակցութեան հրաւիրուած է 1585ի վերջերին եւ 1586ի սկիզբները։ 1587ին Առաքել գրիչ ի Կարին կ՚օրինակէ Աւետարան մը «ի Հայրապետութեան տեառն Ս. Աթոռոյն Էջմիածնայ տէր Գրիգոր կաթողիկոսին, տէր Առաքել կաթողիկոսին, տէր Դաւիթ կաթողիկոսին. այս երեքինս որ /35/ 1585—1626 35 նստին ի յաթոռ հօրն մերոյ Ս. Լուսաւորչին» [40] ։ Առաքել կաթողիկոսի համար 1590ին կ՚ըսուի թէ էր «ճգնազգեաց եւ խարազնազգեստ հեզահոգի» [41] ։ Գրիգոր 1587էն ետքը չի յիշուիր այլ եւս։ Իսկ Առաքել վերջին անգամ՝ կը յիշուի 1593ին։ Կ'երեւայ թէ Գրիգորի մահէն ետքը աթոռակցութեան կանչուած է Մելքիսեդեկ. ասիկա իր մէկ կոնդակին մէջ, տրուած Մաղարդայ Ս. Ստեփանոս վանքին ՌԼԸ թուին, նոյն 1589 տարին իւր կաթողիկոսութեան առաջին տարին կը նշանակէ [42]: Մելքիսեդեկ կը յիշուի 1591ին ի Վարագ գրուած ձեռագրի մէջ [43]. դարձեալ 1594ին եւ այնուհետեւ յաճախ։,

1595ին Յակոբ եպիսկոպոս ի վանս Առնջից կը գրէ [44]. Գրեցաւ «ի Հայրապետութեան տեառն՝ զո՞րս ասացից, բազումք կոչեցեալ կան ի աթոռ սուրբ Էջմիածնի Վաղարշապատու»։ Կ՚ակնարկէ Դաւիթ, Մելքիսեդեկ եւ հաւանօրէն Աւետիս կաթողիկոսները։ Վերջինս կերեւայ թէ Առաքելի յաջորդ եղած է. առաջին անգամ կը յիշէ ինք զինք 1601ին։

Ի սկզբան կարեւոր տեսնուած էր աթոռակիցներու պէտքը, այն յուսով թէ երեքի ձեռն ի ձեռն գործակցութեամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ ժամանակի ծանր դրութեան ա/36/ռաջն առնել։ Տարիներու փորձը ցուցուց սակայն թէ սխալ էր հաշիւը. երեքն ալ հայրապետօրէն ապրիլ կ'ուզէին ի հաշիւ Աթոռին, որուն գանձարանը դատարկ էր եւ ծանրաբեռնուած պարտքերով։

Այս շրջանին Այրարատեան դաշտի վրայ կը ծածանէր օսմանեան մահիկը։ Աղմկալից էր հոն քաղաքական կեանքը եւ մատնուած գրեթէ անիշխանութեան։ Օսմանեանց եւ Պարսից մէջ կը շարունակուէին դեռ թշնամութիւնները։ Երկրին տնտեսական տագնապը ծայրայեղ դրութեան հասած էր։ ժողովուրդն եւ եկեղեցին ենթարկուած էին անօրինակի հարստահարութիւններու եւ հարկապահանջութեանց։

Երեք կաթողիկոսներու հոգաբարձության յանձնուած էին եկեղեցին եւ ժողովուրդը։ - երիցագոյնն էր Դաւիթ, որ «յառաջագոյն եւ նախ էր լեալ կաթողիկոս քան Մելքիսեթն. եւ աւուրբք եւ ալեօք եւս ծեր էր» (Դաւր, 204)։ Սա թույլ էր բնաւորութեամբ, երկչոտ եւ անընդունակ առաջնորդութեան, մանաւանդ այն դժուարին տարիներուն, ընդհակառակն Մելքսեդեկ Գառնեցի, զոր Դաւիթ էր օրհնած աթոռակից. «զի լիցի ինքեան ընկեր եւ ձեռնտու», կը ներկայանայ խիզախ, տոկուն եւ դժուարութեանց դիմագրաւող անձնաւորութիւն մը, բայց միանգամայն բիրտ եւ խստաբարոյ բնաւորութեամբ, անուս եւ կրքոտ։ Գիտէր ահ ներշնչել շրջակայից եւ դուրս գալ դժուարին կացութենէ յաղթական, /37/ առանց խտրութեան միջոցներու։ Երրորդն էր Աւետիս. «սա պարկեշտագոյն էր եւ բան վարդապետութեան ունէր ի վերայ նոցա», այսինքն Դաւթի եւ Մելքիսեդեկի, կը գրէ Դարանաղցի, «բայց հրամանն անիմաստ եւ գազանաբարոյ Մելքիսեդին էր, ո'չ օրինօք եւ կանոնովք առաքելադիր, այլ կաշառօք եւ բռնութեամբ այլազգեացն յափշտակելով ի Դաւթէն» (52)։ Նոյն իմաստով կը գրէ նաեւ Դաւրիժեցի (204—205). «յետ ամաց ինչ… միանգամայն ինքն կորզեալ գրաւեաց զիշխանութիւն կաթողիկոսութեան եւ ինքն վարէր. եւ զԴաւիթ (եւ զԱւետիս) հարստահարեալ եւ արտաքսեալ ի բացեայ արար յիշխանութենէն»։

Մելքիսեդեկի բացասական կողմերը շատ են շեշտուած ժամանակի պատմագիրներէն. բայց պետք է խոստովանիլ թէ ժամանակն ալ շատ է շոյած անոր այս չարամասնութիւնները։ Մելքիսեդեկ կառավարեց Հայոց Եկեղեցին իբր 40 տարի ամենադժուարին պայմաններու մէջ. երկիրը անդադար պատերազմներու, հարստահարութիւններու տակ տնտեսապէս եւ բարոյապէս քայքայուած, բարոյալքուած էր. յաջորդեց Այրարատեան դաշտի բռնի տեղահանութիւնը (1604) դէպի Պարսկաստան. պատերազմներով բազմատանջ երկիրը յանկարծ ամայացաւ։ Եւ սակայն Մելքիսեդեկ ունեցաւ քաջութիւնը հակառակ Շահին խիստ հրամաններուն՝ դուրս գալ տարագրեալներու չուէն «կէս ճանապարհին», /38/ վերադառնալ երկիր եւ հաւաքել սարերու ու ձորերու ապաստանած փախստականներն ու հովուել զանոնք։ Իւր հնարագիտութիւններով յաջողեցաւ Մելքիսեդեկ շահիլ իրեն Ամիրգունա Խանին բարեկամութիւնը, ուսկից օգտուեցաւ նաեւ վերապրած ժողովուրդը: Այս տեղ երեւան բերաւ Մելքիսեդեկ քաջասրտութիւն մը, որուն վրայ պէտք է հիանանք։ Չունէր անիկա հրաշագործ ոյժը, ամայութեան մէջ վարդ բուսցնելու, բայց պահանջեց Ազգը իրմէ ծաղիկներ։ Տժգոհ էին իրմէ մանաւանդ Ջուղայեցիք։

Այս տժգոհութեան պատճառը պէտք է փնտռել նախապատերազմեան շրջանին։

Էջմիածին 46. 000 ղուրուշի պարտքի տակ էր. թանկագին սպասները գրաւ դրուած այլազգիներու քով՝ այս պարտքը «ոչ էր ի հարկապահանջութենէ թագաւորաց կամ իշխանաց» կը գրէ Դարանաղցի, «այլ ի հակառակութենէ ի միմեանս անկանելով, յափշտակել ջանալով զկաթողիկոսութիւնն, կաշառս խոստանային անօրինաց ձեռագիր կնքեալ նամակով… ով որ ղապուլ արար, նա նստելով յաթոռ» (էջ 54)։ Նկարագրելով կաթողիկոսներու կենցաղը կը գրէ նոյն հեղինակը. «Եւ առնէին բազում՝ ապականութիւնս եւ նեխութիւնս եւ անկարգութիւնս իւրեանքն եւ իւրեանց չար առաքեալ նուիրական ընդ ամենայն աշխարհն Հայոց»։

Ճնշուած այս պարտքերու տակ եւ նե/39/ղուած պարտատէրներու պահանջքներէն եւ լքուած ազգէն՝ խորհուրդ կ՚ընեն Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ 1603ին Երեւան՝ յանձնել կաթողիկոսական Աթոռը Սրապիոն Ուրհայեցւոյ։ Իրենց միտքը կը յայտնեն Գրիգոր Դարանաղցւոյ, որ այսպէս կը ներկայացնէ իրողութիւնը. «Նա միաբերան երկուքն այլ ասացին թէ կամ եղեւ մեզ պաղատանաց նամակ գրել եւ առ Սրապիոն Եդեսացին ուղարկել, որ գայ մեզ կաթողիկոս լինի կամովք մերովք եւ մեք հրաժարիմք եւ ելանեմք ի միջոյ: Աթոռն այլ իւրեանն եւ պարտքերն այլ։ Մինչ որ այնպիսի անուանի հին աւագ վարդապետ չլինի, նա մեր Աթոռոյն ազատութեան ճար եւ հնար չի լինիր» (էջ 57)։ Խորհուրդը կը համապատասխանէր ընդհանուր Ազգին փափագին։ Եւ Սրապիոն Ուրհայեցի յանձն առաւ առաջարկութիւնը: 1603 Յունիս 12ին [45] օծուեցաւ Սրապիոն Գրիգոր անուամբ կաթողիկոս Էջմիածին։ Ժամանակակից յիշատակագիր մը՝ Մեսրոպ Հիզանցի կը գրէ այս առթիւ. «Եղեւ կատարումն Ս. Աւետարանիս ի ժամանակս մեծ րաբունապետին Ուրհայեցւոյ Սրապիոնին, որ յաջողութեամբ Աստուծոյ եւ կամեցողութեամբն իշխանացն Ջուղայու բերաւ ի սուրբ Էջմիածինն եւ ձեռնադրեցին յաթոռ սուրբ Լուսաւորչին եւ անուանեցին տէր Գրիգորիս կաթուղիկոս ամենայն Հայոց: որ եւ գործով զա/40/նունն լցեալ, զի կարգեաց դասատուն եւ դպրատուն, սաղմոսերգութիւն եւ սեղանատեղ, ի նմանութիւն սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին։ Եւ եկաց տարի մի Աթոռն եւ յետ տարւոյն եհաս աստուածասաստ բարկութիւնն, զի եկեալ թագաւորն Շաբ Ապաս՝ զամենեսեան գերեաց եւ տարաւ ի Սպահան. եւ կաթուղիկոսն գնաց ի մայրաքաղաքն Համիթ եւ անդ հաստատեաց (դպրատուն), յետ որոյ հանգեաւ ի Քրիստոս երանելին. եթող զմեզ որք ի մէջ սգոյ» [46] ։

Մելքիսեդի միտքը անկեղծ չէր։ Երբ Շահ Աբաս 1604ին առաւ Երեւանը, ներկայացա Մելքիսեդեկ շահին եւ մատնեց «զանպարտ անմեղն, թէ մէկ շուն Հոռմցի մի թուրքին ուժով եկն, զիմ աթոռն յափշտակեց»։ Սրապիոն–Գրիգոր Կաթողիկոս ի Ջուղայ կը կալանաւորուի եւ կուղարկուի Սպահան. ուր «Ջուղայեցի խոճաներն զանձներ ի մահ կու դնեն, կու հասկցնեն Շահին զորպէս բերելն եւ բազում աղաչանօք եւ մեծաւ տաժանմամբ հազիւ իջուցանել կու տան ի կախաղանէն եւ վեց հազար ղուրուշ (300 թուման) տուժինք կու տան եւ կու զերծուցանեն ի ձեռանէ Շահին» (Դարանաղցի, 58)։ Սրապիոն հրաժարելով Աթոռէն կը վերադառնայ Ամիթ (1605)։

1604 Դեկտեմբերին երբ` Արարատեան դաշտին քրիստոնեաները կը տեղահանուէին /41/ եւ կը փոխադրուէին Սպահան, անոնց կ՚ընկերակային նաեւ Դաւիթ եւ Մելքիսեդ կաթողիկոսները։ Դաւիթ մնաց Սպահան. իսկ Մելքիսեդ «կէս ճանապարհէն դարձաւ եւ եկն Էջմիածին եւ առնէր զկաթողիկոսութիւնն» (Դաւր. 202)։ 1604ին պատահած է իրեն ի Նախիջեւան Յակոբ Քէօթահեցի եւ ձեռնադրուած եպիսկոպոս [47] ։

Թէպէտ վերադարձա Մելքիսեդեկ, բայց ինքն «ոչինչ բնաւ փոյթ ունէր վասն շինութեան եւ պայծառութեան եւ ժամակարգութեան եւ հաստատութեան Էջմիածնի, այլ իւր տեղի բնակութեան կալեալ Երեւան քաղաքի Է Կաթուղիկէ եկեղեցւոջն եւ ի վերայ իւր ժողովեալ զազգականս եւ զմերձաւորս իւր եւ նոքօք յօրանայր լոյծ եւ ընդարձակ կենօք, մտիւքն եւ արդեամբքն Ս. Աթոռոյն Էջմիածնի» (Դաւր. 202)։

 

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՆՇԽԱՐՆԵՐԸ

 

Աթոռին անխնամ վիճակը սրտցաւութիւն կը պատճառէ Նոր–Ջուղայի գաղթականներուն։ Անոնք տժգոհ էին արդէն Մելքիսեդեկէն, անոր Սրապիոն կաթողիկոսի դէմ ցոյց տուած ընթացքէն. այժմ աւելի բորբո/42/քեցաւ զայրոյթը, երբ լսուեցաւ թէ Մելքիսեդեկ արծաթսիրութենէ դրդուած «վաճառած է» Ս. Հռիփսիմեանց նշխարները լատին կրօնաւորներու։ Այս միջադեպի մասին ընդարձակ խօսած է Առաքել Դաւրիժեցի (էջ 178—197)։ Դէպքը իրօք տեղի ունեցած է մօտաորապէս նոյն պարագաներու տակ, ունինք այս մասին հակիրճ տեղեկութիւն P. Tadeo di S. Elise Բոկոտն Կարմեղեանց փոխ-ընդհանրականին Տեղեկագրէն, զոր գրած է Սպահանէն առ արքեպիսկոպոսն Don Allessio de Menses փոխարքայն Պորտուգալի, 1616ին, ի մասին պորտուգալցի Հ. Գուլիելմոս Ագոստինեան կրօնաւորի, որ նահատակուած է 1611ին Գեղարքունի (Դաւր. 193, Chichaguni) գիւղին մօտերը։ Հ. Թադէոս կը գրէ 11 «Հ. Գուլիելմոսին առաջին անգամ 1608ին պատահած եմ. անկէ ետքը մինչեւ օրս, 1611, շատ ստէպ տեսնուած ենք իրարու հետ։ Այս Հայրը արտաքոյ կարգի եռանդ մ'ունէր հոգւոց փրկութեան համար աշխատելու։ Այս նպատակով սորվեցաւ թուրքերէն եւ սկսաւ քարոզել թէ Մահմեդականներու եւ թէ Հայոց մէջ։ Մեծամեծ արդիւնքներ ունեցա։ Բայց, ինչպէս Աստուծոյ ծառաներուն ստէպ կը պատահի, ունեցաւ նաեւ շատ թշնամիներ։

Նոյն ատենները Հայոց Եկեղեցին երկու կաթողիկոսներու մէջ երկփեղկած էր. ա/43/նոնցմէ մէկը Դաւիթ կը կոչուէր, եւ երկրորդը Մելքիսեդեկ, որուն ի նպաստ հրաժարած էր Դաւիթ (իշխանութենէն). այս հրաժարմամբ կաթողիկոսութիւնը Մելքիսեդեկի ձեռքն էր։ Ասիկա առաքինի եւ խոհեմ անձ մըն է։ Յիշատակաց արժանի Կղեմէս Ը. քահանայապետի օրով առաքելական Աթոռին եպիսկոպոս մ'ուղարկած էր, որպէս զի մատուցանէ անոր իւր հնազանդութիւնը, այն ատենէն ի վեր ինքզինքը հանդէպ Ս. Աթոռին միշտ բարեմիտ ցոյց կու տայ։

Յիշեալ Կաթողիկոսները դեռ կը շարունակէին մնալ նոյն տարաձայնութեան մէջ։ Ջուղայեցիները Դաւթի կողմը կը բռնէին. իսկ Երեւանցիները Մելքիսեդեկի կողմը կը պաշտպանէին։ Այս վիճակի մէջ կը գտնուէին Հայաստանի եկեղեցական պայմանները, երբ հասաւ հոն Հ. Գուլիելմոս, այցելելու - Գրիգորի եւ ուրիշ մարտիրոսներու սրբավայրերը։ Այս սուրբերու յիշատակը Հռոմէական Եկեղեցին ալ կը տօնէ իւր Տօնացոյցին մէջ։ Տեսաւ անիկա, թէ ինչպէս անշուք վայրի մը մէջ կը հանգչին այդ սուրբերու ոչխարները, եւ թէ ինչպէս դարձեալ կամ քրիստոնեաներու անհոգութեամբն կա'մ այդ երկրին թուրքի եւ պարսկի միջեւ սահման ըլլալու պատճառաւ ենթարկուած են (այդ նշխարները) ասպատակութեանց, եւ չկայ հնարաւորութիւն եւ դիւրութիւն, որ հաւատացեալներն ըստ պատշաճի եւ յարգութեամբ պահպանեն զանոնք եւ կամ ուխտագնացու/44/թեամբ այցելութեան գան այս սրբավայրերն ու յարգեն զանոնք։

Շարժած սուրբ եռանդէն եւ ջերմեռանդ զգածումներէ՝ բանակցեցաւ Մելքիսեդեկի եւ այն քահանաներու հետ, որոնք այն Եկեղեցւոյն եւ սուրբ Նշխարաց հոգատարութիւնն ունէին, որպէս զի թոյլ տան իրեն, որ պեղէ եւ քանի մը նշխարք դուրս հանէ։ Այս թոյլտուութիւնը շնորհուեցաւ իրեն։ Եւ որովհետեւ այս յիշեալ քահանաները միշտ մեծ կարօտութեան մէջ կը գտնուէին թէ հոն նստող պաշտօնեաներու առօրեայ ծանր ծախքերու եւ թէ այն մեծամեծ հարկերու պատճառաւ, զորոնք կը վճարէին մահմեդականներուն, խորհեցաւ Հայրը ըստ կարողութեան քանի մը ֆրանկ իբր ողորմութիւն տալ անոնց։ Այս բանը ըրաւ անոնց Հայրը, որովհետեւ անոնք շատ արժանաւոր եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շատ համակիր անձեր էին։

Նախանձոտ հակառակորդներն երբ տեսան թէ Գուլիելմոսի այս սիրոյ գործէն իրենց բաժին չինկաւ, սկսան հռչակել թէ Մելքիսեդեկ կաթողիկոս եւ իր քահանաները սրբոց նշխարները Ֆրանկներուն վաճառած ըլլան։

Ասոնց համակարծիք Ջուղայեցիները, որոնք Դաւթի կողմն էին, այս բանը ձեռք առին իրենց գործերը եփելու, եւ ծածկելով իրենց անբարի մտքերը՝ ամբաստանեցին եւ մեղադրեցին զՄելքիսեդեկ Պարսից թագաւորին առջեւ։

Շահը սկսաւ չարչարել զՄելքիսեդեկ. /45/ իսկ Հ. Գուլիելմոսի հետ վատ վերաբերուիլ. սա թէպէտ կարող էր թագչելով տեղ մը՝ ծածկուիլ թագաւորէն, բայց շարժած արգահատութենէ հանդէպ Մելքիսեդեկի՝ որ ենթարկուած էր տառապանքի, մանաւանդ նկատելով թէ իր իսկ յանցանքով եկաւ այս փորձանքը կաթողիկոսին, չուզեց լքել զանիկա իր չարչարանքներու մէջ, այլ աշխատեցաւ ըստ հնարաւորութեան օգնել անոր։ Այս բանին ականատես վկայ եմ։ Եւ որչափ կը սաստկանային Մելքիսեդեկի վրայ իր թշնամիներու հալածանքները, նոյն չափով ալ կ'աճէին հալածանքներն իր դէմ. այս ամէնը տարաւ մեծ համբերութեամբ եւ Աստուծոյ կամ քին համակերպելով»։

Այս միջադեպը պատահած պէտք է ըլլայ 1610ին տարւոյն։ Մելքիսեդեկ 1613, Մարտ 22ին առ Պօղոս Ե. Քահանայապետ գրած թղթին մէջ կ՚ակնարկէ այս դէպքը եւ անոր հետեւութեամբ իր կրած չարչարանքները այսպէս. «Բազում են մեր հակառակորդք, որք շուրջ յածին որսալ առիթն՝ ի պատճառս չարութեան նոցա ջանամք զամենայն ի ծածուկ առնել, զի մի յայտնեալք յականջս անհաւատիցն պատմիցին, յորոց այնուհետեւ անհնարին տառապանս հասանէ մեզ կրել։ Որպէս սակաւ ինչ յառաջագոյն, իբրեւ Զաքարիայն նուիրակ առ ի մէնջ առ Սրբութիւնը առաքեցաւ, դէպք եւ պատահարք ետուն երկուց Լուսիտանիացի կրօնաւորաց, որք ի թագաւորէ անտի Սպանիացւոց առ շահն Պարսից /46/ առաքեալ էին, գալ այսր առ մեզ, զորս եւ ընկալաք սիրով. ելին յայց եւ մենաստանաց մերոց. եւ բարձեալ ընդ իւրեանս նշխարս ինչ սրբոց ուղարկեցան։ Այն ինչ եդեալ էր նոցա զոտսն անդր քան զսահմանս Պարսից եւ ահա երթեալ թշնամիք մեր պատմեցին զամենայն անցս առաջի թագաւորին Պարսից. որում ածայ ես յանդիման. սակաւիկ մի եւ վճարեալ էր վասն իմ. հազիւ ուրեմն զերծայ ի գլխապարտն լինելոյ։ Ո՜հ, յորպիսի աղէտս վտանգից գտանիմք» (տե՛ս վարը § 33)։ Զաքարիա մեկնած էր Էջմիածնէն 1610, Մայիս 15ին. ուստի Մելքիսեդեկի կալանաւորումը տեղի ունեցած է այս տարւոյ Մայիս 15էն ետքը։

Մելքիսեդեկի թղթին մէջ յիշուած «հակառակորդը» Նոր-Ջուղայեցիք էին. անոնք կը փափագէին, որ Դաւիթ վերադառնար Էջմիածին եւ տիրանալ Աթոռին։ Պատրուակ առնելով Հռիփսիմեանց նշխարներու «գողութիւնը», ամբաստանեցին անոնք զՄելքիսեդեկ Շահին քով, որ այս միջոցին Գորի կը գտնուէր: Շահ Աբաս ունէր ոխ Մելքիսեդեկի դէմ այն պատճառաւ, որ անիկա անհրաման «ի կէս ճանապարհ են (տարագրութեան) դարձաւ եւ եկն (Էջմիածին եւ առնէր զկաթողիկոսութիւնն» (Դաւր։ 202), այժմ աւելի գրգռուեցաւ։ Հրաման ուղարկեց Երեւան առ Թահմազղուլի բէկ, Ամիրգունա Խանի որդին եւ տեղապահն, որ անմիջապէս կալանաւորէ զՄելքիսեդեկ եւ իրեն ուղարկէ. հրամանն էր. «ԶՄելքիսեթ կաթուղիկոսն կալեալ տան/47/ջանօք չարչարեսցես եւ ինքեան իսկ զմարնոյ զմիսն կտրեալ ինքեան ուտեցուսցես. եւ ապա զՄելքիսէթն... առ իս առաքեսցես աստ»։ Հրամանը ճշդութեամբ կը կատարուի [48] ։ Ի Գորի ի մէջ այլոց կ՚ուղղէ Շահը Մելքիսեդեկին խօսքերս. «Դատաստան քո աստ ոչ լինի առնել, զի վասն քո մեծ է. այժմ պարտ է քեզ գնալ Ասպահան եւ անդ կալ մինչեւ ես եկեալ անդ՝ արարից զդատաստան քո» (Դաւր։ 209)։ Մելքիսեդեկ կը զերծանի սակայն Շահին խիստ դատաստանէն, միջնորդութեամբ Մելիք Հայկազն իշխանի, Մովսէս վարդապետ 1615ին իւր առ Գրիգոր Կեսարացի թղթին մէջ (տե՛ս վերը, էջ 32) հետեւեալը կը գրէ նոյն իշխանի բերնէն, «Խօջայ Նազարն տուաւ ունել զՄելքիսէթն ի Շահոյն, զոր սպանանել տայր, ես աղաչեցի Խօջայ Նազարն, որ եթող. զձեր խրատն չէի լսել» [49] ։ Երեք հարիւր թուման տուգանք տա/48/լով ազատեցաւ Մելքիսեդեկ կապանքներէն եւ մահէն (1612՞)։

Ջուղայեցիք այս միջոցին զԴաւիթ կուղարկեն Էջմիածին, տիրանալու Աթոռին։ Մելքիսեդեկ թէպէտ ազատութիւնը գտած էր պայմանաւ որ «գնացեալ դադարեսցէ ուրեք՝ լռեալ յիշխանութենէ կաթողիկոսութեան» (Դաւր. 218), բայց Ամիրգունա Խանի հովանաւորութեան տակ կը շարունակէր իւր գործունէութիւնն իբրեւ կաթողիկոս։ 1613 Մարտ 22ին կը գրէր իւր թուղթն առ Պաւղոս Ե. ։ 1614 Ապրիլ 28ին կու տար յԵրեւան Մաղարդայ վանքին համար կոնդակ, որով կը ծանուցանէր թէ զՏէր Պետրոս նոյն մենաստանին եւ թեմին եպիսկոպոս է ձեռնադրած։ Դաւիթ ստիպուած կը դիմ Շահին եւ իրաւունք եւ /49/ պաշտպանութիւն կը պահանջէ։ Դաւիթ կը յանձնարարուի Ամիրգունա Խանի, Մելքիսեդեկի բարեկամին, որ թէպէտ առ երեսս կը խոստանայ պաշտպանութիւն ցոյց տալ անոր, բայց շուտով երես կը դարձնէ անկէ։ Մելքիսեդեկ գիտէր արուեստը՝ սուտակասպասութիւններով եւ խնջոյքներով շահիլ Խանին սիրտը։

Դաւիթ անկայուն տեսնելով իւր ոտքին տակ հողը՝ կը հրաժարի Աթոռէն եւ կը վերադառնայ Պարսկաստան (161415), ուր եւ ընդունի Շահ Աբասէն Ֆռընգիկան գիւղը իր եկամուտով, ի բնակութիւն (Դաւր. 217)։ Զայս կ՚ակնարկէ Մովսէս վարդապետ իւր թղթին մէջ, երբ կը ծանուցանէ 1615ին Կեսարացւոյ թէ «այժմ Դաւիթն այլ գնացեալ է ի Սպահան»։

Աւետիք կաթողիկոսի մասին շատ չի խօսուիր. անիկա կը գործէր անաղմուկ, առանց փառասիրական, տիրապետական ձգտումներու։ Այս մրցութեան օրերուն անիկա հրաւիրուած էր Երուսաղէմ, ձեռնադրելու զԳրիգոր Գանձակեցի արքեպիսկոպոս Երուսաղէմի։

Ողջամիտներու փափագն էր, որ երեք կաթողիկոսներն ալ հրաժարէին եւ նորի ընտրութեամբ խաղաղէր Եկեղեցին եւ բարգաւաճէր. այս տեսակէտով ուշագրաւ են Մովսէս վարդապետի խօսքերը. «այժմի խորհուրդ մեր այս է հետ Պօղոս վարդապետին եւ անապատաւորացն եւ բարեպաշտ իշխանին /50/ Հայկազոյ, որ գնամք ի Սպահան, քարոզեմք Ջուղայեցւոցն…։ Այն սուտ կաթողիկոսքն, կամ սիրով հրաժարել, անապատ մտանել, ապա թէ դուռն իշխանութեամբ ընդդիմանայ՝ մահացուցանել կամք լիցի՝ թէ Ջուղայեցիքն միաբանին ընդ մեզ» (տե՛ս էջ 32)։ Խորհուրդս՝ այն իմաստով ինչպէս ունինք մեր առջեւ անշուշտ սարսռելի է, բայց հաւանական է կարծել թէ խորհուրդի որոշումն եղած է «մահացուցանել», չեզոքացնել անոնց իրաւական իշխանութիւնն կամ կաթողիկոսութիւնը։ Այնքան անտանելի նկատուած էր դրութիւնը։

Բայց հնարաւոր չեղաւ ի գլուխ հանել խորհուրդը։ Մելքիսեդեկ վերահասու ըլլալով իրեն դէմ լարուած խորհուրդներուն՝ յանձն առաւ ոչ միայն 300 թուման տուգանքը վճարել, այլ եւ պատրաստ ընծայեց ինք ինքը իշխանութեան տիրանալու համար ամ յամէ վճարել արքունի գանձարանին յանուն Էջմիածնի Աթոռին 100 թուման, որով հաճոյացաւ արծաթասէր Շահին եւ ապահովեց իրեն Աթոռը։ Այս յանձնառութիւնը սակայն ստեղծեց սարսափելի կացութիւն մը նոյն իսկ Մելքիսեդի համար։ Որպէս զի ապահովութեամբ գանձուի այս տուրքը, Շահը նշանակած էր կաթողիկոսին վրայ հսկող չորս պարսիկ «ղուլեր», որոնք կաթողիկոսին հետ պիտի շրջէին եւ անոր հաշուին պիտի պարենաւորուէին։ Ասոր հետեւանքն եղաւ, որ /51/ ոչ միայն անհնարին եղաւ տարեկան 100 թումանը հանգանակել, այլ եւ նոր պահանջքներ ծագեցան յիշեալ չորս «ղուլերու» պիտոյքը գոհացնելու համար։ «Այս եղեւ բեռն ծանր եւ լուծ տաժանելի եւ անուր անխզելի ի վերայ սրբոյ Աթոռոյն Էջմիածնի ի զուր եւ ի տարապարտուց. եւ ամենայն ազին Հայկայ սուգ անմխիթար եւ տրտմութիւն անփարատելի՝ եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց» կը գրէ Դաւրիժեցի (221/22)։

Կաթողիկոսին սովորական հասոյթները բաւական չէին ծածկելու համար իր անձին, շրջակայ եպիսկոպոսներու եւ ղուլերու ծախքերը, թող թէ վճարելու արքունի 100 թուման տուրքը։ Պարտքերը բարդուեցան։ Հաւատացեալները «սրտով լքին զկաթողիկոսն եւ զիւրսն եւ ի բաց կացին ի նոցունց» [50] ։ Ճնշուած պարտքերէն՝ ձեռք առաւ Մելքիսեդ բռնական միջոցներ. 1. «զարս անպարտս, եթէ եպիսկոպոս լինէր, եթէ աբեղայ, եթէ երէց, եթէ աշխարհական կալեալ զնոսա.. պահանջէր դրամ եւ մատնէր ի ձեռս զինուորաց ղուլերոյն, որք կախեալ յոտիցն եւ բրածեծ առնէին, մինչեւ ըստ կամաց իւրեանց առնուին դրամս եւ ապա արձակէին». 2. կաշառքով կը ձեռնադրէր եպիսկոպոս կամ քահանայ. կամ մէկ վանքին սեպհական հողը կը /52/ փոխանցուէր ուրիշ վանքի. կ՚արտօնէր չհաս ամուսնութիւններ, ամուսնալուծութիւններ, կրկնամուսնութիւններ եւն. 3. ի վերջոյ սկսան «այլազգեաց իշխանութեամբ եւ իբր ղաբալաւոր հարկատու բռնանալ ի վերայ ժողովրդեան եւ առանց իրաւանց կեղեքեալ կողոպտէին զժողովուրդսն» (Դաւր. 223-224)։ Բայց դարձեալ հնարաւոր չեղաւ ոչ արքունի տուրքն տալ եւ ոչ իրենց սեպհական պէտքերն գոհացնել։

Անել դրութեան առջեւ յուսահատ՝ որոշեց Մելքիսեդեկ 1625ին փոխանցել կաթողիկոսական իշխանութիւնը իւր եղբօրորդւոյն՝ Սահակ Գառնեցւոյն եւ փախչիլ արտասահման։ Ձեռնադրեց զՍահակ կաթողիկոս, յայտնեց թղթով մը Շահին, թէ Աթոռը պարտքերուն հետ փոխանցուած է Սահակին, իսկ ինքը ընկերակցութեամբ երկու եպիսկոպոսի անցաւ Օսմանեան սահմանը եւ Կարին–Կոստանդնուպոլիս գծով հասաւ ի Լվով (Լով, Լեմբերգ, Լէոպոլիս) Լեհաստանի (22 Ապրիլ 1626)։ Այս տարւոյն Մայիս 10ին կ՚օրինակէր Սիմէոն երէց ի խնդրոյ Էրզրումցի Անդրէաս քահանայի Հարցմանց գիրք մը [51] «ի կաթողիկոսութեանն Հայոց մեծաց սուրբ Էջմիածնայ տէր Մելքիսեդեկին. զոր ի յայսմ վայրկեան ժամանակիս եկեալ ցողաց երկիրն ի քաղաքն որ կոչի Լէվ, Շինանցն երկրորդում /53/ շաբաթին. Աշխարհամատրին շաբաթ օրն (22 Ապրիլ 1626)։ Էին ընդ նմա միաբանք, որ էր նախ առաջին շնորհալի եւ ցանկալի սրբազան Հայրն տէր Աստուածատուր յաթոռակալ սուրբ Էջմիածնայ արքիեպիսկոպոսն, նաեւ այլ Դ. եպիսկոպոսք եւ Բ. կրօնաւորք՝ զոր Տէր Աստուած շնորհաւոր առնէ. ամէն»։

Նոյն տարւոյն Մայիս 20էն հետեւեալ արձանագրութիւն ունինք Զամոսցա գտնուած եւ այժմ՝ Վիեննա պատուած Ճաշոցի մը [52] մէջ. «Ի ՌՀԵ. Մայիս ԺԹ. օրն շաբաթ (1626 Մայիս 19, ուրբաթ!) եկաք ի Զամօսցա պարոնտէր Մարտիրոս Սուրբ–Էջմիածնացի եւ պարոնտէր Եղիա Երզնկացի եւ տէր Խաչատուր աբեղայ Լովցի, վասն նուիրակութեան եւ հիմնարկութեան սուրբ եկեղեցւոյ. եւ ի հայրապետութեան տեառն տէր Մելքիսեթ կաթողիկոսին, որ էր ինքն ի Լով, եւ առաքեաց զմեզ ի Զամօսցա քաղաք»։ Իսկ Սիմէոն դպիր Լեհացի կը գրէ իւր Ուղեգրութեան մէջ. «Իսկ ի թվին ՌՀԷ. Սեպտեմբեր ամսոյ. Եկն ի Լէհ Էջմիածնայ Մելքիսեթ կաթողիկոսն ծեր ՚ւ ալեւոր, խելաց թափեալ եւ յուժէ անկեալ, յոյժ գինեմոլ եւ արծաթասէր. ունելով ընդ ինքեան յոլով եպիսկոպոսս հոմանիս իւր եւ գինարբուս, իսկ յուսմանէ բնաին հեռուս, եւ կացին ի Լով կէս տարի» [53] ։

  /54/

1926, Դեկտ. 29ին ի Լվով Նիկողայոս աբեղան ձեռնադրեց եպիսկոպոս եւ անցաւ Եազլովցա. Ստեփ. Ռոշքա [54] կը գրէ առ այս. «Մելքիսեթ կաթողիկոսն ի Լէօպօլսէ գայ յԵազլօվցայ, ընդ իւր ուղեկից ունելով զՆիկողայոս արքեպիսկոպոսն, որում տուեալ զգիր բանադրանաց Փետր : ԺԵ - ի վերայ Լէօպօլսեցւոցն՝ դարձուցանէ յաթոռն»։ Հոս ուած է 1627, Փետր. 24ին Կոնդակս [55].

«Ի տեառն տէր Մելքիսեթ կաթողիկոսի ամենայն Հայոց…։

Եւ ընդ աւրհնութեան ծանիք Եազլովցացիք մեր հոգեւոր որդիք՝ քահանայք եւ դատաւորք եւ ժողովուրդ մեծ եւ փոքր միաբան. տեսա՛ եւ իմացա՜ որ այս Կըտրըճներն եւ իւրեանց գանձանակն բարի բան է եւ լաւ, նա իւրեանք եկան սիրով միաբան առ մեզ եւ խնդրեցին որ մեր բարձր հրամանաւն տայաք նոցա իշխանութիւն ու աւրհնէք թուխթ. ինչպէս երեսփոխանն եւ վօյթն հանդերձ աղաներով տուեր են երկա՜ (ա՛յսպէս). նա ես այլ այնպէս կու տամ իւրեանց որ երկան քալցընեն ի յաւիտեան, եւ հնազանդ լինին աղանուն. բարեխօսութեամբ սուրբ Լուսաւորչին /55/ եւ ամենայն սրբոց խոնարհութեամբ զարդարին եւ շնորհօք փառաւորին։ Կատարողը հրամանաց մերոց աւրէնին Աստուծոյ եւ ամենայն սրբոց. նա՛ եւ ի մէնջ։

Ձեռամբ անարժան Պետրոսիս գրեցաւ թվ. ՌՀԶ. փետըրվար ԻԴ. օրն շաբաթ»։

Եազլովցայէն մեկնեցաւ Մելքիսեդեկ դէպի Կամենից։ Հոս «ի Մարտի Ե. ձեռնադրէ եպիսկոպոս զԹորոս աբեղայն երբեմն կանամբի Կամենցացի»։ Քիչ յետոյ կը հիւանդանայ։ Եւ «առնէ զկտակ ի Մարտի ԺԴ., որով զաթոռն Էջմիածնի յանձնէ Իսահակ կաթողիկոսին, եղբօրորդւոյ իւրում. յետոյ վճարէ զկեանս իւր ի Մարտի ԺԸ. եւ թաղի յորմէն եկեղեցւոյն Աւետման սուրբ Աստուածածնին, զոր ինքն էր սրբագործեալ ըստ Կտակի իւրում» կը գրէ Ստեփանոս Ռոշքա [56] ։

Այսպէս վախճանեցաւ Մելքիսեդեկ կաթողիկոս 1627, Մարտ 18ին (= Ն. Տ. Մարտ 27ին) ի Կամենից, թողլով պատմութեան մէջ տխուր յիշատակ։

Կաթողիկոսին մահուան տարին Առաքել Դաւրիժեցի (228) կը նշանակէ այսպէս«Եկաց անդէն Լեհս) սակաւ ժամանակը եւ պակասեալ աստի՝ յաւելաւ առ հարս իւր ի մե/56/րում թուականիս ՌՀԵ (1626) ամի. անդէն -վախճանեցաւ եւ- անդէն թաղեցաւ»։ Ուրիշ տեղ մը գրէ (366). «Կաթողիկոսն Մելքիսեթ, որ գնայր ի Կամենից, իբրեւ եհաս անդր, զկնի սուղ ինչ աւուրց հիւանդացա եւ մեռաւ իսկ յաղուհացից պահոցն, ի Ծաղկազարդի շաբաթ օրն, ի տօնի Յարութեան Ղազարու, ի մերում թուականին ՌՀԵ (1626), եւ անդէն թաղեցաւ»։

Հ. Մ. Չամչեան . 599) վաղաժամ՝ համարելով այս «ՌՀԵ» տարին՝ կը սրբագրէ «ՌՀԷ» (1628)։ Օրմանեան . § 1639) անփոփոխ պահելով Դաւրիժեցւոյ «ՌՀԵ» ընթերցուածը՝ Կաթողիկոսին մահը կը նշանակէ «1626ին, ի տօնի Յարութեան Ղազարու, որ է ըսել ապրիլ 1ին» եւ կը յաւելու՝ «Յիշատակարանի մը մէջ 1628ին ՛ի Հայրապետութեան տեառն տէր Մելքիսեթ կաթողիկոսին, կարդացուած ըլլալը (Տաշեան՝ Ցուց., 708) պարզապէս Հայկական թուականին մէջ Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթութեան հետեւանք է [տես ծան. 23]. զի Մելքիսեդեկի մահուան թուականը ստուգուած է»։ Կը սխալի Օրմանեան։

Մելքիսեդեկի մահուան ստուգուած տարին, ամիսն եւ օրն է 1627, Մարտ 18, ինչպէս նշանակած է Ռոշքա [57] ։ Նկատմամբ /57/ օրուան, զոր Առաքել «ի տօնի Յարութեան Ղազարու» գիտէ, միաբան են երկու վկայութիւններն իրարու յայնմ, որ մահը պատահած է 1627, Մարտ 17ի՝ Ղազարու Յարութեան գիշերը, երբ կը լուսանար Մարտ 18. այնպէս որ մահուան բօթը հնչած է ժողովրդեան Ծաղկազարդի առաւօտ։

Մելքիսեդեկ կը յուսար թէ Լեհաստան գումար մը հանգանակելով պիտի կարենար վերադառնալ Հայաստան եւ վճարել Աթոռին պարտքը։ Վերջնականապէս չէր հրաժարած։ Այս կը տեսնուի իւր Կտակէն որուն մէջ, մօտալուտ տեսնելով մահը, «զաթոռն Էջմիածնի յանձնէ Իսահակ կաթողիկոսին»։

Ազգը չճանչցաւ սակայն զՍահակ օրինաւոր կաթողիկոս. Մելքիսեդեկի մահէն դեռ տարի մ՚ետքը, 1628 Յունուար 25ին Յակոբ Թոխաթեցի ի Զամոսցա կը գրէր։ «ի ժամանակս յայս կաթողիկոս ի Ս. Էջմիածին ոչ գիտեմք թէ ով ոք է» [58] ։ 

  9. ԱՒԵՏԻՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԷՋՄԻԱԾՆԵՑԻ (1594՞–1623)

/58/ Առաքել Դարիժեցի թէեւ գիտէ թէ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի օրով Էջմիածնի աթոռին վրայ երեք եւ չորս կաթողիկոսներ գոյութիւն ունին, այս ինքն Դաւիթ, Մելքիսեդեկ, Աւետիս եւ Սրապիոն, բայց՝ լ մամբ կամ ոչ, յայտնի չէ, եւ ոչ անգամ մը յանուանէ կը յիշատակէ Աւետիս..

Ա. Ա. Ալպօյաճեան [59] յեցած Գրիգոր Դարանաղցւոյ Ժամանակագրութեան եւ Հ. Գ. Գալէմքեարեան [60] ՝ նոյն ժամանակագրի եւ ուրիշ ժամանակակից յիշատակարաններու վրայ ապացուցուցին թէ Դաւիթ կաթողիկոս, որ չէր վստահեր իւր տկար ոյժերուն վրայ շփոթ ժամանակի մը մէջ կառավարել անձամբ Հայոց Եկեղեցին, ընտրած էր իրեն աթոռակից բացի Մելքիսեդեկէն նաեւ Աւետիսը։ Որչափ ալ պարզուած կարելի է նկատել հարցը իւր էական գծերու մէջ, բայց տակաւին Աւետիս կաթողիկոսի ինքնութիւնն եւ անոր գործունէութեան սահմանը ճշդուած կարելի չէ համարիլ ամէն մասամբ։ Ինձ թոյլ պիտի տամ միւսանգամ անդրադառնալ Աւետիս կաթողիկոսի անձնաւորութեան եւ այս առթիւ ի մի համադրել ինձ մատչելի պատմական նիւ/59/թերը, ծանօթ եւ անծանօթ, յուսալով թէ անոնք պիտի նպաստեն ԺԷ. դարու առաջին քառորդի Հայ Եկեղեցւոյ անցքերը աւելի լուսով լուսաւորելու։

Աւետիս կաթողիկոս պատմական բեմին վրայ առաջին անգամ երեւան կու գայ 1601ին ինքնագիր յիշատակարանով մը։ Այս թուին անիկա Կ. Պոլիս կը գտնուէր։ Հոս U. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանւոյն տակ կ՚օրինակէ Ներսէս Շնորհալւոյ Ընդհանրականը։ Կը ներկայացնեմ այս տեղ Ձեռագրիս յիշատակարանը [61], յապաւմամբ անկարեւոր տողերու։

«Կատարումն է Ընթանուրակիս (Ընդհանրականիս)։

Գրեցաւ ի թվականից Հայոց ՌԾ. ի քաղաքն Կոստանդնուպաւլիս, ընդ հովանեաւ սուրբ Սարգըսին. ի քահանաութիւն սուրբ Սարգիսի տէր Նիկողաոսին, տէր Ալէքսանին, տէր Սարգիսին որ է նորընծայ. բազում աշխատանք ունին վերա գրոցս։ Արդ… յիշեցէք... Աւէտիս կաթողիկոս Էջմիածնեցի, որ անուամբս եմ եւ ոչ գործովս, որ բազում փափաքանաւք եւ աշխատութեամբ գրեցի գիրքս, խամայգիր եւ նաւտր։ Ով ոք յիշէ զմեզ, յիշեալ լիցի ինքն ի Քրիստոսէ. ամէն։

(Բոլորգիր) Արդ գրեցաւ սայ ի հալալ արդեանց իմոց եւ ի արդարեան վաստակոց յիշատակ ինձ Աւետիս կաթողիկոսին եւ ծնաւ/60/ղաց իմոց հաւրս Միրզին եւ մաւրս Գաւարին եւ եղբարս Կիրակոսին. Սհակին որ մանուկ հասակաւ առ Քրիստոս փոխեցաւ եւ քեւերցս Եղիսաբեթին, Շաղվարդին եւ եղբաւրորդին իմ նորաբողբոջ Թարխանին»։

Թէ ինչ հանգամանքով կամ նպատակաւ եկած էր Աւետիս կաթողիկոս Կ. Պոլիս, յայտնի չէ ժամանակակից յիշատակարաններէն։ Ժամանակի հանգամանքները երկու ենթադրութիւն թոյլ կու տան, կա՛մ Էջմիածին, Մելքիսեդեկի վերադարձէն ետքը, աւելորդ նկատուած է երկրորդ աթոռակցի մը գոյութիւնը, եւ այս պատճառաւ խորհուրդ տրուած է Աւետիսին՝ երթալ Կ. Պոլիս եւ պատրիարքական աթոռին տէր ըլլալ, եւ կամ, որ աւելի հաւանական կերեւայ, հարկ տեսնուած է Էջմիածնի պարտքերը վճարելու համար նոր հանգանակութիւն մ՚ընել եւ այս նպատակաւ Աւետիս Կ. Պոլիս ուղարկուած։ Դրութիւնը ճշգրիտ ըմբռնելու համար յառաջ կը բերեմ հոս Մելքիսեդեկի Կ. Պոլիս ուղեւորութեան եւ վերադարձի պարագաները, օգտուելով միակ աղբեր՝ Չամչեանի տողերէն.

Մելքիսեդեկ կաթողիկոս նեղուած պարտատէրներէն «ել Արարատեան աշխարհէ եւ գնաց ի Կ. Պոլիս, գուցէ մարթասցի ժողովել անտի դրամս։ Ընկալաւ զնա սիրով ժողովուրդ քաղաքին եւ մեծամեծք Հայոց, եւ պահեցին զամիսս քանի մի. եւ ջանային հրաժարեցուցանել զնա ի կաթողիկոսութենէ, զի բարձցի երկոյութիւն կաթողիկոսաց. սմին /61/ իրի յորժամ՝ հանին զՏիրատուր պատրիարգ՝ աթոռոյ, եդին ի տեղի նորա զսա ինքն զՄելքիսէթ։ Այլ մինչչեւ էր նորա կացեալ յայնմ իշխանութեան ամ մի, ընկեցին զնա ի պատրիարգութենէ, եւ եդին ի տեղի նորա զՅովհաննէս երրորդ. որում յաջորդեաց Գրիգոր Կեսարացի։ Իսկ Մելքիսէթ ելեալ գնաց անդրէն յԷջմիածին, եւ մատնեցաւ ի ձեռս պարտատեարց. եւ ապա փախուցեալ ի ձեռաց նոցա՝ գնաց եւ եգիտ զԴաւիթ կաթողիկոս. եւ եկաց ընդ նմա ի թաքստի եւ երկոքին եւս ըմբռնեալ ի տարակուսի՝ հեծէին անդադար ի ձեռաց պարտատեարց» (Չամչեան, Գ., 535)։ Չամչեանի անծանօթ է Աետիսի անձնաւորութիւնը, այս պատճառաւ ալ անոր յիշատակութիւնը չէ ըրած։

Մելքիսեդեկի ուղեւորութիւնն ի Կ. Պոլիս եւ պատրիարքական աթոռը նստիլը Չամչեան կը դնէ 1599 եւ 1600 տարիներու մէջ։ Յայտնի է ժամանակակից յիշատակարանէ մը, թէ 1600ին Կ. Պոլիս էր Մելքիսեդեկ. Ղազար եպիսկոպոս կ՚օրինակէ Սաղմոսարան մը «թվին ՌԽԹ. ի մայրաքաղաք Ըստամբօլ, ի թագաւորութեան սուլթան Մուրատի՝ որդւոյն սուլթան Մահմատի՝ ի պատրիարգութեան տէր Մելքիսէթ կաթողիկոսի, ընդ հովանեաւ սրբոյն Գէորգեայ (զօրավարի) որ Սուլումանաստիր ասի» [62] ։

/62/ Ուստի Աւետիս Կ. Պոլիս մեկնած է Մելքիսեդեկի Երեւան հասնելէն անմիջապէս ետքը։ Թէ որչափ ժամանակ դեգերեցաւ անիկա Կ. Պոլիս կամ ինչ յաջողութեամբ ետ դարձաւ, չգիտենք։

Աւետիս 1603ին վերադարձած էր Էջմիածին. այս տարւոյն պատահած է իրեն Երեւան Գրիգոր Դարանաղցի, որ այսպէս կ'արձանագրէ իւր ժամանակագրութեան մէջ. «Էին երեք կաթողիկոս ի վերայ մին աթոռոյն. որ էր յոյժ անկարգութիւն. անուն առաջնոյն Դաւիթ եւ երկրորդին՝ Մելքիսեդ եւ երրորդին՝ Աւետիս։ Սա (Աւետիս) պարկեշտագոյն էր եւ բան վարդապետութեան ունէր ի վերայ նոցա (այսինքն՝ Դաւթի եւ Մելքիսեդի). բայց հրամանն անիմաստ եւ գազանաբարոյ Մելքիսեդին էր. ոչ օրինօք եւ կանոնովք առաքելադիր, այլ կաշառօք եւ բռնութեամբ այլազգեացն յափշտակելով ի Դաւթէն» (52)։

1607ին Յովհաննէս սարկաւագ «ի դուռն Ս. Ստեփանոս Նախավկային» ձեռագիր մը կը կազմէ, զոր ապա Տէր Մկրտիչ կը գնէ «Փաջի վանքին» համար «ի Հայրապետութեան տեառն Աւետիս կաթողիկոսին եւ պատրիարք Վաղարշապատու, ի թագաւորութեան վրացու պարոն Լաւարսափին» [63] ։

Աւետիս կաթողիկոս Պարսկական սահմանէն երկրորդ անգամ դուրս կու գայ 1613ին։ /63/ Հրաւիրուած էր Երուսաղէմ՝ ձեռնադրելու զԳրիգոր Գանձակեցի Երուսաղէմի եպիսկոպոս եւ պատրիարք։ Ձեռնադրութիւնը տեղի կ'ունենայ Ապրիլ 5ին։ Աւետիս կաթողիկոսի ձեռնադրութեանս առթիւ գրած Կոնդակին պատճենն ըստ էական մասին ունիմ ձեռքիս տակ. զոր յառաջ կը բերեմ [64] ։

 

ԿՈՆԴԱԿ ՏԷՐ ԱՒԵՏԻՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Նամակ ողջունի եւ պարգեւաց սիրոյ եւ խաղաղութեան, քրիստոսաւանդ եւ առաքելական ի փառաւոր երջանիկ դիտապետէ տէր Աւետիս կաթողիկոսէ ամենայն [Հայոց] եւ պատրիարքէ Վաղարշապատու սուրբ Աթոռոյն Էջմիածնայ, տեղապահ եւ յաջորդ աթոռակալ եւ փոխանորդ սրբոց առաքելոցն Թադէոսի եւ Բարդուղիմէոսի եւ սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին, զոր եւ գրեմ ի սուրբ եւ ի փառաւորեալ աստուածազարդ եւ մեծապայծառ,. յերկնահանգէտ եւ լուսածաւալ, յաստուածակոխ սուրբ քաղաքէս յԵրուսաղէմայ։…

Եւ ընդ աւրհնութեանս գիտութիւն լիցի ձեզ ամենեցուն, սիրելի եւ հոգեւոր որդիք մեր ի Տէր. ես տէր Աւետիս կաթողիկոս ամենայն Հայոց եւ պատրիարգ Վաղարշապատու սուրբ Աթոռոյն Էջմիածնայ, ի թվին Հայոց ՌԿԲ. եկի ի սուրբ քաղաքս յԵրուսաղէմ, /64/ կամաւք եւ ընտրութեամբ աստ ժողովեալ վարդապետաց, եպիսկոպոսաց եւ քահանայից եւ ժողովրդոց, մեծի եւ փոքու, եկաց եւ բնակաց։ Ձեռնադրեցի աւրհնութեամբ, մեծաւ հանդիսիւ եւ գերապայծառ տաւնախմբութեամբ զտէր Գրիգոր Հայրապետն արքեպիսկոպոս նուրբ քաղաքիս յԵրուսաղէմայ, ի սուրբ առաքելական յԱթոռս Եղբաւր Տեառն արդարոյն Յակոբայ որդւոյն Զեբեթիայ, եղբաւրն Յովհաննու աւետարանչին, աւգնականութեամբ եւ ձեռնտուութեամբ տէր Դաւիթ արքեպիսկոպոսին սուրբ Աթոռոյս Երուսաղէմայ։ Կամաւք եւ վկայութեամբ բազմահոյլ վարդապետացն, եպիսկոպոսաց եւ քահանայից եւ ժողովրդոց. Ջուղայոս Մեսրոպ եպիսկոպոսի, խոջայ Ոսկանին, խոջայ Մարութին, խոջայ Բաբաքին, խոջայ Մարտիրոսին, խոջայ Բարաքին, խոջայ Կարապետին, խոջայ Սարուխանին, խոջայ յԵսայուն, խոջայ Մարգարին, Մկրտիչ երիցին, Պետրոս երիցին եւ Մարտիրոս վարդապետին, խոջայ Խըլղատին, Բաղդասարին, Վարդանիսին Վանայ քաղաքին վկայութիւնով. Կարապետ վարդապետի Բաղիշոյ առաջնորդին, մահդասի Աւաք(ի)ն եւ իւրեանց դաւլաթաւորաց վաքիլութենովն. Արզրումայ խոջայ Անդրէասին վկայութենովն, Խարբերդցի Յովհաննէսին վկայութենովն. Երզնկայու Փերիխանին վկայութենովն. Համթեցի վարդապետ Ստեփանոս երիցուն եւ երեսփոխանաց եւ այլ դօլվաթավորաց վկայութենովն. Հալպայ խոջայ Պետ/65/րոսի մաւր Վարդխաթունին վկայութենովն. Չնքուշցի Մարտիրոս վարդապետին վկայութենովն. Կռբցի Կիրակոս վարդապետին, Կարապետ եպիսկոպոսի վկայութեամբն. Գողթան գաւառէն եւ Աւետիս արհիեպիսկոպոսի եւ Ղուկաս եպիսկոպոսին վկայութեամբն. Յովհաննէս եպիսկոպոսին, Ղուկաս եպիսկոպոսին, Կիրակոս երիցին, Երուսաղէմայ եղբայր Դաւթի եպիսկոպոսի վկայութեամբն, Մովսէս վարդապետին Տաթեւացւոյն եւ այլ ամենայն ուխտականաց, եկաց եւ բնակաց հինգհարիւր ժողովելոց։

Սոցին ամենեցումն ընտրութեամբ եւ վկայութեամբ ի յամսեանն Ապրիլի հինգն, աւուր երկուշաբթի աւագ Զատկի, շնորհեցի կրկին եւ վերստին զիւր սեփական աթոռսն եւ վիճակ եւ բաժին ի ձեռս դորայ. եւ զվերակացութիւնս տնօրինականացս Քրիստոսի յԱստուծոյ մերոյ՝ զսուրբ Ծնունդն, զսուրբ Յարութիւնն եւ այլն, եւ զայլ ամենայն սուրբ Տնօրինականաց եւ Եկեղեցեաց իշխանութիւն ի ձեռն սորին լիցի։ Եդաք հաստատութեամբ զմեր հոգեւոր որդիս զտէր Գրիգոր արքեպիսկոպոսն ի սուրբ յԱթոռս գրաւորական նամակս եւ բարձրագոյն իշխանութեամբս մեր, լինել ձեզ այցելու եւ հոգեւոր առաջնորդ՝ խրատել եւ ուսուցանել զձեզ ի տուէ եւ ի գիշերի գնալ յաւրէն եւ ի պատուիրանս Տեառն անարատութեամբ, տալով զանձն իւր աւրինակ բարեաց ձեզ ամենեցուն, ինքն արասցէ եւ զմեզ ուսուսցէ սրբութեամբ եւ արդարու/66/թեամբ, խոնարհութեամբ եւ երկիւղիւ, սիրով առ Աստուած եւ առ ընկերս իւր…։

Երուսաղէմի պատրիարքին արքեպիսկոպոսական իրաւասութիւնը գծելէն ետքը կը գրէ.

... Որով եւ դուք ամենեքեան, հոգեւոր որդիք մեր ի Քրիստոս, զարժանապատուեալ արքեպիսկոպոսդ ձեր զտէր Գրիգոր զարհիական գլուխդ ձեր յոյժ սիրով եւ մեծաւ գորովով ընկալարուք իբրեւ զհրեշտակ Աստուծոյ եւ առաքեալ Քրիստոսի եւ ամենայն հոգեւորական խրատու դորա, որ է շատ եւ աւգուտ հոգւոց ձերոց, հնազանդութեամբ ունկնդիր լերուք։

Այլ եւ ամենայն հաս եւ իրաւունք, զոր պարտիք տալ Աստուծոյ սուրբ Աթոռոյս՝ զհաս տանց քահանայից եւ ամենայն ընտանեաց նոցա. զերախայրիս կալոց եւ հնձանաց, զտեառնական մատաղին եւ զսրբանուէր մատաղին, զիրաւունս մատաղաց եւ զկենդանեաց մատաղին. զխաչ աւրհնելին եւ զքառասնից եւ զամենայն ինչ եւ իցէ՝ զանկարծամահից, զկանամբի, զտղի եւ զարեան մատաղի, տերունի կենաց եւ մահու լիով անթերի տուք ի ձեռս տէր Գրիգոր արքեպիսկոպոսիդ, զուարթ եւ առատ սրտիւ. որպէս զի զտուրս զուարթ սիրէ Աստուած։

Եւ մի ոք իցէ եւ իշխեսցէ հակառակիլ սմա կամ դիմադարձիլ, կամ բարձր հրամանիս մերոյ եւ արգելցէ զիրաւանց տալոյ, կամ խորեսցէ կամ այլազգիք անկանիցի եւ յոյժ հասուցանէ տէր Գրիգոր արքեպիսկոպոսիդ։

/67/ Շնորհեցաք եւ ի ձեռն տէր Գրիգոր արքեպիսկոպոսի, ձեզ պարգեւս հոգեւորական՝ զեւղն օծութեան զսրբալոյս եւ աստուածագործակ սուրբ Մեռոնն ի լուսաւորութիւն նորածնելոցն յաւազանան։ Զնոյն եւ զճակատ նշան հաստատութեանն յածումն քահանայութեան եւ ի նորոգութիւն սուրբ Եկեղեցւոյ Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ։

Դարձեալ ծանից, հոգեւոր որդիք մեր ի Տէր, զի ըստ առաքելական կանոնաց եւ ըստ Հայրապետաց սահմանադրութեանց, ըստ առաջին հարցն սրբոց, գործ է Արքեպիսկոպոսին ձեռնադրել զմետրապոլիտս եւ օրհնել զձէթ կնքոյն. եւ այս ոչ հակառակութեան եւ կամ անհնազանդութեան աղագաւ, այլ ըստ եկեղեցական աւանդութեանց, ըստ նախնեացն շաւղաց։ Մեք զայն իշխանութիւն եւ զհրամանն տուաք տէր Գրիգոր արքեպիսկոպոսին սուրբ Երուսաղէմայ յայսմ հետէ իւր կամքն եղիցի զառնելն եւ զչառնելն։

Գրեցաւ գիրս արհնութեան բարձր հրամանիս մերոյ յըստ ի մեզ մարդեղութեան Բանին Աստուծոյ ՌԶՃԺԵ. ամին եւ ի սրբոյն Գրիգորէ ՌՅԺԲ. եւ ի մեծ թվականից Հայոց ՌԿԲ. ամին։ Եւ վասն առաւել հաստատութեան ձեռնադրեցաք մերով սովորական կարմիր ձեռնագրով»։

 

Դէպքին ծանօթ է նաեւ Դարանաղցի (285), որ Մելքիսեդեկի մահը յիշելով կը գրէ.

«Եւ Աւետիսն, որ էր ընկեր սոցին, նա /68/ թէպէտ որ էր անկարգութեամբ եւ հակառակ կաթողիկոս, բայց պարկեշտ էր եւ սրբասէր եւ ունէր բան վարդապետութեան, խրատիչ եւ ուսուցող, որ ամենայն վարդապետք եւ իմաստունք յեպիսկոպոսաց, ի քահանայից եւ ի ժողովրդոցն զնա պատուով ունէին քան զերկոսին, որ անհամք էին որպէս զաղք անպիտանք, որպէս ասաց Տէրն յաւետարանին, որ կոխանք էին եղեալ յամենայն մարդկանէ եւ անպիտանացեալք յոյժ։ Այլ սա վասն պարկեշտութեանն փառաւոր էր յաչս ամենեցուն։ Եւ զսա տարեալ խոճաներն ամենեցուն միաբանութեամբն ի սուրբ քաղաքն յԵրուսաղէմ եւ օրհնել ետուն զԳրիգոր եպիսկոպոսն, որ եօթն ութն տարի աբեղայ գոլով՝ առաջնորդութիւն առնէր սրբոյն Յակոբայ մեծահռչակ վանացն Հայոց։ Եւ յետ այնորիկ գնաց յետ Էջմիածինն եւ անտի ի Վրաց տունն եւ անդ եղեւ վախճան նորա, որ էր թվին ՌԿԹ» (1620)։

Եւ դարձեալ (էջ 328). «Եւ ի միւս ամին, որ թվին ՌԿԲին էր, դարձեալ ժողովեցան ամենայն երկրի տոլվաթաւորքն եւ Ջուղայեցիքն եւ առին զԱւետիս կաթողիկոսն ընդ իւրեանս բազում վարդապետօք, եւ գնացին յԵրուսաղէմ՝ եւ օրհնեցին (զԳրիգոր Պարոնտէրն) եպիսկոպոս»։

Կ՚ըսուի նաեւ «Պատմութիւն եւ Վարք Պարոնտերի» գրութեան մէջ [65]. «Եւ յորժամ /69/ տեսին ազգս Հայոց զհաւատարիմ ծառայութիւն նորա, որ վասն սուրբ Երուսաղէմայ, ապա ի ՌԿԲ թուին հարկ ի վերայ եդին եւ կոչեցին զառաքինի Աւետիս կաթողիկոսն սուրբ Էջմիածնայ, եւ բազում վարդապետք ընդ նմա եւ ետուն զնա ձեռնադրել եւ օրհնել արքեպիսկոպոս սուրբ Երուսաղեմայ»։

Աւետիս կաթողիկոսի Երուսաղէմ գտնուած միջոցին իրեն պատահած էր հոն Մովսէս վարդապետ, որ, ինչպես տեսանք (էջ 32), իւր առ Գրիգոր Կեսարացի գրած թղթին մէջ (19 Սեպտ. 1615) այս մասին ակնարկութիւն մ՚ընելով կը գրէր. «Այժմիկ Դաւիթն այլ գնացեալ է ի Սպահան եւ Աւետիսն կայ ի Էջմիածինն եւ ասվիս զգեցեալ. եւ մեզ սիրելութեան թուղթ է առաքեալ՝ որ մեր յԵրուսաղէմայ գալն փոքր ի շատէ աստուածավախութիւն տեսաք ի նմա։ Բայց Ասլանէ լսեցաք թէ ի հրամանուց կողմանէ թուղթ է եղեր առաքեր ի Կ. Պոլիս», այսինքն առ Գրիգոր Կեսարացի ի Կ. Պոլիս թուղթ գրած է։

Երբ կը վերադառնար Աւետիս Էջմիածին, ճանապարհին (Ամիդ) կ՚իյնայ իր ձեռքը Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի առ Ուրբանոս Ը. գրած թղթին տպագիր մէկ օրինակը, զոր Հռոմ տպագրած էին. «Այս գրոյս մէկն ի Համիթ է եկեր. եւ զնորա մէկ օրինակն Աւետիս կաթողիկոսն է տարեր ի հետն. եւ զմի օրի/70/նակն Համթեցիքս մեզ էին յղրկել» կը գրէ Գրիգոր Կեսարացի առ Մելքիսեդեկ մեղադրական նամակին մէջ [66] ։

Աւետիս Էջմիածին–Երեւան կը գտնուէր նաեւ 1617/18ին։ Օր մը, երբ Ամիրգունայ խան կը շրջագայէր Երեւան, բերդի կողմերը, «էր անդ առ Խանն եւ Աւետիս կաթուղիկոսն եւ երկու եպիսկոպոս ընդ նմա»։ Հոս կը պատահի Խանին Մեխլու անուն խաբեբայ աբեղան. Խանի հրամանով կը բռնուի եւ աւազան կը նետուի։ Կաթողիկոսի բարեխօսութեամբը միայն կ՚ազատի խեղդամահ ըլլալէ. բայց կ'աքսորուի (տե'ս § 10)։

Աւետիս կաթողիկոսէն ունինք ինքնագիր յիշատակարան մ'ալ Էջմիածնի Թ. 427 Գանձարանին մէջ։ Գանձարանը գրուած է ձեռամբ «Յովհաննէս իրիցի» ՌԿԶ (1617) թուին «ի Հայրապետութեանն տեառն տէր Աւետիս կաթողիկոսին եւ Վաղարշապատ սուրբ Էջմիածնին. եւ ի թագաւորութեանն Բագրատ Իմիրզին, որ բազում տեղիք էառ եւ տիրեաց զերկիր. եւ արար խաղաղութիւն ոչ սակաւ, բայց հարկայպահանջութիւն բուռն եւ ծանր էր ի վերայ քրիստոնէից»։ Այս ձեռագիրը նորոգել կու տայ Աւետիս կաթողիկոս եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը իր անուան յիշատակ կը թողու. «Ես տէր Աւետիս կաթողիկոս այս Գանձարանս գնեցի հալալ արդեանց իմոց եւ նորոգել տվի յիշատակ ինձ /71/ եւ ծնաւղաց իմոց՝ Միրզին եւ մաւրն Գաւար Սուլթանին. եւ եղբաւրն իմ Կիրակոսին եւ որդոյն տէր Թումանին. եւ եդաք ի դուռն սուրբ Էջմիածնայ»։

Խաչատուր գրիչ ի Տանծաւեր կ՚օրինակէ 1619ին Աւետարան մը «ի Հայրապետութեան Էջմիածնի տեառն Մելքիսեթի կաթողիկոսի եւ յաթոռակալութեան Վաղարշապատու ի տէր Աւետիս կաթողիկոսի» [67] ։

Վերջին անգամ կը յիշուի Աւետիս կաթողիկոս 1622ին։ Գրիգոր Դարանաղցի իւր Աստուածաշունչի օրինակութիւնը կ'աւարտէ «ի մեծ թուականիս Հայոց Ռ. եւ Հ. եւ Ա., Նոյեմբեր ամսոյ Է. եւ Քաղոց Թ. Թամուզ Ը. եւ գրեցաւ ի Հայրապետութիւն Հայոց տեառն տէր Աւետիսին, որ այժմ յաջորդէ զաթոռ Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի մերոյ» [68] ։

Հիմնուած այս տողերու վրայ Դարանաղցւոյ վերը յառաջ բերուած տեղիքը՝ «եւ անտի (Էջմիածնայ գնաց) ի Վրաց տունն եւ անդ եղեւ վախճան նորա, որ էր թվին ՌԿԹ» (1620) պէտք է այնպէս հասկնալ թէ Աւետիք 1620ին անցաւ Վրաստան եւ հոն վախճանեցաւ 1623էն ետքը։

Նիւթերու այս համադրութենէն կը տեսնուի, թէ Աւետիս կաթողիկոս բնիկ Էջմիածնեցի էր, որդի Միրզայի եւ Գոհար–Սուլթանի, ուներ երկու եղբայրներ՝ Կիրակոս եւ /72/ Սահակ, վերջինս մանուկ հասակին վախճանած (1601էն յառաջ), եւ քոյրեր՝ Եղիսաբեթ եւ Շաղվարդ։ Կը յիշէ եղբօրորդի մ'ալ, անշուշտ Կիրակոսի զաւակը, Թարխան անուն, որ 1601ին «նորաբողբոջ» էր։ 1617ին անիկա «տէր Թումայ» անուամբ կը ներկայանայ: Հաւանօրէն նոյն տէր Թուման է, որ 1626ին «Մարտիրոս արքեպիսկոպոս Էջմիածնեցի, եղբօրորդի տէր Աւետիս կաթողիկոսի» [69] անունը եւ տիտղոսը կը կրէ։

Աւետիս իւր բնակութիւնն ունէր Էջմիածին։ Ընտրուած է կաթողիկոսակից հաւանօրէն 1594ին, Առաքել կաթողիկոսի մահէն ետքը։ 1601ին ուղեւորեցաւ Կ. Պոլիս եւ վերադարձաւ Էջմիածին, հոս էր 1603ին։ Ո՞ւր կը գտնուէր Արարատեան դաշտի բնակիչներու տեղահանութեան ժամանակ (1604), չգիտենք։ 1613ին հրաւիրուեցաւ Երուսաղէմ ձեռնադրելու Գրիգոր Գանձակեցին Երուսաղէմի արքեպիսկոպոս, ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցա Ապրիլ 5ին։ Մովսէս վարդապետ զինքը Էջմիածին գիտէ 1615ին։ Հաւանորէն քաղաքական եւ տնտեսական դժուարին պայմաններէն խոյս տալով 1620ին առանձնա/73/ցաւ Վրաստան եւ հոն ալ վախճանեցաւ 1622էն ոչ շատ ետքը (1623՞)։

Ժամանակակիցները միաբան կը վկայեն Աւետիսի պարկեշտ վարքին մասին. իւր բարութեամբը, մեղմ բնաւորութեամ բը Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի հակապատկերն էր։ Ունէր որոշ չափով մտաւոր զարգացում ընթերցասէր էր եւ գրասէր, ինչպէս իր օրինակած գրքերը ցոյց կու տան եւ կը վկայեն Գրիգոր Դարանաղցի եւ Մովսէս վարդապետ։ Ժողովուրդը կը սիրէր զինքը եւ Ամիրգունա խան կը յարգէր իր անձը։ Բայց չունէր վարչական կարողութիւն, դժուարին պայմաններու մէջ ժողովրդեան առաջնորդելու ոյժը։ Անփառասէր էր, այս պատճառաւ չունեցաւ բախում՝ ոչ Դաւիթ եւ ոչ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսներու հետ. քաղաքական իշխանութիւնն ալ չհալածեց զինքը։ Թերեւս այս չեզոք դիրքին համար ալ չարժանացաւ Առաքել Դաւրիժեցւոյ ուշադրութեան։

10. «ՄԵԽԼՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏ»

Ժամանակի բարքերու անկման մէկ երեւոյթն էր «Մեխլու վարդապետի» յայտնութիւնը իբր 1617ին։ Այս մասին ընդարձակ կը խօսին Գրիգոր Դարանաղցի եւ Զաքարիա Սարկավագ։ Իրողութիւնն այս է։

Կը գրէ Զաքարիա . 47/8). «Այր մի [էր] ազգաւ աղուան, որ այժմ ասեն Ուտի, ի Գանձակ քաղաքէ Աղուանից, որ գնացեալ  /74/ ի սուրբ ուխտն Գանձասար, որ է կաթողիկոսարան Աղուանից. եւ յարեցաւ առ կաթողիկոսն Յովհաննէս. եւ ուսեալ սաղմոս եւ գիր, եւ արարին զնա աւագ սարկաւագ. եւ ետուն փիլոն եւ վեղար։ Եւ էր ճարտասան ի լրբութիւնս եւ ի խօսս անզգամս եւ անպատշաճս։ Եւ առաքեաց զնա կաթողիկոսն ի յերկիրն վասն պիտոյից վանիցն։ Իսկ նա գնացեալ ձեւացոյց զինքն վարդապետ եւ քարոզէր թիւր եւ անուղիղ՝ հայհոյանս եւ չարաբանութիւնս... վասն որոյ եկին եւ գանգատեցին զնմանէ կաթուղիկոսին։ Եւ կաթուղիկոսն առաքեաց [արս] եւ բերին զնա ի վանքն... էառ զփիլոնն եւ զվեղարն եւ ասէ... կացցես ի վանս (եւ) ծառայ միաբանիցս»։ «Էր տեսլեամբ դժնեայ... արագախօս եւ ճարտարալեզու… ծիծաղէին զնա տեսանօղքն… վասն որոյ չարացաւ նա քան զսատանայ… գաղտ ելեալ ի վանացն եւ գնաց ի Գանձակ քաղաք եւ եգերծ զերեսն եւ զգլուխ, եւ գնացեալ առ իշխանն Դաւութ խան... եւ գանգատեաց նմա, թէ քարոզեցի զՄահմէտ մարգարէ գոլ. յայսմ պատճառէ այսպէս խայտառակ արար զիս կաթուղիկոսն եւ էառ զկարգն իմ»։

Խանը իրեն կը կանչէ կաթողիկոսը, տուգանքի կենթարկէ զանիկա եւ կը հրամայէ. «տուր դմա զկարգ իւր եւ գիր քարոզելոյ: Եւ պահէ խանին ետ ի նա զոր ինչ կամէրն. եւ խանէն եւս էառ հրաման» (48)։

Այսպէս թէ կաթողիկոսէն եւ թէ խանէն /75/ վարդապետելու իրաւունք առած «ելեալ քարոզէր զարտուղի. եւ եղեւ թշնամի աբեղայից»։ Իր քարոզութիւնները յառաջ կը բերեն Աղուանից աշխարհին մէջ ամբոխային շարժում։ Կը յարին իրեն «ոչ միայն գռեհիկ աշխարհականք եւ ռամիկք, այլ եւ տգէտ[ք] երիցունք եւ փարթամ եւ մեծազգի մարդիկք»։ Իր յառաջ բերած շարժումին քաջալեր կ՚ըլլան, ըստ Դարանաղցւոյ (457) Ջուղայեցիք։

«Եւ էր այս Մխլոյս, կը գրէ Դարանաղցին (456) յերկրէն յԱրեւելից եւ եկեալ ի Սահաթի–փոսին յԱյրարատին եւ յայլ շրջակայ գաւառս նոցա, եւ վարդապետական անուամբ շրջելով յամենայն արեւելայսն կոյս մինչեւ ի Պարսկաստան»։ Շրջեցաւ Գեղարքունիք, Նորք, Երեւան եւ Քանաքեռ (Զաք. Սարկ. ).

«Ոչ ուտէր եւ ոչ ըմբէր եւ ոչ առնոյր ինչ յումեքէ. եւ էր քրձազգեաց եւ խարազնազգեստ եւ կնկուղն դնելով ի գլուխն, զամէնայն զգայարանսն ծածկելով՝ մինչեւ ցկէս մօրուացն. բայց միայն հանդէպ երկու աչայն ծակոտկէն էր, զի լոյս տեսցէ վասն ընթերցման աղագաւ։ Եւ այսպէս ահագնակերպի զարհուրեցուցանէր զամենեսեան՝ զեկեղեցականս եւ զաշխարհականս, մանաւանդ զամենայն ուխտականսն» (Դարանաղցի, 457)։ Կ՚աւելցնէ Զաքարիա թէ «ի սիրտ մաղեղէնին հաստատեալ էր երկուս բեւեռս երկաթեայ՝ հնարիւք. եւ ցուցանէր ամենեցուն ասելով. Այսպէս արժան է զգենուլ աբեղայից», ըստ /76/ Զաքարիայի ասկէ ծագած է անունը՝ «Մեխլու» բաբա [70] կամ վարդապետ։

Անձամբ մէկէ բան չէր առներ. «Քրիստոսի աշակերտացն չէ պիտոյ, կ՚ըսէր, ստանալ ոսկի կամ արծաթ. եւ կամ՝ զգենուլ հանդերձս ազնիւս, այլ մազ եւ շալ պիտոյ է նոցա զգենուլ» (Զաք. 49)։ Ունէր ձեռքը Ժողովածու գիրք մը. անոր մէջն էր իր բովանդակ իմաստութիւնը։

Հաւաքած էր իր շուրջը 500 մարդ: անոնցմէ ընտրած էր 12 կտրիճ եւ զօրեղ առաքեալներ, կապած անոնց մէջքը թուր եւ տուած ձեռքը մի մի լախտ։ «Եւ հրամայէր նոցա առնել զոր ինչ ինքն կամէր՝ թէ ծեծէր, թէ կալանս առնէր, նոքօք առնէր զամենայն» (Զաք. Անոնք պիտի հոգային իր եւ 500ին պիտոյքները։

Իր բարկութիւնը ուղղուած էր աբեղաներուն, որոնք յանդգնած էին ծաղրել զինքը եւ խափանել իր քարոզութիւնը։ «Ոչ երիցոյ եւ ոչ աշխարհականաց հակառակութիւն չունէր, այլ միայն ի հետ սեւագլխոց. հետ լաւացն եւ վատացն միապէս մարտնչէր եւ մաքառէր» (Դարանաղցի, 457)։ «Ուր տեսանէր աբեղայ՝ մերկացուցանէր եւ բրածեծ առնէր. եւ ասէր ցժողովուրդն. Ով ոք աբեղայի տայ ինչ, ինքն ի դժողքն իջանէ. քանզի ոչ է արժանի աբեղայն առնել պատարագ, վասն զի /77/ շնացողք են եւ պիղծ. այլ երիցուն արժան է առնել պատարագ, զի սուրբ ամուսնաւ կայ» (Զաք. 52)։ Հետը կը շրջեցնէր հինգ կալանաւորուած աբեղաներ։ Իր պատերազմը աբեղաներու դէմ ծայրայեղութեան իսկ կը հասներ. Քանաքեռ խօսած քարոզի մէջ կ՚ըսէր. «ով ոք սպանանէ աբեղայ մի, այլ ոչ գոյ հարցումն մեղաց նորա, այլ երթայ յարքայութիւնն Աստուծոյ» (Զաք. 52)։

Ունէր ճարտասան լեզու մը, ամբոխավար քարոզութեան համար. «Ոչ օրինօք աստուածաշունչ գրոց վկայութեամբ խօսէր, եւ ոչ կանոնօք սուրբ հարցն երից սուրբ ժողովոցն եւ ոչ սուրբ հարանց գրոցն, այլ մտացածին բանիւք յինքենէ՝ զոր ինչ բղխէր ի չար դիւական ոգւոցն՝ զայն խօսէր եւ մաքառէր ընդ ուխտականսն» (Դարան. 457)։

Օտար չէին իրեն նաեւ կախարդական փորձերը։ Կը պատմէ Զաքարիա թէ Մեխլու երբ Նորք կը գտնուէր, «հայի ընդ բերդն Երեւանայ եւ տարածեալ զձեռս իւր որպէս թռչուն եւ շարժէր»։

Երբ կը հարցուի իրեն թէ ինչ նպատակ ունին այդ ձեւերը, կը պատասխանէ. «Կամիմ թռչել մինչեւ ի բերդն» (Զաք. 49-50)։

Գրիգոր Դարանաղցի կը գրէ թէ Մեխլու իրեն թիկունք ունէր Ջուղայեցիները, որոնք ամէն կերպ կը քաջալերէին զինքը, որ հալածէ աբեղաներն եւ եպիսկոպոսները, անոնց թուին մէջ, առանց տարակուսի, նաեւ կաթողիկոսները։ Կը զօրացնէին, կ՚ըսէ, Ջու/78/ղայեցիք «զայս դիւաբնակ Մխլոյս... ի վերայ արեւելից սեւագլխոցն՝ հրովարտակ հանելով ի Շահէն եւ այլ խաներացն, ուր եւ գտանիցէ թէ աբեղայ անուն, թէ եպիսկոպոս անուն եւ թէ վարդապետ անուն, սպանանիցէ եւ զբազումս հալածեսցէ յաշխարհէն Հայոց, որպէս արար բազմաց։ Եւ գային այս Ջուղայեցիք եւ հիացուցանէին զայս աշխարհի մարդիկ եւ սուտ սքանչելիս պատմէին թէ բազմութիւն մարախոց ընդ իւր շրջեցուցանելով. եւ որք հակառակին եւ ոչ լսեն հրամանացն՝ զսեւագլուխն ի ձեռն չտալով նմա, նա՛ հրաման տուեալ մարախոցն ուտել զամենայն վաստակ եւ զխոտ երկրին եւ սպառել զամենայն պտուղ անդոյ նոցա, եւ՛ [այլ] ստայօդութիւնս բազում» (470)։

Իրօք ալ նոյն շրջանին կար մարախի աշխարհասաստ պատուհասը. ցնցուած էր ժողովուրդը, եւ Ջուղայեցիք օգտագործեցին զայն՝ ամբոխը Մեխլուի շուրջը հաւաքելու։ Մարախի մասին ժամանակակից մը կը գրէ [71]. «Ես Հասանս... գնեցի զսա... երեք թուման տուի առայ այնմ ժամանակին, որ մորեխն բազում երկիր աւերեաց. թիւն ՌԿԷ (1618) էր. բազում սղութիւն եղաւ»։ Ուրիշ մը՝ Յովհաննէս երէց 1621ին կ՚օրինակէ Ժողովածու գիրք մը «ի երկիրս Գանճոյ ի գուղս Շատախ կոչի», «ի դառն եւ ի նեղ ժամանակիս, որ /79/ զմարախն եւթն տարի աշխարհս կերաւ. թագաւորաց զուլում շատացաւ, Աստուծոյ խնամքն վերացաւ, ժամանակս չարացաւ, մարդիք զիրայր մատնող դառաւ, աչխարհս խիստ լցաւ չարաւ, շարժմունք լցաւ հիսուս հարաւ, Բարսից թագաւոր գնաց Վայրաստուն գերի տարաւ... » (Էջմ. 728, թ. 287բ—289ա)։ Ուստի Մարախի արհաիրքը ընթացած է Գանձակէն դէպի Գեղամայ երկիրը, Մեխլուի հետքերով։

Դարանաղցի կը գրէ նաեւ թէ Մեխլու «զարեանց հեղմունս գործէր եւ տեսանէր որ հաճոյ էր յաչս ամենեցունց տգէտ աշխարհականացն իւր անօրէն մոլի կատաղութիւնն, նա օր քան զօր յաւելոյր զգործ չարեացն» (472)։

Ժամանակակիցներուն ահ եւ սարսափ եղած էր Մեխլու։ Դաւութ խանի արտօնութիւնը, համարձակ շարունակելու իր քարոզութիւնը՝ կապած էր անոնց ձեռքերը՝ առաջն առնելու խաբեբայ վարդապետին։ Բայց եւ այնպէս Մեծ Անապատի վանականները չկասեցան թղթերով հալածել դիւաբնակը : «Լոյս հոգի տէր Կիրակոսն եւ Սարգիս ճգնաւոր եպիսկոպոսն եւ Պօղոս վարդապետն եւ Մովսէս վարդապետն եւ ամենայն անապատաւորքն սաստկական եւ յանդիմանական գիր ուղարկեցին ի վերայ իւրն եւ կամակցացն՝ վասն անաստուած գործոցն զոր առնէր. եւ ապա հազիւ շիջաւ չարն եւ զղջացաւ եւ գնաց յԵրուսաղէմ» (Դարանաղցի, 472)։

 

/80/ Մեխլուի քարոզութիւնները վերջ գտան Երեւան։ Այս մասին այսպէս կը պատմէ Զաքարիա Սարկաւագ. երբ Մեխլու հաւաքած շուրջը իր 500 հաւատարիմները կու գար բազմութեամբ ի գաւառն Գեղամայ, նաեւ ի Կոտայք եւ Երեւան քարոզելու «ճշմարտութիւնը», եւ կ՚իջնար ուղխօրէն Նորքի բարձունքէն, Ամիրգունայ, Երեւանի խանը, դուրս ելած բերդէն կը զբօսնէր՝ իրեն հետ էին նաեւ Աւետիս կաթողիկոս եւ ուրիշ երկու եպիսկոպոսներ։ Բազմութեան զառի վայր էջքը կը գրաւէ Խանին ուշադրութիւնը կը կարծէ ի սկզբան, թէ թշնամու բանակ մըն է եւ փութով կը վերադառնայ բերդ. բայց կը տեղեկանայ քիչ յետոյ, թէ Մեխլու վարդապետն է եկողը, իր հետեւորդներու հետ։ Մեխլուի նպատակն էր հաւանօրէն Ամիրգունայ Խանին թոյլտուութիւնն ալ ստանալ իւր «քարոզութեան» համար։ Կը ներկայանայ բազմութեան հետ Խանին։ Կը հարցնէ Խանը. - «Զի՞նչ է լաշկարդ այդ՝ ո՞ւր գնաս դոքօք՝ ի պատերա՞զմ. Վա՞ն թէ, Արզրում։ Ասէ Մեխլուն. - Ոչ ուրեք գնամ, այլ զի ես քարոզեմ՝ զճշմարտութիւն, վասն այնորիկ շրջին դոքա ընդ իս»։ Կը հետաքրքրուի Խանը Մեխլուի քարոզութեամբ՝ կը բանայ սա իւր Ժողովածու գիրքը եւ կը կարդայ. «Մի ստանայք մի՛ ոսկի եւ մի արծաթ»։ Կ՚ակնարկէ Խանը Աւետիս կաթողիկոսին իւր կարծիքն յայտնել. Աւետիս յառաջ կը բերէ Աւետարանին խօսքերը. «Յարիցեն սուտ Քրիստոսք…»։

/81/ Թէ բանդագուշող մը եւ վտանգաւոր ամբոխավար մը իւր առջեւն ունէր Ամիրգունայ Խան, ամէն կասկածէ վեր էր։ Կը հրամայէ կենդանւոյն աւազան նետել զանիկա եւ ջրախեղդ ընել։ Կաթողիկոսին բարեխօսութեամբ միայն կը հանուի Մեխլու կիսահեղձ, պայմանաւ որ հեռանայ պարսկական սահմանէն։ Յուղարկաւոր գունդով «վարեցին զնա մինչեւ ի Նիգ գաւառ, եւ գնաց մինչեւ ցԱրզրում. եւ ասէր գնամ յԵրուսաղէմ» ապաշխարելու իւր յիմարութիւնները։ Իր ետեւէն կը հասնին ի Կարին Կեղեցի Պօղոս վարդապետին ազդարարական թղթեր. «եւ նա կալեալ զնա՝ էառ զվեղարն եւ զփիլոնն» (Զաք. 53)։ Հասնելով Երուսաղէմ՝ «եւ անդ շատ ոք գանգատէր էին Գրիգոր եպիսկոպոսին յԵրուսաղէմայ, եւ նա ի շղթայս էր եդեալ եւ ի բանդի արկեալ, զի տացէ ի ձեռս պարոնին։ Նա ուխտական տոլվաթաւորքն բազում աղաչանօք հազիւ զերծուցեր էին ի ձեռանէ Գրիգոր եպիսկոպոսին եւ եկեալ էր ի Հալապ»։ Անկէ Սաֆար Բաբերդցի բերած է զինքը Ամիթ «եւ անտի ի յետ անյայտ եղեւ եւ ոչ ոք գիտաց թէ ո՞ւր գնաց» (Դարանաղցի, 472)։

Մեխլու անկեալ ժամանակի տխեղծ ծնունդն էր։ Վիրաւորուած իր անձին դէմ տածուած արհամարհոտ վերաբերմունքէն, ամբարտաւաճած իւր «ճարտասան» լեզուէն եւ «գիտութենէն», քաջալերուած տգէտ ամբոխին ծափահարութիւններէն, թերեւս նաեւ զայթակղած ժամանակակից աբեղաներու /82/ կենցաղասէր եւ ընչաքաղց բարքէն, ուզեց վրէժ լուծել, խաբեպատիր արտաքնով, ամբոխավար քարոզներով եւ բիրտ ուժով բարքերու վերանորոգիչ դուրս գալ։ Խթանեցին զինքը նաեւ Մելքիսեդեկի հակառակորդները։ Ծպտեալ արտաքինը եւ ժողովուրդին հաճելի քարոզները շարժեցին տգէտ, թերեւս նաեւ չափամոլ ամբոխը՝ խուժելու իր ետեւէն, մեծարելու իր մէջ նոր Մեսիա մը, նորոգիչ մը։ Ժամանակն ընդունակ էր ամէն արտասովոք երեւոյթի, բարւոյ եւ չարի։ Մեծ Անապատի ճգնաւորներու համբաւը շահագործեց Մեխլու՝ ձգելու խուժանը իւր ետեւէն։ Աւետիս կաթողիկոսի աչալուրջ ընթացքը, անշուշտ ըստ հրահանգաց Մեծ Անապատի վարդապետներու, առջեւն առաւ վտանգաւոր երեւոյթին, որ կարող էր ծանր հետեւութիւնները տալ։ Աղանդաւոր մը չենք կարող նկատել յանձին Մեխլուի եւ ոչ վերանորոգիչ մը. բայց էր տգէտ բանդագուշող մը։

Ժամանակի նկատմամբ ունինք հետեւեալ կռուանները:

1. Յովհ. կաթողիկոս Աղուանից։ Կը գրէր Զաքարիա Սարկաւագ թէ Մեխլու երեւցաւ Յովհաննէս կաթողիկոսի օրով, անորով մտաւ յաշակերտութիւն եւ առաւ աւագ սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը։

Յովհաննէս կաթողիկոս յաջորդած էր Սիմէոնի (1596—1606)։ Յովհաննու ընտրութեան հաստատագիրն Շահ–Աբասէն տրուած /83/ է 1606 Մարտ 17ին [72]. եղբօրորդին էր Գրիգոր կաթողիկոսին, կը յիշուի 1615ին հետեւեալ յիշատակարանին մէջ. «Կաման Աստուծոյ ես Եղիայ էրեցս, որդի իմ տէր Միլիքսեթ նորոգել տուինք զսուրբ Աւետարանս ի յերկիրս Մաղայոզ, ի գիւղն Արտաշիպի թագաւորութիւն Շահ Ապազին, հայրապետութիւն տեառն մերոյ Յովհաննէս կաթուղիկոսին. թվ: Հայոց ՌԿԴ» [73] ։ Ուրիշ գրիշ մը՝ Եսայի կ՚օրինակէ Սաղմոսարան մը «ի յերկիրս Տայուշ, ի գիւղս որ կոչի Թաւուշ… ի կաթողիկոսութեան տեառն տէր Յոհանիսի… ի թուականութիւն ՌՀԹ» (1630, տպ. ՌՀԻ) [74] ։

Գանձակի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին կը կառուցուի 1633ին. արձանագրութիւնն է, «Ի ժամանակն Ովանէս կաթուղիկոսի թվին ՌՁԲ ամի շինեցաւ սուրբ Ովանէս եկեղեցին [75] ։ Հաւանօրէն իրենն է նաեւ արձանագրութիւնս, «Այս է աջ սրբոյն Գրիգորիսի Աղուանից կաթուղիկոսին՝ թոռին սրբոյ Լուսաւորչին. նորոգող սորա տէր Յովհաննէս որդի Տաւութին, թոռն Պաղտասարին, որ է որդի Մէհրապ պէկին, տեառն Խաչենոյ. թվ. ՌՀ» [76] ։

Վախճանեցաւ Յովհաննէս կաթողիկոս /84/ իբր 1634ին։ Յիշատակագիր մը կը գրէ. «Գրեցաւ Ս. Աւետարանս ի դառն եւ ի նեղ ժամանակիս... ի յերկիրս Վերին Զակամ, ի գիւղս որ կոչի Շաքարպէկ, ձեռամբ… Յովհաննէս երիցոյ... ի Հայրապետութեան սուրբ յաթոռոյն Էջմիածնայ տեառն տէր Մովսէսին, որ կրկին լուսաւորեաց զՀայաստան աշխարհս եւ յայսմ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս, հայրապետութիւն Աղուանից տէր Յովհաննէսին որ մատնաւ ի ձեռն պարսիկ ազգին. տարան՝ ի դուռն Շահի. վերջն Աստուած գիտէ. եւ եպիսկոպոսութեան պարոնտէր Բարսեղին, ի թուականին Հայոց ՌՁԲ. ի ժամանակս Շահ Սեֆուն» (տպ. Շահբասին) [77] ։

Իր յաջորդն՝ Գրիգոր ընտրութեան հաստատագիրն ընդունեցաւ Շահ–Սեֆիէն 1635 Յունուար 1ին [78] ։

Մեխլու կաթողիկոսարանի Դպրատունը մտած պիտի ըլլայ 1606էն ետքը։

2 - Կը գրէ Դարանաղցի թէ Սարգիս եպ., Կիրակոս Տրապիզոնցի, Մովսէս եւ Պօղոս վարդապետները Մեխլուի դէմ թղթեր գրած են։ Այս կարող էր տեղի ունեցած ըլլալ 1614-1620 տարիներուն, որովհետեւ Մովսէս Սիւնիք վերադարձաւ 1613ի վերջերը, իսկ Սարգիս եւ Կիրակոս վախճանեցան 1620ին։

/85/ 3. Աւետիս կաթողիկոս Երուսաղէմէն վերադարձա 1613ի վերջերը. իսկ Հայաստանէն անցաւ Վրաստան 1620ին, ուր եւ վախճանեցաւ։ Իր պատահումն Մխլոյին Երեւան կ՚իյնայ 1614–1619 տարիներուն։

4. Մարախի սարսափը, որ 1615–1621 տարիներուն կը ճարակէր, Երեւանի նահանգին մէջ յատկապէս 1618ին, կը թելադրէ Մեխլուի երեւումը 1617-1618 տարիներու մէջ զետեղել [79] ։

11. ՄՈՎՍԷՍ՝ ՔԱՐՈԶԻՉ

Վերին Հայաստան, ուր պիտի ըլլար Մովսէս վարդապետի առաքելական գործունէութեան ասպարէզը, բազմօք խախտած էին հին կարգերը. լռած էր աւետարանական քարոզութիւնը. վանքերը ամայացած էին, եկեղեցիները շատ տեղեր լքուած, եկեղեցականութիւնը զուրկ էր պատշաճաւոր կրթութենէ եւ կ՚ապրէր սանձարձակ, մուտ գտած էին ժողովրդեան մէջ ալ եկեղեցական կանոններու հակառակ զեղծումներ։ Առաքել Դաւրիժեցի լալով կը նկարագրէ երկրին եւ եկեղեցւոյ տխուր պայմանները։ Բաւական է /86/ արձանագրել հոս ինչ որ կը գրէ 1650ին յիշատակագիր մը [80].

«Ընդ այս ժամանակս բնաւին բարձեալ էր վարդապետի անուն յարեւելեան աշխարհէ. բայց եթէ կային եպիսկոպոսք՝ էին արժանի բամբասանաց, գնալով արտաքոյ կրօնից իւրեանց: Վասն որոյ բնաւին խոպանացեալ էին մարդիկ ի գիտութենէ եւ ի գործոց. իսկ առաքելաշնորհ այրս այս Մովսէս, իբրեւ էարկ սերմն կենաց ի տունս արեւելեան, իսկոյն արմատացաւ, աճեաց եւ ետ պտուղ բազմապատիկ... »։

Թէպէտ ժողովուրդը յօժարութեամբ կ՚ունկնդրէր քարոզչին եւ կը հետեւէր անոր խրատներուն, բայց «եպիսկոպոսք գաւառաց եւ աբեղայք վանօրէից ոչ հաճէին ի քարոզութիւնն Մովսիսի», վասն զի Մովսէս վարդապետ ինչպէս ինքը մերկ էր ամէն աշխարհիկ իրերէ եւ կապրէր «պահօք եւ սրբութեամբ եւ կրօնաւորական վարուք ըստ հրամանաց գրոց», նոյնպէս կը քարոզէր, թէ պէտք է ըլլան բոլոր վանականներն ու եկեղեցականները. իսկ անոնք «անգոսնեալ զբանս նորա՝ ոչ ընկալան» (Առ. 288)։

«Վանօրէից աբեղայքն, - կը գրէ Դարանաղցի, - որ ամէնքն առ հասարակ սուտ եպիսկոպոսք էին եղեալ վասն միմեանց նախանձու եւ ոչ վասն այլ իրիք՝ ի սուտ անուն կա/87/թողիկոսացն, եւ թողեալ էին զլուսազարդ վանորայսն, սփռեալ էին ի դեղորայան եւ անդեայք եւ այգիք եւ բուրաստանք եւ հօտք խաշանց եւ արջառոց բազմութիւնս ստացեալ էին եւ եղեալ էին իբրեւ զմի ի մեծատանց աշխարհականացն եւ կալեալ էին ի կանանց տանտիկնայս ի վարձու եւ զանուանքն հացթուխ էին եդեալ», եւ զայս ամենայն անկարգութիւնս, զոր գրեցի ի վերոյ, ես ինձէն ականատես իսկ եղէ... Զայս ամենայն, զոր ասացի եւ գրեցի, մին մին խափանե լ ջանայր (Մովսէս) եւ հանել բռնութեամբ ի գեղորէիցն եւ յափշտակել տայր բռնաւորացն զարտ եւ զայգիս նոցա եւ զամենայն կալուածս եւ զտունս նոցա յաւարի տայր առնել եւ զիւրեանքն բնութեամբ բերէր ի կարգս խստակրօնս մուծանէր։ Եւ շատք ոմանք ի կաթողիկոս Մելքին ապաւինելով ոչ կամէին ելանել ի տեղոջէ իւրեանց եւ ի կալուածոցն հրաժարել։ Տակաւին վարդապետ գոլով առնէր զայս (Մովսէս)» (էջ - 296–297)։

Մովսէս իրեն եռանդուն օգնական գտաւ յանձին Պօղոս Վ. Մոկացւոյ, որ իրմէ յառաջ արդէն կը շրջէր քարոզութեամբ եւ շինարարութեամբ. զինքը տեսանք 1615ին, որ եկած էր ի նաւակատիս Եկեղեցւոյ։ Առաքել Դաւրիժեցի (291) կը գրէ. «Իսկ երկոքին վարդապետքն՝ Մովսէս եւ Պօղոս եղեն իրերաց ընկերք իբրեւ զսուրբ առաքեալսն Պե/88/տրոս եւ Պօղոս, լեալք ամոլք հաւատոյ՝ շրջեցան յամենայն գաւառս՝ արեւելեայ աշխարհիս, քարոզէին ամենեցուն զճշմարտութիւն, շինէին զեկեղեցիս, կարգէին քահանայս, հաստատէին դպրոցս, ուսուցանէին մանկունս, վասն զի առաքելաբար շրջէին հետիոտս գնալով, ոչինչ առնուին յումեքէ, այլ միայն զկերակուրս, եւ զբոլոր շաբաթն պահէին»։

Անոնք կը քարոզէին պարզ կեանք, աստուածադիր պատուիրաններու եւ եկեղեցական կանոններու հպատակութիւն, կը ձաղէին ամէն զեղծում եւ երկրապաշտ կենցաղ։ Կը կանգնէին եկեղեցիներ, կը նորոգէին աւերակ տաճարները, կը հաստատէին հոն ժամասացութիւն, կը բանային դպրոցներ, կը հաւաքէին աշակերտութիւն եւ անձամբ կամ իրենց ձեռքի տակ կրթուած ուսուցչութեամբ կ՚ուսուցանէին մանկանց։ Կը դասաւանդուէր կանոնաւոր ժամակարգութեան եւ ժամասացութեան կերպը. լռութեան մատնուած տաճարները կը սկսէին միւսանգամ՝ թնդալ սաղմոսերգութեամբ։ Գրքերը, որոնք փակուած էին երկար տարիներէ ի վեր, կը բացուէին, կը մեկնուէին եւ դաստիարակները կ՚ըլլային նոր սերունդին։

Յիշատակագիր մը կ'արձանագրէ այս շրջանէն, ի Դաւրէժ, Հարանց վարքի վերջը. «Բայց գոհանամ զԱստուծոյ, որ այսպիսի ժամանակիս Անապատ հաստատեցաւ եւ եր/89/ կու մեծ վարդապետ աստուածակոյս կողմանէ ետ մեզ Աստուած՝ Մովսէս եւ Պօղոս, որ խիստ յօժար եւ փափաք էին եկեղեցի շինելն, դպրատուն հաստատելն եւ ուսուցանելն... եւ հոգեւոր հայրն իմ, Ագուլիս դպրատուն շինեաց եւ յիսունեւեօթնէն աւելի մանկունք կու գային, եւ նոցա ուսուցանողն Տէր Անդրէաս պատուական քահանայն» [81] ։

Այս տէր Անդրէասն է, որ 1617, Նոյ. 18ին, նահատակուեցաւ յԱգուլիս։ Երբ Շահաբաս եկած էր Ագուլիս, տէր Անդրէաս ի յարգանս շահին հանած էր իւր դպրատան աշակերտները փողոց. Շահը նկատելով որ «ածիլեալ են կուլակք մանկանցն», կը համարի թէ իրեն անհաճոյ ընծայելու համար զանոնք, այսպէս ածիլած են [82]. կը հրամայէ երեւան հանել ածիլել տուողը։ Տէր Անդրէաս ինք զինքը կամբաստանէ եւ կը նահատակուի։ Հազիւ երեք կամ չորս ամիս անցած էր դէպքիս վրայ, երբ կրկին խօսք կ՚ըլլայ Շահ Աբասի ներկայութեան այս խնդրի մասին։ Ագուլեցի մահմեդական մը՝ Շահռուզ բէկ [83] կը պատմէ /90/ Շահին թէ մանկանց կուլակը տէր Անդրէաս ածիլած էր ոչ թե սեպհական կամքով, այլ «խրատելով վերակացուին իւրոյ», եւ յանուանէ կը յիշէ Մովսէս վարդապետը. «նա է օրէնուսոյց եւ դաստիարակ տէր Անդրէասին» (Առ. 361)։ Ասոր վրայ հրաման կ՚արձակէ Շաբ Աբաս՝ երթալ գտնել վարդապետը եւ «կապանօք ածել» առ ինքն։ «Եւ զօրականացն գնացեալ կալան զՄովսէս վարդապետն, ընդ նմին եւ զՊօղոս վարդապետն, եւ եդին զօղամանեակ զուգեալ ի փայտից ի պարանոցս նոցա եւ երկաթ ոտնակապ յոտս նոցա, յաւուրս ցրտութեան ձմերայնոյ, եւ բերին զերկոսեան վարդապետսն ի բանակն շահին»։ Շահը ի սկզբան կը խորհէր երկուքն ալ նահատակել, բայց ապա նախընտրեց տուգանքի ենթարկել զանոնք, համարելով թէ այս կերպով «լինի աւելի օգուտ մեզ եւ վաս նոցա»։ Տուգանքի քանակը նշանակած էր 500 թուման, բայց յետոյ բարեխօսութեամբ իւր նախարարներուն իջեցուց 300 թումանի։ «Անկար եւ չքաւոր» վարդապետներուն տրուեցաւ իրաւունք զինուորներու հսկողութեան տակ հանգանակելու այս գումարը։ Շնորհիւ բարի համբաւին զոր կը վայելէին վարդապետները ժողովրդեան քով, դժուարին չեղաւ հաւաքելու պահանջուած գումարն եւ աւելին, հարուստ եւ աղքատ, անոնց մէջ նաեւ բարեպաշտ կանայք «անխնայաբար թափէին զինչս եւ զողորմութիւնս /91/ առաջի վարդապետացն»։ Հանգանակութեան արդիւնքը եղաւ 700 թուման. որով ոչ միայն տուգանքն եւ անոր հետ կապուած ծախքերը վճարեցին, այլ եւ մնացեալ մասով «բազում՝ գերին եւ բանտարկեալք եւ դատապարտեալք ազատեցան»։ Այսպէս Մովսէս եւ Պօղոս վարդապետները փրկեցին իրենց գլուխը եւ վերադարձան ողջամբ Անապատ, փառք տալով Աստուծոյ։ Իսկ Շահռուզ սպանուեցաւ Շահին հրամանով (Դաւրիժ. 361–363

1619ին Մեծ Անապատն էր Մովսէս. այս թուին Խաչատուր քահանայ կ՚օրինակէ Աւետարան մը «ի յերկիրս Մաջանջուխու, ի գիւղս Տանձաւէր» «ընդ հովանեա Ս. Ստեփանոսի ի սուրբ ուխտս Ստաթէի առաքելոյ» [84], երբ հոն կը գտնուէր երջանիկ րաբունապետն տէր Մովսէս «նմանեալ սրբոյն անյաղթ եւ քաջ քերթողին Մովսէսի»։

Քաջարի քարոզիչները թէպէտ գտած էին ժողովրդականութիւն, բայց ունէին իրենց դէմ շատերը, «արք անուանիք, եկեղեցականք եւ աշխարհականք», որոնք ոչ միայն չընդունեցան անոնց քարոզութիւնը, այլ եւ կ՚աշխատէին ամէն կերպ լռեցնել զանոնք. անոնց թուին մէջ էին Մելքիսեդեկ կաթողիկոս եւ /92/ անոր եղբօրորդին՝ Սահակ եպիսկոպոս Գառնեցի։ Յաջողեցան հեռացնել հրապարակէն Պօղոս վարդապետը, որ ստիպուեցաւ առանձնանալ Անապատ (Դաւր. 283, 293), ուր եւ վախճանեցաւ 1620ին (Դաւր. 283)։ Նոյն տարւոյն վախճանեցաւ նաեւ Սարգիս պարոնտէր (Դաւր. 260)։ Հեռացան Մեծ Անապատէն Ներսէս Մոկացի, որ Լիմի մէջ նոր վանք մը բացաւ. իսկ Թումա եպիսկոպոս Տ. Կիրակոսին հետ գնաց «յերկիրն Քշտաղս մերձ ի գեօղն Հոչանց»: Հոն ալ փոխեցաւ յաստեացս Տ. Կիրակոս՝ 1621ին (Դաւր. 260). իսկ Դաւիթ եպիսկոպոսի մահը պատահեցաւ 1643ին Չարեքի անապատին մէջ. տապանագիրն է (Կոստանեանց՝ Վիմական Տարեգիրք, 183).

 

ԱՅՍ Է ՀԱՆԳԻՍՏ

ԴԱՒԻԹ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

ԹՈՒԻՆ ՌՂԲ

 

Առանձին մնաց Մովսէս։

Հակառակորդներն «այնքան նեղ արկին զնա եւս, մինչ որ ինքն Մովսէս վարդապետն զիւր փիլոնն եւ զգաւազանն եւ զխալիչէն առաքեաց առ Մելքիսեթ կաթողիկոսն ասելով. Որովհետեւ ոչ կամիս զքարոզութիւնն մեր, ահաւասիկ ա՛ռ ի քեզ զիշխանութիւնն մեր եւ մեք լռեալ դադարեմք ի քարոզելոյ՝ եւ ընդ այդ թէ իցեն մեղք ինչ՝ դու տացես զպատասխանի Աստուծոյ» (Դաւր։ 293)։ Ինչպէս Զաքարիա Սարկաւագ լսած է, Մել/93/քիսեդեկի եւ իր շուրջը գտնուողներու պահանջն էր, որ Մովսէս հեռանայ առ հասարակ Հայաստանէն. «Ե՛լ յայսմ աշխարհէ եւ գնա' աստի ուր եւ կամիս» . 53)։

12. ՄՈՎՍԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՐԵՒԱՆ

Կաթողիկոսը թէպէտ վերադարձուց Մովսէսին սպասները, բայց չդադրեցաւ յարուցանել անոր առջեւ դժուարութիւններ։

Տաղտկացած այս հալածանքներէ կ'որոշէ Մովսէս անցնիլ արեւմուտք (Օսմանեան բաժին) եւ հոն շարունակել իւր քարոզչական գործունէութիւնը։ Այս դիտաւորութեամբ ալ հասաւ Երեւան, անցնելու անկէ Կարսի ճանապարհով Կարին (Առ. 293/94)։

Դրութիւնը նաեւ հոս չգտաւ մխիթարական։ Կը գրէ Ղ. Գառնեցի թէ Մովսէս Սիսական աշխարհէն եկաւ «յերկիրս Արարատեան. եւ տեսանէր խանգարեալ եւ եղծեալ զկարգս եւ զսահմանս եկեղեցոյ ի հերատուկ եւ ի մեղմեխ առաջնորդաց ժամանակիս, եւ թաղծեալ տրտմէր եւ հոգայր, թէ զիարդ լիցի հնար նորոգման եւ պայծառութեան սուրբ հաւատոյ, կարգաց եւ կրօնից։ Եւ սկսաւ մեծաւ աշխատութեամբ եւ բազում ջանիւ խրատել եւ ուսուցանել զեկեղեցականս եւ զաշխարհականս»։

Այս միջոցին Արարատեան աշխարհին կուսակալն էր Ամիրգունայ խան, հայասէր եւ պատուական անձնաւորութիւն մը, որ կին /94/ առած էր հայուհի մը։ Բարեդէպ առիթ մը կը ծանօթացնէ զՄովսէս Խանին հետ։

Կը պատմ է Զաքարիա Սարկաւագ (էջ 53—55), թէ Մովսէս, երբ Երեւան էր գտնուէր, կը քարոզէր ի Ձորագեղ, մերձ ի բերդն Երեւանայ։ Օր մը քարոզին նիւթ կընէ բնաբանս. «Կին եթէ ելցէ յառնէ իւրմէ՝ եւ առցէ այլ՝ շնայ»։ Քարոզին ներկայ կը գտնուէր Յովհաննէս անուն մէկուն կինը Աճափխան, որուն քոյրը՝ կինն էր Ամիրգունա խանին [85] ։ Սա գժտած էր իր ամուսնոյն հետ. թէպէտ քահանաներն, նոյն իսկ Ամիրգունա խանը յորդորած էին, որ հաշտուի ամուսնոյն հետ, բայց օգուտ չէր ըրած։ Մովսէս վարդապետի խօսքերը սակայն խորապէս կազդեն իր վրայ. կը զղջայ եւ կը զգաստանայ։ Աճափխանի վրայ տեսնուած այս փոփոխութիւնը զարմանք կը պատճառէ Խանին, եւ երբ կը հարցն է պատճառը եւ է իմանայ թէ վարդապետին խրատները հաշտեցուցած են զանիկա ամուսնոյն հետ, փափագ կը յայտնէ ծանօթանալ Մովսէս վարդապետին հետ։ Այս առաջին տեսակցութիւնը կը հաստատէ Խանին եւ Վարդապետին մէջ բարեկամական յարաբերութիւն։

/95/ Ծանօթանալով Խանը ի մերձուստ Վարդապետին ազնիւ հոգւոյն եւ բարձր Հանճարին հետ, սիրեց զանիկա. խնդրեց որ հրաժարի երկրէն հեռանալու խորհուրդէն։

Գրիգոր Դարանաղցի, որ Մովսէս վարդապետի Երեւան գալու պատճառը անոր եւ Պօղոս վարդապետի դէմ եղած ամբաստանութեան մը կը վերագրէ, որուն համար Ամիրգունայ խան զանոնք Երեւան բերել կու տայ, հոն մնալու մասին կը գրէ. «Եւ զՄօսէս վարդապետն խնդրեցին Երեւանու տօլվաթաւորքն ի Խանէն՝ չթողուցու գնալ Անապատին, այլ կալով առ նոսա՝ օրինակ բարեաց լինելով նոցա, տեսականաւն եւ գործնականան մխիթարել զնոսա։ Եւ հրամայեաց նմա ամենայն զխնդիրս ժողովրդոյն կատարել եւ մնալ. եւ եղեւ սկիզբն մեծանալոյն Մօսէսին մեծի տեառն» (էջ 290)։

Ամիրգունայ խան ցոյց տուաւ իրեն Կաթողիկէ Եկեղեցին [86], ուր կրնար կատարել ժամասացութիւնն եւ պատարագը։ Երեք տարի մնաց հոս Մովսէս վարդապետ։ «Եւ օր աւուր գայր Խանն եւ տեսանէր զպատարագն եւ զայլ արարողութիւնս ժամակար/96/գութեանն, եւ խօսէր ընդ նմա երբեմն ի պատճառս իմաստութեան եւ երբեմն ի պատճառս հաւատոյ եւ լսէր զպատասխանիս Վարդապետին՝ ախորժ եւ համեղ եւ լի շնորհօքն Աստուծոյ. եւ վասն պարկեշտ վարուց նորա սիրեաց զնա» (Դաւր. 294)։.

Երեւանի հիւսիսային կողմը, այգեստաններու մէջ կար հին ժամանակներէ ի վեր մատուռ մը «ի վերայ դամբարանի սրբոյ առաքելոյն Անանիայի», որ աւերակ էր եւ անմարդաբնակ։ Խանը ինքնաբերաբար առաջարկեց Վարդապետին, որ նորոգէ զայն, շինէ շուրջը խցիկներ եւ այլ կարեւոր շինուածքներ եւ հաստատէ հոն իւր բնակութիւնը։ «Արդ լուր ինձ եւ մի գնար այլ աշխարհ, այլ արա զսա քեզ բնակութիւն եւ դադարեա աստէն, զի իրերաց մերձակայութեամբ եւ տեսութեամբ մխիթարեսցուք»։ Նոյնպէս կ'աղաչէին նաեւ քաղաքացիներին եւ վաճառականները։ Առաջարկութեան կը հաւանի վարդապետը եւ կը ձեռնարկէ նպաստաւորութեամբ ժողովրդեան եւ վաճառականները նորոգել եկեղեցին եւ լինել առընթեր «խուցեր, ժամատուն, սարաւութ եւ զայլ տունս յոլով» եւ շուրջանակի պարիսպ։ «Եւ կատարեալ զամենայն շինուածսն՝ բնակեցաւ անդէն վարդապետն իւրովք միաբանօքն՝ կարգաւն եւ սահմանաւն այն, զոր կարգեցին ի մեծ Անապատն։ Առ որ ժողովեցան միաբանք բազումք, միայնակեացք եւ գրոց /97/ աշակերտք իմաստունք եւ սրբակեացք, կային ի միասին մեծք եւ փոքերք, սիրով հանդարտացեալք ի խցի, հանապազօր կանխեալ յաղօթս եւ յընթերցումն սուրբ գրոց» (Դաւր։ 295)։ Այժմեան Ս. Զօրաւորի Եկեղեցւոյ մասին է խօսքը։

Գեղեցիկ կը նկարագրէ Մովսէս վարդապետի գործունէութիւնը նոր «Անապատիս» մէջ Եսայի Կարճաւանեցի, որ Մովսիսի աշակերտներէն է եւ Անապատիս սաներէն։ Սա 1625 թուին կօրինակէ «Յիսուս որդի» մը «ի դառն եւ ի նեղ ժամանակի, յորում փայլէ վարդապետս մեր տէր Մովսէս քաջ րաբունին յաշխարհէն Սիսակայ, յերկրէն որ կոչի Աճանան, ի գեղջէն Խոտանանու եւ յաթոռոյն Ստաթէի, որ այժմ կոչի Տաթեւ, որ լուսաւորէ զԱզգս Հայկազեան եւ ժողովեալ կրօնաւորական դաս եւ նորոգեաց զվանորայս եւ զանապատս կրկին հաստատեալ պայծառացոյց։ Եւ ապա բազում աշակերտօք գնացեալ յԱյրարատեանն գաւառ, որ եւ անդ տիրեալ էր իշխան ոմն ազգաւ պարսիկ՝ Ամիրգօնայ անուն կոչեցեալ, քաջ եւ արի, հմուտ ի պատերազմ, մինչ զի յահէ նորա, որ չկայր նման նմա։ Թէպէտ կրօնիւք այլազգի էր, սակայն բարեպաշտ եւ երկիւղած էր եւ քրիստոնէասէր, մինչ զի հանդիպել սրբոյս անդ՝ յոյժ փափագանօք ընկալեալ, եւ բազում սիրելութիւնս ցուցեալ եւ տուեալ տեղի մի, որ կոչի Անանիա` առաքեալ, գեղեցիկ եւ վայելուչ ի /98/ մէջ այգեստանեայց. եւ գնացեալ անդ Վարդապետս նորոգեաց, եւ ժողովեալ բազում աշակերտս եւ կրօնաւորս եւ միայնակեացս եւ կարգեաց դպրոցս, այլ եւ բազում կարգս եւ կրօնս հաստատեաց:... Գրեցաւ գիրքս ձեռամբ Եսայեայ սարկաւագի յերկիրն Այրարատեան, ի գաւառն Կոտա(յի)ց, ի մայրաքաղաքն Երեւան, ի դուռն սուրբ ուխտին Անանիա կոչեցեալ, առ ոտս քաջ րաբունւոյն Մովսէսի. որ եւ ծառայ եւ տրուպ աշակերտաց իսկ եմ, յաշխարհէն Սիսակայ, յերկրէն Գուրհամու, գեղջէն որ կոչի Կարճաւան» [87] ։

Առոյգ եւ առաքելական գործունէութեանս համբաւը շուտով տարածուեցաւ «ընդ ծագս աշխարհի»։ Թուրքիայէն եւ Պարսկաստանէն եկող վաճառականները հիացմամբ կը տեսնէին վարդապետին արդիւնալից աշխատանքները եւ կերթային ու կը պատմէին անոր սրբակեաց անձին եւ անխոնջ գոր/99/ծունէութեան մասին (Դաւրիժ. 295)։ Կը պատմէ Դարանաղցի (էջ 291) թէ երբ վախճանեցա Պօղոս վարդապետ (1620) եւ «մնաց միայն տէր Մօսէս վարդապետն եւ յորդորէր զամենեսեան ի կարգս եւ ի կրօնս, ի պահս եւ յաղօթսն՝ զուխտականս եւ զեկեղեցականս եւ աշխարհականս՝ զարս եւ զկանայս, զհեռաւորս եւ զմերձաւորս եւ զամենայն արեւելեայսն։ Եւ ել հռչակ նորա ընդ ամենայն աշխարհէն Հայոց. եւ երթային յամենայն կողմանց եւ յարանց եւ ի կանանց եւ յեպիսկոպոսաց, յաբեղայից եւ յերիցանց նաեւ ի վարդապետաց ոմանք կերպափոխեալ զինքեանս գային մտանէին ի կարգ կրօնաւորացն ծածկաբար, որպէս Ներսէս Վանեցին արար»։

Մելքիսեդեկ կաթողիկոս եւ իւրայինները թէպէտ կը տեսնէին այս ամէնը եւ կը կրճտէին ատամները, բայց չէին կրնար խոչընդոտն յարուցանել, որովհետեւ կանգնած էր վարդապետին Խանը պաշտպան։

13. ՄՈՎՍԷՍ՝ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Երբ համոզուեցան Մովսիսի հակառակորդները, թէ պիտի չկարենան խափանել անոր գործունէութիւնը, խորհեցան այժմ շահագործել անոր Վարդապետի համբաւը։

Կաթողիկոսի սնանկացած քսակին դրամ էր հարկաւոր. կը յուսային թէ առաջիկայ մեռոնօրհնէքը եթէ Մովսէս վարդապետի ձեռքով կատարուի, մերձակայ եւ հեռաւոր /100/ շրջաններէ մեծաթիւ բազմութիւն պիտի խուժէ հանդիսին եւ այսպէս առատ պիտի հոսէ Աթոռին դրամական տուրքը։ Առանց յապաղութեան եպիսկոպոսներէն ոմանք կը յայտնեն կաթողիկոսի փափագը Մովսէս վարդապետին։ Բայց կը մերժէ Վարդապետը իրեն ներկայացուած խնդիրը, առարկելով թէ «Ես ոչ ունիմ զաստիճան եպիսկոպոսութեան, ո'չ է այդ իմ գործ, այլ այնոցիկ որ եպիսկոպոսք են»։ Արգելքը դիւրին էր բառնալ։ Կաթողիկոսը պատրաստ ընծայեց ինք զինքը տալու անոր եպիսկոպոսական աստիճան։ Մովսէս թէպէտ ի սկզբան առ խոնարհութեան չուզեց յանձն առնել ձեռնադրութիւնը, բայց ապա զիջաւ աշակերտներուն եւ ժողովրդեան խնդրանքին վրայ, տալու իր հաւանութիւնը։ Մելքիսեդեկ եկաւ իւր շուքովը Ս. Անանիայի անապատը, եւ բաշխեց վարդապետին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Աւագ երկուշաբթի (Առ. 296. տարին չէ նշանակուած) [88] ։

Աւագ Հինգշաբթի օրը, ի ներկայութեան մեծ բազմութեան կատարեց Մովսէս եպիսկոպոս Ս. Միւռոնի օրէնութիւնը։

Ջուղայեցի վաճառականները, որոնք ներկայ գտնուած էին արարողութեան, հիացմամբ պատմեցին ի Նոր Ջուղայ իրենց տպաւորութիւններէն։ Ջուղայեցիք, որոնք լսած /101/ էին արդէն Մովսէս վարդապետի բարի համբաւը, այժմ վառեցան փափագով իրենց աչքով տեսնել Սրբազանը եւ անոր օրհնութեան արժանանալ։ Ուղարկեցին պատգամաւորութիւն մը, հրավիրելու Մովսէս եպիսկոպոսը Նոր-Ջուղայ։ Նաեւ խոջայ Նազար հրահանգ տուաւ իր որդւոյն, որ Ատրպատական կը գտնուէր, որ երթայ եւ անձամբ ներկայացնէ Ջուղայեցիներու փափագը նորընծայ եպիսկոպոսին։ Մովսէս ընդունեցաւ հրաւէրը. գնաց Սպահան, շրջեցաւ հայ գաղթավայրերը եւ ամրապնդեց ժողովուրդը կենդանի խօսքերով հաւատքի մէջ եւ մխիթարեց. «կացեալ անդէն ժամանակս ինչ մեծաւ փառօք փառաւորեալ ի նոցունց» դարձա Երեւան։

  Կարծեցին Մելքիսեդեկ եւ իր համախոհները, թէ Մովսէս մեծ գումարով վերադարձաւ Սպահանէն եւ ուզեցին բաժնեկից ըլլալ։ Ներկայացուցին Խանին պարտամուրհակ մը, ուր գրուած էր. «Ես Մովսէս վարդապետս տալու եմ Մելքիսեթ կաթուղիկոսին զհարիւր թուման. գնամ Ասպահան եւ անտի եկեալ տամ»։ Բնականաբար անծանօթ էր Մովսէսի այսպիսի պարտամուրհակ։ Որչափ ալ աշխատեցաւ խայտառակել կեղծիքը, բայց հակառակ կողման պնդումներուն վրայ ձգձգուեցաւ խնդիրը երկու ամիս, եւ ահա, երբ հաւաքուած էին երկու կողմերը դատի՝ Խանի ներկայութեան, ելաւ մէջ տեղ Սահակ եպիսկոպոս, եղբօրորդին Մելքիսեդեկի եւ /102/ յայտարարեց թէ «Թուղթդ այդ բնաւին սուտ է, զի ոչ իմ հօրեղբայր Մելքիսեթ կաթուղիկոսն գիտէ եւ ոչ ես, այլ ես գիտեմ զի Համազասպ (Հաւուցթառայ) եպիսկոպոսն է արարեալ զայդ նենգութիւնդ»։ Թէ որքան ուղիղ էր կեղծիքն Հաւուցթառի եպիսկոպոսին վերագրելը, որ Մելքիսեդեկի հակառակորդներէն էր, չի հետաքրքրեր զմեզ, բայց Ամիրգունա խան եւ Մովսիսի բոլոր բարեկամները գոհութիւն տուին Աստուծոյ, որ ազատեցաւ «անպարտն ի ձեռաց զրպարտողաց» (Դաւր. 298)։

Մովսէսի երթն յԱսպահան եւ վերադարձը պէտք է տեղի ունեցած ըլլայ 1624ին: Էջմիածնի Թ. 960 Մաշտոցը 1624ին կիյնայ Ջուղայեցի Շապանի եւ որդւոց ձեռքը, որոնք կը նուիրեն զայն իբրեւ յիշատակ «ի ձեռն հոգեւոր հաւրն մերոյ Մովսէս վարդապետին» (թղ. 2բ), ի Ջուղա՞յ։

Բախտը, որ սկսած էր ժպտիլ Վարդապետին, ընծայեց իրեն նոր առիթ աւելի անարգել ընթանալու իւր ճանապարհին վրայ։

Հաւանօրէն այս միջոցին պէտք է զետեղել այն առաջարկը, զոր ըրաւ Մելքիսեդեկ Մովսէս եպիսկոպոսին, եւ որուն մասին կը պատմէ Դաւրիժեցի (225)։ Երբ պարտքերը բազմացած էին եւ Մելքիսեդեկ անհնարին կը տեսնէր դուրս գալ անտանելի կացութենէն՝ կը խորհի փոխանցել իշխանութիւնը պարտքերուն հետ Մովսէս վարդապետին. կ՚առա/103/ջարկէ իրեն. «Ահա ազգս Հայոց մեծ եւ փոքր երես դարձուցին յինէն եւ զքեզ սիրեն եւ ընդունին, եւ մանաւանդ զի ծերացեալ եմ եւ հարկն արքունի պարտք եղեւ եւ բազմացաւ ի վերայ իմ. արդ տամ քեզ զսուրբ Աթոռն Էջմիածնի եւ զկաթուղիկոսութիւնն. դու վարեա այսուհետեւ զկաթուղիկոսութիւնն, որպէս եւ եսդ արժանի. եւ ինձ տուր ամ յամէ դարման պիտոյից եւ զմի ի վանօրէիցդ, զի անդ նստայց լռելեայն եւ վճարեցից զծերութիւնս իմ» [89] ։

Առաջարկութիւնը առանց տարակուսի մօտ էր թէ Մովսէս վարդապետի եւ թէ բովանդակ Ազգին սրտին, եւ այս էր ամէնուն ալ վաղեմի խորհուրդը։ Բայց համոզուած չէր Մովսէս բազմահնար ծերին անկեղծութեան, գիտէր թէ պարտքերը շալակելով իր ուսին՝ պիտի կորզէր դարձեալ իշխանութիւնը յինքն։ Այս պատճառաւ ալ «հրաժարելով հրաժարեցաւ» յանձն առնել կաթողիկոսութիւնը այնպիսի աննպաստ պարագաներու մէջ։

Բայց գտնուեցաւ խելակորոյս մը, որ մղուած փառասիրութենէն եւ կուրացած նախանձէն, նետեց ինք զինքը այնպիսի վտանգի մէջ։

/104/ Սահակ Գառնեցի [90], Մելքիսեդեկի եղբօրորդին, վերահասու ըլլալով կաթողիկոսին խորհուրդներուն, զգացուց անոր թէ ինքը պատրաստ է յանձն առնել կաթողիկոսութիւնը. «կաթողիկոսութիւնդ այդ քո է, եթէ առնես դու, յոյժ բարւոք է, արասցես. եւ եթէ ոչ առնես դու, ընդէ՞ր այլոց շնորհես եւ ոչ ինձ, որ եմ ժառանգ եւ որդի քո»։ Նոյն խորհուրդը կու տային նաեւ այլ համակիր «բարեկամներ»։ Սահակի առաջարկին Հաւանեցաւ Մելքիսեդեկ եւ «ի Հրեշտակապետաց Կիրակի օրն» (13 Նոյեմբ։ 1625՞) [91] օծեց /105/ զանիկա Էջմիածնի մէջ աթոռակից [92] ։ Ամիրգունայ Խանը տուաւ իւր հաւանութիւնը: դրեց Մելքիսեդեկ նաեւ Շահին թէ «Ես ծերացեալ եմ եւ ոչ եմք բաւական վարել զիշխանութիւնս. սա իմ որդի է, խնդրեմ զի սմա շնորհեսցես զկաթուղիկոսութիւնն»։

Քիչ յետոյ Սահակ մեկնեցաւ Պարսկաստան ներկայանալու Շահին եւ ստանալու անկէ իւր ընտրութեան հաստատութիւնը։ Մելքիսեդեկ մնաց Էջմիածին։ Պարտատէրները դարձեալ իրմէ կը պահանջէին պարտքերը։ Տաճարին սպասները դրաւ մահմեդականներու քով գրաւի, գոհացնել կարենալու համար պարտատէրները։ Բայց ձեռք բերուած գումարը չբաւեց ամէնուն։ Յուսահատ դրութեանս առջեւ՝ որոշեց Մելքիսեդեկ փախչիլ արտասահման։ Առած հետն երկու եպիսկոպոս՝ 1626-ի գարնանամուտին Կողբի ճանապարհով հասաւ Կարին, անկէ Կ. Պոլսոյ վրայէն անցաւ Լվով–Կամենից, ուր եւ վախճանեցաւ 1627 Մարտ 18ին (Դաւր: 225—228)։

Աւետիս կաթողիկոս վախճանած էր արդէն։ Դաւիթ կենդանի էր դեռ ի Նոր-Ջուղա, իսկ Սահակ կը թափառէր Պարսկաստան։

14. ՄՈՎՍԷՍ՝ ԼՈՒՍԱՐԱՐ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

/106/ 1626ին մօտաւորապէս եկած էր Երեւան Շահ Աբասի նախարարներէն մին՝ Բայանդուր բէկ։ Սա օր մը Ամիրգունա խանին [93] ընկերակցութեամբ շրջան կընէր քաղաքին մէջ: Խանը բերաւ զինքը նաեւ Ս. Անանիայի անապատը, ծանօթացնելու անոր իւր բարեկամ Մովսէս եպիսկոպոսը։ Մովսէս մեծարեց հիւրերը նուիրելով անոնց եօթնական սպիտակ /107/ մոմեր, զորոնք պատրաստած էր ինքը այն արուեստով, զոր սորված էր Երուսաղէմ գտնուած ժամանակ։ Բայինդուր բէկ, որ առաջին անգամ կը տեսնէր սպիտակ մոմ, շատ մեծ հրճուանք զգաց. եւ ըսաւ թէ կը վերապահէ զանոնք Շահին ընծայելու. այս խորհուրդը հաճելի երեւցաւ Խանին, եւ խնդրեց որ իր մոմերն ալ ի միասին ընծայ տանի Շահին։ Մովսէս եպիսկոպոս երբ լսեց այս որոշումը, աւելցուց անոնց վրայ իւր կողմէն ալ ուրիշ եօթը մոմ։ Բայանդուր բէկ վերադարձին ընծայեց Շահին այդ 21 մոմերը, որոնք շատ հաճելի անցան նորին վեհափառութեան եւ հարցուց թէ ի՞նչ ծագում են անոնք, եւ երբ լսեց թէ Մովսէս եպիսկոպոս պատրաստած է զանոնք, հրովարտակ ղրկեց անմիջապէս Երեւանի Խանին, ուր կ՚ըսուէր. «ԶՄովսէս անուամբ վարդապետն, որ բնակի ի քում քաղաքի առ քեւ փութանակի առաքեսցես զնա առ իս, եւ ուր եւ իցեմ՝ ես՝ եկեալ գտցէ զիս» (Դաւր. 298-300)։

Թէ ի՞նչ նպատակով էր հրաւէրս, չէր բացատրուած. պղտոր խորհուրդներ պաշարեցին վարդապետը, բայց եւ այնպէս աներ կիտ եւ անյապաղ ինկաւ ճանապարհ է «գնացեալ եհաս սրբազան հեղինակս ի դուռն արքայի ի ՌՀԵ (1626) ամի». այսպէս ըստ Ղուկաս Գառնեցոյ։ Առաքել կը գրէ, թէ ճանապարհը հանեց զինքը Բաղդատ. «զի անդ էր Շաբ Աբաս թագաւորն, զի կամէր զքա/108/ղաքն Բաղդատ յետ առնուլ Օսմանցւոց, զոր եւ էառ յետ սակաւ աւուրց» [94], որ ուղիղ չէ։ Մովսէս ներկայացա Շաֆին (1626) եւ հարցաքննուեցաւ մոմը սպիտակացնելու արուեստի մասին։

Շահէն հրաման ընդունեցաւ Մովսէս, որ Սպահանի մէջ երեք պարսկի մոմ սպիտակացնելու արուեստը սորվեցնէ։ Ութը ամսին ի գլուխ հանելով հրամանը, իւր աշակերտներու հետ Շահին գնաց, որ ի Ֆահրապատ կը ձմերէր։ Հոն էր Ջուղայեցի Խօջայ Նազարը, «մեծ եւ փառաւոր իշխանը» եւ Մովսէս եպիսկոպոսի վաղեմի մտերիմ բարեկամը։ Նա յանձն առաւ ներկայացնել Շահին Մովսէս եպիսկոպոսը, սպիտակացուցած մոմերն եւ յիշեալ երեք ծառաները, որոնք սորված էին արուեստը։ Շահը շատ գոհ մնաց։ Եւ որովհետեւ այն օրերուն հանդիպեցաւ Յայտնութեան տօնը (6 Յունուար 1627), խորհրդով խոճայ Նազարին կատարեց օրուան հանդէսը մեծ տօնախմբութեամբ, որուն ներկայ էր նաեւ Շահը։ Ղուկաս Գառնեցի կը գրէ. «Ի ջրօրհնէն ինքն իսկ արքայ մեծամեծովք իւրովք եկաց ի վերայ ջրոյն. եւ շնորհօք սրբալոյս Մեռոնին հարեալ արքայն յարտասուս առաջի սուրբ Հօրս»։

/109/ «Զկնի աւուրց, - կը գրէ Առաքել, - ասաց արքայ ընդ Խօջայ Նազարին. Զի՞նչ խնդիր ունի վարդապետն ձեր, զի կատարեսցուք. զգա՞նձ թէ զդաստակերտ, թէ այլ ինչ, զոր ինքն կամի»։ Խօջայ Նազար կը պատասխանէ. «Սա այնպիսի այր է, որ զաշխարհաւ եւ զընչիւք նորին զանց արարեալ է եւ բնաւ մի ոք ի դոցանէ ոչ է կարիք սորա. այլ թէ շնորհ առնես տալ նմա զպարգեւս, զլուսարարութիւն Էջմիածնի տուր. զի անդ սպասաւորելով եկեղեցւոյն այնմիկ աղօթեսցէ վասն կենաց թագաւորին» [95] ։ Շահը շնորհեց խնդիրը մեծ հաճութեամբ (էջ 234 եւ 302)։

Շաբ Աբասի հրովարտակին թարգմանութիւնը կու տայ Շահխաթունեան [96] այսպէս. «Առաջի արարին ինձ՝ թէ ի խաչադաւան հոգեւորականաց ընտրեալ ի լուսարար Էջմիածնայ եւ կառավարիչ հոգեւորական գործոց նորա ըստ քրիստոնէական արարողութեանց՝ որ մաղթէ այժմ յինէն շնորհել յայն պաշտօն զսոյն հրովարտակ. վասն որոյ այսու հրամանագրեմ ընդհանրաբար համայն /110/ պետաց եւ այլոց անձանց, իւրաքանչիւր ումեք ի նոցանէ՝ թողլով նմա ազատարար վարել զնորընկալ պաշտօն իւր. չարգելուլ իւիք նմա, այլ յարգելով եւ օգնելով պահպանել զկողմն նորա: Եւ զի որովհետեւ հաստատեցի զայս հրովարտակ դրոշմամբ կնքոյ իմոյ՝ այնր աղագաւ հաւատալ սմա։ Տուաւ ի ջամադիալ ամսոջ, յամի 1036». կ՚աւելցնէ Շահխաթունեան թէ «յետկոյս հրովարտակին եդեալ զկնիք չորեքին անձինք խորհրդականք՝ վկայեալ են ստուգութեան այնր»։ Հիճրէի 1036, ջումադա Ա. կը համապատասխանէ փրկչական 1627, Յունուար 18-Փետր. 16ին։

Հետաքրքրական է լսել նոյնին բովանդակութիւնը, ինչպէս յառաջ կը բերէ Գրիգոր Դարանաղցի (էջ 294–295), առանց տարակուսի գրի առնուած բերանացի աւանդութենէ «Ես Շահ Ապազս ետու գիր հրամանաց Մուսայ խալիֆին, որ երթայ նստի իմով հրամանաւն յՈւչքիլիսայն։ Եթէ անդ ով ոք իցեն, ի մեծաց կամ ի փոքունց, մի իշխիցեն հրամանաց դորա կալ հակառակ կամ տալ պատասխանի՝ այլ զինչ եւ կամեսցի՝ արասցէ ըստ կրօնից օրինաց իւրեանց, եւ որքան կարասցէ՝ զխախտեալ եկեղեցին վերստին նորոգեսցէ եւ նոր եկեղեցի այլ հիմնարկեսցէ եւ շինեսցէ՝ որքան կարասցէ, եւ մի՛ յազգաց մերոց կամ ի պարսկականացն հակառակ /111/ կայցեն եւ խափանել ջանայցեն, որպէս զազգն Թուրքաց. եւ թէ ոչ՝ որ յանդգնութիւն արասցեն եւ հակառակեսցին հրամանաց իմոց եւ ոչ կամեսցին լսել ինձ, օ՜ն եւ օն արասցէ Տէր եւ օ՛ն եւ օն յաւելցի, եթէ զայնպիսիս ոչ բնաջինջ եւ ազգաջինջ ոչ առնիցեմ եւ կորուսանիցեմք զյիշատակս նոցա յերկրէ»։

Անշուշտ օգտուելով Շահին բարեհաճ տրամադրութենէն կարող էր խոճայ Նազար առաջարկել, որ Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը փոխանցուէր Մովսիսի. բայց նպաստաոր չէր ժամանակը, երբ Սահակ նոր էր ստացած իւր հաստատութեան հրամանագիրը Շահէն, եւ դարձեալ ծանրաբեռնուած էր աթոռը պարտքերով։ Առ ժամն կարեւոր էր հանել Էջմիածինը աւերակ վիճակէն, որ սրտցաւութիւն կը պատճառէր ամէնուն, իսկ առ այս բանական էր, եթէ անոր լուսարարութիւնը լայն իրաւունքներով յանձնուէր Մովսէսին։

«Մեծաւ փառօք եւ անպատում ցնծութեամբ» մեկնեցաւ Մովսէս Ֆահրապատէն եւ հասաւ Երեւան։ Ըստ Դարանաղցւոյ (295) նաեւ Ամիրգունա խան նոյնիմաստ թուղթ տուաւ իրեն եւ ամէն ազատութիւն ըստ հրամանին գործելու։ Բայց այս միջոցին վախճանած էր Ամիրգունա խան. խօսքը հաւանօրէն անոր յաջորդի Թամազղուլի խանի մասին իմանալու է։ 1627ի Վարդավառի պա/112/հոց երկուշաբթի օրը, այն է Յունիս 26ին սկիզբ ըրաւ Մովսէս Էջմիածնի նորոգութեան։

Սահակ կաթողիկոս, որ այս միջոցին Ասպահան կը գտնուէր, տեղեկութիւն առնելով թէ Մովսէս ձեռք բերած է Էջմիածնի լուսարարութիւնը, բողոքեց Շահին, առարկելով թէ «զուլմ արարեալ էք ինձ, որ զԷջմիածինն տուեալ էք Մովսէսին»։ Արքունի քարտուղարը (դիւանբէկ) կը պատասխանէ. «թէպէտ տուաք նմա զԷջմիածինն, զնորին լուսարարութիւնն տուաք եւ ոչ զկաթողիկոսութիւնն… դու զքոյն վարեա եւ նա զիւրն»։ Զուր տեղ բախեց նաեւ «մեծամեծաց դուռները», անոնց միջնորդութեամբ խափանելու Մովսիսի ձեռք բերած իշխանութիւնը (Դաւր. 235)։ Այս անօգուտ ջանքերէ ետքը Դաւրէժի վրայէն անցաւ Խոյ. իրեն հետ էին ղուլերը, որոնք 100 թուման տուրքը գանձելու համար նշանակուած էին Շահէն։ Սահակին մտադրութիւնն էր Խոյէն գաղտագողի փախչիլ Վան նկատելով որ 100 թուման պարտքը տարուէ տարի անվճար մնալով բարձրացած է արդէն 800 թումանի, եւ դեռ օր աւուր կը բարձրանայ. միւս կողմանէ Էջմիածինը գրաւուած է Մովսէս վարդապետէն, իսկ համենայն ազգն Հայոց հեռացեալ ի բաց կացին յինքենէ». ուստի «ոչ այլ ինչ իրօք լինի փրկութիւն նմա, եթէ ոչ փախստեամբ»։ Մինչ այս խորհրդեան վրայ էր Սահակ, լուր /113/ հասաւ իրեն իր բարեկամներէն, թէ ԹաՀմազղուլի խան, Ամիրգունէի որդին եւ յաջորդը պատրաստ է օգնելու իրեն, եթէ Երեւան ուզէ գալ։

Սահակ փութաց Երեւան. բայց փոխանակ Խանէն օգնութիւն գտնելու, դրուեցաւ իր առջեւ պարտքերու ցուցակ մը։ Կը մօտենար 1628 տարւոյն ծնունդը։ Հասկցուց Սահակ իր պարտապահանջներուն, թէ տօնին հանդէսը Մովսէս եպիսկոպոս պիտի կատարէ եւ յանձնուած է իրեն որ Էջմիածին երթայ եւ կարեւոր սպասները բերէ։ Այս պատրուակով հեծաւ արագընթաց ձի մը, մեկնեցաւ առանձին Էջմիածին։ Կէս ճանապարհին ծպտած «ի կերպ զօրականի» ուղղուեցաւ դէպի Նախիջեւան եւ անկէ անցա Վան (1627 Դեկտ.

Շահին ղուլերը երբ լսեցին թէ Սահակ փախած է՝ դիմեցին Մովսես եպիսկոպոսի վրայ, որպէս թէ անիկա թելադրած ըլլայ կաթողիկոսին փախուստը։ Բայց կրցաւ Մովսէս արդարացնել ինք զինքը. «յամենայն կողմանց վհատեալք դարձան եւ գնացին ի տեղիս իւրեանց ղուլերն ամենեքեան» (Դաւր. 235-237)։

Այսպէս 1628 տարին անցուց Էջմիածինը առանց կաթողիկոսի. բաց էր ասպարէզը Մովսիսի առջեւ։

15. ՀԱՐԻՒՐ ԹՈՒՄԱՆ ՀԱՐԿԻՆ ԲԱՐՁՈՒՄԸ

/114/ Յաջողութիւնները, որոնք ընկերացած էին Մովսէս վարդապետին յընթացս անոր 15ամեայ գործունէութեան, գտան իրենց պայծառագոյն գագաթնակէտը յայնմ, որ յաջողեցաւ իրեն դառնալ տալ այն 100 թուման տարեվճարն կամ «մուղադայն», զոր Շահ Աբաս անիրաւաբար դրած էր Էջմիածնի կաթողիկոսական Աթոռին վրայ։

Ի՞նչպէս եւ ե՞րբ դրուած էր այս տարեվճար հարկը կաթողիկոսական Աթոռին վրայ։

Ղուկաս Գառնեցի այսպէս կը պատմ է այս «ծանրալուծ հարկապահանջութեան» սկզբնաւորութեան մասին, 1631ին իբրեւ ժամանակակից. «Յառաջ քան զԺԵ. ամ (1615) տգէտ եւ անիմաց առաջնորդքն ընդ միմեանս խանդացեալ ի պատիւ կաթուղիկոսութեան, եւ մատնեն կամօք իւրեանց զկաթողիկոսարանս ի ներքոյ մեծ հարկի եւ ղապալու. զի որ ոք տացէ ամ յամէ զհարկն ի Դուռն արքունի, որ էր հարիւր թուման, նա լիցի կաթուղիկոս»։ Գառնեցւոյ ակնարկութիւնը Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսներու մրցակցութեան մասին է, որ տեղի ունեցած էր 1614ին. Դաւիթ Պարսկաստանէն ելած եկած էր Էջմիածին, տիրանալու Աթոռին, բայց բախած էր հոն Մելքիսեդեկի մրցակցութեան. Դաւիթ ունէր իւր ետեւը Ջուղայեցիները, Մելքիսեդեկ՝ Երեւանցիները։ Շահ Աբաս, որ շրջապատուած էր Ջուղայեցիներէ, ի սկզբան Դաւթի /115/ պաշտպան հանդիսացաւ, սպառնաց Մելքիսեդեկին կոշկոճել մինչեւ ի մահ: Շղթաներու ծանրութեան տակ անճարացած կերեւայ թէ իբրեւ խայծ առաջարկեց Մելքիսեդեկ արծաթասէր Շահին ի գին ազատութեան Աթոռէն վճարել արքունի գանձին տարեկան 100 թուման։ Առաջարկութիւնը աւելի շահաւոր համարեցաւ Շահը քան կաթողիկոսին անօգուտ մահը։ Մելքիսեդեկ ազատ արձակուեցաւ։ Դաւիթ կաթողիկոս, որ անընդունակ էր դրամական մրցութեան, անճար հրաժարեցաւ Աթոռէն եւ մեկուսացաւ Պարսկաստան (1615)։

Առաքել Դաւրիժեցի, որ հարցաքննած է այս մասին ժամանակակից ծերերը, այսպէս կը պատմէ հարկադրութեան սկզբնաւորութիւնը. Դաւիթ եւ Մելքիսեդեկ կաթողիկոսները իրարու ներհակ ինկած էին. Դաւիթ յեցած Ջուղայեցիներու վրայ կը ջանար կրկին ձեռք բերել կաթողիկոսական իշխանութիւնը, զոր Մելքիսեդեկ. յինքն վտարած էր. բայց ասիկա թիկունք ունենալով իրեն Ամիրգունէ խանը կը պաշտպանէր յամառօրէն իր դիրքը։ Ջուղայեցիք պատրուակ առնելով այն հանգամանքը թէ Մելքիսեդեկ առանց Շահի հրամանին հեռացած էր Սպահանէն եւ գաղտնի վաճառած է Հռիփսիմեանց եւ ուրիշ վկայից մասունքները լատին կրօնաւորներու, ամբաստանեցին զինքը Շահ Աբասին, երբ ասիկա Գորի կը գտնուէր։ Մելքիսեդեկ շղթայակապ հանուեցաւ Շահին առջեւ։ Ի սկզբան իւր բարկութեան մէջ մտադրած էր Շահը մինչեւ /116/ ի մահ կտտել կաթողիկոսը, բայց յետոյ Ամիրգունէ խանին եւ Մելիք Հայկազնի բարեխօսութեամբ մեղմացա, վճռեց կամ մահ եւ կամ 300 թուման տուգանք եւ հրաժարում կաթողիկոսութենէն. «ոչ սպանանեմ եւ ոչ թողում, այլ այնպէս կապանօք պահեմ մինչեւ կամ մեռցի եւ զերծցի եւ կամ տացէ զ300 թուման դրամն, զոր հրամայել եմ՝, եւ ազատեսցի» (218–219)։ Յանհնարինս մտնելով Մելքիսեդեկ եւ միանգամայն իւր հակառակորդներու հանդէս ապահովելու համար իր դիրքը կառաջարկէ Շահին. «եթէ... տացէ զիշխանութիւն կաթողիկոսութեան մեզ, մեք տամք ամ յամէ ի դիւան թագաւորին յիւրաքանչիւր տարի 100 թուման ռոճիկս ծառայից թագաւորին»։ Արծաթասէր շահը նկատելով առաջարկս պետական գանձին համար աւելի նպաստավոր, կը զիջի. «ետ նմա զիշխանու թիւն կաթողիկոսութեան՝ հանդերձ թագաւորական նոմոսիւ գրեալ եւ կնքեալ» (1615°)։ Իսկ ուրիշներ հաւաստած են Դարիժեցւոյ, թէ Մելքիսեդեկ, երբ կը գտնուէր «ի կապանս երկաթեայ», խնդրած ըլլայ Շահէն որ թույլ տայ այն 300 թուման տուգունքը երեք տարւոյ ընթացքին վճարել երեք բաժնով։ Առ այս Շահը հաւանելով տուած է Մելքիսեդեկի ձեռքը թուղթ մը թէ «Մելքիսեդեկ յանձն կառնէ երեք տարւոյ ընթացքին վճարել 300 թուման տուգունքը». բայց պետական դիւանի մատենին մէջ անցնել տուած է նենգութեամ բ. «Մելքիսեդեկ կաթողիկոս խնդրեաց զԷջ/117/միածնի կաթողիկոսութիւնն եւ խոստացաւ ի տարին 100 թուման մուղադայ տալ ի դիւան թագաւորին. վասն որոյ եւ մեք շնորհեցաք նմա գիշխանութիւն կաթողիկոսութեան, զի նա վարեսցէ» (էջ 221)։ Այսպէս թէ այնպէս, կը գրէ Դաւրիժեցի, «Տարիւր թուման մուղադայ եդաւ ի վերայ Մելքիսեթ կաթողիկոսին, որ տայր թագաւորին ամ յամ է, եւ ի նորին պատճառէ անկաւ մուղադան ի վերայ Ս. Աթոռոյն Էջմիածնի. եւ մնաց Աթոռն ի Ներքոյ ղաբալի»։ Իսկ այս եղաւ «բեռն ծանր եւ լուծ տաժանելի եւ անուր անխզելի ի վերայ Ս. Աթոռոյն Էջմիածնի ի զուր եւ ի տարապարտուց»։

Մելքիսեդեկ ազատեցաւ կապանքներէն. բայց տարին բոլորեցաւ եւ տարեկան հարիւր թուման պարտքը չէր հանգանակուած։ Շահը «ի թագաւորական ծառայից» ուղարկեց չորս պաշտօնեաներ, «ղուլեր» կոչուած, որպէս զի գանձեն զայն։ Եւ որովհետեւ չկար առձեռն պատրաստ գումար, մնացին անոնք կաթողիկոսին գլխուն փորձանք. «նստէին ի վերայ կաթողիկոսին ծառայիւք եւ երիվարօք իւրեանց. եւ զամենայն պիտոյս իւրեանց եւ զայլ կարեաց ի կաթողիկոսէն առնուին»։ Արքունի հրաման էր՝ կաթողիկոսը աչքէ զհանել՝ ուր ալ երթար անիկա՝ պիտի հետեւէին անոր «ղուլերը». որոնք կը պահանջէին հացալիր սեղան եւ կատարեալ գոհացում իրենց պէտքերուն։ Բնականաբար այս ծախքերուն պիտի չբաւականանար ժողովրդեան օրինա/118/ւոր տուրքը։ Սկսան անոնք հարստահարել ժողովուրդը։ Սակայն եւ այնպէս հարկը տարուէ տարի կը բարդուէր։ Դիմեց կաթողիկոսը Շահին գթութեան (1623ին)։ «ութն հարիւր թուման տուեալ եմ. այլ ոչ ունիմ կար տալոյ»։ Բայց Շահը յայտարարեց անզիջելաբար. «Ես յայդ հարիւր թուման մուղադայէդ մէկ փող ինչ է որ չեմ անցներ. այլ թէ մէկ այրի պառաւ լինի մնացեալ որ ես կառնեմ» [97] ։

Զերծանելու համար գլուխը այս անտանելի կացութենէն՝ խորհեցաւ Մելքիսեդեկ ուրիշին փոխանցել կաթողիկոսութիւնն եւ փախչիլ արտասահման։ Ի սկզբան Մովսէս նկատի առնուեցաւ, եւ երբ անիկա հրաժարեցաւ, կաթողիկոսին քեռորդին Սահակ յանձն առաւ կաթողիկոսութեան հետ 100 թուման հարկը։ Բայց ի վերջոյ նաեւ անիկա դիմեց փախուստի, թողլով իր ետեւ 800 թումանի պարտք մը։

Թէեւ հեռացան ղուլերը, թէպէտ չկար մէջ տեղ կաթողիկոս, որ վճարէր պարտքերը, բայց յայտնի էր ամէնուն թէ Շահը պիտի չզիջէր թողուլ եւ ոչ թուման մ՚անվճար։

Սիմէոն կաթողիկոս Երեւանցի խօսելով այս «մուղադայի» մասին՝ ուշադիր կ՚ընէ. [98] «Զայս մի թեթեւ եւ փոքր ինչ կարծիցես, զի ըստ անուանն թէպէտ հարիւր. յիշիւր, սա/119/կայն ի տալն հազարիւք ոչ վճարիւր, եւ մանաւանդ նորն զէնով անցեալ գոլով՝ դիզացեալ կայր ի վերայ սրբոյ Աթոռոյս»։

Յոյս չկար թէ Սահակ համարձակէր վերադառնալ Էջմիածին Շաբ Աբասի օրով։ Բայց Հայրապետական Աթոռը չէր կրնար անորոշ ժամանակով անհովիւ մնալ։ Կանուխ կամ անագան պիտի բազմէր հոն մէկը. իսկ արծաթասէր եւ խստապահանջ Շահը պիտի պահանջէր անվճար մնացած տարիներու հարկերը տոկոսով։ Ի տես այս դրութեան, ինչպէս կը գրէ Ղուկաս Գառնեցի «վարանէր թաղծանօք» Էջմիածնի Լուսարարն եւ Նորոգիչը։ Իբրեւ այնպիսի ամէնէն աւելի Մովսէս վարդապետի վրայ կը ծանրանար պարտքը, Էջմիածինը այս «ծանր հարկապահանջութենէն» ալ ազատել, «զոր թափառական առաջնորդքն արարին իւրեանց անըմբոն գնացիւքն»։ Թագուն չէր անշուշտ իրմէ նաեւ այն, թէ Հայ ժողովրդեան աչքերը իր վրայ կը հանգչէին. ինքն էր ամէնուն ընտրելին, իբրեւ արժանաւորագոյն յաջորդը Լուսաւորչի գահին վրայ։

Այս պատճառաւ ալ ինքնաբերաբար կամ ուրիշներէ խրախուսուած կ՚որոշէ Մովսէս «մեծահոգի» ըլլալ եւ առնել խիզախ քայլը դիմելու Շահին գթասրտութեան, որ քանիցս բարեացակամ գտնուած էր իր հանդէպ։ «Երրորդ անգամ», կը գրէ Գառնեցի, գնաց Շահին ի մայրաքաղաքն Ղազվին, Հայոց Ռ ՀԷ (1628) թուին. «եւ մտեալ առաջի արքային /120/ եւ ուռճալիր պատուով ընկալեալ եղեւ ի նմանէ : Եւ զի կամեցաւ ի սոյն ամանակի խնդրել յարքայէն զի բարձցէ զծանրալուծ հարկն եւ ազատեսցէ զեկեղեցին. զոր նախարարքն ոչ ետուն թոյլ, ասելով թէ այժմ անճահ եւ անպատեհ է սակս խուճապի յառաջակայ մարտիս. քանզի խստագոյն պատերազմ՝ կայր ի կողմանս Բաբելոնի (Բաղդադի), այլ մեք, ասեն, ի դիպող ժամու զեկուսցուք արքայի։ Եւ անտի դարձեալ եկն ի Վաղարշապատ առ ի շինութիւն եկեղեցւոյն ըստ առաջին նուագին»։

Այս երրորդ ուղեւորութիւնը դէպի Պարսկաստան պատահած է Սահակ կաթողիկոսի փախուստէն ետքը, 1628ին, հաւանօրէն գարնան։ Նախարարներու տուած խորհուրդը, թէ հարկին խնդիրը յետաձգէ ուրիշ պատեհագոյն առթի «սակս խուճապի յառաջիկայ մարտիս», պէտք է իմանալ այն իմաստով թէ (Բաղդադի վրայ կը սպասուէր նոր յարձակողական մը. արդեամբք ալ յաջորդ տարւոյն գարնան շարժեցաւ օսմանեան բանակը դէպ ի Բաղդատ։ Առաքել Դաւրիժեցւոյ համաձայն նախարարները ետ կեցուցած են զՄովսէս իր խորհուրդէն, ակնարկելով թէ «այս թագաւորս յոյժ արծաթասէր եւ ազատ է, եւ յայդքան շահուց արծաթոյ ոչ զանց առնէ. եւ մանաւանդ զի զգործդ այդ իւր է հաստատեալ» : Թախծեալ սրտով ստիպուեցաւ վարդապետը բռնել դարձի ճանապարհը (Դաւր` 308)։

Նոր էր վերադարձած Մովսէս վարդա/121/պետ Էջմիածին, երբ հասան Սպահանէն ճեպընթաց սուրհանդակներ, որոնք գուժելով Շահ Աբասի մահն եւ անոր թոռնիկին՝ ՇաՀ Սէֆիի գահակալութիւնը, կը հրաւիրէին զինքը հապճեպով մեկնիլ Պարսկաստան յողջոյն նորապսակ արքային։

Ժամանակագրութեան համար հարկաւոր է հոս ճշդել Շահ Արասի մահուան տարին եւ ամիսը։ Առաքել Դաւրիժեցի Շահին մահը կը նշանակէ 1629 Յունուար 7ին եւ անոր յաջորդին գահակալութիւնը՝ նոյն ամսոյն 19ին (Դաւր. 308-309)։ Այս հաւաստիացումը չի համաձայնիր ժամանակագրութեան։ Ղուկաս Գառնեցի Շահին մահը տեղի ունեցած կը նշանակէ 1628ին. «ի նոյն ամի մահուամբ ել յաշխարհէս արքայն Ապաս կոչեցեալ»։ Այսպէս 1628ին կը դնեն նաեւ եւրոպացի հեղինակներ Շաբ Աբասի մահը. դժբախտաբար հնարաւոր չեղաւ ինձ արտաքին աղբիւրներէ ճշդել մահուան ամիսն եւ օրը։ Կը պահանջէ նաեւ Մովսէսի կեանքի ժամանակագրութիւնն, որ դէպքը պատահած ըլլայ 1628ի աշնան։ ՝

Նոր Շահին գահակալութիւնը բարեդէպ առիթ համարած էին Նոր-Ջուղայեցիք, որ Մովսէս վարդապետ անյապաղ ներկայանայ նորընծայ Շահին եւ դնէ անոր առջեւ 100 թուման հարկի խնդիրը։ Մովսէս փութաց հասնիլ Սպահան։ Այս ուղեւորութեան մասին թոյլ կու տամ Ղուկաս Գառնեցւոյ պատմել այնպէս ինչպէս իբրեւ ժամանակակից գիտէ /122/ եւ կը զգայ. «Եւ յառաջնում ամի արքայութեանն (Շահ Սէֆիի) գնացեալ ի տեսութիւն Նորին... եւ ի նմանէ եւս մեծարեցաւ ըստ յուշ առնելոյն մեծամեծացն թէ ծանաւթ եւ մեծաշուք էր սայ առաջի հաւոյն քո։ Եւ ապա յուսալով ի մեծազաւրն յԱստուած՝ դեգերեալ՝ ի դրանն արքունի աշխատութեամբ գուն գործեալ ոգով չափ եւ մեծաջան լեալ, զի զերծեալ լիցի եկեղեցին ի ծանրալուծ հարկէն եւ ի դժուարակիր անրոյն։ Զայս ածեալ զմտաւ թէ զնախկին եւ բարձրագահ աթոռն ի մեծ հարկապահանջութենէն ազատեալ եւ զերծեալ լիցի. զկնի այսորիկ զոր Տէրն ընտրեսցէ՝ նա լիցի մեզ հովիւ եւ առաջնորդ։ Իսկ մեծ աւագանին եւ նախարարքն արքայի եւ. մանաւանդ իշխանաց իշխան քրիստոսասէր խաւճա Նազարն իրազգած արարեալ զարքայն խորհրդոյն. եւ ապա եմուտ առաջի արքային սրբազան հայրս եւ մեծարեալ նստաւ ընդ արքային։... Եւ յետ բազում խաւսից՝ հլու եւ հպատակ դիմաւք ասէ ցսայ. Այդ մեծաշուք եւ փառաւոր, ըստ խնդրոյ հայցման քո շնորհեցի քեզ, ազատեալ լիցի զեկեղեցին ձեր ի յարքունի հարկաց մերոց՝ այլ դու աղաւթիք նպաստ լեր մեզ ի պատերազմի թշնամեաց։ Եւ այսպէս բազմամերկ աշխատութեամբ սուրբ հաւրս եւ խնամօք եւ ողորմութեամ բն Յիսուսի Քրիստոսի Տեառն մերոյ բարձեալ եղեւ հարկն, եւ ազատեալ եղեւ ի ծանր լծոյն սուրբ Էջմիածինն»։

- Առաքել Դաւրիժեցի կ՚աւելցնէ թէ Շահը /123/ տուաւ Վարդապետին նաեւ «նոմոս թագաւորական կնքով ազդու եւ հատու բանիւ, թէ բարձի զհարիւր թուման մուղադէն, զոր ի մերոց թագաւորաց եդեալ էր ի վերայ Աթոռոյն մերոյ Էջմիածնի, այլ եւ ետու զհրաման կաթողիկոսութեան Մովսէս վարդապետին ըստ հայցուածոյ ամենայն ազգին Հայոց»։

Մեծ աշխատութիւն եւ իբր 1000 թուման արժեց այս հարկէն ազատութիւնը։ Բայց երբ «սփռեցաւ համբաւ ազատութեան Ս. Աթոռոյն յընդհանուր աշխարհ յազգս Հայոց, ամենեքեան լցեալք անպատում ուրախութեամբ ի ձայն ցնծութեան գոհանային զԱստուծոյ» (Դաւր. 309-311)։

16. ՄՈՎՍԷՍ` ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բովանդակ հայ ժողովրդեան փափագն էր, որ Մովսէս բազմի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսական գահը, «ձանձրացեալք յառաջին կաթողիկոսաց անկարգութենէն եւ ի սորին բարեկարգութենէն մխիթարեալք»։ Այս պատճառա ալ «գրովք եւ աղաչանօք թախանձէ ին յամենայն տեղեաց վարդապետը եւ եպիսկոպոսք եւ երեւելի արք, զի յանձն առցէ Մովսէս զաստիճան կաթողիկոսութեան, բայց նա հրաժարէր զանձն անարժան ասելով առաքելական աստիճանին» (Դաւր. 307-308)։

Առաքել Դաւրիժեցի հոս իրեն աղբիւր ունեցած է Ղուկաս Գառնեցւոյ Յիշատակա/124/րանը, որ խօսելով 1626 տարւոյ դէպքերու մասին կը գրէ. «Յետ այսորիկ ըստ խնամոցն Աստուծոյ խորհուրդ առեալ ի միասին ճշմարիտ վարդապետքն, որք նախանձ ունէին օրինացն Աստուծոյ եւ աշխարհականք մեծամեծք եւ ռամիկք, հեռաւորք եւ մերձաւորք որով եւ բանիւ միաբանեալ ընդ միմեանս բնաին Ազգս Ասքանազեան՝ կամէին դնել զջահն լուսապայծառ եւ ուղփաճեմ ի յաշտանակ բարձրաստիճան կաթողիկոսութեան. զի զլոյս օրինացն տացէ ընթանուր աշխարհի։ Զոր իմացեալ զխորհուրդն վատշուէր եւ չարաբարոյ առաջորդքն եւ անուանեալ կաթողիկոսին խանդացեալ եւ նախանձ չարութեան բորբոքեալ ոչ տային թոյլ։ Սակայն եւ ինքն (Մովսէս) ոչ առնոյր յանձն զթախանձանքն բազմաց, որք գրով եւ բանիւ աղաչէին զնա թէ լեր մեզ առաջնորդ։ Այլ սա ոչ կամէր վասն ծանր հարկին արքունի, որ կայր ի վերայ կաթողիկոսարանին»։

Տեսանք վերագոյն թէ ժամանակ մը նոյն իսկ Մելքիսեդեկ կաթողիկոս տրամադիր էր, նկատելով հայ ժողովրդեան ցանկութիւնն եւ իւր անկարողութիւնը, Մովսէսին փոխանցել կաթողիկոսական իշխանութիւնը պարտքերով հանդերձ. բայց ապա ենթարկուեցաւ իւր շրջակայքի ազդեցութեան, որոնք Սահակի թիկնածութիւնը կը պաշտպանէին։ Ջուղայեցիք բոլոր սրտով Մովսէսի ընտրութիւնը կը փափագէին։ 1626ին, երբ Մովսէս Շահին քով կանչուած էր, ընդհանուր համոզումն /125/ էր, թէ պիտի կարենայ Մովսէս տիրանալ Աթոռին։ Բոկոտն Կարմեղեանց այցելուն, որ այս շրջանին գտնուած էր Սպահան, Եւրոպա վերադարձէն ետքը, 1627 Փետրուար 24ին կյ գրէր իւր առ Ս. Ժողով տուած Տեղեկագրին մէջ. «Հաւանօրէն Մովսէս պիտի ընտրուի Հայոց կաթողիկոս. անիկա այս մասին արդէն ներկայացուցած է Պարսից Շահին խընդրագիր. եւ յոյս կայ թէ երբ Շահը Բաղդադէն վերադառնայ Սպահան, պիտի կատարուի այս խնդիրը» (տե՛ս էջ 337)։ Այն ժամանակ, սակայն, Մովսիսի խնդրագիրը Էջմիածնի լուսարարութիւնը ձեռք բերելու մասին էր։

Կաթողիկոսական խնդիրը աւելի առօրեայ հարց դարձա 1628ին, երբ վախճանած էր Մելքիսեդեկ եւ անոր յաջորդը Սահակ փախստեամբ հեռացած էր Պարսկաստանէն. եւ Էջմիածնի Աթոռը մնացած էր թափուր։ Այս թուին Պրոսպեր, Սպահանի Բոկոտն Կարմեղեանց մեծաւորը կը գրէր Ս. Ժողովին ի Հռոմ՝ թէ «Հայոց Խաչատուր եպիսկոպոսը ուրիշ եպիսկոպոսներու համաձայնութեամբ Հայաստան եւ Ասորիք քահանայ մ'ուղարկած է, որպէս զի հաւանեցնէ Հայոց եպիսկոպոսները, որ իրենց ձայնը ի նպաստ Մովսէս վարդապետի տան եւ անիկա ընտրուի կաթողիկոս, այն է բոլոր հայ եպիսկոպոսներու եւ պատրիարքներու գլխաւոր։ Այս գործը ի գլուխ հանելու համար նոյն քահանան պիտի հանդիպի նաեւ Կ. Պոլիս եւ Լեհաստանի հայերուն» (տե՛ս էջ 344)։

/126/ Արդեամբք ալ, ինչպէս Ղուկաս Գառնեցի կը վկայէ, «ճշմարիտ վարդապետք արդեան ժամանակին եւ մեծամեծք եւ իշխանաշուք արք եւ փառաւորք, որք կային ընդհանուր ազգս Հայոց ի Կոստանդնուպօլսէ եւ ի Լովայ եւ ի մայրաքաղաքէն յԱմթոյ եւ ի Կեսարիոյ եւ Վասպուրական երկրէն եւ այլք ամենեքեան, գրով եւ բանիւ եւ վկայական թղթով միաբանեալ էին ընդ սմայ (Մովսիսի) սակս խնդրոյս այսորիկ»։

Նոյն իմաստով կը գրէ նաեւ Դարանաղցի [99] (297—298)։ «Եւ երկրին մեծն ու փոքրն ամենեքեան արժան տեսին, որ անապատաւորքն այլ եւ ամենայն մերձակայ երկիրքն եւ գաւառքն այլ արժան տեսին զՏէր Մօսէս վարդապետն, զի լիցի կաթողիկոս եւ նստցի յաթոռ սրբոյն Գրիգորի, զի նորոգեսցէ զխախտեալքս եւ զկործանեալքս թերահաւատութեամբ եւ անգիտութեամբ մեղաց եւ ի լոյս ածել զխաւարեալքս անզղջութենէ մեղօք»։

Հայ ժողովրդեան ընդհանուր փափաքին /127/ ծանօթ Խոջայ Նազար, 1628ի վերջերը, երբ Մովսէս վարդապետ Սպահան կը գտնուէր 100 թուման հարկը դառնալու համար Շահ Սէֆիի շնորհքը խնդրելու, խնդրոյն կատարուելէն ետքը, փութաց դնել Շահին առջեւ նաեւ կաթողիկոսական հարցը. «Այրս այս մեծաշուք եւ փառաւոր լիցի մեզ կաթողիկոս եւ խալիֆայ» խնդրեց Շահէն Խոջայ Նազար, «որ ունէր բազում համարձակութիւն առաջի թագաւորացն Պարսից»։ Սիրով ընդ առաջ եկաւ Շահը հայ ժողովրդեան փափաքին. (առժամայն ոսկի մատանեաւ կնքեալ ետ հրաման, թէ սա լիցի առաջնորդ ազգին Հայոց. եւ որպէս կամեսցի այնպէս վարեսցէ զհայրապետական իշխանութիւն իւր» . Գառնեցի)։ Այս կարեւոր գործին ալ յաջողութեամբ ի գլուխ ելելէն ետքը «մեծաշուք հրամանաւ արձակեցաւ Մովսէս ի բռնակալ արքայէն» եւ բարեաւ վերադարձաւ Էջմիածին եւ ողջունուեցաւ ցնծութեամբ։՝

Գրիգոր Դարանաղցի հայ ժողովրդեան ոգեւորութիւնը ցոյց կու տայ երբ կը գրէ թէ «Եւ որք լուան՝ ուրախ եղեն յոյժ, եւ աստուածային ընտրութեամբն եւ աշխարհագումար ժողովով՝ վարդապետօք եւ եպիսկոպոuօք եւ բազմախումբ կրօնաւորաւք եւ բազմամբոխ քահանայիւք եւ ժողովրդօք ձեռնադրեցին կաթողիկոս եւ նստուցին յաթոռ որբոյն Գրիգորի»։

Ղուկաս Գառնեցւոյ համաձայն, որուն /128/ կը հետեւի նաեւ Դաւրիժեցի (319), օծութիւնը տեղի ունեցաւ 1629 Յունուար 13ին։ Մովսէս «առեալ յանձն զթախանձանքն բազմաց՝ ընկալաւ զպատիւ եւ զաստիճան հայրապետական եւ օծմամբ Հոգւոյն օծեալ եղեւ կաթողիկոս եւ հովուապետ ի շրջագայութեան թվին ՌՀԸ, ի Յունվար ամսոյ ԺԳ. յաւուր Տնօրէնութեան Տեառն. եւ նստեալ պանծալի պայազատ յԱթոռ նախնոյն մերոյ սրբոյն Գրիգորի»։

Հաւանօրէն սխալ տեղեկութեանց վրայ յեցած է Գ. Դարանաղցի, երբ կը գրէ թէ օծութիւնը տեղի ունեցած է «ի յաւուրս աղուհացից պահոցն, ի Մեծի Հինգշաբաթոջ աւուրն, որ է թվ. ||||»։ Դարանաղցի նկատի ունի կամ 1628 Ապրիլ 10 եւ կամ 1629, Ապրիլ Ինչպէս չէ կրցած Դարանաղցի ճշդել թուականը, նոյնպէս պէտք է ենթադրենք թէ յիշողութիւնը դաւաճանած է նաեւ օծման օրուան մասին։

Մովսէսի ընտրութիւնը օծումէն յառաջ արդէն պատճառած էր ընդհանուր խնդութիւն. այս տեսակէտէ ուշադրութեան արժանի են հետեւեալ երկու յիշատակարանները, որոնցմէ մին գրուած է Շաբ Աբասի օրով եւ երկրորդը 1628 Դեկտեմբեր 14ին. ասոնք են. «Գրեցաւ Տօնացոյցս այս (ձեռամբ Վարդերես սարկաւագին) ի հայրապետութեան այսմ նահանգի տէր Մովսէս կաթողիկոսին եւ ի թագաւորութեան Ֆռանգաց ազգի /129/ երրորդ Զիկմունդին, ի թվաբերութեան Հայոց ՌՀԷ. եւ ի յամսեանն դեկտեմբերի ԺԴ» [100] ։

Ստեփանոս երէց կաւարտէ Յայսմաւուրքի մ՚օրինակութիւնը «ի թվին Հայոց ՌՀԷ ամին, ի թագաւորութեան Պարսից Շահ Աբասին եւ ի Հայրապետութեան տեառն Մովսէսին, ի Շօշ քաղաքն Ասպահան» [101] ։

Այս կրկին յիշատակարաններս, որոնք դրուած են երկու տարբեր միջավայրերու մէջ, ցոյց կու տան թէ Մովսէս 1628 Դեկտեմբեր 14էն յառաջ հռչակուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս [102] ։ Յամենայն դէպս եթէ հարկ է արժէք ընծայել Դարանաղցւոյ տողերուն, անոնք այս մեկնութեամբ միայն կրնան իմաստ ստանալ վասն զի ծանօթ է այլուստ թէ Մովսէս 1629 Մարտին արդէն կը կրէր կաթողիկոս տիտղոսը. Dimas della Croce Scalfa, որ Ասպահանի եպիսկոպոսն է, 29 Նոյեմբեր 1629 թուակիր գրութեամբ կը յայտնէ Կարդինալ Ludovisiին, թէ ինքը նոյն տարւոյն Մարտին ի Սպահան տեսակցութիւն ունեցած է Մովսէս կաթողիկոսի հետ։ Միւս կողմէի գիտենք նաեւ թէ 1628 Յունուարին /130/ չկար Հայոց Կաթողիկոս Սահակ իբր այդպիuի չէր ճանչցուած Ազգէն։ Բայց զարմանալի է որ 1629ին ի Սիչով (Բուկովինա) տակաւին չէ լսուած Մովսէսի անունը։ Առաջին անգամ կը յիշէ իր անունը ի պետս Սիմէոն Լեհացի, որ 1629, Սեպտ. 15ին ի Լեմբերգ օրինակած է Ջուղայեցի Յովհ. Բժշկի համար Ճառընտիր հաւաքածոյ մը [103] «ի կաթողիկոսութեան... տեառն տէր Մովսէսի... որ յայսմ ամ ի նստաւ յաջորդ յաթոռն Ս. Գրիգորի կամօքն Աստուծոյ եւ հաճութեամբ եւ ընտրութեամբ ամենայն Հայոց՝ Եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց… զոր եւ յայսմ ամի մեռաւ Շահ Ապազն Պարսից եւ ի կենդանութեան նստոյց զթոռն իւր Շահ Սօֆի ժառանգ թագաւորութեան իւրոյ, զորդիսն ի բաց մերժելով»։

Կ'երեւայ թէ Մովսէս կաթողիկոս օծումէն քիչ յետոյ միւսանգամ՝ մեկնեցաւ Պարսկաստան, շնորհաւորելու Շահ Սէֆիի գահակալութիւնը, որ տեղի ունեցած էր 1629 Յունուար 19ին։ Այս մասին թէեւ ոչ Ղուկաս Գառնեցի եւ ոչ Առաքել Դաւրիժեցի յայտնապէս կը վկայեն, բայց բացայայտ կը տեսնուի Ֆրա Դիմաս Կարմեղեանց մեծաւորի 1629 Նոյեմբեր 29ին առ Ս. Ժողով գրած թղթեն, ուր կ՚ըսուի. «Յանցելում Մարտի գրեցի պատասխանի... յայտ արարեալ եթէ յորժամ՝ հասանիցէ այր նոր հայրապետն եւ վարդա/131/պետն Հայոց Մովսէս, որում սպասէաքն գալ ի մօտոյ, կամ իցիմ խօսել ընդ նմա... արդեամբք իսկ եկն եհաս յիշեալ հայրապետն եւ խօսեցայ ընդ նմա ի բազում նուագս» (տե՛ս վարը՝ էջ 345)։ Ուստի 1629 Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, օծումէն քանի մ՚ամիս ետքը գացած է Մովսէս Սպահան։ Դաւրիժեցւոյ խօսքը, թէ Մովսէս ութ ամիս դեգերած է հարկի խնդրոյն համար Շահին դուռը, պէտք է այնպէս ընդունիլ թէ 1628 եւ 1629 տարիներուն մօտաւորապէս 8 ամիս անցուցած է Սպահան։

17. ՍԱՀԱԿ ԳԱՌՆԵՑԻ ԵՒ ՄՈՎՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սահակ Գառնեցի, որ կը թափառէր Վասպուրական, տհաճութեամբ լսեց Մովսէս կաթողիկոսի օծութեան համբաւը. «զի համարէր ի սրտի իւրում թէ Մովսէսն առանց իրաւանց՝ հնարիւք իմն եհան զաթոռն եւ կաթողիկոսութիւնն ի ձեռանէ իւրմէ եւ ինքն կորզեալ ընկալաւ զերկոսեանն» (Դար։ 239)։ Սաստիկ բարկացած միտքը դրաւ ինք զինքը օսմանեան պետութեան մէջ գտնուող Հայոց համար անկախ կաթողիկոս հռչակել։ Իրեն քաջալեր գտաւ յանձին Այնթափցի Պօղոս վարդապետի։ Փիլիպպոս վարդապետ, որ Մովսէս կաթողիկոսի կողմէն իբրեւ նուիրակ ուղարկուած էր Տաճկաստան, հանդիսելով Վան, շատ աշխատեցաւ ետ կեցնել Սահակը վնասակար խորհուրդէն. խոստացաւ  /132/ Մովսես կաթողիկոսի կողմէն տրամադրել իրեն Ղուռուպաշայ վանքը իր կալուածներով եւ Էջմիածնէն տարեկան 300 ղուռուշ մուտք մը, բայց եւ այնպէս չզիջաւ Սահակ իւր յամառութենէն։

Սահակ եւ Պօղոս վարդապետ մեկնեցան Կ. Պոլիս ստանալու Վեզիրին արտօնութիւնը։ Հոն գտան իրենց խորհուրդին համակիր Զաքարիա Վանեցին, որ այն ժամանակ պատրիարքութիւնը կը վարէր. անոր օգնութեամբ ձեռք բերին Վեզիրին բացակայութեան Սուլտանին հրամանագիրը։ Բայց որովհետեւ անհրաժեշտ էր Վեզիրին՝ Խոսրով փաշային հաւանութիւնն ալ, անցան Տիգրանակերտ, ուր կը գտնուէր Խոսրով փաշա։ Հակառակ տեղւոյն ազգայիններու յորդորին, ներկայացան Վեզիրին. խոստացան տալ արքունի գանձարանին 10. 000 ղուռուշ եթէ հաւանի Վեզիրը շնորհել իրենց կաթողիկոսութեան արտօնագիրը։ Բայց որովհետեւ հակառակ էին Ամթեցիք Աթոռին երկպառակման՝ աւելի մեծ գումարներով շահեցան Խոսրով փաշան Մովսէս կաթողիկոսի ի նպաստ։ Վեզիրը պատրուակ առնելով թէ Սահակ կաթողիկոս եւ Պօղոս վարդապետ առանց իր գիտութեան դիմած են Սուլտանին, հրամայեց զանոնք սաստիկ բրածեծ ընել կա'մ պիտի տաճկանային եւ կա'մ ծեծին տակ պիտի է մեռնէին։ Դժբախտաբար հարուածներու սաստկութիւնը թուլացուց զանոնք հաւատքի /133/ մէջ [104] (1629, Նոյեմբեր)։ Այսպէս վերջ առին Էջմիածնի Աթոռին շուրջը երկար տարիներու վէճերն ու խնդիրները։ Ինչպէս Տարածման Հաւատոյ Ս. Ժողով իւր Գործերուն մէջ կը գրէ՝ երկու կաթողիկոսներու մէջ ծագած այս վէճը նաեւ Սրբազան Քահանայապետին առջեւ ելած է, երկու կողմերը ուզած են Ուրբանոս Ը - իրաւարար ընտրել- տես այս մասին § 34։ Մովսէս միապետեց Աթոռը [105] ։

18. ՄՈՎՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԱՀԸ

/134/ Չորսուկէս տարի նստաւ Մովսէս կաթողիկոսական գահին վրայ՝ կառավարեց երկաթի բազուկով եւ հայրական գթով եւ բարենորոգեց հայրապետական աթոռը, ծաղկեցուց աւերակ եկեղեցիները, բացաւ դպրատուններ, հասցուց աշակերտութիւն եւ հանգեաւ բարի անուամբ եւ լի արդեամբք։

Մովսէս կաթողիկոս վախճանեցաւ 1633, Մայիս 21ին երեքշաբթի օրը մը, «յորում գիշերն զտիւն զգենոյր յառաջին պահուն», այսպէս կը նշանակէ ճշգրիտ տարին ամիսն եւ Ժամը Մովսէս կաթողիկոսի նօտարը (Ղազար քահանայ   †1636 - Հմմտ. Էջմ. Թ. 1714) հետեւեալ տողերու մէջ, զոր գտած եմ Էջմիածնի Թ. 507 Ժամագրքի մէջ, թղ. 323ա:

«Յամի մարդեղութեան Տեառն մերոյ կենարարի ՌՈԼԶ [106] եւ ըստ մերոյս գրոյ թուի ՌՁ եւ Բ, Մայիսի ամսոյ Հռովմայեցւոց երկտասն եւ մի. եւ Հայոց ամսոյ Արեգի եւթն եւ տասն, յինանց զատկի հինգ կիւրակէին, պատկեր աւուրն երեքշաբաթ, յորում գիշերն զտիւն զգենոյր, առաջին պահուն, եղեւ վախճան մեծ կաթողիկոսին Հայոց տեառն տէր Մովսէսի, երկրորդ Լուսաւորչի, ամաց իբրեւ յիսուն եւ հնգից, կացեալ յաթոռ հայ/135/րապետութեան ամս չորս: Էած խաւար հայկազեան տոհմի եւ եթող մեզ սուգ անմխիթարելի։ Յորոյ ծրող սորա նորին նաւտար էի»։

Իսկ Գրիգոր Դարանաղցի գիտէ ի լրոյ. «Համառօտեցաւ կեանք նորա ի վերայ երկրի, որ ամս չորս կալաւ զաթոռ Ս. Գրիգորի եւ փոխեցա ի յոյսն ամենեցուն առ Քրիստոս ի բաղձալին իւր ի թվին ՌՁԲ (1633)ին, ի յելս Պենդակոստէին Հոգւոյ Գալուստին. եւ է բարեխօս առ (Տէր) մեզ ամենայն հաւատացելոցս, մանաւանդ տառապեալ ազգացս Հայոց Հոգեւոր որդեկացս» (էջ 301)։ Հոգեգալուստը 1633ին կ'իյնար Մայիս 30ին. ուստի «յելս Պենդակոստէին» կ՚ենթադրէ Յուլիսի սկիզբը։

Տարւոյ մասին միաբան են ժամանակակից յիշատակարարները, այսպէս Յովհաննէս Շատախեցի ի Վերին Զակամ կ՚օրինակէ 1633ին Աւետարան մը «ի Հայրապետութեան Ս. Աթոռոյն Էջմիածնայ տեառն տէր Մովսէսին, որ կրկին լուսաւորեաց զՀայաստան աշխարհս եւ յայսմ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս» [107] ։ Նոյնպէս կը գրէ Խաչատուր վարդապետ «յետինս յաշակերտաց սրբոյն Մովսիսի» 1634ին Վարդանայ Սաղմոսաց մեկ/136/նութեան վերջը. «Յորժամ թուականս մեր ՌՁԲ (1633) էր, վախճանեցաւ սուրբ հայրն մեր տէր Մովսէս կաթուղիկոսն. սուգ մեծ եթող մեզ եւ Ազգիս» [108] ։

Հակառակ այս վկայութիւններու Առաքել Դաւրիժեցի մահը կը նշանակէ 1632ին, իր տողերն են (էջ 312). «Եկաց սա կաթուղիկոս յերիս ամս եւ ի կէս եւ ի թուականիս ՌՁԱ. ամին, ի Մայիս ամսոյ ԺԳ. վախճանեցա»։ Հոս Դաւրիժեցի տարւով մը կանուխ կը նշանակէ մահը, որ անընդունելի է, քանի որ ուրիշ ժամանակակիցներ միաբան 1633 գիտեն մահուան տարին։

Կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը «յերիս ամս եւ ի կէս» զոր կը նշանակէ Դաւրիժեցի, նոյնպէս սխալ է, ուրիշ ժամանակակիցներ գիտեն «ամս չորս եւ ամիսս ըստ ամայն»։ Մկրտիչ Լեհացի 1653ին կը գրէ. «եղեւ զրաւ կենաց իւրոց... ի ՌՁԲ թուոյս մերոյ, գոլով վաթսուն ամաց, կացեալ յաթոռ Հայրապետութեան ամս չորս եւ ամիսս ըստ ամացն» [109] (Ձեռ. Էջմ. 1742)։ Մահը 60 տարեկան հասակին գիտէ նաեւ Մովսէս բանասէր. «փոխադրի յանմահական կեանսն վաթսուն ամաց» (ԱՐՐՏ, 1888, էջ 418)։

/137/ Մենք ստուգագոյն կը համարինք Մովսիսի մահուան տարին եւ օրը 1633 Մայիս 21, այն է՝ ըստ նոր տօմարի Մայիս 31։

Մահը պատահեցաւ Երեւան, «ի վանս դամբարանի սրբոյ առաքելոյն Անանիայի», այս պատճառաւ ալ տարին թաղեցին «ի հասարակաց գերեզմանատանն ի Կոզեռն կոչեցեալ բլուրն... յարատուս գերեզմանի Կոզեռ վարդապետին եւ Մելքիսեթ վարդապետին» «մեծաւ պատուով եւ փառօք» [110] ։ Բովանդակ քաղաքը՝ քրիստոնեայք եւ մահմեդականք լացին անոր մահը. յուղարկաւորութեան չուին մէջ կը տեսնուէր նաեւ Երեւանի քաղաքապետը՝ Թահմազղուլի խան, Ամիրգունայ խանի որդին (Առ. 313)։

Շիրմին վրայ կը կարդացուի արձանագրութիւնս [111].

/138/

ԱՅՍ Է ՏԱՊԱՆ ԴԱՄԲԱՐԱՆԻ,

ԵԴԵԱԼ ՇԻՐԻՄ ՃԳՆԱՒՈՐԻ [112],

ՏԵԱՌՆ ՄՈՎ ՍԼՍ ԴԻՏԱՊԵՏԻ [113],

ԱՄԷՆ ՀԱՅՈՑ [114] ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ.

ՈՐ Է ՏԵՂԵԱՒ ՏԱԹԵՒԱՑԻ,

ՆՈՐՈԳՕՂ [115] ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ,

ԱՅԼ ԵՒ ՇԻՆՈՂ ՍՈՒՐԲ ԿԸՄԲԷԹԻՆ [116].

ԹՎԻՆ [117] ՌՁԲԻՆ։

Շահխաթունեան . էջ 155—156) կը գրէ թէ շիրմին վրայ բարձրացուած էր մատուռ մը, որ «յաւերութեան կայր ի վաղուց անտի», 1829ին նորոգել տուած է զայն Սահակ Մելիք Աղամալեանց։ 1927ին ուզեցի այցելութիւն մը տալ Մովսէս կաթողիկոսի նուիրական շիրմին՝ ընկերակցութեամբ Տ. Յովհաննէս աւագ քահանայ Խաչվանքեանի եւ Պր. Ե. Շահազիզեանի, բայց չյաջողեցաւ մեզ վեր հանել տապանաքարը մեզ ցոյց տրուած տեղը, որ կը գտնուէր անխնամ վիճակի մէջ մամուռապատ։

Հ. Մ. Չամչեան [118], Յ. Շահխաթունեան [119] եւ Մ. Օրմանեան [120] մոլորելով Դաւրիժեցւոյ սխալ ցուցմունքներէն՝ Մովսիսի կաթողիկոսութեան «երեք եւ կէս տարիները» /139/ կը զետեղեն 1629 Յունուար 13—1632 Մայիս 14 տարիներու մէջ։ Հ. Ղ. Ալիշան անգամ մը [121] կը նշանակէ «13 Յանու(ար) 1630 —14 Մայիս 1633» եւ ուրիշ անգամ [122] 1629 –1632։

Մովսէսի մահուան թուականին հետ սերտ կապուած են յաջորդին՝ Փիլիպպոս կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման թուականները։

Արդ կը պատմէ Դաւրիժեցի թէ «ի ՌՁԱ թուին», երբ մահուան անկողնոյն մէջ էր Մովսէս, «ժողովեցան առ նա եպիսկոպոսք եւ վարդապետք եւ երեւելի արք, նաեւ Թահմազղուլի խան» եւ հարցուցին թէ ի՞նչ է իր կամքը յաջորդի ընտրութեան մասին. «մեք, բոլոր աշխարհ զքեզ ընտրեցաք. եւ այժմ դու զով ոք եւ ընտրես՝ ընդունելի է մեզ»։ Ասոր վրայ կը յայտնէ կաթողիկոսն, թէ «Ես զՓիլիպպոս վարդապետն կամիմ լինել փոխանորդ իմ եւ յաջորդ Ս. Աթոռոյն Էջմիածնի»։ Երբ կը տարածուի կաթողիկոսի մահուան գուժը եւ թէ անոր վերջին կամքն եղած է որ Փիլիպպոս ըլլայ յաջորդը, «յիւրաքանչիւր տեղեաց առաքեցին թուղթս վկայութեան, զի Փիլիպպոս վարդապետն լիցի կաթուղիկոս»։ Կաելցնէ պատմագիրը, թէ «մինչ ի գալ թղթոցն էանց այն ամն. եւ եհաս ի վերայ թուականն ՌՁԲ, յորում ամի օրհնեցին զնա կաթուղիկոս օծմամբ Հոգւոյն սրբոյ, յամսեանն Յունվարի ԺԳ. ի տօնի /140/ Տնօրէնութեան Տեառն» (Դաւր. 315 —316)։ Աղեքսանդը կաթողիկոս [123], որ ծանօթ է Դաւրիժեցւոյ տողերուն, կը հաղորդէ յաւանդութենէ թէ երբ լսեց Փիլիպպոս, թէ «ազգս եւ բոլոր ժողովուրդն Հայկազուն» ընտրած է զինքը յաջորդ Աթոռին «գաղտագողի եւ գիշերափախուստ երթայ ի Համիթ, թերեւս ճողոպրել մարթասցէ զանձն ի պատուոյն այնմիկ... վասն որոյ գնացեալ բռնի ածին ի սուրբ Աթոռս յետ վեց ամսոց վախճանին Մովսէսի՝ եւ յաւուր տօնի Տնօրէնութեանն Տեառն ձեռնադրեալ նստուցին գլուխ Թորգոմեանս տոհմի»։

Հաշիւը մերձաւորապէս ուղիղ է։ Փիլիպպոսի օծումը Մովսիսի մահէն ճշդիւ 8 ամիս յետոյ տեղի կունենայ Յունուար 13ին [124]. բայց ուղիղ չէ Առաքելի նշանակած տարին 1633, այլ պետք է իմանալ 1634։ Այսպէս ալ կը նշանակէ ժամանակակիցն Զաքարիա Վաղարշապատեցի. «որ եւ յետ վախճանի առն Աստուծոյ տեառն Մովսէսի եղեւ կաթողիկոս ամենայն Հայոց ի թուականիս մերում ՌՁԳ (1634) ամին ի յաթոռս Էջմիածնի» [125] ։ Թուականիս ճշդութիւնը կը /141/ հաստատէ նաեւ ուրիշ ժամանակակից մը՝ Գրիգոր Դարանաղցին, որ 1634ի ծռազատիկը կը պատմէ պատահած յառաջին ամի «տեառն Փիլիպպոսի նորընծայ կաթողիկոսի, աշակերտին Մօսէսի համանման առաքինոյն իւրոյ տեսականուն եւ գործնականան, որ յետ փոխման նորա սա յաջորդեաց նորին հրամանաւն՝ մինչդեռ ի կենդանին էր ի ժամ վաղճանին» (էջ 235)։ Այսպէս նաեւ Սիմէոն Երեւանցի (Ջամբռ, էջ 78-79) կը յայտնէ թէ Փիլիպպոս ՌՁԳ թուին «յետ վախճանման տեառն Մօսիսին յորժամ ընտրեցաւ... գրէ զգիրս սիրոյ առ Աղուանս, ընդ նմին եւ ծանուցանէ նոցա զմահ տեառն Մօսիսին եւ զընտրիլն իւր»։

Հիմնուած այս վկայութիւններու վրայ, կրնանք վստահաբար հաստատել թէ Փիլիպպոս 1633 Մայիս 21ին ընտրուեցաւ յաջորդ Մովսիսի, իսկ 1634 Յունուար 13ին օծուեցաւ կաթողիկոս։ Բայց կ՚ըսուի [126] թէ Փիլիպպոսի կնիքին վրայ կը կարդացուի իբրեւ ընտրութեան թուական 1633. ինձ ծանօթ կնիքը, զոր նմանաբանութեամբ հրատարակած է Աղանեանց [127], շատ անորոշ ներկայացուցած է թուականը։

Կերեւայ թէ Փիլիպպոսի ընտրութեան լուրը դեռ չէր հռչակուած է Լահօր, երբ /142/ կ՚օրինակուէր Աւետարան մը «ի մեծ թվականի Հայոց Թ եւ ՁԴ. ի յերկիրս Հնդկաց ի մայրաքաղաքս Լահուռ... ի ժամանակս տեառն Մովսէսի կաթուղիկոսի ամենայն Հայոց» [128] ։

Մովսէս կաթողիկոսի մահը սուգով համակեց ընդհանուր հայ ժողովուրդը։ Դեռ 1635ին կ՚ողբար անոր մահը Յակոբ Կեսարացի, որ գրած է առանձին Գանձախառն ողբ մը նուիրուած «Մովսէս կաթողիկոսի եւ Գրիգորի մեծ վարժապետի»։ Այս ողբը պահուած է Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի Թ. 387 ձեռագրին մէջ, թղ. 6ա-13բ։ Յառաջ կը բերեմ՝ հետեւեալ տողերը, ուր ողբասացը զՄովսէս կաթողիկոս եւ զԳրիգոր Կեսարացի միանգամայն կ՚ողբայ։

Երկու լուսատուք, արփիափայլունք,

ճշմարիտ հովուունք։

Աբբա Գրիգոր, անյաղթ հեռետոր,

թագ ազգիս բոլոր.

Մովսէս հոգեւոր, տէր էիր աղուոր,

որք էինք ի գլոր։ Գրիգոր արեւմուտ, գաւազանաւ չուս,

Հերքէ զչարն ի զուտ.

Մովսէս թըռչի արեւելք ոլորտ,

մոլորեացն ի գիւտ։

Կատարեալ ուսմուն, Մովսէս հոգէսուն,

մըտօք սըլացուն.

յանմարմնոցն ի տուն.

/143/ Գրիգոր սքանչանուն, հոգի իմաստուն,

դու շնորհաց (է) իր տուն։

Սուրբ Մովսէս, Գրիգոր,

ձեր որդիք մոլոր աղերսեն յորդոր…

Մովսէս Հոգեւոր Հայոց,

Գրիգոր պարծանք իմաստնոց…

Երկու արեգակք լուսոյ

ծագեցան ի յաշխարհս հողոյ.

Մթխացեալ ազգս Հայոց

ուղղեցին առ Տէրն ամենոյ։

Մովսէս արեւելք տեղոյ՝

փարատեաց խաւար ի հոգոյ.

Կամօք մոլորեալքն գոլոյ,

որք ծառայքն էին բանսարկոյ։

Նստաւ դիտապետ Հոյոյ,

փոխեցաւ առ Տէրն միայնոյ.

Բազում յիշատակ գոլոյ,

զոր սընոյց ինքըն կենդանոյ։

Գլուխ եդ ի տեղ դիտոյ,

անմարմինըն գոլ ի մարմնոյ.

Ազդմամբ հոգւոյն ընտրելոյ,

խնդրեցին սուրբն դէտ հոգւոյ։

Զարժանաժառանգ յարգոյ,

սուրբ սրտիւ մաքուր խորհրդոյ։

Նըստուցին յաթոռ պատուոյ

Բարդուղիմէ սուրբ առաքելոյ.

Այլ եւ նման Թաթէոյ

իւր շնորհեալ սուրբ շառաւիղոյ։

Սուրբըն Փիլիպպոս գոլոյ,

ոչ թըւի փոխիլն Մովսէսոյ։

/144/ Աւելի ուշ, յիսնեակ տարի մը յետոյ, անոր ներբողը կը հիւսէ Երեմիա Չէլէպի [129], հետեւեալ զգայուն տողերով ՝

Մինն ի սուրբսն ընտրեալ Մովսէս երանեալ,

երջանիկ ցուցեալ:

Ի Տաթեւ տընկեալ, ի վանքն ուռճացեալ,

սըրբութեամբ բուսեալ։

Բարուք կանաչեալ, վարուք սաղարթեալ,

Հովանաւոր լեալ.

Սուրբ գործովք ծաղկեալ,

պտղօքն քաղցրացեալ, հասուն կատարեալ,

Գոյնն գեղեցկացեալ, հոտով սխրացեալ,

Համով սիրեցեալ։

Զբարի գործսն տեսեալ, մարդիկ զարմացեալ,

զՏէրն փառաւորեալ.

Գաւազան հասեալ, եպիսկոպոս լեալ,

յաշտանակ կանգնեալ։

Ընտրեալ եւ սրբեալ, պարզեալ եւ մաքրեալ,

յառաջ հրաւիրեալ.

Կոչեալ եւ ձայնեալ, ի գահն մեծարեալ,

կաթուղիկոս լեալ։

Լոյսն լուսաւորեալ, յարեւելս ծագեալ,

յարեւմուտս սփռեալ.

Այնմ շառաւիղեալ, յաշխարհ տարածեալ,

այնմ շաւղօք յարգեալ։

Ազգ Հայոց բերկրեալ, պարծանօք լըցեալ,

եւ մըխիթարեալ։

/145/ շուքն ժողովեալ, ի հոտն զմայլեալ,

զպտուղն ճաշակեալ։

Մովսէս երանեալ, երբ վախճան հասեալ,

զկըտակ արարեալ։

(Իսկ զաթոռն յանձնեալի Փիլիպպոսն ընտրեալ

հանուրց պետ կարգեալ)

Յերկինս փոխեցեալ, ը՞նդ սուրբ հարսն

հետեւեալ, ընդ հրեղէնսն պարակցեալ։

Բարեխօսութեամբ սուրբ Հայրապետիս

Տէր այց արա՛ տառապեալ ազգիս,

Աղաչեմք՝ լուր Տէր։

19. ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

«Էր սա այր մեծախորհուրդ եւ շինարար, պահող, ճգնող եւ արտասուեղ, ողորմած եւ գթած ի վերայ աղքատաց, մանաւանդ թէ եւ գերելոց»։

Ղուկաս գրիչ:

 

Մովսէս կաթողիկոս, ինչպէս ականատեսները միաբերան կը վկայեն, «էր ամենեւին պարզ բարոյիւք եւ ազատական մտօք, գեղեցկադիր եւ փառազարդ դիմօք վայելչացեալ, զմիջինն ունելով չափ հասակին, եւ բորովին ներքին եւ արտաքին մարդով շնորհաշուք եւ ճոխութեամբ արտափայլեալ»։ Մովսէս Բջնեցի [130], որուն են տողերս, կաւելցնէ, թէ այն յատկութիւնները, «յորում յարոյց (Աստուած) զսուրբն զԻսահակ պարթեւազինն, համարեսջիր ըստ ամենայն բա/146/րունակ տեսութեան՝ բնականօք եւ մակստացականօք առատացեալ գովաբանությամբ» կը գտնուէին յանձին Մովսէսի։ Նոյն հեղինակէն են նաեւ տողերս. «Սրբազան եւ երջանիկ Հայրապետն Մովսէս… անհամեմատ գտեալ յարդիս, զոր ոչ ոք կարասցէ ըստ քանիօնութեան նորայ արմավիպել, եւ զի է քեզ կալջիք նպատակ զՊարթեւն Սահակ կամ զմեծն Ներսէս՝ ըստ բնութեան բարուցն, ըստ մաքրութեան կենացն, ըստ ուղղութեան ընթացիցն, ըստ առաւելութեան արդեանցն ի վերայ ազգիս եւ ըստ այլոց ամենայնի» [131] ։ Ուրիշ մերձաւոր մը կաթողիկոսին կը վկայէ [132] թէ «էր ահարկու, տեսլեամբ զուարթերես եւ վայելուչ հասակաւ, որպէս ճառի յաղագս սուրբ Հայրապետին Տղայ տէր Գրիգորին եղբօրորդւոյն Ս. Ներսեսի»։ Աւելի հատու է Նիկողայոս գրչի վկայութիւնը (1632). «որ ծաղկեալ է եւ բարգաւաճեալ բնական, բանական, կրթական իմաստութեամբ, մանաւանդ կրկին նորոգող եւ լուսաւորող Հայկազուն սեռի»։ Եթէ արտաքին մարդուն կը հային այս նկարագրականները, ուրիշներ չեն զանգիտեր նաեւ անոր ներքնոյն պատկերը գծել, վեր հանելու համար «առաքինի վարուք» [133] եւ «սրբասեալ ճգնող կաթողիկոսը» [134], որ «մաքրակենցաղ է եւ սրբասնունդ, երկայնամիտ եւ ողորմած» [135], 147/ «յոյժ խոնարհ եւ հեզ, առաքինի եւ սուրբ, կոյս եւ ընտիր» [136], «պարկեշտ եւ սրբակրօն վարուք, խոտորազգեստ եւ պահեցող» [137] ։

Կաթողիկոսի «գեղեցկադիր եւ վառազարդ դէմքը», որ այնքան պատշաճած էր անոր «միջնաչափ հասակին», թէպէտ ըստ արտաքնոյն «ահարկու» կ՚երեւցնէր իր անձը, բայց «բնական, բանական եւ կրթական իմաստութիւնը», որով ծաղկած եւ բարգաւաճած էր, կը պարգեւէր իրեն զուարթերես տեսիլ, կ՚ընծայէր զինքը «շնորհաշուք», «ճոխութեամբը» պատկառազդեցիկ, բայց եւ «պարզ» ընտրութեամբը» սիրելի եւ ազատական մտքովը» մոդիչ եւ «մեծախորհուրդ» իմացուածովը յանկուցիչ եւ համոզիչ։ Թէպէտ մեծազգի տոհմէ էր, բայց սիրեց պարզութիւնը, եւ պարկեշտ եւ սրբակրօն վարքովը ապրեցաւ աղքատին հետ ընտանի եւ մեծատունին հետ հայտ։ Որովհետեւ «խոշորազգեստ եւ պահեցող» էր, երեւցաւ կենցաղասէրներուն անսիրելի, եւ չուզեց ինքն ալ հաշտութիւն կնքել անոնց հետ։

Մովսէս մանուկ հասակէն նուիրուած Ս. Խորանի, փարեցաւ իւր կոչման ոգւով չափ եւ մնաց անոր հաւատարիմ մինչեւ իւր վերջին չունչը։ Կամովին հրաժարած էր աշխարհէ եւ չնայեցաւ ետ. ունէր իրաւունք Խոջայ Նազար վկայելու անոր համար թէ «սա զաշխարհաւ /148/ եւ զըղձիւք նորին զանց արարեալ է» [138] ։ Անձնատուր բոլորանուէր Եկեղեցւոյ, ապրեցաւ անոր համար, անոր շահին, անոր պայծառութեան նախանձախնդիր։ Զգաց թէ իը պաշտօնը կը պահանջէ իրմէ գիտութիւն, առանց մերձաւորի սէրէն կաշկանդուելու, առանց հայրենեաց բարձրաբերձ լեռներու, հովասուն վայրերու հրապոյրներուն անսալու՝ առաւ ցուպը ձեռքը ու փնտռեց հեռաւոր օտարութեան մէջ իրեն ուսուցիչ. յարատեւութեամբ, տքնութեամբ եւ զրկանքներով յամեց վարդապետին ոտքը, պայքարեցաւ աներեւոյթ ոգիներու հետ, կթելու համար անմահարար որթին ողկոյզները։ Զարմանք առթեց իր անպարապ ընթերցասիրութիւնը։ Ուսման տեւողութիւնը չյուսալքեց զինքը. եւ ոչ ալ հեզաբարոյ Ուրհայեցւոյ դաստիարակութենէն խիստ եւ աններող Կեսարացւոյ ուսուցչութեան փոխանցումը։ Անհարթութիւնները ջլապինդ գործեցին անոր ներքին կարողութիւնները։

Պանդխտութեան օրերը շահագործեց ան ընդարձակելու իւր մտաւոր պաշարը, հարստացնելու իւր ծանօթութիւնները զանազան գիտելիքներով, ծանօթանալու ազգային խնդիրներու, ըմբռնումներու եւ դատումներու եւ սրելու իւր քաղաքական տեսութիւնը։ Եղաւ Ամիդ, Եդեսիա, Կ. Պոլիս եւ Երուսաղէմ. շրջեցաւ եգիպտական ճգնարանները, Պաղեստինի վանքերը՝ թափանցեց վանական հաս/149/տատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներքին ծալքերը։ Ամբարեց փորձառութիւններ, որոնք թե' անձին կատարելութեան նպաստամատոյց եղան եւ թէ՛ հասարակաց համար օգտակար։ Այսպէս ամէն մասամբ զարգացաւ արթուն մտքով եւ ուսումնասէր եռանդով, որպէս զի Եկեղեցւոյ պայծառացուցիչ եւ ժողովուրդին լուսատու ըլլայ։

«Նորաձեւ», «նորահանուկ» նկատուեցան անոր քարոզները հայրենիքին մէջ, «խաբեբայ», «կեղծաւոր» ամբաստանուեցաւ իր «խոշորազգեստ եւ պահեցող» կենցաղին համար, չգնահատուեցաւ իր շինարարական գործունէութիւնը. սպառնաց կաթողիկոսը «զամենայն եկեղեցիսդ, զոր դու շինեցեր, ի վերայ գլխոյ քո քակեցից», նոյն իսկ սաստեց պահանջքով «ել յայսմ աշխարհէ». կրճտեցին թշնամիները ատամները անոր դէմ, բայց անիկա մնաց անշարժ իր տեղը, ինչպէս հսկայ ծառ մը որ ձգած է արմատները խոր՝ հայրենի հողին մէջ, աներկիւղ թէ հալածանքներու մէջ եւ թէ աքսորի սպառնալիքներու առաջ: «Զիա՞րդ ես մոռացայց զԱւետարանն Քրիստոսի կամ զաքսորանք որ վասն օրինացն Աստուծոյ եղեւ»։ Երկիւղ չազդեցին նաեւ պարսիկ բռնակալին սպառնալիքները, ոչ երկաթեայ կապանքներն, ոչ մահուան արհաւիրքն եւ ոչ ալ ծանր տուգանքը։ Անոնք հարուածներ էին, որոնք կ՚իջնային հրաշէկ երկաթին վրայ ամրապնդելու անոր կարծրութիւնը։ Ի վերջոյ բռնակալի խստասրտութիւնը տեղի /150/ տուաւ «մաքրակենցաղ եւ սրբասնունդ» առաքեալի համբերութեան առջեւ, եւ թշնամիները ափսոս որ ազգայիններ էին անոնք խոնարհեցան անոր առջեւ. «նոքա որչափ ջանային ընկճել՝ ինքեանք լինէին այպն կատականաց» (Ղուկաս գրիչ)։ Խոստովանեցաւ կաթողիկոսը թէ «ահա ազգս Հայոց մեծ եւ փոքր երես դարձուցին յինէն եւ զքեզ սիրեն եւ ընդունին… դու վարեա այսուհետեւ զկաթողիկոսութիւնն, որպէս եւ եսդ արժանի»։

Կաթողիկոսական պատուին հետամուտ չէր Մովսէս, բայց կը պահանջէր ազատ խօսք, ազատ ասպարէզ եւ անկաշկանդ ունենալ բազուկները։ Կը կարօտէր Եկեղեցին ի գլուխս եւ յանդամս վերանորոգութեան, պէտք էր կռուիլ թուլամորթ, դատարկաձեռն, կենցաղասէր առաջնորդներու դէմ, պէտք էր պայքարիլ զեղծումներու դէմ, զսպել վաշխառուները, բարձրացնել բարոյական կարգերը, նորոգել կիսափուլ տաճարները, պայծառացնել եկեղեցիները, դաստիարակել ժողովուրդը, ծաղկեցնել ամայութիւնը եւ վառ պահել հայ սրտին մէջ կրօնի եւ լուսաւորութեան կանթեղը։ Եւ յարատեւեց կռուի դաշտի վրայ մինչեւ որ տարաւ յաղթութիւնը։ Մինչ փառասէրները փախուստի կը դիմէին, փառքը կը հետապնդէր փառքէն փախչողի ետեւէն։

Ազգը միահաւան, միախորհուրդ ընտրեց իր Առաջնորդը։ Չէր սխալած իւր ընտրութեան մէջ։ Մովսէս եղա Ազգին «կրկին լուսատուն», նոյն իսկ «բազմապատիկ լուսաւո/151/րիչն Հայոց աշխարհին»։ Այստեղ, իր գործունէութեան այս բարձրութեան վրայ կը ցցուի մեր առջեւ իր մեծ անձնաւորութիւնը որպէս դարակազմիկ դէմք։ Հզօր բազկովը կը կեցնէ ժամանակի անիւը, որ դէպի քայքայում միտած էր, եւ կու տայ անոր նոր ընթացք դէպի բարւոքում եւ բարգաւաճում։

Անզէն, անստացուածք նետուեցաւ կռուի ասպարէզ եւ ապաստան իւր հաւատքին եւ կամքի ոյժին ընկճեց թշնամին, նուաճեց յետս հայրենի աշխարհը, վերաշինեց զայն եւ քաղցրացուց հոն կեանքը։ Ունէր ռազմագէտի շրջահայցութիւնը, հեռատեսութիւնը, կորով եւ խոհականութիւնը, խիզախութեամբ հանդերձ։ Մեծախորհուրդ էր, ատակ համախմբելու ամբոխը, կառավարելու զայն եւ նպատակին խրախուսելու։ Իր յաջողութիւններու գաղտնիքը իր անձնազոհութեան մէջ էր. «սա յոլով քան թէ սակաւ տքնութեամբ զբանս օրինացն ուսուցանէր. մանաւանդ թէ եւ գործովք կատարելով զանձն տայր օրինակ ամենեցուն» (Ղուկաս գրիչ)։ Ոչ իւր անձը, այլ հասարակաց շահը կը փնտռէր իր գործերուն մէջ։ Այս անձնազոհութիւնը կը խրախուսէր հասարակութիւնը եւ կարծարծէր անոր վստահութիւնը։ Ոչ ոք չխնայեց իւր լուման, երբ կաթողիկոսը պահանջեց զայն, ընդհակառակը հարուստ եւ աղքատ ինքնակամ կը դնէին իրենց ոյժերը անոր տրամադրութեան տակ, որովհետեւ արդիւնքը հրապարակատես էր։ Անոնց համագործակցութեամբը /152/ սրբուեցաւ Էջմիածնի Տաճարը, կանգնեցան աւերակ եկեղեցիները, բացուեցան դպրատուններ, վանքեր եւ կուսաստաններ, փրկանաւորուեցան գերիներ եւ մխիթարուեցան աղքատներ։ Ազգին եւ Եկեղեցւոյ բարօրութեան համար չագահեցաւ Մովսէս, չխնայեց անձին, կատարեց հեռաւոր ճանապարհներ բախելու համար բռնապետներու դռները, անոնց գութը աղերսելու Ազգին համար, ժողովրդեան համար, Եկեղեցւոյ համար։ Եւ բախտը ամենուրեք իր անբաժին ընկերն եղաւ։ Այսպէս «յանշնչութենէ ի շնչաւորութիւն բերաւ» ոչ միայն կաթողիկոսական Աթոռը, այլ եւ Ազգը հոգեպէս եւ նիւթապէս։

Ի տես Մովսէս կաթողիկոսի վաստակներուն ժամանակակիցները միաբերան տուին անոր իբրեւ շնորհակալութեան, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի ցոյց «Երկրորդ Լուսաւորիչ Հայոց» պատուոյ անունը։ Եւ մենք այս յորջորջանքը չափազանցութիւն չենք համարիր։ Ի՞նչ պիտի ըլլար Հայոց Եկեղեցին, եթէ Նախախնամութիւնը չյարուցանէր Մովսէս մը ԺԷ. դարու առաջին քառորդի քաոսին մէջ։ Ինձ դժուար է պատասխանել այս հարցման, բայց կրնամ ըսել, թէ առանց Մովսէսի պիտի չծնանէր Փիլիպպոս մը։ Իսկ Մովսէս եւ Փիլիպպոս երկու փողփողուն աստղերն ելան ԺԷ. դարու Հայ երկնակամարին վրայ։



[1]     Հմմտ. Հ. Ղ. Ալիշան, Սիսական, էջ 277։

[2]     Մովսէս 1628ին էր «ի չափ հասակի ամաց յիսնեկի յոբելեան կարգի» (ըստ Մկրտիչ Ջուղայեցոյ՝ Էջմ. 1171, 236բ), վախճանեցաւ 1633, Մայիս 21ին, երբ 55 տարեկան էր (Էջմ. 507), ուրիշներու համաձայն մահը պատահած է «ի հասակի վաթսուն ամաց» (տե՛ս վարը § 18)։

[3]     Ձեռ. Էջմ. Թ. 1099։

[4]     Ձեռագիրը օրինակուած է «ի յերկրիս Էճանան, ի գեաւղս Խոտանան, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնին, ձեռամբ անիմաստ Սարգիս աշխարհականի»: Էջմ. 2635 (Կանոնագիրք)։

[5]     Սիմէոն կաթողիկոս Երեւանցի, Ջամբռ, Վաղարշապատ 1873, էջ 176, կը գրէ. «Նախապէս ի գեօղս Աշտարակ Մովսէս կաթողիկոսն առնու զայգի մի յԵրեւանցի Մուրատի դուստր Հատիէն՝ հինգ թումանի… ի թուին Տաճկաց ՌԴ»։ Հիճրէի 1004 կը համապատասխանէ փրկչական 1595/96 տարւոյն։ Եթէ ուղիղ է տրուած թուականը, պիտի հետեւցնենք թէ Մովսէս աբեղայ ձեռնադրուելէն ետքը ժամանակ մը սնցուցած է Աշտարակ։

[6]     Յակոբ Կեսարացի իւր Յիշատակարանին մէջ (Ձեռ. Վիեննայի Թ. 593. Հմմտ. Հանդ։ Ամս. 1909, էջ 371–373). Դարանաղցի (368) առանց ժամանակը նշանակելու կը գրէ, թէ Կեսարացին «ժամանակ մի ապստամբ եկաց ի նմանէ (Սրապիոն վարդապետէն) վասն իւր խստապարանոց եւ գոռոզ բարուցն եւ ապա յետոյ հնազանդեցաւ եւ էառ գաւազան ի նմանէ»։ Այսքան ստոյգ է որ Կեսարացին 1602ին կը գտնուէր Կ. Պոլսոյ աթոռին վրայ իբրեւ պատրիարք եւ վարդապետ։

[7]     Օրմանեան կը միտի այն կարծիքին, թէ Մովսէս առաջին անգամ Էջմիածին ծանօթացած ըլլայ Սրապիոնի եւ աշակերտած. Ազգապատում, Բ. 2318-2319։

[8]     Առ. Դաւրիժեցի, էջ 284։

[9]     Թոփճեան, Ցուցակ` Խ. Վ. Դադեանի ձեռագրաց, Ա, էջ 69. «Սիրապիոն Ուռհայեցին, որ եղեւ կաթողիկոս, սա ունէր երկուս (աշակերտս)՝ Գրիգոր Կեսարացին եւ Մովսէս Սիւնեցին։ Ի վախճանելն սորա Գրիգոր(ի)ն տուեալ էր իշխանական պատիւ վարդապետութեան. եւ պատուիրեալ զի հետ վախճանին փոյթ ընդ փոյթ տացէ զիշխանական պատիւն Մովսիսին, որ եւ արար նա զհրամանն»։

[10]   Ձեռ. Էջմ. Թ. 610, թղ: 189ա-171ա։

[11]   Հմմտ. Գրիգոր Դարանաղցի, էջ 115 եւ 117«Զչար (Յակոբ) Նաղա(շէն) հարցուկս եղէ, թէ ո՞ւր է, ասացին թէ ի Կեսարիա ղրկեցին Վեքիլնին՝ զմեծ Գրիգոր վարդապետն ի բերել… Եւ յետ քանի մի աուրց եկա Կեսարացին մեծաւ ամբոխիւ. եմուտ ի Բիւզանդիա ահեղագոչ եւ խրոխտ կերպիւ որպէս զառիւծ, որ ամենայն Հայոց ազգն սարսեցին ի նմանէ»։ այս տեղի կ'ունենայ 1608 դեկտեմբերին։

[12] Ուստի կը յուսար վերջացնել Կ. Պոլսոյ գործերը 1609 0գոստոս–Սեպտեմբերին։

[13]   Հանդէս Ամսօերայ, 1932, էջ 469։

[14]   Համամճեան, Ցուցակ Հայ. Ձեռագրաց Գաղատիոյ, Թ. 11.

[15]   Հմմտ. Հ. Գ. Գալէմքեարեան, Կենսագրութիւններ երկու հայ պատրիարքներու եւ տասն եպիսկոպոսներու, Վիեննա 1915, էջ

[16]   Ձեռ, Վիեննայի Թ. 593։

[17]   Պէտք է իմանալ 1610։

[18]   Գաւազանի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ 1612ին. տե՛ս վարը։

[19]   Առ. Դաւր., էջ 286։ Գրիգոր տակաւին չէր ձեռնադրուած եպիսկոպոս, տե՛ս վարը։

[20]   Գր. Դարանաղցի, որ պատահած էր ճգնաորներուս 1606ին Երուսաղէմ, կը գրէ (էջ 103) թէ արդէն այն ժամանակ յայտնած էր Տէր Կիրակոս միտքը, թէ «ես ի մեր Հայոց երկիրն եւ յազգին մերձ կու գնամ միշխանութիւնն թագաւորին Պարսից Հայաuիրին։

[21]   Դաւր. 286։ Ո՜րքան միաբան են այս տողերուն հետ Սիմէոն Լեհացւոյ եւ Գրիգոր Դարանաղցւոյ վկայութիւնները, զորոնք յիշեցինք վերը:

[22]   Տես վարը, էջ 65:

[23]   Աւելի ճիշդ թէ Առաքել եւ թէ՛ Յիշատակագիրս Ղ. Գառնեցւոյ ազդեցութեան տակ կ՚երեւան։

[24]   Ձեռ. Էջմ. 2309։

[25]   Ձեռ. Էջմ. 2309։

[26]   Առ Դաւրիժեցի, էջ 287.

[27]   Ձեռ, Էջմ. 2309։

[28]   Հ. Աճառեան՝ Ցուցակ Հայերէն ձեռագրաց Թաւրիզի, էջ 99-100։

[29]   Ձեռ. Էջմ. 785 (Կար. 783)։

[30]   Անշուշտ սա այն Ասլան դպիրն է, որ 1611ին օրինակած է ի Կոստանդնուպոլիս ի խնդրոյ Յակոբ ՔԷօթահեացի եպիսկոպոսի Կանոնագիրք մը «առ ոտս Գրիգոր Կեսարացի պատրիարքի». Յիշատակարանս ուղարկած է ինձ Բաբգէն եպ. (այժմ կաթողիկոս) Կիւլէսէրեան 1908ին։ Նոյն Ասլան դպիրի գրչէն է նաեւ Վիեննայի Մխիթ., Թ. 386 (Հմմտ. Տաշեան՝ Ցուցակ, էջ 840)։

[31]   10 Սեպտ. 1615:

[32]   Հոս խօսքը հաւանօրէն Հօչանց անապատի մասին է։ Մելիք Հայկազնի մասին տես ընդարձակ § 24։

[33]   Պօղոս Վ. Մոկացի, որ եռանդուն առաքելական գործունէութիւն ունեցաւ, եղաւ գլխաւոր նեցուկն եւ աշխատակիցը Մովսէս վարդապետին եւ վախճանեցաւ 1620ին։ Իր վարքը կը պատմ է Առ. Դաւրիժեցի (էջ 266-283)։ Տե՛u § 23։

[34]   «Թովմայ եպիսկոպոս Տաթեւու, որ զկնի եղեւ վարդապետ եւ գնաց յերկիրն Շամախու հովուել եւ առաջնորդել ժողովրդեան աշխարհին»։ Առ. ԴարիԺեցի, էջ 253, հմմտ. եւ 260։ Ինքն է, որ 1617ին «տէր Սարգիսի ձեռօք» կը ստանայ Էջմ. 801 Հարանց վարքը եւ Ղուկաս գրչի օրինակել կու տայ նոյն թուին Վիեննայի Թ. 168 Աւետարանը (Sաշեան՝ 8ուցակ, էջ 482)։

[35]   Ասոնք են հաւանօրէն՝ Մեսրոպ եպիսկոպոս առաջնորդն Տաթեւու եւ Զաքարիա եպիսկոպոս Վայոց ձորոյ. առաջինը յաճախ կը յիշուի ժամանակակից յիշատակարաններու մէջ՝ յառաջ կը բերեմ Խաչատուր գրչի յիշատակարանը 1620էն. սա կ՚օրինակէ Աւետարան մը «ի յերկիրն Ղափանու ի գիւղն որ կոչի Տանձէվէր, ի դուռն Ս. Ստեփանոսի... ի Հայրապետութիւն սուրբ ուխտիս ի տէր Մեսրովբ արհէպիսկոպոսի, որ է առաջնորդ եւ քահանայապետ սուրբ ուխտիս Ստաթէի առաքելոյ վիճակին եւ թեմին... Յիշեցէք զիմ վարպետն զտէր Դաւիթ եպիսկոպոսն, որ բազում աշխատանք եւ երախտիք ունի ի վերայ մեր», Աւետարանի ստացիչն է տէր Յակոբ. Ձեռ. Էջ». 293։ ԶԴաւիթ գովութեամբ կը յիշէ Առ. Դաւրիժեցի (էջ 253)։ «Եւ Դաւիթ եպիսկոպոսն, որ ի Շամքօռու ձորէն եւ ի ցեղէն իշխանաց որ Ղարամանենց կոչեն. սա եւս եկեալ եկաց ի մեծ Անապատս. եւ ապա ելեալ գնաց ի ձորն Շամքոռու եւ անդ շինեաց անապատ, զոր կոչեն Չարեքագետի անապատ, որ է բազմաժողով եղբարց բնակութիւն, եւ յոյժ հաստատուն ամենայն կարգօք եւ սահմանօք Անապատի մինչեւ ցայսօր։ Եւ ինքն Դաւիթ եպիսկոպոսն անդէն վախճանեցաւ եւ անդէն թաղեցա»: Զաքարիա կը յիշուի 1619ին Ղուկաս դպրէն, որ ի խնդրոյ Ղազար քահանայի եւ Սարգիս եպիսկոպոսի (պարոնտիրոջ) կ՚օրինակէ Ներսէս Լամբրոնացւոյ Պատարագի Մեկնութիւնը «յերկիրն Որոտան, ի գեւղս որ կոչի Գետաթաղ, ընդ հովանեաւ Ձագյարոյց Ս. Աստուածածնիս», յորդորմամբ «ամեներջանիկ քաւչապետի եւ մեծի գլխոյն արհիական տեառն Զաքարիայի». Աճառեան, Ցուցակ Հայ. ձեռագրաց Թաւրիզի, էջ 80—81: Հմմտ. եւ Թոփճեան, Ցուցակ ձեռագրաց Դատեան Խաչիկ վարդապետի, Բ, էջ 51։ Մեսրոպ եպիսկոպոս կ՚երեւայ թէ Մովսէսի հակառակորդներէն եղաւ. բայց թէ ինչո՞ւ նաեւ Դաւթի անունը տալ արժանի չէ համարած Մովսէս, ինձ անբացատրելի է, թերեւս բացակայ էր նա։

[36]   Հմմտ. Ա. Դաւրիժեցի, էջ 216-217։

[37] Այսպէս յօրինակին։ Խօսքն անշուշտ երկու կաթողիկոսներու իշխանութիւնը չեզոքացնելու մասին է: Հմմտ. Դաւր. 218։

[38]   S. Baluzii Tutelensis Miscellanea, ed. Mansi. Lucae 1761, t. VI, էջ 150 եւ շար. Adolphe d’ Avril, Relation de l'évêque de Sidon. Revue de l'Orient chretien, III (1898), 200—216, 328—334 (գաղղ. թարգմանութեամբ), յատկապէս էջ 328։ Հմմտ. Հ. Ղ. Ալիշան, Այրարատ, էջ 232։ Ունիմ աչքի առաջ իտալերէն բնագիրը Արհիապ. Գոյունեանի օրինակութեամբ:

[39]   Կամենից, էջ 54։

[40]   Արարատ, 1905, էջ 723:

[41]   Աւետարան Առաքելոց վանքի ի Մուշ։

[42]   Երեւան, Պետ. Թանգարան, Թ. 683, թղ։ 10ա։

[43]   Սմբատեանց, Երնջակ, 261։

[44]   Սարգիսեան, Ցուցակ, Ա., էջ 694։

[45]   Գրիգոր Դարանաղցի, էջ 97–98։

[46]   Սմբատեանց՝ Երնջակ, էջ 184։

[47]   Յակոբ Տաթեւէն «դարձաք, - կ'ըսէ, - ի Նախիջեւան. եւ անդ առեալ իմ զկարգ եպիսկոպոսութեան ի Մելքիսեթ կաթուղիկոսէ ի թվին ՌՄԳ». Ձեռ. Կանոնագիրք ի Քէօթահեայ, Հմմտ. Մ. Վ. Աղաւնունի, Քէօթահիոյ Հայ. Ձեռագիրք (Բիւզանդիոն, 1897, Թ. 350) Թ. 11։ Յիշատակարանը ունիմ Գէորգ եպ. Ալեքսանեանի հաւաքածոյքէն, օրինակութեամբ Տ. Բաբգէն կաթողիկոսի, ուղարկուած ինձ 1909ին։

[48]   Ամիրասէ Երզնկացի կը գրէ 1655ին. «Վաղարշապատու կաթուղիկոսքն ես Եզնկացի Ամիրասըս որ ականայտես եղէ՝ նախ Դաւիթ կաթողիկոս եւ ապա տէր Մելքիսէթն, որ Շահ Ապասն չարչարանք արաւ։ մէկն այս է՝ ուրաքով զերկու բէճն տաշեց որպէս զփայտ. յետոյ յաջորդեց տէր Մովսէս, տէր Փիլիպոսն եւ տէր Յակոբն. ՌՃԴ թիւն էր»: Թ. 88 Վիեննայի Մխիթ. Մատ., թղ. 249բ (Տաշեան՝ Ցուց. 355)։ Այս տանջանքներն անշուշտ նկատի ունէր Յովհաննէս Քարմատանենց, երբ կը գրէր 1618ին իւր նորատիպ Սաղմոսարանի Յիշատակարանին մէջ «Արդ եղեւ զրաւ սորին... ի Հայրապետութեանն Էջմիածնայ սուրբ յաթոռոյն կենդանի նահատակին տեառն տէր Մելքիսեդեկ կաթողիկոսին» (Պատմութիւն Հայկական տպագրութեան, Վենետիկ, 1895, էջ 66)։

[49]   Առաքել Դաւրիժեցւոյ քով ժամանակագրութիւնը, նաեւ դեպքերը, շփոթ կ՚երեւան. անոր խօսքերէն այնպէս կ'իմացուի թէ Մելիք-Հայկազնի միջամտութիւնն ի նպաստ Մելքիսեդեկի տեղի ունեցած է Ագուլիս 1617ին, ուր բերուած էր Շահին հրամանաւ Մելքիսեթի կապանս, Առաքել կը գրէ. «կալեալ էր Շահն զՄելքիսեթն եւ կամէր սպանանել. իսկ վասն բարեխօսութեան Ամիրգունայ խանին ներեաց եւ ոչ սպան, բայց պահանջէր երեքհարիւր թուման տուգանս. վասն որոյ ի կապանս երկաթեայ պահէր ի կալանի, զի զայն վճարեսցէ եւ գնացեալ դադարեսցէ ուրեք` լռեալ յիշխանութենէ կաթողիկոսութեան» (էջ 218)։ «Իսկ ի ժամանակին յայնմիկ արք խորհրդականք եւ երեւելիք, որք էին ի դուռն արքային, եթէ յայլազգեաց… եւ եթէ ի քրիստոնէից մեծամեծք, որ էր Խօջայ Նազարն, եւ Խօջայ Սուլթանումն եւ Միրվէլին եւ Մելիք Հայկազն եւ այլ բազումք, ասացին ցՄելքիսեթ կաթողիկոսն. Անհնար եղեւ գործդ քո, այլ պարտիս տալ եւ զերծանել ի ձեռաց սորա» (էջ 219)։ Գորիի եւ Ագուլիսի մէջ տեղի ունեցած դեպքերն ու խօսակցութիւնները ձուլուած են ի մի։

[50]   «Ամենայն երկրին ատելի եղեւ եւ արկին զերեսաց եւ մէկ պատառ հացի տալոյ արժանի ոչ համարեցաւ»։ Գր: Դարանաղցի, էջ 297:

[51]   Ս. Տէր-Աւետիսեան, Ցուցակ Հայ. Ձեռագրաց Ամենափրկիչ վանաց Նոր-Ջուղայի. Թ. 153 (անտիպ)։

[52]   Հ. Յ. Տաշեան, Ցուցակ Հայ. Ձեռագրաց կայսերական Մատենադարանին ի Վիեննա, էջ 24, նոյնը՝ Կամենից, էջ 178։

[53] Սիմէոն դպրի Լեհացւոյ Ուղեգրութիւն. Վիեննա 1936, էջ 384։ Թուականս «ՌՀԷ. Սեպտ. » 1628ի դէպքերուն կը հային, եւ ոչ կաթողիկոսի Լվով հասնելու ժամանակին։ «Կէս տարի», ճշդադոյնս՝ Ապրիլ 22–Դեկտ. 30։

[54]   Ձեռ. Վիեննայի Մխիթ. Մատենադարանի Թ. 266, թղ: 401բ։

[55]   Էջմ. Թ. 1476. ձեռագրին վերջը իբրեւ պահպանակ գործածուած. կնիք կը պակսի։

[56]   Տարեգրութիւն, յամն 1627 (Կամենից, էջ 137)։

      Հ. Մ. Բժշկեան, Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան. Վենետիկ, 1830, էջ 152, խօսելով Կամենիցի Աւետման եկեղեցւոյ մասին կը գրէ . «Առ երի աջակողմեան խորանին յորմն փորագրեալ կայ պատկեր Մելքիսեդեկ կաթողիկոսի եպիսկոպոսական զգեստուք, ուր է եւ գերեզման նորա»։

[57]   Հետեւելով նույն ժամանակագրին «18 Մարտի 1627» նշանակված է նաեւ Հ. Ղ. Ալիշան, Այրարատ, էջ 231։ Հակառակ այս ըմբռնման՝ Հ. Ալիշան, Կամենից, 137, Ռոշքայի վերոյիշեալ տեղքը զետեղած է «1626» տարւոյ տակ, որ պատճառ եղաւ ինձ, Հանդ. Ամս., 1933, էջ 184 նշանակելու կաթողիկոսին` մահուան տարին «1626 Մարտ 18»։ Ի նպաստ 1627 տարւոյն կը վկայէ նաեւ Յակոբ Թոխաթեցի, որ 1628ին կը գրէր ի Զամոսցա. «յանցեալ ամին, որ էր թուականն Հայոց ՌՀԶ. վախճան ընկալաւ տէր Մելքիսեդ կաթողիկոսն ի Կամենից» (Կամենից, էջ 179)։

[58]   Կամենից, 179։ Վիեննայի Մխիթ. Մատ. Թ. 273ին գրիչը 1628ին անծանօթ օրուան կաթողիկոսին անուան՝ դատարկ տեղ թողուցած է, երկրորդ գրիչ մը լրացուցած է «Մելքիսեդեկ» անուամբ (Տաշեան, Ցուց:, 708)։ Այսպէս նաեւ Սրապիոն Բաբերդացի ի Սեչով դեռ 1629ին չէ լսած թէ ո՞վ յաջորդած է Աթոռին վրայ (Կամենից, 181-182)։

[59]   Բիւզանդիոն, 1907, թ. 3285 եւ 3424։

[60]   Կենսագրութիւններ երկու հայ պատրիարքներու եւ տասն եպիսկոպոսներու։ Վիեննա 1915, էջ 44–49։ Հմմտ. եւ Աղաւնունի, Միաբանք, էջ 41։

[61]   Ձեռ. Էջմ., 503, թղ. 171ա։

[62]   Սարգիսեան, Ցուցակ Մխիթ. Մատենադարանի ի Վենետիկ, Ա., 312։

[63]   Յ. Թոփչեան, Ցուցակ ձեռագրաց Դադեան Խաչիկ վարդապետի, Ա. (Վաղարշապատ, 1899), էջ 52։

[64]   Ձեռագիր Կարմիր վանուց Գաղատիոյ Թ. 54, թղ. 138ա-157ա ըստ ցուցակագրութեան Աղան Վ. Համամճեանի։

[65]   Ձեռ. Ս. Յակոբեանց Մատենադարանի Թ. 322, էջ 71–72. Հմմտ. Գալէմքեարեան՝ Կենսագրութիւններ երկու Հայ պատրիարքներու եւն։ Վիեննա, 1915, էջ 48: Աղաւնունի, Միաբանք, էջ 41։

[66]   Թորոս Աղբար, Բ., 288:

[67]   Ձեւ. Սաւուրտ գիւղի Ատրպատական (Հաւաքածոյ Յիշատակարանաց Հ. Մ. Պոտուրեանի)։

[68]   Ժամանակագրութիւն, էջ 612։

[69]   Մարտիրոս արքեպիսկոպոս 1626ին ընկերացած էր Մելքիսեդեկ կաթողիկոսին, երբ անիկա արտասահման կը փախչէր. նոյն տարւոյն Դեկտ. 29ին Մելքիսեդեկի կոնդակին մէջ կը յիշուի ինքը իբրեւ վկայ Նիկողայոս արքեպիսկոպոսի ձեռնադրութեան ի Լվով. կոնդակին լատիներէն թարգմանութեան մէջ կ'ըսուի Rev. Martinus metropolitanus archiepiscopus Sanctae Ecimiazin, nepos Revissimi Avedic Patriarchae.

[70]   Գր. Դարանաղցի, 472, կը գրէ. «Մեխլոյ վասն այն կոչէ ին, որ տէգ ունելով ի ձեռին որպէս նիզակ եւ նովաւ հարկանէր մահուամբ զսեւագլուխք»։

[71]   Աւետարան Եղիւարդի եկեղեցւոյն: 1627ին Հասան ոմն նորոգել կու տայ ձեռագիրս Սիմէոնի ձեռօք «ի գիւղն Վարդենիս ի յերկիրն Գեղամայ»։

[72]   Ա. Ջալալեանց, ճանապարհորդութիւն, Բ., էջ 485-486։

[73]   Աւետարան Շուշիի Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ: Բարխուդարեանց, Արցախ, էջ 140։

[74]   Հ. Բ. Սարգիսեան, Ցուցակ Մխիթ. Մատ. ի Վենետիկ, Ա., 288։

[75]   Բարխուդարեան, Արցախ, 37, 176։ Ազգագր. Հանդէս, Ե. (1899), էջ 299։

[76]   Արցախ, էջ 141։

[77] Աւետարան Հախում գիւղի։ Արձագանք, 1888, էջ 162։ Թոփճեան, Ցուցակ, Ա, 89, մահը կը նշանակուի ՌՁԲին։

[78]   Ջալալեանց, անդ, Բ ., էջ 487-48Ց: Ջամբռ, 79։ Թոփճեան, Ցուցակ, Ա., էջ 89։

[79]   Թ. Աւդալբէգեան, Անյայտ աղանդաւորներ Հայոց մէջ ԺԶ. ու ԺԷ. դարերում, Վիեննա 1926, էջ 4–23. մանր վերլուծման ենթարկելով Մեխլուի երեւումը, ժամանակի մասին կը գրէ. «Մեխլուի ասպարէզ գալն ընկնում է ԺԶ դարի վերջին քառորդում ու ԺԷ-ի առաջին տասնեակներում» (էջ 23)։

[80]   Ձեռ. Էջմ. 2309. Հմմտ. Արարատ, 1902, էջ 436։

[81]   Արարատ, 1902, էջ 438։

[82]   Գրիգոր Դարանաղցի (Էջ 290) այս դէպքը այս պէս կը պատմէ: «Շահն տղայոց մանկանց զիլիֆ կուլակ թողուլ կու տայ, իւր ճորտ եւ ղուլութեան աղագաւ. նա՛ վարդապետք խրատեր են թէ ոչ է օրէն քրիստոնէի այդպէս առնել։ Եւ ոմն քահանայ կու ջանայ որ ջնջեն զգիւանուէր նշանսն ի գլխոց տղայոցն» :

[83]   Դարանաղցւոյ համաձայն մատնիչն է Տէր Անդրէասի հետ առնուած աբեղայ մը, որ կ՚ուրանայ. «նա մատնէ զվարդապետքն թէ՝ նոքա ուսուցին մեզ այնպէս առնել». էջ 290–291։

[84]   Յ. Յ. Թօփճեան՝ Ցուցակ, Բ., էջ 55. հմմտ. եւ Ալիշան՝ Սիսական, էջ 282։ Մովսէս մեծ Անապատ կը գտնուէր նաեւ 1621ին. Մելքիսեթ երէց Մաշտոց մը կ՚օրինակէ ՌՀ թուին «ի ժամանակս մեծ րաբունապետին մեծին Մովսէսի եւ Սարգիս պարոնտէր Հօր Ս. Անապատին». Թոփճեան, անդ, Ա. 47։

[85]   Էջմ. Թ. 942 ձեռագրին մէջ կը գրէ Մելքիսեթ քահանայ 1621ին. «Յիշեսջիք ... եւ զքոյրն իմ զՂզլարն որ է ի ձեռն այլազգեաց ի քաղաքն, Երեւան՝ իշխան ոմն Ամիրգունայի տուն գերեցեալ՝ զոր եւ հաւատով ճշմարիտ քրիստոնէութիւն առնէ. Տէր Աստուած ազատէ զնայ ի գերութենէ». Հմմտ. Երուանդ Շահազիզ, Հին Երեւանը: Երեւան 1931, էջ 74։

[86]   Կաթողիկէ եկեղեցին, որ կանգուն է մինչեւ այսօր, Մելքիսեդեկ կաթողիկոսին աթոռանիստ եկեղեցին էր։ Կ՚երեւայ թէ այս միջոցին Մելքիսեդ կը բացակայէր Երեւանէն. գիտենք որ անիկա 1620, Յունուար 6ին Ջուղայ կը գտնուէր, ուր կատարեց Ջրօրհնեաց մեծահանդէս արարողութիւնը ի ներկայութեան Շահին. Հմմտ. Viaggi di Pietro della Valle, Torino 1843, p. 86:

[87]   Արարատ, 1888, էջ 407–408, Էջմիածնի Թ. 1513, այժմ 1538 ձեռագրէն։ Ալիռան, Սիսական, էջ 277, ուր կ'օգտուի յիշատակարանէս, գրիչը Երեմիա կ'անուանէ սխալմամբ։ Ճիշդ այս տարին Ղազար գրիչ կ'օրինակէ Մատթէի, Ղուկասու եւ Յովհաննու մեկնութիւն մը ՌՀԴ թուին «ի վիճակս Ստաթէի ի յերկիրս Աճանանու ի գեաւղս Խոտանան, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնի, ի խնդրոյ Մովսէս քաջ րաբունապետին»։ Ձեռ. Էջմ. 1878, թղ. 277 բ: իսկ թղ. 435ա կըսուի. Արդ գրեցաւ… հրամանաւ տեառն Մովսէս կաթողիկոսի յաթոռն գերագահ սուրբ Էջմիածնի որ… զայս գիրքը գրել ետ եւ եդ յիշատակ ի սուրբ Աթոռն... ի թվականիս մերում Ռ ||| (ուրիշ գրչէ կեղծուած՝ ՌԼԳ) ամին. ձեռամբ Իսահակաս վարդապետին»։ Գիրը վերնոյն հետ նոյն է։

[88]   Օրմանեան, Ազգապատում, Բ., 2365 կը դնէ տարին 1623 Ապր.

[89]   Այս միջոցին վախճանած էր ի Վիրս Աւետիք կաթողիկոս. Դաւիթ քաշուած էր հրապարակէն. առանձին մնացած էր Մելքիսեդեկ՝ ծանրաբեռնուած տարիքով եւ պարտքերով. կը կարօտէր օգնականի. ուստի աւելի աթոռակցութեան քան կաթողիկոսութենէն հրաժարելու մասին էր խօսքը։

[90]   Մելիսեդեկի եղբօրորդւոյն Սահակ եպիսկոպոսին կը վերաբերին հաւանօրէն Յիշատակարանիս խօսքերը։ Ձեռ. Էջմ. Թ. 199 (Մասունք Աստուածաշունչի). թղ. 29բ.   «Ի թվակ[ան]իս Հայոց Ռ եւ ԾԵ (1606) էս Ճանաղէնց տէր Առաքել եպիսկոպոսս վաքիլ եւ աթոռակալ սուրբ Աթոռոյն Էջմիածնայ. առայ զտէր Սահակ արի եւ քաջ սուրբ վարդապետէն Բունամաշտոց մի փարթամ եւ լիակ[ատ]ար ձեռնադրութիւն ի ներս, այլ եւ ԺԸ հազար դեկան (յօր. դկն) նաղտ եւ տվի զգիրքս Ովբայ ի ձեռն տէր Սահակ րաբունապետին... »։

      «Ես տէր Սահակ վարդապետս տվի ԺԸ. Ռ դեկան (դկն. ) նաղտ դրամ ա. Բունայմաշտոց պարոն տէր Առաքելին եւ առայ զգիրքս յիշատակ ինձ եւ ծնաւղաց իմոց` Հաւրն իմ Սաւլթանին եւ մաւրն իմոյ Փարիխանին»։

      Թղ. 388բ. «Զվերջին ըստացող աստուածաշունջ սուրբ Գիրքիս նւաստ տէր Սահակ վարդապետս առայ գնաւք յիշատակ իմ եւ եղբարց իմոց պարոն Վարդան եպիսկոպոսին եւ աւագ եղբաւրն իմ Սարգիսն, Յակոբն, Ներսէսն եւ եղբաւրորդոցն. ամէն»։

      Եթէ ստոյգ է ենթադրութիւնս՝ Սաւլթան Մելքիսեդեկ կաթողիկոսին եղբայրն կ'ըլլայ։

[91]             Ըստ Օրմանեանի ժամանակագրութեան՝ 9 Նոյեմբեր 1623։

[92]   Այս առթիւ կը գրէ Գրիգոր Դարանաղցի (էջ 297)։ Ձեռնադրեց Մելքիսեդեկ «զՍահակ անուն տգէտ եւ անառակ, քան զինքն առաւել թոյլ եւ թերի»։

[93]   Ամիրգունայ Խան 1625 գարնան ի Վիրս Մողրովի դէմ պատերազմի ժամանակ կը վիրաւորուի եւ քիչ յետոյ կը վախճանի։ Hamer, Geschichte des Osmanischen Reiches, III, 44: Մահը ճշտագոյնս տեղի ունեցա 1626ին, հաւանօրէն տարւոյն սկիզբները։ Յակոբը ծերունի վարդապետն այս թուին Աւետարան մը կ՚օրինակէ. Յիշատակարանին մէջ կը գրէ ի մէջ այլոց. «Բայց գրեցաւ սայ ի թվաբերութիւնս Հայկական տումարիս ՌՀԵ. ի յերկիրս Արարադա, ի գիւղս որ կոչի Առինջք, ի վանք սուրբ Մարիամ Աստուածածնին... ի թագաւորութեան Շաբ Ապազին իշխանութիւն Ամիրգունա Խանին, այսմ ամի փոխի եցաւ աշխարհէս եւ որդին նորա Թահմազղուլի Խան դրին Երեւանա։ Դարձեալ յիշեցէք զտիեզերալուս վարդապետն մեր զՄովսէս, որ այս սուրբ Աւետարանիս թուխթն նա շնորհեաց: Աստուած զիւր հոգին երկոտասան սուրբ վարդապետաց դասուն դասակից եւ պսակակից արասցէ Քրիստոս Աստուած մեր. ամէն»։

      Գրիչն Յակոբ վարդապետ օրինակութիւնս եւ Աւետարանիս նկարազարդումը կատարած է 77ամեայ հասակին. կը խնդրէ յիշել «Հայրն իմ զպարոն Բաբէն, մայրն իմ Եղիսաբէթն եւ հաւրեղբայրն իմ Ստեփաննոս կաթողիկոսն. հարազատ եղբայրն իմ զՄանուէլ եպիսկոպոսն, Էսամբուղէն, Ամիրասլան, Մելքոն խաւճէն, եղբարորդիքն իմ զպարոնտէր Յոհաննէսն, զԴաւիթ ճանն... վայելող սորա Յոհաննէս արքեպիսկոպոսն, որ վերակացու է վանիցս եւ առաջնորդ»։ Ձեռ. Կէղ գիւղի Քիչիրեան ընտանեաց . Յ. Քօսեան՝ Ցուցակ Հայերէն ձեռագրաց Կարնոյ գիւղօրէից, Թ. 30, անտիպ)։

[94]   Բաղդատ Պարսից ձեռքն էր, զոր 1625 Յունիսին եկան պաշարեցին Թուրքերը։ Շահ Աբաս հասած էր պաշարուածներուն օգնութեան 1627 Յունուարին. պաշարումը լքեցին եւ հեռացան թուրքերը 1627 Յունիսին. Հմմտ. Hammer, III, էջ 43–54։ Մովսէս ի Դուռն հասաւ հաւանօրէն 1626, Մայիսին։

[95]   Ղուկաս Գառնեցի կը գրէ . «Եւ յետ կատարման օրհնութեանցն բազում սիրով եւ հեզաբար ասէ ցնա (արքայն). Աղօթք քո հանապազ մարտակից լիցի քեզ. այլ դու խնդրեա յինէն զինչ եւ կամ իս, զի ընձեռեցից քեզ։ Եւ սա հայցեալ զշինութիւն եւ զնորոգութիւն «Մեծի կաթուղիկէին Վաղարշապատու սուրբ Էջմիածնին։ Եւ առժամայն կնքեալ մատանեաւ ետ նմա հրաման նորոգութեան»։

[96]   Ստորագրութիւն կաթուղիկէ Էջմիածնի եւ հինգ զաւառացն Արարատայ։ Հատոր Ա., Էջմիածին, 1842, էջ 85–86։

[97]   Առ. Դաւրիժ., էջ 224։

[98]   Ջամբռ, 21։

[99]   Դարանաղցին այս տեղեկութիւնները քաղած է Սարգիս վարդապետէն, որ «երկու տարի անդ լինելով մօտ Հոգեւոր Տէր Մօսէսին, յորժամ որ ուղարկել առ իս ի հնազանդութիւն, նա՛ մեզ սիրով ողջունի գիր էր ուղարկել եւ զայն եւս յիշել թէ՝ անտեղի է զմեր ամենայն որպիսութիւնն քեզ ասել, ահա քո աշակերտդ, որպէս ետես զամենայն զիարդն եւ զամենայն որպիսութիւնն մեր, թող Աստուծով պատմեսցէ քեզ։ Եւ նա պատմեաց մի ըստ միոջէ զամենայն արարս եւ զգործս նորա, զոր ես համառօտիւ գրեցի ի կարճոյ» (էջ 299 —300)։

[100] F. Conybeare, A Catalogue of the armenian Manuscripts in the British Museum, էջ 183- Հմմտ. եւ Կամենից, էջ 181։

[101] Ձեռագիրք Անտոնեան հարց յՕրթաքէօյ, Թ. 1, Յայսմաւուրք, ըստ ցուցակագրութեան Հ. Բ. Չոտոյեանի (անտիպ)։

[102] Արիստակէս Խարբերդցի 1628ին Սաղմոսաց մեկնութիւն մը օրինակել կու տայ Կ. Պոլի՞ս) «ի Հայրապետութեան տեառն Դաւթի», Ձեռ, Էջմ. 1017։

[103] Հանդ. Ամս., 1932, էջ 461։

[104] Թէպէտ Առաքել Դաւրիժեցի (էջ 246) անոնց ազատութիւնը մահէն Ամթայ իշխաններու միջամտութեան կը վերագրէ, բայց ժամանակակիցները գիտեն թէ ուրացմամբ միայն կրցան ազատիլ։ Պօղոս վարդապետ յետոյ անցաւ Լեհաստան եւ հոն վախճանեցաւ. իսկ Սահակ կաթողիկոս վերադարձաւ Էջմիածին եւ հոն կնքեց իր մահկանացուն (Դաւր. 240-248. Օրմանեան, Բ., § 1655-1656)։ Գաղատիոյ Թ. 54, թղ։ 158ա եւ յջ. ուր կան զանազան քաղուածքներ հին նամակներէ, ի մէջ այլոց յառաջ կը բերուի հատուած մը այսպէս. «Եւ թէ զի՞նչ է այս ուրացութիւնն Սահակայ եւ Պօղոսի եւ զորպիսութիւնն, կարծեմ թէ լուեալ ես, վասն որոյ ոչ գրեմք, այլ զայս միայն ասեմք թէ ուրացութիւն նոցա սուգ է մեզ վասն հաւատոց պակասութեանն։ Այլ թէ զինչ չարիք գործելոց էր կամ լինելոց էր ի ձեռն նոցա՝ խափանեալ եղեւ ուրացութեամբ նոցա. վասն որոյ ուրախութիւն եղեւ ոչ սակաւ, զի նոցա կամքն այն էր, որ զՀոռմանց երկրի քրիստոնեայքն կտրէին Էջմիածնայ եւ Սահակ նստէր կաթողիկոս ի Բիւզանդիայ եւ մեռոն աւրհնէր. եւ յաղագս այսր բանի հրովարտակ հանեալ արքունուստ եբեր յԱմիթ Պաւղոսն այն» ըստ յառաջբերութեան Համամճեանի իր անտիպ ցուցակին մէջ։ Խոսրով փաշայ Ամիթ կը գտնուէր՝ 1629 Նոյեմբերին, կ՚արշաէր Բաղդատի վրայ։ Hammer, III, 82։

[105] Դաւիթ կաթողիկոս, որ 1625ին հրաժարած էր աթոռէն եւ քաշուած Պարսկաստան, վախճանեցաւ 1634ին իբր 90ամեայ «որ ի մէջ ապաշխարանաց մեռաւ», Դարանաղցի, էջ 284։

[106] Փրկչական թուականի սկիզբը սովորականէն երեք տարւով կանուխ առնուած է ըստ Եւսեբեայ։

[107] Արձագանք», 1888, էջ 162. Բարխուդարեան, Արցախ, էջ 333։

[108] Էջմ. 114, թղ. 320։ Արարատ, 1888, էջ 410։

[109] Ընդունելով Մովսիսի մահը 1633 Մայիս 21, ընտրութիւնը կամ օծումը կ՚ենթադրէ 1629 Յունուարին (Յունվ. 13 ըստ Առ. Դարիժեցւոյ)։

[110] Առ. Դաւրիժեցի, էջ 313։ Աւելի հնագոյն մը ժամանակով՝ Մովսէս Բանասէր կը գրէ 1653ին. «Եդաւ պատուական մարմին նորա ի փոքրագոյն բլրին, որ հայի յարեւմուտս կոյս ի վերայ Հրաստան գետոյ, եւ ի հարաւակողմն ի կայարանն իւր սեպհական, ուր է շիրիմն առաքելոյն Անանիայի, որ է իսկ մենաստան կրօնաւորաց, պատեալ շուրջանակի պարսպա ի նորին աշխատանաց վաստակոց», Արարատ, 1888, էջ 418:

[111] Տապանագիրս օրինակած եմ Էջմիածնի Թ. 737 ձեռագրէն (թղ. 181 ա, գրուած իբր 1720ին)։ Շահխաթունեանցի արտադրութիւնը , էջ 155), զոր անփոփոխ յառաջ բերած են Ալիշան, Այրարատ, էջ 313, եւ Ե. Շահազիզ, Հին Երեւան, էջ 188, ունի ընթերցման տարբերութիւններ։

[112] Շ. Եդեալ շիրմի ճանապարհի։

[113] Շ. վարդապետի։

[114] Շ. ընտրեալ սուրբ :

[115] Շ. նորոգող։

[116] Շ. բացող եւ շինող գմբեթի։

[117] Շ. թուին։

[118] Պատմ. Հայոց, Գ., էջ 613։

[119] Ստորագրութիւն Էջմիածնի, Ա., էջ 218։

[120] Ազգապատում, Բ., § 1665։

[121] Սիսական, էջ 277 եւ Այրարատ, 231։

[122] Այրարատ, էջ 216:

[123] Կոնդակ Կտակարանաց տեառն Աղեքսանդրի Ջուղայեցւոյ կաթուղիկոսի ամենայն Հայոց (յամէ 1708). Ազգասէր Արարատեան, Ա. (Կալկաթա 1849), Թ. 12, էջ 92–93։

[124] Ուշադրութեան արժանի է որ Դաւրիժեցի նաեւ Մովսէս կաթողիկոսի օծումը Յունուար 13ին կը նշանակէր։

[125] Ձեռագիր Էջմիածնի Թ. 2018

[126] Թոփճեան, Ցուցակ ձեռագրաց Դադեան Խաչիկ վարդապետի. Բ., էջ «ՏԷՐ ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. Հ. Թ. ՌԾԲ»։

[127] Դիւան Հայոց պատմութեան Գիրք Ժ. Թիֆլիս 1912։

[128] Թոփճեան, անդ, էջ 53։

[129] Հ. Ն. Ակինեան, Երեմիա` Չէլէպի Քէօմիւրճեան, կեանքն եւ գրական գործունէութիւնը եւ Վիեննա 1933, էջ 195-196։

[130] Ձեռ. Էջմ., 981, Արարատ, 1888, էջ 417-418։

[131] Sե՛u էջ 4, ծ.

[132] Ղուկաս գրիչ. Էջմ. 2372, 355բ։

[133] Թորոս Աղբար, Բ. 428 (Ճաշոց 1630էն)։

[134] Անդ, էջ 450-452։

[135] Առ. Դաւրիժեցի, 312։

[136] Սիմէոն Լեհացի, Ուղեգրութիւն, տես վերը, էջ 14-15։

[137] Առ. Դաւրիժեցի, 286։

[138] Առաքել Դաւրիժեցի, էջ 302։