ՄՈՎՍԷՍ
Գ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
1.
ՄՈՒՏՔ
/1/
1933
Մայիս
21ին
կը
բոլորուէր
Մովսէս
կաթողիկոսի
մահուան
300ամեայ
տարեդարձը։
Չուզեցի
որ
սահէր
այս
բարեդէպ
օրը,
առանց
վերյիշեցնելու
նոր
սերունդին
այս
մեծ,
դարակազմիկ
անձնաւորութեան
հոգւոյ
ազնուութիւնը,
նկարագրի
ամրութիւնը,
սրբասնունդ
կեանքը
եւ
ազգօգուտ
գործունէութիւնը։
Ժամանակակիցները
կոչած
են
զինքը
«Երկրորդ
Լուսաւորիչ
Հայոց»,
իսկ
Սիմէոն
կաթողիկոս
Երեւանցի
կը
ներկայացնէր
անոր
նկարագիրը
այսպէս.
«Սա
էր
այր
Հոգեընկալ,
առաքինազարդ
եւ
բնակարան
շնորհաց
Հոգւոյն
սրբոյ,
սիրեցեալ
յԱստուծոյ
եւ
ի
մարդկանէ,
որ
ի
նստիլն
յԱթոռս
սուրբ,
որպէս
թէ
նոր
ի
նորոյ
ի
հիմանէ
նորոգեաց
զսուրբ
Աթոռս
եւ
պայծառացոյց
հոգեւորական
կարգօք
եւ
մարմնական
պիտոյիւք։
Որ
գրեթէ
զկնի
Լուսաւորչին
մերոյ
եւ
թոռանց
նորին
եւ
թարգմանչացն
մերոց,
յայլոց
Հայրապետացն
ոչ
ոք
եղել
երախտաւոր
եւ
բա/2/րերար
սրբոյ
Աթոռոյս
եւ
Ազգիս
մերոյ
նման
սորին»
[1]
։
Հայ
կեանքի
ճգնաժամային
օրերու
ծնունդն
էր
Մովսէս,
քաոսի
մէջ
ծագած
լոյս
մը՝
փրկութեան
յոյս
ներշնչելու
նաւաբեկեալներուն,
առաջնորդ
ըլլալու
նաւակոծեալներուն
եւ
վերածնութեան
խթան՝
խաւարի
մէջ
թարթափողներուն։
Օսմանեան
տիրապետութեան
տակ
հարստահարուած,
պարսկական
բռնապետութենէն
սոեղահանուած
եւ
չորս
հովերու
ցրիւ
եկած
ժողովրդեան
միութեան
նեցուկ
մեղաւ
անիկա,
ամայութեան
մէջ
նոր
կեանք
վերընձուղող
հայր
մը,
աերակներու
վրայ
նոր
քաղաքակրթութիւն
կառուցանող
ճարտարապես
մը,
եղծուած
բարքերու
բուժիչ
մը
եւ
հանգած
խորաններու
վրայ
նոր
զոհ
վերընծայող
քահանայապետ
մը,
ինչպէս
հին
Իսրայելի
առաջնորդը
անապատներէն,
այնպէս
համանուն
կաթողիկոսն
Հայոց
Մովսէս
Գ.
հանեց
իւր
ժողովուրդը
աւերակներու
կոյտերէն
Աւետեաց
երկիրը։
Ինչպէս
Բեռնարդոս
մը
Արեւմուտս,
այնպէս
Մովսէս
յԱրեւելս
ելաւ
հրապարակ
հնչեցնելու
ավետարանական
քարոզութիւնը
քաղաքներու
եւ
գիւղերու
մէջ,
խարազանելու
անկեալ
բարքերը,
եւ
ինչպէս
Գրիգոր
Է.
Լատերանու
բարձունքէն,
այնպէս
Մովսէս
Գ
/3/
Սիւնեաց
բարձրագաւառէն
բարձրացուց
բազուկը
նորոգելու
Եկեղեցին
ի
գլուխն
եւ
յանդամս։`
Հաստատուեցան
քրիստոնէական
կարգերը
երկրին
մէջ,
գտաւ
եկեղեցին
իւր
հեղինակութիւնը,
լեռներն
ու
դաշտերը,
հովիտներն
ու
անապատները
կանանչացան,
ծաղկեցան
եւ
պտղաբեր
եղան։
2.
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Աղեքսանդր
կաթողիկոս
ակնարկութիւններ
ընելով
Մովսէս
կաթողիկոսի
կեանքի
եւ
գործունէութեան
վրայ՝
կը
գրէ.
«որպէս
գիտողացն
է
քաջայայտ
ի
Լիակատար
պատմութենէ
իւրմէ»
[2]
։
Այս
գրութիւնը
առանց
տարակուսի
Առաքել
Դաւրիժեցւոյ
Պատմութեան
ԻԴ.
գլուխը
կենթադրէ,
ուր
ընդարձակօրէն
կը
ճառուի
«վասն
վարդապետութեան
եւ
կաթողիկոսութեան
տեառն
Մովսէսի»
[3]
։
Առաքել
Դաւրիժեցի
իւր
տեղեկութիւնները
հաւաքած
է
գրաւոր
եւ
բերանացի
աւանդութիւններէ.
ունեցած
է
աչքի
առաջ
ձեռագրական
Յիշատակարաններ,
ասոնց
թուին
մէջ
յիշատակութեան
արժանի
է
Ղուկաս
Գառնեցւոյ
Յիշատակարանը
1631էն,
ուր,
ինչպէս
կը
գրէ
Գառնեցի,
«աստանօր
կամիմ,
կըսէ,
/4/
հակիրճ
եւ
համառօտ
բանիւ
վիպել
ի
տառիս
զկենցաղավարութիւն
սորա
(Մովսէս
կաթողիկոսի),
զի
զկնի
եկելոցդ
առանց
բարբառոյ
յուշ
առնիցէ»։
Յիշատակարանս,
որ
պահուած
է
Էջմիածնի
Թ.
2372
ձեռագրին
վերջը,
թղ.
247ա—258ա,
ունիմ
ամբողջութեամբ
տրամադրութեանս
տակ
[4],
ընդօրինակութեամբ
Արհիապատիւ
Յովսէփեան
Գարեգին
արքեպիսկոպոսի,
որուն
կը
յայտնեմ
նաեւ
այստեղ
իմ
սրտագին
շնորհակալութիւնս
այս
բարեացակամութեան
համար։
Մովսէս
կաթողիկոսի
գործունէութեան
մասին
խօսած
է
նաեւ
Գրիգոր
Դարանաղցի
իւր
Ժամանակագրութեան
մէջ
[5],
թէ
իբրեւ
ականատես
եւ
թէ
իբրեւ
ականջալուր։
Մովսէս
աբեղայ
(Բջնեցի),
որ
«երկոցունց
Հայրապետացս
—
այսինքն
Մովսէս
եւ
Փիլիպպոս
կաթողիկոսներու
—
քարտուղար
եմ՝
լեալ»,
կըսէ,
1641ին
կը
խոստանար
գրել
Մովսէս
կաթողիկոսի
ներքին
եւ
արտաքին
կեանքը.
«զոր
յայլում
վայրի
պատմագրեալ
արտասանեցից»
[6]
։
Ինձ
ծանօթ
չէ,
թէ
կատարե՞ց
անիկա
իր
խոստումը։
/5/
Ունինք
տպագիր
եւ
ձեռագիր
Յիշատակարաններու
մէջ
բազմաթիւ
ակնարկութիւններ
Մովսէս
կաթողիկոսի
կեանքի
այլ
եւ
այլ
շրջաններու
նկատմամբ,
որոնք
կը
ծառայեն
կռուաններ,
ճշդելու
ժամանակագրութիւնը։
Բացի
Յիշատակարանների
հասած
են
մեզի
Կոնդակներ,
Թուղթեր
եւ
Գանձեր
ու
Տաղեր,
որոնք
կամ
Մովսէս
կաթողիկոսէն
գրուած
են
եւ
կա՛մ
կը
հային
անոր
գործունէութեան։
Այս
եւ
նման
ուղղակի
եւ
անուղղակի
աղբիւրները
պիտի
յիշատակուին
իրենց
տեղերը։
Այս
տեղ
առանձին
շնորհակալութեամբ
պիտի
յիշե
Վաւերագիրներու
Ժողովածոյք
մը,
որ
կազմած
է
Արհիապատիւ
Տ.
Պետրոս
արքեպիսկոպոս
Գոյունեան,
մեղուաջան
աշխատասիրութեամբ
հաւաքելով
Հռոմի
Տարածման
Հաւատոյ
Ս.
Ժողովոյն
եւ
Վատիկանեան
Դիւաններէն։
Այս
ժողովածոյքը
կը
բովանդակէ
Հայոց
եւ
Հռովմայ
Եկեղեցիներու
յարաբերութեան,
ի
մէջ
այլոց
Մովսէս
կաթողիկոսին
եւ
անոր
ժամանակին
հայող
թուղթեր
եւ
հաղորդագրութիւններ,
որոնք
այնպէս
օգտակար
եղան
ինձ
լուսաբանելու
Մովսէս
կաթողիկոսի
եւ
անոր
նախորդներու
արտաքին
յարաբերութիւնները։
Նոր
եւ
նորագույն
շրջանի
պատմիչներէն
յիշենք
հոս.
/6/
Հ.
Մ.
Չամչեան,
Պատմութիւն
Հայոց.
Հատոր
Գ,
Վենետիկ
1786։
Մաղաքիա
Արքեպիսկոպոս
Օրմանեան,
Ազգապատում,
Հատոր
Բ,
Կ.
Պոլիս
1915։
Այu
հեղինակները
խօսած
են
ընդարձակ
Մովսէս
կաթողիկոսի
մասին,
հետեւելով
գլխաւորաբար
Առաքել
Դաւրիժեցւոյ
հաղորդած
տեղեկութիւններուն։
[1]
Սիմէոն
կաթողիկոս
Երեւանցի,
Ջամբռ
գիրք:
Վաղարշապատ
1873,
էջ
21։
[2]
Ազգասէր
Արարատեան,
1840,
Թ.
12,
էջ
92։
[3]
Հրատ.
Վաղարշապատ
1896,
էջ
284-313։
[4]
Ձեռագրիս
եւ
Յիշատակարանիս
մասին
Հմմտ.
Н.,
Адонцъ,
Діонисій
Өракійскій
и
армянскіе
толковaтели,
Петроград,
1915,
cтp.
VIII–XIII,
Յիշատակարանից
կարեւոր
տեղիքները
տես
յընթացս
գործիս։
[5]
Հրտ.
Երուսաղէմ
1915,
էջ
287-301
եւ
այլուր։
[6]
Սմբատ
Տեր–Աւետիսեան,
Ցուցակ
հայերէն
ձեռագրաց
Ամենափրկիչ
վանուց
Ն.
Ջուղայի.
Թ.
94
(անտիպ)։