Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Գեղապետին տղան, քիչ մը անհանգիստ սա ելոյթէն, բաժնելով իմ ալ վախերս, կը զատուի ինձմէ։

Կը քալենք երեքով, գեղացիները ձգելով մեծ հոգի մէջ։ Աքլորամարտը չէր առած իրենց սպառած գնացքը։ Կանխահոգ յանձնարարութիւն մը լսելու, ծածկելու սա հիւրերուն ներկայութիւնը կը նշանակէր անուղղակի գործ ճարել շատախօսներուն, փսփսուքին ու արթնցնել անպայման չուշացող հարկահաւաքին ուշադրութիւնը։

Գաղտնիքը մեր ժողովուրդին մէջ չունի զգայարանք։ Ուղիղ անբաններ ենք, եղանք, էինք դարերով, այդ գետնին վրայ։ Ու դիտած եմ, որ զայն, գաղտնիքը, չենք կրնար կրել։ Ամէնէն շատ պիտի տառապին անկէ անոնք, որ ուրիշ առիթով դժուար կը յօժարին բերան բանալ։

Մէկ կողմէն կը հեռանամ սրճարանէն, միւս կողմէն՝  կ՚ամբողջացնեմ մտածումներս։ Յստակ է ծրագիրս։ Ամէն գնով հարկահաւաքին ժամանումէն առաջ հիւրերը հանել գեղէն դուրս։ Նոյն ատեն իրարու ետեւէ կը ներկայանան մտքիս հեքիաթներ, այդ մարդերը, աճպարար, կօշիկ նորոգող, աշուղի աշկերտներ տիտղոսելու այն պարագային, երբ ինծի անկարելի դառնայ զանոնք լեռ հասցնել մութը չկոխած։ Ջարդերէն առաջ թուրքերը կը հանդիպէին տարազէ օտարներու ու կը մնային անտարբեր։ Հինգ-վեց տարի ետքը, կառավարական հսկողութիւնը ամբողջական ցանցով մը ծածկեր էր հայաբնակ բոլոր վայրերը։ Կը վարձատրուէին օտարներու մասին «մատուցուած» բոլոր լուրերը։ Ասիկա մատնութիւն չէր, որմէ գեղացին խորունկ գարշանք ունի։ 1902ին, բիւրեղացումներ տեղի ունեցած էին ո՛չ միայն թուրքերու մտքին, այլեւ մեր ներքին ճակատին վրայ։ Առեւտրական դասակարգը, հարուստները, հարուստցուները իրենց ազգը սիրելով հանդերձ, չէին ախորժեր տաք-գլուխ օտարականներէն, բուն բառով՝ յեղափոխականներէն։ Սա գեղին մէջ ալ կրնար գործել անբան հետաքրքրութիւնը։ Երկու աքլորի կռիւէն փորձանք կրնար արձակուիլ սա մարդոց գլխուն (աւելի յետոյ դէպքերը արդարացուցին իմ վախերս։ Մաթիկ Մելիքխանեանի անձը ստեղծեց խոշոր տրամա, որ պատմուած է «Մնացորդաց»ի Բ. հատորի մէջ, «Արեան ճամբով»)։

Կ՚առնեմ փողոցը, որ լեռ կը տանի։ Հոնկէ չէ պատահած, որ ոստիկաններ գեղ մտնեն։ Մեզ կը դիտեն փոքրերը, բերանաբաց, ուռած-փոր ու աղտոտ, գոյնէ՝ մա՛նաւանդ։ Պզտիկը դժբախտ բան մըն է այս գեղին համար։ Շուներ, հաջելու իսկ անտրամադիր, հազիւ կը պղտորուին, հաւանաբար Մաթիկին մօրուքէն, ու ակռայ ցոյց տալով կը գոհանան։ Անօթութիւնը զարկած է, նոյն չափով, անասուններն ալ։ Ահաւոր պատկեր է ծեր, անպէտ գրաստներուն վիրահերձ քամակները, ուր ճանճերը կը թրթռան, կանանչ ու կարմիր։ Անոնցմէ աւելի թշուառ խրճիթները, իրենց ոսկորներէն քակուած, շաղախէն պարպուած պատերով, որոնց վրայ քանի մը ժամուան կարկտուք իսկ աւելորդ կը դատուի ձմեռէն առաջ։ Դեղին, գորշ բան մը, ո՛չ փոշի, ոչ ալ մժեղ, թերեւս ճահիճին իսկ արտաբուրումը մինչեւ հոս, կէս ժամ հեռուները, որ կը թանձրանայ դռնառաջի ցանցառ սալերուն, սաքուներուն, կը գունաւորէ բակերը, երբեմն յարդի ձեւով տեղաւորուելով կղմինտրի հազուադէպ ակօսներուն։ Զզուագին հոտեր, աղբի, թրիքի, թաց շորի, խառնիխուռն նետուած փայտերու, կոտրած սայլերու կմախքներուն, կը դպին ու կը նեղեն, ու աւելի տարօրինակ՝ կը թուին չորնալ, ճերմկելու տեղ խարզելով։ Կինե՞րը։- Վկայի՛ պէտք կայ այդ բառով որակելու սա ցնորական ձեւերը, որոնք դեփ-դեղին, սեւնալու իսկ անկարող, կուրծքի տեղ փոր միայն կը ցուցադրեն, մանուկով կամ փայծաղով, յղի կամ երկուքով ալ նոյն ատեն, վասնզի մալարիան սանձարձակ է, ճահիճին մէջ իր անհուն ոստայնը ամրապնդած տարիներէ ասդին։ Անասելի տգեղութիւն է մերկութիւնը իրենց ոտքերուն, որոնք սրունք իսկ չեն կրնար ըլլալ, քանի որ լուերու ծիրտերուն բիծերը գարշագին բանով մը կը կէտկիտեն անոնց շապընկերները։ Դէմքերը երիթացած, դեղինէն դէպի կանանչը գէշ երանգներով, մասամբ ուռեցուորած, մասամբ կաշի դարձած։ Մարդ դժուար կը հաւատայ գիրքերէն փառաբանուած «Կապոյտ թռչուն»ին, սա դժոխքէն փախած ձեւերուն դիմաց։ Կի՞ն։ Պէտք է հարցնել Տանթէին, թէ ինչո՛ւ իր գիրքին մէջ տեղ չէ տուած Քալապրայի կիներուն։

Մեր տրիբունը շարունակ կը գոցէ, կը ճմռէ ռունգերը ու կը ջանայ զսպել հազը, հետեւանք՝ գարշահոտութեան կճումներուն։ Նեղուած է մէզին ու քակորին, սատակ կատուներու, հաւերու, շուներու բազմախառնուրդ բազմաբուրումներէն (Մեծարենց պէտք էր տեսած ըլլար սա պատկերները), ուր իրենց առէջները կը նետեն փողոցներուն վրայ բացուող կոյուղիները, շարունակ քջուջովը հաւերուն օդին մէջ բարձրացնող իրենց հոտերը։ Սատակները օրերով կը պառկին տուներուն առջեւ, բանակ-բանակ ճանճեր բզզիւնի հանելով պզտիկներու քարկոծումէն։ Ոչ ոք կը մտածէ զանոնք թիով մը նետել աղբակոյտ, ու կը հանդուրժէ այդ գարշահոտութիւնը, մինչեւ որ որդերը յաջողին ծակծկել մուշտակը, փետուրը, դուրս թափեն փորոտիքը, հրաւիրեն ագռաւներու խնճոյքը։ Մնացածը, - այսինքն՝ չորացումը- պարտքն է արեւին։

- Էս ի՜նչ աղտոտութիւն, - աղբէր ճան…

- Լռէ, - կը ձայնեմ կամաց, - օտարականին թշնամի է ձայնը։ Ամէն գնով կիները գիտնալու չեն սա մարդոց օտարութիւնը։

Կը հասնինք գեղին կռնակը։

Բլուր է ալ։ Բայց քիչ սովորական, հերքելով բառին զուգորդ զգայնութիւնները։ Դէպի բացերը կլորցող ամբողջ տարածքը գրաւուած է ժայռերով, որոնք իրենց մէջքերէն քանի մը անգամ կտրտուած ու սառած ալիքներու նման կը շարուին ետեւէ ետեւ, թելադրող ալեկոծ ծովու երես մը, որ հրաշքով մը ըլլար քար դարձած։ Այդ ժայռերուն վրայ ժամանակը աշխատած է կորացման, կլորցնելու, շատ միակերպ աշխատանք մը, մեղմելով բոլոր սրութիւնները, գնդակերպ ձեւերու հզօր միութիւն մը երեւան բերելով։ Մարմարն է խմորը այդ քարերուն։

Գորշ, տխուր երանգ մը, ըսես մորթը ըլլար այդ քարերուն, չի խանգարուիր ոչ մէկ օտար գոյնէ։ Կը պակսի մամուռը, կը պակսի խոտը, թփիկը, ծիլը։ Գարնան վախկոտ ծաղկի լեզուները այդ քարերու ճեղքին երբեմն սիրտի պէս անուշ-անուշ, աշնանասկիզբին կը պակսին դարձեալ։ Այդ տարօրէն լերկ տեսարանը սիրտը կը սեղմէ բոլոր այցորդներուն։ Առաջին օրերուս կու լայի սա սարսափին դիմաց։ Կը շինէի պահերը, որոնք այդ քարերուն կրակէ կեանքը կը հսկէին, անպարագիծ տեւողութեան մը երեսին, ու կ՚ապրէին երկրին կեանքը, անոր գուշակելի, բայց աներեւակայելի տառապանքը, վերակազմելով այդ աղէտներուն թափօրը, միլիոնաւոր տարիներու ընդհատներով…։ Բնութիւնը այսպէս զարնող ցաւը չէ՞ մեղմացած, որպէսզի միշտ այդ միլիոնաւոր դարերու թաւալումէն ալ ետքը մարդիկ շարունակեն զգալ իրենցմէ ներս այդ անհուն փոթորիկը տարրերուն, խենթեցած պարը սա քարէ կայլակներուն, իրարու վրայ արձակուած անըմբռնելի մատներէ ու հիմա փաթթուած իրենց սուգի գորշ շղարշին։ Երկաթի պատահական հարուած մը, սակայն, երբ պատռէ այդ վարշամակը, այդ պատանքը, քարը կը գտնէ աստուածային իր պայծառութիւնը, ամէնէն ազնիւ նաշիհն ալ ստուերի տակ ձգող սպիտակութեամբը։ Ու կ՚առնէ արեւէն շափիւղայ ու ոսկի, կարկեհան ու զմրուխտ, այնքան առատ ու բնական, որ կը փախցնես աչքերդ, շլացումէն ցաւելու սկսած։ …Հայերը միայն մօտիկը կը մնան սա խորհրդաւոր ապրումներուն։ Անոնք են, որ սիրտ պիտի ընէին սա մռայլ, բայց ներսէն ձիւնափառ մերձաւորութիւններու հետ հաշտեցնել իրենց պատմութեան քիչերէ ընդզգացուած սա տառապանքը իրեն, ով գիտէ ո՛ր դարուն, բռնի հանուեցան իրենց գեղերէն, Հայաստանի յորդ ու պայծառ կանանչաստանէն ու ձգուեցան բախտին ալիքներուն, որոնք զիրենք բերին խլեակներու նման թխմելու սա քարեղէն ծովուն շրթներուն։ Չըլլար այդ ժայռաբլուրի ստորոտին գեղանի, հրաշալի, յորդ ու ադամանդ աղբիւրը, մարդիկ պիտի վախնային սա հսկայական գերեզմանէն, որ այդ բլուրն է, երբ մէջը խորանաս։ Մարմարը, որ տուած է գեղին անունը, կայծակնահար կողերու վրայ արիւնի հանգոյն կարմիր արատներ ալ կը ցուցադրէ, խորացնելով աղէտի զգայնութիւնները ներսը, կարծես պատմել ջանալով տառապանքը, զոր կրակը դրած է անոր լեարդին։ Կան այսպէս գորշամոյն այդ տեսարանի վրայ ջարդուող, արնաշաղախ առանձին միութիւններ, կղզեակներու նման, որոնք դիմացէն արեան մէջ սառած մարմիններ կը թելադրեն, նոր աւարտած ճակատամարտէ մը ետք։

- Ի՛նչ դաժան է այդ ամէնը, աղբէր ճան։

Կը նայիմ քաղցր ու հաճ հոգիով մը։ Բնութեան վրայ աչք ունեցող ամէն մարդու մէջ դժուար չէ զգալ անասունէն անդինը, առնուազն արուեստագէտը։

- Կը գա՞ք հոս յաճախ։

Չեմ պատասխաներ։ Բայց կը դառնամ իմ տպաւորութեանս մթերքին, մօտիկ անցեալէն։ Ըսի, թէ մեծ գերեզմանն էր յատակը այդ ապրումներուն (մահը, պատանի, ամէնօրեայ ընկեր մըն էր ինծի, քաղաքէն գնուած ու վանքի մը մէջ հասունցած)։ Սուգին ընդարձակ քողը, զոր երբեմն կը զանակեն, բոժոժ-բոժոժ կը հանգուցեն գարնան հեշտ շունչին մէջէն վաղաթառամ ծաղիկներ, վայրի մեղուներու կծիկ-կծիկ խորիսխները, քարին իսկ մէջէն յօրինուած։

Ան ալ այցուած է մահուան զգայնութիւններով, քանի որ առանց պատճառի կ՚ըսէ.

- Մի ինչ լաւ գերեզման է ատ…

Մտովի կ՚ամբողջացնեմ նախադասութեան թելադրանքները։ Այդ գեղին մէջ ես մինակ վարժապետ մը չեմ, այլեւ՝ տառապող, ռոմանթիք թափառական մը։ Դպրեվանքէն փախուստիս վաստակուած մալարիա մը, Եալովայի ճահիճներուն մէջէն, կը շարունակէ զիս հարուածել, աշնան սկիզբները ու իմ զրկալից պատանութեան պակաս թողածը կը դարմանէ, զիս ընելով լեարդէն կրծուած (զուր տեղը չէ, որ «Անգղին կտուցին տակ»ը օր մը գրքոյկի մը անուն եղաւ ինծի) յիմար մը։ Չեմ խօսիր հոս կիներէն, որոնք պատանութիւնը կ՚աւարտեն ամէն տղու մէջ ու կը ձեւեն մարդը։ Ուրիշ տեղ մը թերեւս ինծի տրուի սիրտը այդ փորձարկութիւնները պատմելու։

Ամէն երիտասարդ, հեռու հեքիաթին յօրինած միակտուր արարածը ըլլալէ, բարդոյթ (complexe) մըն է անգուշակելի դրութիւններու։ Պատմեր եմ մաս մը բան արդէն («Երբ պատանի են»)։

Մեր առջին, գերեզմանաքարերը, ծալէծալ, համաձայն հողին վէտերուն, կարմիր, մութ-կանաչ ճանճիկներով պիսակաւոր։ Ամբողջութիւնը տարօրէն ճնշող, մահուան մէջ ճարուած կարծրութեամբ մը, յստակ՝ յիշեցնելու չափ գեղին մօտիկ միւս քնարանը, զոր ուռիներ կը հովանաւորեն ու մոլեխինդերուն թուփերը կը հարսնեւորեն։

Մաթիկ Մելիքխանեան կը կոտրէ ժայռի շերտ մը։

Բիւրեղներու հարիւրաւոր աչուկներ։

- Ի՜նչ գեղեցիկ, - կը բղաւէ անիկա ու կը լռէ։

Ամէն քայլի տեսարանը կը պարզէ նոր-նոր կերպարանքներ անձրեւին  բարակ ասեղներովը  ճարտարապետուած, ինքնատիպ ու քմայքոտ, որոնք սկզբնական զանգուածէն կը ձեւեն աս սիւնաւորումները, սրտառուչ փափկութեամբ, ինչպէս նաեւ փեռեկտումներ՝ մազերը փուշ-փուշ ընող։ Ամէն հասակով։ Մաթիկ զանոնք կը նմանցնէ շատ բաներու, - մակաղած հօտի, խառնիխուռն, ո՛րը ոտքի, որն ալ պառկած, շրջուած զանգակներու, որոնք տառապին իրենց համրութենէն։ Որսորդ, վարժապետ, հովիւ կը տպաւորուին սա պատկերաշարքէն։ Գեղացին կը տրտմի, հաւանաբար հողի պակասէն անգամ մըն ալ այցուած, երբ կը մոլորի այդ ալիքներուն ներսը, փնտռելու կորսուած ոչխարը։ Օտարականը, գլուխը ճօճելով կը բարձրանայ իմաստութեան, երբեմն ապշեցուցիչ խորութեամբ։ Այնքան իրաւ է, որ ամէն ապրող ինքնիրմով պայմանաւոր փորձառութիւն մըն է։ Ամէն ապրող գիտէ այնքան, որքան թուղթերու կայսրութեան մը ինքնակալը, որ մոռցած (ապրիլը) ուրիշները վերլուծելու կը ձգտի։

Օրը կը դառնայ դէպի էտինք։ Աշնան տապը կոտրած է քիչ մը թէեւ ժայռերուն երեսին գոլը, հեւուտ ու դպող, տակաւին կը նեղէ մեր գնացքը։ Վարերէն մուխեր։ Դէմի կանանչ դարաստանին ոչխարները կութքի։ Հոն են հիմա հարսները, իրենց դոյլերով, կենդանիներուն պտուկները հեշտագին շոյելով ու իրարու պատմելով խոր, հոտաւէտ, տրտում բաներ…։ Բոժոժները կու լան։ Ու հովը իր թեւերուն վրայ ճահիճէն զարկած է մժեղներու փափկիկ ու թրթռուն շղարշը։ Հարիւրաւոր զգայնութիւններ, անկապ մտածումներ իրար կը հալածեն գանկիս տակ։ Սրճարանը իբրեւ պատկեր կը բռնանայ մտքիս։ Հարկահաւաքը՝ ուրիշ սարսափ։ Գոհ եմ, որ վտանգը առայժմ չի սպառնար սա տղոց։ Մեր տրիբո՞ւնը։

Ով գիտէ ինչե՜ր ունի գանկի տակով։ Շատ պտտողը շատ գիտէ, ըսած է ժողովուրդը։

Մինակ գիտո՞ւն։ Ընկեր Մաթիկ Մելիքխանեանցը անշուշտ յեղափոխական մըն է ու իբր այդ զինուոր մը ամէն բանէ առաջ։ Աւելի ուշ պիտի իմանայի իր պատերազմները։ Մինչեւ այդ րոպէն, անոր բերնին մէջ սա ժայռաստանը մի սքանչելի դիրք է, ֆետայիին գլուխն ու մարմինը պաշտպանող, անոր յարձակումները դիտող, մա՛նաւանդ նահանջը ապահովող։ Ընկեր Մաթիկ վկայութեան կը կոչէ Նափոլէոն կայսրը, որ իր յիշատակներուն մէջ քննադատած է Վաթէրլոյի ճակատամարտին անգլիացի զօրավարը, կռիւը ընդունած ըլլալուն, առանց նահանջը ապահովելու։ Այդ ժայռաստանը անշուշտ ամրութեանց «մի բնական» շղթայ է հոս։ «Սքանչելի» սա ցցուածքները երկինքէն պարգեւուած պատնէշներ։

«Նրանք» կը յիշեցնեն Սասունը, ուրկէ երգեր, հեքիաթ, պատերազմի տէսթաններ իմ երկրորդ մանկութեան հրաշալի աշխարհը կը յօրինեն եւ ուր գիտեմ, թէ «հանդարտութիւնը կատարեալ է» չարաշուք տարազը թուրքերուն նորէն կը թարմանայ։ Ըստ Մաթիկի, յեղափոխականը «լինելու» է եւ տնտեսագէտ, ագրոնոմ, ու պիտի հետաքրքրուի գործունէութեան իր շրջանին բերքովը, հողերու պարարտացմամբը, բարեփոխութեամբը։ Ու համաձայն այդ տեսութեանց, մօտիկ «ապագայում» սա թշուառական աւանը սահմանուած է ըլլալու մի մեծ ինտուսթրիէլ կենտրոն, քանի կան սա քարերը, որոնց մարմարը ո՛չ միայն կը բաւարարէ ամբողջ Թուրքիոյ քանդակագործական եւ ճարտարապետական կարիքները, այլեւ կը ջախջախէ Յունաստանը, Իտալիան, երբ արտածուի։ Յեղափոխականը նոյն ատեն բնական գիտութիւններու ուսուցիչ ալ է, կրային մարզերու մէջ երկրաբանական յեղաշրջումներու փաստերը արժեւորելու ընդունակ։ Ու է հողագէտ։ Ու է բժիշկ, վիրաւորներու դարմանումին համար տեղական բոյսերու լիակատար օգտագործմամբ մը։ Ու ի՜նչ չէ յեղափոխականը, սա մարմարեղէն ամայքներուն մէջ, սա պզտիկ պտոյտին ընթացքին։

Համառօտած եմ հիմա, երբ այս յուշերը կ՚առնեմ գիրի, Մաթիկի մտածումները, տիալէկտիկան, անշուշտ շատ բան զոհելով անոնց շեշտին ջերմութենէն, հարստութենէն։ Խօսքի ջաղացք՝ ան այդ խորհրդածութիւնները կը բանաձեւէ մաքուր հայերէնով մը, անշուշտ գիտական թերմերու անխուսափելի զեղծանումով մը, օտար բառերէ, որ արեւելահայ մտաւորականութեան տրտում սխրագործութիւնն էր ութսունական թուականներուն։ Յանկարծ կ՚անդրադառնամ, որ անոր ընկերը բառ մը չէ արտասանած։ Խո՞ւլ, հա՞մր։ Չեմ համարձակիր հարցնել։ Ունիմ տպաւորութիւնը կուռքի մը, որուն անցուցած ըլլան պախուրց, ու քաշեն։

Հասած ենք վտանգաւոր գօտի մը։ 900էն յետոյ Նիկիոյ շրջանի հայ գիւղերուն դարաւոր, բնական ապահովութիւնը խանգարուած էր պետական կարգադրութիւններով։ Ատոնցմէ ամէնէն ընդվզեցուցիչը գաղթականներու զետեղումն էր, դարերէ ի վեր հայ գեղերով պատկանող արտօրաներուն վրայ։ Լեռնէ լեռ, հովտակներու ամէնէն յարմար, «ռազմագիտական» կէտերուն, իբր թէ աւազակներուն վրայ դիտողավայր՝ հաստատուած էին մանրիկ պահականոցներ, հին տարպանտներուն քիչ մը շատ հեշտագին պայմաններէն զուրկ, բայց իրենց նպատակին մեծ յարմարութեամբ մը։ Հոն շրջուն ոստիկանները կը գտնէին զէնքը, ռազմամթերքը, ձիերը ու հաղորդակցութեան ուրիշ միջոցներ, մա՛նաւանդ մարդեր, որոնք ո՛չ անտառապահ են, ոչ ալ ժանտարմա, բայց, ծխախոտի մաքսանենգութիւնը հետապնդելու ձեւին տակ՝ կ՚ընեն աչալուրջ հետազօտութիւն, եկողէն ու գացողէն։ Մեր առջեւ են կիրի բացօթեայ փուռերը։

- Վտանգաւոր գօտի է, աղբէր ճան։

Կը լրջանայ յեղափոխականը, «վտանգ» բառին հետ ով գիտէ ի՜նչ ապրումներ վերյիշելով։ Կ՚ապահովցնեմ զինքը, վասնզի ցոյց կու տայ որոշ անհանգստութիւն։ Թուրքեր կը նշմարուին, իրենց էշերուն ետին, կարմիր իրենց ֆէսերը թօթուելով ձիւնին ճերմակ փոշիէն։ Կը յանձնարարեմ լռել։ Հակառակ յեղափոխականի վարկին, չի հասկնար ու լուսաբանութիւն կը պահանջէ տղու մը նման, որ ջանար բացատրել իրեն դրուած արգելքին իմաստը։

- Էլի՛ մի քիչ ու կը հասկանաս, աղբէր ճան։

Շեշտ, բառ հարազատ են բերնէս, Թիֆլիսէն նոր ժամանած մէկու մը առոգանութեամբը։

Ապշահար կը նայի երեսիս։ Իր զարմանքը դժուար չէ բացատրել։ Ուրկէ ո՛ւր հայրենի անոր շեշտը՝ խորը սա լեռներուն։ Կ՚ուզէ խօսիլ։ Կ՚ընդդիմանամ։ Ա՛լ մտած ենք փուռերու տարածքը։ Կիրի գնորդները թուրքեր են, քանի որ դրամը անոնց մօտն է հիմա։ Տեղին վայրագութիւնը չեն նուաճեր ո՛չ աղբիւրներով գոյաւոր սքանչելի պուրակները, ոչ ալ փրթած, միշտ կոտրտուելու վրայ լեռնաշերտերուն խռովիչ, նկարչագեղ ճարտարապետներուն։ Անհուն արուեստագէտ մը հեքիաթին մուրճովը կարծես պտտած է սա կողերուն ու փլած, նորոգած ու հեղինակած է, ձեւի դրած սա անբացատրելի, բայց իրաւ գեղեցկութիւնը, որ կը բխի ամէնէն վայրի նկարի մը բաժակէն, ծաղիկի նման ու ձեռակերտ վայելչութեան մը նման։

- Էս ի՛նչ ա, աղբէր ճան…

Յետոյ պիտի իմանայի, որ ան տառապած էր ամէնէն շատ սա «փախուստի» ընթացքին, ինչպէս տարազեց գեղէն մեր հեռանալը, ինք, որ օսմանեան կայսրութեան ասիական տարածքը կտրեր-անցեր էր, առանց ենթարկուած ըլլալու լռելու ստիպողութեան։ Տեղ մը կարդացա՞ծ էի, թէ հիմա կը տարուիմ այսպէս մտածելու- խօսիլը, մա՛նաւանդ յաճախանքը, մարմաջը բնախօսական երեւոյթ մըն է կարգ մը մարդոց համար, ինչպէս քերուըտուքը, համակրական ծիծաղը, յօրանջելը։ Աւելի ուշ պիտի գիտնայի, որ լռելն ալ, զայն «հագնիլն» ալ նոյն գիծի նման երեւոյթներ են, թերեւս ենթակայ լեարդին ու, հիւանդութիւն մը ուրեմն։

Քանի կը խորանանք, բլուրները կը դառնան աւելի ողբալի, քանի որ անբացատրելի զայրոյթը, որուն գինն են անոնք, հազարաւոր դարերէ ի վեր կը պահէ իր խորութիւնը, շեշտուելով, ոճ ըլլալով՝ բզիկ-բզիկ կողերէն ժայռերուն, որոնք իրար կը հարուածեն ու կը մնան իրենց սարսափին մէջ անհունօրէն պիրկ։ Երբեմն գոնջ լերկութեամբ զզուելի գօսացումներ, բորոտ ու թունաժէտ, որոշ լայնքերու վրայ, մինչեւ որ անդունդ մը փորուի թաղելու այդ պղծութիւնը։ Ամէն ինչ վայրաստանին վրայ ամայի շարժականութեամբ մը կը թրթռայ, քայլի, ինկող քարի, փախստեայ թռիչի մը իսկ բեկորներովը, որոնք այդ ատամնաւոր խազխզումներուն ժանիքներէն կը փշրուին ու «կոծկոծուն» կը շատցնեն իրենք զիրենք։ Այդ պատրանքը զօրաւոր է մա՛նաւանդ շան հաջոցներուն հետ, որոնք կ՚երկննան ու բլուրէ բլուր ցատկելու ատեն կը ցրցքնուին, ամայութիւնը ողողելով անհանգստութեամբ, անձուկով։ Երբեմն շէնք-շնորհք փողրակուած մարդկային ձայն մը, որ շեփորի մը բխումին նման կը բրգանայ չերեւցող յատակէ մը ու մեր գլխուն վերեւ կը լայնասփռուի։

- Ի՜նչ զարմանալի երկիր է էս, աղբէր ճան… Մատովս կը հրամայեմ լռութիւնը, վասնզի ճամբան սկսած է փոխուիլ։ Կոպճուտ ու կարծր կածանը, լման երեսը կազմող մարմարէն հանուած, քանի մը օր առաջուան անձրեւներէն լուացուած՝ հետզհետէ կը լայննայ, կը փափկանայ։ Դէպի վարերը փորուածը ո՛չ ձորակ է, ոչ ալ դասական կիրճը։ Լայն կքում մը, բռնի փրցուած լերան փէշէն, անցք մը ճարելու համար դէպի դաշտը։

Այս կքումն է, որ ժամանակին հետ վերածուեր է ճամբու, դէպի ցանուցիր գեղերը դաշտավայրին։ Էշերու սուր սղոցուկը, իրարու  արձագանգող իրենց գալարափողերէն միջոցը կը լեցնէ ընտանի ու բնական բարեխառնութեամբ մը, որ աշխատուած, մարդացած վայրերը կը զատէ անհուպ ամայքներուն կարծր, յոգնեցնող ու անիմաստ պատկերէն։ Շուներ, որոնց կաղկանձը օդը կը կոծէ՝ աշնային տրտմութիւններ սահեցնելով հասած այգիներուն ոգիովը արդէն ջերմացած սիրտերէ ներս, երբ կեանքը պահ մը կը փոխադրուի այդ բլուրները ու ամէն թուզի ծառին տակ (որ այգիին մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է, դուք գիտէք պատճառը այդ խորհրդաւոր մերձեցումներուն, որթին եւ թուզի ծառին միջեւ, ժողովուրդին կողմէ շատ մը խորհրդապաշտ պատմումներու վրայ սեւեռուած, այնպէս որ՝ արբունքի հասնող պատանիները կը զգուշացուին աշնան մուտքերուն անոնց շուքին երկարելէ) օրուան մը մէջ կը ճերմկի…։ Փայտուորներ, բեռնորդներ։ Կ՚անցնինք փուռերու գիծէն։ Մարմար շերտերու փողփողուն կոները, այդ փուռերու կտուրէն հազարաւոր լոյսի երանգներ կ՚ոլորեն, կը ցրուեն։ Անոնց առջին ճամբան պղտոր ալիւր է ամբողջովին։ Հարիւրաւոր սակառներ, լեցուն, սպասելով կենդանիներուն։

Թուրքեր, որոնք կէս հացով կամ երկու ափ թեփով կը փոխանակեն կիրի իրենց բեռը, - միակ բերքը սա գեղին։ Կը բարեւեմ։

Կ՚առնեն իմ բարեւը, անշուշտ քիչիկ մը զարմացած միւսներուն լռութեան։ Իրենց մազերուն ու թարթիչներուն եղիամին ընդմէջէն նայուածքը կ՚ըլլայ քիչիկ մը թթու։ Տարազը, մօրուքը (մեր երկուքին) փաստ են օտարութեան։ Ու լայն իր երկրին մէջ, թուրքը օտարը չ՚ուզեր ճանչնալ, մինչեւ որ ատոր պէտքը չզգացուի իրեն։ Անտրամադիր են բերան բանալու, առանց ստիպողութեան, վասնզի կիրին փոշին կրակի պէս կ՚այրէ կոկորդը։ Անոնք, մենք չանցած՝ կը դառնան իրենց աշխատանքին, կրացած քարերը զետեղելու պարկերու մէջ։

Անտա՜ռը։

Անոր էն խորունկ ու ոտքէ բոլորովին հեռու մէկ ծմակին։

Գեղէն փախուստի ընթացքին միտք ինկած սա խրճիթը, ուր այդ եղանակին կը պառկի փորձուած ու ծանօթ հովիւ մը։ Խրճիթ չէ, այլ՝ ուղղակի վիմափոր քարայր մը, զոր շատ խիտ թաւուտներ կը պատնիշեն։ Հովիւին նախնական խելքը կաղնիի ոստերէ դռնակ մը յարմարցուցած է անոր մուտքին։

Պատահական ընտրութիւն մը չէր, որ կատարած էի այս վայրին վրայ։ Կիրին փոշին մինչեւ մէկ քիլոմեթր անհաճոյ կ՚ընէ այդ շրջանը, մա՛նաւանդ ձիերուն քիթին, որոնք կը դժկամին արդէն անհաստատ կածանէն։ Ոստիկանները միշտ ձիու վրայ կը խուզարկեն սա լեռները։ Յոգնեցուցիչ ու դաժան այս պայմաններուն մէջ հետապնդումը կը դանդաղի, յանգելու համար սուտին, որ հալածող ջոկատներուն պատրաստ ապրանքն է միշտ։ Յեղափոխական որսալը նոյնը չէ քաղաքներու անգործ ոստիկանին եւ սա դաշտերու մշտազբաղ ժանտարմաներուն համար։ Առաջինը կը շահագործէ պատեհութիւնը, աշխատանք մը ճարողի խանդովը։ Երկրորդները վախէն զատ ձանձրոյթ ալ ունին, հետեւելու համար շանոտք ունեցող քոմիթաներուն ասպատակներուն ու կը բաւականանան աղուոր շուքի մը՝ քուն մը քաշելով, ուր տասնապետը կը խմբագրէ լեռներու եւ դիրքերու անուններով համեմատուած տեղեկագիրը, - կատարուած թուղթի վրայ, - արշաւներով հարուստ։ Անցեալին, ասպատակներու խումբեր ապրած են սա խորշին մէջ, անհանգիստ չըլլալով հետապնդող ձիաւորներէն, որոնք չեն յօժարիր իջնել ձիերէն։ Դէպի ծմակը ճամբան անմատոյց է չորքոտանիներուն։ Ու տեսակ մը մագլցում է հարկաւոր։ Ընտանի անասուններէն միայն այծերու հօտը կը յանդըգնի այդ տեղուանքը ճարակի իջնել։

Աշնանամուտին, քանի մը շաբթուան համար այս բարբարոս փոսը կը դառնար բնակելի։ Հովիւները, ձիւներէն առաջ, աշնան առջի անձրեւին ընձիւղները թանկ կը նկատեն այծերու սաղմին։ Տեղին բացառիկ առատութեամբ ջուրը մինչեւ քանի մը մղոն երկայնքի վրայ, մարմար ագուգաներուն -այնքան լաւ փորուած են ժայռերը, որ ուրտը կը թուի մարդու ձեռքով մէջտեղ եկած- եզերքովը կը բուսցնէ բացառիկ առատութեամբ, բայց շատ յարգի խոտ մը։ Աւելի կարեւորը, այծարած Ակոն բացառիկ կերպաս է։ Դնդեր ու ոսկոր, բնաւ շուք չտեսած տունկի տեսակէն։ Պատուական՝ սիրտէն, որ մեր գեղերուն բացատրութեամբը «օսկի է»։ Ինչո՞ւ չբացուին այս վէպին էջերը, պէտք եղած լայնքով, անոր պէսներուն, որոնք ապրեցան ատ լեռներուն մէջ ու ըրին բարիք, գլխնուն գնով, բոլոր փախստականներուն, պատսպարելով անոնց հալածական երէի անդոհը խոր խորշերուն մէջը իրենց «քաղաքին», ու մեռան, այծի սէրէն դուրս ուրիշ նայուածք իսկ չճանչցած։ Բայց հովիւը չէ, որ պիտի կարդա՜յ մեր վէպերը։

Անոր  վստահուած  գաղտնիքը  ծովուն  տակ ինկած ջաղացքի քարն էր։ Ու խօսելու դժկամութիւնը՝ ուրիշ գրաւական։ Անիկա մէկ հատիկ մարդն էր, որ կը ճանչնար նաեւ քարայրին յատակէն խորացող ուղին, որ աւանդութեան մը համաձայն կը հասնէր քառորդ մը անդին, անտառին միւս թափին ապահով ծառաստան մը, ուր կրնային պահուիլ 10 օր, հացի տեղ կերակրուելով ճուլպանտով, թըթրկիչով [1] ։ Իրակա՞ն, այդ ընդերկրեայ անցքը։ Կ՚ըսէին, թէեւ ես տեսած չէի փորձողը։ Իմ գիտցածներէս, Ակոն, որ երկու Հայր մերի տեւողութեան կ՚իջնար վար, ու կը դառնար, կանչելովս։ Ուրիշներ ատկէ ալ քիչ կը յանդգնէին։ Հեքիաթ չէ ասիկա, որպէսզի սուզուիմ անոնց ետեւէն։ Զանց կ՚ընեմ ինծի պատմուած նկարագրութիւնը, գետնի տակով զբաղելու համար չկրնալով լքել ողբերգութիւնը, որ երեսինն է գետնին։-

Բոլոր անխնամ քարայրներուն սպասող բախտը, այսինքն՝ անցքին խզումը կամարէն փրթած քարերուն միջոցով։ Անոր մուտքը պաշտպանուած էր ժայռով մը, որ ճարտար յարդարանքով մը կը ծառայէր օճախին իբր կռնակ։ Ոչ մէկը միտքէն պիտի անցընէր այդ մոխրաթաթախ քարին դպիլ։

Հովի՞ւը։

- Դառնալու էր անշուշտ իրիկուան դէմ։

Ընտանի առարկաներ փաստ էին ատոր։

Զուարթ, քիչ խօսող, ձիգ-բերան, մարդամօտ, Մանուկենց Ակոն։

Գեղէն հեռու, ժամով։

Քարայրին տպաւորութիւնը եղաւ խիստ զօրաւոր Մաթիկ Մելիքխանեանին վրայ։ Հեղե՜ղ։ Անոր լեզուն կրնար մրցիլ ջաղցի քարին։

Ամէնէն շատ գիտութիւնը, Գէորգեան Ճեմարանի հանքաբանութեան ու երկրաբանութեան դասերուն լրիւ վերյիշումովը, ուսուցիչին դիմախաղովն ու շեշտովը։ Բոլոր խաւերը, քարի բեկորներէն ցոլացիկ միքաները, էսէջները, սելեքոնները, ու խել մը աւելի բարբարոս անուններ։ Դրութիւններ՝ բացատրելու համար ջուրերուն դերը կրային զանգուածներու վրայ։ Ահաւոր իր մարգարէութիւնը, որով օրին մէկը անդնդախոյս կործանում կը պատգամէր մեծ լերան, քանի որ անոր ընդերքը այսպէս «պեղւում, տրորւում» էին բնութեան մեծագոյն «ազդակներից»։ Յետոյ տնտեսագիտական պրոպլէմներ։ Յիմարութի՜ւնը թուրք վարչութեան, որ երեսի «էր թողել» իր երկրի անգին գեղեցկութիւնները։ Իր գլխուն վկայութեամբը, յեղափոխական Մաթիկը կը խոստանար «մի քանի տարուց ուղիղ մի դրախտ անել» սա «գայլերի բնակարան» շրջանը։ Երկաթուղիներ, լեռնային տեսակէն «էնպէս», ինչպէս «կառուցում էին Շվեյցարիայում», այսինքն՝ անգրընայով, որոնք կարող էին վեր բարձրանալ, «թէկուզ» ձեռքին պէս ցից սարերէ։ Ու ատոնց հետեւորդ զբօսաշրջիկները, որոնք փոխանակ ճանապարհ ու ժամանակ կորսնցնելու մինչեւ Զուիցերիաները, պիտի գային հոս, աւելի աժան ու վայելէին բնութեան հրաշալիքները։ Յեղափոխական Մաթիկը կը մտածէր զարհուրելի արագութեամբ, առանց անդրադառնալու, որ զբօսաշրջիկներու արտածումը Արեւմուտքէն է եւ ոչ թէ Արեւելքէն, որ շատ-շատ ուխտաւորներ կու տայ մեր ժամանակներուն։ Անշուշտ, անգամ մը, որ տալէրը ամերիկեան  գրպաններէ  հոսէր գեղին  տնտեսութիւնը  մէկ հարուածով ինքզինքը կը գտնէր։ Կը ջնջէր այդ ախոռակոյտը, որմէ անցած էին զզուանքով ու տեղը կու գար «մի գեղեցիկ» լեռնային զբօսարան։ Հայ ժողովուրդն ալ կուշտ հացը կ՚ուտէր, հեռու բռնապետութեան թաթերէն, զորս վերցնելու աճապարանքին մէջ չէր ճշդեր հեղինակ կամ ազդակ, ինք, այնքան գիտուն ընկերաբան, մա՛նաւանդ  քաջ  տրամաբանող։

Մաթիկ Մելիքխանեանցը չգոհացաւ սակայն այս ուտիլիտար [2]  խորհրդածութիւններով։ Ան յիշեց Թումանեանի մէկ քերթուածը, ուր «Նման մի սար է նկարագրւում»։ Յետոյ Լերմոնտովի «Կովկաս»ը ու Աբովեանի «Երեւանու բերդը»։ Խորունկ հաճոյք է այս ամէնուն հետեւիլ իր շրթներէն։ Ու արեւելահայ բանաստեղծութեան դէմ իմ ժխտական վերաբերումս զգալի կերպով ազդուեցաւ այդ յորդ, նուրբ, երաժշտական ոգումէն։ Խօսքը սուտի չափ դիւրին ու վայել էր անոր շրթներուն։

Մեր վերեւը, սարի մը կոնը բզիկ-բզիկ, ուր պորեխները իրար կը խածնէին մարդկեղէն գազանութեամբ մը։ Չարչարագին, պտուտքող, ճաթռտուն սա ամբարձումը քարին՝ խռովիչ էր խորապէս։ Աչքը կը փակուէր ինքնին, չկրնալով հանդուրժել սա խստութիւնը։ Միտքը կը տարուի յուշերէն յառնող սա ժայռաստանը նմանցնելու սպիացած վէրքի մը, երկրի կեղեւին, քանի որ մղոն մը հեռուն փառաւոր ու դասական փարթամութեամբ անտառը իր հսկայ կաղնիները կը հովանոցէ, ընդարձակ պարոյրով ու կ՚իջնէ խաղաղ, մութ, իմաստուն ու խորհրդապահ։ Սարը տարուէ տարի կը քայքայուի։ Ասիկա կ՚ապացուցանեն նոր փեռեկտումներ, հողերու անհուն շեղջերուն վրայ երախ-երախ։ Ու տարրերու սա մարտնչագին սարսափին մէջ, մարդ երախտագէտ զգացումով կը լեցուի սա անքոյթ խորշին դէմ, որ քարայրն է առջիդ։

Կը նստինք երեքով ջուրի ափին, մարմարեայ վրան բաց խողովակ, տեղ-տեղ կարմրած։ Ձայնն ու զովութիւնը տեսակ մը ապահովութիւն կը ներշնչեն։ Ինքնիրենս յաճախ եղեր եմ հոս ու փնտռած երրորդ կամ չորրորդ դարու ճգնողի հետքեր, որոնցմով այնքան հարուստ են գեղին միւս շրջանները։

Քրտինքը թռած է մեր վրայէն, ժայռաստանէն ինկող շուքը տակաւ կը թանձրանայ, նուազ ընելով շոգին հեւքը ու խեղդուկ հոտը, քանի արեւը պակսի վերերէն։

Ըսի, թէ արձակուած էին անոր լեզուին կապերը։

Ու կ՚աւելցնեմ։

- Պէտք է փակագիծ նկատել քարայրին նկատմամբ իր գիտունի փաստարկութիւնները, իր երկրաբանական հաստատումները եւ Գէորգեան Ճեմարանի փառաւոր ննջարանին այնքան անտեղի, բայց այնքան ալ անհրաժեշտ նկարագրութիւնները, ինչպէս նաեւ կառուցողական երեւակայութեան իր զեղումները շինարարական, արդիւնաւէտ աշխատանքի մասին, որ վիճակուած է մեր մասսային։ Այս բոլորը սակայն հարազատ մարմնառութիւններն են անոր իմացական եւ քաղաքագիտական մեծ պատրաստութեան։ Իր սկզբունքներուն համեմատ «առանց իմացական մեծ կուլտուրի չի կայ, չի կարող լինել հարազատ յեղափոխական։ Կռիւը առանց բանականութեան՝ մի սխալ աւանդիւրա։ Հէնց՝ բժշկութիւնը չի բաւարարում մի խղճամիտ յեղափոխականի պարտքերը հանդէպ իր ժողովուրդին»։ Այս ամէնը՝ պարզ, վճռական, շատ յստակ տարազներու մէջ, այնքան թեթեւ, որ «հէնց ուղեղի տեղ գլխում դդումի կուտ կրողն հասկանար»։ Այն ատեն շլացուցիչ գեղեցկութի՜ւնը այս առատ ու մատչելի գաղափարներուն։ Աւելի ետքը, Սահմանադրութեան հռչակումը պիտի ընդհանրացնէր այս տիպարը, շատ աւելի խոր ու իրական, որքան չէ սեւեռուած «Փանջունի»ով։ Ինծի պիտի տրուէր լայնօրէն շփուիլ սա պրոշիւրեան իմաստութեան աւելի թիփիք (ական) ներկայացուցիչներուն հետ, եռանդուն քարոզիչներ ասոնք, տնկուող՝ առտուն կանուխ «եկեղեցու դրան», «հոգեւոր խօսքը ջամբելու համար ուսումնակարօտ հայ երկսեռ երիտասարդութեան», ինչպէս կը յայտարարէր պատին փակուած կարմիր գիրերով ազդը։ Անշուշտ պէտք է լուռ անցնիլ խաչագողներէն, որոնք գիրք ծախելու պազար կ՚ընէին ժամերուն բակը, իրենց սրտառուչ դժբախտութեան լուսապսակին մէջ փրկելով մեծապատիւ ու նորօրինակ սա մուրացկանութիւնը։ Ու քիչ մըն ալ շփուիլ ու անցնիլ այն միւսներուն հետ, երկար փողկապով, հիւծած մազերով պատանիներ, թերթի խմբագիր եւ ուսանող նոյն ատեն, որոնք կերպը գտած էին յեղափոխական սուրբ աւանդութեանց հետ հաշտեցնել ե՛ւ գիտական ոգի, ե՛ւ մարտական եռանդ, ե՛ւ սոցիալիստական, տնտեսական, կուլտուրական հարցերու հանդէպ լափլիզող հետաքրքրութիւն։

Յեղափոխական Մաթիկը պրոտոտիպն էր (ինչպէս) գործածեց ինք սա բառը չեմ լաւ յիշեր որ տեսակ յեղափոխականին համար այս գալոց դասակարգին։

Առայժմ, գեղին, այսինքն՝ Վասֆիին ահէն դուրս (դժբախտութի՜ւնը մեր յեղափոխութեան, որ այսպէս ոստիկանի կամ քուրջի կտորի մը մնաց ենթակայ) տրիբունը, «առանց կարիքի», շուտով կը դառնայ իր հիմնանիւթին - յեղափոխութեան։

Խո՛ր՝ իմ զարմանքը, վախով շփոթուելու չափ, այն թեթեւութեան մասին, որ այդ ահաւոր բառինն է անոր շրթներուն։ Տասը տարուան խստութիւն կայ մեր ետեւը։ Ու ջարդերու ամբողջ լեռը։ Իմ ականջիս անիկա կը ճնշէ, ինչպէս կապարը թորուող։ Քանի մը պարբերութի՛ւն՝ եւ անպատճառ ահաւոր տարա՜զը՝ ինչպէս աւազերէց Օհանին քարոզին մէջ անխուսափելի կամուրջները, հանգիստի քարերը։ Այս անփութութիւնը, թեթեւութիւնը ի վերջոյ կը տպաւորէ զիս, ա՛յնքան՝ որ պահ մը կասկած կու գայ վրաս այս ամէնուն, մա՛նաւանդ սա մարդոց լրջութեան։

Տարօրինակը այն է, որ միշտ խօսի, ու խօսի ինքը միայն։ Հարցումը նեղութիւն մըն է անոր համար։ Նախապաշարումը ունի զայն միջամտութիւն մը նկատելու անպատրաստ մարդոց կողմէ, որոնք կը կազմեն մասսան։ Քիչ եւ յատուկ անունները, յեղափոխական պետերէ, իր խօսածին մէջ (աւելի յետոյ պիտի իմանայի այս կծծիութեան զսպանակը, որ խորունկ նախանձ մըն էր իսկապէս ժողովրդական գործիչներէն) ու շրջաններէ, որոնք յեղափոխական գործունէութեան թատր կը դառնան նոյնիսկ այդ օրերուն, ինչպէս հազար վտանգով ձեռք ձգուած թերթ մը կը պատմէր ամսէ ամիս։

Կը խօսի անսպառ եռանդով, տեսակէտներու բազմազան առատութեամբ, ամէն հարցի մասին ընդարձակ ներածումով, իբրեւ բժիշկ եւ «սոցիոլոկ»։ Չի նայիր խօսակիցին, լայն ըլլալու առաջին պայմա՜նը։

Դժուար է զինքը համոզել սա զգուշութեանց անհրաժեշտ պէտքին դիմաց։ Զղջացած է զիս մտիկ ընելուն։ Յայտնապէս կը տառապի ան, վասնզի հեռու կը գտնէ ինքզինքը ժողովուրդէն, որուն խօսիլն է, զոր խանդավառելն է իր կոչումը։ Ան չ՚ընդունիր գեղին բացառիկ դրութիւնը, այդ առարկութեան հանդիպած ըլլալուն Ալիս գետէն ասդին, բոլոր գեղերուն ալ մէջը։ Վստահ է գեղապետին, տղուն եւ իմ վրայ, քանի որ մեր անունները ծանօթ են իրեն։ Մեծ խանդավառութեամբ, դանդաղօրէն կը դիմէ փոքր տետրակի մը, որ թիւեր միայն կը պարունակէ եւ որոնք կը կարդայ գեղի ու մարդու անուններով։ Ունի մտադրութիւն այցելել նաեւ Նիկիոյ շրջանը, ուր ցրուած գեղերուն բնակչութեան ու բարքերու մասին գիտէ լայն ու լուրջ բաներ։ Ուշագրաւ է ճիշդ իր արտասանութիւնը, որքան տեղագրական ընդարձակ ծանօթութիւնները։ Ա՛յնքան՝ որ կը վախնամ իր աղբիւրներով հետաքրքրուելէ։

Վիմափոր խրճիթին ապահովութի՞ւնը, թէ աւելի նուրբ, ռոմանթիկ այլուրութիւն մը կը միջամտեն սա պահին, որպէսզի անոր մտածումները, փորձառական դիտողութիւնները ներկայանան իրենք իրենց համար անառարկելի ճշմարտութիւններ։ Հասարակ տեղեքին, առաքինութիւնը չէ միակ պատճառը այս երջանկութեան։ Ո՞վ կը կասկածի վճռական այն պահանջէն, զոր հայ մտաւորականութիւնը կազմաւորած ունի, իր ժողովրդային սոցիալական ու քաղաքական անկախութեան մասին։ Անշուշտ պէտք չկայ թուրքին բան հարցնելու։ Նորութի՞ւն Քամառ-Քաթիպայէն, Րաֆֆիէն ետքը։ Հիմա, Մելիքխանեանց Մաթիկին հաւաստումովը ո՞վ կը մտածէ տարբեր, թէ այդ երազը ցարդ ապրած է՝ գիրքերու մէջ ջերմացուած ծաղիկին նման։ Յեղափոխական սուրբ, անյետաձգելի գործ է զայն փոխադրել ու տնկել զանգուածներու ջերմաջերմ սիրտին մէջ։ Ու քարոզ, քարոզ, քարոզ։

Բառական սա հեղեղումին դէմ (լսած պէտք է ըլլաք այս ջրվէժը՝ համոզուելու համար տարազին ճշդութեան) իմ անզօրութի՜ւնը։ Մտիկ ընելը յոգնութիւն մըն է, երբ նիւթը կ՚անցնի վրայէդ ու ձայնը ծանր կ՚իյնայ շուրջդ։

Բայց այդ անկարողութիւնը կը դառնայ յուսահատական բարձրահասակ ընկերոջ վեհափառ այլուրութեան դէմ, վաւերական համրի մը պէս աչքով խօսելով ու մօտ չըլլալով նիւթին ու ունկնդիրին։ Թո՛ւխ, կեդրոնական Անատոլուի սարահարթեան թխութեամբ մը, սանկ քիչիկ մը հովէն զարնուած ու փայլատ նայուածքով։  Անիկա թէ՛ կազմ, թէ՛ դէմք՝ համապատկերն է նրբենի ռուսահայուն։ Փայտի կտոր մը ձեռքը, խորունկ լրջութեամբ կը փորփրէ քարի ճեղք մը, այծի սպլտուրները [3] թռցնելով, միամիտ ու մինակ՝ ինչպէս է մանուկ մը իր խաղալիքին հետ։ Տրիբունը զայն չի տեսներ, նոյնիսկ կը պատմէ դրուագներ, որոնց մէջ անիկա կը կանչուի վկայութեան, իր վերցուցած բաժինին մասին։ Բայց առանց պատասխանի սպասելու՝ Մաթիկը կը սահի նիւթէն՝ ինչպէս հաւաստումէն։

Ու քարոզ, քարոզ, քարոզ։

Պատմութիւն, ցեղեր, քաղաքներ, արկածներ՝ բոլորն ալ կը շահագործուին ապշեցուցիչ ճարտարութեամբ մը։ Ուրիշներ իրենց գաղափարները կը փոխադրեն ուրիշներու, բառերով։ Անիկա բառերը միջոց է ըրած իր

երազները կեանքին հետ փոխարինելու։ Հաւատքը տըժ-

գոյն տարազ մըն է անոր հոգեբանութիւնը պատկերող։

Անիկա իր գաղափարները կ՚ապրի։ Ու ամէն առիթ, յիշատակ, մտքի փշուր զինքը կը դնեն այդ այրումին մէջ, որ սեւեռեալ գաղափարը կը յատկանշէ։ Ածխացած ադամանդ կտրած յեղափոխակա՜ն։

Բարեբախտաբար կը հասնի այծարածը։

Փորձ, եփուն խոնարհութեամբ մը Ակօ աղբարը կը հրաւիրէ հիւրերը քարայր։ Ո՛չ զարմանք, ո՛չ վախ։ Նոր չէ, որ այսպէս ղարիբներ կը յանձնուին իր գաղտնիքին։ Կ՚աճապարեմ դառնալ գեղ, ուր անհետացումս կրնար տեղի տալ «թիւրիմացութեան», որ դիւանագիտական բառ մըն է նաեւ խուլ այս գեղին մէջ։

Երկու շաբաթ անոնք մնացին հոն, մինչեւ որ մաշեցաւ անոնց յանկարծական երեւումին եւ Խրիմեանի քիչ մը կասկած հրաւիրող հեքիաթը։ Դժուար, բայց հետագայ օրերով հաստատուած յեղում մը սրբագրեց վախերը իմ ու գեղապետին տղուն, որուն հայրը կ՚անգիտանար ամէն բան։ Լսեր էր ատոնց վիճաբանութենէն, խոռոզութենէն, անխուսափելի Խրիմեանէն, բայց յարեր էր ընդհանուր պատմումին, որ զանոնք Նիկիոյ շրջանէն աճպարարներ կը ներկայացնէր, մեկնած նոյն օրն իսկ, ըստ որում նոր օրէնք մը կ՚արգիլէր անոնց գործել գեղերու մէջ, օրէնքը գաւառակի պէյին, խաբուած գէշ կերպով ճարտար առաւ-փախաւէ մը։

Երկու շաբաթ, գեղապետին տղուն հետ, Գէորգ աղա (տասը տարեկանին անիկա կը վայլեցնէր այդ տիտղոսը) ամէն գիշեր եղանք քարայրը, որսի հրացանը, բացառիկ շնորհ, եղած անոր հօրը՝ գեղապետին, տղու պէս ուրախ յեղափոխական Մաթիկը կը գործածէր նշանակալից ձախաւերութիւնով մը։ Բայց խորունկ էին իր հրահանգները մոսինին ձեռնումին մասին։ Ու մասնագէտ էր ռումբ արձակելու մէջ, անշուշտ կլորակ քարերու ձեւին տակ, հիմա՝ որ «պահեստ»ը կը գտնուէր շատ հեռու։ Մինչեւ յիսուն՝անիկա չէր յոգներ օխանոց կլոր քարերը նետելու, իբր վարժ զինուոր։ Բայց նիւթական, իր բառովը՝ փորձնական այս ընդհատները անիկա կը դարմանէր տեսական աւելի ներուժ փաստարկութիւններով, որոնք յեղափոխական աշխարհահայեացքը կը նկրտէին ընդհանրացնել «մասսաներու խուլ խղճմտանքներում»։ Անգամ մը պատռուէ՜ր այդ մութը, յեղափոխական սուրբ գործը կարելի էր համարել փրկուած։ Հիմա՝ մատի վրայ, այն ատեն՝ հազարներ պիտի ըլլային գիտակից զինուորները։ Մեր գլուխը ժամերով պատրաստ եղաւ դիմանալ այս իրական քարկոծումին, ա՛յնքան՝ որ դարձաւ իր կարգին «մի հնոց յեղափոխական սուրբ գաղափարի»։ Անհուն էր անկապակցութիւնը այս յեղումներուն մէջ ու կարելի չէ իր խօսքերը տալ հոս իր ձեւովը։ Մնաց որ, մեծ մասը այդ սուրբ գաղափարներուն, այսօր դադրած են իրենց սրբութենէն ու թանգարանցու ապրանք կը հոտին։

Բայց այդ դժբախտութենէն զերծ է, գոնէ իմ մտքին մէջ, իր դէմքը, որ չէ կորսնցուցած սիրուն, աշխոյժ, իմաստուն իր գեղեցկութիւնը, երբ մեծկակ բոցի մը լուսուն՝ կը կարմրէր, կ՚աննիւթանար, քարայրի օճախին առջին ու «գաղափարով՝ լուսապսակ» կը մեծնար իր դիւրաբեկ իմաստէն։ Ձերբակալումէն յետոյ, տանջանքի տակ իր արիութիւնը, ոչ մէկ անուն թուրքին չյանձնելու իր յամառութիւնը, մահուան մէջ մտնելէն ետքն ալ իր յոյսը անմեռ պահելու իսկապէս յեղափոխական շնորհը, տարիներու խաւէն կ՚անջատուին հիմա ու զիս կը մղեն տալու անոր դիմագծութիւնը, կենդանագիրը, իբր հատընտիր նմոյշ սերունդէ մը, որուն բարոյական շէնքը անծանօթ է մնացած տաճկահայերուն, գոնէ անոնց, որ կ՚իյնան Ալիսէն ասդին։

Անշուշտ, ստիպուած տալու, քիչիկ մըն ալ բան իր գաղափարներէն,   նկատելով   անհուն   կարեւորութիւնը, որ ինք կ՚ընծայէր ատոնց։

Առանց այդ «մեծ», «զօրաւոր», «կենարար» մտքերին, պարզ կեանքի դրուագումը պիտի ըլլար սրբապղծութիւն մը անոր նուիրական յիշատակին, քանի որ անիկա չապրեցաւ իր սուր մօրուքին համար։ Անիկա սերմանողն էր գերազանց։ Ու նոր արտերու արշաւին մէջ կը հասկնար իր իմաստը։

Այդ կէտէն կը մեկնի անոր զառածումը դէպի սա ապերախտ, դաւաճան դաշտերը, ուր մահը որսաց զինքը։



[1]            Ճուլպանտ, թըթրկիչ. - խոտեր, որոնք կ՚ուտուին ու ամէն ժամանակ հանդիպելի են։

[2]            Ուտիլիտար - utilitaire - օգտապաշտ։

[3]            Սպլտուր - այծին քակորը։