Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ. ԳԼՈՒԽ

Մաթիկին համար այս մարդացումը (ժողովուրդինն է այս երանգը, որ այնքան ճիշդ կը լուսաւորէ հոգեկան այդ տնկուածքը, բառը առնելով հին իմաստով) անփոխարինելի բարիք էր անոր հունէն ելած, անկապակից անհատականութեան, վասնզի կը դնէր վերջ մը անոր տարակոյսներուն, իմացական միգամածութեան։ Երբ նոր կը մտնենք երիտասարդութենէն ներս, կը հաւատանք մեր ներակերտ վստահութեան։ Կեանքը զայն կը քայքայէ այնքան արագ։ Մինչեւ նորի մը ճարտարա՜նքը։ Չէզոք գօտին՝ մեր օրերուն։ Վասպուրականէն ու Մուշէն այնքան մռայլ հոգեբանութեամբ բաժնուած խակ ընկերվարականը, որ կը հաւատար նոր աւետարանին այնքան խոր եռանդով (այս եռանդին դէպի միւս մեծ հոսանքը, որ մանր ցեղերուն ջնջումը ունի նկատի, դիւրացնելու համար մարդկային եղբայրութեան ապագայ օրը, ճամբան՝ թէեւ քիչ, բայց դժուարին է շատ։ Մաթիկը չունեցաւ համարձակութիւն իր վճիռը բանաձեւելու, երբ զինքը կանչեցին ընելու ատիկա, ազգերու ապագայ միատարր ընտանիքին մէջ, մեր տեղին վերաբերմամբ։ Բայց չէր նեղուեր այս խօսակցութեան խռովքէն։ Ու կործանարար եզրակացութիւններէն իր խուսափումը հիմա կը վերագրեմ իր տեսածներուն, թուրքերու կրկէսին։ Աւելի ետքը, ուրիշ շրթունքներ մեծ հերոսութեամբ պիտի զոհէին իրենց ցեղը, պահանջի մը պահուն, յանուն այդ եղբայրութեան։ Բառ առ բառ յայտարարութիւն մըն է ասիկա, զոր մտիկ եմ ըրած բանուորի մը բերնէն։ Իր ցեղին ուրացումը չէ ահաբեկիչը այդ աղէտին մէջ, այլ այդ ուրացումը եզական ճշմարտութիւն մը ընդունիլը) այս ճամբորդութեամբ ինքզինքը գտաւ մղուած ուրիշ զգացումներու։ Յոռետես իր տրամադրութիւնները վերածուած էին ռոմանթիք խանդավառութեան մը հանդէպ իր ցեղին։ Կովկասի մէջ ազգային այս վստահութիւնը դժուար կը ստացուի։ Ռուսական մեծ մշակոյթը իր ճնշումովը ար-

գելք է այդ զգայնութեանց զարթնումին։ Հմայքը անոր ուժին ու գեղեցկութեան բաւ է մեզ անտարբեր ձգելու մեր արժէքներուն հանդէպ։ Ռուսերէն խօսող երիտասարդը հոն չ՚արհամարհուիր։ Սահմանէն ասդի՞ն։ Թուրքին հանդէպ ատելութիւնը միայն կրօնական կամ հայրենասիրական չէ մեր մէջ, այլ՝ քաղաքակրթական։ Կարծես մեր քայքայումը արդարացնող թաքուն համերաշխութիւն ենք յայտարարեր, իմացական գիտակցութիւն վերագրելով մեզի։ Ասիկա կարելի չէ սահմանէն անդին։ Ստեղծագործ հսկայ ուժը, որ ռուս ոգին է, ամբողջ Ասիան կէսովը կենագործող, որ ամայութեանց կամ գարշութեանց վրայ տասնամեակ մը յետոյ իր մուտքէն, կը յարուցանէ գեղեցիկ քաղաքներ ու կենդանի մշակոյթ, Մաթիկը կոյր էր ըրած կարելիութեանցը հանդէպ փոքր իր ցեղին։ Բայց ահա աչքին առջեւ, անոր կը տրուէր մտերմանալ իր ժողովուրդին խորագոյն մէկ ընդունակութեան։ Իր պատմական աւազանէն հեռացման համեմատութեամբ, անոր մէջ նոր կարելիութիւններ կ՚աճէին ու կը ճշդուէին։ Անշուշտ օտար հայրենիքներու մէջ անոնց փարթամ ամբարձումը փոքր փաստ մը չէր տակաւին։ Բայց ատոնք՝ գիրքերու ցուցմունքներ, բաղդատելի չէին աչքերու տուածին։ Քաղաքներու մէջէն, որոնք այնքան քաղաքակրթութեանց տախտակներ կը պարզեն Փոքր Ասիոյ քիչ մը ամէն կողմը, անցք մը բաւ էր այդ արհամարհուած, գերեվար ցեղին կնիքը հաստատելու ամէն տեղ։ Ներկայանալի, արդիական մա՞սը տաճկական քաղաքներուն։ Գաղտնիք մը չէ ատիկա։ Ու այս ամէնը՝ ահին ու բռնութեան ու թաթին տակը ցեղային նախանձին, - Արեւելքը աւերող մեծագոյն ախտը, հազարամերէ ի վեր։ Շինարար ցե՜ղ։ Նոր չէ այդ տիտղոսը։ Դժբախտ ցեղ։ Ա՛տ ալ նոր չէ։ Ճանչնալ այդ ժողովուրդը, ականատես ու ամբողջ, թուրքերէն գրաւուած ընդարձակ հողամասին մէջ, - ահա՛ իր ծրագիրը, որ հասունցաւ իր մէջ Կիլիկիա հանող ճամբուն ընթացքին։

Ընկեր  Մաթիկ  մտածել  կ՚ախորժէր երբ  նիւթ  ունենար։ Անիկա խորունկ վերլուծումով մը ծանրացաւ այն անգիտութեան, որուն մէջ թաղուած կ՚ապրէին Թիֆլիսի տեսաբանները։ Իր կարծիքով՝ յառաջադէմ ընկերվարութիւնը ու մեր պատմական պահպանողականութիւնը անբաւական էին մեր ժողովուրդին կարիքներուն։ Սեփական հայրենիքի մտապատկերը, որ շարժումին վարիչներուն համար հեռու էր անխառն ըլլալէ, չէր բաւեր բանաձեւերու վստահիլ։ Ահաւոր աշխատանք, անհաշուելի զոհողութիւն կապուած էին անոր իրականացման։ Ու այդ ամէնը ինքն իր մէջ, այսինքն՝ միակ մեր ու իրականացման։ Ու այդ ամէնը ինքն իր մէջ, այսինքն՝ թուրքին ճակատովը, առանց մեծերու միջամտումին։ Ընկերվարութիւնը, մեր ցեղային բնազդին վրայ իր թուլացուցիչ ներգործութեամբը, վտանգաւոր ազդակ մըն էր, կարող՝ մեզ տկարացնելու մեր հոգեկան լարումէն, որ մեզ ինքնացնող, անջատող ոլորտ մը կը պարգեւէր մեր ներքին հոլովոյթին եւ որուն արդիւնքն էին իր աչքերէն հաստատուած սա քիչ-շատ հանդուրժելի կղզիացումը, իրեն յարակից ներքին, հոգեկան ճոխ բարգաւաճումով ու արտաքին կիսակիրթ պայմաններու հանդէպ, երկրի մը մէջ, ուր մշակոյթը - իր խստագոյն լաստակերտումին մէջտեղ մզկիթի մը գարգմանակուած գմբէթովը կը ներկայացուէր օտարներու հայեացքին եւ պատուհաններու մռայլ վանդակները ոճը կը ստանային մարդոց հոգիներուն։ Երկրորդ պատրանքը, որուն վրայ շահագիտօրէն այնքան մելան կը սպառեն մեր խմբագիրները Թիֆլիսէն Փարիզ, մեղապարտ ճարտարութեամբ մը, իրարու հանդէպ իրենց ատելութեանց հաշուեյարդարը վերցնելով ցեղային սկզբունքները մինչեւ, դեռ կը մնար ի զօրու զանգուածին հոգիին վրայ։ Պահպանողականութիւնն էր ատիկա, ոչ Էջմիածնականը, այլ՝ իմաստուն նկատուած այն կրացումը, զոր կարելի կ՚ընենք մեր համայնքային (թող ներուի այս բարբարոս բառը) նկարագիրներուն մէջ ամրախարիսխ կծկուելով, եւ այն օրերէն մինչեւ այսօր որոշ դասակարգի մը դրօշը եղաւ։

Ընկեր Մաթիկը, յետոյ, երբ մխրճուէր Փոքր Ասիոյ մր գաղութներուն մէջ, ապշութեամբ պիտի հաստատէր հասարակական  դաստիարակութեան  ահաւոր   պակասը, արդի գաղափարներուն բացարձակ չգոյութիւնը այդ զանգուածներուն մէջ։ Մեր՝ արեւմտահայերուս, դէմ իր արհամարհանքը ծագում կ՚առնէր այս հաստատումէն։

Անիկա ջախջախիչ հեգնութեամբ մը փշրեց իմ վախկոտ փորձը, եօթանասունական թուականներու մեր ազատականութիւնը ենթարկելու իր ուշադրութեան։ Խեղճե՜րս։ Լրագրի կարկտան յօդուածներով մեր միտքը կը զարդարէի՜նք։ Նալպանդեա՞նը։ «Հիւսիսափա՞յլ»ը։ Այո՛։

Անդին «Փունջ» պատուական լրագիրը։ Աս չէ՞ր մեր ճիգը։ Այդ պատրիարքի վեղարով հովանաւոր ազատութի՜ւնը։ Ամէն արեւելահայու նման, ընկեր Մաթիկը մեծ դիւրութեամբ կը մխրճուէր այս տեսութիւններուն, հայեցողութիւններուն, իմացական մունետիկութեանց բաւիղները։ Անցեալին վրայ անշամանդաղ ուրացում, այդ ճիգը, ներկային մէջ վիրաւոր էր ու անբաւարար։ Հակառակ բոլոր պնդումիս, անիկա չկրցաւ ճշդել իր պահանջները Թիֆլիսէն ու Ժընեւէն, որոնց գործունէութեան դէմ իր ատելութիւնը չվախցաւ տարազելէ։ Հիմա միայն կը հասկնամ, թէ որքան նման ենք իրարու, յանուն գաղափարի, երբ զիրար կը հալածէինք։ Տասը միլիոն թուրք մեր ցեղին վրայ մէկ մտածում միայն ունէին։ Մե՞նք։ Ձգենք թուրքը։ Ինչպէ՞ս կը մտածենք իրարու վրայ։ Տարօրինակ էր, որ ըլլար անիկա թերահաւատ՝ ո՛չ ժողովուրդէն, որուն իմաստութիւնը, ինքզինքը կրելը, այդքան աւերակներու մէջէն, դէպի նոր ժամանակներու սա պողոտաները, կը կազմէին անոր մեղքերը լիուլի արդարացնող փրկանքը։ Թերահաւատ էր անիկա վարիչներէն, որոնք վեղարաւոր կամ ոչ, վար էին շրջանին պահանջներէն։ Մարդ կ՚ուզէր ընկեր Մաթիկը։ Ու հայոց հայրապետ Խրիմեանը քննադատած ատեն ցոյց կու տար ծայրայեղ պահանջներու մէջ ալ չորցած միտքի մը ստերջութիւնը։ Ուզե՛լ։ Այո՛։ Բայց երբ չունի՜նք տալիք։ Անողոք էր անիկա յեղափոխական վարիչներէն ամէնէն մեծերուն դէմ, որոնք, առանց անցնելու Երկիր, չունէին ոչինչ հասկնալիք  իրենց  հետապնդած  դատէն։

Այս կոտորա՜ծը իմ կուռքերուն։ Քանդող այս շունչը վնասած է ինծի, ամբոխին տրամաբանութեան սարսափը կանուխէն զզուելի ընելով իմ մէջ։ Անշուշտ աւելի ետքը տեսակ մը վայրագ հպարտութեամբ զիներ եմ ինքզինքս անոր դէմ։ Բայց պաշտպանողականը պաշտպանողական է միշտ։ Մինչդեռ գրաւումները արդիւնք են յարձակողական ոգիին։

Ընդդիմացայ ընկեր Մաթիկին, որքան որ կը ներէին իմ ուժերը։ Անիկա ջախջախեց զիս, իր անձին օրինակովը։

Զոհողութի՞ւն։ Ըրած էր ատիկա ու կը տեսնէի։ Սէ՞ր՝ իր ժողովուրդին հանդէպ։ Այծարած Ակոյի քարայրին մէջն էր, փոխանակ ըլլալու Մոսկուա, կայսերական թատրոնին արքայութեանը մէջ։ Ու վա՞ղը։ Անոնց, վարիչներուն պարտքն էր ճանչնալ այն հիւանդը, որուն առողջացումը մտադրեր էին այնքան հեռուէն։ Ի՞նչ էր իմ կարծիքը բժիշկին վրայ, որ Թիֆլիսէն դեղագիր կը ղրկէր ինծի։ Ու երդումով կը հաստատէր, թէ շարժումին ամէնէն մեծ դէմքը, ան՝ որ կարճ կը տեսնէր աչքերուն վնասուած ըլլալուն, բայց պողպատէ աւելի սուր կը թափանցէր, պիտի մնար իրեն պէս ափ ի բերան, երբ դէմ դէմի գար աչազուրկ դաստիարակին փաստարկութեան եւ անոր ետին կեցող զանգուածին անպարագիծ կոշտութեան։ Հայ յեղափոխութեան գործը արտաքին թշնամիէն աւելի՝ ներքինին դէմ ուղղուած ուժերու վատնում մըն էր։ Սխալած էին վէպերու մթնոլորտով աշխարհ չափելու ու մտած անելի մը մէջ, որ պայքարն էր նախ սեփական մտայնութեան դէմ։… Ճախարա՛կ։ Երեսուն տարի, Մաթիկէն ընդզգացուած այս երկուութիւնը մեր վէրքը եղաւ ու չեմ գիտեր ե՞րբ՝ զայն դատելու համար մենք կը միանանք իրարու։ Երեսուն տարի առաջ, այս վերլուծումները, իրենց անգութ դառնութեամբ, տպաւորիչ էին իբր իմացական վաստակ։ Հիմա անոնց հեղինակը կը փորձուիմ մօտեցնել քիչ մը ընթացիկ այն տիպարներուն, որոնք մեր գաղութներուն մէջ նաւաբեկ, օր մը աջ, օր մը ձախ, իրենց կորանքը կը ձգտին հաշտեցնել իրենց, ու թերթերու թղթակցութիւնը բաւ կը համարեն իմացական իրենց լուսապսակին։ Մաթիկի նմանները շատ են, ոմանք կռնակ դարձուցած զիրենք սնուցանող կուսակցութեան, ուրիշներ, անոր շուքին մէջ, բայց բաւական շուք, որպէսզի չքանան ուզուած րոպէին։ Կը գրեն, կը խօսին, կը քննադատեն, ամէն գնով, օրուան կեանքը, որուն լուսանցքին, անարժան իրենց վրիպանքը մոռնալու համար գեղեցիկ մշուշ մըն է մելանին շոգին, իրենց ստորագրած յօդուածներէն ծխարձակ։ Անոնց մէջ կան այնպիսի հերոսներ, որոնք սիւնակ մը թղթակցութիւն ստորագրելու փառքը չեն փոխեր սիւնակ մը կուշտ հացին ապահովութեամբը…։ Ասոնց նախատիպա՜րը, ընկեր Մաթիկը, որուն գիրը խորտուբորտ էր հասակին նման, ու ոճը՝ դանդաղ, զարմացնելու աստիճան, խօսքի այդ սահանքին մէջ։ Հերձուածո՞ղ։ Ինչպէս սովորութիւն է հիմա, տժգունութիւնը լուսաւորելու այդ տարօրինակ կերպը, շանթալից հրաժարականով մը ուշադրութեան իյնալով ու սուզուելով անվախճան մռայլութեան մէջ, որմէ անիրաւ ձեռք մը զիրենք քաշած էր պահ մը դուրս, առաջին փլանի։ Այն ատեն ալ, այսինքն՝ Տարօնի «դաշտում», ինչպէս այծարած Ակոյի «քարայրում», պարզ ու մէկ էր եղած իր նպատակը, - ՃԱՆՉՆԱԼ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ։ Դժուար, դժնդակ գիտութիւնը, զոր կը սորվին իրեն նման, հողին ու ցեխին մէջ պառկելով, ոչ թէ գրասենեակներու հեշտ «մթնոլորտում»։ Իր անիծակուռ զայրո՜յթը՝ բոլոր անոնց դէմ, որոնք թերթերէն կամ գիրքերէն կը բաւարարուին, մեր ժողովուրդը ճանչնալու հարցովը։

Յեղափոխականը բանաստեղծ մը չէ, որպէսզի Վենետիկի Ս. Ղազարէն պատգամներ արձակէ ժողովուրդին պէտքերուն։ Յեղափոխականը Ժընեւի տարրաբանական աշխատանոցներուն մէջ գիտական փորձեր կատարող ուսանողն ալ չէ։ Կարի՛քը՝ թափանցումն է ժողովուրդին։ Կայ կէտ մը, ուր մեր ամենաբարձր մտաւորականը ու խորագոյն գեղջուկը զիրար կը հասկնան։ Այդ կէտին վրայ եղբայրութիւնը միտքին ու զանգուած-ուժին։ Թուրքին դանակէն առաջ, ճանչնալ այդ կէտը։ Ա՛յս էր ձգտումը ընկեր Մաթիկին։ Իր ընդվզումը, իր հերձուածը  արդիւնքն  էր  այդ  փափաքին։  Չըսաւ թէ  հասած էր իր նպատակին։ Չըսաւ, թէ ի՞նչ էր իր եղանակը, «մեթոտը»՝ իր անձնական այնքան առատ դիտողութիւնները, ջիղերուն անփոխարինելի փորձառութիւնները «յօգուտ» մեր ժողովուրդին զոհագործելու։ Ու տպաւորիչ էր չհաւատալ իր ազատուելուն, սա առաքելութենէն, թէեւ երբեմն-երբեմն լսելի ըլլային սպառնալիքներ, իր բերնէն, Ժընեւ կամ Մոսկուա քաշուելով, մեծ հերետիկոսներ հարուածելու։ Թերեւս մահը, շուքին նման՝ ինչպէս կ՚ըսեն իրեն հետեւող, առած էր մէջէն յոյսին երկինքը, անոր զգայարանքը, զինքը վարժեցնելով հեռահայեաց այն այլուրութեան, որ մահապարտինն է ընդմէջ իր արարքին ու անոր քաւութեան։ Տեսակ մը մահապատրաստութիւն։ Այդ զգայարանքն է, որ կը յօրինէ մարգարէները, նահատակները, մեծ գործելու մռայլ, մոլեռանդ գործաւորները, այնքան պզտիկ իրենց պարագրկել ուզած ձեռնարկէն, երբ լծուած են այդ աշխատանքին, այնքան ալ մեծ՝ իրենց անցումէն յետոյ, երբ գործն ալ իր կարգին դառնայ փոշի, պատմական չոր յիշատակ մը միայն։ Երբեմն մահուան մէջ սա հաշտութիւնը, հաճութիւնը, անով փաղաղուիլ մը միայն չի բացատրուիր կանխագրութեամբ։ Անիկա, կեանքին մէջ անըմբռնելի խաղովը, ապրումի խտութիւն մըն է, անհաւատալի լիութիւն մը, ամբողջութիւն մը, որոնք տպաւորիչ են, մեր հիացումը հարկադրելու աստիճան։ Վերցուցէք նահատակի մը, հերոսի մը, մեծ զոհի մը կեանքէն այն շրջանը, օրերը, որոնք անոնց մահը կարապետեցին։ Մնացա՞ծը։- Անդարման միջակութիւնն է։ Այդ աշխարհին (մահուան) ոլորտէն ներս միայն այդ կարգի մարդերը կ՚ելլեն ուժի, խորքի, գեղեցկութեան։

Ընկեր Մաթիկը առայժմ, մինչեւ մօտաւոր մահը, որուն խոր նախազգացումը առջի օրէն ունեցայ այնքան ճմլումով եւ որ հետզհետէ զարգացաւ, վճռական ու աննահանջ ընդվզում մըն էր, մեր ժողովուրդը փրկելու ինքնայատուկ հանգամանքով մը, աւա՜ղ, անորոշ։ Չտուաւ յօդուածները իր հաւատքին, թէեւ հասած ըլլար ծայրակէտը իր խուզարկութեանց։ Պոլի՞ս։ Չունէր անցնելիք, լրտեսներուն ո՛չ թէ վախէն, այլ՝ ապահովութենէն։

Կ՚ընդմիջեմ զինքը իր դատումներուն մէջ (տասնըհինգ օր մարդ քիչ չի խօսիր, երբ Մաթիկին նման կոկորդ ալ ունի) ու ընդդիմադիրի իր կեցուածքը չեմ գիտեր ինչու կը փորձուիմ կապել, պայմանել նաեւ իր միւս բնազդներովն ալ, արկածախնդրակա՜ն, ինչպէս էր սա կեանքը, այնքան մեծկակ պողոտայի մը վրայ, ինչպէս էր իր պատմումը կովարած Ակոյի քարայրին մէջը…

Կը զեղչեմ դարձեալ երկրաբանական, տնտեսական, էստետիկական իր նշմարանքները այդ ուղեւորութենէն, որոնք այդ ատեն շահեկանութիւն ունէին թերեւս, երբ ժողովուրդին բեկորները ցրուած էին այդ հոյակապ տեքորին զանազան խորշերուն մէջ։ Պէտք է մտնել անոր հետ Լեւոն Մեծագործի երկիրը։ Ու տխրիլ անոր տխրութիւնը, որ ո՛չ գիտական էր եւ ոչ ալ բանաստեղծական։

Յեղափոխակա՞ն։ Այսպէս որակուած թախիծ մը գոյութիւն չունի։ Անիկա տխուր էր նախանձէն։ Իրեն այնպէս էր եկած, որ այդ զմայլելի գաւառը գողութիւն մըն էր, կատարուած հիմա, իր ցեղին վրայ։ Վասպուրական, Տարօն, Ծոփք, Աղձնիք։ Ասոնք պատմական բառեր էին ու կը նմանէին պառաւ կիներու, որոնք հեշտանք չեն արթնցըներ։ Կիլիկիա՜ն։ Գարնան վերջերուն անմոռանալի պատկեր մըն է անիկա, կ՚ըսեն, այցելուներուն։ Անոր աչքերը նոր կը հանդիպէին հարստութեան սա ձեւին, որ հողն է, բայց թեւաւոր օդին մէջ կանգուն, ցորենի հասկէ ու ծառի մարմինէ։ Ընկեր Մաթիկը ախորժ չունէր բանաստեղծութենէ, հաւատարի՜մ՝ իր գիտական կազմութեան, որ բնութեան տեսարանները դասի կամ շահու նիւթ կ՚ընծայէին։ Մեր լեզուով ասիկա կը նշանակէ չախորժիլ նկարագրելէ, ան ալ օտարին աչքով։ Կը յարգեմ իր վերապահութիւնը ու կու տամ շեման իր պատկերներուն։ Յատկանշական է ծովին պակասը, ինչպէս նաեւ գիտակա՜ն։ Տաւրոս։ Բայց դասական լերան փոխարէն, որ անոր մտքին ամէնէն տիրական ճարտարապետութիւնն էր բնութենէն՝ հարստութիւն, նոյնիսկ տեսակ մը կորութիւն։ Անշուշտ Արարատը կը միջամտէր, լուսաւորելու համար սա զգայնութեանց զարտուղութիւնը, քանի որ, միշտ ուրիշներու ըսածով, Նոյնընկալ գագաթը երկինքին մխուած սեպի կը նմանէր շատ մը տեղերէ։ Դա՜շտ, ուր հող չ՚երեւար, ամբողջ հասկ ըլլալուն։ Ոչ մէկ տիրապետող կայք։ Քաղա՛քը։ Կղմինտրէ մանրուք, փոշիով գարգմանակուած։  Ագարակներ, գորշ  երեսներով կարմիր գլուխով։ Պղտոր ու դեղին ամէն բան։ Պատմական ոգեկոչում։ Աւերակ բերդեր։ Ռուբինեան հարստութիւն։ Ու վերաքաղը ցեղին ստեղծագործ ընդունակութեանց։ Ազգային պատմութիւնը շարադրումի նիւթ մը չէր անոր բերնին, այլ՝ կենդանի իրականութիւն մը։ Դեռ այդ հարստութիւնը պէտք եղած չափով չէ վերածուած անցեալի։

Ասիկա թերեւս անոր համար, վասնզի Ռուբինեան շրջանը ամէնէն թելադրական մասն է մեր անցեալին։ Անին կարծես միայն աւերակ ապրած ըլլար։ Ու անոր թագաւորները մեզ կը տպաւորեն առասպելով թեւաւոր։ Լեւոնները, Հեթումները, Թորոսները մեր օրերու անուններ կը թուին ըլլալ մեզի ու իբր այդ կը խռովեն մեզ։ Մեզի մօտիկ։ Աւելի ծանօթ։ Աւելի փափեթիք, աւելի տխուր։ Մաթիկին համար «մի տեսակ սիմվոլ», որ կենդանի էր մինչեւ այսօր։ Զգայնութիւններու այս արդիականութիւնը պայմանաւոր է անշուշտ քիչիկ մըն ալ ուշացող փաստերով, որոնք լեռնային Կիլիկիան համբաւի տարին։ Կը զեղչեմ շատ բան ընկեր Մաթիկին տեսութիւններէն, զինքը տանելու համար Ատանայի մօտիկ ագարակ մը, հայապատկան, ուր հազարէ աւելի գործաւորներ մանգաղի համար վարձուեցան իր կարաւանէն։ Ի՞նքը։ Պիտի աշխատէ՜ր։ Լուսցուց գիշերը մեծկակ ախոռի մը մէջ, որ հազար կով կը պատսպարէր ձմրան եղանակին։

Առտուն, իր ճիղճ հասակը հոս ալ վտանգէր պիտի զինքը։

Ագարակին պետը, հաստ ճոկան մը ձեռքը, հսկայ փորը պատկառանքով տեղաւորած սրունքներէն վեր, արշալոյսէն առաջ, կանգուն էր մեծ դուռին։ Հաստատ ու կլոր մարդ, անիկա վարժ էր աշխատանքը դատելու, անողոք սկզբունքներով։ Կը պատկանէր նշանաւոր գերդաստանի մը, որուն շառաւիղներէն մէկը այսօր հայութեան Կրեսոսը կը մնայ, քարիւղի եւ ադամանդի ընդարձակ գործունէութիւններով հեղինակած ըլլալուն առաջին հայ հարստութիւնը, մերօրեայ միջազգային միլիոնատէրներու գիծով, պէյը, ագարակի տէրը պետութենէն պատուըւած անձնաւորութիւն էր, ահագին իր քիթը շփելէն, միսի մէջ թաղուած իր նայուածքովը արագ-արագ կը չափէր ելլողները, - հասակ, վիզ, բազուկ, կուրծք, սրունք։ Աշխատանքը մարմնամարզ չէ անշուշտ։ Բայց կը չափուի նոյն մեթոտներով։ Անողոք այդ նայուածքը իսկական սարսափ էր ղարիպներուն, Ատանայի դաշտին բառովը՝ ֆէլլահներուն, որոնք հայ-քրիստոնեայի հողերը կը նախընտրէին թլփատեալներուն անդաստաններէն։ Այս նախասիրութիւնը զանոնք կը մղէր նոյնիսկ զոհողութեան՝ օրավարձէն, քանի որ Կիրակի օրերը քաղաքէն յատուկ քահանայ մը պաշտամունքի կու գար, հազարամեայ սօսիին ներքեւ եւ կը կարդար, շարական ու սաղմոս, տպաւորիչ ու վեհ պարզութեամբ, սա դժբախտ հոգիներուն մէջ գոնէ ժամուան մը համար շինելով իրենց գեղը, անոր աղքատուկ եկեղեցին, մայրը, կինը, զաւակները ու մարդկային գերագոյն յուզումները, որոնք նոյնն են ամէն կուրծքի տակ։ Պէյը, պապենական հրամանի մը յարգանքով, արարողութեան յատկացուած ժամանակը կը բաշխէր, վստահ ըլլալով սակայն կորուստին դարմանումէն, քանի որ հոգիով կազդուրուած բանուորները այդ օրը աւելի էին իրենց արդիւնքով։ Տակաւին փոքր առաւելութիւններ, ծեծի ու հայհոյանքի պակաս, մա՛նաւանդ հայ-քրիստոնեայի համար բարգաւաճում՝ պատճառներ էին, որ վերի գաւառներու հայ բանուորները վախնային մերժուելէն։

Ընկեր Մաթիկը, ծանօթ այս պայմաններուն, հետաքրքիր աչքերով կը դիտէր պէյը, որ զինքը գաւազանով զատեց դէպի ձախ, փոքր խմբակ մը, իրեն նման տկար, պակասաւոր արարածներէ կազմուած։ Ձախլիկն ու քիչիկ մը կաղացողը, աչքէն աւրուածն ու ականջէն ծանրը անիկա կը զատէր մէկ ակնարկով։ Այս քննութիւնը, ջոկումի գրաստային բան մը ունէր իր մէջը, զոր Մաթիկին ընկերները հեռու էին զգալէ։ Երկու ժամուան մէջ այս քննութիւնը կ՚ընտրէր կարաւանին լաւագոյն ուժերը։

Զատուածնե՞րը։ Անոնք, յատուկ մարդով՝ ուղարկուէին քաղաք, հայոց Աղքատախնամին, որուն ժառանգական ատենապետն էր պէյը։ Քանի մը օր անհրաժեշտ դարման, հանգիստ ու սնունդ ճամբէ տկարացածներուն մեծ մասը կ՚ընէին քարի պէս առողջ։ Ու ազգին դրամովը իրենք զիրենք շտկած՝ կը դառնային ագարակ, օրհնելով մեծահամբաւ ընտանիքը իր եօթը պորտը մինչեւ, Նիւ Եորքէն Մանչեսթըր ու Պոլիս։

Ընկեր Մաթի՞կը։ Անշուշտ։ Ամէնէն առաջ ա՜ն։

Բայց ոչ ագարակ։ Հայոց եկեղեցիին մէջ անիկա հանդիպումը ըրաւ առաջնորդ եկեղեցականին, երիտասարդ ու վառվռուն արմաշական, որ, ամէն բանի մէջ իր անձին մուտքը հարկադրած, ճանչցաւ բանուորի տարազին տակ խորհրդաւոր հերետիկոսը։ Անոնք հասկցան իրար։ Արմաշականը տաքարիւն, ինչպէս տաք գլուխ։ Խառնուածքի հանգիտութեամբ մը անոր մէջ կը հաստատէ՞ր արդեօք մեծ հերձուածողը, իր կուսակցութեան դէմ, ինչպէս պիտի ընէր ինք ալ, օր մը, մօտ այդ թուականէն քառորդ դար ետքը, դէմ ելլելով զինքը իր նուիրապետութեան բարձր աստիճաններուն հասցուցած կազմակերպութեան, Հայաստանեայց Եկեղեցիին դէմ։ Արմաշականը անոր ընծայեց անվերապահ ասպնջականութիւն։

Բռնակալութեան ամէնէն խիստ օրերուն, պատասխանատու դիրքերու վրայ, ան ու նմանները մեծահոգի բան մը կ՚ընէին անշուշտ իրենց հօտին անդորրութիւնը առանց խանգարելու, մարդկային իրենց պարտականութիւնները կատարելով այսպէս վտանգուած խլեակներու դէմ։ Ի լրումն բարութեան, եկեղեցականը չսպառնաց անոր մօրուքին ու պատսպարեց զինքը։

Գաւառներուն մէջ հայ եկեղեցիին պետերը կամաց-կամաց անցած էին կարգը պետական անձնաւորութեանց։ Կառավարութիւնը կը հովանաւորէր զանոնք ու կուսակալները հաճոյք կը զգային այդ հմուտ, յաճախ վարչական որոշ տուրքերով մարդոց ընկերակցութենէն։

Դարձեալ էջեր են հարկաւոր՝ տալու համար Մաթիկին հոդ անցուցած կենցաղը, գէթ իր գլխաւոր գիծերով։ Կ՚անցնիմ։

Կովարած Ակոյի քարայրին մէջ հեռաւոր եկեղեցականին դէմքը կարկառուն գեղեցկութիւն մըն էր, տաճկահայերը արհամարհելու վարժ իր բառերուն մէջ տեսակ մը զարտուղութեամբ։ Կը հաւնէր խօսելու ձիրքը, մարդիկը վարելու ճարտար կերպերը, ազգային գիտակցութիւնը իր հօտին մէջ արթնցնելու ապահով մեթոտները։ Չէր հաւնած անոր գրականութիւնը, ընդհանուր իր արհամարհանքին մէջ, զոր կը կրէր բոլոր գիրքի ասպետներուն դէմ, Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն, մասնաւոր այն տկարութեամբ ալ արեւմտահայ լեզուին ու անոր շատ նրբացած գրագէտներուն դէմ, որոնցմէ մէկը կ՚ընդունէր արմաշական առաջնորդը, անտեղի կերպով։ Զօրաւոր անոր հմայքը մեր Մաթիկին վրայ, որ կը զղջար Պելճիկի գիծը առած ըլլալուն, փոխանակ Ատաբազարին, ուրկէ անիկա ուխտ ունէր տեսնելու անոր ուսուցիչը, Դուրեան սրբազանը, որուն կարողութիւնները կը գնահատէր, ազդուելով աշակերտէն։ Ընկեր Մաթիկը կը ծանրանար ժողովրդական առաջնորդին բազմատեսակ յատկութիւններուն վրայ, մասնաւորապէս սիրելով անոր մէջ եռանդի, շարժումի մարդը։ Անիկա խանդավառ էր նաեւ անոր աննախապաշար միտքովը, որ մեր պայմաններուն մէջ, հաւատքը կը նետէր երրորդական, չորրորդական փլանի, առաջինին հանելով կազմակերպական, շինարար տուրքեր։ Այժմու առաջնորդները, ժողովուրդի իրական վարիչները, այնքան կարեւոր՝մերինին նման կրօնական համայնքի մը տնտեսումին, չէին կրնար զինաւորուիլ անջիղ առաքինութիւններով, որոնք ճգնողական բերքերը, կիսավայրի իմացականութիւնները ու բարբարոս պետերը կը ձգէին իրենց հմայքին ներքեւ։ Հին դարերու սրբազան հայրապետ մը այսօր աւելորդ պերճանք կը նկատուէր։ Ընկեր Մաթիկը զգոյշ եղաւ մօտենալէ ուրիշ կալուածի, այսինքն՝ դասական, անխուսափելի բամբասանքին, որ մեր կողմը խնամքով յարդարուած մթնոլորտ մըն է, պարուրելու, խղդելու պաշտօնով՝ ամէն եռանդուն կամ իր գործին նախանձորդ աշխատաւոր, մեզի պէս դանդաղ, շարժումէ աղքատ զանգուածի մը մէջ։ Առանց հաւատքի  եկեղեցականութեան  վարկա՞ծը։  Մաթիկը անծանօթ չէր եկեղեցիներուն պատմութեան։ Ու կարեւոր կը նկատէր զանգուածին շահը անհատին կատարելատիպ որբացումէն։ Երկինքին համար երջանիկներ, սուրբեր պատրաստելը աւելի չէր արժեր երկրին վրայ քիչ-շատ տանելի պայմաներ ստեղծելէն ժողովուրդի մը, որ ծարաւն ունէր հանգիստի, հացի։ Ընկեր Մաթիկը չէր հաւատար։ Բայց կը սիրէր ամէն հայու պէս իր եկեղեցին թէ՛ իբր ոգի, թէ՛ իբր մեր օրերու կարելի կազմ, մեր հաւաքականութեան դիմագիծ մը ճարելու։ Կովկասի մէջ հողը կը վրիպէր անոր ոտքէն։ Բայց Տաճկաստանի եկեղեցականութիւնը կ՚արժէր աւելի, դեռ տէրը ըլլալուն ժողովուրդի վրայ իր հմայքին։ Սահմանադրութեան բարի՞ք։ Թրքական բռնութեան դէմ հակահարուա՞ծ։ Կարեւորը գոյութիւնն էր ժողովուրդը վարող մարդոց։ Այս գաղափարները անշուշտ պատուաստ էին արմաշական առաջնորդէն։ Ընկեր Մաթիկը, Կիլիկիոյ թեմին վրայ, օրինակի մը համար, դրաւ մէկը Վանի իր ճանչցած վարդապետներէն, պատուական, բայց զմայլելի աստիճանով՝ իբր նկարագիր ու խառնուածք։ Կարծես չորրորդ դարու աբեղաներէն նոր կը բաժնուէր անիկա, այնքան շէնքն ու շնորհքը անցեալին կը պատկանէին։ Օրուան քսանչորս ժամերէն չորսը այդ մարդը տուած էր քունի, տասնութը՝ աղօթքի, խոհանքի, ապաշխարանքի, երկուքն ալ՝ աշխարհիկ զբաղումներու, պարտէզէ ու նախիրէ ու ուխտաւորներէ։ Անոր ծունկերը ոստրէի նման խեցեպատ էին ժամերով ծնրադրումէն, խցիկին քարերուն, ու մէջքը՝ անուշիկ կամար, պզտիկներու նիստին համար ըսես յարդարուած։ Աղթամարի միաբաններէն այդ հրեշտակցու աբեղան ինչո՞վ էր օգտակար իր ժողովուրդին։ Կենդանի՜ մասունք մը։ Օրհնել անգամ կը վախնար անիկա, վասնզի իր անձը գիտէր մեղքով ականակո՜ւռ։ Հակառակ անսահման բարութեան, բացարձակ աղքատութեան, Մաթիկը անոր մէջ կը տեսնէր հոյակապ եսասէր մը եւ ուրիշ ոչինչ։ Ինքզինքը փրկելը չէր բաւեր այժմու բարոյականին մէջ։ Մեղքէն զգուշութիւնը չէ, որ կը յօրինէ արդարը։ Զանգուածը շահիլ, ահա՛ նոր իմպերատիւ քատեկորիկը։ Ինքզինքը վտանգել, ահա՛ Մաթիկին բարոյաչափը մարդեղէն արժէքներէն։ Ուրիշ բա՞ն՝ իր ալ ըրածը։ Երիտասարդ արմաշականը չէր կրնար Կտուցի միանձներուն նման զգալ իր ժամանակը։ Անիկա կը հաւատար իր ժողովուրդին, անոր թափանցող տուրքերուն, չարքաշ արժանիքներուն։ Հսկայ գաղթականութի՜ւնը, որ մեր ցեղն է մօտ հազար տարիէ ի վեր։ Ու հսկայ անոր ճիգը քիչիկ-քիչիկ չէզոքացնելու իր օտարութիւնը իր բնակած հողերէն, անոնց մէջ թափելով իր գիծերը։ Անիկա կը հաւատար մեր յեղափոխութեան, կէս մը նկարագրէ, կէս մըն ալ դժբախտութեան ժանիքէն, որ ամէն հայու հոգին խածած է անպատճառ։ Անիկա թերահաւատ էր անոր վարիչներէն…

Ամիս մը ամբողջ իրար հոտուըտացին անոնք։ 96ի ջարդերուն մէկ հակահարուածն ալ այս պաշտամունքը։

Այն ատեն անիկա աչքով էր տեսեր թրքութիւնը Պոլիս, կոտորածի ազատութեան մէջ, երբ հազիւ ապաստան գտաւ օտար հաստատութեան մը մէջ ու պատուհանէն դիտեց անմոռանալի պատկերը ջարդին, մանր ու հանգիստ տեսարան, երկու դերասանով, մէկը զոհը, միւսը՝ ջարդողը։ Ով որ տեսած է այս րոպէները, անիկա չի կրնար ուրիշ կերպ սիրել իր ազգը։… Ամիս մը ամբողջ անիկա օրը հեղ մը կը թարմացնէր այդ անբուժելի մղձաւանջը՝ հասնելու համար կիսատ վայելքին, որ կեանքն էր հիմա, քիչ-շատ տանելի, սա փարթամ դաշտին ծոցը։ Փակագիծ մը, միայն, որ կը ստուերէր այս իրականութիւնը, ատիկա՝ մենագարութիւնը առաջնորդին, որ գրականութեան մեծ մեղքովն էր արատաւոր ու սովորութիւն ունէր իր գրածները բռնի մտիկ ընել տալու իրեն։ Է՜, «փոքր տանջանք էլ» ատիկա։ Ականջները ամբողջ մարդը չեն հարկաւ։ Կարելի էր լսել ու չհասկնալ։ «Պրծա՛ւ, էլի»։ Յետոյ, գրականութեան այդ զառիթափէն անիկա պիտի գտնէր սա երկրախոյզի զբաղումները։ Վարդապետին ապագայ գրական աշխատութեանց վաւերական ատաղձ ու տուեալներ հայթայթելու համար -Ընկեր Մաթիկը չբաժնեց իմ տարակոյսը, որ գլխէն ճամբելու պատրուակով մը կ՚ուզէր մեկնել այս ծրագիրը գրագէտ եկեղեցականին- մեր յեղափոխականը յանձն առաւ պտտիլ ամբողջ Փոքր Ասիան, ճշգրիտ թիւերով վիճակագիրը պատրաստել ջարդերէն առաջ ու յետոյ՝ մեր ժողովուրդին։ Եւրոպայի հանրային խղճմտանքին մատուցուելիք այդ հատորին վրայ արմաշականը կը հաւատար այնքան, որքան այդ օրերու արտասահմանեան պրոպականտիստները թերթով, հանդէսով, ուղերձներով, հայ ու եւրոպական կարեւոր լեզուներով։ Հոյակապ ձեռնա՜րկ։ Որ խանդավառեց ընկեր Մաթիկը, անոր գիտունի փառասիրութիւնները ու ազգասէրի հերոսութիւնները գոհացնող։ Չէր ըսեր նաեւ, թէ որքան հաշտ էր այս ձեռնարկը իր խառնուածքին։ Կա՞ր աւելի գերազանց պատեհութիւն մեր ժողովուրդը իր ցրիւ զանազանութեան մէջ ուսումնասիրելու, իրեն պէս օպյեկտիւ տեսակէտներով, գիտական, անկողմնակալ պատրաստութեամբ։ Այս առաքելութիւնը պսակում մըն էր անոր վրիպած կեանքին։ Ինչ որ արգիլուած էր իրեն վերին Հայաստանի դէգ բնակիչներով, կ՚ըլլար մատչելի պահպանողական տարրերու «կողմից»։

Վա՞խ։ Բայց յեղափոխականը ամբասիրէն կը զատուի անոր դէմ ախտազերծութեամբ մը։

Մա՞հը։ Անիկա բառ է, գիրքերու երեսը։ Կեանքին մէջ՝ բռնի կրուած վախ մը։ Իրականութեան մէջ՝ րոպէ մը միայն։ Ահաւոր էր խաղաղութի՜ւնը այս մտածումները տարազած պահուն։ Կը զգայի, թէ ամէնէն շատ անկեղծ էր այդ գաղափարին հետ։ Մեր յեղափոխութեան ամէնէն խոր ուժը այս հաշտութեան մէջն է, այսինքն՝ մահը րոպէ մը ընդունիլ կրնալու պարզութեան մէջ։

Մա՞հը։ Բայց այո՜։

Այցելեց անոր թուրքերու տարազով, ասպատակներով, ճամբու բիւրազան արկածներով։ Բայց ընկեր Մաթիկը գիտէ՜ր, թէ մահուան նկարագիրն է պատկեր ըլլալ միշտ ու մէկ անգամ իրանալ։ Այնպէս անիկա սրտապնդեց տարակուսող եկեղեցականը, որ  ահագին դժուարութիւններէն կը թուէր ազդուած։ «Տփղիսից… Ատանա՛»։ Սո՞ւտ՝ ուղեգիծը։ Ոչ անշուշտ, քանի որ հոն էր ինքը։ Ատանայէն Պրուսա, Պոլիս եւ Զմիւռնիա…։ Հարկա՜ւ։ Առաջնորդը սրբագրեց անոր խակութիւնները Տարօն-Կիլիկիա ոդիսականին։ Դէպի արեւմուտք ոստիկանութիւնը աւելի լաւ էր կազմակերպուած։ Նահանգէ նահանգ օտարականները կ՚ենթարկուէին լուրջ քննութեան։ Հայահալած մարմինները մասնակի հրահանգներով անկարելի կ՚ընէին միջակ իմացականութեամբ մարդոց փոխադրումը մէկ նահանգէն միւսը։

Անցագիրը՝ պարտաւորիչ։

Առաջնորդը ճարեց անոր հատ մը, օրինական բոլոր ապահովութեամբ։ Պահեց անոր հարազատ անունը, չվստահելով անոր ուշադրութեան, որ ոստիկանական ստուգումներու պահուն կրնար թերանալ ու մոռնալ վախը։ Բայց կտրատեց մականունը, Մելիքխանեանցը վերածելով Մելիք օղլուի ու ծննդավայր տալով Ատանան, խոշոր ու մտքէն չիյնալու չափ փայլուն բառ։ Կապեց անոր մէջքին բաւական դրամ, մէկ մասը անձնական քսակէն, միւս մասն ալ Աղքատախնամի պիւտճէէն։ Օրերով, ճամբու դնելէ առաջ, եկեղեցականի յամառութեամբ, վարժապետօրէն, մէկիկ-մէկիկ երկնեց այն անհրաժեշտ զգուշութիւնները, որոնց յարգումը կամ զանցառումը իր այնքան նուիրական ձեռնարկը կը պայմանէին։ Վճռական արգելք՝ անուններէ, տեղերէ, հասցէներէ, ամէն ազգի համար։ Երկու օր աշխատանքով անոր ձեռքը տուաւ թիւերով յօրինուած ծածկագրութեան եղանակ մը, բոլորովին անվնաս, օրական ծախքերու ձեւին տակ, հացով կամ պանիրով փոխարինելով քաղաքներն ու մարդերը։ Արգիլեց դարձեալ յեղափոխական քարոզչութիւնը, մէկիկ-մէկիկ գուշակելով այն բոլոր անպատեհութիւնները, որոնք կրնային գալ յառաջ, նման արարքէ մը։ Երկսայրի սո՛ւր, անոնց գլխուն, այդ յեղափոխութիւնը, քանի որ իր կազմակերպութիւնը զինքը կ՚ուրանար։ Միւս կողմէն՝ իր երեւումը այդ քարոզով, կասկած պիտի բերէր իր ժողովուրդին իսկ մէջը։ Արգիլեց ամէն գնով թղթակցութիւնն ալ իրեն հետ, հիմնական պատճառ ցոյց տալով իր ներկայութիւնը քաղաքին մէջ։

Առաջնորդը, Աղքատախնամէն ձեռք բերած վկայականով մը զինքը հաներ էր հրապարակ, իբր հիւանդ ուսուցիչ մը, Էրզրումի կողմերէն, տկարացած թոքերուն համար ղրկուած հարաւ։ Կուսակալն իսկ ուրիշ կերպ չէր ճանչնար զայն։ Սուտի մը պարագայի՞ն։

Ընկեր  Մաթիկը  երդումով  խոստացաւ  յարգել  այդ բոլոր պայմանները։ Հանե՛լ ի գլուխ առաքելութիւնը։

Արմաշականը վստահեցուց խռովեալ անոր խղճմտանքը Օրմանեան սրբազանի վտանգուած ազգասիրութեան մասին։ Տաճկահայ բարքերու ընտանեցում մը տակաւ հասկնալի կ՚ընէր հեքիաթը, որուն մէջ պլլուած կ՚աշխատէին մեր ժողովուրդին վարիչները, թուրքը սիրաշահելու, բայց ազգը սիրելու հակամարտ գիտութիւնը, աչազուրկ դաստիարակը պիտի ճշդէր՝ դիւանագիտութիւնը փոքրագոյն չարիքը ընդունելով։ Աչքին առջեւն էր օրինակը առաջնորդին, որուն հայրենասիրութիւնը վեր էր կասկածէ, եւ որ օրուան կէսը կ՚անցընէր կուսակալին պալատը, յեղափոխականները անիծելով, բայց զանոնք պատսպարելով ազգային առաջնորդարանին մէջ։ Արմաշականը զայն ապահովցուց բոլոր իր կարգակիցներէն, ամէնն ալ Օրմանեանի աշակերտ, կուսակալներուն, կրօնապետներուն հետ։ Անշուշտ պէտք չկար գրաւոր յանձնարարականներով այդ եպիսկոպոսները, ծայրագոյն վարդապետները հրաւիրել Մաթիկին վրայ քաղցր հայեացքի։ Անոնք գիտէին իրենց պաշտօնը, որ հոգալն էր բոլոր պանդուխտները։ Արգիլեց հրազէնը, վասնզի մահուան առջեւ ճղճիմ պաշտպան մըն էր անիկա։ Խաղաղութեան ատեն՝ վտանգաւոր մատաղ մը։ Յետոյ, իբր արեւելքցի, ճակատագի՛ր, որ միս-մինակը պիտի վարէր Մաթիկին քայլերը, ընթացքը։ Հրահանգներ՝ բանտերու հաւանական աշխարհին դէմ։ Զգուշանալ խօսքէ։ Սուտ խենթ ձեւանալ։ Միշտ աշխատանքի շապիկը չհանել կռնակէն։ Լաչակը՝ ամառ ու ձմեռ գլուխը փաթթելու։

Այս հնարամտութիւնը կ՚ապահովէր մօրուքէն ալ, ինչպէս  զինքը  կը  դնէր  թափառական   անգործներու դասակարգին, որուն համար թուրքերը յատուկ արգահատանք կը տածեն։

Այսպէս, «ըստ ամենայնի» զայն հանդերձելէ, ոգեւորելէ, գօտեպնդելէ յետոյ, առանց «Տէր ուղղեցի», լուսդէմ մը դրաւ զինքը ճամբու, անոր ընկեր տալով հսկայակազմ երիտասարդ մը, կատարելապէս հեթանոս՝ տարազէն, ինչպէս լեզուէն, արհեստով մսավաճառ, որ, ամէն տարի, Բարձր Հայքի շրջանը կ՚այցելէր մսացու արջառ գնելու։ Ճնճղուկի չափ բան էր ընկեր Մաթիկը այդ հսկային քովն ի վեր։ Կիլիկիոյ դաշտին մէջ մարդկային տունկը մօտէն կը նմանի բուսական տեսակներուն։ Արգասաբեր հողը ու Տաւրոսեան ջուրը, միացած միջերկրականեան արեւին՝ մարմինը կ՚ընեն լայն ու օծուն, քիչիկ մը դէպի թուխը զարնող։ Բայց միսի յորդութեամբ մը, փարթամութեամբ մը, որ կը տպաւորէ։ Քառասունէն ետքը այդ մարմինները կը տկռին։ Բայց անկէ առաջ մեր ճալապ [1] Կարպիսին նման հոյակապ նմոյշներ են բուսական կատարելութեան։ Անոնք կը կրեն նոյնքան արի սիրտ մըն ալ ու կը սիրեն իրենց ազգը, կրօնքը՝ անհաւատալի սաստկութեամբ, մեռնելով հաւատքի «ուղուրին», բայց վարուելով հեթանոսին հետ շքեղ արձակութեամբ մը։ Քաջարի, ուղիղ տղաք, տէր իրենց կիրքերուն, ինչպէս բարբառին։ Մոլեռա՞նդ, բայց աղանդաւոր ըսուելու աստիճան։

Տարագրութենէն յետոյ, Սուրիա, ես հանդիպեցայ անոնցմէ նմոյշներու, որոնք քալած ատեն քարերը կը դողացնէին սալարկին, բայց գառնուկի պէս հեզ, կը պատմէին իրենց տեսիլքները, այնքան իրաւ, յստակ, ճշգրիտ, որ մարդ կ՚ապշէր տեսարանէն, հին դարերու հոգետեսներուն խլեակները անկարող ըլլալով հաշտեցնելու մարմնեղէն սա յորդումին։ Մսավաճառ Կարպիսը (կը ծածկէր հաճին, որով պատկերահիւսուած էին զոյգ իր թեւերը, Երուսաղէմի պատմական շէնքերով ու թուականներով, ազգը պահելը այդ մարզերուն մէջ առաքինութիւն ըլլալուն) թուրքի մը չափ, եթէ ոչ անոնց շատ մը գեղացիներէն աւելի, ընտանի էր թուրքերուն լեզուին, բարքերուն, ախորժակներուն ու տօնէ, մեռելէ, հարսանիքէ գոյաւոր միւս սովորութեանց, որոնց մէջ կը խտանայ ժողովուրդները իրարմէ տարբերող իսկութիւնը, ան՝ որ դարերու հոլովումով պիտի բիւրեղանայ ու դիմագիծը տայ որոշ քաղաքակրթութեան։ Թուրքերը չորս-հինգ դար ունին իրենց ետին։ Աւելի ճիշդ՝ դար մը միայն։ Վասնզի կանխողներուն մէջ անոնք շարժական բանակներ եղած են, քան ժողովուրդ, որ կը նստի իր գեղին ու քաղաքին մէջ, ենթարկուելու համար դանդաղ, բայց կերպադրիչ անոր հոսումներուն, առնելով մոյնք ու հոգիի շէնք։

Անոնք, որ պտտած են երբեմն օսմանեան կայսրութիւնը, թուրքի մէկ տիպար միայն կը ճշդեն - մոնկոլատիպը։ Մնացեալները, կրօնափոխ տարրեր են ու տակաւին չեն փախած իրենց անցեալին ճարտարապետած հոգեկան կառոյցէն։

Մսավաճառ երիտասարդը հոյակապ բխումն էր լեռնային սերմին, հարաւի գաղջ ու յուռթի տափաստաններուն վրայ։ Անիկա շատ քիչ գիտէր իր հայրերուն լեզուն, որ տեղի տուած է Ալիս գետէն արեւմուտք ու Տաւրոսէն հարաւ մեծ ոստայններու մէջ, աւաններու շրջանակին պահելով ինքզինքը նախատիպ կազմով մը։ Առաջնորդին յանձնարարութեամբը պիտի ընկեր ունենար Մատթէոս Մելիքեանը, ուսուցիչ, Կարնոյ կողմերէն։ Չէր առնուած գաղտնիքին մէջ, Մաթիկին իսկ պահանջովը, որ ինքզինքը արդէն զինուորագրած էր մահուան, պարզ ու արի համեստութեամբ մը, որ անոր խորունկ գեղեցկութիւնը կը շինէր։ Մարդ անոր հետ բաւարար շփումէ մը յետոյ միայն կը հասնէր այդ ստուգութեան։ Իր գաղտնիքին մէջ մինակ ըլլալու այս յամառ պահանջը ներքին ձայն մըն էր անոր համար։ Դէպքերը ցոյց տուին, որ իրաւունք ունէր անիկա։ Վասնզի մեռաւ, բայց չխօսեցաւ իր ընկերներէն։ Մարդ կրնայ վստահիլ միայն իր ունեցածին։ Ատ էր պատճառը, որ մսավաճառը չառնուեցաւ գաղտնիքին մէջ։ Մինա՛կ՝ մահուան դէմ։ Պարզ ու հլո՜ւ՝ երբ ներկայանար անիկա։ Այսպէս էր խօսեր հիացիկ կրօնականին։

Այսպէս խօսեցաւ այծարած Ակոյի քարայրին մէջ։ Այսպէս ըրաւ Պրուսայի բանտը, Մոխիրնոցին մէջ։

Ատանայի առաջնորդը անոր թելադրեց Սանասարեանի մէջ պատսպարում մը, այնքան քիչ կը ճանչնար անոր իմացական յաւակնութիւնները։

Ընկեր Մաթիկ յեղափոխական էր ու  վարժարանի մը չորս պատերը տարբերութիւն չունէին բանտին պատերէն։ Իր դպրոցը՝ հայրենիքը, եւ իր աշակերտութիւնը՝ հայ ժողովուրդը։

Յեղափոխական միստի՜ք։ Այնքան շատ եղած են այս մարդերը, որ վէպի մը գրեթէ հասարակաց բարեխառնութիւն բաւ են ստեղծելու։

Թուրքերը զգացած էին ատիկա, բռնապետութեան օրերուն։ Ձեռք անցուած իւրաքանչիւր քոմիթաճի բացառիկ տեսակէ կենդանի մը կը նկատէին եւ կը զատէին զանոնք մեր ժողովուրդէն, որ լրտեսներ եւ ոչխարներ, շատ-շատ խելօք չորպաճիներ միայն կրնայ բուսցնել իրենց կարծիքով։ Բայց ոչ այս արտակարգ արարածները, որոնք մահուան համար այնքան անխոց էին իրենք զիրենք հանդերձեր, կազմակերպեր։ Անգամ մը ճամբայ իյնալէ յետոյ միայն ընկեր Մաթիկը պիտի չափէր յիմարութիւնը իր ձեռնարկին։ Բայց պիտի չափսոսար ալ միւս կորուստին համար, քանի որ առաջնորդը զինքը Եգիպտոս անցընելու միջոցներ ունէր իր տրամադրութեան տակ ու ինք մերժած էր այդ դասալքութիւնը։

Զինուորը՝ «պատերազմի դաշտում» եւ ոչ թէ Ժընեւի «փարում»։

Յիմարութի՞ւն։ Դուք գտէք բառը։

Ես կը բաւականանամ դիտել տալով միայն, որ մարդկային մեքենան շինուած է այս հակասութիւններով։ Միշտ ալ չուաններով կապուածները չեղան միայն վաւերական խենթերը։ Յաճախակի, գոնէ որոշ շրջաններու, մենք՝ առողջներս, նման ենք միւսներուն, որոնք պարպուած՝ իրենց ուղեղէն, պիտի շարունակեն ապրիլ մեր տուներուն մէջ, մեզի համար պա՜րզ՝ իրենց խօթութեան կշիռէն, բայց պատրելով աշխարհը։

Սանասարեանի հաւանական խայծէն ինքզինքը ազատող Մաթիկ Մելիքխանեանցը մինչեւ Կարին վարժուելէ յետոյ ճանապարհային պայմաններուն, քիչ ու շատ՝ երկրին լեզուին, պիտի լայնօրէն նուիրուէր իր սկզբնական մտապատկերին, - մեր ժողովուրդին լրիւ ճանաչումին, որուն մէկ պատուական, հարազատ հատուածը կը մնար հաստատուած Բարձր Հայքի բարձրաւանդակին զանազան խորշերուն, իրաւ է թէ հետզհետէ ընկճուած թուրք տարրին բնաջնջող ուժերէն։ Կարինը, Սանասարեանով, այս ոգիին կապուած գաղափարագրութեամբ, յեղափոխութեան վերանորոգիչ շունչին տակ Հայաստանի ապագայ տնտեսութեան մեծ կեդրո՜նը՝ որ իր լեռնային նկարագիրը հարկադրէր մեզի, մեզ ընելով Արեւելքի Շվեյցարիան։ Որքան գեղեցիկ են մեր միտքին աղացած բաները, պայմանով, որ չթափին գետին։ Հոն պիտի ուսումնասիրէր առողջ ու քիչ վտանգաւոր այն մեթոտները, որոնցմով զինուած, մեր ժողովուրդը պիտի իջնէր կռիւի կրկէսը, իսկապէս համազգային պատրաստութենէ մը ետք, վնասի ամէնէն նուազ հաւանականութեամբ։ Տնտեսական ամուր ու քողարկուած զարգացո՛ւմ։ Հոգեկան ու յեղափոխական նոյնքան ամրայօդ ու զուսպ տիցիպլինա։ Բոլոր ժողովուրդը պատրաստ մէ՛կ ձայնի, մէ՛կ րոպէի։ Ու այդ րոպէ՜ն, մա՛նաւանդ։

Ամէնէն յարմա՜րը, երբ պետութիւններու մրցակցութիւնը պիտի ստեղծէր մէկը միջազգային մեծ այն կնճիռներէն, որոնցմէ այնքան առատ ունի Արեւելքը, մասնաւորի՝ անոր Մերձաւորը։ Համաշխարհիկ յեղափոխութի՜ւնը, ընկերվարական մեծ բանակներու գրոհով…

Պէտք է ձգել ընկեր Մաթիկը, որ իր երազը դիւցազներգէ։  Անիկա, ապագայ յեղափոխութեան  հոյակապ «տեսանող», արդէն սնանկ էր յայտարարած Րաֆֆին եւ անոր «Կայծեր»ը, որ «մի սմսեղուկ իտիլա էր եւ ուրիշ ոչինչ» արդիւնքովը այսինքն՝  ջարդերովը  կրկնակի դատապարտուած։… Բայց այդ գալիք մեծ օրէն առաջ, անոր կ՚իյնար պարտք, գիտական անվրէպ «հիմունքների վրայ» ճշդել տարողութիւնը մեր ուժերուն, որոնց հիմնականը անշուշտ թիւն էր կազմելու։ Ռոմանթիզմ էր, անոր կարծիքով, մեր թշնամին մի շատ լաւ, խորը չուսումնասիրած շարժումներ սարքել, որոնք յանգելու էին անխուսափելի աղէտի։ Ռոմանթիզմ էր, անհատական դիւցազնութիւնը ընդարձակել իր իմաստէն անդին, տարածելու համար զանգուածին ալ վրայ, որ, տգէտ ու անկազմակերպ, կը մնար անշահագործելի ու կ՚երթար զոհ թշնամուն, որ առնուազն պետական կազմակերպութիւն մը ունէր իր կռնակը։

Ընկեր Մաթիկ կարդացած էր հակայեղափոխական գրականութիւնը, գիտական լայնամտութեամբ մը ու չէր անտեսեր այդ յարձակումներուն մէջ բանաւորին ալ բաժինը։ Ու չկրկնելու համար ջարդերով պսակաւոր մեր ռոմանթիզմը, անիկա կը հաւատար գիտական մեթոտին, որ խորաչափումն է թշնամիին, իր ամէն ծալքերուն։

Ո՜վ լրջութիւնը բոլոր Մաթիկներուն, երբ թուղթի վրայ կը չափեն ու կը ձեւեն թուրքին ծնունդներն ու ախտավարակները եւ կը կարծեն ծառայած ըլլալ մեր դատին, թուրքը ցոյց տալով ցած ինքնիրմէ։ Որոնք 4-5 միլիոնի կ՚իջեցնեն թիւը հարազատ թուրքերուն ու սիֆիլիզին զոհ ցոյց կու տան սերմերն ու արգանդները։ Կ՚անցնիմ այս դժնդակ եղջերուաքաղին վրայէն, որոնք բոլոր ժամանակներու Մաթիկները կ՚ընեն իրարու նման։

Կարի՜ն։ Յետո՞յ։

Անշուշտ, դէպի արեւմուտք, երկշաւիղ ուղեցոյցով Սեբաստիա  ու  Կեսարիա։  Փոքր  Հայքը  նմանապէս անիկա ենթարկելու էր շատ խղճամիտ ուսումնասիրութեան, միշտ նոյն մեթոտներով։

Յետո՞յ։ Երկաթուղին։ Դէպի Իզմիր։ Կամ՝ Պրուսա, Պոլիս։ …։

Թուղթի վրայ իսկ փորձանուտ նկատուած, ու մաթիկեան պատրաստութեամբ մը միայն ըմբռնելի սա ուղեւորութիւնը, գոնէ իր առաջին մասին մէջ անցաւ անվտանգ, նոյնիսկ շատ յաջող, ինչպէս բանաձեւեց մեր հերոսը, համեստօրէն, աստուածային անզգամութեամբ մը, այդ հրաշքը չդադրելով վերագրելէ իր ընկերոջը, «էտ արտակարգ տղամարդուն»։

Մինչեւ Կարին, անոր առաջնորդը գտաւ անսպասելի ընդունելութիւն։ Աչքերը լայն-լայն լարած՝ ընկեր Մաթիկը կը ջանար այդ մութ, իրենց կանանչ կամ դեղնոտ փաթթոցներուն շուքովը մռայլացած դէմքերուն հարազատ տարողութիւնը ստուգել, անոնց մէջ խորաչափելու համար ատելութեան որոշ քանա՜կը հանդէպ հայուն։ Ու ապշահար, կը հետեւէր անոնց լուրջ ու տրտում լռութեան, որով կը դիմաւորուի անհաւատը բարի, որքան հարկինքի չմղուած միւսլիմանէն։ Թուրք ժողովո՞ւրդը։ Ա՞ս։

Դուք գիտէք Կովկասի թուրքերը, ու անոնց պատկերը Մաթիկին մտքին մէջ։ Ան չէր ճանչնար Վասպուրականի եւ Տարօնի հասարակ ժողովուրդը։ Դէպի Կիլիկիա իր փախուստը ծանօթ է ձեզի, թուրքերէն իր զգայնութիւններովը։ Դէպի Կարին անիկա զարմանար պիտի՝ նոր աշխարհէ մը ինչպէս։ Գազաներու աղաները սովորութիւն ունէին չորպաճի Կարապիթին վաճառելու, տարուէ տարի ծերութեամբ անգործածելի իրերը, սուղ, աժան։ Կարապետը պապենական գնորդն էր անոնց։ Առեւտուրն անգամ հայրենի յարգուած աւանդութեանց կարգը կը դասուէր այդ մարդոց մօտ։ Ու ինչ որ տեսած էին իրենց մեծերէն, կը շարունակէին պահել անփոփոխ։

Ջարդե՞րը։

Անշո՜ւշտ։

Բայց զանոնք հասկնալու համար պէտք է երեք-չորս հարիւր տարուայ իսլամական մշակոյթը վերլուծել, - մտածելու եւ վարելու այն մեծ ուղղութիւնները, որոնք արաբ խալիֆաներունը եղան աշխարհակալութեանց յաջորդ դարաշրջաններուն։ Կեավուրին գլո՛ւխը։ Անշուշտ որ կ՚իյնայ գետին, առանց հաւատացեալին հոգին մեղքով մը աղարտելու։ Բայց անարդար է խելօքիկ կովը սպաննել։ Ոչ-իսլամը կթան կովն է իսլամին։ Այս ըմբռնումը թուրք վարիչներու ուղեղին մէջ հիմնովին այլափոխուեցաւ տասիններորդ դարու ընթացքին։ Կրօնական ատելութիւնը տեղը տուաւ ազգայինին, որ անողոք է։ Վարիչներու ուղեղէն դէպի զանգուածը անոր թափանցումը կատարուեցաւ դանդաղ, հազար ինը հարիւրին հայ ջարդելը հետեւանք մը հազիւ կրնար նկատուիլ այդ ներարկումին։ Հիմա այդ  թափանցումը  ամբողջացած է։ Ոչ մէկ հայ կը հանդուրժեն թուրքերը, ինչպէս չեն հանդուրժեր քիւրտերը, օր մըն ալ՝ եւրոպացիները։ Մինչ այդ ինը հարիւրի աղաները հաւատարիմ էին իրենց պապերուն, երբ կը սպասէին Գասապ օղլուներուն, որդւոց որդի այդպէս որակուած։ Կարապետ Գասապին կը շարունակէր գործը իր ընտանիքին, պապենական արհեստ, զոր կ՚ընէին անոր հայրերը, աւելի ընդարձակ, Ատանա-Կարին-Կեսարիա եռանկիւնին մէջ, հաւաքելով ծերացած եզները, լման ամառը, հազարակեան հովիտներու հազար ծաղիկներով ոգեւոր կանանչը ճարակելէ յետոյ, չճանչցուելու չափ փոխուած, գիրուկ ու գեղեցիկ, կը դառնային վար, նոյն ճամբով, երբեմն խաբելով հովիւներուն ուշադրութիւնը, մտնելով իրենց հին տէրերուն գոմերը, ապշեցնելու աստիճան հարամ չուտող միւսլիմանը, որ կը քշէր կենդանին դէպի նախիրը ու ճամբու կը դնէր Գասապ օղլուին տաւարը, բարեւով ու բարութեամբ։

…Ընկեր Մաթիկը եւ առաջնորդը նոյն ընդունելութիւնը գտան փոքր աւաններուն ու գիւղերուն մէջ։ Որոնք յատուկ սեղան կը հանէին Կարապիթ չորպաճիին, անոր փոքրիկ, բայց համով նուէրները ստանալով, հաճ եւ ուրախ, ականջ տալով կարելի նորութիւններուն, Ճերմակ ծովուն մերձաւոր կեավուրէն։ Այս բառը, այդ ջոջ-աղաներու բերնին, ունէր փաղաքուշ երանգ մը, մտած ըլլալով իրենց բարքերուն մէջ։ Բազմանիշներու ճակատագիրն է ատիկա։ Նախա՞նձ, ատելութի՞ւն, թրքութի՞ւն։ Ասոնք չեմ ուրանար։ Բայց չեմ կրնար չծանրանալ չորպաճի  Կարապետին աննման  շնորհին, դէմքէ, ինչպէս լեզուէ։ Հմայքը ձրի բառ չէ։ Անոր լեզուն «անուշ էր աւելի, քան շաքարը»։ Ասիկա Մաթիկին վկայութեամբը չէ, որ միայն կը հաստատուի։ Լեռնային այդ ճամբորդութիւնները, իրենց կապուած անհամար վտանգներուն գնովը դէմքերուն համար թերեւս կը ճարեն սա անառարկելի հեղինակութիւնը, որ խառնուրդն է քաջութեան ու վստահութեան, ուղղութեան եւ բարութեան։ Համեստութի՞ւնը։ Աս ալ ձրի բառ չէ։ Թուրքին հպատակ հայու սկզբնական հանգամանքը։ Աս ալ ներելի է գուցէ խառնել այս յղացքներուն։ Իրողութիւն էր, որ Գասապեաններու գերդաստանը բռնամահ սուգը չունէր իր յուշերուն մէջ։ Կ՚ըսեն, թէ նախանձին բուն շարժառիթներէն մէկը հպարտութիւնն է։ Թերեւս։ Ըսի, թէ ոչ մէկ Գասապ օղլու զոհ չէր գացած հազարաւոր դաւերուն, կապերուն, որոնք  ասկից երեսուն-քառասուն տարի առաջ ճամբորդութիւնը հոմանիշ կ՚ընէին մահուան։ …։ Գաւառէ գաւառ, խճուղիներու վտանգաւոր անցքերուն, ու այն տեղերը, երբ լեռները իրարու կը հիւսեն իրենց փէշերը, տարպանդներու պահակներ մեր զոյգին ընծայեցին լրիւ հիւրասիրութիւն։ Զարմանալի մտերմութիւն մը, որուն գլխաւոր զսպանակը նոյնքան զարմացնող յիշողութիւն մըն էր, այդ պահակները կ՚ընէր անոր ընտանի։ Գիտէր անոնց բոլորին ալ անունները։ Ունէր իր բառը, ուրախակից կամ ցաւակից, տարի առաջ անոնցմէ պատմուած ցրիւ բաներուն։ Կը լուսէր աչքը հօր, որուն զաւակը դարձած ըլլալու էր զինուորութենէն, կամ աղջիկը  հարս  ելած Աստուծոյ  հրամանով։

Ընկեր Մաթիկը կը տեսնէր, որ սա ամայութիւններուն մէջ, ինչպէս Մոսկուայի ճոխութեանց խորը, կեանքը կը քալէր իր քանի մը հիմնական ակօսներէն։

Ամէն տեղ մարդիկ հայր էին, ու զաւակը՝ ցաւ։ Ու թուրքը՝ մա՜րդ։

Բայց ջարդե՞րդ։ Բայց գազաննե՞րը։ Ուրկէ՞ կը շինէին անոնք, սա խաղաղեկ պատկերներէն ետքը։ Անցագիրը չէին հարցներ, այնքան իր ընկերոջ զարմանքը տիրական կը մնար տեսարաններուն վրայ։ Այդ երիտասարդին վարուողութիւնը, պաղարիւնութիւնը, ջերմութիւնն ու վստահութիւնը, քանի մը օրուան ընթացքին, իրեն հասկնալի ըրին ինչ որ կարդացեր էր տարիներ առաջ ու չէր ըմբռնած հեքիաթը հայերէ վարուած կարաւաններուն, Միջին կամ Հասարակածային Ասիայէն դէպի Ռուսաստան, Լվով ու Ամսթերտամ։ Անշուշտ, սա հսկային նման պատուական երիտասարդ մըն էր պետը այդ կարաւաններուն, որ իր հեղինակութեամբը, կորովովը, խելքովը կերպը կը գտնէր, կիսավայրի այդ աշխարհներէն հարիւրներով քալեցնելու իր ուղտերը, ջորիները, ամիսներով, այնքան այլազան վտանգներէ ազատելով թանկ իրեղէնները հարաւին։ Անոր չտրուեցաւ առիթը չորպաճի Կարապետը քաջութեան արարքով մը գեղեցկացած տեսնելու։ Բայց տպաւորիչ՝կռիւը շրջելու անոր տաղա՛նդը, երբ գազայէ մը անցած ատեննին հայհոյանքը ընդունեցին զինուորութենէ նոր դարձած խմբակի մը, որ կը խմէր։ Գասապ օղլուն անվախ յառաջացաւ, ապսպըրեց կէս օխանոց մը ու խմեց բոլորին ալ կեանքին։

Բաժնուած ատեն, հայհոյիչները դարձեր էին լաւ բարեկամ «պապայէն» մնացած չորպաճի Կարապիթին։ Գասապեան զարմէն սա իմաստուն շառաւիղը չմեկնաբանեց իր վարմունքը, այդ տեսակ բանի մը անատակ ըլլալուն։ Ուսումնական չէր անիկա, ոչ ալ «շուկայի» այնքան մեծցուած «քերականութեան» արժանաւոր աշակերտ։ Փաստ էր, որ չէին կերած ծեծ։ Չէին նախատուած։ Չէին սողացած։ Հազար ու հարիւր եօթանասունին գուցէ չըլլար սա դրուագը այնքան ալ յատկանշական, վասնզի աւագանին (թուրքին շուքին հայն ալ տեղ մը ունէր) գիտէր ինքզինքը հարկադրել։ Ու շատ չէին հայերը, որոնք, թլփատեալի մը տուած իրենց կռնակը՝ ազատ էին կարելի անզգամութեանց։ Բայց ջարդերէն ե՞տքը, երբ փողոցի ստահակն ալ, առանց պատիժի, կարող էր ապտակել կեավուր աղա մը։

Արեւելահայերը իրենց շրջաններու թուրքին վարժուած, բնազդական ստորագնահատում մը ունին տիպարին ընդհանրութենէն։ Սահմանամերձ գաւառներու մէջ, անոնց գործիչները ճանչցան առաւելապէս քիւրտը, որուն նախնական ու տոկուն նկարագիրներուն մէջէն արհամարհանք միայն զգացին թուրքին հանդէպ, այդ վայրերուն մէջ օտար ու անհաստատ, բարբարոս իսկ ըլլալու անկարող, առանց բանակին օգնութեան։ Այս օրինակը, հակառակ իր քիչ մը նուազ կողմին, ունեցաւ ընկեր Մաթիկին վրայ տասը գիրքէ աւելի խոր ազդեցութիւն։ Անշուշտ, շատ մը տարիներ այսպէս էին ապրեր մեր պապերը այս հողերուն վրայ։

Այս լուծէն ազատուող արեւելահայը դիւրին էր մոռցեր իր պապերուն փորձառութիւնները։ Հիմա տեսաւ, որ ինչպէս կը շարունակէր ապրիլ իր ժողովուրդը գոնէ Եփրատէն ասդին։ Տաղա՞նդ։ Ստորութի՞ւն։ Անոր մտքէն չանցան երկուքն ալ։ Շատ կանխահաս պիտի ըլլար մեր նոր գրականութեան մէջ, նոր-նոր կաղապարուած արժեզրկող կամ գերագնահատող այս տարազները այժմեան յօրինուածքով ունենալ իրմէ։ Ստրկախտ։ Կեղծախտ։ Շարունակելը ձեզմէ։ «Խենթին հետ խենթ»ը ազգային առած է, ու նման ամէն առածի, ունի գրական իմաստ մը, որմէ զուրկ է երբեմն մեր թերթերուն քառորդ դարեան հաւաքածոն, խմբագրական քարոզներու սթոքէն։

Մաթիկը, նման ամէն գիտունի, կ՚արհամարհէր լրագիրը, զայն անուանելով ամբոխին «փլաւ»ը, մեր մէջ անոր առատութիւնը յայտարարելով նշան մը ազգային անկումի։ Ինչ պիտի ըսէր երանելի գիտնականը, եթէ հասնէր մեր օրերուն, ուր ստեղծուած է «թերթախտ» բառն ալ, անշուշտ պէտքի մը իբր արտայայտութիւն։

Գասապ օղլուն անոր յիշեցուց միւս առածն ալ, որ կը խրատէր «պագ ու ճակտիդ դիր այն բազուկը, զոր չես կրնար կոտրել»։ Ասիկա ճիշդ էր հինգերորդ, ինչպէս տասնչորրորդ դարերուն, ու աւելի քան հիմա։

Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ յեղափոխութի՞ւնը, որ հերքումն իսկ է այդ վարդապետութեան։ Ինչպէ՞ս վարել մեր ազգին նաւը։

Մաթիկը տարազեց մեր մտածումները այդ հարցին շուրջ ալ։ Ու կորի՛զը անոնց, - ինչո՞ւ դէմ ելլել մեր պատմութեան ընդհանուր ցուցմունքին ու հերքել ջանալ տասնհինգ դարերու գերութիւնը։ Երբեւիցէ, փաստօրէն եղա՞ծ է անկախ մեր ժողովուրդը։ Իր պատմութիւնը ատոր հակառակն է, որ կը հաստատէ։ Վա՞տ։ Ան ալ չէ եղած այս ժողովուրդը։ Բայց մեր սխալը՝ շփոթելն է անհատական նկարագիրները հաւաքականներով։ Չէ կարելի ուրանալ մերիններուն ուժով անհատականութիւնը, այնքան ուժով, որ չեն սեղմուիր մեզմէ դրուած պայմաններուն, ու կը ստեղծեն մեզմէ դուրս մեծ փաստեր, արժանիքի, ուժի, խելքի, կամքի։ Մնալով մեր պայմաններուն մէջ, մեր անհատներուն քաջութիւնը ճիշդ չէ ուռեցնել, հոմանիշ ընելու չափ արկածախնդրութեան, յիմարութեան։ Ո՞ւր է փաստը հաւաքական կամքին, որով ժողովուրդները կը տիրեն նախ իրենց, յետոյ ուրիշներուն։ Ինչո՞ւ չկայ գիտութիւն մը, որը ճշդէ գերութեան սթիկմաթները, անոնց աւերը հոգիներուն մէջ։ Ինչո՞ւ ուրանալ իմաստութիւնը մեր պապերուն, այսքան արագ, կէս դարու տեսութիւններու փայլովը լուծել ջանալով ինչ որ երեսուն կէս դար, տարօրինակ հանգիտութեամբ մը պարտադրեր էին մեզի։ Որո՞նք են այն առաքինութիւնները, որոնք մեր ժողովուրդը բերին մինչեւ քսաներորդ դարու սեմին։ Եթէ եղէգն ու կաղնին կը պատկանին ռուսական թագաւորութեան, չեն ուսումնասիրուիր նոյն սկզբունքներու լոյսին մէջ։ …։ Կարճ կ՚անցնիմ, վասնզի այդ գաղափարները պիտի գտնենք աւելի ուշ, կախաղանի նախօրէին, մեր մտաւորականներու ներկայացուցչական տիպարներու բերանէն արտայայտուած, տեսակ մը գերագոյն կտակ, մեռնելէ օր մը առաջ կտակուած, Այաշի արօտներուն վրայ։

…Չէ կարելի հատորով մը սպառել յուշերն ու դիտողութիւնները անոր Կարինէն, Երզնկայէն, Կեսարիայէն, նոյնիսկ կանգ առնելով միայն կարեւոր կեդրոններու վրայ։ «Հազարումէկ գիշերներու հեքիաթ», ինչ-պէս եղան բանաձեւ, այն ատեն, իմ տպաւորութիւնները այդ ամէնէն։ Թուրքերը թերեւս չզգացին ատիկա, երբ ահագին երկրի մը ամենախուլ անկիւնին մէջ անգամ սուլթան մը ապրեցաւ, առանձին ու ամենազօր։ Անոնք վեհապետը ապրեցան իրենց մէջ։ Հոս է ռեժիմին տարօրինակութիւնը։ Տասը մարդ չունէր այդ երկիրը ռեժիմը դատող ու սուլթանը չպաշտող։ Այս մտայնութիւնը հեքիաթի մը մթնոլորտ է անշուշտ։ Այդ բարեխառնութեան մէջ, մեր ժողովուրդը, ճակտին գերագոյն խարան։ 915ի եղերական ջնջումը այնքան ալ թանկ կ՚ընէ հիմա այդ ամբողջը իմ աչքիս։ Մեղք, որ այնքան անտարբեր ենք անոր հանդէպ։ Մեր անցեալին մօտենալու այս դժկամութիւնը կնիք է մեր յետպատերազմեան գրականութեան։ Միւս կողմէ այնքան քիչ բան է սեւեռուած անկէ, մեր արուեստագէտներուն միջոցով։

Այս վէպը թելադրող գլխաւոր գաղափարը փրկութիւնն էր անցեալին։ Եւ սակայն կը վախնամ, թէ այդ կարգի լրիւ ոգեկոչում մը ընթերցող չունենար ալ։ Բայց այդ անցեալին դէմ սա տարերային քէնը չի մնար այդպէս։ Պիտի գայ օրը ու մեր տղաքը տառապանքով ու սիրով, կտոր-կտոր, իրարու կարկտեն պիտի՝ ցրիւ մեր նոթերէն վերակազմելու համար մէկ տախտակը մեր բարքերուն։

Բայց պէտք է քալել…

Բարձր Հայքէն անիկա չունեցաւ առատ յեղում։ Սանասարեանը իմացական բարեխառնութիւն էր ու դասատուները փոխանակուած էին մշակոյթի հերոսներով։ Տեսակ մը Վասպուրական, նուազ իմաստակ, նուազ եռանդուն։ Տեսնուեցաւ յեղափոխական կազմին, անգոսնելով Ատանայի առաջնորդին պատուէրը, բայց մնաց զգոյշ, չյայտնելով ինքզինքը։ Լրտեսներէ հոտ առնուած, դիմեց եպիսկոպոսին, ուսուցչական պաշտօն խնդրելու։ Մերժեցին զինքը։ Բայց միւս կողմէ իր տիպարը հասարակցաւ։ Վասնզի շրջանի գեղերուն մէջ շատ էին այդ մարդիկը, պաշտօնի համար մէկ տեղէն միւսը թափառական։ Սանասարեանը ողողած էր ասպարէզը։ Ու թուրք շրջուն մոլլանները յիշեցնող երիտասարդներ հանդիպելի էին կարաւաններու մէջ։ Այս հնարքը զինքը ընկղմեց այդ միջակութեան խորը։ Օգտուելով իր շուրջը ստեղծուած չէզոքութենէն, յետոյ՝ անտարբերութենէն, շահագործեց առիթը Կարապետ չորպաճիին հետ Կեսարիա անցնելու։

Բարձր Հայքին ազդեցութիւնը եղած էր ժխտական։ Մաթիկը լքած էր Ատանայի մէջ մշակուած ծրագիրները։ Պարզ ճամբորդ, հետաքրքիր՝ կայսրութեան ընծայելիք նորութիւններով։ Արկածախնդիրն էր, որ իր մէջ կու գար ելանին։ Իր ընկերը կը համակրէր իրեն։ Անշուշտ, փորձ, ականջը ծակ երիտասարդ, անիկա ունեցաւ կասկածի րոպէներ։ Բայց քոմիթան, իր խտացուած սարսափին կշիռը անզետեղելի խորհուրդ էր ընկեր Մաթիկի ճղճիմ մարմնին։ Մինչեւ Կեսարիա, անիկա կատարեց անցագրի գործողութիւնները։

Ընկեր Մաթիկի տպաւորութիւնները նոյնքան շահեկան են այդ մարզերէն, մա՛նաւանդ թուրք ժողովուրդէն ու բուն քաղաքէն։

Դժբախտաբար չեմ կրնար տարածուիլ անոր զգայնութիւնները լրիւ ընդգրկելու։ Մաթիկը Կեսարիայէն ունէր իր մէջ միակտուր յօրինուած տրտմութիւն։ Ու իրեն քով՝ իր արդի անխօս ընկերը։ Հիմնականը խոր ու խռով իր հոգեվիճակն էր թուրքէն, այնքան տարբեր իր կոխկրտած միւս շրջաններէն։ Այդ մարդիկը մութ էին եւ անժպիտ։ Հաստ էին ու փարթամօրէն բարբարոս։ Տարազը, մէջքի գօտիները, ֆէսերու հսկայական ծոպերը, շալվարներուն բիրտ կտրուածքը անջինջ սեւեռւած էին անոր ուղեղին։ Նոր փողոցներուն մէջ այդ թրքութիւնը ժահահոտ ու խղդող բան մը կը հոսեցնէր, որուն հանդիպած չէր անիկա ուրիշ քաղաքներ։ Սեւ անոնց նայուածքը, հռոմէական լայն երեսները ու հսկայ պեխերը, միացած կազմին ալ բրտութեան՝ կը ճշդէին թուրքի տիպար մը, որ յատուկ է այդ սարահարթին։ Այդ ձեռնարկու, լեզուանի, անգութ ու մոլեռանդ զանգուածին դէմ մերինները հանած են ուրիշ մը, նոյնքան ու աւելի ձեռնարկու, համոզման տուրքով աւելի հարուստ, արիւնի դէմ ըլլալու տեղ շահու եւ դրամի դէմ աւելի անողոք ու ժամու եւ աղօթքի մէջ թուրքէն վար չմնացող կեսարացին, զոր Մաթիկին բերնին մէջ տեսնելէ յետոյ՝ կեանքի ճամբաներուս պատի՜ւը պիտի ունենայի ստուգելու։ Մեր բոլոր նահանգներէն Կեսարիան կը զատուի պատռտող, չյոգնող, ստեղծող ու անկախ բնազդներովը։ ԺԹրդ դարու հայ վաճառականութիւնը անոնց ձեռակերտն է գրեթէ։ Մեծահարուստներուն բացառիկ տուրքերէն աւելի շահեկան են միջին տիպարին մեծ առաւելութիւնները, որոնք կը մասնաւորուին, թերութեան վերածուելու չափ խոշորնալով։ Մաթիկը հիացած էր անոնցմով։

Հոն ճարեց անիկա իր ընկերը, քիչ մը տրամաթիք պայմաններու մէջ։ Զուր չէր անցած անոր ուսումը, Մոսկուա,     ատամնաբուժական   ֆաքուլտետում։ Այդ գիտութեան շնորհն էր այժմու իր ընկերը, Սեդրակ Տոմպայեանը, զոր վերածեր էր անիկա անուշիկ Սեդոյին։

Ազատած էր զայն ստոյգ, գիտապէս ստոյգ մահէ մը - ինչպէս կը սիրէր պարծենալ- լինտերու շատ ցաւառիթ բորբոքում մը դարմանելով ազդու դեղերով, որոնք հականեխական պարզ լուծոյթներ էին սակայն։ Սափրիչի մը աքցանովը լինտին մէջ կոտրած ակռայի մը արմատն էր պատճառը այս թունաւորումին, որ քանի մը ժամուան մէջ տարածուեցաւ դէմքին, ուռեցնելով այտին մէկը, հացի գունտի մը չափ, բայց մա՛նաւանդ լեզուն աճեցուց, ձեռքէ մը աւելի խոշոր ընելով զայն, որ կը կախուէր շրթներէն՝ չարչարագին գալարումներով։ Գասապեան Կարապետը, հիացիկ, ըրաւ Մաթիկին գովեստը իբրեւ մեծ ատամնաբոյժ։ Այդ օրերուն անոնք, ատամնաբուժները, շրջուն բժիշկներ էին, այսինքն՝ շարլաթաններ, որոնք փողոցներու քառանկիւններուն, շրջուած կողովի մը բարձրացած կամ դելով, կամ զանգակով, աւելի կոշտերը՝ զուռնայով իրենց ռեքլամը կ՚ընէին, հրաշագործ իրենց դեղերը մատուցանելով ամէնէն յամառ ցաւերուն, զանոնք րոպէաբար խորտակելով։ Հիւրընկալ տանուտէրը, հինաւուրց աղա, հաճի ալ, ինքնատիպ ու խօսուն, անոր հրաշքը բաւարար չափով մը փառաբանելու համար, սարքեց սեղան։ Ու ընկեր Մաթիկը հոն տեսաւ քանի մը դարու մեր բարքերէն նմոյշներ, որոնք կը զոհուին, չծանրաբեռնելու համար այս պատմումը։ Անոր համբաւը պտտեցաւ քաղաքը։ Ու Մելիք օղլու Մատթէոս էֆէնտին ներկայացաւ մինչեւ կառավարիչին, փտած անոր ակռաներն ալ դարմանելու պաշտօնով։ Առաւ կառավարիչ պէյէն գնահատական յանձնարարագիր մը, որ անոր մեծագոյն ծառայութիւնը պիտի մատուցանէր դէպի արեւմուտք իր արշաւին մէջ, ոստիկանները յարգանքի հրաւիրելով այդ թուղթի կտորին դէմ։

Ճարտար բժիշկ ու պատուաւոր երիտասարդ։ Համիտի օրով կառավարիչներն ալ վար չէին իրենց վեհապետին խելքէն։ Հոն էր, որ մօրուքը նուիրագործուեցաւ պաշտօնապէս, քանի որ ոստիկանները արգիլուած էին «վնասակար անձերու» դասակարգին ելլելու՝ անոր մօրուքին սանդուխէն։ Տոքթոր էֆէնտիները, առանց դաւաճանութեան, զայն կը կրէին քաղաքին մէջ։ Ստոյգ մահէն ազատուած երիտասարդը, կրտսեր որդին Տոմպայեան հաճի Մարուքէին, իր ապաքինումէն յետոյ, կապուեցաւ անոր սրտառուչ, անքակտելի երախտագիտութեամբ մը։ Կովարած Ակոյի քարայրին մէջ լռին հսկայ մըն էր անիկա, քաղցր աչքերով, որոնք երբեմն կը մշուշուէին տարակայ զգայնութիւններով, երեսներուն վրայ դալուկի զարնող։ Բարութիւնն ու ջնջուածութիւնը առաջին բխումներն էին անոր ծանօթացումին։ Գոմէշի բա՛ն մը, որ մականունէն թէ կազմէն կը զարգանար, երբ ժամերով կ՚երկննար քովիկը, շարժումը զգոյշ, կզակները աղալով, որոճալու շեշտ տպաւորութեամբ մը, բայց ուժի, թաքուն բարկութեան յայտնի գզացում մըն ալ թելադրելով անպայման։ Ոտքի՝ անիկա կը հագնէր իր ուժին կշիռը, հեքիաթներու շատ ախորժած մէկ տիպարը մարմնաւորելով, ան՝ որ քարի կտորները ալիւրի պէս կը փշրէր մատներուն մէջ, բայց որբ տղաքը լացով, գուրգուրանքով կը պաշտպանէր իրենց հալածիչներէն, նոյնիսկ թագաւորներ եթէ ըլլային ասոնք։ Իր հայրենիքին մէջ, Մաթիկին հանդիպումէն առաջ, մեծկակ տղայ մըն էր, բառը գործածելով իմացական երանգով։ Խելքէն ոչ թէ պակաս, այլ՝ քիչիկ մը թոյլ։ Ճորճորուն իր գնա՜ցքը, որ գետ իջնող գոմէշները կը յեշեցնէր։ Եղերական սարսափ մը անոր անդրանիկ պատանութիւնը զարկած էր անդարման այլասերումով մը։ Ամիս մը անոր լեզուն կապ էր մնացեր, այդ վախին ներքեւ։ Բացուելէն յետոյ ալ անիկա չէր կրնար ուրիշներուն պէս արագ յօդ կազմել։ Կակազում չունէր։ Բայց խօսքը չէր յօրինուեր դիւրութեամբ։ Այս դժուարութիւնը ի վերջոյ զինքը զգոյշ ըրաւ սովորական ձայնէն։ Ու քիչ-քիչ մոռցաւ խօսիլը։ Օրերով, շաբաթով բերանը չէր բանար։ Թէեւ համր չըլլար։ Իմացական ուրիշ զօրութիւններ ալ ազդուած էին այդ դրուագէն։ Քսանէն ետքն ալ իր միտքը դեռ կը պահէր նկարագիրը երկրորդ պատանութեան ու կը հաւատար ամէն լսածին, որքան ալ անհեթեթ ըլլար ասիկա, ու այս գիծով՝ հրաշքներուն, ճին, ոգի, Աստուած, մելայիք (հրեշտակ) տեսողներուն, ինչպէս նաեւ միւս գիծէն՝ բոլոր կախարդական պատմութիւններուն։ Մաթիկին ներկայութեանը, իր զարհուրելի ցաւերուն մէջ, անիկա ունեցեր էր շատ որոշ զգայական պատրանքներ, օր մը ապրուած սարսափին նորոգուած բեմադրումը՝ ուղեղին յետնաշխարհին։ Գերբնականէն առնուած ու գիտութեան նուիրուած այս մարդոց բարեկամութի՜ւնը։ Հակառակները իրար կը փնտռեն ոչ մինակ Ֆիզիքի օրէնքներուն մէջ։ Տոմպայեան հաճի Մարուքէ աղան, պերճ մարդ մըն էր, Մաթիկին պատմումին մէջ, տեսակ մը ընթացիկ տիպար, հաստ սրունքով, յետոյքով ու քիչ մը կարճ իրանով, որոնք մսագործները անոնց  մարմնակազմը  կը  պայմանաւորեն, այդպէս առատ իւղին մէջ, փոխանակ ոսկորէն աճելու՝ ճարպէն ու դնդերէն ուռելով։ Անոր մականունը կու գար մեծ հօրմէն, որ գոմէշները կը սիրէր ու իր տունին բախտը կը  կապէր անոնց  բարգաւաճ առատութեան։

Այդ մեծ հօրմէն կը մնար ժառանգ մեծ ախոռը, ուր կրնային հանգիստ պատսպարուիլ հինգ հարիւր գոմէշներ։ Էրզրումի լեռներէն պարարտացած արջառը հոն կ՚իջնէր ապուխտի վերածուելու։ Անոր նարկիլէն անհատականութիւն մըն էր, որուն պաշտամունքը արարողութեան մը նման իր օրէնքները ունէր։ Ու վա՜յ զանոնք անտեսողին։ Քիչիկ մը մենագա՛ր, հաճի Մարուքէն, որ ապուխտի պատրաստութեան մէջ ոչ ոք կը ճանչնար իրմէ ճարտար, ամբողջ օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Սխտորին եւ չամանին խմորը ու համին ճշդումը անիկա չէր վստահեր ոչ ոքի քիթին։ Լայն, բայց դէպի սրունքները նեղցող շալվարին մէջ, անոր հսկայ ոտքերը կարծես իրաւունք կու տային անոր բերնին արագութեան, մշտակազմ՝ դէպի բառը, գովեստը, փաստարկութիւնը, բայց ամէնէն շատ՝ հայհոյութիւնը, որ մթնոլորտն էր անոր, կարծես թէ այդ թանձր գռեհկութիւնն ըլլար խօսելու բնական իր կերպը։ Ու կը հայհոյէր թուրքին, անշուշտ ի բացակայութեան, սրտէն փրթած ու անմեռ կրակի մը ընդմէջէն։ 96ի ջարդին, սպաննած էին անոր անդրանիկ տղան, շուկայէն տուն փախուստի պահուն։ Անոր կրտսեր տղուն սա կիսագար վիճակը ապահովաբար կու գար այդ թուականէն։



[1]            Ճալապ. - անասունները գնող ու ծախող։