ԺԱ.
ԳԼՈՒԽ
Սեդրակը
պատանի
էր
այն
ատեն,
մեծ
եղբօրը
հետ
խանութը
կեցող։
Անոր
աչքին
դէմ,
եզ
մորթելու
նման
մորթեր
էին
մեծ
եղբայրը,
պատուական
երիտասարդ,
չորս
տղու
հայր,
ոչ
մէկուն
սիրտը
ցաւցուցած
ամբողջ
քաղաքին
մէջ։
Չէր
լացած,
աղաչած։
Այլ
գոցած
աչքերը
ու
կղպած
շրթները։
Յետոյ
պառկեցուցեր
էին
զինքն
ալ,
գլուխը
վիզին
փոսիկէն՝
ձգելով
դուրս
եղբօրը
ուսերուն։
Ու
անոր
այտերը
քսուեր
էին
վիզէն
հոսող
արիւնին
փրփուրին։
Անոր
սարսա՜փը։
Աղաչա՜նքը։
Լա՜ցը։
Վերէն
ազդմո՞ւնք
մը,
ջարդերու
պահուն
դիտուած
շրջո՞ւմ,
գո՞ւթ,
-
հրաշք
մը
միջամտեր
էր
զոհին։
Անիկա
հանուած
էր
ոտքի,
հրամանովը
այն
մարդուն,
որ
կտրեր
էր
եղբօրը
գլուխը։
Տեսե՞ր
էր
անոր
պառկեցուիլը,
երբ
կը
մաքրէր
դանակին
երախը
մորթուածին
լաթերուն։
Այդ
ազգասէր
միւսլիմանը,
որ
հաճի
Մարուքէ
աղային
արջառը
կը
բերէր
Կարնոյ
լեռներէն
ու
մեծցեր
էր
անոր
հացովը,
վերջին
րոպէին
այցուեցաւ
խղճի
տագնապէ։
Կ՚ըսեն,
թէ
երախտագիտութիւնը
ամբոխային
զգացում
է,
ու
Արեւելքի
մէջ
մաս
կը
կազմէ
քիչիկ
մըն
ալ
բարքերուն։
Նախնական
մարդերը
հաւատարիմ
են
իրենց
կերած
հացին
աւելի
ընդարձակ
չափով
մը,
քան
աւելի
բարձր
մշակոյթի
բարոյախօսական
սկզբունքներով
ներկուռ
ազգերը։
Բարի
միւսլիմանը
խղճի
դէմ
էր
գտեր
մէկ
տունէն
սա
զոյգ
սպանդը։
Ու
կը
տրամաբանէր,
կրտսերը
ազատելու
համար,
հրամանին
պակասէն,
իրենց
հրահանգուածը
արմատական
բնաջնջումը
չէր
կեաւուրին,
այլ
սանկ
մաքրագործում
մը,
շուկայի
երեսին։
Իրաւունք
տուին
անոր
իր
ընկերները,
արդարութեան
զգացումի
մը
հպատակելով,
այն
զգացումին,
զոր
յեղյեղել
չեն
մոռնար
մինչեւ
այսօր
ալ։
Տղան
ազատեցաւ։
Ըսին,
որ
երթայ։
Չկրցաւ
քալել
ու
ինկաւ
կրկին։
Փաթթոցաւոր
մը,
դանակը
ակռաներուն
մէջ
տեղաւորած՝
դրաւ
մէկ
ոտքը
անոր
կռնակին,
ձեռքովը
տղուն
կզակը
ամուր
քաշելով
դէպի
ինքը,
դասական
դիրքը
ոչխար
մորթելուն։
Ամէն
կեսարացի
ի
ծնէ
մորթել
գիտէ,
առանց
թուրք
ըլլալու։
Տղուն
լեղապատառ
ճիչը
չզօրեց
վայրագ
մարդը
յուզելու,
որ
դանակը
առած
էր
միւս
ափին
եւ
կ՚ըսէր
թթուած
դէմքով
մը
«էճելդ
[1]
եկած
է,
օղլում»։
Բայց
արգիլուեցաւ
միւսներէն։
Կը
հասնէին
ուրիշ
խումբեր,
նոյն
հանդերձանքով,
չորս-հինգ
հոգինոց,
իւրաքանչիւրին
կեդրոնը
մարդ
մը,
գլխաբաց,
դեղին՝
աւելի
քան
թուղթը,
աղերսարկու
եւ
անորակելի։
Այդ
խումբերը
չէին
աճապարեր
մորթելու
համար։
Շուկայէն
վերցուած
այդ
զոհերը
կը
քշէին
դէպի
վեր,
հայոց
թաղերը,
տեսանելի
տեղեր
փնտռելով,
իրենց
զոհակատարութեան
մէջ
շատ
մըն
ալ
դերասանութիւն,
արուեստի
հաճոյքը
հետապնդելով
կարծես։
Կեսարացին
տաղանդով
կը
մորթէ։
Ջղայնոտ
ու
խիստ,
Սեդրակին
եղբօրը
սպաննիչը
հրեց
տղան,
միւս
խումբերուն
նմանելու
ճիգի
մը
մէջ,
բռնի,
քաշելով
ձեռքէն
ու
վազցնելով։
Ողջ
հասցուց
զայն
իր
տունը
ու
յանձնեց
մօրը,
յանձնարարելով
խնամք
ունենալ
հաճի
աղային
զաւակէն
ու
ինք
եկաւ
փողոց,
շարունակելու
իր
պարտքը։
Սեդրակը
հոն,
թուրքին
տունին
մէջ
անցուց
օրը,
անոր
գիշերը,
յաջորդ
ցերեկը
եւ
իրիկունը
տարուեցաւ
իր
հօրը։
…
Այդ
օրէն
ասդին,
այդ
տղուն
մէջ
մտած
էր
այդ
անորակելի
պահը,
եղբօրմէն,
խումբերուն
ձեռքը
ճուացող
իր
ազգակիցներէն,
գազան
փաթթոցաւորէն,
միակտուր,
մեռա՛ծ,
բայց
տարօրէն
կարծր։
Այն
օրէն
ասդին
անոր
արթնութիւնը
կ՚այցուէր
այդ
պատկերով,
ամբողջ
ու
անփոփոխ,
գոյնի
եւ
զգայնութեան
այնքան
հարազատութեամբ,
որ
անոր
ջիղերը
խախտեցան
ու
կէս
խելագար
վիճակ
մը
ծաւալեցաւ
իր
վրան։
Ու
անոր
քունը
առաջին
տարին
տեսակ
մը
գոց
աչքով
փոխասացութիւն,
անդադար
աղաչող,
նոյն
բառերով,
որպէսզի
խնայուի
իրեն։
Գիշերախօս
այս
տագնապին
անդրադարձը
ցերեկին
վրայ
սա
լռութիւնը
եղաւ,
որ
կը
բռնէր
անոր
դէմքը,
ինչպէս
շաբաթ
տեւող
անձրեւէ
մը
ետքը
բլուրները
թաղող
խոնաւ
ու
կաթկթուն
մշուշը։
Դեղ,
դարման
չունեցան
արդիւնք։
Տարիքը
աւելի
սրտառուչ
ըրաւ
այս
լուսնահարումը
պատանիին,
որ
աճեցաւ
ոսկորներէն
անըմբռնելի
առատութեամբ
ու
խելքէն
մնաց
տասնհինգամեայ։
Ընկեր
Մաթիկը
խորունկ
յուզումով
մտիկ
ըրած
էր
այս
դրուագը,
հարիւր
հազարներու
մէջէն
մէկ
հատի՜կը,
այսպէս
մատուցուող
իր
ջիղերուն
սղոցումին։
Դժբախտութիւնն
ալ
մեր
աշխարհին
վրայ
կը
հպատակի
բախտին։
Հազարներ
պիտի
անցնին
հետախաղաղ
ու
մէկը
պիտի
խռովէ
խղճմտանքները։
Անիկա
լացաւ,
գիտունի
անվայել
այս
տկարութիւնը
ներելով
իրեն,
իր
առանձնութեան
մէջ,
երբ
կը
խորհրդածէր
իր
ցեղին
ճակատագրին
վրայ։
Այս
յուզումէն,
կա՛պը,
որ
պիտի
չքակուէր,
իր
ու
Սեդոյին
մէջ,
մինչեւ
Մոխիրնոցի
նոյնքան
խժդուժ
վերջաբանը
երկուքին
ալ
օրերուն։
Յեղափոխակա՞ն։
Չէր
Սեդոն։
Բայց
տարուեցաւ,
սա
քաղաքէն
հեռանալու
փրկարար
պատկերով։
Չունեցաւ
անիկա
տարրական
գիտակցութիւնը
այն
բազմազան,
յաճախ
մահ
տանող
վտանգներուն,
որոնք
անխուսափելի
կերպով
կը
դառնան
ճամբորդի
փէշերուն,
երբ
հայ
ըլլան
անոնք
ու
յանդգնին
ոտք
նետել
դուրս
իրենց
քաղաքէն։
Հոս,
ճամբաներու
այս
աղէտը
կերպով
մը
օրինակումն
էր
անդին
քուրդերով
ստեղծուած
սարսափին։
Չունէր
թափանցումն
ալ
Մաթիկին
նպատակներուն,
զոր
կը
ճանչնար
իբր
շրջիկ
ատամնաբոյժ,
ինչպէս՝
քաղաքին
հանճարեղ
կառավարիչը
կը
վկայէր
«բանիւ
եւ
գործով»։
Մնաց
որ,
ընկեր
Մաթիկը
եղաւ
զգոյշ
«տեղւոյն»
ազգայիններուն
հետ
իր
յարաբերութեանցը
մէջ։
Բնազդակա՛ն,
այս
կեցուա՛ծքը։
Վասնզի
անիկա
չէր
հաւատար,
թէ
իր
մայրենի
լեզուն
ուրացող
ժողովուրդ
մը
կարող
ըլլար
զայն
սիրելու։
Առանց
բերնի
ուտել
մը
ըմբռնելի՞։
Սիրելու
համար
զգայարանքներ
են
հարկաւոր։
Այս
քիչ
մը
շատ
արմատական
վճիռը
միակողմանի
կը
թուի,
երբ
նկատի
առնենք
միւս
պարագան,
-
ցեղային
ազդակներէն
երկրորդին,
այսինքն՝
կրօնքին
ալ
արժէքը։
Ոչ
մէկ
տեղ
մեր
եկեղեցին
այնքան
խորունկ
գուրգուրանքի
արժանացած
է,
որքան
ոչ-հայախօս
գաւառներուն
մէջ։
Այդ
զգացումը
մերինները
տարած
է
մինչեւ
չափազանցումը։
Բոլոր
աստուածատեսները,
րուհճիները
թրքախօս
քաղաքներու
նուէրներն
են
տակաւին
մինչեւ
այսօր։
Մաթիկը
չայցելեց
վարժարան։
Բայց
կանչուեցաւ
ծերունազարդ
առաջնորդէն,
որ
մեծագործ
եպիսկոպոս
մըն
էր,
հին
սերունդէն։
Մաթիկը
շահեկան
մերձեցումները
ըրաւ
արմաշական
տիպարին
ու
հին
ոճի
այդ
եկեղեցականին
ընդմէջ։
Իր
հովուած
ժողովուրդին
նման
ինքնատիպ
երակ
ունէր
այդ
մարդը
ու
խորունկ
ազդեցութիւնը
թուրքերուն
վրայ։
Չէր
կրցած
արգիլել
ջարդերը,
վասնզի
հրամանը
եկած
էր
բարձրէն,
բայց
երկու
ժողովուրդներու
յարաբերութիւնները
ուրիշ
ամէն
գաւառէ
առաջ՝
դրած
էր
տանելի
պայմաններու։
Հնասէր,
հմուտ,
մատենագիտական
հին
հետաքրքրութիւններով,
որոնք
մեր
կրօնականներուն
մէկ
մասին
յատուկ
են
եօթանասունական
թուականներուն,
երբ
Ալիշանի
ուղիով
մեր
ազգայնականութիւնը
թափանցում
կը
փորձէ
դէպի
զանգուածը։
Եպիսկոպոսը,
մարդերու
մեծ
կշռող
մը,
ինք
կ՚ըսէր
սարաֆ,
չխանդավառուեցաւ
սա
կէս
տոքթորով,
որ
հակառակ
ճեմարանական
ըլլալուն,
կ՚ուրանար
գրաբարը,
«Հրաւիրակ»ներուն
գեղեցկութիւնը
ու
կը
պաշտպանէր
արդիական
սկզբունքները,
լեզուէ՝
ինչպէս
վարչութենէ։
Անիկա,
բարի
մարդ,
պարտք
սեպեց
իրեն
զգացնել
ժամանակներուն
փափկութիւնը,
ծայրայեղ
գաղափարներուն
կարելի
վնասը
մեր
ժողովուրդին
բարօրութեանը
համար,
որ
դիտուած,
ինչպէս
ինքը՝
տոքթորը
կը
տեսնէր,
իր
պայմաններուն
մէջ,
հեռու
էր
նմանելէ
ուրիշներու
երեւակայածին,
թուրք
մը
կար
մեր
գլխուն,
զոր
պարտաւոր
էինք
կրելու,
ինչպէս
ուրիշներ
ալ
կը
կրեն
ուրիշ
բան։
Այդ
թուրքը
մեր
պապերը
վարեր
էին
առանց
արդի
գաղափարներուն։
Ու
պահած՝
գոնէ
թիւը։
Նորերուն
պարտքն
էր
չդպիլ
այդ
թիւին,
որուն
էր
միշտ
վերջին
խօսքը
ազգերու
գուպարին
մէջ։
«Խանձի
հո՞տ»
առած
էր
բանիմաց
եկեղեցականը՝
այս
կերպ
արտայայտուելու
համար։
Անիկա
կարճ
եղաւ
այս
պահպանողական
տեսութիւններուն
վրայ։
Յետոյ
խօսեցաւ
մեր
աշուղներէն։
Սրբազանին
մենասիրութիւնն
էր
ատիկա։
Բանասիրական
ու
պատմական
հանգանակներով
ուսումնասիրած
էր
մեր
աշուղները։
Բոլորին
կեանքէն
ու
գործէն
տալով
մաս
մը
բան
հանդէսներու։
Հիացող
մը
ինքը,
այդ
արուեստագէտներուն,
որոնց
մեծ
մասին
կեանքը
տրամաթիք
հանգոյցով
մը
կը
կապուէր
նախնական
այդ
ստեղծագործութեան։
Արժէ՞ք։
Կ՚ընդունէր
այդ
բանը,
հրապարակ
չդրած
չափով
մը,
այսինքն՝
ամբողջ
թրքական
ժողովրդական
երգերը
եւ
անոնց
եղանակները
անոնցմէ
բխած
յայտարարելով,
ինչպէս
կ՚ընեն
հիմա
թուրքերը՝
վարկածը
շրջելով,
այսինքն՝
մեր
երգերն
ու
եղանակները
իրենցմէ
առնուած
ներկայացնելով։
Եպիսկոպոսը
ունէր
խղճամիտ
հաւաքումներ,
ոսկեզօծ
տետրակներու
մէջ
իր
թիփիկ
գիրովը
օրինակած։
Իր
հաճոյքներէն
մէկն
էր
ամէն
կարեւոր
այցելուի
ցոյց
տալ
այդ
թանկագին
ու
փառակազմ
հատորը
ու
սպասել
գնահատման։
Մաթիկը,
արեւմտահայ
գրականութեան
հանդէպ
իր
ծանօթ
արհամարհանքը
անշուշտ
պիտի
տարածէր
նաեւ
այդ
երգերուն
ու
մնար
լուռ։
Սրբազանը
վերցուց
գիրքը
ու
դարձուց
կռնակը,
յանձնարարելով
ժամկոչին
նարկիլէ
մը
եւ
սուրճ
մը։
Բաժնուեցան
իրարմէ`
դժգոհ։
Առաջինը՝
անոր
մէջ
տեսնել
կարծելով
նոր
ոգիի
նմոյշ
մը,
որ
հինը,
անոր
ամէն
ինչը
արժեզրկելուն
մէջ
կը
շարունակէր
իր
նորութեան
իրաւունքը
ու
պատճառ
կը
դառնար
ազգին
անծածկելի
անկումին։
Երկրորդը՝
ա՛լ
անօգուտ
կը
կարծէր
սա
մարդերը,
որոնք
խունկ
ու
մաս
հոտող
իրենց
մտայնութիւնը
կը
պարտադրէին
երիտասարդութեան
ու
կը
ջլատէին
անոր
ջանքերը
իր
ժամանակին
հետ
ըլլալու,
քալելու։
Անիկա
չկրցաւ
մոռնալ
սակայն
սրբազանին
մէկ
նախադասութիւնը,
որով
մեր
վիճակը
կը
պատկերանար
տպաւորիչ
ճշդութեամբ։
«Մենք
թուրքին
անապատին
մէջ
ովասիսներ
ենք,
բայց
շատ
ալ
հեռու
Եւրոպայէն»։
Թուրքին
ծո՜վը։
Անշուշտ։
Ո՞վ
էր
շարժած
իր
տեղէն,
մեր
երեք
հարիւր
հազար
զոհերուն
խղճալով։
Ո՛չ
ոք։
Ու
ահա
թուրքը,
աւելի
քան
վայրագ
մեր
գլխո՜ւն։
Ընկեր
Մաթիկը
եղաւ
զգոյշ
հաճի
Մարուքէին
ալ
տունը։
Բայց
կենդանի
նահատա՜կը,
որ
Սեդրակն
էր։
Անոր
լռութիւնը
ողջ
գեղեցկութիւն
մըն
էր
այդ
օր
մը
շէն
տունին
մէջ։
Անոր
հայրը
հանդիսաւոր
ուխտ
էր
ըրեր,
նոր
քահանային
ժամանումէն
յետոյ,
Արմաշու
Չարխափանը
տանելու
իր
տղան։
Կրօնական
զգացումը
խորագոյն
զգացական
տարրն
է
ամէն
թրքախօս
հայէ
ներս։
Ս,
Յարութիւն,
Իջման
տաճար,
Ս,
Կարապետ
եւ
ուրիշ
ուխտավայրեր
դարերով
հրապուրած
են
կեսարացի
մեծագործ
աղաները։
Ջարդերը
սպաննեցին
այդ
սրտեռանդ
թռիչքը։
Բոլոր
գաւառներուն
մէջ։
Ինը
հարիւրին,
ուխտագնացութիւնը
խափանուած
պաշտամունք
մըն
էր
բացի
Արմաշէն,
որուն
նախկին
վանահայրը,
այդ
շրջանին
Պոլսոյ
պատրիարք,
յաջողեցաւ
կերպ
մը
գտնել
հանրային
հետաքրքրութիւնը
վառ
պահելու
Չարխափանի
պատկերին
շուրջը,
նոյն
ատեն
ապահովելով
գնացքին
կարելիութիւնը։
Կեսարացին
անծանօթ
չէր
այն
հրաշքներուն,
որոնք
ամէն
տարի
կը
կատարուէին
Արմաշու
տաճարին
մէջ,
-
ընդհանրապէս՝
կապուած
անդամներու,
լեզուներու
փականքին
արձակումով։
Խուլերն
ու
կոյրերը։
Այդպէս
կը
վկայէին
«ի
լուր
աշխարհի»
Պոլսոյ
թերթերը
ու
նորընծայ
քահանան,
որ
դպրեվանքի
աշակերտութիւնը
իր
նոր
ասպարէզին
համար
շահագործել
կը
տենչար։
Հաճի
Մարուքէ
աղան,
նման
ամէն
կեսարացիի,
չփախցուց
առիթը։
Պիտի
դնէր
իր
տղան
ընկեր,
դէպի
Արմաշ
Մաթիկին
ուղեւորութեան։
Այս
որոշումին
մէջ
անիկա
ունէր
գործնական
նպատակներ։
Մէկ
ամիս
ճամբորդութիւն,
իր
կարծիքով,
աւելի
կ՚արժէր
երեսունվեց
ամիս
դպրոցէն։
Աշխարհը
ճանչնալու
ամէնէն
շիտակ
ու
կարճ
կերպը,
ճանչնալ
էր
ոտքով,
ձեռքով,
աչքով։
Մեղք,
որ
իր
գործերը
կ՚արգիլէին
զինքը։
Միւս
կողմէն՝
անոր
հաւատքը
խոր
էր
ամենակարող
Սուրբ
Կոյսին։
Թող
Չարխափանը
անգամ
մը
նայէր
հսկայ
այդ
երիտասարդին
ու
ատիկա
բաւական
էր,
որպէսզի
հալէին
անոր
կապերը
հոգիէն
ու
լեզուէն։
Խանդավառ,
անիկա
կարգադրեց
ճամբորդութեան
թեքնիք
պայմանները։
Տղուն
համար
հանեց
օրինաւոր
անցագիր։
Մելիք
օղլու
Մատթէոսին
համար
ալ,
բացի
անցագրէն,
«բերդի
պէս»
ամուր
վկայագիրը
կառավարիչ
պէյին։
Հաճի
Մարուքէ
աղային
պապենական
«քէմերը»
(գօտի)
կաշեպատ,
բայց
ոսկեկուռ,
անցաւ
տղուն
մէջքին։
Ոսկին
բախտ,
առողջութիւն
կը
բերէ։
Ասիկա
հաւատքն
է
ժողովուրդին։
Հաղորդուեցաւ
երիտասարդը
մեկնումը
կանխող
Կիրակին։
Ընդունեց
ազգականներուն
այցն
ու
նուէրը,
համբուրեց
հօրն
ու
մօրը
ձեռքերը,
դեղնած,
սիրտ
ելած
(ո՞վ
կ՚ըսէր
իրեն,
թէ
ա՛լ
չունէր
տեսնելիք
այդ
դէմքերը)
ու
քահանային
յատուկ
յանձնարարականով
մը,
յառաջ
Աստուած,
ինկան
ճամբայ,
դէպի
արեւմուտք։
Չեմ
կրնար
այդ
ճամբորդութեան
հետեւիլ,
հակառակ
անոր
շահեկանութեան։
Մեր
կորուստները
ուսումնասիրելու
համար
զինաւորուած
դպիրը
Կարնոյ
մէջ
պատռած
էր
Ատանայի
առաջնորդին
ծածկագրութեանց
թուղթերը։
Իր
մինակութիւնը
եւ
աշխատանքին
մեծութիւնը
զիրար
կը
հերքէին։
Գործի
մը
դէմ,
որ
ընդարձակ
կազմակերպութեամբ
մը
միայն
կը
դառնար
կարելի։
Գիւղերու
զանցառումը
զգալի՝
Կարինէն
Կեսարիա,
կ՚ըլլար
շեշտուած
վիճակ,
Կեսարիայէն
դէպի
արեւմուտք։
Մեր
ժողովուրդը
այդ
բաց
հողերուն
վրայ,
բանակներու
քառուղիներուն,
ձգած
ըլլալու
էր
դաշտերը,
ապաստանելու
համար
քաղաք,
ուր
ճարտար
պետեր
կերպ
մը
ճարել
գիտէին
չմեռնելու։
Մինչեւ
այծարած
Ակոյի
քարայրը
մեր
զոյգը
անցուց
շատ
ու
շատ
«դժուար
քառորդներ»։
Այս
փորձանքները
պայմանաւոր
չէին
միայն
ընթացիկ
ապահովութեամբ,
որ
միահեծան
կ՚իշխէ
թուրքերուն
տիրակալած
հողերուն
վրայ,
իրենց
իսկ
կամքովը։
Ծաղկահարը՝
ուրիշ
երկիրներու
մէջ
անհետացած,
դեռ
կ՚ապրի
հանրապետական
կառավարութեան
բարեացակամ
հովանիին
ներքեւ։
Այդ
փորձանքներուն
վրայ
կ՚աւելնար
մօրուքը
ընկեր
Մաթիկին
եւ
դժուար
բացուող
բերանը
նորընծայ
Սեդոյին։
Կեսարիոյ
գաւառին
կառավարիչը,
անշուշտ
պէյ
մը
առնուազն,
բան
մը
կ՚արժէր
հարկաւ,
իր
վկայագրէն
ու
ստորագրութենէն,
բայց
ատոր
համար
կարդացող
մը
պէտք
էր։
Ու
ճամբու
պահականոցները
քիչ
անգամ
բախտաւոր
կ՚ըլլան
այս
գիծէ
տասնապետներով։
Այդ
կայաններուն
մէջ
ընդհանրապէս
«անգրագէտ»
արարածներ
էին
այդ
չաւուշները,
ա՛լ
զառամ՝
բայց
իրենց
պաշտօնական
կնոջ
քով
կապած
ուրիշ
մը,
քսանը
նոր
մտած,
որուն
պռկունքէն
արիւն
կը
կաթէր։
Արուներու
պակասը
էգերը
ըրած
էր
այդ
երկրին
մէջ
թիւով
գերազանց։
Տեսակ
մը
կապանք,
այդ
տարպանդները
շնորհուած
անոնց,
մերձակայ
քաղաքներու
երիտասարդ
հարիւրապետներէն,
որոնք
անոնց
նոյնքան
մատաղի
կիներուն
վայելումին
համար
կը
հեռացնէին
զանոնք
սա
պաշտօններով
քաղաքէն,
ու
անոնց
ծեր
օրերուն
կու
տային
ճամբորդները
շահագործելու
ազատութիւնը։
Ձրի
վաստկիլը
անփոխարինելի
վայելքն
է
բնաւ
չվաստկողին։
Այդ
տարպանդները
խրճիթներ
էին,
սայվանի
ձեւով,
շինուած
ցախէ,
ցեխէ
եւ
եղէգէ։
Ախոռ
ալ,
սրճարան
ալ,
ննջարան
ալ,
զինարան
ալ՝
մէկ
տանիքի
տակ։
«Կը
կառուցուէին»-
ո՜վ
մեր
բառերը,
ի՜նչ
կը
քաշէք
մեր
ձեռքէն-
պետական
պիւտճէէն,
այսինքն՝
ոստիկանին
քամակովը։
Ու
փոխարժէքը
կ՚անցնէր
հարիւրապետին
գրպանը,
հայրենասիրաբար։
Ճամբաներու
բաժանման
կէտն
էր
յաճախ
յարմարագոյն
վայրը
այդ
խուղերուն։
Ճամբորդը
պարտաւոր
էր
կանգ
առնել
անոնց
առջեւ,
ժամի
թէ
անժամանակ։
Մտնել
ներս,
ձմրան,
խոշոր
կրակին։
Ուտել
հաց
ու
պանիր։
Կազդուրուիլ
թէյով
կամ
սուրճով։
Ու
վճարե՛լ։
Բայց
պէտք
է
գիտնանք,
որ
այդ
ճամբաներու
թափառականները
շրջիկ
փերեզակներ
են
յաճախ,
որոնք
չորս
օրուան
մէջ
չորս
հեղ
չորս
տասնոց
չեն
բերեր
քով
քովի։
Ու
պարտաւոր
են
օրը
առնուազն
երկու
հեղ
ցնծալ
այդ
բնիո՜նը։
Քրիստոնեաները,
ջախջախիչ
քանակով
հայեր,
հոն
կ՚ենթարկուէին
մանրակրկիտ
քննութեան։
Իրենց
ունեցածն
ու
չունեցածը
կը
խուզարկուէր։
Իրենց
անցագիրները
(այն
ատեն
գոյութիւն
չունէր
անցագիրը)
կը
կարդացուէին
զօրութեամբ,
այսինքն՝
կնիքին,
տպագիրին,
սիւնակներուն
եւ
կենսագիրներուն
նրբախոյզ
ստուգումովը,
վասնզի
անգրագէտ
չաւուշները
աչքի
զօրաւոր
յիշողութիւն
կ՚ունենան
երբեմն։
Ի
հարկէ,
կարելի
բան
չէր,
որ
ըլլար
գողցուած
հսկայ
կնիքը,
ան՝
որ
«ելեւմտից»
նախարարութեան
պաշտօնանիշն
էր
ամէն
պետական
թուղթի
ներքեւ։
Ու
չէին
կրնար
քով
քովի
դրուիլ
միւսները,
գրագէտ,
գանձապետ,
արկղակալ,
դիւանի
անդամ
եւ
տակաւին
ուրիշներ,
իրենց
գիրովը
ու
կնիքովը։
Ի
հարկէ,
անցագիրները
չէին
կրնար
պատկանիլ
կրողէն
զատ
ուրիշի,
թէեւ
այս
արդար
տրամաբանութեան
ճիշդ
հակառակը
պնդէին
ատեն-ատեն
անցորդ
քննիչներ,
երբ
կեցուցած
զանոնք
զինուորական
դիրքի
մէջ,
կը
յանդիմանէին
անխնայ,
թրքական
զօրաւոր
բառերով,
որոնք
այնքան
գոյն
ու
թանձրութիւն
կը
փոխադրեն
ականջներէն
ներս
յանցաւորներուն։
Կը
յանդիմանէին
զիրենք
իբր
նարկիլէի
ու
սուրճի
հերոս,
անկարող
զատելու,
ճամբորդներուն
մէջէն,
գողերը,
գոմիթաները,
բանտի
փախստականները
եւ
ամէն
կարգի
չարագործները,
որոնց
հոտը
առնելը
պարտականութիւնն
էր
անոնց
քիթին,
քթախոտով
ածխացած
ու
ա՛լ
անընդունակ
գործօն
ծառայութեան։
Տեւական
այս
սաստերը,
գողութեան
յաճախակի
դէպքերը,
մեծ
ոճի
յուղարկաւորութիւնները
ամէնէն
բանուկ
խճուղիներուն
վրայ,
երբեմն
ալ
չարութեան,
գազանութեան
պահանջ
մը
կամ
խառնուածքի
հետեւանք
արիւնկզակ
խորութիւնը
շատ
տխուր
անունով
կը
համբաւէին
աս
ու
ան
տարպանդները։
Ու
վա՜յ
անցորդներուն։
Այս
ամէնուն
համն
ու
փաստը
ընկեր
Մաթիկը
պիտի
առնէր
այդ
դէպի
արեւմո՜ւտք
արշաւէն։
Աւելի՜ն։
Վսեմաշուք
կառավարիչ
պէյին
վկայագրէն
աւելի
իրական
փաստ
մըն
էր
սուր
մօրուքիկ
մը,
սա
լեռներուն,
հայու
մը
կզակին։
Լեզո՞ւն։
Բարեբախտաբար
Սեդրակը
կը
միջամտէր
հարթելու
համար
թուրքերէն
հազիւ
իմացող
ու
պարսկաշունչ
բարբառով
Մաթիկին
կնճիռը։
Ամէն
կեսարացի
ծնունդով
տրիբուն
է։
Մեր
գաւառներէն
ոչ
մէկը
իր
մարդերը
օժտած
է
խօսքի
այս
շնորհներով։
Աւելի՛ն,
ամէն
կեսարացի
սատանան
իսկ
կարող
է
համոզել
սուտով,
բայց,
լաւ
ուշ
դրէք,
առանց
կաշառքի։
Սեդոյին
այդ
կապ
լեզուն
կը
փակէր
բոլոր
միջադէպերը,
բերանները
քննութեան
ենթարկելով
ականաւոր
տոքթորին,
որ
ջուրով
մը
կը
լռեցնէր
ամէնէն
գազան
ցաւերը
անգամ։
Ու
այսպէս,
գազայէ
գազա,
գեղէ
գեղ։
Ոչ
մէկ
տեղ
հայ
առանձին
գիւղակները,
որոնց
հեռաւոր
կարօտը
կ՚այրէր
Մաթիկին
երակները,
Սասնոյ
լեռներէն։
Ամէն
ինչ
թո՛ւրք,
բանով
մը
նման
Թիֆլիսի
այն
թաղերուն,
ուր
դեռ
թաթարները
կը
բնակին
կաշի
գործելով,
աղբին
ու
որդին
մէջտեղը,
մգլած
մեսճիտներու
պորտէն
շառաւիղուող
տուներու
գիծով
մը։
Երկաթուղիին
մօտերը
երկիրը
կը
փոխուէր։
Կայաննե՛րը,
որոնց
ոճը
հակադրութիւն
մըն
էր
թրքական
մութ
ու
նկուն
շինողութեան։
Մզկիթներէ
դուրս
շէնքե՛րը,
բաւական
մեծկակ։
Դէպի
Ատաբազար
ու…
Արմաշ։
Չեմ
հետեւիր
երկաթուղիին։
Ճակատագրական
դիպուած
մը
կտրեց
այս
ուղեգիծը
ու
մեր
երկու
հերոսները
Պրուսայի
մարզը,
անկից
ալ
մահուան
առաջնորդեց։
Այդ
դիպուածը
հանդիպում
մըն
էր
Պելիճիկի
կայարանին
մէջ
տեղւոյն
հայոց
առաջնորդին։
Պատուհանէն
Մաթիկը
նշմարեց
ակնոցաւոր
եկեղեցականը,
թաւիշ
փակեղ,
քալուածք,
կեցուածք,
նայուածք
տարօրէն
հարազատութեամբ
կը
յիշեցնէին
Ատանայի
առաջնորդը,
որ
խօսած
էր
իր
ընկերներուն
մասին,
ներկայացնելով
Պելիճիկի
առաջնորդը
ինքնատիպ
մարդ
մը,
ազդեցիկ
ու
ըմբոստ,
թուրքերուն
հետ
վարուելու
մէջ
առանձին
տաղանդով
ու
քիչիկ
մըն
ալ…
յեղափոխակա՜ն։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
իջաւ
վակոնէն,
մօտեցաւ
եկեղեցականին,
առաւ
աջը,
բարեւելով
զինքը
անունէն։
Ռուսահայ
շեշտը
թեթեւ
մը
պղտորեց
եկեղեցականին
հաճ
արտայայտութիւնը,
որ
աչքին
պոչովը
գնացքը
շրջապատող
ոստիկանները
կը
զննէր։
Ամէն
կառաշար,
այդ
գիծին
վրայ,
կայարաններու
հոյակապ
ամայութիւնը
ոգեւորող
ու
գունաւորող
երեւոյթ
է։
Անոր
սպասումը,
ծուխին
ու
սուլիչին
հեռաւոր
ալիքները
մէջտեղ
կը
հանեն
իրենց
բուներէն,
ապահովութեան
այդ
պաշտօնեաները,
որոնք
իրենց
յատկացուած
տեղերուն
փոխ
կու
տան
իրենց
դաժան
արձանները
ու
կը
դիտեն։
Եկեղեցականը,
կէս
զբօսանքով,
կէս
գործով,
իջեր
էր
կայարան,
քաղաքէն
կէս
ժամով
աւելի
ցած։
Այդ
շաբթու
կը
սպասուէր
երաժշտութեան
նոր
ուսուցիչ
մը,
Գարամանէն,
ուր
սկիզբ
էր
առած
Պելիճիկի
առաջնորդին
եկեղեցական
ասպարէզը։
Մաթիկին
հետ
իր
հանդիպումին
տհաճ
զգայնութիւնը
գուցէ
արդիւնք
էր
այս
շփոթութեան,
վասնզի
ճիղճ
հասակով
դպրապետ
մը
մեղք
մըն
էր
ժամուն։
Բայց
պատրանքը
չտեւեց
երկար։
Ծանօթացո՛ւմ։
Ատանայի
առաջնորդին
անունը,
ողջոյնը,
յանձնարարականը
վերջ
դրին
տհաճ
ու
անապահով
այն
բանին,
որ
անակնկալին
մուտքն
էր
մեր
ծանօթէն
ներս։
Տաք,
անվախ
այս
խօսակցութիւնը,
մա՛նաւանդ
կենցաղագիտական
ծեքծեքումը,
որ
ռուս
շրջանակներու
նուէրն
էր
անոր,
գրաւեցին
ուշադրութիւնը
մարդակարօտ
եկեղեցականին,
քիչիկ
մը
խենթ
ու
անսանձ,
խօսելու
համար
մինչեւ
Պոլիս
երկարիլ
մը
յանձն
առնող։
Անոր
պնդումովն
էր,
որ
ուխտագնացութիւնը
յետաձգուեցաւ
անորոշ
ժամանակով։
Պելիճիկն
ալ
հայաշատ
քաղաք
էր,
տեսնելու
արժանի
ժողովուրդով
մը,
հին
բարքերու
երկրպագու։
Շրջանի
գեղե՞րը։
Ընկեր
Մաթիկը
չէր
կրնար
դաւել
իր
առաքելութեան։
Նոր
դաշտ՝
իր
աչքերուն
ու
մտքին։
Առաջնորդը,
պոլսեցի,
խօսուն,
եռանդուն,
արտակեդրոն,
զբաղեցուց
զանոնք
մինչեւ
կէս
գիշեր։
Սեդրակ
Տոմպայեանը
համ
կ՚առնէր
այս
լեզուանի
ու
թուրքերէնը
կեսարացիի
մը
պէս
տիրապետած
մարդէն։
Չեմ
խորանար
այդ
տեսակցութեան,
որ
ունեցաւ
աւելի
զգոյշ
գնացք։
Որուն
մէջ
մաս
առաւ
խօսքէ
այնքան
ժլատ
երիտասարդ
ուխտաւորը,
իր
երկրին
բերքը,
ապուխտը
պաշտպանելով
սեբաստական
խարդախուած
տեսակին
դէմ։
Բայց
տեսակցութիւնը,
սա
շատ
կարեւո՛ր
պարագայէն
դուրս,
ուշագրաւ
էր
նոր
երանգով
մը։
Առաջնորդը,
արմաշական
ըլլալով
հանդերձ,
կը
թուէր
Թիֆլիսէն,
այնքան
արդիական
էին
իր
գաղափարները
ամէն
հարցի
շուրջ,
բայց
ասիկա՝
քաղաքներուն
ամէնէն
յետադիմականին
մէջ,
ուր
հայ
կիները
դեռ
թրքական
սաւանէն
չէին
ուզեր
զատուիլ
եկեղեցի
երեւալու
ատեն։
Անոր
տարբերութիւնը
Ատանայի
առաջնորդէն,
օտարութիւնն
էր
հանդէպ
յեղափոխութեան։
Անկորայէն
ասդին
արդէն
այդ
զգացումը
կը
ստանայ
տարբեր
կերպարանք։
Այդ
լեզուով
ալ
թրքացած
գաւառներուն
մէջ
յեղափոխական
զգացումը
ատեն
չէր
գտած
բիւրեղանալու
ու
փոխանակուած
էր
շատ
ամուր
ընդդիմութեամբ
մը,
պահպանողականէն
ալ
անդին։
Պատուական
հայեր,
որոնք
Աւետարանին
պատգամները
լրիւ
գործադրելու
խորին
գոհունակութեամբ
մը
կրնային
թուրքերուն
տանջանքին
մատնել
իրենց
ներկայացուած
ոեւէ
հայ,
խռովարար
մակդիրով,
ու
ասիկա՝
իրենց
ազգին
ծառայութիւն
մը
մատուցանող
հոգիով։
Առաջնորդը
թերահաւատ
էր
արդիւնքէն,
թուրքերը
աւելի
մօտէն
ճանչնալու։
Պոլիսը
զուր
տեղը
չէ,
որ
մայր
է
քաղաքներու։
Անոր
դատումները
հակառակն
էին
Ատանայի
տաք
գլուխ
առաջնորդին,
որ
Եւրոպա
ըրած
կուսակալի
մը
դիւանագիտութիւնը
կը
տարածէր
թուրքերուն
զանգուածին
վրայ։
Մաթիկը
շուտով
զգաց
մթնոլորտի
այս
փոփոխութիւնը
ու
ծածկել
ջանաց
ինքզինքը,
բայց
«մէկ
ոտքը
բացը
ձգած»,
ինչպէս
կ՚ըսեն
գեղերու
մէջ,
անճարակութիւնը
երբ
կը
պատկերեն։
Պելիճիկի
առաջնորդը
հասկցա՞ւ։
Չհասկցա՞ւ։
Իրողութիւն
էր,
որ
արգիլեց
անոր
հրապարակ
դնել
ատամնաբուժական
տաղանդը։
Պոլսոյ
մօտերը
երեք-չորս
հարիւր
քիլոմեթր
հազիւ
պիտի
բաւէր
Սուլթան
Համիտին
վախերուն-
այդ
անորոշ
արհեստները,
օտար
ու
նոր
դէմքերը
կասկած
կրնային
հրաւիրել։
Քանի
տարի
կայ,
որ
Եըլտըզ
պալատը
կը
պաշտպանուէր
այդքան
հեռուներէն։
Ոստիկանութիւնը,
վեհապետը
շոյելու
իր
եռանդին
մէջ,
ետ
չէր
կենար
որեւէ
անհեթեթութենէ,
հերիք
է,
որ
անիկա
ներկայանար
պալատին
հետ
կարելի
աղերսով
մը
ու
ինքզինքը
կը
գերազանցէր
իր
գիւտերով։
Առաջնորդը
այս
նկատումներով
է,
որ
դարձեալ
զգուշացուց
անիկա
շատ
թափառիլ,
քաղաքը
տեսնելու
հոգով
ինքզինքը
ենթարկել
ուշադրութեան։
Բայց
մարդիկ
«իրենք
կ՚ըսեն,
իրենք
կը
լսեն»։
Յաջորդ
օրն
իսկ,
օգտուելով
առաջնորդին
պահ
մը
կառավարչատուն
կանչուելէն,
Մաթիկը
մտաւ
դպրոց,
որ
մօտն
էր
եկեղեցիին։
Ուր
անոր
անխուսափելի
Խրիմեանը,
սուր
մօրուքիկը
եւ
արեւելահայ
բարբառը
դարձան
առարկայ
լուրջ
հետաքրքրութեան։
Մտաւ
վէճի
տիրացու
Արութին
հետ
ու
պապանձեցուց
հայերէնի
ուսուցիչը,
որ
մեղքը
կը
գործէր
Սմբատ
Դաւթեանի
«Փունջ»
Բ.
էն
հայերէն
դասախօսելու։
Առաջնորդը
դատապարտեց
կատարուածը,
կէսօրուայ
ճաշին։
Բայց
սխալը
գործուած
էր։
Նոյն
իրիկունն
իսկ,
ոստիկան
մը
երկու
«ուխտաւոր»
էֆէնտիները
հրաւիրեց
«քանի
մը
րոպէի
համար»
կառավարչատուն։
Կեսարիոյ
կառավարիչին
փառաւոր
վկայագիրը
ու
ջերմ
յանձնարարականը
կը
չէզոքանար
ընկեր
Մաթիկին
նոյնքան
փառաւոր
այլուրութեամբը
երկրին
պետական
լեզուէն։
Տասը
տարիէ
ի
վեր
յեղափոխական
հալածող
ոստիկանութիւն
մը
հաստատ,
ա՛լ
շահուած
տեսակէտներ
ունէր
իր
խուզարկութեանց
մէջ
անվրէպ
արդիւնքով։
Անոնցմէ
առաջինը՝
լեզուն։
Բոլոր
վանեցիները,
մշեցիները,
զէյթունցիները
իրենց
բնիկ
սահմաններէն
դուրս
կասկածելի
ապրանքներու
կարգը
կը
դասուէին։
Իսկ
անոնք,
որոնք
պարսիկի
մը
բերնով
կը
խօսէին
թուրքերէնը,
վաւերական
քոմիթա,
որոնք
ձգած
Կովկասը,
մտեր
էին
հաւատարիմ
հայ
ժողովուրդին
մէջ,
անոր
տունը
քանդելու։
Մաթիկէն
պահանջեցին
բժշկական
վկայական,
զոր
չունէր։
Կասկածի
տեղի
տուաւ
իր
ծննդավայրը,
Ատանան,
զոր
ոստիկան
մը
կը
ճանչնար
քիչ
մը,
զինուորութիւնը
հոն
անցուցած
ըլլալուն։
Ատանա-Կարին-Կեսարիա-Գոնիա-Պելիճիկ-Ատաբազար…
քաղաքներ
էին,
որոնց
մէջէն
այդ
մօրուքիկը
ձրի
պտոյտ
մը
չէր,
որ
կը
կատարէր
քննիչ
քարտուղարին
կարծիքով։
Սեդրակին
պատասխանները,
իրենց
վայելչութեամբը,
անթերի
թուրքերէնովը,
աստիճան
մը
աւելի
կը
շեշտէին
Մաթիկին
մութ
հանգամանքը։
Առաջնորդին
անձնական
միջամտութիւնը
դեր
մը
ունեցաւ։
Պոլսեցի,
ոստիկանապետը
կը
յարգէր
ազատամիտ
ու
գաղափարականապէս
զգօն
եկեղեցականը։
Անոր
հաւաստումը
անշուշտ
պիտի
փակէր
այդ
թիւրիմացութիւնը,
եթէ
քաղաքը
մօտ
չըլլար
Պոլիսին
ու
երկաթուղիի
վրայ։
Շոգեկառքը
միտքերը
բացող
զօրաւոր
կազմակերպութիւն
մըն
է։
Տասը-քսան
տարուան
մէջ
անիկա
կը
յեղաշրջէ
դարաւոր
մտայնութիւն
ու
ապրում։
Ոստիկանապետին
գիւտն
էր
«մայրաքաղաքին
դռները
շատ
հեռուներէն
բռնելը»։
Պոլսոյ
վրայով
համիտեան
գաղտնի
ոստիկանութիւնը
մինչեւ
Էսկի
Շէհիր՝
այդ
գօտին
կը
նկատէր
առաջին
շրջանակ։
Երկաթուղիին
պաշտպանութիւնը
կը
հպատակէր
Եըլտըզի
ապահովութեան։
Այս
սկզբունքն
էր,
որ
ամրացեալ
այդ
շրջանակին
համար
կը
փնտռէր
ամէնէն
փորձ
եւ
բանիմաց
արարածները,
որոնք
մայրաքաղաքին
մէջ
քանի
մը
տարի
գործօն
ծառայութենէն
ետք
կ՚ունենային
արագ
բարձրացում
ու
առատ
թոշակով
կը
վարձատրուէին,
թագաւորին
մասնաւոր
հոգածութեան
առարկայ
դառնալով։
Անոնց
զգեստն
ու
ապրուստի
պայմանները
կը
տարբերէին
երկաթ
գիծէն
բաց
ինկող
գաւառներու
համաստիճան
պաշտօնակիցներէն։
Պոմպա
եւ
զէնք
փոխադրող
հայերուն
հեքիաթը
յաճախ
տեղական
ոստիկանութեանց
դաւերով,
իրականութիւն
կ՚ըլլար
վակոնի
մը
մէջ
գտնուած
սնտուկիկով
մը,
զոր
միշտ
մոռցած
կ՚ըլլար
այս
ու
այն
հայը։
Անգամ
մը,
շղթայով
Պոլիս
փոխադրուելէ
յետոյ
այդ
հայը
թող
աշխատէր
ապացուցանել
իր
անմեղութիւնը։
Մնացեալը
ծանօթ
է
ձեզի։
Պելիճիկի
առաջնորդը
բաւական
տաղանդ
ունեցաւ՝
ապահովցնելու
համար
ապահովութեան
պաշտօնատարը
ու
առաւ
անոր
ձեռքէն
ուխտաւոր
էֆէնտիները։
«Սկիզբն
էր
երկանց»,
ինչպէս
բանաձեւեց
իմաստուն
եկեղեցականը,
երբ
զանոնք
իր
սենեակը
տարաւ։
Այս
առաջին
մկրտութիւնը,
թուրք
ոստիկանութեան
հետ,
սարսափի
մթնոլորտէ
մը,
դէմ
դէմի
գալը
զօրաւոր
գիծերով
կը
մնար
սեւեռուած
Մաթիկի
ուղեղին,
քանի
որ
ամիսներու
հոլովոյթէ
մը
յետոյ
այդ
դրուագը
պատմած
ատեն
անիկա
չէր
շփոթեր
իր
զգացական
վիճակը
այն
միւսներուն
հետ,
Վասպուրականէն
ու
Տարօնէն,
ուր
մշտական
հոգեբանութիւն
էր
մահը,
բայց
զէնքը
ձեռքին,
կռիւէ
ետքը։
Հո՞ս։
Մատնութի՞ւն։
Անշո՜ւշտ։
Ինչպէս
կը
հաւաստէր
երիտասարդ
ուսուցիչ
մը,
առաջնորդին
սիրելին,
զօրաւոր
պաշարով,
որ
Սելանիկի
մէջ
Իտատի
ըրած,
խօսելու
ու
գրելու
շնորհովը
վարժարանին
ուժը
կը
ներկայացնէր,
առարկայ
ըլլալով
խուլ
ու
սողոսկուն
հալածանքի,
ինչպէս
գիտեն
ընել
այդ
դժբախտ
ասպարէզին
մէջ
բոլոր
անկարողները,
հանճարային
կատարելութեամբ
կազմակերպելով
դաւադրական
աշխատանքը,
իր
գործին
նուիրուած
ու
անկէ
դուրս
ոչինչ
տեսնելու
զիջող
աշխատողին
դէմ։
Մատնութի՛ւն։
Ու
կատարուած՝
առաջնորդին
հակառակորդ
խմբակէն,
որ
առաջին
սողոսկողն
էր
անոր
առջին։
Մաթիկը
մտած
էր
վտանգի
գօտին,
զոր
չփորձեց
սակայն
անգիտել
կամ
չափազանցել՝
ինչպէս
ընել
է
սովորութիւնը
յիմարներուն
կամ
շատ
իմաստուններուն։
Կիլիկիա՜ն։
Ինչպէս
չյիշել,
տրտում
կարօտով,
ու
պատուաբեր
սուգով՝
անոր
կուսակալը,
բանաստեղծ,
պատմաբան,
արաբ
ու
պարսիկ
քերթողութեան
մէջ
մասնագիտօրէն
զարգացած
անձնաւորութիւն,
որուն
դէմքէն
վտարուած
էր
թուրքը
եւ
լեզուն
այնքան
դաշն
աղերսով
մը
կը
յայտնաբերէր
բարձր
իմացականութեան
ու
ազնուական
ոգիին
հաշտ
խառնուրդը,
այնքան
քիչ
հանդիպելի
վարիչ
շրջանակներու
մէջ։
Որ
իր
ներկայութեան
էր
ընդունուած
հիւանդ
ուսուցիչը։
Խօսած
հետը
մտերմաբար,
ինչպէս
կը
հաստատէր
թարգման
եկեղեցականը։
Մաթիկ
չէր
գիտեր,
որ
Միջերկրականը,
անոր
արեւելեան
աւազանը
հեռու
կ՚իյնային
Պոլիսէն,
որ
վարչութեան
քաղաք,
պէտք
չէր
զգար
իմաստին
եւ
ոգիին։
Իր
պատմութիւնը
արդարացումն
էր
այդ
վարկածին։
Անիկա
չէր
գիտեր,
որ
ժամանակակից
կարգերուն
մէջ
բանաստեղծը
ամէնէն
տխուր
սպասներուն
իսկ
անարժան
կը
գտնենք
մենք
ու
շատ-շատ,
թուրքերուն
նման,
չէզոք,
անկարեւոր
գօտիներու
վարչութիւնը
կը
վստահինք
անոնց,
երբ
իբր
անբաղձալի
աքսորի
ալ
չենք
դատապարտեր,
գլուխնուն
փաթթելով
բարբարոս
գաւառ
մը,
ձանձրոյթն
ու
մալարիան։
Խորիմաց
վեհապետը
մայրաքաղաքին
ու
անոր
«առաջին
գօտիին»
վարչութիւնը
կը
վերապահէր
միայն
ու
միայն
իր
մարդերուն,
բոլորն
ալ
ամենագռեհիկ
ծագումով,
բանակին
ընդերքէն
զեղծումով
ու
ստորնութեամբ
իրենց
մակաբոյծի
յեղաշրջումը
կատարած
ու
իբր
մեծ,
պսակաւոր
անձնաւորութիւն
հասած
մինչեւ
կայսերական
պալատ,
թիրա՜խը՝
բոլոր
բախտախնդիրներուն,
հանած-վառածներուն
ու
թուրք
պատմութեան
քաջածանօթ
հերոսներուն,
ենիչէրի
կամ
նոր
բառով՝
աւագանի,
որոնք
գիւղակի
մը
կառավարչութենէն
կամ
տասնապետ
զինուորի
մը
աստիճանէն
մինչեւ
նախարարութիւն,
եպարքոսութիւն,
սպարապետութիւն
ճամբայ
կը
հարթեն,
արժանիքէ
դուրս
ամէն
միջոցներով։
Արմաշական
վարդապետին
անձնական
երաշխաւորութեամբը
անոնք
շաբաթ
մը
հիւր
մնացին
առաջնորդարան։
Առաջնորդը
Մաթիկին
մէջ
կ՚ողջունէր
այնքան
երկար
ատենէ
ի
վեր
կարօտուած
խօսակիցը։
Հակառակ
երիտասարդ
տարիքին՝
իւրացուցած
էր
սա
մենագարութիւնը,
խօսելու,
առանց
վիճաբանութեան
(կէտը,
որ
անիկա
կը
զատուէր
Մաթիկէն)
հանդարտ
ու
համով։
Այս
կարգի
վարժութիւններ
տարիքին
հետ
կը
ստանան
գաւառներու
եպիսկոպոսները։
Անոնք
իրենց
ձանձրոյթը
կը
պարպեն
անվերջ
դրուագումներով,
միշտ
մէկու
մը
գլխուն,
որ
մտիկ
կ՚ընէ
սրբազան
յեղումը
ու
ակռաները
կը
հիւսէ
իրարու՝
յօրանջը
խեղդելու
համար։
Երբեմն
հաճելի,
սրամիտ
լեզու
մը
կը
խնայէ
խեղճ
տիրացուներու
կամ
լուսարարներու
գլխուն՝
սա
նահատակութիւնը,
բայց
ասիկա
բացառութիւն
է։
Պելիճիկի
առաջնորդը
ասոնցմէ
էր։
Անոր
հետ
անցուած
այդ
շաբաթը
անմոռանալի
քանդակի
մը
նման
գամուեր
էր
Մաթիկին
ուղեղին։
Անխառն
վայելքի
կարճատեւ
շրջան,
որուն
մասին
բերանացի
աւանդումներ
դեռ
ունէին
գոյութիւն
էջմիածնական
հին
սերունդի
ծերացած
վարդապետներէն,
«թիու
մը
կոթ
չեղած»
մարդեր,
որոնք
իրենց
դառնութեան
մէջ
քրոնիկ
կը
գրեն
կամ
ասոր
պատմողը
կ՚ըլլան
մեծ
տաղանդով,
յանկուցիչ,
ու
համով։
Մաթիկը
բախտը
կ՚ունենար
վերջապէս
հաստատելու
«տաճկահայերի
մէջ
էլ»
դրական
միտք,
ու
ջերմ
խառնուածք,
զերծ
յաւակնութենէ,
մեծագարական
կոշտութիւններէ,
եկեղեցական
եւ
աշխարհիկ
դասէն
համայնգամայն։
Ասիկա
անշուշտ
յանձին
առաջնորդին,
եւ
թանկագին
ուսուցիչին,
այնքան
տարբեր
վասպուրականեան
ձիգ
ու
պնդերես
տիպարէն։
Առաջինը
մեծ
շնորհներով
խօսելու,
խօսուածքը
համեմելու,
Մաթիկին
ուղեղին
մատչելի
ըրաւ
անմահ
Բիւզանդիոնը,
ռուսերուն
երազած
ցարերու
քաղաքը,
անոր
հեքիաթային
տեքորովը
ու
դարաւոր
կուտակումներով
գոյաւոր
ճահճացած
մտայնութեամբը։
Առաջնորդը,
ճամբորդական
գրականութեան
մեծ
սիրահար
մը,
Պոլիսը
շօշափող
գիրքերը
իրեն
էր
ըրած,
այսինքն՝
անձնական
ապրումով
բիւրեղացուցած։
Այդ
յաճախումներով
անիկա
ձեռք
էր
ձգած
մտածումներ
տարազելու
դիւրին
եղանակ։
Ժողովրդապետի
իր
աթոռը
դիրքերու
այդ
ստացումներուն
աւելցուցած
էր
մարդերէ,
անոնց
թերութիւններէն,
ծիծաղելիութիւններէն
մեծ
հասկացողութիւն
մը։
Յետանկեալ
այդ
քաղաքներուն
մէջ
եկեղեցիին
պետը
ամէն
բան
է
ու
մարդոց
տառապանքը
միշտ
մեղքի
մը
լարը
ունի
սնունդ
կամ
առաջնորդ։
Տէր
Թաթուլ
ծայրագոյն
վարդապետը
պահ
մը
տանք
այս
անունը
այդ
մարդուն-
ո՛չ
միայն
դիտած,
այլ՝
վերլուծած
էր
մարդերը
այնքան
անբան
ընող
մեծ
կիրքերուն
զսպանակները
ու
գիտէր
զանոնք
ցայտուն
ընծայելու
գաղտնիքը։
Արժանի՞ք։
Բառը
չէ
էականը,
այլ
երիտասարդօրէն
ծեր
այդ
տիպարներուն
անսխալ
ճշդումն
է
ներկայացած
թնճուկէն,
ինչ
որ
թաքուն
ազդակը
եղաւ
անոնց։
Խղճմտանքի
վարդապետները
միշտ
յիմարներու
հետ
գործ
չունեցան։
Ատանայի
եւ
Պելիճիկի
առաջնորդներուն
-դասընկերներ-
տարբերութի՞ւնը։
Մաթիկը
գտած
էր
ատիկա
ու
ըսաւ,
այդ
առիթով
ծանր
նախադասութիւն
մը-
«մեր
եկեղեցին
կուսակցութիւն
է
հիմա»։
…Չէր
սխալեր
այդ
եկեղեցիին
հետ
շատ
ալ
գործ
չունեցած
յեղափոխականը։
Մեր
ալ
քաղաքականութիւնը
այդ
ատեն
կը
դառնար
անոնց
փէշերով։
Զօրաւոր
տուրքեր
չպակսեցան
այդ
մարդոց։
Այդ
տուրքերուն
մէջ,
մենէ
դուրս
աշխարհը
կը
դադրի
իբր
բառ
տպաւորելէ,
երբ
ներկայացուի
այդ
գիծով
օժտուածներու
բերնէն
ու
կ՚առարկայանայ
լսողին
ներսը։
Ծայրագոյն
վարդապետը
ունէր
շնորհը,
ձեւերը՝
-կին
թէ
մարմար-
խտացնելու
եւ
զգալի
ընելու։
Ասիկա
քիչերու
վիճակուած
առաւելութիւն
մըն
է։
Նիւթական
մարզէն
դուրս
կը
յօրինէ
հարուստները,
բարոյականէն՝
աշխարհակալները,
արուեստագէտները։
Անոր
բառերուն
մէջէն
ընկեր
Մաթիկը
աչքովը
կը
շօշափէր
յաւիտենական
Պոլիսը,
որ
խոց-խոց
բջջուած
լեռի
կը
նմանի,
հորիզոնը
ժանեկող։
Ոսկեղջիւրը,
ցամաքին
մխուած
քմահաճ
դաշոյն,
որուն
չէր
կրնար
հաւատալ
ջուր
կամ
կապար
ըլլալուն։
Ու
Վոսփորը,
ափերուն
այլապէս
սուտ,
անկարելի
հեքիաթովը,
երբ
բլուրի
մը
մէկ
ծալքը
կը
բացուի
յանկարծ
ու
պալատ
մը
կը
սառի
ջուրին
եւ
կանանչին
ընդմէջ,
այնքան
անակնկալ,
որ
կը
թուի
դուրսէն
դրուած
ու
փոխադրելի։
Անոնց
մարմարեայ
քառափունքին
սանդուխ
ու
նաւակ։
Ու
այս
նաւակներուն
մէջ
հանըմները,
որոնք
կը
թուին
նոյնքան
անիրական,
երբ
բեհեզին
ու
մետաքսին
փրփուրին
մէջ
իրենց
դէմքերը
հազիւ
կը
բանան,
խմոր
ու
հեքիաթ,
ա՛յնքան՝
որ
մարդ
չի
հաւատար
անոնց
երես
ըլլալուն,
ու
կը
կարծէ
փոխ
դրուած
բան
մը,
բանուած
մարմար
մը՝
ոսկեգոյն
կամ
կապոյտ
շարերուն
վրայ։
Ծայրագոյն
վարդապետը
զուր
տեղը
չէր,
որ
բանաստեղծի
մը
մականունը
կը
կրէր։
…
Բայց
պէտք
է
քալել…
Պոլիսը
ձգելով
ուրիշներու
վրձինին։
Ու
չմոռնալ
երիտասարդ
ուսուցիչը,
Նիկիոյ
շրջանէն,
հին
ու
անուանի
ընտանիքի
մը
արժանաւոր
շառաւիղ,
որ
անոր
պատմեց
իր
գեղէն,
անոր
յիմար
քաջերէն,
շրջանին
հոծ
հայութենէն,
այգիներէն
ու
ձիթենիներէն։
Ան
էր,
որ
Մաթիկին
տուած
էր
իմ
ալ
անունը,
իբր
«արժանի
տեսակցութեան»,
ինչպէս
նաեւ
մեր
շրջանին
վրայ
մանրամասն,
տեղագրօրէն
կատարեալ
ծանօթութիւններ։
Մաթիկը
գիտէր,
երբ
ինծի
ինկաւ
դէպի
հիւսիս
բոլոր
գեղերուն
անունները,
մօտաւոր
բնակչութիւնը,
վստահելի
մարդերը,
վտանգաւոր
անցքերը։
…
Այդ
շաբաթը,
աւա՜ղ՝
Երազի
նման
անցել-գնացել
Էլ
չէր
դառնալու…
Քաղաքի
կառավարիչին
շատ
քաղաքավար
թելադրումովը
անոնք
հրաւիրուեցան
իրենց
ուխտը
գործադրելու
դէպի
Ատաբազար-Արմաշ։
Այս
հրաւէրը
ձերբակալման
բանաձե՞ւ
մըն
էր,
երբեմն
գործադրելի՝
սա
գիծին
վրայ,
ինչպէս
դիտել
տուաւ
ուսուցիչը։
Այն
ատե՞ն։
Առաջնորդը
չէր
կրցած
հասկնալ,
այսինքն՝
ընդունիլ
կարելիութիւնը
սա
ոդիսականին։
Մոսկուայի
ուսանողը
անկարող
էր
խօսքէ
կեղծիքի։
Հարազատ
յեղափոխակա՞ն։
Բայց
դիւրին
չէր
այդ
պիտակը
հագցնել
սա
տղուն։
Պոլսոյ
մօտ
վայրերուն
մէջ,
ջարդերը
կանխող
պատանութեամբ
ու
անոնցմով
արիւնոտ
երիտասարդութեամբ
ամէն
հայ
չէր
կրնար
կազմակերպուած,
մահագիր
յեղափոխականին
այնքան
վտանգահար
ու
վտանգաւոր
տիպարը
հաշտեցնել
սա
միամիտ,
խօսուն,
խանդավառ
քարոզիչին,
որ
կը
խաղար
իր
կեանքին
հետ,
բայց
առանց
որոշ
ծրագրի,
ու
այնքան
դիւրաւ
կ՚ընէր
մատչելի
իր
գաղափարները
առաջին
հանդիպողին։
Փախո՞ւկ։
Բայց
անոր
լեզուն
լոգիգան
էր
մարմնացած
ու
կը
հանէր
քար
եօթը
վարդապետի։
Ի՞նչ,
ուրեմն։
Ես
ալ
ըրի
այս
հարցումը
անոնց
նման։
Ու
կ՚ընեմ
մինչեւ
հիմա։
Կառավարիչին
հրաւէրը
զանոնք
ըրաւ
գործնական։
Ուսուցիչը,
որ
Սելանիկի
մէջ
պուլկար
յեղափոխականներ
պահած
էր
քահանայ
իր
հօրը
(ան՝
որ
մեր
այս
պատմութեան
մէջ
երեւաց
դաւաճանական
արարքով
մը,
հակառակ
երկու-երեք
տարի
առաջ
գլխուն
գնովը
օտարներ
ազատելուն
թուրքին
կրակէն)
մատուռի
մէջ,
ի
բնէ
արկածախնդիր,
թելադրեց
անոնց
մտնել
մատուռը։
Ասիկա
յարմարագոյն
ընթացքը
կը
ներկայանար
տուեալ
պայմաններուն
մէջ,
քանի
որ
այդ
ճամբորդութիւնը
պիտի
ընէին
այս
անգամ
պարտաւորուած,
ոստիկանական
հսկողութեամբ։
Մտնել
վակոն,
բայց
երկրորդ
կայարանին
իջնալ
վար։
Անցնիլ
թուրք
քաղաքը
ճիշդ
մէջտեղէն
կտրելով,
առանց
աջ
կամ
ձախ
թեքուելու։
Անցնիլ
կամարակապ
կամուրջը։
Բարեւել
սպասող
ոստիկանը
ու
անցնիլ,
առանց
ետ
նայելու,
խճուղի՛ն,
որ
կը
խորանայ
գետնահովիտը
դէպի։
Եզերական
ուռիներ,
որոնք
հատնէին
պիտի
ճիշդ
բլուրին
առջին,
այն
կէտին,
ուր
եռափողրակ
աղբիւր
մը
մէջքի
հաստութեամբ
առու
մը
կը
հոսի
իր
բերաններէն։
Ուր
եօթնադարեան
եօթը
նոճի
եւ
երկհազարամեայ
երեք
սօսի
հեքիաթի
տեքոր
մը
կը
շինեն
հիւղակի
մը
վրայ,
մէկը
տաճկական
սուրբ
մը,
տեղական
բարբառով՝
-սատակ
մը,
իր
դագաղին
մէջ
այդպէս
տեղաւորուած
ով
գիտէ
քանի՜
դար։
Անոր
անապակի
պատուհաններուն
երկաթեայ
ցանց,
ուր
լաթի
կտորներ,
հիւանդներու
զգեստներէն,
նախշուն
հիւսք
մը
կը
ստեղծէին։
Խմել
այդ
աղբիւրէն։
Շեղիլ
քիչ
մը
աջ,
առնելու
համար
սովորական
ճամբայ,
խոցոտ
ու
կտրտուած
ողնայարին
միայն
սալերը
պահելով
տեղ-տեղ,
-
ինչպէս
էին
ճամբաներու
կմախքները,
խճուղիէն
առաջ։
Քալել
վեր,
մինչեւ
գագաթը
բլուրին,
ուր
կոնքի
ձեւով
մեծկակ
խոռոչի
մը
մէջ
ծուարած
է
հայ
գեղիկը։
Անշուշտ
անտեղի
էր
կռիւ
յայտարարել
անոր
միակ
սափրիչին,
որ
գերագոյն
բժիշկն
էր
գեղին,
մահամերձները
կէս
ճամբէն
ետ
դարձնող,
արիւն
առնելու
մասնագիտութեամբ
ու
քրտինք
հանող
իր
լափաներովը։
Անտեղի
էր
վարժարան
երթալ,
որ
գետնայարկ
սենեակ
մըն
էր
ձմրան
միայն
բաց,
երբ
տիրացու
Սիմոնը
իր
ցանքը
ընելէ
ետքը,
տունին
փայտը
խնայելու
համար,
մեծ
ձիւներուն,
կը
հաւաքէր
տասնեակ
մը
տղայ
ու
փոխ
կը
սորվեցնէր,
ինչպէս
նաեւ
ծննդեան,
միւռոն-կաթի
տաղերը։
Շաբա՛թ
մը։
Յետոյ
ժամով
հեռու
ուրիշ
գեղեր,
աւելի
մեծ,
աւելի
կանոնաւոր,
որոնք
սիրով
պիտի
կիսէին
իրենց
չունեցած
հացը
Հայաստանի
ղարիպներուն
հետ։
Աւելի
յետոյ,
լեռնային
գիծով
իյնալ
Նիկիոյ
շրջանը,
ուր
քաղաքի
չափ
խիտ
բնակչութեամբ
շէն
գեղեր
պիտի
կրնային
պատսպարել
զիրենք,
մեր
պարագային
լեռները
շրջող
ասպատակներուն
խառնելով
զիրենք։
Այսպէս
կը
թելադրէր
ուսուցիչը,
վախնալով
թրքական
դաւէ
մը,
քանի
որ
կառավարիչը
հետաքրքրուած
կը
թուէր
առաջնորդին
հիւրերով։
Հեռագի՛ր
մը,
Ատաբազար,
բաւ
էր
երկու
օտարականները
իրարմով
վտանգելու։
Մաթիկին
մօրուքը,
առանձինն,
հրաւէր
մըն
էր
արդէն
անոր
օտարութիւնը
բարձրաղաղակ
բարբառող։
Կրնային
այս
բոլոր
վախերը
մնալ
վախի
վիճակին
մէջ։
Բայց
թարմ
էր
ձերբակալութիւնը
իրենց
գեղէն,
իրեն
ազգական
հաճի
Տիրանին,
որ
քեռորդիի
պէս
բան
մը
կ՚իյնար
ուսուցիչին։
Ձիթապտուղ
էր
բերած,
քանի
մը
փարա
շահելու։
Իր
տարազը-փանթալո՜ն,
որ
պետական
համազգեստի
մը
չափ
հազուադէպ
էր
այդ
օրերուն
տեղացիի
մը
վրայ-
կասկած
կը
ներշնչէր։
Ուսուցիչին
անձնական
երաշխաւորութիւնը
հաներ
էր
զայն
բանտէն,
բայց
չէր
բաւած
արգիլել
անոր
ձերբակալութիւնը
Ատաբազարի
մէջ։
Թուրքերը
մեզ
նախատելու
այդ
նուրբ
ձեւէն
հաճոյք
կը
զգային,
օրէնքին
հարկադրանքը
դնելով
մէջտեղ
հո՛ն՝
ուր
անձնական
քմահաճոյքը
կ՚իշխէր։
Այս
փորձառութեամբ,
լաւ
էր
քիչ
մը
ատեն
յետաձգել
Արմաշը։
Դէպքերը
պիտի
թելադրէին
ատոր
ալ
գործադրումին
ժամանակը։
Յետո՞յ։
Աստուծոյ
գիտնալիքն
էր
ատիկա։
Ուսուցիչին
վերջին
խօսքերն
էին,
կայարանի
ճամբուն,
-վստահիլ
գեղերուն,
որոնք
օտարը
կը
պաշտպանէին,
դեռ
չաւրուած
բարոյականի
մը
ցուցմունքովը
եւ
կը
ջանային
տուն-տեղ
ընել
զայն,
սանկ
տուն-մնայ
աղջիկ
մը
(քաղաքի
երեսուննոցները
չանցնին
ձեր
մտքէն,
աղէտի
մը
գնով
նշանածը
կորսնցուցած
ու
նորի
մը
չարժանացած
վարդի
պէս
աղջիկը,
քսանէն
երկուք-երեքով
վար,
տուն-մնայ
կը
սեպուի)
կամ
թարմուկ
այրի
մը
դնելով
անոր
կուշտին։
Այսպէս
ամուսնութիւններ
բազմաթիւ
էին։
Վստահիլ
գեղերուն,
բայց
երբեք
չբացուիլ
անոնց,
վասնզի
այդ
մարդերը
տարբեր
էին
իբր
խմոր
Վասպուրականի
եւ
Տարօնի
գեղացիներէն։
Չէին
մոռցած
իրենց
ազգը։
Բայց
զայն
սիրելու
ձեւն
ալ
անծանօթ
էր
իրենց։
Բացի
եկեղեցիէն,
ուր
կը
զգային
իրենց
տարբերութիւնը
թուրքէն,
եւ
խուլ
այն
տառապանքը,
զոր
թուրքերու
բռնութիւնը
շամանդաղի
նման
կ՚աղար
անոնց
գլխուն,
չունէին
ուրիշ
հոգ։
Հաց
ու
կնիկ։
Հող
ու
զաւակ։
Պիտի
չհասկնային
բոլոր
Մաթիկները։
Այս
դիտողութիւնները
անշուշտ
անիմաստ,
չըսելու
համար
հոսհոսական
էին
ընկեր
Մաթիկին,
որ
ականջին
հաւատարիմ,
առաջին
գործը
պիտի
ընէր,
առաջին
հանդիպած
գեղին
մէջ
վարժապետ
փնտռել
ու
անոր
ուշացած
պարագային,
չկրնալով
զսպել
իր
անհամբերութիւնը,
գեղացիներուն
հետ
վէճի
սկսիլ։
Խրիմեան
քննադատելով,
գիտնալով
հանդերձ,
որ
այդ
անունին
արտասանութիւնը
բաւ
էր
զինքը
փորձանքի
ածելու,
դեռ
Կիլիկիոյ
դռներէն։
Ուսուցիչը
թելադրեց
դարձեալ
շատ
չերեւալ,
այսինքն՝
զգուշանալ,
ուշադրութիւն
հրաւիրող
արարքներէ,
մա՛նաւանդ
աղաներուն
հակառակ
դատերու
պաշտպան
կանգնելով։
Երկու
օտարական
թուրքին
մէջ
կը
խեղդուէին։
Չվստահիլ
Կեսարիոյ
կառավարիչին
վկայագրին
ու
անցագիրներու
անթերի
օրինականութեան։
Թուրքերը
իրենց
թքածը
իրենք
լզելու
մեծ
ախորժակ
ունէին,
երբ
հարցը
կը
դառնար
անհաւատ
մը
դատապարտելու
շուրջ։
Չմոռնալ,
թէ
ինկած
էին
թրքական
հոծ
շրջանի
մը
մէջ,
ուր
դաշտային
գեղերը,
գաղթական
կամ
ոչ՝
թուրքերու
պատկանելնուն,
պիտի
խուսափուէին։
Մնալ
միշտ
շոգիի
վրայ։
Զոհել
զիջանիլ
մօրուքի՜կը,
ուրկէ
կրնար
չար
բան
միայն
գալ։
…Ելան
վակոն։
Ոստիկանները
յարգանքով
բարեւեցին
առաջնորդին
բարեկամ
ուսուցիչը։
…Հրաժեշտ։
…Դէպքերը
քալեցին
ուսուցիչին
թելադրած
գնացքով։
Ընկեր
Մաթիկ
եւ
ընկեր
Սեդօ,
բլրագագաթի
գիւղին
մէջ
եղան
շաբաթ
մը։
Յետոյ
անցան
ուրիշ
մը,
ուրիշներ։
Զանց
կ՚ընեմ
ոդիսականին
այս
մասը,
ուր
մեր
յեղափոխականը
գիրքեր
լեցնող
առատութեամբ
նշմարներ
ունէր
մեր
ժողովուրդէն,
-
բարք,
նկարագիր,
նոյնիսկ
լեզու։
Ճեմարանի
շրջան
մը
զուր
տեղը
չ՚անցնիր
մարդոց
գլուխէն։
Զանց
կ՚ընեմ,
վասնզի
կը
նմանի
իր
մեծ
մասին
մէջ
այն
պատկերներուն,
որոնցմէ
մաս
մը
պատմեցի
արդէն։
Մաթիկը
ճանչցեր
էր
մեր
ժողովուրդը,
անոր
ամէնէն
յետանկեալ
մէկ
գեղին
մէջ,
իրեն
ջերմօրէն
յանձնարարուած
երիտասարդ
մը
-որ
ես
էի-
այդքան
թեթեւութեամբ
վտանգելով
ու
Խրիմեան
վերլուծելով
մարդոց
առջեւ,
որոնց
ազգային
ընտանողութիւնը
ուրիշ
հորիզոն
չունէր,
քան
մեծկակ
ծաւալով
պատերը
իրենց
մատուռին։
Կը
կեցնեմ
այս
յետախաղացքը։
Այծարած
Ակոյի
քարայրէն
երբ
ճամբու
դրի
զիրենք,
չկրնալով
համոզել
վտանգին
լրջութենէն,
որուն
կը
դիմէին,
ամիս
մը
չանցած,
անոնք
մատնուած
էին,
իրենց
ժողովուրդը
սիրող
աղաներուն
ճնշումով։
Ողբերգական
մեծութի՜ւնը
իրենց
զոհաբերումին,
երբ
լսելով
իրենց
համար
ձերբակալուածներուն
տառապանքը,
իջեր
էին
գեղ
եւ
յանձնուեր
թուրքերուն։
Յեղափոխակա՞ն։
Դատելը
ձեզմէ։
Ես
պատմեցի։
Ու
կ՚երաշխաւորեմ
անոնց
ոդիսականին
այն
մասը,
որուն
խառնուեցայ։
Մոխիրնոցին
մէջ
անոնց
մահը
վաւերական
է
դարձեալ։
Շեղո՞ւմ
մը,
«Մնացորդաց»էն։
«Խոնարհները»
գործին
հեղինակը
այդպէս
չի
դատեր։
Տասը
տարիէ
ի
վեր
տիտղոսաւոր
եւ
արժանաւոր
մարդեր
կը
ջանան
մեր
յեղափոխութեան
մեծ
դէմքերը
կորուստէ
փրկել,
անոնց
նուիրելով
խղճամիտ
ու
ստուգազրոյց
մենագրութիւններ։
Ընդարձակ
այս
վերակազմումի
ընթացքին՝
Մաթիկնե՞րը։
Այսինքն՝
մեծ
կամ
պզտիկ
այն
հերոսնե՞րը,
որոնք
իրենց
անձին
ամբողջը
դրին
այդ
գործին,
իրենց
ձեւովը,
կէս,
քանի
որ
այդպէս
էր
ձեւուած
կեանքին
բաժինն
ալ
իրենց։
Յիմա՜ր՝
քանի
որ
իմաստուն
չէին
ծնած,
բայց
ազգին
համար
մեռնելու
պահուն
մեծերուն
չափ
մեծ
եղան։
Մաթիկնե՞րը։
Կը
հարցնեմ
ու
կը
լռեմ։
Թող
ներեն
իմ
ընթերցողները
այս
շեղումն
ալ,
կամ՝
ինծի։
ՎԵՐՋ