Զ.
Անգամ
մը
լեռներուն
վրայ
իր
ցանկաստանի,
անիկա
պիտի
իմաստանար
Սողոմոնէն
ալ
կատարեալ
իմաստութեամբ,
որուն
գրիչը
կիներուն
միսին
մագաղաթը
ունեցաւ
ու
մելանի
փոխան
արիւն
չծծուց
իր
եղէգին՝
ինչպէս
էր
ճակատագիրը
արեւմտահայ
գրողներուն
գրեթէ
մեծ
մասին,
որոնց
շեշտին
կրակը,
վառ
համը
այդ
կարմիր
հեղուկին
անցած
կը
թուի
ինծի
հիմա,
երբ
կը
ջանամ
հասկնալ
զանոնք,
իրենց
քիչիկ
բառերուն
ընդմէջէն
այնքան
սրտայոյզ,
ջերմին
ու
սխրագին։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց,
մեր
բոլորին
պէս
ճանչցաւ
թուրքը,
բզկտող
կենդանի,
մորթող
երկոտանի,
մռայլ,
մռայլ,
մռայլ
իբր
հոգի,
իբր
զգայնութիւն։
Ու
անասնութիւնը,
որուն
սպասարկէր
միտքի
նախնական
դրութիւն
մը,
այնքան
մօտիկէն
թելադրող
տափաստանը։
Առանձին
ուսումնասիրութիւն
է
այս
հոգեվիճակին
տիրական
տարանջատումը։
Ինչ
որ
այս
դարուն
սկիզբը
թուրքն
էր,
Օսմանին
կայսրութեան
սահմաններէն
ներս,
դեռ
չէ
գտած
իր
պատկերը
հաւատարմօրէն
ինկած
կտաւի։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց,
շատ
երիտասարդ,
ատիկա
ընելու
անկարող,
հաւաքած
էր
տարրեր
միայն։
Քառասուն
տարի
ետքը
իր
նահատակութենէն,
երբ
կը
յօրինեմ
իր
կենսագիրը,
իմ
ուժերը
տկար
կը
զգամ,
իր
այդ
տարրերը
վերածելու
ճշմարիտ
դրութիւններու։
Իմ
կէս
դարէն
աւելին
ես
տուեր
եմ
թուրքը
հասկնալու
տրտում
պարտքին։
Երկու
աշխարհներու
(Կովկասի
թուրքին
եւ
Թուրքիոյ
թուրքին)
անհաշտ
սա
հակադրութիւնը,
որ
մեր
յեղափոխական
պայքարին
մէջ
եղաւ
ցաւագին
հարց
մը,
գրիչի
եւ
սուրի
մարդոց
իրարմէ
այլուրութիւնը,
իրարու
ներհակութիւնն
էր։
Ընկեր
Մաթիկը,
իբրեւ
մարտիկ,
քանի
մը
օրուան
մէջ
գտաւ
իր
Դամասկոսի
ճամբան,
երբ
խաղաղ
գեղ
մը
հասնելուն,
աղբիւրին
առջեւ,
տեսաւ
մորթուած
դիակները
երկու
աղջիկներու
տասնէն
հազիւ
վեր
ու
չորս
պզտիկներու,
բոլորն
ալ
կացինահար։
Այդ
մկրտութիւնը
այնքան
հզօր
էր,
որ
իր
ուղեղին
մէջ
ո՛չ
միայն
վարագոյրներու
պատռուիլը
զգաց,
այլեւ
ընդմիշտ
անհետացող,
ընկլուզուող
երկրամասեր։
Անիկա,
սարսափագին
զայրոյթով
մը,
ապրեցաւ
իր
խղճմտանքին
մեծ
քրիզան,
այդ
անմեղ
դիակներուն
առջեւ
ու
խմբագրեց,
նոյն
գիշերն
իսկ,
իր
առաքելութեան
մեծ
տոքիւմենտը,
որով
սկիզբը
կը
դնէր
իր
հերձուածին,
բիւրոյի
մարդուն
եւ
երկրին
մէջ
գործող
մարտիկի
նկարագիրները
իրարու
հակադրող։
Իր
ոճին
առատութիւնը,
մտածումներուն
պարզութիւնը,
քարոզին
նախնականութիւնը
աշխատեցան
ի
վնաս
իր
դատին։
Գրասենեակի
եւ
գործատեղիի
մարդերը
իրարմէ
կը
տարբերին
գրեթէ
ամէն
գետիններու
վրայ։
Մաթիկը
ձգուեցաւ
իր
ուտոպիաներուն,
ստացաւ
կազմակերպչական
գերագոյն
մարմինէն
լուրջ
ազդարարութիւն,
հրաւիրուեցաւ
իր
երդումը
յարգելու
մա՛նաւանդ
կուսակցութեան
գերագոյն
պատգամը,
-
կարգապահական
սարքը,
որուն
դէմ
ամէն
ընդվզում
կը
պատժուէր
անխնայ։
Կարճառօտ
մարդերը,
կարճ,
բայց
հաստ
սկզբունքներու
մարդեր
եղած
են։
Այդ
հիման
վրայ
էր,
որ
ընկեր
Մաթիկը
քաշուեցաւ
զինքը
զինուորագրող
կազմակերպութենէն,
հոգիին
խորունկ
բեկումով
ու
ցաւով,
բայց
աւելի
քան
հաւատաւոր
իր
ժողովուրդի
դատին։
Ժընեւ,
Լոնտոն,
Փարիզ,
Թիֆլիս,
բոլոր
ինտելիգենտ
մեր
յեղափոխականներուն
պակսածը
անիկա
կը
յաւակնէր
գտած
ըլլալ։
Անգամ
մը,
որ
այդ
բարձր
շնորհներով
ու
հսկայ
կամքով
օժտուած
ընկերները
ճանչնային
երկիրը,
հոն
ապրող
հայը
տեսնէին
իր
իրական
կարիքներուն,
կարողական
(potentiel)
արժանիքներուն
մէջ,
յեղափոխութիւնը
կը
դադրէր
առանձին
ինքն
իր
մէջ
ծուարող
մարմին
մը
նկատուելէ
ու
կ՚ըլլար
ժողովուրդին
թաքուն
ուժերուն
ցայտուն
խորհրդանիշը։
Ինչ
ընել,
սակայն,
մինչեւ
որ
իրագործուէին
այդ
պայմանները։
Բայց
շատ
պարզ
բան
մը,
-
ճանչնալ
այդ
ժողովուրդը
շատ
մօտէն,
ամէնօրեայ
շփումով
մը
ու
գիտակցիլ
անոր
ցաւերուն,
որպէսզի
ըստ
այնմ
հայթայթուէին
դարմանները։
Ճեղքել
թուրք
կայսրութիւնը
արեւելքէն
դէպի
հարաւ
(Կիլիկիա),
հարաւէն
դէպի
արեւմուտքը,
մինչեւ
Պոլիս։
Որքան
ուրախ
էր
այն
գիշերը,
երբ
այդ
հսկայական
ձեռնարկը
գէթ
իբրեւ
ծրագիր
ընտանի
դարձաւ
իր
մտածողութեան։
Պիտի
առնէր
ճամբորդի
ցուպը
ու
անցնէր
գործի։
Բայց
այս
մասին
աւելի
ուշ։
Իր
կեանքի
այն
շրջանին,
ուր
անիկա
պատանի
էր,
այդ
«Կովկասում»
միշտ
կար
թուրքը,
հազիւ-հազ
իբրեւ
հեռու
հեքիաթ,
յիշեցնելով
դարերու
տիրակալող
սարսափները,
արեւելքէն
դէպի
արեւմուտք
իր
խուժումին։
Պատմութիւնը
թուղթ
է,
երբ
չի
պաշտպանուիր։
Թուրքերը,
մեզի
պէս,
թուղթի
վրայ
կը
խաղան,
երբ
իրենց
գիրքերը
կը
մատուցանեն
իրենց
զաւակներուն։
Այս
դարուն
սկիզբին,
Կովկասի
մէջ
թափթփուք
ժողովուրդ
մըն
էր
այդ
անունին
տակ
խմբուած
ամբոխը,
առհասարակ
բորբոսած
մզկիթներու
պատերուն
կծկտած,
վախկոտ,
թոյլ
անբանութեամբ
մը,
ու
գիտցէք,
որ
դիւրին
չէ
ինքզինքը
հերքելը,
մա՛նաւանդ
սրբել,
մաքրագործելը՝
ինչ
որ
մանկութեան
տախտակներուն
վրայ
գրած
են
մեր
զգայարանքները։
Մե՜ղք,
որ
քիչ
են
իմ
էջերս
եւ
ըլլամ
ստիպուած
շատ,
շա՜տ
բան
զոհելու
Մաթիկին
զգայնութիւններէն
-
իր
գեղէն
Թիֆլիս
մտնելու,
տառապելու,
ուսում
առնելու,
զարնելով
գլուխը
հազար
քարի։
Իր
պատմումէն
ինծի
կը
դառնար
իմ
ալ
շատ
մօտիկ
անցեալը,
գեղէն
քաղաք,
հազար
դժուարութեանց
սլաքներով
չարչրկուն
իմ
ծարաւը
այդ
ուսումին
ետեւէն,
որուն
անունը
մօրս
բառերով
մարդ
ըլլալն
էր
այդ
օրերուն։
Ի՜նչ
սրտայոյզ
հերոսութեամբ
մը
մերժելով
իմ
բազուկներուս
կարելի
արդիւնքը
տունին՝
մայրս
զիս
յօժարէր
պիտի
աւելի
հեռու,
աւելի
«մենծ»
դպրոց
մը
ղրկելու,
գրեթէ
ծերութեան
դուռներուն,
աչքերէն
ու
կեանքէն
հաւասարապէս
տկարացած,
բայց
շարունակելով
պահել
իր
ուխտը,
որբ
իր
զաւկըները
իրենց
ճակատագիրներուն
տիրացման
հանելու,
որ
հոմանիշ
էր
քսանը
անցնելու…
Ընկեր
Մաթիկին
Ճեմարանը
անշուշտ
աւելի
կ՚արժէր,
քան
իմ
Արմաշը,
որուն
մասին
խօսեցայ
արդէն։
Մաթիկին
խորունկ,
խանդավառ
հայրենասիրութիւնը,
իր
ժողովուրդին
երկիրն
ու
պատմութիւնը
ջուրի
պէս
գիտնալու
իր
հպարտութիւնը,
ու
հակառակ
կրօնական
կրթութեան
եւ
ռուս
կասկածոտ
հսկողութեան,
այդ
Ճեմարանին
աշակերտող
երիտասարդութեան
խորունկ
ազատամտութիւնը,
առաջամարտիկ
գաղափարներու
հանդէպ
սրտառուչ
ընկալչութիւնը
աւելի
քան
տպաւորիչ
էին։
Անիկա
հիացումէ
զատ
անկեղծ
բառեր
ունէր
իր
ուսուցիչներուն
հասցէին,
արեւելահայ
բանասիրութեան
ու
պատմական
ուսումնասիրութեանց
մէջ
մեծ
վարկ
վայելող
անձնաւորութիւններ
բոլորը,
համալսարանական
լայն
պատրաստութեամբ,
մտքի
անկաշկանդ
հորիզոններուն
բարիքով,
զիրենք
երկիւղածութեամբ
ու
կիրքին
հասնող
ուշադրութեամբ
մը
ունկնդրող
տղոց
մատաղ
հոգիները
կերպադրող
անորակելի
այն
տեմպով,
որ
սերունդ
մը
կը
թելադրէ։
Ստոյգը
այն
է,
որ
աւելի
յետոյ
ես
պիտի
հաստատէի
Մաթիկին
տպաւորութեանց
վաւերականութիւնը
բոլոր
այն
մարդոց
վրայ,
որոնք
անցեր
էին
այդ
վառարանին
քուրայէն։
Արեւելահայ
այն
մտաւորականութիւնը,
որ
1890էն
մինչեւ
մեր
օրերը
իր
ուսերուն
ունեցաւ
ո՛չ
միայն
արեւելահայոց
քաղաքական
ու
գրական
ճակատագիրը,
այլեւ
ամբողջ
հայ
ժողովուրդին
ամէնէն
տագնապագին
փորձանքը
-մեր
յեղափոխութեան
կազմակերպումը
իբրեւ
գործ
ու
գաղափարագրութիւն
-
ամբողջութեամբ
կու
գայ
Ճեմարանէն։
Երբ
կը
պարզէր
ինծի
Մաթիկ
Մելիքխանեանցը
մեծ
ու
շքեղ
իր
երազները,
ինծի
կը
թուէր
տեսնել
այդ
ամէնուն
սկզբնական
հանգոյցը
բազմակեդրոն,
բայց
հսկայական
գլուխի
մը
մէջ,
որ
մեր
եկեղեցականութիւնն
էր
Արարատի
ոտքին։
Ու
կ՚ընէի
բաղդատութիւնը
Արմաշի
իմաստուն
եպիսկոպոսին,
Եղիշէ
Դուրեանին
հոգեղէն
կազմին
այդ
մարդոց
թելադրած
տեսլականին
հետ։
Դուրեան
եպիսկոպոս
մեծ
ու
սիրելի
դէմք
մըն
էր,
որ
քանի
մը
գեղեցիկ
շնորհներու
բարիքը
խորանարդած
էր
ուզելով
թէ
ակամայ,
հոդ
չէ
հարցը,
ու
հաճոյքով
ենթարկած
իր
դժուարահաճ
իմացականութիւնը
սա
պատրանքին։
Այս
դարու
սկիզբը,
ուր
ես
տարի
մը
մտիկ
ըրի
զինքը,
Եղիշէ
եպիսկոպոս
Դուրեան
փառք
մըն
էր։
Մաթիկէն
ետք
միայն
ինծի
կարելի
պիտի
ըլլար
այդ
ամրակառոյց
յղացքը
ենթարկել
վերլուծման։
Հոս
չունիմ
միջոց
այդ
վերլուծումին
գումարը
հաշուեկշռելու,
ուրիշ
տեղ
մը
անոր
նուիրած
ըլլալով
բաւարար
էջեր
[1]
։
Կը
բաւականանամ
հոս
արձանագրելով
առաջին
իմ
հիասթափումս
իմ
մեծ
ուսուցիչէս,
դեռ
այդ
օրերէն։
Բանասէրները
արժէքով
մարդեր
են
անշուշտ,
երբեմն
շատ
մեծ
նոյնիսկ,
պայմանաւ,
որ
մինակ
չըլլան,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
մատաղ
ուսանողութիւնը
մարզելու
արարքին
մէջ
միջադէպներ
չդառնան
եւ
մեռելներու
գիտութիւնը,
իրենց
կախարդանքով
գերադաս
չընծայեն
ողջերուն
գիտութեան,
այսինքն՝
տրոփուն
կեանքին
պարտքերուն։
Ճիշդ
է,
որ
արմաշական
վարդապետները,
ուսուցիչները
աղէտներու
առջեւ
չտկարացան
ու
մեռնիլ
գիտցան
մեծ
արիութեամբ։
Բայց
1896ին,
մա՛նաւանդ
1915ին,
այդ
արիութիւնը
պիտի
չպակսէր
գրեթէ
մեր
բոլորին…
Փողոցները
պառկելով
ու
գիշերները
բեռնակրի
աշխատանքին
յանձնառու
ուսանողը,
Ճեմարանի
մէջ
սրտառուչ
ուսանող
մըն
էր,
որ
իր
դպրոցին
աւանդութիւնները
ահա
գործնապէս
կ՚արդիւնաւորէր,
իր
ծննդավայրէն
հազարաւոր
փարսախներով
հեռու
տեղերու
վրայ
իր
փոքր
անձնաւորութեան
հսկայ
փառքը
ժուռ
ածելով
(պտտցնել)։
Չեմ
կրնար
լայննալ
շատ,
գէթ
շեշտելու
համար
հոս
գլխաւոր
տարրերը
այն
վերլուծումին,
զոր
անիկա
ըրաւ,
շատ
տաք,
պերճ,
հեքիաթունակ
շեշտով
մը,
ճեմարանական
իր
շրջանէն
մարդերը,
մտայնութիւնները,
ձգտումները,
ընդհանուր,
հասարակաց
զգացողութիւնը
եւ
ուսանողի
շատ
մասնակի,
շատ
ինքնատիպ
հոգեբանութիւն
մը
խտացնող,
յորդ,
բայց
յստակ
տարազներով,
որոնք
ապրումին
նպաստէն
այնքան
տիրաբար
գիտեն
օգտուիլ
ու
դիմանալ։
Մօտ
քառասուն
տարիներ
են
անցեր
այդ
օրէն։
Աւելի
յետոյ,
վաւերական
գրողներու,
առնուազն
ստոյգ
պատմողներու
գրիչին
տակ,
ես
տեսեր
եմ
ճեմարանական
յղացքին
ամբողջ
բովանդակութիւնը։
Ստիպուած
եմ
հոս
յայտարարել,
որ
Մաթիկին
ինծի
տուածը
թուղթէն,
յիշատակէն
վեր
վկայութիւն
մըն
էր,
գրեթէ
արուեստի
գործ
մը,
որ
ահա
կը
դիմանայ,
երբ
կը
գրուին
սա
տողերը։
Վերը
ըսի,
թէ
արմաշական
մըն
էի
(եթէ
երբեք
մէկ
տարուան
իմ
կեանքը
այդ
դպրոցին
մէջ
ինծի
կու
տայ
իրաւունքը
այդ
որակականին)։
Հոս
կը
խօսիմ
իմ
բեկումէս,
որ
ա՛լ
յստակ
է,
տարիներ
ետքը,
նոյն
այդ
դպրեվանքէն։
Հազիւ
տարի
մը
առաջ
ես
կը
բաժնուէի
Արմաշէն,
որուն
«հոգին»
Դուրեան
սրբազանն
էր,
ինչպէս
կը
խօսէին
ու
կը
գրէին
քիչ
մը
ամէն
տեղ։
Կովարծ
Ակոյի
քարայրին
մէջ,
ես
թելադրութեան
ճամբով,
Մաթիկէն
ինծի
հասնող
գաղափարներու
ակօսն
ի
վեր
փնտռեցի,
թէ
ինչ
կը
բերէի
իմ
մեծ
ուսուցիչներէս։
Անոնցմէ
մէկը
մեծ
բանաստեղծ
մըն
էր
ու
միտքի
մեծ
խուզարկու
մը։
Ուղիղ
գինովութիւն
մըն
էր
ինծի
իր
մատենադարանին
հոյակապ
աշխարհը,
անոր
կեդրոնին՝
իր
սեղանին
վրայ
գլխահակ
մարդը։
Դուրեան
սրբազանին
դասերը
շուքն
իսկ
չեն
իր
անձին։
Դպրեվանքէն
երկրորդ
ուսուցիչը
երիտասարդ
վարդապետ
մըն
էր,
խելացի,
ճկուն,
մարդերը
վարող,
աշխարհիկ
շնորհներով
եւ
որ
յետոյ
մեր
նուիրապետութեան
բարձրագոյն
աթոռներէն
մէկուն
վրայ
պիտի
գոցէր
իր
աչքերը՝
իբրեւ
Երուսաղէմի
պատրիարք։
Այսքան
են
իմ
յիշատակները
այդ
տարուան
մը
շրջանէն։
Երկուքն
ալ
անկարող
եղան
զիս
հասկնալու,
սորվելու
իմ
անհուն
ծարաւը
իր
ճիշդ
տենդին
մէջ
զգալու
ու
չգտան
միջոցը
զիս
վար
դնելու,
վստահ
ըլլալով,
որ
իրենց
խնամքէն
դուրս
ես
սահմանուած
էի
շատ
մը
խոչընդոտներու,
թերեւս
կորսուելու
հետախաղաղ։
Ու
տեղի
ունեցաւ
անխուսափելին։
«Վայրագ
գեղացին»,
որ
ես
էի,
կը
դառնար
իր
տարրին,
իր
գեղին,
քիթը
հողին
քսելու
ստորնութիւնն
իսկ
գերադաս
համարելով
սա
անհաղորդ
մտքի
վիճակին։
Չէք
հարցներ,
թէ
ի՞նչն
էր
վէճը
18
տարուայ
պատանիի
մը
եւ
Եղիշէ
եպիսկոպոս
Դուրեանին։
Ողբերգական
է
մեծ
մարդոց
տկարութիւնը,
չըսելու
համար
տկարամտութիւնը։
Իր
հոյակապ
մատենադարանէն
Դուրեան
սրբազան
ինծի
կու
տար
անկարելի
գիրքեր,
բանասիրական,
հմտական,
պատմագիտական
բովանդակութեամբ։
Քրենքիփցի
մէջ
այսինչ
վանքին
տեղադրական,
պատմական
մանրամասն
նկարագրութիւններով։
Գետի՛նն
անցնէին
այդ
ամէնը։
Նետեցի,
կատղած,
գիրքեր
երեսին
ու
արցունքով
նայեցայ
Ռընանին,
Սէնթ
Պէօվին,
Թէնին,
Զոլային
բաժիններուն,
ամէն
մէկը
քսանէն
վեր
հատորներով։
Սրբազանը
չէր
հասկնար,
թէ
ինչու
կոշտ
էի։…
Ինչ
հարկ
սա
յուշերուն։
Մարտի
առտու
մը
ես
ձգեցի
վանքը
ու
դարձայ
իմ
գեղը։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
հիացում
ու
արբշռանք
միայն
ունէր
Ճեմարանէն։
Ու
ասիկա
տառապանքն
էր
ինծի։
Հիմա
սա
տողերը
թափած
պահուս
ու
թուղթին
այս
ողբերգութեան
մեծ
բաժինը
կու
տամ
մենէ
վեր
ուժերու,
որոնք
մեր
պատանութիւնը
ըրին
այսպէս
տրտմահար,
խաբանահար,
մա՛նաւանդ
անծրագիր։
Մինչդեռ
մեր
երիտասարդ
սերունդը
Թուրքիոյ
մէջ
կ՚իյնար
սուրի
տակ,
ազատուողները
ճիրաններուն
մէջն
էին
աղջամուղջին։
Սահմանէն
անդին
ուրիշ
սերունդ
մը,
որ
արիւն
չէր
տեսած,
կու
գար
ինծի
ահաւոր
փորձառութեան
մը
ծարաւով…
Ձգելէ
առաջ
Մաթիկին
ճեմարանական
աշխարհը-
ամէնէն
քնքուշը
սա
տղուն
աշխարհներէն
-պարտաւոր
եմ
քիչիկ
մը
բան
ալ
զետեղել
հոս
իր
մտքին
տարողութենէն,
զոր
անկեղծ
համեստութեամբ
մը
ներկայացուց
իբրեւ
միջին
նմոյշ
մը
իր
սերունդէն,
գործնական
ու
բարենորոգչական,
մա՛նաւանդ
գիտութեամբ
զօրացման
ազդակներու
սպասարկու
խորունկ
ախորժանքներով։
Խոշոր
շնորհ
մը
կը
թուէին
այդ
յատկութիւնները
անոր
մտքին,
երբ
բաղդատուէին
մեր
բոպիկութեան,
չորութեան,
կծծիութեան։
Անկեղծօրէն
ես
մեղադրեցի
դպրեվանքը,
որ
ո՛չ
միայն
ինծի
ոչինչ
էր
տուած,
այլեւ
թողած
էր
«լինելիք»
ապրանք
մը
փախչի
իրենց
մատներէն։
Յետոյ,
Մաթիկին
միտքը
կը
շահէր
նորէն
այդ
բաղդատութեան
մէջ,
համեմատուելով
ճղճիմ
մարմինին,
որ
այնքան
մը
տարր
էր
ճարած,
որքան
անհրաժեշտ
էր
կրելու
համար
այդ
անհամեմատ,
հսկայ
գանկը
միայն,
ուր
այնքան
ծանրութիւնները
աշխարհներուն
ու
տարրերուն
պատսպարուած
կը
հանգչէին։
Շատ
յստակ
է
սա
զգայնութիւնը,
զոր
կարգ
մը
մարմիններ
կ՚արթնցնեն
իրենց
չըսուած,
գուշակելի
ախորժակներէն։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
կը
սպասարկէր
իր
գլուխին
միայն։
Իր
մասին
ուրիշ
պաշտօններ
մտածելն
իսկ
տարօրինակ
կու
գար։
Դէմքին
մանրութիւնը
ուղղակի
կը
ջախջախուէր
թիզ
մը
ճակատէն,
լայն
ու
փառաւոր,
գլխուն
կէսը
դէպի
վեր
ու
ետ՝
գրաւող։
Ինչո՞ւ
թափած
էին
մազերը,
հարցուցինք
իրեն։
-Կարիք
չունէի
անոնց,
-
պատասխանեց
վսեմ
պարզութեամբ,
-
խոմ,
մազը
մտածում
չի։
Անշո՜ւշտ։
Ու
այդ
արքայական
ճակատը
-
շէնքերունը
-
անվրէպ
պատգամ
էր
այն
օրերուն
հռչակի
հասած
գանկաբանութեան
անունով
գիտութեան
մը,
թէեւ
կովարծ
Ակոյին
ճակատն
ալ
ունէինք
իբր
հակափաստ,
քանի
որ
երանելի
հովիւին
ալ
գանկը
լերկ
էր
ու
ճաղա՜տ։
Արեւմտեան
միտքի
մեծ
ներկայացուցիչներուն
մօտ
ճաղատութիւնը
փառք
մըն
էր
իմ
պատանի
դատողութեանս
մէջ
ու
Մաթիկը
այդ
առաւելութեամբ
կը
շահէր։
Բայց
ինչ
որ
ստոյգ
էր,
ատիկա
գոյութիւնն
էր
այդ
հսկայ
ճակատին
տակոքը
ու
այդ
լերկ
գանկին
ներքեւ
բացառաբար
հզօր
ու
փայլուն
իմացականութեամբ
մը։
Թագաւորը
խշտիի
մէջ
չէր
բնակեր
ու
շատ
պալատներ
մեծ
մարդոց
բնակարան
են
ծառայած։
Անոր
միտքը
մէկն
էր
այն
հազուագիւտ
հրաշքներէն,
որոնց
լաւ
կ՚ընենք
չհանդիպելով։
Այդ
միտքը
օժտուած
էր
շատ
ուշագրաւ
կարողութիւններով։
Ամէնէն
առաջ
ահաւոր
յիշողութեամբ
մը,
որ
կը
զատուէր
ուրիշ
բացառիկներէ՝
յիշատակներ
կենսագործելու
մասնայատկութեամբ
մը։
Կան
այդ
մարդերը,
որոնց
պատմումը
ներգործական
ապրում
է
եւ
ոչ
թէ
չէզոք
թւում։
Մաթիկ
իր
յիշատակները
կեանքի
կտորներու
կը
վերածէր,
պատրանք
ստեղծող
ու
ատով
ալ
չտժգունող։
Յետոյ
իրն
էր
բացառիկ
շնորհը
դարձեալ
յուշէ
յուշ,
մտածումէ
մտածում,
դէպքէ
դէպք
լարեր
նետելու,
արտաքնապէս
իրարու
անհաղորդ
իրողութիւններ
ու
միջեւ
գտնելու
շքեղ,
համոզիչ
մերձեցումներ,
իմաստասիրական
թերմերու
առատութեամբ
ու
պատմութեան
իմաստասիրութիւնը
արժեւորել
ձգտող
քաղցր
միամտութեամբ՝
հաւասարապէս
տպաւորիչ։
Բայց
այլապէս
խորհրդաւոր
հրապոյր
մըն
էր
իր
մօտ
դէպքերը,
իր
փաստին
համեմատ,
օգտագործելու
իր
դիւրութիւնը,
հետեւցնելու
ու
համոզելու
իր
ջերմ
տուրքերը։
Այս
յատկութիւնները,
փորձառութեան
բովէն
անցնող
մարդը
կ՚ընեն
վարիչ,
վարպետ,
մագնիս։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
յեղափոխական
մը
միայն
կրցած
էր
ըլլալ
առայժմ։
Իմ
այն
ատենուան
դատաստանիս
մէջ՝
Մաթիկին
տուրքերը
գերազանց
արժանիքներ
էին,
քանի
որ
ինծի
համար
իմաստը
ու
անոր
փրփուրը
կը
մնային
մէկ,
իմացականութիւնն
ու
յեղափոխութիւնը՝
հանճարին
յատկանիշները,
մա՛նաւանդ
ինծի
հիմնովին
անծանօթ
ընկերային
հարցերու,
իմաստասիրական
դրութիւններու
շուրջ
Մաթիկին
լայն
ու
արձակ
ճախրանքները՝
նախանձելի
գեղեցկութիւն։
Ու
ամէնէն
կարեւորը՝
խօսքը,
անոր
տենդը,
առքը,
միսերը,
արիւնը,
հեշտանքը,
որոնք
բոլորը
մէկ
կը
բռնանային։
Ես
լսած
էի
Եղիշէ
Դուրեանի
քարոզները՝
ինծի
խօսքի
գերազանց
վայելքներ։
Դաշն,
կանոնաւոր,
թաւալուն
էին
բառերը
բանաստեղծ
եպիսկոպոսին
բերնին,
բայց
տխուր
փաստովը
ո՛չ
միտք
ըլլալու,
ոչ
ալ
կիրք։
Մաթիկ
արեւելահայ
բարբառը
կ՚արժեւորէր
ու
կ՚աւելնար
իմ
հիացումիս
մէջ
իր
պարունակութեան
ալ
փառքովը։
Ամէն
մէկ
նախադասութիւն
կամ
յուզում
կը
փոխադրէր
ինձմէ
ներս
կամ
մտքիս
մէջ
գոց
հերկ
մը
կը
պատահէր։
Ու
խօսքը,
այս
անգամ
ընդհանուր,
պատգամ
էր
1900ի
մարդոց
համար։
Անկէ
ասդին
կարծես
քիչ
բան
է
փոխուած
սա
հանգամանքներէն։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
այլապէս
կը
տպաւորէր,
խօսքի
շնորհներէն
անկախաբար,
հարց
մը
մէկ
հարուածով
ընդգրկելու,
վերլուծելու,
կրկին
համադրելու
ու
գործողութեանց
հետեւանք
մը
եղող
նորոգելու
շատ
սահուն
տուրքերով,
որոնք
նպաստը
կը
վայելէին
իր
մասնակի
կշռականութեամբ
մը
օժտուած
հագագին,
ուրկէ
բառերը
կը
ծորէին
քաղցր,
բայց
արու
ու
ամբողջ,
իր
շատ
զարգացած
շունչին,
արդիւնք՝
իր
թափառական
կեանքին
լեռնէ
լեռ,
Վան
ու
Սասուն,
յաճախ
երէի
մը
նման
խուճապահար
փախուստով,
մարմինին
ընդհանուր
ճղճիմութիւնը
լայնօրէն
հակակշռող
ցուլի
կուրծքէն
երբ
կու
գար
դուրս։
Այդ
շունչին
երկարութիւնը,
համատարրութիւնը,
ընդդիմահար
բանի
մը
նման
քեզի
դպիլը
թերեւս
կը
խոստանային
ապագայ
մեծ
վարիչը,
meneur,
բառին
ետին
պզտիկցած
մեր
շատ
գիտցող
վարժապետներէն,
բայց
որ
կրնար
ետեւէն
հազարներ
քաշել…։
Այդ
յատկութիւնները
կը
գործածէր
անիկա
միշտ
իր
թեզին
ի
նպաստ,
որ
առնուազն
մեր
ժողովուրդին
ազատագրութիւնն
էր
եւ
սովորաբար
մարդկութեան
երջանկութիւնը
եւ
ընկերվարական
բոլոր
փայլուն
ու
տրտմօրէն
հերքուած
երազները։
Աւելցուցէք
երեւակայելու
նոյնքան
ահաւոր
դիւրութիւն
մը,
երազ
մը
ձեւելու,
հագնելու,
զայն
մորթի
մը
պէս
իրը
ընելու,
նոր
բառով
մը՝
իւրացնելու
գրական
ալ
ընկալչութիւնը։
Ու
այս
ամէնուն
մէջէն
այս
ամէնը
իրագործելու
անհաւատալի
բնականութիւն,
պարզութիւն,
որոնք
երբեմն
իրական,
աւելի
յաճախ
սոփեստութեամբ,
վարժ
ու
անմեղ
միամտութեամբ
մը
կը
քողաւորին
ու
կը
վերածուին
շնորհի։
Այս
մտածումները,
անշուշտ,
այնքան
յստակ
չէին
իմ
մտքին,
որքան,
հիմա։
Բեմերու
վրայ
անկէ
ետք
տրուեցան
ինծի
շատ-շատ
պատեհութիւններ
տեսնելու
մարդեր,
որոնք
նոյն
այդ
շնորհները
առաւելեալ
աստիճանով
մը
կը
պարզէին,
եռանդուն,
դղրդող,
բայց
խորքով
այնքան
աղքատախնամ։
Ըսի,
թէ
հազիւ
տարի
մը
կար
վանքէն
հեռանալս։
Ըսի,
թէ
ինչ
կը
բերէի
այդ
շէնքէն
ինծի
հետ։
Բայց
չըսի,
թէ
սորվելու
տենդը
որքան
դժբախտ
ճակատագիր
մը
ունէր
իրագործելի։
Չէի
կրնար
մտքէս
հեռացնել
վերջին
տեսարանը՝
Դուրեան
սրբազանի
մատենադարանին
մէջ
տեղի
ունեցած։
Պատուական
այդ
մարդը
գորոված
էր
վճռական
որոշումին
վայրագութեանը
դէմ,
վանքը
ձգելու,
քանի
որ
ինծի
սպասող
աշխարհը
ան
կը
ճանչնար
զարմանալի
յստակութեամբ։
Պիտի
չհասկցուէի
ու
պիտի
հալածուէի։
Քիթս
հողին
պիտի
քսուէր,
անօգուտ
այդ
նուաստութիւնը
դատապարտուած
էի
հանդուրժելու։
Պիտի
այրիանար
միտքս
ու
գրելու
երազին
ցանկութիւնը
պիտի
ցամքէր
նման
տունկին,
որ
կ՚աճի
արեւէ
զուրկ։
Բոլոր
այս
պատահականութեան
դէմ
իմ
կեցուածքս
անսասան
էր։
Պիտի
շինէի
միտքիս
ճամբան,
յետոյ՝
միտքս,
յետոյ՝
արուեստներու
սպասը,
իրեն
պէս,
բայց
մոռնալով,
որ
զուրկ
էի
զինքը
պաշտպանող
պայմաններէն։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
Ճեմարանէն
Մոսկուան
ըրած
էր
առանց
այս
տագնապին։
Անիկա,
մեծ
այդ
քաղաքին
մէջ,
սորվեր
էր
օդէն
ու
ջուրէն,
առանց
կաթիլ
մը
նախատինքի
ու
քրտինքի,
նման
թիթեռին,
որ
կը
թռչի,
կը
հասուննայ։
Իրեն
անծանօթ
էր
մնացած
դժուար,
ծանր,
դանդաղ,
հատկտեալ
ուսումին,
տոտիկ-տոտիկ,
աստղի
ծայրով
աճելուն
յուսաբեկիչ
տագնապը,
գաղափարի,
ընթերցումի
իր
արագութիւնը,
իր
ընկալչութեան
լայնքն
ու
խորութիւնը,
իր
միջոցներուն
առատութիւնը՝
գիտական
իր
պատրաստութիւնը
զինքը
կը
պաշտպանէր
սա
մարզին
վրայ,
ամէն
քարի,
ժայռի,
հողի
երանգի
համար
գտնելով
«աշխարհք
մը»
ըսելիք,
բոլորն
ալ
նոր
ինծի
համար,
որ
իր
տարիները
վատնած
էր
գրաբար
լուծելու
ի
բայ
Ղուկասի
կամ
Մատթէոսի
աւետարաններուն
մեկնութիւնները
ընդօրինակելու։
Կանխահաս
պատանի
մըն
էի,
բայց
շուքն
իսկ
չէի
արժեր
այդ
ուղղութեամբ
Մաթիկին։
Աւելի
յետոյ
պիտի
սորվէի,
որ
քննութիւններու
եւ
դասարաններու
առաջինները
կեանքին
մէջ
տասներորդները
կու
տային
յաճախ։
Հակառակը
ունի
նմոյշներ
գոնէ
քանի
մը
մեծ
մարդերու,
որոնք
իբրեւ
անընդունակ
վտարուած
ըլլան
դպրոցէն,
ապագային
կոչուելու
համար…
Զոլա
մը
կամ
Սփենսըր
մը։
Չէի
կրնար,
կրակի
կուշտին
ծուարած
սա
ամբողջ
գլուխը
բոցէն
զատել,
բառերու
միգամածային
պատմուճանէն,
տեսնելու
համար
զայն,
այսինքն՝
ինծի
չափ
թշուառ,
ինծի
չափ
անապահով,
իր
նաւը
յանձնած
փոթորիկին,
իր
կեանքը
աճուրդի
հանելու
իսկ
անկարող
գոնէ
իր
ընկերներուն
նման,
որ
վարը,
Սասնոյ
սարերուն
վրայ
մեռնելու
համար
առնուազն
կապար
մը
կ՚արժէին
թուրքին
պիւտճէին,
մինչդեռ
ինքը
-կասկած
չունէի
այդ
մէկ
նախազգացմանս
ստուգութենէն-
հում-հում
բզկտուէր
պիտի
թէկուզ
օրը
իրիկուն
չեղած,
եթէ
թուրքերը
հոտն
առնէին
իր
տեսակին։
Դժուար
էր
Մաթիկին
զառածումը
դէպի
մեր
կողմերը
ենթարկել
իր
կանխահասութեան,
իր
ուսանողութեան
շատ
փայլուն
ամառ։
Դիտողութիւններ,
բաւական
ստուար,
կը
հաստատեն
այս
կարգի
դէպքեր,
իմաստի
կրկէսներէ։
Ոմանք
քսանին
չհասած՝
իբրեւ
զմայլելի,
բայց
անվերադարձ
նախախայրիք
մը
կ՚ապրին,
յորդ
ու
փարթամ,
ու
կը
սպառեն
ինչ
որ
քսանին
յաջորդ
քառասուն
տարիները
կը
վերապահեն
մարդոց
մեծ
մասին
իբր
փթթում,
ծաղկում
ու
քաղցրագին
պտղաւորում։
Երբեմն
մահը
անփոխարինելի
իմաստութեամբ
մը
կը
միջամտէ՝
խնայելու
համար
սա
շողարձակ,
«ցօղաթուրմ»
գարունքին՝
ամօթը
երաշտ
ամառին
ու
ստերջ
աշունին։
Անոնք,
այդ
«հանճարեղ»
տղաքը
կը
փակուին,
կը
կնքուին
քսանի
դուռներուն,
իրենց
հեքիաթը
ձգելով
մեր
կարճ
հիացումին։
Ուրիշներ
ու
շատեր
են
ասոնք,
պիտի
տառապին
յարմարելու
համար
մեր
գիտցած
կեանքին,
լայն,
խորտուբորտ,
սեփ-սեւ
կեանքին
ու
ասոր
հազար-հազար
խութերուն,
որոնց
սանդուխովը
կը
քալենք,
պիտի
քալենք
դէպի
մեր
սեփական
անդունդիկը,
մեր
փոսը։
Ո՜վ
կոշտութիւնը,
վրիպանքով
դառնակարան
տրտմութիւնը,
չորս
պատերուն
արքայութեան
(գրասենեակ)
վարժուած
անխուսափելի
գերութիւնը
պատանութեան
սա
պսակաւորներուն,
որոնք
փուշ
պսակն
իսկ
պիտի
չձգեն
իրենց
ճակտին,
սուզուելու
համար,
անդարձ,
մռայլութեան,
միջակութեան
ծոցը…
Ձգելէ
առաջ
սա
փոքր
փակագիծը
ընկեր
Մաթիկի
ուսանողական
մեծ
տուրքերէն,
մաս
մըն
ալ
բա՛ն՝
իմ
տպաւորութիւններէս
անոր
հաւատաւոր,
անխուսափելի
զեղումի
մասին,
միշտ
կազմ
ու
պատրաստ,
դիւրին,
գործնական
(maniable),
տարագործուած
(թող
ներուի
այս
բառը),
ներածուած
ու
բռնուած
ապրանքի
նորութիւնը,
առատութիւնը,
դիւրամատչելի
գնովը։
Այսպէս
է,
որ
այդ
դատումները
կը
ջանային
ներկայացնել
Արեւելահայաստանը,
այս
դարու
սկիզբին,
իր
նաւթի
իշխաններուն
ահաւոր
ապաբարոյութեամբը
ու
սանձակոտոր
ախորժակներովը,
իր
եկեղեցականներուն
տմոյն,
անզետեղելի
անհոգութեամբը,
երբ
ռեժիմէն
շղթայակապ,
բայց
անկէ
հալածուած,
աղօթելու
սահմանուած,
բայց
պետական
պաշտօնեայի
հոգեբանութեամբ։
Ո՛չ
գրող,
ոչ
ալ
սորվեցնող։
Ո՛չ
ժողովուրդի
մարդ,
ոչ
ալ
Աստուծոյ։
Մաթիկ
գորշ
բառեր
ունէր
Էջմիածինին,
իր
գահակալին,
զոր
կը
ներկայացնէր
մեծ
յեղափոխական,
բայց
յորովայնէ
ընտրեալ
տնանկ
մը
իմաստէ։
Ու
կը
դատապարտէր
միաբանութիւնը,
որուն
զարգացած
միութիւնները
կ՚արատաւորէին
եկեղեցին
ու
հին
տիպարները
ու
զայն
կը
պահէին
ծիծաղելի։
Ու
տակաւին
այնքան
բան,
ինծի
համար
բոլորովին
նոր,
հակապատկեր
իմ
գիտցածներուս։
Այս
բոլորը,
անփոփոխ
կանգունովը
իր
սորվածներուն,
կարծրացման
մէջը
իր
համոզումներուն։
Այսպէս
կը
ներկայացնէր
նաեւ
Տաճկահայաստանը։
Թիֆլիսէն
Ատանա
մէկ
էր
նայուածքը։
Ու
կը
հաւատար,
թէ
իր
ժողովուրդը
ճանչնալու
կատաղի
տարփանքը
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
պատշաճեցումը
իր
գիտցածներուն,
բոլորն
ալ
փորձելի,
փորձարկելի
մեր
հայրենիքին
մէջ,
գիրքերէն
վեր
ու
դուրս,
ուսանողի
իր
խակ
եռանդը
բանականացնելու։
Անփոփոխ՝
իր
մտայնութենէն
ալ,
քանի
որ
իր
տեսածներէն
առաջ
իր
ուզածները
կը
մտնէին
գորշապարի
մը,
իր
ուղեղին
տակ։
Ու
ամէն
դէմք,
ամէն
քաղաք,
ամէն
իրականութիւն
իր
մէջ
կը
վերածուէին
գիշերաշրջիկի
զգայնութեանց։
Պէտք
էր
լսէր
իր
բերանէն
այլակերպումին
սա
քերթուածները։
Վեհափառը
(Խրիմեան)
շրջանակող
բազմիմաստ
եպիսկոպոսները,
այդ
աղջին
ընդմէջէն
կ՚ըլլային
միջին
դարու
պորտաբոյծներ։
Ու
գրողները՝
նոյն
լոյսէն
գունաւոր,
«անսկզբունք»,
«վաճառեալ»,
«փուճ»
արարածներ։
Կ՚ատէր
Շիրվանզադէն,
որուն
փառքը
կը
ճօճուէր
Ահարոնեանի
նորասկիզբ
համբաւին
ընդմէջ։
Ու
երկար
է
պատմել
արեւելահայ
գրողներէն
իր
վճիռները,
որոնք
գիտութեան
ուսանողի
մը
բերանէն
զիս
կ՚ընէին
շուար,
ո՛չ
թէ
իրենց
այլանդակութեամբը,
այլ
այն
մասնաւոր
վստահութեան
համար,
որով
կու
գային
այդ
կտրուկ
դատաստաններէն։
Ոչ
մէկ
վարպետի
օրօք
զանոնք
ուզող։
Ընկերային
ձգտումներու
խորարմատ
պահանջ
մը
թելադրիչն
էր
այդ
ամէնուն։
Ու
բացի
Թումանեանէն,
միւսներուն
համար
դարձեալ
մէկ
էր
ու
անփոփոխ
իր
դատապարտութիւնը։
Մարդերէն
դուրս,
այս
դարասկիզբի
ընկերային
խմորումները,
մեր
յեղափոխութիւնը,
պահպանողական-ընկերվար
ճակատումները
կը
գունաւորէին
նոյն
գորշ
յատակին
իր
դառնութեանց
ու
կիրքին։
Եղած
էր
անոնց
հետ,
շաբաթներով,
ամիսներով,
բայց
ինքզինքը
ի
վերջոյ
հիւրի
մը
չափ
օտար,
անկարելի
զգալով։
Կը
հաւատար,
թէ
կը
ճանչնար
զանոնք,
ամէն
մէկը
իր
պարտքին
անցուցած
իր
շահերուն
պիտակը,
աս
ու
ան
հոսանքին
ֆերման։
Ու
հաւանաբար
կը
խաբէր
ինքզինքը,
տարուելով
տպաւորուելու
իր
դիւրութենէն,
երբ
կ՚անցնինք
ոստոստուն,
անկշիռ՝
մեր
շրջապատը
մեր
մտատախտակին
վրայ
առանց
ամուր
սեւեռելու։
Ասոր
համար
է,
որ
պիտի
տառապինք,
մեր
տպաւորութեանց
վրայ
խորահաւատ,
բայց
մեր
գտածին
առջեւ
ալ
կործանած։
Ահա
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
մարդերուն
քովէն
ըլլալ
անցած,
կարծել՝
զանոնք
ճանչցած,
հասկցած
ըլլալ
ինչպէս
քու
մատներդ,
ու
զարհուրիլ,
երբ
ատոնցմէ
մէկը
ունիս
անսպառելի
կերպարանքին
մէջ,
քեզի
դաւող։
Անձնական
կեանքով,
իրենք
իրենցմով
հարուստ
տիպարներուն
ճակատագիրն
է
ասիկա։
Ուրիշները
կ՚արժեն
այն
չափով,
որչափով
կ՚արժէ
զանոնք
իր
մէջ
ընդունողը,
այդ
պահուն։
Բանաստեղծներուն
(բառը
չունի
նկատի
ոտանաւորին
պարզ
կամ
փարթամ
գործաւորները,
այլ
այն
խեղճ
հովն-ետեւէն
[2],
պատրանքով
հարուստ
արարածները,
որոնք
ճակատագրուած
են
այդ
պատրանքները
ապրելու,
կիներուն
շուքովը,
ու
ասոնք
երգելու
յիմարութեան,
զանոնք
վայելելու
թանձր
իրապաշտութիւնը
ձգելով
ուրիշներուն)
վերապահուած
սա
դժբախտութիւնը
աղէտ
է,
երբ
կը
տարածուի
գործօնութեան
ալ
մարդոց,
որոնք
անկարող
կ՚ըլլան
կրելու
զոյգ
պատրանքները,
-
կեանքը
կրելու
եւ
զայն
հերքելու։
Մաթիկ
Մելիքխանեան
կեանքէն
այնքան
բան
կը
հասկնար,
որքան…
Պետրոս
Դուրեանը
հարստութենէն։
Առատ
էին
իր
բերնին
մէջ
լաւը,
պատուականը,
վատը,
կեղտոտը,
անձնազոհը,
շահամոլը,
ազգասէրը,
դաւաճանը։
Բնական
համոզումով։
Խօսեցուցէք
մարդերը,
փոյթ
ունենալով
երկնումները
-
բառերէ-նոթերու։
Մօտիկն
էր
այդ
ցանկին
վրայէն
զանոնք
ճանչնալու։
Վերի
բառերը
միայն
բառարաններու
բնակիչներ
չեն,
այլ՝
բոլոր
Մաթիկներու
ու
հանգունօրէն
բոլոր
երիտասարդներու
համար՝
ճարմանդներ,
որոնք
պատրաստ
պիտակի
մը
դերը
կը
խաղան,
ասոր
ու
անոր
ճակտին
կամ
կռնակին
փակցուելիք։
Այդ
օրերուն,
այսինքն՝
«սքանչելի
Ճեմարանը»
դեռ
չձգած,
պատանի
Մաթիկը
յեղափոխակա՞ն,
ինչպէս
տեսանք
աւելի
ետքը,
մեր
երկրորդական
վարժարաններուն
մէկ
քանիին
վրայ։
Կեդրոնականը
(Պոլիս)
յեղափոխութեան
վառարան
յայտարարող
կարծիքը
աւելի
էր,
քան
կարծիքը։
Օտեանի
տիպարը
(Ծապլվար)
չեմ
կրցած
նախզգալ
Մաթիկին
մէջ,
որ
աւելի
պարկեշտ
էր,
քան
յետսածին
միւս
դժբախտը,
համալսարանէն
ինկած,
մէկ-
երկու
տարի
անոր
սեղանները,
սրահները
ձանձրացնելէ
ետք
ու
ինկած
նոյն
ատեն
տրորումին,
որ
մեծ
գաղափարներուն
գռիհն
էր,
այս
դարուն
սկիզբը,
մեր
ուսանողներուն։
Մեր
գրականութիւնը
(Առանձար,
Օտեան,
Պարթեւեան,
Բաշալեան,
Արփիարեան)
ըրած
են
սեւեռումներ
տիպարէն,
որ
այդ
ցեխէն
պիտի
մղուի
իր
յետին
փրկութեան
սրբազան
մրցանքին,
մա՛նաւանդ
Կովկաս,
Ազատութեան
մատենադարանին
բոլոր
պրոշիւրները
կարմիր
մատիտով
ներկած
ու
վերծանած,
վիճելով
անոնց
պարունակութեան
վրայ
ինքը
իր
շուքին
հետ,
ու
պարպելէ
ետք
իր
ուղեղին
անոնց
մթերքը,
իջած
կրկէս
իբրեւ
գործի՜չ,
գեղերու
ապշահար
ամբոխներուն։
Կրնար
այդ
տիպարին
ետեւ
ցաւագար
մը,
կէս
խենթ
մը,
աղտահար
ու
ազնուական
երիտասարդ
մը
բնակիլ…։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
ուրուային
Փանջունի
մը
չէր։
Ու
չէր
անիկա,
անշուշտ,
նոր
երիտասարդը,
վճռականութեամբ,
բարձրութեամբ,
տառապանքով
ազնուացած,
որ
կը
նստէր
ահա
իմ
կուշտին,
կովարծ
Ակոյի
քարայրին
մէջ,
խանձարուրուած
հայոց
հայրենիքին
խորհրդանիշ
դրօշով։
Մենք
կը
մեկնինք
մեզմէ,
զմեզ
կը
պահենք,
բայց
մեր
վրայ
տեղ
բանալով
բոլոր
այն
նրբութիւններուն,
որոնք
կեանքին
ծուէնները,
մղեղները
ինչպէս
կը
թառին
մեր
վրայ,
ճակատագրին
հոսելիէն…։
Բայց
էր,
միշտ
այդ
Մաթիկը,
ինքզինքը,
այդ
հոյակապ
օրօրանին,
Ճեմարանին
մէջ
(անոր
շրթները
խռովքէ,
հիացքէ
կը
թրթռային,
երբ
այդ
բառը
կ՚արձակէր
դուրս,
վերափոխման
սկիհէ
մը
փրթած
սրբազան
բանի
մը
նման)
աշակերտ-յեղափոխականը,
իր
այժմու
բառով
ուտոպիստը,
որով
կը
տարազուի
լման
կարգ
մը,
ա՛ն՝
որ
հազիւ
ազատուած
փողոցէն,
հացին
ու
տանիքին
տագնապէն
կրկնահալած
ըլլալուն
չափովը,
կը
լրջանայ
մէկէն,
կը
հաւնի
ինքզինքը,
առատ
ու
դաժան
արժեւորմամբ
մը,
ու
կը
յօժարի
իր
բարեհաճ
զոհողութիւնը
տարածել
իր
ազգին
վրայ,
ձրի
ուսումը
խղճահարութեան
մը
չվերածելու
համար,
կը
հաւատայ
բարիքը
վճարել
տոկոսով,
կը
զինաւորուի
ազգին
կարիքներուն,
ինքզինքը
հանդերձելով
առագաստ
ու
տաճար
արդարութեան,
ազգերու
եղբայրութեան
ու
երջանկալից
փրկութեան
նորագիր
տասնաբանները
ուսին…
Ուրիշին
պատմումէն
դէպքեր
կը
սեւեռուին,
բայց
դժուար
է
կեանք
նուաճել։
Չեմ
կրնար
Մաթիկէն
փրցուած
սա
կտոր-փրթուճ
տեղեկութիւնները
իբր
ատաղձ
գործածել
վճռական
կարկառի
մը
համար,
որ
յուշարձանէր
անոր
սերունդը,
-
դատափետուած,
դժբախտ,
կեդրոնազուրկ
սերունդ,
որ
հիմա,
Սփիւռքի
հայերուս
թշուառ
յուսախաբութեանց
համար
քաւութեան
նոխազ
ծառայելէ
շատ
առաջ,
է՛ր,
իր
կարգին,
մէկը
մեր
անշամանդաղ
գեղեցկութիւններէն։
Մեր
պատմութեան
դիւաններուն,
մենք
քիչ
անգամ
կը
հաստատենք-
նուիրման
մէջ
սա
զայրացնումը,
սրբազան
խենթութիւնը,
երազը
եւ
զգայարանքներու
միսթիքը,
մեր
անսասան
հաւատաւորութիւնը,
որ
կ՚ազատէ
մեզ
աւերածի
հզօր
ազդակներէն,
հոգեկան
մեր
ռոմանթիզմը,
զոր
չտառապեցանք
հասարակաց
ծաղրին
ծամօն
յայտարարելով։
Մեր
գիրէն
է,
որ
այսքան
ուժ,
ազնուութիւն
ու
արիութիւն
ո՛չ
միայն
չարժանացան
արդար
արդիւնքին,
այլեւ
քաղաքական
դէպքերու
դասաւորումէն
գումարուած
մեզի
դարձուեցան
այլանդակեալ,
ծաղրանկարային
ու
ահաւոր
չափով
մը
զզուելի։
1900ին,
մեր
միտքը,
ամբողջութեամբ,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
երիտասարդ
տարրը
այդ
մռայլ
ձգողութեան
մէջ
կը
տուայտի։
Պառակտումը
միայն
տկարութեան
հետեւանք
մը
չէ,
այլեւ
ազդակ
մը
մեծութեան,
պատրուակ՝
որպէսզի
յօրինուին
մեծութիւնները։
Յաջորդ
տասնեակը,
մինչեւ
1924,
կնիքին
տակն
է
մարդոց,
որոնք
Մաթիկին
պատմութիւնը
ըրեր
էին
մեր
կեանքին
ամէնէն
խռով,
արիւնամած
ու
փոփոխակ
երկինքը
հերկուած
յոյսին
եւ
մռայլ
հիասթափումներուն
կապոյտ
ու
սեւ
երակներովը,
երկու
Հայաստաններուն
ալ
վրայ։
Չեմ
գիտեր,
այն
պարագային,
երբ
աղէտը
խնայած
ըլլար
Մաթիկին,
պիտի
կրնա՞ր
անիկա
իր
սերունդը
համադրել,
քանի
որ
այս
վէպը
գրուած
օրերուն
այդ
սերունդէն
խլեակներ,
հրաշքով
ազատուած
մէկ-մէկ
անկիւն
ինքնակորոյս,
հազիւ
կը
յաջողին
փշրանքներ
փրկել
այդ
ահաւոր
անցեալէն։
Ընկեր
Մաթիկ
ինծի
տուաւ
անուններ,
բոլորովին
նոր,
որոնք
այն
ատեն
դեռ
չէին
սրբացած,
այսինքն՝
չէին
տարագրուած
այժմեան
աստուածացումին,
ինչ
որ
ընթացիկ
բարբառով
կը
հոմանիշէ
ցուրտ
մոռացումը,
-
ճակատագրական
շիրմաքար՝
բոլոր
գործօնութեան,
հերոսներուն,
երբ
կը
քաշուին
կրկէսէն,
ուրացումէն
կրծուած
կամ
զրկանքէն
անդամալոյծ,
դէպի
հանգիստը
հողին,
երբեմն
դժնդակ
բախտովն
ալ
անէծքներու
գրադարաններ
բարձրացած
զգալու
իրենց
ոսկորներուն
վրայ։
Ընկեր
Մաթիկ
անուններ
տուաւ,
բոլորովին
տարբեր
մեր
գիտցածներէն։
Բայց
չտուաւ,
չկրցաւ
տալ
հարազատ
տենդը,
մատաղ
հոգիները
խմորի
պէս
կակուղ
եւ
ընկալուչ
ընող
անորակելի
այն
շունչը,
որով
երգահանուած
էին
աւագները
իր
սերունդին,
Սփիւռքի
այժմեան
ակնոցով՝
խեղճ,
յիմար
մարդեր,
բայց
երեսուն
տարի
առաջ,
հսկաներ,
բոլորովին
նման
հեքիաթին
դեւերուն։
1900ին,
գրեթէ
պատանի
իմ
միտքը
չունէր
ուժը
անցնելու
Մաթիկին
բառերուն
մշուշէն,
խռովքէն
անդին,
ուղղակի
հաղորդուելու
համար
այդ
ոգիին,
որուն
մէկ
տարբերակն
էր
սակայն
մեր
ապրածը,
այնքան
պարզ,
ջարդերէն
առաջ,
ազատութեան
երգարաններով
ու
վտանգին
անմիջական
սարսափովը
գոյաւոր,
մեզ
ընելով
փոխն
ի
փոխ
նկուն
ու
հերոս։
Մենք
չէինք
տեսած
աւագները։
Պոլիսը
շատ
մօտ
էր
ու
արքայութեան
չափ
ալ
հեռու։
Ու
հայ
յեղափոխութիւնը
մեզի
համար
մօտիկ
թուրքն
էր,
աւագն
ու
վարպետը։
Դժուար
է
վերլուծումով,
ան
ալ
յետահայեաց,
լրիւ
պատկերել
ինչ
որ
մեր
պատանութիւնը
-իմ
սերունդին
կ՚ակնարկեմ-
առած
է,
իբր
ժանգ,
անկարող
ատելութիւն,
անտարազելի
սուգ
այդ
վայրագ
ժողովուրդէն,
զոր
մեր
ջիղերը,
խելքը,
մեր
սիրտը
պարտաւոր
եղան
միասնաբար
կրելու
ո՛չ
միայն
անցնող
դարու
վերջերուն
ու
ներկային
սկիզբը,
այլեւ
ամենայն
հաւանականութեամբ
աւելի
քան
հինգ-վեց
դար։
Մենք
կը
ճանչնայինք
զայն,
մորթելու,
անպատուելու,
կողոպտելու
արարքներուն
մէջ
ամրախարիսխ,
այնքան
ինքնաբաւ։
Ես
զայն
ունեցեր
եմ
իմ
պատանի
բոլոր
նեարդներուն,
գերազանցապէս
թուրք
քաղաքի
մը
մէջ։
Երեսուն
տարիներ,
1915էն
ետք,
կը
մնան
անկարող
իմ
ներսէն
պուտ
մը
բան
կոտրելու,
այնքան
թուրքը
իրաւ
էր
իմ
զգայնութեան
վրայ։
Ու
մի՛
աճապարէք
պատմութեան
ուրուականները
շարժումի
հանել։
Մի՛
աճապարէք
դասական
թեմաներ
արժեւորել,
որպէսզի
այդ
ժողովուրդը
ըլլայ
բացատրելի,
առնուազն՝
հասկնալի
մեզի,
կը
ձգեմ
օտարներուն
ներկուած
հիացումը։
Այն
գերմանը,
այսօր
իմաստասէր,
որ
կը
յաւակնի
այդ
ժողովուրդին
մէջ
ազնուականութիւն,
քաջութիւն,
մարդկութիւն
գտնել,
է՛ր,
1900ին,
հաւանաբար
իմ
տարիքովս
պատանի
մը։
Երկրորդ
կայսրութեան
ծաւալումին
հիացիկ,
դէպի
Արեւելք,
երբ
աստուածընտիր
ինքնակալը
կ՚այցելէր
Պոլիս
ու
կը
վաւերացնէր
1895-96ի
ահաւոր
նախճիրներուն,
գործադրուած
մեր
վրայ,
օրինաւորութիւնը։
Ասիկա
անշուշտ
չէ
տակաւին
թուրքը
չճանչնալը,
1940ին
իսկ,
երբ
Ամերիկա
եւ
Անգլիա
գիտնալով
հանդերձ,
որ
թուրքերը
գերմաններուն
հետ
էին,
քաղաքական
իմաստութիւնը
արժեւորեցին
անոր
ծոցը
տեղալով
աշխարհի
բոլոր
բարիքները։
Ու
հանգիտօրէն
կը
մտածեմ
բոլոր
այն
ազգերուն,
որոնք
ո՛չ
միայն
կարճ
տեսան,
այլեւ
բռնի
սխալ
տեսան՝
իրենց
աս
ու
ան
հաշիւներուն
լոյսովը
լուսաւորելով
պատմութեան
գերազանց
արատը,
որ
այդ
ժողովուրդն
էր,
է՛
աշխարհի
երեսին։
Կը
դառնամ
մերիններուն։
Կը
ճանչնայի՞ն
զայն
անոնք,
որոնք
Կովկասէն
կամ
Զուիցերիայէն,
Ֆրանսայէն
կը
վարէին
մեր
հոգիները,
մեր
ճակատագիրը։
Ահա
ողբերգական
հարցումը,
զոր
ըրեր
եմ
քառասուն
տարի
առաջ՝
իմ
ժողովուրդին
ճակտի
գիրը
նժարի
բերող։
Այդ
մարդերէն
հերձուած
մը
ինչպէս
մեր
կողմերը
մոլորող
Մաթիկը
աչքերուս
առջեւ
էր,
անուշ,
շնորհալի,
յիմար,
տաք,
հաղորդական,
բայց
այն
քիչ
կեանքը
ճանչնալու
տարրական
պարտքին
մէջ։
Այն
օրերուն
իմ
պատանի
երեւակայութիւնս
հիացումով
հիւսեց
անշուշտ
Մոսկուայէն…
Պրուսա
տարածութիւնը
իբր
ոստայն
մը
ընկեր
Մաթիկին
ահաւոր
հերոսութեան։
Այն
օրերուն,
ես
չունէի
մտատեսութիւնը
արեւելահայ
գործիչին,
քանի
որ
96ի
դէպքերուն
մեր
կողմերը
երեւցող
տղաքը
Պոլսէն,
Ռոտոսթոյէն,
Պարտիզակէն,
շատ-շատ
Սեբաստիայէն,
Կարինէն
կը
կրկնէին
մեր
կաղապարները։
Սփիւռքի
դալկութիւնները,
ծիւրումները
պահ
մը
կը
հեռացնեմ
դատումի
դաշտէն,
բերելու
համար
հոն,
մինչեւ
1915
վխտացող
մարդերը
Թուրքիոյ
բոլոր
մեծ
կեդրոններուն
մէջ։
Ասոնք,
լայն
չափով
Մաթիկին
երկրէն,
չէին
սեղմուեր
նախատիպ
կաղապարին
ներքեւ։
Իմ
էջերը
նեղ՝
արտահանելու
համար
տիպարը,
որ
1922էն
ետք
շարունակեց
գործել,
իբրեւ
արեւելահայ
գործիչ։
[1]
«Պատմութիւն
Արեւմտահայ
գրականութեան»
(Արուեստագէտ
սերունդ),
Եղիշէ
եպս.
Դուրեան
եւ
Թորգոմ
եպս.
Գուշակեան
գլուխները
այդ
գործին։
[2]
Հովն
ետեւէն.
-
արկղ՝
որ
կը
փոխաբերէ
ամէն
ազդեցութեանց
ենթակաները,
որոնց
ուղեղին
տախտակներ
ըլլային
թուլցած։