Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Ընկեր Մաթիկը, սահմանը անցնելէ ետքը, քանի՜-քանի՜ քաղաքներու մէջ պատմեր է այս հաղորդութիւնը։ Իրեն սպասող հազար ու մէկ դառնութեանց հակառակ, անիկա չէր կրցած իր մէջէն փրցնել խորհուրդին այդ մկրտութեան վկայականը։ Իր տեսածները, իրենց լաւովն ու վատովը, զինքը կ՚ընէին ջղագրգիռ, յաճախ անիրաւ։ Իր ժողովուրդը գտնելու իր առաքելութեան մէջ իր չվարձատրուիլը անիկա կը բաշխէր ահաւոր պայմաններուն, որոնք իբրեւ կեանք դրուած էին մեր ուսերուն։ Մեր գերութիւնը մեր գործը չէր անշուշտ։ Մաթիկ չհայհոյեց մեր պապերուն, մեր ժամերուն, մեր կրօնականներուն, ինչպէս 1900ին սովոր էին մեր իմաստունները ընել, երկրէն դուրս, երբ դատելու առիթ գտնէին մեր պատմութիւնը։ Բայց չծածկեց իր հիասթափումն ալ իր տեսածներէն։ Իր կարծիքով, մեր ջարդուիլը կը զանցէր որեւէ տրամաբանութիւն։ Ամէն արեւելահայ այս մտածելու կերպը կը  նախընտրէր  արեւմտահայ  պահպանողականութենէն, որուն ամէնէն ստորին մեղքը պիտի կազմէր այս ինքնամեղադրանքը, թուրքին արդարացումով։ Մաթիկին հիասթափումը նուէրն էր անոնց, որոնք «երկրում» կը գործէին։ Փո՜քր, շա՜տ փոքր մարդեր, ատոնք, Մենծ Մաթիկի հաւաստումով, որուն ջերմութիւնը ծաւալական չէր իր շրջապատին, քանի որ գիտենք, թէ հոն էին անոնք, Տարօնի եւ Վասպուրականի մէջ, կռիւը կրելով ամէն օր, աշխարհք մը թշնամիի դէմ, մինակնին ու չընկրկելով։ Սխալակա՞ն, խի՞ստ, անփափկանկա՞տ, կո՞շտ։- Ասոնք սիրուն հարցումներ են ու շատ ալ ճահնաւոր ընթերցազանց ժողովներուն կամ բանախօսական հանդէսներու մէջ։ Այդ սարերու գլխուն, ուրկէ կու գար անոնց ձայնը, որոնք զարնուած էին Մաթիկի մեծ փառասիրութեան, ամէնէն ուշ պիտի յիշուին այդ քիչ մը խորթ առաքինութիւնները։ Սխալակա՞ն, խի՞ստ… Ո՞րը չէ մենէ։ Բայց քանի՞ հոգի, անոնք, որ զրահուած իրենց թերութիւններուն ժանիքներովը, ներելով մեր վայելքները մեզի, մեր նախատինքն ալ՝ իրենց, մտան տագնապէն ներս, անպատկերելի խստութեանց մէջ խարխլած, իրենք իրենց դէմ, ո՛ւր մնաց Մաթիկներուն, որոնք կը մատնուէին ճղճիմ իրենց մարմիններէն, ինչպէս նաեւ մեծ իրենց ուղեղներէն։ Շատ հազուադէպ է, որ մարդիկ պահեն իրենց հոգեկան կշիռը հաւասար, մերինին նման հզօր ձախորդութեան առջեւ։ Ու ճիշդ է միւս վարկածը, որ մարդոց մեծութիւնը համեմատական կ՚ընէ տագնապի պահուն անոնց կորանքին։ Մելիքխանեանցը, իր ատելութեանց թափէն բռնավար, չէր խորհեր իր ալ խստութեան, երբ նման ամէն նորագիր մարտիկի, միջավայրի փոփոխմամբ առաջացած անդաշնութիւնները կը մեծցնէր չափազանց, անոնց պատասխանատուութիւնը բեռնալով մարդոց, որոնք ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ իրեն նման պայքարի իջած սրբազան խենթեր։ Ինչ որ յեղափոխական Մաթիկին անձը կ՚ընէ շահեկան, այն վկայութիւնն է, զոր ես ունեցայ իր ուսումէն, տասնհինգ երկար օրեր։ Նիւթն էր մեր պայքարը թուրքին դէմ, զոր կը զգար տարտամ։ Նիւթն էր պայքարի մեր գործիքը, մեր յեղափոխութիւնը այս դարուն սկիզբը։ Երեսուն տարի ետք, կուսակցական արխիւներու բացումը հանդէսներու էջերուն, անհատական ու խմբական յուշերու հանրայնացումը անշո՛ւշտ պիտի նպաստեն, որպէսզի մռայլ այդ երեւոյթը պարզուի քիչ մը ու Սփիւռքի որդիները առանց մեղադրանքի, ինչպէս առանց կարմրելու տեսնեն անկէ ներս ինչ որ մեր ցեղը տուաւ, նոր օրերու դուռներուն իբր որակ։ Մեր զոյգ գրականութեանց կերտումը միայն բաղդատելի է այդ շքեղ մղձաւանջին։ Ատոր գնահատումը չէ, որ կը փորձեմ։ Բայց անցան հետախաղաղ նաւթային կառուցումները, բան մը չձգելով մեզի։ Նոյն բախտը կը սպասէ մեր վաճառականութեան այնքան յոխորտ ասպետներուն, որոնք դեռ կը յամառին Պոլսոյ ջուրերուն կապել իրենց նաւերը։ Չկայ այսօր Էֆէնտիութիւնը։ Չկան փաշաները։ Բայց կայ գրքոյկը, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս մեռնիլ գիտցան մերինները, երբ մահը եկաւ իրենց հետ ճակատ ճակատի։

Ջատագովութիւն մը չէ, որ կը փորձեմ։ Ինծի համար սիրոյ եւ յարգանքի արժանի են տասը հայեր, որոնք քով քովի կու գան բան մը կանգնելու։ Սխալը կամ ուղիղը միշտ պարագայական ճշմարտութիւններ են ու քիչ են այն առիթները, որոնց մէջ մենք տեսանք յստակ։ Յեղափոխութեան հա՞րկը։ Բայց խելօքութեան փա՞ստը, եթէ կը բարեհաճիք։ Ո՞ւր են երկու միլիոն քիւրտերը, որոնք մեզմէ ետքը չկրցան խելօք մնալ։ Ո՞ւր՝ երեք միլիոն յոյները, որոնք ոչ մէկ մեղք գործեցին։ Բայց պէտք է պատմել, ուրիշներուն ձգելով դժխեմ այս հարցին շուրջը իրար գլուխ պատռելու տխուր փառքը։ Իմ փափաքը՝ տալն է դէմք մը այդ օրերէն, բաւական ընդարձակ, ուր մուտք ունենային մեր յեղափոխութեան կրկնակ երեսները, զէնքին ու մտքին զոյգ հոսումովը լուսաւոր։ Մաթիկ Մելիքխանեանցով զայն նուաճելու սա ծրագիրը վախ կու տայ ինծի, որ կ՚աշխատիմ նիւթի վրայ, ատաղձի վրայ։ Ու սա սպառածին՝ զուրկ եմ այդ ամէնէն։ Մնաց որ, երեսուն տարի առաջ, անկարող էի ընդգրկել ինծի ներկայացող առիթը, տարիքի, մտայնութեան խոշոր թերիներուն պատճառով, թերութիւններ, ինձմէ աւելի պատկանող իմ ժամանակին, - իմ ժամանակիս, որուն իմացական գերագոյն ճիգն էր «Մասիս» շաբաթաթերթը եւ ուր քահանայապետ էին «Մանզումէ»ի խմբագիրները, գերման լրագիրներու քաղաքական իմաստութիւնը թարգմանօրէն հաշտեցնելու չափ մեր շարականներու աշխարհաբար յեղումին։ Ուր, Սուլթան Համիտի բարեբաստի՜կ ծննդեան տարեդարձը ու նոյնքան երջանկաբե՜ր գահակալութիւնը փառաբանող ուղերձներ խմբագրելը, մարդասպանութեան աստուածացումը, միամիտներու արկածները, մեր լաւագոյն քերթողներուն գործին մէջ կղկղանք միայն զգալը, փրփուր ու ժանեակ հիւսելով բանաստեղծ պսակուիլը ու տակաւին ուրիշ միտք չպահուելիք տրտմութիւններ նկարագիր կը ճշդեն։ Ամէն ինչ կեղծ էր իմ շուրջը։ Ու կեղծ՝ մեր հոգին, որուն արտայայտիչ արուեստն ալ ինկաւ թաթին տակը այդ օրերու ոգիին։ Հրաշք է դարձեալ, որ այդ համատարած անկումը մեր յարգանքին արժանի կեցնէ կարգ մը անուններ։ Հսկայ, կազմակերպուած այդ կեղծիքը դեղնախտն է մեր հոգիին։ Շատ քիչեր զերծ եղան անոր ծծումբէն։ Հիմա, այդ շրջանին բրածոյ մարդոց  մօտ  պզտիկ  յաճախանք մը նորէն զգալի կ՚ընէ նոյն միազման, ինչպէս ճահիճի մը երեսը ծածկող հողի խաւին վերացումը յարութիւն կու տայ կանանչ գարշութեան։ Մեր մատաղութիւնը այս բուրումներով է թունաւորուած։ Ու հոս է հմայքը Մաթիկներուն։  Երեսուն  տարի ետքը Մաթիկէն  տրուած զգայնութիւններ, անկէ յեղուած դէպքերուն խորունկ խռովքը ես չտեսայ յուշերուն մէջը անոնց, որոնք իբր գործիչ մասնակցեր էին շատ մը բաներու։ Տեղերու եւ դէմքերու յիշողութեան մէջ ժառանգազուրկ Մաթիկը հոգեվիճակներ, մտայնութիւններ խտացնելու շնորհովը կը փոխարինէր իր միակողմանի պատմումը։ Անոր տուածներէն դեռ մտքիս մէջ կը մնայ քանդակուած այդ օրերու հոգեվիճակը մեր ժողովուրդին, զոր խնամքով բաժնեց անիկա երկու հակադիր, «հակամարտ» զոնաներու  (գօտի)։  Սկսած էր  Արծրունիով  մուտք  գտած նորութեան այլասերումը։ Գիտական եւ լուրջ կշռելու համար մեր բառերը պարտաւոր ենք քիչ մը ռուսերէն հոտիլ։ Ու օտար բառերու այս մթերքը անտանելի կ՚ընէր անոր պարզուկ զեկոյցն անգամ։ Այս չարաղէտ խանդը, հիմա աւելի քան սուր, կը սպաննէ մեր լեզուն Հայրենիքին մէջ։ Մասսա։ Անշուշտ։ Բայց շեշտօրէն բաժնուած երկու կարգի, դասակարգի։ Պարապ տեղը գրուած չէր Capitalը, որուն իմ անծանօթ մնալը քրէական յանցանք կը թուէր ընկեր Մաթիկին։ Ան էր արմատը հայ յեղափոխութեան։ Ու իմ ուղեղը զուր կը յոգնէր փնտռելու կապը հրեայ տեսաբանին եւ թուրքին դէմ անհաւասար կռուի ելած Մրտոներուն, Սաքոներուն, Սերոբներուն միջեւ։ Երկու դասակարգութիւն։ «Լաւ հարկաւոր էր հասկանալ»։ Ու տեսութիւն։ Ու անխուսափելի, մեծ, յաւակնոտ գիտութիւնը, ֆլիոլոկիան մա՛նաւանդ (շատ հաւատք չունէր հոգեբանութեան, զոր կ՚ընդունէր անհարազատ (բադարտ) զաւակը առաջինին), որ կը միջամտէր յաղթական ու կը յարդարէր անհամաձայնութիւնները, մեր ցեղային տուրքերը ու պատմութեան պրոցեսը հաշտեցնելով անխորտակելի օրէնքներուն հարկադրանքին, հանելով մեր դժբախտութիւնները՝ մեր երկրաբանութենէն ու ձորերէն, որոնք մեր երկիրը անջատողական զօրաւոր կեդրոններու կը բաժնեն ու կ՚արգիլեն տարածուն մշակոյթ ու կենցաղ։ Երբեւիցէ եղա՞ծ էր մեր երկհազարամեայ պատմական «Էվոլիւցիայի ընթացքում» այն ցանկալի միրաժը, զոր մեր նոր ազգայնութիւնը, Մխիթարեան կնքահայրութեամբ, շրջաբերութեան էր հանած կէս դարէ ասդին։ Ցնորք, իսկի՝ բանդագուշանք, այդ միութիւնը, մեր հոգիներուն մէջ, քանի որ չկար անիկա մեր հոգիները ստեղծող տարրին՝հողին մէջը։ Ո՜վ խորախորհուրդ պատգամները մեր Մաթիկներուն ու անոնց հետքովը, հիմա, պատկառելի հանդէսներու սիւնակներէն կոկոզավիզ պոռացող աքլորներուն, որոնք նահանգային հայեր կը պահանջեն ապառնիէն, ու մեր գոյութիւնը կը դնեն կենդանակերպին տակը այդ բարձր ազդմունքներուն ու չեն զգար, թէ բառի վրայ կը խաղա՜ն։ Գիրք մը ամբողջ չի բաւեր Մաթիկին ֆաթրան (հիմա կը գործածեմ այս տարազը, պիտակելու համար սա արկածախնդիր ու ա՛լ աժան գիտականութիւնը, որ յետադարձ մը կ՚ընէ մեր մի քանի գրողներուն գրիչին տակ, պատկերով ու ոճով խնամով ծածկելէ յետոյ  ծագումին հասարակութիւնը, անցնելու համար իմաստասիրական եւ այլական հայեցողութեան, մեզի մշտապէս պակսած բանի մը ծարաւը աճպարարօրէն շահագործելով, վասնզի մենք նոր չէ, որ բառը կը շփոթենք իմաստին հետ, խորութիւնը՝ ծաւալումին հետ) սպառելու։ Բայց պարտաւոր եմ մօտենալու ողնասիւնին ու քանի մը խոշոր ոսկորներուն։ Ճեմարանական Մաթիկը Հայաստանի մէջ տեսած էր քաղաքացի եւ գիւղացի, օտարներու քաղքենիին եւ բանուորին, շատ տափակցած քլիշէով մը՝ պուրժուայի եւ պլոլետարին յաւիտենական, յաղթական շերտաւորումը։ Ասիկա՝ ողնասիւնը իր վարդապետութեան։ Անմահ էին հետեւութիւնները պատմական մաթերիալիզմին, որուն հիացողն էր անիկա։ Կը ճանչնար երկու շերտերն ալ, ապրած ըլլալով անոնց մէջ, «կիսած լինելով նրանց կլկլէ հացը», ինչպէս կը զարմացնէր զիս իր տեղական գոյն ստեղծող բառերովը։ Էջերով ընդլայնումը անբաւական է սակայն զետեղելու համար իր պատմումը քիչ-շատ հասկնալի մակարդակի մը վրայ։ Այն ատեն չէի տառապեր, քանի որ իր պատմածները կը դպէին իմ երեւակայութեանս, հեռու՝ դատողութենէս։ Հեքիա՛թ։ Բայց պղտոր։ Այդ պղտորութիւնը տարօրինակ է, որ հաստատեմ հիմա ալ, յուշերուն մէջը անոնց, որոնք շարժումին մասնակցած են անձնապէս, պատասխանատու դերերով, յաճախ իբր վարիչ։ Յեղափոխականներու յուշերը կը ծփան նոյն տարտամութեան մէջ, որով մշուշուած են հիմա՝ մտքիս, Մաթիկին վաւերական ապրումները։ Մտքէս չ՚անցնիր կասկածի տակ ձգել ատոնց բոլորին ալ ստուգութիւնը։ Բայց չեմ կրնար հետեւիլ անոնց պատմումին, ճիշդ ինչպէս կը զարմանայի մեր պատմիչներուն վկայութեանցը վրայ, երբ թշնամին երկիր բերելէ յետոյ, անոր սուրովը բնաջինջ կ՚ընէին մեր ժողովուրդը ու կը շարունակէին իրենց գործը, այդ ջնջուած ժողովուրդը ունենալով նիւթ յառաջացող տրամին։ Ինծի կու գայ, թէ գաղտագողի, անապահով անցքն է պատճառը սա անճշդութեան, որ չի դադրիր վաւերական իր կնիքէն, բայց կը տպաւորէ հակադիր մարզով։ Տեքորի այս անկատարութիւնն է, որ կ՚արձագանգէ իր մէջ կատարուած գործողութեանց վրայ ու մեզ կ՚ընէ առնուազն մտաշփոթ շատ մը դէպքերու ըմբռնումին մէջը։ Կարդացէք, կարկառուն նմոյշի մը համար, Անդրանիկի յուշերը, ու պիտի համոզուիք, թէ այս յիշատակները ոչինչով կը լուսաւորեն անոր կռուողի դէմքն ու դերը։ Ամէն ինչ թոյլ է, աղկաղկ, անկազմակերպ, - ծրագիր, գործելակերպ, նախապատրաստութիւն, գործադրութիւն։ Այդպէ՞ս՝ նաեւ իրականութիւնը։ Չեմ կարծեր, թէ անփութութեան, անճանաչութեան, բախտովի յառաջացման այսքան մեծ մեղքեր ներէին իրենց մարդիկ, որոնք հսկայ դատի մը լուծումը ստանձներ էին։ Ինծի կու գայ, թէ գերագոյն անձուկը, որ անոնց բոլորին մէջ կը տիրապետէ, քիչ մըն ալ կ՚եղծէ անոնց նայուածքին յստակութիւնը։ Ու մարդկային է ասիկա։

Այդ հաւատակուռ մարդերուն ուսումնասիրութիւնը, առանց մահուան սպառնալիքին, յեղափոխական շապի՜կը, հանգստաւէտ պայմաններու մէջ անգամ կարօտ է լայն, մանրամասն ճշդումներու, սրբագրումներու։ Մեր ուղեւոր մէկ եկեղեցականը, հակառակ պայմաններու նպաստին, աւելի քան չըրաւ մարդոց եւ հոգեբանութենէ սեւեռման տեսակէտէն։ Մահուան անձուկով ծպտուած, կոյր, միշտ մութին քաղաք մը մտնող ու տուն մը փակուող երիտասարդը, այդ իսկ փաստերով, զուրկ է աչքին անփոխարինելի նպաստէն։ Տարածեցէք տեքորը, փոխանակ քաղաքի՝ լեռներուն, իրենց գործածական անցքերէն ու մատչելի թափերէն բռնուա՛ծ՝ անպաշտօն ուժերով, խաշնարած ցեղերէ, թուրքին չափ վայրագ ու թշնամի, որոնք կը գործեն պաշտօնական ուժերէ ղեկավարուած։

Անոնք, այդ իսկ պայմաններով, մերը չեն։ Մենք ունինք անոնց աս ու ան կէտին շատ-շատ գեղեր, բայց զանգուածը կը պատկանի թշնամիին։ Կովկասէն հասնող երիտասարդը այդ մղձաւանջային ոդիսականէն հազիւ պիտի յիշէ փապերը կամ սառնապատ ամայութիւնները։ Մաթիկին դիւցազներգած կռիւները գրական թեմեր են, քան թէ օր մը մղուած ճակատամարտներ։ Իբր տեղագրութիւն չեն ենթարկուիր ոչ մէկ ճշդումի։ Անոնք տեղի կ՚ունենային «մի գիւղում», աւելի ճիշդը՝ անոր մերձակայքը։ Ընդհանրապէս անունը կը պակսէր, իր խուժ ու օտար հնչիւնին, ինչպէս ուռուցիկ ձեւով մը մաս բերելուն համար այդ ոդիսականին։ «Մի արտում», այդ գեղէն դուրս։ «Մի աղբիւրի շրջակայքում», կամ աւելի յաճախ՝ սարի մը կողերուն։ Այս տարտամութիւնը իրական է սակայն։ Միշտ սակաւաթիւ մարդերով, ու միշտ՝ յոգնախումբ «թշնամու» դէմ։ Ասոնք ճիշդ են, մեծ մասով, քանի որ անկէ յետոյ անձնական շփումներով փորձառութիւն ունեցայ ասպատակային կռիւներէն։ Բայց մերինները հասարակ չարագործներ էին ու լեռներուն վրայ իրենց հետապնդածը սուղկեկ մահ մըն էր։ Ու կռիւը տարբեր կ՚ըմբռնէին Մաթիկներէն։ Թիզ-թիզ կը ճանչնային բոլոր խորշերը իրենց արքայութեան, որ հսկայ լեռնաստան մըն էր, ցանուցիր ու ցանցառ գիւղակներով։ Անոնց քաջութիւնը չեմ ըներ խնդրոյ նիւթ։ Անգամ մը մահուան զինուոր, երիտասարդը առիւծէն ալ վեր է իր սիրտով։ Ի՛նչ որ Մաթիկը պատմած է այդ մարդերէն, պարուրուած էին նոյն տարտամով ու գրքունակ պարզութեամբ։

Բաւական Րաֆֆի էր գոց ըրած, այդ գործողութեանց տալու համար թերթօնական նկարագիր, որմէ այնքան կ՚ախորժին դաւադրական ձեռնարկները ու մեր ամէնուն մէջ անմահ արկածի ոգին։

Այնպէս որ՝ ստիպուած եմ արագ անցնիլ այդ չափազանց շահեկան, բայց անբաւարար տեղագրուած կռուաբանութենէն։ Կը ծանրանամ իր տուածներէն Վանին վրայ, ուր բնակած է ամէնէն երկար։

Շամիրամի քաղաքէն իր դիտողութիւնները, սրամիտ ու հայեցի անեկտոտները, այն օրերու ուսանող սերունդէն սեւեռումներ, մեծ չափով բիրտ, յամառ, բայց կորովի մտայնութեամբ, որ աշխարհի ամէն անկիւնէն վանեցիները կ՚ընէ իրարու նման, այլամերժ ու պինդ։

Այս ամէնը՝ տրուած գոյնով ու կարկառով, գուցէ անոր համար, վասնզի Վասպուրական աշխարհը մօտ է Արարատեան հովիտին, ու այդ օրերուն՝ յեղափոխական գաղափարագրութիւնը իր ամէնէն շատ նուաճումը կատարած էր սահմանամերձ այդ գաւառէն։ Անոր բերնին մէջ քաղաքը, Խորենացու կողմէ այնքան պերճ նկարագրուած- Մաթիկ կը տարբերէր մեզմէ մեր պատմութեան ու հայրենիքին վրայ ընդարձակ ծանօթութեամբը- պտղաւէտ, նկարէն, իր մարդերուն տարօրէն չարքաշ ու կծծի պարկեշտութեամբը, քաղաքը՝ կէս մը տաճկըցած բազմաթիւ մինարէներէ, զօրանոցներէ ու մա՛նաւանդ՝ Բերդէն, ուրկէ կը թափէր այդ խզտող թրքութիւնը, դրօշակով ու թնդանօթով։Իր հաստ, այլամերժ հոգեխառնութեամբ, որ դարաւոր յեղումները կը խտացնէր լիճը շրջանակող խստաբարոյ գագաթներուն, չեչոտ, անհրապոյր, ինչպէս էր դէմքը այդ ծաղկահար երիտասարդութեան։ Քիչիկ մը յիշեցնող՝ դիմագիծը հրաշքով մեր կողմերը ինկած վարպետներուն, հաստ, փայլատ, դաժան։ Որոնք ջարդերէն առաջ կը փնտռուէին իրենց տարօրէն կենդանի պարերուն, մութ ու խոնաւ երգերուն ու տրտում աչքերուն համար։ Խիստ, հաստ այդ մարդերը, նոյնը՝ Մաթիկին ալ պատմումէն, որոնք իրենց նկարագիրը հարկադրած էին հայ յեղափոխութեան, զայն մասնաւորելով, իրենց միայն սեփական կազմակերպութեան  մը  վերածելով։  Ու  կ՚արհամարհէին «թանձր շրթներով» ինչ որ իբր հրահանգ ու իմաստութիւն կու գար Կովկասէն։ Ինքնավստահ այս հեստումը իր լրումին էր հասած Մաթիկի օրերուն։ Հոն ճանչցաւ մեր տրիբունը իմացական իր առաջին պարտութիւնը, ամէնէն ամրացուած, զրահուած իր կոչէն։ Ընկերաբանական, իր բառերովը՝ «սոցիալական» գիտութիւններէն, որոնք իր սերունդին նախասիրութիւնը կը կազմէին, գիտական ոգիին իրենց բերած նպաստովը, միւս կողմէ՝ փցուն, անբովանդակ հայրենասիրութեան իրենց անուղղակի հասցուցած հարուածովը։ Այդ հայրենասիրութիւնը քնարական ու պատմական, զոր Ալիշանները Արեւմուտքէն ու Քամառ-Քաթիպաները Արեւելքէն դրած էին հրապարակ, Րաֆֆիով պսակաւոր, տեղի կու տար նորերու -իրապաշտներ- գրոհին։

Մտաւ ճակատումի, խորունկ արհամարհանքով, աչազուրկ դաստիարակի մը հետ, որ իր ահաւոր յիշողութեան անդունդներուն մէջ ամբարած էր ինչ որ իբր տպագիր հասեր էր Վասպուրական աշխարհը, Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն։ Կարդացած, անշուշտ ուրիշներու աչքովը, բայց նշանախեց մը անգամ չզոհած։ Աչազուրկ ուսուցիչը Խրիմեանի եւ Սրուանձտեանցի գործը պաշտպանելու խանդին մէջ գրգռած էր ընկերաբանական նախանիւթերով ամրակուռ նորընծան, որ քիչիկ մը Շահազիզ թարմացուցած, նոր կարգերու, ընկերակարգերու ջատագովը կ՚ըլլար ու կը յարձակէր մեր ամէնէն հաստատ կազմակերպութեան, եկեղեցիին վրայ։ Ծովածաւալ իր հմտութեամբը աչազուրկ դաստիարակը ապացուցուց կենդանի դերը, զոր այդ մարմինը ունեցեր էր մեր պատմութեան հոլովոյթին վրայ, պատմութիւն՝ գերազանցապէս յօրինուած ժողովուրդ տարրով, որ իշխողներուն, իշխաններուն յեղյեղուկ բախտին իբր հակահարուած կը մնար անխախտ, մեր երկրի երեսին։ Ի՜նչ տխուր, եղկելի արարածնե՛ր՝ մեր արքաները, պայծառ ու մեծ փաղանգին դէմը մեր հայրապետներուն։ Ո՞ւր՝ նոյնիսկ փլատակ սիւները ապարանքներուն, որոնք այդ խամաճիկ թագաւորներուն փոքր քէները ու անձերը պատսպարեր էին։

Դաստիարակը անշուշտ համարում մըն էր հրապարակի հասարակ տեղիքներուն ու դիւրաւ զգետնեց Պալասանեան միայն վերծանած ուսանողը։ Անիկա ահաւոր էր, երբ թեւածեց իր բուն կալուածին վերեւ, թիւերու եւ մերձաւոր մեր պատմութեան աշխարհը։ Ջախջախեց զայն, «զորս դու պատուիրեսցեր», դիւանագիտական խորունկ իր հմտութեամբ։ Զուր չէ, որ Բիւզանդ Քէչեանը մեծ դէմք է մեր մէջ։ Արեւելահայերը զայն՝ դիւանագիտութիւնը, կ՚արհամարհեն իբր անօգուտ զբաղում ու կը ծաղրեն մեր այդ նանիր հետաքրքրութիւնը, որ հոմանիշ է բարձր գիտութեան, Խրիմի պատերազմէն սկիզբ առնող, հասած իր ոսկեդարին 78ի պատրիարքական պատուիրակութեամբ եւ 61րդ յօդուածով։ Վկայ՝ մեր խմբագիրներու, գործիչներու, հրապարակագիրներու զարհուրելի քանակը, տակաւին մինչեւ այսօր, երբ երկիր իսկ չունինք ու ամէն օր, հարիւրի հասնող թերթերու բերնով դիւանագիտական իմաստութիւն կը քարոզենք իրենց հացին բեռովը տագնապուն զանգուածներուն։ Մինակ մեր մէջ կարելի հրաշք է, որ այսքան քիչ ընթերցողներով այսքան շատ դիւանագէտ խմբագիրներու գոյութիւնը ապահովենք։ Ահաւոր վանեցի՜ն։ Դիւանագէ՛տ՝ այնքան, որ պիտի ընէր տասը աչքովներուն չըրածը իր չունեցած աչքերովը, Վանէն մինչեւ Պոլիս, Եգիպտոս… Ու եթէ Տէրը  կամենայ՝  մինչեւ  Ամերիկաները ճամբորդելով զբօսաշրջիկի մը պէս անվախ, յամառ եւ օգտապաշտ ի սէր իր կրթարանին։ Ահաւոր վանեցի՜ն։ Որ կարկամեցուց «պոյ» երիտասարդը թուականներովը բոլոր հեռագիրներուն, դիւանագիտական դիմումներուն, աղերսագիրներուն, Ազգային մեծ ժողովոյ կողմէ խմբագրուած թագրիրներու [1] - պատրիարքարանէ, մամուլէ, գաւառական ժողովներու խողովակով քաղաքագէտներէ համախառնուրդ։

Ընկեր Մաթիկը տարիքով շատ էր մատաղ՝ լրջութեամբ դատելու համար այն սերունդը, որուն ազգային հետաքրքրութիւնը սկիզբ կ՚առնէր Սահմանադրութեան հրատարակումովը, Ազգային Ժողով որակուած մեծ  օճախէն։ Հոսհոսութեան վկայական մը։ Քսաներորդ դարու մուտքին Մոսկուա ըրած մոտեռն ոգիով ուսանող մը չէր հասկնար անլուր խանդավառութիւնը, զոր ազգային դատին թղթական, դիւանական սա հետապնդումը կ՚արժեցնէր դասակարգ մը մարդոց մէջ, մեծ մասով՝ խմբագիր, ուսուցիչ եւ պաշտօնեայ։ Կատարեալ ասպարէզ մըն էր ան այդ օրերուն, դեռ հիմա շարունակուող, ուրիշ երանգի տակ։ Աչազուրկ դաստիարակը (որուն հմտութիւնը գնահատեց ազգը շատ վերջերը, Ամերիկայի մէջ վասպուրականցիներու նպաստովը հրատարակելով անոր ստուար մէկ պատմա-բանաստեղծական երկասիրութիւնը) համեստութեամբ- վանեցին երբ չի վիրաւորեր՝ համեստ է- կը համարձակէր ռուսահայերը հրաւիրել ժամանակակից պատմութիւնը «մի քիչ աւելի» ուշադրութեամբ ուսումնասիրելու։ Յեղափոխութիւններու պատմութեան հոլովոյթը ճշդող, անոր կարգ մը օրէնքները արդարացնող երեւոյթներ էին դարերու երեսին, ու արդիւնաւէտ դառնալու համար, պարտաւոր էին օգտագործել անոր, պատմութեան բոլոր փաստերը։ Յեղափոխութիւնը ջուղա՜պ էր պատմութեան։ Արդիւնքի եւ պատճառի յաւիտենական հա՜րցը։ Կովկասահայերը շատ առաջանալու չէին իրենց արհամարհանքին մէջ դէպի տաճկահայը։ Հոսհոսը ածական մըն էր, զոր գործածելու իրաւունքը կը թուէին կորսնցուցած, քանի որ Պարոնեան գոնէ չէր ծնած իրենց լեզուէն։ Անհամեմատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ չնեղուելով պետական հալածանքէն, անոնք պարտաւոր էին մեր պատմութիւնը բարձրացնել իրական գիտութեան մը։ Ու պարտաւոր էին տեղեակ ըլլալ ծածկագիր հեռագիրներու բովանդակութեան Խրիմեանի պատուիրակութենէն, քանի որ ինք, իր այդ վիճակովը, կարդացեր էր զանոնք… Վանի մէջ։ Վանեցին, երբ կը վիճաբանի, իր փաստերը կը կշռէ աչքին խորութեամբը ու ձայնին անկիւնոտ խարտոցովը։

Առաջին բացակայութիւնը դաստիարակէն կը մեղմէր մասով՝ վիրաւորիչ թոնը այս դիտողութեանց, որոնք բանաձեւողի մտքին մէջ զերծ էին թշնամանող երանգէ, բայց բոլոր վանեցոց պատահածին նման ճիշդ հակառակ բրտութեամբ կը տպաւորէին լսողը։

Դաստիարակը ծաղկահար երեսը կը շոյէր յաճախ, ներքին գոհունակութեան յայտարար այդ շարժումով իր բարեմտութիւնը պարզելով դէմքին։ Ու չէր զգար, այդ բարեմտութեամբ հովանաւոր, իր եռանդը, երբ հաստ, անհերքելի, մաթեմաթիքական իր փաստերովը, ուռնակ-ուռնակ կը հարուածէր նրբին գլխիկը Մելիքխանեանցին, խուլ ու հաստ հաւանութեանը մէջ շրջապատի տղոց, մեծ մասով իր աշակերտները, իրեն պէս խանդավառ ու յեղափոխական աշխատանքի նուիրուած զինուորներ։ Կենդանի, բուռն այս վիճաբանութիւնը ուրիշ մարզի մը կը յանգէր այլապէս շահեկան արդիւնքի։ Կուսակցութեան քաղաքական ըմբռնումներու վերլուծումին մէջ ընկեր Մաթիկը սովորական իր ջերմութեամբ լայն ծաւալով կարծեց մօտեցած ըլլալ հիմնական անոր աշխարհահայեացքին, որով հայ յեղափոխութիւնը պարտաւոր էր որդեգրել միջազգային ընկերվարութեան սկզբունքները, եթէ չէր ուզեր լճանալ, Ասիոյ մէջ սահմանափակուիլ ու նեխիլ։

Դաստիարակը ահաւոր իր հմտութիւնը արժեցուց փառքով…։ Բանից դուրս եկաւ, որ անիկա եկեղեցիին հոյակապ հայրապետներուն չափ կը ճանչնար ընկերվարութեան մեծ առաքեալները, իրենց կենսագրութենէն, ինչպէս գաղափարագրութենէն, փախցուցած չըլլալով ոչ իսկ մէկ հատիկը պրոշիւրներուն ու յեղափոխական մամուլի այդ ուղղութեամբ յօդուածներուն։

Ընկեր Մաթիկը, հակառակ քիչ մը զիջող իր արհամարհանքին, չուրացաւ արժէքը այդ ստացումներուն, որոնք այդ պայմաններուն մէջ կը կրկնէին իրենց տարողութիւնը։ Միշտ այծարած Ակոյի քարայրին մէջ, անիկա արդարութեամբ դատեց այդ կորովի ու փաստակուռ տրամաբանութիւնը, համոզումին հուրքովը վարակիչ։ Թանձրապաշտ ու յամառ, գիտցածին վրայ ամրախարիսխ, ճկելու անընդունակ՝ աչազուրկ դաստիարակը մտքիս մէջ շինեց իր տեղը, դեռ այդ օրերէն գիծեր որակող վերադիրներուն համակեդրոն վկայութեամբը։ Ա՛յնքան՝ որ մօտ քառորդ դար յետոյ, փարաւոններու երկրին մէջ, իմ կողմէ հանդիպում մը Մաթիկի ներկայացուցած իտէոլոկին, պիտի վաւերացնէր գլխաւոր գիծերը անոր ասումին։ Ես գտայ դաստիարակը նոյն ծաղկահար կոշտութեան, բայց այլուրային թռիչքի մը մէջ, ինքզինք վստահած տժգոյն տղու մը թեւին։ Նոյն փաստակուռ մարդն  էր մեր  ամբողջ  պատմութիւնը  զետեղած  իր գանկին յարկերուն, բայց անկէ լաւագոյն մը յատկացուցած ժամանակակից մասին։ Յիշեց Մաթիկը, անոր տհաս գաղափարները ու վերացաւ մեր ժամանակը դատելու նոյն խանդով, որ ապշահար կ՚ընէր առաջին մօտեցողը։ Հիմա՝ անիկա հեղինակ ալ էր, թելադրելով, մուսաներու բարբառով, իր կենդանի պատմութիւնը։ Չընդունեց իմ առարկութիւնները, որոնք ուղղուած էին ոճին, պատմելու ձեւին, տաղաչափութեան անտեղութեան եւ խոշոր չափով մը հռետորութեան, որոնք կը խեղդէին պատմական մերկ իրողութիւնը։ Չընդունեց անկարելիութիւնը Միջերկրականի նկարագրութեան մը, քանի որ բախտը կ՚արգիլէր զինքը այդ երջանկութենէն։ Աչքիս առջեւն է իր թերահաւատ տխրութիւնը, «կապոյտ ալիքներէն» եւ «սպիտակ փրփուրներէն» հրաժարելու հարկին դէմ, զոր չէր հասկնար ու զիս կը ջանար հարուածել իմ համբաւին խստութեամբը։ Յետոյ բաժնուեցանք։ Մահը փակեց այդ ողբերգութիւնն ալ անօթի մեռնող դաստիարակին։ Չեմ տեսած իր հայրենակիցներուն ջանքովը հրատարակուած այդ գործը։ Անշուշտ, հաւատարիմ իր սկզբունքներուն՝ անիկա քիչ բան ըլլալու է փոխած իր մատեանէն, եթէ երբեք բան մը փոխած ալ է։

Ընկեր Մաթիկը Վասպուրականի մէջ գործ ունեցաւ ուրիշ շատերու հետ, տարեկիցներ ասոնք, մեծ մասով շրջանի գեղերու ուսուցիչ, ձագուկները աչազուրկ դաստիարակին, անոր «քնթէն» ինկած, իբր միտք ու կաղապար։ Որոնք զինքը նեղը դրին իրենց միակտուր, կրանիտեայ իմաստութեամբը, տարօրէն պատեհապաշտ, ամուր, անմիջական շահին, անձին օգուտին մայր մտահոգութեամբը թրթռուն։ Յեղափոխութեան մասին անոնք ունէին դրական, օգտաւէտ ըմբռնումներ։ Սրտոտ, բայց ուշադիր տղաք, որոնց հայրենասիրութիւնը Մաթիկի բերնին մէջ զանգակատան հայրենասիրութեան մը կը նմանէր։ Անոնք կ՚ուզէին ամէն ինչ կեդրոնացնել իրենց գաւառին մէջ։ Այս պահանջկոտութիւնը այդ օրերու մտայնութեան մէկ փաստն էր սակայն։ Ու Մաթիկ ան- իրաւ էր զայն մասնաւորելու Վասպուրական աշխարհին։ Աղէտին հոտը այդպէս պահանջկոտ կ՚ընէր գեղերը, որոնք կուսակցութեան բոլոր պահեստը, զէնքէ եւ ռումբէ, իրենց քարայրներուն մէջ, իրենց պէտքին համար միայն, գրաւել կ՚ուզէին։

Մեր վէպը չ՚արտօներ լայննալ այդ մտայնութեանց դէպի լրիւ սեւեռումը, որոնք, պատահական, պարագայական իրենց նկարագրին հետ, կը կրէին նաեւ հիմնական թերութիւնը ծաւալ չգտնելու այդ խորապէս պահպանողական, իր աւանդութեանց ցանցին մէջ ամրակուղպ մարդոց, որոնք, դարերով, յամառեցան մնալ խարսխուած մեր հայրենիքի գրեթէ կեդրոնին։ Այրարատեան նահանգին հետ Վասպուրականը այն գաւառն է, ուր մեր ժողովուրդը կրցաւ պահել ամէնէն քիչ աղաւաղ կերպարանք մը…

Քանի մը տարի յետոյ, այդ մարզերէն համբաւի ելած զարտուողներ -նոր սերնդականներ, ազատ-սէրեաններ- այդ շատ կարծրացած պահպանողականութեան դէմ հակազդեցութեան փորձ մը կրնան նկատուիլ։ Մնաց որ, նոյն այդ տղաքը, քանի մը տարի առաջ, Մաթիկին դէմ, օտարամուտ անոր անձին հանդէպ բնազդական մախանքով մը (ընկեր Մաթիկը, բացի անսահման եռանդէն ու նոյնքան միամիտ հաւատքէն, ոչինչ ունէր իր անձին վրայ ամբոխներու առաջնորդէն, արմատապէս վիրաւոր ըլլալուն՝ հասակէն ու նոյնքան անուղղայ մեծագար մը՝ խօսելու մարմաջէն, որ մեր տկարութիւնները ամէնէն շատ ու շուտ կը նետէ կրկէս) կը պաշտպանէին հայ եկեղեցին, որմէ ուծացում մը վճռական կորուստ կը նկատէին մեր ցեղային դիմագիծութեան, Մաթիկին հոգիին մէջ առաջ բերելով ամէնէն ծանր կործանումը։ Կը պաշտպանէին Էջմիածնի նուիրապետական հեղինակութիւնը, հակառակած ըլլալու համար ազատական Մաթիկին, ինչպէս նաեւ ծառացած ըլլալու համար երէցներու դատին, որոնք տեղական, բայց շատ բիրտ հայրենասիրութեամբ մը չէին կրնար մոռնալ դարաւոր Աղթամարը ու չէին ծածկեր իրենց ջերմ հաւատքը օր մը հոն, պատմական կղզին փոխադրուած տեսնելու «զհայրապետութիւն հայոց», երբ ռուսական հետզհետէ աճող բռնութիւնը վտանգի տակ դնէր անոր անկախութիւնը։ Ամէն վիճաբանութիւն պէտք ունի հասարակ տեղիքներու մեծ սթոքի մը։ Նախնական մարդոց համար հասարակ տեղիքը յուռութքէ մը աւելի զօրաւոր կը հնչէ։ Ինչ որ Սահմանադրութեան յաջորդ սերունդէն թափանցած էր մինչեւ այդ խորշերը, մեծ բան մը չէր կրնար ըլլալ, քանի որ դպրեվանքի իմ ընկերներս փաստն էին ատոր։ Այնպէս որ՝ այդ վիճաբանութեանց ծանրութիւնը կեդրոն ունէր վաթսունի սերունդին սահմանադրական ազատական իրաւակարգը, զայն գտնելով լիուլի բաւող մեր հասարակական բարեշրջման։ Ընկերվարութի՞ւնը։ Բայց այո՜։ Ապագայի կրօ՛նքը։ Ով կ՚ուրանար ատիկա։ Առայժմ Վանը՝ սակայն։ Վանը՝ մա՛նաւանդ շուկայէն, հողէն, ազատութեան բերելիք բարօրութենէն։ Կանխահաս էր ազատութեան գաղափարը կապել այդ կրօնքին, որ ամբոխին ուժը կարող էր կիսել ու վնասել յեղափոխութեան մասսայացման։ Խտութիւն ու խորութիւն։ Միայն աքաղաղները չէ, որ քաղաքի մը մէջ նոյն ձայներանգը ունին, այլեւ անոր վիճաբանողները, իրարու հարազատ կրկնութիւն։ Ու բառ, ու բառ, ու բառ։ Ու վէճ։ Վէճին հետ անխելք, անախորժ ալ պատահարներ, այսինքն՝ թեթեւ հրմշտուք, սաստ, շարժուձեւային արհամարհանք, բոլորը՝ առանց կանխամտածութեան, այսինքն՝ շեշտով մը, որ անոնց բնականն էր, ամէնօրուանը։ Ինչպէս չյիշէր խոշտանգուող Մաթիկ Մելիքխանեանցը սքանչելի Մոսկուան -օրը նուազագոյն յիսուն անգամ այդ քաղաքը կ՚ելլէր գործիչին բերանէն - անոր ընդարձակ սալոնները, լեփ-լեցուն խարտեաշ ու խելացի բազմութեամբ, մա՛նաւանդ խարտեաշ ու խելացի վիճաբանութիւններով, որոնք լսելը վայելք էր ականջին, ոչ թէ չարչարանք, ինչպէս չէր քաշուեր բանաձեւելէ անոնց բիրտ, եռանդուն, կրքոտ եղանակներուն տպաւորութեան ներքեւ։ Չծեծեցին, վասնզի կը յարգէին՝ իր անձին վրայով, անկէ անդին՝ Մարմինը, որուն ներկայացուցիչն էր անիկա։ Կը յարգէին յեղափոխութիւնը, որ իրեն գլխաւոր մարզ ընտրած էր իրենց գաւառը։ Քաղաքները միշտ կը շահին, երբ մարդ մտնէ-ելլէ անոնց մէջ։ Անիկա պարտաւորուեցաւ ընկրկիլ իր փաստերէն, լռել օր մըն ալ ինքնաբոյս հռետորներու այս փաղանգին դէմ, որ Շաբաթ գիշերները կը կազմուէր, գեղերէն քաղաք խուժող ուսուցիչներու համադրումովը։ Ու կը զարմանար ինքնաբոյս սա ընկերաբաններուն միակտուր դատարկութեան վրայ, որոնք իրենց վարժապետին չափ ալ չէին ուսումնասիրած այդ փշոտ հարցերը։ Վանը հեռու է Բիւզանդիոնէն, բայց մեր նախնիքները հոն սորվեցան յամառութիւնը, յաւակնութիւնը, հերձուածի մէջ խորութիւնը։ Մենք դարերով կարօտն ենք ապրեր ուժգին վերացումներու, մեր դժնդակ կենցաղին մշտանորոգ ողբերգութեամբը միշտ ալ արգիլուելով։ Կրօնք փնտռելը, ինչպէս մեծ գաղափարի մը ետեւէն մեր խօլ սուզումը բաւական փաստեր են այդ ծարաւին։

Ընկեր Մաթիկը կենդանի գծագրութեամբ պատկերացուց այդ տղոց տժգունելու աստիճան կրքոտ նայուածքը, թուքերը, աղմուկի մէջ հաճ ընտանութիւնը։

Իրար մօտիկ ընելու տեղ, անոնք իրար կը հրմշտկէին ու գոհ էին ատոր համար։ Կարծես անոնց մատներն էին մտածողը անոնց տեղ։ Մաթիկ Մելիքխանեան այդ մարդոց կարճ, բայց գէր մարմինը յաճախակի կը բերէր առաջին գիծի, մոռնալու համար իրը՝ խեղճ ու անհով։ «Անտիական» հասակն ալ աննպաստ հանգամանք մըն էր (անիկա յիմար էր եղած չծածկելու իր մօտիկ անցեալը, մա՛նաւանդ ատամնաբուժական ուսանողի անորոշ զբաղումը, վանեցիներուն համար բոլորովին անըմբռնելի, քանի որ սափրիչներուն աքցանը լաւագոյն վկայական մըն էր արդէն) աւելցող իր անփորձութեան, յեղափոխական գործօն աշխատանքէ։ Անիծեց, հարիւր անգամ օրը, ուր տուած էր որոշումը սա կիսավայրենի ամբոխին մէջ գործելու։ Բայց սահմանէն չանցած՝ ան ի՜նչ եռանդ էր իրը։ Իրեն հետ իր մեծերն ալ շուարած էին այդ լերան պէս ամուր հաւատքէն։ Ի՜նչ ոգիով ճամբայ էր ինկած։ Եւ ո՛ւր էր իջած։ Գործօն աշխատանքէ իր վարանումը, անճարակութիւնը, մա՛նաւանդ ուրիշին խօսք հասկցնելու անհեղինակ իր յուսահատութիւնը կործանեցին անոր «լերան պէս ամուր» հաւատքը մեր ժողովուրդէն։ Բայց չէր անդրադառնար, որ անկարող էր շէնք-շնորհ մոսին մը կառավարել։ Անիկա անընդունակ էր սաստի, որ զինուորական կարգապահութեան հանգոյցը կը կազմէր։ Յիմար իր մօրուքիկին վրայ իր յամառութիւնը պատճառ էր գիշեր ու ցերեկ անոր ծակամուտ կեանքին։ Մաթիկ ժուժկալ էր այդ ծակերուն նկարագրութեան մէջ։ Դիտմամբ թէ իրականութեան հաւատարիմ մնալու ճիգով մը տուաւ ոչ մէկ կնիկի պատկեր։ Ու տարօրինակ էր, որ հանդիպած չըլլար անոր։ Եղաւ ժուժկալ բարքերէ, որոնք արդէն անգոյ էին իրեն համար, մշտապէս տարուած ըլլալով յեղափոխական մտախոհանքէն կամ մտախոյանքէն։ Միւս կողմէ՝ կուսակցութիւնը կը տանէր շատ ներուժ աշխատանք։ Կը պատրաստուէին հարուածող գունդերը ու զօրաւոր ցանց մը մինչեւ Սասուն ու մինչեւ Տէրսիմէն վար, նպատակ ունէր ամուր կռուաններ հաստատել, անցնելու համար մասսայական շարժումի։ Բռնապետութիւնը աւելի քան զայրագնոտ։ Հայ գիւղերը հսկողութեան տակ էին ներսէն ու դուրսէն մատնիչներու։ «Զօրքը» ամէն տեղ, ու ամէն օր։ Երիտասարդութիւնը՝ թերահաւատ ո՛չ գործէն, այլ՝ գործիչներէն։ Մթնոլորտը թաց՝ կասկածէ, դաւէ, խերէ ու իրերհալած կռիւէ։ Ապահովաբար գէշ աստղի տակ ծնած էր անիկա։ Հիմա կը խորհիմ, թէ ինչ գեղեցիկ figure մը ընէր պիտի անիկա Սահմանադրութենէն ետքը, Պոլսոյ լսարաններուն բեմէն, իր հասակին թերին քանի մը տախտակով պարտկելէ ետքը, երբ բանար իր երկայն թեւերը ու գետերը իր բառերուն, տաք, գրաւիչ իր շեշտով ծափեր խլելով իր փառքի կարօտ հոգիին։ Այն օրերուն, այսինքն՝ ինըհարիւրին, ասպարէզը չէր նպաստաւոր անոր նմաններուն։ Շնորհազրկումը չուշացաւ։ Իր ամուր պոռալու համարձակիլը առաջին քրէական յանցանքը նկատուեցաւ, թէեւ իրականին մէջ իր ճիգը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ միւսներուն աստիճանին հանել իր ձայնը։ Գայթակղութիւն ու բողոք։ Զինքը կախակայեցին լրիւ ժողովի մը մէջ, յանցանքներու համար, որոնք դեռ երէկ չէին ատիկա։ Այնքան աճպարար ենք ուրիշները դատապարտելու որոշում տալէն յետոյ։ Եռանդուն ընկեր մը, նկատելովներու շատ կուռ շարքէ մը, կարդաց ջախջախիչ ամբաստանագիր մը, որ կը խարանէր անոր վեցամսեայ անջիղ ու անղեկ գործունէութիւնը, զինքը պատասխանատու բռնելով շարքերուն մէջ զգացուած անիշխանութեան, վէճի մոլութեան, հոս ու հոն արձագանգած գաղտնիքներուն, - պարագաներ, որոնք բնոյթը կը կրէին յեղափոխութիւնը տկարացնելու։ Ի պատիւ դատախազին, ընկեր Մաթիկ շնորհակալութեամբ աւելցուց, որ գլուխ-գործոց այդ սեւ գիրը յօդուած մը չունէր դրամական զեղծումի։ Մնաց որ, այդ կէտին վրայ ինծի անծանօթ չէր, դեռ այդ օրերուն, յեղափոխութեան անողոք վճիռը։ Կ՚անցնիմ արագ այդ տխուր փաստերէն։ Անոնք, որ հիմա յիշատակներ կը պատմեն, իրաւասու են վճռական լոյսով մը պարզ ընել այդ մութ հոգեբանութիւնը դժնդակ աշխատաւորին, որ այդ օրերուն գործիչն է։

Անշուշտ մեծ պրկումով ու խոր աշխատանքով դուրսէն թափանցում մը քիչ մը բան կը լուսաւորէ։ Բայց իրենցն է տիրական շեշտը։ Չեմ պահանջեր, որ գրականութիւն ընեն։ Բայց պէտք է լայն տան մարդերը, աշխարհը, հոգեբանութիւնը, որ անոնցն էր այդ պայմաններուն մէջ։



[1]            Թագրիր. - Պատրիարքին միջոցով Բարձրագոյն Դրան ներկայացուցած տեսակ մը յիշատակագիր։