Ա.
Յեղափոխական
Մաթիկը
-
Մատթէոս
Արտաշէս
Սերգէյ
Մելիքխանեանց
-
ինչպէս
հպարտագին
արտասանեց
ինծի
իր
աւազանի,
ծիսական
դպրոցի,
Մոսկուայի
ֆաքիւլթէի
մարզերուն
կրած
զանազան
անունները,
երբ
պարտաւորուեցաւ
ծնունդ
մը,
դպրոց
մը,
առնուազն
պատանութիւն
մը
ճարել,
հերքելու
համար
արդար
իմ
տարակոյսը
Թիֆլիսէն
Պրուսա
ահաւոր
հեռաւորութեանց
դիմաց
(տարածութիւն
մը,
զոր
այն
օրերուն
ցամաքով
անհնար
էր
կտրել-անցնիլ
հազար
անգամ
չսպաննուած)
ինքզինքը
ներկայացուց
իբր
պատուակալ
ուսանող
(Փանջունին
կրցա՞ծ
էր
տեսնել
զայն,
ծնունդէն
առաջ)
Մոսկուայի
բժշկական
ֆաքիւլթէին
ատամնաբուժական
սեկցիայում։
Այն
օրերուն
համալսարանը
(մա՛նաւանդ
գերմանական
մարգայով)
աւարտողները
նոր
կը
սկսէին
իրենց
հերոսական
պայքարը
դոքտոր
տիտղոսին
ետեւէն,
համալսարանին
իբր
ազնուականացման
անհերքելի
փաստը
մատուցուած
իրենց
տկլոր
փառասիրութեանց։
Մաթիկ
Մելիքխանեանց
կամ
աւելի
պարզ
ու
շիք՝
Սերգէյ
Մելիք,
իբր
ժողովուրդի
հարազատ
տրիբուն
ու
պիոներ,
մորթեր
էր
տիտղոսները,
Թուրքիա
մտնելուն
զուգահեռաբար,
թեթեւնալով
աւելորդ
զգեստէն
ու
պատուանշաններէն
(թէեւ
տարօրէն
խռովիչ
էր
իր
յամառութիւնը
մօրուքիկը
պահելու,
ընդունելէ
ետք
տաճկական
ֆէսը,
իր
առաջին
զոհողութիւնը
յեղափոխական
դատին,
յօժարելով
իր
ուղեղին
պարտադրուած
սա
նահատակութիւնը
արգասաւորել,
շատ
աւելի
առատօրէն
օգտակար
դառնալու
համար
իր
ժողովուրդին,
չնմանելով
այս
կերպով
հին
նահատակներուն,
որոնք
միայն
իրենց
սեփական
գլուխին
փրկութիւնը
ունէին
նկատի),
հետզհետէ
նոյնանալու
համար
գիւղացուն,
բանուորին,
իբր
տարազ,
ապրում
ու
հոգեբանութիւն։
Յամին
շնորհաց
հազար
ինը
հարիւր
եւ
քանի
մըն
ալ
կտոր
տարիին,
ան
երեւաց,
ընկերոջ
մը
հետ,
բիւթանական
շրջաններուն
(այն
օրէն
բաւական
ետք
պիտի
ընդհանրանար
տաճկըցած
հողերուն
վերազգայնանալը,
պատմութեան
մէջ
կրկին
անուանակոչմամբ
մը։
Այս
բառին
տեղ
կար
Պրուսան)
լեռներու
մէջ
կորսուած
գիւղ
մը։
Ո՛չ
մոգեր,
ո՛չ
գիսաւոր
աստղ
եւ
ոչ
ալ
հրեշտակներ
կանխած
էին
այդ
ծնունդը։
Անիկա,
ըսես,
նման
օդաքարի
ըլլար
ինկած
երկինքէն։
Անակնկա՞լ։
Ատկէ
աւելին
չէին
տեսած
այդ
շրջանները։
Կովկասէն
կու
գա՜ր։
Ու
ահաւոր
էր
ասիկա։
Ուրկէ
ո՜ւր,
երբ
մենք
գիտէինք,
որ
յեղափոխականը
կու
գար
Պոլսէն,
Արեւմուտքէն։
Կովկասէն
կու
գար,
ուրկէ
մեր
կողմերը
կու
գային
շերամի
հունտ
ծախելու
գացող
մեր
հնաբոյծներուն
բերնովը
աշուղական
երգեր
ու
վրացի
աղջիկներուն
սեւ
աչուըներուն
գովքը
հիւսող
սիրահարական
մելանուշ
եղանակներ,
սա
կրակի
կտոր,
թէեւ
համառօտ
(կը
նշանակէ՝
կարճ)
մարդը,
յեղափոխական
Մաթիկը։
1908ին,
անշուշտ
այդ
Կովկասէն
ես
տեսայ
նոր
ժամանած
հարիւրաւոր
յեղափոխականներ,
բազմաբղէտ
ու
անորակելի։
Բայց
իմ
պատանութեան
խակ
ու
թշուառ
օրերուն
յեղափոխականը
Պոլսէն
կու
գար։
Կը
խօսէր
մերինին
մօտ
բարբառ
մը,
սանկ
քիչիկ
մը
Պարտիզակ,
Նոր
գեղ
հոտող,
ընտանի,
մեզմէ
վերջապէս։
Կը
զատուէր
մեզմէ
իր
զգեստներովը
-բազմատեսակ-
ու
գրպաններուն
խորը
մեծ
սարսափով
տեղաւորուած
մեծաքանակ
հաւկիթներով
(կը
նշանակէ՝
ձեռնառումբ)
ու,
մա՛նաւանդ,
կարմիր
գիրերով
տպուած
թերթուկներու
վրայ
իր
անհուն
հաւատքովը։
Չի
բացատրուիր
սա
կարճ
էջերուն
վրայ
աշխարհը
այն
ապրումներուն,
զորս
այդ
մարդերը,
իրենց
խորհրդաւոր
երեւումովը,
ամէնէն
ամայի,
անայց
վայրերուն
ծոցը,
կը
ստեղծէին
մեր,
կը
կրկնեմ,
գեր-թշուառ
պատանութեանը
մատղաշ
ջուրերուն
խորը,
որոնց
երեսին
ձայները
կը
հնչէին։
Ես
ճանչցայ
Մաթիկ
Մելիքխանեանը
Նիկիոյ
լիճին
եզրերն
ի
վեր
հայ
գիւղերու
շրջանակէն
բոլորովին
հեռացած,
իսկապէս
«անդնդախոյս»
աւանի
մը
մէջ,
որուն
անունը
մեր
կողմերուն
տուած
էր
առիթ
բաւական
սրամիտ
քաշքշուքի,
բոլորն
ալ
ժխտական
երանգով,
այդ
գիւղին
պակսող
բարիքներուն
յայտարար։
Գեղն
էր
անիկա,
չունեցող՝այգի,
ձիթենի։
Մարգարէ
ըլլալու
պէտք
չկայ՝
հետեւցնելու
համար
պակասը
խաղողին
ու
ձէթին։
Բայց
բաւական
խելքի
կարիք
կայ՝
այդ
պակասէն
իջնելու
համար
ուրիշ
ալ
պակասներու,
այս
անգամ
մարդկային
պարունակէ։
Հազարներուն
մէջէն
կրնայիք
զատել
երեսի
տեղ
քիչիկ
մը
խակ
կաշին,
որ
այդ
գիւղին
աղջիկը
կը
կրէր։
Հիմա
կը
դատեմ
երեւոյթը։
Մալարիան
զարկած
էր
արիւնը
այդ
գեղին։
Ու
անոր
աղջիկները,
միշտ
արեւին
մէջ
աշխատանքի,
ոսկիանալու
տեղ
իրենց
երեսներէն,
կը
դդմէին։
Լիճին
շուրջը
բարձրադիր
նստող
գեղերը
կը
հաւատային,
որ
աղջիկը
չէր
կրնար
ըլլալ,
շինուիլ
առանց
վշտի։
Չունէր
այդ
գեղը
դարձեալ
ոսկի
սիրերգներ։
Գեղերը
իրենց
հեղինակած
երգերը
(դուք
հեռու
էք
կասկածելէ
անգամ
խորունկ
գեղեցկութիւնը
սա
ստեղծումին,
օրուան
ամբողջ
ողբերգութեամբը
ճարտարապետուած,
գրեթէ
միշտ
սիրային
անդունդներէ,
յաճախ
մահուամբ
պսակաւոր,
բայց
դէպի
հոն
ճամբուն
բոլոր
իրաւ
յոյզերովը
եւ
տագնապանքովը
տարօրէն
մարդկային
ու
իրաւ)
իրարու
չէին
ուշանար
փոխ
տալէ։
Այդ
գեղը
մէկ
հատիկն
էր,
ուրկէ
ոչ
մէկը
եկած
չէր
«վառելու»)
(բառը
գործածուած
է
հոս
Ներսէս
Շնորհալիին
զգայնութեամբը)
մեր
տանիքներուն։
Հիմա
կը
դատեմ
սա
տրտմութիւնը,
որ
մարդերէն
չի
յօրինուիր,
այլ
լեարդէն,
իր
կարգին
կրծումի
տրուած
մալարիային
ատամներուն։
Ըսի
թէ
լեռնախոյս,
դաժան,
չարքաշ
գեղ
մըն
էր
անիկա։
Բայց
չըսի,
թէ
շրջանին
մէջ
միակն
էր,
որ
ըլլար
բնակուած
հայերէ։
Ու
շրջանը
բաղկացած
էր
մեծ
ու
պզտիկ
հարիւրաւոր
աւաններէ,
մեծ
մասով
Պուլկարիայէն
գաղթական
փոմաքներէ
կազմուած,
որոնք
իրենց
քրիստոնեայի
արիւնը
չէին
հերքեր,
երբ
կը
նուաճէին
այդ
վայրերուն
դաժանութիւնը,
կը
դնէին
կանաչը
ու
ծառը
լերկ
բլուրներու
ստորոտը
ու
կը
շարէին
իրենց
հիւղակներու
քահանաներու
փեղոյրը
յիշեցնող
հանգոյցները,
սանկ
քառորդ
դար
մը,
արեւին
մէջ,
մինչեւ
որ
խոզանին
տեղ
կղմինտրերը
գար
կարմրելու։
Հայ
գիւղը
մինակ։
Հոն
կը
ղրկէինք
տուն-մնայ
աղջիկները,
կաղերը,
կոյրերը,
որոնք
ձեռքէ
ձեռք
կ՚անցնէին
իբր
թանկ,
եղի
ու
մեղրի
մէջ
ժմնած
ապրանք
ու
կը
կազմէին
գեղին
ազնուականութիւնը,
առնուազն
իբր
դիրք
առաջին
սերունդին
վըրայ։
Այս
հանգամանքը
կը
վերածուէր
խոր
արհամարհանքի,
երբ
մեր
կողմերէն
կնոջ
մը
ծնունդ
տղայ
մը,
տաղաւարներուն,
ունենայինք
խաղընկեր,
հաւանաբար
քանի
մը
օրուան
համար
մեր
գեղը
հիւր
իջած։
Դեղնած
ու
մեծափոր
այդ
տղան
կը
չարչարէինք,
հեգնելով
իր
վրայէն
գեղը,
-
Փուրաս
ալ
չունիք,
որ
վայրի
բրուսի
մէկ
տեսակն
էր։
Գեղն
էր
անիկա,
ուր
խոտ
չէր
բուսներ։
Բաւական
անսովոր,
նոյնիսկ
ծիծաղառիթ
պայմաններուն
մէջ
տեղի
ունեցաւ
իմ
ծանօթացումը
բժիշկ
Մատթէոս
Մելիքխանեանցի
հետ։
Գիտնալու
էք,
որ
այդ
գիւղը
ունէր
մէկ
հատիկ
սրճարան։
Հասկնալու
համար
սա
ժուժկալութիւնը
դժուարութեան
մէջ
չէք։
Բայց
ահա
աւելին։
Մի
կարդաք
ու
անցնիք։
Այդ
սրճարանը-
այսինքն՝
իր
թելադրանքին
մէկ
կարեւոր
մասը
գոնէ-
անծանօթ
է
ձեզմէ
մեծ
մասի
մը,
որ
կը
կարդայ
այս
տողերը
քաղաքակիրթ
մեծ
կեդրոններու
մէջ,
կամ
ունի
աչքին
արեւելեան
երկիրներու
խեղճ
ու
աղտոտ
խորշերը,
գիւղերու
ամէնէն
անհրապոյր
մէկ
կէտին։
Սրճարանը,
քառսուն
տարի
առաջ,
այդ
գեղին
խորհրդարանն
էր,
առանց
հեգնութեան։
Մէկ
հատիկ։
Պարագայ՝
որ
քանի
մը
հարիւր
տուննոց
այդ
գեղին
նիւթական
կացութիւնը
կը
թարգմանէր,
կը
պարզէր,
անշուշտ
«յոյժ
վատթար»,
ու
բարոյական
ալ
մակարդակը՝
անշուշտ
«շատ
յետանկեալ»
ինչպէս
ալ
վարժուեր
էինք
մտապատկերել,
այդ
ու
կանխող
ժամանակներուն
համար,
գիւղերը
մեր
հայրենիքին,
Սրուանձտեանց
Սրբազանի
տեղեկագիրներուն
եւ
ատեն-ատեն
«լրագրաց»
սիւնակներէն
«լոյս
ընծայուած»
սրտառուչ
վկայութեանց
մէջ։
Դրամի
բացարձակ
պակասը
(չափազանցութիւն
չէ
ասիկա,
նիւթական
նեղութիւնը
հասած
էր
անհաւատալի
աստիճանի
մը։
Շատեր
կը
հասնէին
կարգուելու
տարիքին
ու
պսակադրումը
միայն
կը
տեսնէին
իբր
դեղին
դրամ։
Կարելի
մետաղը
կը
կորզուէր
գեղացիին
ձեռքէն
պետական
շատ
ամուր,
աննահանջ
միջոցներով։
Ոսկիի
վերածուելիք
միակ
բերքը՝
խոզակը,
անհնար
էր
վաճառել
առանց
հարկահանին
արտօնող
կնիքին,
որ
հոմանիշ
էր
տուրքերուն
բազմապիսակ
գումարին
նախօրօք
գանձումին։
Հացահատիկները,
արմտիքը,
նոյնիսկ
պտուղները
ենթակայ
էին
տխրագոյն
գերութեան։
Ասոնց
տասանորդի
տուրքը
ուղիղ
չարաշահութիւնն
էր
անձնաւորուած,
գանձող
պաշտօնեաներուն
լայնօրէն
շռայլուած
զսպիչ
միջոցներով,
որոնք
միջին
դարն
իսկ
կը
գերազանցէին
իրենց
անմարդկային
պայմաններուն։
Մեր
կողմերուն
եղան
կապալառուներ,
որոնք
գեղ
մտնող
ճամբաներու
բերնին
հաստատեցին
կշռատուներ,
այգի
գացող
ու
եկողներուն
ծանրութեանց
տարբերութիւնը
արձանագրելով
իբր
տուրքի
ենթակայ
բերք…։
Ահաւոր
մարդ
մըն
էր
գեղին
ներքին
ծախքերուն
հաւաքիչը,
ընտրուած
յորովայնէ
սրիկայի
մը,
որուն
խժդժութիւնները
կը
հաւասարէին
թուրք
հարկահանին
ընդոծին
վայրագութեան,
երբեմն-երբեմն
զայն
ալ
գերազանցելով,
քանի
որ
ներքին
ծախքեր
ընդհանուր
որակումը
կը
ծածկէին
բոլոր
բռնագրաւումներուն,
կաշառքներուն,
ժանտարմաները,
ոստիկանները
«անուշելու»
արարքներուն
զուգորդ
կողոպուտները։
Սափրիչը,
ապառիկ
տուած
հրեայ
շրջորդ
փերեզակը,
երկաթագործը,
ժամկոչը՝
իր
ու
տէրտէրին
հաշուոյն,
մէյ-մէկ
տոպրակ
ուսերնին՝
կը
տնկուէին
կալին
մէջ,
արմտիքի
դէզին
շուրջը
«պար
բոլորած»,
հարթելով
ցորենին
տարածուն
կոնը,
դէզը,
արտադրողին
ձգելով
յաճախ
կոթունքը
(կամէն
չխորտակուած
խուժ
հասկը,
ուրկէ
տանտիկինին
թակը
պիտի
կորզէ
հատիկը,
ընդհանրապէս
վատ
որակով)
ու
գալ
տարուան
յոյսը։
Պարտքը
գերութիւն
է
կ՚ըսեն
եւ
ունին
իրաւունք։
Հարստահարիչները,
ո՛ր
կրօնքին
ալ
պատկանէին,
կը
գտնէին
պետական
լայն
պաշտպանութիւն,
գերութիւնը
ամրացնող
ազդակներ
նկատուելով
եւ
անողոք՝
որքան
ամենահաս
կազմակերպութեամբ
մը
գրաւի
տակ
էին
առած
հասոյթի
բոլոր
աղբիւրները։
Կապալառուն,
վնասի
տարիներուն
-կարկուտը,
երաշտը,
մարախը,
հեղեղը,
ցեղային
գրգռութիւնները
պարբերական
այցելուներ
էին
այդ
վնասները
հեղինակող-
ուղիղ
հրէշ
մըն
էր,
որ
կը
ստեղծէր։
Անասուններուն
միսը,
կաթը,
մորթը,
ոսկորները,
նոյնիսկ
դիակները,
բեռնակիրներուն
օրուայ
ծառայութիւնները
երբեմն
տուրքի
եղան
հպատակ։
Ու
ես
ճանչցայ
մարդեր,
որոնք
արօտներուն
խոտը,
աշնան
թափող
տերեւներն
ալ
հասոյթի
վերածեցին,
անկէ
գանձելով
իրենց
իրաւունքը։
Հեռու
գեղեր
գաղթող
մարդոց
շահն
ալ
չմոռցան
գանձելէ
անոնց
գեղ
մնացած
պարագաներէն,
հացի
հետըզհետէ
դժուարագիւտ
դառնալը-
գիւղացիները
այդ
պարագան
կը
պատկերէին
հողը
զարնող
երաշտը
տարածելով
արդիւնքն
ալ
որակին-
գիւղապետին
անձնական
հեղինակութիւնը,
որ
չարքաշ
ու
անխոնջ
աշխատող,
սրճարան
մուտքը
կը
մերժէ
ձեռքը-ոտքը
բռնող
մարդերուն,
ու
քիչիկ
մըն
ալ
բարքերու
նախնական
ու
դանդաղ
գնացքը
իրարու
էին
եկած
մէկ
հատի
վրայ
պահելու
թիւը
այդ
անիծեալ
շէնքերուն,
որոնք
աւելի
դիւրակեաց
շրջաններու,
մեծագոյն
պատուհասը
դարձան
գինովութեան,
թղթախաղի,
եղբայրասպան
կռուի
վառարաններ
հանդիսանալով
ու
երիտասարդութիւնը
ապականելով,
կործանելով
նոյնիսկ
հոգիէն՝
ինչպէս
մարմինէն։
Նոր
գիւղը,
Պարտիզակը
տրտում
վկայութիւններ
էին
այդ
ոգիէն։
Մեր
կողմերը,
անգործութեան,
զուր
սպառումին
այդ
օճախներն
էին,
որ
կիները
նետեցին
բանուորութեան,
գործարաններու
մէջ
հալումաշ
ընող
կեանքին։
Ես
աշխատեր
եմ
ութ
տարեկանէս
ասդին։
Ու
տասը
չմտած
աղջնակը
ինծի
հետ
պիտի
աշխատէր
այդ
խոնաւ
գործարաններուն
մէջ
լման
տասնվեց
ժամ,
յաճախ
գիշերը
սկսեալ,
մա՛նաւանդ
ձիւն-ձմրան,
որպէսզի
հասնէինք
ցամաք
հացին,
մետաքսը
պատրաստելով
հարուստներու
միսերը
փափկագեղ
ընծայող,
մերիններուն
ապականումին,
խանձումին,
ճոռումին
գնովը,
վրայ
տալով
մա՛նաւանդ
մանկութեան
կուսութիւնը
հոգիէ
ու
երազէ,
երբ
այդքան
անարդարութիւն
կը
հիւսէինք
մեր
զգայարանքներուն։
Պզտիկ
աղջիկները
ինչպէ՜ս
մաշեցան
գործարանին
տէր
աղաներուն
ցանկութիւններովը,
որ
ուրիշ
վէպ
է
արդէն։
Սպասուհիներուն
դէպի
Պոլիս
recrutementը՝
ուրիշ։
Ստնտուներուն
ողբերգութիւնը՝
ուրիշ։
Եղանակներուն
արտօնութեամբը
այդ
մէկ
հատիկ
սրճարանը
կը
հաւաքուէին
սանկ
ու
նանկ
մարդեր։
Տաղաւար
մը,
բարեկենդան
մը,
խոշոր
ու
խորունկ
ձիւն
մը
բացառիկ
առիթ
էր
այդ
մուտքը
արդարացնող։
Ուրիշ
օրերու՝
միայն
վաւերական,
ամբողջ
գեղին
համահաճ
հաւանութեամբը
նուիրագործուած
ծերունիներ,
որոնց
աչքին
լոյսին
սանկ
հարիւրէն
հարիւր
մը
զեղչուիլը
կը
մնար
պայմանը
այդ
փառքին։
Կամ
որոնց
ողնուծուծը
դարձեր
էր
քմահաճ,
գեղացին
կ՚ըսէր,
ոսկորցած
(գիրքերուն
sclerose)
չարտօնելու
չափ
անհրաժեշտ
շարժումներ,
թեւի
կամ
սրունքի,
դէպի
արտերը
ոտք
փորձելու,
զիրենք
մօտիկը
դնելու
գնով
վաւերական
անդամալոյծներուն,
-
պղտոր
ու
խայտաբղէտ
դասակարգ,
գեղին
գիտութեան
մէջ
ճշմարիտ
խորհուրդ,
շատ
շուտ
«զարնուած»
երկնաւորէն,
յայտ
ու
անյայտ
մեղքերու
իբր
նախապատիժ,
ճուալով
ցաւէն,
ցաւերէն,
ասոնք
ալ
յայտ,
-
անոնք,
յամառ
ու
խարդախ,
օր
մը
յօդուածներուն,
օր
մը
մէջքի
խաղերուն
ուղիով,
ուրիշ
օր
մը
սրտին
դռներուն,
բոլորն
ալ
հաշտ
իրենց
խորհուրդին,
այսինքն՝
շէնք
շնորհք
տեղաւորուած,
ենթակային
այս
ու
այն
արարքը
նախաքաւող
յիմար
ու
ճամբորդ,
ա՛լ
հաստատուած
անոնց
խարշամ
միսերուն,
ծակոտկէն
ոսկորներուն
ներսը,
երբեմն
որդի
փոխուելով,
աւելի
շատ
ձմեռ
մը
լման
անկողին
ըլլալով,
ցից-ցից
կրծելով
քիթին
դռները,
երեսին
մէկ
կալը,
կամ
վիզին
վրայ,
ուռեցք-ուռեցք
նստելով
ու
փտելով՝
ինչպէս
փտեցնելով,
դեռ
խրամ
շինած
գոմշու
սատակները
տարօրէն
թելադրելով…։
Ծերերը
այդ
գեղին,
մալարիայէն
մագաղաթուած
իրենց
մարմնեղէն
տապանակը,
իրենց
փայտերուն
վրայ
բեռնաւորած,
կը
շարժուէին
աջ
ու
ձախ,
թթու
ու
աշխած,
աղբ
ու
շէռ
հոտող
իրենց
երկար
վարտիքներուն
ներքին
աւերակը
երբեմն
ծոցուոր
կնիկի
մը
պէս
ուռեցուցած
կրելով…։
Կը
զարնէին
համեմատաբար
նուազ
տարւոքներ,
իրենց
ցուպերը,
սալերուն,
սաքուներուն,
սունտերուն,
կոճերուն,
իրենց
գնացքը
ոչ
թէ
հանդիսաւորելու,
այլ՝
մարդերը
ողոքելու,
ծերերուն
հանդէպ
պակսող
արգահատանքը
սեւեռելու
մատաղներու
մտքին,
ու
կը
մտնէին
կարգաւ
այդ
երանելի
սրճարանը,
որուն
մուտքը
իրենց
տարիքը
կը
բանար
իրենց,
երբ
քանի
մը
զաւակ,
բանակ
մը
թոռ
ունէին
իրենց
պահանջի
կողմէն,
կը
բոլորէին
գիւղապետը,
բաղդատաբար
առոյգ,
որովհետեւ
տարիքէն
շատ
խոնարհ,
բայց
վաղահասօրէն
ճերմկած,
ու
կը
լռէին՝
անոր
լռելուն,
ու
կը
հազային՝
անոր
հազալուն,
ու
կը
խօսէին՝
անոր
խօսելուն։
Եւ
կամ
կը
բանային
դժուար
ու
դողդոջ
իրենց
բերանները,
յօրանջելու,
միշտ
գարշահոտ,
որովհետեւ
անօթի,
նուաճուած
պեխերուն
խռիւէն,
ու
քաշքշուած՝
մօրուքին
բեռէն,
վկայութիւն
տալու
համար
աս
ու
ան
դէպքին
տարիէն,
հարցին
դրուագներէն։
Խելօք,
խեղճ,
անօթի
ծերեր
-մատաղներո՞ւն
բաժինն
ինչ
էր
որ-
ամբողջ
վաթսուն-եօթանասուն
տարի
հողին
մէջ
ապրած,
կնիկ,
զաւկըներ,
թոռներ
թաղած
ու
թաղած,
ա՛լ
իրենց
մնացորդացը,
այդ
նեխած
նախադիակը
խաչի
պէս
շալկած…։
Որոնք
սկսող
օրը
կը
չափէին
-ջերմաչափը
սուտ
բան
մը
չէ
անշուշտ։
Ու
սուտ
չէ
նաեւ
ձայնի
մը
սիւնակը,
մեր
հոգիին
ներքին
բարեխառնութիւնը
բացատրելու
դերի
մը
մէջ-
հարսներուն
ձայնովը,
բարի
կամ
չար,
ա՛լ
անհաւատարիմ
իրենց
ականջներէն
տառապելով
այնքան՝
որքան
ապերախտ
իրենց
զաւկըներէն,
նոյնիսկ
թոռներէն,
ժամ
իջնելու
համար
իրենց
մարմինը
ժողվրտելու
ատեն
հեղ
մը
աչք
նետելով
բակին,
սանդուխներուն,
կոտրած
լուծքերուն,
բոլորն
ալ
իրենց
առողջ
օրերուն
գինը
ներկայող…։
Ու
անոնց
թանձր,
դէպի
անարտայայտութիւն
ու
դէպի
ապշութիւն
հակած
դէմքին
վրայ
ապրելու
սկիզբ
մըն
էր
«Գալոց»
քաւութեան։
Հիւանդութիւններէն
ոմանք
տարիքներու
հետ
գրած
են
որոշ
հաշտութիւն
ու
իրենց
կարգ
մը
նշաններով
ալ
դաշնակից
իրարու։
Այդ
սրճարանին
մէջ
ծերերու
սա
պատկերը
ով
գիտէ
ի՜նչ
շահեկան
դասընթացքի
մը
նիւթը
պիտի
հայթայթէր
եւրոպական
մեծածուն
փրոֆեսէօրներու։
Ինծի
համար,
այդ
օրերուն,
անիկա
տանթէական
խորհուրդ
մըն
էր
ցաւերէն,
կրծումէն,
լուծումներէն
(անդամներու)
անկախաբար,
պարզ,
պատմութեանց
գիրքերով,
որ
ամէն
մէկ
ծերին
ճակատը
ունէր
իրեն
գրակալ,
լայնօրէն
իջած
գեղին
սեփականութեան,
ծերերու
վայել
թոյլբերանութեան
իբր
հետեւանք,
բայց,
պէտք
է
ձգել
կեանքը,
այսպէս
կիսատ,
ծերերը՝
այսպէս
ուրուագիծ,
ամէն
մէկուն
մէջ
ապառաժի
պէս
յստակ
յօրինած
ողբերգութիւնը
ապրումին
ու…
քալել,
որպէսզի
քալէ
վէպն
ալ։
Դժբախտ
արհեստ
մըն
է
գրելը։
Որքան
բան
կը
զոհէ
ան,
գրողը՝
որպէսզի
մատչելի
մնայ
ընթերցողին
ժամանակացոյցին,
աւելի
յաճախ
ճաշացուցակին,
մարսողութեան
խորհուրդին,
սիէսթին։
Է՜,
աշխարհին
ո՛ր
բանն
է
ուղիղ,
որպէսզի
ըլլայ
ատիկա
գրողին
համար
ալ։…
Այդ
սրճարանին
մեծարուած,
ինչպէս
փախցուած
ու
միշտ
վճարուած
հիւրերն
էին
դաշտային
ու
անտառային
պաշտպանութեանց
կէս-պաշտօնեան,
անհամազգեստ,
բայց
պետապէս
սպառազէն
պահակները,
ալպանցի
բոլորն
ալ։
Համիտը
շրջապատող
նախարարներուն
բարձր
հեղինակութեամբ
քշուած
սա
մարդերը,
ով
չի
գիտեր՝
Ալպանիոյ
մէջ
քանի
մարդ
փռելէ
վերջ,
եւ
ազդեցիկ՝
Համիտէն
աւելի,
որովհետեւ
մօտ,
իրական,
«ուժաւոր»։
Արտերը,
լեռները
հսկելու
պատրուակը
անոնք
կ՚արժեւորէին
[1]
քիչ
մը
ամէն
տեղ
հարազատ
միջոցներով,
բայց
սա
կեավուր
գիւղին
համար
գտնելով
անասնութենէն
անդին
ալ
տրտմութիւն
մը,
կարծես
մեղքնալով
իրենց
անգոյ
սիրտին
չորցած
խորշերէն,
թշուառութեան
ու
անդարման
հանդէսին
վրայ։
Ձիով,
հետի,
առանձին,
խմբովի
անոնք
կը
ներկայանային
գիւղապետին
աս
ու
ան
արտին,
անտառակին,
արօտին
իբր
թէ
հասցուած
վնասին
համար
(կենդանիներուն
ցռուկովը,
սմբակովը,
քամակովը,
թուլումը
եզին)
կը
գանձէին
վնասուած
խոտին,
ընդեղէնին,
փլցուած
թումբին
կամ
կոխոտուած
հողերուն
ու
ժում
մըն
ալ
իրաւ,
հաստ,
փոր
բեռնաւորելով
իրենց
աղիքներուն՝
կը
հեռանային
հաճ
ու
տհաճ,
երես
չհանելու
համար
սմքած
կեավուրը,
որ
նախախնամութեան
անդարձ
կարգադրութեամբը
սահմանուած
էր
իր
մեղքը
հոսկէ
քաւելու
իբր
նախափորձ,
սա
ծառայութիւնները
մշտապէս
մատուցանելու
միւսլիւմանին,
աշխարհին
մինչեւ
վախճանը՝
ինչպէս
կը
տրամաբանէր
եօթը
տուննոց
ճահճակայանի
ջերմահար
մոլլան,
երբ
այդ
ալպանցիները
նամազի
ու
լուացման
կը
հրաւիրէր,
իրենց
կուշտ
փորէն
վերջ,
քարոզելով
անոնց
պարտք
ու
պատուհաս,
իսլամին
փառքն
ու
անհաւատին
կորանքը,
հասցնելով
սա
մութ,
բութ
խղճմտանքներուն
դժուարընկալ
ալքերուն…։
Ու
այցորդ
պաշտօնակալներ,
ոսկեզօծ
թումբերով
ձիերու
քամակին,
ով
գիտէ
ո՜ր
գեղին
մէջ
իրենց
սիրուհիները
գտնելու…։
Ու
կու
գային
տակաւին
շարժուն
զօրաթեւերը,
կասկածելի,
մուզիր
օտարականներ
որսալու
սահմանուած,
պաշտօնապէս
հռչակի
ելած
աւազակախումբերը
հետապնդող,
գեղէ
գեղ
հաղորդակցութիւնը
ապահովող,
որոնց
սպաները
կ՚արժէր
տեսնել,
դեռ
ձիէն
չիջած,
փոխյիսնապետներ,
շողշողուն
կալոններով,
գեղջուկ՝
ինչպէս
յոխորտ,
խորապէս
թուրք
սակայն,
մտովի
լզելով
համբաւը
գիւղապետին
աղջիկներուն,
որոնք
անհասկնալի
օրէնքով
մը
շքեղ
բացառութիւններ
էին,
չոր,
ճահճոտ,
այրեցաւեր
այդ
մարդերուն
համար
անկարելի
գեղեցկութիւններ,
անուշ,
զգլխիչ
ու
պուպրիկ,
դեղին,
դեղնախտաւոր,
անկիւնոտ
միսերով,
խարզած
մորթով,
մեծ-փոր
գրեթէ,
յղի
աղջիկներուն
պարզած
զզուագին
պատկերը
հիմնովին
հերքող,
եւ
որոնք
իրենց
այդ
բարիքն
ու
շնորհը
կը
քաւէին
տունէն
գրեթէ
դուրս
ելլել
չկրնալով,
իրենց
նշանածութեան
շրջանին՝
ինչպէս
ամուսնութենէն
վերջն
ալ,
չորս-հինգ
զաւկի
մայր,
բայց
պահող
անաղարտ
շէնքը,
կանոնաւոր
կառոյցը
իրենց
գիծերուն,
թարմութիւնը
իրենց
մոյնքին,
զգլխանքը
իրենց
միսերուն,
որոնցմով
հովանաւոր
էր
եղեր
պարմանութիւնը
իրենց։
Գիւղապետին
աղջիկներուն
հեքիաթը
այդ
գիւղին
համար
բարիք
էր՝
որքան
չարիք։
Թերուս
եւ
կէս
յիմար
այդ
յիսնապետները
կը
փնտռէին
տակաւին
բարեկամութիւնը
գիւղապետին
մէկ
հատիկ
մանչուն,
-
սա
աւելի
անբացատրելի
հմայք
մը,
հրաշք
մը
գրեթէ,
այդ
վայրերուն
համար
այնքան
տարօրինակ,
քսանին
մէջ
իսկ
հսկայ
իբր
մարմին,
գիրքերուն
բառով
գեղանձն,
փարթամ,
հրապուրիչ
ու
այլապէս
ազդեցիկ,
իր
հայութիւնը
ընելու
աստիճան
սխալ
մը,
ըստ
վկայութեան
գիւղէն
անցնող
ամէն
միւսլիւմանի։
Այդ
տղան
իբր
մարմնական
շէնք
այնքան
տպաւորիչ,
իր
այդ
տուրքին
կը
յաւելուր
տակաւին
նոյնքան
յորդ,
կատարեալ
իմացական
շնորհներ,
խօսելով
թուրքերուն
լեզուն
-իր
պատանութիւնը
անցեր
էր
թրքութեան
ամէնէ՛ն
թուրք
մայրաքաղաքին,
Պրուսայի
մէջ-
անհաւասարելի
վայելչութեամբ,
նախանձը
գրգռելու
աստիճան
հազարապետ
փաշաներուն,
որոնք
«մաշալլա՜հ,
մաշալլա՜հ»
ըսելով
տղուն
արեւը
չար
աչքերէ
զերծ
պահելու
համար
կը
դիմէին
աջին
ու
ձախին,
հալածելով
չարքն
ուժերը
եւ
կը
ցաւէին
ծնունդին,
իրենց
կարծիքով
մինչեւ
սատրազամութեան
(եպարքոսութիւն)
ճամբայ
ունէր
այդ
երիտասարդը…
եթէ
երբեք
ընդունէր
արդար
կրօնքը։
Ան
դպրոցական
կապեր
ալ
կը
շարունակէր
պահպանել
գաւառակին
փաշային
տղոցը
հետ,
թուրքերուն
համար
ըմբռնելի
երիտասարդներ
(կը
ղրկեմ
ընթերցողը
«Հարիւր
մէկ
տարուան»
շարքէն
երրորդին՝
«Սիւլէյման
էֆէնտի»ին,
որուն
տիպարը
առած
եմ
իրմէ),
երկու
եղբայր։
Փաշան
որքան
անզգամ
(պէյ
էր
ան
դեռ
փաշա
չեղած,
ինքզինք
պարտադրող),
տղաքը
նոյնքան
զգաստ
ու
ազնուական։
Որսերու
պատեհութեամբ
կը
հիւրասիրուէին
գիւղապետին
մանչէն,
ինչպէս
կը
հիւրասիրէին
իրենց
բարեկամ
երիտասարդը
իրենց
քոյրերը,
մանկատի
մայրերը
արգիլելով
սաւանուելէ
ու
քրիստոնեայ
հարսերուն
նման
սեղանակից
ընդունելով
զանոնք
իրենց
հետ։
Հեքիաթ
չէ
ասիկա,
այլ՝
իրաւ
ապրում։
Հարիւր
մէկ
տարուան
վէպին
աշխարհը
ձեզի
կ՚ըսէ
շատ
բան
այդ
ուղղութեամբ։…
Անոր
գեղէն
բացակայութեան,
փոխ-յեսնապետները
կը
դարմանէին
(բառը
հասկցէք
հին
իմաստով)
իրենց
ձիերը,
կ՚ուտէին
հաւը,
փիլաւը,
առաջները՝
միշտ
գիւղապետին
տունէն,
աւելի
յետոյ,
բռնապետութեան
խստացմամբ,
թուրքերուն
հանդէպ
երախտագիտական
զգացման
մէջ
իբր
հաւասարութեան
ապացուցում՝
շաբաթներով
իսկ
ցամաք
հաց
չտեսնող
գիւղացիին
կռնակէն
(այս
ծախքերն
են,
որ
տարուէ
տարի
կ՚աճէին,
պետական
տուրքին
զուգընթաց
չարիք
մը
դառնալու
աստիճան,
քանի
որ
անոնց
վճարումը
պայմանաւոր
էր
հասարակաց
բաշխումով),
ի
փառս
եւ
ի
պատիւ
հայ
հաւատարմութեան,
-
տարազ,
որ
քանի
մը
դար
եղաւ
ընթացիկ,
անխուսափելի
բացատրութիւն
հայ
եւ
թուրք
յարաբերութիւնները
լուսաւորող։
Հարստահալած
կազմակերպութիւններուն
մէկ
կարգադրութիւնն
էր
ասիկա,
հայրենասիրական
պարտականութեան
ամէնուն
վրայ
տարածումին
իբր
անդրանիկ
փորձ,
որպէսզի
հաւատարիմ
հպատակ
հայը
ամրապնդուէր
խոր
իր
յարգանքին
մէջ
«գամ
մը
եւս»,
զոր
պարտական
էր
տածել
մեր
ցեղը
հանդէպ
օսմանեան
փառապա՜նծ
եւ
բարեգորով
գահուն։
Ո՜վ
մեր
գերութիւնը,
քեզ
ինչպէ՜ս
մոռնալ։
Դուն
ջարդերուն
չափ
ուժով
ես
իբր
պատկեր,
իբր
քանդակ՝
մեր
հոգիէն
ներս
ու
անոնցմէ
աւելի
կսկծագին,
վասնզի
անյաղթ
կը
մնաս
ժամանակէն
ու
միջոցէն,
ու
կը
կազմես
մեր
մտքին
խորագոյն
դժբախտութիւնը,
կազմեր
ես
դարերով։
Գիւղապետը,
այդ
աստուածավախ,
իր
ժամուն,
օճախին,
աւանդութեանց
պատկառուն,
բծախնդիր,
ատեն
մը
չէր
յօժարած
հաւատարմութեան
այս
ցոյցին
ու
«ներքեւ
ձեռաց»
կարգադրեր
էր
քանի
մը
տարի
այս
անտանելի
զուլումը
ֆախիր
ֆուխարայի,
մինչեւ
որ
նախանձորդի
մը
կողմէ
մատնուած,
ստացաւ
խիստ
ազդարարութիւն,
յարգելու
կառավարական
հրահանգները,
ու
ծռեց
գլուխ,
մեղանչելով
օճախին
դէմ։
Օտան
[2],
որ
այդ
օրերու
գեղի
կեանքին
ամէնէն
սրտառուչ
քաղցրութիւնն
էր
կազմեր
դարերով
եւ
յեղափոխականներու
հաւանական
բուժում
մը
կրնար
հայթայթել,
արգիլուեցաւ։
Բայց
անոր
հացը
պիտի
չպակսէր,
մինչեւ
վերջնական
կործանումը
բոլոր
ղարիպներուն,
երգիչներուն,
անցորդներուն,
այս
անգամ
սեփական
տունին
մէջ։
Կը
յամենամ
այս
ամէնուն
վրայ,
վասնզի
կը
հաւատամ,
թէ
կեանքէն
ամէն
վկայութիւն
փշրանք
մը
հոգի
է,
զոր
պարտաւոր
ենք
փրկել
կորուստէ։
Մարդ,
բարք,
ոճիր,
նախապաշարում,
աղօթք,
-
բոլորը
իրաւունքը
ունին
պատմութեան
դամբարանին։
Անոնք,
որ
արտակարգ
անիմաստութեամբ
մը
կեանքը
կը
կապեն
միայն
ու
միայն
սանկ
երեսուն-քառասուն
տարիներու
ծիրին
մէջ
բովանդակուող
ժամանակի
կտորի
մը,
ատով
պատժած
կ՚ըլլան
իրենք
զիրենք։
Աւելորդ
է
կեանքը
չափել
մեր
տարիներուն
մատնոցով։
Ատիկա
ովկիանոսը
մատնոցով
պարպել
պիտի
նշանակէր։
Ատոր
համար
է,
որ
Մաթիկ
Մելիքխանեանին
հետ
ուղղակի
աղերս
մը
չունեցող
սա
վայրերը,
բարքերը,
անձերը
կ՚ընդունիմ
վէպէն
ներս։
Այդ
մէկ
հատիկ
սրճարանին
-չեմ
նկարագրեր
թշուառական
այդ
բանն
ալ,
հողյատակ,
թանձրորմ,
միակ
պատուհանով
պատերուն
տակ
բոլորակի
սաքուներով
-
ատուած,
սարսափուած
յաճախորդներէն,
տակաւին,
ամէն
ամսագլուխը
կանխող
շաբթուն,
հարկահաւաք
պաշտօնեա՛ն։
Երեսին
վրայ
մորթի
տեղ
իրական
սառատ
[3]
մը
կրող։
Ուլունք-ուլունք
փորուած,
ասեղնագործուած
էր
այդ
երեսը,
բնական
դաժանութիւնը
տասնապատկելով
իբր
տգեղութիւնը։
Ծաղկախտը
ահաւոր
եղած
էր
աւերին
մէջ։
Զարհուրելի
թաթա՜րը։
Որ
նախակիր
ձեւով
մը
կը
մարմնաւորէր
իթթիհատեան
ոգին,
ազգային
ալ
քլիշէ
բարբարոսութիւնը
(բռնութիւն,
ծեծ,
հայհոյանք,
կիներու
հալածում,
կրօնքին
ու
գիրքին
հասցէին
լեզուագար
հեշտախօսութիւն)
իբր
թէ
այպանելով,
վարուելով
գեղացիներուն
հետ
մեղմ,
գրեթէ
թաքթով,
արդարութեամբ,
բարեկրթութեամբ,
երբ
վճարէին,
այլապէս
դառնալով
հին
թուրքը
փնտռել
տուող
սառնասիրտ
գազանութեան,
երբ
«պարտականութեան
գերի»,
դողահար,
ատամները
կճրտելէն
ու
եօթը
անգամ
թուրք,
կը
մտնէր
աղքատին
տունը,
այսինքն՝
ախոռը
-
քանի
որ
խսիրէն
ու
այծու
մազէ
ծածկոցէ
մը
զատ
ոչինչ
ունէր
հոն
գտնելիք
-
իր
ձեռքովը
կը
քակէր
պարտականին
ալ
սատկելու
վրայ
-
որովհետեւ
անօթի
էշը,
ոսկոր
կառոյց
կովիկը
(ձմեռները
այս
խստութիւնը
կը
հասնէր
ծայրակէտին,
երբ
ձիւնը
կ՚արգիլէր
անոնց
թափառումը
դուրսերը)
ու
քառասուն
փարայի
(ո՜վ
իմ
ականջները,
ինչեր
չէք
լսած)
հարէ
մեզաթ
կը
ծախէր
սրճարանին
առջեւ
միշտ
ագռաւներու
պէս
դիակ
հոտոտող
փոմաք
գաղթականներուն,
որոնք
կեավուրին
ապրանքը
կը
կրէին
իրենց
հիւղակներուն,
օրհնելով
փատիշահը
եւ
անոր
փոխանորդ
Վասֆի
էֆէնտիին
կտրուկ
բազուկ
կը
մաղթէին։
Ընդդիմութի՞ւն։
1896էն
յետոյ
հարկահաւաքը
պետական
շատ
կարեւոր
անձնաւորութիւն
մըն
էր։
Անոր
դէմ
ցոյց
մը
հաւասար՝
պետութեան
դէմ
ըմբոստութեան
մը։
Հաւաքաբար
պատժելու
դրութիւնը
ատկէ
կ՚առնէ
սկիզբ։
Հարկահաւաքը
առանձին
չէր
անշուշտ։
Անոր
ընկերացող
ոստիկանները
վար
չէին
մնար
թաթար
Վասֆիէն
զարհուրանքը
հագնելու,
ոգեւորելու
կերպերուն
մէջ
լայնօրէն
հաւատարիմ,
մագիստրոս
իրենց
աւանդութեանց,
ըլլալով
ընտրուած
լեռներու
ամէնէն
հասակաւոր,
դառնադէմ,
ծաղկաւեր
գազաններէն,
անոնցմէ,
որոնք
քաղաքներու
մէջ
վայրենութիւն
մը
կը
թելադրեն
ու
եւրոպացիներուն
աչքերը
կրնան
անհաճոյ
զգայնութիւններով
տպաւորել,
խուրձ-խուրձ
պեխերով,
ցուլի
բառաչով,
որոնց
պարզ
երեւումը
գեղջուկ
թաղի
մը
մուտքին՝
բաւ
էր
դռնառաջները
պարպելու,
ակնթարթի
մէջ,
արդարէն
ու
մեղաւորէն,
մանուկէն
ու
ծերէն։
Հրա՞շք
մը,
Աստուծոյ
անհաս
ճամբաներէն,
այս
տեսակ
գեղի
մը
մէջ,
գոյութիւնը
շէն
սա
օճախին,
գիւղապետին
երիտասարդ
մանչովը
անգամ
մըն
ալ
ուշքի
ելած,
նոյնիսկ
ջարդերէն
վերջ։
Ժողովուրդը
իր
գէշ
կամ
քիչ
հասկցած
բաները
այսպէս
կը
ջանայ
բերել
իր
խելքի
փլանին։
Հրաշքը
անշուշտ
կարծիքն
էր
տէրտէրին,
ա՛ն
ալ
մէկ
հատիկ,
պարզ
ու
քաջասիրտ
հողագործ,
որ
առտու-իրիկուն
ժամը
կ՚ընէր,
կը
վազէր
պարտէզ,
դդումները
ջրելու,
միշտ
զարմանալով
Ամենակալին
իմաստութեան,
որ
չէր
աչքէ
հեռու
պահած
իր
ալ
գեղը,
արտօնելով
հոն
բարգաւաճ
գոյութիւնը
փարթամ
օճախին։
Ան,
իր
նախորդէն,
մեռած
հարիւրամեայ,
որմէ
եօթանասունը
տէրտէրութեան
մէջ,
ժառանգած
էր
այդ
տանուտէր
ընտանիքին
համար
նոյն
աւանդութիւնը,
այս
անգամ՝
ա՛լ
հաստատ,
անսխալ
իրականութիւն։
Աստուծոյ
աջը
հովանի
կ՚ընէր
այդ
տունին։
Անոր
մօտ
երկու
հեղ
յիսուն
համրած
գլուխը
կը
յիշէր
բարբարոսութեան
ու
կրակի
մեծ
հանդէսները,
որոնք
թուրքերուն
կանխող
երկու
դարերը
ըրած
են
տակնուվրայ,
զարկած
էին
այդ
խուլ
գեղն
ալ,
բայց
միշտ
ալ
խնայած
օճախին,
որուն
հիմնադիրը
աստուածատես
արդար
մը
կ՚ըլլար
ծերունի
քահանային
բերնին,
-
թարթիչի
հաստութեամբ
անգամ
չշեղած
Երկնաւորին
ուղիէն։
«Որ
ոչ
գնայ
ի
ճանապարհս
ամբարշտաց»,
կ՚ըսէր
իմ
օրերուս,
տէրտէրը,
թաքուն
հակառակորդ
գիւղապետին,
բայց
շիտակը
խօսելու
մէջ
ալ
եռանդոտ
ու
արի։
Հեքիաթ
մը
հիմնելու
տունին
նախկինները
կը
հանէր
շատ
վար,
ժամանակը
դէպի
իջնալու
մէջ
հաճոյք
ունեցող
ու
սկզբնական
օճախին
հիմը
փորուած
պահուն
երեւան
կը
բերէր
գուբ
մը,
մարդու
հասակով,
պարունակութիւնը՝
հարկ
չկայ
ճշդելու…
ոսկի,
պահ
դրուած
մինչեւ
օրս,
տունին
անյայտ
ալքերուն
խորը,
անձեռնմխելի,
ոչ
ոքի
ծանօթ,
բայց
որուն
հոտը
բաւ
էր
ներս
քաշելու
դուրսի
ոսկին։
Ինչո՛ւ
չէ։
Գուբը
այդ
կողմերու
բոլոր
արտերուն
մէջ
ընտանի
գիւտ
մըն
էր
դեռ
իմ
օրերուս,
բայց
ոսկի՞ն։
Ան
ալ
թող
մտածէ
հեքիաթը։
Բարգաւաճ՝
այդ
տո՛ւնը,
պապերուն
ամբողջ
գիծովը։
Բարբարոսները
քանի՜
անգամ
կրակի
են
տուած
այդ
գեղը,
ծերերուն
յիշողութիւնը
կ՚ապրի
թոռնէ
թոռ։
Բայց
կրակը
գացած
մարած
է
անոր
պատերուն
շրթներուն։
Ու
հաւանաբար
միջամտած
ալ
է
աւանդութիւնը,
յարգելու
համար
Աստուծոյ
աջով
հովանաւոր
օճախը,
երբ
նոյն
այդ
մարզերուն
համար
ականատեսի
քրոնիկներ
կը
պատմեն
անհուն
աւերած
ու
անպատում
սպանդ։
Ինչո՞ւ
եւ
ինչպէ՞ս
յարգած
են
թուրքերը
սա
հրաշքը,
անոնք,
որ
սրտի
մեծ
գոհունակութեամբ
տառը
տառին
գործադրած
են
արիւնին
ու
կրօնքին
պատգամները,
չձգելով
մարդ
այդ
գիւղին
մէջ,
որ
կուշտ
հաց
ունենայ
տարին
գոնէ
քանի
մը
ամիս,
գրաւելով
դարէ
դար
ցորենն
ու
գարին,
այնքան
անուանի
ճախճախուտի
եզրերու
արտերէն,
պետական,
անհատական,
յերիւրեալ
պարտքերու
փոխարէն։
Իմ
օրիս,
բնակարան
չկար,
որ
հիմէն
չըլլար
գրաւի
տակ։
Այն
որ
կը
մտնէր
այդ
մեռելաստանը,
ցած
ու
խեղճ
տանիքներով
անհուն
լքում,
ախտաւէտ
ամառ
ու
աշուն
թելադրող,
տարօրէն
կը
զգար
մեծվայելուչ
գրաւչութիւնը
գիւղապետին
բնակարանին,
«ապրանքի
մը
պէս
մեծ»,
ինչպէս
կ՚ողբայ
մեր
բանաստեղծներէն
մէկը
իր
հայրենի
տան
յիշատակը։
ԺԹրդ
դարը
մեր
պատմութեան
ամէնէն
փաստառատ
դարն
էր։
Եւ
սակայն
որքան
քիչ
բան
գիտենք
մեր
տանուտէրներուն
հեքիաթէն,
զոր
կը
յաւակնէինք
հասկնալ
քիչ
մը
վաղածանօթ
բարիքներուն
գնովը,
օսմանեան
բարեխնա՜մ
կառավարութեան
կողմէ
այնքա՜ն
հայրաբար
շռայլուած
մեզի։
Ու
որքան
քիչէն
աւելի
ճիղճ
է
մեր
գիտցածը
ԺԷ,
ԺԸ,
դարերու
ու
ԺԹրդին
առաջին
կէսերուն
այնքան
բարգաւաճ
մեր
իշխաններուն
ապրումներէն։
Երեմիայի
Չէլէպի
օրագրութիւնը,
Դարանաղցիի
յիշատակները
ի՜նչ
ժլատ
փշրանքներ
կը
հայթայթեն
մեզի,
երբ
փորձուինք
վերակազմել
մեր
ժողովուրդը
իբր
ապրում
ու
պատմական
իրողութիւն։
Մեր
ամիրաները,
սակայն,
մոմիայ,
մեռել,
բառ
ըլլալէ
առաջ
ի՜նչ
հսկայ
խտութեամբ
նիւթեր
են,
ողբերգական
ու
փարթամ
գեղեցկութեանց
սրտառուչ
հանդէս։
Արդի
վէպը
այդ
աշխարհէն
ինչե՜ր
ընդունակ
է
վերբերելու,
որոնց
մասին
չենք
իսկ
մտածած։
Քառասուն
տարի
առաջ,
գիւղապետին
ապարանքը
կամ
ամէնօրեայ
այցելութիւններուս
կը
պարզէի
թաքուն
խորհուրդը,
ուժը,
անհասկնալի,
բայց
իրաւ,
տիրական
հովանին
ու
թաքուն
խորհուրդը,
ուժը,
անհասկնալի,
բայց
իրաւ,
տիրական
հովանին
ու
զիս
կը
ձգէր
երազուն,
գիծովը
մեր
մեծերուն,
որոնք
կրցեր
էին
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու,
մալարիային
ու
թալանին,
եաթաղանին
ու
մանկահաւաքման
սա
տեսակ
պալատներ
գեղակերտել
(պատմած
եմ
«Մնացորդաց»ի
մէջ
մեր
գեղին
ալ
պալատը)։
Ու
չունիմ
այսօր
ալ
պայծառ
թափանցում։
Գիտեմ,
թէ
Պոլսոյ
երանելի,
ամենահաս
խմբագիրները
չեն
վարանիր
նման
բացառութիւնները
իբր
փաստ
ընդհանրացնել
թուրքերուն
առաքինութիւնները
յաւերժող,
-
բառեր,
որոնք
մինչեւ
երէկ
դեռ
շրջաբերութեան
մէջ
էին,
առանց
կարիքի,
քանի
որ
ժողովուրդը,
որ
ընդունարանն
էր
բոլոր
այդ
բարիքներուն,
զոհուած
էր
աւելի
իրատես
հաշիւներու։
Էր
երբեմն,
ուր
թուրքը
կ՚անգիտանար
իր
հպատակները,
մանկահաւաքումէ
ու
դրամական
վայելքէ
դուրս,
տարբեր
հետաքրքրութեանց
կրկէսին։
Փա՞ստ։
Պտտեցէք
ամէնէն
մօտ
իրենց
լուծէն
ազատագրուած
արաբական
երկիրները
ու
ցոյց
տուէք
մէկ
հատիկ
հետք,
որ
խօսէր
չորս
դարերու
տիրապետութենէ
մը։
Այսօր
ոչ
ոք
կը
հասկնայ
անոնց
լեզուն
իսկ։
Կէս
դար
առաջ
կինն
ալ,
անոնց
ախորժակներուն
մէջ,
իջած
էր
երկրորդ
գիծի,
քանի
որ
իրենց
կիները
կը
մնային
անմշակ,
անդադար
պատերազմները,
որուն
նօսրացուցած
ըլլալուն
միջինէն
շատ
անդին։
Թուրքերուն
վերանորոգ
ու
կրկին
մկրտուած
ազգայնականութիւնը,
կէս
դարու
ուղղափառ
զարգացում
իսկ
ունենալով
իրեն
ետին,
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
պիտի
ըլլայ
իրենց
շահեցուցած,
երբ
կէս
դար
յետոյ
կրկին
նստին
հաշուեյարդարի
Ռուսիայէն,
Իտալիայէն
կամ
Գերմանիայէն
կուլ
տուած
իրենց
«Հայրենիքին»
աւերակներուն
վրայ
եւ
ոգեկոչեն
օրերը,
ուր
կը
սպառնային
աշխարհի…։
ԺԵ
կամ
ԺԷ
դարերուն,
երբ
թուրքերը
կ՚արտօնէին
հին
ոճի
հարստութիւններ,
կ՚ընէին
ատիկա
ազդեցութեանը
տակ
իրենց
կրօնական
խղճմտանքին։
ԺԹրդ
դարու
առաջին
կէսին՝
անոնք
դարձեալ
իմաստուն
էին,
արտօնելով
կեավուրներուն
ո՛չ
միայն
ապրիլ,
այլեւ
բարգաւաճիլ,
պալատներ
ունենալ,
դէպի
Արեւմուտք
իրենց
առաջին
հակումը
փաստօրէն
պաշտպանող։
Դեռ
չէին
հերքուած,
թթու
եւ
այլամերժ
ազգայնամոլութեամբ
եօթանասնական
թուականներու
վերանորոգիչ
աշխատանքները,
թերեւս
մեծ
վեզիրներու
մտածնունդ,
որոնք
թուրքերը
մօտեցուցին
արեւմտեան
մշակոյթին,
առնելով
այդ
Արեւմուտքին
մեծ
ցուցմունքները,
համոզումով,
ոչ
թէ
հիմկու
նման,
ձեւով,
տարազէ
կամ
գլխարկէ։
Այն
ատեն
ջարդ
մը
մտածելը
հեշտագին,
զայն
կազմակերպելը
ծանր,
զայն
իրագործելը
բացառիկ
աշխատանքներ
էին,
որոնց
իւրաքանչիւրին
համար
իշխանութիւնները
ուրոյն
խաւերու
կարիք
ունէին։
Իսկ
օր
ցերեկով
գեղ
մը,
քաղաք
մը
հուրի
եւ
սուրի
մատնելու
արարքը
հոգեբանական
մեծ
նախապատրաստութիւն
կը
պահանջէր։
Մեծ
պատերազմները՝
նման
առիթներ
անշուշտ։
Բայց
որոնցմէ
դուրս,
պետական
ու
սառնասիրտ
հաշիւներով
շրջան
մը
իր
բնիկներէն
դատարկելը
թուրք
զանգուածին
համար
դժուար
հասկնալի,
որով
եւ
տանելի
քաղաքականութիւն
մը
չէր։
Այդ
ժողովուրդը
նախնական
ու
վայրագ,
խելօք
էր,
առանց
արտաքին
ժահրի։
Հիմա՞։
Դուք
չէք
կրնար
գտնել
մէկ
հատիկ
թուրք,
որ,
մէկ
ձեռքին
սիլինտրը,
միւսին՝
եաթաղան,
չհեշտանայ
ինքն
իրմէ,
երկուքն
ալ
գործածելուն
մէջ
հաւասար
վայելչութիւն
ու
իմաստութիւն
գտնելուն։
Ու
հարկ
է
աւելցնել՝
առանց
մունետիկի,
հերիք
է,
որ
ամէնէն
գռեհիկ
թերթը
երկու
սիւնակ
վայրահաչ
գրգռութեամբ
մը
այդ
հանդէսը
օգտական
հռչակէ
հայրենիքին
շահերուն։
Անշուշտ
հարիւր
տարի
առաջ
ալ
թուրքը
թուրք
էր,
այսինքն՝
վաւերական
հայրը
այժմու
գլխարկաւոր,
պարահանդէսի
հանդերձանքով
ջարդ
հրամայող
հանրապետութեան
նախագահին,
ու
թուրք
էր
աւելի
խոր
ու
հարազատ
ձեւով,
բայց
կը
կենար
ու
կը
հարցնէր,
երբ
առջին
բերուէին
ձեռնակապ
մարդեր,
մորթելու
համար,
մեղքերը
այդ
թշուառականներուն,
մա՛նաւանդ
վարձքին
տեսակը,
երկրի՝
ինչպէս
երկինքի
մէջ։
Սոսկական
անհատներէն
վեր,
որոնք
ամէնէն
մռայլ
շրջաններուն
դէմ
են
գացած
հրահանգին,
թելադրանքին,
ժահրի
պատուաստին
ու
պաշտպանած
դրացին,
ապուր
ուտող
բարեկամը,
հայը,
պետական
աւագ
անձնաւորութիւն
մը
ինքզինքը
չէր
խաբեր,
երբ
նամազի
չզիջանելով
հանդերձ,
իր
պալատին
ստորայարկերուն
մէջ
դասակ-դասակ
մանչեր
ու
աղջիկներ
բոյժի
կը
դնէր՝
իր
անկողինին
համար։
Ու
միւս
կողմէ
կը
հաւատար
իր
ըրածին,
երկիրը
արեւմտացնելու,
այդ
դերին
ամէնէն
ընդունակ
տարրերուն
ձեռքովը,
զանոնք
պահելով
իր
պաշտպանութեանը
ծիրին
մէջ,
որքան
ատեն
որ
անպատեհութիւն
չէին
ներկայացներ։
ԺԹրդ
դարու
կէսին
թրքական
հողերուն
վրայ
ծաղկող
ազատականութեան
արմատները
այս
ենթաշխարհին
ապրանքն
են
եւ
ոչ
թէ
ցեղային
շփացւած,
անգոյ
առաքինութիւններու։
Մենք
չշինեցինք
անշուշտ
իրենց
հայրենիքը,
-
կը
հասկնամ
1900ի
Իզմիրը,
Պոլիսը,
Պրուսան,
Էտիրնէն,
Սվազը,
Տիարպէքիրը,
Էրզրումը,
Ատանան,
Դամասկոսն
ու
Պէյրութը
ու
բոլոր
Երուսաղէմը։
Այս
քաղաքները
դիմագիծ
մը
ունէին
թուրքերէն
առաջ
ալ։
Իրենց
հինգ
դարերուն
յաւելո՞ւմը,
-
պէտք
է
սպասել,
ատիկա
տեսնել,
ճշդել
կարենալու
համար։
Եւ
սակայն
առնուազն
անգթութիւն
է
մեզ
մեղադրել
այդ
պատկերին
իբրեւ
հեղինակ։
1940ին,
ամերիկացի
ճամբորդներ
պատմած
են
այդ
հողերուն
երեսին
կատարուող
փոփոխութիւնները,
զգացած
ալ
հոգին,
որ
այդ
շէնքերուն
ներսը
կը
սնանէր
արդի
մտածողութեան
ամէնէն
ընթացիկ
փառքերովը։
Չեմ
թերահաւատ։
Թուրքն
ալ
ունի
իր
խելքը,
ձեռքը,
ոտքը։
Ոսկեդարը
(ԺԹրդ
դարու
կէսը),
զոր
այնքան
լրբութեամբ
կը
շահագործեն,
երբ
կը
ջանան
քաղաքակրթական
արժանիքներու
ընդունարան
հանդիսանալ,
ըլլալէ
վերջ
մարդերու
պատմութեան
մէջ
երբեւիցէ
երեւան
եկած
ամէնէն
աւերիչ
վոհմակը,
վերջացած
է
այսօր։
Մնաց
որ,
երբեք
սխալ
չդատեցին
զայն,
ներքնապէս
զայն
ընդունելով
իրենց
պատմութեան
ամէնէն
մեծ
սխալը։
Ի՜նչ
հեշտագին
մոռացումով
մը
սրբելով
իրենց
մտքէն
շրջանները,
ուր
Պոլիսը
գրաւող
հռչակաւոր
բանակը,
ԺԵ
դարուն,
մէկ
երրորդովը
կազմուած
էր
ոչ-թուրք
տարրերէ։
Ու
Գանունիին
կայսրութիւնը
մինակ
արիւն
չվազցուց։
Քրիստոնեան՝
ինչպէս
արաբը,
յոյնը՝
ինչպէս
հայը
իրենց
գիրքերուն
մէջ
օրհնութեամբ
կ՚արձանագրեն
անունը
մեծ
ինքնակալին։
Թուրքերուն
կայսրութիւնը
ԺԷրդ
դարու
սկիզբն
գեղեցիկ
ու
շքեղ
իրագործում
մըն
էր,
որուն
ազդակները
ջարդէն
չեն
առներ
իրենց
սնունդը։
Քսաներորդ
դարու
սկիզբը,
«Արեւելեան
նահանգներ»ու
մէջ
(գեղեցիկ
գիւտը՝
սպաննելու
համար
պատմութեան
քսան
դարերը)
հայկական
գիւղերը
սիստեմաթիք
փճացման
դատապարտող
ոգին
տասնհինգ
տարի
վերջը
դժուար
պատեհութիւնը
պտի
ունենար
վերջնական,
արմատական
դարմանումով
մը
սրբագրելու
մեծ
սուլթաններուն
անուշադրութիւնը։
Միակտուր
Թուրքիան
երազ
մը
չէր
անշուշտ։
Ու
մինչեւ
այդ
թուականներուն
բացուիլը՝
կեանք
մը
կար
անշուշտ
այդ
գիւղերուն
մէջ,
այսօր
դժուար
ըմբռնելի,
վասնզի
այդ
կեանքին
մեծ
խաւերը
կորսուած
են
հետախաղաղ,
մեր
մատենագիրներուն
երջանիկ
անփոխութեանը
երեսէն։
Արեւմուտքին
բացուող
թուրք
կայսրութիւնը
ընդունած
էր
կարգ
մը
նորութիւններ։
Չեմ
մանրամասներ։
Ատոնցմէ
որո՞ւն
մէջ
զետեղելի
էր
սակայն
վիճակը
սա
գեղին,
ուրկէ
սկիզբ
կ՚առնէ
Մաթիկ
Մելիքխանեանին
պատահարը։
Իմ
գտածս
ու
տեսածս
այն
էր,
որ
Հայաստանէն
հազարաւոր
քիլոմեթրով
բաժնուած
ու
թրքութեան
ծովուն
մէջ
տառացի
խեղդուած
այդ
գեղին
շուրջը
մշակելի
հողը
քառորդն
իսկ
չէր
ներկայացներ
խոպանին,
որ
տիրակալ
արձակութիւն
մըն
էր,
ժայռաստանի,
մօրուտքի,
անբեր
աւազներու
կերպարանքին
տակ։
Հո՛ղը,
այսինքն՝
ա՛ն,
ուրկէ
հացը
կը
բուսնի,
իր
կարգին
հեստ
ու
անընտել,
սովորութիւն
ունէր
խաբելու,
առնուազն
առածը
միայն
ետ
տալու,
վրայէ
վրայ,
տարիներ
շարունակ։
Անձրեւները
օգտագործել,
այսինքն՝
անոնց
քշած
դիրտերը
տարուէ
տարի
խնայել
ու
մանկութեան
սկսուած
պարտէզիկը
չափահասութեան
աւարտելը
այդ
գեղացիներուն
համար
պապենական
աւանդութիւն
էր։
Այսպէսով
է,
որ
ժայռաստանին
զանազան
կէտերուն
յօրինուած
էին
կալիկներ,
քառակուսիներ,
եռանկիւններ,
ուր
կիներու
նետած
ոսպը,
սիսեռը
սանկ
գարնան
կանանչնալ
ունէին։
Բայց
քիչ,
քիչ,
քիչ։
Ա՛յնքան՝
որ
սրամտութիւն
ըլլալէ
աւելի
իրական
պատկեր
էր
հեգնութիւնը,
որով
հողը
կը
յայտարարուէր
ուտուելու
համար
ստեղծուած
եւ
ոչ
թէ
մշակուելու։
Գիւղացին,
առանց
հողի։
Դժուա՞ր՝
ըմբռնել
սա
իրողութիւնը։
Եւ
սակայն
իրաւ
էր
անիկա։
Ու
ապրիլը՝
պարտք,
դրուած
ուսին
տանողին՝
ինչպէս
չտանողին։
Վարը,
դաշտի
բոլոր
հանգրուաններուն,
գիւղակներ,
պարզ,
բայց
հողառատ։
Որոնց
բախտն
էր
ճամի
մը
ունենալ
իրենց
կեդրոնը,
զանգակատան
փոխարէն։
Հոն
մարդերը
չէին
իսկ
մտածեր
հող
ըսուած
հարցի
մը։
Ասդին,
զանգակով
պատժուած
գեղին
մէջ,
գեղերու
մէջ
մարդիկ
պիտի
ծնէին
աղքատ,
արգանդէն
իսկ
զուրկ,
պիտի
աճէին
աղքատ,
խարխուլ
խրճիթէ
մը
ներս,
հողով
յատակուած,
քանի
մը
խսիր,
ճահիճէն
«քաշուած»
ձրի
բերք,
արեան
տուրքով
մը
մժեղներուն
պայմանաւոր,
այծու
մազէ
վերմակ,
փայտէ
պնակներ,
դդումէ
սափորներ,
թի,
բահ,
բրիչ,
քիչ
անգամ
կացին,
-
ահա
այդ
անհող
գեղերուն
խրճիթները։
Ուտէին
պիտի
կորեկ,
եգիպտացորեն,
խոտ
կամ
սատկելու
վրայ
եզան
քար
դարձած
միսը։
Պիտի
մեռնէին՝
հողին
նոյն
կտորը,
խրճիթը,
այծուն
կապերտը
կտակելով
իրենց
զաւակներուն
ու
ասիկա
այսպէս
«անսկիզբն
ու
անվերջ»։
Դար
մը
առաջ
մասամբ
հասկնալի,
սա
բաները
հեքիաթ
կը
թուին
մեր
դարու
մուտքին։
Բայց
իրաւ
են
անոնք,
եղերական
ստուգութեամբ
մը։
Երեսուն
տարի
առաջ,
այդ
հողերուն
վրայ
աշխատաւորը,
մահուան
գնով
իսկ,
անկարող
էր
նշանախեց
մը
փոխել
սա
կարգերէն։
Ու
ասիկա
օսմանեան
հայրախնա՜մ
կառավարութեան
բարիքն
էր
մեր
ժողովուրդին։
Փոխադրել
այս
ամէնը
դէպի
քաղաքները։
Ասիկա
պիտի
նշանակէր
Տանթէ
մը
ստեղծել։
Հիմէն
հանուած
գուբին
հրաշքովը,
թուրքերուն
հիւրասէր,
գորովոտ,
բարեհաճ
արտօնութեամբը,
Ամենակալին
անհաս
մէկ
պատգամովը
-ո՛ր
մէկով
որ
կ՚ուզէք-
գոյութիւն
ունէր
սակայն
այդ
գիւղին
մէջ
մէկ
հատիկ
սրճարանէն
աւելի
արդար
փառքով
մէկ
հատիկ
օճախը։
Գիւղապետը
կու
գար
իր
պապերէն,
բոլորն
ալ
պետ,
ըստ
աւանդութեան,
իրենց
կարգին։
Ու
անշուշտ
նորէն
հրաշքը
պէտք
է
միջամտէ։
Որպէսզի
հասկնալի
ըլլային
անոր
անդաստանները,
հազարէն
վեր
արտավարով,
որոնց
կէսը
ճահիճը
երբեմն
տարիներով,
բայց
անձրեւի
քիչ
տարի
մըն
ալ
այդ
հողերէն
տուն
կը
ղրկէր
առասպելական
բարիք։
Իմ
հոն
եղած
տարին
ջուրերը
հաստ
էին
եւ
երբեք
մտադիր
նահանջի։
Գիւղապետին
նախիրը,
տեսակներովը,
դարձեալ
վեր
քանի
մը
հազարէն։
Ու
անոր
աղջիկները,
ըսի
անգամ
մը,
փաշաներու
պալատին
վայել
աղուորներ։
Հարցուցէք
ու
զարմացէք,
թէ
ինչու
կ՚ըլլան
այս
ամէնը
այսպէս
քով
քովի,
մօտիկը՝
միւս
անհուն
թշուա-ռութեան,
որ
իբր
ապրում
խարանուած
ու
փակցուած
էր
ուրիշներու
երբեք
հանգիստ
չճանչցած
ոսկորներուն։
Կը
պտտէինք
անոր
տղուն
հետ
արտերը,
պարտէզները,
մարագները,
թթաստանները
ու
կը
սիրէինք
կեանքը
առ-նուազն
մեզմէ
դուրս
շռայլութեան։
Ինչպէ՞ս։
Այսպէ՜ս։
Բան
մը
կար,
որ
ստիպուած
էր
սորվիլ,
բաւական
տառապանքով,
գիւղապետը
-ատիկա
մոռնալու
էր
իր
պատանութիւնը,
այսինքն՝
մինչեւ
հոդ
հասնող
ազատութիւնը
իր
պապերուն
բերքէ,
վարկէ,
որսէ,
զէնքէ,
աւազակներու
հետ
յաղթական
բախումներէ-
բոլորն
ալ
բռնապետութեան
աքցաններովը
մէկիկ-մէկիկ
նեղցուած։
Հայկական
աղէտը,
այսինքն՝
1895ի
ջարդերը,
վերջաբան
մը
կը
կազմէր
ապրելու
կերպի
մը։
Քիչ
մը
ամէն
տեղ,
մէկ
ամսուան
մէջ,
մեր
ժողովուրդը,
ամենազօր
կարգախօսով
մը
դարձուեցաւ
դար
մը
առաջուան
իր
գերութեան։
Չեմ
բանար
պատկերաշարքը
յղացքին։
Ու
կը
բացուէր
նոր
շրջանը։
Պարտաւոր
էինք
ապրիլ,
թուրքին
հարկը
վճարելու,
մեր
գերութիւնը
մեզի
հաշտ
ընելու՝
մեր
միտքին
ալ
գերութեամբը,
փրցնել
նետելով
մեր
միտքէն
բաներ,
որոնք
բաց
վէրքի
մը
պէս
կը
թունաւորէին
մեր
հոգին։
Չեղանք
ցեղովին
սողոսկուն,
կեղծաւոր...
լուացող.
թուրքերուն
հետ
հարիւրին
կէսը
հասնող
քաղցր
մեր
տարիները
մեզ
կ՚արգիլէին
ատկէ։
Միւս
կողմէ
փոխուած
էր
մա՛նաւանդ
թուրքը,
որ
ո՛չ
միայն
մեզ
կ՚ատէր,
այլեւ
մեր
ամէն
մէկ
օրը
իրեն
սպառնալիք,
իրմէ
կորզուած,
գողցուած
բարիք
մը
կ՚արժեւորէր։
Ու
այս
մտայնութիւնն
էր,
որ
պիտի
հանդերձէր
1915ի
աղէտը։
Առայժմ,
մենք
բոլորս,
ու
ամէնէն
առաջ
սա
թշուառական
գիւղը
պարտաւոր
էր
վարուիլ
գիտնալ,
գայմագամին
խոհարարէն
մինչեւ
դրացի
առանձին
կոյր
մուրացիկը,
որ
իր
երգը
բռնի
կը
ծախէր
կեավուրներուն
ու
բերանը
կը
բանար
ո՛չ
միայն
երգի,
այլեւ՝
ցեղին
վայել
հայհոյութեանց
հեղեղին,
քրիստոնեայէն
կերուած
ամէն
մէկ
պատառին
մէջ
բաժինը
ճշդելով
արդար
հաւատացեալին։
Մեր
լեզուով
վարուիլ
գիտնալը
կը
նշանակէր,
այդ
օրերուն,
վաստակին
4/5ը
բաշխել
այդ
ջոլիրին։
Ու
թերեւս
խորունկ
բան
մը
ըսած
չեմ
ըլլար,
երբ
այս
գերութիւնը
ընդհանրացնեմ
բոլոր
օճախներուն,
փառքերուն,
բոլոր
դարերէն։
Օգտակա՞ր։
Անշո՛ւշտ։
Թերեւս
հոս
է
գաղտնիքին
ակը
այն
մեծ
անձնաւորութեանց,
որոնք
ստիպման
տակ,
իրենց
տուրքերը
կը
սրցնեն։
Խոփը
քանի
հերկէ,
այնքան
աւելի
կը
փայլի։
…
Այդ
յայտ
ու
ծածկուած
տուրքերէն
դուրս,
ամէն
գիւղապետ
իր
անձնական
պատասխանատուութեան
տակ,
երաշխաւորն
էր
իր
ժողովուրդին
հաւատարմութեան։
Ան
յանձնառու
եղած
էր
մատնանիշ
ընել
իշխանութեանց
ամէն
օտարական,
ի՛նչ
ազգի
ալ
պատկանէր
ասիկա։
Աւելի՛ն,
տեղեակ
պահել
կառավարութիւնը
երիտասարդութեան
հակումներէն,
զէնքերու
գործածութեան
մէջ
վատնուած
եռանդէն,
որսի
պատրուակով
նշանառութեան
ընդարձակ
մարզանքներէն
ու
սա
ու
ան
վէճին
առիթով
ծագում
առած
ընտանեկան
խռովքներէն,
յուզումներէն։
Մատնութի՞ւն։
Բաւական
բիրտ
է
բառը։
Մեր
հայրենիքին
մէջ
յանձնառութիւններուն
յօժարողները
պատժուեցան,
կամայ-ակամայ
մեղանչումներու
համար։
Թուրքերու
ծովուն
մէջ
կութ
մը
շարժող
ճահճատենդէն
արիւնաքամ
ու
անօթութենէն
զգետնուած
սա
խուժարանին,
ժայռաստանին
մէջ
պոմպա
չէր
պատրաստուեր,
ոչ
ալ
Եըլտըզի
վրայ
քալելիք
հայ
ֆետայիին
զինավարժութեան
մարզանքը
կրնար
ըլլալ
աներեւոյթ
ոգիներու
ցուցմունքներուն
տակ։
Ըսի
այս
ամէնը,
վասնզի
Մաթիկ
Մելիքխանեանի
ձերբակալութեան
մէջ
բոլոր
այս
նկատումները
մէյ-մէկ
քիչ
դեր
մը
ունեցան։
Կ՚աւելցնեմ
ուրիշներ։
Գիւղապետին
չափ
տէրտէրը։
Ասոր
շուքին՝
վարժապետը։
Այս
երկուքէն
առաջինը՝
տեղական
ապրանք։
Երկրորդը՝
միշտ
ներածելի։
Այդ
գիւղին
մէջ
ոչ
ոք
իր
անունը
գրելէն
անդին
հաճած
էր
անցնիլ
տասը
ձմեռ
դպրոց
երթալէ
վերջն
ալ,
երբ
ես
մտայ
իրենց
մէջ։
Տէրտէր
ու
վարժապետ
գիւղապետին
օգնականները
կը
համարուէին։
Բայց
աւելի
նիհար
տաւար՝
կը
մնային
ենթակայ
աւելի
լուրջ
նեղութեանց։
Գիւղերը
միշտ
ասոնցմէ
դուրս
ունէին
քանի
մը
սանկ
դժուար
որակելի
մարդեր
ալ,
ընդհանրապէս
թուրքերու
հետ
լաւ
երես
յարդարող
ստորադաս
պաշտօնեաներու
համակրութիւնը
ալպանացի
պահապաններու
ընձեռուած
ասպնջական
եւ
այլ
կարգի
աւելի
տրտում
հաշիւներու
հերոսներ,
որոնց
տունը
հացը
չէր
պակսեր
կալէն
առաջ,
ու
բակին
քանի
մը
կով
միշտ
կը
խօսէին
կաթէն,
կարագէն։
Այս
առաւելութիւնները
սա
մարդերը
հասկնալի
է,
որ
վերածէին
աղաներու
[4],
պզտիկ
գիւղին
համար
անհրաժեշտ,
կռթնող
թուրք
աւելի
մեծ
աղաներու,
բոլորն
ալ
իրենց
կաղապարով,
բացի
նիւթականէն,
անբաղդատելիօրէն
բարձր,
որոնցմէ
կ՚առնէին
սերմնցու,
առանց
տոկոսի
պարտք,
տուրքը
վճարելու
համար
պայմանեալ
ժամուն,
ու
գեղը
շահագրգռող
հարցերու
մէջ
ունէին
ձայն
մը՝
տէրտէրին
ու
վարժապետին
հաւասար։
Հատոր
մը
լման
անբաւական
կու
գայ
այս
դարու
սկիզբին
ու
քանի
մը
հարիւր
տուննոց
հայ
գեղին
բոլոր
դարտերը,
բոլոր
երեսները
թուղթի
առնելու։
Տուի
այսքանիկը,
Մաթիկ
Մելիքխանեանը,
գէթ
իր
հոգին
հաճեցնելու
համար։
Լռուած
մասը
անհուն
է
սակայն։
Գիւղապետութիւն,
աշխարհի
մէջ
բան
մը
ըլլալու,
խելք
ունենալու,
իր
գոհացումը
կը
գտնէր
այդ
անիմաստ
ժողովականութեան
մէջ,
քանի
որ
իրենց
պաշտօնն
էր
իրենց
ճիտէն
կախ
կնիքները
թուղթի
մը
տակ
փակցնել,
երբ
ատիկա
հրամայուէր
իրենց։
Բայց
աղային
կինը
թաղականի
մը
կնիկէն
աւելի
կ՚արժէր
իբր
յիմար։
[1]
Այս
մասին
լայնօրէն
խօսուած
է
«Մնացորդաց»ի
երեք
հատորներուն
եւ
«Հարիւր
մէկ
տարուան»
(«Սիւլէյման
էֆէնտի»)
վէպին
մէջ։
[2]
Այդ
անունը
կը
տրուէր
գիւղերու
մէջ
այն
բնակարաններուն,
որոնք
սեփականութիւնն
են
գեղի
համայնքին,
աղբիւրին,
մատուռին,
վանքին,
ճամիին,
գերեզմանատան
սենեակին
նման։
Գիւղացիք
հերթով,
յանձնառու
էին
հոն
գիշերուան
մը
համար
հիւրընկալել
ճամբորդը,
իրենց
սեղանէն
հանելով
բաժինը
ճամբորդներու
սպասին։
Թուրքերուն՝
ինչպէս
քրիստոնեային
սիրելի
այս
թերեւս
շատ
վաղնջաւոր
աւանդութիւնը
մինչեւ
Առաջին
մեծ
Պատերազմը
զանազան
տեղեր
տակաւին
կը
յարգուէր։
Նիկիոյ
շրջանի
հայ
գիւղերը
կառավարական
կարգադրութեամբ
փակուեցան,
կարելի
մուզիր
(վնասարար)
անձնաւորութիւնները
պատսպարելէ
արգիլելու
համար։
[3]
Մաղ,
մեծ
ծակերով,
ցորեն
մաղելու։
[4]
Աղա
(անդամ)։
Ծերերու
խորհուրդին
անդամները
քիչ-քիչ
առնուեցան
աւելի
նուազ
տարուողներէն,
այսինքն՝
նիւթական
որոշ
տարողութեամբ
մարդերէ։