Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Հերձուածող Մաթիկը, հիմա լաւ չեմ յիշեր, 1900ին քանի տարեկան կրնար ըլլալ։ Հասունութիւնը, դէմքին գիծերուն փաստը, յոգնութիւնը կ՚ընէին սակայն զգալի, թէ երիտասարդութեան առջի կրակները իջած էին քիչ մը։ Երեսունին մօտիկ, կամ քիչ մը անդին։ Ստոյգ էր սակայն, որ անցեր էր սահմանը չորս տարի առաջ, ինչ որ դէպքերու լեզուով կը նշանակէ Մաթիկ մը, հայոց աշխարհին վրայ, 96ի ջարդերէն անմիջապէս ետք, երբ հրդեհուած գիւղերն ու քաղաքները դեռ չէին գտած իրենց կերպարանքը ու մեր ժողովուրդը սկիզբը ըրած էր իր պատմութեան ամէնէն սեւ արհաւիրքներէն մէկը, ցայգալոյս անունով յորջորջուած։ Մաթիկ Մելիքխանեանը սակայն անբաւական կը նկատեմ լրիւ խորհրդանշելու համար մարդերը, որոնք մեռան Այաշի բանտէն դուրս, Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ։ Ներկայ վէպը («Մնացորդաց»ի Դժոխքը) պիտի գտնէ այդ մարդերը իրենց նահատակութեան խորանին, շղթայակապ, մահուան հսկումէն առաջ, դատելու իրենք զիրենք, իրենց ժողովուրդը, որուն ճակատագիրը թերեւս խնայուեցաւ իրենց մահապարտի վերջին րոպէներուն, թէեւ ուրիշ տեղեր թուրքերը մահէն առաջ այդ անպատում վայե՜լքն ալ պարտադրեցին զոհերուն, անոնց պատկերելով ընդարձակութիւնը կատարուածին։ Ու պէտք է քալել։

Հերձուածող Մաթիկը իր սերունդէն -յեղափոխական- կը զատուէր ուրեմն ուրիշ ալ մասնաւորումով մը ու եթէ շատ չէք գտներ բառը՝ վրիպանքով մը։ Անիկա ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ դէմ ծանր իր խաչակրութիւնն էր։

Այսքան յստակ չէին իր բառերը, այդ հոգեվիճակը ինծի թելադրելու համար։ Բայց որոշապէս ես կը զգայի, թէ իր պահանջն էր ազատագրուիլ, բարձրանալ ազգային տառապանքին, գտնելու համար ամբողջական տառապանքը ու… զոհաբերուելու ճիշդ այդ ճամբուն վրայ։ Կը մտածեմ, թէ ընկեր Մաթիկը կը հաւատար, որ թուրքին եաթաղանին տակ իր աչքերը գոցող հայ մտաւորականը կարելի էր երջանիկ նկատել, քան միւսը, որ հեռու Արեւելքի սառնակառոյց ամայքներուն մէջ, ամէն րոպէ կը նահատակէր իր հոգին, ցարական ոստիկաններուն նախատինքին ներքեւ։ Գրեթէ գուշակեցի այդ երանութեան զգացումը, երբ ներկայացուց անիկա հայ հարսնուկը մորթուած թուրքէն, անշուշտ աւելի բախտաւոր, քան միւսը, ան ալ տարեկից կին մը, Մոսկուայի «խաւար որջերում», հոգեկան ու մարմնական իր անպարագիծ գեղեցկութիւնը ըրեր էր ապրանք վաճառքի, ամէն օր, ուզուած գնով, ուզուած անգամով, բզկտելու համար անտես եաթաղաններուն ներքեւ գինովին ու ախտաւորին, ոճրագործին ու գազանին, մեռնիլ չկրնալու ալ դժբախտութեամբ մը։ Մաթիկ միշտ կը հաւատար, թէ թուրքին ձեռքով մարագներու մէջ խարանուած ծերունին նուազ արժանի էր արցունքի, քան այն միւսը, որ միշտ նոյն «Մոսկուայում» (Ռուսաստանը այն քաղաքն էր անոր մէջ ու յիշեց ալ Տոսթոեւսկիին արհամարհանքը Պետրոսի քաղաքին վրայ), «մի սառած անկիւնում» սառիլն իսկ կ՚անգիտանար, սպասումին մէջը փշուր մը աւելցուքին, որ դէմի շքեղ ռեսթորանէն լման օր մը ճամբայ կը դնէր գալու համար իրեն, երբ, իր նուաղ աչքերուն առջին, շուքերու պէս, հազարներ կը մտնէին, խմելէ, ուտելէ, կշտանալէ ետք, կ՚ելլէին դուրս, իրար քաշքշելով, թեւ թեւի, մուշտակին, բոյրին, ձայնին, նուագներուն ու մերկութիւնները այլապէս հոտաւէտ սրունքները դէպի։ Մուրացկանը, ծեր ու անկար, Մաթիկին բերնին մէջ թեմա մըն էր, թէեւ որոշ յոյզով մը։ Կար, միշտ այդ բերնին մէջ, աւելի մեծը, - թշուառութի՜ւնը գործաւորին, որ նեարդ-նեարդ կը հանէր հացը իր զաւակներուն, սեփական իր մարմինէն, չնմանելով մեր բանուորին, որ հողէն կը գտնէր իր զոհողութեան մէջ որոշ բարիք։ Գոնէ՜ ազատ օդ։ Աղուոր ջո՜ւր։ Քիչ մեղք։ Իր ըսածներուն ո՛չ միայն ետեւն էր անիկա, այլեւ՝ ներսը, լման, «խորասոյզ» կ՚ըսեն մեր գիրքերը։ Համոզումին ջերմութի՜ւնը, որ վարակիչ էր չափազանց ու կ՚անցնէր իմ ալ դիւրայոյզ խառնուածքին, քանի որ աշխարհին այդ անհուն զրկանքը ես ունէի իմ բջիջներուս ներսը, մեծ բառով մը՝ ադամանդի պէս ընդելոյզ։ Քաղաքի բանուորներ էինք մենք, տունով, հայրս, հողերուն վրայ ուրիշին։ Մայրս, ես՝ մետաքսի վրայ։ Ու ահաւոր, այնքան մօտիկ այդ անցեալը դեռ ժամանակ չէր գտած մեղմանալու, պաղելու՝ քաղաքէն գեղերը դարձէս ետք։ Գիտէք որքան քիչ էր գեղջկականը այդ գեղերուն մէջ։ Ատկէ՝ թերեւս իմ տրամադրութիւնը ամբողջ մարդկութեան երկաթագրուած սա տառապանքը դիմաւորելու կրկնապատիկ ուժգնութեամբ։ Երիտասարդ էի ու տառապանքը կար իմ ամէն մէկ մասիս մէջ։ Տառապանքը, զոր տասը գրագիր անկարող են սեւեռել թուղթին։ Ու կը զգայի, թէ իմ մանկութիւնը, պատանութիւնը այնքան սեւ, այնքան արցունքով թաց, խաղ ու հարսնիք էին մօտիկը գրուած սա ընդարձակ ողբերգութեան։ Մաթիկ կը խօսէր բանուորներուն անօթութենէն ու իմ մտքին կը շինուէին, կայծակնային արագութեամբ տարիները իմ մանկութեան։ Անօթի՞։ Էի անշուշտ, օրով, երբեմն շաբաթով, երբեմն լման ամսով։

Բայց չէր ուշանար պահը, երբ կը բացուէին սահանքները առատութեան, տօնի մը, հարսնիքի մը, կնունքի մը, մեռելի՜ մը նոյնիսկ ու երբեմն ալ հաճիդարձի ձեւերուն տակ։ Կը յարդարուէին մեծ տուներու երեք-չորս յարկերուն վրայ հարիւրներու տեղ տուող երկար սեղանները ու սկիզբ կ՚առնէր կոչունքը, տէրտէրով, երբեմն վարդապետով։ Օղի։ Գինի։ Պար։ Զուռնա։ Թմբուկ։ «Է՜, առատութեանդ մեռնիմ, ողորմած թագաւոր» կ՚ըսէին ծերերը ու կը խմէին։ «Աստուած ընդունակ ընէ», կը պոռային տղաքը ու կ՚ուտէին։ Ու ես մէկն էի անոնցմէ, որոնք կը կոխէին իրենց ստամոքսը, աղիքները, փորին լման խորշերը առնուազն շաբթուան մը կշտումին համար։ Դուք ժպիտով կամ դառնութեամբ կը կարդաք սա տողերը…։ Մաթիկ չէր տեսած այդ հանդիսանքները, որոնք 1900ին արդէն պատմութեան կը պատկանէին, մեր ժողովուրդին ենթարկուած մեծ կորուստներուն պատճառով։ Թուրքին ա՞հը։ Թերեւս պիտի փութաք հարցնելու։ Ան ալ կը յոգնէր ինքնիրմէ։ Մաթիկ ինծի կը բերէր, զարմանալի ուժգնութեամբ, անյատակ կսկիծը, որ ռուս հոգիին ստորաշխարհը կը յօրինէր։ Դուրեան սրբազան ինծի տուած էր «Մահուան տունի մը յիշատակները», երկու ժամ ետքը առնելու համար։ Գիրքին անունը միայն մնացեր էր մտքիս։ Աւելի յետոյ, տասնամ մը, ես պիտի հասկնայի, թէ ինչու այդպէս էր գործեր իմ ուսուցիչը։

Իմ ցաւերը բա՜ւ սակայն, առանց գիրքերէ թունաւորման պէտքին, որպէսզի Աստուծոյ անուշիկ արեւը, թերթ մը մենաւոր ծաղիկ, ազատ, ոստիկանէ, թուրքէ չհսկուած, չծանրացած ջրի ակ մը, ժպտիլ կրնալ մը, տանիքի մը տակ, հոգերուդ հետ գլուխ գլխի հաշտուիլ մը, առնուազն կուշտ անցած օր ելլէին արժէքի։ Ընկեր Մաթիկը, այնքան յորդ՝ սա կալուածներուն պարագրկումը փորձած ատեն, այնքան իրաւ, մեզամօտ, կը դառնար հեռու, մշշային, ձախլիկ, երբ կը չարչարուէր՝ սեւեռելու համար պատկերը ռուս յեղափոխականին, գիծէ դուրս մարդեր, ահաւոր անցեալէ մը այդպէս մղուած դէպի իր օրերը, մօտաւորապէս դար մը զոհի խուլ ճնշումովը։ Շատ աւելի վերջերը պիտի տեսնէի զիրենք, կեանքի ամէն սանդուխներուն, իրենց հայրենիքէն վտարական, գոհարակուռ ձեռքերով, երբ լաթ կը լուային, կամ անհաւասարելի գրաւչութեամբ իրենց աչքերը կը գործածէին՝ փողոցէն անցնողներուն ծաղիկ ծախելու։ Մարդեր, Պոլիս կամ Գահիրէ, Աթէնք կամ Փարիզ։ Տարօրէն խոր։ Հիմնովին տարբեր Արեւելքին ընտանի բոլոր ցեղերէն։ Ու հիմա կը խորհիմ՝ այնքան ալ հաշտ ընկեր Մաթիկին զգայնութեան։ Գիրք մը չի բաւեր այսօր ինծի, այդ մարդոց ներքին, ինչպէս արտաքին գիծերը վերլուծելու։ Սեւն ու ճերմակը, անկարելի բնականութեամբ մը ոչ թէ քով քովի, այլ նոյն մակարդակի։ Ու շատ աւելի մեծ, խոր, իրաւ, զրկանքը հանդուրժելու, կեանքը բաշխելու, տառապանքը հագնելու ու վայելքը ոսկեզօծելու արարքներուն մէջ, զոհողութեան, հոգեկան այլայլման աղբիւրներէն, քան ինչ որ յաջողած է տալ եռամեծ Տոսթոեւսկին, իր վէպերով։ Մաթիկ հաղորդ էր այս ամէնուն։ Չեմ հարցներ հիմա, թէ ինչու այնքան կը մեծցնէր անիկա հարստութեան ու աղքատութեան սա տեսարանները մերօրեայ մեծագոյն կրօնքին։ Կը զգայիր, որ անոնց իր աշակերտութիւնը տեսարանելուն մէջ ունէր ծանր հաճոյք։ Չըլլային իր մօրուքիկը, լեզուին արագ ու բնական վազքը, պիտի մղուէի թերեւս մեր ժամուն պատկերներէն մէկէն փախած առաքեալ մը ընդունելու զինքը, քանի որ կու տար այդ մարդերը, խորունկ երկիւղածութեամբ, աչքերը գրեթէ փակ, անշահախնդիր ու բաղձազերծ յեղումով։ Չափազանցութի՞ւն։- Կար անշուշտ։ Այդ պատմումին  մէջ  անիկա կը  վարագուրէր անոնց արտաքին charpente, աւելի պայծառ ցայտեցնելու համար հոգեկանը, ինչպէս կ՚ընեն միջին դարու մեր միամիտ նկարիչները՝ մարմնեղէն այլանդակութիւնները լուծելով լոյսին կամ կրակին ամպէ մշուշին մէջ, աւելի պայծառ արտափայլելու համար աչքերուն, աւելի ճիշդը՝ նայուածքին անժուժելի գեղեցկութիւնը, գրաւչութիւնը։ Սա չափազանցումը կ՚անդրադառնար սակայն պատկերացումին, զայն ընելով տարտամ, անբաւական։ Մաթիկին բառերուն հեղեղը, զգայնութիւններուն գրեթէ կազային նկարագիրն էր նոյնքան մը պատճառ սա անբաւականութեան։ Իր վազքին մէջ, ինչպէ՞ս ճարեր անիկա ատեն ճշդելու, չափելու, մասնաւորելու՝ իր զգայնութիւնները, հաւանաբար մեղքովն ալ աճապարոտ իր ջիղերուն, որոնք ուրիշներուն դիմագիծերը կրցեր էին կրել իրենց ուղեղացանցէն, բայց չէին կրցած իւրացնել անոնց իմաստը։ Աս էր պատճառը, որ իր վարպետները, հայը՝ ինչպէս ռուսը, միշտ այդ Մոսկուայէն, մնային դէմքեր, այլայլուն, եղծանկար, քիչ մը դոնդող նոյնիսկ, ամէն անգամ, որ Մաթիկ ըլլար ստիպուած զանոնք տեղակացնելու, ու դառնային խորհրդանիշ սրբութիւն, երբ վերցուէին հոգեկան անուախաղացքին, այսինքն՝ ուժերու այն կրկէսին, ուր գործող մղումները, զիկզակող ուղղութիւնները մարմինէն դուրս ուրիշ կեդրոններէ կը թուինք առնել, երբ գրեթէ խելագար, մեր մտասեւեռման փիստոններուն ձեռքը կը սկսինք դառնալ ու դառնալ, մինչեւ… մեր քայքայումը։ Ա՛ն էր, որ իրեն վիճակով ինկած թուղթը կարդալէ ետք, անաղմուկ, անբառ կը քաշուի կամացուկ իր տնակը, տունը, կը պագնէ քնացող օրանի տղան ու լացող կինը ու կ՚աճապարէ դառնալ հասցէագրուած վայրը, գործադրելու համար կամքը թուղթի այդ կտորին, մահը տալու համար աս ու ան իշխանաւորին, մատնիչին, անիկա սեւեռելի մէկը չէ մեր պայմաններով։

Ի՜նչ խանդավառութեամբ Մաթիկ կը խոշորցնէր ռմբաձիգ տղաքը, որոնք կարող էին մահն իսկ ենթարկել տեռորի, եթէ նման հրաման մը գար իրենց ու այդ մահն ալ սանկ ձեւ մը դառնար։ Բայց բան մըն ալ ստոյգ էր իմ մէջը, - ատ՝ գիտակցութիւնը որոշ անբաւարարութեան մը սա մարդերը արձակելու, անոնց իրական անձնաւորութիւնները վերլուծելու, աւելի պարզ բացատրութեամբ մը՝ քակելու։ Ու ասիկա հակառակ Մաթիկին ապահով հռետորութեան ու ականատեսի անհերքելի ոլորտին, որմէ կ՚ազդուին մեր պատկերները, ապրուածը այնքան այլայլուն ցոյց տալով, երբ մտացածինը չի տառապիր իր ուրուայնութենէն։ Ու դարձեալ անբաւական, այդ ընկեր Մաթիկը, այդ մարդերը արձանելու, այսինքն՝ համադրական ձեւերու տակ փայլեցնելու իմ աչքերուն։ Արդա՜ր էր նման պահանջ մը իրմէ։ Այն ատեն հարցականը բանաձեւուեցաւ շրթներուս, բայց չեկաւ դուրս (հիմա գիտեմ, թէ այդ ձեւ գործօնութիւն մը իմ մտքին հիմնական յատկութիւններէն մէկն էր, ու ատով՝ բոլորովին անձնական։ Դէմքերն ու դէպքերը պարտաւոր էին փոխն ի փոխ մանրուիլ ու համադրուիլ, ինծի մատչելի ըլլալու համար, ինչպէս ուրիշներու մօտ անոնք այդ զոյգ գործողութեանց միայն շուքը կը ներեն իրենց)։

Երեսուն տարի ետքը, երբ կը պարտադրեմ ինքզինքիս ծանր ճիգեր իմ պատանութեան ու իր սերունդին իրենց դիմագծութիւնը տալու, կը տառապիմ իմ ալ զոհելու պարտաւորուած այնքան ծանր գեղեցկութեանց հաշուոյն։ Կեանքին դժբախտութիւնն է իր անհունութիւնը։ Կովարած Ակոյի քարայրը։ Այո՛։ Բայց մա՛նաւանդ Մաթիկին «Մոսկուան», արեւելահայ վէպին մէջ ընդհանրացած մեծ յատկանիշներով գծագիր, լուսաւոր, ճշգրտուած։

- Սրբազնասուրբ քաղա՜քը, որ ծանր էր, նման լերան մը՝ սուզուած ջուրին տակ, ինչպէս խարակ մը՝ դուրսէն դիտելի։ Անոր ընդերքին էր, որ եռ ու եփ կու գար, մարդկութեան նոր կրօնքին գոլորշին, ա՛յն՝ որ հաստատապէս կանչուած էր, կը հաւատար ատոր, աշխարհը նորոգելու, ցաւին հարցը լուծելով դրապաշտ վարդապետութեամբ մը, զայն յայտարարելով ստամոքսի տագնապ մը, ամէն բանէ առաջ, որով եւ հարթելի՝ երբ ստամոքսները բարեկարգենք, այսինքն՝ տանք անոնց անհրաժեշտը։ Ու կը հաւատար տակաւին ներքին կարելի խաղաղութեան, ասիկա խանգարող գերագոյն ազդակը -վայելքին, հաճոյքին, արուեստին ու երազին մենատիրութիւնը կորզելով մեծ պալատներէն, դրամին տաճարներէն ու շահաստանին յղփութիւններէն, զանոնք, այդ միջոցները, ընդմիշտ կործանելով ու այդ ամէնը տանելով հիւղակներուն… կայսրութեան։ Այսպէս պարզուած ու այսպէս տարազուած, նոր այդ վարդապետութիւնը, Մաթիկի մտքին մէջ հեռու էր կրկնութիւնը ըլլալէ ուրիշի մը, որ փորձուած էր մեր թուականութեան սկսման կէսերուն, երբ անջրդի, մռայլ, բայց հոգեպէս հզօր թելադրանքով հողերու վրայ, մարդիկ, բոպիկ ու պարզ ձկնորսներու խօսքերուն հմայքին տակ, կը ձգէին իրենց աշխարհիկ հեշտութիւնները ու կը տարուէին, իրարու միացնելու իրենց պզտիկ ցաւերուն բռնութիւնը, որպէսզի սա անցաւոր կեանքին անցնէին անձկութիւնները ու շահէին անանցին անճառելի կայսրութիւնը…։ Կ՚արժէր լսել Մաթիկին բերանէն նոր կրօնքին հսկայ գինովութիւնը։ Սխալ՝ անոր առաքեալները բաղդատել բոլոր հրեաներուն, - բոլորն ալ կատաղի տեսաբաններ աւելի քան կատաղի ուխտաւորներ վայելքին, որոնք այդ վայելքը, սա աշխարհին մէջ նուաճելէ յուսահատ, կերպը գտնել կարծեցին յաջողութեան, զայն, միշտ այդ վայելքը փոխադրելով… երկինքներուն խորը։ Մաթիկ երկինքին արքայութեան նուիրագործուած տարազը չհեգնեց, բայց անոր ծիր ու գօտի (zone) յայտարարեց Մոսկուան։ Լսած էի սուրբ այդ Քաղաքէն, բոլոր սրբավայրերուն հմայքովը լուսապսակ։ Կարդացած էի իր մեծ ողբերգութիւնը, 1812ին ու նորանորոգ ամբարձումը մոխիրներէն։ Բայց իմ ընթերցումները նոր անոր փողոցներուն մէջ կը խօսէին բորբոսէն, որ միտքին ժանգն էր մեր յօրինումներուն վրայ, արտակարգ շուայտութենէն, որ կայսրութեանց ամէնէն նուրբ հոսումներուն, ծծումներուն կերպարանքը կ՚առնէ՝ կիներու հեշտանքներուն վերլուծումը կանխելով զանոնք այդ  կիները  վերածելով  անտարազելի առարկաներու։ Կար տակաւին վոտքան, որ 1850ի ռուս վէպին մէջ տեսակ մը կախարդական էլեքսիր, կ՚ընէր անհուն Ռուսիոյ տառապանքը աւելի քան խեղճ ու մարդկային։ Ուրի՞շ։ Անշո՜ւշտ։ Բոլոր իմ գիրքերը, ռուս վէպին շուրջը կը պատմէին սլաւ զգայնութենէն, իրենց երկրին պէս անտարազելի, բայց ահաւոր չափով մը իրաւ, որ անոնց կիներուն մոյնքը կ՚ընէր այնքան տարբեր, կեդրոնական, մա՛նաւանդ Արեւմտեան Եւրոպայի դիմային կերպարանքէն, ըլլալով նոյն ատեն թանձրագոյն հեշտանքի ոստայն, ինչպէս նրբագոյն երազի շղարշ մը, մատաղ աղջիկները հանդերձելով դէպի հզօր տարփանքները, ուր մանկամարդ կիները տանելով հողին քաղցր պարզութեան։ Իզպան, որ իր կարգին խորան մըն էր թշուառութեան ու ամէնէն սրտայոյզ պարկեշտութեան, ժուժկալութեան ու տապանա՜կ չարքաշ համակրանքի։ Ու հոգեկան փաղաղիչ գեղեցկութիւնները, զգայնութեան անհաւասարելի հարստութիւնը, սիրտի մեծ զեղումները, որոնք ռուս վէպը կ՚ընեն այնքան տարբեր, տարաշխարհիկ, թո՜ւնդ, աւելի զգլխիչ, քան Արեւմուտքին բոլոր բուրումները միասին։ Անցեր են երեսունէ աւելի տարիներ այդ օրերու Մոսկուայէն։ Ռուս հոգին ի՜նչ դժոխքներ ստիպուեցաւ կոխկրտել ու որքա՜ն արիւն ես տեսայ, որ կ՚աւելնար հովուերգական սա հոգենկարին վրայ։ Այդ ժողովուրդը, որ Եւրոպան ազատեր էր թուրքէն, կարծես վարձատրուելու համար այդ բարեպաշտութեան հաշուոյն, գրեթէ դարուկէս հալածուեցաւ Արեւմուտքէն։ Եղան տարիներ, ուր իր բանակները, հալածական, հալեցան իրենք իրենցմէ։ Ճափոնական պարտութիւն։ 1914ին պատերազմին հաշուեկշիռը։ 1941ի աղէտը… Ցարերը, որոնք կը փշրուէին։ Ռուս ժողովո՜ւրդը, որ ահա նոր աշխարհի առաջին ճարտարապետը։ 1900ին ասոնք պատանիի մը մտքին վրայ արձակելի փայլակներ չէին անշուշտ։ Բայց ծանօթ էի 1825ին սկիզբ առնող հսկայ ալ շարժումին, որ պիտի յանգէր իր լրումին… 1917ին։

Մաթիկ Մելիքխանեանց ռուս յեղափոխական դպրոցին մէջ յօրինուած մէկն էր։ Անիկա այդ մկրտութիւնը պատմեց մանրամասն։ Կը գոհանամ հիմնական գիծերով։ Այդ Մոսկուային մէջ ան ինքզինքը վարձակալ ըրաւ դասական մանսարդին, որմէ յաճախուած էր մատաղ անոր երեւակայութիւնը դեռ Թիֆլիսէն, իբրեւ արժանաւոր հիացող մը Ռասքոլնիքովի։ Չէի ճանչնար այդ անունը։ Ու իմ տգիտութիւնը փառաւոր հաճոյք մը արժեց բժշկական ստուտենտին։ Բայց պէտք է քալել…։ Կը դպիմ, ինչպէս երբեմն կ՚ընենք մատի ծայրով, բոցի մը որային, Մաթիկին ահաւոր հոգեկան տագնապին, որ անոր բառերով պարուրուած պայծառ խարոյկ մըն էր, նման մորենիին, որ բոց է ամբողջ, բայց կայծ է նաեւ, նեարդ ու հիւսք, հրդեհին մէջ իսկ իր բաբախումը, իր շէնքը պահող։ Խորանուրբ, համբուրելի տառապանքով մը, որ նոր էր ինծի, քանի որ մեր լացը միայն մեր դժբախտութիւնը ունէր աղբիւր ու նպատակ, Մաթիկ մեծցուց ռուսական ցաւը, աւելի խորունկ, աւելի ահաւոր, նոր բառով մը՝ համամարդկային։ Հիացումով ես կը հետեւէի այդ պզտիկ մարդուն բերանէն փրթած հսկայական տեսիլքին, աշխարհի մը մէջ, ուրկէ հալած, չքացած էին չարիքին բոլոր աղջը, աշխը, ոստայնը։ Մաթիկ մարդկային  տառապանքին  մեծ  ծովը  կը  դնէր  ռուս արեւին աչուըներուն ու հիփնոսացած, խենթացած կ՚ոգեկոչէր ցամքիլը այդ ծովուն։ Անհաւասարելի մարդե՜ր, այդ յեղափոխականները, աստուածներու չափ  ընդարձակ սիրտով, որպէսզի ծովերէն հանուած մրուրը ցաւին ըլլային ընդունակ իւրացնելու։ 1900ին, մարդկութիւնը փրկագործելու նոր այդ միստիքը չէր գտած մեր օրերու յստակ իր շէնքը, ուր վայելքին բաշխումը կը մնայ տիրական կնիք, ցաւին համար յատուկ կնիքով մը։ 1900ին վայելքէն առաջ, ցաւին չքացումն էր հիմնական օրակարգը։ Ու Մաթիկին կիսաստուածները պատրաստ էին ամէն բան զոհելու, հերիք է, որ այդ ողջակէզը ապահովէր պուտիկ մը երկրաւոր երջանկութիւն, զանգուածներուն մռայլ, գրեթէ անասնացած անտարբերութիւնը վիրաւորող…

Ընկեր Մաթիկին ես չհանդիպեցայ անկէ ետքը, փաղանգին մէկը այն բոլոր խօսողներուն, որոնք նիւթ ունէին այդ երկրաւոր դրախտին ճարտարապետութիւնը երկու պատերազմներէն ետքն ալ։ Խօսքի ուժ, մտածումը զգեստաւորելու մէջ փայլ, ինչպէս ճաշակ, ընկեր Մաթիկը կ՚ընէին ո՛չ միայն ուշագրաւ, այլեւ տարօրէն տպաւորիչ։ Հիմա կը խորհիմ, թէ գրեթէ վարակիչ սա տաքութեան մէջ քաղցրութիւնը, ու կիրքին հետ գեղեցկութիւնը փաստեր էին անոր տպաւորութեանց խորքէն եւ ուժէն։ Յետոյ, խանդավառութիւնը ձրի տարազ մը չէ։ Զայն ուրիշներու վրայով փնտռելը՝ բան մը կ՚ապացուցանէ։ Ու նոյն ճամբով զայն անվրէպ գտնելը դարձեալ խառնուածքի մը վկայութիւնն է։ Ու թէեւ ինծի չտրուեցաւ այն ատեն զանազանութիւնը գործօն ու կրաւոր խառնուածքներու, հիմա կրնամ ճշդել, որ Մաթիկը առաջին մարդն էր ինծի ներշնչող խուլ գիտակցութիւնը մթին օրէնքի մը, որուն համեմատ, ուրիշներուն գեղեցկութիւնը քնարական սա հեշտանքով փառաբանող մը դիւրաւ կը պահանջէ նուազ իմաստուն, նուազ խանդավառ, բայց աւելի կորովի միտքերու հետ շփման միջոցին, Մոսկուայէն մինչեւ իմ գեղը անիկա որսորդ մըն էր տպաւորութիւններու։ Տպաւորութեանց ետեւէն սա արշաւը թերեւս խուլ, թաքուն ազդա՜կը՝ զայն մեր կողմերը ուղղող։ Տպաւորութեանց սա անյագ ծարաւը, որ քայքայեր էր անոր ուսանողի ասպարէզը, որուն համար իր մայրը զարկեր էր հազար դուռ, սանկ քառորդ ռոճիկի մը պէս բան մը ապահովելու իր «մինուճար»ին։ Մռայլ, սարսափով տրոփուն համախմբումներու մէջ անիկա ականջ ու սիրտ էր տուած  կրակոտ  խօսքերու։ Անոնցմէ  ազդուած  էր, որ լքեց բժշկական ֆաքուլտետի ատամնաբուժական սեկցիայում իր ուսանողի տեղը, գրուելու համար զինուոր Նոր-Տաճարականներուն։ Մեծ քնարականութեամբ ու «հոգեյոյզ» պատրաստակամութեամբ լեցուն նամակով մը անիկա անարգեց իր մեկենասի կտրուկ հրահանգը, իր ուսումը շարունակելու, ազգը փրկելու դերը թողլով ուրիշներու, որոնք առնուազն ատոր համար օժտուած էին… բազուկներով, քանի որ նմաններուն խելքը անբաւական էր, որքան անպէտ՝ իր «ճամբաներում»։ Նաւթի քաղաքին մեծ ու խելացի վաճառականը, քանի մը պատիկ միլիոնատէր իր հրահանգը ղրկեր էր Մաթիկին, շատ հաւանաբար նկատի առնելով անոր ճղճիմ մարմինը, համակ կրակ սա անձնաւորութեան համար այնքան «անպէտքական», անկարելի նոյնիսկ։ Ապահով իր բնազդովը գործի մարդու, նաւթի իշխանը այդ մարմինը անընդունակ կը յայտարարէր «գործօն ծառայութեան», թրքահայ «ճակատում», ուր տիրող նոր պայմաններու, զորս վարող հակամարտութեանց մասին ունէր լայն ծանօթութիւն, հիւպատոսական խողովակներով իրեն հասնող։ Գործի մարդոց վաղածանօթ հոտառութիւնը, հասկացողութիւնը իրենց ասպարէզէն դուրս հարցերու մասին։ Նաւթի վաճառականը իր ժողովուրդին հարազատ զաւակը, անոր հին, աւանդական առաքինութեանց հաւատացող, սիրտէն, ձեռքէն, միտքէն բո՜ւխ՝ բոլոր դիմողները չմերժելու տկարութեամբ մը, մա՛նաւանդ 1880ի մարդոց մոլեռանդ իմաստութեամբը զրահաւոր, որ մեր զարթօնքը եւ վաճառականութեան ոսկեդարը ճարտարապետեց Պոլիս թէ Թիֆլիս, մինչեւ 1878ի բախտորոշ թուականը։ Նաւթի վաճառականը կը զգա՞ր, կը հեռզգա՞ր վտանգը, որ կը հանդերձուէր «հայ ժողովուրդի գլխուն», 95ի դէպքերէն ետք…։ Մաթիկ Մելիքխանեանց տենդոտ, երկար գրութեամբ մը «փողի իշխանաւորը» կը հրաւիրէր իր պարարտացումը «էլի շարունակելու», աշխատաւորներու քրտինքին մէջ բոյծի դրած իր անյագ ախորժակները։ Ժողովուրդի դատը՝ ժողովուրդի զաւկըներուն խելքովը, կորովովը։ Նաւթի իշխանը զղջաց չարաչար իր հրահանգին համար, փոքրահասակ տրիբունէն այսպէս լայն ինքնաբաւութեամբ, ամբարտաւանութեամբ ստանալով իր պարտ ու պատշաճ պատասխանը եւ մանէթներու տրցակը, զոր իր երեսին կը շպրտէր (քանի որ անիկա գտած էր կերպը իր քիչ մարմինը «էժան» ապրեցնելու, մատ չերկարելով վաճառականէն առատասիրտ բաշխուած կենսաթոշակին, գիշերային սպասարկութեամբ մը իր հացը ճարելով ճաշարանի մը մէջ, որուն սեփականատէրը կ՚ախորժէր իրմէ, զայն քավալիէր յայտարարելով իր աղջկան, - պատուակալ կասելէր, արտիստներու եւ գրողներու սեղաններուն ընկեր ու համեմ, եւ որ կը համբուրէր յաճախ «համառօտ» տրիբունը, քաշքշելով անոր «հասակաւոր» մօրուքը եւ կսմրթելով պատանիի այտերը, ինչպէս կ՚ընէին արտիստները իրենց ընկերացող շնիկներուն) անկէ կոպէկ մը անգամ չխորած։

Ամէն մարդ՝ իր բանին։ Միլիոնատէրը՝ իր փողասրահին (իրն է բառը), ինտելիգենտն ալ՝ իր ժողովուրդին։ Ճամբա՞ն։

-Պարզ էր այն օրերուն։

Երիտասարդութիւնը, զոր 96ի դէպքերը ըրած էին աւելի քան զգայուն, ազգային ճակատի վրայ, ընկերային խմորումները համազգային մարզին մէջ, հմայքին տակն էին քանի մը շատ զօրաւոր անհատականութիւններու։

Դէպի երկիր, դէպի հայ ժողովուրդը, - բնաբան ու դրօշակ բոլոր անոնց, որոնք կը ծնին տարբեր, տարօրինակ աստղի տակ, նեղ կը գտնեն աշխարհը իրենց շունչին ու փոփոխուելու ստիպողութեան մը տակ, կը նետուին անծանօթին, վտանգին, արկածին, յագեցնելու համար զիրենք տրորող ընդոծին ռոմանթիզմը։ Այս դարուն սկիզբը այդ լեարդահար, թոքախտաժէտ տղաքը իրենց հիւանդութիւնները շալկած պիտի իյնան Աւստրալիա, Հարաւային Ափրիկէ, հոն ճարտարապետելու համար… կայսրութիւններ (Սէսիլ Ռոտս)։ Հնդկաստա՞ն։ Անշուշտ, գտնելու համար խուլ Արեւելքին զանխուլ հեշտանքները…։  Կովկասէ՞ն։

Գիրք մը անբաւական է ընդգրկելու ապրումները բոլոր ճեմարանականներուն, որոնք հոգեւոր կրթութեան պատրուակը այնքան սրտառուչ սրբութեամբ մը շահագործեցին իրենց ժողովուրդին սպասին։ Այդ սերունդը անշուշտ տուաւ ականաւոր դէմքեր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծառայութեան, բայց ինքզինքը արժեւորեց ազգային ազատագրութեան կրկէսով։ Ոչ միայն գրողը, ուսուցանողը, խօսողը։ Այլ մա՛նաւանդ յեղափոխականը, որուն ընդարձակ է սահմանը ձեր ենթադրածէն աւելի։ Խորապէս սրտառուչ։ Ուսանող, ուսուցիչ, գրող, հողագործ, բժիշկ, ճարտարապետ, մեծ մասով անցած երկրորդական կրթութեան տիսիփլինէն, բայց բոլորն ալ այցուած՝ իրենց ընդերքէն, դղրդուած իրենց ջիղերուն կեդրոններէն, բզկտուած իրենց «աղիքներէն», դէպի տառապանքը տաճկահայ եղբայրներուն։ Այս խաչակրութիւնը յուզիչ էր, որքան դժնդակ, անձէ անձ, համաձայն զգայնութեանց հակազդեցութիւններուն։ Այդ տղոց ամէն մէկուն մէջ, մարդկային պատահար մը կրնաս ընդունիլ, այսօր, երբեմն ահաւոր գեղեցկութեամբ, որ կը շլացնէ քու դատելու գործարանները, երբ կը գտնես ինքզինքդ անոր դէմ, տարիներով փողոց պառկած պատանի, բայց չես գիտեր ո՛ր հրաշքին սլաքովը ինքզինքը արձակած դէպի ողջակէզը իր ժողովուրդին, իր միտքը բաց ընելով իր ցեղին գերագոյն խորհուրդին…։ Հոգեբանական տրամա՜, որ գիրքի բառ մըն է դժբախտաբար սա տողերուն վրայ, քանի որ արարքը, ինքն իր մէջ, կը յորդի բոլոր գիրքերէն, որոնք շուքեր են շատ յաճախ, երբ կը բռնուին կեանքին դիմաց։ Հիմա նորութիւն՝ այդ տղաքը ո՛չ միայն նախատել, տարիներով զիրենք ծաղրելէ ետք, այլեւ պատասխանատու նկատել մեր աղէտներուն։ Հիմա, Սփիւռքը իր իմաստութիւնը փաստարկելու պատրուակ կ՚որոնէ ու կը գտնէ մեր աղէտները հասկնալու իր ապարժան իմաստասիրութիւնը վերածելով դաւանանքի։ Որքան շատ են իմ ըսելիքները այդ գետնին վրայ։ Կ՚անցնիմ։

Մաթիկին ոդիսականը, մինչեւ սահմանագլուխ։ Երկար է անիկա։ Ու քիչ մը մութ, թերեւս շուքերուն պատճառով, որոնք մեր ամէնէն անանձն, վսեմ որոշումներուն, արարքներուն կը հսկեն, անողոք ու անմերժելի։ Մաթիկ  Մելիքխանեանց  համառօտութեան  պաշտպան փաստաբան մըն էր հո՛ն՝ ուր կեանքին անհրաժեշտ ազդմունքները կու գային առաջին փլանի։ Ու երկայնութեան, երկարաբանութեան ասպետ, երբ գաղափարներու լեռնաշղթաներ կը հաւատար, թէ կը խուզարկէր։

Անոր բաժանո՜ւմը իր ընկերներէն, որոնք ճեմարանական կամ ոչ, անշուշտ նուազ կ՚արժէին, քան ինքը, քանի որ անկարող էին իրենց անձէն հրաժարելու։ Այդ ընկերները նուազ հաւատաւո՜ր՝ երբ իրենց հանգիստը չխանգարելու, այլեւ պաշտպանելու անձնդիւր պարապումը, կը սիրէին քաղաքականութիւն ալ ծախել, մեծ պետութիւններու դիւանագիտական հաշիւները հասկնալ ու մեր դատին անվերադարձ կորուստը վճռել։ Իր ընկերները անշուշտ նուազ կտրիճ էին, ինչպէս կը խօսէին յայտնի հոգեբանութեամբ ամէն  մէկը  առնուազն  մէկուկէս անգամը Մաթիկին, երբ իրենց մեծ բռունցքներուն մէջ կը սեղմէին անոր զոյգ ձեռքերը, մեծաղաղակ ճիչի հանելով  անոր մատները։

-Երթար բարո՜վ… Յետո՞յ։

Հեգնութիւնը չէր քալեր առաջ, վերադարձի ճամբուն։ Երիտասարդներ էին ու գիտէին, թէ որքան քի՜չ էր թիւը ետ դարձողներուն։

-Երթար բարո՜վ։

Ու լրջութիւն։ Ու պզտիկ խոնաւնալ մը աչքերու։ Տրտմութիւն ու լռութիւն։ Է՜, խեղճ արարածներ էին իրենք։ Բայց ոչ այնչափ «փճացած», ինչպէս թերեւս պիտի ուզէր եզրակացնել ստուտենտ Մաթիկը։ Իրենք ալ պիտի շարունակէին ծառայել շատ «սիրուց» լղրճուած իր ժողովուրդին, իրենց գրասենեակներուն ապահովութենէն ու իրենց ռոճիկներէն կամ շահերէն։

«Ումն է դրամ իւր»։ «Ումն է արիւն իւր»։ Այսպէս չէ տարազած անշուշտ մեղքէն իր սարսափը մեր Նարեկացին։ Բայց Մաթիկին ընկերները, մեծ մասով ճեմարանական, Նարեկացիին նորոյթը հեշտագին կը սիրէին արժեւորել։

Մինչեւ սահմանագլո՞ւխ։

-Բայց քաջարի մարտիկը հոն առաջնորդելէ առաջ, պէտք է հոս յարգել անոր կամքը, կանգ առնելու համար անոր «հոգու խորքում» լայն, մեծ, «արեւափառ» արժեւորուած օրուան, ուր անիկա ընդունեց իր սրբազան մկրտութիւնը, դառնալով, պաշտօնապէս, մեծ կուսակցութեան մը կնունքի աւազանին մէջ վտանգաւոր, բայց այնքան անմերժելի ձգողութեամբ տոգորուած յեղափոխականը, - կազմուած՝ մեր ժողովուրդին ցրիւ ուժերը հոն համախմբելու, «կտոր-կտոր», բաժան-բաժան սիրտերը միաձուլելու, ու այսպէս հանդերձուած, զրահաւոր, «պողպատահիւս» կուրծքերով միաճակատ իջնելու կրկէս, մեր դարաւոր ոսոխին դէմ։ Ասիկա ես նմանցուցի ֆրանսական վէպերուն մէջ այնքան խռովիչ էջերու ծնունդ տուող առաջին հաղորդութեան։ Մաթիկին տարի՞քը։ Հաւանաբար  վեր   քսանէն։

Կովարած Ակոյի քարայրին մէջ, այդ խօսակցութիւնը խստութեամբ, անգթութեամբ քննադատող, զայն մեր ցեղին ամէնէն վատոգի թշնամին յայտարարող Մելիքխանեանը ինքզինքը հակասութեան մէջ չդնելու համար բազմաթիւ դրուագներ պատմեց ինծի, բոլորին մէջ ալ մարդոց ծանրածանր տկարութիւնները «համաձուլելով» իր ընկերներուն վրայ, առանց անշուշտ բաւարար վերլուծումի, որպէսզի իր կորանքը, ստացած վիրաւորանքները, ենթարկուած ծաղրը, հալածանքը ըլլային հասկնալի։ Կը տառապէր, մինչեւ իսկ կովարած Ակոյի քարայրին մէջ, որ մարտիկները զինքը շան-բերան կը կոչէին ու չէր անդրադառնար, որ բացուող այդ բերանը մարդիկ պարտաւոր են բռնի գոցել, այնքան քիչ սորված էր լռելը։ Կը տառապէր, որ կուսակցական ժողովներուն մէջ իր բոլոր առաջարկները կը մերժուէին ուշագրաւ միաձայնութեամբ մը, իր պաշտպանողականները կ՚ընդհատուէին հասարակաց ծաղրին մէջ ու իր հասակը միշտ խոտոր համեմատութեան մէջ կը գտնէին իր մօրուքին, մա՛նաւանդ լեզուին հետ։ Էջեր չեն բաւեր այս ամբաստանութիւնները գումարելու։

Ընկեր Մաթիկ չէր անդրադառնար, որ քանի մը ժամ առաջ, այդ ջախջախիչ պարսաւանքէն, խօսած էր նոյն այդ կուսակցութեան հասցէին, իր կնունքի օրուան պատմութիւնը տալու ատեն, խոր, անկեղծ, հաւատաւոր հիացումով մը։ «Թիֆլիսից» մի վերնատուն։ Համեստ։ Քիչ կարասիներով։ Վիպասան ծնած՝ անիկա իր տեսածները կը վերակազմէր մեծ հարազատութեամբ։ «Մի վերնատուն», ուր «հաւաքւում» էին գլուխները Ս. Գործին։ Հանգիտութի՜ւնը Մոսկուայի մանսերտներուն կամ տավերծաներուն, որ անոր զգայարանքները կ՚ընդարձակէր դէպի ապրուած զգայնութիւններուն փաստերը։

«Նոյն կուղպ փեղկերը, այդ վերնատունին մէջ։ Լոյսէ նոյն վախն ու փախուստը, քանի որ յեղափոխութիւնն ալ մօր մը նման արգանդի մէջ կը պատսպարէ իր զաւակները։ Ու այդ վերնատան մէկ գրասեղանը, հասարակ սեղան, որ հրաշքով կը դառնար խորհրդատուներու կանանչ, դիւանագիտական դաշտը, վրան գիրքերու մարտկոցներով ու քարտէսներու արտերով։ Նոյն աթոռները, միշտ փոշոտ, գունատ, երաժիշտ (յեղափոխականը թերեւս պիտի չմտածէ հանգստաւէտ պայմաններու, որոնք սովորական մարդոց երկրային, բայց անհրաժեշտ բարիքները կը դառնան տարիներու կրկնումովը)։ Պատերուն՝ լուսանկարներ, կրկնադիմակ, որոնք աս ու ան լոյսին տակ կ՚ըլլային ուրիշ։ Իր օրուան առիթով, այդ լուսանկարները տուած էին իրենց սկզբնական կերպարանքներուն։ Անոնց մէկ մասին վրայ հրազէնները, ամէն տեսակի, քանի որ կուսակցութիւնը իր պահեստը ունէր երկու-երեք պետութիւններու հողերուն վրայ։ Կուրծքեր, որոնք փամփուշտով հիւսուած էին, տառացի հարազատութեամբ մը։ Երիտասարդներուն մէջքը կը գօտեպնդուէր անոնց կապերովը։ Ուրիշներ՝ ոսկոր առ ոսկոր, որոնք մէկտեղուած ըլլան մորթի մը տակ։ Բայց որոնց աչքերը այրէին սեւ խորքին վրայ թուղթէ այդ գերեզմանին։ Անհուն, անհամար, անմոռանալի աչքերը, ուր մեր ժողովուրդին անհուն, անմար, անմոռանալի տառապանքը կը բխէր ու կը բխէր, դարձեալ անսպառ քաղցրութեամբ մը։ Ու բոլոր տարազները, որոնք անհաւատալի քաղաքակրթութիւններէ վկայութիւն  կը դառնան։ Կովկասը ցեղերու  խառնարան, զգեստներու կենդանի թանգարան մըն էր եւ է։ Ու այդ մարդերը, այդ զէնքերուն ու հանդերձանքներուն մէջ, պատերու վրայ արձանագրուած աշխարհ մը խռովքի, կարծր լեռնաշղթայ զրկանքներու, ու ծով-ծով արի՜ւն։ Մաթիկ նմանցուց լուսանկարը սեւ թերթ մը այրուած մետաղի, որ մեր գործերուն ու անունին հարազատ տապանաքար մըն է, քան մարմար։

Վերնատունի ներքին, աչքէ անյայտ խորշի մը մէջ ճռինչը ծղրիթին, որ տպագրական պզտիկ մամուլը կը փոխադրէր Մաթիկի բերնին։ Ընկեր Մաթիկը չէր զիջաներ տեսնել արտաքին աշխարհը, եթէ անմիջական կամ հեռաւոր, անխուսափելի, առնուազն կարելի օգուտ մը չընծայէր զայն շահագրգիռ, - արեւելահայ օգտապաշտութեան հետ հաւասար ներկայացուցիչ։ Բայց ահա աւելին։ Արտաքին աշխարհին հանդէպ սա շահագրգիռ կեցուածքը անբաւական էր մնացած՝ հակակշռելու ներքին աշխարհին համար անոր անհուն տրամադրութիւնը։ Կ՚ապրէր աճապարանքին տակը ներքին իր անձնաւորութեան, որ սաստիկ իրերէն, իրողութիւններէն իր խորշանքը, սարսափ կը սիրէր տարածել անպարագիծ, չունենալու չափ որեւէ նայուածք, թէկուզ փափուկ, գեղեցիկ, բայց ոչ-օգտաւէտ բաներու վրայ։ Ի՞րը։- Տինամիք աշխարհն էր իմաստին, զոր կը հաւատար օր մը իրագործուելիք դրութեան մը յաղթանակին։ Տարրերուն աշխարհին մէջ բան չէր կրնար կորսուիլ։ Մաթիկին համար փառաւոր այդ տարազը, ուր կար փոխուած բառ մը սակայն։ Իմաստները անմահ են անշուշտ… Պղատոնէն ի վեր։ Ուրեմն ամէն ինչ յաղագս իմաստին, երբեք ինքը՝ իրեն համար։ Շուրջը նայելու իր ոչ-զիջումն էր պատճառ, որ լման աշխարհ մը իր աչքերէն ըլլար վրիպած։ Որ իր վերնատուները, գիւղերը, քաղաքները, մարդերը ըլլային տժգոյն, հարկադիր տժգունութեամբ մը։ Այդ խեղճուկ շրջանակի մէջ, Մաթիկ Մելիքխանեանց դրաւ քանի մը մարդեր, որոնց հանդէպ սրտառուչ էր իր ճիգը ժուժկալ մնալու, մա՛նաւանդ հիմա, երբ կը պայքարէր անոնց հիմնած իմաստի դրութեան դէմ։ Զգալի էր, որ նուաճուած էր այդ մարդոց սկզբնայարդար հրապոյրէն, ինք չըսաւ՝ մեծութենէն։ Անունները, զորս տուաւ, այսօր այդ կուսակցութեան պանթէոնը պատկառելի ընող սրբութիւնները կը դաւանուին։ Ապագան կրնար դատել, դատապարտել այդ մարդերը, քանդել անոնց հեքիաթը, բայց պիտի ըլլայ զգածեալ հոգեխառնութեան մը մէջ ամէն անգամ, որ անցեալը տեսնելու իր փափաքը պահէ զերծ ներկայի ամէն թելադրանքէ։ Այդ գնով միայն մենք արտօնուած ենք չամչնալ մեր անցեալէն։ Որքան շա՜տ՝ գրուելի՛քը, երբ ատենը գայ իրաւ վերագնահատումին, ըլլան լռած դառն ցաւերը, յարդարուած՝ մեր հոգեդաշտը անհուն սուգերու հանդէս մը ընող արդի մեր հակամարտութիւնները, քանի որ հայրենիքին սիրոյն վրայ մենք զմեզ կոտորելու չափ անտրամաբան տեսանողներ դուրս եկանք…։ Նոր եկեղեցի մը պիտի չվատնէր զանոնք սրբացնելու, ինչպէս եղած է ճակատագիրը ուրիշներու, ասոնք ալ տարբեր ժողովուրդներու մէջ նոր օրերու, կարգերու, երազներու մարգարէներ, որոնց անունը յաւերժացած է ո՛չ միայն մագաղաթներու, այլեւ՝ մարմարներու, երկաթներու վրայ։ Ես կը լռեմ Մաթիկին կուռքերը, յատուկ անուններէ զգացած երկիւղիս հպատակ։ Ինչ որ քառասուն տարիներ ետքը յստակ է իմ հոգիին, - ատիկա պատկառանքն էր, որով պարուրուած էին անոր ո՛չ միայն բառերը, այլեւ՝ շարժումները, երբ կ՚ըսէր զանոնք։

Հիմա, երբ կը գրեմ այս տողերը, որքան բեկո՜ւմ կը զգամ, թէ կը ծանրանայ իմ բառերուն իւրաքանչիւրին ներսը։ Տխո՞ւր։ Դուք գտէք բառը։ Ոչ մէկ հիացում ու ոչ մէկ պատրանք չեն բանտուիր այդ տղոց ներսը, որոնց յանձնուած են մեր տագնապներու բարձումը, մեր երազներուն սնուցումը։ Աւելի՛ն. կան խումբեր, որոնք սա անաստուածութիւնը, փառքի նորոգման, յաղթութեան կարգախօսի կը վերածեն։ Անոնք չեն զիջանիր նայելու իրենց հոգեյատակին, ուր ոչ մէկ քաղցր շունչ կը յածի, ոչ մէկ ջերմ հաւատքի սերմ կը հանգչի, բացի օրուան արձագանգներէն։ Մաթիկի օրերուն, փրկուելիք հայրենիքին հզօր միստիքէն, ձգողութենէն զատ, փրկագործումին աշխատանքն ալ զօրաւոր պատգամ մըն էր՝ դիւրաւ սիրտ հասնող։

Անոնք, որ Մաթիկին պէս, անկէ կանուխ ու անկէ ետք սահմանը անցան, ճշդիւ չէին գիտեր, թէ որոնց սիրոյն կը հնազանդէին, այդ հսկայական մարդոց հմայքի՞ն, թէ մեր հայրենիքին աւելի երեւակայական ողբերգութեան։ Որքան քիչ կ՚ըսեն երբեմն մեր բառերը։ Որքան ծանր է հայոց պատմութիւնը, իր բոլոր դարերուն, բայց որքան անժուժելի՝ այդ պատմութիւնը, որուն վերջին օղակը մեր երեք քառորդ դարը կազմեց։ Այս տողերը կարդացողներուն մէջ գտնուին գուցէ ցանցառ վերապրողներ, որոնք իրենց կեանքը ազատելու համար ընդունեցին գերագոյն նախատինքը… տաճկընալու, բայց եղան անկարող համոզելու իրենց հայրը, մայրը, որոնք իրենք զիրենք խառնեցին կարաւանին ու գացին մահուան։

Գնաց այդ մայրը ու ձգեց իրմէ վերջին իր նայուածքը հոգիին մէջ տղուն, անմար կտոր մը կրակի նման ո՜ղջ մինչեւ այսօր։ Մնացողներուն ճակատագի՜րը։ Բայց որքան ընդարձակ է այդ ողբերգութիւնը։ Ու մի գտնէք տարօրինակ, երբ դուք ձեզ դիտէք լրիւ գրաւուած այդ անդոհէն։ Ո՛ր կողմէն որ քալենք, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, վիշտի թէ վայելքի մէջ, մեր հետն է այդ նայուածքը, - խորհրդանիշ   խորան։