ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՊՍ. Մբ.

Նախ` Նւ. Ս. Յակոբի վանքին Պրուսայի համար եւ ապա Առ. Պրուսայի (1741-1751), վախճանած է Պրուսայի մէջ 1751ին, (Երեւակ 1859 էջ 231-232). ուխտաւորութեամբ Ս. Յակոբի վանքին կ՚այցելէ 1749ին:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՊՍ. ՃԷՎԱՅԻՐՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ, Մբ.

Ծ. 1850, աշակերտ ֆրէրներու դպրոցին Եգիպտոսի մէջ, ուր կը բնակէր. 1868ին, սարկաւագ կը ձեռնադրուի Ս. Յակոբի մէջ, 1871ին կը մեկնի Եգիպտոս, Ձռ. 1875ին, կը վերադառնայ Ս. Յակոբ 1880ին եւ պաշտօնով կը մնայ Տարտանէլ 1886-88, կ՚ուղեւորի Պոիլս եւ կը կարգուի պտրքկն. Փոխ. Կ. Պոլսի (1892-1908), կը ձեռնադրուի եպս. 1896ին, Տեղապահ Պոլսի, 1913ին. կթղ. եւ ՊԵ, փոխ. Պոլսի (1916-1918): Զինադադարին` կը հրաժարի կը վախճանի 1923ին: Վարած է նաեւ քարոզչական եւ ժողովական պաշտօններ:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՊՍ. ՄԱՐԱՇՑԻ, Մբ.

Ձռ. 1822ին Առ. Եգիպտոսի (1843-1867). Գաբրիէլ եպս. Միաբանութեան կողմէն կարգուած էր իբր տեսուչ Եգիպտոսի, բայց տեղի ունեցած խնդիրներուն հետեւանքով, 1843էն սկսեալ, անկախաբար կը վարէ պաշտօնը, 1 սէֆէր 1268 թուական Պէրաթի մը համաձայն. 1839ին կը ձեռնադրուի Սսոյ մէջ եպս. 1853ին Խպտիներու պատրիարքական ընտրութեան առթիւ տեղւոյն եպիսկոպոսներու անհամաձայնութեան պատճառաւ պետական որոշումով յանձն կ՚առնու հաշտարարի դեր կատարել, ինչպէս կը հասկցուի Յովհաննէս պտրք։ի գրած 1853 թուական նամակէն: Գաբրիէլ եպս. հիւանդութիւնը դարմանելու համար կը ճամբորդէ Իտալիա եւ կը վերադառնայ 1859ին. կը վախճանի 1867ին, եւ կը թաղուի Գահիրէի իւրակերտ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին գաւիթը. իր գերեզմանին վրայ շինուած է մարմարեայ գեղեցիկ շիրիմ մը: Հետեւեալն է իր տապանագիրը.

«Դուք էք լոյս…

Գերըզգօն հօտին Քրիստոսի

Արքեպիսկոպոս Հայկազնեան տոհմի

Բարեխնամ տեսուչ հոգւոց ամենի

Րաբունի ընտիր պատւոյ արժանի

Ի Մարաշ ծնեալ բնիկ հայրենեօք

Էր ծաղկեցուցիչ տեղւոյս ատճարօք,

Լի ես դու ուրեմն տապան գեղապանծ

Բարեօք` որ կրես զայս պատուական գանձ

յամի Տեառն 1867 ապրիլ 22»:

Ի հիմանէ կառուցած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին Գահիրէի մէջ, 1839ին. հոս կը դնենք յիշատակարանը` որ զետեղուած է եկեղեցիին ճակատը.

«Կարողութեամբ Այ. կառուցաւ սբ. տաճարս

Նորասահման յանուն սբյհոյ. Ածա.

Ծնի, արդեամբ լուսաւորչադաւան առ հսկ.

Ազգիս Հայոց որ յԵգիպտոս աշխատասիրութեամբ

Մրշցի. Գաբրիէլի Սրբզն. արհի եպիսկոպոսի

Ի միաբանութենէ Սրբյն, Սաղիմա: Ի 1839ի 17 դեկտեմբերի»:

Խտիվ Սայիտ փաշայի եւ վարչապետ հայազգի Պօղոս պէյ Եուսուֆի համակրանքը շահելով` յօգուտ աղքատաց ձեռք բերած է մեծատարած գետիններ, որոնց արդիւնքով այսօր կը նպաստաւորուին աղքատներն ու դպրոցները: Ս. Յակոբի վանքին անունով 1838ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ կը դնէ Խավաճա Բեթրաքիի չորս տուները, 1800 եգպտ. ոսկիի արժէքով, որ յետոյ 1900ին, 28, 000 ոսկիի կը բարձրանայ, եւ կը վաճառուի ուրիշներուն, վանքին նոյն ժամանակի վարիչներու կողմէն:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ. ՊՈԼՍԵՑԻ.

Հայրը` Գրիգոր Էքմէքճի պաշի. Ծ. 1852ին Սկիւտարի մէջ. աշկ. Գատը գիւղի Ֆրէրներու դպրոցին (1865-69): Կ՚ուղեւորի Փարիզ եւ կը հետեւի Սորպոնի, Գօլէժ տը Ֆրանսի, եւ Իրաւաբանական վարժ։ի դասերուն (1870-1875). կը հասնի Պոլիս նոյն թուականին եւ կ՚ընտրուի նախ քարտուղար օսմ. արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւաբանական նորակազմ դիւանին. յետոյ` արտաքին թղթակցութեանց սենեկին խմբագիր (1876-77). վարած է Միջազգային Բարձր Յանձնաժողովոյ անդամակցութեան եւ քարտուղարութեան պաշտօններ (1878-81). կը կարգուի Չէթինեէի օսմ. դեսպանատան Ա. քարտուղար (1881-82). Բ. դրան իրաւագէտ խորհրդական (1883). Հանրային Շինութեանց եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններն յաջորդաբար վարած է եւ կարգուած է ծերակուտական: 1885ին եւ 1894ին ընտրուած է Ատենապետ Ազգ. Ժողովոյ եւ մասնակցած է քաղ. ժողովոյ եւ կարեւոր Յանձնաժողովներու: Նորատունկեան իր բոլոր պաշտօններուն մէջ մասնաւոր սէր մը ունեցած է Ս. Յակոբի վանքի մասին եւ պաշտպան հանդիսած է անոր իրաւանց եւ լաւագոյն խորհրդատուն եղած է անոր պաշտօնէութեան: 1912ին, ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը եւ մեծարուած միաբանութեան կողմէն: 1914է սկսեալ հաստատուած է Բարիզ ուվարած է նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան նախագահութիւնը, Պողոս փաշայի հրաժարումէն վերջ. 1897էն սկսեալ Բարիզի մէջ հրատարակած է Recueil d'Actes internationaux de l՚empire Ottoman խորագրով քանի մը հատորներ:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՊԵ. ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ.

Աշկ. Գրիգոր վրդ. Էօտէմիշցիի. Ձռ. 1799ին. եպս. եւ փոխ. 1813ին, Նւ. Կեսարիոյ եւ Գաղատիոյ 1806ին. Զմիւռնիոյ, 1814-1815ին. կ՚ընտրուի ՊԵ. 1819ին. վարչական կարգադրութիւններու համաձայն կ՚ուղեւորի Պոլիս 1824ին եւ կը նշանակուի առ. Զմիւռնիոյ վիճակին (1828-1834). կը վերադառնայ Երուսաղէմ, պաշտօնին գլուխը, 1834ին: -1839ին, կը տեղեկագրէ Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կթղ։ին (1831-1842), Յունաց եւ Լատինաց կողմէն Ս. Համբարձման լերան վրայ Հայոց կառուցած վանքին ապօրինի քանդումը, եւ կը հայցէ հայրապետին աջակցութիւնը (Սիօն, 1872, էջ 64), Տեղեկագրին օրինակը հրատարակուած է: Կը վախճանի 1840ին, եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքը, պատրիարքաց շարքին: Իր տապանաքարին ընդօրինակութիւնն է հետեւեալը.

«Ի բարձրելոյն երգէ Սիրաք մսեղեաց.

Այս դատաստան` բարէ~ եւ զի վայելուչ.

Յապաղել յի՞մ նուազելոյս ի կարեաց.

Ընդ ո՞յր անոյշ. ոյր եւ անձն իմ ընկալուչ:

Գաբրիէլ եմ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ.

Այլ Նիկոմիդ ծծել ետ ինձ զօդ նախկին.

Որ իմն էր բաղդ յայս աստիճան վերառեալ,

Ընդ փորձ անցոյց որպէս զոսկի քուրային:

Քսան երկու ամաց շրջանս ի գահիս.

Զիշխանութեան յաջս ընկալեալ գաւազան.

Զիմ շունչ վերջին յաւանդ թողի. ո~վ շնորհիս,

Յայս սուրբ Սիօն յեցեալ յալիս ծերութեան:

Որ փառաւորի քո սուրբ անուն յայս կայան.

Տէր իմ Յիսուս, ուր եւ փայլի քոյդ շիրիմ.

Ի փող զուարթնոյն անդ անճառիցն ի խորան.

Հնչեա' յականջս, հանգի'ր ծառա~յ մտերիմ»:

Յամի Տեռան 1840 Ապրիլ 15. Ամաց 76:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. Մբ.

1711ին, կը միաբանակցի Ս. Յակոբի վանքին:

 

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. Մբ.

1775-76, Նւ. Քէրսոնի (Խրիմ).

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ԱԿՆՑԻ, Մբ.

Հայրը` մհտ. Գասպար, 1721ին կը միաբանակցեր. ՄՁ. թ. 42 Աւետարանը ունի յիշատակարան մը, որմէ կը հասկցուի Գաբրիէլ վրդ։ին ինքնութիւնը, «ի պատրք. Տեառն Գրիգոր հայրապետին գրեցաւ. կազմեցաւ եւ արծաթապատ զարդարեցաւ սուրբ աւետարանս, եդաւ ի սբ. յԵրուսաղէմ ի սբ. Յակոբ` երկնահանգէտ յաթոռս Յս։եան եւ է յիշատակ Ակնցի. որ եւ Պալաթցի Մարուքէյի թոռ Գաբրիէլ մեղսաներկ իբր վրդպ։ին, որ է որդի Յունանենց մհի. Գասպարին եւ մհի. Սառային. յիշատակ յաւիտենական. եւ օծաւ վասն քաւութեան մեղացն իւրոց. ծնողացն եւ ամենայն ազգայնոցն եւ գծողի սորին Ցղնցի տէր Յակոբին, …»: (Խապ. Ցուց. տետր, Դ. էջ 298): 1721ին, իր յիշատակին նուիրած են ՄՁ. թ. 1725 ձեռագիր սաղմոսը:

տե'ս յիշատակարանը նոյն ձեռ։ին

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ԱՆՈՅՇԵԱՆ. ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Ծ. 1845ին. Կ. Պոլիս, Աշկ. Պէզճեան վարժ։ի Գում։Գափուի եւ Ս. Յակոբի ժառ. վարժ։ի 1865ին. Ձռ. 1871ին. դիւանապետ (1871-78). վարած է Գում։Գափուի դրսի Ս. Յարութեան եկեղեցիի քարոզչութիւնը եւ վարժարանաց տեսչութիւնը 1887ին. Նւ. Հնդկաց (1890-93). անդամ ՏՆ. ժողովի եւ ՏԴ. 1895ին. Պատրքկն. փոխ. Պաղտատի 1902ին. Լսպ. 1903ին. կը վախճանի 1904ին:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ԵԹՈՎՊԱՑԻ.

Մբ. սպասաւոր Կիրակոս արքեպիսկոպոսի, որմէ ահյերէն կ՚ուսանի. Ձռ. 1843ին. վանքին կողմէ Եթովպիա կը ղրկուի, իբր Նւ. 1850ին. Եգիպտոսի մէջ կը վախճանի 1855ին, եւ կը թաղուի Ս. Մինասի մատրեն աւագ դրան առջեւը, եկեղեցականաց թաղին մէջ: Իր տապանագիրն է.

«Գաբրիէլ րաբունի` հապէշ կարգաւոր.

Ի Հայոց առեալ զիմ կարգ հոգեւոր.

Յիրս ինչ Սաղիմեան ուխտին կարեւոր

Մինչ յԵթովպիա` գըտայ ուղեւոր.

Ի Աստուածեան վճռոյն սուր վաղակաւոր,

Կտրեցայ ընդ մէջ եւ կամ աստ ի խոր.

Եւ հոգին չուեաց յաւիտենին հօր

Ո~ տայր Տէր լինել, առ քեզ մերձաւոր:

Ի 1855 Մայիս 30ի 42 յամս հասակի: »

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.

Մբ. Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին, 1867ին կը տարագրուի Ս. Յակոբի վանքը եւ, 1868ին ներումով կը մեկնի Պոլիս:

Սիօն 1867. էջ 14

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. Մբ.

Նւ. Տիգրանակերտի (1765-1774), յետոյ եպս.:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ, Մբ.

Ծ. 1879ին, Ձռ. 1922ին, Լս. Ս. Յարութեան, Բեթղեհէմի եւ Ս. Յակոբի եկեղեցիներուն մէջ, այլ եւ այլ ժամանակներ:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ՊՈՒՐՍԱՑԻ, Մբ.

1768ին:

 

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ, ՄԱՐՄԷՏՑԻ (Վան), Մբ.

1855ին:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. ՎԱՆՑԻ, Մբ.

ՏԴ. (1852-53) ՏԴ. բ. անգամ (1855-65). 1865ին կը վախճանի Դամասկոսի մէջ: 1860ին հրդեհէն վերջ, կը վերաշինէ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցին, բայց նորոգ շինուածը կը փլչի եւ յաջորդին կողմէն կը վերաշինուի 1866ին: Գաբրիէլ վրդ։ի գերեզմանը կը գտնուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցիին գաւիթը. տապանաքարը արձանագրութիւն չունի:

 

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. Մբ.

Փոխանորդ Ս. Յակոբի վանքին, կը նորոգէ 1353ին Ս. Փրկչի վանքը, ըստ հէօճէթի:

ԺՊԵ. Ա. Հատոր էջ 210

ԳԱԲՐԻԷԼ ՎՐԴ. -ՓՈԽԱՆՈՐԴ.

Աթոռակալ, Նւ. Գրիգոր պտրք. Շզթայակրի ժամանակ, Մբ. 1740ին: (ՄՁ. թ. 503) իր յիշատակներու մասին:

ՄՁ. թ. 532

ԳԱԼՈՒՍՏ ԱԲ. Մբ.

(ՄՁ. թ. 7) ձեռագրին մէջ ունի ինքնագիր յուշագրութիւն մը «ի թվին Հայոց ՌՄԻԶ (=1777) եկեղեցու տօնին հաբեղայ օրհնուեցայ եկի ի սբ. Ծնունդս որ անուն իմ հարցանէ ձեր ծառայ Գալուստ է աղաչեմ զձեզ մէկ բերան ողորմի ասէք իմ հոգւոյս եւյլն»:

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՊԱՅԱԶԻՏՑԻ.

Քրձ. 1841ին, իր ծախքով տպագրել կուտայ Արարողութիւն Սրբոյ Աթոռոյս Երուսաղեմի տետրակը:

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՍՐԿ. ՊՈԼՍԵՑԻ.

1775ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Գալուստ սարկաւագ ձեռագրաց յիշատակարաններուն մէջ կը հաղորդէ թէ ինքը Երուսաղէմ եկած ատեն` ականատես եղած է Եգիպտացի Ապու Տահապի յարձակումներուն, որ տեղի ունեցած են 7 մայիս 1775, Ս. Խաչի երեւման տօնի օրը: Նոյնին յուշագրութեան համաձայն, Ապու Տահապ` նոյն օրը Յոպպէ կը մտնէ, բնակիչները թրէ կ՚անցընէ, Հայոց Յունաց եւ Լատինաց վանքերը կը կործանէ եւ կը կողոպտէ եւ կրօնաւորներ ալ կը կոտորէ. ըստ աւանդութեան` Հայոց վանքի տեսուչ Մինաս վրդ` պատարագած ժամանակ սեղանին առջեւ նահատակուած է. սպանութիւններ կատարուած են նաեւ Ռէմլէի մօտերը:

ԺՊԵ. Բ. հատ. էջ 106-7

ԳԱԼՈՒՍՏ ՎՐԴ. ՍՐԵՒԵԼՑԻ Մբ.

ՏԴ. 1773ին, ՏԲ. 1781ին

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՎՐԴ. ԿԱՅԾԱԿՆ, ԱՄԱՍԻԱՑԻ կամ ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ Մբ.

Մինաս Ամդեցի պատրիարքին աթոռակից (1695-1701). Ս. Յակոբի մէջ կը պաշտօնավարէ Ղափանցի Եփրեմ պտրք։ի հրամանով (1694-1698): Գալուստ վարդապետ Եւդոկիոյ առաջնորդութենէն հրաժարելով` բ. անգամ կը վարէ Ս. Յակոբի պատրիարքութիւնը, 1702ին: 1704ին Պոլսոյ մէջ հրատարակած է Լուսաշաւիղ անուն գիրքը. որուն յիշատակարանին համաձայն սրբագրութիւնը եւ տպագրութիւնը կատարած է Ս. Յակոբի միաբան Թօխատցի Սարգիս վրդ. սաաթճի:

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՎՐԴ. ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ.

(Նորշէն գիւղէն), ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, այս այցելութիւնը 1720էն վերջ կատարած կրնայ ըլլալ, վասնզի 1720ին տպագրուած Վարք Հարանց գրքին սկիզբը, Գալուստ վրդ. կը գրէ ռամկօրէն եւ տառասխալ ոտանաւոր մը աշխարհի ունայնութեան վրայ, տեղ տեղ աւրուած եւ անընթեռնլի: Ի միջի այլոց կը գրէ հետեւեալը`

«Գալուստ անմիտ ի միտ առ.

դրած քոյ բանըդ դաս առ,

մարմնոյդ բնաւ թուլ մի' տալ,

Ախկատ հոգուդ արա ճար».

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՎՐԴ. ՇԱՄԲԵՑԻ, (Գողթն).

Մբ. Նախավկայի վանքին, Դաւրիժի Մատենադարանին թ. 6 եւ ՌԿԳ (=1614) թւականաւ գրուած Ժողովածուին երկրորդ յիշատակարանէն կըհասցուի թէ Գալուստ վրդ. ՌՃԽԶ (=1697) այցելած է Ս. Յակոբի վանքը, նոյն յիշատակարանին կարեւոր մասը հոս կ՚ընդօրինակենք, Գալուստ վրդ. իր Քարոզգիրքը Նախավկայ վանքին կտակելէ յետոյ կը գրէ. «Դարձեալ յիշեցէք…զհաւն իմ զհանգուցեալ Միքայէլ քաջ հռետորն արհի որ էր աթոռակալ սբյ. Էջմիածնայ, եւ միւս հգր. ծնողքն իմ զյոհան, եւ զպետրոս արհի եպիսկոպոսքն որ էին առաջնորդք սբ. ուխտին նախավկային, եւ համշիրակ մեծարգոյ եղբայր իմ զմաղաքիա վարդապետն որ է տեղեաւ Շամբեցի: Դարձեալ յիշեցէք զմարմնաւոր ծնողքն իմ. զհանգուցեալ Ներսէսն, եւ զմայրն իմ Սառէն եւ հօրեղբայրն հանգուցեալ զտէր մարգարէն եւ մարմնաւոր եզբարքն անանիէն եւ զհանգուցեալքն զղազարն եւ զղուկասն եւ անանիէի որդիքն զտէր մարգարէն եւ զաւետիսն եւ քորքն իմ հանգուցեալ շուշանն եւ եփրոսինէն, եւ զհոգեւոր ծնօղն իմ ջուղայեցի Մինասի դուստրն նանաջանն որ պատճառ եղեւ եւ իւր հալալ արդեամբքն յայսմ ամի ընդ իւր առեալ տարեաւ ի սբ. յեմ. համբուրելով ի լուսաբուխ սբ. գերեզմանն, Ած իւրեան վարձն հատուցանէ… թվն. ՌՃԽԶ. (=1697). (ՅԱ. էջ 49): Նախիջեւանցի Նիքոլա Մանուզարեանի մօտ գտնուած եւ Ստեփանոս Նախավկայի վանքին սեփական ձեռագիր ՌՃԾԴ (=1705) թուականը կրող Յայսմաւուրքի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած են վերոյիշեալ Գալուստ վարդապետի` ինչպէս նաեւ անոր համշիրակ եղբօր` Մաղաքիա վարդապետի` անունները, յիշուած առաջնորդներու անուններու հետ. նոյն յիշատակարանէն դատելով կը հասկցուի որ Ս. Յակոբի վանքը այցելող Գալուստ վրդ։ը եւ իր համշիրակը եպիսկոպոսսական աստիճան ունին. . Հայրենեաց. գիրք Դ):

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ՎՐԴ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ.

1874ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի. ինքնագիր եւ թարգմանածոյ ոտանաւորներ ունի «Սիօն» ամսագրին մէջ:

1875. էջ 120

ԳԱՍՊԱՐ ԱՄԻՐԱ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ.

1767ին, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Սիմէոն կթղ. Երեւանցիի կողմէն Երուսաղէմ Գասպար ամիրային կը գրուի հետեւեալ կերպով. «Եւ զի գնացեալ էր Երուսաղէմ գրեաց զշնորհաւորութիւն եւ հրաւիրեաց ի դառնալն գալ ի Ս. Աթոռ. » (Դիւան Գիրք Գ. էջ 751): Նոյն թուականին կը գրուի նաեւ Յարութիւն Ամիրային. որ նոյնպէս ուխտաւորութեամբ այցելած էր Ս. Յակոբի վանքը:

Անդ. էջ նոյն

ԳԱՍՊԱՐ ԱՄՈՒՃԱՅ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ.

Պկ. Յովհաննէս Կոլոտի բացած դպրատան վերակացուն էր. Կոլոտ իր Սկոթի Յիշատակարանին մէջ հետեւեալ կերպով կը յիշատակէ Գասպար Ամուճան. «զհարազատն մեր ի Քրիստոս զԳասպար դպիրն Սեբաստացի, որ բազում երախտիս ունի ի վերայ մանկանց մերոց համբակաց»: Այս Գասպարի անունը արձանագրուած է իբր փոքրաւոր Կոլոտի. Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի մատրան յիշատակարանին մէջ կը գրուի. «Աստուծով շինեցաւ սուրբ տաճարս հանդերձ սեղանիւն Սրբոյն Յակոբայ Մծբնայ հայրապետին ի յիշատակ Պոլսոյն Սրբազան պատրիարգի Տեառն Յովհաննու սրբասէր վարդապետի հարազատ սպասաւոր Գասպար դպրի եւ ծնողացն Գրիգորի եւ Եղիսաբեթի եւ զարմից նորին Սեբաստեան ի թվին ՌՃՁԲ (=1733): Յակոբ պտրք. Նալեան իր Մեկն. Նարեկի գրքին մէջ (էջ 1136) կը գրէ հետեւեալը. «Յիշեցէք նաեւ զդաստիարակն եւ զմանկամարզն լուսահոգւոյ հօր մերոյ (=Կոլոտի) դպրատան, նրբանկատ զհայրապատիւն ծերունի. զտիրացու Գասպար Մահտեսի Մեծ Ամուճա կոչեցեալն Սեբաստացի. որ բազում երախտիս ունի ի վերայ մեր եւ այլոց աշակերտաց լուսահոգւոյն. յորոյ վտարանդութեան ժամանակի լեալ էր ասպնջական եւ պատսպարան եւ փոխաբերաբար կաթնառու իմաստից` եւ մատակարար առ այլս. ». Գասպար Ամուճա իր ծախքով տպագրել տուած է Նալեանի Հոգեշահ եւ Մեկն. Նարեկի գրքերը: Ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը, 1751ին ալ վանքին մէջ վախճանած ու իր մարմինը ամփոփուած է Ս. Փրկչի վանքին մէջ վաստակաւորաց շարքին: Իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Ի թվին փրկչին մերոյ ՌՉԾԱ (=1751). »

«Բազմաց իրաց ըզփորձ առի ըստ մտաց,

Ըստ իմ կարի ճաշակեցի նուրբ իմաց:

Որդիս արթնոյ որ արդ ննջեմ խոր քնած.

Որ ձայն հաւուն յարուցանէ ակն ի բաց:

Տեառն Յովհաննու մեծ րաբունւոյն դպրատան

Որդւոց նորին դաստիարակ քրտնաջան

Զինչ եւ առի ի սուրբ վեհէն աննըման

Զայն ծախեցի ի կիրթ որդւոցն ի յուսման.

Ամէն ուսմունք մանկանց վերջնոյ վախճանի,

Իբրու մըղեղ չընչմամբ հողմոյ անցանի,

Միայն հաւատն եւ բարի գործն ընտանի.

Անզոյգ ճրագ ուղղոյ արժանի.

Խեղճուկ Գասպար Մեծ Ամուճայ կոչեցեալ

Սեբաստացի որդի Արթնոյ անուանեալ

Համայնիցդ ոյք հանդիպիք գթացեալ

Խնդրեմ ասել լիցի յէէն ողորմեալ:

Ի թվին հայոց ՌԲՃ (=1751).

Մայիսի մէկին»:  

 

ԳԱՍՊԱՐ ԵՊՍ.

Մբ. Առ. Եգիպտոսի. Փարիզի Ազգային մատենադարանի հայ ձեռագրաց ցուցակին մէջ, Գասպար Եպիսկոպոսի անուամբ իբր առ. Եգիպտոսի կը գտնուի գրութիւն մը որ ստորագրուած է նոյնին կողմէ իբր Դաւանական գիր մը:

CMA. էջ 78

ԳԱՍՊԱՐ (ՄՀՏ. ) ՈՐԴԻ ԹՈՎՄԱՅԻ ՋՐԲԱՂԵՆՑ, ՎԱՆՑԻ.

1779ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ ձեռագիր Աւետարան մը, ըստ այս յիշատակարանի (Մձ. թ. 43) «Յիշատակ է գեղեցկանկար սուրբ Աւետարանս աթոռոյս Սրբոյն Յակոբայ. զոր եդ ի յարդար արդեանցն, մականուամբ յորջորջեալ Ջրբաղենց հանգուցեալ լուսահոգի վանցի Թովմայի որդի կենդանի Մահտեսի Գասպարն: Արդ` որք վայելէքդ զսուրբ աւետարանս եւ ընթեռնուք. յիշեսջիք միով Հայր մերիւ ի Քրիստոս զվերոյգրեալ մահտեսի Գասպարն եւ զհանգուցեալ ծնողն իւր Նազլուն. եւ զկենդանի կողակիցն իւր Եղիսաբեթն եւ զորդիսն նորին զԱխիճան եւ զմահտեսի Փիլիպպոսն, զյիսաճանն եւ զՅակոբն եւ զդուստր նորին Մարիամն, որ եւ յիշողքդ յիշեալ լիցիք ի Քրիստոսէ յԱստուծոյ մերմէ, ամէն»:

Խապ. Ցուց. տետր Դ. էջ 305-6

ԳԱՍՊԱՐ (ՄՀՏ. ) ՊԱԼԱԹԵՑԻ.

(ՄՁ. թ. 44) ձեռագրին յիշատակարանէն. «Սուրբ Աւետարանս ոսկեզարդ եւ արծաթապատ ի թվին ՌՃԳ (=1654)ին լեալ է յիշատակ Սուրբ Աթոռոյս Երուսաղէմիս, սակայն ի թվին ՌՃԾԸ (=1709) ընդ բազում այլ եւս աւետարանաց, խաչից եւ այլ սրբութեանց գրաւեցեալ էր ի ձեռս այլազգի պարտատեարց: Իսկ քաղցրութեամբն ու գթութեամբ Աստուծոյ յորժամ պարգեւեցաւ մեզ հովիւ բարի եւ արի, եւ հայրապետ Սրբոյ Աթոռոյս` Տէր Գրիգոր Բաղիշեցի արեգնապայծառ եւ սրբազան մեծ վարդապետն որ զամենայն գրաւեալ սրբութիւնսն եզերծ ի ձեռաց այլազգեացն ընդ նոսին եւ ի թվոյս ՌՃՀԵ (=1726) ազատեաց զսուրբ աւետարանս զայս օգնութեամբ ստամպոլու Պալաթեցի մհի. Գասպարին իբրու յիշատակ իւրն եւ կենակցւոյն իւրում մհի. Նուրիին եւ աստուածապահ դստերացն մահտեսի Մարիամին Հռիփսիմէին եւ նախնեացն իւրեանց եւ ետ զսա ի Տաճար Սրբոյ Յարութեանն Քրիստոսի. »:

Խապ. Ցուց տետր. Ե. էջ 315-16

ԳԱՍՊԱՐ ՎՐԴ. ՄԵՐՏԻՆՑԻ.

Մբ. ՏԲ. 1655ին ՏՅ. 1660ին:

 

ԳԱՍՊԱՐ ՎՐԴ. ՉՆՔՈՒՇԵՑԻ.

Մբ. Ս. Աստուածածնի վանքին Չնքուշ Ձռ. Չնքուշի մէջ 1737ին. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, 1749ին, առ. Չնքուշի 1756ին, կը ձեռադրուի եպս. 1764ին, կը վախճանի 1788ին:

Թորոս Աղբար Բ. էջ 400 եւ 466

ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Արմաշի Դպրեվանքին, Ծ. Տրապիզոն 1880ին նախ աշակերտած է 1896ին Վենետիկ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին, յետոյ շրջանաւարտ Դպրեվանքին. Ձռ. 1901ին. կրթական, քարոզչական եւ առաջնորդական պաշտօններ վարած է Արմաշ (1901-2), Սիս (1906), Մարաշ (1907), Արաբկիր, Գոնիա, Տրապիզոն, Պաղտատ եւ Պոլիս. ուխտաւորութեամբ այցելած է Մուշ (1911): 1915ին ընդհանուր պատերազմին, կը տարագրուի Ս. Յակոբի վանքը, ուր կ՚ստանձնէ Ժառ. Վարժ։ի մէջ ուսուցչական պաշտօն մը (1916-17). կ՚ընտրուի սինոդական. 1918ին, Սահակ կթղի. եւ ուրիշներու հետ Երուսաղէմէն կը տարուի Դամասկոս. զինադադարին Ս. Յակոբ կ՚այցելէ եւ կը մեկնի Կ. Պոլիս. ժամանակ մը կը վարէ Տրապիզոնի առաջնորդութիւնը. կը ձեռնադրուի եպս. 1922ին Էջմիածին. դարձեալ Կ. Պոլիս, 1924ին կրկին կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կը մեկնի իբր առ. տեղապահ Պաղտատի 1925ին: Ատենապետ Կեդր. Վարչութեան Կրօն. Ժողովոյ 1927ին. առ. Գալիֆոռնիոյ 1928ին: Հրատարակած է Շողակաթումներ (տպ. Պոլիս 1925) եւ Նարեկ աղօթագրքին աշխարհաբար թարգմանութիւնը (տպ. Պոլիս 1926): Ունի նաեւ զանազան անտիպ երկասիրութիւններ:

 

ԳԱՐԵԳԻՆ ՎՐԴ. ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿԱՅԻ, Մբ.

Ձռ. 1913ին, թարգման 1915ին, կը վախճանի 1918 յուլիս 12:

 

ԳԱՐԵԳԻՆ ՎՐԴ. ՍԱԳԱՅԵԱՆ, ՍԵՒԵՐԵԿՑԻ, Մբ.

Ծ. 1843ին, Ձռ. 1877ին, կալուածոց տեսուչ Աղեքսանդրիոյ մէջ (1884-90), ՏՓ. 1892-93, խոստ. կանանց (1893-95), ՏԲ. (1896-97), ՏՅՊ. 1898ին, Փ. Լսպ. 1898ին, դարպասընկալ (1895-908), ՏՅՊ. (1908-9), ուր Մըղրըպցիի մը ձեռքով դաշունահար կ՚սպաննուի 1909ին: Յոպպէի մէջ յիշատակ կը թողու երկու մթերանոցներ:

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՆԴՐԻԱՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ, Մբ.

Աշակերտ Պետրոս պատրիարքի, Նւ. Ռումելիի կողմերուն, կը վախճանի 1801ին, եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ վաստակաւորաց շարքին, իր տապանագիրն է. «տապան Անդրիանուպոլսեցի Գէորգ եպիսկոպոսին աշակերտի Պետրոս պատրիարգի որք հանդիպիք տուք զողորմի: ՌՄԾ» (=1801):

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԵՐԷՑԵԱՆ, ԻՍՄԱՅԻԼՑԻ, Մբ.

Ծ. 1852ին Իսմայիլի մէջ, Ձռ. 1880ին, տեսուչ Ժառ. Վարժարանի (1885-90). հրաւիրակ Յարութիւն պտրք. Վեհապետեանի Պոլսէն Աթոռ առաջնորդելու համար 1889ին. Նւ. Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ 1891ին. ՓԿԵ. (1893-1905), կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս 1898ին, կ՚ընտրուի կթղ. Տանն Կիլիկիոյ 1901ին եւ կը հրաժարի: 1912ինկը վախճանի Պոլիս:

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԹԱԹԱՐԵԱՆՑ. ՌՈՄԱՆՑԻ, Մբ.

Աշակերտ Լսպ. Փոթուշանցի Մարկոս եպսի. ՓԿԵ. (1846-49). կը ձեռնադրուի եպս. 1848ին (կնիքը 1848). կը վախճանի 1861ին, կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքը վաստակաւորաց շարքին, հոգեւոր ծնողին` Մարկոս եպս։ի տապանին մէջ: Շինած է գոյական անուանց բառագիրք մը (անտիպ):

ՄՁ. թ. 229

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ՀԱԼԷԹՑԻ, Մբ.

1769ին Առ. Բերիոյ, 1772ին կ՚ընդօրինակէ Բերիոյ մէջ Աստեղացոյց, «այն է իւսթուլապ» (ՄՁ. թ. 457): Փոխանորդ. կը վախճանի 1792ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ, իր տապանագիրը հետեւեալն է. «Այս է տապան հանգստեան սրբոյ աթոռոյս միաբան եւ վէքիլ Հալէպցի Գէորգ արհի եպիսկոպոսին որ հանգեաւ ի ՌՄԽԱ (=1792) թուին եւ սեպտեմբերի…խնդրի յընթերցողի տուք զողորմի. »

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ?Մբ.

Նւ. Կարսի, Կարնոյ եւ Թիֆլիզի (1785-1787):

 

ԳԷՈՐԳ (Մհտ. ) ԱԼԼԱՀՎԵՐՏԵԱՆ.

Որդի Ալլահվերտեան տէր Յակոբ քահանայի, 1816ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, համաձայն յիշատակարանի մը. «յիշատակ է քարոզգիրքս ալահվէրտու որդու տր. Ակոբին իւր որդի Գէորքին ով որ կարդայ թող մէկ բերան ողորմի տայ ամէն:

Ի վայելումն տր. յակոբի որդի մհտ. Գէորգին երթալն երէմ. (Երուսաղէմ) քաղաքն ՌՄԿԵին» (=1816):

ՅԱ. թ. 17 էջ 59

ԳԷՈՐԳ ԿՈՅՐ Ի ԾՆԷ, ԱՐՃԻՇԵՑԻ.

Ըստ Յայսմաւուրաց, կոչուած է Աշիկայ, կոյր ըլլալուն համար. չափահասութեան տարիքին նուիրուած է ճգնողական կեանքի, յետոյ Գրիգոր անուն կրօնաւորի մը հետ, իբրեւ ուխտաւոր եօթն անգամ Ս. Յակոբի վանքը կ՚այցելէ եւ կը ճամբորդէ Հռովմ. բայց Հունգարիոյ մօտերը աւազակներէ կը կողոպտուին, կը ծեծուին ու կը մնան անպատսպար: Մերձակայ վանքի կրօնաւոր մը հանդիպելով ասոնց` վանք կը բերէ, բայց Գրիգոր կը վախճանի, թէեւ Գէորգին ցաւ չպատճառելու համար լուր չեն տար, բայց Գէորգ կ՚զգայ ընկերոջ մահը, եւ կը խնդրէ որ զինքը եկեղեցի տանին. Գէորգ կ՚աղօթէ եւ Գրիգոր կենդանութիւն կ՚առնու եւ մարմինը կը շարժի: Այս դէպքէն վերջ Հռոմ կ՚երթան եւ յետոյ կը դառնան Անի. Գէորգ կը մեռնի հոն 1167ին: Վարդան Բարձրբերդցի եւս կը յիշէ (Պատմ. էջ 129) Գէորգի Հռովմ այցելութիւնը եւ վերոգրեալ դէպքը:

 

ԳԷՈՐԳ ԹԻՖԼԻԶՑԻ.

Քրձ. Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ 40 տարի լս։ի պաշտօն կը կատարէ, կը վախճանի 1876ին:

 

ԳԷՈՐԳ (մհտ. ) ԹՈՓԱԼԵԱՆ, ԳԱՐՀԻՍԱՐՑԻ.

1890ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, «Մշտնջենաւոր Յիշատակարան»ի մը համաձայն, Ս. Յակոբի վնքին կտակարարներէն մին եղած է:

 

ԳԷՈՐԳ (Մհտ. ) ԿԵՍԱՐԱՑԻ.

1740ին Ս. Յակոբի Մատենադարանին յիշատակ կը դնէ աւետարան մը, որուն յիշատակարանէն կը քաղենք (ՄՁ. թ. 114) «…, արդ եդաւ յիշատակ սբ. աւետարանս Քսի. վերոյգրեալ բարեպաշտօն եւ երկիւղած հոգւոց մհի. Գէորգին եւ հանգուցեալ ծնողացն նորին Կեսարացի բարեպաշտօն իշխան մահտեսի Սարգիս Խալիֆային եւ մհի. Նազլուին եւ համեստուհի կողակցոյն Հուրիին եւ հանգուցեալ զաւակացն Յովհաննէսին, Մարիամին եւ միւս Մարիամին, Մարտիրոսին, Յակոբին եւ կենդանի բարեսէր ծնողի բարեսնունդ որդւոցն Յովհաննէսին, Անտօնին եւ Յակոբին…եդաւ յիշատակ սբ. Աւետարանս ի դուռն Սբյն. Յակոբայ ի թվին Հայոց ՌՃՁԹ (=1740)…»:

Խապ. Ցուց. տետր ԺԱ. էջ 794-95

ԳԷՈՐԳ ՓԱՓԱԶԵԱՆ, ԱԿՆՑԻ.

Եղբայր Միսակ ամիրայի Փափազեան (E1856). 1850ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ վանքը:

 

ԳԷՈՐԳ ՊԵ.

(696-708).

Յպե. էջ 33

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԱԼԷՄՏԱՂՑԻ.

Մբ. 1802ին, ինքնագիր յիշատակարան մը ունի ՌՄԾԱ (=1802) թուականով Ատենի Ժամագրքի մը մէջ (տպ. 1786, Պոլիս) զոր նուիրած է իր կողմէն Ռէմլէի Ս. Գէորգ եկեղեցիին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԱՃԷՄ.

Մբ. Ձռ. 1814ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1862ին, կը հրաժարի միաբանութենէն եւ կը կարգուի քարոզիչ Սամաթիոյ. (1870-1873). Առ. Քէօթահիոյ եւ Սֆիոն։Գարահիսարի (1874-1887). եպս. կը ձեռնադրուի 1882ին, կը վախճանի Պոլիս 1887ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

ՄՁ. թ. 1163 ձեռագրին յիշատակարանէն կը քաղենք այս Գէորդ վրդի. անունը, նոյն գրչագիրը կը պարունակէ Գէորգ վրդին. Երուսաղէմի ուխտաւորներուն խօսած մէկ քարոզը: Ծանօթութիւն կը պակսի այս վարդապետի ինքնութեան եւ քարոզի գրչի մասին, բայց քարոզին բովանդակութենէն յայտնի է թէ ան խօսուած է Երուսաղէմի մէջ. հետեւեալ խորագրով. «Գէորգիա վարդապետի քարոզ ի բանն որ ասէ մտցուք ի յարկս նորա եւ երկրպագցուք ի տեղւոջ»:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԵԴԵՍԱՑԻ.

Մբ. ժամարար Յոպպէի (1838-43):

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԽԻԶԱՆՑԻ.

Մբ. նախապէս Մբ. Աղթամարի վանքին, 1863ին Յոպպէի մէջ ժամարար, ուր կը վախճանի 1865ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ՃԱՆՍԸԶԵԱՆ, ՄԱՐԱՇՑԻ.

Մբ. Ծ. 1870ին, Ձռ. 1902ին, ՏՓ. (1905-6). Տպ. (1906-8), Թարգման (1908-9). ժամարար Դամասկոսի (1912-14) եւ գանձապետ վանուց 1916ին, բ. անգամ թարգման (1920-21), ՏՅՊ. (1922-24). ՏՊ. 1926ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ՄԱԼԱԹԻԱՑԻ.

Մբ. 1865ին Տեսուչ դպրոցի:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

Մբ. 1775ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԹՈՒՐԵԱՆ. ՌՈՏՕԹՈՑԻ.

Ծ. 1872ին. աշկ. Ս. Յակոբի Ժառ. Վարժ։ի. շրջանը աւարտելով կը մեկնի Երուսաղէմէն եւ կը կարգուի տեսուչ Չոռլույի Ազգ. Վարժ։ին. (1893-95) կը մեկնի Ամերիկա եւ պաակաւոր գրականութեան տիտղոսը կ՚ստանայ Հարվըրտի համալսարանէն (1898-1903). յետոյ կը կոչուի պսակաւոր Աստուածաբանութեան, իր աւարտական գրուածքն է հայ եկեղեցիին Խորհրդատետրը: Նոյն դպրոցի վարչութեան ծախքով կ՚ուղեւորի Էջմիածին ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար. (Անահիտ. 1905. էջ 140). 1906ին Գէորգ Թուրեան, ամերիկեան ընկերութեան մը կողմէն կը ղրկուի Եւրոպիոյ զանազան քաղազները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ Ս. Յակոբի վանքը, հնախօսական պրպտումներ կատարելու համար: Նոյն թուականին Ժառ. Վարժարանին մէջ կը դասախօսէ եկեղեցական պատմութիւն եւ քիչ յետոյ կը մեկնի Կալկաթա, կը կարգուի Հայերէնի ուսուցիչ Մարդասիրական Ճեմարանին: Կը վարէ Գահիրէի Գալստեան Վարժարանին տեսչութիւնը, ուրկէ կը մեկնի Պոլիս եւ ըստ իր փափաքանաց եւ որոշմամբ Կրօն. Ժողովոյ կ՚երթայ Արմաշ եւ կը ձեռնադրուի աբեղայ 1911ին եւ կը կարգուի քարոզիչ Կէտիկ փաշայի եւ Մաքրիքէօյի եկեղեցիներուն 1912ին եւ նոյն տարին կ՚ընտրուի Առ. Տեղապահ Տրապիզոնի. կը նահատակուի Կարնոյ կողմերը 1915ին

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՎԱՆՑԻ.

Մբ. Ծ. 1855ին, Ձռ. 1902ին, ուսուցիչ, Ժառ. Վարժարանի (1894-97). տեսուչ տպարանի (1905-1910). կը վախճանի 1921ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Կիլիկիոյ (1822-24), Նւ. Հնդկաց 1831:

տե'ս Մկրտութեան տումարն Այնթապի եկեղեցիին

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԿԻՊՐԱՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1801ին, Լս. Ս. Հոգի մատրան, Ս. Յակոբի մէջ 1802ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

Մբ. Փոխանորդ 1691ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

Մբ. ՓԿԵ. 1758ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ.

Մբ. ՏԲ. 1843ին:

 

ԳԷՈՐԳ ՔՀ.

Մայր Եկեղեցւոյ Գումգաբուի, 1858ին ուսուցիչ կը կարգուի Ս. Յակոբի Ժառ. Վարժարանի, կ՚աշխատակցի Մկրտիչ Վրդ. Արծրունեանի Ստորագր. Սրբոյ Քաղաքին Երուսաղէմի գրքին:

տե'ս Յառաջաբանը

ԳԷՈՐԳ ՔՀ. ՆԱՍԱՐԵԱՆ, ԲԵԹՂԵՀԷՄՑԻ.

(Սալէհ) Ծ. 1827ին. աշկ. Ժառ. Վարժարանի, Ձռ. 1880ին, Մատակարար Ս. Յակոբի վանքին (1875-1890). կը վախճանի Բեթղեհէմի մէջ 1908ին, Գէորգ քահանայի Նասարեան կամ Ներսէսեան կոչուելուն պատճառը հետեւեալն է. 1623ին Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարքը Բեթղեհէմի մէջ հայ ժողովուրդ ունենալու անհրաժեշտութեան համար Մշեցի քրձազգեաց միաբան մը Ս. Յակոբի վանքէն Բեթղեղէմ զրկելով` կը հրամայէ որ ամուսնանայ օրիորդի մը հետ, եւ կ՚ունենայ Ներսէս անուամբ զաւակ մը. այս Ներսէսի սերունդէն որ կը բազմանայ Բեթղեհէմի Հայ բնակչութիւն մը Նասարեան կամ Ներսէսեան անունով. (Սիօն. 1875 էջ 62). Նասարեան Գէորգ քհն. կը պատկանի յիշեալ Ներսէսի սերունդին

 

ԳԻՒՏ ԵՊՍ. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Ծ. 1873ին: 1903ին, դեռ սարկաւագ` Կիլիկիոյ Սահակ կթղ։ին հետ Սիս կը մեկնի իբրեւ քարտուղար: Վարդապետանալէ յետոյ, 1915ին Սսոյ մէջ եպս. կը ձեռնադրուի եւ կը միաբանակցի Սսոյ վանքին: Ընդհ. Պատերազմի տարագրութեան ատեն, Գիւտ եպս. ինչպէս ուրիշ մի քանի Սսոյ միաբաններ` Սահակ կթղին. հետ, կ՚ապաստանին Ս. Յակոբի վանքը: 1917ին, Սահակ կթղ. Երուսաղէմի միւս հոգեւոր պետերուն եւ սինոդականներուն հետ, պետական որոշումով երբ Դամասկոս կը տարուի, իրեն փոխանորդ կը կարգէ Գիւտ եպիսկոպոսը` Ղեւոնդ Մագսուտեան եւ Դաւիթ Տէրտէրեան վրդ. ներուն հետ Ս. Յակոբի գործերը վարելու համար: Զինադադարէն վերջ Գիւտ եպս. կը մեկնի Պոլիս 1920ին. կ՚ընտրուի Առ. Տեղապահ Խարբերդի (1920-22). յետոյ կ՚ուղեւորի Ամերիկա` ուր կ՚ըլլայ կարգաթող:

 

ԳՈՒԶԱԼ ԳԵՏԱՇԷՆՑԻ,

(հայաբնակ մեծ գիւղ Գանձակի մէջ) ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ այլազգիներէն կողոպտուած ձեռագիր Աւետարան մը կը գնէ յիշատակ կու տայ Ս. Յարութեան Տաճարին ըստ այս յիշատակարանի (ՄՁ. թ. 24). «Ես Գուզալ ապաշխարողս Գետաշէնցի եկի ի սբ. քաղաքն Երուսաղէմ. տեսի Ս. Աւետարանս զայս ի ձեռն այլազգեաց ու գնեցի զսա ի հալալ արդեանց իմոց յիշատակ ինձ եւ իմ ծնողացն, եւ եդի սա ի Սուրբ Յարութիւն…»: Այս ձեռագրին թուականն է ՉԽԸ (=1299). գրիչ եւ տէր Թորոս. տեղի Դրազարկ:

Խապ. Ցուց. տետր Գ. էջ 163

ԳՐԻԳՈՐ ԱԲ.

Մբ. 1829ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԱԲ.

Մբ. 1668ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Ադամ գիրքն եւ գրէ հետեւեալ յիշատակարանը (ՄՁ. թ. 527) «Գրեցաւ Ադամ գիրքս թուին ՌՃԺԷ (=1668) ի Ս. քաղաքս Երուսաղէմ ընդ հովանեաւ Սրբոյն Յակոբայ յոգնամեղ Գրիգոր աբեղայի…»:

Խապ. Ցուց. տետր ԽԲ. էջ 3213

ԳՐԻԳՈՐ ԱԲ.

Մբ. 1714ին. ՄՁ. թ. 133 ձեռագիր Աւետարանին մէկ յիշատակագրութենէն կը հասկցուի թէ Գրիգոր աբ. կազմած է նոյն Աւետարանը եւ գրած է հետեւեալ յիշատակագրութիւնը. «ՌՃԿԳ (=1714) թուականին Հայոց եւ օգոստոսի ԺԵ, ի տօնի սբ. Աստուածածնայ Վերափման աւուր երկուշաբթի իրիկուն, եւ ի պատրիարքութեան Սահակայ վարդապետի, ի Վէքիլ Յոհանին, ի ազդմանէ չարին մտին աւազակ ի Ս. Փրկիչ եւ զչորս միաբանք իբրեւ զոչխարս զենեցին, որ եւ անուանք այսոքիկ, Սարգիս վրդ. Հազուեցի, Միրաք Բաղիշեցի, Կարապետ Համթեցի, Աբրահամ Շամցի եւ զինչս ամենայն կողոպտեցին եւ զայլ Աւետարանին կողերն արծաթ էր, կտրեալ աւերեցին եւ ես տրուպ Գրիգոր աբեղայս, յետնեալ ամենեցուն. ի միւս տարին եւ ի նոյն աւուր կազմեալ նորոգեցի զաւետարանս այս ի վէքիլութեան Յովհաննէս վարդապետին Բաղիշեցւոյն եւ ի սոյն աւուր կախեցաք սբ. Յակոբայ պատկերս ի դրան եկեղեցւոյն եւ զօտապաշի Յովակիմին պատկերն քով. եւ ով ոք հանդիպիք կարդալ. վասն Այ. հայր մեղայիւ յիշեցէք. եւս վերոգրեալ միաբանքս սբ. Աթոռոյս, եւ ես մեղապարտ կազմող աւետարանիս նորոգող Գրիգոր աբեղայս եւ դուք յիշեալ լիջիք ի տեառնէ եւ ի Սրբոյն Յակոբայ. ամէն: Եւ ծրող Յակոբ սարկաւագէ եւ մեղապարտէ»:

Խապ. Ցուց. տետր ԺԱ. էջ 860

ԳՐԻԳՈՐ ԱԲ. ՍՆՒՆԵՑԻ.

Ի գեղջէն Քրդիկանց (Ղափան). Մբ. Ս. Յարութեան տաճարին մէջ 1736ին, կ՚ընդօրինակէ Վանական վրդ։ի (1181-1251). Յոբայ Մեկնութիւնը, եւ Գրիգոր Տաթեւացւոյն Յովհաննու Աւետարանի քաղուածոց մեկնութիւնը, (ՄՁ. թ. 592). նոյն թուականին եւ նոյն տեղը կ՚ընդօրինակէ նաեւ Գրի. վրդ. Տաթեւացւոյն Մեկն. Մատթէի քաղուածոյն (ՄՁ. թ. 721) եւ 1739ին Ն. Լամբր. Մեկն. Սաղմոսացը:

ՄՁ. թ. 709

ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՆԵՐՑԻ (Լեռնային Կիլիկիա) Քրձ.

ՄՁ. թ. 89 ձեռագիր աւետարանը բուն գրչին յիշատակարանէն զատ ունի յիշատակարան մը եւս տարբեր գրչով, որ է այս «…եւ արդ գրեցաւ սակաւագիծ յիշատակարանս այս ձեռամբ յոգնամեղ եւ անարհեստ գծողի, որոյ անուն Գրիգոր Ակնեցի յորջորջի: Ի խնդրոյ պատուելի եւ սրբասնեալ կուսակրաւն քահանայիցս Յովհաննէսի, Մկրտչի, Ստեփաննոսի եւ Գրիգորի: Որոց յիշատակն աւրհնութեամբ եղիցի եւ նախնեացն իւրեանց յառաջելոցն առ Քրիստոս. ամէն: Այլեւ Ատոմ միայնակեցին, որ յոյժ աշխատեցաւ ի յընծայաբերութիւն սբ. Աւետարանիս: Եւ քանզի լի եւ պատարուն ունի զյիշատակարանս Աւետարանս այս զառաջնոց երախտաւորացն ի սմա, որոց ողորմեսցի տէր Յս. եւ թողցէ զյանցանս նոցա. իսկ զայժմուս երախտաւորքս զվերոգրեալ քահանայքս, որ բազում աշխատանաւք բերեալ զաւետարանս զայս եդին ի սբ. եւ յառաքելական աթոռս յայս, ի վերատեսչութեան Գրիգորիսիս եւ տէր Յովհաննէս վրդ։իս ՊԼԵ (=1386) ամի յաբեթական տոմարի տոհմիս: »

Ունի ուրիշ յիշատակարան մը եւս «…Ողորմիա խոճայ Ճանազիզի եւ ծնողաց իւրոց, որ եկն ի Տփխիս քաղաքէ եւ բազում արդիւնս արար ի յաղքատս եւ ի կրաւնաւորս եւ յեկեղեցիս եւ զսբ. աւետարանս ետ վերստին կազմել պատուելի եւ ճգնազգեաց եպիսկոպոսին Գաբրիէլի Կարբեցոյ, որով արքայութեան արժանի առնէ Քս. Ած. զՃանազիզ խոճան եւ զծնողսն իւր, ամէն:

Ի թվ. Հայոց ՊՁԷ (=1438) կազմեցաւ Սբ. Աւետարանս ի Սբ. Քաղաքն Երուսաղէմ»

Խապ. Ցուց. տետր Բ. էջ 99-100

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆ.

Պարսկաստանէն Երուսաղէմ գաղթող ազգային մը. որուն սերունդէն միշտ կ՚ընտրուէին Ս. Յակոբի վանքին թարգմանները:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԱՇՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ, Քրձ.

1908ին իր ծախքով շինել կուտայ Ս. Յակոբի վանքին Չամ թաղի երկաթէ ցանկապատը. կը վախճանի 1912ին, Երուսաղէմի մէջ յիշատակ կը թողու մթերանոց մը ի նպաստ Ս. Յակոբի:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾԿԵՑԻ, (Վանայ ծովակին հիւսիսային կողմը), Քրձ.

Ս. Յակոբի վանքին Ս. Հրեշտակապետ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ, ՊՂ (=1441) թուին, կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը. Գրիգոր կթղ. Մուսաբէկեանցի, եւ Եգիպտոսի սուլթան Չագմագի օրով. (E 13 փետր. 1453):

ROC. 1922-23 էջ 190

ԳՐԻԳՈՐ (ՄՀՏ. ՍԱՐԱՖ) ԲԻՆԿԵԱՆՑԻ ԵՒ ՈՐԴԻՔ (ԱԿՆ).

Ս. Յակոբի վանքին Ս. Թէոդորոս եկեղեցիի դրան վրայ ունին յիշատակարան մը. «Յիշատակ է Բինկեանցի Սարաֆ Մահտեսի Գրիգոր որդւոց Սարաֆ մահտեսի Աղեքսանդրի, մահտեսի Յովհաննէսին, մահտեսի Գասպարին, ի վանքն Ս. Յակոբայ, ի դուռն Սրբոյն Թէոդորոսի եկեղեցւոյն ՌՄԻԸ». (=1779). նոյն թուականով եւ նոյն անուններով կայ նաեւ ուրիշ յիշատակարան մը նոյն եկեղեցիին մէկ ուրիշ կողմը: Մհտ. Գրիգոր` իբր յիշատակ գնած է Ասորւոց եկեղեցիին մօտ տուն մը, յորդորմամբ Շղթայակրին:

ՄՁ. թ. 532

ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԻՉ.

Հայրը Աւետիք, 1620ին գրուած յիշատակարան մը ունի սա ծանօթութիւնը. «որ ետ գրել զայս գիրքս, Մեկնութիւն Յոբայ յիշատակ ի Ս. Երուսաղէմ: »

 

ԳՐԻԳՈՐ ԴՊԻՐ.

1857ին յօրինած է Բանք Սակաւամասնեայ ի վերայ խոնարհութեան անուն աշխատասիրութիւնը:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ.

1813ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

Կոնդակ ՊԵ. Վանցի Թէոդորոսի

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ.

Մբ. 1683ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԱՐԱՊԿԻՐՑԻ.

Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

Սիօն 1866. էջ 102

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԳԱՌՆԱԿԵՐԵԱՆ, ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏՑԻ.

Մբ. Ս. Էջմիածնի. Ծ. 1836ին. կը ձեռնադրուի եպս. 1890ին. 1906ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, նոյն տարին կ՚երթայ նաեւ Եգիպտոս եւ Հռովմ: Վարած է առաջնորդական եւ վանական պաշտօններ Էջմիածին եւ այլուր. կը վախճանի 1910ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԳԱՍՍՊԱՑԻ.

Մբ. կնիքը 1801, կը վախճանի 1827ին, իր տապանագիրն է հետեւեալը «Տապան հանգստեան Ս. Աթոռոյս միաբան Ղասապացի Գրիգոր արքեպիսկոպոսին որ հանգեաւ ի թ. ՌՄՀԶ (=1827) Յուն «Ա։ին»:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ, ԵԳԻՊՏԱՑԻ.

Մբ. 1821ին, Առ. Եգիպտոսի:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԻ.

Մբ. 1652ին այցելու քարոզիչ Եթովպիոյ եւ Հնդկաց. իր մասին կը կարդանք Մեսրոպ Թաղիադեանցի Պտմ. Հ. Հնդ. (Գլ. Ե. էջ 220-25) գրքին մէջ. «…Ապա եկին ի Հնդիկս` ի Բաբելոնէ Յովհաննէս եւ Դանիէլ Նեստորականք. եւ յետ նոցա այլք. մինչեւ ց1652. ուր Գրիգոր եպս. Երուսաղէմի շրջեալ քարոզութեամբ ընդ աշխարհն Եթովպիոյ մինչ ի Մուխա, եկն անդուստ ի Քոչին, եւ հաստատեաց զամենեսին ի դաւանութիւն Հայոց եւ Ասորւոց?: Սա գրեաց առ մարզպանն Հայոց Մերուժէն. որ նստէր ի Տիգրանակերտ. եւ նա առաքեաց ի Հնդիկս զեպիսկոպոս մի ասորի երկու քորեպիսկոպոսօք, որոց եկեալ ի Քոչին. հովուեցին զեկեղեցին ղամս հնգետասան. ».

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԳԱՂԱՏԱՑԻ.

Առ. Սեբաստիոյ (1799-1807): Արմտանցի Յակոբ Եպս։էն յետոյ, 1799ին առաջնորդ կ՚ընտրուի Սեբաստիոյ, երբ ուխտաւորութեամբ Ս. Յակոբի վանքը այցելութեան եկած էր: Սեբաստիա հասնելով կը նորոգէ Ս. Նշան վանքը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին. . Սեբաստիոյ. էջ 287): Գրիգոր Եպս. Սիմէոն կթղ։էն եպս. կը ձեռնադրուի Ս. Էջմիածին. 1765ին, ախթարմայից քննութեան եւ աքսորի հրովարտակի զործադրութեան համար, Կարնեցի Սարգիս վրդ։ին հետ կը ղրկուի 1765ին Ախլցխա. 1766ին Նւ. Ս. Էջմիածնի, Գաղատիոյ մէջ (Դիւան. Գիրք Գ. 348-442). 1777ին կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. ուր սրբագրութեամբ ընդօրինակած է Սէր Աստուծոյ գիրքը. (թարգմ. Խարբերդցի Ղուկաս Վրդ։ի). կը նշանակուի Նւ. Ս. Յակոբի վանքին, 1784ին Ռումելիի կողմերուն, 1789ին Հալէպի, 1791-94ին Եդեսիոյ. 1795ին կուգայ դարձեալ Ս. Յակոբի վանքը, (Հայ Անկիւրիա անտիպ): Դանիէլ Կթղ։ի օծման կը մասնակցի Երեքխորան եկեղեցիին մէջ 1802ին: Առ. Գաղատիոյ 1807ին, կը վախճանի Սպարդա եւ կը թաղուի Միզիթրա քաղաքը 7 դեկտ. 1810ին:

Պ. Սեբաստիոյ. էջ 290, Հա. 1911

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ԷՕՏԷՄԻՇՑԻ.

Մբ. կը վախճանի 1812ին. իր տապանագիրը կը դնենք հոս «Այսէ տապան հանգստեան Ս. Աթոռոյս միաբան Էօտէմիշցի Գրիգոր Եպիսկոպոսին որ հանգեաւ ի թուին ՌՄԿԱ (=1812) Մյիսի. Է. տեսողքդ տուք զողորմին»:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՀԵԶԱՀՈԳԻ.

Մբ. Ծաղիկ Զօրութեանց գրքին յիշատակարանին մէջ 1738ին կը յիշուի, իբր վախճանեալ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՄՇԵՑԻ.

Մբ. 1812ին վախճանած եւ թաղուած Ս. Փրկիչ վանքին մէջ:

 

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԵՊՍ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՖԻԼԻՊԵՑԻ.

Ծ. 1837ին. Ձռ. 1872ին. վարած է առաջնորդական, վարչական եւ քարոզչական զանազան պաշտօններ. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ վանքը 1908ին, եւ 1909ին վարչական որոշմամբ. 1916ին կը վախճանի Պոլիս:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՍՍՈՅ.

1824ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՎԱՐԱԳԵՑԻ կամ ՎԱՆԵՑԻ.

Աո. Լեհաստանի (1552-1574). 1567ին Կամենիցի հայ դատաւորներէն իր ճամբու ծախքը ստանալով` ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ յետոյ Հռովմ. 1568ին «վասն հերձուածողութեամբ եւ հակառակութեան ժողովրդոցն Լէօպոլսի»: Քսան երկու տարի եպիսկոպոսութիւն ընելէ յետոյ կը վախճանի Պոլիս. (Կամենից. էջ 46. 136. Հա. 1895, էջ 205. նաեւ 1920, էջ 248): Գրիգոր եպս. Վարագեցիին քարտուղարն էր տաղասաց Մինաս Թոխաթեցին (1544ին Կամինեց եւ 1563ին Լեմբերգ) որ յաճախ սեղանակից կ՚ըլլար անոր. Թոխաթեցին յարգանքով կը յիշէ Գիգոր եպս. Վանեցին իր Հերիսային գովքին մէջ.

«Սուրբ վարդապետ քաջ եւ արի,

Արթուն անուամբըն Վանեցի.

Շատ հերիսայ կերցուց մեզի.

Մէկին հազար իւրեան տացի»:

(Հա. 1921. էջ 26-27):

Գրիգոր Վարագեցիին «դասակից» եւ «համշիրակ» եղաց է Վրթանէս Սռնկեցի` Այրարատեան գաւառի Գիլան գիւղէն, ազգաւ սըռնկեցի, տաղասաց մը. Գրիգոր եպս։ի հետ միասին կը պանդխտին Եւրոպա եւ ապա Լեհաստան. ինքը կը գրէ իրեն մասին.

«Վրդանէս անպէտ հոգի. որ եւ ազգէ Սըռնկեցի,

Ի գաւառէն Այրարատի եւ ի գեղջէն Գիլանեցի»:

1557ին հաստատուած է Սուչաւա իբր տեղւոյն եկեղեցիին քահանայ, անծանօթ պատճառով մը Վրթանէս կը գժտուի Գրիգոր Վարագեցիին հետ եւ ապա կը հաշտուի.

«Ահա հետ իմ եղբօրըն հաշտեցայ ես.

Բազում խռովելով ոխ պահեսցի ես.

Գրիգոր Վարագեցի դու պարծալի ես.

Դու իմ աչացս լոյս եւ սիրելի ես».

Վրթանէս մինչեւ 1660ի մօտերը Սուչավա կը գտնուէր. 1567ին ալ Կաֆա, իբր եպս. տեղւոյն եւ ականատես պարոն լոյս նահատակի վկայութեան (1567 Յունուար 5-Մայիս 15). յետ նահատակութեան կ՚ամփոփէ անոր նշխարները եւ կը գրէ վկայաբանութիւնը:

Հա. 1920. էջ 246-8

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ.

Մբ. Նւ. 1793ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՐԷՑ ՎԱՆԵՑԻ.

1697ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ խորհրդատետր մը (ՄՁ. թ. 356) եւ գրէ հետեւեալ յիշատակարանը. «Արդ գրեցաւ եւ ծաղկեցաւ սբ. տետրս, որ է խորհուրդ պատարագի ի սբ. քաղաքս Երուսաղէմ. ի դուռն սբ. Յակոբայ, ի թուականութեանս Հայոց ՌՃԽԶ (=1697) ձեռամբ բազմամեղ վանեցի Գրիգոր անարժան երիցուս»: Ասոր անմիջապէս կը կցուի հետեւեալը. «Դարձեալ յիշեցէք եւ Ած. ողորմի ասացէք վանեցի ղազանչի տէր խաչատուրին ըռէիզ սբ. Ծննդեանն, որ ետ փափագանօք գրել զսա եւ ոսկւով ծաղկեր յիշատակ իւրն եւ ծնողացն եւ եղբարցն եւ ամ. մերձաւորացն եւ եդ ի խորանն սբ. ծննդեանն…»:

Խապ. ցուց. տետր ԻԷ. էջ 2042

ԳՐԻԳՈՐ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՑԻ.

Էջմ. ցուց. թ. 295 Տօնապատճառի մը երկու յիշատակարաններէն կը հասկցուի թէ` ան ընդօրինակուած է Լամբրոնացի Գէորգ պատանիէն 1267ին: Սոյն ձեռագիրը Անանիա Շիրակացի վրդ։ի Յաղագս շրջագայութեան երկնից եւ Յաղագս երկնի, եւ Պաւղոսի Աղեքսանդրացւոյն նախերգան ի ներքսածութեան գրուածքներէն զատ` կը պարունակէ նաեւ Գրիգորի երուսաղիմացւոյ սահմանք զանազանք, արտորոշեալք ըստ սրբոց եւ ծայրագոյն վարդապետաց, յաղագս տարբերական եւ այլ եւ այլ անուանց գրութիւնը, որ քաղուածք մ՚է Դաւիթ Անյաղթէն եւ Գրիգոր Նիւսացիէն. (Շիրակացի. էջ 30):

Փարիզի Ազգ. Մատենադարանը ունի հայերէն ձեռագիր մը Ժողովածու իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական գրուածոց անուամբ, որ կը պարունակէ Գրիգոր Երուսաղիմացւոյ սկիզբն իմաստասիրութեան խորագրով մէկ գրուածքը. ձեռագիրն ընդօրինակուած է ԺԳ. դարուն, տեղը եւ գրիչը անյայտ:

CMA. էջ 155-6

ԳՐԻԳՈՐ ԷՖՔԷՐԷՑԻ, ԿԵՍԱՐԻԱ.

Քրձ. 1783ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Նալեան Յակոբ պտրք։ի Մեկնութիւն եօթն խորհրդոց եկեղեցւոյ եւ Դիոնեսիոսի Արիսպագացւոյն Յաղագս երկնային քահանայապետութեան գրքերն, որ 1794ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրուին Թէքիրտաղցի Յարութիւն եպս։ի կողմէն:

 

ԳՐԻԳՈՐ . ) ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ.

Մեր եկեղեցական պատմութիւնը աւանդաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կ՚ընծայէ Երուսաղեմի Տնօրինական տեղերու մեծ եկեղեցիներուն շինութիւնը. ինչպէս Գողգոթան, Ծնունդը, Ս. Յակոբը, Հրեշտակապետը, Փրկիչը, Վերնատունը, Համբարձումը, Խաչ գիւտը եւ Ս. Գերեզմանը, եւ այլն, Երուսաղեմի հայկական վանքերէն շատերը շինուած կը նկատուին Ս. Լուսաւորչին կողմէն. այս մտօք կ՚արտայայտուի Անաստաս վրդ. իր վասն վանօրէից որ ի Ս. քաղաքն յերուսաղէմ. գրուածքին մէջ: Դաշանց թուղթի հետեւելով` Կիրակոս Պատմիչն ալ (էջ 6-7) վերեւ յիշուած եկեղեցիներուն շինութիւնը կ՚ընծայէ Ս. Լուսաւորիչին, եւ կ՚աւելցնէ թէ «եւ ասեն կախեաց կանթեղ մի Սուրբ Գրիգոր ի վերայ գերեզմանին Քրիստոսի. եւ խնդրեաց յԱստուծոյ աղօթիւք, առանց զգալի լուսոյ լուցանել ի Սուրբ Պասեքի տօնին. որ լինի մինչեւ ցայսօր նշանն»: Գրիգոր վրդ. Տաթեւացին ալ այս մասին կը գրէ. «…ի սբ. քաղաքն երւոսաղէմ յաւուր շաբաթու մեծի ի խնդրոյ նորա (Լուսաւորիչին) վառեցաւ լոյսն ի սբ. Յարութիւնն (Ձմրան հատոր էջ 444):

Չորրորդ վկայ` լոյսն զգալի որ յինն ժամու ծագէ ի գերեզմանէն ակներեւ ամենայն մարդկան, զոր ոչ կարեն զայս ուրանալ ազգն ժխտողաց, զի տես աչացն հաստատ է քան զլուր լսելեացն. եւ այս ՚ի խնդրոյ սբ. Լուսաւորիչին մերոյ` ի պատիւ ազգիս հայոց. (Անդ. էջ 605): Իսկ Ս. Լուսաւորիչի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան եւ հոն ճգնողական կեանք վարելուն առթիւ, ներքոյ գրեալ տեղեկութիւնները կը քաղենք ՊՁԸ (=1439) թուական ձեռագիր Յայսմաւուրքէ մը: Լուսաւորիչի Երուսաղէմ այցելութեան առթիւ կը պատմուի. «բնակեցաւ ի լեառն Սեպուհ, որ եւ այժմ կոչի սուրբ Գրիգորի, ուստի եւ ասեն կամեցաւ գնալ ի վերայ ծնգաց յԵրուսաղէմ… եւ այնպէս իջեալ ի լեռնէն եւ անցեալ ի ձորակ մի, առաքէ տէրն նորա Քրիստոս, բ. Սերովբէս… եւ ի տեղւոջն խաչս կանգնեաց եւ Սերովբէս անուանեաց եւ այժմ գեղակ է տեղին որ խաչքըն կան հրաշագործք, եւ անուն գեղջն կոչի Սերովբէք: »… «Ասեն դարձեալ թէ` երկու ինքնակալքն… եկին ի Հռովմայ յԵրուսաղէմ. եւ վիճակաւ բաժանեցին զտնաւրինական տեղիսն, եւ Հայոց անկաւ սնարքն` Ս. Գողգոթան եւ Ս. Կարապետն` եւ Սուրբ Յակոբն` եւ Սուրբն Գրիգոր կանթեղ կախեաց ի սնարսն. եւ նխդրեաց զիջումն լուսոյն յԱստուծոյ… եւ յաղագս այնորիկ լուսաւորիչ կոչեցաւ…» (Տաշ. Ցուց. էջ 47):

Երուսաղէմացի Յովհաննէս եպս. (Հաննէ) պատմագիրն ալ կը յիշէ հետեւեալ աւանդութիւններն թէ` Լուսաւորիչ երես ի քարշ եւ ի վերայ ծնկաց ոտնաքայլ ընթացմամբ այցելած է Երուսաղէմ. ժամանակ մը ճգնողական վարուք կը մնայ Ս. Յարութեան Խաչգիւտի եկեղեցին, որ իր անուամբ Ս. Լուսաւորիչ կոչուած է. եօթը տարի հոն ճգնելէ յետոյ, Զատկի մը աւագ շաբաթ օրը, ճրագալուցին, Քրիստոսի գերեզմանը կը մտնէ, որ ժամանակ ի պատիւ անոր կը վառին գերեզմանի բոլոր կանթեղներն եւ Ս. Լուսաւորիչ այդ առթիւ կ՚երգէ կիրակամտին Լոյս զուարթը. (Հաննէ. էջ 179). Ս. Գերեզմանի արտաքին դրան Հայոց պատկերին քով կախուած կանթեղը կը կոչուի անուամբ Ս. Լուսաւորիչի:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԽԱԼԱԹԵԱՆՑ, ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼՑԻ.

Ծ. 1858ին. Ուսուցչապետ Լազարեան Ճեմարանի` Մոսկուայի մէջ, իր գրական եւ բանասիրական գործունէութիւնը սկսած է 1877ին. հրատարակած է այլ եւ այլ պատմական եւ բանասիրական երկասիրութիւններ. 1910ին այցելած է Ս. Յակոբի վանքը ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան համար: Վախճանած է 1912 փետր. 8ին, Տփխիսի մէջ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԿԹՂ. ԱՂԹԱՄԱՐԻ.

(1586-1612?) ըստ Յովսէփ գրչի կը կոչուի Փոքր Գրիգորիս. հայրը` Պարոն Սեւդին, մայրը Ղրիմ Խաթուն, եղբայրները` Պարոն Խէտէն, Սմբատ, Զաքարիա եպս. եւ Պարոն Իսքընտար. քոյրը Մարգարիտ Խաթուն: Նոյն գրչի յիշատակարանին համաձայն, Գրիգորիս կթղ. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, 1602էն յառաջ. ըստ այս յիշատակարանի. «…Եւ յետոյ գնաց յԵրուսաղէմ երկոտասան արամմբք վարդապետօք եւ կրօնաւորօք. զի միայն եղբայրն էր ի հետն, ազգական Պարոն Խէտէն եւ այլ բազում աղքատ կերակրէր ի ճանապարհին…» «…եւ յետոյ դարձաւ յԵրուսաղէմայ եւ բերեալ ընծայ սուրբ խաչին զարբաֆ շուրջառ մի հանդերձիւ» եւ այլն:

Հա. 1920. էջ 22-23

ԳՐԻԳՈՐ ԿԹՂ. ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ.

Գրիգոր կթղ. Վկայասէրի թոռը. Ապիրատ Ծովքեցի իշխանին զաւակը եւ երէց եղբայր Ներսէս Շնորհալիի. կը վարէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը 1113-1166 նախ Ծովքի մէջ, յետոյ Հռոմկլայ. իր կեանքի եւ գործերու մասին դիմել Հայ. Եկեղց. Պատմութեան: 1141ին Անտիոքի մէջ ժողով մը կը գումարուի պապական նուիրակ Ոստիոյ կարդինալ Ալբերիկոսի նախագահութեամբ. դատելու համար Անտիոքի լատին պատրիարք Հռոտոլփոսի արարքները: Յատուկ հրաւիրմամբ, սոյն ժողովին ներկայ կ՚ըլլան Գրիգոր կթղ. Պահլաւունի եւ եղբայրը Ս. Ներսէս Շնորհալի: Հռոտոլփոս կը դատապարտուի. ժողովէն յետոյ Ալբերիկոս փափաք կը յայտնէ Գրիգորիս Կթղ։ին միասին ուխտ կատարել Երուսաղէմ. Պահլաւունին թէ' իր ուխտը կատարելու եւ թէ լատինաց հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար, կ՚ընդունի նոյն առաջարկը ու 1142ի Զատկին Երուսաղէմ կը գտնուի եւ կը նախագահէ հանդիսութեանց. կը մասնակցի Սիոնի մէջ գումարուած ժողովին, ուր ատենաբանութեամբ մը կը պարզէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատալիքը եւ դաւանութիւնը. ընդհանուրին հաւանութեան եւ ակնածանքին կ՚արժանանան կթղ։ին խօսքերը եւ լատինք սիրով կը վերաբերուին հանդէպ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Յակոբի միաբանութեան: Մեր պատմիչներէն Սամուէլ Անեցի կը յիշէ Գրիգորիս կթղ։ին այս այցելութիւնը. իսկ օտարներէն Տիւրացի Գուլիէլմոս հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի Գրիգորիսի մասին. «Մեծ հայրապետ Հայոց, գլուխ եւ պետ ամենայն եպիսկոպոսաց Կապադովկացւոց եւ Մարաց եւ Պարսից եւ երկաքանչիւր Հայաստանի, եւ գերագոյն րաբունապետ, որ կաթողիկոսն անուանի. » (Չամչ. Գ. 53): Գրիգորիս կթղ. կը վախճանի 1166ին: Աշակերտած է Շուղր Անապատի գիտնական Ստեփանոս Մանուկ վրդի. Կիրակոս պատմագիր կը գրէ Գրիգորիսի համար. «սկսաւ թարգմանութիւնս առնել աստուածային գրոց. եւ բազում գիրս ետ թարգմանել ի Հայ լեզու, զորս ինքեամբ, եւ զորս այլոց ձեռամբ (էջ 63): Կը կոչուի Փոքր Վկայասէր եւ ունի շարականներ եւ տաղեր, ինչպէս կը վկայէ Գրիգոր Տաթեւացին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԿԹՂ. ՎԿԱՅԱՍԷՐ.

Որդի Գրիգոր Մագիստրոսի, աւազանի անունը Վահրամ. կաթողիկոսանալէ յառաջ կրօնաւոր դաձրած էր: 1066ին Խաչիկ Անեցի կթղ։էն վերջ (1058-1065) կ՚ընտրուի կթղ. եւ իր ժամանակը անցնէ ուղեւորութեամբ: Մատթէոս Ուռհայեցին կը գրէ Վկայասէրին համար. «Գնալ ի Հոռոմ եւ շրջիլ ընդ ամենայն անապատն Եգիպտացւոց. գնաց բնակիլ ի լերինս ընդ միանձունս ճգնաւորացն Քրիստոսի եւ ստացաւ վարս խստակրօն եւ ամենայնի չորաճաշակս. » (էջ 229-230). Վարդան պատմիչն ալ կը գրէ «Անցեալ գնաց ի Կ. Պոլիս ի թարգմանութիւն» (էջ 102): Վկայասէրի կեանքին եւ գործերու մասին դիմել Հայ. Եկեղց. Պատմութեան. իսկ անոր Երուսաղէմի այցելութիւնը կատարուած է հետեւեալ կերպով, Կ. Պոլսէն ուղղակի ճամբայ ելած էր Երուսաղէմ գալու. վասնզի ուխտ ըրած էր «ուխտ է եդեալ, եւ անհնար է ինձ ստել. » (Կիր. 54). բայց հովը հակառակ ըլլալով` Վկայասէր փոխանակ Յոպպէ իջներու. հասած է Աղեքսանդրիա. Եգիպտոսի մօտ Թեփայիտի կրօնաւորաց այցելութենէն եւ այլ գործերէ վերջ, կ՚այցելէ Երուսաղէմ 1099ին, ինչպէս կը վկայէ Ուռհայեցին. «էր յայնժամ յԵրուսաղէմ հայրապետն Հայոց տէր Վահրամ, եւ զօրքն այլազգեաց կամեցան սպանանել զնա, եւ Տէր փրկեաց զնա ի ձեռաց նոցա. (էջ 326). նոյն վկայութիւնը կուտան նաեւ Սամուէլ Անեցի (էջ 120) եւ Վահրամ Սսեցի պատմիչները: ԺԲ. դարու գրիչ մը Վարդան Հայկազն իր Տաղ գերեզմանական վասն փոխմանն երանեալ եւ սուրբ կաթողիկոսին Հայոց Գրիգորի Վկայասիրի ոտանաւորին մէջ, հետեւեալ տողերը կը գրէ` անոր հետիոտն ուխտաւորութեան առթիւ.

«…Ապա ուխտիցն փափաքէր

Զաշխատութեան գործ համբուրէր.

Ի հետիոտս ուղեւորէր.

Եւ ի Ս. Քաղաքն հասանէր:

Զտնօրինականսն տեսանէր.

Անդ ուր փրկչին ներգործեալ էր.

Խընդայր հոգւովն եւ բերկրէր,

Մարմնովն յերկնի գոլ համարէր:

Ցընծայր քաղաքն եւ զարդարէր.

Զհայրապետ սուրբ ընդունէր. » (Բազմ. 1873 էջ 268):

Վկայասէր վախճանեցաւ 1105ին եւ թաղուեցաւ Քէսունի Կարմիր վանքը. իր արժանիքին մասին բաւական է յիշել միայն Ներսէս Շնորհալիին բանք չափաւ քերթուածին հետեւեալ կտորը. «երկրորդ Մեսրոպ մեզ երեւեալ. զգիրս բազումս թարգմանեալ. առ ի Յունաց եւ յԱսորւոց. ճառս սրբոց վերաբերեալ» (էջ 546)

 

ԳՐԻԳՈՐ (ՄՀՏ. ) ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆ, ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ.

Աշկ. Վանանդեցի Միրզայեան Յովհան քհի. 1857ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Իր տիկնոջ Հռիփսիմէի ծախքով կը կառուցուի Զմիռնիոյ աղջիկներու վարժարանը, որ 1849ին այրած էր. եւ կը կոչուի Հռիփսիմեան վարժարան: Մհտ. Գրիգոր վախճանած է 1891ին Զմիւռնիոյ մէջ: ՄՁ. թ. 171, տաղաչափեալ գրուածքը Կոստանդեանինն է, որով ան կը խնդրէ Վանանդեցի քհէն. որպէս զի յօրինէ Հայոց Պատմութիւն մը:

 

ԳՐԻԳՈՐ, (ՄՀՏ. ) ԽԱՉՕ, ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԵՒ (ՄՀՏ. ) ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆՑ, ԲԻՆԿԵԱՆՑԻ.

1758ին, Ս. Յակոբի վանքին կը յիշատակեն արծաթեայ կանթեղ մը:

Ցուց. Պ.

ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

(1859-1922). 1912ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը իր եղբօր` Սիմէոնի (1852-1916) եւ քրոջը Օր. Նեկտարի հետ (1845-1916): Ասոնց մահուանէն յետոյ` Գրիգոր Ս. Յակոբի վանքին կը կտակէ 1157 եգիպտ. ոսկիի գումար մը. կը վախճանի 13 նոյեմբեր 1922ին եւ կը թաղուի Սիոնի գերեզմանատան իր ընտանեկան դամբարանին մէջ: Իր գոյքերը, ըստ կտակի կը յանձնուին վանքին (Արձնգր. Տն. Ժողովի նիստ ՃԺԶ. 15 Նոյ. 1922): Հանգուցելոյն կտակած գումարը կը յատկացուի 26 Ապր. 1928ին վանքին մէջ նորոգ կառուցուած Ազգ. երկսեռ նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին, մասնաւոր յիշատակարանով մը:

 

ԳՐԻԳՈՐ (ՄՀՏ. ) ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ.

Քրձ. 40 տարուան աշխատաւոր մը Ս. Յակոբի վանքին, որուն նուիրած է իր բոլոր հայրենի ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ 1650ին, Կ. Պոլիս ընդօրինակուած պատկերազարդ Աւետարան մը, ՄՁ. թ. 51 որուն յիշատակարանէն կը քաղենք հետեւեալը. «…սբ. աւետարանս ցանկացող եղեալ, մահտեսի Գրիգորն, որ մանուկ տիօք ի. ամեայ, ի քաղաքէն Նախիջուանայ եկեալ յերկրպագութիւն ած. ընկալ սբ. Գերեզմանին Քսի. եւ տեսեալ զվայելչութիւն սբ. ուխտիս թողեալ զհայրենական երկիրն եւ զգաւառն հաճեցաւ բնակիլ ի սբ. քաղաքս Երուսաղէմ զոր եւ մտեալ ի սպասու սրբոյն Յակոբայ մենաստանին բազում աշխատութեամբ եւ մտերմութեամբ ծառայեաց զամս. Խ. եւ այլ առաւել մեծաւ ջանիւ մինչ ի խորին ծերութիւն հասեալ. որոյ տեսեալ զունայնութիւն կենցաղոյս վաճառեաց զամ ինչս զոր ժողովեալ էր ի հալալ ընչից իւրոց, եւ ստացաւ, ա. ջաղաց, ա. փուռ, եւ մէկ տուն, եւ եդ յիշատակ ի դուռն սրբոյն Յակոբայ, եւ ոչ այսու կարաց ժուժել, այլ եւ մեծաւ աշխատութեամբ դիմեալ ի յարքայանիստ քաղաքն ի Կ. Պոլիս, եւ անդ կացեալ տարով եւ այլ աւելի. եւ բազում ծախիւք եւ ջերմեռանդ փափաքմամբ ետ գծագրել զսբ. աւետարանս եւ զարդարեաց ոսկով եւ արծաթով, եւ բերեալ եդ յիշատակ ի դուռն սբ. Գերեզմանին Քսի.: …Յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զմահտեսի Գրիգորն, եւ զմայրն Խումար, եւ զեղբարքն զՅովսեփն եւ ղՊօղոսն, …»: Այս Աւետարանը գրաւի դրուած ըլլալով` 1726ին, Արապկերցի մհտ. Յովսէփ ես մհտ. Գրիգոր գրաւէ կ՚ազատեն եւ կը նուիրեն Ս. Յակոբի վանքին, եւ նոյն ձեռագրին մէջ կը գրեն յատուկ յիշատակարան մը:

Խապ. Ցուց. տետր, Ե. էջ 341-344

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ. ԿԱՐՆԵՑԻ.

Քրձ: Երուսաղէմի մէջ, Ս. Յակոբի յիշատակ կը թողու մթերանոց մը. վախճանած է 1902ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՊԵ. ԵԶԵԿԻԷԼԵԱՆ, ԵԴԵՍԱՑԻ.

(670-697):

Յպե. էջ 32

ԳՐԻԳՈՐ Բ. ՊԵ.

(981-1006)

Յպե. էջ 35

ԳՐԻԳՈՐ Գ. ՊԵ.

(1358-1366) Ասոր օրով, Ստեփանոս կրօնաւոր ՊԹ թուին (=1360) Ս. Յակոբի մէջ կ՚ընդօրինակէ նարեկ մը եւ ճառեր: ՄՁ. թ. 1615 յիշատակարանին մէջ Գրիգոր Պտրք. կը յիշատակուի հետեւեալ կերպով. «ի հայրն, Մեսրոպայ եւ ի Պատրք. Երուսաղէմի տր. Գրիգոր…», ինչպէս նաեւ կ՚ընդօրինակէ նոյն թուականին Աւետարան մը որ կը գտնուի Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մէջ:

Խապ. Ցուց. տետր ԺԹ. էջ 2192-93

ԳՐԻԳՈՐ Դ. ՊԵ. ԵԳԻՊՏԱՑԻ.

(1385-1390). ՄՁ. թ. 661 բոլորգիր Մաշտոցի մը յիշատակարանը այս պատրիարքի մասին տեղեկութիւններ ունի:

 

ԳՐԻԳՈՐ Ե. ՊԵ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ, ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ. (ՊԱՐՈՆՏԷՐ).

Հայրը` Մարգար, մայրը` Թուրվանտա, Գանձակի Սպիտակաշէն գիւղէն. 1581ին ուխտնւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. կը ճանապարհորդէ Արեւմուտք, եւ ապա կը դառնայ հայրենիք, աշկ. Պետրոս վրդ. Կարկառեցիին (յետոյ կթղ. Սսոյ, 1602-1609): Գրիգոր վերստին կուգայ Ս. Յակոբ եւ կը ձեռնադրուի աբեղայ եւ կը կարգուի վերակացւո 1610-1611ին: Գրիգոր Պարոնտէրի վերակացութեան օրով. Ս. Յակոբի վանքին պարտուց հատուցման համար մեծ գումարներով կը մասնակցին հետեւեալ երեւելի խօճաները. Վանեցիներ` Աւետ, Ղարիպջան, Ախիջան, Սիրաք, Փօլատ, Փիլաք, Միրզէ. Ջուղայեցիներ` Սաֆար, Փանոս, Ոսկան, Աւետիք, Զաքարէ, Սուքիաս, Առաքել. Բաղէչցի` Չէխիջան, Ամդեցի` Թումաջան. Ուռհայեցի` Բաղտասար. Հալէպցիներ` Պետրոս, Մագսուտ, Վանտին. եւ այլն. (Սաւաշան, էջ 673), որոնցմէ շատերն անձամբ բերած են իրենց նպաստը: Պարոնտէր 1613ին եպս. կը ձեռնադրուի Աւետիս կթղ։էն Ս. Յակոբի տաճարին մէջ: Լատինք Պատանատեղւոյն նորոգութեան ժամանակ, լատինական վերտառութիւններ դնելով` կ՚ուզէին տիրել տեղւոյն. Հայք օրինաւոր դատավարութեամբ, 1617ին կը տիրանան իրենց իրաւունքին: Գրիգոր պտրք. կը նորոգէ Բեթղեհէմի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (1621-1622). ըստ հետեւեալ յիշատակարանի, որ զետեղուած է նոյն եկեղեցիին ճակատը. «ես Գրիգոր եպս. որ եմ առաջնորդ սբ. Երուսաղիմայ. նորոգեցի ի սբ. Ծնունդ զվիճակ ազգիս մերոյ ՌՀ թվին (=1621). յիշատակ հոգւոյ իմոյ եւ ծնողացս, ի վայելումն եւ ի պարծանս Հայոց. որք տեսանէք լի սրտիւ ասացէք Աստուած ողորմեսցի. եւ Տէր ձեզ ողորմեսցի, ամէն»: Կը նորոգէ Ս. Յակոբի վանքը, վճարելով նաեւ անոր պարտքը ծանր եւ մեծ աշխատանքով, եւ կը ճոխացնէ վանքին ոսկեղէն եւ արծաթեղէն անօթները (1614-1630) (ՄՁ. թ. 15): Շինել կուտայ Ս. Յարութեան մօտ` Ս. Յովհաննու մատրան կամարները 1631ին. Վերնատան եկեղեցիին . Գողգոթա) երկայնութիւնը ընդարձակած է երեք կամարներ առնելով Լատիններէն, եւ փոխարէն անոնց տալով երգեհոնին կից խուցը 1632ին. 1634ի Ծռազատկին (ՄՁ. թ. 23) Գրիգոր պտրք. աջակցութեամբ արքունի հանդերձապետ Բաղիշեցի Աւետիքի, խռովութեանց առաջքը կ՚առնու եւ խաղաղութեամբ կը կատարուի Զատիկը. Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ծռազատիկի առթիւ գոյացած ծախսերն եւ Ս. Յակոբի մնացեալ պարտքը վճարելու համար կ՚ուղեւորի Տիգրանակերտ 1634ին, (Թորոս Աղբար Բ. էջ 432) եւ ապա Բերիա. նոյն թուականին վերադառնալով կը շինէ Ս. Փրկչի վանքին պարիսպները, զերծ մնալու համար տեղացիներուն գիշերային յարձակումներէն. 1641ին, Պեթճալա գիւղի մօտ, կը գնէ այգիներ եւ ձիթաստաններ, եւ կը կառուցանէ Վէլիճէ գիւղի աղբիւրը 1642ին: Գրիգոր Պտրք. կը վախճանի 1645ին, եւ մարմինը կ՚ամփոփուի, ի նշան երախտագիտութեան, Ս. փրկչի վանքին մէջ. այս ժամանակէն սկսեալ, սովորութիւն կը դառնայ Ս. Յակոբի հանգուցեալ պատրիարքներու մարմինները ամփոփել Ս. Փրկչի մէջ: Իր մահէն յետոյ, Ս. Յակոբի եւ Ս. Տեղերու մէջ Ս. Պատարագի ատեն գոհութիւն եւ փառաբանութիւն քարոզին մէջ կը յիշատակուի իր անունը. (Սաւալան եւ Ժպե. ) Զուար Ճիյէրճի օղլու ուխտաւոր հայ քահանան (1711-1712) իր ուղեգրութեան մէջ կը յիշատակէ թէ` Գրիգոր Պտրք. Պարոնտէրի դամբարանը գմբէթաւոր էր:

Գրիգոր Պտրք։ի ժամանակակից գրիչ մը` Յովհան Խիզանցի նոյն Պտրք։ին կենսագրականէն յետոյ` կը յիշէ օրուան միաբաններուն անունները ՌՁԷ (=1638) թուական ձեռագիր Յայսմաւուրքի մը (ՄՁ. թ. 1919) յիշատակարանին մէջ հետեւեալ կերպով. զտէր Կարապետ երջանիկ րաբունապետն եւ ած. աբան վրդ։ն եւ զիւր աշակերտն զտէր Ստեփանոսն, եւ զայլ միաբան եղբարսն որ կան այժմ ի սպասաւորութիւն Ս. Յակոբայ, զՅակոբ եպսն. զտէր Գրիգոր վրդ։ն որ բազում ամօք կայ առ դամբարանիս սբ. Յակոբայ, զտէր Ստեփանոսն, զտէր Մկրտիչն, զտէր Մելքիսեդեկն, զեղկելի Յոհան գրիչս, զտէր Վարդան, զտէր Յովհաննէս լուսարարն, եւ զմիւսն զտէր Վարդան սբ. Յարութեան լուսարարն, զտէր Ած։ատուրն, զտէր Յովհաննէսն զԱնապատցի, զտէր Նիկողոսն, զտէր Սահակն, զտէր Խաչատուրն, զտէր Պետրոսն, զտէր Սիմէոն, զտէր Դաւիթն, զտէր Հայրապետն …եւ դասս սարկաւագաց, զՇաղաւաթն, զապտալ Գրիգորն. զԱմիրխան զտօնապետն, զմիւս Գրիգորն, զՄանուկն, զԿարապետն, զՍիմաւոնն, զԾննդեան Յակոբն, եւ զտնտես Մեսրոպն. զՍբ. Յակոբայ տնտես Մարտիրոսն, զթղթիս կոկող Մելգոնն, զՊօղոսն եւ զՀաճի Սաֆարն, եւ զթերզի Յակոբն, զՆուրիջանն. զՄիրիճանն…յիշեցէք զտէր Գրիգոր հայրապետն Սբ. Երուսաղիմայ եւ զայլ միաբանսն զոր ի վերոյ գրեցաք…»

Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարքի տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է պատրիարգ Գրիգոր Պարոնտէր.

Այր բազմավաստակ բարեաց բարեսէր.

Բազում շինութեանց աշխատս ածէր.

Գեղեցիկ վարուց օրինակ լինէք.

Մեծ անուն թողեալ աշակերտ կարգէր.

Իւր բարի կրօնից ընտիր հոգեսէր:

Ամըս տասնեւչորս? հայրապետ նստէր

Բազում գեղեցիկ կանոն յօրինէր»:

1645. ՌՂԴ.

Սոյն տապանագրին մէջ, Գրիգոր Պարոնտէրի պտրք. իշխանութեան տեւողութիւնը տասնեւչորս տարի միայն նշանակուած է, ինչ որ ճիշդ չթուիր. վասնզի յիշատակարանք երկար գործունէութիւն մը կ՚ընծայեն Պարոնտէր պատրիարքի. բաց աստի Երուսաղէմի պատրիարքաց յաջորդութեան վերաբերեալ յիշատակարան մ՚ալ (ՄՁ. թ. 997) կը գրէ «եւ կալաւ (Պարոնտէր) զաթոռ հայրապետութեան ամս Խ. եւ չորս»: Պարոնտէր պատրիարքին իշխանութեան սկիզբը եթէ նկատենք իր եպիսկոպոսութեան թուականը, որ է 1613, այն ատեն երեսուն եւ երկու տարուան ժամանակամիջոց մը վարած կ՚ըլլայ իր պատրիարքութիւնը. հետեւաբար սխալ մ՚է տապանագրին նշանակած «ամս տասն եւ չորս» խօսքը

 

ԳՐԻԳՈՐ Զ. ՊԵ. ՇԻՐՈՒԱՆՑԻ (ՇԱՄԱԽԻ ԳԱՒԱՌ) ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ.

Հայրը` Մհտ. Աւետիս, մայրը Ճօհար: (ՄՁ. թ. 1464) աշկ. Վարդան վրդ. Բաղիշեցիին. 1707ին վանահայր Սաղեանի Ս. Ստեփանոս վանքին . Սաղեանի էջ 33): Վանահայր Տարոնի (1710-1715). կ՚ընտրուի պտրք. 1715ին. կը հաստատուի պատրիարքութիւնը 1717ին. Ս. Յակոբի վանքին մեծաքանակ պարտուց վճարման համար երկաթէ շղթայ կ՚անցընէ պարանոցը եւ կը կոչուի Շղթայակիր: 1717ին Պոլսէն ղրկած իր արդիւնքներովը կը նորոգուի Ս. Յարութեան տաճարը. 1720ին միենոյն ժամանակ կը նորոգուին նաեւ Հանդերձից բաժանման սեղանը, Իւղաբերից խորանը, Ս. Գերեզմանի գմբեթը: Յոպպէի վանքին մօտ, երեք քարուկիր մաղազաներուն, փռան եւ խահուէխանէին գետինները նախապէս կը վերաբերէին Ս. Յակոբի վանքին. Րամի փաշան նոյն գետինները իւրացուցած եւ շէնքեր կառուցած էր. Գրիգոր պտրք. անոր որդիներէն կը գնէ 1720ին նոյն շէնքերը եւ վագֆ կ՚ընէ Ս. Յակոբի եւ կոնդակով մը, ՌՃԿԹ (=1720) թուին` այս պարագան Պոլսէն կը ծանուցանէ միաբանութեան: 1720ին կ՚ուղեւորի Երուսաղէմ, Հալէպի եւ Դամասկոսի ճանապարհով. կը ժամանէ 1721ին Երուսաղէմ, եւ իր ուղեւորութեան առթիւ կը նորոգէ Հալէպի Հոգետունը, ըստ հետեւեալ յիշատակարանի. (զետեղուած Հոգետան արեւելեան ճակատին վրայ). «ի թվին ՌՃՀ (=1721) առաջնորդութեամբն Աստուծոյ, ես Գրիգոր …վարդապետս, պատրիարք Սբ. Երուսաղիմայ եկի ի քաղաքն Հալէպ, տեսի զՀոգետունս խաւարեալ եւ շինեալ ի Գրիգոր Պարոնտէրէ էր հնացեալ. Աստուծով նորոգեցի խցերօք եւ օդաներօք, վերստին պայծառացեալ զարդարեցի յիշատակ ինձ եւ ծնողացն իմոց. եւ Յովհաննէս վարդապետն, պատրիարքն Բիւզանդիոյ, եւ բազմաշխատ գանձապետացն Երուսաղէմի եւ ազգս Հայոց եւ ամենայն ողորմութիւն տուողաց եւ որք ընթեռնուք ասացէք Աստուած ողորմի. ամէն»: (Սիօն 1868. էջ 230-233): Այս առթիւ կը նորոգէ նաեւ Դամասկոսի եկեղեցին: Ութը տարուան ընթացքին կը վճարէ հին պարտքերը եւ կ՚սկսի վանական բարեկարգութեան, ընկերակցութեամբ իր մտերմին Յովհաննէս Կոլոտ պտրք։ի: Կարապետ կթղ. Զէյթունցի եւ Կոլոտ թախանձագին կը խնդրեն որ Գրիգոր պտրք. շղթան հանէ պարանոցէն 1728ին. պարտքը վճարելէն եւ շղթան հանելէն վերջ միայն կը նստի Առաքելական Ս. Աթոռը 1728ին: Շղթայակիր Պոլիս կը մեկնի Ս. Յակոբի խնդրոյն համար. 1736ին Շղթայակիր եւ Կոլոտ պատրիարքները եւ Յարութիւն ամիրայ Մուրատեան կ՚ազատեն Ս. Յակոբի վանքը յոյներուն ոտնձգութիւններէն. 1737ին թղթակցութիւն Շղթայակրի Փարիզի արքեպս. Տը Ֆլէօրի կարդինալին հետ. 1739ին գրաւոր համաձայնութիւն Հայոց եւ Յունաց Ս. Տեղերու խնդրոց մասին. 1739ին Շղթայակիր ազգ. սեփականութեանց համար նոր հրովարտակ հանել կուտայ, միջնորդութեամբ Գաղղիոյ դեսպան Վիլնէօվի, կը վերադառնայ Երուսաղէմ 1740ին. Լատինաց կողմէն` Հայոց Իւղաբերից սեղանին սեփականութեան ոտնձգութեանց դէմ բողոքի գրեր կը գրէ, 1742ին, առ թագաւորն Գաղղիոյ Լուդովիկոս ԺԵ, առ ժողովն կարդինալաց, առ Վիլնէով` դեսպանն Գաղղիոյ (Սաւալան եւ Ժպե. ): Գրիգոր պտրք. կը վախճանի ՌՃՂԸ =1749 փետր. ԺԲ։ին (ՄՁ. թ. 677) եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ. Պարոնտէր պտրքի. դամբարանին մօտ. իր անունն ալ` նմանապէս կ՚սկսի յիշատակուիլ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն քարոզին մէջ: Ըստ գրաւոր յիշատակարանաց, Շղթայակրի դրամով Կիպրոսի Քիթրէայի մէջ կը գնուի 1744ին երեքուկէս արտավար հող. (Կիպրոս Կղզի, էջ 71): Շղթայակիր Պոլսոյ իր ուղեւորութիւնը գրի առած էր` որ 1866ին հրատարակուած է (Սիօն էջ 122. 141. 184):

Ղալաթիոյ Ազգ. Մատենադարանի Ծաղկաքաղ Հատուածք խորագրով եւ յատկապէս Շղթայակրին համար կազմուած ձեռագրի մը յիշատակարանը` գրուած Ս. Յակոբի միաբան Պօղոս վրդ։էն, Շղթայակրի գրասիրութեան համար կուտայ հետեւեալ վկայութիւնը, զոր հոս կը դնենք նոյնութեամբ. «Մտեալ եղեւ եւս առ գրատունն վաղ ուրեմն անտէրունջ մնացեալս. ուր ետես զգիրսն զոմանս եղծեալս, զոմանս քայքայեալս, զոմանս ցեցակերեալս` աւաղեաց եւ ցաւեաց զսիրտ վեհիս, վասն որոյ գրեաց զգիրս առ ի վերոգրեալ հարազատն իւր Յովհաննէս պատրիարքն ի Բիւզանդիոյ` զի նա առաքեսցէ զտպագրիչ Գրիգորն աստ. որպէս յորդորելն եկն ի սուրբ վանս քրիստոսեան եւ հրամանաւ վեհիս ձեռնամուխ եղեւ յաջողմամբն Աստուծոյ զեղծեալսն գրել. զքայքայեալսն վերակերտել եւ զամենեւիմբ քակտեալսն նորոգել եւ կազմել. եւ արար այնպէս. որք իւրաքանչիւրում Յիշատակարանոջն բացատրին ընթերցողացն: » (Կոլոտ էջ 53. ՄՁ. թ. 1950)

Շղթայակիր երեք անգամ կաթողիկոս ընտրուած է, բայց հրաժարած է. (Սիօն 1866, էջ 142): Իր օրով, ՌՃՀԴ (=1725) թուին, Պոլսէն եկող եւ ծովամոյն եղող հայ ուխտաւորաց յիշատակին, նոյն պատրիարքին կողմէն կանգնուած է հետեւեալ յիշատակարանը (MC. A. en. S. էջ 9, նաեւ Էջմ. Ցուց. էջ 647. Արարատ. 1888. էջ 30-31) զոր կը դնենք հոս.

«՚Ի թուականութեան ՌՃՀԴ ամին (=1725)

՚Ի Բիւզանդիոյ ելեալ

Տէրունական ուխտաւորաց ամէն ի մէջ ծո

վուն ընկղմեցաւ վասն ծովացեալ մեղաց

մերոց, եւ ամենայն ուխտաւորքն Հայոց

որք ի մէջ նաւի էին կարգաւորքն եւ աշխարհա

կանք արք եւ կանայք ջրահեղձ եղեալ

մեռան եւ եղեւ սուգ մեծ մեզ վասն որոյ

ես տառապեալս Գրիգոր րաբունապետս

յուսովն առ Աստուած կանգնեցի զսուրբ

խաչս վասն փրկութեան հոգւոց նոցա.

ընթերցողքդ` Աստուած ողորմի ասացէք»:

Սոյն յիշատակարանը այժմ կը գտնուի Ս. Յակոբի թանգարանին մէջ, գիրն երկաթագիր է, եւ քարը մէջտեղէն կոտրած:

Յիշատակարան մը կը թուէ անուններն անոնց` որ Ս. Յակոբի վանքին համար աշխատած են Շղթայակրի եւ Կոլոտի օրով. ահա ա'յն անուններն. Մհտ. Մուրատի որդի մհտ. Յարութիւն, մհտ. Թէվէքէլեան որդի` միւս մհտ. Յարութիւն, մհտ. Աստուածատուր, մհտ. Մարտիրոս, մհտ. Ահարոն, երկու մահտեսի Ղազարք, Խօճա Փիլիպպոս, Խ. Տիրատուր եւ Յակոբ եւ Թադէոս, երկու եղբարք մհտ. Անտօն, մհտ. Մարկոս, Խօճայ Սեղբոստրոս. մհտ. Առաքել. Մարտիրոս, Յարութիւն, Խոճայ Յակոբ, Խ. Աբրահամ, եւայլն. ասոնցմէ ոմանք Ակնցի, ոմանք Ապուշեխցի եւ այլք Կարուշլայեցի են: (Հարանց Վարքի Յիշատակարան. տպ. 1720. Կ. Պոլիս):

Նոյն յիշատակարանին մէջ յիշուած են նաեւ Շղթայակրի օրով դրամահաւաքութեան աշխատող Ս. Յակոբի միաբաններն, որք են. Յովհաննէս վրդ. Սաղիմացի, որ է փոխանորդ այժմ ի Սաղիմ եւ կոչի Հէննէ. Պետրոս վրդ. Տիգրանակերտցի, Տէր Թովմաս, Տէր Երեմիա. կը յիշուին նաեւ նոյն ժամանակի Ս. Յակոբի միաբանները եւ սպասաւորները. Սարգիս վրդ. Բիւզանդացի. Պետրոս վրդ. Եւդոկիացի. Սահակ վրդ. Երզնկացի. Ստեփանոս վրդ. Ղրիմցի. Միքայէլ վրդ. Երեւանցի. Մխիթար վրդ. Կիլիկեցի. Պօղոս վրդ. Յակոբ վրդ. Կիւրեղ վրդ. Թորոս Պարոնտէր. Գրիգոր վրդ. Ստեփանոս վրդ. Տ. Դաւիթ. Տ. Կիրակոս. Տ. Աթանաս. Ծերունի Ներսէս վրդ. Տիրացու Գասպար զհրահանգիչն մանկանց մերոց, եւ զհետեւող Յակոբն. բազմաշխատ նոտարն մեր զՄհտ. Պետրոսն եւ եւս զյոքնաշխատ ծառայն Ս. Յակոբայ` Սուքիասն` որ թէ «զի՞նչ կուքաշէ յոտից վերայ» եւյլն: Այս համառօտուած յիշատակարանը կը նկատուի արդիւնք Կոլոտի գրչին: Շղթայակիրի տապանագիրն է հետեւեալը:

«Կամօք Փրկչին արթուն անունս անցկացեալ,

Զպակասութիւն վշտաց նորին ներանձնեալ,

Զութ հարիւրակ քսակ պարտուց վճարեալ,

Սուրբ Յակոբայ սիւն ամրութեան կառուցեալ:

Վեհ աշակերտ մեք վարժողին Վարդանայ,

Հրեշտակական վարուք ճգնեալ անխնայ,

Սրոբէավար քաղաքավար յարակայ,

ՅՕրէնս էին միշտ ակն ի բաց աներկբայ.

Ութսուն ամօք միշտ կուսութեան պարապեալ.

Մարմնոյն հանգիստ խուն մի երբեք ոչ տուեալ,

Յասպարիզի մարտին յաղթող ներգտեալ.

Գընաց առնուլ զանեղծ պսակ պատրաստեալ.

Ննջէ մարմնով Գրիգորիոսն որ արթուն.

Հոգւովն հսկէ առ միշտ բարին որ անհուն.

Որում եւ գործքն պսակէ զիւրն անուն.

Զի հաւատով եւ սուրբ գործովն էր տըքուն.

Յիշեալ լիցի միշտ ի բարին

Բարիբարոյ մեծ Մահտեսին,

Շինող շիրմին մերոյ վեհին.

Որ Սեղբեստրոս Երեւանին»:

1749. ՌՃՂԸ:   

 

ԳՐԻԳՈՐ ՊԿ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ.

Մականուամբ Եաղուպեան. կոչուած է երկայնահասակ, աշկ. Եդեսացի Սրապիոն վրդ։ի: 1595ին գաւազանի իշխանութիւն կ՚ստանայ նոյն վրդ։էն Ամիդի մէջ. 1602ին եպս. կը ձեռնադրուի Այնթապցի Յովհաննէս կթղէն. Սսոյ մէջ. Պկ. (1601-1610). 1609ին Տաթեւացի Մովսէս վրդ։ին հետ Եգիպտոս եւ Սինա. կը վերադառնան Ամիդ եւ ժողով կը գումարեն. հանգանակութիւն կը բանան Երուսաղէմի պարտքին համար մինչեւ Վան եւայլն. եւ Երուսաղէմ գալով 1610ին կը վճարեն վանքին 60000 ղրշ. պարտքը. պատրիարք Արդար Դաւիթի ատեն. 1611ին կը հրաժարի եւ Կեսարիա կ՚երթայ, բայց 1633ին դարձեալ կը հրաւիրուի Պոլսի Պատրիարքութեան. կը վախճանի 1636ին եւ թաղուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին բակը:

Գրիգոր Կեսարացիին եղբօրորդին Յակոբ երէց հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Կեսարացիին աշխատանքը Ս. Յակոբի պարտուց վճարման մասին. «…եւ ի ՌԾԸ (=1609) թվին նաւեալ ի բիւզանդիոյ յԵգիպտոս: Ելեալ ի լեառն Սինա. ընդ իւր ունելով զՄովսէս վրդն. (Սիւնեցին), տուեալ նմա գաւազան, որ եւ յետոյ եղեւ կաթողիկոս սուրբ Էջմիածին. եւ կատարեալ զուխտ իւրեանց յաստուածախօս լեռնէն. դարձան անտի Ամիթ. եւ արարեալ ժողով բազում եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց սակս պարտուցն Երուսաղէմայ. նաեւ ենկի խօճայն Ամթա եւ այլ բազում տօլվաթաւորաց վաճառականաց եւ ռամկաց, գրեցին առ առաջնորդսն եւ առ տօլվաթաւորսն Վանայ, եւ ժողովեալ բազում առաջնորդաց եւ տօլվաթաւորաց, եկեալ յԵրուսաղէմ ՌԾԹ (=1610) թվին, եւ էր պարտք սուրբ Երուսաղիմայ ԿՌ (60, 000) ղրշ. որ առաջնորդ էր Դաւիթն արդար. սատարութեամբ հզօրին Աստուծոյ վճարեալ զպարտքն ազատեալ զըզգեսան, եւ եդեալ զԳրիգոր պարոնտէրն առաջնորդ Ս. Երուսաղիմայ ի սոյն ամին, որոց վարձատրութիւնքն ի Քրիստոսէ լիցի ի ժամ դատաստանին ամէն. » . Աշուղներ բ. հատ. էջ 205): Սսոյ Սիմէոն կթղն. ալիր առ Փիլիպպոս կթղն. գրած թղթին մէջ ունի հետեւեալ տողերը այս մասին, «…Ահա եւ եւս ի ձեռագրին իւրում վկայէ հոգելի հայրն. (Գրի. Կես. ) երիցս երանեալ րաբունապետն եւ անյաղթ փիլիսոփայն եւ պայծառ ջահն եկեղեցւոյ այսպէս.

«Ես անարժան Գրիգոպս, պիտակ անուամբ կոչեցեալ վարդապետ եւ պատրիարգ. յորժամ ի Կոստանդնուպոլսոյ եկի ի Կեսարիա եւ հարկ եղեւ ինձ գնալ ի Բերիա, այսինքն Հալէպ. վասն Երուսաղիմայ նուիրակութեան, զոր յառաջագոյն կամօք եւ միաբանութեամբ Տէր Ազարիա կաթողիկոսին եւ վարդապետին Հայոց Տէր Ղուկասու եւ Տէր Սրապիոնի եւ Տէր Դաւիթ եպիսկոպոսին, որ յանձն արարին զծառայութիւն նուիրակութեան Սուրբ Երուսաղիմայ, զոր կատարեցի իսկ զնոյն մատակարարութիւնն, եւ ի գնալն կամեցայ անցանել ընդ երկիրն Կիլիկեցւոց…» (թսկ. էջ 59): Ըստ Դաւրիժեցւոյն, Գրիգոր պտրք. ճամբորդած է նաեւ Լեհաստան, եւ Կամենիցի մէջ աբեղայի մը քառասունքի պատարագի խնդրոյն համար կը գժտուի Նիկոլ եպս։ի հետ, որուն մատնութեան հետեւանքով` դուրս կը հանուի Լեհաստանէն: Գրիգոր Կեսարացի կը բանադրէ Նիկոլը եւ կը թելադրէ որ նոյն բանադրանքը կատարէ նաեւ Մովսէս Սիւնեցի կթղ. եւայլն. (Դաւրիժեցի, էջ 366 եւ հետեւեալք): Դաւրիժեցին եւ ժամանակակիցք մեծ ներբողներով կը գովեն Գրիգոր Կեսարացին, իբր կարող եւ գիտնական եւ պատկառելի եկեղեցական, «բանիբուն եւ սիրող իմաստասիրական հանճարոյ (անդ. էջ 442), նաեւ այր երեւելի, վարուքն պարկեշտ եւ չորակեաց. իմաստութեամբն փարթամ, բանիբուն եւ յոյժ հանճարեղ, այնպէս որ անուանի էր ի մէջ աշխարհի եւ ամենայն աշխարհ կախեալ զնմանէ» (անդ. էջ 288): Իսկ Գրիգոր վրդ. Դարանաղցին խիստ աննպաստ կը խօսի անոր վրայ. կ՚անուանէ զանիկա խստապարանոց եւ գոռոզ. եւ թէ այս Գրիգոր որքան անցք անցոյց ընդ մեզ ի տարապարտուց եւ մեք ընդ նմա. (Դարանաղցի, էջ 367). «մինչ որ այս Կեսարացի Գրիգոր թիւնաւոր վիշապս եւ փառամոլս ինքնին երեկ. բռնութեամբ անկաւ ի վերայ եւ յինքն գրաւեաց զպատրիարքութիւնն. եւ այլն. » (անդ. էջ 397), կը պարսաւէ «կոմրուկի սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիի վերաշինութեան» գործին նկատմամբ Կեսարացիին բռնած ընթացքն, եւ այլ վարմունքը (անդ. էջ 185):

Ղալաթիոյ Ազգ. Մատենադարանին ձեռագիրներէն միոյն յիշատակարանին մէջ Յակոբ երէց գրած է իր հօր եղբօր Գրիգոր Կեսարացիին մահը եւ Շահին Չէլէպիի ձեռքով կատարուած անոր դամբարանին ծախքը եւ այդ ծախուց համար իր հօր եղբօր մատենադարանին ծախուիլը եւ այլն. նոյն յիշատակարանին կարեւոր մասերն հոս կը դնենք. «…վախճանեցաւ րաբունապետս մեր ի սեպհական վիճակ իւր ի Ստամպօլ. եւ եւս ունին սովորութիւն այլ ազգիք. որ ոչ թողուն թաղել զմեռեալս ի շինամէջս քաղաքին. այլ անշէն տեղիս եւ հեռի ի քաղաքէ. զոր Շահին Չէլէպին արքունական հրամանաւ թաղեաց ի Ղալաթիա ի սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցին. եւ սակս թաղելոյ նմա զնշխարսն եւ թէ այլ ինչ խարճ զոր արարեալ էր եւ էառ ի մէնջ ԳՌԽԷ (=3047) ղռշ. եւ միանգամայն եղեւ խարճ ԴՌԷՃ (=4700) ղռշ. եւ այս եղեւ պատճառ վաճառելոյ գրեանց եւ այգոյն. զոր բազում վիշտս եւ չարչարանս կրեցաք ի բազմաց վասն վախճանի սրբոյս. այլ նեղութեան մեր եւ բազում վշտի պատճառաւ լինողք ոչ յերկարեմք. այլ թողումք անաչառ ատենին Քրիստոսի, զոր ի մանկութենէ վաստակոց եւ ի հալալ արդեանց իմոց ի վայելումն անարժան անձին իմոյ. քանզի ոչ ունէի ժառանգ մարմնաւոր մխիթարութեանս անցաւոր եւ ունայն կենցաղոյս վասն ամլութեան, այլ ընթեռնլով զսուրբ գրեանքս մխիթարեալ հանդարտէր այրեցեալ լեարդս իմ եւ տոչորեալ սրտիկս իմ հանգոյն Աննայի քաղցնոյր սրտիկս արտասուաթոր աչօք. հայիմ ի թռչունս երկնից անթիւ երամ է. դառնամ յիս հայիմ կեանքս իմ հարամ է: Ապա ըստ իմաստնոյն, որ ասէ երանի ամլոց որ ոչ ծնան, եւ այլն. զի թէպէտ եւ մարմնաւորէն զրկեալ եմք, այլ աղօթիւք հարց եւ եղբարց հայցեմք ի Քրիստոսէ. որ ի հոգեւորէն ո'չ զրկէ. ըստ այնմ որ ասէ. երանի որ ունիցի զաւակ ի Սիօն. եւ այլն: Ըստ այսմ յուսոյ եւ յերանաւէտ ձայնին ետու զսուրբ գրեանքս այսոքիկ, ի դուռն Սրբոյն Սարգսի Զօրավարին եւ որդւոյ նորին Մարտիրոսին, ի կեսարիա քաղաքին. ոչ թէ ի փարթամութենէ եւ ընչաւէտութենէ. այլ յաղքատութենէ եւ ի չքաւորութենէ ի փառս Քրիստոսի եւ յուսոյ արքայութեան նորա, ի թվիս հայոց ՌՃԴ (=1655) ամին, ի ժամանակս խարազնազգեաց հայրապետին Տեառն Փիլիպպոսի վերադիտողի սուրբ Աթոռոյն Էջմիածնայ եւ գիտապետութեան նահանգի տանն Կիլիկիոյ. Տեառն Ներսէսի Սեբաստացւոյ եւ առաջնորդութեան Մայրաքաղաքիս Կեսարիոյ, որ է Մաժաք հին. Տէր Թորոս վարդապետին, որ յետոյ կաթողիոս եղեւ ի Սիս:

Այս ըստ տէրունական բանին որ ասէ. ուր գէչն իցէ անդր ժողովեսցին արծըւիք. հոգեւոր արծուիքն են աստուածաբան րաբունապետին մեր. զի ի գալ նոցա յայսմ քաղաք. որոճելով եւ խրատելով փրկութիւն լիցի հաւատացելոց: Այլ եւ յիշատակ փոխեցելոյն (=Գրիգոր պատրիարքին) առ Քրիստոս ՌՁԵ (=1636) թվին. հոգեւոր…(յիշատակարանը կիսատ) (Կոլոտ. էջ 78-80): Կեսարացի պտրք։ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին պատին քով թաղուիլը կը յիշատակէ նաեւ Երեմիա Չէլէպի իր պատմութեան մէջ եւ կը յարէ թէ մահն ալ տեղի ունեցած է ՌՁԴ (=1635) թուին (Թծսպ. էջ 74):

Գրիգոր պտրք. հմուտ էր նաեւ ժամանակին գիտութեանց ուստուրլայի եւ երկրաչափականին անթերի. երկու գիրք յօրինած է Թվականք եւ Պատմութիւնք յԱդամայ, մինչեւ 1636 թուին, եւ արաբերէնէ հայերէն թարգմանութիւն մը Ուստուրլայի: Շինած է նաեւ երկնագունդ մը հայերէն գիրով եւ լեզուով: Սրապիոն վրդ։ի մահուան առթիւ քերթուածներ գրած է Ամդեցիներուն. ինչպէս նաեւ Գանձ մը եւ Տաղ մը այբուբէնի կարգաւ: Շինել տուած է Թոմարզայի մօտ կամուրջ մը (Լոյս. 1906, էջ 1184): Իր աշակերտը Չուղայի առաջնորդ Խաչատուր Կեսարացին, 1627ին Գրիգոր պտրք։ին ներբողեանը գրած է, սկզբնատառերը կը կապեն Գրիգոր վարդապետ բառերն, եւ վերջատառերը Խաչատուր ծառայէս:  

 

ԳՐԻԳՈՐ ՊԿ. ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. իր ինքնագիր յիշատակարանէն կը քաղենք իր կենսագրութեան այս համառօտութիւնը. Ծ. 1715ին Սամաթիա, թոռն Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցիին աւագերէց Մովսէս քհ։ի. իր հօրեղբայրն է Մարտիրոս քհ.: Շղթայակրի օրէն սկսեալ, նուիրուած է Ս. Յակոբի վանքին ծառայութեան (1737-1774): 1737 կամ 1738ին, կը կարգուի հրաւիրակ եւ վերակացու Երուսաղէմի ուխտաւորաց նաւին. Թէոդորոս պտրք։ի 1755 ապր. 23 թ. նամակէն կ՚երեւի թէ` Գրիգոր վրդ. Ս. Յակոբի վանքին Աթոռակալն էր, ուրկէ հրաժարած էր Ս. Էջմիածին երթալու եւ եպիսկոպոսանալու համար: Նւ. Թոքատի (1755-1757). այդ միջոցին է որ Մարզուանցիք` իր նուիրակութեան առթիւ` շնորհակալութիւն կը յայտնեն Թէոդորոս պտրք։ին: Վերջնոյս կողմէն` Պոլսոյ փոխանորդ կը կարգուի 1757ին. եւ կը հաստատուի նոյն պաշտօնին մէջ 1762ին Կարապետ պտրք։ին կողմէն: Այս պաշտօնը Գրիգոր վրդ. վարեց մինչեւ իր պատրիարքութեան առաջին տարիները, անոր յաջորդեց Սարգիս սարկաւագ: 1763ին շինել կուտայ Երուսաղիմատունը, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին դիմացը: Գրիգոր վրդ. Թէոդորոս պտրք։ին մահուանէն վերջ, 1761ին, կ՚ընտրուի Երուսաղէմի պտրք. բայց չընդունիր` տեղի տալով իր ընկերակից Կարապետ վրդ։ին, որ Միաբանութեան ընտրելին էր, ըստ կտակագրի Թէոդորոս պտր։ի: Գրիգոր Պասմաճեան` դեռ վարդապետ 1764ին` կ՚ընտրուի ՊԿ. ի սկզբան չընդունիր, բայց Նալեան Յակոբ պտրք։ի եւ Մուրատեան ամիրաներու պնդումին վրայ ակամայ կը հաւանի եւ Սիմէոն կթղ. 1765ին կոնդակով կ՚արտօնէ, որ Պասմաճեան միայն իբր պտրք. վարդապետ եպիսկոպոսական թագ դնէ պատարագի ատեն: 1772ին, Պասմաճեան պաշտօնապէս կը հրաժարի. բայց չընդունուիր իր հրաժարականը. վերջապէս կը պնդէ եւ կը հրաժարի 1773ին, եւ կը քաշուի Սկիւտարի վանքը, ուր կը մնայ իբրեւ ամիսս տասն. Պասմաճեան պատրիարքութենէ եւ իր հակառակորդներուն թշնամանքէն եւ նեղութենէն ազատուելու համար կ՚ուզէ Երուսաղէմ երթալ կամ Պոլսի մէջ տուն մը քաշուիլ` երբ այս ծրագիրը չյաջողիր` Թէքիրտաղի առաջնորդութիւնը կ՚ուղէ. բայց այս ալ ոչ յառաջանայ, վերջապէս Կիպրոսի Առաջնորդութիւնը կ՚ուզէ եւ կ՚երթայ հոն: Այս պաշտօնը կը վարէ իբրեւ ամիսս տասն. Պասմաճեան, նեղուած իր գլխէն անցած դէպքերէն. կ՚որոշէ Արեւմուտք անցնիլ. եւ ձմեռնային եղանակին մէջ, ծովային երկար ճամբորդութենէ ետքը, կը հասնի Վնէժ (Վենետիկ). ամիսս հինգ կը մնայ հոն, մօտաւորապէս մինչեւ 1776, այն տեղէն մեծաւ սիրով կը հրաւիրուի Հռովմ, ուր կը մնայ իբրեւ ամիսս ինն. եւ յետոյ կուգայ Անգոնա ծովեզերիայ քաղաքը 1777 ապրիլի մէջ, եւ կը մնայ հոն. վեց տարւոյ չափ մինչեւ 1782: Անգօնայի մէջ կը նեղուի ի կողմանէ ժամուց եւ ժամերգութեանց լատիներէն չգիտնալուն համար, ուստի 1782ին Վենետիկ կ՚երթայ եւ կը հիւրնկալուի Ս. Ղազարու միաբանութեան աբբահայր Ստեփանոսէն եւ Սեղբոսեան Յովհաննէսէն: 1784ին Անգօնայի մէջ իջուածքի մը կ՚ենթարկուի Պասմաճեան եւ կը խնամուի փրօփականտայի հոդածութեամբ. զի ըստ որում հոգաբարձուք էին եկելոց ամենից եկեղեցականաց որք ի յարեւելից. իր ողջունագիրներէն միոյն մէջ կ՚ըսէ թէ` հինգ տարիէ ի վեր իբր կիսակենդան կոճղ անկողնի կը ծառայէ, ուժասպառ է, ծունկերը կթոտ, ակռաները թափած, լեզուն ծանրացած, աղեթափ, աչքերը տկար, ականջները ցաւոտ, բոլոր մարմինը դողդոջուն, հալած եւ մաշած: Իր յիշատակարանը «ողջունագիրներէ» կազմուած է. եւ վերջինը զոր գրած է Անդօնայէն կը կրէ 1789 սեպտ. 4 թուականը, որուն բովանդակութենէն կը հասկցուի թէ` Պասմաճեան 74 տարեկան է: Անտոնեանց միաբանութեան յանձնուած աւ արձանագրուած իր գիրքերը կը կրեն 1791 թուականը, այսինքն հաւանաբար իր մահուան տարին, որով 75-76 տարեկան վախճանած կ՚ըլլայ Անգօնայի մէջ. իր տապանագիրը` որ թուական չունի եւ Պասմաճեանի ուր մեռած ըլլալը չհասկցուիր անկէ` պարզ ընդօրինակութիւն մ՚է եւ կը գտնուի Անտոնեան հարց մատենադարանին մէջ:

«Տապան շիրմի` Տեառն Գրիգորի,

Հօր մերոյ նախնոյ` անուանակրի,

Բիւզանդացւոյ վարդապետի.

Ած. տրեան` բարունակի:

Սա պատրիարգ` լեալ արժանի.

Հայկազունեացն` ի Բիւզանդի.

Ապա կամօք իւր` հրաժարի,

Ի լրումըն ամացըն` տասնեկի:

Դիմեաց ի Հռովմ` մայրըն բարի.

Ըստ նախնոյն իւր օրինակի:

Առ ի սմանէ պատուասիրի,

Որդիապէս` ըստ արժանի:

Գայ պանդխտի յայնմ քաղաքի.

Խաղաղական կենօք փայլի:

Մինչեւ կոչմամբըն տէրունի.

Փոխի յանանց` իւր հայրենի: »

Պասմաճեանի յիշատակարանէն մեր այս քաղուածքը կը հասկցնէ թէ` ան մեծ ծառայութիւն մատուցած էր Ս. Յակոբի վանքին թէ Երուսաղէմ եւ թէ Պոլիս. Ս. Յակոբի ունեցած սէրը գործնական կերպով ալ ցոյց տուած է, ինչպէս կը վկայեն յիշատակարանին սա տողերը (էջ 105). «…յորժամ առաւ ի ձեռաց մերոց եկեղեցական զըսպասս, որ ի յանուն եւ ի յիշատակ Սրբոյն Յակոբայ կերտուցեալ եւ գրեալ ի վերայ իւրաքանչիւրոց յիշատակ Սրբոյն Յակոբայ. որ յԵրուսաղէմ. որ ընդ յայս արար զմեզ լալագինս եւ միջաբեկս: »

Գրիգոր պտրքի կողմէն Ս. Յակոբի նուիրուած կը յիշատակուի ադամանդազարդ եւ ականակուռ ոսկի սկիհ մը հետեւեալ յիշատակարանով. «Ողորմութեամբն Աստուծոյ կազմեցաւ սկիհս ոսկիով եւ ակամբ արդեամբ ազգին իմոյ յիշատակ ինձ Գրիգոր պտրքիս Կ. Պոլսոյ եւ ամենայն ողորմութիւն տուողաց զոր եդի յիշատակ անջինջ յԱթոռն Սրբոյն Յակոբայ որ յԵրուսաղէմ ի թուին Հայոց ՌՄԻԲ (=1773) Ցունկ. Ա. »:

Ցուց. պ.

ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՊԵՏ.

Ինքնութիւնը անծանօթ անձ մը, միայն թէ իր անունով կայ գրուածք մը, հետեւեալ խորագրով. Գրիգոր սարկաւագապետի եւ ճգնաւորի խօրք ի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ասացեալ ի սուրբ քաղաքն յԵրուսաղէմ» (Սոփ. Հատ. Դ. ): Ոմանք կը կարծեն Գրիգոր սարկաւագապետ կ՚ապրէր Զ. դարուն:

Չանչ. Հատ. Ա. էջ 778

ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ԵՐՈՒՍԱՂԻՄԱՑԻ.

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին ձեռագրաց թանգարանին մէջ յանուն Գրիգոր Սրկ. Երուսաղիմացւոյ կը գտնուի գրուածք մը (ՄՁ. Թ. 154) յաղագս տօնի սրբոյ խաչին հանդերձ յառաջաբան պատճառաւ տօնի երեւման խաչին խորագրով:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ՍՊԵՐՑԻ (այժմ Իսփիր. Ձկնաջուր գիւղէն, Բարձր Հայք) Մբ.

ՌՄԻԹ (=1780) թուին Ս. Յարութեան տաճարին մէջ կ՚ընդօրինակէ Վարդան վրդ։ի, Արիստակէս գրչի, Գէորգ վրդ։ի, Յովհաննէս Երզնկացւոյ, Սոկրատ Պատմագրի, Յովհ. կաթողիկոսի եւ այլոց պատմական գրուածոց ձեռագիրը, որ յիշատակ կը մնայ Ս. Յակոբի վանքին (ՄՁ. թ. 888): ՌՄԻԸ (=1779) թուին ալ ընդօրինակած է դարձեալ Ս. Յակոբի մէջ Զաքարիա կթղ։ի ճառերը. (ՄՁ. թ. 955):

ՌՄԻԵ (=1776) թուին, Գրիգոր դպրի ձեռքով, Ս. Յակոբի մէջ ընդօրինակուած են Մխիթար վրդ. Սասունցւոյ քարոզները կամ ճառերը (ՄՁ. թ. 980) հաւանաբար Սպերցի սրկ։ին ձեռամբ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎԱՆՑԻ.

Քրձ. 1792ին, Ս. Յակոբի հացագործ եւ սեղանապետ, իր անուամբ խաչքար մը կը գտնուի սեղանատան մէջ, հետեւեալ բովանդակութեամբ. «սուրբ խաչս բարեխօս է առ Ած. վասն կենդանի հոգւոյն Վանիցի հացագործ եւ սեղանապետ մհտ. Գրիգորին, ի թուին ՌՄԽԱ» (=1792):

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԱԿՆԵՑԻ.

Մբ. Գրի. Պտրք. Շղթայակրի օրով, խոստ. Ս. Յակոբի տուած իր յիշատակներու մասին:

ՄՁ. թ. 532

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԱՆԱՊԱՏՑԻ.

1849ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԱՆՏՈՆԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. 1338ին միաբան կ՚արձանագրուի. Ձռ. 1843ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԱՐՃԻՇԵՑԻ, (Վան).

1480ին, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուր երեք տարի կը մնայ եւ կը դասախօսէ Իգնատիոս վրդ։ի Մեկնութիւն Ղուկասու գիրքէն, ինչպէս որ յուշագրած է նոյն գիրքին ՉԻԱ (=1272) թուական ձեռագրին յիշատակարանին մէջ, (ՄՁ. թ. 352):

Կը դնենք հոս Արճիշեցի Գրիգոր վրդ։ին ինքնագիր ոտանաւոր յիշատակարանը որ կը գտնուի վերոյիշեալ ձեռագրին մէջ.

«Յիմար Գրիգորս Արճիշեցի,

Կոխան ամեն վարդապետի

Ջ թուականի, ի ԻԹ աւելորդի (1480)

Ի սբ. Երուսաղէմս եկի.

Գ. տարի ի տեղս կացի

Զաւետարանս Քրիստոսի,

Զգլուխն ուր Ղուկաս անուանի,

Որ է մեկնեալ Իգնատիոսի

Աստուածաբան հռետորի,

Բաներ ունի յոյժ պիտանի,

Քաղցրահամ քան զխորիսխ մեղուի,

Ըստ իմ տկարութեանս կարի

Բանիկ բանիկ դաս ասացի

Աւգնականութեամբն Յիսուսի.

Ի ս. Գէորգ սկիզբն առի

Ի նոր կիւրակէն վճարեցի.

Կապն էր հնացել նոր կազմեցի,

Հոգեւոր եղբայրն մեր բարի

Քաջ վարդապետն Եսայի,

Որ է ամէն շնորհաւքն ի լի.

Հմուտ ամենայն արհեստի.

Ի կապելն այս սբ. կտակի

Խրատատու եղեւ մեզի:

Որք հանդիպիք այսմ տառի

Ընթերցմամբ կամ աւրինակի,

Միշտ յիշեցէք զմեզ յաղաւթի,

Ասացէք մեզ Աստուած ողորմի.

Նայ որ առատն է ի տուրս բարի

Ձեզ եւ մեզ հաւասար ողորմի»:

Խապ. Ցուց. տետր Թ. էջ 807-8

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1618ին, Ս. Յարութեան տաճարին մէջ կ՚ընդօրինակէ հաւաքածոյ մը, Վարդան քհ։ի համար. ըստ հետեւեալ յիշատակարանի (ՄՁ. թ. 346) «փառք…արդ գրեցաւ գրքոյկս թվին կրկին հնգից հարիւրից, վեշտասան եւ Է. ակ թուոց (=1618), ի սբ. քաղաքն Երուսաղէմ ի մէջ սբ. Յարութեան. ձեռամբ յոգնամեղ Գրիգոր անուամբ միայն վրդտի. ի վայելումն տէր Վարդան քհին……»:

Խապ. Ցուց. տետր ԻԷ. էջ 2022

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԲԱԲԵՐԴՑԻ.

1763ին ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը եւ յիշատակ տուած է ՌՁԷ (=1638) թուին, Ղազար եպս։ի մը ձեռօք Շօշի մէջ ընդօրինակուած ձեռագիր մը (ՄՁ. թ. 148) հետեւեալ յիշատակարանով. «ես մեղապարտ Գրիգոր վարդապետս Բաբերդցի եդի գիրքս յԵրսղմ. Սբ. Յակոբայ ի յիշատակ…ՌՄԺԲ» (=1763):

Խապ. Ցուց. տետր ԺԳ. էջ 1028

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1680ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. կը պաշտօնավարէր Գահիրէ, 1731ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1737ին, կնիքը` 1737:

 

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. աշկ. Պուրսայի առ. Սամուէլ եպս։ի. անոր նամակներէն կը հասկցուի թէ` Գրիգոր վրդ. վարած է Թրակիոյ Նւ։ի պաշտօնը. 1763ին ՏՅ. եւ 1764ին Պուրսա գտնուած է:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

  Մբ. ՌՃԺԷ (=1668) թուին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Առաքել Սիւնեաց եպս։ի Ադամ գիրքը որ ութոտեան տաղաչափութեամբ շարադրուած է ՊԾԲ (=1403) թուին: Ձեռագիրը յիշատակ կը մնայ Ս. Յակոբ:

ՄՁ. թ. 1310

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԲԱԼՈՒՑԻ.

Մբ. 1855ին:

 

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ԳՈՒՍԱՆ. ՊՈԼՍԵՑԻ (ԵՐԱԺԻՇՏ).

Ծ. 1891ին, Գուրուչէշմէ. հայրը` Կարապետ, մայրը` Էլպիս Քէօթահեացի. նախ շրջանաւարտ Գուրուչէշմէի Թարգմանչաց վարժ։էն, յետոյ Ռոպերտ գոլէժէն (1903-7). ձայնագրութիւնը եւ երաժշտութիւնը կ՚ուսանի մեծանուն կոմիտաս վրդ։էն, Ձռ. 1919ին ` Զմիւռնիա: Քարոզիչ Օրթագիւղի (1921-23). 1923ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ. Արարատեան եւ Վասպուրական որբանոցներուն մէջ կը կազմակերպէ երգիչ երկսեռ խումբեր. 1925ին կը կարգուի հոգեւոր հովիւ Լոնտոնի. այժմ քարոզիչ Պոլսի մէջ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ, ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ (Երդմիկ գիւղէն).

Մբ. (չուշտակ), Ծ. 1798ին, Ձռ. քհ. 1829ին Խուլէի վանքի առ. Առաքել եպս։ի 1830 Թ. վկայագրին համաձայն, Ս. Յակոբի կը միաբանակցի 1841ին, վեղար կ՚ստանայ 1847ին, կնիքը 1847ին. ՏՓ. 1861ին. ՏՅՊ. 1861ին. ՏԹ. (1866-68). ՏՌ. 1869ին. կը վախճանի 1877ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԴԱՐԱՆԱՂՑԻ.

Կը կոչուի նաեւ Կամախեցի եւ Բուք, Ծ. 1576ին Կամախի մէջ, հայրը Գրիգորիս, մայրը Կիւլվարդ, աշկ. Բաբերդցի Սրապիոն վրդ։ի, եկեղեցականութիւնը ընդգրկելէ յետոյ` կ՚ընտրուի Նւ. Մելքիսեդեկ կթղ։էն Հին Ջուղայի համար. 1603ին ներկայ կ՚ըլլայ միւռոնօրհնութեան հանդէսին, հաւանաբար նոյն ատեն եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Մելքիսեդեկ կթղ։էն. շրջագայած է Հայաստանի շատ գաւառները եւ վարած է կարեւոր պաշտօններ, ինչպէս նաեւ Պոլսի մէջ զբաղած է եկեղեցական գործերով: Տեսնել իր կենսագրութիւնը (Դարանաղցի, ներածութիւն):

Դարանաղցին ուխտաւորութեամբ երեք անգամ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը 1606-7ին, 1616ին եւ 1625-1628ին, 1626ի Զատկին կը կատարէ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ լուսահանութեան պաշտօնը, փոխան Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրի, որ Երուսաղէմէն կը բացակայէր նոյն միջոցին: Դարանաղցիին Ս. Յակոբի վանքին տուած յիշատակները հետեւեալներն են. գեղեցկաշէն միջակ խաչ մը բազում մասամբ նշխարաց սրբոց. Թէքիրտաղի մէջ տուն մը. Աստուածաշունչ մը, ընդօրինակուած Սսոյ մէջ ՉՀԲ (=1323) Գրիգոր երիցու ձեռքով, ըստ յիշատակարանի. Ս. Պօղոսի մեկնիշ մը (ՄՁ. թ. 322), իր Ժամանակագրութիւնն ալ Թէքիրտաղէն յիշատակ բերուած է Ս. Յակոբին: Դարանաղցին վախճանած է 1643 սեպտ։ին 67 տարեկան հասակին Թէքիրտաղի մէջ. մարմինը կ՚ամփոփուի տեղւոյն Ս. Փրկիչ եկեղեցին, ուր կայ մինչեւ այսօր իր տապանագիրը, որուն օրինակը տեսնել (Դարանաղցի, Ներածութիւն)` նոյն տապանագրէն կը հասկցուի թէ` Դարանաղցին Թէքիրտաղ բերած է` տեղւոյն Ս. Թագաւոր եկեղեցիին նուիրական մէկ սրբութիւնը, որ է Քրիստոսի խաչափայտի բեւեռը:

Դարանաղցին իր Ժամանակագրութիւնը պատրաստած է իր հոգեւոր որդւոյն Ակնեցի Գասպար երէցի խնդրանքով. նոյն երէցը Դարանաղցիին հետ 1611ին, իբր դպիր, 1616ին եւ 1626ին իբր քահանայ, այցելած է Ս. Յակոբի վանքը. ան լեզուագէտ եւ գործունեայ երէց մը ըլլալով` շատ անգամ պաշտպանած է Ս. Յակոբի իրաւունքը Պոլսի մէջ: Բաց աստի, Վիէննայի կայսերական գրատան ձեռագիր Ժամագրքին . 9) յիշատակարանէն կը հասկցուի թէ Ակնեցի Յակոբ դպիր Պալատու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցիին մէջ ընդօրինակած է նոյն ձեռագիրը եւ Գասպար երէց ստացողն եղած է. Դարանաղցին տուած է նոյնին օրինակը:

Յակոբ դպիր` Գասպար երէցը կը կոչէ համշիրակ եղբայրակից. վերջինիս ծնողքն են մհտ. Աստուածատուր եւ մհտ. Մինա, եղբայրներն Մելքոն եւ Թովմաս, քոյրը Մարգարիտ եւ դեռաբոյս զաւակը Յակոբ (Հա. 1891 էջ 40-47): Դարանաղցին ըստ Ժամանակագրութեան ընդօրինակած է (1605-1622) Երուսաղէմի մէջ եւ զանազան տեղեր Աստուածաշունչ մը, զոր յիշատակ տուած է Ս. Յակոբի վանքին Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեան, իբր իր սեփականութիւնը: Ունի նաեւ ուրիշ ընդօրինակութիւններ եւ հաւաքածոյ մը այլ եւ այլ նիւթերու (ՄՁ. թ. 1232):

Դարանաղցիի մասին գովեստով կը խօսին Լեհացի Նիկողոս 1624ին Թէքիրտաղի մէջ իր ընդօրինակած Հարանց Վարքի յիշատակարանին մէջ, (ՄՁ. թ. 961), եւ Կիրակոս գրիչ 1639ին նոյն քաղաքին մէջ ընդօրինակած իր կանոնագիրք եւ պատարագի մեկնիչ ձեռագրին յիշատակարանին մէջ:

Դարանաղցի, ներածութիւն

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԵՐԵՒԱՆՑԻ.

Մբ. 1884ին մատակարար Ս. Յակոբի վանքին. նոյն թուականին ընդօրինակած է 1863ի Միաբ. Ընդհ. Ժողովի մէկ նիստին արձանագրութիւնը, ուր կը յիշուին միաբան վարդապետները եւ անդամները ՏՆ. ժողովի, որոնք խնդրի մը պատճառաւ անհամաձայն գտնուելով կ՚սկսին բուռն վիճաբանութեան եւ նիստը կը վերջանայ անհետեւանք:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԽԻԶԱՆՑԻ.

1849ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԽԼԱԹԵՑԻ ԿԱՄ ԱԽԼԱԹԵՑԻ (ԲԱՂԷՇ). ԾԵՐԵՆՑ.

Մբ. Արծկէի Ս. Ստեփանոս վանքին (Արծկէ աւանին դիմաց) որ կը կոչուէր նաեւ Յիպնա. Ծ. 1350ին, ըստ իր աշակերտ Թովմա հռետորի. Խլաթեցին աշակերտած է Սարգիս վրդ։ին. հաւաքող է եւ յարդարող եկեղց. տաղերու, գանձերու, Ժամագրոց խրատներու ու Յայսմաւուրքի եւ ընտիր գրչագրող: (Թորոս Աղբար Բ. էջ 259). 1400-1405 թուականներուն` ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ երկու տարի մնալէ յետոյ կը մեկնի հայենիք. (Նոտարք էջ 76). Առ. Սուխարու ուխտին (Արծկէի մօտ) եւ յետոյ Յիպնա վանքին: Կը նահատակուի 1425ին (Անդ. էջ 260). ունի Յիշատակարան Աղէտից խորագրով պատմական քերթուած մը, որուն Էջմիածնի օրինակը բաւական կը տարբերի Ս. Յակոբի մատենադարանը գտնուած օրինակէն (Արարատ. 1897 էջ 412-13):

Ձեռագիր Յայսմաւուրքի մը մէջ Առաքել վրդ. ` Գրիգոր վրդ. Խլաթեցիին համար յօրինած է ներբողեան մը. հետեւեալ խորագրով. Վարք եւ նահատակութիւն սուրբ հաւրն մերոյ եւ երանաշնորհ վարդապետին Գրիգորի (Խլաթեցւոյ):

Տաշ. Ցուց. Թ. 213. էջ 543

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ԽՈԶԱԳՐԱԿՑԻ (ԱԿՆ).

Մբ. խոստ., 1738ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Գրիգոր վրդ. Տաթեւացիին Ձմրան հատոր քարոզգիրքն, ինչպէս նաեւ ուրիշներու քարոզները (1727-1730) (ՄՁ. թ. 518). Ձռ. եպս: Ունի ինքնագիր յիշատակարան մը Բուրաստան Աղօթից գրքին մէջ. (Տպ. 1685. Վենետիկ): Խոզագրակցին վախճանած է Ս. Յակոբի մէջ 1742ին, եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքը, իր տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան Խոզագրակցի Գրիգոր վրդ։ին որ փոխեցաւ ի թվին ՌՃՂԱ (=1742). յիշեցէք եւ ողորմի ասացէք. »:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՀԱՃԻ.

Մբ. կը կոչուի Թէսկէրէճի Սաղիմայ. Վկայական Նշխարաց Շուշէ վանաց Ս. Գէորգայ խորագրով 1843ին գրուած գրութեան մը համաձայն, կը պատմուի թէ` 1839 Յուլիս 28ին, Հաճի Գրիգոր վրդ. Թէսկէրէճի Սաղիմայ Շուշէ վանքին ձեռագիրները պրպտած ժամանակ հանդիպած է գրչագիր Աւետարանի մը լուսանցագրութեան, որուն համաձայն կը հասկցուի թէ նոյն վանքին Ս. Գէորգի գերեզմանին մէջ պահուած կը մնան սրբոց նշխարներ եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի ձեռքով օրհնուած շիշ մը սրբալոյս միւռոն, իրենց պատմական վկայականներով. 1214ին առ երկիւղի պահուած սոյն մասունքներուն եւ միւռոնի գիւտի պատմութեան պարագաները գրի կ՚առնուին 1843ին, եւ կը շինուի վկայական մը. տեսնել մանրամասնութիւնները:

Տաշ. Ցուց. էջ 1040-41. Թորոս Աղբար. Բ. էջ 90-98. Շնորհ. էջ 454

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՀԱՄԹԵՑԻ.

Մբ. որդի Ապտինի եւ Վարախայ, եղբայրը Կարապետ կը նահատակուի Ամասիայի տաճիկներէն 1671ին. Եղիազար պտրքի. հրամանով կը ձեռնադրուի կուսակրօն քհ. ՌՃԼԷ (=1688)ին. Երեմիա քհ. ` Գրիգոր վրդի. խնդրանքով Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Նարեկ մը:

ՄՁ. թ. 1319

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՀԱՄԹԵՑԻ.

Մբ. Ս. Յակոբի, հաշուական հին տումարներուն համաձայն, 1709ին երկու հարիւր ոսկիի վճարումով կը մասնակցի Ս. Յակոբի պարտուց վճարման:

ՄՁ. թ. 1234

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, ՎԱՆՑԻ.

Մբ. Ծ. 1838ին. Ձռ. 1873ին Աղթամար, կը միաբանակցի 1875ին, խոստ. 1910ին. կը վախճանի 1915ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ.

Մբ. Ծ. 1870ին. Ձռ. 1902ին, ՏԼ. 1906-1908. ՏՌ. (1924-25), այժմ Կիպրոս:

 

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ.

Մբ. (Երաժիշտ) Ձռ. 1817 ին, կնիքը 1817, ՏՅՊ. ԼՍՊ. 1838ին. կը վախճանի 1842ին, եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Հոտ անոյշ ծաղիկ

Պարզեալ ի շիրմիս,

Գալարեաց զաղիս,

Սաստիկ երգողիս:

Աւագ լուսարար.

Րաբուն Գրիգորիս,

Պանծալի անուամբ.

Արդեամբ նազելիս:

Իսկ Նիկոմիդա.

Պատրաստէ գունակ,

Վարդագոյն պայծառ,

Նմին նմանակ

  1842 Փետր. 19».

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1365ին կը նահատակուի Գազայի մէջ:

Ժպե. Ա. Հատ. էջ 210

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Նւ. Ակնայ. այս առթիւ կը թղթակցի Եէնէգթցի Դաւիթ կթղի. հետ, (1801-4). եւ եպս. կը ձեռնադրուի 1801ին:

Դիւան, Գիրք Ե. էջ 108

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՆՈՐԱՎԱՆՔՑԻ (Սիւնիք, Վայոց Ձոր գաւառ).

Մբ. 1850ին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. Ծ. Սամաթիա. աշկ. Պետրոս եպսի. եւ քարտուղար վանեցի Թէոդորոս պտրքի. իր երկասիրութիւններն են, Պարտէզ Ծաղկաւէտ խորագրով ձեռագիր մը, Երեւոյթ Կրից անուամբ ճառ մը (տպ. Ս. Յակոբ 1851) եւ թարգմանութիւն մը Սիրուն Զբօսարան:

տպ. Ս. Յակոբ 1875

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ՊՕՅԱՃԵԱՆ, ԲԱՂԻՇԵՑԻ.

Մբ. Ծ. 1875ին. Ձռ. 1881ին, ՏԴ. (1886-88). ՏԲ. (1888-1891). ՏՅՊ. (1891-97). ժամօրհնող (1898-1908) ՏՀ. (1908-1911). անդամ Տն. Ժողովի եւ Փ. Տեղապահի (1911-1912). կը վախճանի 1919ին, Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու տուն մը Յոպպէի մէջ:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1817ին Նւ. Հնդկաց 1818ին. իր այս պաշտօնը կը հաստատուի Ս. Յակոբի Տաճարին աւագ խորանի վարագուրի մը սա յիշատակարանովը. «Նկարեցաւ վարագոյրս ի Մատրաս արդեամբք բարեպաշտ Պրն. Մովսէս Յարութիւնեանի ի յիշատակ հանգուցեալ ծնողաց իւրոց զոր ընծայեաց սրբոյ տաճարիս Սրբոց Յակոբեանց ձեռամբ Սրբազան Գրիգոր վարդապետի Ջուղայեցւոյ, Հնդկաց նուիրակի սրբոյ քաղաքին Երուսաղէմի յամի տեառն 1818»: 1812ին Անտոն աբ. Տփխիսեցի` սոյն վարդապետէն կ՚ստանայ Պետրոս արքեպս. Աղամալեանի Մեկն. Առակաց Ս. Աւետարանի գիրքն եւ կ՚ընդօրինակէ զայն:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՍԱՍՈՒՆՑԻ, (Նիշ գիւղէն).

Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ 1636ին, կը նուիրէ իր մագաղաթ ձեռ. Ատենի ժամագիրքը (ՄՁ. թ. 377): Այս ձեռագիրը մհտ. Կուլասարին միանգամայն Գրիգոր վրդ։ին յիշատակն է. ինչպէս կը վկայեն ձեռագիր յիշատակարաններն, որք են «…մհտ. Կուլասարին որ շատ աշխատեցաւ ի դուռն Ս. Յակոբայ, ի պաղչէքն եւ յայլ ամենայն տեղիք, եւ ջերմեռանդ սիրով ցանկացաւ այս գրոցս աւ կցորդ ու մասնակից եղեւ տէր Գրիգոր վրդ։ին եւ ստացան երկոքեանն ի միասին զայս ժամագիրքս եւ եդին յիշատակ հոգւոց իւրեանց ի Քրիստոսի սբ. ծննդեան տեղիքն…յիշեցէք…Կուլասարին եւ հօրն Գրիգորին մօրն Գրիգորին մօրն… եւ եղբաւրն Մինասին եւ կողակցւոյն Աւրիքանին եւ Աննային եւ որդւոցն Պաւղոսին եւ Տաւնոյին եւ հարսին Մըրուաթին…»: «…Ած. ողորմի ասացէք ստացողի սորա…սոսկ անուն Գրիգորի որ եմ ի բուն զաւառէն Սասնոյ, ի գեղջէն. Նիչ կոչեցեալ, որ կացի սակաւ ժամանակ յԵրուսաղէմ եւ ստացայ զժամագիրքս, ոչ ի վաստակոց եւ յաշխատանաց իմոց, այլ յողորմութենէ ողորմածաց, յիշատակ հոգւոյ իմոյ եւ ծնողաց իմոց, հօրս տէր Ստեփաննոսին եւ մաւրս Շողոյին եւ կենակցին իմոյ Մանուշակին…»: …Այլ եւ եղի զնա յիշատակ ի Քս. սբ. տեղիքն…: Արդ ի թվին ՌՁԵ (=1636) ստացաք զգիրքս զայս…»: (Խապ. Ցուց. ԻԸ. էջ 2100-2101):

Գրիգոր վրդ. հաւանաբար երէց էր 1630ին, ան նուիրած է Ս. Յակոբ վանքին նաեւ իր ընդօրինակած մէկ քարոզգիրքն (ՄՁ. թ. 486). իր մասին տեսնել նաեւ նոյնին յիշատակարանը:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՎԱՆՑԻ.

Մբ. Աշկ. Կիրակոս արքեպիսկոպոսին եւ կը յաջորդէ անոր` Եգիպտոսի մէջ 36 տարի կը պաշտօնավարէ եւ հոն կը վախճանի 1862ին եւ կը թաղուի Գահիրէի Ս. Մինաս մատրան դրան առջեւ եկեղեցականաց թաղին մէջ. իր տապանաքարը հետեւեալն ունի.

«Դամբան վանեցի ծայրագոյն Գրիգոր վարդապետի որ ձեռնադրեալ կրօնաւոր Կիրակոսէ սրբազան արքեպիսկոպոսէ եւ վարեալ զսորին պաշտօնն անթերի ի կենցաղոյս յեօթանասուն եւ հինգ ամաց հասակի: Յամի տեառն 1862 ի Յունվարի 6: »

Գրիգոր վրդ. Գահիրէի առաջնորդարանի կից իր սեփական մեծ տունը նուիրած է եկեղեցիին, եւ անոր վերնայարկին մէջ հաստատուած է առաջնորդարանի դիւանատունը 1910էն սկսեալ:

Նօթեր. էջ 87

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՏԱԹԵՒԱՑԻ.

Ծ. 1346ին. աշկ. Յովհաննէս վրդ. Որոտնեցիին, (E1386). մեր եկեղեցիին բազմարդիւն վարդապետներէն մին. 1387ին յաջորդ կը կարգուի Որոտնեցիին Տաթեւի մէջ: Կը մնայ Մեծոփի եւ Արճէշի վանքերը (1408-9), կը վախճանի 1410ին, Ս. Ստեփանոսի տօնի օրը, եւ մարմինը կ՚ամփոփուի Տաթեւի վանքին մէջ (Ձեռ. Յայսմ. 27 ապր. տեսներ իր տապանագիրը Հ. Հայրենեաց. Գիրք Ե. ): Մասնաւոր գաւազանի եւ ծայրագոյն վարդապետի իշխանութեան կանոնը պատրաստած է Գրիգոր վրդ. Տաթեւանցին:

Գրիգոր վրդ. Որոտնեցիին հետ 1373ին ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը` ուր նոյն վարդապետէն, ըստ Յայսմաւուրաց կ՚ստանայ կուսակրօն քահանայութեան կարգը, եւ Երուսաղէմէն մեկնելէն յետոյ, դարձեալ նոյն վարդապետէն կ՚առնու վարդապետական գաւազան Եկեղեաց գաւառին մէջ: Տաթեւանցի Գրիգորի գրչութեամբ Բինկայի (Ակն) Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցիին մէջ գտնուող ձեռագիր Աւետարանի մը յիշատակարանէն կը ճշդուի որ նոյն վարդապետին կողմէն Ս. Յակոբի այցելութիւնը տեղի ունեցած է 1373ին, եւ հո'ն գրած է նոյն ձեռագրին յիշատակարանը հետեւեալ պարունակութեամբ. «ով եղբայր. զյիշատակարանս յետոյ գրեցի յԵրուսաղէմ Ս. Քաղաքս եւ կարի արտորանօք ի մեծի հինգշաբթւոջ աւուրս». . Ակնայ. էջ 99). Տաթեւանցիին երկասիրութիւնները բազմաթիւ են. անոնց ցուցակը կուտայ մեզ Ղազար վրդ. Ջահկեցի (յետոյ կթղ. ) իր Դրախտ Ցանկալի գրքին մէջ (էջ 641):

 

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ.

Մբ. 1425ին Լսպ. (ՄՁ. թ. 67) Սարգիս գրքի յիշատակարանին համաձայն:

 

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1716ին. ՓԿԵ.:

 

ԳՐԻԳՈՐԻՈՍ ՔՀ. ԲԱԼՍԱՄ.

Կամենիցի մէջ Լեհաստանի Հայոց բռնի միութեան խնդիրներուն ժամանակ Բալսամ քհ։ին անունն ալ խառնուած է. եւ կը թուի թէ` լատինացած է: Գրիգորիոս քհ. շատ տարիներ բնակած է Ս. Յակոբի վանքին մէջ. Կամինեցի դատաւորք կը յայտարարեն Գրիգորիոս քհի. մասին. «…ոչ երբեք քարոզեալ իցէ նորա այսպիսի ինչ (բաժակին մէջ ջուր խառնել) ի Հայս եւ յԵրուսաղէմի, ուրանօր եկաց ամս բազումս» եւ այլն:

Բմհլ. էջ 90

ԳՐԻԳՈՐ ՔՀ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ.

1758ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ: