ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ղ

 

 

ՂԱԶԱՐ ԱԲ.

Երեմիա Չէլէպի 1670ին գրած անանուն? գրութեան մը մէջ կը յիշէ Ղազար աբ., իբր հակառակորդ Եզիազար Այնթապցի կթղ-ին. սա խօսքերով. «Պոստանճի ոմն որ ըստ Ղազար հաբեղին. ետքն տարեալ զդա յԵրուսաղէմ առաջնորդ նստոյց եւ հալածեաց զԵղիազարն անտի: Եւ յետ դարձին անկաւ յերեսաց եւ յաչաց գլխաւորաց իւրոց: Եւ ծանեալ զանիրաւութիւն սոյն ժողովոյ. ապաշաւեալ, կտրիճ հասակաւ մեռաւ ընդ նոյն աւուրս»:

Կենսագրութիւններ Ա. էջ 71

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ, ԹԻՖԼԻՍՑԻ (Բօլնիս-Խազէն գիւղէն).

Ծ. 1840ին. մանկավարժ, բանաստեղծ եւ վիպասան. 1892 փետր-ին այցելած է Ս. Յակոբի վանքը, երբ նոյն վանքը կը գտնուէր Խրիմեան Հայրիկ` որուն հետ յաճախակի կը տեսակցէր:

Աղայեան հրատարակած է մանկական վէպեր. եւ դասագիրքեր. մասնաւորապէս Մայրենի լեզու ըսուածը: 1862ին սկսաւ գրել Մեղուի մէջ: 1902ին կատարուած է անոր գրական քառասնամեայ Յոբելեանը: Վախճանած է 1911 Յուլիս 3ին:

 

ՂԱԶԱՐ ԱՐՔԵՊՍ

Մբ. Ս. Էջմիածնի, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը (1819-20).

(նամակ Զմիւռնիոյ Փիլիպպոս եպս-ի, 1819 Հոկտ. 5):

ՂԱԶԱՐ ԲԵՐԻԱՑԻ

Քրձ. որդի Ապատուլլահի. 1456ին Բեթղէհէմի ճամբուն վրայ, արզ էլ պագաա կոչուած տեղը, արտ մը կը գնէ եւ կը վերածէ այգիի, եւ կը կտակէ Ս. Յակոբի վանքին, ինչպէս ցոյց կուտայ մուրհակը:

ժպե. Հատ. Ա. էջ 235 

ՂԱԶԱՐ ԽՈԶԱԳՐԱԿՑԻ (Ակն. )

1719ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ ՄՁ. Թ. 15 ձեռագիր աւետարանը կազմել տալով` կը նուիրէ Ս. Ծննդեան վանքին, հետեւեալ յիշատակարանով. «վերստին նորոգեալ կազմեցաւ սբ. աւետարանս ձեռամբ տրուպ եւ անպիտան Բենկցի Թումայ երիցու թվն. ՌՃԽԳին (=1694), եւ է յիշատակ Խաւզագրակցի խօճայ Ղազարին եւ իւր կենակցուն Զուլալին, որդւոցն Գասպարին, Ղուկասին, դստերացն Մարիամին, Մարթային, Սառային, Թուրվանտէին, Վարդէնուրին, եւ եղբարցն Աստուածատուրին, Մելգոնին եւ իւր ծնողաց, մահտեսի Պօղոսին, մահտեսի Թուրվանտէի, որ էառ զսա իւր հէլալ ընչիցն զանկողոպտելի գանձն: Արդ ի գալն իմ առ սբ երսղմս. ես մահտեսի Խոզագրակցի Ղազարս, հանդերձ տամբս եւ ընկերօքս, եւ դստերաւս, ի Հայոց տումարին, ՌՃԿԸ (=1719) թուին տվեալ պարգեւեցի յիշատակ անջնջելի առ դրան սբ ծննդեան վանիցն…»:

Խապ. Ցուց. Բ. տետր, էջ 131

ՂԱԶԱՐ ԳՐԻՉ

1677ին Սահակ եպս. Ամասիացիին համար Ս. Յակոբի մէջ կ՚ընդօրինակէ քաղուածոյ մեկն. Մատթէոսի Աւետարանին ձեռագիրը: (ՄՁ. Թ. 900). ուր կը յիշատակէ նաեւ Յորդանան գացող ուխտաւորներուն կողոպտուիլը եւ ոմանց ալ աւազակներէն սպաննուիլը:

Խապ. Ցուց. էջ 1469-70

ՂԱԶԱՐ ԴՊԻՐ

1634ին Երուսաղէմի Ս. Հրեշտակապետ վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Հաւաքածոյ ձեռագիր մը Լս. մհտ. Մարկոսի համար (ՄՁ. Թ. 546). եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը. «Գրեցաւ բառգիրքս այս ի լաւ եւ յընտիր օրինակէ ձեռամբ յոգնամեղ Ղազար դպրի ՌՁԳ (=1634) թվականի, ընդ հովանեաւ սբ Հրեշտակապետացն Գաբրիելի եւ Միքայելի: յիշել զծնօղն իմ զԽաչատուրն եւ զԹանսուխն…: »

Խապ. Ցուց. տետր, ԽԳ. էջ 3336

ՂԱԶԱՐ ՂՐԻՄՑԻ

1443ին Ս. Փրկչի վանքին կը նուիրէ 1430ին Կաֆայի մէջ ընդօրինակուած Հարանց վարք մը (ՄՁ. Թ. 639), որուն վերջը կը գրէ հետեւեալը. «Զվերջին ստացող սբ կտակիս զՂազար ղրիմցի յիշեցէք. որ եդի զսա եմ. ի սբ Փրկչին անջինջ յիշատակ ննջեցելոցն: : խնամով պահողսն ա[ւր]հնի. յԱյ. ի թվին Հայոց ՊՂԲ (=1443) մարտի ամսոյ իա. գրեցաւ»:

Խապ. Ցուց. տետր, ԾԷ. էջ 4423

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ

Մբ. Աղթամարի. 1884ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մբ. ՄՁ. Թ. 7 ձեռագիրին բուն յիշատակարանէն զատ, կա'յ նոր գրչով յուշագրութիւն մը` որմէ կը քաղենք «Ես վրդ. (եւ)դոկիացի որի անուն Ղազար կոչի. այս Սարգիսգիրքս նորոգեցի եւ ի վարձու դրամ ոչ առի ի վայելումն սբ ծննդեան ի դուռն սբ Ածածնին. որ զայս կարդայ կազմողս յիշէ… թվին ՌՃՁԲ» (=1733):

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ.

1750ին Առ. Տրապիզոնի, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ.

Մբ. 1701ին:

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ԽԻԶԱՆՑԻ

Մբ. 1802ին Յոպպէի պաշարման եւ պատերազմին ատեն կը վարէր նոյն քաղաքին Հայոց վանքին տեսչութիւնը, եւ ենթարկուեցաւ տուգանքի, բանտի եւ գանակոծութեան, տեսնել մանրամասնութիւններն (ժպե. Բ. հատ. էջ 140-156): 1804ին Ղազար վրդ-ի օրով, նոյն վանքին հարաւային վերին փայտէ կամարները քարէ կը շինուին եւ նոյն կամարներուն մէջտեղը կը զետեղուի մարմարեայ քար մը, որուն արձանագրութիւնն է հետեւեալը. «Այսոքիկ կամարքս յառաջագոյն փայտեայ էին. իսկ ի ՌՄԾԳ (=1804) թվին Հայոց, քարեայ շինեցան բազում ծախիւք. ի Պատրիարքութեան Ս. Երուսաղէմի Տեառն Թէոդորոսի Սրբազան վեհի վանեցւոյ. յիշատակ օրհնեալ Ազգիս Հայոց. վերակացութեամբ տեղւոյս ըռէիզ Ղազար վարդապետի Խիզանցւոյ»:

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Մբ. Մշոյ, 1744ին Նւ. Ռումելիի, վանքին տուած իր յիշատակներու մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՎԱՆՑԻ

Մբ. կը վախճանի 1814ին:

 

ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ, (Քէօսէ)

Սղերդի եւ Մշոյ կողմերը պաշտօնավարած ժամանակ, կուսակալները իր մասին կը գանզատին Բ. դրան, կը ձերբակալուի Տիգրանակերտի մէջ, եւ հոնկէ ալ կը տարուի Պոլիս եւ պետեկեա գրով մը կը տարագրուի 1859ին ս: Յակոբի վանքը եւ կը բնակի հոն:

Օրագրութիւն Տիգրանակերտցի թարգման Յակոս վրդ-ի, 1859 Յլիս. 27

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ԱԿՆՑԻ

1652ին Ս. Հրեշտակապետ վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Հարանց վարք ձեռագիրը Յակոբ դպրի խնդրանքով:

 

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ԱԿՆՑԻ

1679ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Ակնայ Կամարակապ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին ձեռագիրներէն փոքր Աւետարանի մը յիշատակարանէն կը տեղեկանանք որ նորընծայ Ղազար քհ-ն ՌՃԻԸ (=1679) թուին` Ս. Յակոբի վանքին մէջ գտնուելով` կ՚ընդօրինակէ նոյն Աւետարանը «… գրեցաւ Աւետարանս ի քաղաքն Երուսաղէմ ի դուռն Ս. Յակոբայ ի թուաըանին Հայոց ՌՃԻԸ (=1679): Արդ գրեցաւ… ձեռամբ նորընծայ Տէր Ղազարի եյլն. »:

Հ. Ակնայ, էջ 91

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ԱԿՆՑԻ

Ս. Յակոբի գրատան Վարք Հարանց գիրքին ետեւ (տպ. ՌՃԿԹ=1720) կան ինքնագիր երկու յիշատակարաններ, որք են, 1 0. «Յիշատակէ Հարանց վարքս Ակնեցի Մահտեսի տէր Ղազարին հօրն Մ. Յոհանին, մօրն Մ. Սառային եւ կողակցւոյն Ազիզին, եւ որդւոյն տիրացու Առաքելին որ հանգուցեալ է ի սբ ուխտն Մշոյ սբ Կարապետին. եղբարցն Դաւիթին եւ մեծ պապերուն Ղազարին եւ Ումէտին որ կոչին ազգաւ Ամըրենք. որ ետուր յիշատակ վերոյգրեալ տր. Ղազարն ի սբ Երուսաղէմ ի վանքն Հայոց գեղեցին տաճարն Սրբոյ գլխադրին, Յակոբայ Առաքելոյն… գրեցաւ ՌՃՀԹ (=1730) թվին յուլիսի իգ»: 2 0. «արդ յորժամ բարեաւ եկի ի սբ. Երուսաղէմ, թվին ՌՃՁԷ (=1738)ին. ձեռամբ իմով եղի զսա յիշատակ ի ս. ծնունդն Քրիստոսի. ի ս. յանապատն. զի ընթերցողքն յիշեսցեն զվերոյգրեալսն, եւ Ած ողորմի ասացեն. »:

 

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ԽԱՍԳԵՂՑԻ

1692ին Ս. Յակոբի վանքի մատենադարանին կը նուիրէ պատկերազարդ ձեռագիր Աւետարան մը (ՄՁ. Թ. 55), որուն յիշատակարանն է հետեւեալը. «… ստացող սբ աւետարանիս զԽասգեղցի տէր Ղազար եւ զծնողսն զմտի խաչատուրն եւ զթանխուռն, եւ զկողակիցն իւր զՏօլվէթ մհտերէցկինն եւ զորդիքն զտէր Ստեփաննոսն եւ զմհտ տիրացու Յարութիւնն, եւ զհարսն զՆուրի խաթուն եւ զամ արեան մերձաւորսն. որ ստացաւ զսբ աւետարանս զայս ի հալալ արդեանց իւրոց եւ ետ յիշատակ ի սբ երսղմ ի դուռն սբ Յակոբայ գլխադրին… եդաւ յիշատակ ի թուականութեանս հայկազեան տումարի ՌՃԽԱ (=1692)…»:

Խապ. Ցուց. տետր Ե. էջ 357-358

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ

1792ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՂԱԶԱՐ ՔՀ. ՍՏԱՄՊՕԼՑԻ

Տղասաց կամ ընդօրինակիչ Ս. Յակոբի մէջ: 1695 թուական ձեռագիր տաղարանին մը մէջ կը գտնուի երգ մը «վասն գնալոյ յեգիպտոս, եւ տղայութեան եւ սքանչելեացն Քրիստոսի Աստուծոյն մերոյ» խորագրով. Ղազար քհ. նոյն եգրին վերջը իր մասին կը գրէ հետեւեալը.

«մեղապարտ եւ անարժան փտեալ ի մարմնի

տէր Ղազար գծողի եմ ստամպօլցի.

ծաղկարար անուանի աշկերտ Յայտինի

այժմուս եմ բնակեալ Երուսաղէմի»: (Նոր Ժղվծ. Ա. պրակ. էջ 18-22): Կ՚երեւի որ տր Ղազար Ստամպօլցի լոկ ընդօրինակող մը եղած է նոյն երգին` Երուսաղէմի մէջ, վասն զի, ինչպէս կը գրէ Ն. Մառ իր նկատողութիւններուն մէջ, վերոգրեալ երգը 1548ին Յովասափ Սեբաստացին յօրինած է:

անդ. էջ 26

ՂԱՐԻՊՃԱՆ ՇՈՂԻԿԵԱՆ, ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Ի յիշատակ իր վաղամեռիկ որդւոյն մհտ. Արշակի` Ս. Յակոբի վանքին գետիններէն մէկուն վրայ 1900ին իր ծախքով կը կառուցանէ անշարժ կալուած մը. (Արձնդր. Տն. Ժող. նիստ իը. 1900, էջ 256): Իր ննջեցեալներուն համար 1893ին պատրաստուած է մշտնջենաւոր յիշատակարան մը:

 

ՂԱՓԼԱՆ (մհտ. )ԱՏԱՆԱՑԻ, (արծաթագործ)

1723ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը, որուն յիշատակարանէն կը քաղենք հետեւեալը իր մասին. «… Արդ ես նուաստ ոգին ծառայս ծառայիցն այ. եւ վերջին անշնորհս ի գրչաց մհտսի. Ղափլանս յերկրէն Ատանու արհեստիւ արծաթագործ որդի Սարգիս գրագրի հանգուցելոյ ի տէր, նախածանօթ գոլով սրբազան վեհիս (Շղթայակիր), կրկին ցանկացայ երթալ յուխտ եւ երկրպագութիւն: Աատուածահուպ ս. տեղեացս, մանաւանդ փափաքելով հասանել տեսութեան բարի համսաւոյն եւ նորոգառութեան սրբոյ աթոռոյս եւ սրբոյ յարութեանն. ի ՌՃՀԲ (=1723) ամի թուականիս Հայոց եկի ի սբ. քաղաքս յեմ. եւ կատարեցի զուխտս իմ, իսկ ի դառնալ կամիլս իմ ի հայրենի գաւառն իմ. ոչ եթող սուրբ հայր մեր այլ հրամայեաց ամաւս մնալ, եւ ունէր բ. աւետարացու մագաղաթս, հարկ եդ ի վերայ իմ գրել, որ եւ գրեցի եւ ծաղկեցի դարձեալ հարք եւ եղբարք իմ աղաչեմ զձեզ զի զոսկին եւ զծաղկունքն յետ բ. ամաց ի քաղաքն ատանա ծաղկեցի զի ի սբ. քաղաքն ոչ կարացի աւարտեր զծաղկներն…» (ՄՁ. Թ. 64) (Խապ. Ցուց. տետր Զ. էջ 405-7): Ղափլան նորոգած է 1731ին Կենաց փայցի շրջապատը եւ պահարանը հսկողութեամբ Շղթայակրի, (Ցուց. Պ. ):

Սաղաւատր մը համակ արծաթ եւ ականակուռ Ղափլան արծաթագործին ձեռքով 1725ին նուէր տրուած է Ս. Յակոբի վանքին հետեւեալ յիշատակարանով. «Ձեռամբ մհտ. Ղափլանին յիշատակէ Ատանացի մհտ. Թորոսին, հօրն Ճանիկին, մօրնմհտ. Խաթունին եւ եղբարցա Յակոբին եւ մհտ. Անտոնին եւ կողակցին մհտ. Մարիամին եւ դստերն Խաթըունին ի ս. քաղաքն յԵրուսաղէմ սրբոյն Յակոբայ տաճարին թուին ՌՃՀԴ. (=1725) ի պատրիարքութեան Գրիգորի Արհի րաբունապետին» (Ցուց. պ. ): Ղափլան գրիչ Ալաշխանի մէջ ընդօրինակած է նաեւ ՌՃԾԹ (=1710) թուին Աւետարան մը «ընդ հովանեաւ սբ. ԱԾ-ածին եւ Ս. Ստփնս» եկեղեցիներուն. նոյն ձեռագիրին ստացողը կ՚ըլլայ յետոյ Գրիգոր պտրք. Շղթայակիր ՌՃՀԱ (=1722) թուին, եւ կը յիշատակէ վանքին Մատենադարանին: Վերջին աւետարանիս ծաղկողն եղած է Ստեփանոս վրդ. Կաֆայեցի «ջերմ սիրով եւ բազում երկամբք գունակ դեղօք եւ ոսկեաւ զարդարեաց»: Ղափլան գրչի հօրը` Սարգսին մէկ ձեռագիր շարականը կը գտնուի Ս. Յակոբի վանքը (ՄՁ. Թ. 1230) հաւանաբար Ղափլանի յիշատակածը:

 

ՂԵՒՈՆԴ ԵՊՍ. ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1843ին, աշկ. Խասգիւղի Ներսիսեան Վարժ-ի Ձռ. Արմաշ 1874ին. այրիանալէ վերջ. 1880ին եպս. կը ձեռնադրուի. վարած է Պիլէճիկի, Խարբերդի, Կարնոյ, Կիւրիւնի եւ Եօզկատի Առ. պաշտօնները (1876-1895). կը տարագրուի Կարինէն Ս. Յակոբի վանքը 1895ին, ուր կը վախճանի 1904ին: Ժառ վարժ-ի հայերէն եւ ֆրանս. լեզուներու դասերը աւանդած է, եւ գրած է 1901 տարին Ս. Յակոբի վանքին օրացոյցին յաւելուածը. Ս. Երուսաղէմ եւ յաջորդութիւն պատրիարքաց Հայոց առաք. Սրբոց Յակոբեանց խորագրով: Կ. Պոլսոյ եւ Տփխիսի լրագրաց մէջ Վրոյր եւ Գիրուկ անուններով, Արարատ հանդէսին մէջ ալ նմանապէս ծածկանունով յօդուածներ ունի, ամէնքն ալ Սաղիմական խնդիրներու վերաբերմամբ: Ունի նաեւ Ցաւերգք Հայրենեաց բանաստեղծական հատորիկ մը Հայորդի ծածկանունով:

տպ. Գահիրէ, 1902

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ

Մբ. 1851ին. Ձռ. 1862ին, ուսուցիչ կրօնագիտութեան Ժառ. վարժ-ի (1851-1865). կը հրաժարի միաբանութենէն 1865ին:

 

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՄԱԳՍՈՒՏԵԱՆ, ԴԱՄԱՍԿԱՑԻ

Մբ. Ծ. 1852ին, աշկ. Ժառ. վարժ-ի Ձռ. 1877ին, Տեսուչ ժառանգաւորաց վարժ-ի. 1878ին ելեւմտից տեսուչ եւ ժողովական ուերկար ժամանակ կը մնայ իր կրկնակ պաշտօններուն մէջ: Իր հսկողութեամբ կը կառուցուին Յարութիւն պատրիարքի կալուածը (այժմ վեհաշէն) եւ Ալէմպի հիւրանոցը վանքին դրամովը եւ յօգուտ նոյն հաստատութեան: Այս շինութիւններուն եւ իր ելմտական բոլոր գործառնութիւններուն համար ամբաստանուելով` երբ հաշուետուութենէ կը խուսափի, Միաբանութեան կողմէն բողոքներ տեղի կ՚ունենան, քննիչներ կուգան եւ քննութիւններ կը կատարուին թէ' Ս. Յակոբի մէջ եւ թէ' Պոլիս. ուր 1906ին կը հրաւիրուի Ղեւոնդ վրդ. նոյն հաշուական խնդիրներու պատճառաւ եւ անոնց մասին բացատրութիւններ տալու համար:

Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը մասնաւոր Յանձնաժողովներու ձեռքով Ղեւոնդ վրդ-ի հաշիւներու մանրակրկիտ քննութիւնը կատարելէ վերջ` կը վճռէ թէ 11267 օսմ. ոսկի Ս. Յակոբի վանքին պարտական է ան. բայց յիշեալը առարկութիւններով չընդունիր այդ վճիռը ու կը հրատարակէ տետրակ մը Ակնարկ մը Երուսաղէմի հաշուեքննիչ Ա. եւ վերջին Յանձնաժողովոց եւ անոնց տեղեկագրերուն եզրակացութեանց վրայ խորագրով: Ազգ. ժողովը Ընդհ. Պատերազմի հետեւանքով կ՚ստիպուի առկախել այս հաշուական խնդիրները եւ Ղեւոնդ վրդ. կը մեկուսանայ Դամասկոս (1914-1916): Յիշեալը Սահակ կթղ. Պտրք-ի հրաւէրով դարձեալ կ՚ստանձէ նախկին պաշտօնը 1916ին, եւ կը վարէ մինչեւ 1918 թուականը: Ան կը դադրի պաշտօն վարելէ Հոգատար պետութեան կողմէ կազմուած Վարչ. ժողովի որոշումով: 1922ին կը վախճանի Երուսաղէմի մէջ առանց հաշուական խնդիրներուն վախճան մը տալու: Տիրացած հարստութիւններէն ուգետիններէն Ս. Յակոբի վանքը չօգտուիր. վասն զի մահուանէ առաջ ուրիշներու կը փոխանցէ զանոնք. միայն վանքին կը մնան այն եօթը մթերանոցները որոնք իր ծախքովը շինուած էին վանքապատական գետնին վրայ. եւ ըստ պայմանագրութեան` յետ մահու Ս. Յակոբի սեպհականութիւն կը դառնան:

 

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՊԷՔԱՐԵԱՆ, ՌՈՏՈՍՏՈՑԻ

Մբ. Ձռ. 1905ին, հիւրընկալ եւ քարտուղար (1911-12), կարգաթող 1913ին:

 

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՓԻՒՐՂԱԼԷՄԵԱՆ, ՏՈՍՊԵՑԻ

Ծ. 1830ին Վան: Հայրը` Աւետիս (@1842). (Նօտարք, էջ 90). աշկ. Խրիմեան Հայրիկի Վարագայ վանքին մէջ, Ձռ. Լիմ 1852ին. վարած է Ղալաթիոյ (1870) եւ Սամաթիոյ Ս. Յակոբի եկեղիցիներուն քարոզչութիւնը, Լոնտոնի եւ Մանչէսթրի հովուութիւնը (1875-77). քսան տարի ճամբորդած է Հայաստան` եւ հաւաքած է արձանագրական անհատնում նիւթեր եւ ձեռագրական յիշատակարաններ` որոնց մէկ մասը հրատարակած է իր Նօտարք Հայոց կոչուած աշխատութեան մէջ. իսկ մեծագոյն մասը, 1898 թուին, երեք մեծ կապոցներու մէջ կնքուած, Յովհաննէս Աւագ. քհ. Մկրեանի յանձնարարականով Պոլսէն Գիւտ Ա. քհ. Աղանեան կը տանի Խրիմեան Հայրիկ կթղ-ի, յանձնուելու համար Էջմիածնի Մատենադարանին: Փիրղալէմեան մասնաւորապէս երկու անգամ այցելած է Ս. Էջմիածին, առաջին անգամ Վանէն 1860ին Խրիմեան Հայրիկի, Երեմիա եւ Իգնատիոս եպս-ներու եւ ուրիշներու հետ. երկրորդ անգամ` Կ. Պոլսէն Էջմիածին եւ անկէ կը դառնայ Կ. Պոլիս 1864ին. այս վերջին ճամբորդութեան ոտանաւոր նկարագրութիւնը հրատարակած է Ճանապարհորդութիւն ի Մայր Աթոռ Արարատեան եւ անտի ի Կ. Պոլիս խորագրով: (տպ. Պոլիս, 1871) Ղեւոնդ վրդ. իր այս գործին յառաջաբանին մէջ կը գրէ թէ ուղեւորութեանց վերաբերեալ ուրիշ վեց հատորիկներ եւս պատրաստ ունի, որոնց մին ալ, դարձեալ ոտանաւոր գրուած` կը հրատարակէ 1882ին Թիֆլիզի մէջ, Չորս ընկերք, որ է ճանապարհորդութիւն Վանայ մինչեւ Կոստանդնուպոլիս անունով: Մանր պատմագիրներու բովանդակութենէն եւ յիշատակարաններու ընդօրիակութենէն զատ շինած է Ժամանակագրութիւն մը (950-1657) յիշատակարաններէ քաղելով. (դիւան, գիրք ժ. էջ 494-504, նաեւ Չորս ընկերք. էջ 173-176): Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ 1891ին կը վախճանի հոն եւ կը թաղուի Սիոնի գերեզմանատունը: Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ թողած է Ռումելիի երկաթուղւոյ երկու արժէթուղթեր: (Արձնգր. Տն. Ժող. նիստ. ճիը. 1891. էջ 84): Իր դամբարանին երկու կողմերը կը գտնուի հետեւեալ տապանագիրը զոր յօրինած է Խրիմեան Հայրիկ.

«Ղեւոնդն եմ ես վարդապետ երկասէր

Սիրահար նախնի մեր հարց մատենից

Շրջեցայ տքնեցայ ի հայրենի աշխարհ

Կարդացի կրկտեցի հին եւ նոր ձեռագիրս

Որչափ յիշատակարանս ես ձեռամբս օրինակեցի

Ո~հ զամէն ի մթան թողի ես եւ գնացի

Հայրիկ ձեզ յանձնեմ եւ կտակ թողում

Զերկոցս իմ վաստակ ի լոյս հա'ն ի լոյս. »

 

«Երանի քեզ Ղեւոնդիէ.

Որ ծնար առ թեւօք Վարագայ Խաչին

յԵրուսաղէմ ի Սիոնի գոգ հանգչեցար

Ո~հ լռեց երգախօսիկ լեզուդ

Այլ ոչ երգես, Երանի տամ այն դարուն.

Մի' երկուանար, հոգի, կտակդ նուիրական է.

Զքեզ ելաց, զարձանագիրս յօդեց Խրիմեան Հայրիկ»:

 

ՂԵՒՈՆԴ ՔՀ. ՏԷՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ, ՄՇԵՑԻ (Ջրիկ գիւղ)

Աւազանի անունը Վարդան. Ծ. 1860ին. աշկ. Ս. Յակոբի Ժառ. վարժ-ի (1874-1878). եւ հմտացած է ձայնագրական ուսման, վարած է ուսուցչական պաշտօններ զանազան գաւառներու մէջ, Ձռ. քհ. 1892ին Դաւրէժի մէջ, երկու տարի վերջ Լիլաւա, յետոյ Շումլա, 1909ին դարձեալ Դաւրէժ, ուր կը մնայ մինչեւ 1923 եւ կը վախճանի նոյն տարին: Իր գրական երկերն են. Խենթ Մշեցու խելացի խօսքեր. . տպ. 1921, Թաւրիզ): Տարերք Ձայնական երաժշտութեան. Դալի բաբայի կեանքի արկածներ (ձեռագիր). Ղեւոնդ քհ. ունեցած է նաեւ ԺԹ. դարուն Մշոյ մէջ պատահած պտմ. դէպքեր անուամբ գրութիւն մը` որ կորսուած է: Ընդարձակ տեղեկութեանց համար տեսնել:

Ղնդ. քհ.

ՂԵՒՈՆԴ ՔՀ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ծ. 1847ին. աշկ. Ժառ. վարժ-ի. գրաչար Ս. Յակոբի վանքի տպարանին մէջ Տնտեսեանի օրով 1874ին: Ձռ. քհ. Տիմոթէքայի մէջ 1879ին. մի եւ նոյն ժամանակ կատարելով տպարանական գործեր: Յաջորդաբար քահանայագործած է Աղեքսադրիա, Կալաց եւ Թուլչա: Աղեքսանդրիոյ մէջ կը հրատարակէ Նեղոս պարբերականը. ունի նաեւ զանազան հրատարակութիւններ հայերէն եւ ռումաներէն լեզուներով. իր սեպհական մամուլին միջոցաւ: 1906ին Պուքրէշի ցուցահանդէսին մէջ ստացած է արծաթեայ մետալ եւ յոբելեարի շքանշան մը:

 

ՂԸՅՄԱԹ ՍԿԻՒՏԱՐՑԻ

Գրիգոր Պտրք. Պարոնտէրի օրով Ս. Յակոբի վանքին կը նւոիրէ այգի մը, Սկիւտարի մէջ. եւ կենդանութեանը նոյն այգիին արդիւնքը կը ղրկէ Երուսաղէմ. այս այգին կից էր Հայոց գերեզմանատան: Մարտիրոս պտրք. Կաֆացիին հիմնած եւ Գրիգոր պտրք. Շղթայակրին 1726ին ընդարձակ Հոգետունը շինուած էր այս այգիին մէջ, ուր յետոյ կառուցուեցաւ Երուսաղէմի Ճեմարան Վարժարանը: Ղըյմաթ Սկիւտարցիին նուիրած այգիին վրայ հետզհետէ աւելցուած եւ ուրիշ գիտիններ:

 

ՂԸՐԽԵԱԼԱՆ ՄԵԼԻՔ, ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Կ՚ապրէր Շահաբաս Ա-ի օրով, արքունի հրամանով հայ ժողովրդեան մէկ մասին վրայ կը հսկէր Շահաբասեան տարագրութեան ժամանակ (1606-1613). Ղըրխեալան հաւատուրաց եղաւ Ջուղայի մէջ եւ յետոյ զղջալով` Երուսաղէմ գացած է ապաշխարութեան համար, Առաքել պատմիչ հետեւեալ կերպով կը գրէ (էջ 162) անոր մասին. «… իսկ խղճամտանք Ղըրխեալան մէլիքին առաւել ստգտեալ յանդիմանեաց զնա. որ եւ զկնի ամաց ինչ անցանելով. էառ զկին իւր երիւք ինչ պատճառանօք. թէ գնամ ի Դավրէժ. եւ անցեալ ազյնու` գնաց յԵրուսաղէմ. կատարեաց զամենայն ուխտ տնօրինականացն Քրիստոսի. եւ մնացին անդէն եւ կինն իւր. եւ վասն զի արուեստիւ քարագործ էր, վասն սբ Երուսաղեմայ գործէր առանց վարձու. ակն ունելով ի Տեառնէ վարձուցն հատուցման եւ զամենայն ժամանակս կենաց իւրոց զորս եկաց, եւ անդէն ի քաղաքի Երուսաղէմ վախճանեցան եւ թաղեցան Ղըրխեալան մէլիքն եւ կինն իւր. »

 

ՂՈՒԿԱՍ ԴՊԻՐ

1691ին Ս. Յակոբի մէջ ընդօրինակած է Տաթեւացի Գրիգոր վրդ-ի Հարցմանց գիրքը. (Էջմ. Ցուց. Թ. 838, էջ 50). 1683ին ալ Ճառընտիր մը` Սահակ եպս. Ամասիացիին համար:

ՄՁ. Թ. 918

ՂՈՒԿԱՍ ԵՊՍ. ՊԱՐՈՆՏԷՐ

Մբ. 1619ին Նւ. Լեհահայոց, Գրիգոր պտրք-ի օրով. Թալասու Ս. Աստուածածին եկեղեցիին Տեսութիւն ի գիրս Պորփիւրի ձեռագիրին մէկ յիշատակարանին մէջ կը յիշուի Ղուկաս եպս. Պարոնտէր, իբր ստացող նոյն գիրքին. «ձեռքս փտթի եւ հող դառնայ. գիրս առ ձեզ յիշատակ մնայ. եւ ով որ յիշէ եւ ողորմի ասէ Տէր Քս զիւրց մեղքն ջնջէ, եւ իմ մեղօք լցեալ, հոգի միտքս ցնորէ աշխարհի. զձեզ աղաչեմ գիրս հանդիպողի. ասէք թէ Ած ողորմեսցի. մանաւանդ անիմաստ, տխուր, եւ լցեալ չարութեամբ Յոհան դպիրս կամենցոյ նոտրող սորա աղաչեմ յիշեցէք ի տէր, վասն երկրորդ հատորիս, եւս առաւել ստացողի Սուրբ գիրքս Տէր հոգեւոր Ղուկաս եպսն Սուրբ երուսաղիմայ նուիրակն յիշեցէք աղօթից ձեր արժանեաց, զի այս տարին էր իջեալ ի նուիրակութեան սբԵրուսաղիմայ համար եւ ետ գրել փափաքանօք եւ հալալ արդեանցն յիշատակ իւր եւ ծնողաց իւրոց ամէն: Գրեցաւ թվին ՌԿԸ (=1619) աւելի Յունիս ամսոյն ԺԵ»:

Նոյն ձեռագիրին ուրիշ մէկ յիշատակարանին մէջ եւս կը յիշուի Ղուկաս եպս. Պարոնտէր հետեւեալ կերպով. «… կատարեցաւ գիրքս գովելի, որ շարադրեալ է Պորփիւրի, զի ցանկացող եղեւ սըմի նուիրակն երուսաղէմի. որ եւ անուամբն որջորջի Ղուկաս անուն Պարոնտէրի, որ յայսմ ամի եկն ի Լեհի. տեսող եղեւ այս սուրբ տառի-ի մեկնութեանցն Յովհաննի. արի եւ սուրբ եռամեծի. եւ աշակերտին իւր Գրիգորի. ի բնաբանիցն Պորփիւրի. ի թուականիս հազար վաթսուն եւ ութ աւելի (=1619) Սեպտեմբերի քսան եւ ութի, որ է աւրն երեքշաբթի, ի Կամենից ամուր քաղաքի…» (Լոյս, 1905. էջ 776-778): 1616 թուականով (ՄՁ. Թ. 242) ձեռագիր Ատենի սաղմոսին մէջ կը գտնուի Ղուկաս եպս. Պարոնտէրի 1629 թուականով մէկ ինքգիր յիշատակարանը:

 

ՂՈՒԿԱՍ (մհտ. ) ՄՀՏԵՍԵԱՆՑ, ՄԵԾ-ՍԱԼԱՑԻ

1907ին Ս. Յակոբի վանքին Մատենադարաինն ի նպաստ, Ս. Հրեշտակապետի հարակակողմը, 1324 րուբլիով երկու կրպակներ շինել տուած է հասոյթները յատկացնելու համար իր նպատակին:

Արձնգր. Տն. Ժող. 1907, էջ 287

ՂՈՒԿԱՍ ԵՒ ՄԱՅՐԸ ԹԱԳՈՒՀԻ ՄՀՏ. ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԱՖԵԱՆ, ԱՊՈՒՉԷԽՑԻ

1756ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրեն մէկ արծաթեայ կանթեղ ի յիշատակ ննջեցելոց:

Ցուց. պ.

ՂՈՒԿԱՍ ՎՐԴ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, ՉՄՇԿԱԾԱԳՑԻ

Մբ. Աշկ. Ժառ. վարժ-ի (1882-87), ուսուցիչ եւ կառավարիչ նոյն վարժ-ի մէջ. (1887-89). ՁՌ. 1889ին, կը վախճանի Խարբերդի մէջ 1890ին:

 

ՂՈՒԿԱՍ ՎՐԴ. ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ (Խանկեան) ԲԱԼՈՒՑԻ

Մբ. Ծ. 1804ին, աւազանի անունը Գաբրիէլ. միաբան կ՚արձանագրուի 1835ին. Ձռ. 1842ին. կնիքը 1842. Առ. Կիպրոսի (1866-69), դարպասընկալ (1870-74). դրամընկալ դարպասի (1874-77). շինուածապետ (1877-78). ՏԲ. (1878-79). վարած է նաեւ Լուսահանութեան եւ ժողովականութեան պաշտօնները, կը վախճանի 1888ին: Յիշատակ կը թողու րումելիի երկաթոնղւոյ երեք արժէթուղթեր եւ մթերանոց մը Բեթղէհէմի մէջ:

 

ՂՈՒԿԱՍ ՎՐԴ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՌԸՏՎԱՆՑԻ (Տիգրանակերտի արեւմտեան կողմը)

Մբ. Ծ. 1844ին. Ձռ. 1898ին. ՏՌ. (1909-1923), կը վախճանի 1923 Յուլիս 12ին: Յիշատակ կը թողու մթերանոց մը Երուսաղէմի մէջ:

 

ՂՈՒԿԱՍ ՔՀ. ԲՍՏԱՑԻ (Բուստ կամ Բիստ Գողթն գաւառ)

1708ին Ագուլիսցի Փիլիպպոս քհ-ին եւ ուրիշներու հետ ուխտաւորութեամբ կուգայ Ս. Յակոբի վանքը:

ԲԲ. Հատ. Ա. էջ 432

ՂՈՒՆԿԻԱՆՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. Ս. Էջմիածնի, ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուր կը մնայ երկու տարի (1785-87). կ՚ընդօրինակէ 1786ին Մխիթար Սասնեցւոյ (ԺԴ դար) ԺԵ. ճառերը:

Հա. 1899, էջ 379