Ս
ՍԱՀԱԿ
ԱԲ.
ՂՐԻՄՑԻ
Մբ.
Հայրը
Կարապետ,
եղբայրը
Ստեփենոս
Սրկ.
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ
ՊԽԷ
(=1398)
թուին
կ՚ընդօրինակէ
Ճառընտիր
մը
Ստեփանոս
Երկայնի
օրինակին
վրայէն
(ՄՁ.
Թ.
73).
իսկ
բնագիրը
գրչագրուած
է
1318ին
Դրազարկի
վանքին
մէջ,
ի
յիշատակ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Շահեկանութեանը
համար
նոյն
Ճառընտրին
յիշատակարանին
հետեւեալ
մասը
կ՚ընդօրինակենք
հոս
«…
ի
թուականութեանս
հայոց
յութ
հարիւր
քառասուն
եւ
եաւթն
գրեցաւ
սուրբ
եւ
լուսայեղց
մատեանս
որ
կոչի
Ճառընտիր
ի
լաւ
աւ
յընտիր
օրինակէ
ըՍտեփանոս
Երկայնի.
ի
սուրբ
եւ
յաստուածակոխ
քաղաքս
Երուսաղէմ
ընդ
հովանեաւ
սուրբ
Գերեզմանիս
Քսի.
ի
յանապատիս
սբ.
Փրկիչ,
որ
է
տեղիք
Չարչարանաց
Քի
յուսոյն
մերո,
ի
թագաւորութեանն
Իսմայէլացւոց
սուլթանին,
որ
այժմ
Պարխուխ
կոչի.
ի
հայրապետութեանն
հայոց
տեառն
Կարապետի
եւ
յեպիսկոպոսութեան
Երուսաղէմի
Տէր
Սարգսի,
ձեռամբ
մեղսաթաւալ
եւ
յոգնամեղ
ոգւոյս
Սահակ
սուտանուն
աբեղայի
Ղրիմցու
որ
գրեցի
զսա
մեծաւ
յուսով
սուրբ
եւ
կաթողիկէ
եկեղեցւոյս
սուրբ
Փրկչիս
ի
վայելումն
եւ
ի
շահագիտութեան
մանկանց
նորոյ
Սիովնի
եւ
ի
պայծառութեան
սուրբ
եկեղեցւոյ:
…
եւս
առաւել
այնոցիկ,
որք
զնիւթ
գրոցս
պատրաստեցին,
Մարտիրոս
փակակալին,
ծնողաց
նորին
Մովսէսին
եւ
ամենայն
զարմից
իւրոց,
որ
աշխատեցաւ
ի
սպասաւորութեան
մերում
ըստ
իւրում
կարողութեանն
եւ
ի
թղթին
կոկելն
եւ
համաւրէն
միեղէն
եղբայրութեան
Ս.
Փրկչիս.
Մատթէոս
աբեղային
եւ
Ստեփաննոս
ճգնաւորին
եւ
Յովհաննէս
փակակալին,
որ
զաւրինակն
շնորհեաց
ու
Մելքիսեդեկ
կրաւնաւորին
եւ
միայնակեցաց
Ս.
Փրկչիս,
Գառնալ
միայնակեցին,
Աստուածատուր
դռնապանին,
Յովհաննէս
ակնճատին,
Յովհաննէս
բրդագոցծին,
Արեւ
միայնակեցին
եւ
Յովհաննէս
Շամախեցւոյն
եւ
Յակոբ
դպրին
եւ
որ
զամէնն
ասեն:
…»
Խապ.
Ցուց.
էջ
206-207
ՍԱՀԱԿ
ԱԿՆՑԻ
1829ին
ուխտաւորութեամբ
Երուսաղէմ
կուգայ
եւ
հոն
կը
վախճանի.
ի
յիշատակ
անոր
Ս.
Յարութեան
տաճարին
արծաթ
եւ
ոսկեզօծ
սկիհ
մը
նուիրուած
է
յիշատակարանով
մը:
Ցուց.
Պ.
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ԱՄԱՍԻԱՑԻ
Մբ.
1676ին
եպս.
կը
ձեռնադրուի
Ս.
Յակոբի
մէջ
Եղիազար
կթղ-էն
(ՄՁ.
Թ.
900):
ՌՃԻԷ
(=1678)
թուին,
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Սարգիս
Շնորհալիի
Կաթողիկեայց
թուղթերու
մեկնութեան
համառօտութիւնը
(ՄՁ.
799):
1680ին
կը
նորոգէ
Տօնապատճառ
մը
(ՄՁ.
Թ.
120),
ուր
կը
գրէ
յիշատակարան
մը
եւ
կը
թուէ
նոյն
ժամանակի
եկեղց.
միաբանները`
որք
են.
«…
Նահապետ
վրդ.
Ուռհայեցի,
Գրիգոր
վրդն.
եւ
Խաչատուր
վրդն.
Համդեցի.
եւ
Սիմոն
Պարոնտէրն
Մշեցի.
եւ
Սարգիս
Պարոնտէրն
Թօխատցի.
որ
զմեծ
ճառն
կազմեց
եւ
զայս
գրքիս
կողքն
կապեց.
եւ
Սահակ
եպսն.
անարժանս
որ
զայս
գիրքս
կրկին
նորոգեցի.
եւ
տէր
Դաւիթ
ծեր
Մոկացին.
եւ
տէր
Յովհաննէս
Քէֆէյեցի
եւ
տէր
Առաքել
Էտիրնեցի.
որ
այժմ
լուսարար
է
Ս.
Յակոբայ.
տէր
Թումայ
Բաշուցի.
եւ
տէր
Յովհաննէս
Թօխատեցի.
տէր
Իգնատիոս
Թօխատեցի.
տէր
Յովհաննէս
ժամասաց
Հալէպցի.
եւ
տէր
Սարգիս
խոստովանահայր
Փայասցի
եւ
Ժամասաց:
Տէր
Առաքել
խոստովանահայր
կանանց
Համթեցի.
տէր
Պետրոս
Հալէպցի:
Այսոքիկ
են
կարգաւորք
միաբանք
Սուրբ
Յակոբայ
ի
մերումս
ժամանակի:
»
…
«Եւ
Ս.
Յարութեան
մէջ
եղեալ
միաբանքն
են
այսոքիկ.
տէր
Յովհաննէս
Կարկառեցի
ըռէիզ.
տէր
Գասպար
հեզահոգի
Մերտինցի.
տէր
Աբրահամ
Այնթափցի.
տիրացու
Մարկոս
Կաֆայեցի»
…
«իսկ
ի
Հրեշտակապետի
վանքն
է
րէիզ
տէր
Մխիթարն…
եւ
Փրկչայ
վանքն
տէր
Մինասն
յԱճմու…
եւ
տէր
Անտօնն
Սեբաստիոյ
լուսարար…
եւ
ի
Ծնունդն
տէր
Պօղոսն
րէիզ
եւ
լուսարար
Բաղեշցի.
եւ
տէր
Գրիգոր
Համթեցի.
եւ
տէր
Յովհաննէս
Մոկացի…
իսկ
Ըռէմլէ
տէր
Մովսէս
րէիզ.
եւ
տէր
Մինասն
լուսարար
Ղարահիսարու.
տէր
Մելիքսեդեկ
Երզնկու…»:
Սահակ
եպս.
իր
յիշատակարանին
վերջը
կ՚անուանէ
զինքը
պարոնաց
պարոն
եւ
կ՚աւելցնէ.
«Արդ
աղաչեմ
զհանդիպողքդ
սբ
տառիս
յիշեցէք
զանարժան
զՍահակ
եպս.
զաշխատող
սորա
եւ
զՍարգիս
եպս.
կազմող
սորա,
եւ
զծնողն
իմ`
զհայրն
իմ
Մովսէս
եւ
զմայրն
իմ
զՈւստիանն
եւ
զքոյրն
իմ
զՀեղինէն»:
ՌՃԼԲ
(=1683)
թուին
Ս.
Յակոբի
մէջ
ընդօրինակած
է
նաեւ
Ճառընտիր
մը:
ՄՁ.
Թ.
572
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ԱՅՎԱՏԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1854ին,
աշկ.
Խրիմեան
Հայրիկի.
Ձռ.
1882ին
Վարավայ
վանքին
մէջ.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1898ին.
վարած
է
զանազան
գաւառական
պաշտօններ:
1923ին
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը,
եւ
նոյն
տարին
վախճանած
հոն
եւ
թաղուած
Սիոնի
գերեզմանատունը.
տեսնել
իր
կենսագրութիւնը:
Թէոդիկ,
1924
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ԲԱՐՁՐԱՀԱՅԵԱՑ
ՎԱՆՔԻՆ
եւ
Առ.
Միջագետքի
1704ին
գործակալ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
Մբ.
ըստ
աւանդութեան,
երբ
Լէնկթիմուր
(1336-1405)
իր
աւերումները
կը
տարածէր
մինչեւ
Երուսաղէմ,
Սահակ
եպս.
Երուսաղէմի
մէջ
Խաչալէմով
դիմաւորած
է
Լէնկթիմուրը`
որ
կանխաւ
տուած
խոստմանը
համաձայն,
Երուսաղէմի
Հայոց
եկեղեցիները
անվնաս
թողած
եւ
շնորհած
է
Սահակ
եպս-ին
(Փշրանքներ):
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
Մբ.
Նւ.
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Սահակ
եպս.
1689ին
Երզնկայի
Կայիփոսի
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
Աւետիք
Եւդոկիացին
վրդ.
կը
ձեռանդրէ
ըստ
Օրագրութեան
Ամդեցի
Մինաս
պտրք-ի.
Սահակ
եպս.
վախճանած
է
Երուսաղէմ
1692
Մայիս
16ին:
ՍԱՀԱԿ
ԵՊՍ.
ՓԱՌԱԿԵՑԻ,
(ԳՈՂԹՆ)
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի.
նախապէս
Նւ.
Թօգատի
եւ
Առ.
Պայազիտի.
1791ին
կը
միաբանակցի
Ս.
Յակոբի
վանքին,
բայց
իր
ըմբոստ
եւ
անհանդարտ
բնաւորութեան
համար`
Ղուկաս
կթղ-էն
կարգազուրկ
կ՚ըլլայ
ու
կը
բանադրուի
(1780-1799):
Յետ
զղջման,
կ՚արձակուի
բանադրանքէն:
Մանրամասնութիւնները
տեսնել
(Դիւան,
գիրք
Գ.
էջ
534-547):
Կը
թուի
թէ
Փառակեցին
Կեսարիոյ
Ս.
Կարապետի
վանքն
ալ
1792ին
այցելած
եւ
խաչ
մը
նուիրած
է
անոր
Ս.
Յակոբ
Մծբնայ
հայրապետի
մասունքովը:
Հ.
Վանորայք,
էջ
30
ՍԱՀԱԿ
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիրի
օրով,
գործակալ
Ս.
Յակոբի
վանքին.
ունի
գրուածք
մը`
ոտանաւոր
բանք
ի
վերայ
ծռազատկին
որ
եղեւ
յամին
1727
խորագրով:
ՄՁ.
Թ.
807
ՍԱՀԱԿ
ԿԹՂ.
ՍՍՈՅ,
ԽԱՊԱՅԵԱՆ,
ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ
Մբ.
Ծ.
1849ին,
հայրը
մհտ.
Կարապետ,
մայրը
Գոհար,
ընթացաւարտ
Ժառ.
Վարժ-ի
1867ին,
Խմբագրապետ
Սիօնի
(1874-1879).
Ձռ.
1877ին.
կը
ճամբորդէ
Հալէպի
ճամբով
իր
հայրենիքը`
Խարբերդ
եւ
Պոլիս,
յետոյ
կը
վերադնայ
Երուսաղէմ
1879ին.
ՏԴ.
1880ին.
Նւ.
Ռուսաստանի
(1881-85).
Լսպ.
1884ին
եւ
արքեպս.
1902ին.
պատուիրակ
Սսոյ
Կաթողիկոսական
ընտրութեան
1899ին.
կաթողիկոս
Սսոյ
1903ին.
Սահակ
կթղ.
1903-1914
բուռն
ջանք
մը
ունեցած
է
դիմումներ
կատարելու
բարեգործ
ծանօթ
անձնաւորութիւններուն
մօտ,
որպէսզի
նիւթական
օգնութիւններով
նպաստեն
Սսոյ
Մայրավանքին
մէջ
Ժառ.
Վարժ.
մը
բանալու,
աւերեալ
տեղերը
նորոգելու,
կարեւոր
կեդրոններու
մէջ
երկրորդական
վարժարաններ
ունենալու
եւ
Կիլիկեան
թեմերը
օժտելու
պիտանի
շինութիւններով,
շատ
քիշեր
են
որ
կը
պատասխանեն
կթղ-ին
սրտառուչ
կոչերուն.
եւ
ընդհանուր
պատերազմն
ալ
վրայ
գալով`
բոլորովին
կը
խափանուին
նոյն
ազգօգուտ
մտադրութիւնները:
Ընդհանուր
պատերազմին
Հայոց
տեղահանութեան
եւ
հայ
գաղթականութեան,
ինչպէս
նաեւ
Կիլիկեան
գաւառներու
մէջ
տեղի
ունեցած
արիւնոտ
դէպքերուն
եւ
կսկծալի
իրադարձութեանց
պատճառաւ
Սահակ
կթղ.
ազգու
եւ
սրտաճմլիկ
դիմումներ
կատարած
է
Օսմանեան
նախարարութեան
եւ
աւագանիին
մօտ
եւ
նկարագրած
է
ժողովրդեան
թշուառ
ու
անտանելի
վիճակը
եւ
դարման
խնդրած
է,
միեւնոյն
ժամանակ
ընդարձակ
տեղեկագիրներով
Ազգ.
Պատրիարքարանին
պարզած
է
ժողովրդեան
քստմնելի
կացութիւնը
ու
սպառնացող
ահաւոր
վտանգը:
Իր
պաշտօնավարութենէն
մինչեւ
ընդհանուր
պատերազմին
1915
տարին
փոխանակած
կարեւոր
թղթակցութիւնները
Կիլիկեան
Կսկիծներ
խորագրով
կաթողիկոսական
դիւանէն
հրատարակուած
են
(տպ.
Պէրութ,
1927):
Սահակ
կթղ.
նոյն
ժամանակ
ինքն
ալ
կը
տարագրուի
Երուսաղէմ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
քանի
մը
Կիլիկեցի
միաբաններով
եւ
մաս
մը
ժողովուրդով:
Նոյն
միջոցին
պետական
հարուածով,
Կ.
Պոլսի
Ազգ.
Սահմանադրութիւնը
եւ
պատրիարքութիւնը
կը
ջնջուին,
Զաւէն
պտրք.
կ՚աքսորուի
եւ
նոր
հրատարակուած
Էրմէնի
կաթողիկոս
վէ
բաթրիք
նիզամնամէսի
հրահանգին
համաձայն,
Սսոյ
եւ
Աղթամարի
կաթողիկոսութիւնները
միացուելով`
28
թէմուզ
34ի
տրուած
հրամանով
Սահակ
կթղ.
Սսոյ
կ՚անուանուի
Կաթողիկոս
–
Պատրիարք
Թուրքիոյ
Հայոց
1916
Յուլիս
20ին.
նոյն
թուականին
կը
գումարուի
Ս.
Աթոռի
Միաբ.
Ընդհ.
Ժողովը`
որ
կ՚ստիպուի
ընդունիլ
պետական
այս
կարգադրութիւնը:
Սահակ
կթղ.
նոյն
եօթնեկին
շաբաթ
երեկոյին
կը
բազմի
առաքել.
Աթոռը
Տեառն
եղբօր,
կ՚ստանձնէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
բոլոր
գործերու
վարչութիւնը:
Նոր
կանոնագրին
համաձայն
կը
կազմէ
սինոդ
մը,
Ս.
Յակոբ
գտնուող
հետեւեալ
եկեղեցականներէն,
որ
են
Ստեփանոս
Արքեպս.
Յովակիմեան
(Առ.
Նիկոմիդիոյ),
Կարապետ
եպս.
Մազլըմեան
(Առ.
Պանտրմա-Պալըքէսէրի),
Պետրոս
եպս.
Սարաճեան
(Առ.
Հաճընի),
Գիւտ
եպս.
Մխիթարեան
(Քարտուղար
կթղ-ին),
Գարեգին
վրդ.
Խաչատուրեան
(Առ.
Գոնիայի),
Մովսէս
վրդ.
Ոսկերիչեան
(Առ.
Անտիոքի),
Եղիշէ
եպս.
Չիլինկիրեան
Ատենապետ
Միաբ.
Ընդհ.
Ժողովի,
Դաւիթ
վրդ.
Տէրտէրեան
(Լսպ.
Ս.
Յակոբի),
Գրիգորիս
վրդ.
Պօյաճեան
(Միաբան
Ս.
Յակոբի):
Երբ
անգղ.
բանակը
յաղթական
գնացքով
կը
մօտենայ
Երուսաղէմի,
կառավարական
որոշմամբ`
Սահակ
կթղ.
ինչպէս
նաեւ
Սինոդի
անդամները
եւ
Օրմանեան
Սրբազան,
լատին,
յոյն
պատրիարքներուն
եւ
ղպտոց
եպս-ին
հետ,
ինչպէս
նաեւ
ուրիշ
մի
քանի
օտար
եկեղեցականներ
1917ին,
Երուսաղէմէն
կը
տարագրուին
եւ
կը
տարուին
Դամասկոս,
եւ
հոն
կը
մնան
մինչեւ
զինադադար:
Երուսաղէմի
անգղ.
գրաւումէն
յետոյ
կը
դադրի
Սահակ
կթղ.
պտրք-ին
պաշտօնը
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբ
վանքին
մէջ:
Զինադադարէ
վերջ,
Սահակ
կթղ.
տիրող
քաղաքական
խառնաշփոթ
կացութեան
հետեւանքով
չի
կրնար
երթալ
Սիս`
իր
Աթոռը,
դէպքերը
հետքհետէ
կնճռոտ
հանգամանք
մը
կ՚առնեն,
ու
դարձեալ
Ազգին,
մասնաւորապէս
Կիլիկիոյ
Հաոյց
վիճակը
տագնապի
կը
մատնուի:
Այս
պատճառաւ
Սահակ
կթղ.
1920
Մարտին
մտադրեց
դէպի
Եւրոպա
ուղեւորութիւն
մը
կատարել
Կիլիկեան
ֆրանս.
կառավարութեան
գիտակցութեամբը,
նպատակ
ունենալով
իր
ժողովուրդին
կեանքը
ապահովել.
կթղ-ը`
որուն
իբր
թարգման
կ՚ընկերանայ
Վ.
Լ.
Խուպէսէրեան`
31
Մարտ
1920ին
Փարիզ
կը
հասնի
եւ
անձամբ
ներկայանալով
յիշատակագիր
մը
կուտայ
նախարարապետ
եւ
արտաքին
գործոց
նախարար
Միլըրանի,
ինչպէս
նաեւ
զանազան
թուականներով
գիրեր
կը
մատուցանէ
ֆրանս.
Հանրապետութեան
նախագահ
Տէշանելի,
ծերակոյտի
նախագահ
Լէոն
Պուրժսւայի,
Սան-Ռէմօի
գերագոյն
խորհուրդի
նախագահ
Նիթթիի
եւ
այլ
բարձրաստիճան
պաշտօնատարներու,
կը
տեսակցի
պատերազմական
նախարար
Անտրէ
Լէֆէրին,
արտաքին
գործոց
Յանձնաժողովի
անգամ
Պրիանի
հետ.
այցելութիւնը
կ՚ընդունի
նախկին
նախարար
եւ
հայասէր
Տընի-Քօշէնի,
եւայլն:
Ասոնց
ամենուն
ալ
կը
պարզէ
Կիլիկիոյ
Հայոց
կրած
ծանր
տագնապը:
Այս
ուղեւորութեան
առթիւ
Ապրիլ
17ին
Սահակ
կթղ.
ուխտագնացութիւն
մը
կատարած
է
Սէն-Տընի
թաղուած
Հայոց
Լեւոն
Ե.
ի
դամբարանին
եւ
«Հոգւոց»
մը
կարդացած
է
եւ
յանուն
Կիլիկիոյ
հայութեան
պսակ
մը
դնելով
արտասանած
է
սրտառուչ
ուղերձ
մը:
Վենետիկի
Ս.
Ղազարի
Մխիթարեանց
Միաբանութեան
այցելութիւն
մը
տալէն
յետոյ
այցելած
է
նաեւ
Լոնտրա
եւ
Մանչէսթըր:
Կթղ-ը
իր
այցելութեանց
մէջ
ամէն
տեղ
ընդունուած
է
սիրալիր
եւ
պատշաճ
մեծարանքներով
եւ
փոխադարձաբար
շնորհած
է
իր
օրհնութիւնը:
Կթղ-ին
ուղեւորութիւնը
կը
տեւէ
ութ
ամիս,
նոյն
տարւոյն
Նոյեմբեր
1ին
ողջամբ
կը
ժամանէ
Կիլիկեցի
ժողովրդեան
մօտ
ու
անոր
կը
հաղորդէ
այն
յոյսերը
ու
խոստումները
որոնք
շռայլուեցան
իր
կատարած
դիմումներուն
առթիւ:
Յետոյ
պատահած
եւ
վշտալի
դէպքերը
ցոյց
տուին
շռայլուած
նոյն
յոյսերուն
եւ
խոստումներուն
արժէքը:
Կթղ-ին
այս
ուղեւորութեան
եւ
Կիլիկիոյ
վերջին
ցաւալի
աղէտքներուն
մանրամասնութիւնները
տեսնել
Վ.
Լ.
Խուպէսէրեանի
գրած
Օրագրութիւն
ուղեւորութեան
յեւրոպա
Սահակ
Բ.
կաթողիկոսին
Կիլիկիոյ
խորագիրով
գիրքին
մէջ
(տպ.
Հալէպ,
1928):
Կիլիկիոյ
ժողովուրդը
Սիւրիոյ
կողմերը
ստիպուած
ըլլալով
գաղթել,
Սահակ
կթղ.
վերջնականապէս
թողուց
Սիսի
իր
Աթոռը,
եւ
հաստատեց
զայն
Սիւրիոյ
մէջ:
Քանիցս
դիմաց
էր
Ս.
Յակոբեանց
Աթոռին
խնդրելով
Սիւրիոյ
Երուսաղէմական
կալուածներուն
յանանձումը
Միաբանութեան
պահուելով`
եկեղեցիները,
դպրոցները
ու
վանատունները
իրեն
տրամադրութեան
տակ
դրուին
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան
նորոգ
կազմակերպութիւնը
դիւրացնելու
համար:
Ս.
Յակոբեանց
վանքին
Տնօրէն
Ժողովը
երկար
ժամանակ
խորհրդակցութիւններ
կատարելէ
վերջ,
յարմար
գտաւ
որ
տեղեկագիրով
մը
առաջարկ
տանի
Միաբանական
Ընդհ.
Ժողովին
այս
խնդրոյ
մասին
որոշում
մը
տալու
համար:
Միաբ.
ժողովը
1929
Մարտ
26ին
գումարուեցաւ
եւ
տեսնելով
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան
օգնելու
պէտքը,
միաձայնութեամբ
որոշեց
գոհացում
տալ
կթղ-ի
առաջարկին
եւ
յետս
կոչել
Սիւրիոյ
իր
տեսուչները`
Ս.
Աթոռ
պատկանող
Սիւրիոյ
եկեղեցիները,
դպրոցները
ու
վանատունները
յանձնուեցան
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան,
եւ
միայն
կալուածները
ըստ
առաջնոյն
մնացին
Ս.
Աթոռին:
Սահակ
կթղ.
ունի
երկասիրութիւններ
որք
են.
Համառօտ
աշխարհագրութիւն
Բնական,
Քաղաքական,
Ուսումնական
ի
Գ.
Ս.
Խ.,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1874).
Նոր
դասագիրք
տիեզերագրութեան,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1876).
Բովանդակութիւն
ազգային
սեպհականութեանց,
ընկերովի
իրաւանց,
արարողութեանց
եւ
սովորութեանց
ի
տնօրինական
սուրբ
տեղիս.
(տպ.
Երուսաղէմ,
1880).
Բնական
պատմութիւն,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1888).
Պատմ.
Հին
Կտակարանի,
1896.
Բաղդատութիւն
տպագիր
Սոկրատի
եւ
Երուսաղէմի
ձեռագրին,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1898):
Պատրաստած
է
նաեւ
Ս.
Յակոբի
Մատենադարանին
ձեռագիրներու
ընդարձակ
ցուցակագրութիւնը
(կիսկատար
եւ
անտիպ)
զոր
նուիրած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՍԱՀԱԿ
ՊԵ.
(1152-1180).
Ս.
Ներսէս
Շնորհալի
եւ
Գրիգոր
Տղայ
կաթողիկոսներու
հրաւէրով,
երկիցս
գացած
է
Կիլիկիա
եւ
ներկայ
եղած
է
Հռովմկլայի
երկու
ժողովներուն
(1167
եւ
1179)
որ
գումարուած
են
Հայոց
եւ
յունաց
Միաբանութեան
խնդիրին
համար:
Սահակ
պտրք.
նոյն
ժողովներու
արձանագրութիւններու
մէջ
ստորագրած
է
հետեւեալ
կերպով.
Սահակ
Արքեպս.
աստուածակոխ
քաղաքին
Երուսաղէմի:
ՍԱՀԱԿ
ՊԵ.
ԵՒ
ՊԿ.
ԱՊՈՒՉԵԽՑԻ
(1708-1714).
Սահակ
պտրք.
կը
մնար
Կ.
Պոլիս,
եւ
իր
կողմէն
փոխանորդ
մը
կը
վարէր
Ս.
Յակոբի
վանքին
գործերը:
Կոլոտ
իր
տպագրած
Վարք
Հարանցի
յիշատակարանին
մէջ
հետեւեալ
կերպով
կը
գնահատէ
Ապուչեխցին.
«…
այլ
արդ
զՍահակ
վսեմազարդ
վարդապետն
յիշեսցէ
Տէր
որ
կարի
սիրով
ընկալաւ
զմեզ
ի
գալն
մեր
յաստուածակեցոյց
քաղաքս
Բիւզանդիոյ.
»:
Սահակ
պտրք-ի
կարգադրութեամբ
Կոլոտ
ղրկուած
է
Երուսաղէմ
իբր
Աթոռաւալ
եւ
վէքիլ
1713ին,
եւ
այս
կարգադրութեամբ
էր
որ,
պատմիչին
ըսածին
պէս,
«սակաւ
ինչ
շնչառութիւն
եղեւ
սրբոյ
Տանս
այնորիկ»:
Սահակ
պտրք.
ընդօրինակած
է
Գէորգ
Սկեւռացիին
Եսայեայ
մեկնութեան
գիրքը
եւ
ընծայած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին.
այդ
ձեռագիրը
այժմ
կը
գտնուի
Զմմառի
վանքի
ձեռագիրներու
ցուցակագրութեան
մէջ.
եւ
յիշատակարանն
է
հետեւեալը.
«գիրքս
եսայեայ
սբ.
մարգարէին
մեկնիչ
է.
զոր
գրեալ
ետուր
տէր
Իսահակ
վրդն.
եւ
երջանիկ
պատրիարք
քրիստոնէական
Աթոռոյս
Երուսաղէմի
եւ
կ.
պօլսոյ
ի
արդեանց
իւրոց,
խնդրի
ուրեմն
ընթարցողայդ
տալ
զողորմի
վերոգրեալ
մեծի
վեհին
եւ
ամենայն
արեանառու
մերձաւորաց
իւրոց:
Եւ
արդ
եդեալ
եղեւ
գիրքս
ի
յիշատակ
սրբոյն
Յակոբայ
ձեռամբ
Սարգիս
սարկաւագին
եւ
ծրեալ
եղեւ
փոքր
(բառ
մը
չի
կարդացուիր)
հրամանաւ
նոյնոյ
վեհին.
մհտ.
Յօհան
Չէլէպուն.
ՌՃԿԱ
(=1712)
թուին
եւ
օգոստ.
եշ.
Յովհաննէս.
»
(Ցուց.
Զմմառի,
Թ.
388,
անտիպ):
Իսկ
Ս.
Յակոբի
նուիրած
իր
յիշատակներու
մասին
տեսնել:
ՄՁ.
Թ.
532
ՍԱՀԱԿ
ՎԱՆՑԻ
1879ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
որուն
կը
նուիրէ
յիսուն
օսմ.
ոսկի,
նոյն
գումարը
վանական
վարչութիւնը
կը
յատկացնէ
Յոպպէի
վարժ-ի
շինութեան
եւ
կը
հաստատէ
նոյն
վարժարանին
վրայ
յիշատակարան
մը:
Արձնգր.
Տն
Ժողով.
1883,
էջ
406
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԱԼԱՇԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1801ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԱԼԱՇԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1817ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ,
ԲԱԲԵՐԴՑԻ
Մբ.
աշկ.
Սահակ
վրդ.
Գաղատացիին,
որուն
ընկերացած
էր
Հնդկաստան
նուիրակութեան
երթալուն.
աւազանի
անունը
Սարգիս.
Ձռ.
1849ին.
ՓԿԵ.
(1858-1864).
պտրք.
Տեղապահ
1860ին.
1860ին
Ազգ.
վարչութեան
եւ
Ս.
Յակոբի
Միաբանութեան
միջեւ
ծագած
ներսէն-դրսէն
խնդիրներուն
առթիւ,
ձեռք
կը
բերէ
Հաննէի
պատմութեան
մէջ
յիշուած
նզովքները
հաստատող
Մատթէոս
կթղ-ի
1861ի
սեպտ.
1
եւ
համար
455
կոնդակը:
Եպս.
կը
ձեռնադրուի
1863ին:
Նորընտիր
Եսայի
պտրք-ին
հրաւէրով
Ս.
Յակոբ
կը
դառնայ
եւ
պատուիրակ
կը
կարգուի
Եգիպտոսի
1865ին.
ընկերակցութեամբ
Տիմոթէոս
վրդ.
Սափրիչեանի
կ՚ուղեւորի
Հապէչիսթան
1867ին
եւ
կը
վերադառնայ
Երուսաղէմ
1869ին.
մանրամասնութիւնները
տեսնել
(Սիօն,
1869).
կ՚ընտրուի
լսպ.
եւ
կը
վախճանի
1883ին
ու
կը
թաղուի
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
(Պէշիկթաշ).
Հայրը
Աստուածատուր,
մայրը
Երանուհի.
Ծ.
1870ին.
1890ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
նոյն
թուականին
ուրար
կ՚ստանայ
Ս.
Յակոբի
մէջ
եւ
կ՚ընկերակցի
Հնդկաց
Նւ.
Գաբրիէլ
վրդ.
Անոյշեանի.
եւ
հասնելով
Էջմիածին`
հոն
կը
մնայ
իբրեւ
օգն.
Լսպ-ի
(1890-94).
Խրիմեան
Հայրիկի
կթղ-ական
հրամանովը
1894ին
կը
մեկնի
Սուլինա
իր
հետ
տանելով
ս.
միւռոն
եւ
օծեալ
վէմ-քար
մը
տեղւոյն
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
եկեղեցիին
հիմնարկութեան
առթիւ.
երկրորդ
անգամ
ալ
եկեղց.
զգեստ
եւ
գիրքեր
տանելով,
կրկին
կը
վերադառնայ
Ս.
Էջմիածին
եւ
կը
շարունակէ
Լս-ի
պաշտօնը,
միեւնոյն
ժամանակ
կը
հսկէ
Հայրիկեան
թանգարանին
(1897-1910):
Ձռ.
Սեւանի
վանքին
մէջ
1903ին`
կը
վարէ
Հաղարծնի,
Հռիփսիմէի
եւ
Շողակաթի
վանքերու
տեսչութիւնը
եւ
յետոյ
առժամաբար
երկու
տարի
ալ
կը
հսկէ
Զուարթնոցի
հնութիւններուն:
1910ին
Տարօն
կը
հրաւիրուի
Առ.
Խարախանեան
Ներսէս
եպս-էն.
1911-12ին
կը
կազմակերպէ
Մշոյ
Ս.
Կարապետի
մատենադարանը
եւ
թանգարանը,
որուն
կը
նուիրէ
322
հատոր
այլեւայլ
գիրքեր,
22
կտոր
ձեռագիր
եւ
այլ
եկեղց.
իրեղէններ.
1912ին
դարձեալ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
միաբանակցի:
1921ին
կ՚ընտրուի
գաւազանակիր
Տ.
Եղիշէ
Ս.
Պատրիարքին
եւ
նոյն
պաշտօնը
կը
շարունակէ
ցարդ:
Հրատարակած
է
Պատկերացոյց
Հաւաքածոյ
մասնաւոր
հնութեանց
Մայր
Աթոռոյ
Ս.
Էջմիածնի
եւ
շրջակայից
Պրակ
Ա.
(տպ.
Վաղարշապատ
1910).
Բ.
Պրակ:
տպ.
Երուսաղէմ,
1913
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ՏԷՐ
ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ,
ԳԱՂԱՏԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1832ին,
թարգման
(1834-39).
աւազանի
անունը
Հայրապետ.
պատրիարքական
ընտրութեան
առթիւ
Պոլիս
կը
ղրկուի
իբր
պատուիրակ
(1840
Ապր.
25).
նորընտիր
Զաքարիա
պտրք-ի
հրովարտակը
բերէ
Երուսաղէմ
1841ին.
Նւ.
Հնդկաց
1842ին.
կ՚աշխատիհնդկահայ
վիճակը
կցել
Երուսաղէմի
պատրիարքութեան
ինչպէս
կը
վկայուի
հետեւեալ
տողերով.
«Անցեալ
խաղացեալ
մեր
անտի
ի
Կալկաթա,
գտանեմք
զԻսահակ
Ծ.
վարդապետ
նուիրակն
Երուսաղէմի
բազմեալ
յաթոռ
մեծի
իշխանութեան,
ի
կողմն
իւր
համոզեալ
զհասարակութիւնն,
բարձեալ
զանուն
թեմակալ
առաջնորդի`
յերգս
գոհութեան
սրբոյ
պատարագի,
եւ
ի
մէջ
բերեալ
զանուն
Զաքարիա
պատրիարքին
Երուսաղիմայ.
ջանս
ի
վերայ
թափէ
անդրափոխել
զՀնդկաստան
ի
տէրութեան
եւ
իշխանութեան
տեղւոյն,
եւ
ժողովուրդն
հաճոյ
այսմ».
(Խաչիկեան,
էջ
46-47):
Սահակ
վրդ.
Հնդկաստանէն
մեկնած
պահուն,
տեղւոյն
ժողովուրդէն
կ՚ստանայ
(17
Մայիս,
1844)
արուեստագործ
գեղեցիկ
ոսկեզօծ
գաւազան
մը
եւ
մագաղաթեայ
ուղերձ
մը.
Ճիտտէ
հասնելուն`
կը
հիւանդանայ
եւ
կը
վախճանի
հոն
1847ին:
1854
Օգոստ.
30ին
իր
ոսկերոտին
կը
փոխադրուի
Երուսաղէմ
եւ
կը
թաղուի
Սիոնի
գերեզմանատունը.
հետեւեալն
է
իր
տապանագիրը.
«Աստ
Հանգչին
ոսկերք
Տ.
Իսահակ
Ծ.
վրդ-ին
Բազմարդիւն
նուիրակի
Հնդկաց
Որ
Դարձին
ի
Ճիտտէ
վախճանի
8
Մայիս
1843
եւ
ի
ձեռն
աշակերտի
իւրոյ
Տ.
Իսահակայ
վրդ-ի
փոխադրին
աստէն
նշխարք
ոսկերաց
1854
յիշատակ
արդարոցն
օրհնութեամբ
եղիցի»:
Սահակ
վրդ.
իր
թարգմանութեան
օրով
գրի
առած
է
(թէեւ
թերի)
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
Եգիպտոսի
Իպրահիմ
փաշայի
ներկայութեան
պատահած
ցաւալի
դէպքը`
որ
է
հետեւեալը.
«Լուսաւորեային
օրը,
ուխտաւորներու
բազմութեան
պատճառաւ
250
անձեր
(81ը
հայ)
տաճարին
մէջ
շնչահեղձ
կ՚ըլլան
եւ
մեծ
իրարանցում
տեղի
կ՚ունենայ
ու
մեծ
դժուարութեամբ
այս
դէպքին
առջեւը
կ՚առնուի»:
Սահակ
վրդ.
այս
պատմութեան
կցած
է
նաեւ
Իպրահիմ
փաշայի
մօտ
իր
կատարած
դիմումներու
պատմութիւնը:
Իր
ուղեւորական
օրագրութիւնը
հրատարակած
է
1846
ի
Ազգասէր
թերթին
մէջ
(թիւ
39
եւ
յաջորդները):
Աշխատասիրած
է
Յովսեփայ
գեղեցկի
զրոյցք
ընդ
Ասանեթայ
ամուսնոյ
իւրոյ
գործը,
որ
իր
մահուանէն
վերջ
հրարակուած
է
(1849)
Ս.
Աթոռոյ
տպարանէն
եւ
նուիրուած
Հնդկաստանցի
Յովսէփ
Աղաբէկեանի,
համաձայն
մտադրութեան
Սահակ
վրդ-ի,
վասն
զի
Յովսէփ
աղաբէկեան
եւ
իր
ահյրը
մեծ
խնամք
ունեցած
են
Ս.
Յակոբի
պայծառութեան
մասին.
Սահակ
վրդ.
ընդօրինակած
է
նաեւ
Մեկն.
Եսայեայ
մարգարէի
ձեռագիրը,
որ
կը
գտնուի
Ս.
Յակոբի
մատենադարանը.
(տե'ս
Արշ.
Արարատեան,
Նոյ
23,
1868).
ունի
ինքնագիր
հաւաքածոյ
մը
ճարտասանական
ճառերու,
որուն
ձեռագիրը
կը
մնայ
նոյնպէս
Ս.
Աթոռի
մատենադարանին
մէջ:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ
Մբ.
1822ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Մբ.
Նւ.
Ս.
Յակոբի,
կը
վախճանի
1742ին:
Իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
Երզնկացի
Սահակ
վարդապետին,
որ
փոխեցաւ
ի
թուին
ՌՃՂԱ
(=1742)
յիշեցէք
ողորմի
ասացէք.
»
Ս.
Յակոբի
տուած
յիշատակներու
մասին:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
1319ին
Սահակ
վրդ.
Յովսէփ
վրդ-ի
հետ
կ՚ուղեւորի
Եգիպտոս
եւ
Սուլթանին
դիմելով`
կը
յաջողի
հրովարտակ
ստանալ
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
Գողգոթայի
հայ
սեպհականութեանց
համար:
Ժպե.
Հատ.
Ա.
էջ
203-304
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
ՌՃՀԴ
(=1725)
թուին,
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Մեկն.
Մատթէոսի
ձեռագիրը,
ուր
կան
նաեւ
Ղուկասու
Աւետարանին
քաղուածոյ
մեկնութիւնը
եւ
Գրիգոր
Տաթեւացիին
զանազան
քարոզները:
Էջմ.
Ցուց.
էջ
255.
Թ.
1263
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ԿԱՐՆԵՑԻ?.
Մբ.
Պոլսէն
իրեն
ուղղուած
նամակի
մը
սա
կարճ
խօսքերը
նշանակալից
գտնելով`
նոյնութեամբ
կը
դնենք
հոս.
Մեծոփացւոց
թագի
եւ
Եմիփորսնի
կողնէն
թէպէտ
գրեալ
ես.
բայց
նա
եւս
ոչ
է
եկել…:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
(ՄԵԾ)
ԿԱՐԿԱՌԵՑԻ
Մբ.
Գրիգոր
վրդ.
Դարանաղցիին
ձեռագիր
Աստուածաշունչին
Հռութի
գիրքէն
վերջ
դրուած
յիշատակարանին
մէջ
այս
անձը
կը
յիշատակուի
ՌԾԵ
(=1606)
թուին:
Դարանաղցի.
էջ
603
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
(ՓՈՔՐ)
ԿԱՆՉԱՑԻ
Մբ.
ՌԾԵ
(=1606)
թուին
Ս.
Յակոբի
ջահավառ
եւ
լուսարար,
Գրիգոր
վրդ.
Դարանաղցիին
ձեռագիր
Աստուածաշունչի
Իմաստութեան
գիրքին
վերջը
դրուած
յիշատակարանին
մէջ
կը
յիշուի
այս
անձը:
Դարանաղցի.
էջ
602
եւ
605
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
նՒ.
Կեսարիոյ
1823ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Ղարսի
1727?ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Վանի
1823ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
վանի
1767ին.
Սահակ
վրդ-ի
եպիսկոպոսացման
մասին,
Սիմէոն
կթղ-ին
կողմէ
նամաը
մը
կը
գրուի
Վան
Յովհ.
քհ.
Մուշաղբիւրցիին
հետեւեալ
տողերով.
«…
որպէս
այժմ
գրեալ
էր
(Յովհ.
քհ.
)
գաղերս
վասն
Ս.
Երուսաղիմայ
նուիրակ
Սահակ
վրդ-ին
օրհնել
եպիսկոպոս,
որ
այժմ
եկեալ
էր
ի
Ս.
Աթոռս,
վերստին
յօրհնել
եպս.
որպէս
յառաջ
եւս
էր
միանգամ
եկեալ
եւ
ունայն
դարձեալ
զոր
եւ
այժմ
ունայն
դարձոյց
Ս.
Վեհն»:
Դիւան.
Գիրք
Գ.
էջ
747
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Վրաց
1720ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Նւ.
Սսոյ
եւ
Հալէպի
1750ին,
աշկ.
Նալեան
Յակոբ
պտրք-ի,
կը
վախճանի
ի
Լաթաքիէ
1750ին:
Նամականի,
էջ
124
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Սսոյ
1751ին,
վախճանեալ
Սահակ
վրդ-ի
տեղ
վրդ.
կը
ձեռնադրէ
Նալեան
Յակոբ
պտրք:
նամականի
էջ
260
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
Պարոնտէր
պտրք-ի
ժամանակ
եւ
կը
մասնակցի
ընդհ.
նուիրատուութեան:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
Մինաս
Ամդեցիին
Օրագրութեան
մէջ
կը
յիշատակուի
իբր
Նւ.
Ամիդի
եւ
շրջակայից
(1694-1701):
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ՇԱՏԱԽՑԻ
Մբ.
ՏՅ.
1802ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ՉԱՆԱԳՔԱԼԷՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1803ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ,
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1905ին.
ՏՓ.
1906-7յ.
մատակարար
(1909-10).
հիւրընկալ
(1911-12).
ՏԲ.
1912ին.
ՏՊ.
1914ին.
կը
նահատակուի
Տիգրանակերտի
մէջ
1916ին:
ՍԱՀԱԿ
ՎՐԴ.
Մբ.
ՏՅՊ.
1851ին:
ՍԱՀԱԿ
ՔՀ.
ՂԱԼԱԹԻԱՑԻ
1658ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այեցլէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ուր
կը
վախճանի
նոյն
տարին
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Փրկչի
վանքը,
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
Ղալաթացի
տէր
Սահակին
թվին
ՌՃԷ
(=1658)
որ
փոխեցաւ.
ամէն»:
ՍԱՄՈՒԷԼ
ԵՊՍ.
Մբ.
Լս.
Ս.
Յարութեան.
1583ին
Միքայէլ
կթղ-ի
օրով,
Սեբաստիա
գումարուած
ժողովին
ներկայ
կ՚ըլլայ
Երուսաղէմի
Անդրէաս
պտրք-ին
հետ.
(Հա.
1906.
էջ
323).
իբր
Լս.
կը
յիշատակուի
նաեւ
Երուսաղէմի
Աստուածատուր
պտրք-ին
Կ.
Պոլսէն
1589ին
Լեհացոց
գրած
կոնդակին
մէջ
(Կամենից.
էջ
231-38).
նոյն
կոնդակը
գրուած
է
1539ի
Ծռազատկի
առթիւ:
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ընդօրինակուած
եւ
Կիւմիւշխանէի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին
մատենադարանին
նուիրուած
(Թ.
7)
ձեռագիր
Աւետարանի
յիշատակարանին
մէջ
Լսպ.
Սամուէլ
եպս-ի
մասին
կը
կարդանք
հետեւեալ
տողերը.
«…
բարեմիտ
եւ
սրբասէր
Տէր
Սամուէլ
եպս-ն,
ստացաւ
Ս.
Աւետարանս
ի
վայելումն
անձին
իւրոյ
եւ
յիշատակ
անջնջելի.
գրեալ
եղեւ
սա
ի
սուրբ
քաղաքս
Երուսաղէմ.
ընդ
հովանեաւ
սուրբ
առաքելական
աթոռոյս,
ուր
հանգուցեալ
կայ
գլուխ
աստուածարեալ
Ս.
Առաքելոյն
Յակոբայ
որդւոյն
Զեբեղիայ
եւ
այլ
ամենայն
Տնօրինականաց
Տեառն
աստուծոյ
մերոյ.
ի
թուին
հայոց
ՋՂԸ
(=1549)»:
Արարատ
1905.
էջ
724
ՍԱՄՈՒԷԼ
ԵՊՍ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Ծնողքն
Աստուածատուր
եւ
Մախտում
(ՄՁ.
Թ.
406).
աշկ.
Կոլոտ
Յովհ.
պտրքի.
Ծ.
1706ին.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1749ին.
փոխանորդ
Նալեան
Յակոբ
պտրք-ի
Պոլսի
մէջ.
Նւ.
Նիկոմիդիոյ
(Նամականի,
էջ
270).
ՓԿԵ.
(1752-56).
Առ.
Պրուսայի
(1756-1780).
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1767ին
եւ
կը
նախագահէ
Կարապետ
պտրք.
Գանձակեցիին
յուղարկաւորութեան
եւ
թաղման,
կ՚առաջարկուի
իրեն
Երուսաղէմի
պատրիարքութեան
պաշտօնը,
զոր
կը
մերժէ,
վասն
զի
Պրուսացիք
գրած
էին
Նալեան
պտր-ի
թէ`
զի
Ղազար
կաթողիկոսն
ձեռնադրեալ
էր
զնա
եպիսկոպոս
Պրուսայու.
ճիշտ
այս
միջոցին
հրաւէր
կ՚ստանայ
Սիմէոն
կթղ-էն
Ս.
Էջմիածին
գնալու
եւ
իր
հետ
տանելու
Գասպար
ամիրա
Մուրատեանը
եւ
Յարութիւն
ամիրան.
որ
ուխտաւորութեամբ
Ս.
Յակոբի
վանքը
կը
գտնուէին
(Դիւան.
Գիրք
Գ.
էջ
751):
Յակոբ
կթղ.
Շամախեցիին
տեղ
կաթողիկոսական
ընտրելի
էր
թէեւ,
բայց
չի
յաջողեցաւ
(Չամչ.
Գ.
871).
Կ.
Պոլսի
պտրք.
կ՚ընտրուի
Նալեանի
առաջարկովը,
բայց
կը
հրաժարի
ու
կ՚ըսէ.
ես
զիմ
սեփական
թեմիս
եւ
վիճակիս
զմէկ
ծեր
պառաւն
ձեր
բոլոր
պատրիարքութեան
չեմ
փոխանակեր.
զի
ըստ
որում
ընդ
այս
վիճակ
եմ
պսակեալ
յառաջագոյն
(Յպգպ.
էջ
91-94):
Կ՚ուղեւորի
Հռովմ
եւ
Վենետիկ
(1772-75).
կը
կարգուի
ձեռնադրիչ
եպս.
Հռովմի
(1774-80).
կը
վերադառնայ
Հռովմէն
եւ
կը
կարգուի
քարոզիչ
Խասգիւղի
եկեղեցիին
(1780-86)
ուր
կը
վախճանի.
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
Սամուէլ
վրդ-ի
եւ
Արքեպս-ի
առաջնորդի
վիճակին
Պրուսայի.
որ
գոլով
ութսուն
ամաց
հանգեաւ
ի
Քրիստոս
ի
թուականին
հայոց
ՌՄԼԵ
(=1786):
(Երեւակ.
1859.
էջ
232-234.
Սարաֆ.
էջ
262-174):
Սամուէլ
եպս.
յօրինած
է
1780ին
Կրթութիւն
մտածական,
Ջերմեռանդութիւն
աղօթից,
եւ
Կրթութիւն
եօթանց
խորհրդոց
աշխատութիւնները
(Լոյս.
1905.
էջ
967):
Իր
ընդօրինակութիւնն
է
Լուծումն
հինգ
ձայնից
ի
Դաւթայ
եւ
այլն
խորագրով
ձեռագիրը»:
ՄՁ.
Թ.
407
ՍԱՄՈՒԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
1824ին,
հրաւիրակ
ուխտաւորներու:
ՍԱՄՈՒԷԼ
ՎՐԴ.
ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ,
ՍՂԵՐԴՑԻ
Մբ.
Ծ.
1852ին.
Ձռ.
1883ին.
ՏԴ.
(1885-88).
ՏՅՊ.
1889ին.
ՏՓ.
(1891-93).
ՏՅ.
(1893-95).
ՏՀ.
(1895-1905).
Բ.
անգամ
ՏՀ.
(1911-1916),
կը
վախճանի
6
Յուլիս
1916ին:
ՍԱՄՈՒԷԼ
ՎՐԴ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1807ին.
Նւ.
Թօգատի
1821ին.
Նւ.
Հնդկաց
(1832-34).
կը
վախճանի
Կալկաթայի
մէջ
եւ
կը
թաղուի
տեղւոյն
Ս.
Նազարէթ
եկեղեցիին
գաւիթը
1834ին.
ի
նպաստ
Ս.
Աթոռոյ
տպարանին
կը
կտակէ
150.
000
ղրշ.
եւ
կտակակատար
կը
կարգէ
Կարապետ
Յակոբեան
հնդկահայը,
կտակեալ
գումարին
մէկ
մասը
կը
յատկացուի
Գհիրէի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին
շինութեան:
ՄՁ.
Թ.
113
ՍԱՅԱԹ
(Մհտ.
)
ԱՒԱԳՈՎ,
ԵՐԵՒԱՆՑԻ
(Գառնի
Պասար
գիւղէն)
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
ոսկի
սկիհ
մը
ի
յիշատակ
Մարգար
հօրեղբօրը
եւ
ծնողաց:
Ցուց.
Պ.
ՍԱՐԳԻՍ
ԱԲ.
1609ին
Ս.
Աթոռոյ
մատենադարանին
կ՚ընծայէ
ձեռագիր
Շարական
մը
(ՄՁ.
Թ.
1663),
հետեւեալ
յիշատակարանով.
«Զվերջին
ստացող
շարակնոցիս
զտր.
Սարգիս
կրօնաւորն
յիշեցէք
ի
տր.
որ
եդի
զսա
յիշատակ
ի
սբ.
քղքս.
յեմ.
ի
դրունս
սրբոյն
Յակոբայ
ինձ
եւ
ծնողաց
իմոց…
թվ.
ՌԾԸ
(=1609)
եդի
յիշատակ
ի
յառաջնորդութեան
տեղւոյն
տր.
դւթ.
արհիեպիսկոպոսին,
եւ
վերակացաւ
եւ
տեղապահ
սբ.
Աթոռոյս
Գրիգոր
աբեղային…»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
Ի.
էջ
1529
ՍԱՐԳԻՍ
ԱՐԾԿԵՑԻ,
ՄԵԼԻՔԵՆՑ
ՊՁԸ
(=1439)
թուինՍ.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Կիրակոս
Արեւելցիին
Յայսմաւորքը,
որուն
յիշատակարանին
մէջ
կը
պատմէ
Վրաց
կողմէն
կատարուած
Գողգոթայի
յափշտակութիւնը,
(տե'ս
Մրտս.
պտրք.
Եգիպտացի
եւ
ՄՁ.
Թ.
75):
Շահեկանութեանը
համար,
նոյն
ձեռագիրին
յիշատակարանին
հետեւեալ
մասը
կ՚ընդօրինակենք
հոս.
«…
Քանզի
գրեցաւ
սա
ի
աստուածակոխ
քաղաքս
յԵրուսաղէմ
տասն
եւ
եօթն
տետրակս
ի
մէջ
Յարութեանս,
ընդ
հովանեաւ
աստուածընկալ
եւ
լուսաբուղխ
գերեզմանիս
եւ
նորակնունք
սբ.
վերնատանս,
երկրորդ
գողգոթայիս,
ձեռամբ
յոգնամեղ
եւ
անարհեստ
գրչի
Սարգիս
անպիտան
ծառայի,
ի
վայելում
մանկանց
Սիոնի:
Արդ
աղաչեմ
զձեզ,
ով
մանկունք
սբ.
եկեղեցւոյ.
որք
հանդիպիք
սմա
տեսանելով
կամ
ընթեռնելով
եւ
կամ
աւրինակելով`
յիշեցէք
ի
մաքրափայլ
աղօթս
ձեր
ամենայն
աւրհնութեանց
արժանաւոր
զտէր
Մարտիրոսն,
սրբասնեալ
եւ
առաքելաշնորհ
արքեպիսկոպոսն
երուսաղիմայ
եւ
զծնողս
իւր.
որ
ետ
գրել
զսա
առ
ի
յիշատակ»:
Խապ.
Ցուց.
էջ
213
ՍԱՐԳԻՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ԵԹՈՎՊԱՑԻ?.
Մբ.
Հաւաքմունք
Փիլիպպոս
Թաթարի
Արղութեան
ձեռագիրին
մէջ
յիշատակագրութիւն
մը
կայ
հետեւեալ
տողերով.
«Օրինակող
բանիս
իրաւափառ
իրաւախոհ
Փիլիպպոս
թաթար
Արղութեան
Մաշկերտացւոյ.
աշակերտ
Սարգսի
վարդապետի
եթովպացւոյ,
ի
միաբանութենէն
սրբոյն
յակոբա
վանացն
երուսաղէմա.
ամի
Տեառն
1829.
Յունվարի
24.
Դրիէսթ.
իմ
դուզնաքեայ
հանդերձ
ավելվածովք:
Փիլիպպոս
թաթար»:
Նոյն
ձեռագիրին
մէջ
ուրիշ
տեղ
մը
Փիլիպպոս
թաթար
իր
մասին
կը
գրէ.
«30
տարի
է
ֆռանկաց
երկիրն
եմ`
ամենեւին
չլսեցի
հալածումն».
յետոյ
գրիչը
կ՚աւելցնէ.
«յաշակերտացն
Սարգիս
վարդապետի
ֆէրմանեան
եւդոկիացւոյ`
մտերիմ
իրաւախոհ
փիլիպպոս
դպիր
Առխութեանց
Մաշկերտցւոյ».
(Տաշ.
Ցուց.
էջ
388-89):
Եւդոկիացի
մականունը
շփոթուած
կը
թուի
Եթովպացիին
հետ:
Սարգիս
վրդ.
Ֆէրմանեան
1768ին
վարած
է
Թիֆլիսի
նուիրակութեան,
դարպասընկալի
եւ
փոխանորդի
պաշտօնները.
1773ին
ալ
ընդօրինակած
է
մեկն.
ժբ.
մարգարէից
եւ
1777ին
մեկն.
երգոց
երգոյն
խորագրով
Կուռնելիոս
Վեմեանի
կամ
վեմականի
(a
Lapide)
գիրքերը,
(թարգմ.
Ղուկաս
վրդ.
Խարբերդցիի,
1746ին)
(ՄՁ.
Թ.
24
եւ
643).
Սարգիս
վրդ.
վախճանած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
եւ
յիշատակ
թողած
է
երկու
արծաթեայ
գոգնոցներ:
ՍԱՐԳԻՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՋԱԼԱԼԵԱՆ,
ԱՐՑԱԽԵՑԻ
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի.
Ծ.
1810ին.
վարած
է
քարոզչական
եւ
առաջնորդ,
պաշտօններ
Ռուսաստանի
մէջ,
1867ին
հրաւիրակ
Գէորգ
Դ.
կթղ-ի
Գրիգոր
վրդ.
Մուշեղեանցի
եւ
Նիկողայոս
պէյ
Յովսէփեանցի
հետ:
1869ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
նոյն
տարին
Եսայի
պտրք.
կը
շնորհէ
անոր
ծաղկեայ
փիլոն
եւ
գոհարազարդ
մատանի
մը
անուանելով
զՋալալեան
պատուակալ
անդամ
Ս.
Յակոբի
Միաբանութեան:
Գէորգ
Դ.
կթղ-ը
կոնդակով
մը
Սարգիս
արքեպս.
Ջալալեանը
1868
սեպտ.
13ին
Պոլիս
կը
ղրկէ
իբր
իր
մնայուն
ներկայացուցիչը,
բայց
պետական
եւ
ազգային
տեսակէտով
Սարգիս
արքեպս-ին
այս
նոր
պաշտօնը`
նախընթաց
չունենալուն`
կը
մերժուի,
եւ
Պոլսէն
կը
մեկնի
1869
Յունիս
14ին
եւ
կը
վերադառնայ
Էջմիածին.
(Ազգպտմ.
էջ
4156-58):
Ջալալեան
արքեպս.
1878
սեպտ.
28ին
կը
պատրաստէ
իր
կտակագիրը,
որով
Ազգին
կը
կտակէ
25.
000
րուբլի
եւ
պայման
կը
դնէ
որ`
երբ
այդ
գումարը`
125
տարիէն`
տասներկու
միլիոն
արծաթ
րուբլիի
հասնի,
այն
ժամանակ
միայն
գործադրուի
իր
կտակը,
եւ
կտակակատար
կը
կարգէ
Մոսկուայի
Լազարեան
Ճեմարանի
վարչութիւնը:
Իր
կտակագիրին
մէջ,
Ս.
Յակոբի
վանքին
նկատմամբ
կայ
հետեւեալ
տրամադրութիւնը.
կտակին
24
մասերէն
«զերկու
մասն
տացէ
Աթոռոյն
սրբոյ
Երուսաղէմի.
Վասն
կառուցանելոյ
եւ
պահպանելոյ
անդ
զուսումնարան
ժառանգաւորաց».
(Արձնգր.
Տն.
ժողով.
նիստ
ԻԴ.
1911,
էջ
76).
այս
կտակին
վերաբերմամբ
ուրիշ
մանրամասնութիւններու
համար
տեսնել
(Ազգպտմ.
էջ
4460-63):
Կը
վախճանի
1879,
Հոկտ.
16ին
Տփղիսի
մէջ
եւ
կը
թաղուի
վանքի
մայր
եկեղեցիին
բակը:
Իր
երկասիրութիւնըն
է
Ճանապարհորդութիւն
ի
մեծն
Հայաստան:
հատ.
Ա.
տպ.
Թիֆլիս
1842,
հատ.
Բ.
1852
ՍԱՐԳԻՍ
ԳԱԼՖԱ
Ս.
Յակոբի
Ս.
Մինաս
մատրան
երկաթեայ
դուռը
կը
շինէ
1733ին.
հետեւեալ
յիշատակարանը
զետեղուած
է
նոյն
դրան
վրայ
«Յիշատակ
է
դուռս
այս
սեմօքն
հանդերձ
մահտեսի
Սարգիս
բարեպաշտ
խալֆային
եւ
ծնողացն
մհտ.
Յովհաննէսին,
եւ
մհտ.
Հաղինէին
եւ
ամենայն
զարմից
նոցին
ՌՃՁԲ»
(=1733):
Իր
տուած
յիշատակի
մասին
(տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532):
ՍԱՐԳԻՍ
ԳԱԼՖԱ,
ԷՋՄԷՑԻ
1850-54,
Յովհաննէս
պտրք-ի
օրով,
ճարտարապետը
եղած
է
նոյն
պատրիարքին
շինել
տուած
հոյակապ
պատրիարքարանի
շէնքին:
1870ին
դարձեալ
Երուսաղէմ
կ՚այցելէ
Էօմէրի
մզկիթը
նորոգելու
համար:
Սիօն,
1870,
էջ
222
ՍԱՐԳԻՍ
ԴՊԻՐ,
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ
Մբ.
որդի
թաշճի
Յարութիւնը.
ՌՃՂԴ
(=1745)
թուին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚նըդօրինակէ
Գրիգոր
վրդ.
Տաթեացիին
մեկն.
Յոբայ
գիրքը.
լսպ.
Աստուածատուր
վրդ-ի
համար,
նոյն
ձեռագիրը
Ս.
Աթոռի
Մատենադարանը
կը
գտնուի
(ՄՁ.
Թ.
800),
ՌՄԷ
(=1758)
թուին
ընդօրինակած
է
նաեւ
Փիլոնի
ծննդոց
եւ
ելից
մեկնութեան
գիրքը
(ՄՁ.
Թ.
157),
Ստեփանոս
Գոյներիցանցի
աշակերտ
Վահրամ
սարկաւագի
գաղափարին
վրայէն`
որուն
յիշատակարանն
ունի
սա
խօսքերը.
«ի
ծոցն
սնուցչի
իմոյ
աստուածաբնակ
տաճարին
Աստուածածնի
եւ
սուրբ
փրկչի
Անապատին
Արմէնի»:
Սարգիս
դպիր
ընդօրինակած
է
նաեւ
ստորոգութիւնք
Արիստոտելի
գիրքը
Նշեցի
Սիմէոն
եպս-ի
համար.
որ
յիշատակ
տուած
է
զանյ
վերը
յիշուած
Փիլոնեան
ձեռագիրին
հետ
ս.
Յակոբի
մատենադարանին
(ՄՁ.
Թ.
791).
դարձեալ
ընդօրինակած
է
մեկն.
Մարկոսի
եւ
լուծ.
Դիոնեսիոսի
եւ
նիւսացւոյն
գիրքը
(ՄՁ.
Թ.
172).
1755ին
ալ
Ս.
Յակոբի
մէջ
ընդօրինակած
է
Յովհ.
վրդ.
Սպահանցիին
Մակացութիւն
ճշմարտութեան
անուն
գործը:
ՄՁ.
Թ.
665
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ԱՃԷՄԵԱՆ,
ԹԻՒՐՔՄԷՆՑԻ
(Պիլէճիկ)
Մբ.
Ծ.
1857ին.
Ձռ.
1898ին.
Ժառ.
Վարժ-ի
հսկող
եւ
հիւրընկալ
(1898-901).
թարգման
(1901-1907).
Առ.
Սեբաստիոյ
(1920-24).
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1924ին.
կը
վախճանի
12
Հոկտ.
1926ին
Մարսէյլի
մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ԽԱԲԼԱՆԵԱՆ
Մբ.
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիրի
օրով
կ՚ուղեւորի
ի
Քրէյմա,
(Լիբանան).
յետոյ
կ՚այցելէ
Հռովմ
ուր
կը
վախճանի
1729ին
եւ
կը
թաղուի
Հայոց
Ս.
Մարիամ
Եգիպտացի
եկեղեցիին
գաւիթը,
համաձայն
իր
տապանագիրին`
Սարգիս
եպս.
աշակերտը
եղած
է
տիրացու
Սիմէոնի:
Հոս
կը
դնենք
իր
տապանագիրը.
«Այս
է
տապան
Սարգսի
եպիսկոպոսի
աշակերտի
տիրացու
Սիմէոնի
որ
եկեալ
ի
Հռօմ
վճարեաց
զկե
անս
իւր
ի
թվի
փրկչին
ՌՉԻԹ
(=1729)
ի
(ն
տ.
)
Յունվարի
ժզ-ին»
Սարգիս
Սարաֆ.
էջ
298.
Հա.
1902
էջ
292
եւ
1907
էջ
379
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ԿՈՒԶԻԿԵԱՆ,
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
կնիքը
1754ին
1791ի
Ս.
Յակոբի
վանքին
վեց
նազըրներէն
մին
եղած
է:
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ՍԱՂՄՈՍԱՎԱՆՔԻ
(@
1620)
Անապատական
կեանք
վարելու
համար
ուխտաւորութեամբ
1606ին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
յետոյ
ուղեկցութեամբ
Տրապիզոնցի
այրիացեալ
Կիրակոս
քհ-ի
կը
մեկնի
Երուսաղէմէն
եւ
կը
հաս
տատուի
տաթեւու
վանքը,
եւ
ամէնէն
վերջ
կը
հիմնէ
Մեծ
Անապատը,
եկեղեցիով
եւ
ճգնաւորներու
խուցերով:
Դավրիժեցի,
էջ
249-52.
Հայապատում,
էջ
616-18
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ,
ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ
Մբ.
Ծ.
1871ին.
Ձռ.
1902ին,
հրաժարած
է
միաբանութենէ.
այժմ
քարոզիչ
Պոլսի
մէջ.
վարած
է
գաւառական
պաշտօններ.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1924ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ՍԻՒՆԵԱՅ
Ստեփանոս
Օրբելեան
պատմիչը
կը
վկայէ
թէ`
Սարգիս
եպս.
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Երուսաղէմ
եւ
երեք
ընկերներով
նահատակուած
է
Քրիստոսի
գերեզմանին
մօտ.
«…
Եւ
ապա
առեալ
Խորազմին
զԵրուսաղէմ
ի
փռանգէն`
կոտորեաց
սաստկապէս,
եւ
ելից
զտաճար
տեառն
արեամբ,
եւ
գտեալ
զերանելի
եպս-ն
զՏէր
Սարգիս
ի
վերայ
գերեզմանին
Տեառն
ի
սաղմոսերգութեան
այլ
եւս
երեք
ընկերօք`
հատիկ
զգլուխն
եւ
հեղին
զարիւն
ի
վերայ
գերեզմանին
տեառն
կափարչին,
եւ
այսպէս
մարտիրոսական
արեամբ
պսակեցաւ
ի
Քրիստոսէ
Աստուծոյն
մերոյ»
(Օրբէլ.
Հատ.
Բ.
էջ
89
եւ
108,
նաեւ
Արարատ,
1890,
էջ
329):
Սարգիս
եպս.
որ
քսան
տարի
վարած
է
Սիւնեաց
եպիսկոպոսութիւնը,
(Սիսական,
էջ
20)
հաւանաբար
այցելած
է
Երուսաղէմ
1244ին,
երբ
Խորոզմեանք
գրաւեցին
Երուսաղէմը,
աջակցութեամբ
Եգիպտոսի
սուլթանին,
ինչպէս
կը
գրէ
Օրբէլեան,
եւ
այդ
տարին
նահատակուած
է
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ:
Աւանդաբար
կը
կարծուի
թէ
Սարգիս
եպս.
իր
հետը
Երուսաղէմ
բերած
էր
կենաց
փայտի
այն
մասը
զոր
սիւնեաց
տիկինը`
Բիւրեղ
իբր
պարգեւ
ընդունած
էր
Հերակլ
կայսրէն:
Սարգիս
եպս.
ֆռանկէ
մը
գնելով
Ս.
Ստեփանոսի
աջը`
Երուսաղէմէն
ընծայ
կը
ղրկէ
իր
Նորավանք
ուխտին:
նոյն
մասունքին
վրայ
կար
վկայութիւն
մը
ֆրանկ,
ասորի
եւ
հոռոմ
գրով:
Օրբել,
Բ.
էջ
89
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՊՍ.
ՍԻՒՆԵԱՑ
Օրբելեան
ցեղէն
եւ
Ստեփանոս
եպս.
Տարսայիճի
յաջորդը
(Բանբեր,
էջ
196).
իր
մասին
տեսնել
(Սիսական,
էջ
20).
1337ին
կ՚այցելէ
Երուսաղէմ
եւ
այս
առթիւ
իր
արդեամբը
կ՚ստանայ
ձեռագիր
մագաղաթեայ
այն
սաղմոսարանը
(ՄՁ.
Թ.
1033),
որ
ՉԾԵ
(=1306)
թուին
ընդօրինակուած
էր
Կիպրոսի
Ճիպա
գիւղի
Ս.
Հրեշտակապետաց
եկեղեցիին
մէջ
Լեւոն
երէցի
գրչութեամբ
եւ
32
տարիէ
իվեր
կը
մնար
Ս.
Յակոբի
վանքը.
Սարգիս
եպս.
իր
ուխտաւորութիւնը
կատարելով
կը
մեկնի
Սիւնիք
եւ
կը
շարունակէ
իր
պաշտօնը,
նոյն
ձեռագիրին
յիշատակարանէն
յայտնի
կ՚ըլլայ
իր
ուխտաւորութիւնը
եւ
ձեռագիրին
ստացող
ըլլալը.
«…
սա
(Սարգիս
եպս.
)
մինչ
սպասաւորն
գոլով
սուրբ
ուխտիս
եւ
աստուածարեալ
մենաստանիցս.
ցայնկայր
միշտ
սուրբ
տեղեացն
երուսաղէմի
եւ
տեսութեան
սխրագործ
գերեզմանի
փրկչին:
Եւ
այլ
փրկագործ
տնօրինականացն,
զոր
եւ
Ատուած
հոգւոյն
առաջնորդութեամբն
փութապէս
հասեալ
գտանիւր
անձկալիր
ոգւոյն
բաղձանացն:
Եւ
անդ
ի
սուրբ
քաղաքն
երուսաղէմ.
ընդ
բա
զում
եւ
զանազան
արդեանցն
եւ
վաստակոցն
զոր
ամբարեալ
ունէր
ի
յշտեմարանս
հոգւոյ,
նա
եւս
յաւել
զայս
գանձ
եւ
ստացաւ
զսուրբ
երգարանս
սաղմոսացն
դաւթի
մարգարէի
եւ
աստուածահօր.
ի
յառաջնումն
ամի
իւրոյ
բարեվայելուչ
հայրապետութեանն.
որ
եւ
իբրեւ
զջահ
վառեալ`
եւ
ազրուսեակ
պայծառ,
լուսաւոր
երեւիւր
ի
կարգս
պատուականացն
ծաղկեալ
ամենայն
ուղղափառութեամբ
եւ
սրբութեամբ.
քանոն
լրման
օրինաց
գոլ.
եւ
կարգաց
կրօնի
եւ
կանոնաց
որ
ի
ս.
լուսաւորչէն:
Արդ
այսմ
ծաղկերանգ
վարդափթիթ
բուրաստանի
եւ
Աստուածայնոյ
նուագարանիս
ստացող
եղեւ
յարդար
արդեանց
իւրոց
մեծ
Մետրապօլիտս
Տէր
Սարգիս
ընծայ
եւ
յաւելուած
սրբուհւոյ
Մօր
եկեղեցւոյ:
Նա
եւ
ի
վայելս
անձին
իւրոյ
արհիականի
եւ
սրբազանի,
եւ
յիշատակ
անջինջ
իւր
եւ
ծնողաց
իւրոց.
հօր
իւրոյ
Հասանայ
որ
էր
յազգէ
եւ
յազնէ
մեծափառ
իշխանաց
տանս
Սիւնեաց
եւ
մօր
իւրոյ
տիկին
Վախախին,
եւ
եղբօրն
իւրում
պայազատի
եւ
քաջագօտի
Գամրի
Իվանէի.
որ
էր
ամիրա
եւ
պետ
երկրին
Որոտան:
Եւ
եղբօր
որդւոյ
իւրոյ
կորովամիտ
սրբազան
նորընծայ
քահանայի
Յովհաննէսի
յաստուածային
համալսարանս
նախաշար
պւէտի.
որ
մեծ
ջանիւ
եւ
սիրով
յիմաստս
բանի
դեգերի
զպատուականսն
ի
սուրբ
մատենաց
որոճալով,
եւ
ճրագ
գոլով
ի
վերայ
աշխանակի
աշխարհալոյս:
Նաեւ
եղբարց
սորին
հարազատաց
եւ
հսկայազօրաց
հաստաբազուկ
մանկտւոցն,
Հասանայ
եւ
Զաքարէի.
եւ
ամենայն
արեան
մերձաւորաց……:
եւ
մատեան
յիշատակիս
որ
գրեցաւ
ի
վերջնաստացութեանս,
ի
տեառն
Սարգսէ
Արհիեպիսկոպոսէ,
էր
Յաբեթական
թիւ.
ՉՁԶ
(=1337)
եւ
փոքր
շրջան
թու.
որ
եւ
սարկաւագին
կոչիւր,
ՄԾԴ.
եւ
Քրիստոսի
փառք
միշտ.
».
թէ`
սոյն
յիշատակարանին
շարունակութիւնը
եւ
թէ'
գրչագիրին
բուն
յիշատակարանը
տեսնել
(Սիօն,
1868.
էջ
191-192):
Սարգիս
եպս-ի
սոյն
ստացած
մագաղաթեայ
ձեռագիրը,
525
տարի
յետոյ,
զանազան
բարեպաշտներու
ձեռքը
անցնելէն
վերջ,
դարձեալ
Ս.
Աթոռ
կը
բերուի
ի
յիշատակ
Սերովբէ
վարժապետի
եւ
անոր
եղբօր
Պոլսեցի
Պետրոս
վրդ.
Թիւթիւնճեանցի:
(Սիօն,
1868.
էջ
192):
1337
թուին
Սարգիս
եպս-ի
համար
ընդօրինակուած
է
երգարան
եւ
տետրակ
կամ
ուրիշ
բառով
ախզգիրք
ձեռագիրը,
զոր
մէկ
դար
յետոյ
կ՚ստանայ
Մանուէլ
եպս:
Քարամ.
Ցուց.
Թ.
33.
Բանբեր,
էջ
196
ՍԱՐԳԻՍ
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ,
ՀԱԼԷՊՑԻ
Կենդանութեանը`
1887ին
Ս.
Յակոբի
կը
կտակէ
իր
սեպհական
տունը,
պայմանաւ
որ`
իր
քոյրերը
քանի
ողջ
են`
նստին
նոյն
տան
մէջ
եւ
անոնց
մահուանէն
վերջ
վագֆ
ըլլայ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Արձնգր.
Տն.
Ժող.
Նիստ
մը,
1887.
էջ
49
ՍԱՐԳԻՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
Մբ.
1541ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Գանձ
մը
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…
որ
կարողութիւն
տկար
անձին
Սարգսի
հասանել
յաւարտ
սորին
ՋՂ.
թուականիս
(=1541)
մերուն
ի
Նոյեմբերի
ամսոյ
ի
ԻԵ:
Արդ…
յայս
փափաք
եւ
ես
տրուպս
ի
կարգաւորաց
եւ
յետինս
ի
կրօնաւորաց.
անուամբս
Սարգիս
պիտակաբար
ու
թմրեալս
ծուլութեամբ.
ի
տիղմս
մեղաց
եւ
անըիդհատ
մրափած…:
Եւ
արդ
գրեցաւ
սա
ի
սուրբ
մայրաքաղաքս
Եղմ.
ընդ
հովանեաւ
սուրբ
եկեղեցւոյս,
որ
է
հանգստարան
սուրբ
գլխոյն
Յակոբայ,
որդւոյն
Զեբեդեայ:
Արդ
աղաչեմ
ազմենեսեան,
որք
հանդիպիք
սմա…
յիշեցէք
ի
միտս?
բարին
զեղբայրս
մեր.
զ…
(քերթած
եւ
նորէն
գրած)
Գրիգոր
գրոց
աշակերտ,
որ
ձեռնտու
եւ
աւգնական
եղեւ
մեզ:
Այլ
եւ
զերիցս
երանեալ
զճըգնազգեաց
զերջանիկ
րաբունապետս
մեր
զԿարապետ
զհոգեւոր
հայրս
մեր,
որ
զտիւ
եւ
զգիշեր
ի
խորս
աստուածային
տառից
դեգերելով
վասն
մեր`
հայրական
գթով
խրատելով
եւ
ուսուցանելով
զմեզ,
որոյ
ոչ
գոյ
տրիտուր
փոխարինի
ի
մէնջ.
այլ
որ
կարողն
է
ամենայնի
եւ
զաւրաւոր
տէր
մեր
Յս.
Քս.
հատուսցէ
կրկին
կենաւք
եւ
Բ.
աշխարհաւք:
Այլ
եւ
զբազմերատխ
հայրն
մեր
եւ
զուսուցիչն
Զաքարիա
աբեղայն
եւ
զծնողքն
իւր
յիշեցէք
ի
Քս…
զփցուն
գրիչս
զՍարգիս,
եւ
զհայրն
իմ
զՅովհաննէս
եւ
զմայրն
իմ
զՄինա
խաթուն
եւ
զեղբարքն
իմ
զԽաչատուր
եւ
զՍատաղս?
եւ
զքոյրն
իմ
զԱրուս
խաթունն,
զկենդանիքն
եւ
զհանգուցէալքն
ի
Քս.
»:
Հալէպ
Ցուց.
Թ.
83
ՍԱՐԳԻՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
1603ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
Նարեկ
մը
(ՄՁ.
Թ.
1215),
որուն
արդէն
ստացողն
եղած
է
ըստ
հետեւեալ
յիշատակարանին.
«յիշեցէք
ի
Քս.
զվերջին
ստացող
լուսազարդ
սբ.
տառիս,
որ
կոչեցեալ
նարեկացի,
զտէր
Սարգիս…
կրօնաւորն.
եւ
Ած.
ողորմի
ասացէք
իւրն
եւ
ծնողացն,
հօրն
Թորոսին
եւ
մօրն
Դիմլիթին,
եւ
եղբայրցն
Աբրահամին,
Սինանին,
եւ
Մուրատին
եւ
մեծ
պապուն
տէր
Աստուածատուրին
եւ
իւր
կողակցին
Խոնդին…:
Եւս
առաւել
ինձ
մեղապարտ
Գրիգորիս
կազմողի…:
Դարձեալ
յիշեցէք
զտէր
Սարգիս
կրօնաւորն
որ
ստացաւ
զսբ.
զիրքս
եւ
ետ
վերստին
նորոգել
եւ
եդ
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ,
ի
սբ.
քաղաքս
Երուսաղէմ…
ի
թվին
ՌԾԲ
(=1603)…:
»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
ԻԹ.
էջ
2164
ՍԱՐԳԻՍ
ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ,
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ
Քրձ.
Ծ.
1850ին,
Երուսաղէմ
գալով
1880ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կը
մտնէ
քրձազգեացներու
շարքը,
պարբերաբար
կը
պարապի
վանքին
մէջ
հացագործի,
սեղանապետի,
լուսարարի
եւ
սենեկապետի
գործերով:
Իր
անձնական
ծախքով
նորոգած
է
Համբարձման
լերան
տեսչարանը:
Դարձեալ
իր
ծախքով
շինել
տուած
է
հետեւեալները.
երկու
մթերանոց
Ս.
Հրեշտակապետի
եկեղեցիին
մօտ.
մէկ
մթերանոց
մեծ
օթելին
տակ,
եւ
վեց
մթերանոց
Ռեմլէի
մէջ.
սոյն
մթերանոցներուն
եկամուտը
Պաղտասարեան
ինքը
պիտի
գանձէ
իր
կենդանութեան,
սիկ
յետ
մահու
պիտի
մնան
իբր
կալուած
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՊԵ.
(1281-1313).
Սարգիս
պտրք.
Սսոյ
Ե.
(1307)
եւ
Ատանայի
(1309)
ժողովներու
կանոնները`
հայ
եկեղեցւոյ
ոգւոյն
հակառակ
նկատելով`
չգործադրեց.
եւ
այս
պատճառով
Սսոյ
կաթողիկոսարանին
իրաւասութենէն
ելնելով`
Ս.
Յակոբի
վանքին
անկախութեան
համար
դիմեց
Եգիպտոսի
ամիրապետին`
որմէ
ստացաւ
ի
նորոյ
պատրիարքական
հրովարտակ:
Յպե.
էջ
42-43.
Չամչ.
Գ.
էջ
312-13
ՍԱՐԳԻՍ
ՊԵ.
(1393-1417).
Նւ.
Խրիմի,
ուրկէ
բերած
է
Ճաշոց
գիրք
մը
Ս.
Յակոբի
վանքին
համար
(ՄՁ.
Թ.
12).
որուն
յիշատակարանէն
կը
քաղենք
հետեւեալը.
«Յամի
ութ
հարիւրերորդի
քառասներորդի
երկրորդի.
թվաբերութեանս
հայկազուն
սեռի:
եկն
արքեպսն.
Եմայ.
Տէր
Սարգիս
վկայեալն
ի
բազմաց
բարեփառ
առաջնորդութեամբ
եւ
առաքինազարդ
վարուք.
հանդերձ
եղբարբ
իւրով
Յովհաննէսիւ
աստուածամերձ
կրաւնաւոր
քահիւ.
յաշխարհս
Հոնաց.
յաստուածապահ
քաղաքս
Կաֆայ
նուիրակութեան
աղագաւ
տէր
Թէոդորոս
կաթողիկոսի.
ետես
զսբ.
տառս.
որ
կոչի
տարոյգիրք.
եւ
ցանկացաւ
գեղոյ
սորա.
որ
էր
բարեսէր
եւ
երիտասարդ
քահանային
Մանուէլի
ստացեալ
յարդար
վաստակոց
իւրոց.
եւ
ի
կատարման
սորա
փոխեալ
առ
Քս.
յոյսն
ամենեցուն.
եւ
մնացեալ
տասռ
առ
Հռիփսիմէ
երիցակինն
եւ
առ
տիրամայր
քոյր
քահին.
եւ
չստերն
իւրոյ
աւագ
տիկնայ,
խնդրեցին
ի
սոցանէ
զսբ.
տառս
վասն
Եմայ`
յիշատակ
Մանուէլ
քահ-ին
եւ
իւրեանց.
եւ
սոքա
ետուն
յաւժար
կամաւք.
որ
ընթեռնուն
ի
սբ.
վանքն
որ
է
յԵմս.
ի
սբ.
Յակոբ.
որ
յար
ընթերցմամբ
յիշատակին
առաջի
Այ.
եւ
որ
սրտի
մտաւք
յիշեսցեն
զսոքա
ամի
ամի
կար
դալով.
յիշեսցին
եւ
նոքա,
առաջի
ստենին
Քի.
որում
փառք
յաւիտեանս
ամէն.
զԱնդրէասն
զաւակաւք
իւրովք
յիշեցէք
ի
Քս.
»:
Սարգիս
պտրք.
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ՊԽԸ
(=1399)
թուին
ընդօրինակած
է
Մեկն.
Կաթողիկէ
թղթոց
Սարգսի
Շնորհալւոյ
ձեռագիրը,
որ
այժմ
կը
գտնուի
Ս.
Յակոբի
մատենադարանը
(Թ.
7).
Յիշատակարանին
մէջ
կը
յիշուին
եղբայրը
Յովհաննէս
փակակալ,
ձեռագրին
ծաղկողը
Տաւնական
կրաւնաւոր
եւ
թղթին
կոկող
Սահակ
աբեղան:
Սաւալան
կը
կարծէ
թէ
(էջ
627-628)
Սարգիս
պտրք.
եպիսկոպոսութեան
աստիճանը
ստացած
է
Թէոդորոս
կթղ-էն
Ս.
Յակոբի
մէջ,
վասնզի
Թէոդորոս`
ըստ
յիշատակարանի
(ՄՁ.
Թ.
12)
ներկայ
էր
այն
խորհրդակցութեան
որուն
համաձայն
պաշտօն
տրուեցաւ
Սարգսի,
իր
եղբօրը`
աւագ
Լս.
Յովհաննէսի
հետ
նուիրակութեան
երթալու
Խրիմ:
ՍԱՐԳԻՍ
ՊԵ.
(1507-1523).
Սուլթան
սէլիմ
Երուսաղէմը
եգիպտացիներէն
գրաւելով`
առաջին
անգամ
հրովարտակ
կը
շնորհէ
հաոյց
Սարգիս
պտրք-ին`
Ազգ.
Ս.
Տեղեաց
սեփականութեան
հաստատման
համար,
համաձայն
հին
հրովարտակներու:
Յպե.
էջ
51
ՍԱՐԳԻՍ
ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ
1631ին
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը,
Գրիգոր
Պարոնտէր
պտրք-ի
օրով,
եւ
նորոգած
է
Ս.
Յարութեան
տաճարի
մօտ,
Ս.
Յովհաննէս
Աւետարանիշ
անունով
եկեղեցին,
ինչպէս
յայտնի
է
նոյն
եկեղեցիին
ճակատը
դրուած
քարէ
յիշատակարանէն,
որուն
օրինակը
կը
դնենք
հոս.
«Յիշեցէք,
Քրիստոս
Աստուած,
ողորմի
ասացէք
Ջղցի.
Խնոնց.
մահտեսի
Սարգիսին
եւ
իւր
ծնողացն
եւ
կողակցին
եւ
որդւոցն
եւ
ամենայն
արեան
մերձաւորացն,
որ
աւգնութիւն
արար
«Տրաւք»
ողորմութեան
վասն
նորոգութեան
Ս.
Յովհաննէս
Առաքելոյն
Աւետարանչին
Յս-ի
Քս-ի.
տէր
Աստուած
իւր
վարձահատոյց
առնէ
եւ
երկնից
արքայութեան
արժանի
արասցէ
«հանդերձ
ամենայն
ընտանեօք».
յամի
թվ.
ՌՁ
(=1631)
ամէն»:
ՍԱՐԳԻՍ
ՍՐԿ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Աշկ.
Հեզահոգի
Յարութիւն
վրդ-ի
(աշկ.
Կոլոտի).
ՓԿԵ.
(1775-1800).
իր
աշխատութեամբն
ու
ջանքերովը`
Կիպրոսի
առաջնորդութեան
խնդիրը
կը
լուծուի
ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին.
կը
վախճանի
1800ին
եւ
կը
թաղուի
Բերայի
Բանկալթիի
գերեզմանատունը,
ուր
մինչեւ
հիմայ
կը
մնայ
իր
տապանագիրն`
որ
է
հետեւեալը.
«Շիրիմ
վիմածածք,
յիւրում
տապանի,
Ունի
ի
պահեստ,
այր
մի
պիտանի,
Որ
է
յԵւդոկիա
քաղաքին
ծնեալ
Յետոյ
ի
Բիւզանդ
կրթութեամբ
սընեալ.
Յարութիւն
պետին,
աշակերտ
մտեալ,
Համեստ
եւ
զգօն,
հր(աշա)կերտ
գտեալ:
Սարգիս
փոխանորդ,
սարկաւագ
արքի
Խոհեմ
Գրիգորի,
հեզ
պատրիարքի:
Ապա,
փոխանորդ
Սաղիմայ
կարգեալ,
Ի
Ստամպօլ
եկաց,
մինչ
ի
մահ
յարգեալ:
Փոքր
ինչ
ժամանակ,
յախտս
սովոյ
նեղեալ,
Դարմանք
բժշկաց,
շահ
օգտի
չեղեալ:
Չուեալ
ի
կենաց,
յութսուն
հասակի,
Յուսով
փափա(ք)եալ,
վերնում
պսակի:
Թիւ
հայոց
հազար,
եւ
երկու
հարիւր
Քառասունեւինն,
ըստ
նոյն
համարիւր.
Օր
թաղման
երրորդ,
փետրվար
ամսեանն
Ողորմիս
հանէք
սիրով
տէրունեան»:
(Բազմ.
1929,
էջ
43):
Իր
մասին
տեսնել
(Բիւզանդիոն,
1905,
Թ.
2734):
Ս.
Յակոբի
վանքի
դիւանատան
հին
նամակէ
մը
կը
հասկցուի
թէ
Սարգիս
սարկաւագ
6000
ղրշ-ի
կտակ
մը
ըրած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԱԳՇԷՀԻՐՑԻ
Մբ.
իր
յիշատակներու
մասին:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
աշկ.
Եղիազար
կթղ-ի
1666ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
աշկ.
Աստուածատուր
պտրք-ի
1656ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԱՐԵՒԵԼՑԻ
Մբ.
1890ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Առ.
Թիֆլիզի.
1751ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
(Սահէթճի)
Մբ.
Ծ.
1651ին.
սարկաւագ
Տրապիզոնի
մէջ
1669ին,
կը
մեկնի
Գաղատիա`
ուր
կ՚աշակերտի
Առ.
Մինաս
վրդ.
Եւդոկիացիին.
1672ին
Ձռ.
Ս.
Աստուածածնի
վանքին
մէջ.
1673ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանք,
եւ
1674ին
Մինաս
վրդ-ի
հետ
կը
վերադառնայ
Գաղատիա,
ուր
տարի
մը
միայն
մնալով`
կրկին
կը
վերադառնայ
Ս.
Յակոբ
1676ին,
եւ
կը
միաբանակցի.
յետոյ
եպս.
կը
ձեռնադրուի
Եղիազար
կթղ-էն
Բեթղեհէմի
վրայ.
կը
մեկնի
Կ.
Պոլիս
1690ին
եւ
կը
մխրճուի
կրօնական
վէճերու
մէջ.
կը
յիշատակեն
զինքը
Երեմիա
Չէլէպի
իր
Տարեգրական
Պատմութեան
մէջ
եւ
Կ.
Պոլսէն
1706ին
Աղեքսանդր
կթղ-ի
գրուած
հանրագրութիւնը
ստորագրողները
(Կռունկ.
1863).
իբր
լատինականութեան
հակամէտ
կ՚ուղեւորի
Հռովմ
1725ին
եւ
կը
վախճանի
1731ին
ու
կը
թաղուի
Հռովմի
Ս.
Մարիամ
Եգիպտացի
եկեղեցիին
մէջ,
տապանագրին
լատին
թարգմանութեան
մէջ
կը
յիշատակուի
իբր
հայ
եպիսկոպոս
Բեթղեհէմի:
Սարգիս
վրդ.
հրատարակած
է
Ամասիացի
Գալուստ
վրդ-ի
Լուսաշաւիղ
գիրքը
(տպ.
Պոլիս,
1704).
Բուրաստան
Աղօթից
(տպ.
1704).
տպագրած
է
նաեւ
Բառգիրք
Հաոյց
(տպ.
1698).
Ձայնքաղ
(տպ.
1698).
ինքն
ընդօրինակած
է
1679ին
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ
Ագաթանգեղոս
եւ
Պատմ.
Մովսէս
Խորենացւոյ
եւայլն.
գիրքը
(ՄՁ.
Թ.
230.
նաեւ
պատմագիրք,
էջ
ԻԵ):
1701ին
Պէյօղլուի
մէջ
Գաւազանագիրք
ֆրա
Մարտինոսի
գիրքը
(ՑԱ.
Թ.
17,
էջ
18)
զոր
թարգմանած
էր
Ներսէս
Պաղոն
լատիներէնի
ի
հայ
(Պատմ.
Հայ.
Դպր.
էջ
120-21),
նոյն
թուականին
կ՚սկսի
Ս.
Յակոբի
մէջ
Քաղուածոյ
Մեկն.
Սաղմոսաց
Տաթեւացւոյն
գիրքը
զոր
1702ին
կը
վերջացնէ
ի
Պոլիս
(ՄՁ.
Թ.
887).
1713ին
Մաշտոց
մը
(որ
կը
գտնուի
այժմ
Փարիզի
Ազգ.
Մատենադարանին
մէջ).
1719ին
Պէյօղլուի
մէջ
Յովսեպոսի
վասն
Հրէից
պատերազմի
գիրքը.
(թարգմ.
Լեհ.
Ստ-ի).
1725ին
կը
մեկնի
Հռովմ
եւ
կ՚ընդօրինակէ
Ստեփանոս
Դաշտեցիին
գործերը`
որ
են.
Ա.
Մախաղ
փշրանաց.
Բ.
Կոչնակ
ճշմարտութեան,
Գ.
Խնդիր
ուղղութեան:
Սարգսի
վրդ.
Եւդոկիացիին
վրայ
մանրամասն
տեղեկութիւններ
կը
գտնուին:
Կենս.
Ա.
էջ
64-77.
CMA.
էջ
31
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
Նւ.
Տիգրանակերտի
1756ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1820ին.
ՏՓ.
1843ին.
ՏԹ.
1849ին.
կը
վախճանի
1849ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ
Մբ.
աշկ.
Երուսաղէմի
Աստուածատուր
պտր-ի.
Նւ.
Քէֆէի
1659ին,
նուիրակութեան
արդեանց
մէկ
մասը
իւրացնելուն
համար
1663ին
կը
բանտարկուի
Եղիազար
կթղ-ի
թելադրանքովը.
կ՚ազատի
բանտէն
1664ին.
ՊԿ.
(1664-65).
Բ.
անգամ
(1667-70),
(Չամչ.
Գ.
էջ
695-96
եւ
714-15),
1670ին
կը
վախճանի
եւ
կը
թաղուի
Էտինէ
Գափուի
գերեզմանատունը:
Թծսպ.
էջ
44
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԻԶՄԻՐՑԻ
Մբ.
(1799-1700)
կը
յիշատակուի
Մինաս
Ամդեցիին
Օրագրութեան
մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԻՓԷԿՃԵԱՆ,
ԹՕԳԱՏՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1820ին,
ՏԹ.
կը
վախճանի
1850ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԽԻԶԱՆՑԻ
Մբ.
ՏՅ.
ուր
յիշատակ
ունի
փոքր
կանթեղ
մը
եւ
մէկ
քանի
կրպակներ
Ս.
Յարութեան
ճամբուն
վրայ.
(Արծրունեան,
էջ
57).
կը
վախճանի
1847ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
1747ին
ՏՅՊ.
ըստ
իր
յիշատակարանին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
մարգարտազարդ
պատկերով
խաչ
մը:
Ցուց.
Պ.
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԿԷՄԼԷՅԻԿՑԻ
Մբ.
1873ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ԿԻՊՐԱՑԻ
Մբ.
կնիքը
1751.
Նւ.
Հնդկաց
1794ին.
պատուիրակ
վանական
գործերու
1813ին,
կը
վախճանի
(1834,
Զատկին).
ընդօրինակած
է
նամակներու
հաւաքածոյ
մը
եւ
յիշատակ
թողած
է
սրմայով
բանուած
թագ
մը:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
իր
կենաց
վերջին
օրերուն
գումար
մը
կը
յանձնէ
Կիպրոսաբնակ
Հաճի
Սիմէոն
աղային`
որպէս
զի
իր
յիշիտակին
գնուի
Լատիմաթ
չիֆթլիկի
կոչուած
հողը
որ
Հայոց
վանքին
սահմանակից
է,
յիշեալ
Սիմէոն
կը
գործադրէ
Սարգիս
վրդ-ի
կտակը
եւ
կալուածը
կը
մատակարարէ,
իբր
միւթէվէլիի,
բայց
սեպհականութիւնը
կառավարութեան
տոմարին
մէջ
իր
անձնականին
արձանագրուած
ըլլալով`
իր
մահէն
յետոյ,
որդին
հաճի
Յարութիւն
բացարձակ
տէր
կը
դառնայ,
եւ
զայն
կը
վաճառէ
յոյներու
(Կիպրոս,
էջ
100):
Սիմէոն
աղա
Գաբրիէլ
պտրք-ի
օրով
կը
վարէր
Կիպրոսի
մէջ
Ս.
Աթոռի
գանձապետութիւնը,
(անդ.
էջ
79):
հետեւաբար
Սարգիս
վրդ.
նոյն
ժամանակի
միաբաններէն
մին
կը
նկատուի:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
թարգման,
1709ին
ըստ
հին
հաշուետումարներու,
նպաստով
մը
կը
մասնակցի
Ս.
Յակոբի
պարտքին
վճարման:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՀԱԶԱՐԵՆՑ
Առ.
Հերմոնավանից.
1452ին
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբ
եւ
Կոստանդին
կթղ.
Վահկացիին
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
մագաղաթեայ
աւետարանը
ինչպէս
նաեւ
եմիփորոն
մը`
որոնք
գրաւի
տակ
կը
մնային`
կ՚ազատէ
եւ
կը
գնէ
զանոնք
ՋԱ
(+1452)
թուին
եւ
դարձեալ
կը
նուիրէ
Ս.
Յակոբի
վանքին,
ձեռագիրը
(ՄՁ.
Թ.
251)
կը
գտնուի
նոյն
վանքին
մատենադարանին
մէջ,
Հազարենց
վրդ.
նոյն
ձեռագիրին
մէջ
կը
գրէ
սոյն
յիշատակարանը.
«թվ.
ՋԱ
(=1452)
զվերջին
ստացող
սբ.
աւետարանին
զՍարգիս
վրդ.
Հազարենց
Հերմոնավանից`
արեւելից,
որ
գնեցի
զսբ.
աւետարանս
եւ
եմիփորոն
մի
ի
գրաւէն.
եւ
եդի
ինձ
յիշատակ
ի
սբ.
Յակոբ
յեէմս.
եւ
որ
ոք
յանդգնի
կամ
գրաւ
դնէ
կամ
ծախէ
եւ
հանէ
դրանէ
քս-ական
աթոռոյս
ինքն
ջնջնսցի…
եւյլն.
»:
Ուրիշ
ձեռագիր
մը
նոյնպէս
գերութենէ
ազատած
ու
վանքին
նուիրած
է
(ՄՁ.
Թ.
1950).
ԺԵ.
դարուն
կը
յիշուի
Սարգիս
վրդ.
Հերմոնավանցի,
վերադիտող
եւ
քաջ
րաբունի
տիտղոսներով:
Սիսական,
էջ
126
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՀԱՃԸՆՑԻ
Մբ.
կնիքը
1822.
Ձռ.
1822ին
ՏԲ.
1828ին.
Նւ.
Տիգրանակերտի
եւ
Պարսկաստանի
(1836-39).
դարպասընկալ,
խորհրդական
(1850).
կը
վախճանի
1850ին:
1828ին
ընդօրինակած
է
Անտառ
նորագոյն
համառօտեալ
ի
Պօղոս
պտրք-է
գիրքը:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՀԸԶՎԷՑԻ
Մբ.
պատանքճի.
Ձռ.
1811ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Հրաւիրակ
ուխտաւորներու
(ՄՁ.
Թ.
494)
1762ին.
Նւ.
Կարնոյ
եւ
փոխանորդ
1774ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՄԱԶՄԱՆ
Մբ.
մարգարտեայ
թագ
մը
յիշատակ
տուած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Ցուց.
Պ.
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՄԱԼԵԱՆ,
ՀԱՃԸՆՑԻ
Մբ.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1773ին.
ժամանակակիցները
կը
վկայեն
թէ
էր
սա
գիտուն
եւ
արժանի
պատուոյ
եպիսկոպոսութեան.
կ՚ընտրուի
ՓԿԵ.
եւ
կը
վախճանի
Պոլիս
1778ին.
(Դիւան,
Մանր
պատմիչք,
գիրք
Ժ.
էջ
467):
Սարգիս
վրդ.
ունի
աշխատասիրութիւն
մը
Համեմատութիւն
օրինակաց
Աստուածաշունչի
խորագրով,
զոր
գրած
է
1773ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ,
տասն
եւ
հինգ
օրինակ
հին
կտակարանի
եւ
քսան
օրինակ
նոր
կտակարանի
ձեռագիրերը
բաղդատած
է
Աբբայի
տպագիր
Աստուածաշունչին
հետ
եւ
բոլոր
տարբերութիւնները
ուրոյն
տետրակներու
մէջ
հաւաքած:
Սարգիս
վրդ.
առաջին
անգամ
ինքն
դիտած
է
թէ`
Մնացորդաց
գիրքերուն
սովորական
թարգմանութենէն
զատ
ձեռագիրներու
մէջ
կը
գտնուի
հնագոյն
հայ
թարգմանութիւն
մը,
Առաջին
եւ
երկրորդ
Մնացորդաց
գիրքն
յամենից
տարաձայն
գտանեցան,
ինչ
որ
յետոյ
Մագիստրոս
Գ.
Խալաթեանց
հաստատեց.
(Արարատ,
1896,
Բազմ.
1900,
էջ
117):
Հաճընցիին
այս
աշխատասիրութեան
ընդօրինակութիւնը
կը
մնայ
Վիեննայի
արքունի
ձեռագրաց
Մատենադարանին
մէջ
(Հա.
1891,
էջ
15-16).
նոյն
ընդօրինակութեան
մէջ
կը
գտնուի
յիշատակարան
մը
ուր
այս
Սարգիս
վրդ.
ընդարձակ
տեղեկութիւններ
կու
տայ
իր
անձին
եւ
իր
այս
աշխատութեան
մասին:
Տաշ.
Ցուց.
էջ
630-32
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՄՇԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1822ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Թիֆլիզի
եւ
Գանձակի
1786ին,
կը
վախճանի
Գանձակի
մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՊԱԼԱՏՑԻ
Մբ.
Նւ.
Իզմիտի
1744ին:
ՄՁ.
Թ.
522
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Իզմիրի
1768ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Սեբաստիոյ
1809ին:
տե'ս
Պ.
Սեբաստիոյ,
էջ
293
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Հնդկաց.
կը
յիշատակուի
անթուական
նամակի
մը
մէջ.
ՏԴ.
Պետրոս
վրդ-էն
Երուսաղէմի
պատրիարքին
ուղղուած:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
երեք
ընկերներով
կը
նահատակուի
1703ին
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ:
Ժպե.
Հատ.
Ա.
էջ
426
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՇԻՐՈՒԱՆՑԻ
Մբ.
ՏՅ.
1821ին,
նոյն
թուականին
Մինաս
վրդ.
Գասապացիի
ընդօրինակած
Թափօրի
տետրակի
մը
յիշատակարանին
մէջ
կը
կարդանք
սա
տողերը.
եւ
ի
րէիզութեան
Սարգիս
կրօնասէր
վրդ-ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
աշկ.
Մարտիրոս
պտրք.
Քէֆէցիին.
1682ին
նոյնին
կոնդակովը
Նւ.
կը
կարգուի
Լեհահայոց.
կոնդակին
վրայ
դրոշմուած
կնիքի
թուականն
է
1667.
եւ
յանձնուած
է
Պոլիս,
«ի
դուռն
Ս.
Աստուածածնի
եկեղեցւոյ»:
Տաշ.
Ցուց.
էջ
1034
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նախագահ
խորհրդականներու
առաջին
ժողովին.
որ
1755ին
գումարուած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
ՏՅ.
1334ին.
կ՚ուղեւորի
Եգիպտոս
Գողգոթայի
սեփականութեան
խնդիրին
համար:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Ագսակոմեր
լերան
Մուշեղկայ
գիւղէն
եւ
Ներսէսի
անապատէն
վանական
մը`
որ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1170ին
կամ
1210ին,
ուր
եւ
կը
վախճանի:
(ՄՁ.
Թ.
1999).
Յովհ.
Մանդակունիի
ձեռագիր
ճառերուն
յիշատակարանը
կը
յիշէ
սոյն
Սարգիս
վրդ-ը
եւ
անոր
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
վախճանիլը:
Այս
ձեռագիրը
ընդօրինակած
է
Սիօն
կրօնաւոր
ՈԺԹ
(=1170)
եւ
կամ
ՈԾԹ
(=1210)
թուին
Նորսէսի
անապատին
մէջ
(տե'ս
Սիոն,
1927,
էջ
308-309):
1844
Յնվր.
27ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
են
զայն
Բերիացի
Դանիէլ
քահանան
եւ
իր
որդին
Հանջէ:
Վերոգրեալ
Սարգիս
վրդ-ի
նկատմամբ
յիշատակարանին
հատուածը
հետեւեալն
է.
«Զվտագնեալս,
թախծեալս
ոգւով
զաշխատող
գրոցս
եւ
զվարդապետն
իմ
զՍարգիս,
որ
յայսմ
ամի
փոխեցաւ
ի
Քրիստոս
յԵրուսաղէմ
քաղաք.
որում
ողորմեսցի
Քս.
Ած.
ի
գալստեան
իւրում.
եւ
ձեզ
որ
յիշատակէք
ամէն»:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Երուսաղէմի
Մամիլլա
կոչուած
աւերակին
պեղումներէն
գտնուած
է
հետեւեալ
հայերէն
արձանագրութիւնը.
«Քրիստոս
ողորմի
Սարգիս
վրդ-ի
հոգւոյ
ծնողացն»
թուականը
աւրուած
է
եւ
յետոյ
տեղական
կառավարութեան
կողմէն
նոյն
պեղումները
արգիլուած
են
(Սաւալան.
էջ
1267):
Իսկ
Տիգրանակերտցի
Յակոբ
եպս.
իր
Օրագրութեան
մէջ
(2
Փետր.
1848)
հետեւեալը
կը
գրէ
այս
արձանագրութեան
մասին.
«Հրամանաւ
սրբազանին
գնացաք
արտաքիս
արեւմտեան
կողմը
ի
վերայ
մեծ
ջրոյ
հաւուզին
մի
տեղ
նորոգ
բացեալ
է.
յոր
տեսաք
ի
վերայ
որմոյ
գիր
հայկական,
մի
տողն
հազիւ
ժամանակն
ներեաց
գրել
այսպէս.
«+Քրիստոս
ողորմի
Սարգիս
վրդ.
եւայլն.
»
զոր
բերեալ
ցոյց
տուաք
սրբազանին,
հրաման
արար
ի
վաղեան
օր
գնալ
առ
բդեշխն
եւ
առ
պաշ
քեաթիպն
խօսիլ
եւայլն»:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՍԱՐՐԱՖԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1699ին
Ադրիանուպոլսի
մէջ,
եւ
որ
յետոյ
Պոլիս
կը
հաստատուի
ծնողացը
հետ:
1719ին
կ՚աշակերտի
Կոլոտ
Յովհաննէս
պտրք-ի
Ձռ.
1726ին,
նախ
քարոզիչ
պոլսի
մէջ,
եւ
ապա
առ.
Կեսարիոյ
1730ին.
Ս.
Կարապետի
վանքին
պարտուց
վճարման
համար
դրամահաւաքութիւն
կը
կատարէ
Ատաիայի
եւ
Հալէպի
մէջ
եւ
կը
վճարէ
պարտքը.
1734ին
կը
ձեռնադրուի
եպս.:
Շղթայակիր
պտրք-ի
հրաւէրով
Սարգիս
վրդ.
Կեսարիաէն
կը
ժամանէ
պոլիս
եւ
կ՚աջակցի
պատրիարքին`
Յունաց
հետ
ունեցած
խնդիրներու
կարգադրութեան
առթիւ.
Նւ.
Երուսաղէմի
Զմիւռնիոյ
մէջ
Շղթայակիրի
կոնդակով
1740ին.
Առ.
Գաղատիոյ
(1738-40):
Ուխտի
համար
եւ
միաժամանակ
տպարանական
գործով
կ՚ուղեւորի
Հոռվմ
1744ին
եւ
կը
հաստատուի
Վենետիկ
1773ին.
իր
կենսագրութեան
եւ
հրատարակութիւններու
մանրամասնութիւնները
տեսնել
կենսագրութիւն
(Սարգիս
եպս.
Սարաֆեանի
գիրքը.
նաեւ
Հա.
1907):
Իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Սոփեստ
Արչի`
մարզից
կաճառ
Շնորհիւ
րակերտ`
եզակ
անճառ,
Արթուն
քարոզ`
ծագաց
պարզճառ,
Ներհուն
եզերց
իմաստս
պատրաստ,
Րաբուն
պարթեւ
կայտառ
ամօք,
Որդիս
ինքեան
երկնէր
դասուք,
Գթած
սատար
սրտիւ
ողոք.
Րետոր
կրթեալ`
ազնիւ
վարուք
Ի
ծագ
ուղղեալ`
րոպէն
կասեալ.
Հաւատ
պայծառ
իւրոց
երգեալ.
Սարաս
որդւոյն
ողկոյզ
արբեալ.
Ալիքն
սպասեալ
յայս
յարկ
ննջեաց.
»
Յամի
տեառն
ՌՉՀԳ.
Հոկտեմբերի
Բ.
եւ
ըստ
հայոց
ՌՄԻԲ:
Սկզբնատառն
բառից
վերնոց
յայտնեն
զով
գոլն
աստհանգչելոյ:
Յովհաննէս
Նուրտին
պաշտօնեայ
բանին,
Յօրինեաց
վերինն`
յարգանս
իւր
պետին:
Հա.
1908,
էջ
180
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1831ին.
Ձռ.
1871ին.
ՏՓ.
(1874-76).
Ժամարար
Յոպպէի
մէջ
(1876-78).
ՏՓ.
(1879-80).
ՏՅՊ.
(1880-82).
Ժամարար
(1885-95).
կը
վախճանի
1906ին
Երուսաղէմի
մէջ
եւ
ուր
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
կը
թողու
կէս
մթերանոց
մը:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՏՄԱԽ
Մբ.
Ս.
Փրկիչ
վանքին
մօտ
տուն
մը
կը
գնէ
ու
հէօճէթով
1349ին
կը
կտակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
իբր
կալուած,
պայման
դնելով
որ
Ս.
Փրկչի
տեսուչները
պահպանեն
նոյն
տունը
եւ
ձեռքէ
չհանեն.
նոյն
կալուածին
տեղը
այժմ
անյայտ
է:
Ժպե.
հատ.
Ա.
էջ
208
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՏԷՏՕ
Մբ.
1829ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎՐԴ.
ՓԱՅԱՍՑԻ
Մբ.
ոխստ.
1680ին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՎԱՐՊԵՏ
ՂԱՆՏԻԼ,
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Ս.
Յակոբի
տաճարին
կից
Ս.
Էջմիածնի
եկեղեցիին
տախտակեայ
դրան
կրկին
փեղկերուն
վրայ
կը
կարդացուին
սոյն
երկու
յիշատակարանները
որ
ցոյց
կուտան
թէ
Սարգիս
վարպետ
ղանտիլ
1711ին
յիշատակած
է
զանոնք
Ս.
Յակոբի:
Ա.
«Դուռնս
հունփայ
յիշատակի.
Սարգիս
անուն
վարպետի.
Ղանտիլ
անուն
այս
վարպետի
Սա
աշակերտ
գոլ
անուանի
Եւ
ծնողացն
իսկ
սորին
Տէր
Յովակիմ
եւ
Կիւլզարին
Եղբարց
եւ
քերց
ընդ
սոսին
Տէր
Առաքելին
եւ
Շմաւոնին
Այլ
եւ
իւրոցն
աշակերտաց
Եւ
ամենայն
ազգականաց.
Հազար
հարիւր
վաթսուն
ի
թիւ
Տուք
ողորմիս
լիով
սրտիւ»:
Բ.
«Դուռըս
հունփայ
Էջմիածնայ
Ի
մէջ
Սրբոյն
Յակոբայ
Ղանտիլ
անուն
վարպետի
Կեսարացի
եւ
մահտեսի.
Իւրոյ
հոգւոյն
է
յիշատակ
Եւ
ծնողաց
իւրոց
համակ
Առաքելին
եւ
Ղուտրէթին
Եւ
կողակցացն
ընդ
նոսին
Երեք
եղբարցն
եւ
քուերն
իմ
Կիւլիզարին
եւ
իւր
որդւոյն
Սէֆէրին
Եւ
դստերացն
հանդերձ
սովին
Որք
հանդիպիք
տուք
զողորմին»:
ՍԱՐԳԻՍ
ՔՀ.
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
ժամանակ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Ներսէս
Լամբրոնացիին
Մեկն.
Աղօթից
Ս.
Յովհաննու
Աւետարանչի
հանգստեան,
Եղիշէ
վրդ-ի
Մեկն.
հայր
մերին,
Եսայի
նշեցւոյ
Մեկն.
Դանիէլի
եւ
Մեկն.
Մարգարէին
Եզեկիէլի
գիրքերը,
որոնք
ամփոփուած
են
մէկ
ձեռագրի
մէջ
եւ
կը
գտնուին
վանքին
մատենադարանը:
ՄՁ.
Թ.
929
ՍԱՐԳԻՍ
ՔՀ.
ԷՏԻՆՃԻԿՑԻ
1709ին
թարգման
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՍԱՐԳԻՍ
ՔՀ.
ԽԻԶԱՆՑԻ
ՌԻ
(=1571)ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
բ.
բոլորգիր
Աւետարան
մը,
Հերապետ
կուսակրօն
քհ-ին
համար,
կը
յիշէ
իր
ծնողքն
ու
զաւակները.
հայրը
Կարապետ
քհ.
մայրը
Քնար,
իր
կողակիցը
Խանում.
(մեռած),
իր
զաւակը
Մարտիրոս
քհյն.
Յոբը.
եւ
աղջիկները
Հռիփսիմէն,
Հիփրոսինէն.
ուրիշ
երախտաւորները`
Վարդան
քհյն.
Մանիշակը
եւ
թուղթը
կոկող
Տիրատուր
կրօնաւոր
քհյն:
ՄՁ.
Թ.
178
ՍԱՐԳԻՍ
ԵՒ
ՊԵՏՐՈՍ
(Մհտ.
)
Քրձք.
1725ին
Շղթայակիրի
օրով
Յոպպէի
մաղազաներուն
շինութեան
վերակացուներ
էին,
ինչպէս
կը
հասկցուի
հետեւեալ
յիշատակարանէն.
«Ողորմութեամբ
ամենազօրին
աստուծոյ
մեք
նուաստ
պաշտօնեայք…
գք
եւ
սպասաւորք
Սբյ.
աթոռոյս
Եէմի.
Գրիգոր
եւ
Յովհաննէս
վրպք…
մղզյքս.
եւ
զվերնյայրկքս.
զորս
ի
գրաւէ
ազտցք.
եւ
զորս……
զամ.
նորոգեցք.
եւ
զշրջապրսպ.
պղջյիս.
եւ
զամ.
կամարքս
եւ
զօտաներս…
շնրհօքն
Այ.
եւ
միջնորդութեամբ
Սրբոյն
Նիկղյսի.
հյրպտին.
աշխատութեամբ
մեր
եւ
աթոռակալ
Հանայ
Յովհննս.
վրդտին.
եւ
Պետրոս
եւ
Սարգիս
մհտի.
վերկցեց.
տեղյս…
եւ
են
սոքա
կրկին
յիշտկք.
ի
Սբ.
յէմ.
ի
դուռն
Սրբոյն
Յկբյ.
աթոռոյն
ամ.
հայոց
ի
փրկութիւն
հոգոց
մերոց
եւ
ի
վայելումն
օրհնեալ
ազգիս
հայոց
ի
թվ.
ՌՃՀԴ
(=1725)
ամին
վայելողքդ
եւ
ընթերցողքդ
Ած.
ողորմի
ասացէք
ամ.
վերգրլոյս.
ամէն»:
ՍԵԹ
ԱԲ.
ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ
Ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը,
կը
յիշատակուի
ԺԸ
դարու
ձեռագիր
Աղուիսագիրքի
մը
յիշատակարանին
մէջ:
տաշ.
Ցուց.
էջ
178
ՍԵԹ
ՎՐԴ.
ԵԳԻՊՏԱՑԻ
Մբ.
Հայրը
Գրիգոր.
ՏԲ.
1510ին.
օրինական
դատավարութեամբ
Բեթղեհէմի
վանքը
եւ
տեղւոյն
Կալուածները
կը
փրկէ
տեղացիներուն
ոտնձգութիւններէն:
Ժպե.
հատ.
Ա.
էջ
241
ՍԵՂԲՈՍ
ԱՄԻՐԱՅ
ԵՐԵՒԱՆԵԱՆՑ,
ԱԿՆՑԻ
Հայրը
Երեւանենց
Ակնցի
Մհտ.
Մինաս,
կինը
Փարվար
(ըստ
այլ
յիշատակարաններու,
Նազլը).
որդիքը
Մհտ.
Խաչատուր.
Մհտ.
Գէորգ.
Մհտ.
Մեռկեռիոս.
դուստրը
Մհտ.
Նուրին
(Յառաջաբան
Ժամագիրքի.
տպ.
Կ.
Պոլիս,
1754,
հրատարակուած
Սեղբոսի
ծախքովը),
յիշեալը
մեծ
վէզիրին
պաշպազիրկեան
էր
եւ
թարգման
անգղ.
դեսպանատան.
1727ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուր
կը
մնայ
մինչեւ
1729.
վախճանած
է
1754
Փետր.
5ին
Պոլիս.
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
բազմաթիւ
են
իր
յիշատակները
որոնց
գլխաւորներուն
յիշատակարանները
նոյնութեամբ
կը
դնենք
հոս.
«Աստուծով
ի
թուին
ՌՃՀԹ
(=1730)
ամին
կազմեալ
եղեւ
մարմարեայ
սուրբ
բեմս
ի
յիշատակ
Ակնցի
Երեւանեանց
Սարրաֆ
մահտեսի
Սեղբեստրոսին.
եւ
կողակցւոյն
եւ
ծնողաց
եւ
ամենայն
զարմից
նորա
ի
պատրիարքութեան
Գրիգորի
եւ
Յովհաննէս
վարդապետաց.
յիշեցէք
եւ
Աստուած
ողորմի
ասացէք.
»
«Յիշատակ
է
գեղեցիկ
խաչկալս
Ակնցի
Երեւանեանց
Սարրաֆ
պէզիրկեան
պաշը
մահտեսի
Սեղբեստրոսին.
եւ
կողակցւոյն
մահտեսի
Արիգնազին
եւ
ծնողաց
նոցա
եւ
ամենայն
ազրմից
եւ
զաւակաց
նոցա.
ի
սուրբ
քաղաքն
Երուսաղէմ.
Աստուածագիր
Աթոռն
Սրբոյն
Յակոբայ.
ի
սուրբ
խորան
Էջմիածնի.
ի
թվին
ՌՃՁԲ
(1733).
յիշեցէք
եւ
Աստուած
ողորմի
ասացէք»:
«Ի
պատրիարքութեան
Տեառն
Գրիգորի
վեհին.
կազմեցաւ
մարմարեայ
բեմս
սուրբ
Էջմիածնի
խորանիս
արդեամբ
Ակնցի
Երեւանեանց
մահտեսի
Սեղբեստրոսին.
ի
յիշատակ
իւրն
եւ
ամենայն
զարմից
իւրոց.
ի
թվին
ՌՃՂԱ
(=1742).
յիշեցէք
եւ
Աստուած
ողորմի
ասացէք.
ամէն»:
«Յիշատակ
է
խանս
եւ
գերեզմանի
մօտ
եղեալ
պարտէզն.
Ակնցի
Երեւանեանց
լուսահոգի
Մանուէլի
որդի
մահտեսի
Սեղբոստրոսին.
որ
իւր
արդեանցն
արար
զսա
յիշատակ
Ս.
Յակոբայ,
Ս.
Յարութեան,
Ս.
Ծննդեան,
Ս.
Աստուածածնի,
Ս.
Փրկչի
եւ
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքերուն.
այսու
պայմանաւ
որ
զիմ
հին
եւ
նոր
ննջեցեալքս
ամեն
օր,
ամեն
սրբոյ
պատարագին
յիշատակեն.
եւ
եկած
վարձքէն
ա
ա
փարա
ժամուց
ժամարարներուն
եւ
պախճային
մէրամէթին
խարճեն.
եւ
Սրբոյ
Յակոբայ
միաբանացն
հացգին
տան.
ով
ոք
զսա
կարեւոր
յիշատակս
ջրէ,
Աստուած
զինքն
ի
կենաց
գրոց
ջնջէ».
(1750):
Այս
վերջին
յիշատակարանը
ամիրային
յիշատակած
խանին
պատին
ագուցուած
մարմար
քարի
մը
վրայ
քանդակուած
է.
Սեղբոս
ամիրայի
յիշատակներու
մանրամասնութիւնները
եւ
Ս.
Աթոռի
մասին
ամնոր
հոգածութիւնը
տեսնել
(Ժպե.
հատ.
Բ.
էջ
13-14
եւ
41.
Բազմ.
1924,
էջ
120.
ՄՁ.
Թ.
532.
եւ
Ցուց.
Պ.
):
Սեղբոս
Ամիրայ
1749ին
շինել
կուտայ
Պոլսի
մէջ,
իր
բարեկամին
Շղթայակիրի
տապանաքարը
եւ
կը
ղրկէ
Երուսաղէմ:
ՍԵՐՈՎԲԷ
ՉՈՊԱՆՈՎ,
եղբայրները
ԱՅՏԻՆ
ԳԱՍՊԱՐ,
ՊԱՂՏԱՍԱՐ
եւ
ՇԱՀԷ
ՆՈՐ
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ.
(Մեծ
Սալա
գիւղէն).
2000
րուբլի
ծախքով
1908ին
շինել
կուտան
Գեթսեմանիի
պարտէզին
հայոց
բաժնին
երկաթեայ
վանդակապատը
եւ
կ՚ստանան
Օրհնութեան
կոնդակ
Յարութիւն
պատրիարքէն:
ՍԵՐՈՎԲԷ
ՎՐԴ.
ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ,
ԹԱԼԱՍՑԻ
Մբ.
Ծ.
1871ին.
Ձռ.
1898ին,
ՏԴ.
(1902-4).
ՏՅՊ.
1907ին.
Տեսուչ
Ժառ.
Վարժ-ի.
1910ին,
ՏԲ.
1914ին.
կը
վախճանի
27
Հոկտ.
1917:
Յիշեալը
վարած
է
նաեւ
Տրապիզոնի
եւ
Պաղտատի
առաջնորդական
պաշտօնները
(1904-7).
ունի
հրատարակութիւն
մը
Ծրագիր
Կենաց
անուամբ:
տպ.
Պոլիս,
1904
ՍԵՐՈՎԲԷ
ՎԻՉԷՆԵԱՆ
(Տքթ.
Սերվիչեն),
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1815
Պոլիս.
աշկ.
Սկիւտարի
Եէնի
Մահալէի
թաղային
դպրոցին
եւ
ապա
ֆրանսերէն
սորվելով
Եզիկեանէ`
1834ին
բարիզ
կ՚ուղեւորի
բժշկութիւն
ուսանելու
համար,
շրջանաւարտ
կ՚ըլլայ
1840ին:
1844ին
կը
հրատարակէ
Մանկատածութիւն
անուն
գիրքը.
1860ին
իբր
քննիչ
–
պատուիրակ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
որոշմամբ
ազգ.
պատրիարքարանի:
Հանրածանօթ
դէմք
մը
եղած
է
պետական
եւ
գիտնական
շրջանակներու
մէջ
եւ
երկար
ժամանակ
մասնակցած
է
պատրիարքարանի
ժողովներուն:
Կը
վախճանի
1897ին
(Սաւալան,
էջ
1351).
տեսնել
իր
ընդաձրակ
կենսագրութիւնը:
Հա.
1893,
էջ
332-338
ՍԻՄԷՈՆ
ԱԲ.
Մբ.
1606ին:
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՊՍ.
ՆՋԵՑԻ
(Սասուն)
Մբ.
քահանայական
ցեղէ,
Երուսաղէմ
գալով`
կ՚աշակերտի
Թէոդորոս
պտրք-ին,
որ
1752ին
Ս.
Յարութեան
տաճարին
Գիւտ
խաչ
եկեղեցիին
մէջ,
վրդ.
կը
ձեռնագրէ
զայն,
տալով
նաեւ
ծայրագոյն
վարդապետութեան
աստիճան.
եւ
մասնաւոր
ծառայութեանը
համար
կը
շնորհէ
անոր
մատանի
եւ
խալիչէ,
եւ
իրաւունք
Աթոռ
նստելու,
եւ
դաս
ասելու.
Թէոդորոս
պտրք.
իր
կոնդակին
մէջ
կը
գրէ
հետեւեալ
գնահատական
ոտղերը
Սիմէոնի
մասին.
«ժառանգէր
ազնբիծ
վարս
եւ
զմաքուր
կրօնն
եւ
զբարի
պաշտօնն
առ
Ած.
եւ
զգիտութիւնն
աստուածային
սուրբ
գրոց,
Հին
եւ
Նոր
Կտակարանաց
եւ
զբանիբուն
հմտութիւն
գրոցն
արտաքնոց
իմաստասիրականաց`
ներհուն
եւ
հմտավարժ
ի
մանկութենէ
հետայն,
սնեալ
եւ
վարժեալ
առ
ոտս
տռն.
Պօղոսի
աստուածաբան
վրդ-ի
եւ
եպիսկոպոսին
Ուռհայու`
աշակերտին
տռն.
Յովհաննու
որոտընդոստ
եւ
աստուածաբան
վրդ-ի
եւ
պատրիարքի
Կ.
Պոլսոյ,
բազմաշխատ
երախտաւորի
սրբոյ
տանս
եւ
ի
ներկայումս
զջերմեռանդ
կրթումն
ի
նոյնս
եւ
զսիրով
հայցելն
ըստ
հանճարեղ
բարեմտութեան
եւ
բարեզարդութեանն
անձինն
սրբասիրի,
որ
յամ-ի
էր
ցուպ
ծերութեան
իմոյ.
»
(քաղուած
ՌՄԷ
(=1758)
թուական
Վկայական
գիրէն
Թէոդորոս
պտրք.
Տարոնցիի):
Սիմէոն`
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1762
Նոյ.
ժը-ին
Յակոբ
կթղ.
Շամախեցիէն:
Ղազար
Ջահկեցիի
Դրախտ
Ցանկալի
գիրքին
մեջ
ան
ունի
հետեւեալ
ինքնագիր
յիշատակարանը.
«Յիշատակ
է
գիրքս
Սասընցի
գիւղէն
Նջեցի
Սիմէոն
եպս-ին.
ի
Ս.
Յակոբայ
գրքատունն
որ
յԷմ.
եւ
ըստ
իւրոյ
կտակին
չունի
ոք
իշխանութիւն
հանելոյ
զսա
ի
սրբոյ
Աթոռոյս.
վայելողքդ
եւ
օրինակողքդ
ասացէք
Ած.
ողորմի
ի
ՌՄԺԷ
թվին
հայոց
(=1768):
»
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՊՍ.
ՊԱՐՈՆՏԷՐ
Մբ.
1661ին
ՏԲ.
Յովհ.
Խիզանցի
այս
Սիմէոն
եպս-ի
համար
ընդօրինակած
է
Շարական
մը:
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՊՍ.
ՍԷՖԷՐԵԱՆ,
ՄԻՋԱԳԻՒՂՑԻ
(ԿԷՅՎԷ)
Մբ.
Ծ.
1827ին.
աւազանի
անունը
Մանուկ.
Ձռ.
1857ին.
շինուածապետ
(1855-59).
ՏՅՊ.
(1859-60).
անգամ
վանակն
Տնտեսական
խորհրդոյ
(1861-62).
ՓԿԵ
(1864-69).
կը
ճամբորդէ
Եւրոպա,
մինչեւ
Աւստրիա
(1864-67).
վանական
գործերու
կարգադրութեան
համար
կը
մեկնի
Մոսկուա,
եւ
1867ին
կ՚ուղեկցի
Գէորգ
Դ.
կթղ-ին
մինչեւ
Էջմիածին
ուր
եպս.
կը
ձեռնադրուի
եւ
նոյն
տարին
կ՚ստանայ
սրբուհւոյն
Աննայի
Ասպետութեան
պատուանշանին
բ.
սատիճանը,
բ.
անգամ
ՓԿԵ
1869ին.
պատուիրակ
ընտրութեան
Կիլիկիոյ
Մկրտիչ
կթղ-ին`
Յովհաննէս
Ֆրէնկեանի
հետ
1871ին,
կը
վերադառնայ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
վերստին
կ՚ընտրուի
անդամ
Տնտես.
Խորհրդոյ
եւ
Ատենապետ
Միաբ.
Ընդհ.
Ժողովի
(1871-74).
գ.
անգամ
ՓԿԵ
(1874-1896).
Ս.
Աթոռի
կալուածոց
քննիչ
Եգիպտոսի
մէջ
1879ին.
պտրք.
Տեղապահ
եւ
արքեպս.
1888ին.
կը
վախճանի
Պոլսի
մէջ
1896ին.
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
կուտայ
170
հատ
րումելի
երկաթուղիի
արժեթուղթեր:
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՊՍ.
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
Նւ.
Վանայ
1802ին.
(տե'ս
ՄՁ.
Թ.
822).
Լսպ.
կը
վախճանի
1820ին:
1806ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
յիշատակէ
մէկ
զոյգ
մարգարտայեռ
եւ
ականազարդ
սաղաւարտ
կարմիր
թաւիշէ,
ինչպէս
նաեւ
թանկագին
քարերով
ոսկի
խաչ
մը,
1801ին
գաւազան
մը,
1808ին
Եմիփորոն
ձեռք
մը
եպիսկոպոսական
զգեստով,
հետեւեալ
յիշատակարաններու
համաձայն.
«Ի
վայելումն
Վանայ
նուիրակ
Սիմէոն
վրդ,
ի
Վանեցի
եւ
յիշատակ
Ս.
Յակոբայ
որ
յԵրուսաղէմ,
թվին
ՌՄԾ.
»
(=1801):
«Յիշատակ
է
եմիփորոնս
հանդերձ
բոլոր
եպիսկոպոսական
զգեստուք
Ս.
Աթոռոյս
նախկին
աւագ
լուսարար
Վանեցի
Սիմէոն
արքեպիսկոպոսին,
թուին
ՌՄԿԷ
(=1818)»:
Ցուց.
Պ.
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՊՍ.
1687ին
Սիմէոն
եպս.
առանց
սահմանեալ
տուրքը
վճարելու`
պատրիարքական
պէրաթ
կ՚ստանայ,
եւ
Երուսաղէմ
գալով`
պաշտօնանկ
կ՚ընէ
Պոլսեցի
Յովհաննէս
պտրք-ը.
եւ
չորս
տարի
կը
պաշտօնավարէ,
բայց
յետոյ
իր
նախորդին
հնարքովը
կը
մերժուի
Աթոռէն
(Ժպե.
հտր.
Ա.
էջ
405):
Հալէպի
եկեղեցինն
Թ.
117
ձեռագիրի
մէջ
գրուած
նոտրգիր
մէկ
յուշագրութիւնն
ալ
կը
հաստատէ
ասյ
պարագան.
«Այս
խազատետրս
տէր
Սարգիս
եպիսկոպոսի
է.
որ
եւ
գրել
է
ի
սբ.
քաղաքն
Երուսաղէմ.
ի
առաջնորդութեան
տէր
Սիմոն
արքեպս-ի
ի
թվականիս
հայոց
Ռ
եւ
Խին…»:
(=1591):
Անուշադրութեամբ
գրուած
է
այս
թուականը
որ
պէտք
է
ըլլայ
ՌՃԽ
(=1691),
այն
է
Սիմէոնի
պաշտօնավարութեան
տարին:
ՍԻՄԷՈՆ
ԵՐԷՑ
ԻԼՈՎՑԻ
1580ին
Իլովի
մէջ
ընդօրինակած
է
Սաղմոս
մը
որ
1610ին
յիշատակ
կը
տրուի
Ս.
Յակոբի
վանքին
(ՄՁ.
Թ.
419)
հետեւեալ
յիշատակարանով.
«…
Արդ
զրաւ
եղեւ
գրչութեանս
ի
թվ.
հայոց
մեծաց
ՌԻԹ
(=1580),
Աւգոստոսի
ԻԷ
…
տարբեր
գրչով.
«Եւ
արդ
եդաւ
սա
յիշատակ
ի
սուրբ
քաղաքս
Երուսաղէմ
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ
առաքելոյն.
ի
հայր.
տեառն
տէր
Գրիգոր
արհիեպս-ին.
ի
թվ.
ՌԿ
(=1611):
»
Խապ.
Ցուց.
տետր.
ԼԲ.
էջ
2397-98
ՍԻՄԷՈՆ
ԿԹՂ.
ԵՐԵՒԱՆՑԻ
1752ին
Եաղուպ
ամիրային
հետ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
Կթղ.
ամենայն
հայոց
(1763-80):
Վախճանած
է
1780ին
եւ
թաղուած
Ս.
Գայիանէի
վանքը.
հրատարակած
է
Ջամբռը
եւ
Համառօտ
լուծմունք
Արիստոտելի
գիրքերը:
Մասնաւորապէս
նորոգած
է
Նահապետ
կթղ-ի
շինած
կամուրջը,
ինչպէս
կը
վկայէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Նորոգեցաւ
կամուրջս
ի
ձեռն
տեառն
Սիմէոնի
Սրբազան
կաթուղիկոսին
Սրբոյ
Էջմիածնի
Երեւանցւոյ
ի
ՌՄԻԷ
թուին
մերոյ
(=1778)
(Հ.
Հայրենեաց.
էջ
35):
Տեսնել
ընդարձակ
կենսագրութիւնը
եւ
ժամանակակից
դէպքերը»:
Դիւան,
Սիմէոն
կաթողիկոսի
յիշատակարանը,
Գիրք
Ը.
ՍԻՄԷՈՆ
ԿԹՂ.
ՍՍՈՅ,
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
1634ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
Ներսէս
վրդ.
Սեբաստացիին
հետ
(@
1641.
տե'ս
Թորոս
Աղբար,
Ա.
հատ.
էջ
152).
այդ
առթիւ
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
հետ
կը
խորհրդակցի
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութեան
եւ
այլ
խնդիրներու
մասին
համաձայնութեան
գալու
համար
Ս.
Էջմիածնի
կաթողիկոսին
հետ,
եւ
առ
այդ
Ս.
Յակոբի
վանքէն
թուղթ
մը
կը
գրուի
Փիլիպպոս
կթղ-ին,
կ՚ստորագրեն
Սիմէոն
կթղ.
Գրիգոր
պտրք.
Յակոբ
եպս.
Տփխիսեցի.
Կարապետ
վրդ.
Մոկացի,
Ներսէս
վրդ.
Սեբաստացի,
Ստեփանոս
աւագերէց
Ջուղայեցի,
տէր
Մկրտիչ,
տէր
Ստեփանոս
երէց
Եւդոկիացի,
տէր
Ալիքսան,
մհտ.
Գասպար,
Խօճա
Խաչատուր,
Մ.
Մնացական
եւայլն.
(Սաւալան,
էջ
699-700):
Սիմէոն
կթղ.
գրած
է
նաեւ
թուղթ
մը
Փիլիպպոս
կթղ-ին
ուղղուած
ի
պատասսխան
վերջնոյս
գրած
թուղթին,
այդ
նամակին
մէջ
(էջ
53)
ինքզինքը
կ՚անուանէ
պատրիարք
Սրբոյ
Աթոռոյն
Երուսաղէմի
թեմին
նկատմամբ
հետեւեալը
կը
գրէ
(էջ
68)…
եւս
առաւել
սրբոյ
Երուսաղիմայ
հայրապետին,
որ
պարծանք
է
մեզ.
բոլոր
թեմդ
շարժէ
զնա:
ՍԻՄԷՈՆ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
Մբ.
կը
բնակէր
Գահիրէի
մէջ,
Ս.
Գէորգ,
Ս.
Սարգիս,
եւ
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիներուն
մէջ
ՌԾԵ
(=1606)
թուին,
Առ.
Գրիգոր
վրդ-ի
հսկողութեան
տակ,
ընդօրինակած
է
Ժամագիրք
մը:
Սոյն
ձեռագիրը
այժմ
կը
գտնուի
Փարիզի
Ազգ.
Մատենադարանին
մէջ:
CMA.
էջ
24
ՍԻՄԷՈՆ
ՄԻԱՑՆԱԿԵԱՑ
Երասխաձորի
(Արարատ)
վանականներէն
մին,
956ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
ծանօթանայ
Պաղեստինի
քրիստոնեաներուն:
Կը
ճամբորդէ
Հռովմ
ուխտի
համար
եւ
այդ
նպատակով
1012ին
կ՚ստանայ
Երուսաղէմի
հայոց
Արսէն
պտրք-ի
յանձնարարական
նամակը,
կը
հասնի
Մանտուայի
վանքերէն
մին,
ուր
կը
վախճանի
1016ին
խստամբեր
ճգնութենէ
վերջ
եւ
կը
թաղուի
նոյն
վանքին
մէջ:
Հոն
կը
պահուին
արկղի
մի
մէջ
հայազգի
միայնակեացին
Հայաստանէն
հետը
տարած
խարազը,
Սաղմոսը
եւ
հայերէն
Աւետարանը:
Կ՚ըսուի
թէ`
անոնց
հետ
կայ
նաեւ
հայերէն
թուղթ
մը`
հաւանաբար
Արսէն
պտրք-էն
գրուած
այն
շրջաբերականը`
որով
ապտրիարքը
կը
յանձնարարէր
որպէսզի
քրիստոնեաները
խնամ
տանին
Սիմէոնին.
որուն
համար
գրած
է
թէ
Սիմէոն
միայնակեաց
հայ
անապատական
մըն
է
(Չամչ.
Բ.
860-66).
ընդարձակ
կենսագրութիւնը
տեսնել:
Բազմ.
1884,
փետր.
եւ
մարտ
ՍԻՄԷՈՆ
ՊԵ.
(1090-1109).
կը
յիշատակուի
Մարինոս
լատին
պատմիչէն
(Յպե.
էջ
36):
Հաւանաբար
այս
Սիմէոն
պտրք-ն
է
որ
Երուսաղէմի
մէջ
թարգմանած
է
անվաւերական
Ադամ
գիրքը
հետեւեալ
յիշատակարանին
համաձայն.
«Զոր
թարգմանեաց
հոգեւոր
տէրն
Սիմէոն`
յԵրուսաղէմ.
»:
Բաց
ի
կաթողիկոսէն,
բարձրաստիճան
եկեղեցականներն
եւս
կը
կոչուին
հոգեւոր
տէր.
Ադամ
թարգմանութեան
ոճը
նկատի
առնելով
ինչպէս
նաեւ
յիշատակարանը,
հաւանական
կը
նկատենք
թէ
նոյն
գիրքը
Սիմէոն
պտրք.
թարգմանած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ:
ՍԻՄԷՈՆ
ՍԱՂԻԱՆՑԻ
1669ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նւիրէ
ականակուռ
ձեռաց
խաչ
մը,
որ
արժէքաւոր
հնութիւն
մը
կը
նկատուի:
ՍԻՄԷՈՆ
ՍՐԿ.
ԹԻՖԼԻԶՑԻ
Մբ.
1796ին
Ս.
Յաակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Պետրոս
պտրք.
Եւդոկիացիին
կարգաւորած
Շաբաթական
Թափօրից
տետրակը:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ԱԼԱՇԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
Լիմ
Անապատի,
կնիքը
1829:
1847ին
դասախօս
Ժառ.
վարժ-ի:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ԱՊԱՐԱՆՑԻ
(Փոքր)
Իր
ծնողքն
են
Կարապետ
եւ
Ծովինար
(Հա.
1919.
էջ
83):
1642ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
յիշատակ
կուտայ
իր
ձեռագիր
մագաղաթեայ
Աւետարանը
որ
այժմ
կը
մնայ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մատենադարանին
մէջ.
նոյն
ձեռագիրին
յիշատակարանէն
կը
քաղենք
հետեւեալը.
«…
վասն
այն
յուսոյն
ետ
գրել
զսբ.
աւետարանս,
եւ
զարդարել
ետ
ոսկւով
եւ
երանգ
երանգ
ծաղկով
յիշատակ
իւրն
եւ
իր
ծնողացն
եւ
ամ.
արեանառու
մերձաւորացն
կենդանեաց
եւ
հանգուցելոցն,
նաեւ
սուրբ
հօրն
իւրոյ
հոգեւորի
Կարապետ
գիտնական
րաբունապետի
որ
հանգուցեալ
է
առ
Քս.,
եւ
եդեալ
կայ
յէեմ.
քաղաքս
ի
Ս.
Փրկչի
եկեղեցին:
Դարձեալ
կրկին
աղաչեմ
յիշել
ի
տէր
ես
Սիմովն
վարդապետս
Ապարանցի
որ
ստացայ
զսա
մեծ
կարաւտիւ,
եւ
առեալ
զսբ.
աւետարանս
եւ
եկի
ի
սբ.
քաղաքս
յէմ.
եւ
եղի
յիշատակ
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ.
ի
թվին
հայոց
ՌՂԲ
(=1643).
ի
հայր.
սուրբ
տեղեացս
Եմյ.
տեառն
տէր
Գրիգոր
արի
եւ
քաջ
հայրապետին…»
(Խապ.
Ցուց.,
եւ
ՄՁ.
Թ.
532):
Սոյն
Սիմէոն
վրդ.
Ապարանցին
եղբօրորդին
է
մեծ
Սիմէոն
վրդ.
Ապարանցիին`
որ
ուսուցիչն
էր
Կարապետ
վրդ.
Մոկացիին:
Վախճանած
է
Վանի
մէջ:
Հաւանաբար
իր
յիշատակն
է
նաեւ
Աստուածաշունչ
մը
որուն
յիշատակարանին
մէջ
կոչուած
է
Սիմէոն
վրդ.
Մոկացի
(Խապ.
Ցուց.
տետր.
ԺԳ.
էջ
1010):
Սիմէոն
վրդ.
Ապարանցին
Շարակնոց
մըն
ալ
նուիրած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին.
«…
որ
(Սիմէոն
վրդ.
)
առաքեաց
զշարակնոցս
ի
սուրբ
Երուսաղէմ
ընդ
Մոկացի
տէր
Դաւթին
յիշատակն
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ
զոր
վերոգրեալ
քհյն.
այնապաղ
բերեալ
հասոյց
ի
թվին
ՌՃԼԷ
(=1688)
յԵմ.
եւ
եդ
յիշատակ
յաւիտենական»:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ԹԵԼԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1870ին.
Ձռ.
1898ին.
ՏՅ.
(1901-1904).
ՏՅՊ.
1905ին.
թարգման
1907ին.
ՏՀ.
1908ին.
բ.
անգամ
ՏՅՊ.
(1910-1915).
տեսուչ
կալուածոց
(1920-1928),
անդամ
Տն.
Ժողովի
(1921-1928).
վախճանած
է
7
Յուլիս
1928
եւ
թաղուած
Սիոնի
գերեզմանատունը:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ԹՕԳԱՏՑԻ
Մբ.
1771ին:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ՆԻԶԱՄԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
1847ին:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Սեբաստիոյ
1793ին:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
ՍԱՍՈՒՆՑԻ
Մբ.
Մշոյ
(Շուշտակ).
Ադրիանուպոլսեցի
պօղոս
պտրք-ի
օրով
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուր
ժամանակ
մը
մնալէ
զկնի`
կը
վերադառնայ
Ս.
Աղբերիկ
վանքը
եւ
հոն
կը
վախճանի
1855ին
(Հնոց,
էջ
185):
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
է
Թովմա
Ագուինացիին
թարգմանութեան
ձեռագիր
մէկ
օրինակը:
ՍԻՄԷՈՆ
ՎՐԴ.
Մբ.
Երեւանի
Անապատին,
1759ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
ՍԻՐԱՔ
ԱՏԱՆԱՑԻ
Ուխտաւորութեամբ
Ս.
Յակոբի
վանքին
այցելութիւն
տալով`
1776ին
Յովակիմ
պտրք-ին
կը
նուիրէ
Ս.
Գրոց
ձեռագիր
մը
(ՄՁ.
Թ.
304)
եւ
նոյնին
մէջ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Եւ
ես
մեղաւոր
եւ
անարժան
տիրացու
մահտեսի
Սիրաքս
ի
թվ.
ՌՄԻԵ
(=1776)
ամին
ի
քաղաքս
յԵրսղմ.
ընծայեցի
զգիրքս
այս
նորապսակ
պատրիարք
տեառն
Յովակիմ
աստուածաբան
եւ
երջանիկ
վարդապետին
ի
վայելումն
Ս.
Յակոբայ,
որ
եմ
որդի
տիրացու
Յովհաննէսի.
կոչիմք
անվամբ
Պասմաճի
զատէ
Ատանացի…»:
ՄՁ.
Թ.
304
եւ
Խապ.
Ցուց.
տետր
ԺԴ.
1113
ՍԻՐԱԿԱՆ
(ՄՀՏ.
)
ԱՐԱԲԿԻՐՑԻ
(Խօճա)
1721ին
իր
այցելութեան
առթիւ
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
է
ոսկի
սկիհ
մը,
իբր
յիշատակ
իր
ննջեցելոց:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
232
ՍԿԱՆՏԱՐ
ՉԷԼԷՊԻ,
ՈՐԴԻ
ՍԱՆՈՍ
ՉԷԼԷՊԻԻ
ՄՁ.
Թ.
23
ունի
յիշատակարան
մը,
որուն
համաձայն
սկանտար
Չէլէպին
1625ին
նոյն
ձեռագիրը
կը
նուիրէ
Ս.
Յակոբին
«…
բարեմիտ
եւ
հեզահոգի
պարոն
եւ
պայազատ,
իշխանաց
իշխան
եւ
իշխանազուն,
այսինքն
Սանոս
Չէլէպուն
որդին,
Սկանտար
Չէլէպին,
փափագող
աստուածասքանչ
պատմութեան
վարուց
հարցն,
եւ
յիշեաց
զբանն
տէրունական,
որ
ասէ…:
Վասն
որոյ
մեծափափագ
տենչմամբ
ետ
գրել
զսուրբ
զիրքս
եւ
եդ
յիշատակ
ի
սուրբ
Երուսաղէմ.
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ
դամբարանին,
ի
վայելումն
ուսումնասէր
եւ
բանասէր
վարդապետաց…»:
ՍՄԲԱՏ
ԵՊՍ.
ԳԱԶԱԶԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1873ին,
Ձռ.
1902ին.
ՏՊ.
1904ին.
հիւրընկալ
1906ին.
թարգման
1907ին.
ՓԿԵ.
1910էն
սկսեալ
ցայժմ
կը
վարէ
նոյն
պաշտօնը:
Ստանձնած
է
նաեւ
Կ.
Պոլսի
պատրիարքական
փոխանորդութեան
պաշտօնը:
Եպս.
կը
ձեռնադրուի
1924ին,
վարած
է
Պոլսի
մէջ
վարչական
պաշտօններ
եւս,
քարոզիչ
Բերայի
1928ին:
ՍՈՂՈՄՈՆ
ԱԲ.
Մբ.
1475ին
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Աւետարան
մը
(ՄՁ.
Թ.
1943)
ուր
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…
Արդ
գրեալ
եղեւ
սա
ի
ս.
քաղաքս
Երուսաղէմ,
ընդ
հովանեաւ
կափարիչ
ս.
վիմիս
Գերեզմանին
Քի.
եւ
սուրբ
բանտիս.
եւ
այլ
ամենայն
սուրբ
տնաւրինականացս
Քր.
Այ.
որ
կան
ի
սբ.
քաղաքս
Երսղմ.
ի
թվին
հայոց
ՋԻԴ
(=1475),
ի
հայրապետութեան
Սսոյ
հայոց
տեառն
Ստեփաննոսի,
եւ
յեպիսկոպոսութ.
սուրբ
քաղաքիս
Երուսաղէմի
տէր
Մկրտիչ
Արհ-եպիսկոպոսի
ի
խնդրոյ
վերոգրեալ
Մխիթար
քհյ-ի
Հեշատեցւոյ:
Արդ
աղաչեմ
զձեզ
հանդիպողսդ
սուրբ
Աւետարանիս,
յիշեցէք…
զՄխիթար
քհնյ.
որ
ստացաւ
զսուրբ
աւետարանս
եւ
եդ
զսա
ի
Ս.
Փրկիչ
ի
յիշատակ…
հաւրն
իւր
Զաքարիային
եւ
մաւրն
իւր
Սատատին
եւ
եղբարց
իւրոց
հանգուցելոց
ի
Քս.
Ստեփանոսին.
եւ
Չաւպանին
եւ
քուերցն
Շաքարին
եւ
Մրուաթին
եւ
եղբաւր
որդւոց
իւրոց
Մկրտչին
եւ
Զաքարին…»:
Այլ
եւ
յիշեցէք
զփակակալ
սբ.
Փրկչին.
զտէր
Տաւնականն
եւ
զհայր
Թադէոսն.
որ
աշխատեցաւ
ի
սրբագրելն
զսբ.
աւետարանս.
եւ
զճգնազգեաց
հայրն
Շրուանշայ,
նաեւ
զռայիս
Ղազարն:
Արդ
գրեցաւ
սա
ի
լաւ
եւ
յընտիր
աւրինակէ
ձեռամբ
յոգնամեղ
եւ
անարհեստ
փծուն
գրչի,
պիտակ
եւ
սուտ
անուն
Սողոմոն
աբեղայի,
որ
անուամբս
միայն
կոչիմ
եւ
գործով
եմ
տարագիր
եւ
յոյժ
հեռի
զի…
Ի
թվիս
հայոց
ՋԻԴ
(=1475),
յորում
գրեցաւ
սբ.
աւետարանս,
առին
զԿաֆան
տաճիկն
եւ
արարին
բազում
գերութիւնս
եւ
աւերումն,
եւ
եղեւ
յոյժ
տրտմութիւն
եւ
սուգ
քրիստոնէից.
եւ
այս
ամենայն
եկն
ի
վերայ
մեր
վասն
մեղաց
մերոց.
եւ
ի
միւսում
ամի
ՋԻԵ
(=1476)
թվին
առին
Վրացիքն
զԳողգոթայ
ի
հայոց
եւ
ինոյն
ամի
հայերն
գնացին
ի
սուլթանն
ու
առեալ
հրաման`
եկին
եւ
շիենցին
զնոր
Գողգոթայի
սանդուխն
եւ
ուրախացան:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
Բ.,
էջ
146-47
ՍՈՍԹԵՆԷՍ
ԱԲ.
Իր
այցելութեան
առթիւ
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքին
կը
նուիրէ
բոլորգիր
Ճաշոց
մը,
իր
կողմէն
ընդօրինակուած
Սուրղաթի
մէջ
(Ղրիմ)
ՉՂԹ
(=1350)
թուին:
ՍՈՒՐԷՆ
ՎՐԴ.
ՔԷՄՀԱՃԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1885ին.
Ձռ.
1918ին.
ՏՊ.
(1922-29).
Ատենապետ
Միաբ.
Ընդհ.
Ժողովին
1929ին:
ՍՈՒՔԻԱՍ
ԱԲ.
ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ,
ՎԱՆԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1857ին.
ժառանգական
խնդրոյ
մը
կարգադրութեան
համար
կը
մեկնի
Վան
1858ին,
եւ
հաւանաբար
վախճանած
է
հոն:
ՍՈՒՔԻԱՍ
(ՄՀՏ.
)
ԱՄԻՐԱՅ
ԲԻՆԿԵԱՆՑԻ
Բարերար
մը
Ս.
Յակոբի
վանքին
Յովակիմ
պտրք-ի
օրով.
1781ին
վանքին
հանդիպակաց
ոկղմը,
լուացարանի
պատին
վրայ
կը
զետեղուի
յիշատակարան
մը,
որուն
ընդօրինակութիւնը
կը
դնենք
հոս.
«Ի
պատրիարքութեան
Յովակիմայ
սրբզն.
արհի
դիտապետին
սրբոյ
քաղաքիս
Երուսաղէմի
յիշատակ
է
նորահիմն
շինեալ
կամարացն
արեւմտեան
կողմի
չորս
կամարն
լուսահոգի
մհտ-ի
Սուքիաս
ամիրային,
իւր
ծնողացն
մհտ-ի
Յակոբին
եւ
մհտ-ի
Թուրվանտային
եւ
կենդանի
եղբօր
նորին
մհտ-ի
Ստեփանին
եւ
որդւոյն
մհտ-ի
Խաչատուրին
եւ
իւրն
կողակից
մտհ-ի
Հռիփսիմէին
եւ
համայն
կենդանեաց
եւ
ննջեցելոց
հոգւոյն
ի
թվ.
ՌՄԼ
(=1781)
յունվարի
մէկին»:
ՍՈՒՔԻԱՍ
ԵՊՍ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
Հայրը
Սարգիս,
մեծ
հայրը
Թորոս.
աշկ.
Եղիազար
կթղ-ի,
կնիքը
1657.
Առ.
Պրուսայի
1664-1709.
կը
վախճանի
Պրուսա
1709ին
եւ
կը
թաղուի
եկեղեցիին
գաւիթը.
իր
օրովը
նահատակուած
է
ՌՃԽԳ
(=1694)
թուին,
Պրուսացի
Նիկողայոս
Այվազը.
ինչպէս
գրուած
է
անոր
վկայաբանութեան
մէջ.
«Կատարեցաւ
Սուրբն
Նիկողայոս…
ի
վերատեսչութեան
քաղաքին
Պրուսայու`
Սուքիասայ
եպիսկոպոսի».
(Հ.
Ն.
Վկաները.
հատ.
Բ.
էջ
190):
Գրիգոր
վրդ-ի
մը
հետ
1675ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ,
Ա.
Գրիգոր
Նիւսացւոյն
Ինն
երանութիւնքն,
Մեկն.
Հայր
մերի,
Ժողովողին,
Երգ
երգոցն,
Բ.
քարոզք
յաղագս
պահոց
եւ
հարցմունք
եւ
պատասխանիք
բանից
ճգնաւորաց
ի
Բարսղէ,
Գ.
Լուծմունք
քերականութեան
ի
Մովսիսէ
Խորենացւոյ,
Դ.
Վիճաբանութիւն
ընդդէմ
երկաբնակաց
յԱնանիայէ,
Ե.
Բանք
վասն
մարդեղութեան
Յս-ի
ի
Խոսրովկայ
թարգմանչէ
հայոց
(Էջմ.
Ցուց.
Թ.
641):
Սուքիաս
եպս.
Ղալաթիոյ
ազգ.
մատենադարանի
(Թ.
84)
ձեռագիրը
ընդօրինակած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
եւ
յիշատակարանն
է
հետեւեալը.
«Սուքիաս…
ապիկար…
յերկիրս
աւետեաց,
ի
սուրբ
քաղաքս
յԵրուսաղէմ.
առ
դրան
առաքելական
Աթոռոյ
Սրբոյ
Յակոբայ.
ի
վերատեսչութեան
տեառն
Եղիազարու
ամենայն
հայոց
կաթողիկոսի,
զոր
հաստատուն
պահեսցէ
Տէր
ի
կամս
իւր
իւրայնօքն
հանդերձ,
ի
թվականութեան
հայոց
տօմարի
ՌՃ
եւ
ԻԴ
(=1675):
1678ին
Յովսէփ
վրդ-ի
հետ
տպագրել
տուած
է
Երեմիա
Չէլէպիին
Տնօրինական
տեղիք
քերթուածը,
ի
պատիւ
Եղիազար
կթղին.
1674ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
է
Աստուածաշունչ
մը»:
ՄՁ.
Թ.
1926
ՍՈՒՔԻԱՍ
ՂԱՓՈՒԳՐԱՆԵԱՆ,
ՊԱԼԱՏՑԻ
Հայրը
Ալիքսան,
մայրը
Նազլը,
կողակիցը`
մհտ.
Կիւլ.
իր
ուխտաւորութեան
առթիւ
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
ոսկիէ
սկիհ
մը:
ՄՁ.
Թ.
532
ՍՈՒՔԻԱՍ
ՎՐԴ.
ԳՐԻԱՈՐԵԱՆ,
ՎԱՆԵՑԻ
Մբ.
Աւազանի
անունը
Յովհաննէս.
Ձռ.
1857ին:
Ընդօրինակած
է
Տ.
Հ.
Թ.
Սաւալանի
խմբագրած
1851
տարիին
պաշտօնական
նամակները:
ՍՈՒՔԻԱՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
1793ին
կը
պաշտօնավարէր
Բեթղեհէմի
մէջ:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ,
ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ
Ծ.
1846
Յունիս
12ին.
աւազանի
անունը
Սուրէն,
պատանի
հասակին
մէջ
կը
մեկնի
Արմաշ,
ուրկէ
վանքին
միաբաններէն
Գէորգ
վրդ-ի
հետ
(յետոյ
վանահայր
Արմաշի)
կը
մեկնի
Զմիւռնիա,
հոն
կը
պատահի
Կարապետ
վրդ.
Շահնազարեանի
որ
Փարիզէն
Պոլիս
երթալուն
կը
հիւանդանայ
եւ
Սուրէն
անոր
նկատմամբ
հոգածութիւն
եւ
գուրգուրանք
ցոյց
կուտայ
եւ
այդ
պատճառով
ի
նշան
սիրոյ
կ՚ստանայ
անոր
լուսանկարը
եւ
կ՚արժանանայ
քաջալերանքին:
Գէորգ
վրդ.
Արմաշ
կը
վերադառնայ,
բայց
Սուրէն
չուզելով
նոյն
վանքին
մէջ
մնալ`
կը
մեկնի
Պոլիս
եւ
կը
մտնէ
Նուպար-Շահնազարեան
վարժ-ը
ուր
թէ
իբր
աշակերտ
եւ
թէ
իբր
ուսուցիչ
օգտակար
կ՚ըլլայ,
այնպէս
որ
տեսուչ`
Ներսէս
եպս.
Վարժապետեան
սարկաւագ
կը
ձեռնադրէ
զինքը
եւ
երբ
1871ին
Նիկոմիդիոյ
առաջնորդ
կ՚ընտրուի
իր
հետը
կը
տանի
Սուրէն
սրկ-ը
իբր
քարտուղար
եւ
1873ին
վրդ.
կը
ձեռնադրէ
եւ
անունը
կը
դնէ
Ստեփանոս:
1874ին
Ներսէս
եպս.
ընտրուելով
պատրիարք,
կը
մեկնի
Պոլիս,
փոխանորդութեան
պաշտօնը
իրեն
յանձնելով:
Ստեփան
վրդ.
կ՚ընտրուի
Առ.
Նիկոմիդիոյ
(1880-1915).
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1886ին,
յետոյ
արքեպս.
1903ին:
Ընդհ.
պատերազմին`
իր
վիճակի
ժողովրդեան
հետ
կը
տարագրուի
եւ
պետական
մասնաւոր
արտօնութեամբ
կ՚ապաստանի
Երուսաղէմ
եւ
մինչեւ
զինադադար
կը
հիւրընկալուի
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ.
1918ին
կը
մեկնի
Եգիպտոսի
ճամբով
Պոլիս,
ուրկէ
կը
վերադառնայ
Նիկոմիդիա,
բայց
քիչ
ժամանակէն
Քէմալական
շփոթներու
պատճառաւ
ժողովրդեան
հետ
Պոլիս
կ՚ապաստանի:
Այժմ
Առ.
Պուլկարիոյ
հայոց:
Իր
ընդարձակ
կենսագրութիւնը
տեսնել
(Արաքս.
1890-1891),
ուր
նկարագրուած
է
իր
երկարամեայ
Առաջնորդութեան
բեղուն
եւ
շինարար
գործունէութիւնը:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՏԱԹԵՒԻ
Իր
հօրեղբօրը
Շմաւոնէն
յետոյ
կը
յաջորդէ
իբր
առաջնորդ
Տաթեւու.
դաւանական
խնդիրի
պատճառով
Սօֆի
Խալիլ
Աթապէկի
կողմէն
կը
բանտարկուի
ու
կը
շարշարուի,
բայց
համբերութեամբ
կը
կրէ
տրուած
անտանելի
նեղութիւնները
եւ
կ՚ազատի:
ՋԼԲ
(=1483)
թուին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
Տնօրինական
տեղերը
եւ
ապա
կը
վերադառնայ
իր
Աթոռը:
Սիսական,
էջ
528
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՏԱՐՍՈՆԻ
Առ.
Մլիճի
վանքին.
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
տուած
է
մագաղաթեայ
Աւետարան
մը
(ՄՁ.
Թ.
532).
կը
վախճանի
1320ին:
տե'ս
իր
մասին
Սիսուան,
էջ
74,
նաեւ
Tisserant,
էջ
350-353
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԳՐԻՉ
ԵՒ
ԿԱԶՄՈՂ,
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
Մբ.
Լեռնակողման
(Այնքեարիմ)
հայոց
Ս.
Կարապետի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
ՊԼԹ
(=1390)
թուին
բոլորգիր
Մաշտոց
մը
Մըսըրցի
Գրիգոր
պտրք-ի
օրով,
ի
խնդրոյ
Ս.
Յակոբի
փակակալ
Յովհաննէս
կրօնաւորի
(Սաւալան,
էջ
625):
Այս
ձեռագիրին
յիշատակարանին
մէջ
յիշուած
է
նաեւ
Յովհաննէս
անուն
դասավար
մը
(ՄՁ.
Թ.
661):
ՄՁ.
Թ.
271
Ճաշոցի
գրչին
յիշատակարանէն
զատ,
ուրիշ
գրով
հետեւեալ
յիշատակարանը
գրուած
է
Սեբաստացի
Ստեփանոսէն.
«Քս.
Ած.
ի
քո
միւսանգամ
գալուստդ
ողորմեայ
առաջին
ստացողի
գրոյս
տէր
Դաւթի
եւ
գրողի
սորին
Ստեփանոս
կրաւնաւորի
եւ
այժմոյս
առաջնորդացս
եւ
կրօնաւորացս
եւ
ամ.
միանձացս
առ
հասարակ
որ
յԷմ.
եւ
ընդ
ամ.
տիեզերս.
նաեւ
այնոցիկ
որ
յետ
մեզ
գալոց
են:
Ողորմիա
Քս.
Ած
եւ
Յովհաննէս
փակակալին
Սրբոյն
Յակոբայ
եւ
ծնողաց
իւրոց
որ
եղեւ
պատճառ
վերստին
կազմելոյ
եւ
նորոգելոյ
գրոցս
վասն
զի
բարի
առնէ
տէր
բարեաց…
ողորմիա
Քս.
եւ
միաբան
եղբարցս
Լեռնակողմանս
կրաւնաւորացս
եւ
գործաւորացս
առ
հասարակ,
ի
թվ.
ՊԽԱ
(=1392),
կազմեցաւ
ձեռամբ
անարժան
Ստեփանի
թերեւս
արժանի
առնէք
եւ
զիս
յիշատակի
եւ
Ած.
որ
առատն
է
ի
տուրս
բարեաց
ձեզ
եւ
մեզ
առ
հասարակ
ողորմեսցի,
ամէն»:
Ստեփանոս
գրիչ
ՊԹ
(=1360)
թուին
Սարգիս
Միակեցին
խնդրանքով
նաեւ
կ՚ընդօրինակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
Գրիգոր
Նարեկացիին
աղօթագիրքը
եւ
այլ
եւ
այլ
ճառեր
ի
հայո.
Մեսրոպայ
եւ
ի
պտրք.
Եէմի
տէր
Գրիգորի
(ՄՁ.
Թ.
1615):
Ստեփանոս
գրիչ
ՊԽԱ
(=1392)
թուին
դարձեալ
կը
կազմէ
Սաղմոսարան
–
Ժամագիրը
(ՄՁ.
Թ.
265)
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Զարժանապատուեալ
եպսունս.
Երուսաղէմայ
զտէր
Եսայի
աղաչեմ
յիշել,
ընդ
նմին
զհեզահոգի
եւ
զհաւատարիմ
կը.
զՅովհաննէս.
զփակակալ
Սրբոյն
Յակոբայ
եւ
զծնողս
իւր.
վասն
զի
մեծ
յուսով
ետ
զսուրբ
մատեանս
վերստին
նորոգել
եւ
կազմել
ի
յիշատակ
իւր
եւ
ամենայն
երախտաւորաց
սրբոյ
տաճարիս
առաքելական,
վասն
որոյ
աղաչեմ
զընթերցողսդ
խնամով
պահել
եւ
սրտի
մտաւք
յիշել
յարժանաւոր
յաղօթս
ձեր
զվերոյգրեալ
անուանսդ
եւ
այլ
ամենայն
միաբան
եղբարսդ
Սրբոյն
Յակոբայ.
զկրաւնաւորսդ
եւ
զմիայնակեացսդ
եւ
զապաշխարողսդ
եւ
զամենեսեան
առ
հասարակ:
Նա
եւ
ինձ
ի
սրտէ
խոցելոյս
եւ
մեղօք
խաւարելոյս
թերավարժ
աշխատողի
սորա
եւ
կազմողի
Ստեփանոսի
ու
միաբան
եղբարցս
Լեռնակողմանս
մեղաց
թողութիւն
խնդրել,
եւ
ինքն
բարերարն
Ած.
մեզ
եւ
ձեզ
առհասարակ
ողորմեսցի.
ի
թվ.
ՊԽԱ
(=1392),
կազմեցաւ
Սաղմոսար(անս):
Յայսմ
ամի
կատարեցաւ
նահատակութիւն
Թէոդորոս
կթղ-ի
հայոց
ի
մայրաքաղաքն
Սիս,
որոյ
յիշատակ
նորա
աւրհնութեամբ
եղիցի.
»:
Դարձեալ
նոյնէն,
«Գրեցաւ
սակաւ
զիրս
ի
հռչակաւոր
անապատս
Լեռնակողմանս,
որ
յանուն
Ս.
Յովհաննու
Կարապետին.
ի
թւին
ՊԼԹ
(=1390),
յուլիս
Ժ.
ձեռամբ
Ստեփանոսի
(կտրուած)
սբ.
Եմյ.
տէր
Գրիգոր
Մսրցուն»:
ՄՁ.
Թ.
89
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԳՐԻՉ
(ԵՐԿԱՅՆ)
Մբ.
1316ին
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
բոլորգիր
Ճաշոց
մը
որուն
կցած
է
Ս.
Տեղեաց
յատուկ
Գանձարան
մը
(ՄՁ.
271).
Ստեփանոս
Երկայն
կ՚ընդօրինակէ
նաեւ
Աւետարան
մը
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
1321ին,
անոր
յիշատակարանին
կարեւոր
մասերը
կը
դնենք
հոս,
«Յամին
եօթն
հարիւրորդի
եօթանասներորդի
մեծ
թուականին
մերոյ
(=1321).
ի
հայր.
տեառն
Կոստանդեայ
Լամբրոնացւոյ,
եւ
ի
թագ.
դեռաբոյս
պատանեկին
Լեւոնի
որդւոյ
Աւշնի,
գրեցաւ
Ս…
Աւետարանս
ի
ս.
քաղաքս
Երուսաղէմ.
ի
դրունս
սուրբ
եւ
փառաւոր
տաճարիս
Քրիստոսի
Ս.
Յակոբայ,
ձեռամբ
իմով
անարժան
եւ
մեղսաթաւալ
փանաքի
եւ
անարհեստ
գրչի
Ստեփան
մականուն
յԵրկայն
կոչեցեալ,
ի
խնդրոյ
աստուածարեալ
եւ
սրբասէր
քահանային
Վարդիշխանայ,
եւ
հոգեւոր
դստերն
իւրոյ
Շաքար
հաւատաւորի,
որ
ետուն
գրել
զսա
մեծաւ
փափագանաւք
յիշատակ
նոցին
անջնջելի,
եւ
աւանդեցին
Ս.
Հրեշտակապետացն…»:
…Յիշեցէք
զՄատթէոս
պատուական
քահանայն,
որ
կազմեաց
զսուրբ
Աւետարանս
իւր
ծախիւք
եւ
աշխատութեամբ…
յիշեցէք
զՄասնիր
ջուլհակն,
եւ
զամուսին
իւր
Տուխթար…
որ
զսուրբ
Աւետարանս
վերստին
զարդարեցին
արծաթով
եւ
ոսկւով
եւ
տէրունական
նշանաւ
եւ
սուրբ
պատկերաւ…
եւ
զՍտեփանոս
աբեղայն,
որ
շատ
աշխատեցաւ
ի
յարծթելն…
եւ
զՄկրտիչ
ոսկերիչն:
տե'ս
Թորոս
Աղբար
Բ.
էջ
344-347
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԳՐԻՉ
Էնկիւրիի
վանքին
սեփական
Քերականութիւն
եւ
Մեկն.
Քերականի
Եսայի
Նջեցւոյ
եւյլն
ձեռագիրին
յիշատակարանէն
կ՚իմացուի
որ
Ստեփանոս
գրիչ
1361ին
Երուսաղէմ
ուխտի
եկած
է
ու
Պոլսի
ճամբով
վերադարձած
է
Ղրիմ,
յիշատակարանը
հոս
կը
դնենք,
«Աւրինակիս
գրողի
եռամեծ
Կիրիոն
վրդ-ի
եւ
աշակերտի
նորին
(=Սեթ)
վրդ-ի
եւ
եղբօր
իւրոյ
Աւետիս
միակեցի…
յԵրուսաղէմ
վախճանի…:
Քս.
Ած.
զսոսա
իւր
տեսոյն
եւ
երկնից
արքայութեան
արժանի
առնէ
եւ
մեզ
ծրողի
Ստեփանոսի
անարուեստ
եւ
փծուն
գրչի
մեղաց
թողութիւն
պարգեւեսցէ
եւ
յիշողացդ
Քս.
ողորմեսցի.
ամէն.
եւ
խոշորութեան
եւ
սխալանաց
անմեղադիր
լերուք
քանզի
կար
մեր
այս.
գրեցաւ
ի
թվիս
հայոց
ՊԺ
(=1361)
ի
Կ.
Պօլիս
ի
մօտ
Ղալադան
ընդ
հովանեաւ
Ս.
Սարգսի,
ի
հանդիպումն
ճանապարհի
մեզ
յԵմայ
ի
Ղրիմն.
սակաւ
աշխատող
զարժանաւոր
քհ.
զԱնտոն
նամակի
կոկող.
աղաչեմ
յիշել
ի
տէր.
»
(նաեւ
Հա.
1928,
էջ
360-361):
Նոյն
ձեռագիրին
մի
ուրիշ
յուշագրութիւնը.
«Յայսմ
ամի
թուականիս
հայոց
ՊԹ
(=1360)
փոխեցաւ
առ
Քս.
յԵմի
Աւետիս
միակեց
եղբայր
վերոյգրեալ
Սեթ
վրդ-ի.
յիշատակ
նորա
եւ
յիշօղքն
օրհնեալ
եղիցի
յաւիտեան.
ամէն»:
Անդ.
էջ
նոյն
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԳՐԻՉ
1360ին
«ընդհովանեաւ
Աթոռակալ
Առաքելոց»
կ՚ընդօրինակէ
Աւետարան
մը,
յիշատակարանին
մէջ
կը
յիշուի
Գրիգոր
փակակալ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Թորոս
Աղբար,
Բ.
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԳՐԻՉ
Մբ.
1625ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Հաւաքածոյ
ձեռագիր
մը
(ՄՁ.
Թ.
1483),
այս
յիշատակարանին
համաձայն.
«…
տեսի
զայս
գիրքս
ի
սբ.
քաղաքն
Երսղմ.
եւ
ցանկացայ
եւ
սկսայ
եւ
աւարտեցի
զսա
ի
վայելումն
անձին
իմոյ…
ողորմի
ասէք
ինձ
անարժանի
Ստեփաննոսի
եւ
իմ
ծնաւղացն
հաւրն
Փանոսին
եւ
մօրն
Շնահաւորին…
ամէն:
Գրեցաւ
գիրքս
ի
սուրբ
քաղաքս
Երսղմ.
ի
դուռն
Ս.
Յակոբ
Առաքելոյն,
ի
յաթոռն
հայոց
ազգիս.
ի
հայր.
սբ.
Աթոռոյս
տէր
Գրիգոր
սրբազան
արհի
եւ
պանծալի
արք-եպսին.
…
գրեցաւ
գիրքս
ի
թվականիս
հայոց
ի
ՌՀԴ
(=1625),
ի
դառն
եւ
ի
նեղ
ժամանակիս…:
Քս.
Ած.
քո
առատ
ողորմութեամբդ
ողորմեա
Մարգարայ
սարկաւագին,
որ
բազում
չարչարանաւք
զամենայն
եկեղեցեաց
լուսերն
կու
վառէ»:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
17,
էջ
2054-55
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ԲԵՐԻԱՑԻ
Մբ.
Գունտի
ազգատոհմէն.
ՏԴ.
Ս.
Յակոբի
վանքին
երեսուն
տարի
լուսահան
պաշտօնեայ
ըլլալէ
վերջ
1727ին
կ՚ապաստանի
Անտոնեանց
Քրէմայ
վանքը`
նախապէս
ալ
դիմելով
Նազարէթի
ֆրանչիսկեանց
մօտ:
Կը
վախճանի
ի
Քրէյմ:
Տեղեակ
էր
արաբ,
ասորի,
թուրք
եւ
լատին
լեզուներու:
Հա.
1902,
էջ
292:
Տե'ս
նաեւ
ՄՁ.
Թ.
1943
յիշատակարանին
վերջի
ծանօթութիւնը
ուր
կը
յիշուի
Ստեփանոս
եպս.
Պէրութի
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ԲԼՒԵՑԻ
1603ին
Լս.
Խոճիկ
գրչին
ձեռքով
ընդօրինակուած
Մաշտոցի
մը
ստացողն
է
Ստեփանոս
եպս.
որ`
Պարոնտէրի
ժամանակ
հաւանաբար
1619ին
նուէր
կը
ղրկէ
զայն
Ս.
Յակոբի
վանքին
հետեւեալ
յիշատակարանի
համաձայն,
«որ
տուեց
գրել
իւր
հալալ
արդեամբն,
իւր
հոգւոյն
եւ
իւր
ծնողացն
Շահրուզին
եւ
իր
մօրն
Մարիամին,
տըւեց
յիշատակ
ի
դուռն
լուսաբուղխ
սբ.
Գերեզմանին
եւ
Ս.
Յակոբին,
ձեռամբ
տէր
Ղուկաս
առքեպսին.
որ
տանէ
դա
ի
ձեռն
սբ.
Երուսաղիմայ
առաջնորդին
տէր
Գրիգոր
արքեպիսկոպոսին:
…»:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
ԻԲ.
էջ
1665
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
Փոխանորդ,
1810ին
ականատես
կ՚ըլլայ
Կարնոյ
մէջ
Դըւնիկցի
Վառվառէ
կոյսին,
եղբօրը
Գասպարին
եւ
Կարնեցի
Մարիամ
կնոջ
նահատակութիւններուն.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1811ին.
Նւ.
Կարնոյ,
Կարսի
եւ
Պայազիտի.
կը
վախճանի
1815ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ԻԶՄԻՐՑԻ
Ձռ.
1740ին.
Առ.
Էնկիւրիի
(1753-1780).
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1754ին.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
(1775-76):
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ՆՈՐ-ՋՈՒՂԱՅԻ
Առ.
Նոր-Ջուղայի
1684ին.
1710ին
ուխտաւորութեամբ
կը
գտնուէր
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուրկէ
նոյն
թուականին
գրով
կը
յորդորէր
Աղա
Մաթոսը
Ս.
Յակոբի
ուխտի
գալ
եւ
նոյն
վանքը
իր
ծանր
պարտքէն
ազատել.
իր
թուղթին
սկիզբն
է
այս.
«Գիր
գրեալ
յուխտէն
Երուսաղէմայ
առ
պրն.
Աղա.
մանաւանդ
ընդ
քեւ
կցորդեալ
հոգեւոր
եւ
մարմանաւոր
ազգացեղաց
ի
պատրաստի
գտեալ
իշխանաց
եւ
տօլվաթաւորաց,
մեծամեծաց
եւ
սինլքորաց,
օտարականաց
եւ
տեղացեաց»
եւյլն.
վերջը.
«Գրեցաւ
ի
դրան
Ամենափրկչի
վանաց
ի
թուին
ՌՃԾԹ
(=1710).
յամսեանն
Ապրիլի
ԻԷ.
ի
դրան
Սրբոյն
Յակոբայ
վիճակին
ամենայն
հայոց»
(Սրգս.
Ցուց.
Բ.
Հատ.
էջ
1244):
Այս
թուականը
սակայն
սխալ
կը
թուի,
վասն
զի
Ստեփանոս
վախճանած
է
բանտին
մէջ
1698ին
Նահապետ
կթղ-ի
եւ
իր
միջեւ
տեղի
ունեցած
կթղ-ական
խնդիրներու
պատճառաւ:
Ստեփանոս
եպս-ի
կաթողիկոսութեան
եւ
կենսագրութեան
մասին
տեսնել:
Նոր
Ջուղա.
Բ.
Հատ.
էջ
30-32
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
ՍԱՆՏԱԼՃԵԱՆ,
ՊՐՈՒՍԱՑԻ
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի.
Ծ.
1836ին.
Ձռ.
1861ին.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1868ին.
անհրաման
կը
մեկնի
Հռովմ
1875ին.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
միաբանակցի
(1876-78).
բայց
քիչ
ժամանակէն
կը
մեկնի
վանքէն
եւ
կը
կարգուի
վանահայր
Կեսարիոյ
Ս.
Դանիէլ
վանքին,
ուր
եւ
կը
վախճանի:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՊՍ.
Մբ.
1802ին
Պոլսի
մէջ,
ուր
կը
վախճանի
1827ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԵՐԷՑ.
Մբ.
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ,
ուր
Վասիլ
պտրք-ի
օրով
ՊԴ
(=1355)
թուին
կ՚ընդօրինակէ
Ճառընտիր
մը,
եւ
ՊԺԲ
(=1363)
թուին
Սարգիս
ճառերը,
Գրիգոր
եւ
Մկրտիչ
պատրիարքներու
օրով:
Այդ
ձեռագիրները
միացուած
են
եւ
կը
մնան
վանքին
մէջ:
ՄՁ.
Թ.
1110
ՍՏԵՓԱՆ
ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ
Քրձ.
ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
կը
թողու
մթերանոց
մը
Յոպպէի
մէջ
(Արձնգր.
Տն.
Ժողովի.
Նիստ
ՄՀ.
1888.
էջ
162),
կը
վախճանի
1887ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
Տիգրանակերտի
Ս.
Կարապետ
եկեղեցիին
մէջ
կը
գտնուի
Աւետարան
մը
որ
1360ին
ընդօրինակուած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ,
Ստեփանոս
կրօնաւորի
ձեռոքվ,
յիշատակարանն
է
հետեւեալը.
«Գրեալ
ի
թվ.
հայոց
ՊԹ.
(=1360)
յԵրուսաղէմ.
ընդ
հով.
տաճարիս
աթոռակալ
առաքելոցս
Յակոբեանց,
ի
թագ.
հայոց
Կոստանդնի,
եւ
ի
հայր.
տեառն
Մեսրոպայ.
յառաջնորդութեան
տէր
Գրիգորայ
եպիսկոպոսի
Երուսաղէմի,
ձեռամբ…
գրչի
Ստեփանոս
կրաւնաւորի
կամակցութեամբ
եւ
աւգնականութեամբ
եւ
խրատ
տալով
վերծանողի
սպասաւորի
բանի,
սրբասնեալ
Գրիգորի
քահանայի`
փակակալի
մեծ
եւ
հռչակաւոր
սուրբ
եկեղեցւոյս
Յակոբայ
եւ
ամենայն
աստուածընկալ
նշանացս,
եւ
մանաւանդ
կազմողի
սորին»…:
«Յիշեցէք…
զստացող
սորին
զԹագւորշահ
դպիր
եւ
…
զծնողս
Ստեփանոս
Արեւելցի
աշակերտ
Սէթ
Վարդապետի…
համանման
մեծի
եւ
առաջին
վարդապետաց.
եւ
խոշորութեան
գրիս
եւ
սխալանացս
անմեղադիր
լերուք
եւ
զթերին
սիրով
ուղղէք.
քանզի
յոյժ
անհմուտ
էի
արուեստի
գրչութեան,
մանաւանդ
ի
շեշտ,
ի
ստոր,
ի
բոյթ.
ի
վանկ,
ի
փաղառութիւն,
եւ
ի
Ժ.
առոգանութեան…»:
(Թորոս
Աղբար,
Բ.
էջ
437-8).
հաւանաբար
միեւնոյն
անձն
է
որ`
1355-1363,
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Սարգիս
ճառերը
(ՄՁ.
Թ.
574),
որուն
յիշատակարանին
համաձայն,
Ստեփանոս
գրչին
հօրը
անունն
է
Մեհեւան,
մօրը
Սիրամարգ:
եւ
ուր
կը
յիշատակուի
Կարապետհ
վրդ.
վերաշինողը
Ս.
Փրկչի
վանքին
եւ
իր
օգնականը
Սարգիս
մենակեաց
(Խապ.
Ցուց.
տետր.
Ծ.
էջ
3839).
Դարձեալ
միեւնոյն
գրիչն
է
որ
Սարգիս
միայնակեցին
համար,
ՊԹ.
(=1360)
թուին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Նարեկ,
Վարք
Հարանց
եւ
Յս.
Որդի
գիրքերը
(ՄՁ.
Թ.
1614),
սոյն
ձեռագրին
մէջ
կայ
նաեւ
ծանօթագրութիւն
մը.
ընդ
նմին
յիշեցէք
եւ
զԱստուածատուր
կրօնաւորս,
որ
զՆարեկացին
գրեցի
եւ
ծաղկեցի:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
ԺԹ.
էջ
2192-3
ՍՏԵՓԱՆ
ՊԵ.
(758-774).
Յպե.
էջ
34
ՍՏԵՓԱՆ
ՍՊԷՆԴՈՎՍԿՈՒ
ԵՒ
ԴՈՒՍՏՐՆ
ՀՌԻՓՍԻՄԷ,
ԼԵՀԱՀԱՅ
1648ին
Ստեփան
Սպէնդովսկու
Հայաստանէն
գաղթած
էր
Եազլովցիա
ուր
կը
կարգուի
ցկեանս
վոյդ
(կառավարիչ).
1676ին
կ՚ստանայ
լեհ
ազնուականութեան
տիտղոսը.
Սպէնդովսկու
մեծ
քաջութիւն
ցոյց
կուտայ
թաթարներու
արշաւանքին
ժամանակ,
բայց
անոնց
զօրաւոր
ուժին
առջեւ
տեղի
կուտայ
եւ
թաթարները
կը
գրաւեն
Եագլովցիան.
տեղւոյն
Հայերը
կը
ցրուին
եւ
Սպէնդովսկու
առ
ճարահատ`
կը
մեկնի
Երուսաղէմ,
եւ
բերել
կուտայ
իր
կինն
ու
Հռիփսիմէ
անուն
աղջիկը,
որ
կը
նուիրուի
Քրիստոսի
Ս.
Գերեզմանին
ծառայութեան
եւ
կ՚ուխտէ
կոյս
մնալ
ցկեանս.
Ստեփան
կը
վախճանի
Երուսաղէմի
մէջ,
իսկ
Հռիփոիմէ
մօրը
հետ
կը
վերադառնայ
Եազլովցիա.
եւ
հոն
կը
ձեռնադրուի
սարկաւագուհի:
Արարատ,
1902,
էջ
296-97
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ԳԱՍԱՊԱՑԻ
Մբ.
1862ին:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ՅԱԿՈԲԵԱՆ,
ԷՏԻՐՆԵՑԻ
Մբ.
միաբան
կ՚արձանագրուի
1841ին.
Ձռ.
1747ին.
ՏՌ.
1857ին.
ժամարար
1861ին:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ԷՐԶՐՈՒՄՑԻ
Մբ.
փոխանորդ.
կը
վախճանի
1807ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԹԵԼԼԷ,
ՄԱՐԱՇՑԻ
Մբ.
Նւ.
Երուսաղէմի
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիրի
օրով:
Վանքի
մէջ
ունի
յիշատակներ:
ՄՁ.
Թ.
532
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ԹՕԳԱՏՑԻ
Ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Երուսաղէմ,
Պարոնտէր
պտրք-ի
ժամանակ:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ԹՕԳԱՏՑԻ
Մբ.
1800ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԹՕՄԱՃԱՆԵԱՆ,
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
աւազանի
անունը
Կարապետ,
Ծ.
1797ին.
միաբան
կ՚արձանագրուի
1835ին.
Ձռ.
1842ին.
կնիքը
1842ին.
ՏՅ.
ՏԲ.
եւ
ՏԴ.
խոստ.
(1864-76).
կը
վախճանի
1876ին.
վանուցս
մատենադարանին
մէջ
ունի
քերթուածներու
տետրակ
մը
(անտիպ):
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ԻԶՄԻՏՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1804ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԿԱԿՈՒՂՁԵՌՆ
Այնթապցի
Եղիազար
կթղ-ի
խնդիրներուն
առիթով
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
քննչական
պաշտօնով:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԿԻՒՄԽՒՇԽԱՆԵՑԻ
Մբ.
որդի
Մարտիրոս
քհ-ի.
ՏՅ.
Մոմճի.
1774ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
վարդապետական
գաւազան
մը
համաձայն
հետեւեալ
յիշատակարանին`
որ
գրուած
է
նոյն
գաւազանին
վրայ.
«Յիշատակ
է
այս
գաւազանս
կամով…
տէր
Մարտիրոսի
որդի
Ստեփան
վրդ-ին
որ
ետ
Երուսաղէմ
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ
երջանիկ
սրբազան
ընտրեալ
առաքելոյն,
թվին
ՌՄԻԳ
Յունվ.
8»
(=1774)
(Ցուց.
Պ.
):
Կը
նորոգէ
մոմատան
մուսլուխը.
ինչպէս
ցոյց
կուտայ
նոյն
մուսլուխի
քարէ
յիշատակարանը,
որ
է
հետեւեալը.
«Ի
պատրիարքութեան
տն.
Յովակիմայ
յիշատակ
է
մուսլուխս
մոմխանայիս
Կիւմիւշխանեցի
մոմճի
Ստեփանոս
վարդապետին
եւ
ծնողաց
հոգւոյն
ՌՄԻԹ»
(=1780):
Ստեփանոս
վրդ.
կը
նորոգէ
նաեւ
Ս.
Յակոբի
խոհանոցին
դրսի
կողմի
մուսլուխը
1812ին,
որուն
համար
կը
զետեղուի
աս
յիշատակարանը.
«Յիշատակ
է
մուսլուխս
Կիւմիւշխանեցի…
Վարդ
Պարոնեան
տէր
Մարտիրոսի
որդի
Ստեփանոս
Վարդապետին
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ.
ՌՄԿԱ
(=1812)
թվին»:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԿԻՊՐՈՍՑԻ
Մբ.
կնիքը
1789ին.
Նւ.
Հնդկաց:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՀԱԼԷՊՑԻ
Մբ.
1695ին
Ամդեցի
Մինաս
պտրք-էն
կ՚ստանայ
գաւազանի
իշխանութիւն
(Օրագրութիւն
նոյն
պտրքին.
).
1709ին
կը
մասնակցի
վանքին
պարտքի
վճարման,
հին
հաշուետումարի
մը
համաձայն:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ԱՄԴԵՑԻ
Մբ.
1703ին
(Օրագրութիւն
Ամդեցիին).
իր
տուած
յիշատակի
մասին:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՄԱՆԻՍԱՑԻ
Մբ.
1862ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՄԱՐԱՇՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1807ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՄՈԿԱՑԻ
Առ.
Վանայ,
(@
1720
հոկտ.
ա.
)
ուխտաւորութեամբ
Ս.
Յակոբի
վանքը
կ՚այցելէ
Գրիգոր
Շղթայակիր
պտրք-ի
ժամանակ:
1720ի
կտակին
համաձայն`
իր
Նարեկը
յիշատակ
կը
մնայ
վանքին,
իր
տապանագիրը
որ
կը
գտնուի
Սիոնի
գերեզմանատան
մէջ,
հետեւեալն
է.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
Մոկացի
Ստեփանոս
Ճանա
վարդապետին
որ
փոխեցաւ
թուին
ՌՃԿԹ
(=1720)
ամին,
յիշեցէք
եւ
ողորմի
ասացէք.
»:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՄՈԿԱՑԻ
(Կաստ
գիւղէն)
Մբ.
ՌՀԴ.
(=1625)
թուին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Տրամախօսութիւն
ի
մէջ
Ապտալ
–
Ազիզ
ամիրային
Տիզբոնի
եւ
կրօնաւորի
միոյ
ձեռագիրը
ուրիշ
նիւթերով
խառն,
որ
կը
մնայ
վանքին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
1483).
Մոկացին
ՌՁԶ
(=1637)
թուին
եւս
ընդօրինակած
է
Բեթղեհէմի
մէջ
մագաղաթեայ
Տօնացոյց
մը`
որ
կը
գտնուի
վանքին
մատենադարանը
(ՄՁ.
Թ.
1733):
ՌՁ
(=1631)
թուին
նորոգած
է
նաեւ
Ս.
Աթոռոյ
(ՄՁ.
Թ.
30)
Ճաշոցը
եւ
ուրիշ
գիրքեր,
ծախքով
Գրիգոր
Պարոնտէր
պտրք-ի
ինչպէս
ցոյց
կուտայ
յիշատակարանը:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Կարնոյ.
օգնականն
է
Ղազար
աբ.,
Կարնոյ
Առ.
Կարապետ
եպս-ի
կողմէ,
1810ին,
քահանաներու
եւ
թեմականներու
ուղղուած
կոնդակէ
մը
կը
քաղենք
այս
երկու
անունները:
Ստեփանոս
վրդ.
հաւանաբար
Եւդոկիացի
Ստեփանոս
եպս-ն
է:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Արտազի
(1769-1815)
ուր
մեռած
է
1815ին
եւ
հոն
թաղուած.
իր
տապանագիրն
է.
«Հոգածութեամբ
յառաջնորդ
Սիմէոն
Արքեպս-ի
եւ
պատրիարքութեան
սուրբ
Սաղիմայ
Թէոդորոս
եպսին.
յիշատակ
է
սիւնս
սուրբ
Սաղիմայ
իմտատչի
եւ
նվիրակ
տեառն
Ստեփան
վրդ-ին
եւ
ծնողացն
մահտեսի
Մելգոնին,
Հռիփսիմէին
եւ
եղբարցն
մահտեսի
Սարգսին
եւ
տիրացու
Յարութիւնին
եւ
ամենայն
զարմից
նորին
թվ.
ՌՄԿԳ»
(1814).
տեսնել
(Արարատ,
1898,
էջ
91):
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Իզմիրի
1775ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Հապէշիստանի,
ընկերակցութեամբ
Մխալիճցի
Յակոբ
վրդ-ի,
1825ին
երկուքն
ալ
կը
կողոպտուին
Հապէշիստանի
մէջ.
Ստեփանոս
հիւանդանալով
կը
դառնայ
Եգիպտոս
ուր
կը
վախճանի
1826ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Վանայ
1823ին:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
ՏԴ.
1694ին
(Օրագրութիւն
Ամդեցիին):
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ
Մբ.
1758ին.
Լս.
Բեթղեհէմի:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
խոստ.
1753ին.
իր
մասին
կը
գտնենք
Պատմ.
երկրին
Տարոնոյ
գիրքին
մէջ
գրուած
հետեւեալ
ինքնագիր
յիշատակարանը.
«առ
ի
անջրելի
պահել
զյիշատակ
յայսմ
գրգոյս.
կամիմ
դոյզն
ինչ
զեկուցանել.
քանզի
ես
եկի
ի
կերտէն
Վասպուրականի.
եւ
ի
աւանէն
Էրէրնա,
Ստեփաննոս
վրդս.
եկի
ի
սուրբ
քաղաքն
Սաղէմ.
եւ
հոլով
ժամանակս
զետեղեալ
եղէ
միաբան
եւ
խոստովանահայր
եւ
մտածելով
զբանս
մարգարէին
որ
ասէ
թէ
երանի
այնոցիկ
որք
ունին
ըզզաւակ
ի
Սիոն,
վասն
որոյ
ի
արդար
ընչից
եւ
վաստակոց
որ
ի
ժամարարութենէ
գայր.
զամըն.
մսխեցի
սակս
ածային
գրեանս…
յիշատակ
ի
սուրբ
Սաղէմ
եւ
ի
դուռն
Ս.
Յակոբայ…
յիշեսջիք
զՍտեփանոս
վրդս.
ՌՄԲ»
(=1753):
Ս.
Յակոբի
իր
տուած
յիշատակի
մասին:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
1840ին:
ՍՏԵՓԱՆ
ՎՐԴ.
Մբ.
հաւանաբար
Նւ.
մը
Երուսաղէմի
որ
1226ին
կ՚այցելէ
Արտամէտ
գիւղը
(Վան),
յիշատակագիր
մը
հետեւեալը
կը
գրէ
անոր
մասին.
«…
եւ
յազդմանէն
Աստուծոյ
ի
սուրբ
Երուսաղէմայ
վարդապետ
մի
Ստեփանոս
անուն
առաքինի
եւ
ճգնազգեաց`
զգաստ
եւ
պարկեշտ
յամենայն
ճանապարհս
ածային.
յոյժ
ծերացեալ
ալեօք`
եկն
ի
քաղաքն
Արտամէտ,
եւ
կացեալ
անդ
զաւուրս
ինչ».
(Պղնձէ
քղ.
էջ
157).
Ստեփանոս
վրդ-ի
յորդորները
Յուսիկ
քհ-ի
ուղղուած
ամուսնական
կեանքի
սրբութեան
մասին,
տեսնել:
Անդ.
էջ
149-75
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՓԻՐ.
Ռշտունեաց
գաւառէն:
Նոյն
վանքին
մէջ
ՊՂԴ
(=1445)
թուին
ընդօրինակուած
Մաշտոցի
մը
յիշատակարանին
մէջ
կը
կարդանք
հետեւեալը.
«…
եւ
ի
կաթողիկոսութեան
մերոյ
վիճակիս
տեառն
Դաւթի`
վարդապետ
ոմն
երեւելի`
բարեսէր
եւ
աստուածային
ձրիւքն
բարգաւաճեալ`
որոյ
անուն
Ստեփանոս
ճանաչի`
մականուն
Փիր`
յերկրէս
Ռշտունեաց,
ի
գեղջէն
Բախվանից
աշակերտ
գոլով
Յովհաննու
Որոտնեցւոյ`
մականուն
Կախիկ
կոչեցելոյ`
սորա
վարդապետական
քարոզութեամբ
շրջակայեալ
ի
վերայ
ամենայն
երկրի`
ընդ
կողմամբ
աշխարհի
Հոռոմոց`
ամս
բազումս`
երթայ
միանգամ`
երկիցս
յԵրուսաղէմ.
եւ
ապա
դառնայ
վերստին
եւ
գայ
յաշխարհս
հայոց.
ի
բնիկ
եւ
ի
սեփական
երկիրս
իւր`
մեծաւ
ընծայիւք
ամենայն
եկեղեցեացս,
շուրջառ
եւ
սկիհ
եւ
Աւետարան
բերելով
վանօրէից
եւ
գիւղօրէից
եկեղեցեաց»:
(Նօտարք,
էջ
138):
Իսկ
Աղթամարցի
Մինասենց
Թովմա
վարդապետի
տարեգրութեան
մէջ
կը
յիշուի
թէ`
Ստեփանոս
վրդ.
նորաշէն
Ս.
Յակոբ
վանքին
գործը
իր
աշակերտին
Սիմէոնի
յանձնելով`
«դէմ
եդեալ`
երթայ
դարձեալ
ի
ս.
քաղաքն
Երուսաղէմ
եւ
վախճանի
անդ»:
Անդ.
էջ
87
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՎՐԴ.
ՔԷՖԷՑԻ
Մբ.
Նւ.
Երուսաղէմի
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիրի
օրով.
իր
տուած
յիշատակին
համար:
ՄՁ.
Թ.
532
ՍՏԵՓԱՆ
ՓԱՇԱ
ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1822
Դեկտ.
25ին,
Պոլիս,
հայրը
Եղիկ,
վանցի
Ասլանի
զաւակը,
մայրը,
Կեսարացի
ծեփիչ
Պօղոսի
աղջիկը`
Հռիփսիմէ.
աշկ.
Երուսաղէմի
ազգ.
Ճեմարանի
(1839-41).
շրջանաւարտ
բժշկ.
վարժ-ին
1847ին.
վարած
է
կրթական
եւ
հանրային
կարեւոր
պաշտօններ:
1879ին,
Երուսաղէմ
կուգայ
իբր
լիազօր
քննիչ
Ս.
Յակոբի
վանքին
վանական,
վարչական
եւ
հաշուական
գործերուն
համար.
իր
քննութիւններուն
տեղեկագիրը
կը
ներկայացնէ
Ըդնհ.
Ժողովի
որուն
շնորհակալութեան
կ՚արժանանայ.
կը
վախճանի
1901ին:
Տեսնել
իր
ընդարձակ
կենսագրութիւնը:
Հա.
1905,
էջ
75-79.
111-113.
142-149.
177-186
ՍՏԵՓԱՆ
ՔՀ.
ԹՕԽԱՏԵՑԻ
Ծ.
15
Օգստ.
1558ին.
հօրը
անունն
էր
Սարգիս
եւ
մօրը
Ճան
փաշա,
ունէր
երկու
քոյր
Յուստիանէ
եւ
Էմին
եւ
կրտսեր
եղբայր
մը
տէր
Յակոբ,
որ
իրեն
աշակերտած
եւ
1601ին
վաղամեռիկ
եղած
է:
Ստեփան
աշակերտն
էր
Պետրոս
արքեպս-ի`
որմէ
քհ.
կը
ձեռնադրուի
1580ին.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1589ին
եւ
ընտանեօք
մղտեսի
եղած
է,
այս
պարագան
կը
հաստատէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Տէր
Ստեփանոս
ծնաւ
թվին
ՌԷ
(=1558)
Օգոստոսի
ժե.
թվին
ՌԻԶ
(=1577)
կ՚ամուսնանայ
Յուստիանէ
անուն
աղջկան
մը
հետ.
թվին
ՌԻԹ
երէց
եղաւ
(=1580).
ՌԼԸ
(=1589)
յԵրուսաղէմ
գնաց»
(Հա.
1921.
էջ
149):
1602ին
կը
գտնուի
Թօխատ,
ուր
սեւ
եազըճիներէ
կը
կրէ
մեծ
նեղութիւններ,
1603ին
հալածանքներէ
կը
փախչի
Պոլիս
ուր
ի
դուռն
Ս.
Նիկողայոսի
կ՚աւարտէ
իր
եղբօր
տէր
Յակոբի
կիսատ
ձգած
Շարակնոցը,
1604-5ին
Ղրիմի
մէջ
կը
պարապի
ուսուցչութեամբ.
1608ին
Կաֆայի
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Սեբաստիոյ
Ս.
Նշան
վանքին
Թ.
82
ձեռագիրը,
1614ին
Ղրիմի
Ս.
Խաչ
վանքը
կը
գտնուի:
Կաֆայի
մէջ
գրած
է
երկու
Տաղարան,
նաեւ
Գովասանութիւն
մը
Կաֆայի
քահանայի
վրայ,
որուն
մէջ
կը
յիշէ
թէ
օրինակած
է
նաեւ
Յասմաւուրք
մը.
1608-1621ին
ալ
Պատարագի
Մեկնութիւն
մը,
1621ին
կը
վերադառնայ
Թօխատ
ուր
կը
շարունակէ
ընդօրինակել
Պատարագի
Մեկնութիւնը.
հաւանաբար
վախճանած
է
63
տարեկան:
Ասոր
աշակերտներէն
յանուանէ
կը
յիշուի
Յովսէփ
սարկաւագ
մը:
Հա.
1921,
էջ
146-158
ՍՏԵՓԱՆՈՍ
ՔՀ.
ԼԵՀԱՑԻ
Կը
յիշուի
1603ին
Լով
ընդօրինակուած
Յայսմաւուրքի
մը
յիշատակարանին
մէջ.
«Ի
թվին
հայոց
ՌԿԴ
(=1615)
ես
անարժան
(ծածկագրութեամբ
է
անունը.
բայց
յետոյ
մատիտով
վրան
գրուած.
«Ես
եմ
մեղաւոր
եւ
պատաւոր?
քահանայ
Ստեփանոս»).
եկա
յԵրուսաղէմայ
յԻլով
նոյեմբերի
իբ.
օրն
Դշ-ի
հարպետութեան
տէր
Գրիգորի
Տեղացւոյն,
ի
տէր
Ղազար
(–
ձեռագրիս
գրչին)
վարդապետի
ժամանակին…»:
Տաշ.
Ցուց.
էջ
902
ՍՐԱՊԻՈՆ
ԵՊՍ.
ԲԱԲԵՐԴՑԻ
Իր
աշակերտը
Գրիգոր
վրդ.
Դարանաղցին
կը
գրէ.
«…
երկու
անգամ
յԵրուսաղէմ
գնաց
եւ
խիստ
կարի
առաւել
սաղմոսասաց
եւ
ծունր
դնող
հեզ
եւ
խոնարհոգի
եւ
արդարախօս.
բայց
խիստ
ժլատ
բարուք
էր
եւ
չունէր
խնամակալութիւն
եւ
գութ
հայրական
առ
աշակերտեալսն
եւ
առ
այլ
ոք
ի
վանականսն,
բայց
ի
մեռանելոյ
մօտ
ժամանակին
շարժեալ
յԱստուծոյ
խնամոցն`
ամէն
վանօրէիցն
մէկ
մէկ
բոլոր
զգեստ
պատարագի
յիշատակ
ուղարկեալ
է
վանօրէիցն
Բայպուրդեցւոյ,
որոյ
յիշատակն
օրհնութեամբ
եղիցի.
եւ
ի
մեռանելոյ
մօտ
ժամանակին.
որ
թվին
ՌՀԶ
(=1627)
լինելով`
կու
գնայ
ի
ծանեխայ
եւ
անդ
ցաւ
մահու
դիպելով
ի
սակաւ
աւուրս
բարիօք
մահուամբ
առ
Աստուած
փոխելով
եւ
թաղելով
ընդ
մեծ
պապին
մերոյ
Աստուածատուր
վարդապետին
հանգստարանի…»:
Դարանաղցի.
էջ
347-8
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ԱԹԱՊԷԿ
ՂԱԶԱՐԵԱՆ,
ԿԻՒՄՐԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1857ին.
աւազանի
անունը
Աւագ.
ՏԲ.
1866ին,
Ս.
Աթոռի
վերաբերեալ
գործով
Յակոբ
եպս.
Զավզավաթճեանի
հետ
կը
ճամբորդէ
Հայաստանի
կողմերը
եւ
կը
վերադառնայ
վանք
1877ին.
վանահայր
Սեւերեկի
(1879-80).
բ.
անգամ
ՏԲ.
1881ին.
գ.
անգամ
նոյն
պաշտօնով
1886ին
կը
մեկնի
Ս.
Յակոբէն.
1903ին
կը
վախճանի
Բաղէշի
Աւերայ
վանքին
մէջ:
Իր
ձեռքով
Հազրօցի
Բրուշ
տիկին`
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
ձեռագիր
Աւետարան
մը:
ՄՁ.
Թ.
1855
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
1876ին:
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ՄՈԿԱՑԻ
ՋՁԳ
(=1534)
թուին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
իր
մասին
Քարոզգիրքի
մը
մէջ
հետեւեալ
յիշատակարանը
կը
գտնենք.
«Արդ
րաբունիս
մեր
Սրապիոն
վրդ.
Մոկացի,
փափաքեցաւ
սուրբ
Գերեզմանին
Քրիստոսի
եւ
Տնօրինականացն:
Եւ
եհաս
ըղձանացն,
եւ
անտի
դարձեալ
եկն
ի
գաւառս
յԵկեղեաց
ի
յԷզնկան:
Եւ
բնակեցաւ
ի
վանքս
Կայիփոսիս
եւ
առաջնորդ
վանիցս,
Պարոն
տէր
Մկրտիչ,
մեծարանօք
պատուեաց
զրաբունիս
մեր
աշակերտօք
հանդերձ.
որպէս
զհրեշտակն
Աստուծոյ,
եւ
հանգոյց
մզեզ,
Աստուած
հանգչի
ի
տէր
Մկրտչի
հոգին:
Արդ
ես
անարժան
Ալէքսիանոս
ծառայ
րաբունապետիս
մերոյ
Սրապիոնի
սկիզբն
արարի
քարոզգրոցս`
եւ
ողորմութեամբն
Աստուծոյ
աւարտեցի:
Ի
թվականիս
ՋՁԳ
(+1534)
յիշատակ
վարդապետիս
մերոյ
եւ
ծնողաց
նորին
Մովսէսին,
եւ
Ջուլալին,
եւ
եղբարցն
Աղաջանին
եւ
Առաքելին
եւ
եղբաւր
որդոցն
Խըլղաթին
եւ
Ղուպաթին
եւ
Յովհաննէս
սարկաւագին,
հօրեղբարցն
Բանարգէսին
եւ
Մելիտոնին
եւ
որդոցն
Կարապետին
եւ
Փախչանին,
Յովսէփին
եւ
Աւետիսին…»:
«Այլ
եւ
ես
Սրապիոն
վարդապետս
ետու
գրել
զաքրոզգիրքս
մեր
հոգեւոր
որդոյս
Ալէքսիանոսիս».
«Ինձ
յիշատակ
անջնջելի.
Զձեզ
աղաչեմ
որ
հանդիպի,
Տեսանիցէ
եւ
կամ
օգտի,
Օրինակէ
կամ
ուսանի.
Յիշման
առնէ
զսի
արժանի.
Յաղօթքն
իւր
սուրբ
ընդունելի:
Այլ
եւ
զորդիքն
իմ
հոգելի.
Զաշակերտեալքս
տեառն
բանի,
Զտէր
Մկրտիչն
հեզահոգի.
Որ
է
բնական
Մեծոփեցի.
Եւ
ի
յերկրն
Քաջբերունի
Զտէր
Յովհաննէսն
զՄշեցի.
Եւ
զտէր
Ղազարն
Եզընկացի.
Զտէր
պետրոսն
Ուռհայեցի.
Եւ
զՏիրատուրն
Կարմիրվանցի.
Զտէր
Յակոբ
Կամախեցի.
ԶԱլէքսիանոս
անբարի.
Տրուպ
ծառայ
եմ
ամենի:
Այլ
եւ
զվարպետս
մեր
արի
Տէր
Թադէոս
անուն
բարի:
»
Մառ.
Ցուց.
2.
Հա.
1891.
էջ
46-54
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
ՄՁ.
Թ.
340.
Մեկն.
Սաղմոսաց
ձեռագիրին
մէջ
Սրապիոն
վրդ.
ունի
երկու
յիշատակարան.
առաջինովը
ձեռագիրը
յիշատակ
կուտայ
Բարձրահայեաց
Ս.
Աստուածածնի
վանքին
ՌԾԲ
(=1603)
թուին,
իսկ
երկրորդովը`
պահպանակին
վրայ
կը
գրէ
հետեւեալը.
«Ես
Սրապիոն
վրդպս.
որ
էի
յԵրուսաղէմ
ՌԽ
(=1591)
թվին.
յուլիս
զ.
յաւուր
ուրբաթի
լսեցաք
զբօթ
մահուն
տէր
Դաւիթ
պատրիարքին
Ասորոց:
Յուլիս
իը.
տեսի
երազ,
որ
իմ
սարկաւագ
Աստուածատուրն
սեւ
փիլոն
էր
առեր
ի
վերան
ու
կուլար
թէ
է՞ր
աբեղա
չեղա»:
Սրապիոն
վրդ.
Գրիգոր
ԺԳ
անուամբ
ամենայն
Հաոյց
կաթողիկոս
ընտրուած
է
1603ին
եւ
վախճանած
է
Ամիդի
մէջ
1606
Ապրիլ
23ին:
Թորոս
Աղբար,
Բ.
էջ
419
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Յշտկրն-ի
մը
մէջ
իր
մասին
կը
կարդանք
հետեւեալը.
«Ի
Զէյթին
ձեռնադրեալ,
եւ
սեւամաղձութենէ
կալեալ`
արկ
զինքն
գիշերայն
ի
տանեաց
ի
վայր»
(1844):
ՍՐԱՊԻՈՆ
ՎՐԴ.
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
ՏԴ.
1860ին:
ՍՐԲՈՒՀԻ
ՄՊ.
ԱՊՈՒՉԵԽՑԻ
1801ին
Ս.
Յ.
վանքին
կը
նուիրէ
մարգարտայեռ
սեւ
թաւիշէ
գեղեցիկ
սաղաւարտ
մը:
Ցուց.
Պ.
ՍՐԲՈՒՀԻ
ՄՊ.
ՆՇԱՆ
ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ,
ԳԱՐԹԱԼՑԻ
(1822-@
1889).
դուստր
Բալուցի
Չորպաճի
Նշան
Գալֆայեանի,
1840ին
կ՚ընդունի
մայրապետական
քող.
իբր
վարպետ
Օյաի,
Տիվալի
եւ
սըրմայի
1850ին
Խասգեղի
մէջ
արհեստանոց
մը
կը
բանայ:
1858ին
Եուսուֆեան
Գէորգ
պէյի
կնոջ
հետ
կ՚ուղեւորի
Եգիպտոս
եւ
Իտալիա,
երկու
անգամ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
յետոյ
Յունաստան
կ՚երթայ
եւ
կը
վերադառնայ
Պոլիս:
1865
յուլիս
5ին
կը
բանայ
Գալֆայեան
աղջկանց
Որբանոցը
առժամեայ
շէնքի
մը
մէջ,
1870ին
իր
որբանոցին
ի
նպաստ
կը
յատկացուի
պետական
հաց
եւ
միս,
1871ին
կը
գնէ
Տաքէսեանց
տունը,
ուր
կը
փոխադրուի
որբանոցը.
Սրբուհի
մպ.
1870ին
կ՚ուղեւորի
Կովկաս,
եւ
Ս.
Էջմիածնի
մէջ
ներկայ
կ՚ըլլայ
միւռոնօրհնութեան
հանդէսին:
Կը
վախճանի
1889ին
եւ
կը
թաղուի
իր
հիմնարկած
որբանոցի
մատրան
մէջ:
Իր
մահուանէ
երկու
տարի
վերջ
կը
կատարուի
իր
ազգօգուտ
հիմնարկութեան
25
ամեակը:
Տեսնել
իր
ընդարձակ
կենսագրութիւնը:
Արձագանգ.
1890,
Թ.
20
ՍՕՂԲԱԹ
(ՄՀՏ.
).
Քրձ.
ՌՂԲ
(=1643)ին
Ս.
Ծննդեան
վանքին
յիշատակ
կուտայ
Աւետարան
մը
(ՄՁ.
Թ.
1966),
որուն
յիշատակարանէն
իր
մասին
կը
քաղենք
հետեւեալը.
«…
ուստի
տեսեալ
զսորայս
փրկագործութեան
խորհուրդ
հաւատարիմ
քրիստոնեայն
Սօղբաթ
մահտասին,
որ
է
սպասաւոր
սբ.
Եէմյ.
եւ
ցանկացող
եղեւ
այսմ
լուսազարդ
սբ.
աւետարանիս
եւ
ստացաւ
զսա
ի
հալալ
արդեանց
իւրոց
մղտեսի
Սօղբաթ
յիշատակ
հոգւոյ
իւրոյ
եւ
ծնողացն
հօրն
Սալվիեարին
եւ
Հերէկին
եւ
կողակցին
իւրոյ…
եւ
ետ
զսա
յիշատակ
ի
սբ.
Երսղմ.
ի
դուռն
սբ.
Ծննդեան»:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
ԺԱ.
էջ
854-857