ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յ

 

 

ՅԱԿՈԲ ՍԲ.

Մբ. 1432 թուականին կ՚ապրէր Ս. Յակոբի վանքին մէջ. ընդօրինակած է ՊՁԱ (=1432) թուին Մեկն. Սաղմոսաց Դաւթի ձեռագիրը. հետեւեալը կը կարդանք իր մասին. «Յակոբ աբեղայն ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ. գրէ զՄեկնութիւն Սաղմոսաց Դաւթի»:

Նօտարք, էջ 99, նաեւ Էջմ. Ցուց. էջ 151. թ. 1196

ՅԱԿՈԲ ԱԲ.

Մբ. 1582ին. Ս. Յակոբի վանքին համար իր ձեռքով շինած է փայտեայ գրակալ մը. երկու կողմով զարդարուած գեղեցիկ քանդակներով, ահյկական խաչերով եւ համանման երկու յիշատակարաններով. որոնց մին կը դնենք հոս նոյնութեամբ. «կազմեցաւ գրակալս ձեռամբ Յակոբ աբեղայի թուին ՌԼԱ (=1582)»:

 

ՅԱԿՈԲ ԱԲ. ՑՂՆԵՑԻ, ԳԱԼՈՒՍՏԻ ՈՐԴԻ

Մբ. Ձռ. 1736ին. 1746ին Ս. Փրկչի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը Ցղնեցի միաբան Եղիային համար եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը (ՄՁ. Թ. 1935). «Յիշատակ է աւետարանս Ցղնեցի տիրացու Եղիային եւ հօրն Սարգսին եւ մօրն Մարինոսին եւ եղբարցն Թումային եւ Անդրէասին եւ քւերն Մարթային եւ Սիմոն Սրապին եւ մամին Մարթային… ի դուռն սբ. Յակոբայ մեծի աթոռոյն. եւ սրբազան վեհն մեր պատրիարք սբ. Աթոռոյս, զԳրիգոր երջանիկ հոգեւոր հայրն մեր ընդ երկայն ամօք խաղաղական կեանս շնորհեսցէ…: Գրեցաւ ի թվին ՌՃՂԵ (=1746) սեպտեմբեր ԻԱ. ի սբ. Փրկիչն, ձեռամբ յոքնամեղ Յակոբ աբեղայի: (Խապ. Ցուց. տետր Ը. էջ 557-58): Յիշելը` Ս. Ծննդեան վանքին մէջ ՌՃՁԵ (=1736) թուականին կ՚ընդօրինակէ Նարեկ մը (ՄՁ. Թ. 1452). 1737ին դարձեալ նոյն վանքին մէջ Մեկն. Ժամակարգութեան եւ Պատարագի ձեռագիրը (ՄՁ. Թ. 1252): »

 

ՅԱԿՈԲ ԱՂԱՊԱՊԵԱՆ, ԱԽԼՑԽԱՑԻ

Քրձ. ընդունուած է 1879ին Ժառ. վարժ-ի դռնապան: Կը վախճանի 1889ին: Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու մթերանոց մը Յոպպէի մէջ:

Արձնգր. Տն. Ժողովի, նիստ կթ. 1889. էջ 266 եւ 272

ՅԱԿՈԲ (ՄՀՏ. ) ԱՄՈՒՃԱՅ ՀԱԼԷՊՑԻ

Հայրը Կարապետ, մայրը Մհտ. Կատար. յիշատակարան մը կը գրէ մհտ. Յակոբ Ամուճային համար. «որ է հաւատարիմ պաշտօնատար եւ միաբան ի դուռն Ս. Յակոբայ մեծի աթոռոյն ի Ս. Սաղիմ. »: Մհտ. Յակոբ իր ծախքով տպագրել տուած է Սարգիս գիրքը. Իգնատիոս վրդ-ի Մեկն. Ս. Աւետարանին` որ ըստ Ղուկասու գործը 1735ին, եւ Յաճախապատումը 1737ին. նոյն գիրքերու յիշատակարաններուն համաձայն: Իր ծախքով շինել տուած է նաեւ Լաթաքիոյ հոգետումը 1755ին, Ս. Յակոբի վանքին դարպասատումը, որուն յիշատակին 1843ին խաչքար մը կը հաստատուի արձանագրութեամբ: Նոյն երկու շինութիւններուն յիշատակարանները նոյնութեամբ կը դնենք հոս.

«Այս հոգետունս արար յիշատակ իւր արհեստի վաստակէ վասն հոգւոյ իւրոյ եւ ծնողաց հոգւոյն. որ է ծննդեամբ Հալէպցի եւ սննդեամբ Պօլսեցի. արհեստիւ սէտէֆճի Յակոբ Ամուճայ կոչեցեալ. սուրբ Յակոբայ միաբան. եւ վայելողքդ ասացէք Աստուած ողորմի. ամէն. ի թուին ՌԲՃԴ (=1755). ամէն»:

Բ. «Կանգնեցաւ սբ. խաչս բարեխօս առ Աստուած վասն հոգւոյ Սէտէֆճի եւ ծնողաց որոյ արդեամբ շինեցաւ յարկս գեղեցիկ ի թվին ՌՄՂԲ (=1843) յիշատակ»

 

ՅԱԿՈԲ (ՄՀՏ. ) ԱՇԸՔԵԱՆ, ԹԱԼԱՍՑԻ

Հաստատուած Աղեքսանդրիոյ մէջ (1819-1887): Բազմիցս այցելած է Ս. Յակոբի վանքը ուխտաւորութեամբ եւ կատարած է նուիրատուութիւններ, 1866ի իր այցելութեան` Ս. Յակոբի տպարանին նուիրած է երկաթէ մեծ մամուլ մը. (Սիօն, 1867, էջ 15, Ակնարկ, էջ 46):

Ս. Յակոբի տպարանը կը գտնուէր վանքին հիւսիս արեւելեան կողմը քանի մը սենեակներ պարունակող թաղի մը մէջ, որ զուրկ էր կարեւոր յարմարութիւններէ` Եսայի պտրք. նիւթական միջոցներու անբաւականութեան հետեւանքով փոխանակ նոր տպարան մը կառուցանելու, Ս. Յակոբի տաճարին հարւային կողմը գտնուող կամարածածկ ընդարձակ գետնայարկը վերածել կուտայ տպարանի. քանի մը տարի վերջ երբ տպարանական գործերը կ՚ընդարձակուին նոյն տպարանին վրայ մասեր կ՚աւելնան, նոր բաժանումներ կը կատարուին, նորոգութիւններ եւ փոփոխութիւններ կ՚ըլլան, Յակոբ Աշըքեան այդ ծախքերուն համար կը նուիրէ 274 ոսկի, որուն ի յիշատակ հիւսիսային արտաքին պատին վրայ կը զետեղուի հետեւեալ արձանագրութիւնը. «երկրորդ մասն տպարանիս յաւելեալ իբր գրանոց եւ ձուլարան նորոգեցաւ ի պատրիարքութեան Տ. Եսայեայ Ս. Արքեպս-ի ի յիշատակ մեծահամբաւ Աշըքեան մհի. Յակոբ Էֆէնտիի ի Կեսարիոյ Թալաս գեղջէն. 1871» (Անդ. էջ 47-48): 1871ին 2657 ոսկիի կտակ մը կ'ընէ Ժառ. Վարժ-ին եւ կտակակատար կը կարգէ Երուսաղէմի պատրիարքը. պայմանաւ որ նոյն գումարը յատկանայ հաստատուն կալուածի. կտակագիրն եւ անոր մանրամասնութիւնները տեսնել (Սիօն, 1871, էջ 247): Մհտ. Յակոբ իբր բարերարը Ս. Յակոբի վանքին, թաղուած է Ս. Փրկչի վանքին մէջ եւ ունի մահարձան մը. նոյն դամբարանին քով ամփոփուած է նաեւ իր կնոջ գատընի ոսկերոտիքը (1824-1885):

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ԱՇՈՏ, ՓԱՓԱԶԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1847ին. տեղապահ Եգիպտոսի 1898ին. եպս. կը ձեռնադրուի 1899ին. Առ. Ճանիկի 1905ին: Վարած է նաեւ քարոզչական եւ վարչական պաշտօններ: 1889ին Յարութիւն պտրք-ին կ՚ընկերանայ Ս. Յակոբի վանքը գալու համար: Քննչական պաշտօնով ալ Գէորգ Ֆիքրի Աճէմեանի եւ Հայկազուն Պէկեանի հետ 1909 Յնվր. 23ին կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: 1918ին կը վախճանի Զմիւռնիոյ մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ԵՐԵՒԱՆՑԻ

Եօթն անգամ ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը. վերջինը` ՌԽԸ (=1599) թուին. յիշեալը ՄՁ. Թ. 25 ձեռագիրին մէջ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը. «Ես մեղօր Յակոբ Եպս.: Երեւանցի: է. անգամ եկի Ք-ի գերմնին.: Եկի պաքի: Բ. անկամ ասմօուրքս ելայ ի դուրս: Վերջին որ եկի ի թուին ՌԽԸ (=1599): Մէկ բերան ողորմի ասացէք: Ած. ձեզ ողորմի միւսգմ. զլստն. »:

Խապ. Ցուց. էջ 119

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ԹՕՓՈՒԶԵԱՆՑ, ՎԱՆՑԻ

Նախ մբ. եւ ապա վանահայր Լիմ անապատի. աշկ. Ժառ. վարժ-ի Ս. Յակոբի վանքին: 1836-1842 թղթակցութիւն ունեցած է Ս. Յակոբի վանքի միաբաններուն, մասնաւորապէս Սեւերէկցի Արիստակէս վրդ-ի հետ (Վրթ. էջ 21). Լիմ Անապատի գործով կը ճամբորդէ 1842ին Հալէպ. եւ 1843ին ալ Տփխիս. ուր 1825ին վանցի մհտ. Գասպարի Լիմ, Կտուց, Վարագայ եւ Նարեկի չորս վանքերուն ի նպաստ ըրած կտակը գործադրելու համար ութը ամիս Տփխիս կը մնայ: 1846ին ալ Պոլիս կը գտնուի նուիրահաւաքութեան համար:

Յակոբ Եպս. Թօփուզեան 1847ին վանահայր կ՚ընտրուի Լիմ Անապատին եւ կը շարունակէ պաշտօնը մինչեւ 1879 եւ կը վախճանի նոյն թուականին:

Յակոբ Եպս. հռետորի համբաւ ունեցած է. գրած է տաղաչափական գրուածներ Արծիւ Վասպուրականի թերթին մէջ . Շերենց. էջ 78). գրած է Լիմ Անապատի պատմութիւնը Մոկացի Բիղլի կոչուած Ներսէս վրդ-էն սկսելով եւ կը հասցնէ մինչեւ Գաբրիէլ Եպս. Շիրոյեանց` որուն կը յաջորդէ ինքը 1847ին. ունի նաեւ Զբօսարան անուամբ հին յիշատակարաններու հաւաքածոյ մը:

Դիւան. Ժ. Գիրք, էջ 380-81

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ՄՀՏ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Միաբան կ՚արձանագրուի 1835ին. Ձռ. 1843ին. կնիքը 1843. շինուածապետ 1844ին. գաւազանակիր 1845ին. թարգման 1847ին. ՏՅ. 1850ին. Ներսի-դրսի խնդիրներուն առթիւ Միաբանութեան կողմէն իբր պատգամաւոր կ՚երթայ Պոլիս 1861ին. եպս. կը ձեռնադրուի 1863ին. ՏԲ. 1863ին. 1866ին Եսայի պտրք-ի կոնդակով պաշտօն կը տրուի իրեն այցելութեան գնալու Հայաստանի կողմերը. «որ իր հոգեւոր այցելութեամբն միանգամայն Ս. Աթոռոյս հին եւ նոր կալուածներն աչքէ անցընէ. զանոնք ի գիր արձանացընէ. գոյացած արդիւնքները ժողվէ եւ զանոնք աւելի շահաւոր դիրքի մէջ դնէ… իր շրջագայելու տեղուանքը պիտի ըլլայ Լաթաքիայէն սկսեալ մինչեւ Տիգրանակերտ, Սղերդ, Մշու վիճակը եւ անտի մինչեւ ի Կարին» (Սիօն, 1866, էջ 121): Ան կը վերադառնայ 1871ին, անոր ընդունելութեան մանրամասնութիւնները տեսնել (Սիօն, 1871). կը վախճանի 1875ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ իր հոգեւոր հօրը` Դաւիթ Եպս-ին շիրմին մօտ: Յակոբ եպս: ընդարձակած է քանի մը մասերով Պարոնտէր կոչուած այգին: Գրած է 1850-52-53. 1862-63-64-65. եւ 1873 տարիներու իր օրագրութիւնը որ Ս. Յակոբի վանքին մատենադարանը կը մնայ այժմ: Յակոբ Եպս. ի նպաստ վանքին յիշատակ կը թողու Րումելիի երկաթուղիի հարիւր հատ արժեթուղթեր

Արձնգր. Տն. Ժողովի, 1876

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ

Մբ. 1793ին ՏՌ. 1810ին ՏՓ. որ ժամանակ նոյն վանքին մէջ ապաստանած էին տեղացի եէնիշէրիները. որոնց հետ ընդհարումներ կ՚ունենան Մղրըպի եւ կառավարական զինուորները. այդ ընդհարումներուն հետեւանքով Յակոբ եպս. եւ տեղւոյն միաբանները խուճապահար փախչելով Փրկչի վանքէն կ՚ապաստանին Ս. Յակոբի վանքը. Տեսնել այս դէպքին մանրամասնութիւնները:

Ժպե. Հատ. Բ. էջ 196

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ.

Մբ. 1789ին Առ. Կիպրոսի. յաջորդած է Մարտիրոս Արքեպս-ի (E1780) հաւանութեամբ պտրք-ին: Յակոբ եպս-ի ժամանակ, 1779ին տեղի կ՚ունենայ  Կիպրոսի առաջնորդարանի փոխանակութիւնը այն տան եւ պարտիզին հետ որ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մօտ կը գտնուէին:

Կիպրոս, էջ 72

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ

ՓԿԵ. (1800-1809). 1802ին իր պաշօնին բերումով մասնակցած է Դաւիթ-Դանիէլեան վէճերուն (Դիւան, գիրք ե. էջ 144): Թէոդորոս Վանեցի պտրք-ին հետ ունեցած անհամաձայնութեան հետեւանքով քաշուեցաւ 1809ին իր փոխանորդական պաշտօնէն եւ բնակեցաւ Սկիւտարի վանքը. ուր մեռաւ նոյն տարին (ՄՁ. Թ. 85): Յակոբ եպս. 1801ին վարած է նաեւ Կ. Պոլսի պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնը: Յօրինած է Նշանաւոր խօսքերու այբբենական ցակ մը` որ ընդօրինակուած է Մեկն. Մարգարէութեան Եզեկիէլի ձեռագիրին մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ԹՕԽԱՏՑԻ

Մբ. կը վախճանի 1812ին:

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ.

Նւ. Կարսի. Երուսաղէմի պտրք-ին ուղղած անթուական մէկ նամակովը տեղեկութիւն կուտայ Շահթահմազ Բ. թագաւորին կողմէն Երեւանի կողմերը կատարուած աւերումներու եւ մայր Աթոռոյ ենթարկուած խղճալի վիճակի մասին: Յակոբ եպս. այդ տեղեկութիւնները տալէն վերջ, իր վիճակին համար հրահանգ կը խնդրէ պատրք-էն: Շահթահմազ Բ. այդ կողմերը արշաւած էր 1727ին:

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ.

Մբ. Նւ. Պոնտոսի. 1799ին կը վախճանի Պաֆրայի մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ՆՈՒԻՏԻՆԵԱՆ, ԲԱՂԻՇԵՑԻ, ԵՒ որդին ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՊՍ.

Յակոբ` իր կնոջ մահուանէն յետոյ, Բաղէշի խռովութիւններու ժամանակ, իր որդւոյն` Աբրահամի հետ քաշուեցաւ Ամտոլի վանքը. ուր երկուքն ալ ուսում ստանալով վարդապետ ձեռնադրուեցան, եւ յետոյ մեկնեցան Ս. Էջմիածին եւ եպիսկոպոցան: Հայր եւ որդի` այս երկու եպս-ները Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքի օրով ուխտաւորութեամբ Ս. Յակոբի վանքը այցելեցինեւ ընդունուեցան եպիսկոպոսներու շարքին մէջ. Շղթայակիր պտրք. Աժտէրխանու նուիրակութիւնը անոնց յանձնեց եւ կատարեցին իրենց պաշտօնը արդիւնաւոր կերպով: Շղթայակիրի մահուանէ վերջ հայր եւ որդի Պոլիս մեկնեցան եւ շատ սիրով ընդունուեցան Յակոբ Նալեան պտրք-էն: Յակոբ եպս. արքունի պալատան սվաճի Կարապետի օգնութեամբ ստացաւ Տիգրանակերտի առաջնորդութիւնը, իբր յաջորդ Պետրոս եպս-ի. նոյն պաշտօնը հինգ տարի վարեց եւ ծերութեան պատճառով յանձնեց զայն իր տղուն Աբրահամ եպս-ին եւ ինքը մեկուսացաւ Արղնիի Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածնի վանքը, ուր քիչ վերջ վախճանեցաւ: Աբրահամ եպս: առաջնորդութեան հրովարտակին ստացումին համար Պոլիս մեկնեցաւ եւ 1754ին ալ պոլսեցի նորընտիր կթղ. Աղեքսանդր Քարաքաշեանի հետ ուղեւորելով հասաւ Եւդոկիա` բայց հոն բաժնուելով կաթողիկոսէն` գնաց Տիգրանակերտ. ինը տարի պաշտօնավարելէ վերջ, կը վախճանի 1763ին Արղնի վանքին մէջ եւ կը թաղուի իր հօրը շիրմին մօտ:

Սաարֆ, էջ 148-150

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ.

Հաւանաբար Է. դարու հայ եպիսկոպոս մը Ս. Երուսաղէմի վանքերէն միոյն մէջ  հաստատուած. անոր տապանագիրը կը գտնուի Ձիթենեաց լերան վրայ, մեծ հաւանականութեամբ երբեմնի Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վանքին գաւիթը. Յակոբ եպս-ի դամբարանը նուրբ արուեստով շինուած մոզայիք մ՚է, ուր ունի հետեւեալ արձանագրութիւնը. Այս յիշատակարան Տն. Յակոբայ որ եղեւ ի ձեռն խնդրելոյ: Այս տեղը այժմ կը վերաբերի Ռուսաց` որ 1892ին գտան նոյն տապանագիրը նոր եկեղեցիի մը հիմնարկէքը կատարելու ժամանակ: Նոյն տեղերուն մօտ Ռուսերը 1871ին գտած են նաեւ ուրիշ հայկական տապանագիրները Ջօջիկի, Շուշանի եւ Մարինի: Բաց աստի, 1883ի ատեն Ռուսաց նոյն կալուածին մէջ շատ աւելի գեղակերտ մոզայիքներով զարդարուած ուրիշ հայկական յիշատակարաններ գտնուած են. որոնց արձանագրութիւնները կը դնենք հոս.

Բարեխօս ունելով առ Աստուած զսուրբ Եսայի եւ զերանելին ես Վաղան արարի վասն թողութեան մեղաց զՅիշատակարանս զայս:

Այս է ղիր երանելւոյն Շուշանկայ մաւրն Արտաւանայ, Հոռի ԺԸ: Վսան թողութեան մեղաց Թեւայ, Աբասու եւ Մաւրկան:

Ձիթենեաց լերան վրայ գտնուած այս հայկական դամբարանները շատ իրարու մօտ են եւ կը գտնուին Ռուսաց կալուածին մէջ, ուր այժմ կը պահուին շատ խնամով:  

 

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ՏՐԱՊԻԶՈՆՑԻ

1611ին գաւառացի բազմաթիւ ուխտաւորներով կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Գրիգոր վրդ. Դարանաղցի Ակնայ մէջ կը հանդիպի այս ուխտաւորներուն որ յիսուն օր ձիւնարգել կ՚ըլլան նոյն տեղը եւ յետոյ կը մեկնին:

Դարանաղցի, էջ 165

ՅԱԿՈԲ ԵՊՍ. ՔԷՕԹԱՀԻԱՑԻ

Հայրը Պետրոս քհ. մայրը Մարթա. 1618 թուին Քէօթահիայի Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ գրուած Սաղմոս-Ժամագրքի մը յիշատակարանին համաձայն: Ան եպս. ձեռնադրուած է 1604ին Նախիջեւանի մէջ Մելքիսեդեկ կթղ-էն: Յակոբ եպս. ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը Գրիգոր Պարոնտէր պտրք-ի ժամանակ, առաւել տեղեկութեան համար տեսնել նաեւ:

Բիւրակն, 1900, էջ 371-372. Դարանաղցի, էջ 132

ՅԱԿՈԲ ԵՐԷՑ ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Եղբօրորդի եւ աշկ. Կեսարացի Գրիգոր պտրք-ի հայրը Պաղտասար, մայրը Միթխալ. կ՚ամուսնանայ եւ երէց կը ձեռնադրուի նպաստաւորութեամբ Ղայսար Չէլէպիի: 1645ին իր գիրքերը կը նուիրէ «իդուռն Ս. Սարգիս» զօրավարին եւ որդւոյ նորա Մարտիրոսին ի Կեսարիա քաղաքիս: Յակոբ երէց իր այս նուիրած ձեռագիրներուն կցած է յիշատակարան մը որ կրնայ ըսուիլ Համառօտ կենսագրութիւն Գրիգոր պտրք-ի Կեսարացւոյ եւ իւր տոհմին. Յակոբ երէց 1635է սկսեալ Ս. Երուսաղէմի տնօրինական տեղեաց վրայ գրած է զանազան տաղեր. Գովեստ  առ Ս. Քաղաքն Երուսաղէմ. Յակոբ երիցու է ասացեալ. Այս են ամենայն Տնօրինականք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի սուրբ եւ յաստուածաբնակ մայրաքաղաքն յԵրուսաղէմ ի մէջ սորա եւ յարտաքոյ վերնագրով. բաց աստի գանձախառն եւ ողբերգական տաղեր ունի Մովսէս կթղ-ի եւ Կեսարացի Գրիգոր վրդ-ի մահուան առթիւ:

Հա. 1909, էջ 371-73. նաեւ Տաշ. Ցուց. Թ. 387

ՅԱԿՈԲ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Կիպրոսի մէջ վախճանած. Գահիրէի մէջ ունեցած իր սեփական տունը կտակած է Ս. Յակոբի վանքին:

 

ՅԱԿՈԲ ԻՉԷՐԻ ԳԱՉԱՆԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Պոլսի մէջ ունեցած իր սեփական տունը, 1894ին կը կտակէ Ս. Յակոբի վանքին, որուն վաճառման արդիւնքովը, երկու մթերանոցներ կը յատկացուին Յոպպէի մէջ ի յիշատակ կտակարարին:

Արձնգր. Տն. Ժող. 1894, Նիստ ԾԱ. էջ 51

ՅԱԿՈԲ ԿԹՂ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

(1655-1680). Ծ. 1598ին հին Ջուղայի մէջ, Կթղ. Տեղապահ 1651ին, իր պաշտօնավարութեան մասին տեսնել (Դաւրիժեցի, էջ 405): Եղիազար Այնթապցիի հակաթոռ կաթողիկոսութեան շփոթներուն ժամանակ, Երուսաղէմի Աստուածատուր պտրք-ին հրաւէրով 1665ին Յակոբ կթղ. կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ նոյ տարին մեկնելով անկէ կը հասնի Պոլիս, ուր կաթողիկոսական պաշտօնի մասին յարուցուած ոտնձզութիւններուն դէմ կը պայքարի եւ ապա կը վերադառնայ 1667ին Ս. Էջմիածին: Յակոբ կթղ. Փիլիպպոս կթղ-ի սկսած եւ մահուամբը կիսատ մնացած զանգակատունը կը վերջացնէ վայելչաձեւ ծածքով մը. որուն արձանագրութինը կը գտնուի նոյն զանգակատան գմբեթի մէջ սա տողերով.

«Ի թագաւորութեան Պարսից Շահապպաս Բ-ի. նաեւ հայրապետութեան Տեառն Փիլիպպոսի թուին Հայոց ՌՃԳ. հիմնարկեցաւ. Տեառն Յակոբայ Ջուղայեցւոյ ՌՃԶ. աւարտեցաւ զանգակատունս ծախիւք Անտոն Չէլէպիին ի փառս Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ» . Հայրենեաց, 1892, էջ 14): Քրիստոնէից վրայ Արեւմտեան աշխարհին գթութիւնը հրաւիրելու համար 1678ին Յակոբ կթղ-ի նախագահութեան տակ մը կը գումարի Ս. Էջմիածին. նոյն ժողովի որոշման համաձայն Յակոբ կթղ. Իսրայէլ Օրիի ուղեկցութեամբ կը ղրկուի Պոլիս. 1679ին Պոլիս կը ժամանէ կթղ-ը, բայց ան ծերութեան եւ հիւանդութեան հետեւանքով կը վախճանի եւ կը վախճանի եւ կը թաղուի Պէյօղլուի գերեզմանատան մէջ. լրացուցիչ տեղեկութեան համար տեսնել (Ազգպտմ. էջ 1506-2634, նաեւ Թէոդիկ, 1923, էջ 390-393): Ս. Յակոբի վանքին իր տուած յիշատակներու մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅԱԿՈԲ (մհտ. ) Մ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ, ԿԱՄՐԿԱՊՑԻ

1874ին Ս. Յակոբի վանուց թանգարանին նուիրած է մագաղաթեայ Սաղմոս մը:

Սիօն, 1874, էջ 191

ՅԱԿՈԲ ՇԱՀԱՆ ՋՐՊԵՏ, ԵԴԵՍԻԱՑԻ

Ծ. 1772ին: 1615ին Յովակիմ իշխան Եղիազարեանի ուղղած նամակովը կը տեեղկացնէ թէ իր ազդատոհմը կը սերի Շնորհալիի եղբօր Շահան իշխանէն. որուն սերունդէն Թովմաս իշխան` Լէնկթիմուրի ժամանակ գաղթելով` 1384ին կը հաստատուի Եդեսիոյ մէջ. հայրն է` Սարգիս Շահան, մայրը` Մարիամ Ալաբեան. ուսուցիչն Ամրտօլու միաբան Պօղոս վրդ. Աւտալեան, որուն հետ 1787ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ուրկէ կ՚ուղեւորին մինչեւ Հռովմ. անկից ալ Յակոբ Շահան կ՚այցելէ Փլորենտիա, Լիվոռնոյ եւ Ճենովա, եւ կը պարապի լեզուագիտութեան, մանրամասնութիւնները տեսնել (Բնսր. 1851): 1798ին Փարիզի Արեւելեան լեզուաց վարժարանին մէջ կը դասախօսէ հայերէն լեզուն. 1826ին ալ կը հրաւիրուի Թիֆլիզ Ներսիսեան վարժարանի տեսչութեան: Ռուս կառավարութեան որոշումով, կը մասնակցի այն յանձնաժողովին` որ խմբագրեց Պօլօժէնիան. (Հրատ. 1836): Շահան Ջրպետ 1834ին վախճանած է Թիֆլիսի մէջ: Ունի ֆրանս. հրատարակութիւններ եւ անոնց գլխաւորն է` Դիոնեսիոս Թրակացւոյն քերականութիւնը:

 

ՅԱԿՈԲ ՊԵ.

(1254-1281). Մարինոս Երուսաղէմի պատմիչը կը յիշէ այս Յակոբոս պտրք-ը որուն համար կ՚ըսուի` թէ Լատինաց Առաջնորդ` Ռուպէրթոսի հետ` արաբներն աքսորած են զինքը: (Ժպե. էջ 40): Մխիթար Սկեւռացի` որ 1263ին Կոստանդին Բարձրբերդցի կթղ-ին կողմէն պատուիրակ ղրկուած էր Պտղոմայիս` Ուրբանոս Դ. Պապի կողմէ պատգամաւոր եկող Տիւրոսի արքեպս. Գուլիէլմոսի մօտ` կրօնական խնդիրներու համար, իր Յաղագս Համապատուութեան երկոտասան Առաքելոց զրքոյկին մէջ (էջ 9) կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Եւ զի ձմեռնային էր ժամանակն` ի բազում աւուրս ծանրանաւեալք, հազիւ հասաք մերձ ի յելն Դեկտեմբերի ամսոյ ի քաղաքն Աքայիա` ընդ մեզ ունելով հրամանաւ կաթուղիկոսին մերոյ զեպիսկոպոսն Երուսաղէմի զմերասեռ գտեալ ի Տրայիանուպօլիս»: Այս տողերէն կարելի է գուշակել որ կթղ-ին հրամանով Սկեւռացիին Տրայիանուպօլսէն ընկերացող Երուսաղէմի անանուն եպիսկոպոսն էր այս Յակոբոսը` որ իր աքսորէն յետոյ հաւանաբար վերադարձած է Երուսաղէմ եւ շարունակած իր պաշտօնը:

Տե'ս մեր յօդուածը, Սիօն, 1927, էջ 82-84

ՅԱԿՈԲ ՊԿ. ԵՒ ՊԵ. ՆԱԼԵԱՆ, ԶՄՄԱՌՑԻ

Ծ. 1701ին. աշկ. եւ ձեռնասուն Յովհաննէս պտրք. Կոլոտի ՌՃՁԲ (=1723ին). առաջին անգամ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը իր եղբայրներուն հետ եւ այդ առթիւ ալ հոն թողած է յիշատակներ: Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմացիի (Հաննէ) մահուան առթիւ` Շղթայակիր Գրիգոր պտրք-ին մխիթարութեան կուգայ Երուսաղէմ. Առ. Էնկիւրիի 1735ին. ՓԿԵ. (1740-49). ՊԿ. (1741-1746). իբր փոխանորդ կը նորոգէ Սկիւտարի Երուսաղէմի վանքը Ս. Յակոբի վանքին դրամովը: Նալեան ՊԵ. (1749-1751). Եաղուպ ամիրայի միջամտութեամբ դարձեալ ՊԿ. (1752-1764). հրաժարելով պատրիարքութենէ` կը քաշուի Սկիւտարի վանքը: Կենդանութեանը` Նալեան պտրք. իր եկեղեցական սպասները եւ զգեստները կը նուիրէ Ս. Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Մշոյ Ս. Կարապետի վանքերուն եւ Գում գափուի Մայր-Եկեղեցիին: Իր հրաժարման թուականին` Անտոն վրդ. Երուսաղէմ կը բերէ Նալեանին Ս. Յակոբի նուիրած գոյքերը, որոնց մէջ նշանաւոր են ոսկիէ սկիհ մը եւ ակամբ զարդարուն գաւազան մը: Նալեան պտրք. կը վախճանի 1764 Յուլիս 19ին եւ կը թաղուի Բերայի գերեզմանատունը Յակոբ կթղ-ի շիրմին մօտ. հետեւեալն է իր տապանագիրը.

«Այս տապան է գերահռչակ առն իմաստնոյ,

Ձրիական շնորհաց հոգւոյն տան եւ տեղւոյ,

Տեառն Յակոբայ Աստուածաբան կոչեցելոյ,

Եւ Վեհափառ Պատրիարքին Բիւզանդիոյ:

Որ էր յաջորդ Տն. Յովհաննու Բաղիշեցւոյ,

Քաջաքարոզ Պատրիարքին գերյարգելւոյ:

Լեալ հեղինակ բազում գրեանց ազգիս մերոյ,

Պայածառացաւ յոգն երախտիւք այրս յարգոյ:

Քսաներեք ամօք եկաց դէտ այս Պօլսոյ,

Տեղեաւ գոլով Զիմառացի բարեբարոյ:

Այն որ ի կեանս էր ձայն կենաց իբր զփողոյ,

Ննջէ լռիկ լեալ արժանի յիշման բարւոյ:

Հանգեաւ ի ՌՄԺԳ յուլիսի 19»

(Բազմ. 1928, Նոյ-Դեկտ. Թիւ 11-12, էջ 342):

Նալեան նշնաւոր է ոչ միայն վարչական կարողութիւններով, այլ նաեւ ընտիր դասախօս մը եղած է Գում գափուի Պատրիարքական Մայր դպրատան մէջ զոր ինքը հաստատած էր. եւ անուանի էր իբր հմուտ աստուածաբան եւ հեղինակ կրօնականերկերու որք են. Վէմ Հաւատոյ (1733), Քրիստոնէական մը (1737) աշխարհաբար լեզուով. Մեկնութիւն Նարեկի (1745), Հոգեշահ (քերթուածը) (1746), Գանձարան Ծանուցմանց (1758). Գիրք Աղօթից (1760): (Ընդօր. 1901. էջ 145): Նալեանի աշխարհաբար երգերուն մասին (Տե'ս Քնար, էջ 141-142): Ս. Յակոբի մատենադարանին մէջ կը գտնուի Նալեանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան օրով գրուած նամակներու հաւաքածոն (ՄՁ. Թ. 1002): Նալեան այս հաւաքածոյէն զատ ունի հետեւեալ անտիպ երկերը որ կը գտնուին Ս. Էջմիածնի Մատենադարանին մէջ. մեկն. եօթն խորհրդոց եկեղեցւոյ (Էջմ. Ցուց. Թ. 1430, ՌՄԺԶ (=1767) թուին. Աստուածաբանական կրթութիւն (Անդ. Թ. 132) ՌՄԺԹ (=1770). Աւագ Ուրբաթի կտակը ընդօրինակուած Գանձակեցի Մեսրոպ վրդ-ի ձեռամբ` Տաթեւացի Գրիգոր վրդ-ի Արիստոտէլի Ստորագրութեանց վերլուծութեան ձեռագիրին մէջ (Անդ. Թ. 1905). Քարոզգիրք Կիւրակէից (Անդ. Թ. 2161) ՌՄԽԶ (=1797) թուին. զատ ընդօրինակութեամբ 113 Քարոզներու հաւաքածոյ մը, սկիզբը Միւռոնի օրհնութեան ճառով մը (Անդ. Թ. 2163). Մեկն. Սիրաքայ (Անդ. Թ. 1142), ընդօրինակուած Ծաղիկ մականուանեալ Աստուածատուր գրիչին ձեռքով ՌՄԷ (=1758) թուին. (տպ. 1821, Միջագիւղ Պոլսի): Ս. Յակոբի նուիրած իր յիշատակներու մասին):

Տե'ս ՄՁ. Թ. 532 եւ Ցուց. Պ.

ՅԱԿՈԲ ՊԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1780ին. Առ. Մարսուանի եւ Ամասիոյ. ՊԿ. (1839-1840). Բ. անգամ (1848-1858). 1862ին ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը, արկածով մը վախճանած է հոն 1862ին եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքը պատրիարքներու շարքին մէջ: Իր կտակագիրին եւ մինչեւ 1871 թուականը Երուսաղէմի սնտուկը մնացած գումարի մասին տեսնել (Մասիս, Թ. 1168). Յակոբ պտրք. Ներսէս Ե. կթղ-էն 1850ին ստացած էր մարգարտայեռ եւ պատկերազարդ կոնքեռ մը. որ կը մնար Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին. տեսնել մանրամասնութիւնները (Անդ. Թ. 1320). իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան Յակոբայ Ս. Արքեպիսկոպոսի նախկին Պատրիարքի Կ. Պօլսոյ որ եկեալ յուխտ տնօրինական տեղեաց հանգեաւ ի Տէր.

Յմի 1862ին 6 Նոյեմբերի. »:

Արծաթեայ ողկոյզներով եւ ոսկեզօծ տերեւներով գաւազանը յիշատակ կը մնայ Ս. Յակոբի վանքին:

Ցուց. Պ.

ՅԱԿՈԲ ՊԵՏՐՈՍ ՈՒՇԱԽԵԱՆ, ԿԱՄԱՐԱԿԱՊՑԻ

1777ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ մէկ արծաթեայ կանթեղ ի յիշատակ իր ննջեցելոց:

Ցուց. Պ.

ՅԱԿՈԲ ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԿԻՆՆ ՀԵՂԻՆԷ, ԿԱԼԿԱԹԱՑԻ

1832ին, այր եւ կին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրեն արծաթեայ մեծ խաչ մը եւ երկու հատ սկիհի թանկարժէք մեծ ծածկոցներ: Հեղինէի վիզէն կախուած ոսկեայ խաչը` Կալկաթայի Խաչկեան Յովհաննէս Աւագ քհ. Հնդկաց նուիրակ Ներսէս վրդ-ի ձեռօք նուէր կը ղրկէ Ս. Յակոբի վանքին:

 

ՅԱԿՈԲ (ՏԻՐԱՑՈՒ)

Պատկերահան եւ երաժիշտ Ս. Յակոբի. եղբայրը Յովհաննէս, նոյնպէս պատկերահան եւ երաժիշտ. երկուքն ալ բնիկ Երուսաղէմացի, Հաննէ եպս-ի տոհմէն: Շղթայակիր` Պոլիս զտնուած միջոցին 1738ին կը թղթակցէր այս երկու եղբայրներուն հետ: Նալեան պտրք. նամակի մը մէջ` հաւանաբար 1749ին տիրացու Յակոբին ուղղուած` Պոլսէն կը գրէ եւ ի մեջ այլոց կ՚ըսէ «չի լինի թէ թուլանաս, եւ կամ թէ զանց առնուս յերաժշտական երգեցմանէդ. այլ զժրաջանութիւնն յանձին կալեալ, քո քաղցր ձայնիւդ եւ անուշ եղանակաւդ պարտիս միշտ հոգեւորապէս զուխտաւորսն մխիթարել ի մէջ Սրբոյ Աթոռոյդ, եւ որպէս որ` լուսաւորեալ հոգի քեռին (Յովհաննէս Հաննէ եպս. ) ձեր հաւատարմաբար ծառայեաց Սրբոյ Աթոռոյդ. նոյնպէս եւ դուք մինչեւ ցայժմ վարեցաք. քնդրեմ, ըստ նմանութեան քեռոյն ձերոյ, դուք եւս կրկին զհաւատարմութիւնն ի ձեռաց չթողուք, եւ որպէս որ լուսահոգի երանելի մեծ վարդապետ հայրն մեր (Շղթայակիր), որ երկու աչօք հայէր ի ձեզ, ի գալն այսր. Աստուծով մեք եւս նոյն աչօքն կը հայիմք ի ձեզ. . մամուլ, 1894, էջ 426-427): Տիրացու Յովհաննէս յիշատակներ թողած է 1734ին Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին մէջ »

 

ՅԱԿՈԲ ՍՐՒ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ, ԶԱՔԱՐԵԱՆՑ, ՇՈՒՇԵՑԻ

Մբ. 1860ին Ս. Յակոբի վանքին, կ՚ընդօրինակէ, Անտառ այլաբանութեան գիրքը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԱԳՇԷՀԻՐՑԻ կամ ԼԻՒՍՏՐԱՑԻ

Մբ. Ձռ. 1807ին. ժամանակ մը վարած է Ակնայ նուիրակի պաշտօնը. ՓԿԵ. (1815-18). 1818ին Ազգ. Պատրիարքարանի կողմէն պատուիրակ Երուսաղէմի մէջ: Այս պաշտօնէն առաջ` Ագշէհիր գտնուած միջոցին` Սուլթան Մահմուտի հրովարտակը կը ղրկուի Դամասկոսի կուսակալին, որպէս զի Երուսաղէմէն տարեկանտուրք գանձուի միայն 40. 000 ղրշ. եւ ոչ աւելի. (Դիւան, Գիրք Ժ. էջ 466): Եպս. կը ձեռնադրուի 1820ին. Էջմիածինէ դարձին Պոլիս կը մնայ եւ կ՚ընտրուի Փոխանորդ, բայց հրաժարելով կը մեկնի իր ծննդավայրը` Ագշէհիր: Գաբրիէլ պտրք. քանիցս կը գրէ որ վանք դառնայ. բայց ան չի համակերպիր. 1822ին կարճ միջոց մը միայն Երուսաղէմ կը մնայ եւ յետոյ դարձեալ կը մեկնի: 1824ին Գարթալցի Դիոնեսիոս եպս-ի հետ Պերութի մէջ կը թողու եկեղեցական սքեմը եւ բողոքականութիւնը կ՚ընդունի, ու կ՚ամուսնանայ: Յակոբ եպս-ի մասին Շահխաթունեան իր Ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ի մեծի պահոցն` մինչ էր ի Ս. Երուսաղէմ, ի վանս Ս. Առաքելոյն Յակոբայ, Ագշէհիրցի Յակոբ եպս. միաբանն սոյն Աթոռոյ ըստ իւրն բնաբոյս, որպէս թէ` ձանձրացեալ ի նոյն միաբանից. յառաջագոյն խորհրդակցեալ ընդ Գաղղիացի եպիսկոպոսի միում գնայ ի մէջ նոցա եւ կին առնու եւ ձեռնտուութեամբ նոյն եպիսկոպոսին լինի գոնցոլ Աքեայու հրովարտակաւ արքայի նոցին» (Դիւան, Գիրք Ժ. էջ 481): Պերութի մէջ կը վախճանի 1845 Հոկտ. 29ին, 64 տարեկան, եւ կը թաղուի Ամերիկեան գերեզմանատան մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԱՆԱՊԱՏՑԻ

Մբ. կը միաբանակցէր 1840ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԱՐՄՏԱՆՑԻ

Մբ. աշկ. Պրուսայի Սամուէլ արքեպս-ի. Նւ. Կեսարիոյ եւ Գաղատիոյ, իր հաշիւները ներկայացնելու համար կը վերադառնայ Երուսաղէմ. կ՚ընտրուի Առ. Սեբաստիոյ, ուր կը մեկնի 1774ին հրովարտակով եւ կոնդակով. նոյն տարին եպս. կը ձեռնադրուի Ս. Էջմիածնի մէջ: 1778ին կը կարգուի ընդհ. վանահայր Սեբաստիոյ եւ 25 տարի կը վարէ Ս. Նշան վանքին վանահայրութիւնը. կը հրաժարի 1799ին եւ իր տեղ վանահայր կ՚ընտրուի Գրիգոր արքեպս. Գաղատացի. կը վախճանի 1801ին եւ կը թաղուի Ս. Նշան վանքին մէջ. իր պաշտօնավարութեան մանրամասնութիւնները տեսնել:

Պ. Սեբաստիոյ. էջ 277-286

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Մբ. Նւ. Շղթայակիր պտրք-ի ժամանակ. իր յիշատակի մասին:

Տե'ս ՄՁ. Թ. 532

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ

Մբ. 1822ին կը պաշտօնավարէր Եգիպտոսի մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԵՐԶՆԿԱՑ

Մբ. աշկ. Ամդեցի Մինաս պտրք-ի 1696ին Նւ. Երուսաղէմի. իր հաշիւները կը ներկայացնէ Կարնոյ մէջ Մինաս պտրք-ին. 1699ին փոխանորդ Երուսաղէմի մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մբ. խորհրդական Ս. Յակոբի վանքին (1829-30). կը մեկնի Զմիւռնիա 1836ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԷՆԿԻՒՐԻՑԻ

1859ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԹԱՇՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Մբ. Ծ. 1878ին. Ձռ. 1913ին. ՏՓ. 1922ին. ՏՅ. 1927ին. ցարդ կը վարէ նոյն պաշտօնը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԹՕԽԱՏՑԻ

Մբ. Նւ. Թրակիոյ 1758ին. կը վախճանի 1786ին. այս անձը կը յիշատակուի ՄՁ. Թ. 406 յիշատակագրութեան մը մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԿԱՐՆԵՑԻ

Մբ. Ձռ. 1804ին. Առ. Դամասկոսի 1822ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԿԱՖԱՑԻ

1709ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ըստ հին հաշուետումարի մը. Յակոբ վրդ. նուիրատուութեամբ մը մասնակցած է Ս. Յակոբի վանքին պարտուց վճարման:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ, ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Մբ. Գրագիր պատրիարքարանի. ՌՄՀԶ (=1827) թուին ընդօրինակած է թափորի տետրակ մը. եւ 1835 Նոյ 20ին ալ Քարոզք Գէորգ եպս-ի Զմիւռնացւոյ ձեռագիրը Ս. Յակոբի մէջ (ՄՁ. Թ. 1743). վախճանած է 1836ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ԿԷՆՃԷՑԻ

Մբ. 1752ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՃԳՆԱՒՈՐ

Մբ. 1700ին Պոլիս կը գտնուէր, ինչպէս կը յիշուի Մինաս Ամթեցիի Օրագրութեան մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՄԱՐԶՈՒԱՆՑԻ, ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Մբ. Ձռ. 1832ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ, ՎԱՆՑԻ (Տհենց. Շուշտակ)

Մբ. կը միաբանակցի 1885ին. ժամարար Դամասկոսի մէջ 1888ին. կը հրաժարի 1889ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՅՈԲԻԿԵԱՆ

Առ. Ակնայ. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. 1898ին կը միաբանակցի եւ 1900ին կը վախճանի. նախապէս կը կտակէ Ս. Յակոբի վանքին 100 ոսկւոյ գումար մը եւ Րումելիի երկաթուղիի արժեթուղթ մը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ

1866ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՄԽԱԼԻՃՑԻ

Մբ. աշկ. Էտիրնէցի Պօղոս պտրք-ի ՏՌ. 1804ին. խորհրդական 1824ին. նՒ. Հապէշիստանի. կը կողոպտուի նոյն երկրի Ատուա քաղաքի հապէշ եպս-ի մարդերէն. բացի մուրհակներէն ամէն բան կը գողնան իրմէ. 1826ին կը վախճանի Գահիրէի Հոգետան մէջ. կողոպտուած իրեղէնները հապէշները կը վերադարձնեն. 1811ին Պոլսի մէջ, ընդօրինակած է Գէորգ վրդ. Մխլաիմ օղլուի թարգմանած Յովհ. Ոսկեբերանի, Բարսղի Կեսարացւոյ եւ Աստուածաբանին պատարագամատոյցները:

ՄՁ. Թ. 1021

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ.

Մբ. 1812ին կ՚ընդօրինակէ Մեկն. Սաղմոսաց անուն գիրքը (թարգմ. իտալերէնէ ի հայ Աթանաս վրդ-է Հռոմմկլայի, 1777-1780). (ՄՁ. Թ. 115). Նւ. Թօխատի եւ Հնդկաց (1822-1827):

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Կարնոյ եւ Մշոյ Ս. Կարապետի 1749ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Հնդկաց (1809-1810). կը վախճանի ի Հնդիկս. հանգուցեալը իր նուիրակութեան արդիւնքը Թէոդորոս պտրք-ին հասցնելու համար կտակով փոխանորդ կը կարգէ Պոմպէի Յովսէփ Յարութիւնեան եւ Մարտիրոս Յովհաննէս եւ Թադէոս Գէորգ Տ. Դաւիթեան ազգայինները. վերջինս նամակով մը կ՚իմացնէ Յակոբ վրդ-ի մահը եւ կտակը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՄՇԵՑԻ

Մբ. 1856ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ.

Մբ. 1701ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՇԱՀՊԱՂԼԵԱՆ, ՎԱՆԵՑԻ

Մբ. Ձռ. 1868ին. ՏԴ. (1870-1871). միաբանութենէ կը հրաժարի 1871ին. Առ. Բաղէշի 1895ին. մեռաւ Պոլսի մէջ (1909):

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Մբ. 1721ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՊԱԼԱՏՑԻ

Մբ. Հայրը Մհտ. Մելգոն. աշկ. Կոլոտ Յովհաննէս պտրք-ի զոր կը յիշէ Գրիգոր Շղթայակիր պտրք. իր Ճանապարհորդագրութեան մէջ (Կոլոտ, էջ 71). Նւ. եւ Լսպ. Ս. Յակոբի 1731ին. Յակոբ վրդ. Պալատցիի մասին ՄՁ. Թ. 598. Վարք Հարանցին մէջ կը գտնենք հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «ի թուին ՌՃՁ եւ Ը (=1739) հանգեաւ ի Քս. յոյսն մեր, երանելի այրն Աստուծոյ Պալատցի Յակոբ Աստուածաբան վարդն. քաջ մշակն Սրբոյ Աթոռոյս. եւ բազմաշխատ ծառայն. որ ՌՃԾ եւ Ե թուոյն (=1706) եկեալ էր ի Ս. Գահս եւ մտեալ էր ի ծառայութիւն Սրբոյ Քրիստոսեան Աթոռոյս եւ բազում աշխատանս կրեալ, եւ յոլով նուիրակութիւնս արարեալ. հրամանաւ երջանիկ եւ սրբազան պատրիարքի տն. Գրիգորի, սրբակենցաղ հայրապետի, հոգեւոր ծնողին իմոյ, եւ յոլով արդիւնք եւ սպասք ձեռամբ վերոյգրեալ Յակոբ Աստուածաբան վրդ-ին. թէ ոսկեայ, եւ թէ արծաթեայ, եւ թէ կերպասեայ եղեւ հաւաքեցեալ ի նուիրակութենէ սորին, ի ծոց? Սրբոյ Աթոռոյս. եւ մանաւանդ յոյժ սիրող էր սբյ. տանս…»: Իր տապանագրին է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան Պալաթցի լուսարար Յակոբ վարդապետն Աթոռոյս բազմաշխատ նուիրակի որ հանգեաւ թուին ՌՃՁԸ (=1739) ընթարցողքղ տուք զողորմին»:

Յակոբ վրդ-ի անուամբ 1729ին Խորհրդատետր մը, եւ մարգարտաշար ու ոսկեթել եմիփորոն մը կը յիշատակուի Ս. Յակոբ վանքին հետեւեալ յիշատակարանով. «ի վայելումն Պալաթեցի Մհտ. Մելգոնի որդի Յակոբ վրդ-ին բազմաշխատ միաբան Ս. Աթոռոյ… ՌՃՀԸ» (=1729):

ՄՁ. Թ. 532. Ցուց. Պ.

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՉԱՆԿՐՑԻ

Մբ. Ձռ. 1811ին. Նւ. Պաղտատի եւ Հնդկաստանի (1827-1830):

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ, ԿԷԼԻՊՕԼՈՒՑԻ

Մբ. 1821ին իր ծնողաց ուխտի եկած ժամանակ ծնած է Ս. Յակոբի վանքին մէջ. Ձռ. 1847ին. Թարգման 1850ին. քննիչ Դամասկոսի մէջ 1855ին. Առ. փոխ. Զմիւռնիոյ 1864ին. անհանդարտ վարքին պատճառով կը վտարուի 1865ին միաբանութենէն. կարգալոյծ 1867ին. թէեւ բողոքականութեան յարելով` բողոքական ալ կ՚արձանագրուի. բայց Ազգապետարանը ջնջուած կը նկատէ անոր անունը 1874ին. իբր նորոգիչ քանի մը համաոխհներով կը հիմնէ Լուսաւորչեան անուամբ ընկերութիւն մը եւ կը հրատարակէ սրբագրեալ Մաշտոց մը: Յօրինած է Պատմ. Ազգ. երկամեայ անցից տետրակը:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՊՕԼՈՒՑԻ

Մբ. Ձռ. 1820ին. Նւ. Կեսարիոյ (1822-24). ապա կարգաթող 1825ին. եւ կ՚ամուսնանայ Պէրութի մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ, ՎԱՆԵՑԻ

Մբ. Ռուսաստանի նուիրակ Երեմիա եպս. Տէր Սահակեանի կ՚ընկերանայ իբր սպասաւոր, եւ անորմէ սարկ. կը ձեռնադրուի Տփխիսի մէջ. Ձռ. 1877ին. ՏՓ. (1878-81). ՏԲ. (1881-84). ՏՅ. (1885-87). Բ. անգամ ՏԲ. (1893-94). կը վախճանի 1905ին: Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու Րումելիի երկաթուղւոյ տասնեւեօթն արժէթուղթեր եւ մթերանոց մը Յոպպէի մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՍԿԻՒՏԱՐՑԻ

Մբ. 1816ին Զմիւռնիացի Ճգնաւորեալ Մկրտիչ գաւազան մը կը նուիրէ Յակոբ վրդ-ին հետեւեալ յիշատակարանով. «ընծայեալ է Զմիւռնիացի Ճգնաւորեան Պարոն Մկրտիչէն յաղագս վայելումն Ս. Երուսաղէմի միաբան եւ Սկիւտարցի Յակոբ վրդ-ին ՌՄԿԵ» (=1816):

Ցուց. Պ.

ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՔԷՕԹԱՀԻԱՑԻ

Մբ. Ձռ. 1807ին:

 

ՅԱԿՈԲ ՓԱՇԱ ԳԱԶԱԶԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

(1831-1891) եղբայրները Կարապետ եւ Նշան, քոյրը Աղաւնի. Ս. Յակոբի վանքին կը կտակեն տուն մը Երուսաղէմի մէջ. որուն համար 1894ին կը հաստատուի Մշտնջենաւոր յիշատակարան (Արձնգր. Տն. Ժողովի 1894. Նիստ ԻԶ. էջ 75):

Յակոբ Փաշա թուրքօ-ռուսական պատերազմի ժամանակ թարգմանի դեր կատարած է ֆրանսական բանակի մէջ. իր ծանօթ ֆրանսացիներու միջոցաւ օսմ. պանքան կը մանէ եւ կը վարէ թարգմանութեան սենեկի տեսչական պաշտօնը: Կայսրը` իր անձնական գանձուն տեսչութեան համար երբ ելմտագէտ կարող պաշտօնեայ կը փնտռէր եւ յանձնարարած էր նոյն պանքային տնօրէնին այդպիսի մէկը գտնել, տնօրէնը սուլթանին կը ներկայացնէ Յակոբ Գաղազեանը որ անմիջապէս կը կարգուի տեսուչ կայս. անձնական գանձուն: Յակոբ փաշա կարճ միջոցի մէջ կը բարւոքէ նոյն գանձուն ելմտական վիճակը եւ կ՚արժանանայ Կայսեր գնահատման եւ 1886ին ալ կը կարգուի ելմտական նախարար եւ կ՚ստանայ վէզիրութեան աստիճան: Յակոբ փաշա Յարութիւն պտրք-ի դիմումներուն վրայ մեծապէս կը դիւրացնէ Ս. Յակոբի վանքին գինուորական տրոց գանձումներէն վճարուելիք նպաստները. տեսնել իր կենսագրութիւնը:

Հա. 1890, էջ 12-14

ՅԱԿՈԲ ՓԱՍԿԱԼ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ

Ծ. 1832ին. հայրը Յովհաննէս, որ իր եղբօրը Մուրատ իշխանի հետ Իզմիրէն գալով հաստատուած էր Երուսաղէմ. Յակոբ 1849ին մտած է Աւստրիոյ-Հունգարիոյ պետական ծառայութեան մէջ. ապա կարգուած է փոխհիւպատոս նոյն կառավարութեան ի Յոպպէ` մինչեւ իր մահը, որ պատահած է 1905ին Յոպպէի մէջ: Ս. Յակոբի վանքի իր ծառայութիւններուն համար կոնդակներ ընդունած է Մատթէոս կթղ-էն 1863 եւ 64ին. Գէորգ կթղ-էն 1880ին. Մակար կթղ-էն 1886ին:

Յակոբ Փասկալի զաւակն է Տօքթ. Վահան Փասկալ . 1875). շրջանաւարտ Մոնբելլիէի բժշկ. վարժ-ի: 1902էն սկսեալ կը վարէ Ս. Յակոբի վանքին պաշտօնական բժշկի պաշտօնը:

 

ՅԱԿՈԲ ՔՀ. ԱՄԱՍԻԱՑԻ

1635ին յօրինած է Երուսաղիմայ Պատմութիւն մը որ անծանօթ կը մնայ մեզ:

Նաե, էջ 70

ՅԱԿՈԲ ՔՀ. ԱՐԾԿԷՑԻ

Փիլիպպոս կթղ-ի 40 աշակերտներով Երուսաղէմ այցելութեան առթիւ` 1652ին` կը յօրինէ քերթուածներ որոնց ձեռագիրը կը գտնուի Ս. Յակոբի Մատենադարանը (ՄՁ. Թ. 1485). Յակոբ քհ. Արծկէացին ունի նաեւ զանազան տաղեր, այլեւայի ձեռագիրներու մէջ:

Նոր Ժղվծ. Բ. պրակ. էջ 19-20

ՅԱԿՈԲ ՔՀ. ՄԱՎԵԱՆ, ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ

Ծ. 1884ին, աշկ. տեղւոյն ազգ. վարժ-ի, քհ. կը ձեռնադրուի 1911ին Սսոյ մէջ. ժողովուրդին հետ կը տարագրուի նախ Գոնեա, յետոյ Գաթմա, Րէսուլայն, եւ մինչեւ Մուսուլ: 1918ին երկար տառապանքներէ յետոյ կը հասնի Պաղտատ` ուր տարագրելոց ժողովին կողմէն որբանոցի տեսուչ կը կարգուի. 1918 Նոյ. 24ին որբանոցի եւ այրիանոցի կարաւանին հետ իբր հոգեւոր հովիւ Դեկտ. 18ին կը հասնի Բոր-Սայիտ` ուր կ՚ստանձնէ այրիանոցի հսկողութիւնը, Եգիպտոսի առաջնորդ Թորգոմ Սրբազանի կողմէն կը կարգուի առ. փոխանորդ Զէմբի գաղթական ժողովուրդին. Բոր-Սայիտէն կը մեկնի Տէօրթ Եօլ ուր կը քահանայագործէ երկու տարի: Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով կ՚այցնի Ալեքսանտրէթ եւ հոնկէ ալ 1922 Մայիս 12ին կը հասնի Երուսաղէմ, Ս. Յակոբի վանքը ուր կը ծառայէ Ս. Տեղեաց եւ երբեմն ալ կը վարէ ուխտաւորաց հիւրընկալութեան պաշտօնը: 1927 Մայիս 26ին կը կարգուի հոգեւոր հովիւ Հայֆայի հայ գաղութին եւ ցայժմ կը մնայ նոյն պաշտօնին մէջ:

 

ՅԱԿՈԲ ՔՀ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Ջուղայի Ամենափրկչեան վանքի մատենադարանին մէջ կը գտնուի Մատեան Առաքինութեանց անուամբ ձեռագիր մը, զոր ընդօրինակած է Յակոբ քհ. 1686ին. նոյն ձեռագիրին յիշատակարանին մէջ տեղւոյն Առաջնորդ Դաւիթ եպս-ի ներբողեանը գրած ժամանակ, հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ իր Ս. Երուսաղէմի ըրած այցելութիւնը. «Քանզի շրջեալ մեր ի բազում աշխարհս. եւ գնացեալ մինչեւ ի Ս. Քաղաքն յԵրուսաղէմ, գրեթէ տեսաք աչօք մերովք զամենայն վարդապետս` եպիսկոպոսս` եւ կաթողիկոսս` եւ ոչ գտաք համեմատ նմա»:

Նոր Ջուղա. Բ. հատ. էջ 27

ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՍՏԵՓԱՆ

Թաշճի պաշի Վարդան աղայի որդիները, որ 1849ին կը նուիրեն Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցիի աւազանը, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ հետեւեալ յիշատակարանէն. «Յիշատակ է Ս. աւազանս, զոր ընծայեցին Թաշճի պաշի հանգուցեալ Վարդան Աղայի բարեժառանգ որդիքն Պարոն Յակովբ եւ Պարոն Ստեփանն. 1849»:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲ.

Մբ. 1843ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲ.

Մբ. 1693ին կը պաշտօնավարէր Ս. Յարութեան եկեղեցիին մէջ. ինչպէս կը յիշուի Մինաս Ամդեցիի Օրագրութեան մէջ:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴՊԻՐ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է հետեւեալները, ՌՃՁԴ (=1735) թուին Մեկն. Մարկոսի Աւետարանին, ՌՃՂ (=1741) Գրի. Տաթեւացիին Լուծմունք դժուարիմաց բանից Յոբայ. 1748ին Մարտիրոս վրդ-ի Անալոճիայ գիրքը. առաջին երկուքը կը գտնուին Ս. Յակոբի վանքին մատենադարանը . 949 եւ 954). իսկ երրորդը` Ս. Էջմիածնի մատենադարանը (Էջմ. Ցուց. Թ. 39). նաեւ Մաշտոց մը ԴՃՁԸ (=1739) (ՄՁ. Թ. 676). 1740ին Հաւաքածոյ մը (ՄՁ. Թ. 583). հաւանաբար իրն է նաեւ 1713ին գրուած Քաղուածոյք Աստուածաբանութեան Ալպերտի գիրքը:

ՄՁ. Թ. 884

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՊՍ. ԳԱՊԷՆՃԱՆԵԱՆ, ԵԴԵՍԱՑԻ

Մբ. Ծ. 1785ին. աշկ. Մարկոս եպս-ի. ՓԿԵ. (1821-1825). Առ. Զմիւռնիոյ (1825-1829). Առ Պրուսայի եւ Կուտինայի (1829-1836). Մշոյ եւ Կարնոյ միացեալ վիճակաց (1836-1838). 1838ին Մշոյ Ս. Կարապետի վանահայր Կիւրավցի Պետրոս եպս-ի տեղ (E1845). կը պատմուի թէ` «Յարութիւն եպս. Ս. Կարապետի վանքի հաշիւն ուզեց Կուրավցիէն. տեղւոյն երեւելի Քէօսաօղլու Համբարձումը քանի մը իշխաններով ասացին թէ` դուն որ եկած ես Երուսաղէմէն, եւ այնտեղէն ալ բաւական բաներ բերեցիր. միթէ անոնք ալ քեզանից հաշիւ առա՞ն թէ ոչ. ապա թէ ոչ. դու ի՞նչպէս Կուրավցիէն հաշիւ կ՚ուզես. քանի որ Կուրավցին ինքն բոլորովին վանքին է». (Դիւան. էջ 532). Յարութիւն եպս. շինած է Ս. Կարապետի վանքին հարաւային պարիսպը, ինչպէս յայտնի է 1838ի յիշատակարանով որ զետեղուած է նոյն պարսպի ճակատին վրայ. ան երկու անգամ վարած է Եդեսիոյ առաջնորդութիւնը (1840-41 եւ 1842-47). 1845ին շինած է Եդեսիոյ մայր եկեղեցին. այդ պատճառով իր անունը կը յիշատակուէր Ս. պատարագի Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն քարոզին մէջ: Իր առողջական վիճակը դարմանելու համար Եդեսիայէն եկած է Հալէպ, ուր 1848ին վախճանած եւ թաղուած է Ս. Քառասնից եկեղեցւոյն գաւիթը (ՄՁ. Թ. 1603). իր տապանագիրը կը դնենք հոս.

«Ի թվին 1848ին

Հանգչի յայս տապան

Փրկչի պաշտօնեայն

Յարութիւն եպիսկոպոս

Առաջնորդ Եդեսիոյ»:

Յարութիւն եպս. Նարեկը ծայրէ ի ծայր տաղաչափութեան վերածած է (Գաւազանագիրք էջ 105), որուն ձեռագիր օրինակը կը գտնուի Ս. Յակոբի վանքին մատենադարանին մէջ (ՄՁ. Թ. 321): Յարութիւն եպս-ի անունով ձեռագիրներուն մէջ կը յիշատակուի գրուածք մը Ներբող Որդւոցն Որոտման Ս. Առաքելոցն Յակոբայ եւ Յովհաննու (ՏՊ. Կ. Պոլիս 1823), ունի նաեւ Սաղմոսի եւ Երգ երգոցի Մեկնութիւնները, բայց կիսկատար են, գրած է նաեւ Ներբող մը Յովհաննու Կարապետի եւ Մկրտչի, ինչպէս կը յիշէ իր Նարեկի տաղաչափութեան յառաջաբանին մէջ:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՊՍ. ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ

Մբ. Նւ. Տիգրանակերտի 1774ին. Նւ. Թիֆլիզի 1791ին. Նւ. Զմիւռնիոյ 1793ին (Դիւան Գ. էջ 532). 1793ին կը վախճանի Զմիւռնիոյ մէջ, նոյն թուականով անոր յիշատակին խաչքար մը զետեղուած է Ս. Փրկչի վանքին պատին վրայ հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Կանգնեցաւ սբ. խաչս բարեխօս առ Աստուած. վասն փրկութեան հոգւոյ Սրբոյ Աթոռոյս բնիկ միաբան Թէքիրտաղցի Յարութիւն եպս-ին, որ ի գործ նուիրակութեան գնաց ի Զմիւռին եւ անդ հանգեաւ ի Քս. ՌՄԽԲ (=1793), Սեպտ. Լ-ին»: Յարութիւն եպս. յիշատակ թողած է մարգարտեայ թագ մը:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՊՍ. ԼԵՒՈՆԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Մբ. Ծ. 1670ին. եպս. Կեսարիոյ (Պաղեստին). 1719-20ին կը ճամբորդէ Գատիս (Սպանիա). 1726ին կ՚այցելէ Լիզպոնայի թագաւորին (Սիսական. էջ 458). Յարութիւն եպս. կը յիշատակուի նաեւ Գաղղիացի Յսիուսեան կրօնաւոր հայագէտ Յակոբ վրդ. Վիլլոտի Պատմութիւն կաթողիկոսաց եւ թագաւորաց Հայոց փոքր տետրակին յիշատակարանին մէջ, որ իր ծախքովը տպագրուած է 1713ին Վենետիկի մէջ. նոյն հեղինակին Մեկնիչ Ս. Աւետարանի գիրքին (տպ. 1714) սկիզբը կը գտնուի Յարութիւն եպս-ի վկայութիւնը. «Ես Յարութիւն Արհիեպիսկոպոս Կեսարիա Պալեստինոյ, եւ սպասաւոր Ս. Երուսաղէմի, տեսի զգիրքս եւայլն»: Յարութիւն եպս. 1712ին Հռովմի մէջ ներկայ կ՚ըլլայ Կղեմէս ԺԱ-ի գումարած հրապարակային համագումարին, Պիոս Ե-ի եւ ուրիշներու սրբացուցման առթիւ, եւ ըստ սովորութեան` Յարութիւն եպս. եւս կուտայ իր վկայութիւնը. «Ես Յարութիւն Անաստաս Արհիեպս. Կեսարիոյ Պլստինոյ ձեռամբ իմով գրեցի: 1728ին կը հաստատուի Վենետիկ, ուր կը վախճանի եւ կը թաղուի Մխիթարեանց վանքին Ս. Ղազար եկեղեցիին մէջ»:

Կենս. Ա. էջ 135. նաեւ Հայ Վենետ. էջ 343

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՊՍ. ՊՕՐԱԶԱՆ

Մբ. կը վախճանի 1815ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (Մհտ. ) ՂՐԻՄՑԻ

1772ին Կ. Պոլսոյ մէջ ընդօրինակած Կանոնք, Կանոնական թուղթք եւ Դատաստանագիրք ձեռագիրը (ՄՁ. Թ. 171) 1778ին կը նուիրէ Ս. Յակոբի վանքին հետեւեալ յիշատակարանով. «… եղիցի բարեխօս մեղսամած եւ գծագրող գրքոյս Ղռիմցի մահտեսի Յարութիւնիս, եւ զհանգուցեալ ծնողքն իմ Խաչատուրին եւ զհանգուցեալ որդւոյ իմոյ տիրացու Կարապետին ի թուականիս Հայոց ՌՄԻԷ (=1778). Օգոստոսի ԺԲ-ին»:

Խապ. Ցուց.

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԱՇՑԻ

Քրձ. սպասաւոր պատրիարքարանի, ի նպաստ Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու մեթրանոց մը Յոպպէի մէջ:

Արձնգր. Տն. Ժողովի, 1888

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (Մհտ. ) ՄՈՒՐԱՏ ՕՂԼՈՒ, ԿԱՄԱՐԱԿԱՊՑԻ

1742ին ուխտաւորութեամբ Ս. Յակոբի վանքը այցելելու ատեն կը վախճանի եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ: Ս. Յակոբի վանքին Ս. Ստեփանոսի եւ Ս. Լուսաւորչի խաչկալներուն ոսկեզօծումը կատարուած է ի յիշատակ Մհտ. Յարութիւնի` որուն համար Ս. Ստեփանոսի մատրան մէջ զետեղուած են հետեւեալ երկու յիշատակարանները. Ա. «Սուրբ Ստեփաննոսի ոսկեզօծ խաչկալս յիշատակ է Կամարակապցի հանգուցեալ Մհտ. Յարութիւնի եւ կողակցոյն Մհտ. Խանըմին եւ ծնողացն Նազարին եւ Մհտ. Նազլուին եւ որդւոցն Մհտ. Մկրտչին եւ Մինաս Չէլէպիին եւ ամ. զարմից նոցա: Յէմ. ի Սբն. Յակոբ ի թվին ՌՃՂԱ (=1742). յիշեցէք ի Տէր Քս. ամէն. »

Բ. «Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի ոսկեզօծ խաչկալս յիշատակ է Կամարակապցի հանգուցեալ Մհտ. Յարութիւնի եւ կողակցոյն Մհտ. Խանըմին եւ ծնողացն Նազարին եւ Մհտ. Նազլուին եւ որդւոցն Մհտ. Մկրչին եւ Մինաս Չէլէպիին եւ ամ. զարմից նոցա. յԷմ. ի Ս. Յակոբ ի թվին ՌՃՂԱ (=1742). յիշեցէք ի Տէր Քս. ամէն»: Մհտ. Յարութիւնի ուրիշ նուէրներու մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (Մհտ. ) ՈՐԴԻ (Մհտ. ) ՄՈՒՐԱՏԻ, ՎԱՆՑԻ

Մձ. Թ. 1963 յիշատակարանէն կը քաղենք հետեւեալը իր մասին. «Յիշատակ է սուրբ Աւետարանս Վանեցի Մհտ. Մուրատի որդի Մհտ. Յարութիւնին. մօրն աղա Սօլթանին, հանգուցեալ եղբօրն Աղախանին եւ Մհի Յարութիւնի կողակից Դուրտանին եւ որդւոցն Յօհանէսին, Բարսեղին, դստերացն Հռիփսիմէին, այլեւ Մհի Յակոբին, Պօղոսին կողակցին Ղայիմին, Եղիսին… որ ստացաւ աստուածախօս բուրաստանս ի հալալ արդեանց իւրոց եւ ետ յիշատակ յաստուածակոխ քաղանք Երսղմ. ի յաթոռն Սբց. Յակոբեանց»:

Խապ. Ցուց. տետր Է. էջ 536

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (Մհտ. ) ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

1764ին ընտանեօք ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքըեւ կը նուիրէ մագաղաթեայ եւ ականակուռ ծածկոյթով ձեռագիր Աւետաարն մը` որ ունի հետեւեալ յիշատակարանը. «Յիշատակ է ոսկեպատ եւ ականակուռ Ս. Աւետարանս Ջուղայեցի Մհտ. Յարութիւն աղային եւ իւր կողակցւոյն Թագուհի խաթունին եւ իւր որդի Ստեփան Աղային յերուսաղէմ, ի դուռն Ս. Յակոբայ, թուին ՌՄԺԳ (=1764)»:

Ցուց. Պ.

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՐՄՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1860ին. աշկ. Սկիւտարի Ս. Խաչ Վարժ-ին, ուր օգտուած է հայերէնագէտ Խաչատուր Միսաքեանէն: Նախ կը հետեւի առեւտրական ասպարէզին եւ այդ պատճառաւ երկու անգամ կը ճամբորդէ Անգղիա. յետոյ թողլով նոյն գործը կ՚զբաղի գրականութեամբ: Ուխտաւորութեամբ ճամբորդութիւններ կատարած է Արմաշի վանքը, Էջմիածին, եւ 1901ին ալ Երուսաղէմ, Ս. Յակոբի վանքը, եւ գրի առած է Երուսաղէմի իր ուղեւորութիւնը Ուխտաւոր ծածկանունով: Իր Ալելուիայ յԵրուսաղէմ (Տպ. Պոլիս, 1903), գրքոյկը կը պարունակէ Ս. Տեղեաց վրայ տեղագրական տեղեկութիւններէ զատ, բարեպաշտական խորհրդածութիւններ: Մրմրեան իր կեանքի վերջին օրերուն` դժբախտ վիճակի մէջ` կ՚սպաստանի Ազգ. Հիւանդանոցը, ուր եւ կը վախճանի 1927 Յուլիս 21ին. իր թաղումը տեղի կ՚ունենայ ազգ. պատուադրութեամբ: Իր գրական գործերն են.

Հուգոնի Փոսկոլեայ եւ Իպ. Պինդեմոնտի գերեզմանք. Կենցաղ կամ դաստիարակութիւն Հ. Սբէնսըրի. Ալելուիա իննեակ իմաստասիրական. Հին օրեր եւ այդ օրերու մեծատունք. Հին օրեր եւ պուէտ Խաչատուր Միսաքեան. Տասնեւիններորդ դար եւ Յովհաննէս Պտ. Տէրոյենց. Ստուերք հին դէմքերու (տպ. Պոլիս, 1908). Թուրքահայ հին վաճառականութիւնն եւ վաճառականք. եւ այլն: Իր ձեռագիր երկասիրութիւնները` աշխարհաբար Նարեկ եւ Հերոդոտի Պատմութիւն գրաբար-աշխարհաբար թարգմանութիւնը` կը մնան վանուցս ձեռագրատան մէջ:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԵ. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆ, ԵԳԻՊՏԱՑԻ

Ծ. 1819ին. որդեգիրն էր Երուսաղէմացի Կիրակոս պտրք-ին. աշկ. Ժառ. Վարժ-ի, յետոյ գրաչար 1830ին Ս. Յակոբի տպարանին մէջ. կը մեկնի Կ. Պոլիս եւ ժամանակ մը (1840)ին Սկիւտարի ճեմարանը յաճախելէ յետոյ Զմիւռնիա կ՚երթայ Յոհան Վանանդեցի վարժապետին մօտ, կ՚աշակերտի նաեւ Պէպէքի (Պոլիս) Մըսթըր Համլինի վրաժ-ին: Կը ճամբորդէ Եւրոպա եւ Ամերիկա  1844ին (Վրթ. ՄՁ. անթիւ). Ձռ. 1850ին Արմաշի վանքին մէջ. կը դառնայ Պոլիս եւ կը կարգուի փոխ. պատրիարքարանի (1853-57). Առ. Խարբերդի 1857ին. դարձեալ փոխանորդ Պոլսի 1859ին. Առ. Բարձր Հայքի 1859ին. եպս. կը ձեռնադրուի 1860ին. Լիազօր քննիչ Մշոյ, Վանայ եւ Աղթամարի 1866ին. յանուն ազգ. պատրիարքարանի ներկայ կ՚ըլլայ 1867ին Գէորգ Դ. Կթղ-ի օծման. ուխտի կուգայ Ս. Յակոբի վանքը 1868ին, եւ յետոյ կը վերադառնայ իր վիճակը. 1880ին կը հրաժարի Կարնոյ առաջնորդութենէն եւ կը քաշուի Երուսաղէմ, ուր կը կարգուի պտրք. փոխ. 1884ին. կ՚ընտրուի պտրք. Կ. Պոլսի 1885ին. նոյն տարին կ՚ընտրուի Երուսաղէմի պտրք. եւ Մակար կթղ-էն կ՚ընդունի կոնքեռ. 1885ին Յարութիւն պատրիարքի Պոլսի պատրիարքութեան շրջանին Ս. Յակոբի վանքին վերաբերեալ երկու կարեւոր խնդիրներ կը հետապնդուին, պատրիարքին եւ վարչութեան կողմէն տարուած աշխատութինններով. այդ խնդիրներէն մին է Մեծ արտի խնդիրը: Յովհաննէս պատրիարք օրինաւոր պայմաններով Ս. Յակոբի վանքին համար գնած էր Երուսաղէմի արեւմտեան դռնէն դուրս` Եաթայի եւ Մամիլլայի պողոտաներուն միջեւ` 80. 000 քառակուսի կանգուն տարածութեամբ ընդարձակ գետին մը` քաղաքին կեդրոնական մասին մէջ. Եսայի պատրիարքին Պոլիս գտնուած ժամանակ` Ճիպրայէլ Կարկուռ անուն փաստաբան մը սեպհականութեան թուղթեր կեղծելով նոյն գետինի համար դատ բացած էր Դենպետական դրան առջեւ. պատրիարքարանը պայմանաժամ կը խնդրէ կարեւոր վաւերաթուղթերը ներկայացնելու համար. Կարկուռի ապօրէն միջոցներու հետեւանքով կը զլացուի խնդրուած պայմանաժամը եւ իր ցոյց տուած թուղթերուն համաձայն վճիռ կ՚ստանայ. այս վիճակին մէջ էր գործը` Եսայի պատրիարքին Պոլսէն մեկնած ատենը:

Յարութիւն պտրք. անձամբ եւ ոգեին փարեցաւ մեծ արտի այս գործին, կը հետապնդէր զայն եւ անդուլ կ՚աշխատէր անոր յաջողութեան համար: Դատավարական գործերու ընթացքը կը պահանջէր որ նախեւառաջ ջնջուէր Կարկուռի կողմէ ձեռք բերուածանարդար վճիռը, եւ այս նպատակին ուղղուեցան բոլոր աշխատութիւնները: Նոյն վճիռին անվաւերականութիւնը ապացուցանելուհամար կարեւոր եւ օրինաւոր փաստաթուղթերով միասին 1885 Յունիսին բողոքագիր մը ներկայացուցած է Թէտքիքաթը շէրիէ կոչուած վերաքննիչ կրօնական ատենին: Քննութիւնը կ՚երկարի սակայն վասնզի Երուսաղէմէն պաշտօնական տեղեկութիւններ կը պահանջուին. եւ որոնք Ս. Յակոբի վանքին նպաստաւոր եղան: Մեծ դենպետը 1886 Փետրուարին` կը ծանուցանէր պատրիարքին թէ Կարկուրի ձեռք բերած վճիռը ջնջուեցաւ. թէեւ ամէն կողմ ուրախութիւններ եղան տրուած այս որոշման վրայ, բայց անբաւական դատուեցաւ ան. վասնզի Կարկուր տրուած որոշումին շփոթ վիճակէն օգտուելով` գործադիր պաշտօնէութեան կը դիմէ եւ ամէն կողմ լուր կը տարածէ թէ նպաստաւոր վճիռ ստացած էր, եւայլն: Յարութիւն պտրք. նոր բողոքագիրով մը եւ փաստաբաններու խորհրդով խնդիրին նոր ձեւ մը կուտար, եւ այս անգամ Դատական նախարարութեան կը դիմէր. ձեռնհասութեան խնդիր ալ կը յուզէր` թէ պատրիարքի մը դէմ վճիռը դենպետէն միայն կրնար տրուիլ, եւ ոչ ուրիշ դատաւորէ: Նախարարութիւնը գործը Պետական խորհուրդին որոշման կ՚ենթարկէ, եւ անմիջապէս լուր կը տարածուի թէ Կարկուռի ձեռք բերած վճիռը նենգեալ եւ խարդախեալ եւ օրինաց հակառակ ըլլալուն ջնջուած է. եւ Մայիս 17ին լուր կ՚առնուի թէ անգործադրելի վճռուած է Կարկուրի ձեռք բերած վճիռը. 21ին Պետական խորհուրդի որոշումը նախարարութենէ կը վաւերացուի եւ կը հռչակուի Ս. Յակոբի վանքին իրաւունքը եւ պաշտօնապէս պատրիարքարանին կը հաղորդուի եւ Եպարքոսական հաստատութեամբ հրատարակութեան կը տրուի, եւ Միաբանութիւնն ալ 1886 Օգստ. 11ին խնդութեամբ կը լսէ այդ յաջողութիւնները:

Յարութիւն պտրք. ապագայի նկատմամբ ինչ ինչ տեսակէտներով յարմար կը դատէ նոյն վճիռը նուիրագործել տալ կայսերական հաստատութեամբ, եւ արտին կէսը վաճառելով միւս կէսը շահագործելու արտօնութիւն կը խնդրէ: Կառավարութիւնը նկատի կ՚առնէ առաջարկը եւ Երուսաղէմի կառավարիչէն պաշտօնական տեղեկութիւններ կը պահանջէ. Կարկուր թէեւ կը բողոքէ այդ առաջարկին դէմ. սակայն պատրիարքին ջանքը կը յաղթանակէ. եւ կայսերական արտօնագիրին հասած ըլլալը 1888 Ապր. 2ին Միաբանութեան կը հաղորդուի: Պատրիարքը յատուկ հրովարտակ ալ ստանալուջանքը կը շարունակէ, որուն համազօր կը սեպուի կայսերական հրամանին հրովարտակաց դիւանին մէջ արձանագրուած ըլլալուն վաւերական վկայադիրը, որ եւ Երուսաղէմի կառավարչութեան ալկը հաղորդուի: Արտին կէսը վաճառելով միւս կէսը շինելու արտօնութիւնը պատրիարքին ալ կը հաղորդուի Ապրիլ 3ին իբր զատկական աւետիս: Գործադրութիւնը փութացնելու համար անմիջապէս կտոր մը վաճառելու եւ շէնք մը կառուցանելու որոշում կը տրուի 1887 Մայիս 4ին, ինչպէս Յարութիւն պտրք. կը թելադրէր Պոլսէն եւ միանգամայն իր անձնականէն կը տրամադրէր գումար մը որով շինուեցաւ մեծ արտին վերի կողմը Պատրիարքի Տուն կոչուած շէնքը, իբրեւ մեծ արտին վրայ կառուցուելիք կալուածներուն առաջնապտուղը (Ազգպտմ. էջ 4569-73) (Կարկուռի ժառանգորդները Զինադադարէն քիչ յետոյ տիրող վարչական տակնուվրայութենէն յուսալով թէ կրնային նպաստաւոր ըլլալ: 1919 Մարտին վերանորգեցին դատը պատրիարքարանի դէմ, Պաղեստինի երկու դատարաններուն մէջ անիրաւ ելան, Լոնտրա դիմեցին, նմանապէս հոն ալ դատապարտուեցան եւ Լոնտրայի բարձրագոյն դատարանը մերժեց նկատի առնել իրենց դիմումը. տեսնել այս մասին Տեղեկագիր Կարկուռեան դատին անուամբ պաշտօնագիրը (Սիոն, 1929 Փետր. Մարտ) որ առանձին ալ հրատարակուած է):

Երկրորդ խնդիրն է հետեւեալը: Իր նախորդին, Ներսէս պատրիարքի օրով նկատի առնուած էր թէ Ս. Յակոբի վանքի պարտքը 45000 ոսկիի հասած էր. նոյն պարտքին վճարման համար Պոլսի մէջ Յանձնաժողով մը կազմուած էր 1879ին. ան մինչեւ 1883 չկրցաւ ոեւէ միջոց մը գտնել նոյն պարտքը վճարելու համար, հակառակ իր խղճամիտ աշխատութիւններուն. Երուսաղէմէմն Եսայի պտրքն. ալ Պոլիս եկած կը գործակցէր Յանձնաժողովին` որ դիմած էր կառավարութեան` խնդրելով երեք տարուան համար զինուորական տուրք վճարող ամէն հայ անհատէ տարեկան երեք դահեկանի յաւելուածական տուրք մը գանձել Մար Եագուպ աքչէսի անունով. 1884ին կառավարութիւնը կը հաւանի եւ ըստ այնմ 1885ին Յարութիւն պատրիարքի օրով պէտէլաթը ասքէրիէին հետ կը գանձուի նոյն տուրքը եւ գաւառներէն կը ղրկուի կեդրոնական ելմտական սնտուկը, առանց որոշելու սակայն, Երուսաղէմի անունով գանձուած տուրքերուն հաշիւները. որովհետեւ զին. տուրքին գումարը միշտ մեծ ապառիկներ կ՚ունենար, զգալի չէր ըլլար Երուսաղէմի նպաստին գումարը. եւ կեդր. անտուկէն ալ բան մը չէր կրնար վճարուիլ պատրիարքարանին: Յարութիւն պտրք. 1887ին ելմ. նախարար Գազազեան Յակոբ փաշայի բարեկամութենէն օգտուելով յաջողեցաւ հին հիշիւները քննել տալ եւ հայոց զին. տուրքի վճարումներէն համեմատական մասը յանուն Ս. Յակոբի փոխանցել տալ կառավարական հաշուետումարներու մէջ, եւ այդ հաշիւին մէկ մասը ուղղակի ելմտից նախարարութենէն գանձել. մէկ մասն ալ Երուսաղէմի սնտուկին վրայ փոխգիր ստանալ: Յարութիւն պտրք. 1888ին ալ դեռ Պոլսէն Երուսաղէմ չմեկնած` նոյն հաւաքուած տուրքերէն 31. 000 լիրայի հէվալէներ կ՚ստանայ վճարուելու համար Հալէպի, Երուսաղէմի եւ Պէրութի կայս. անտուկներէն. Յարութիւն պտրք. այս եւ այսպիսի խնդիրներուն պատճառաւ Պոլիս կը մնայ մինչեւ 1888, եւ կը մեկնի թոլսէն 1889 Մայիս 10ին, արտասովոր հանդէսով. Մայիս 20ին Երկրորդ Ծաղկազարդին փառաւոր հանդէսով կը մտնէ Երուսաղէմ. իր ուխտը կը կատարէ եւ կը բազմի Ս. Յակոբի Աթոռը եւ Մայիս 30ին կ՚ոկսի վարչական գործերու: Աթոռական գործերու կարգադրութեան համար կ՚ստիպուի ուղեւորիլ Պոլիս 1893ին, եւ 1894ի սկիզբը Ս. Յակոբ կը վերադառնայ: Կը վախճանի 1910ին եւ կը թաղուի ի չարս պատրիարքաց Ս. Փրկչի վանքի մէջ: Ի նպաստ Ս. Յակոբի իր անձնական ծախքով մթերանոցներ շինել տուած է Յոպպէի եւ Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծ եւ հոյակապ հիւրանոց մը որ այժմ կը կոչուի Վեհաշէն, որուն արդէն վերեւ ակնարկեցինք: Յարութիւն պտրք. դարձեալ իր ծախքով շինել տուած է Ս. Փրկչի վանքին պարիսպները. ինչպէս նաեւ Ս. Թորոս եկեղեցիին մէջ հաստատած է Ս. Յակոբի ձեռագիրներու մասնաւոր դարակները: Տեսնել իր ընդարձակ կէնսագրութիւնը:   

Արաքս. 1887

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԿ. ԳՈՆԻԱՑԻ

Մբ. 1822ին. Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Աղբիւր բացեալ ձեռագիրը:

ՄՁ. Թ. 1780

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԿ. ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ձեռագիր Տաղարանի մը մէջ (Տաշ. Ցուց. Թ. 514) Յարութիւն սարկաւագ կը յիշատակուի այնպէս. «Յարութիւն սարկաւագ Սրբոյ Երուսաղէմի Էքսէրճեան Բիւզանդացւոյ»: Նոյն Տագարանին մէջ (էջ 986) յիշեալ սարկաւագը ունի զանազան քերթուածներ: Յարութիւն սարկաւագ Մինաս Ամդեցիէն սարկաւագ ձեռնադրուած է (Չամչ. Գ. 748) ինչպէս կը հասկցուի հետեւեալ տողերէն. «Սորա (Մինաս ՊԵ. ) սարկաւագ էր Յարութիւն Բիւզանդացի. Էքսէրճի օղլու ասացեալ. այր բազմահանճար. որ յօրինեալ զբազում երգս եւ ոտանաւորս հայերէն եւ տաճկերէն, որոց յոլովք զօդեն զանուն նորա»:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԱՏԱՆԱՑԻ

Մբ. խոստ. կը վախճանի 1811ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. 1842ին (կնիքը 1842):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. 1744ին. կնիքը ՌՃՂԳ (=1744):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԱՐԵՒԵԼՑԻ

Մբ. կը վախճանի 1819ին Երուսաղէմի մէջ, իր տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան հանգստեան Արեւելցի Յարութիւն վրդ-ին որ հանգեաւ ՌՄԿԸ (=1819) ԺԵ. Դեկտեմբերի»:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. Առ. Եգիպտոսի (1793-1800):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԳԱՂԱՏԱՑԻ

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին նուիրած է սկիհ մը:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԵՐԿԱՅՆ, ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ

Մբ. փոխանորդ (1822-1826):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԷՏԻՐՆԷՑԻ

Մբ. իր նուիրած յիշատակներուն համար տե'ս (ՄՁ. Թ. 532):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԹՕՓՐԱԳԳԱԼԷՑԻ

Մբ. խոստ. արանց վախճանած է 1830 սեպտ. 27ին: Իր տապանագիրն է հետեւեալէ. «ի յայս տապան կայ հանգուցեալ Սրբոյ Աթոռոյս բազմաշխատ Թօփրախղալէցի արանց խոստովանահայր Յարութիւն վարդապետին որ հանդիպիք զողորմին. 1830 սեպ. 27»:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԽԱՍԳԻՒՂՑԻ

Մբ. ՏՅ. 1793ին. կը վախճանի 1800ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ԿԻՊՐՈՍՑԻ

Մբ. 1737ին. Նւ. Ռումանիոյ. ըստ կոնդակի Գրիգոր պտրք-ի Շղթայակիրի:

ՄՁ. Թ. 532 իր մասին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՄԱՐԶՈՒԱՆՑԻ

Մբ. Ձռ. 1842ին. վարած է Յոպպէի ժամարարութիւնը եւ տեսչութիւնը. յետոյ դարպասընկալ. կը վախճանի 1876ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՄԱՐԱՇՑԻ

Մբ. Նւ. Ամիդի 1733ին կը վախճանի Չնքուշի վանքին մէջ եւ կը թաղուի հոն: Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ թողած է արծաթեայ սկիհ մը եւ կանթեղ մը. վերջնոյս համար:

ՄՁ. Թ. 532

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՄԱՐՋԱՆԵԱՆ, ՇԻՐԱԿԵՑԻ

Առ. Սեւանի (1861-1870). հրաժարելով իր պաշտօնէն ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. յետոյ կը վերադառնայ Սեւան եւ հոն կը վախճանի 1896ին:

Ազգգր. Հան. էջ 66

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. Լիմ Անապատի. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. նոյն Անապատի վրդ-ներէն Կէնճէցի Յովհաննէս եւ Յակոբ 1749ին Յարութիւն վրդ-ի տրուած յանձնարարականին միջոցաւ նախ խնդակցութիւն կը յայտնեն Նալեան Յակոբ պտրք-ի որ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ընդունած է եւ յետոյ կը խնդրեն որ մեծավաստակ Յարութիւն վրդ-ի նուիրակութեան կոնդակ մը տրուի: Յովհաննէս վրդ-ի կնիքի թուականն է ՌՃՀ (=1721). Յակոբ վրդ-ինը ՌՃՂԲ. (1743):

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. Ձռ. 1692ին Ամդեցի Մինաս պտրք-էն Ս. Յակոբի մէջ:

Տե'ս Մինաս պտրք-ի Օրագրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Թօգատի 1795ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Վրաստանի 1792ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԱՆՏՐՄԱՑԻ

Մբ. Ձռ. 1742ին. Նւ. Կարնոյ (1769-71): Յարութիւն վրդ. իր նուիրակութեան պաշտօնը կը յիշէ Դիոնեսիոս Արիսպագացւոյն ձեռագիրին (ՄՁ. Թ. 2619) յիշատակարանին մէջ. իր հետեւեալ ինքնագիր ծանօթագրութիւնովը. «ես տրուպս յամենայնի Յարութիւն վարդապետս. եւ ծայրագոյն նուիրակ Սաղիմայ. առաքեալ ի քաղաք Կարին… բազմատենչ ընձմամբ… մատենի Սրբոյն Դիոնեսիոսի. եւ ո'չ գտանէի ընտիր օրինակ» (C. G. էջ 22): Յարութիւն վրդ. յետոյ 1772ին Ստեփանոս Լեհացիին թարգմանութենէն օրինակել կուտայ զայն իր աշակերտին` Կարնեցի Յովհաննէսի ձեռքով: Նոյնը յետոյ իր արդիւնքովը կ՚ստանայ 1774ին Հնդկաց նուիրակ Յովհաննէս վրդ. Համատանցին: Այդ ձեռագիրը կը գտնուի այժմ Բրիտ. թանգարանին մէջ (Անդ. էջ նոյն): Յարութիւն վրդ. 1743ին Ս. Յակոբի մէջ ընդօրինակած է նաեւ Զէն ընդդէմ է. գլխեան վիշապին եւ Մեկն. Սաղմոսաց Դաւթի գիրքը:

ՄՁ. Թ. 701

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԱՐՈՆԵԱՆ, ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՑԻ

Մբ. Ծ. 1862ին. անտիական հասակին մէջ կը կորսնցնէ մայրը, եւ հօրը` Ղուկասի հետ կ՚ուղեւորի Պոլիս 1871ին. ժամանակ մը կ՚աշակերտի Օրթագիւղի, Պալատի եւ Ղալաթիոյ վարժարաններու մէջ: 1885ին կը մտնէ Ս. Յակոբի ժառ. Վարժ-ը եւ ընթացաւարտ կ՚ըլլայ 1888ին: Նախ օգն. դիւանապետի եւ յետոյ կը կարգուի դիւանապետ պատրիարքարանի (1889-1914). Ձռ. 1892ին. ուսուցիչ գեղագրութեան, կրօնի եւ այլ ճիւղերու Ժառ. վարժ-ի մէջ (1902-1906). անդամ գանձատան մասնախումբի 1905է սկսեալ, շատ անգամներ անդամակցած է Տն. Ժողովի եւ մինչեւ ցայսօր կը մնայ նոյն պաշտօնով: Յարութիւն վրդ. ունի ընդօրինակութիւններ եւ գծագրութիւններ, մասնաւորապէս ինք կը պատրաստէ հանգուցեալ միաբանաց տապանագիրներու գծագրութիւնները:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՍԱՀԱԹՃԵԱՆ, ԱՄԱՍԻԱՑԻ

Մբ. Առ. Դամասկոսի. 1834-1842:

Վրթ. ՄՁ. անթիւ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Մբ. կը միաբանակցէր 1793ին:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԷԵԱՆ, ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Մբ. նախապէս միաբան Արղնու վանքին. յետոյ կը միաբանակցի Ս. Յակոբի վանքին եւ կ՚ընտրուի Առ. Դամասկոսի, ուր եւ վախճանի 1845ին, ինչպէս յայտնի է իր տապանագիրէն: Լատինք Բեթղեհէմի մէջ 1814ին Հայոց եկեղեցիին մէջէն Ս. Այրը իջնելու համար դուռ մը բացած էին ապօրէն կերպով. հայերը բողոքեցին այդ ապօրինութեան դէմ. Լատինք այդ առթիւ կոիւի բռնուեցաւ Հայոց հետ եկեղեցիին մէջ: Տեղի ունեցած այն շփոթներու մէջ Յարութիւն վրդ. երբ տակաւին պարզ միաբան մըն էր, ծանրապէս վիրաւորուեցաւ:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՍԿԻՒՏԱՐՑԻ

Մբ. 1803ին Ճառաճի:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.

Մբ. ՌՃՁԸ (=1739) թուին, Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Մաշտոց մը (ՄՁ. Թ. 676) Գաբրիէլ եպս-ին համար:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՎԱՀՐԱՄԵԱՆ, ՕՁՆԵՑԻ

Մբ. ? Երուսաղէմի նուիրակ Ալիքսիանոս վրդ-ին գործին դիւրացման եւ արդիւնաւորման համար մեծ ջանքեր ըրած է. մհտ. Գրիգոր Թահիր Քալանթարեան Ղարաքիլիսէէն նամակով մը (1814 Մայիս 15) այս պարագան կ՚իմացնէ Երուսաղէմի պտրք-ին. եւ Յարութիւն վրդ-ին համար կը խնդրէ օրհնութեան գիր մը. մհտ. Գրիգոր նոյն նամակին վերջը Յարութիւն վրդ-ի համար կ՚աւելցնէ հետեւեալ տողերը. «յատուկ այր Աստուծոյ է եւ հարազատ սբ. Երուսաղէմայ»:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ (Մէզէրէ)

Ծ. 1853 Մարտ 13ին. աւազանի անունը Կարապետ. 1873ին աշկ. Ժառ. Վարժ-ի, ուր կը մնայ չորս տարի, իր Երուսաղէմ գալէն առաջ 1867ին արդէն ամուսնացած էր Խարբերդի մէջ: 1877ին քահանայ կը ձեռնադրուի Երեմիա արքեպս-էն իր ծննդավայրի գիւղին Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին վրայ. կը մեկնի Երուսաղէմէն ու երեք տարի կը պաշտօնավարէ իր գիւղի եկեղեցիին մէջ, նոյն ատեն տեղւոյն աղջկանց վարժարանի տնօրէնի եւ ուսուցչի պաշտօնները վարելով: 1880-1896 կը մնայ Ակն, ուր հինգ տարի ուսուցչութիւն ալ կ՚ընէ եւ ապա կը կարգուի առ. փոխանորդ եւ տեղապահ: 1892ին իբրեւ պատգամաւոր որ Ակնայ, կը մասնակցի Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսական ընտրութեան: 1896ին կը փոխադրուի իր ծննդավայրը ուր կը մնայ չորս տարի, 1898ին ազգին եւ միսիոնարաց կողմէ կը կարգուի նպաստաբաշխ Խարբերդի գաւառին եւ Դաշտի գիւղերուն: 1900ին Ամերիկա մեկնելուն առթիւ, երբ Աղեքսանդրիեյէն կ՚անցնէր կը հրաւիրուի հոն քահանայագործել, ուր կը մնայ հինգ տարիի չափ, վերջին չորս տարիներուն` իբրեւ աւագերէց եւ փոխանորդ. 1905 փետր. 11ին նոյն կրկնակ պաշտօններով կը փոխադրուի Գահիրէ եւ 1911ին անձնական տկարութեան պատճառաւ կը հրաժարի երկու պաշտօններէն ալ: Եգիպտոսի մէջ միշտ եղած է եկեղց. երեսփոխան եւ անդամ Կրօն. Ժողովոյ: Կը վախճանի 1920 Օգստ. 20ին Գահիրէի հրէից հիւանդանոցին մէջ, ուր փոխադրուած էր օր մ՚առաջ. թաղուած է Մարմինայի գերեզմանատունը:

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀ. ՍԵՐՈՎԲԷԵԱՆ ՂԱԼԱԹԻՈՅ, ԳԱԼՈՒՍՏ ՎԱՐԺԱՊԵՏ Տ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱՄԴԵՑԻ

1856ին Պոլսի վարչութեան կողմէ իբր հրաւիրակ կը ղրկուին Ս. Յակոբի վանքը. Յովհաննէս պտրք-ը Պոլիս առաջնորդելու համար. բայց պատրիարքին տկարութեան պատճառով, հետեւեալ տարին 1857ին ձեռնունայն կը վերադառնան Պոլիս: Յովհաննէս պտրք. այս ացելութեան առթիւ, Յարութիւն քհ-ին կ՚ընծայէ Փիլիպպոս Առաքեալին մասունքը. խաչի մը մէջ զետեղուած:

 

ՅԵԱՒԼՉԻ? (Մհտ. ) ԵՒ ԿԵՆԱԿԻՑՆ ՄՀԿԻՒԼՊԻՔԱՅ?.

Ս. Էջմիածնի միաբան Խաչիկ վրդ. Տատեանի Պարսկաստանէն բերած հնութիւններու մէջ կը գտնուի արծաթէ գործած ծոցուրարմը չորս պատկերով. որք են. Ս. Պօղոս, Ս. Պետրոս Առաքեալները. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Գրիգոր Աստուածաբան. ամենուն ալ տարազները նախշուն եւ կարմիր. կը թուի թէ մհտ. Յեաւլչի եւ իր կողակիցը այս ուրարը շինել տուած են Ս. Յարութեան տաճարին համար, բայց անծանօթ կը մնայ թէ ինչպէս այս ծոցուրարը գտնուած է Թաւրիզի Բերդաթաղի Աստուածամօր եկեղեցիին մէջ: Ուրարին յիշատակարանն է հետեւեալը. «Յիշատակ է ուրարս մահտասի Յեաւլչիին եւ կենակցին Մհկուլպիքային, եւ ծնողացն եւ զաւակացն, եւ ամենայն զարմացն ի դուռն Սուրբ Յարութեան Թվ. ՌՃԺԴ (=1665)»:

Արարատ 1895. էջ 314

ՅԵՍՈՒ ՎՐԴ.

Մբ. 1841ին կ՚ընտրուի առաջնորդ Սեբաստիոչ վիճակին եւ Ս. Նշան վանքին:

Հայ Վանքեր. էջ 105

ՅԻՍԷ ՈՐԴԻ ՍԱՐԳԻՍ ԵՐԻՑՈՒ

ՄՁ. Թ. 1950 ձեռագիր Աւետարանը ունի յիշատակարան մը որ է հետեւեալը. «Ես Յիսէ որդի Սարգիս Երիցուն որ տվի զԱծաբան. աւետարանս յԵրսղմ. ի Ս. Յակոբ յիշատակ իմ հաւրն Սարգիս երիցու եւ իմ մաւրն Աղբերացին որ յԱծ. են հանգուցեալ. եւ Յնսէն եւ իմ քոյրն Մարիամս, որ տվաք մեր սրտի կամաւք եւ յօժարութեամբ զարծաթապատ աւետարանս, յիշատակ մեզ եւ մեր ննջեցելոցն եւ մի ոք իշխեսցէ հանել զաւետարանս ի Ս. Յակոբայ» (նզովք):

Խապ. Ցուց. տետր. Բ. էջ 105-6

ՅՈՎԱԿԻՄ (ՄՀՏ. ) ԹՕՓՍԱԳԱԼԵԱՆ, ՏՐԱՊԻԶՈՆՑԻ

Ծ. 1840ին. 1885ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. ապա կը մեկնի Կիպրոս եւ Պէրութ. ուր կը վախճանի 1902ին: Մհտ. Յովակիմ իր 400 գաղ. ոսկւոյ հարստութիւնը կը կտակէ Ազգ. Հիւանդանոցին. իսկ իր սենեակին կարասիներուն արժէքը կը թողու Ս. Յակոբի վանքին

Ընդօր. 1904

ՅՈՎԱԿԻՄ ՊԵ. ՔԱՆԱՔԵՌՑԻ (ԵՐԵՒԱՆ)

Կը կոչուի Ծովածին, վասն զի կը պատմուի թէ` առաջին անգամ Երուսաղէմ գալուն` Յոպպէի առջեւ ծովը կ՚իյնայ քովը գտնուած ձեռագիր Աւետարանին հետ, բայց կ՚ազատուի եւ անունը կը գրուի Ծովածին: Շղթայակիրի վերջին աշակերտներէն էր եւ անոր վերջին տարիներուն կ՚ընտրուի Առ. Եգիպտոսի. կը ձեռնադրուի եպս. 1762ին. եւ Նւ. Տիգրանակերտի. ՓԿԵ (1764-1775). ՊԵ. (1775- @1793). 1792ին կը թղթակցի Վրաց Հերակլ Բ. կայսեր հետ (Սաւալան. էջ 961-972): Յովակիմ պտրք. իր ծախքով 1787ին Պոլսի մէջ տպագրել կուտայ Ս. պատարագի Խորհրդատետրը. իր տապանագիրը` հետեւեալն է` զոր ինք գրած է.

«Այս է տապան հանգստեան

Յորժամ յայտնի նշան տէրունեան.

Զի մի' դարձի տնանկն ամաչեցեալ.

Որ եմ ի ներքոյ վիմիս թաքուցեալ

Յովակիմ պատրիարգ յորջորջեալ

Եւ Ծովածին կոչեցեալ.

Ձեռամբ իմով շարադրեալ.

Առ Տէր Յիսուս գընացեալ.

Ի թուին ՌՄԽԲ (=1793), եւ Սեպ. ԻԵ»:

 

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ.

Մբ. ՄՁ. Թ. 23 ձեռագիրին յիշատակարանին համաձայն Յովակիմ վրդ. 1743ին տեսուչ կարգուած է Ռամլէի վանքին: Յիշատակարանն է հետեւեալը. «Ես մեղապարտ Յովակիմ վրդ. եկի այս Ս. Գէորգայ ամենագեղեցիկ վանքս առաջնորդ յռէիզ հրամանաւ Սրբազան վեհին մերոյ Տեառն Յակոբայ իմաստնազարդ եւ գերընտիր պատրիարքին. թվին ՌՃՂԲ (=1743) ամին, ապրիլի ի. օրն»:

Խապ. Ցուց. էջ 15

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ.

Մբ. 1793ին ՏՅ.:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. 1215ին Երուսաղէմի մէջ կ՚ընդօրինակէ Ճառընտիր մը. Յովհաննէս ճգնաւորին համար. նոյն ձեռագիրին յիշատակարանին կարեւոր մասերը կ՚ընդօրինակենք հոս. «Յամի վեց հարիւրորդի վաթսըներորդի եւ չորորդի ամի շրջաբերութեան հայոց տումարի (=1215) եւ ի թագաւորութեան հայոց Լեւոնի, ի վերջացեալ եւ ի նուազեալ դառն ժամանակի, յաւուրս աստուածապատիւ եւ հոգեւոր տեառն Յովհաննէսի Հայոց կաթողիկոսի. յաշխարհս Պաղեստին ի մէջ գերութեան Երուսաղէմի, առաքելական աթոռոյս… արդ` ցանկացող եղեալ այսմ գեղեցիկ աստուածային տառիցս. ճգնաւոր ոմն` անուն Յովհաննէս. հանդերձ քեռբ իւրով կրաւնաւոր կարգաւ. եւ բարի անուն ստացեալ` յանձինս իւրեանց ունել զվանս արտաքու Երուսաղէմի, հանդէպ Սուրբ Սիոնի ի վերայ ճանապարհին Բեթղեղէմի. որ է լեալ հանգստարան Ս. Աստուածածնին, մինչ գայր  յընծայումն ի տաճարն աստուածացեալ մանկամբն Յիսուսիւ Քրիստոսիւ, վասն այսորիկ բարի անուն եւ ընտրեալ քահանայն Գէորգ կանգնեաց զտաճարն սուրբ եւ անուանեաց յանուն սուրբ Աստուածածնի, յիշատակ նորա օրհնութեամբ. նմանապէս եղբօրորդի իւր Յովհաննէս, զոր վերագոյն յիշեցաք ընկալաւ զսա բարեաց յիշատակ եւ բարեխօս առ Աստուած` իւրեանց եւ ծնողաց իւրեանց եւ աւանդեցին ի Ս. Աստուածածին գանձ անկողոպտելի, ի վայելումն շնորհազարդ որդւոյ իւրեանց Գրիգորոյ սարկաւագի եւ այլ կաւնաւորաց եւ քահանայից:

Արդ աղաչեմք զամենեսեան` որք աւկտիք ի սմանէ ընթերցմամբ կամ գաղափար առնելով, սրտի մտօք յիշատակեսջիք զստացողք սորա զՅովհաննէս եւ զքեռ իւր զՏիկներես. եւ զժառանգաւոր նոցունց Գրիգոր սարկաւագ. եւ զԳէորգն զգնացեալն առ Քրիստոս. եւ զվերջին աշխատողս եւ զգծողս եւ զկապողս Յովան` զվերջացեալս յամենայն բարեաց եւ խոչորութեանս (գրոյս) անմեղադիր (լեր)ուք…»:

Սրգս. Ցուց. Բ. հատ. էջ 144. Թ. 1553, նաեւ մեր յօդուածը Սիոն. 1927, էջ 109-112

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. 1386ին Լեռնակողման Հայոց Ս. Կարապետ վանքին կը նուիրէ ձեռագիր մը (ՄՁ. Թ. 89), ինչպէս  յայտնի կ՚ըլլայ սա յիշատակարանէն. «… յիշեսջիք զվերջին զստացաւղ սորայ զՅովանէս աբեղայս. որ զգիրքս գնեցի ի տէր Գրիգորէ որ ի Սսէ. եւ դարձեալ տուի ի Լեռնակողմն ի յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց ի թուին ՊԼԷ» (=1386):

Տե'ս Սիոն, 1927, էջ 263-267, մեր յօդուածը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. 1448ին, Լեռնակողման հայոց Ս. Կարապետի վանքին մէջ կը կազմէ Յասմաւուրք մը (ՄՁ. Թ. 1822) եւ կը գրէ. «կազմեցաւ այսմաւուրքս Լեռնակողման վանսն Ս. Յովհաննու Մկրտչին, ձեռամբ սուտանուն Յովհաննէս անուամբ աբեղայի ի թվին ՊՂԷ…» (Սնդ):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ:

Մբ. ՊԿԸ (=1419) թուին, Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Ներսէս Շնորհալիի Յիսուս որդի ձեռագիրը (Էջմ. Ցուց. էջ 171. Թ. 1488): Նոյն ձեռագիրը ընդօրինակուած է ՊԽԶ (=1397) թուին Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ ուրիշ կրօնաւորի մը ձեռքով. ձեռագիրին վերջը գրուած են զանազան ճառեր:

Էջմ. Ցուց. էջ 171. Թ. 1492

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ. ՂԱՐԱՍՈՒՑԻ

Մբ. ՌՃԼԱ. (=1682)ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ մագաղաթեայ Խորհրդատետր մը եւ յիշատակ կուտայ նոյն վանքին:

Ցուց. Պ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԲ. ՄՇԵՑԻ, (Առընչվանք գիւղէն)

Մբ. Ս. Յակոբի Աբեղաթաղին մէջ 1735ին ի յիշատակ շինել կուտայ սենեակ մը «Յիշտկ. է օտայս Մշեցի ի գիւղէն Առընչվանից Տէր Յվնս. Ճգնւր. Աբեղային եւ ծնողաց եւ եղբարց եւ ամ. զարմից նորա ի Ս. Յկբ… ի թ. ՌՃՁԴ (=1735). յիշեցէք, Ած. ողորմի ասացէք ամէն»: Ս. Յակոբի իր յիշատակի մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ. ՄՈԿԱՑԻ

Մբ. քսան տարի փակակալ Ս. Փրկչի, 1651ին ի խնդրոյ իր հօրեղբօր, համանուն Յովհաննէս վրդ-ի. Ս. Փրկչի վանքին մէջ ընդօրինակած է Հարանց Վարք մը: Հայրը Պաշարաթ, մայրը` Նախինազ. եղբայրը` Տէր Մելքիսեդեկ. քոյրեր` Ջանաղ, Գոզալ, եւ Փաշ. Յովհաննէս Աբ. Մոկացին իրեն համար կը գրէ. սպասաւոր Ս. Փրկչին եւ լուսարար Ս. Կափարիչին վիմին եւ բանտին Յիսուսի. նորոգած է Սահակ վրդ. Ղրիմցիին մեծ Ճառընտիրը (ՄՁ. Թ. 73) եւ յիշատակարանի մը մէջ 1641 թուին, գրած է Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրի ձեռքով Ս. Փրկչի վանքին պարիսպներու վերաշինութիւնը եւ այլն.

228 թ. ձեռագիրին յիշատակարանին մէկ մասը կ՚ընդօրինակենք իր շահեկանութեանը համար. «… նախ եւ յառաջ վարդապետին Լեհու եկած Յովհաննէսին, զխոնարհութիւնն յանձն առեր եւ ժամարար հետ իւր կարգին: Եւ զտէր Թորոս եպկս. որ չէ եղեր նման նմին, զգաստ եւ արթուն մէջ գիշերին. յոտն է կանգնած մէջ տաճարին, ժամարար եւ ժամասող ոչ վերջանայ իւր կարգէն: Աւնօփրիոս եպսն. իմաստուն եւ առաքինին եւ նուիրակ առաքեցին, չէ չասաց ամենեւին: Եւ զտէր վարպետն Մշեցին ժամանակից է յայս տեղին, արթուն եւ զգաստ գիշերային եւ ժամասաց մէջ տաճարին: Եւ զՄանուկն Բաղիշեցին, հայրպետ եղեւ միաբանին. հեզ եւ խոնարհ եւ հնազանդ եւ խնամող զամենասեան, ոչ եթող կարօտութիւն միաբանացն ամենեւին, զինչ էմիշ որ յառաջ գայր. գնէր բերէր ի սեղանին: զտէր Յովհաննէս Վանեցին եւ զտէր Բաղդասար Յղուեցին, խոստովանահայր ժամանակից մեղսաքաւիչ ժողովրդեան: Եւ զտէր Մինաս ծերունին, սպապաւոր Ս. Հրեշտակապետին. զտախտերն ամէն նոր սալարկեց. ո'չ վերջանայ իւր բանէն. տէր Դաւիթ Մոկացին, որ նուիրակ առաքեցին, խոնարհութեամբ յանձն էառ. չէ չասաց ամենեւին. զտէր Ղուկաս քաջ եւ արին, կանգնած յառջեւ մեծաւորին, ջուապ կուտայ ամենեցուն, ոչ վախենայ ամենեւին: Զտէր Նիկաւղոս երիտասարդ, հասակաւ երեսնամին, փակակալ եկեղեցւոյն եւ սպասաւոր մէջ տաճարին: Եւ զԱւետիս Մշեցին սպասաւոր յարջեւ նորին, զկանթեղներ կու վառէ, ո'չ վերջանայ ամենեւին: զտէր Կիրակոս քաջ եւ արին, տէր Սամուէլ Բելուեցին, տէր Յովհաննէս նորընծայ` աշակերտ վարդապետին: Տէր Յովհաննէս Մոկացին իմ հարազատ եղբօրորդին, զգիրքս գրեց եւ աւարտեց, որ չէր եղեր նման նմին: Տէր Յովհաննէս Խիզանցին հեզ եւ խոնարհ է առանձին. գրագիր եւ ծաղկարար, յայսմ վերջին ժամանակին: Զհարանց վարքս ոսկով ծաղկեց, գոյն զգունով երանգ դեղին, կազմեց զինքն եւ նորոգեց եբեր յարջեւ մեծաւորին: Տէր Մարտիրոս ժամարար եւ աշակերտ վարդապետին: Տէր Սարգիս գրագիր եւ ծաղկարար, է առանձին: Տէր Սիմոն նոր եկած եւ ժամարար էհետ կարգին, սոքա գ. են ժամարար եւ աշակերտ վարդապետին: Եւ զՄինասն երիտասարդ հասակաւ ի. ամին, հեզ եւ խոնարհ եւ հնազանդ եւ սպասաւոր վարդապետին: Տէր Սիմէոն ծերունի` միաբան է Ս. Փրկչին: Տէր Խաչատուր Ս. Ծննդեան, Տէր Աստուածատուր հետ նորին: Եւ զտրց. Գասպար անուն սպասաւոր է հետ նոցին: Մահտեսի Մարկոս ծերունին ժամանակից է յայս տեղին. սպասաւոր Ս. Յարութեան Գ. քահանայ այլ հետ նորին. Բ. Սարգիս Ստամպոլցի, եւ Գրիգոր Տաթեւացին, Ալիքսան հետ նոցին. Դ. են դպիր սուրբ սեղանին, եւ զԳրիգոր տո~յ տո~յ? մահտասին. ժամանակից է ծերունին, որ նուիրակ առաքեցին չէ չասաց ամենեւին: Եւ Սարգիս յալպեցին ժամանակից է յայս տեղին, թարճիւման է եւ սպասաւոր զինչ բան լինի կու կատարի: Եւ Ստեփանոս Մոկացին որ հնազանդ յամէն տեղին, վերջանայ իւր բանէն ինչ որ ասեն կու կատարի: Տէր տայ արքայութիւն տէր Աստուածատուր վարդապետին. միաբանք խիստ շատ են. երբոր թուենք նալ. են. իդ. քահանայ. լզ. աշխատողք են. մասն ունին ամք ինչ պատարագ որ մատուցին, եւ յետ աստեաց ելանելոյն հանգչին ի դասս յաջակողմին: Եւ աբեղայս եմ Մոկացի զայս քանի բանքս յարմարեցի, գործս շատ խիստ աւելի. իսկի չունիմ հանգիստ տեղի…»: (Խապ. Ցուց. էջ 360): Հաւանաբար իր գրչին արդիւնքն է Ս. Յակոբի վանքին պատկերազարդ մէկ աւետարանը ընդօրինակուած Մոկսի մէջ ՌՁԶ (=1637) թուին եւ յիշատակարանին մէջ նկարագրութիւնը կ՚ընէ Ս. Երուսաղէմի հայոց մէկ քանի վանքերուն եւ գիրքը կը նուիրէ Ս. Փրկչի վանքին:

Խապ. Ցուց. տետր Դ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ. ՏԱՐՈՆԵՑԻ

Մբ. օգնկն. Րումելիի Նւ. Գաբրիէլ եպս-ի, կը յիշատակուի 1775ին:

ՄՁ. Թ. 664

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. ՊՀԳ (=1424)թուին Ս. Յակոբի մէջ կ՚ընդօրինակէ Սարգիս Գիրքը եւ յիշատակ կուտայ Ս. Փրկչի վանքին. շահեկանութեանը համար կը դնենք հոս յիշատակարանը. «… արդ գրեցաւ սուրբ տառս ի թվին հայոց ՊՀԳ (=1424) ի հայրապատութեան տռն. տէր Պաւղոսի զոր աջն անեղին եւ բազուկն հզաւրին անսասանելի եւ անդրդուելի պահեսցէ զաթոռ հայրապետական: Եւ յառաջնորդութեան սուրբ ուխտիս Եմյ. Տր. Եսայիա եւ Տր. Մարտիրոսի եւ փակակալի Գրիգորիս փիլիսոփայի: Այլ եւ աղաչեմ չլինել մեղագիր խոչորութեան եւ սխալանաց եւ անարհեստութեան սորա. զի ըստ կարի իմոյ յոյժ աշխատեցայ ի սմա եւ գրեցի ի ստոյգ եւ յնտիր աւրինակէ. զի որ աւգտիք ի սմանէ կամ կարդայք կամ աւրինակէք. յիշեսջիք առաջի գառինն Քի-ի ժամ Ս. Պատարագին ի մաքրափայլ եւ ի սուրբ յաղաւթս ձեր զփծուն գրիչս զՅովհաննէս լոկ անուն աբեղա եւ զծնողս իմ եւ զամ. արեան մերձաւորքն իմ զհանգուցեալ. ընդ նմին զրաբունի վարդապետքս մեր զհեզահոգի Արիստակէս եւ զՄելքիսէթ. եւ զՅակոբ ճգնաւոր աբեղայ եւ զՅովհաննէս վարդապետ աբեղա. որ ի յորդորելն աւգնական եղեն եւ ի խազելն: Եւ զկուսակրաւն աբեղայ զՍիմէոն Մելտինցի որ ծաղկեաց եւ զթղթի կոկողսն եւ զպատուելի եղբայրս մեր զԵնովք քհնյ. զսիրելի ըստ հոգւոյ եղբայրս մեր զԱմինատինն եւ զծնողս իւր եւ ըստ հոգւոյ մայրերս մեր որ սպասասաւորեն մեզ ըստ պիտոյից մարմնոյ…: Եւ արդ ես Յովհաննէս աբեղայս եդի զգիրքս յիշատակ ի Ս. Փրկիչս յիշակատակ ինձ եւ ամ. արեան մերձաւորաց իմոց: Եւ զղէմս իմ յերկիր եդեալ պաղատիմ սպասաւորաց Ս. Փրկչի լուսազարդ տաճարիս. եւ սուրբ կափարիչ վիմիս, եւ սուրբ բանտիս, որ զգիրքս լաւ պահէք եւ խնամով պահէք եւ դուք ալ արժանաւորիք մասին ժառանգութեան սրբոցն ի լոյս…»:

ՄՁ. Թ. 67. Խապ. Ցուց. էջ 189

ՅՈՀԱՆ ԱԲ.

ՌՄԺԵ (=1766)թուին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Ծաղկաքաղ Մեկն. Սաղմոսաց Ն. Լամբրոնացւոյ ձեռագիրը (ՄՁ. Թ. 711). իրեն սեպհական այս ձեռագիրը իր մահուանէն յետոյ յիշատակուած է Ս. Յակոբի վանքին մատենադարանին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ. ՎԱՆԵՑԻ

Մբ. 1606ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. 1701ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ. ԿԱՐՆԵՑԻ

Մբ. 1810ին Կարնոյ մէջ կը նահատակուին Դըւնիկցի Վառվառէ կոյսը, անոր եղբայրը Գասպար Կարնեցի եւ Մարիամ կարնեցին. ասոնց նահատակութեան ներկայ կ՚ըլլան Կարնոյ նուիրակ Եւդոկիացի Ստեփանոս եպս. եւ Յովհաննէս աբ. այս վերջինը ոտանաւոր ներբողականով մը գրած է այս նահատակներուն պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն երեք տապանագիրները, որոց առաջինը կը վերաբերի երեք նահատակներուն միանգամայն եւ վերջը ունի գրողին հետեւեալ տողերը:

«Ի յաբաղայէ շնորհ ձայնելոյ.

Ի յաւելածուէ Սաղիմայ Սրբոյ

Գրի սա ի սէր քումդ կորովւոյ

Ի փրկչականի էնբառն (=1810)թըւոյ»

Երկրորդը յատուկ նուիրուած է Վառվառէ կուսին եւ տապանագրին վերջը կը գտնուի հետեւեալը.

«Յովհաննէս անուն յոմն աբեղայէ,

Սաղիմայ Սրբոյ ի յաւելածուէ,

Գրի սա ի սէր յընծայեալ սրտէ

Էնբառն ի թիւ որ փրկչականն է»:

Իսկ երրորդը Մարիամ նահատակին տապանագիրն է որուն վերջը յօրինողը գրած է հետեւեալը.

«Յովհաննէս անուն հիւսեաց աբեղայն

Սըրբոյն Սաղիմայ զայս տապանի բան

Ի պատիւ իւր մօր Մարիամ անունա

Յամի էնբառն (=1810)թըւոյ փրկչական»:

Հնվ. Բ. Հատ. էջ 311-313. Արարատ. 1895 էջ 445-452

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԲ.

Մբ. 1354ին. Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Գանձգիրք մը եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը. «փառք… որ ետ կարողութիւն տկար անձին եւ եւ գծողիս Յովհաննէս լոկ անուն աբեղայի հասանել յաւարտ գրոյս, յամի ՊԳ (=1354) թուականիս մերում ի սուրբ քաղաքս Երուսաղէմ. ընդ հովանեաւ Ս. Յակոբայ եւ այլ սուրբ տնաւրինականաց Քի. Այ. մերոյ: Արդ` աղաչեմ եւ յերես անկեալ զամ. դասս քահանայից, որք հանդիպիք. յիշեսջիք ի սուրբ յաղաւթս ձեր զանարուեստ գծողս իմ եւ զայմենայն արեան մերձաւորք իմ»:

Հալէպ. Ցուց. Թ. 119

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔԵՊՍ ԻԼՈՎՑԻ

1375ին եպս. կը ձեռնագրուի Սսոյ մէջ Կոստանդին կթղ-էն. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. 1388ին Թէոդորոս կթղ-ին հրամանով կը մեկնի Երուսաղէմէն եւ պաշտօնանկ Գրիգոր եպս-ի տեղ կը կարգուի արքեպս. Իլովի. 1410ին Բ. անգամ ուխտի կուգայ Ս. Յակոբի վանքը, եղբօրը Յովհաննէս աբեղայի հետ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔԵՊՍ. ՌՇՏՈՒՆԻ

Նախորդ Առ. Կարսի 1868ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ Մարտ ամսոյ վերջերը կը մեկնի Պոլիս (Սիօն. 1868. էջ 46 եւ 95), Յովհաննէս եպս. յետ մահու գումար մը թողած էր. իր յաջորդ Գրիգորիս եպս. Աղուանեան յօգուտ Կարսի ազգ. վարժարանին, նոյն գումարով գնած է Կարս գետի վրայ ջրաղաց մը եւ նաեւ Կարսէն ոչ հեռի Կարակալէ անուամբ գիւղ մը, որ սեփականութիւնն էր Կեսարացի Մհտ. Մկրտիչեանց Յովսէփին:

Լումայ. 1903 105 էջ 62

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԺԻՇԿ

. Դար). իր Երուսաղէմ այցելութեան առիթով հայերէնի կը թարգմանէ Պատմութիւն Սրբոյն Դէոնեսիոսի գիրքը, որուն վերջը կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը. «Այս պատմութիւն Սրբոյն Դէոնեսիոսի ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ էր թարգմանեալ ի յունականէն ի վիսիականն, իսկ ի մերս թարգմանեաց Յովհաննէս Բժիշկ, ՅԻԹ. (=880) թուականիս հայոց. ուրիշ Ճառընտրի մը մէջ. Այս պատմութիւն Դիոնեսիոսի Սրբոյ ի քաղաքս Երուսաղէմ թարգմանեալ երիցու յունական. իսկ ի մերս թարգմանեաց Յովհաննէս բժիշկ. ՅԺԸ (=869), թուաբերութեանս Հայոց»:

Հթն. էջ 382 նաեւ հա. 1913. էջ 643-57

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԷՈՐԳԵԱՆ, ՐՈՒՍՃՈՒԽՑԻ

1871ին Ս. Յակոբի վանքին կը յիշատակէ ոսկիէ կանթեղ:

Ցուց. Պ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ

Մբ. ՉՀԷ (=1328)թուին, Սկեւռայի մէջ կ՚ընդօրինակէ Վարք Սրբոց մը Երուկսաղէմի Ս. Հրեշտակապետի վանքին համար, ինչպէս յայտնի է յիշատակարանէն:

ՄՁ. Թ. 97. նաեւ Խապ. Ցուց. էջ 571

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ «ՇԱՐՊԱԹԵՓԵՑ»

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Վարք Հարանց մը. յիշատակարանն է հետեւեալը. «… շնորհիւ տեառն կատարեցաւ մատեանս աստուածային… ի լաւ եւ ընտիր օրինակէ. ի Ս. Քաղաքս Երուսաղէմ, ընդ յարկաւ Սրբոյն Յակոբայ. ի թվ. ՉՁԵ (=1336), ձեռամբ մեղապարտ եւ անարժան յիշման` եւ ոչ գրչի այլ Շարպաթեփեցի (Յովհաննու)»:

Հթն. էջ 553

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ

Մբ. 1339ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Աւետարան մը. որուն յիշատակարանը կը դնենք հոս. «… աւարտեցաւ Սուրբ աւետարանս յաստուածակոխ քաղաքս Երուսաղէմ. առ դրան Ս. Յակոբայ ձեռամբ մեղապարտի Յովհաննէսի. ի թուականութեան հայոց ՉՁԸ (=1339)»: Ձեռագիրը ունի նաեւ ուրիշ երկու յիշատակարաններ. ՌԿԹ (=1620). ՌՃՂԱ (= 1742):

Լաշա. Ցուց. էջ 197-198. Թ. 4

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ ԽԻԶԱՆՑԻ

1625ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը ուր կը կարղուի քարտուղար եւ կ՚ընդօրինակէ բազմաթիւ ձեռագիրներ. որոնք են. 1 0 Աւետարան մը. որուն յիշատակարանն է հետեւեալը. «Ս: Աւետարանս աւարտ եղեւ ի դառն եւ վշտաշատ ժամանակիս, ձեռամբ յոգնամեղ Յովհան սուտ եւ խաբեբայ Խիզանցոյ… ի Ս. Քաղաքս Երուսաղէմ. ընդ հովանեաւ Ս. Յակոբայ Տեառննեղբաւր Աթոռոյս, եւ Ս. Յակոբայ գլխատանս որդւոյն Զեբեթեայ. ի հայր. Ս. Աթոռոյն տէր Գրիգոր արհուն. ի թուականիս հայոց ՌՀԶ (=1627)… յիշեցէք զՅօհան Հիզանցին եւ զծնողսն իմ զտէր Յովհաննէսն եւ զԱհլին… եւ զտէր Մարտիրոս թղթիս կոկողն. »: Այս ձեռագիրին մէկ յիշատակագրութենէն կը հասկցուի որ` Մարկոս Եպս. Նիկոմիդացւոց 1687ին սոյն գրչագիրն կը նուիրէ Նիկոմիդիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին (Արարատ. 1905 էջ 732-33): 2 0 Շարական ՌՁ (=1631), ուր գրած է հետեւեալ յիշատակարանը. «Եւ արդ գրեցաւ եղանակաւոր տառս, եւ Ածաբան. կտակս եւ խնկալի տուփս, եւ ծաղկաւէտ բուրաստանս. եւ պտղալի դրախտս. եւ քաղցրաճաշակ հոգեղէն կերակուրս որ կոչի Շարակնոց. ի լաւ եւ յընտիր աւրինակէ. որ է խլիկ կոչեցեալ, ձեռամբ բազմամեղ եւ անիմաստ գրչի Յովհան Հիզանցւոյ. գրեցաւ ի Ս. Քաղաքս Եէմ. ի դուռն Ս. Յակոբայ գլխատանս, ի թվ. ՌՁ (1631) ի յառաջնորդութեան Ս. Աթոռոյս Տէր Գրիգոր հայրապետին: Արդ ցանկացաւղ եղեալ սմա մահտեսի Կիրակոս երէց` որ ստացաւ զցանկալի բուրաստանս յիշատակ հոգւոյ իւրոյ` ծնաւղացն` Միքայէլին եւ Ալթընին, եւ եղբարցն եւ ամ. արեանառու մերձաւորացն կենդանեացն եւ ննջեցելոցն. դարձեալ յիշեսջիք զուսուցանողն իմ զՄինաս սրբասնունդն կրաւնաւորն որ բազում աշխատանք ունի ի վերայ իմ ի յուսուցանելն զիս` որոց թողցէ Քս. զյանցանս իւր ամէն: …» (Tisserant թ. 80. էջ 179-170): 3 0 Աւետարան մը. ՌՁ (=1631)թուին, որուն ստացողն է Տօնապետ կամ Տօնիկ, Ս. Յակոբի թարգմանը (ՄՁ. Թ. 1945). 3 0 Հաւաքածոյ մը, 1632ին եւ Քաղուածոյք Մատթէի Աւետարանին, 1633ին Բեթղեհէմի մէջ ընդօրինակուած. նոյն ձեռագիրը կը պարունակէ Գրիգոր Պարոնտէր պտրքի. գործունէութեան յիշատակարանը: Նոյն թուականին դարձեալ կ՚ընդօրինակէ Քաղուածոյք Մատթէոս Աւետարանչին ուրիշ մէկ օրինակը «ի Ս. Քաղաքս Երուսաղէմ ի դուռն Ս. Յակոբայ առաքելոյ գլխատանս, ի հայրապետութեան Ս. Աթոռոյս Տէր Գրիգորին. ի թվին ՌՁԲ (=1633) (Մառ. Ցուց. Թ. 5. Հա. 1892. էջ 111-113): 4 0 Աւետարան մը 1634ին. 5 0 Յայսմաւուրք 1638ին Գրիգոր Պարոնտէր պտրք-ին համար. (ՄՁ. Թ. 1919). 6 0 Աւետարան, ՌՁԹ (=1640)ին Պարոնտէր պտրք-ին համար. 7 0 Աւետարան, ՌՂԳ (1644) Խիզան ընդօրինակուած, Խիզանցիին ձեռքով, եւ նուիրուած Ս. Յակոբի վանքին. այս յիշատակարանի համաձայն. «… նաեւ զեղկելի գրիչս յիշեցէք. որ ի Հիզնա առեալ բերի Համիթ քաղաք. տուի արծաթել ողորմութեամբ Քի. եւ առեալ հասուցի ի Սուրբ Քաղաքս Երուսաղէմ». 8 0 Ճաշոց եւ Աւետարան Ս. Ծննդեան վանքին մէջ ընդօրինակուած. ՌՂԵ (=1646) թուին, առաջինը Պարոնտէր պատրիարքի համար (ՄՁ. Թ. 15). 9 0 Նարեկ մը, ՌՂԶ (=1647) թուին, (ՄՁ. Թ. 1438). 10 0 Աւետարան, Խիզան ընդօրինակուած, նոյնին կողմէն, եւ նուիրուած նախ Ս. Փրկչի եւ ապա Ս. Հրեշտակապետաց, ՌՂԸ (=1649) թուին, 11 0 Տօնացոյց, Շարական եւյլն. 1653ին հետեւեալ յիշատակարանով, «… ձեռամբ Խիզանցի Յովհան գրչի. ի վայելումն որդւոյ իւրոյ Սեթայ, յԵրուսաղէմ, ի Ս. Ծննդեան վանս. ընդ հովանեաւ Ս. Աստուածածնի, ի թվ. ՌՃԲ (=1653). ի հայր. Փիլիպպոսի եւ ի պատր. Եէմի. Տէր Աստուածատրոյ. ի կաթ. Սսոյ Տէր Ներսէսի, եւ Աղթամարոյն Տէր Ստեփաննոս կաթ-ի. «… յիշեցէք զեղուկ գրչակս եւ զհոգեւոր եւ զմարմնաւոր ծնողսն մեր եւ զմիաբան Ս. Ծննդեան ուխտիս, զտէր Պետրոս ժամարարն, զտէր Ղազարն եւ զհերպետ Գասպարն եւ զմիակեց Գասպարն եւ զորդին իմ զփոքրիկ Սէթն, որոյ զՇարակնոցն գրեցի ի վայելում նորա: …» (ՄՁ. Թ. 1403). 12 0 Աւետարան 1655ին, որուն յիշատակարանին կարեւոր մասը հոս կ՚ընդօրինակենք. «… դարձեալ Ած. ողորմի ասացէք ստացողի Ս. Աւետարանիս Յովհաննէս գրչիս որ ի թվին ՌՀԴ (=1625) եկայք ի սուրբ Երուսաղէմ եւ այսքան տարիս զվանաց արհնութեան նամակներն կու գրէաք որ յամ. երկիր կու յուղարկեն ի մխիթարութեան պատճառս, կա' որ ողորմութիւն է յուղարկած, թէ հասաւ ձեր ողորմութիւն, եւ կա' որ յորդորանք է վասն սուրբ տանս դատաստանի? որ գան յերկրպագութիւն լուսաբուղխ սուրբ գերեզմանին եւ ամ. սուրբ տնօրինականացս Քի.: Թվին ՌՃԵ (=1656) աւարտեցի զսուրբ Աւետարանս եւ եդի յիշատակ ի Ս. Ծնունդ ի հայոց վիճակն ի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին…». 13 0 Աւետարան, 1658-60 թուին յիշատակ Ս. Փրկչի (ՄՁ. Թ. 1281). 14 0 Աւետարան 1660ին. 15 0 Շարական, ՌՃԺ (1661). Ս. Ծննդեան տեսուչ Սիմէոն Պարոնտէրի ի յիշատակ (ՄՁ. Թ. 355):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ

1661ին Ս. Երուսաղէմի մէջ կ՚ընդօրինակէ Խորհրդատետր մը (ՄՁ. Թ. 350) ի վայելումն Տէր Գասպարին, հետեւեալ յիշատակարանով. «… Գրեցաւ Խորհրդատետրս թվ. ՌՃԺ (1661) ի Ս. Երուսաղէմ ձեռամբ Յովհաննէս գրչի. ի վայելումն Տէր Գասպարին: Յիշատակ է եւ իւր ծնողացն հոգւոյն, հօրն Սահակին, եւ մօրն Սանդուխտին…»:

Խապ. Ցուց. տետր ԻԷ, էջ 2031

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻՉ ՍԱՆԱՀՆԵՑԻ

Մբ. 1311ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Մանրուսում կոչուած ձեռագիրը եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը. «Գրեցաւ եղանակաւոր տառս որ կոչի Մանրուսում, ի Ս. Քաղաքն Եէմ… ի սուրբ ուխտս Յակոբայ… ի թուին ՊԿ (=1311) ի խնդրոյ Սարգիս աբեղայի… ձեռամբ Յովհեննէս Սանահնեցւոյ… ի լաւ եւ յընտիր աւրինակէ կարապետցոյ?»: Այս ձեռագրին վրայ Մատենախօսական մը ունի Միհրան Յովհաննէսեան:

Հանրագիտակ. 1899. Թ. 59. 64 եւ 67

ՅՈՎՀԱՆ ԳՐԻՉ

Մբ. 1653ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Հաւաքածոյ մը. որ կը բովանդակէ Թովմա Մեծոփեցիին յիշատակարանը. Գրիգոր վրդ. Խլաթեցիին, Ս. Եփրեմի, Անաստաս քհ-ի եւ Ներսէս Շնորհալիի աղօթքները. այս ձեռագիրը որուն մէկ մասը ընդօրինակուած է ուրիշ գրով, այժմ կը գտնուի Փարիզի Ազգ. Մատենադարանին մէջ:

GMA. էջ 43

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԴՊԻՐ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՑԻ

Մբ. ՋԴ (=1455) թուականին կը յիշատակուի իբր նորոգող Աւետարանի մը, որ այժմ կը գտնուի Վիեննայի Մխիթարեանց մատենադարանը, մանրամասնութիւնները տեսնել:

Տաշ. Ցուց. էջ 700-701 թ. 30

ՅՈՎՀԱՆ ԵՐԷՑ

Մբ. ՌՃԻԷ (=1678)ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Ներսէս Լամբրոնացիին Մեկն. Սաղմոսաց գիրքը, ի խնդրոյ Պալատցի Մարկոս աբեղայի (ՄՁ. Թ. 624): 1702ին Գրիգոր Մարզուանցի Մէրճան զատէ կը ծաղկէ նոյն ձեռագիրը եւ նոյն թուականին ալ կը յիշատակուի Ս. Յկբ-ի:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ.

1599ին ձեռագիր Աւետարան մը գերութենէ ազատելով կը կազմէ, եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակագրութիւնները. «… բազում աշխատանաւք ի գերութենէ ազատեցի եւ կազմեցի դարձեալ Ած. ողորմի ասացէք Մղտեսի Գասպարին եւ ծնողացն, որ բազում աշխատանք կրեց հետ ինձ եւ զ. իա. ֆլօրին ինքն ժողովրդովն աւգնեցին ի հետս եւ չարչարանք քաշեց ի հետս ի յանաւրինաց մինչեւ որ ազատեցաք… եւ դարձեալ ծանիք ամենեսեանդ ես Յովհաննէս եպիսկոպոսն յիշատակ արի ի յԵրուսաղէմ Ս. Յակոբա եկեղեցւոյն…: Ի թուաբերութեան տանս Թորգոմեան ի, ոբելեան, չորրորդ քառի, ը. թիւ աւելի (1048=1599) նորոգեցաւ սբ. աւետարանս ի Մսր քաղաք ձեռամբ անարժան Յովհաննէս եպիսկոպոսի եւ յիշատակ եղեւ ի Սբ. Երսղմ. քաղաք Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյն եւ Սուրբ Սարգսին»: Այս Աւետարանը ընդօրինակուած է ՉՁԱ (=1332) թուին, գրիչն Սարգիս, տեղի` Սիս, Տէր` Գրիգոր քհ.: Ձեռագիրը կը կոչուի Ծովէն ելած Աւետարան, որոյ մասին աւանդաբար կը պատմուի թէ բերողը Յոպպէի առջեւ նաւաբեկութեան կը հանդիպի. եւ սակայն Աւետարանը կուրծքին վրայ սեղմած ըլլալով` կ՚ազատի ծովամոյն ըլլալէ:

Խապ. Ցուց. տետր, ժա էջ 842, ժբ 866-67

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ.

Ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրի ժամանակ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ. ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՑԻ (Հաննէ)

Մբ. սարկաւագ 1700ին. Ձռ. 1714 Փետր. 14ին. իր յիշատակարանին համաձայն. (Տե'ս Ալպերտի Աստուածաբանութ. ՄՁ. Թ. 884). աթոռակալ 1717ին. եպս կը ձեռնադրուի Պոլսի մէջ 1726ին Ուլնեցի Կարապետ կթղէն. կը վախճանի 1733ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքին մէջ. իր գործունէութեամբ եւ լեզուագիտութեամբ Շղթայակիր պտրք-ին աջ բազուկը եղած է: Շղթայակիրի եւ Կոլոտի անուններուն հետ յիշատակարաններու մէջ գրեթէ միշտ կը յիշուի Յովհաննէս Հաննէ եպս-ի անունը, իբր վաստակաւոր Ս. Յակոբի. նկարած է եկեղեցական պատկերներ, եւ յօրինած է Պատմ. Ս. Երուսաղէմի անուամբ գիրք մը որ հինգ անգամ տպագրուած է. վերջինը` հայատառ տաճկերէն. նոյն գրքին վերջը Հաննէ գրած է Ս. Տեղեաց վրայ քերթուածներ. ինչպէս նաեւ ունի գովեստ մը (անտիպ) Շղթայակիրին վրայ: (ՄՁ. Թ. 598) ձեռագիրին մէջ կը հանդիպինք իր մահուան մասին հետեւեալ յիշատակարանին. «Ի թվ. ՌՃՁԲ (=1733)ին եւ յունիս ամսոյ ժբ-ին օրն գշբթ. Ս. Դանիէլի եւ երից մանկանցն տօնին առ Ած. փոխեցաւ եղբայրն իմ Հեննէ Յովհաննէս վրդ-ն. որ էր տան որդի Սրբոյն Յակոբայ. եւ աթոռակալ մեծի Գրիգոր վրդ-ի Բաղիշացւոյ. ընթերցողք լի սրտիւ ասացէք Ած. ողորմին. զի կէնճ էր հասակաւն եւ մատղաշ եւ քաղցր տեսօք եւ եդինք մարմին սորա ի Ս. Փրկիչ մեծի Մինաս վրդի. կշտի. զի բ ամ եւ բ ամիս ի մէջ մահճաց տամլայի ցաւ կրեաց. չեղեւ վերջն ազատել այսքան դեղ եւ բժիշկ չեղեւ օգուտ եւ ճար, ախուպեթ ան ցաւով գնաց տէրն ողորմի հոգւոյն…» (Խապ. Ցուց. տետր ԺԸ. էջ 4495):

1733ին Հաննէ վրդ-ի մայրը մհտ. Արզու` իր որդւոյն եւ աղջկան մհտ. Հիլանէի յիշատակին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ ոսկիէ ականազարդ խաչ մը կենայ փայտի մասունքով: (Ցուց. Պ. ). Հաննէի տուած յիշատակներու մասին տեսնել (ՄՁ. Թ. 532): Իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան. բազմաշխատ աթոռակալ Հաննէ Յովհաննէս աստուածաբան վարդապետի եւ արքեպիսկոպոսին Երուսաղէմացւոյ որ ԺԵ ամ զաթոռակալութեան գործն կատարեաց եւ վիշտս բազումս կրեաց ի պարտուց վճարումն եւ ի շինութիւնն. աստուածադիր աթոռոյն սրբոյն Յակոբայ. եւ տարաժամ մահուամբ փոխեցաւ ի Քրիստոս ի թիւ ՌՃՁԲ (=1733) ամին. եւ ի յունիս ԺԱ. եւ մեծ սուգ եթող սիրելեաց իւրոց. որք հանդիպիք եւ ընթեռնուք լի բերանով յիշեցէք. եւ Ած. ողորմի ասացէք նմա. եւ տէր ձեզ ողորմեսցի. ամէն» (նաեւ ՄՁ. Թ. 303. Շղթայակիրին գրչութեամբը):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ. ԿԵՐԵՄՈՎԻՉ (ՄՈԼՏԱՒԻՈՅ), ԻԼՈՎՑԻ

Առ. Իոլվի (1665-1669). ազգական Նիկոլ եպս-ի: Մոլտաւիայէ դարձին, երկար ժամանակ շրջագայած է հայաբնակ գաւառները եւ եօթն տարի մնացած է Ս. Երուսաղէմի մէջ ուր կը ձեռնադրուի վրդ.: Իլովի իր պաշտօնավարութեան շրջանին` թէեւ Հռոմէն թոշակ կ՚ստանար, բայց յարած չէ լատինականութեան, այդ պատճառով ան պաշտօնանկ եղաւ Հռոմէն. մանրամասնութիւնները տեսնել:

Բմհլ, էջ 176-177

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ: ՀԱԼԷՊՑԻ (Ղալէմքեար)

Մբ. որդի Ամիր խօջայի եւ Կիւլիսթանի. ՌՃԼԵ (=1686) թուին, Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Ներսէս Շնորհալի Յիսուս որդի գիրքը. ձեռագիրը յիշատակ կը մնայ Ս. Յակոբի մէջ:

ՄՁ. Թ. 1240

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԺԱՄՀԱՐԵԱՆ, ՇՈՒՇԵՑԻ

1908ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, իր տիկնոջ Կատարինէի հետ. եւ այդ առթիւ Ս. Յակոբի կը նուիրէ 30. 000 ֆր. ի յիշատակ ծանօթ բարերար հանգուցեալ եղբօրն` Իսահակի` որ 1902 Դեկտ. 15ին սպաննուեցաւ Մոսկուայի մէջ: Յովհաննէս Ժամհարեան պայման կը դնէ որ նուիրուած գումարով գնուին անշարժ կալուածներ որոնց տարեկան արդիւնքը պիտի յատկացուէր երկու տարուայ մասնաւոր դասընթացքի մը կրթական ծախքերուն, Ս. Յակոբի Ժառ. վարժ-էն շրջանաւարտ ելլող այն աշակերտներուն համար որոնք պիտի հաւանէին սարկաւագ ձեռնադրուիլ: Ժամհարեանցի այս նուիրատուութեամբ ութ մթերանոցներ շինուած են Յոպպէի մէջ: Կանոնադրուած է որ Ս. Յակոբի տաճարին մէջ Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետի տօնի օրը յատուկ ս. պատարագ մատուցուի ի հանգիստ հոգւոյ Իսահակ Ժամհարեանցի եւ համայն ննջեցելոց նոյն գերդաստանին. (Արձնգր. Տն. Ժողովի, նիստ հգ. 1908. էջ 198-199): Ժամհարեան եղբարք յայտնի բարեգործներ եղած են Կովկաս. հիմնած են հոյակապ հիւանդանոց մը Շուշի. եւ ունեցած են որբանոց մը Կիլիկիոյ մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԹՂ. ՍՍՈՅ, ԱՅՆԹԱՊՑԻ (քաջ երաժիշտ)

1602-1627, Հայրը Յակոբ, մայրը Թամամ (ՄՁ. Թ. 516). աշկ. Սսոյ Ազարիա կթղի. որուն միջոցաւ Երուսաղէմի պարտուց վճարման համար հաւաքուած գումարէն Յովհաննէս Այնթապցին 20. 000 դահեկան անձամբ կը բերէ Ս. Յակոբի վանքը, իր հետ ունենալով բազմաթիւ ուխտաւորներ, եւ մասամբ կ՚ազատէ գրաւի դրուած եկեղեցական անօթները: Հաճութեամբ Դաւիթ պտրքի. պետական ուժով վանքին սենեակներէ դուրս հանել կուտայ այն Մերտինցիները որոնք բռնի գրաւած ըլլալով զանոնք` կը ծանրանային նաեւ վանքին վրայ, շատցնելով անոր պարտքը (Դարանաղցի էջ 321-322, Սաւալան. էջ 665): Յովհաննէս կթղ. 1614ին ուխտաւորութեամբ կրկին կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, շնորհաւորելու համար Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրը. եւ այդ առթիւ ալ Ս. Յակոբի տաճարին մէջ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւն կը կատարէ Ս. Աստուածածնի տեսուչ Ասորւոյ եպս-ին եւ բազմախուռն հաւատացեալներու ներկայութեանկ: Նոզն տարւոյ Աւագ Հինգշաբթի օրն, Ասորւոց եպս-ն ալ, հաճութեամբ Յովհաննէս կթղ-ին եւ պտրքին. իրենց ծիսին համաձայն, Ս. Յարութեան տաճարին մէջ միւռոն կ՚օրհնէ. Յովհ. կթղ-ին եւ Դաւիթ եւ Գրիգոր պատրիարքներու ներկայութեան (Սաւալան, էջ 675): Յովհաննէս կթղ. Այնթապցի գրաց է Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու պատմութիւնը (այժմ անյայտ), ինչպէս կը վկայէ Կիլիկիոյ Աջապահեան Եփրեմ կաթողիկոսը (1771-1785. Տաշ. Ցուց. էջ 358): Այնթապցիին ինքնագիր կենսագրութիւնը կը գտնուի իր Եսայի եւ թուղթք Պաւղոսի խորագրով ձեռագիրին յիշատակարանին մէջ (Տաշ. Ցուց. էջ 394): Իր վարդապետութեան` Սսոյ մէջ ընդօրինակած է 1586ին Մեկն. Երգ երգոցի եւ Քերականութիւն ձեռագիրը, որ կը գտնուի վանքին մէջ (ՄՁ. Թ. 958): Յովհաննէս կթղ. Ատանայէն Սիս գացած ժամանակ ճանապարհին կը հիւանդանայ եւ կը վախճանի ու մարմինը կը փոխագրուի Սիս:

Դարանաղցի. էջ 331, տե'ս իր վարքը. Անդ. էջ 332

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԹՂ. ՍՍՈՅ, ԹԼԿՈՒՐԱՆՑԻ (Տիարպէքիրի հարաւային կողմը)

(1489-1525). Ծ. ԺԵ. դարու կիսուն: Համաձայն յիշատակարաններու Յովհ. կթղ. Թլկուրանցին երկար ժամանակ Ս. Յակոբի վանքը մնալով` անձամբ ղեկավարած է վանական գործերը. վանքին Ս. Թորոս եկեղեցիին Ս. Կարապետ կոչուող պահարանին պատին վրայ կը գտնուի արձանագրութիւն մը խաչքարի վրայ. որուն ծայրը կոտրած է, եւ թուականը անհետացած քանի մը բառերով: Արձանագրութիւնը հետեւեալ կերպով կ՚սկսի. «Յիշատակ է խաչս Յովհաննէս կաթողիկոսին Թլկուրանցւոյն ծնողացն Ղուկասին…»: Ասով կը վկայուի թէ Յովհաննէս կթղ. Ս. Յակոբի մէջ պաշտօնավարած է: 1517ին կը յիշուի դարձեալ Յովհաննէս եպս. մը, որ փոխանորդ Թէբայիտցի Գէորգի մը զեղծումներուն դէմ կը դատավարէ, ու կ՚աշխատի վտարել զանիկա վանքէն. այս դատը կը շարունակուի մինչեւ 1524, եւ ուր ուրեմն Թէբայիտցին կ՚արտաքսուի վանքէն: Նոյն Յովհաննէս եպս. 1529ին դատարանական հէօճէթներու համաձայն կը նորոգէ Ս. Յակոբի եկեղեցին, Ս. Համբարձման տաճարը եւ Ճառները. վանքին արաբերէն դիւանական պաշտօնագիրերէն ալ կը հասկցուի թէ 1532ին Յովհաննէս դատարանի միջոցաւ իր պաշտօնը կը յանձնէ Մերտինցի Աստուածատուր եպս-ին` որ վանքի գործերուն գլուխ կը կանգնի (Ժպե. հատ. Ա. էջ 251-254): Եթէ այս Յովհաննէս եպս-ը Թլկուրանցի կթղ-ին հետ ուզենք նոյնացնել, դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուինք. Թլկուրանցին յիշատակարաններու համաձայն 1525ին վախճանած ըլլալով չէր կրնար 1529ին վանքին մէջ եւ այլուր նորոզութիններ կատարել եւ 1532ին ալ դատարանի միջոցաւ իր պաշտօնը փոխանցել ուրիշի մը. ուստի հաւանական է որ իր յաջորդը` Յովհաննէս Գ. Քիլիսցին ըլլայ` որ կաթողիկոսական հանգամանքովը շարունակած է վանական գործերը եւ վանքին առաջնորդութեան պաշտօնը յետոյ դատարանով յանձնած է Աստուածատուր եպս-ին: Այլ`զանազան յիշատակարաններու լուսաբանութեան համար տեսնել Բաբգէն Ս. եպս. Կիւլէսէրեանի յօդուածները (Սիոն, 1928, էջ 215-16. 269-275. 377-379): Կ՚ըսուի թէ Յովհաննէս կթղ. Թլկուրանցի յօրինած է նաեւ այլեւայլ քերթուածներ

Երեւակ. 1858. հատ. Դ. էջ 232-233

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Խօճայ), ՈՐԴԻ ՅՈՎԱՍԱՓ ԽՕՃԱՅԻ, ԵՐԶՆԿԱՑԻ

1606 թուին ընտանիքով կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: ուր կը մնայ վեց տարիի չափ ու յետոյ կը մեկնի Պոլիս: Խօճա Յովհաննէս Երզնկայի երեւելի ընտանիքներէն էր եւ Պոլսի մէջ ունէր ազդեցիկ դիրք մը. Գրիգոր վրդ. Դարանաղցին կը թղթակցէր անոր հետ:

Դարանաղցի, էջ 361

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՐՕՆԱՒՈՐ

Մբ. փակակալ Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի եւ ջահավառ Ս. Գողգոթային. 1416 թուին Ս. Յարութեան տաճարին մէջ կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը, որուն յիշատակարանն է հետեւեալը. «… Արդ գրեցաւ սա ձեռամբ Յովհաննէս սուտ անուն քահանայի… ի մեծափառ եւ ի գերահրաշ աստուածակոխ քաղաքս յԵրուսաղէմ. ի թուականիս հայոց ՊԿԵ (=1416) ի մէջ Յարութեանս ի դուռն Ս. Գերեզմանին. եւ ընդ հովանեաւ Ս. Գողգոթայի եւ այլ տնօրինականացն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ»:

Նօտարք, էջ 49

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ, ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Ծ. 1817ին. վաճառական մեծահարուստ. Կեսարիոյ մէջ բացած է վարժարան մը հօրը անունով: 1892ին 10. 000 ոսկի կտակեց ի պէտս զանազան բարեգործական եւ կրթական հաստատութիւններու: Կտակեալ գումարին կիսովը պիտի գնուին միւլք կալուածներ, իսկ միւս կէսը պիտի շահագործուի եւ արդիւնքին հարիւրին տասը պիտի յատկացուի Ս. Յակոբի վանքին, եւ մնացեալը զանազան հաստատութիւններու: Վախճանած է 1902ին Մարսէյլի մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (ՄՀՏ. ) ՂԱԶԱՐԵԱՆ, ՏԷՐ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆՑ, ՍՈՒՐՄԱԼՈՒՑԻ (Սհաբ գիւղ, Իկտիր)

1813ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կը վերադառնայ 1814ին: Էջմիածնի միաբան Հմայեակ վրդ. Արշարունի բարեկամի մը մօտ գտած է 1840ին պատահած աղիտալի երկրաշարժի մը հետաքրքրական պատմութիւնը որ չորս հասարակ թղթի կտորներու վրայ գրուած է: Այդ թուղթերու հետ պահուած է վկայական մը որ տեղեկութիւններ կուտայ գրուածքին հեղինակ Մհտ. Յովհաննէս Ղազարեանի ինքնութեան մասին. հոս կը դնենք վկայականին ընդօրինակութիւնը. «Ի բնակչաց Կոկչաու գաւառա. գաղթելոց ի Պայազիտ քաղաքէ. տուաւ այս վկայական գիր մահտեսի Օհաննէսի Ղազարեան Տէր Բարսեղեանց, բնակչի այժմ ի Սհաբ գիւղն Սուրմալուա Իկդր` առ այն թէ ստացեալ է չորս աստիճան. ծնեալ է 1800 ամի փրկչական (ստորեւ կ՚ուղղուի ՌՄԽԲ (=1793) իր ինքնադիր յիշատակարանովն) եւ մկրտեալ է ի սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոջ` ձեռամբ Տէր Բարթուղիմէոս քահանայի, որոյ կնքահայր է Գրիգորն Փիլիպոսեան, ընկալեալ է չորս աստիճան գղերիկոսութեան ի Պայազիտ քաղաքի. ի ձեռն արքեպիսկոպոսի հայոց Բարսեղի, երբեմն առաջնորդի Թադէոս առաքելոյ վանից: Նախ քան զամուսնութիւն իւր ստացեալ է ուսումնականութիւն ի հասարակ ընթերցման եւ ընդ անցս զարգացման հասակի սորա չէ ծագեալ ի սորա կողմանէ վատութիւն ինչ կամ պակասութիւնս արքայականօրէն»: Այս վկայականէն զատ յիշեալ թուղթերէն միոյն հակառակ երեսին վրայ մհտ. Յովհաննէս կը գրէ հետեւեալ տեղեկութիւնները. «թվն. հայոց ՌՄԽԲին (=1793) եղեւ ծնունդ Ղազարի որդի մահտեսի Օհանէսին ի Խօիա մհալն. ի գուղն Գփրէվան. որ կայր եկեղեցի անուամբն Սուրբ Աստուածածնայ` մեծութեամբ հրաշայլի կառուցեալ»: «Եւս Խօիայ ցրվելն ՌՄԽԷ (=1798)ին որ Չավար խան մեզ բերեց Պայազիտ»: «Եւս ծիրանաւոր եկեղեցու շինելն ՌՄԾԴին (=1805)»: «Եւս նորօքումն Սուրբ Կարապետ եկեղեցու ՌՄԿԶին (=1817): Իմ Երուսաղէմ երթալս ՌՄԿԲին (=1813) եսւ գալն ՌՄԿԳ (=1814): Եւս իմ նշանվիլն ՌՄԿԶին (=1817)»: «Եւս Ֆլիգալն որ էկաւ Պայազիտ. Պապեան շահն յղեց Ստամպօլ թագայորին, ես մհտսի. Օհանէսըս նշանելու էին. կը-ին պսակվայ. հ-ին գնացի Ղարապաղ»: «Ուռուս Էրէվան առնէր ՌՄՀԵին (=1826). մեզի որ բերեց Տաշբուռուն ՌՄՀԹին (=1830)…» «Նիկոլայ թաքայոր որ եկաւ Էրէվան` տեսաք մեք ՌՄՉԶին (=1837) հոկտեմբեր հինկին. մէկ գիշեր մնաց որ գնաց»: Այս ընդօրինակութիւնը կատարուած է նոյնութեամբ. իսկ գալով մհտ. Յովհաննէսի 1840ի գրի առած Ակոռի գիւղի պատմութեան` շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր յիշատակարան մ՚է, որուն մէջ իբր ականատես վկայ, ան մանրամասն կը պատմէ 1840ի սոսկալի երկրաշարժի հետեւանքով Ակոռի բազամարդ գիւղի ամբողջական կործանումը: Այդ սրտաճմլիկ պատմութենէն Երուսաղէմի վերաբերեալ աւանդական կտոր մը միայն կը դնենք հոս նոյնութեամբ. «… Դարձեալ եղպա'յր չի լինի որ միուս անգամ Մասեաց բոլոր գուղ շինէք. չէք վայելեր. ինչ համար այն սարն գեղ այ Նոյեայ եւս սրբոց ճգնայորաց եւ քարինս Մասսայ ամեն սուրբ են եթէ որ սուրբ չլինէր, ընդէ՞ր հրեշտակն մէկ ողչարայ չափ քար տարեր Երուսաղէմ, որ մայր Աստուծոյ հանպուրեր այ նորայ եւ ուխտ արարեալ է. ես տեսել եմ աչօքս այն քարն որ այժմուս կայ…»:

Արարատ. 1903, էջ 629-634

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՇՊԱԶԻՐԿԱՆԵԱՆ, ԿԵՍԱՐԱՑԻ

1794ին Պետրոս պտրք-ի օրով Քէօթահիոյ գեղակերտ չինիներով Ս. Յակոբի վանքին Ս. Էջմիածնի տաճարը գեղեցկապէս զարդարել կուտայ իր անձնական ծախքովը: Նոյն տաճարին հիւսիսային պատին վրայ կը գրուի խաչքար մը հետեւեալ արձանագրութիւնով. «Ի պատրիարքութեան տեառն Պետրոսի նորապսակ արհիեպիսկոպոսապետի, յախճապակեցաւ բոլոր տաճարս Ս. Էջմիածնի Պաշպազիրկեանեան մահտեսի Յովհաննէսի, որ է տեղեաւ Կեսարացի եւ է յիշատակ խոհեմագոյն աղայի, եւ վասն իւր ոհգւոյն կենդանի, եւ երկու որդւոցն Կարապետի եւ Սարգսի, եւ իր ննջեցելոց հոգւոյն համայնի, եւ որ հանդիպիք երկրպագանել սրբոյ խաչիս, ընթերցողքդ ասացէք մեղայիւ մի ողորմիա, Աստուած զձեզ ողորմեսցի. ի թվին ՌՄԽԳ (=1794): »

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ. ՃՕՍԼԻՆ

(1332-1341). Ներսէս աբ. Կրակցի իր ՉՁԳ (=1334)թուին ընդօրինակած Ճաշոցին մէջ կը յիշատակէ Յովհաննէս պտրք. Ճօսլինը. ահա յիշատակարանին անոր վերաբերեալ մասը. «գրեցաւ ձեռամբ Ներսէս Կրակցիի. ի հայկազունս թուականի ՉՁԳ (=1334) ի վանս Ստեֆանի… ի յառաջնորդութեան Երուսաղէմի տէր Յովհաննէսի. որ աւելի անուն Ճօսլին կոչի»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ. ԼԵՀԱՑԻ

(1381-1385).

Յպե. էջ 46

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ.

(1441-1445).

Յպե. էջ 49

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ. ՄԸՍԸՐՑԻ

Որ կը կոչուի Թաւիլ. (1479-1491).

Յպե. էջ 50

ՄՁ. Թ. 27

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ. ՊՈԼՍԵՑԻ

(1684-1697). ծնողքը Անդրէասքհ. եւ Մահտեսի Օղիտա. աշկ. Թէոդորոս պտրք. Տարոնեցիին. կը միաբանակցի ՌՂ (=1641ին) եւ կը ձեռնագրուի սարկաւագ Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրէն, ՌՃԱ (=1652) աբ. Ածատուր. պատրիարքէն, կը գահակալէ 1685ին (ՄՁ. Թ. 30). 1692ին Ս. Յակոբի վանքին մօտը կը գնէ ընդարձակ գետին մը, որուն վրայ յետոյ կը շինուի Պաղչէ եւ Չամ կոչուած ուխտաւորական թաղերը. աղջկանց վարժարանը, դարբնոցը, տպարանը եւ պարտէզը: 1691ին կը թղթակցի Լիվոռնիոյ գլխաւոր ազգայիններէն Մաթուս աղայի հետ (Սրգս. Ցուց. էջ 1240): 1692ին կը նորոգէ նաեւ Ս. Փրկչի վանքը եւ կը բարձրացնէ անոր պարիսպը գրացիներուն յարձակումներէն ազատ մնալու համար (ՄՁ. Թ. 228 եւ Թ. 85): ՄՁ. Թ. 1434 յիշատակարանին համաձայն, Յովհաննէս պտրք. կը վախճանի 1697ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկիչ վանքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան հանգստեան տեառն Յովհաննու վարդապետի Ստամպոլցւոյ, պատրիարքի Սրբոյ Աթոռոյս որ փոխեցաւ ի Քրիստոս ի թվին ՌՃԽԶ (=1697) ամին, ընթերցողքդ յիշեցէք, եւ Աստուած ողորմի ասացէք. ամէն»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵ. ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ, ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ

(1850-1860). աշկ. Էտիրնէի առաջնորդ Մունճուսունցի Մեսրոպ եպս-ի որուն հետ 1819ին կ՚ուղեւորի Ս. Էջմիածին: Նոյն տարին կը միաբանակցի Ս. Յակոբի վանքին եւ Սեպտ. 14ին կը ձեռնադրուի աբ., Նւ. Ատանայի 1823ին եւ Նիկոմիդիոյ (1828-29). ՓԿԵ. (1830-1841). իր փոխանորդութեան օրով կը վերաշինէ 1832ին հրդեհէն այրած Պոլսի Երուսաղէմատունը Յարութիւն Գազազեան, Ճանիկ եւ Միքայէլ Փիշմիշեան ամիրաներու օժանդակութեամբ. հոս կը դնենք նոյն շէնքին հիւրընկալութեան դահլիճին պատին վրայ զետեղուած հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Յօղ գթութեան Փրկչին խնամոց

Ծաղկեալ լըցոյց Ս. Եկեղեցին:

Խամրեալ տնկոց որպէս աղբիւր,

Ետ Յարութիւն յարութեամբն իւր:

Յաւել ընդ նոյն զհոգի արի

Ոգել առնել միշտ զբարի

Հրեշտակ կոչեալ կցորդ շաւղաց

Երգէ ո՞վ է, որպէս Աստուած:

Զարդ ոսկեհուռ` եռահիւսակ.

Մեզ յԱստուծոյ` փառաց պսակ:

Ակնարկութեամբ` սոցին յաւէտ.

Յարկըս շինի` վայելչակերտ,

Յաջողութեամբ` Տեառն

Արարչին. Գեղեցկագոյն` քան զառաջինն:

Որպէս փիւնիկ` ծախեալ ի բոց.

Կանգնի նորոգ` յիւրոց մոխրոց:

Երուսաղէմ գերաշխարհիկ,

Ուր են բազում ուխտատեղիք,

Անդ է վանք մեր` երկնահանգոյն.

Ս. Յակոբայ` Առաքելոյն:

Ոյր նուիրի` այս շքեղ տուն

Ի յաւիտեան` ժառանգութիւն,

Մինչ այն տեղւոյն` էր պատրիարք,

Տ. Գաբրիէլ տեսուչս արք:

Եւ պատրիարք` Բիւզանդիոյ,

. Ստեփանոսի Աղաւնոյ)

Շինեալ ջանիւք Տեառն Յովհաննու,

Վարդապետի Զմիւռնացւոյ,

Փոխանորդին` Աթոռին մեծի.

Երուսաղէմ` սուրբ քաղաքի

Նոր օրհնութիւն` Տեառն տացուք.

Որ արար զայս` շնորհ յատուկ,

Յամի տեառն 1832 Օգոստոսի 3ին

(Բիւզանդիոն Թ. 1738)»:

Յովհաննէս վրդ. Ս. Երուսաղէմի Սկիւտարի այզիին գետինը վագըֆի վերածել տալով` հաստատուն տուրքի մը փոխարէն մաս առ մաս վաճառել կուտայ տուներ շինելու համր իբր վագըֆ Ս. Յակոբի վանքին. եպս. կը ձեռնադրուի 1838ին: Ժամանակ մը դադրելով փոխանորդութենէ կը վարէ Օրթագիւղի Խնդրակատար Ս Աստուածածին եկեղեցիին քարոզչութիւնը եւ Պոլսի առաջին հոգեւոր ժողովին անդամակցութեան կը կոչուի 1847ին. դարձեալ ՓԿԵ (1849-1850). կ՚ընտրուի ՊԵ. 1850ին եւ Երուսաղէմի միաբան Մարտիրոս, Ղուկաս եւ Յակոբոս վարդապետներու հրաւիրակութեամբ կը ժամանէ Ս. Յակոբի վանքը, եւ 1850 Նոյ. 11ին պաշտօնապէս կը բազմի իր աթոռը. 1853ին շինել կուտայ արդի հոյակապ քարուկիր պատրիարքարանը ճարտարապետութեամբ Իջմեցի Սարգիս գալֆային, նոյն շէնքին արտաքին դրան վրայ կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը:

«Եթէ ոչ Տէր շինէ զտունն

Ի նանիր վաստակին շինողք նորա:

Ուստի ապաւինեալ ի շնորհս Տեառն յաջողութեամբ նորին ի հիմանէ կառուցաւ հոյակապ յարկս ազգասէր ջանիւք Տ. Տ. Յովհաննու Դ. Սրբազան Արքեպիսկոպոսի Զմիւռնիացւոյ եւ պատրիարքի Առաքելական Աթոռոյս Երուսաղէմի ի յիշատակ հոգելոյս նախնեաց ի պարծանս լրութեան ազգիս եւ ի վայելումն ապագայ հարց. 1853 ի վերջ Ապրիլի»:

Դարձեալ նոյն տարին Յովհաննէս պտրք. շինել տուած է Չամթաղը 45 սենեակներով ուր է այժմ Ժառ. վարժ-ի. ննջարանը թանգարանը, սերտարանը եւ տեսչարանը. նոյն թաղի դրան ճակատի վրայ կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը.

«Սատարութեամբ Աստուծոյ աւարտեցաւ հիմնակառոյց գեղաշէն Չամլը թաղս. ազգասէր ջանիւք Տ. Տ. Յովհաննու Սրբազան պատրիարքի Զմիւռնիացւոյ. աջակցութեամբ խորհրդական ս. եղբարց, ի պարծանս լրութեան ազգիս 1853 ի վերջ Մայիսի»:

Այս շէնքերէն զատ Յովհաննէս պտրք. 1857ին շինել տուած է նաեւ գմբէթ մը եւ ճարտարապետական վայելուչ արուեստիւ Չամ թաղին արեւելեան կողմը Ճեմարան կոչուած խաչաձեւ Ժառ. վարժ-ի որ ունի գմբէթ մը եւ ընդարձակ չորս սենեակներ: Սոյն շէնքին ճակատը դրուած է հետեւեալ յիշաատկարանը. «Կանգնեցաւ այս հոյակապ տաճարս իմաստութեան բազմաջան աշխատութեամբ Տ. Յովհաննու ազգասէր պտրք. Զմիւռնիացւոյ ի փառս միոյն Աստուծոյ ակ պարծանս համօրէն ազգիս. ի թվ. հայոց ՌՅԶ (=1857)»: Յովհաննէս պտրք. գնած է նաեւ ուրիշ կալուածներ եւ գետիններ, որոնց գլխաւորն է Երուսաղէմի արեւմտեան դուռնէն դուրս Եաֆայի պողոտային եւ Մամիլլահի փողոցին մէջ տեղի ընդարձակ գետինը` որուն վրայ շինուեցան յետոյ Վեհաշէնի եւ Ալէմպիի մեծ հիւրանոցները եւ ուրիշներ. ինչպէս նաեւ Փիլիպպոս Առաքելոյն անուամբ կոչուած գետինը: Կը վախճանի 1860ին եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքը, հանգուցեալ պատրիարքներու շարքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան Տ. Յովհաննու Ս. Արքեպիսկոպոսի Զմիւռնիացւոյ եւ բազմարդիւն պատրիարքի Ս. Աթոռոյս որ վարեալ զիշխանութիւնն զամս տասն հանգեաւ ի Տէր յամի 1860 ի 23ն Դեկտեմբերի»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԿ. ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ

Փոխանորդ Աւետիք պտրքի. Պոլսի մէջ (1702-3). Աթոռակալ Աւետիք պտրք-ի Ս. Յակոբի վանքին մէջ (1704-6). 1706 Դեկտ 20ին Կ. Պոլսէն` 449 անձեր խնդրագիրով մը կը դիմեն Աղեքսանդր Ջուղայեցի կթղ-ին` հաղորդելով ստոյգ տեղեկութիւններ կրօնական խնդիրներու վրայ. եւ Աւետիք պտրք-ի մասին կը խնդրեն կթղ-էն. որ պապին մօտ միջամտութիւն մը կատարէ, եւ միանգամայն կ՚աղաչեն որ Պոլիս ղրկուի Զմիւռնիացի Յովհաննէս վրդ-ը որ Երուսաղէմէն Էջմիածին մեկնած էր, կը յիշուին նաեւ 200ի մօտ անձեր` եկեղեցական եւ աշխարհական, որ ընդունած են հռոմէակա եկեղեցին. եւյլն. (Կռունկ. 1863. էջ 662): Զմիւռնիացին Պոլիս գալով կը վարէ Կ. Պոլսի պատրիարքութիւնը (1707-8):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԿ. ԿՈԼՈՏ, ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Մբ. Ամրտօլու Ս. Կարապետ վանքին, աշկ. Վարդան վրդ. Բաղիշեցիին եւ ընկերակից Գրիգոր պտրք. Շղթայակիրի: Վարդան վրդ-ի մահուանէ վերջ Գրիգոր եւ Կոլոտ կը մեկնին Ամրտօլէն եւ 1706ին ուխտի կուգան Տարոնի Ս. Կարապետ վանքը. 1709ի երկրաշարժին պատճառաւ Ս. Կարապետի պարտքերը դիզաբարդուած էին. Կոլոտ` Շղթայակրի կարգադրութեամբ Պոլիս կերթայ (1712-13) ժողովել ողորմութիւն յաստուածասէր անձանց առ ի թեթեւացուցանել պարտուցն ծանրութիւն. Կոլոտ Սուրբ Կարապետը պարտքէ կ՚ազատէ եւ կ՚օժտէ թանկագին սպասներով: Այս միջոցին Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը միացուած էր Պոլսի պատրիարքութեան եւ Ս. Յակոբի վանքը կը տնտեսէին աշխարհական փոխանորդներ գապջիմալ կամ պապա անունով. այդ պատճառով Ս. Յակոբը ծանր պարտքերու տակ ինկած` ենթարկուած էր կեղեքումներու (Հաննէ. էջ 101-157): Սահակ պտրք-ի եւ խորհրդականներու որոշումով Կոլոտ կը կարգուի Աթոռակալ եւ Վէքիլ Ս. Յակոբի վանքին, եւ 1713-14ին հասնելով Երուսաղէմ կ՚ազատէ աճուրդի տրուած սրբավայրերը ու ս. անօթները. այսպէս սակաւ ինչ շնչառութիւն եղեւ սրբոյ տանս այսորիկ: Չորս տարուան մէջ պարտքերը վճարելու համար իր երաշխաւորութիւնը յարգուեցաւ: Ամէն կողմէն յարգանք վայելեց եւ Երուսաղէմի փաշան կարի հաւանեցաւ Կոլոտի կարգադրութեան. գրեց սուլթան Մահմուտ կայսեր եւ ի նշան իր գնահատման խիլայեց հայոց վանքին Աթոռակալը. Կոլոտ Միաբանութեան կարող անդամներուն եւ Հաննէ վրդ-ին ներկայութեան, իբր հիմնական կարգադրութիւն փշուր փշուր ըրաւ հասարակաց կնիքը. այդ կնիքը կը կոչուէր Օրթայի կնիք կամ ըստ Կլոտի կնիք պարտուց. այդ կնիքով էր որ Պոլսէն ղրկուած վէքիլները վանքի անունով փոխառութիւններ կ՚ընէին եւ իրականին մէջ իրենց պէտքերուն կը մսխէին: Կոլոտ այս կարգադրութիւններէն յետոյ, կը դառնայ Պոլիս եւ կը նկարագրէ Ս. Յակոբի վանքին խղճալի վիճակը մահտեսեաց եւ ամիրաներուն, որոնց առաջարկին վրայ` Կոլոտ 1715ին կ՚ստանձնէ Կ. Պոլսի պատրիարքութիւնը եւ հետեւեալ օրն իսկ կը բաժնէ Ս. Յակոբի վանքին պատրիարքութիւնը Կ. Պոլսի պատրիարքութենէն եւ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն մէջ ետ ի պատարագն յիշատակել Սուրբ Երուսաղէմի պատրիարք զտէր Գրիգոր Աստուածաբան վրդ-ն. յետոյ Կոլոտ գնալով Ադրիանուպոլիս, Սուլթան Մահմուտէն հրովարտակ կ՚ստանայ թէ' Շիրուանցի Գրիգոր պտրք-ին համար: 1716ին մեծահանդէս սիւնհոդոս մը կը գումարէ եւ երկու աթոռներու բաժանումը գլուխ հանելով` կը հաղորդէ Աստուածատուր կթղ-ին. որ հաւանելով այս որոշման կը գրէ Գրիգոր վրդ. Շիրուանցիին ի Մուշ, որպէսզի ընդունի Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը: Կոլոտ Եպս. կը ձեռնադրուի Պոլսի մէջ Ուլնեցի Կարապետ կթղ-էն որ արդէն 1726ին Պոլսոյ Մայր-Եկեղեցիին մէջ կաթողիկոսական օծումը ընդունած էր 12 եպիսկոպոսներէ: Կոլոտ ցորչափ ապրեցաւ սրտակից օժանդակը եղաւ Շղթայակիրին. մանաւանդ պարտուց վճարման եւ Ս. Յակոբի բարեզարդութեան համար: Կոլոտ 250 ստորագրութիւններով դիմումներ կատարեց Ջուղայի Ամենափրկչի վանքին առաջնորդ Մովսէս Ջուղայեցիին (1706-1725): տեղեկագրելով թէ արագ կարգադրութիւններ կատարուած են Ս. Յակոբի վանքին մասին, եւ այդ առթիւ ալ կը նկարագրէր տեղակալներու զեղծումները եւ Ս. Երուսաղէմի պարտքին 400 քսակի բարձրանալը: Կոլոտի արդիւնական կեանքին եւ այլ գործունէութիւններու մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութեան համար տեսնել Բաբգէն Ս. Եպս. Կիւլէսէրեանի Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարք խորագրով ուսումնասիրութիւնը:

Ս. Յակոբի վանքի գանձատան մէջ Կոլոտի յիշատակներէն կը գտնուի թանկարժէք Բնագիրք մը (տիպտիկոն) (Diptyqres), կրկին Խաչելութեան պատկերներով եւ կիտուածանկար. որ ըստ հնասիրաց, գեղարուեստական գանձ մը կը նկատուի, Պոլսեցի հայ վարպետներ նուիրած են Կոլոտի` այդ Բնագիրքը 1732ին, եւ ինքն ալ` իր կարգին նուիրած է Ս. Յակոբի վանքին:

Կոլոտ մեռնելէ առաջ, կը փափաքէր անգամ մը եւս ուխատւորութեամբ այցելել վանքը. բայց չկարողացաւ. իր ծանրագին եպիսկոպոսական զգեստը կտակեց վանքին, սակայն Շղթայակիր` տեղեկութիւններ առած ըլլալով այս կտակի մասին գրեց Նալեան Յակոբ պտրքի-ի թէ Ս. Յակոբի Միաբանութեան կողմէն իրեն կը նուիրէ նոյն զգեստը, Նալեան թէեւ շնորհակալ եղաւ այս համակրութեան համար, բայց եւ այնպէս կատարեց իր Հոգեւոր հօր կտակը եւ Սեղբոս ամիրայի ձեռքով նոյն զգեստը 1741ին յանձնուեցաւ Շղթայակիրին: Կոլոտ վախճանեցաւ 1741 Փետր. 13ին եւ թաղուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին գաւիթը: Իր տապանագիրն է հետեւեալը (տե'ս Կոլոտ. էջ ժդ).

«Մառան շնորհաց գանձ լուսաշաւիղ.

Արհւոյն Յօհաննու վեհից շառաւիղ

Կրօնիւք մաքուր յԱմրտօլ մարզեալ

Աստ Բիւզանդիա գերազանց փայլեալ

Նախագուշակմամբ վերնոյն տեսչութեամբ

Որ եւ պատրիարգ ազդեալ ընտրութեամբ,

Իիւսեցեալ ի մեր սրբոյն Յակոբայ

Նորին վճարեաց զպարտսն գերակայ

Կնդրուկ կանոնաց բուրեաց քաղցրաշունչ

Որ յոխորտ հնչէր րամից համաշունչ,

Լցեալ սիրաբարձ ի յաննինջ սըրտի:

Որով կազդուրէր վէրս ունեցողի:

Տեառնս ի պատիւ վէմս այս ուղղակի

Ի յորմս հաստեալ` կայ ինքն առաջի

Ի ներ քսան եւ հինգ ամաց պատրիարքութեան

Յամի Տեառն 1741 Փետր. 13 ըստ Հայոց ՌՃՂ»:

Տապանագիրիս սկզբնատառերը կը յօրինեն Մականուն Կոլոտ բառերը: Կոլոտի համար ուրիշ տապանաքար մ՚ալ զետեղուած է (անթուական) Երուսաղէմի Փրկչի վանքին մէջ հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Աստուածաբանից իշխանի այս է տապան.

Ու անօթոյ հոգւոյն սրբոյ այս օթարան.

Տէր Յովհաննէս պատրիարքին Բիւզանդիոյ.

Որ թագ փառաց էր դպրատան Ամրտօլու:

Զիմաստութեան սուրբ մարգարիտն որ էր թազուն,

Ի լոյս էած` այս գերարփիս խորին գիտուն:

Քսան հնգից ամաց միջի գեր քան դիմաց.

Զհարիւր ամաց գործ կատարեաց այս լուսազգեաց:

Սուրբ Յակոբայ պարտուց բարձման սա է պատճառ,

Եւ լուսացման ազգիս ախտի սա սուրբ օճառ

Վկայասէր, իմաստասէր, ոսկեբերան,

Զոր արք տգէտք չեն գովելոյ ըզնա արժան».

Գրիգոր պտրք. Շղթայակիրի անունով կատարուած բոլոր յիշատակարաններուն մէջ անբաժան է անունը Յովհաննէս Կոլոտի. որուն համար Շղթայակիր շինած է առանձին յարկաբաժին մը, եւ զետեղած է հետեւեալ յիշատակարանը.

«Ի թվին ՌՃՀԶ (=1727), կերտեաց զգեղեցիկ խուցս սրբազան հայրապետ մայրաքաղաքիս Գրիգոր աստուածաբան վարդապետն ի յիշատակ հոգւոյ եւ ի վայելումն սրբազան պատրիարքին Կ. Պոլսոյ Տեառն Յովհաննու Աստուածաբան վարդապետին Բաղիշեցւոյ, բայց հանգեաւ ի Քրիստոս. եւ ոչ եկեալ վայելեաց. որք հանդիպիք եւ վայելէք ասացէք Աստուած ողորմի. ամէն»: Կոլոտ ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ եւ Խարբերդցի Ղուկաս վրդ Աբրահամեանի ձեռքով իտալերէնէ հայերէնի թարգմանել տուած է զանազան կրօնական գիրքեր, ասոնց ցանկը տեսնել:

Հաննէ. էջ 156

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԿ. ՀԱՄԱՏԱՆՑԻ կամ ՊԱՂՏԱՏՑԻ

Մբ. աշկ. Մոկացի արդար Յովհաննէս վրդ-ի. Լիմ Անապատի մէջ. Նւ. Հնդկաց 1769ին. կը ձեռնադրուի եպս. 1775ին. Նւ. Զմիւռնիոյ 1777ին. Նւ. Թէքիրտաղի 1780ին. Առ. Պրուսայի եւ ապա ՊԿ. (1781-1782). Առ. Ամասիոյ (1783-1793). կը վերաշինէ 1794ին Մարզուանու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքը, զոր 1744ին Տէլի ըսուած բարբարոսները կողոպտած եւ այրած էին. վերաշինութեան յիշատակարանը զետեղուած է վանքի աւագ դրան վրայ, ընդօրինակութիւնը տեսնել (Երեւակ Հատ. Դ. էջ 8, 1858): Համատանցին կը վախճանի Մարսուանի մէջ եւ կը թաղուի եկեղեցիին ձախակողմեան պահարանի դրան աջակողմը. իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Ի ներ վիմիս է սուրբ մարմին.

Տեառն Յովհաննու արհւոյ դիտին.

Ամասիոյ վերատեսչին,

Երբեմն Պոլսոյ պատրիարքին:

Սոյն Չարխափան վանս շինողին,

Բարի կարգօք հաստատողին.

Յանապատի վարս կրթողին,

Պաղտատցի Մակ վերաձայնողին:

Սուրբ Սաղիմայ մեծ ծառային,

Ի Հինդ երթող նուիրակին,

Էջմիածնի սերտ մտերմին,

Աշխարհալուր վարդապետին:

Սա փոխեցաւ ի մեր թուին,

Քսան եւ չորս յոբելինի,

Ի մտանել քառասուն հնգին:

Օգոստոսի քսան ութին:

Արդ լուարուք սոյն գոչողին.

Աղաղակի անմռունչ ձայնին.

Ո~վ անցաւոր ազգ մարդկային

Առ ի գթալ տալ զողորմին»:

(Երեւակ. Հատ. Դ. էջ 9, 1858):

Համատանցին ունի աշխատութիւններ. 1788ին Հնդկաց նուիրակութեան ժամնակ յօրինած է Աղբիւր Բաղձալի խորագրով գիրքը, որ կը գտնուի Ս. Յակոբի վանքին մէջ (ՄՁ. Թ. 682): Սիմէոն կթղ. սոյն գիրկը կը գտնէ խոտելի եւ այրելի եւ զուրկ գրական ոեւէ արժէքէ. (Դիւան. Գիրք Ը. էջ 585): Բացայայտ եւ պարզ հարցումն եւ պատասխանի դաւանութեան հաւատոյ ուղղափառ եւ լուսաւորչածին ազգիս Հայոց աշխատութիւնը Համատանցին գրած է ֆրանկ հայերու դէմ. այս երկու աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ դարձեալ լատինացեալ տայերու դէմ իր տաճկերէն մէկ գործը կը մնան անտիպ:

Անդ. Գիրք. Ժ. էջ ԽԷ-ԽԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎԱՆՑԻ (աշճի)

Հաւանաբար Ս. Յակոբի վանքի խոհարարը, որուն կամ երկարամեայ ծառայութեանը եւ կամ կարեւոր մէկ նուիրատուութեանը համար խաչքար մը զետեղուած է Ս. Աթոռի Պարոնտէր կոչուած այգիին տան պատին մէջ որուն նորոգութեան ժամանակ վերջերս գտնուած է հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Տէր. Ած. Յս. Քս. յիշաատկ է սուրբ խաչս Վանեցի աշճի մահտեսի Օհանէսին եւ իւր ծնողացն հոգւոզն ՌՄԽԹ (=1800) թուին»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (մհտ. ) ՍԷԼԱՄԱԸԶ ՕՂԼ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ, ՉԱՆԱՔԳԱԼԷՑԻ

1850ին Չանաքգալէի Քիւչիւք Համամ Փողոցին մէջ իր սեպհական տունը կը կտակէ Ս. Յակոբի վանքին, պայմանաւ որ իր կնոջը եւ երկու աղջիկներուն մահէն յետոյգործադրուի սոյն կտակը:

Կտակաց Տումար, էջ 18

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

ՈԿԴ (=1215)ին ձեռագիր մը կը նուիրէ Ս. Յակոբի վանքին հետեւեալ յիշատակարանով. «Ես Յովհաննէս վրդս. մեղուցեալ հողս. որ տվի զգանձս ածայինս. զեսայիս, եւ զառաքեալս, ի քաղաքս եմս. ի վանքս Հրեշտակապետացս, Միքայէլի եւ Գաբրիէլի, յիշատակ ինձ եւ ծնողացն իմոց: Արդ աղաչեմ զամենեսեան: Որք հանդիպիք սմա ընթերցմամբ կամ գաղափարելով, մեղաց թողութիւն խնդրեցէք Յովհաննէս վրդ-ի. եւ հաւրն իւրոյ Կարապետի եւ մաւրն իւրոյ…»:

Խապ. Ցուց. ետտր ԺԳ. էջ 1017, ՄՁ. Թ. 417

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

1635ին կը յիշատակէ ձեռագիր հաւաքածոյ մը (ՄՁ. Թ. 171) որուն մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Յիշատակ է եօթն իմաստասիրաց գիրքս Յովանէս վարդապետին եւ իւր ծնողացն, հօրն Մկրտչին եւ մօրն Թարվիզին եւ եղբարցն Գրիգորին, Զաքարին Մարգարին, Հաւրեղբարցն եւ քուերաց Հազրավարդին, եւ Կոհարին…: Դարձեալ գնեցաւ գիրքս ի ձեռանէ Խարբերդացի Յոհաննէս աբեղային, ճերմակ ծովուն ատակն ի քաղաքն, որ կոչի Պանտուրմայ, թվ. ՌՁԴ (=1635)…: Յիշատակ եդաւ գիրքս Սրբոյն Յակոբայ ձեռամբ Յովհաննէս առաջնորդին եւ ինքն հանգեաւ ի Քս. ՌՃԻԶ (=1677)»:

Խապ. Ցուց. ԺԵ. էջ 1178

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

1742ին Ս. Ծննդեան վանքին կը յիշատակէ Շարակնոց մը (ՄՁ. Թ. 1550) հետեւեալ յիշատակարանով, «… ողորմեա հիւսկ եւ յետնեալ ծառայիս քում մեղսամած Յովհաննէս անարժան բանիդ պաշտօնէի որ ետուր շարականս զայս յիշատակ ի դուռն Սուրբ Ծննդեան Քի. Այ. մերում եւ ի վանս մերում առ ի վայելումն սրբակրօն միաբանից հոգեւոր հարց եւ եղբարց մերոց…»: Յորժամ ամէն ծրեցաւ ի ՌՃՂԱ (=1742) թվոջ յունվարի դ ի դրանս Ծննդեան Քի. վանից Հայոց եւ զտէր Աղապէկ Յովսէփ եւս յիշեցէք յաղօթս ձեր…:

Խապ. Ցուց. տետր ԺԸ. էջ 1408-9

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ

Մբ. Աղթամարի. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը 1869ին, վերադարձին` կը հրատարակէ իր Ճամբու Նօթերը:

Սիօն, 1869

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՃԷՄԵԱՆ

Մբ. Նւ. Կեսարիոյ եւ Առ. Սպերի 1759ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՄԱՍԻԱՑԻ

Մականուանեալն Թօփալ. 1679-1680 կը վարէ Ս. Յակոբի վանքին իշխանութիւնը, Ղրիմցի Մարտիրոս պտրք-ին տեղ. «Սա (Յովհ. վրդ. Ամաս. ) էառ յափշտակեաց Մարտիրոս պատրիարքի զառաջնորդութիւն Երուսաղէմի ի մուտս անդ ՌՃԻԹ (=1680) թուոյն հայոց»:

Սաւալան, էջ 760, նաեւ ՄՁ. Թ. 120

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՄԱՍԻՍՑԻ

Աւետիք պատրիարքի փոխանորդը` որ անոր պատրիարքութեան պէրաթը Երուսաղէմ կը բերէ 1702ին եւ միաբաններու ներկայութեան կը կարդայ զայն դատարանին մէջ (Չամչ. Գ. էջ 737. Սաւալան, էջ 787): Յովհաննէս վրդ. կը հարկադրէ Մինաս պտրք. Ամդեցին` տալու իր հաշիւները. որոնցմէ յայտնի կ՚ըլլայ թէ` 46 քսակ պարտք մնացած է իր վրայ. Մինաս կը բանտարկուի եւ կ՚ենթարկուի զանազան նեղութիւններու, կուսակալը գթալով անոր` բանտէն կ՚ազատէ (Օրագրութիւն Մինաս Ամդեցիի, ՌՃԾԱ=1702): Հաւանաբար այս Յովհաննէս վրդ. Ամասիացին է որ վարած է Ամստերտամի Ս. Հոգի եկեղեցիին հովուութիւնը 1749ի ժամանակ եւ նորոգած է անոր արտաքին դուռը, հետեւեալ յիշատակարանին համաձայն. «Վերստին նորոգեցաւ ի թուին հայոց ՌՃՂԸ (=1749) հանդերձ աստիճանօք. վերին եւ ներքին երիւք լուսամտօք, ծախիւք ի սոյն Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ սպասաւորի Մինասի որդի Յովհաննէսի վարդապետի Ամասացւոյ, ի վեշտասաներորդում ամի սպասաւորութեան իւրոյ: Յիշատակ իւրն եւ զիւր ննջեցեալ ծնողացն»: (Հա. 1891. անդ. 1928, էջ 345): Յիշեալը նոյն եկեղեցիին մէջ 1759ին ընդօրինակած է նաեւ Պատմ. Դաւիթ Բէկին գիրքը. ձեռագիրը կը գտնուի Ս. Էջմիածնի մատենադարանին մէջ

Բանբեր, 1921-22. էջ 134

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻ

Մբ?. 1746ին Ս. Էջմիածնի մէջ կը հիւանդանայ եւ կը շինէ իր կտակը հետեւեալ կերպով. իր պարտկաններն Էրզրումցի Ճիհանենց խօճա Մարտիրոս, 200 թուման. Ակնայ Առ. Ադամ վրդ. 160 ղշր. Աճէմ Այվազ 40ղրշ. Սարգիս վրդ. Թամզարացի, 120 ղրշ: Այս մուրհակաւոր պահանջքները Ս. Էջմիածնի վանքը տոկոսովը պիտի գանձէ եւ իր քով գտնուող Ալիքսան վրդ-ին 2000 ղրշ. տալէն վերջ, մնացեալը երեք բաժին պիտի ընէ եւ վճարէ Ս. Էջմիածնի, Ս. Երուսաղէմի Ս. Յակոբի վանքին եւ Ս. Առաքելոց Աթխա վանքին. պատճենէ մը քաղած ենք այս կտակը. որուն վերջը հետեւեալը գրուած է. «Գրեցաւ կտակագիրս իմ Յովան վրդ-իս ՌՃՂԵ (=1746) թուին յապրիլի տասն, ի Ս. Էջմիածին, մինչ էի անկեալ ի մէջ մեծի անկարութեան»: Կտակագիրին պատճենին ետեւը գրուած է ուրիշ գրով մը. «զամենն Ղազար Կաթողիկոսն կերաւ»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՊՈՒՉԵԽՑԻ

Մբ. խոստ. իր տուած յիշատակի մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ: ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ, ԿԻՒՐԻՆՑԻ

Մբ. Ծ. 1889ին. Ձռ. 1922ին. ՏՀ. 1924ին. կը մնայ նոյն պաշտօնին մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՏԱՆԱՑԻ

Մբ. ՏՀ. 1759ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. աշկ. Մինաս պտրք-ի 1674ին, կը ճամբորդէ Քէֆէ` հոն վախճանած Ս. Յակոբի միաբան Իգնատիոս վրդ-ի գիրքերը Երուսաղէմ փոխադրելու համար:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԲԱԶՈՒՆԻ, ՇԱՏԱԽՑԻ

Մբ. Վարագայ վանքին. Ս. Յակոբի վանքին ծառայութեան մէջ կը մտնէ. ՏԴ. (1871-72). կը հրաժարի եւ կը մեկնի Վան. կը կագուի Առ. Աբղակի եւ վանահայր Ս. Բարթուղիմէոսի վանքին. գրի առած է Աղթամարի Խաչատուր կթղ-ի կենսագրութիւնը:

Արաքս. 1897. Գիրք Բ. էջ 51-61. Հա. 1920. էջ 178

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Մբ. ՏՅ. կը վախճանի 1742ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Մբ. աշկ. Կարնոյ Նւ. Ստեփանոս եպս-ի. Ձռ. 1817ին. Նւ. Վանայ եւ Կարնոյ (1819-21). իր նուիրակութեան ժամանակ կ՚այցելէ Լաթաքիա եւ վանքին եկեղեց. անօթները կը ցուցակագրէ. եւ կը գրէ հետեւեալ յիշատակարանը, որուն ընդօրինակութիւնն 1864ին Զաքարիա վրդ. Մալկարացին` ըրած է ուրիշ տետրի մը մէջ. «Այս է անօթս եկեղեցւոյն Ս. Աստուածածնին ի Լաթաքիա. ի Հոգետան: Գրեցաւ թուին ՌՄԿԸ (=1819)ին Մարտի 24ին ձեռամբ տեառն Յովհաննէս րաբունւոյն որ նուիրակ էր Վանայ թեմին եւ վիճակին որ զվախֆն ազատեաց եւ զայս բանս հաստատեաց»: (Սիւր. Տար. 1925. էջ 217): Յովհաննէս վրդ. կը վախճանի 1854ին. Երուսաղէմի վարդապետներուն համար 1821ին կը շինէ հոգետուն մը Կարնոյ մէջ. 1854ին կը վախճանի Ս. Յակոբի վանքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Աստ եդեալ կան ոսկերք Բաղիշեցի Յովհաննէս վրդ-ի երբեմն նուիրակ Վսապուրական աշխարհին որ հանգեաւ ի տէր յամի տեառն 1854ին»:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՊՈԿԼԱՆՑԻ (Մշոյ սահման)

Մբ. Կարնոյ Առ. Պետրոս եպս. Կիւրավցին որ կը պաշտօնավարէր 1830ին. եկեղեցւոյ մէջ քարոզելու կարողութիւն չունենալուն համար. իբր քաջ արթուն հովիւ եւ տէր հոգեւոր լաւ քարոզիչ վարդապետ մը կը պատահէր իր մօտ. որ էր Բոկլանցի Յովհաննէս վրդը. բնիկ միաբան Ս. Երուսաղէմի հրաշալի աթոռին. որ էր նաեւ առաջնորդական փոխանորդ, ամէն կիւրակէ առաւօտ կը քարոզէր:

Բարձր Հայք. էջ 122

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1843ին ժամօրհնող:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1750ին Յակոբ պտրք. Նալեանի կոնդակովը առաջնորդ կը կարգուի Սեբաստիոյ Ս. Հրեշտակապետ վանքին եւ դուրս կը վտարէ Աստուածատուր վրդ-ի ազգականները. 1778ին եպս. կը ձեռնադրուի ի Ս. Էջմիածին. Ս. Նշան վանքին առաջնորդութիւնը ձեռք ձգելու համար զանազան պատրուակներով վէճի կը բռնուի իր միաբանակցին` Յակոբ վրդ. Արմտանցիին հետ` որ Պոլիս կը դիմէ եւ իր պաշտօնին վրայ կը հաստատուի: Յովհ. վրդ. կը բանտարկուի Սեբաստիոյ Հաճի փաշայէն. բայց միջոցը կը գտնէ եւ բանտէն կ՚ազատի. ու Պոլիս կը դիմէ բազմաթիւ ստորագրութիւններով. Յակոբ եպս-ի հրաժարման վրայ, Սեբաստիոյ վիճակը կը տրուի Յովհաննէս եպս-ի, որ հազիւ քանի մի ամիս կը մնայ Ս. Նշանի վանքը: Ժողովրդեան խնդրանքին վրայ պատրիարքարանը Արմտանցին դարձեալ կը վերահաստատէ. իսկ Յովհ. եպս-ը կը ճամբէ Երուսաղէմ, եւ քանի մը ամիս վերջ կը կարգէ առաջնորդ Կուտինայի: Մանրամասնութիւնները տեսնել:

Պ. Սեբաստիոյ, էջ 276-80

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԳԱՌՆԵՑԻ

Մբ. Այրի վանաց. 1223ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, միեւնոյն ժամանակ 40 հայերու հետ կ՚այցելէ Յորդանան եւ Սինէական անապատը: Գառնեցին Երուսաղէմի կը մեկնի Հռոմկլայ, Կոստանդին կթղ-ին մօտ, ուր կը վախճանի. իր տեսիլներուն եւ հրաշից պատմութիւնները տեսնել:

Կիրակոս Պատմիչ. էջ 209-214. ինչպէս նաեւ ՄՁ. Թ. 1084

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԳՈՆԻԱՑԻ

Մբ. այս անձը 1706ին կը յիշատակուի ՄՁ. Թ. 406 ձեռագրին մէկ յիշատակագրութեանը մէջ:

Խապ. Ցուց. տետր. 9. էջ 960

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Հնդկաստանի 1771ին. Կալկաթայի մէջ կը հանդիպի երկու հայ-հռովմէական վարդապետներու Սուքիաս Շոռոթեցի եւ Աբրահամ Գաղատացի անուամբ, որոնք ժողովրդեան միտքը կը ջանան պղտորել. Յովհաննէս վրդ. կ՚աշխատի յորդորել տեղւոյն ժողովուրդը որ անխախտ մնայ իր հաւատքին մէջ: Իր պաշտօնը լրացնելէն յետոյ` գրի կ՚առնէ իր քարոզածները Վահան մանկանց սուրբ եկեղեցւոյ խորագրով:

ՄՁ. Թ. 1880

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԴԱՏՕ.

Մբ. Նւ. Վանայ, Շղթայակիրի օրով. իր տուած յիշատակի մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ

Մբ. կը պաշտօնավարէ Եգիպտոսի եկեղեցիին մէջ (1731-1795):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մականուանեալն Աղուաշ. Մբ. ՈՃԿԸ (=1719) Ծռազատկին` Էրզրումցի Պաղտասար վրդ-ին հետ Ս. Փրկչի վանքին մէջ Գրիգոր վրդ. Շղթայակիրէն կ՚ընդունի վարդապետական մասնաւոր իշխանութիւն (ՄՁ. Թ. 532). Ս. Յակոբի վանքին կը յիշատակէ Գրի. Տաթեւացիին Ամրան հատոր քարոզգիրքն եւ Բժշկարան մը (ՄՁ. Թ. 941) զոր ընդօրիմանակ: Ընդօրինակած է նաեւ Մեկն. Յայտնութեանը Ն. Լամբրոնացիին:

ՄՁ. Թ. 209

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵԷՆԻՏԻՒՆԵԱԵԱՆ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մբ. Ծ. 1811ին. Ձռ. 1838ին. կնիքը 1838ին. Կաթողիկոս մականուանեալ. կը միաբանակցի 1846ին. Ժամասաց 1849ին. դարպասճի նոյն տարին. 1820ին ընդօրինակած է քարոզգիրք մը, Կիրակոս պտրք-ի համար, Կարինի մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Մբ. Նւ. Կարնոյ, Ամասիոյ եւ Եւդոկիոյ. ՏՅ. 1813ին. Առ. Դամասկոսի, ուր կը վախճանի 1829ին քանի մը ամիս մնալէ վերջ: Ս. Յակոբի վանքին տուած է իր ընդօրինակած Մեկն. Մարգարէութեան Եզեկիէլի ձեռագիրը:

ՄՁ. Թ. 152

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵՐԶՆԿԱՑԻ կամ ԾՈՐԾՈՐԵՑԻ (Պլուզ)

(1250-1326). ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը 1281ին եւ ապա կը մեկնի Կիլիկիա. յետոյ Վրաստան, Արտազ եւ Անի: Կիլիկիա գտնուած միջոցին կ՚այցելէ Յակոբ կթղ-ին եւ Քերականութեան դաս կուտայ անոր աշակերտներուն (Դարանաղցի, էջ 305): Կը վախճանի Հաղբատի վանքին մէջ: Մահարձանին նորոգութիւնը կատարուած է 1824ին Եփրեմ կթղ-ի ձեռքով. եւ կը գրուի հետեւեալ տապանագիրը.

«Արձան մահու` Երզնկացւոյ,

Յովհաննէսի Ծործորեցւոյ.

Սա ժիր մշակ` եկեղեցւոյ.

Սուրբ վարդապետ Ազգին մերոյ.

Արդ մականուամբ Պլուզ ոկչի

Աստ ի Հաղբատ ի կենաց զրաւի,

Իսկ ի գալ աստ Տեառն Եփրեմի

Հայոց մեծի հայրապետի,

Վասն հոգւոյն` յիշատակի

Կանգնէ զտապանս` յայսմ ամի:

թիւ մահուան 1326, թիւ նորոգման տապանաքարին 1824»:

Իր երկասիրութիւններն են. Մեկնութիւն Քերականութեան Հեթում Բ-ի համար. որուն մէկ համառօտութիւնն ալ գրած է. Ներսէս Շնորհալիի Մատթէի Մեկնութեան շարունակութիւնը: Երզնկացին իր ծերութեան մէջ լատիներէն սորվեոլվ` հայերէնի թարգմանած է Թովմաս Ագուինացւոյն գործերուն մէկ մասը. իր միւս երկերն են Խրատք հասարակաց քրիստոնէից, Ճառեր, Ջրօրհնեաց տաղեր. Գանձեր, Մեկնութիւն Սաղմոսաց. հաւանաբար իր գործը կը նկատուի իր անուամբ յիշուած Աշխարհացոյցը եւ Տրամաբանութիւնը: Շարականներէն Ս. Լուսաւորչին եւ Մեծին Ներսէսի կանոնները. ինչպէս նաեւ Եօթն խոտաճարակաց շարականը իրեն կ՚ընծայուին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵՐԶՆԿԱՑԻ (Գրիչ)

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին մէջ 1419ին ընդօրինակած է Ճառընտիրի մը (ՄՁ. Թ. 1) վերջին մասը (առաջին մասը ընդօրինակած է Մանուէլ գրիչ). խնդրանքով Գառնեցի Պօղոս պտրք-ի (յետոյ կթղ. ). Յիշատակարանն է հետեւեալը. «Ով սուրբ ընթեերցողք եւ միաբանք Ս. Յակոբայ- յիշեցէք ի սուրբ յաղօթս ձեր զարհիեպսն. Երուսաղիմայ զտէր Պաւղոսն եւ զծնողսն իւր. վասնզի ջերմեռանդ սիրով գրել ետ զգիրս յիշատակ իւր եւ ծնողաց իւրոց. ի վայելումն Ս. Յակոբայ, ընդ նմին եւ զանարժան զծողս զՅովհաննէս աբեղայ… եւ այլն»:

տե'ս Մանուէլ Գրիչ, էջ 247

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԶԵՅԹԻՆԵԱՆ, ԹՕԽԱՏՑԻ (ԿՈԼՈՏ)

Մբ. Ձռ. 1838ին. ՓԿԵ. (1841-1846). անդամ 1846ի այն Յանձնաժողովին, որ դատապարտեց Իզմիտցի Վրթանէս քհ. Չըրթըլեանը իբր բողոքական, Մատթէոս պտր-ի օրով. Նւ. Սսոյ, դարպասընկալ 1847ին. ՏԲ. 1852ին. ՏՀ. 1853ին. կը վախճանի 1859ին. 1842ին արծաթ Ճաճանչ մը նուիրած է Ս. Յակոբի:

Ցուց. Պ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ

Մբ. 1860ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ

Մբ. Ձռ. 1807ին, Առ. Դամասկոսի (1824-33). Նւ. Զմիւռնիոյ. իբր յաջորդ Կոփեցի Զաքարիա վրդ-ի. կը վախճանի 1846ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԹԱՄԶԱՐԱՑԻ

Մբ. Մոմճի 1803ին.

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԹՕԽԱՏՑԻ

Մբ. կնիքը 1668 (=ՌՃԺԷ) կը կոչուի Խանտանի եղբար. 1677ին Նւ. Կարնոյ (ՄՁ. Թ. 644):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԻՓԷԿԵԱՆ (ՄԵԾ. ) ՊՐՈՒՍԱՑԻ

Մբ. Ծ. 1831ին Ձռ. 1871ին. Օզն. Նւ. Հնդկաց. հիւրընկալ (1875-77). ՏՊ. (1877-87). Ժամասաց (1888-906). կը վախճանի Ս. Յակոբի մէջ 1912ին: Յիշատակ թողած է Երուսաղէմի մէջ կէս մթերանոց մը. ընդօրինակութիւններ ունի 15 կտորի չափ, ամէնքն ալ Ձայնագրութեան վերաբերեալ. ունի նաեւ Հնդկաստան ըրած իր ուղեւորութեան մէկ նկարագրութիւնը:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԽԼԱԹԵՑԻ

Մբ. ՏՅ. Շղթայակիրի օրով: Իր տուած յիշատակի մասին:

ՄՁ. Թ. 532

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԿԱՐԿԱՌԵՑԻ

Մբ. ՏՅ. 1680ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Մբ. 1749ին. փոխանորդ եւ աթոռակալ. 1765ին տաճկերէնէ հայերէնի կը թարգմանէ Պատմ. գիւտոյ Ամերիկայի գիրքը. եւ նոյն թուականին Հաճի Խալիֆէ կոչուած Քեաթիպ Չէլէպիի Օսմանեան թագաւորներու պատմութիւնը հայեցի տառերով գրի առած է Կարապետ պտրք-ի խնդրանքովը:

ՄՁ. Թ. 14

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1701ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՄՇԵՑԻ

Մբ. կը յիշուի Մարգար քհ. Տէր Գէորգեանի` Պօղոս պտրք-ին ուղղած 1803 թուական նամակի մը մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՄՇԵՑԻ

Մբ. Լիմ Անապատի. ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ ժամանակ մը կը մնայ հոն (1847-1859):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (Արդար) ՎՐԴ. ՄՈԿԱՑԻ

Մբ. Լիմ Անապատի. Ծ. 1716ին. Վանեցի Յակոբ եպս. Տինոյեանցի օրով Լիմ Անապատ կուգայ եւ 25 տարեկանին կը ձեռնադրուի աբեղայ. 1748ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. նոյն տարին Գրիգոր շղթայակիր պտրք. կուտայ անոր ծայրագունութեան գաւազան Ս. Յակոբի վանքին մէջ, մէկ տարի կը մնայ հոն եւ Շղթայակիրին մահուանէն յետոյ կը վերադառնայ Լիմ:

1754ին կ՚այցելէ Ալաշկերտ` ուր միանաոլվ նորընտիր կթղ-ին` կ՚երթայ Ս. Էջմիածին եւ հոն ներկայ կ՚ըլլայ նոյն կթղ-ին օծման. կը վերադառնայ Լիմ եւ իր հաւաքած դրամովը Անապատի վանքը կ՚ազատէ պարտքերէն:

Այս Մոկացի Յովհաննէս վրդ-ի շինարարութիւններն են հետեւեալները.

Ա. 1755-57ին կը նորոգէ Աղբակի Ս. Բարթուղիմէոսի վանքը.

Բ. 1763ին Վանայ Արարուց եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Արճէշի եռայարկ եւ գմբէթաւոր տաճարը.

Գ. 1765ին Հոգւոց վանքին կաթողիկէն.

Դ. 1766ին Լիմ Անապատի քարեղէն դարպասը.

Ե. 1768ին Քաջբերունեաց Ականց գիւղի եկեղեցին.

Զ. 1769ին Վանայ Հայկավանից եկեղեցին Ս. Աստուածածնի անուամբ:

Յովհաննէս վրդ. Մոկացի կը վախճանի 1769 Փետր. 4ին:

տես Վարքը. Դիւան. գիրք Ժ. էջ 187-188

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Եւդոկիոյ. աշկ. Գաբրիէլ եպս-ի. 1786ին կը վախճանի Թօգատի մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՇԷՆՔՈՒՇՑԻ

Եղբօրորդի Ամդեցի Մինաս պտրք-ի, որ Երուսաղէմ բերել տալով` կուտայ անոր գաւազանի իշխանութիւն եւ իր տեղը փոխանորդ կը կարգէ Շէնքուշի մէջ. կը վախճանի 1723ին:

Թորոս Աղբար. էջ 459

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՈՒՐՖԱՑԻ

աշկ. Սրապիոն վրդ-ին, (յեոտյ կթղ. ). ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՆՈՒՐՏԻՆԵԱՆ, ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Ծ. 1747ին. հայրը Սահակ Քօսեանց… մայրը Մարթա` ծնեալ Նուրտինեան. Բաղէշէն գաղթած էին Քուրդերու երեսէն փախչելով: Յովհ. վրդ. կ՚աշակերտի Արղնի Բարձրահայեաց վանքին մէջ իր քեռիին` Աբրահամ եպս-ի մօտ: Յովակիմ եպս. Քանաքեռցին (ապա պտրք. Երուսաղէմի), նուիրակութեամբ Տիգրանակերտ հանդիպած միջոցին կը տեսնէ որբ Յովհաննէս Նուրտինեանը եւ կարեկցելով հետը կը բերէ Դամասկոս ուր սարկաւագ ձեռնադրելէ յետոյ կը տանի Երուսաղէմ, իբրեւ միաբան Ս. Յակոբի: Յովակիմ եպս. 1765ին Պոլսի վէքիլութեան գացած ժամանակ` հետը կը տանի Նուրտինեան սարկաւագը, որ վեց ամիս Յովակիմ եպս-ի մօտ կենալէ յետոյ կը բաժնուի անկէ եւ կ՚աշակերտի 1766ին Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին քարոզիչ Սարգիս արքեպս. Սարրաֆեանի, որ զինքը կը ձեռնադրէ 1769ին վրդ. 1773ին ալ Սարրաֆեանի հետ կ՚ուղեւորի Իտալիա. եւ անոր մահուանէն վերջ կը հաստատուի Լիվոռնիոյ մէջ ուր կը վախճանի 1803ին. Նուիտինեան վրդ. գրած Սարգիս արքեպս-ի կենսագրութիւնը:

հրտ. 1908, Վիեննայի մէջ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Գրիգոր պտրք Պարոնտէրի ժամանակ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կ՚ընծայէ նուէրներ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԵԹԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1800ին. Ձռ. 1818ին. պատրիարքական փոխանորդ 1858ին. 1863ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. եպս. կը ձեռնադրուի 1870ին. կը վախճանի Գուզկունճուգ եւ կը թաղուի տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին գաւիթը:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԱՆԱՀՆԵՑԻ

Մբ. Սանահնի վանքին. 1497ին իր հօրեղբօրորդւոյն Արիստակէսի ընդօրինակել կուտայ մագաղաթեայ Շարական մը. որուն յիշատակարանէն յայտնի կ՚ըլլայ թէ` Յովհաննէս վրդ. նոյն թուականին ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը. եւ վերադարձին Բերկրի գալով` ստացած է նոյն ձեռագիրը. «… զի էր թուականս հայոց ՋՃԽԶ (=1497) որ գնաց Երուսաղէմ եւ ի դառնալն եկ ի Բերկրի եւ տվի ոսկեթել զշարակնոցս եւ Քի. փառք յաւիտեանս, ամէն. »:

Հա. 1887. էջ 55-2

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԱՍՈՒՆՑԻ.

  Մբ. 1821ին կը մնար Տիարպէքիրի մէջ:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

Մբ. Ձռ. 1838ին. կնիքը 1838ին. ՏՅՊ. եւ ՏՌ. 1851ին:

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ, ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Մբ. Արղնու Ս. Աստուածածնի վանքին. 1867ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ երկաթագիր եւ մագաղաթեայ Աւետարան մը (թերեւս Ժ-ԺԲ դար) (Սիօն, 1867, էջ 80) Տիգրանակերտցի Յակոբ եպս-ի ձեռքով. այս գրչագիրը կը մնայ այժմ վանքին մէջ:

ՄՁ. Թ. 1796

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՏԷՐ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ՂԱԶԱԽՑԻ (Հազաջուր գիւղէն)

1828ին Առ. Սեւանի, 1840ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. վերադարձին Աղեքսանդրապոլ կը հանդիպի, ուր կը հիւանդանայ եւ կը վախճանի: Տէր Մարտիրոսեանի խնդրանքով Մնուէլ վրդ. Կիւմիւշխանեցի կը գրէ Պատմ. անցից անցելոց Սեւանայ վանուց աշխատութիւնը:

Ազգր. Հան. 1908, Գ. ԺԷ. ԺԸ. ԺԹ. էջ 64

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ.

ՏԱՅԵՑԻ կամ ՏՈՒԵՑԻ

Արքեպս. Գարդմանայ. զրոյցի մը համաձայն Յովհաննէս վրդ. բոկոտն Երուսաղէմ կ՚այցելէ աբեղայի մը հետ. երեք յիսնակ անհաց եւ անջուր ծոմապահութիւն ընելով Երուսաղէմի մէջ կ՚ստանայ հրաշագործութեան համբաւ: Տայեցին ուխտագնացութեան առթիւ զանազան աւանդութիւններ կը պատմուին. ինչպէս կ՚աւանդէ, ՄՁ. Թ. 1084 Ոսկեփորիկ ձեռագիրը. որմէ նոյնութեամբ կ՚ընդօրինակենք հոս. «Վարդապետ մի, որ էր եպս. ն Յովհաննէս անուն. ի Տայոց գաւառէն, այր մթին վարուք, խստակրօն ճգնաւոր. մինչ զի զերիս յիսնակսն. եւ զամ. պահսն աւր ի տարին անսըւաղ անցուցանէր. գնաց յԵրսղմ. եւ զաւուրս աղուհացիցն անսուաղ անցուցանէր. ի վերայ ոտիցն եկաց, զցայգ եւ զցերեկ. յանդիման Գերեզմանին Քսի. առ ի խնդրել ի Քրիստոսէ նշանս ինչ տեսանել վասն ազգին հայոց. որ ամէն յազգաց ուրիշ են բաժանած. եւ նախատինս կրեմք ամենայն ազգաց. եւ ֆրանկ լուսարարն, որ զգերեզմանի ծառայութիւն առնէր, տեսանէր զնա յայնպիսի տքնութիւնն, յոյժ սիրէր զնա, եւ հարկ էր խօսիլ ինչ ընդ նմա, եւ կամ առնուլ սակաւ կերակուր, եւ նա ոչ կամեցաւ: Ապա յաւուր Շաբաթու Ճրագալուցին, խօսեցաւ ընդ լուսարարն աղաչանօք եւ ետ նմա բ կարմիր: Եւ մտեալ ի գերեզմանն Քրիստոսի, եւ եդ գ. կանթեղս. զմինն յանուն մեր ազգիս, եւ զմինն ի հոռոմին, եւ զմիւսն ի ֆրանկին. զի այս գ. ազգք են գլխաւորք. եւ ասաց արտասուօք տէր իմ եւ Աստուած Յս. Քս. Բ. իրօք տարակուսեալ եմ. ա. այն որ` ոմանք ասեն թէ` լոյս չվառիր յԵրուսաղէմ, ու միւսն այն որ կամիմ գիտել թէ այս գ. ազգացս որն է առաւել հաճոյ քեզ. դաւանութեամբ եւ կրօնիւք. եւ զայս ցոյց ինձ վառմամբ լուսոյ` ի կանթեղս ազգի յոր հաճեալ ես, եւ զայս ասացեալ, փակեաց զդուռն ղուպայի Գերեզմանին եւ առեալ զբանալին ինքն: Եւ մեծաւ պաղատանօք կայր ինքն արտաքոյ եւ սպասէր յուսով: Իսկ ի վառել լուսոյն ազդեցաւ նմա, եւ լուաւ հանդարտ հնչումն որոտման: Եւ եկեալ առ նա լուսարարն ասաց բանալ զդուռն, եւ բացեալ տեսին միայն զհայոց կանթեղն վառեալ եւ ուրախացեալ գոհացաւ զԱստուծոյ, որ յայտնեաց զճշմարտութիւնն աւանդութեանս մերոյ զոր ունիմք ի հարանցն սրբոց ուղղափառաց եւ զնոյն պահեմք»: Տուեցին կը վախճանի 1263ին Նոր Բերդի վանքին մէջ: Մանրամասնութիւնները տեսնել նաեւ Արեւելցի Վարդան պատմիչի գիրքին մէջ (էջ 202-204):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՂՐԻՄՑԻ

Մբ. Ղրիմի Ղարասու քաղաքէն. 1681 Ս. Յակոբի վանքին մէջ Խորհրդատետր մը ընդօրինակած է եւ գրած է հետեւեալ յիշատակարանը. «գրեցաւ Խորհրդատետրս ձեռամբ Ղրիմեցի քաղաքէն Ղարասուայ Յովհաննէս աբեղի ի սուրբ քաղաքն յԵրուսաղէմ, առ ոտն Սուրբ Յակոբայ գերահրաշ սուրբ ուխտիս մենաստանիս եւ սուրբ լուսաբուղխ գերեզմանի Քի. թվին ՌՃԼ (=1681) ամին, ամէն»: Սոյնին անմիջապէս կը կցուի հետեւեալը. «… գրեցի եւ կազմեցի ձեռամբ իմով եւ ետու յիշատակ զսուրբ խորհուրդտետրս ծնողացս հոգւոյն մահտեսի տէր Ալեքսանին, Յակոբին, խաչիկին, Վարպետիս մահտեսի տէր Յովհաննէսին, մօրս մահտեսի Անապեքային, Եաղութին, Սուլթանին առ ոտս Սուրբ Աստուածածնայ գերեզմանին, ծնողին տեառն մերոյ Յսի. Քսի…»: (Խապ. Ցուց. ի. տետր ԻԷ. էջ 2033): Դարձեալ 1687ին, Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդորինակէ Ատենի Ժամագիրք մը եւ կը յիշատակէ նոյն վանքին, եւ յիշատակարանին մէջ բացի իր վերոգրեալ ազգականներէն կը յիշէ ձեռագրին թուղթը կոկող Թօխատցի Յովհաննէս վրդ-ը, մհտ. Պետրոս Ամդեցին, որ գիրքին կաշին նուիրած է եւայլն:

Անդ. տետր ԻԸ. էջ 2094-97

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԵՒ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐԸ ՄՇԻԿ

1355ին կը միաբանակցէին Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ, նոյն վանքին հին աւազանին ներսի կողմի ճակատին վրայ ագուցուած է ախչքար մը Յովհաննէս վրդ-ի եւ իր եղբօրը մասին հետեւեալ արձանագրութիւնով. «Կանգնեցաւ խաչս ի բարեխօսութիւն: Մըշկանն: Եւ եղբաւր իւրոյ Յովհաննէս վրդ-ին: Եւ ծնաւղաց իւրոց: Թվին: ՊԴ: » (=1355):

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀ. ԽԱՉԿԵԱՆ, ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Ձռ. Բուշիռ 1829ին. քահանայագործութիւն ըրած է Սինկաբուր. Ջուղա եւ Հնդկաստան, 1868ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ 24 կտոր ընտիր պատկերներու պղինձ կաղապարներ Արշալոյս Արարատեան լրագրի խմբագիր Զմիւռնիացի Ղուկաս Պալթազարեանի ձեռքով Ս. Յակոբի վանքին տպարանէն հրատարակուած Համաբարբառ հին եւ նոր կտակարանաց գիրքի տպագրութեան ծախուց մէկ մասը հայթայթելով նոյն գիրքին բոլոր օրինակները նուիրած է նոյն վանքին, այդ պատճառաւ 1892ին արժանացած է Խրիմեան Հայրիկի Երուսաղէմի իրեն ուղղած չքնաղ գնահատականին` որ հրատարակուած է նոյն գիրքին սկիզբը: Խաչիկեան քհ. Ջուղայի մէջ բացած է դպրոցներ եւ Կալկաթայի մէջ հիմնած է սեպհական տպարան մը, ուր հրատարակած է Չամչեանի Վահան հաւատոյ գիրքը, որուն ընդօրինակութիւնը տուած է 1844ին Ս. Յակոբի միաբաններէն Հնդկաց Նւ. Տէր Գրիգորեան Իսահակ վրդ.: Մշակ թերթը կը գրէ (1894, Թ. 19) թէ Յովհաննէս քհ. անզաւակ մեռնելով` թողած է 30. 000 ոսկւոյ հարստութիւն մը, զոր կտակած է Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Երուսաղէմի վանքերուն եւ այլ հաստատութիւններուն: Այդ կտակի մասին սակայն, Ս. Յակոբի վանքը ուեէ տեղեկութիւն չունի: Խաչիկեան քհ. վախճանած է 1897ին եւ թողած է մի քանի երկասիրութիւններ:  

 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀ. ԿՐԾԱՆԵՑԻ (ՏՓԽԻՍ)

1436ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. ձեռագիր Գանձարանի մը մէջ ունի հետեւեալ յիշատակարանը. ՊՁԵ (=1436) թուականով. «… ապա գնացաք ի տեղիքն երախտեաց Երուսաղէմ եւ համբուրեցինք զսուրբ գերեզմանն հետ գնալն ի Դըմըշխայ զգրոցս թուղթն եւ այլ գրանաց առաք եկաք, բերաք ի Վրաց տուն. թողաք զթուղթս եւ գնացաք ի Գանձակ: » Յիշեալը Չաղաթ բռնաւորէն կը կողոպտուի եւ յետոյ վերադառնելով` թողած թուղթը կ՚առնու եւ կը կատարէ իր ընդօրինակութիւնները այն ընտիր օրինակէն զոր շնորհած էր Տփխիսի Աւագերէց Սարգիս աբեղան: Նոյն յիշատակարանին մէջ կը յիշէ նաեւ իր ազգականները. «ըստացայ զսա յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց եղբաւրն Յովհանեսին եւ իմ քոյուերն Թուղթենոյն. իմ հաւրն Հուռումին եւ իմ մօրն Գուհարին, եւ իմ քուերանց  Նիւսրաթին, Ղուտամին եւ Հերիքին եւ իմ զաւակացն Մելիքսեդին եւ Մխիթարին… այլ եւ զիմ սանամայրն զԱրուս խաթունն եւ զիւր որդիքն Վաշանն. եւ զՍուլթանն եւ զիւր դստերսն… եւ զաննայ խաթունն, եւ զիւր հարս զՀռիփսիմին»:

Թօփ. Ցուց. էջ 27. Թ. 21

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀ. ՂԱԼԷՄՔԵԱՐ, ՀԱԼԷՊՑԻ

1677ին կ՚այրիանայ եւ կը քաշուի Ս. Յակոբի վանքը. իր ընդօրինակած Տաղարանին մէջ ունի երկու յիշատակարաններ որ կը հաստատեն իր միաբանակցութիւնը Ս. Յակոբի մէջ. առաջին անգամ, «թվին ՌՃԻԶ (=1677) եկի ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ ես Ղալէմքեար Տէր Ովաննէս». երկրորդ անգաաաամ, «թվին ՌՃԻԸ (=1679) սկսայ գրել զայս ճօնկս? ես Հալապցի Ղալամքեար Տէր Օհաննէս ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ. ի վանքն Ս. Յակոբայ»: Յովհաննէս քհ-ի այս տաղարանը` որ կը բաղկանայ 71 թերթերէ կը գտնուի Հալէպի եկեղեցիին մատենադարանը. եւ կը պարունակէ հայատառ տաճկերէն սիրերգներ եւ հոգեւոր տաղեր այլ եւ այլ հեղինակներէ` որոնք գրի առնուած են Ղալէմքեար քհ-էն, պատմական հակիրճ ծանօթագրութիւններով: Յովհաննէս քհ. իր այս տաղարանին մէջ կը յիշատակէ ուրիշ Հալէպցի տաղասաց մը, տէր Սարգիս Սիքազուն անունով, որուն մէկ տաղին տուներուն սկզբնագիրերը կը կապեն Սարգիս. (Սիւր. Տար. 1925. էջ 284-290): Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ դարձեալ Յս. որդի գիրքը, (ՄՁ. Թ. 1240) եւ Նարեկ մը:

(ՄՁ. Թ. 398)

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀ. ՀԻՒՆՔԵԱՐՊԷՅԷՆՏԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Ծ. 1818 Նոյ. 25ին, որդի Յովհ. քհ-ի: 1857ին Սահմանադրական Յանձնաժոժովին կ՚անդամակցէր: Քննչական պաշտօնով 1861ին այցելած է Ս. Յակոբի վանքը պատրիարքական ընտրութեան առթիւ, բայց առանց յաջողութեան քանի մը ամիսէն մեկնած է Պոլիս: 1865ին կարգուած է հոգեւոր հովիւ Փարիզի. վարած է նաեւ Նուպար-Շահնազարեան վարժ-ի տեսչութիւնը. վախճանած է 1894ին. անոր երկասիրութիւններէն գլխաւորն է Ստուգաբանական բառարան հայ լեզուի գիրքը, պսակուած Իզմիրեանց կտակի մրցանակով:

տպ. 1894, Պոլիս

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀ. ՍԻՄԷՈՆԵԱՆ, ՎԱՆԵՑԻ

Ծ. 1885 Յուլիս 11ին. Ձռ. 1909 Դեկտ. Լիմ Անապատի մէջ. 1915ին ժողովուրդին հետ կը փոխադրուի Սալմաստի Սանամէրիկ գիւղը` ուր կը պաշտօնավարէ. 1918ին Սալմաստէն Վան կը վերադառնայ ժողովուրդին հետ, որ կը պաշտպանուէր տեղացի եւ Կովկասահայ երիտասարդներէն` ռուս զօրքերուն նահանջին պատճառով: Կարնոյ անկումին հետեւանքով Վան կը զրկուի իր ինքնապաշտպանութենէն եւ ժողովուրդն ալ կ՚ստիպուի գաղթել, նոյն տարին Յովհաննէս քհ. դարձեալ ժողովուրդին հետ անգղ. բանակի հսկողութեամբ կը հասնի Ուրմի, Համատան եւ ապա Պաքուպա` ուր արդէն խռնուած էին 27. 000 հայ եւ 40. 000 ասորի գաղթականներ:

Յիշեալը Պաքուպայի մէջ որբահաւաք գործին կ՚աշխատակցի, եւ մերձաւորապէս 1000 որբերու հետ իբր հսկող 1922ին կը փոխադրուի Երուսաղէմ. յետոյ նոյն որբերէն բաղկացեալ 40 հոգինոց նուագախումբին հետ իբր հոգեւոր հսկող 1924ին կը ղրկուի Եթովպիա ուր մէկ տարի մնալով 1925 Նոյ-ին դարձեալ կը վերադառնայ Երուսաղէմ: 1926ին որբանոցը կը փոխադրուի Պէրութ եւ Յովհ. շհ. Տն. Ժողովի որոշմամբ կը կարգուի Ժամարար Յոպպէի եկեղեցիին, ուր մինչեւ հիմայ կը պաշտօնավարէ

 

ՅՈՎՀԱՆ ՔՀ. (Տէլիքէշիշ) ՂԱՎՈՒՂԸ ՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ, ԶԷՅԹԻՆՑԻ

Ծ. 1763 Մայիս 13ին, աւազանի անունը Պրոխորոն, հայրը Յոհան քհ. մեծ հայրը Յովհաննէս քհ. Յովհան քհ. տիրացու Սիմոն անուն ջուլհակի մը քով կ՚ուսանի կարդալ եւ գրել. քահանայ կը ձեռնադրուի Սսոյ Աջապահեան Թէոդորոս կթղ-էն. ուխտաւորութեամբ ինն անգամ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, առաջին անգամ 1838ին, վերջինը` 1852ին: Առաջին այցելութեան` Երուսաղէմի ճամբուն վրայ Դամասկոսի մօտ աւազակախմբի մը հետ կռուելով այղթող կը հանդիսանայ. եւ Լուսաւորեայի օրն ալ Ս. Գերեզմանին շուրջը ծագած շփոթներուն մէջ խոհեմութեան շարժելուն համար Զաքարիա պտրք-էն կ՚ստանայ ծաղկեայ թանկագին փիլոն մը:

Յովհան քհ-ի կենսագրութեան կարեւոր գիծերը հետեւեալներն են. 1802-1814 Ատանայ կողմերը զինուորագրութեամբ ծառայութիւն կը մատուցանէ օսմ. կառավարութեան եւ յետոյ կը շարունակէ իր քահանայական պաշտօնը, 1833ին Պոլսի մէջ կը ներկայանայ Սուլթան Մահմուտի. 1835ին վերաշինել կուտայ Զէյթունի Ս. Սարգիս եկեղեցին. 1836ին Մարաշի մէջ կը ներկայանայ Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշային եւ Զէյթունի մէջ կը վարէ Միւսելլիմութեան պաշտօն. 1842ին կը մասնակցի Եուսուֆ փաշայի պատերազմին, 1852ին կը բանտարկուի Շգօտրացի Մուստաֆա փաշայի ձեռքով:

Յովհ. քհ. կը վախճանի 1858ին Աւագ Չորեքշաբթի օրը եւ կը թաղուի իւրակերտ Ս. Սարգիս եկեղեցիին բակը: Տեսնել իր ընդարձակ կենսագրութիւնը:

Զէյթունցի, էջ 175-197

ՅՈՎՍԷՓ ԱՆԱՊԱՏԱԿԱՆ, ԳԵՂԱՄԱՑԻ

Մբ. Բրղի այր կոչուած վանքին. Է. դարուն, Քրիստոստուր, Գրիգոր եւ Սարգիս անուամբ երերք հայերու հետ Արձախէն ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Երուսաղէմ, Անդրէաս երէցի մը ծախքով եւ հաւանութեամբ իր ազգական Յովհաննէս եւ Մխիթար կրօնաւորներու. Յովհ. Մկրտչի մասունքը ձեռք բերելու համար. Յովսէփ իր ուխտաւորութեան մասին հետեւեալ կերպով կը խօսի. «Չոքայ հասի ի Ս. քաղաքն Երուսաղէմ. եւ զերկրպագութիւն անդ կատարեալ` մեծաւ տրտմութեամբ դարձայ, վասն զի ամենեքեան էին հաւանեալ ժողովոյն Քաղկեդոնի, որոց ողջոյն ոչ տւեալ` եկի ի գաւառն իմ Գեղարքունի` ի Պուհայ վանս. յորում տեղեակ ի մանկութենէ էի լինել անդ մասին նշխարաց Յովհաննու. եւ յոյժ տենչանօք հայցեցի ի Գրիգորիկայ սպասաւորի սրբոյն. եւ ողորմութեամբ Աստուծոյ հաւանեալ նորա եբաց զտապանակն եւ գտաք անդ զսուրբ Մկրտիչն եւ զԹովմաս Առաքեալ եւ զնախավկայն Ստեփաննոս. զորս յառաջնոց հարանց բերեալ էր յուղղափառացն սրբոյն Երուսաղէմի. » (Կղնկայտ. Բ. գիրք, էջ 419-420): E. W. Books անգղիացին հրատարակած An Armenian visiteur to Jerusalem է խորագրով գրուած մը Յովսէփ Անապատականի մասին անգղ. թերթի մը մէջ, ուր ան կը հաստաէ զրոյցին յօրինման թուականը եւ կուտայ անոր վերլուծումը:

Հա, 1896, էջ 185

ՅՈՎՍԷՓ (Մհտ. Եուսուֆ) ՍԱՀԱԹՃԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ, ՈՐԴԻ ՉՈՒԽԱՃԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ

1850ին ուխտաւորութեամբ Ս. Յակոբի վանքին այցելութեան առթիւ Երուսաղէմի մէջ կը վախճանի եւ կը թաղուի Ս. Փրկչի վանքը, Երախտաւորներու շարքին մէջ. իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է տապան հանգստեան Ստամպոլցի Չուխաճի մահտեսի Յովհաննէսի որդի հռչակաւոր Սահաթճի մահտեսի Յովսէփ աղայ բարեպաշտ իշխանին եւ մեծի բարեկամի սրբոյ Աթոռոյս, սբ փոխեցաւ ի Քրիստոս թուին ՌՃՂԹ (=1750) նոյեմբերի իթ. յօրն Հինգշաբթի եւ մեծ սուգ եթող ընտանեանց եւ ամենայն զբարին կամեցողաց սրբոյն Յակոբայ որ ընթերցողքդ տուք զողորմին»: Մհտ. Եուսուֆի անուամբ Ս. Յակոբի վանքին յիշատակուած է ոսկի սկիհ մը հետեւեալ յիշատակարանով` ուր յիշուած են անոր մօտաւոր ազգականները. «Յիշատակ է ոսկի սկիհս Ստամպոլցի մհտ. Եուսուֆին եւ իւր ծնողացն Չուխաճի Օհանին եւ իւր կողակցոյն Սիմային եւ կողակցւոյն մհտ. Կիւհէրին եւ նորին ծնողացն Փանոսին եւ մհտ. Կիւլինէին եւ իւր որդւոցն եւ դստերացն եւ բոլոր կենդանեացն ննջեցելոցն ի դուռն Ս. Յակոբայ թուին Հայոց ՌՃՂԹին (=1750). յիշեցէք եւ Աստուած ողորմի ասացէք, ամէն»:

Ցուց. Պ. նաեւ Նաշեան. ՄՁ. Թ. 1002

ՅՈՎՍԷՓ (ՈՒՍՈՒՖ) ԿԵՍԱՐԱՑԻ

1605ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, ձեռագիր Աւետարան մը գրաւէ կ՚ազատէ եւ կը նուիրէ Ս. Յակոբի հետեւեալ յիշատակարանի համաձայն. «Աստուած աւրմէ զՂասարցի մահտեսի Ուսուֆն, որ եկաւ Երուսաղէմ եւ բազում բարութիւնս արաւ Ս. Յակոբայ, մանաւանդ որ երետ լ. կարմիր ոսկի եւ ազատեց զայս սուրբ աւետարանս ի ձեռաց այլազգեաց եւ եդ յիշատակ ի դուռն Սուրբ Յակոբայ վասն իւր հոգւոյն եւ իւր ծնողաց… ի թվին ՌԾԴ» (=1605):

ՄՁ. Թ. 1957

ՅՈՎՍԷՓ ՍՐԿ. ԱՇՃԵԱՆ, ԱՅՆԹԱՊՑԻ

Մբ. աշկ. Լսպ. Մեղրիկ Մկրտիչ եպս-ի: Յովսէփ սրկ-ի արդիւնքով Յովհաննէս պտրք. կը գնէ Պերութի Ս. Նշան վանքին տունը յարակից գետինով 125. 000 ղրշ-ի ինչպէս կը վկայէ հետեւեալ յիշատակարանը` որ զետեղուած է նոյն վանուց ճակատը:

«Օծմամբ սրբեցելով հաստատեցաւ եկեղեցիս յանուն Ս. Նշանի Փրկչին, ի յիշատակ նախահաւատ ժողովրդեան Հայոց, բարեջան տենջանօք սրբոյ Երուսաղէմի Տ. Տ. Յովհաննու սրբազան պատրիարքի Զմիւռնիացւոյ, ի մատուցումն պաշտաման սրբազան խորհրդոյ ի փառս ամենասուրբ Երրորդութեան, գնեալ արդեամբ Յովսէփ սարկաւագի Այնթապցւոյ միաբանի սրբոյ աթոռոյն Երուսաղէմի: Յամի 1851 ի Փետր. 28»:

1842ին Յովսէփ սրկ-ի ծախքով կը տպագրուի Ս. Յակոբի վանքի տպարանին մէջ Ն. Լամբրոնացիին Խորհդածութիւն Սրբազան Պատարագի գիրքը. ի յիշատակ պանծալի անուան վարդապետին իւրոյ. ի Քս. հանգուցեալ լուսարար Մկրտիչ Արքեպս-ին: Յովսէփ սարկաւագ վախճանած է Այնթապի մէջ 1866 սեպտ. 22ին, իր թողած հարստութեան արդիւնքով շինուած են Առաջնորդարանի շէնքը եւ Միլլէթ խան ըսուած կալուածը Այնթապի մէջ:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎԿԱՅ ԴՈՒԻՆՑԻ

Հին անունը Ապու պէքիր. ծագումով պարսիկ. քրիստոնէութիւնը ընդունելով կը մկրտուի. Հաղբատ եւ Սանահին վանքերու այցելութենէն վերջ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Երուսաղէմ եւ յետոյ կը դառնայ հայրենիք եւ 1170ին ալ կը նահատակուի Դուինի Սատըրճիհան ամիրայապետէն եւ մարմինը կ՚ամփոփուի Այրի վանքին մօտ (Գառնի) Սարգիս ճգնաւորին ձեռքով: Սոյն վկային ներբողեանը շարադրած է Դաւիթ քհ. ի խնդրոյ Մխիթար անուն մէկու մը: Յովսէփ կը կոչուի նաեւ նոր վկայ:

Շնորհ. էջ 389-396

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԲԵՐԱՑԻ

Մբ. 1782ին Յովակիմ պտրք. Քանաքեռցիին կը նուիրէ վարդապետական գեղեցիկ գաւազան մը հետեւեալ յիշատակարանով. «Ի վայելումն Յովակիմայ երջանիկ պտրք-ի Երուսաղէմի յիշատակ է գաւազանս Բերացի Յովսէփ վարդապետի եւ իւր ծնողացն ի դուռն Սրբոյն Յակոբայ. ընկալցի տէրն ի հաճոյս բարերար կամաց յանաչառ ողորմութեան իւրոյ ամէն.

Թվին հազար երկու հարիւր երեսուն եւ մէկ» (=1782):

 

ՅՈՎՍԷՓ (Հ) ՎՐԴ. ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ

Մբ. Վիեննայի Մխիթարեան վանքին. Ծ. 1820ին. Ձռ. 1841ին. (@1882): 1866ին ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան համար կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը (Սիօն. 1866. էջ 94): Հրատարակած է պատմ. եւ բանասիրական գործեր:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ.

Մբ. կնիքը 1751. Լսպ. (1751-1774?). կը յաջորդէ Լսպ. Աստուածատուր վրդ-ի Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ թողած է ոսկեզօծ սկիհ մը, եւ քառաթեւ խաչ մը եւյլն:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԹԻՖԼԻՍՑԻ

Մբ. 1860ին:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ, (ԵՐԱԺԻՇՏ)

Մբ. Ս. Էջմիածնի. Ծ. 1889ին. աւազանի անունը Գառնիկ. աշկ. Գուրուչէշմէի Թարգմանչաց վարժ-ին. հետեւած է նաեւ Պոլսի Կալաթա Սարայի Լիսէին, եւ ստացած է դեղագործի վկայական 1911ին. 1919ին Երեւան կը մեկնի եւ Էջմիածնի Ճեմարանին մէջ բացուած Ամերիկեան Հիւանդանոցին մէջ կը կարգուի գլխաւոր դեղագործ:

1920ին աբեղայ կը ձեռնադրուի Ս. Էջմիածնի մէջ եւ կը կարգուի երաժիշտ Մայր տաճարի եւ դեղագործ Մայր Աթոռոյ. 1921ին օգն. լսպ-ի: Հայրապետական կոնդակով հոգեւոր հովիւ կ՚ընտրուի Եթովպիոյ հայոց, եւ 1925 Փետր. 6ին կը ձեռնարկէ պաշտօնին եւ երեք տարի պաշտօնավարելէ յետոյ 1928ին կը հրաժարի եւ կը մեկնի:

1928 Փետր-ին Յովսէփ վրդ. Ատիս-Ապապայէն կուգայ Երուսաղէմ եւ կ՚այցելէ Ս. Տեղերը, կը հիւրընկալուի Ս. Յակոբի վանքը եւ Տն. Ժողովի հաւանութեամբ կը ծառայէ Ս. Տեղերուն:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Մբ. Նւ. Թօխատի. 1696ին կը յիշատակուի Մինաս Ամդեցիին Օրագրութեան մէջ:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԿԵՍԱՐԱՑԻ

Մբ. Նւ. Կեսարիոյ եւ Գաղատիոյ. յետոյ Առ. Թօխատի 1751ին. (Նալեան. էջ 250): Կը վախճանի 1770ին եւ կը թաղուի Պէօղլուի ազգ. գերեզմանատան մէջ, Հոգեւոր տիրոջ շիրմին մօտ. իր տապանագիրն է հետեւեալը:

«Այս է տապան հանգստեան

Ի քաղաքն Կեսարացի ի գիւղէն

Նիչիացի` հանգուցեալ, զիւմ

պիւլ խալիֆայի որդի Յոհաննէս

եւ Օհաննէսի որդի Յովսէփ աստուածա

բան արհիեպիսկոպոսին, Երուսաղէմայ

Մշակ` հարազատ եւ երախտաւոր

նըվիրակ` եւ առաջնորդ ի քաղաքն

Թօխաթու, թըվին ՌՄԺԹին» (1219+551=1770):

Հա. 1929, էջ 412

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ.

Մբ. կը վախճանի 1636ին, համաձայն տապանագիրին որ է հետեւեալը. «Այս է տապան Յովսէփ վարդապետին, հանգեաւ թվին ՌՁԵ (=1636) ամին»:

 

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ.

Մբ. աշկ. Եղիազար կթղ-ի Երուսաղէմի մէջ, ՓԿԵ. (1659-1660). Ընդհ. Նւ. Եղիազար կթղ-էն կարգուած մասնաւոր կոնդակով մը, (Նամականի. անտիպ): Առ. Զմիւռնիոյ 1661ին. կը վերաշինէ 1681ին Զմիւռնիոյ եկեղեցին որ երկրաշարժէն խարխլած էր. 1686ին կը մեկնի Վենետիկ (Հայ-Վենետ. էջ 343), ուր կը գործակցի Նահապետ Կիւլնազարի Մեկն. Սաղմոսացի տպագրութեան:

Դափնի ամսաթերթ, 1922. Թ. 1. եւ 9

ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ, ԱՆՏԻՈՔՑԻ

Մբ. Ծ. 1860ին. Ձռ. 1886ին. հիւրընկալ եւ գաւազանակիր (1889-90). ՏՅ. (1891-92). ՏԲ. 1900ին. բ. անգամ 1907ին. ՏՅՊ. 1908ին. կը վերադառնայ հայրենիք` ուր կը նահատակուի 1915ին: Ի նպաստ Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու մթերանոց մը Երուսաղէմի մէջ:

 

ՅՈՒՍԻԿ ՎՐԴ. ԷՍՄԷՐԵԱՆ, ԳԸՆՃԸԼԱՐՑԻ (ԿԷՅՎԷ)

Մբ. Արմաշու վանքին. Ձռ. 1872ին Արմաշի մէջ, 1888ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Արմաշի եւ Նիկոմիդիոյ գիւղերուն մէջ վարած է քարոզչական եւ ուսուցչական պաշտօններ, վախճանած է Ատափազարի մէջ:

 

ՅՈՒՍԻԿ ՎՐԴ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ, ՎԱՆԵՑԻ

Մբ. Ձռ. 1881ին Աշթամարի մէջ. Աւետիս վրդ. Յովհաննէսեանի հետ ուխտաւորութեամբ Երուսաղէմ գալով` 1889ին կը միաբանակցի Ս. Յակոբի, ժամարար Դամասկոսի վանքին մէջ (1894-1896), կը վախճանի 1904ին: