Խ
  
  
  
  
  
 
   
    ԽԱԴ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ, 
   
    ՍՍԵՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Սսոյ 
   
    վանքին. 
   
    Ծ. 
   
    1883ին. 
   
    Ձռ. 
   
    1909ին. 
   
    1915ին 
   
    Սսոյ 
   
    Սահակ 
   
    կթղ-ին 
   
    հետ 
   
    կ՚ապաստանի 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը. 
   
    ՏՊ. 
   
    (1916-1922). 
   
    Առ. 
   
    Հալէպի 
   
    1923ին. 
   
    այժմ 
   
    կը 
   
    գտնուի 
   
    Սահակ 
   
    կթղ-ի 
   
    մօտ:
  
  
  
 
   
    ԽԱԹՈՒՆ 
   
    ՄՊ. 
   
    ԲԵՐԻԱՑԻ.
  
 
   
    Ի 
   
    նպաստ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին, 
   
    յիշատակ 
   
    կը 
   
    թողու 
   
    Երուսաղէմի 
   
    մէջ 
   
    քառորդ 
   
    մթերանոց 
   
    մը:
  
  
  
 
   
    ԽԱԹՈՒՆ 
   
    ՄՊ. 
   
    ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆՑԻ.
  
 
   
    Կը 
   
    վախճանի 
   
    1880ին. 
   
    ի 
   
    նպաստ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    յիշատակ 
   
    կը 
   
    թողու 
   
    խանութ 
   
    մը 
   
    Յոպպէի 
   
    մէջ 
   
    եւ 
   
    երկաթուղիի 
   
    քանի 
   
    մը 
   
    արժէթուղթեր:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԱԲ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    1693ին 
   
    կը 
   
    միաբանակցէր. 
   
    1694ին 
   
    Կ. 
   
    Պոլիս 
   
    գտնուիլը 
   
    կը 
   
    յիշատակուի 
   
    Ամդեցիին 
   
    Օրագրութեան 
   
    մէջ:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԵՊՍ. 
   
    ՀԱԼԷՊՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Հայրը 
   
    Աստուածատուր 
   
    եւ 
   
    մայրը 
   
    Շնոֆոր. 
   
    1529ին 
   
    Ս. 
   
    Յարութեան 
   
    տաճարին 
   
    կը 
   
    նուիրէ 
   
    ՊԴ 
   
    (=1355)ին 
   
    Հալէպի 
   
    մէջ 
   
    ընդօրինակուած 
   
    աւետարան 
   
    մը, 
   
    որուն 
   
    ստացողն 
   
    էր 
   
    Ամիր 
   
    եւ 
   
    որ 
   
    կը 
   
    գրէ 
   
    հետեւեալ 
   
    յիշատակարանը. 
   
    «Զվերջին 
   
    ստացող 
   
    սբ. 
   
    աւետարանիս 
   
    զՀալպցի 
   
    տէր 
   
    Խաչատուր 
   
    եպկս. 
   
    որ 
   
    եդի 
   
    սբ. 
   
    աւետարանս 
   
    ի 
   
    Յարութիւն 
   
    առ 
   
    դրան 
   
    սբ. 
   
    Գերեզմանին 
   
    Քր-ի 
   
    սբ. 
   
    Գողգոթա, 
   
    յիշատակ 
   
    ինձ 
   
    եւ 
   
    ծնողաց 
   
    իմոց 
   
    Մղտեսի 
   
    Մուշտկար 
   
    Աստուածատուրին 
   
    եւ 
   
    մաւրն 
   
    իմոյ 
   
    Շնոֆորին… 
   
    թվ. 
   
    ՋՀԸ.
   
    » 
   
    (=1529) 
   
    (ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    59 
   
    եւ 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    տետր, 
   
    Ե. 
   
    էջ 
   
    375): 
   
    Անդրէաս 
   
    պատրիարք 
   
    Պոլիս 
   
    ուղեւորած 
   
    ըլլալով` 
   
    Խաչատուր 
   
    եպս. 
   
    որ 
   
    արդէն 
   
    1524էն 
   
    սկսեալ 
   
    փոխանոր 
   
    էր, 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքի 
   
    գործերը 
   
    կը 
   
    վարէ: 
   
    Դատարանի 
   
    արտօնութեամբ 
   
    կը 
   
    ջանայ 
   
    նորոգել 
   
    Համբարձման 
   
    եկեղեցիին 
   
    գմբէթը. 
   
    բայց 
   
    տեղացիներէն 
   
    կ՚արգիլուի. 
   
    1556ին 
   
    կրկին 
   
    հրամանագիր 
   
    ստանալով` 
   
    կը 
   
    լրացնէ 
   
    նոյն 
   
    եկեղեցիին 
   
    նորոգութիւնները: 
   
    1584ին 
   
    Փիլիպպոս 
   
    եպիսկոպոսին 
   
    հետ 
   
    կ՚ուղեւորի 
   
    Պոլիս 
   
    Ս. 
   
    Աստուածածնի 
   
    գերեզմանին 
   
    վրայ 
   
    պատարագելու 
   
    իրաւունք 
   
    ստանալու 
   
    համար 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    յաջողի. 
   
    մանրամասնութիւններն 
   
    տեսնել:
  
 
   
    Ժպե. 
   
    Ա. 
   
    հտ. 
   
    էջ 
   
    270-276
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԵՊՍ. 
   
    ՉՆՔՈՒՇՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Գրիգոր 
   
    պտրք. 
   
    Պարոնտէրէն 
   
    1618ին 
   
    կոնդակով 
   
    մը 
   
    Նւ. 
   
    կը 
   
    կարգուի 
   
    Բեթղեհէմի 
   
    Ս. 
   
    Ծննդեան 
   
    վանքին 
   
    նորոգութեան 
   
    ծախքերը 
   
    հոգալու 
   
    համար. 
   
    1620ին 
   
    յիշեալ 
   
    պտրք-ին 
   
    եւ 
   
    ուրիշներու 
   
    հետ 
   
    Ս. 
   
    Տեղերու 
   
    նկատմամբ 
   
    Լատինաց 
   
    եւ 
   
    Հայոց 
   
    մէջ 
   
    կատարուած 
   
    կարգադրութեան 
   
    թուղթը 
   
    կ՚ստորագրէ 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    կնքէ, 
   
    որուն 
   
    լուսանկարեալ 
   
    օրինակը 
   
    պատրիարքարանի 
   
    դիւանին 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    գտնուի. 
   
    այս 
   
    մասին 
   
    տեսնել 
   
    նաեւ 
   
    (Սաւալան. 
   
    էջ 
   
    679): 
   
    1651ին 
   
    յանուն 
   
    Միաբանութեան 
   
    ներկայ 
   
    կը 
   
    գտնուի 
   
    Փիլիպպոս 
   
    կթղ-ի 
   
    Երուսաղէմի 
   
    մէջ 
   
    գումարած 
   
    ժողովին:
  
 
   
    Ազգպտմ. 
   
    էջ 
   
    2457
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԵՐԷՑ.
  
 
   
    Ս. 
   
    Յակոբ 
   
    վանքին 
   
    Ս. 
   
    Կարապետի 
   
    պահարանին 
   
    պատի 
   
    վրայի 
   
    արձանագրութեան 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    յիշուի. 
   
    կը 
   
    թուի 
   
    թէ 
   
    1459ին 
   
    Դաւիթ 
   
    սրկ-ի 
   
    եւ 
   
    այլոց 
   
    հետ 
   
    ուխտաւորութեամբ 
   
    այցելած 
   
    է 
   
    Ս. 
   
    Յակոբ:
  
 
   
    տե'ս 
   
    նոյն 
   
    արձանագրութիւնը. 
   
    էջ 
   
    113
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԵՐԷՑ.
  
 
   
    ՌՁԶ 
   
    (=1637)ին 
   
    Պարոնտէր 
   
    պտրք-ի 
   
    օրով 
   
    Ս. 
   
    Յակոբ 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    կ՚ընդօրինակէ 
   
    Եփրեմի 
   
    ինչպէս 
   
    նաեւ 
   
    Մովսէս 
   
    քերթողի, 
   
    Կիւրղի 
   
    Աղեքսանդրացւոյ 
   
    եւ 
   
    Յովհաննու, 
   
    Վարդանայ 
   
    Մարաթացւոյ 
   
    աղօթքները:
  
 
   
    ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    1720
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԷՎԷՐԷԿՑԻ.
  
 
   
    Քրձ. 
   
    կըվախճանի 
   
    1893ին, 
   
    ի 
   
    նպաստ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    յիշատակ 
   
    կը 
   
    թողու 
   
    մէկ 
   
    մթերանոց 
   
    Երուսաղէմի 
   
    մէջ:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԼԱԶԱՐԵԱՆ, 
   
    ՌՈՒՍԱՀԱՅ.
  
 
   
    Որդի 
   
    Յովակիմ 
   
    Լազարեանի, 
   
    որ 
   
    եղբօրը` 
   
    Յովհաննէսի 
   
    հետ 
   
    1815ին 
   
    կը 
   
    հիմնեն 
   
    Մոսկուայի 
   
    Լազարեան 
   
    Ճեմարանը: 
   
    Խաչատուր 
   
    Լազարեան` 
   
    ռուսական 
   
    արքունիքին 
   
    մէջ 
   
    իր 
   
    ունեցած 
   
    ազդեցութեան 
   
    շնորհիւ` 
   
    մեծ 
   
    ջանքեր 
   
    կը 
   
    թափէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    աւադական 
   
    իրաւանց 
   
    պաշտպանութեան 
   
    համար. 
   
    այդ 
   
    պատճառաւ 
   
    1844ին 
   
    Զաքարիա 
   
    պտրք-էն 
   
    կ՚ստանայ 
   
    Օրհնութեան 
   
    կոնդակով 
   
    կենաց 
   
    փայտի 
   
    մասունքը 
   
    պարունակող 
   
    ոսկեկազմ 
   
    ականակուռ 
   
    խաչ 
   
    մը: 
   
    Տեսնել 
   
    մանրամասնութիւնները 
   
    իր 
   
    շնորհակալութեան 
   
    նամակին 
   
    մէջ 
   
    1844 
   
    Մայիս 
   
    9 
   
    թուականով:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԿԹՂ. 
   
    ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ.
  
 
   
    (Մինտէրճի). 
   
    Աշկ. 
   
    Ուռհայեցի 
   
    Յովհաննէս 
   
    եպս-ի, 
   
    Առ. 
   
    Գաղատիոյ 
   
    (1636-1642). 
   
    ՊԿ. 
   
    (1642-43). 
   
    1651ին 
   
    Սսոյ 
   
    Ներսէս 
   
    կթղ-ի 
   
    հետ 
   
    ներկայ 
   
    կ՚ըլլայ 
   
    Երուսաղէմի 
   
    մէջ 
   
    Փիլիպպոս 
   
    կթղ-ի 
   
    գումարած 
   
    ժողովին 
   
    (Ազգպտմ. 
   
    էջ 
   
    2457): 
   
    Առ. 
   
    Հալէպի 
   
    (1651-1657). 
   
    կթղ. 
   
    Սսոյ 
   
    (1658-1663). 
   
    կրկին 
   
    անգամ 
   
    կ՚այցելէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը 
   
    եւ 
   
    Ս. 
   
    Գլխադրի 
   
    մատուռին 
   
    մէջ 
   
    գաղտնի 
   
    կը 
   
    տեսակցի 
   
    Եղիազար 
   
    եպս-ի 
   
    հետ. 
   
    վերջնոյս 
   
    ապագայ 
   
    կաթողիկոսութեան 
   
    պարագաներուն 
   
    վրայ. 
   
    1663ին 
   
    ալ 
   
    Ս. 
   
    Երուսաղէմի 
   
    համար 
   
    կթղ. 
   
    կը 
   
    ձեռնադրէ 
   
    Եղիազար 
   
    եպս-ը 
   
    Հալէպի 
   
    Ս. 
   
    Քառասուն 
   
    Մանկունք 
   
    եկեղեցիին 
   
    մէջ. 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    1679ին:
  
 
   
    Չամչ. 
   
    Գիրք 
   
    Գ. 
   
    էջ 
   
    697-70
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ԿԵՍԱՐԵԱՆ, 
   
    ՆԻՉԷ 
   
    ԳԻՒՂԱՑԻ
  
 
   
    բ. 
   
    թարգման 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին. 
   
    վախճանած 
   
    է 
   
    1806ին 
   
    եւ 
   
    թաղուած 
   
    Ս. 
   
    Փրկչի 
   
    վանքը, 
   
    իր 
   
    տապանագիրն 
   
    է 
   
    հետեւեալը.
  
 
   
    «Տապան 
   
    այս 
   
    է 
   
    հանգստեան
  
 
   
    Սրբոյ 
   
    գահիս 
   
    հին 
   
    միաբան
  
 
   
    Յոգնաշխատ 
   
    էր 
   
    եւ 
   
    ժրաջան
  
 
   
    Պաշտօնատար 
   
    երկրորդ 
   
    թարգման
  
 
   
    Մահտեսի 
   
    Խաչատուր 
   
    Կեսարեան
  
 
   
    Որ 
   
    ի 
   
    գեղջէ 
   
    Նիչէ 
   
    անուան
  
 
   
    Փոխեցաւ 
   
    ի 
   
    կեանս 
   
    անվախճան.
  
 
   
    Ի 
   
    թվին 
   
    Ռ. 
   
    Մ. 
   
    Ծ. 
   
    Ե. 
   
    ին. 
   
    (=1806)
  
 
   
    Յամսեանն 
   
    յուվարի 
   
    Ի. 
   
    Ա. 
   
    ին
  
 
   
    Որք 
   
    հանդիպիք 
   
    այս 
   
    տապանիս
  
 
   
    Բոլոր 
   
    սրտիւ 
   
    տուք 
   
    զողորմիս:
   
    »
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՄԱՏՐԱՍԱՑԻ. 
   
    (ՇԱՄԱԽ), 
   
    այլ 
   
    անուամբ 
   
    ավճնէվասը.
  
 
   
    Ծ. 
   
    1810ին, 
   
    ուխտաւորութեամբ 
   
    քանիցս 
   
    այցելած 
   
    է 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը, 
   
    եւ 
   
    կ՚ըսուի 
   
    թէ` 
   
    Ս. 
   
    Տեղերու 
   
    վրայ 
   
    գրած 
   
    է 
   
    գովասանականներ, 
   
    որ 
   
    անծանօթ 
   
    կը 
   
    մնան 
   
    մեզի. 
   
    վախճանած 
   
    է 
   
    1880ին:
  
 
   
    Հ. 
   
    Աշուղներ, 
   
    էջ 
   
    26
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ, 
   
    ՍԻԼԻՍՏՐԵՑԻ.
  
 
   
    Ծնողքը` 
   
    Ստեփաննոս 
   
    եւ 
   
    Սուլթան. 
   
    1699ին 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    կ՚ընդօրինակէ 
   
    Կոմիտաս 
   
    քհ. 
   
    Քէօմիւրճեանի 
   
    Հաւաքումն 
   
    կարգադրութեանց 
   
    ըստ 
   
    աւուրց 
   
    ամսոց 
   
    ձեռագիրը 
   
    Գրիգոր 
   
    վրդ. 
   
    Համթեցիին 
   
    համար:
  
 
   
    ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    1234
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ԱՏԻՇՑԻ 
   
    (Արղնի 
   
    Մատէնի 
   
    թեմ).
  
 
   
    Մբ. 
   
    Աստուածատուր 
   
    պտրք-ին 
   
    հետ 
   
    Պոլիս 
   
    երթալուն 
   
    առթիւ 
   
    ՌՂԸ 
   
    (=1649)ին 
   
    ընդօրինակել 
   
    եւ 
   
    ծաղկել 
   
    կուտայ 
   
    Աստուածաշունչ 
   
    մը 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    յիշատակէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    (ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    140): 
   
    Նոյնին 
   
    յիշատակարաններէն 
   
    կը 
   
    քաղենք 
   
    հետեւեալը 
   
    իր 
   
    մասին. 
   
    «… 
   
    յետնեալս 
   
    ի 
   
    բանասիրաց 
   
    Ատիշեցի 
   
    Խաչատուր 
   
    վրդպս 
   
    պատահեցայ 
   
    յայսմ 
   
    վայրի, 
   
    մեծահանդէս 
   
    քաղաքս 
   
    Բիւզանդիայ 
   
    հանդերձ 
   
    քաջ 
   
    հռետոր 
   
    եւ 
   
    անյաղթ 
   
    պուետիկոս 
   
    տ. 
   
    Աստուածատուր 
   
    աստուածաբան 
   
    վրդ. 
   
    սբ. 
   
    Երուսաղիմայ 
   
    երջանիկ 
   
    հայրապետաւն 
   
    տեսեալ 
   
    Ածաշունչ 
   
    տուփս 
   
    այս 
   
    գեղեցկագեղ 
   
    ծրեալ 
   
    միայն 
   
    սեաւ 
   
    տառսն… 
   
    եւ 
   
    ահա 
   
    յանգ 
   
    ելեալ 
   
    լրացաւ 
   
    ի 
   
    մեծ 
   
    մայրաքաղաքս 
   
    Կ. 
   
    Պօլսի, 
   
    ընդ 
   
    հովանեաւ 
   
    սրբոյ 
   
    Սարգսի 
   
    զօրավարի 
   
    եւ 
   
    որդւոյ 
   
    նորա 
   
    Մարտիրոսին, 
   
    ի 
   
    թիւ 
   
    սեռիս 
   
    հայկազանի 
   
    քսաներկու 
   
    յոբելեանի, 
   
    ոչ 
   
    գոլ 
   
    լման 
   
    կատարեալ 
   
    լի 
   
    եւ 
   
    երկրորդիւ 
   
    հարկ 
   
    գոլ 
   
    ի 
   
    սմին…: 
   
    Արդ 
   
    երեսանկեալ 
   
    աղաչեմ 
   
    հանդիպողացդ 
   
    այսմ 
   
    հոգենուագ 
   
    բուրաստանին 
   
    յիշել 
   
    ի 
   
    ժամ 
   
    աղօթիցն 
   
    զիս 
   
    անարժան 
   
    զԽաչատուր 
   
    վրդպս 
   
    եւ 
   
    զծնողսն 
   
    իմ, 
   
    տէր 
   
    Բարսեղն 
   
    եւ 
   
    Ղիւմաթն 
   
    եւ 
   
    զնախնիքն 
   
    տէր 
   
    Յակոբ, 
   
    Խաչատուրն, 
   
    Գրիգորն 
   
    եւ 
   
    Մաւարդն 
   
    եւ 
   
    զհարազատ 
   
    եղբարքն 
   
    իմ 
   
    հահտեսի 
   
    Յովհաննէսն, 
   
    Աւետիքն, 
   
    Յովհաննէսն… 
   
    յիշեսջիք 
   
    ի 
   
    Քս. 
   
    միով 
   
    ողորմեայիւ 
   
    ինձ 
   
    տառապեալ 
   
    Խաչատուր 
   
    վրդպիս 
   
    որ 
   
    բազում 
   
    ծախիւք 
   
    եւ 
   
    արդեամք 
   
    ետու 
   
    գրել 
   
    եւ 
   
    ծաղկելով 
   
    զարդարել 
   
    զԱծաշունչս 
   
    ոսկով 
   
    եւ 
   
    լաճվարդով. 
   
    եւ 
   
    երանգ 
   
    երանգ 
   
    գունով 
   
    եւ 
   
    ետու 
   
    յիշատակ 
   
    ի 
   
    սբ 
   
    երսղմ 
   
    ի 
   
    դուռն 
   
    սբ 
   
    Յակոբայ, 
   
    ի 
   
    յառաջնորդութեան 
   
    տեառն 
   
    տէր 
   
    Աստուածատուր… 
   
    վրդին…
  
 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    տետր 
   
    ԺԳ. 
   
    էջ 
   
    947 
   
    50
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՃԱՆՍՈՒԶԵԱՆ, 
   
    ՄԱՐԱՇՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Ծ. 
   
    1814ին 
   
    աւազանի 
   
    անունը 
   
    Յարութիւն. 
   
    գրաչար 
   
    եւ 
   
    գծագրիչ 
   
    1838ին. 
   
    Ձռ. 
   
    1851ին. 
   
    կնիքը 
   
    1851. 
   
    խոստ. 
   
    կանաց 
   
    (1870-85). 
   
    ՏՀ. 
   
    (1885-87). 
   
    կը 
   
    նորոգէ 
   
    Ս. 
   
    Հրեշտակապետի 
   
    վանքին 
   
    Տեսչարանը 
   
    1855ին. 
   
    ՏՊ. 
   
    (1887-89). 
   
    խոստ. 
   
    արանց 
   
    (1889-91). 
   
    Բ. 
   
    անգամ 
   
    խոստ. 
   
    կանանց 
   
    (1891-93). 
   
    Լուսահան 
   
    (1889-95). 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    1895ին:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՄԱՐԱՇՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    ՏՓ. 
   
    ըստ 
   
    յիշատակարանաց 
   
    1749ին 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    թաղուի 
   
    Ս. 
   
    Փրկչի 
   
    վանքը:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՄԽԱԼԻՃՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    ՏԹ. 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    1822ին: 
   
    Տապանագիրն 
   
    է. 
   
    «Այս 
   
    է 
   
    տապան 
   
    հանգստեան 
   
    Ս. 
   
    Աթոռոյս 
   
    հին 
   
    միաբան 
   
    եւ 
   
    սբ. 
   
    Թօրոսի 
   
    րէիզ 
   
    Մահալճցի 
   
    Խաչատուր 
   
    վրդ. 
   
    ի 
   
    թ. 
   
    ՌՄՀԱ 
   
    Փետր. 
   
    ԻԵին»: 
   
    ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    182 
   
    Աւետարանը 
   
    ինքը 
   
    արծաթապատած 
   
    եւ 
   
    ընծայած 
   
    է 
   
    Ս. 
   
    Աստուածանի 
   
    գերեզմանին:
  
 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    Տետր 
   
    ԺԸ. 
   
    էջ 
   
    1238
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՄՇԵՑԻ
  
 
   
    Մբ. 
   
    իր 
   
    տապանագրի 
   
    թուականին 
   
    մէկ 
   
    մասը 
   
    անընթեռնլի 
   
    է. 
   
    բայց 
   
    կը 
   
    հասկցուի 
   
    թէ` 
   
    Ս. 
   
    Փրկչի 
   
    վանքին 
   
    տեսուչ 
   
    եղած 
   
    է. 
   
    իր 
   
    տապանագիրն 
   
    է 
   
    հետեւեալը. 
   
    «Այս 
   
    է 
   
    տապան 
   
    հանգստեան 
   
    տէր 
   
    Խաչատուր 
   
    վարդապետի 
   
    որ 
   
    էր 
   
    տեղեաւ 
   
    սա 
   
    Մուչցի, 
   
    էր 
   
    րէիզ 
   
    Սուրբ 
   
    Փրկչի 
   
    որ 
   
    փոխեցաւի 
   
    թուին…». 
   
    հաւանաբար 
   
    իր 
   
    յիշատակն 
   
    է 
   
    Ս. 
   
    Փրկչի 
   
    վանքին 
   
    1724ին 
   
    նուիրուած 
   
    ձեռագիր 
   
    Սաղմոսը:
  
 
   
    ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    1714
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՍՈՒՉՈՎԱՑԻ
  
 
   
    Ուխտաւորութեամբ 
   
    կ՚այցելէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը, 
   
    Պարոնտէր 
   
    պտրք 
   
    -ի 
   
    ժամանակ, 
   
    եւ 
   
    կ՚օժանդակէ 
   
    անոր 
   
    վանական 
   
    ձեռնարկներուն.
  
 
   
    Յիշ. 
   
    Պարոնտէրի
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏՑԻ
  
 
   
    Մբ. 
   
    Նւ. 
   
    Կարնոյ: 
   
    Բարսեղի 
   
    եւ 
   
    Պայազիտի 
   
    (1822-25)` 
   
    Կարինէն 
   
    գրուած 
   
    իր 
   
    նամակին 
   
    համաձայն:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՏԷՐ 
   
    ՂԱԶԱՐԵԱՆ, 
   
    ՄԱՐԱՇՑԻ
  
 
   
    Մբ. 
   
    Սսոյ 
   
    Ծ. 
   
    1848ին. 
   
    ուսուցիչ 
   
    Մարաշի 
   
    մէջ, 
   
    Ձռ. 
   
    1868ին 
   
    Սսոյ 
   
    վանքին 
   
    մէջ. 
   
    Քննիչ 
   
    Պատուիրակ 
   
    Եօզղատի 
   
    եւ 
   
    Մանճըլըխի 
   
    վիճակներուն, 
   
    ուր 
   
    կը 
   
    մնայ 
   
    եօթը 
   
    տարիներ. 
   
    նորոգել 
   
    տուած 
   
    է 
   
    Չորումի 
   
    եկեղեցին 
   
    եւ 
   
    հեռի 
   
    տեղէ 
   
    ջուր 
   
    բերել 
   
    տալով 
   
    աղբիւր 
   
    մը 
   
    շինել 
   
    տւած 
   
    է 
   
    եկեղեցիի 
   
    բակին 
   
    մէջ: 
   
    1892-1900 
   
    Առ. 
   
    Փախանորդ 
   
    Ատանայի. 
   
    ազգ. 
   
    քաղ. 
   
    գործերու 
   
    պատճառով 
   
    1900ին 
   
    կը 
   
    բանտարկուի 
   
    Սելեւկիոյ 
   
    մէջ: 
   
    Առ. 
   
    Տեղապահ 
   
    Մալաթիոյ 
   
    (1900-1904) 
   
    դարձեալ 
   
    նոյն 
   
    պաշտօնով 
   
    Կիւրին 
   
    (1905-8), 
   
    յետոյ 
   
    Տիվրիկ 
   
    (1909-1912), 
   
    Զէյթուն 
   
    1914ին, 
   
    եւ 
   
    Մարաշ 
   
    (1915-20): 
   
    Սահակ 
   
    կթղ 
   
    -ի 
   
    յանձնարարականով 
   
    1925-27ին 
   
    կը 
   
    հիւրընկալուի 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    ու 
   
    կը 
   
    ծառայէ 
   
    Ս. 
   
    Տեղերու: 
   
    Այժմ 
   
    ի 
   
    Սիւրիա:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ԱՌ. 
   
    ԷՐԶՐՈՒՄԻ
  
 
   
    Հաւանաբար 
   
    Շղթայակրին 
   
    օրով. 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    կը 
   
    յիշատակէ 
   
    իր 
   
    եպիսկոպոսական 
   
    զգեստը 
   
    եւ 
   
    թանկագին 
   
    շուրջառներ:
  
 
   
    ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    532
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Փոխ. 
   
    ՊԿ. 
   
    1677ին 
   
    Մարտիրոս 
   
    պտրք. 
   
    Ղրիմցիի 
   
    օրով:
  
 
   
    ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    338
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    1701ին 
   
    Նւ. 
   
    «Հայոց 
   
    Մեծաց» 
   
    (Օրագրութիւն 
   
    Ամթեցիի):
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    ՌՄԺԷ 
   
    (=1768) 
   
    թուին 
   
    ընդօրինակած 
   
    է 
   
    Գրիգոր 
   
    Նարեկացւոյ 
   
    Երգոց 
   
    Երգոյն 
   
    մեկնութիւնը: 
   
    Ձեռագրին 
   
    վերջը 
   
    ընդօրինակած 
   
    է 
   
    նաեւ 
   
    Պօղոս 
   
    վրդ. 
   
    -ի 
   
    ոտանաւորները 
   
    Երուսաղէմի 
   
    վանքերէն 
   
    Ս. 
   
    Աստուածածնի 
   
    եւ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    մէջ:
  
 
   
    Էջմ. 
   
    Ցուց. 
   
    էջ 
   
    147, 
   
    թ. 
   
    1133
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՎՐԴ.
  
 
   
    1400ին 
   
    ուխտաւորութեամբ 
   
    կ՚այցելէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբ 
   
    վանքը 
   
    Վարդան 
   
    կրօնաւո 
   
    քահանային 
   
    հետ. 
   
    ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    1206 
   
    ձեռագրին 
   
    յիշատակարանը 
   
    կը 
   
    գրէ 
   
    թէ 
   
    այս 
   
    երկուքը 
   
    Երուսաղէմէն 
   
    դառնալով 
   
    Կաֆա, 
   
    հոն 
   
    կը 
   
    շինեն 
   
    գմբէթաւոր 
   
    փառազարդ 
   
    եկեղեցի 
   
    մը 
   
    Ս. 
   
    Աստուածանի 
   
    անունով 
   
    եւ 
   
    քրիստոնէից 
   
    նպաստներով:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԻԿ 
   
    ՎՐԴ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    1700ին, 
   
    Նւ. 
   
    Նիկոմիդիոյ, 
   
    (Օրագրութիւն 
   
    Ամթեցի 
   
    Մինասի):
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՔՀ. 
   
    ԱՍՊԱՀԱՆՑԻ
  
 
   
    1721ին 
   
    Ասպահանի 
   
    մէջ 
   
    Աւետ 
   
    սարկաւագին 
   
    ընդօրինակել 
   
    տուած 
   
    Խորհրդատետրը 
   
    (ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    365) 
   
    նուէր 
   
    կը 
   
    ղրկէ 
   
    Երուսաղէմի 
   
    սբ. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքի 
   
    միաբան 
   
    Կիւրեղին 
   
    եւ 
   
    այդ 
   
    առթիւն 
   
    կը 
   
    գրէ 
   
    հետեւեալ 
   
    յիշատակարանը. 
   
    «ես 
   
    տէր 
   
    Խաչատուրս, 
   
    այս 
   
    սբ. 
   
    խորհրդատետրս 
   
    առաքեցի 
   
    սբ. 
   
    յԵրուսաղէմ, 
   
    իմ 
   
    սիրելի 
   
    եղբօր 
   
    տէր 
   
    կիւրեղին, 
   
    չուն 
   
    որ 
   
    եկին 
   
    Սպահան, 
   
    մէկ 
   
    խորհրդատետր 
   
    ուզեց, 
   
    հազիր 
   
    չընկաւ, 
   
    եւ 
   
    ես 
   
    տէր 
   
    Խաչատուրս. 
   
    ես 
   
    իմ 
   
    կամօքս 
   
    այս 
   
    տետրիկս 
   
    առաքեցի…»:
  
 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    տետր, 
   
    ԻԷ. 
   
    էջ 
   
    2058
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՔՀ. 
   
    ԶԱՐԻՓՃԵԱՆ. 
   
    Նոր 
   
    Նախիջեւանցի
  
 
   
    Ուխտաւորութեամբ 
   
    կ՚այցելէ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը 
   
    1901ին:
  
  
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՔՀ. 
   
    ԽԻԶԱՆՑԻ
  
 
   
    Մբ. 
   
    1591ին 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    կ՚ընդօրինակէ 
   
    Մանրուսումն 
   
    ձեռագիրը 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    գրէ 
   
    հետեւեալ 
   
    յիշատակարանը. 
   
    «…: 
   
    Արդ 
   
    գրեցաւ 
   
    եղանակաւոր 
   
    տառս 
   
    որ 
   
    կոչի 
   
    մանրուսումն 
   
    ի 
   
    սբ. 
   
    քաղաքն 
   
    Երուսաղէմ, 
   
    ի 
   
    գերահռչակ 
   
    վանքս 
   
    Հայոց 
   
    Սրբոյն 
   
    Յակոբայ. 
   
    որդւոյն 
   
    Զեբեթեայ 
   
    ի 
   
    յառաջնորդութեան 
   
    սբ. 
   
    ուխտիս 
   
    տէր 
   
    Դաւիթ 
   
    արքեպիսկոպոսին 
   
    ի 
   
    թվաբերութեանս 
   
    Հայոց 
   
    Ռ. 
   
    եւ 
   
    ի 
   
    Խ 
   
    (=1591), 
   
    ձեռամբ 
   
    Հիզանցի 
   
    խաչատուի, 
   
    ի 
   
    խնդրոյ 
   
    պատուական 
   
    եղբաւր 
   
    մերոյ 
   
    հեզ 
   
    եւ 
   
    խոնարհ 
   
    դպրի 
   
    պր. 
   
    խտրշահի 
   
    ի 
   
    վայելումն 
   
    անձին 
   
    իւրոյ, 
   
    զոր 
   
    տէր 
   
    բարով 
   
    վայելել 
   
    տացէ 
   
    սմայ 
   
    յերկար 
   
    ժամանակօք 
   
    եւ 
   
    խոր 
   
    խաղաղութեամբ, 
   
    ամէն:
  
 
   
    Արդ` 
   
    որք 
   
    հանդիպիք 
   
    սմա, 
   
    յիշման 
   
    արժանի 
   
    արարէք 
   
    ի 
   
    տէր, 
   
    միով 
   
    Ած. 
   
    ողոմայիւ 
   
    զքաջ 
   
    եւ 
   
    զարի 
   
    դպիրն 
   
    զխտրշահն 
   
    եւ 
   
    զծնողսն 
   
    իւր 
   
    եւ 
   
    զամ. 
   
    ազզգատոհմսն 
   
    իւր: 
   
    Ընդ 
   
    նոսին 
   
    եւ 
   
    զդատարկացեալս 
   
    յամենայն 
   
    գործոց 
   
    բարեաց. 
   
    զյետինս 
   
    ի 
   
    գրչաց, 
   
    զխաչատուր 
   
    սուտ 
   
    քահանայն 
   
    եւ 
   
    զամենայն 
   
    ազգատոհմսն 
   
    իմ 
   
    յիշեցէք 
   
    եւ 
   
    Ած. 
   
    ձեզ 
   
    եւ 
   
    մեզ 
   
    ողոմեսցի 
   
    յիւր 
   
    միւսանգամ 
   
    գալստեանն 
   
    ամէն:
   
    » 
   
    (Հալէպի 
   
    Ձեռ. 
   
    թ.
   
    117):
  
 
   
    Կարսի 
   
    Ս. 
   
    Աստուածաին 
   
    եկեղեցիին 
   
    մէջ 
   
    կը 
   
    գտնուի 
   
    նաեւ 
   
    Խիզանցի 
   
    Խաչատուր 
   
    քհ 
   
    -ի 
   
    1599 
   
    թուին 
   
    Էրզրումի 
   
    մէջ 
   
    ընդօրինակած 
   
    նկարազարդ 
   
    Աւետարանը, 
   
    որուն 
   
    յիշատակարանն 
   
    է 
   
    հետեւեալը. 
   
    «աւարտեցաւ 
   
    ոսկէտուփ 
   
    սուրբ 
   
    աւետարանս 
   
    ի 
   
    քաղաքիս 
   
    Թէոդոպոլիս, 
   
    որ 
   
    կոչի 
   
    Արզրում 
   
    ի 
   
    թուին 
   
    մերում 
   
    ՌԽԸ 
   
    (=1599), 
   
    ձեռամբ 
   
    խաչատուր 
   
    քահանայի 
   
    հիզանցւոյ, 
   
    որ 
   
    բազում 
   
    աշխատանօք 
   
    եւ 
   
    պանդխտացեալ 
   
    կենօք 
   
    զարդարեցի 
   
    զսուրբ 
   
    աւետարանս 
   
    ոսկով 
   
    եւ 
   
    լաջվարդով 
   
    եւ 
   
    այլ 
   
    երագ 
   
    երագ 
   
    (երանգ 
   
    երանգ) 
   
    գունով 
   
    ի 
   
    խնդրոյ 
   
    աստուածասէր 
   
    քրիստոնէին 
   
    պարոն 
   
    խաչատուրին, 
   
    եւ 
   
    այլն.
   
    »
  
 
   
    Լումայ, 
   
    1903, 
   
    համար 
   
    5, 
   
    էջ 
   
    59
  
 
   
    ԽԱՉԱՏՈՒՐ 
   
    ՔՀ. 
   
    ՏԱՐՈՆԵՑԻ
  
 
   
    1843ին 
   
    Ռեմլէի 
   
    նորահաստատ 
   
    Ժառ. 
   
    Վարժ-ի 
   
    մէջ 
   
    ուսուցիչ 
   
    հայերէն 
   
    լեզուի: 
   
    Սաւալան. 
   
    էջ 
   
    1249
  
  
  
 
   
    ԽՈՐԷՆ 
   
    ԱՐՔԵՊՍ. 
   
    ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ, 
   
    (ՆԱՐ 
   
    ՊԷՅ, 
   
    ՊՈԼՍԵՑԻ.
  
 
   
    Ծ. 
   
    1831ին, 
   
    աշկ. 
   
    եւ 
   
    Մբ. 
   
    Մխիթարեան 
   
    ուխտին, 
   
    Վենետիկ. 
   
    եղբայրը 
   
    Ամբրոսիոս 
   
    վրդ. 
   
    Գալֆայեանի. 
   
    Ձռ. 
   
    1854ին. 
   
    Փարիզի 
   
    Հայկազնեան 
   
    Վարժարանի 
   
    տեսուչներէն 
   
    մին 
   
    (1857-1859). 
   
    կը 
   
    դառնայ 
   
    մայրենի 
   
    եկեղեցիին 
   
    գիրկը 
   
    1857ին. 
   
    վարած 
   
    է 
   
    քարոզչական, 
   
    վարչական 
   
    եւ 
   
    կրթական 
   
    պաշտօններ. 
   
    1867ին 
   
    իբր 
   
    պատուիրակ 
   
    ընկերացաւ 
   
    Գէորգ 
   
    Դ. 
   
    կթղին. 
   
    Ս. 
   
    Էջմիածին 
   
    երթալու, 
   
    եւ 
   
    նոյն 
   
    թուականին 
   
    եպս. 
   
    ձեռնադրուեցաւ 
   
    եւ 
   
    կթղին. 
   
    հետ 
   
    ճամբորդեց 
   
    Ռուսաստանի 
   
    հայաբնակ 
   
    քաղաքները 
   
    եւ 
   
    վերադարձաւ 
   
    Պոլիս: 
   
    1878ին 
   
    իբր 
   
    պատուիրակ 
   
    Պէրլինի 
   
    վեհաժողովին` 
   
    նոյն 
   
    ատեն 
   
    այցելեց 
   
    Պետերբուրկ 
   
    եւ 
   
    Մոսկուա: 
   
    1889ին 
   
    Երուսաղէմի 
   
    Վեհապետեան 
   
    Յարութիւն 
   
    Պատրիարքը 
   
    Ազգ. 
   
    Կեդր. 
   
    Վարչութեան 
   
    կողմէն 
   
    կ՚առաջնորդէ 
   
    Կ. 
   
    Պոլսէն 
   
    իր 
   
    աթոռը, 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը. 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    1893ին 
   
    Պոլիս. 
   
    տեսնել 
   
    իր 
   
    կենսագրութիւնը 
   
    (Արաքս, 
   
    1887, 
   
    էջ 
   
    33-34): 
   
    Նար 
   
    Պէյ 
   
    գրական 
   
    աշխատութիւններ 
   
    ունի. 
   
    բացի 
   
    կրօնական 
   
    մէկ 
   
    երկու 
   
    դասագիրքէ 
   
    եւ 
   
    1869ին 
   
    Հայոց 
   
    Եկեղեցին 
   
    եւ 
   
    Անդրալեռնականք 
   
    գիրքէն. 
   
    Մասեաց 
   
    Աղաւնի 
   
    հանդէսին 
   
    խմբագիրներէն 
   
    մին 
   
    եղած 
   
    է 
   
    (1855-58: 
   
    Փարիզ, 
   
    1860-65, 
   
    Թէոդոսիա), 
   
    Բազմավէպի 
   
    մէջ 
   
    քերթուածներ 
   
    գրած 
   
    է 
   
    (1852-57), 
   
    թարգմանած 
   
    է 
   
    Լամարթինի 
   
    Դաշնակները 
   
    (տպ. 
   
    Փարիզ, 
   
    1859). 
   
    յօրինած 
   
    է 
   
    Արշակ 
   
    Բ. 
   
    Ողբերգութիւնը 
   
    1861ին, 
   
    Ալաֆրանկս 
   
    կատակերգութիւնը 
   
    1862ին, 
   
    Վարդենիք 
   
    խորագրով 
   
    գրաբար 
   
    բանաստեղծութիւնները 
   
    1863ին. 
   
    Քնար 
   
    պանդխտին 
   
    որ 
   
    Փարիզ 
   
    եւ 
   
    Պոլիս 
   
    հրատարակած 
   
    քերթուածներուն 
   
    հաւաքածոն 
   
    ըլլալով` 
   
    1868ին 
   
    զայն 
   
    նուիրած 
   
    է 
   
    Գէորգ 
   
    կթղին. 
   
    1877ին 
   
    ֆրանսերէնէ 
   
    հայերէնի 
   
    կը 
   
    թարգմանէ 
   
    Յովհաննէս 
   
    Տարտէլի 
   
    տարեգրութիւնը 
   
    Կարապետ 
   
    Եզեանցի 
   
    խնդրանքով. 
   
    1881ին 
   
    Հոմերոսի 
   
    Իլիականին 
   
    առաջին 
   
    երգը 
   
    յոյն 
   
    բնագրէն 
   
    հայ. 
   
    աշխարհաբարի 
   
    կը 
   
    վերածէ, 
   
    (Մասիս 
   
    լրագիր, 
   
    1881, 
   
    Նոյ. 
   
    28, 
   
    Դեկտ. 
   
    2, 
   
    5, 
   
    17, 
   
    19 
   
    եւ 
   
    26 
   
    համարներուն 
   
    մէջ). 
   
    հրատարակած 
   
    է 
   
    նաեւ 
   
    Ստուերք 
   
    Հայկականք 
   
    բանաստեղծութիւնը 
   
    եւ 
   
    այլն: 
   
    Նախապէս 
   
    Լամարթինի 
   
    եւ 
   
    ապա 
   
    Վիքթոր 
   
    Հիւկօյի 
   
    հետ 
   
    տեսակցած 
   
    ու 
   
    բարեկամացած 
   
    է. 
   
    1879ին 
   
    վերջինէս 
   
    ստացած 
   
    է 
   
    սրտառուչ 
   
    նամակ 
   
    մը 
   
    Փարիզի 
   
    մէջ: 
   
    Եր. 
   
    Շահազիզ 
   
    գրական 
   
    ընդարձակ 
   
    տեսութիւն 
   
    մը 
   
    ունի 
   
    Նար 
   
    Պէյի 
   
    երկասիրութեանց 
   
    մասին:
  
 
   
    Լումայ, 
   
    1902-1903
  
 
   
    ԽՈՐԷՆ 
   
    ԵՊՍ. 
   
    ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ, 
   
    ՎԱՆԵՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Ծ. 
   
    1822ին 
   
    Աւանց 
   
    գիւղին 
   
    մէջ. 
   
    աշկ. 
   
    Ժառ. 
   
    Վարժ 
   
    -ի 
   
    (1859-62), 
   
    Ձռ. 
   
    1862ին, 
   
    Տեսուչ 
   
    դպրոցներու 
   
    1866ին, 
   
    ՏՅ. 
   
    ՏՓ. 
   
    եւ 
   
    ՏՌ. 
   
    (1866-1870), 
   
    ՓԿԵ, 
   
    (1870-73), 
   
    անդամ 
   
    Կրօն. 
   
    Ժողովի 
   
    1871ին, 
   
    քարոզիչ 
   
    Պալաթու 
   
    1876ին, 
   
    խորհրդական 
   
    Ներսէս 
   
    պատրիարքին 
   
    Պոլսի 
   
    (1874-77), 
   
    եպս. 
   
    կը 
   
    ձեռնադրուի 
   
    1876ին, 
   
    Տեղապահ 
   
    Մշոյ 
   
    1876ին, 
   
    Առ. 
   
    Եդեսիոյ 
   
    (1876-1897), 
   
    երկիցս 
   
    այցելու 
   
    հովիւ 
   
    Տիարպէքիրի, 
   
    (1881 
   
    եւ 
   
    1887). 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    Եդեսիոյ 
   
    Ս. 
   
    Սարգիս 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    1903 
   
    Յնվր. 
   
    22: 
   
    Յօրինած 
   
    է,
  
 
   
    1. 
   
    Համառօտ 
   
    Պատմ. 
   
    Ս. 
   
    Երուսաղէմի 
   
    (տպ. 
   
    Ս. 
   
    Երուսաղէմ, 
   
    1867).
  
 
   
    2. 
   
    Համառօտութիւն 
   
    Թեսաւրոսի 
   
    Բարոյախօսութեան 
   
    (տպ. 
   
    1877, 
   
    Զմիւռնիա).
  
 
   
    Համառօտութիւն 
   
    իմացական 
   
    փիլիսոփայութեան 
   
    (տպ. 
   
    1883, 
   
    Պոլիս).
  
 
   
    4. 
   
    Ուղեւորութիւն 
   
    Վիրալի 
   
    Սիրաքայ 
   
    (տպ. 
   
    1886, 
   
    Զմիւռնիա).
  
 
   
    5. 
   
    Արկածք 
   
    Կատարինէի 
   
    (տպ. 
   
    1887, 
   
    Զմիւռնիա).
  
 
   
    6. 
   
    Պարտէզ 
   
    Տիեզերական 
   
    (տպ. 
   
    1887. 
   
    Զմիւռնիա).
  
 
   
    7. 
   
    Պատմութիւն 
   
    կրօնային 
   
    պաշտ. 
   
    եւ 
   
    արարողութեանց 
   
    հին 
   
    ու 
   
    նոր 
   
    ազգաց 
   
    (տպ. 
   
    1890, 
   
    Պոլիս.
   
    )
  
 
   
    8. 
   
    Սկզբունք 
   
    նիւթական 
   
    իմաստասիրաց 
   
    եւ 
   
    քրիստ. 
   
    աստուածաբանից 
   
    (տպ. 
   
    1894, 
   
    Պոլիս).
  
 
   
    9. 
   
    Գիտական 
   
    շողեր 
   
    (տպ. 
   
    1901, 
   
    Պոլիս).
  
 
   
    10. 
   
    Նետահար 
   
    աղաւնի 
   
    (տպ. 
   
    1899, 
   
    Զմիւռնիա).
  
 
   
    ունի 
   
    նաեւ 
   
    անտիպ 
   
    գրուածներ 
   
    եւ 
   
    1875ի 
   
    Սիօն 
   
    ի 
   
    մէջ 
   
    յօդուածներ: 
  
 
   
    Արարատ, 
   
    1903, 
   
    էջ 
   
    164
  
 
   
    ԽՈՐԷՆ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Մշոյ, 
   
    1866ին 
   
    հինգ 
   
    վարդապետներու 
   
    հետ 
   
    Մուշէն 
   
    կը 
   
    տարագրուի 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքը. 
   
    1868ին 
   
    ներման 
   
    արժանանալով` 
   
    կը 
   
    մեկնի 
   
    Կ. 
   
    Պոլիս:
  
 
   
    Սիօն 
   
    1868
  
 
   
    ԽՈՐԷՆ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՓՈՍԹՈՅԵԱՆ, 
   
    ՔՂԵՑԻ.
  
 
   
    Մբ. 
   
    Ծ. 
   
    1879ին. 
   
    աշկ. 
   
    Ժառ. 
   
    Վարժ-ի 
   
    (1893-1900). 
   
    Ձռ. 
   
    1909ին. 
   
    ՏԲ. 
   
    (1918-1922). 
   
    ՏՅ. 
   
    (1923-1927). 
   
    մատակարար 
   
    1927ին:
  
  
  
 
   
    ԽՈՐԷՆ 
   
    ՎՐԴ. 
   
    ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ, 
   
    ՌՈՏՈՍԹՈՑԻ
  
 
   
    Մբ. 
   
    Ձռ. 
   
    1879ին. 
   
    հիւրընկալ 
   
    (1879-80). 
   
    ՏԲ. 
   
    1880ին. 
   
    ՏՓ. 
   
    (1881-85). 
   
    Առ. 
   
    Կիպրոսի 
   
    (1889-97). 
   
    կը 
   
    վախճանի 
   
    1902ին: 
   
    Ի 
   
    նպաստ 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    յիշատակ 
   
    կը 
   
    թողու 
   
    Ռումելի 
   
    երկաթուղւոյ 
   
    արժեթուղթ 
   
    մը 
   
    եւ 
   
    մթերենոց 
   
    մը 
   
    Բեթղէհէմի 
   
    մէջ:
  
  
  
 
   
    ԽՈՐԻՇԱՀ 
   
    ՍԻՒՆԵՑԻ 
   
    (ՏԻԿԻՆ)
  
 
   
    Դուստր 
   
    Սարգիս 
   
    իշխան 
   
    Իւանէի 
   
    եւ 
   
    կինն 
   
    Վախտանկայ 
   
    Սակառեանց. 
   
    «որ 
   
    է 
   
    իշխան 
   
    Հաթերքայ 
   
    ամրոցին 
   
    յերկրին 
   
    Խաչենոյ 
   
    հայ 
   
    ազգաւ. 
   
    եւ 
   
    եղեն 
   
    ի 
   
    նմանէ 
   
    երեք 
   
    որդիք, 
   
    այն 
   
    է` 
   
    Ջալալ` 
   
    որ 
   
    եւ 
   
    հասան, 
   
    եւ 
   
    Զաքարիա 
   
    եւ 
   
    Իւանէ 
   
    փոքր.
   
    » 
   
    Խորիշահ 
   
    իր 
   
    ամուսնոյն 
   
    վախճանումէն 
   
    վերջ 
   
    (1214). 
   
    գնացեալ 
   
    յԵրուսաղէմ` 
   
    վախճանեցաւ 
   
    անդ 
   
    սրբութեամբ. 
   
    (Չանչ. 
   
    Գ. 
   
    էջ 
   
    185), 
   
    Գանձասարի 
   
    եկեղեցին 
   
    ունի 
   
    մի 
   
    յիշատակարան, 
   
    որուն 
   
    Խորիշահի 
   
    վերաբերեալ 
   
    մասը 
   
    նոյնութեամբ 
   
    կը 
   
    դնենք 
   
    հոս. 
   
    «… 
   
    զոր 
   
    ես 
   
    նուաստ 
   
    ծառայ 
   
    Այ. 
   
    Չալալ 
   
    Դօլայ 
   
    Հասան 
   
    որդի 
   
    Վախդանկայ` 
   
    թոռն 
   
    մեծի 
   
    Հասանայ 
   
    բնակաւոր 
   
    ինքնակալ 
   
    բարձր 
   
    եւ 
   
    մեծ 
   
    Արձախական 
   
    աշխարհի` 
   
    թագաւոր 
   
    եւ 
   
    ի 
   
    յոգնասահման 
   
    նահանգի: 
   
    Զի 
   
    հայրն 
   
    իմ 
   
    ի 
   
    վախճան 
   
    կենաց 
   
    ելից 
   
    իւր 
   
    յաստեացս 
   
    անդարձ 
   
    կտակի 
   
    հաստատեաց 
   
    ինձ 
   
    եւ 
   
    մօր 
   
    իմոյ 
   
    Խորիշահի` 
   
    որ 
   
    էր 
   
    դուստր 
   
    մեծ 
   
    իշխանաց 
   
    իշխանին 
   
    Սարգսի, 
   
    զի 
   
    շինեսցուք 
   
    եկեղեցիս 
   
    ի 
   
    գերեզմանատուն 
   
    հարց 
   
    ի 
   
    Գանձասար. 
   
    զոր 
   
    սկսեալ 
   
    մեր 
   
    ՈԿԵ 
   
    (=1216) 
   
    թուին 
   
    օգնութեամբ 
   
    բարերարին 
   
    Աստուծոյ. 
   
    եւ 
   
    ի 
   
    խփել 
   
    լուսամտին 
   
    արեւելից` 
   
    մայրն 
   
    իմ 
   
    կրօնաւորեալ 
   
    չոգաւ 
   
    յԵրուսաղեմ, 
   
    երրորդ 
   
    անգամ. 
   
    եւ 
   
    անդէն 
   
    ի 
   
    դրան 
   
    Յարութեան 
   
    խարազնազգեաց 
   
    ճգնութեամբ, 
   
    բազմամեայ 
   
    ժուժկալութեամբ 
   
    հանգեաւ 
   
    ի 
   
    Քրիստոս 
   
    լուսոյ 
   
    վկայութեամբ 
   
    եւ 
   
    անդէն 
   
    պահեցաւ:
   
    »
  
 
   
    Նոյն 
   
    յիշատակարանէն 
   
    կը 
   
    հասկցուի 
   
    նաեւ 
   
    որ` 
   
    Հասան 
   
    Ջալալի 
   
    գերդաստանին 
   
    համար 
   
    մասնաւոր 
   
    պատարագ 
   
    մատուցանելու 
   
    պատուէր 
   
    կ՚ըլլայ, 
   
    Աստուածածնի 
   
    Դ 
   
    օրն 
   
    իմ 
   
    մօրն 
   
    խորիշահին 
   
    յիշատակագրութիւնով 
   
    մը 
   
    միասին:
  
 
   
    1849ին 
   
    Հասան 
   
    Ջալալեանց 
   
    գերդաստանէն 
   
    Աղուանից 
   
    Պաղտասար 
   
    մետրոպօլիտն 
   
    (Ծ. 
   
    1775 
   
    Յունվար 
   
    12. 
   
    1820ին 
   
    եպս. 
   
    1830ին 
   
    Մետրապոլիս. 
   
    +1854 
   
    Յունիս 
   
    27) 
   
    152 
   
    համար 
   
    պաշտօնագրով 
   
    մը 
   
    Երուսաղէմի 
   
    Կիրակոս 
   
    պտրք 
   
    -էն 
   
    խնդրէ 
   
    որ` 
   
    եթէ 
   
    Տիկին 
   
    Խորիշահի 
   
    մասին 
   
    գտնուի 
   
    ոեւէ 
   
    տապանագիր 
   
    կամ 
   
    արձանագրութիւն 
   
    օրինակը 
   
    ղրկուի 
   
    իրեն. 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    Խորիշահի 
   
    մասին 
   
    ոեւէ 
   
    յիշատակագրութիւն 
   
    չգտնուելով` 
   
    կարելի 
   
    չէ 
   
    եղած 
   
    գոհացում 
   
    տալ 
   
    յիշեալ 
   
    մետրապոլտին: 
   
    (Տե'ս 
   
    նաեւ 
   
    Վարդան. 
   
    էջ 
   
    184, 
   
    Սիօն 
   
    1867 
   
    էջ 
   
    27-28): 
   
    Ի 
   
    յիշատակ 
   
    Վախտանկի 
   
    եւ 
   
    Խորիշահի 
   
    Թորոս 
   
    գրչին 
   
    ձեռքով 
   
    ընդօրինակուած 
   
    է 
   
    մագաղաթեայ 
   
    ձեռագիր 
   
    մը:
  
 
   
    Էջ. 
   
    Ցուց. 
   
    թ. 
   
    225 
   
    էջ 
   
    16
  
 
   
    ԽՈՒԹԼՈՒՇ 
   
    (ՄՀՏ.
   
    ), 
   
    ՏԻՊՐԻԿՑԻ 
   
    (ՏԻՎՐԻԿ).
  
 
   
    1638ին 
   
    Ս. 
   
    Յակոբի 
   
    վանքին 
   
    կը 
   
    յիշատակէ 
   
    Աւետարան 
   
    մը, 
   
    (ՄՁ. 
   
    Թ. 
   
    124), 
   
    հետեւեալ 
   
    յիշատակարանին 
   
    համաձայն. 
   
    «… 
   
    Արդ 
   
    գրեցաւ 
   
    սա 
   
    ի 
   
    թվին 
   
    Հայոց 
   
    ՌՁԷ 
   
    (=1638) 
   
    ամին, 
   
    ի 
   
    քաղաքն 
   
    Ստամբօլ, 
   
    ձեռամբ 
   
    մեղսաթաւալ 
   
    գրչի 
   
    ումեմն 
   
    անարժանի…: 
   
    Զստացող 
   
    սորա 
   
    այլ 
   
    եւ 
   
    զաշխատողս 
   
    ի 
   
    վերայ 
   
    սորա 
   
    յիշեցէք, 
   
    որ 
   
    եւ 
   
    ցանկացող 
   
    եղեւ 
   
    սբ. 
   
    աւետարանիս 
   
    մահտեսի 
   
    Տիպրիկցի 
   
    Խութլուչն 
   
    եւ 
   
    ստացաւ 
   
    սա 
   
    ի 
   
    հալալ 
   
    վաստակոց 
   
    իւրոց 
   
    եւ 
   
    արար 
   
    յիշատակ 
   
    հոգւոյ 
   
    եւ 
   
    ծնողացն, 
   
    Յոկոբին 
   
    եւ 
   
    Խանմէլիքին 
   
    եւ 
   
    եղբօրն 
   
    Գրիգորին 
   
    եւ 
   
    այլ 
   
    ամ. 
   
    արեան 
   
    մերձաւոր 
   
    ազգակցացն 
   
    զսա 
   
    եդեալ 
   
    ի 
   
    սբ. 
   
    քաղաքն 
   
    երսղմ., 
   
    ի 
   
    դուռն 
   
    Սրբոյն 
   
    Յակոբայ…»:
  
 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    տետր 
   
    ԺԱ, 
   
    էջ 
   
    832-33
  
 
   
    ԽՕՋԱՍԱՐ 
   
    (ՆԱԽԱՇ).
  
 
   
    1707ին 
   
    կ՚ընդօրինակէ 
   
    Խորհրդատետր 
   
    մը 
   
    (ՄՁ. 
   
    թ. 
   
    1808) 
   
    Ս. 
   
    Յակոբին 
   
    վանքին 
   
    մէջ 
   
    եւ 
   
    կը 
   
    գրէ 
   
    հետեւեալ 
   
    յիշատակարանը. 
   
    «գրվեցաւ 
   
    թվին 
   
    ՌՃԾԶ 
   
    (=1707) 
   
    ձեռամբ 
   
    Նախաշ 
   
    խօջասարի, 
   
    ով 
   
    սբ. 
   
    Պատարագիչ 
   
    յիշեա 
   
    ի 
   
    սբ. 
   
    զպատարագ 
   
    զԿիւրեղ 
   
    աստուածաբան 
   
    վարդապետն. 
   
    որ 
   
    եդ 
   
    զսբ. 
   
    խորհուրդս 
   
    (այսպէս) 
   
    յիշատակ 
   
    յԵրուսաղէմ 
   
    յեկեղեցին 
   
    սբ. 
   
    Հրեշտակապետին… 
   
    մնայ 
   
    անջինջ 
   
    յիշատակ 
   
    Կիւրեղ 
   
    վրդ-ին 
   
    եւ 
   
    ծնողացն, 
   
    հօրն 
   
    Յարութիւնին 
   
    եւ 
   
    մօրն 
   
    Հազրվարդին 
   
    եւ 
   
    իւր 
   
    կողակցոյն 
   
    Եղիսաբէթին»:
  
 
   
    Խապ. 
   
    Ցուց. 
   
    տետր 
   
    20, 
   
    էջ 
   
    2314